ՀԱՅ
ԿՆՈՋ
ԴԵՐԸ
ՆԵՐԿԱՅ
ՕՐԵՐՈՒՆ
ՓՈԽԱԴԱՐՁ
ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ
ՈՉ
ԲԱՐԵԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ
Կեանքի
նոր
պայմաններ
նոր
պահանջներ
յառաջ
կը
բերեն,
մանաւանդ
երբ
այդ
պահանջները
ստիպողական
դարձած
են
նոյն
իսկ
հին
պայմաններու
մէջ
եւ
միայն
կամքէ
անկախ
պատճառներ
արգելք
եղած
են
անոնց
իրականցման։
Այսպէս
եղած
է
Թրքահայոց
համար.
քաղաքական
նոր
երեւոյթներու
մէջ
չէ՛
միայն
որ
զգացած
ենք
մեր
համայնքային
նոր
պահանջները,
անոնք
անյետաձգելի
հանգամանքով
մը
կը
ներկայանային
արդէն
մեզի
հին
րէժիմի
օրով
եւ
անոնց
իրականացումը
կեանքի
եւ
մահուան
խնդիր
մը
սկսած
էր
դառնալ
մեր
կրթական
մտաւորական
եւ
ընդհանուր,
դաստիարակական
կեանքի
մէջ։
Հայ
կանանց
միջոցաւ
կազմուած
ընկերութիւնները
ամէնքն
ալ
կը
յաւակնէին
անշուշտ
ազգային
հոգերու
բեռան
մէկ
կարեւոր
մասը
վերցնել,
եւ
անոնք
նոյն
իսկ
որ
Սահմանադրութենէն
ետքը
կազմոած
են-իրենց
գոյութեան
պահանջքը
զգացած
են
հին
րէժիմէն.
ա՞յդ
է
արդեօք
պատճառը
որ
ընդհանրապէս
հայկական
ընկերութիւններու
մէջ
կենսականութիւնը
կը
պակսի,
հին
օրերու
դրո՞շմն
է,
թէ՝
յոգնած
եւ
սպառած
հոգիներու
յատկանշական
արտայայտութիւնը։
Աչքի
առռեւ
բերենք
մասնաւորպէս
հայ
կանացի
ընկերութիւնները.
անոնք
որքան
ալ
բազմաթիւ
անդամներով
կազմուած
ըլլան
դարձեալ,
մէկ
կամ
առ
առաւելն
երկու
անդամուհիներն
են
որ
հոգիով
ու
մարմնով
կանգուն
կը
կեցնեն
ընկերութիւնը.
միւս
անդամուհիները
երբ
Կ՚ընտրուին
վարչական
ժողովի
անդամ,
նազով
կամ
չկամութեամբ
կ՚ընդունին
այդ
պաշտօնը,
առիթ
կը
փնտռեն
հեռանալու.
նոյն
իսկ
ժողովի՝
չուզելով
ներկայ
կը
գտնուին,
կ՚զգուշանան
ոեւէ
պատասխանատու
գործէ
եւ
երբ
իրենց
պաշտօնին
շրջանը
աւարտի
կը
փութան
հեռանալու
ընկերութենէն
այնիսի
ներքին
համոզումով
թէ
մեծ
բեռէ
մը
կամ
հոգէ
մը
ազատած
են։
Երբեմն
միայն
ոեւէ
ներքին
կամ
արտաքին
ազդակ
զիրենք
կը
խանդավառէ,
քանի
մը
նիստ
կստանան
կենսականութիւն
եւ
աշխոյժ
եւ
այա
հետզհետէ
ամէն
բան
կը
մարի
ու
թուլութիւնը
եւ
տկարութիւնը
ընդհանուր
եւ
գլխաւոր
վիճակը,
normal
վիճակը
կը
դառնայ
հայ
կանանց
ընկերութիւններուն։
(Անտարակուսելի
է
թէ
արանց
միջոցաւ
կազմուած
ընկերութիւնները
նուազ
թոյլ
եւ
նուազ
տկար
չեն.
