Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԳԷՈՐԳ ԳԱԲԱՄԱՃԵԱՆ

Շատ ցաւալի անակնկալ մը եղաւ ինծի համար, երիտասարդ նկարիչին անձնասպանութիւնը. անոնք որ չեն ճանչցած Գէորգ Գաբամաճեանը եւ իր տխուր մահը լսեցին թերթերու հեռաւոր սիւնակներուն մէջ՝ հաղորդուած ո եւ է լուրի մը պէս՝ չեն կրնար խորհիլ թէ ի՛նչ տառապագին կեանքի մը, հպարտօրէն տագնապած սիրտի մը եղերական պատմութիւնը կը բովանդակէր անիկա։

Օ՜հ, բնաւ նպատակս չէ պրպտել զինքը անձնասպանութեան մղող բուն պատճառը որ ինծի անծանօթ է բոլորովին, ոչ ալ անպատեհ հետաքրքրութեամբ մը խուզարկել իր հոգին, իր արուեստագէտի սէգ հոգին, որուն գլխաւոր հրայրքը եղած էր չկքիլ հարուստներու առջեւը՝ իր ընկերներէն շատերուն պէս։

Ինչ որ ալ ըլլայ զինքը անձնասպանութեան մղող պատճառը, իր նկարագիրը ճանչցող մէկու մը համար յայտնի է թէ ատիկա վաղուց ի վեր կը պատրաստուէր իր մէջ եւ որուն անխղճօրէն, տմարդութեամբ նպաստած են շատեր, շատեր որոնց քիթն ի վեր առօրեայ խնկարկումը հարկեցուցիչ պայման մը նկատուած է։

Գէորգ Գաբամաճեանի անձնասպանութիւնը կղզիացած դէպք մը չէ, ո եւ է արկած մը, անձնական յուսահատութիւն մը չէ՛. անիկա կը պատկերացնէ իմ աչքիս մեր համայնքին նողկալի ապականութիւնը, արժանիքի մը, արժանապատուութեան ուժով զգացումի մը հանդէպ խելայեղ շուարումը եւ անոնք տակաւ առ տակաւ ջնջելու համար գործածուած պզտիկ ու մեծ գձձութիւնները, կեղծիքը, քսութիւնը։

Առաջին անգամ ճանչցայ այդ երիտասարդը Բարիզի մէջ ուր եկած էր արուեստը կատարելագործելու համար. Պոլսոյ Գեղարուեստից Կայս. Վարժարանէն շրջանաւարտ՝ իր վարպետները եւ ընկերներէն ոմանք կը հաստատեն թէ Գէորգ Գաբամաճեան աշխատասէր եւ լուրջ տաղանդի մը տէր էր. համեստ ընտանիքի մը զաւակ, ոչ միայն յոյս չունէր անոնցսէ նպաստ ստանալու, այլ նաեւ նպատակն էր Բարիզի մէջ աշխատելով եւ սորվելով, միանգամայն ապրիլ եւ քիչ մըն ալ օգնել իր ընտանիքին. Բարիզ եկողներէն ոմանց համբաւը՝ երբեմն ձեռք բերուած՝ արկածախնդրի տարակուսելի միջոցներով բայց նաեւ յաճախ ցուցադրուած՝ չափազանցութիւններով, խրախուսեր էին պազամիտ եւ անկեղծ երիտասարդը որ մի միայն իր արուեստին եւ աշխատասիրութեանը կրթնած կը հասնէր Բարիզ։