ապացոյցը
արդէն
այն
է
որ
հազուադէպ
է
երբ
առաջին
հրաւէրին
անդամներու
մեծամասնութիւն
գոյանայ,
յաճախ
ստիպուած
են
երկորդ
կամ
երրորդ
ազդարարութենէ
մը
ետքը
ժողով
կազմել՝
միայն
ներկայ
անդամներով
ըստ
իրենց
ներքին
կանոնագրութեան.
բայց
մեր
նպատակը
ըլլալով
զբաղիլ
մասնաւորապէս
կանանց
ընկերութիւններով,
կը
մատնանշենք
միայն
այս
վերջիններուն
կազմական
տկարութիւնները։
Ըստ
իս,
այս
բանին
գլխաւոր
պատճառն
այն
է
որ
քաղաքական
եւ
հետեւաբար
ընկերական
որ
կարգ
ու
սարքի
մը
մէջ
մենք
կը
յամառինք
գործածել
հին
միջոցները
եւ
ոչ
միայն
նախապէս
գոյութիւն
ունեցող
ընկերութիւնները
իրենց
աւանդական
սովորութիւններովը
կ՚ապրին,
այլ
նաեւ
նորերը
կ՚նդօրինակեն
այդ
սովորութիւնները։
Հիմնական
փոփոխութիւն
մը
անհրաժեշտ
է.
այժմէական
պահանջք
մըն
է
ընկերութիւններու
բարոյական
առանցքը
փոխել.
փոխանակ
բարեգործական
ողորմածութիւններուն՝
անդամուհիներու
դրդապատճառը
պէտք
է
ըլլայ
փոխադարձ
օգնութիւնը
կանոնաւորել
եւ
կազմակերպել։
Այլեւս
անհանդուրժելի
է
ժամանակակից
մարդկային
դիւրազգած
արժանապատուութեան՝
բարիքի
նախատինքը.
անհանդուրժելի
է
եւ
անհարկի՝
որովհետեւ
ամէն
նպաստընկալ
իր
կարողութեանց
սահմանին
մէջ
եղող
ուրիշ
յատկութիւններով
եւ
ընդունակութիւններով
կարող
է
եւ
պարտական
է
փոխարինել
ընդունածը
ուղղակի
կամ
անուղղակի
կերպով։
Նախոր
յօդուածներէս
մէկուն
մէջ
ըսած
էի
թէ
պոլսական
եւ
գաւառական
պզտիկ
ընկերութիւնները
եւ
ընկերակցութիւնները
հիմնուելով
այդ
սկզբունքին
վրայ
աւելի
կենսական
գործուէութիւն
մը
երեւան
կը
բերէին։
Այն
ընկերութիւնները
որ
իրենց
գործունէութեան
աւելի
ընադարձակ
դաշտ
մը
ընտրած
են,
պէտք
է
հետեւին
այդ
ժողովրդի
ծողէն
երեւան
եկող
ուղղութեան.
ուրիշ
ոեւէ
եղանակ
անընդունելի
է
եւ
նախապէս
կորստեան
դատապարտուած։
Երբ
ընկերութիւնները
չեն
կազմուիր
մի
միայն
կարգ
մը
անգործ
եւ
ձանձրոյթէ
տանջուող
տիկիներւո
ժամանց
մը
հայթայթելու
համար,
երբ
ընկերութիւն
մը
աւելի
վեր
կը
դնէ
իր
նպատակը
քան
կեղծ
եւ
ուռուցիկ
սանդիմանդալիսմէ
դրդուած
աշխարհիկ
կիներու
բարերարելու
պզտիկ
նոպաները
ամոքելու,
այդ
ընկերութիւնը
առաջին
օրէն
հոգ
կը
տանի
փնտռելու
եւ
գանելու
այն
տեղական ,
ժամանակագրական
պայմանները
որ
պիտի
ապահովեն
իր
կենսականութիւնը.
մեզի
պէս
ժողորդապետական
ցեղի
մը
մէջ
համայնքային
ձգտումները
ամենէն
աւելի
նկատողութեան
արժանի
կէտերն
են
ինչպէս
որ
ցեղին
ոգիին,
կոչումին
եւ
պահանջներուն
համերաշխ
գործունէութիւնը
առաջին
պարտաւորութիւնն
է։
Դիտած
եմ
որ
մեր
ցեղը
կ՚ըմբոստանայ
բարեգործութեան
դէմ,
հակառակ
դարերէ
ի
վեր
գոյութիւն
ունեցող
դժխեմ
պարագաներուն
որոնք
ամբողջ
սերունդներ
մուրալու
հարկադրած
են՝
հայը՝
անհատապէս
թէ
հաւաքական
ձեւով,
կ՚ուրանայ
եւ
կը
մերժէ
բարեգործութիւնը.
ասոր
միակ
եւ
գլխաւոր
ապացոյցն
է
այն
համբաւել
«ապերախտութիւնը»
զոր
ամէն
բարեգործները
եւ
բարեգործական
հաստատութիւնները
կը
ճանչնան։
Այդ
«Ապերախտութիւնը»
ամենէն
գեղեցիկ,
ամենէն
հուժկու
գիծերէն
մէկն
է
մեր
դժբաղդ
ազգին
նկարագրին.
թշնամանալ
բարեգործին
դէմ
կը
նշանակէ
թշնամանալ
այն
խոնարհութեան,
ստրկութեան,
քծնանքին
դէմ,
որուն
փոխարէն
միայն
ողորմութիւնը
կը
տրուի.
անիկա
թշնամանալ
է
իր
իսկ
անձին
դէմ,
որ
անել
եւ
դառն
կացութիւն
մը
խնդրարկուի
վերածած
էր.
ես
կը
հասկնամ
այդ
ապերախտութիւնը
եւ
հպարտութիւնով
կ՚անդրադառնամ
անոր,
անիկա
միայն
ցոյց
կուտայ
մեզի
որ
մեր
դժբաղդ,
խոնարհացած
եւ
նսեմացած
ժողովուրդը
կենսունակ
երակներ
ունի
մեծնալու
եւ
զօրանալու
ընդունակութիւններ
եւ
գլուխը
բարձր
պահելու
կամքը։
Ահաւասիկ
թէ
ինչո՞ւ
հայ
կանանց
ընկերութիւնները
շատ
քիչ
բացառութիւններով-
որոնց
մասին
պիտի
խօսիմ
առանձին-
չեն
համապատասխաներ
ցեղային
կոչումին
եւ
կ՚անդամալուծուին
հետզհետէ։
Ուրիշ
յօդուածով
խօսած
ըլլալով
արդէն
անյաջողութեան
գլխաւոր
պատճառներէն
մէկուն
վրայ-այն
է
իրենց
ընտրած
գործունէութեան
դաշտին
օտար
եւ
անկէ
հեռու
ըլլալնին-
կը
յիշատակեմ
նաեւ
սա
կէտը,
որ
ինքնին
արդէն
յիշուած
երկու
գլխաւոր
թերութիւններուն
արդիւնքն
է։
Ընկերութիւն
մը
կը
կազմուի
յաճախ
ո՛չ
թէ
համատարր
եւ
համակարծքի
անձերով,
այլ
հրաւիրեալ
անդամուհիներով
մեծ
մասամբ.
այդ
հրաւիրեալները
նազով
եւ
խաթեր
համար
կուգան
շատ
անգամ
ու
ժողովներու
կը
մասնակցին
առանց
գիտնալու
եւ
հասկնալու
թէ
խնդիրը
ի՞նչ
բանի
վրայ
է.
եւ
կը
պատահի
որ
երբ
գործին
ուղղակի
շահագրգռողները
զօրաւոր
պատճառներով
հեռանան
կամ
մեկուսանան՝
ընկերութեան
ղեկավարութիւնը
կը
մնայ
չշահագրգռուող,
թոյլ
եւ
ապիկար
մեծամասնութեան
մը
ձեռքը
եւ
շատ
անգամ
կը
դառնայ
անիկա
անիմաստ
եւ
անարժան
մրցակցութիւններու
կրկէս
մը։
Ահաւասիկ
թէ
ինչո՞ւ
ցանկալի
էր
որ
Հայուհիները
գիտակցէին
իրենց
կոչումին,
գիտակցէին
ժամանակին,
երկրին
եւ
ցեղին
պայմաններուն
եւ
կորովի
եւ
եռանդուն
տրամադրութիւններով
օժանդակէին
ազգային
վերականգնումի
նուիրական
գործին։
Կ.
Պոլիս