Առաջին հանդիպումով հասկցայ թէ ի՞նչ յուսախաբութիւններու պիտի ենթարկուէր. իր հպարտ բնաւորութիւնը չպիտի կրնար ծռիլ հարուստներուն մինչեւ գարշապարը, թուքով մուրով տրուած դրամը ստանալու համար. այդ չպիտի կրնար ընել եւ չըրաւ ալ. իր նպատակն էր աշխատիլ օրուան մէկ մասը եւ միւս մասը յատկացնել սորվելիու. բայց ի՞նչպէսկարելի էր իրեն պարզել այն հազարումէկ դժուարութիւնները, այն անըմբռնելի անձնազոհութիւնը, մութը անցուած գիշերներն ու գրադարաններու մէջ քաշքշուած կեանքը անօթութենէ չորցած շրթունքներով, կամ երկարատեւ հսկումներ քիչ մը դրամ վաստկելու համար՝ որպէս զի հետեւեալ օրը կանուխ Académie գտնուի. կարելի՞ էր ըսել ասոնք երիտասարդի մը որ սիրտը յոյսով լեցուն Բարիզ կուգար. կարելի՞ էր պահանջել իրմէն այն երկաթէ կամքը որ միակ նեցուկն է աղքատ ուսանողին, միակ անձնապաշտպանութեան միջոցը գթութիւնով յափրացող սինլքորներուն արհամարհանքին դէմ, որ առանց խորհելու թէ մինչեւ իրենց մորթին դպչող շապիկը այս ինչ հարուստին դրամովը գտնուած է՝ քովընտի նայուածքներ կ’ուղղեն աղքատ ուսանողիմը մաշած հագուստներուն։ Անտարակոյս ասոնք չէր գիտեր երիտասարդ նկարիչը երբ կը թւէրմի առ մի անոնք որ յաջողուած են։

Քանի մը օր ետքը երբ հանդիպեցայ իրեն, Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ արդէն նոյն վստահութիւնը չէր մնացած իր վրայ. արդէն ճաշակած էր ի զուր շատ բարձրերը մագլցելու յոգնութիւնը, չարասիրտ, նախանձոտ ընկերներէ հայցելու համար պզտիկ տեղեկութիւն մը, հասցէ մը, յաճախ մերժուած՝ ակներեւ չարութեամբ . արդէն գիտէր զրկումը եւ աշխատելու անկարելիութիւնը հեւ ի հեւ courseերու մէջտեէ, ջղագրգռող քաղաքին սպառումին մէջ։ Շատ թուխ եւ տժգոյն էր անիկա եւ սեւ աչքերը հիւանդոտ էին. անսեթեւեթ, գրեթէ վայրենի արտայայտութիւնմը ունէր իր շարժումներուն եւ խօսքերուն մէջ, բայց որոշ կը տեսնուէր իր անկեղծ եւ ուղիղ նկարագիրը, արուեստին սիրովը տոգորուած, ամենածանր զոհողութիւնները յանձն առնելու պատրաստ, գրեթէ յուսահատ, բայց ուժով՝ իր կամքին մէջ։

Եղբայր, կ’ըսէր իր մէկ բարեկամին, գիշերները թերթ կը ծախեմ, ծանուցումներ կը փակցնեմ պատերուն վրայ եւ ցորեկը դպրոց կ’երթամ։

Խե՜ղճ երիտասարդ, չէր խորհեր թէ աղքատ ըլլալը ամենամեծ յանցանքն է գրեթէ ամէն տեղ, բայց մանաւանդ Բարիզի մէջ ուր աղքատը կեղծ նօթ մըն է, քաղքին մաքրութիւնը խանգարող մը զոր պիտի ուզէին աւլել սալայատակներուն վրայէն, մանաւանդ երբ օտար է եւ մանաւանդ երբ կը զգան իր խօսուածքէն, երեւոյթէն թէ այն դասակարգին չի վերաբերիր ուր ինքզինքը գնել կ’ուզէ, կամովին չքաւորութենէ մղուած։

Ամէն կողմէ մերժուած, հազիւ մէկ երկու անձնուէր բարեկամներ ունենալով որոնք բարեկամութենէ զատ բան մը չէին կրնար տալ իրեն, Գէորգ Գաբամաճեան, զգայուն եւ ջղագրգիռ, արդէն միւսկողմէ անարգուած՝ մէկ քանի ընկերներէ որոնք գիտնալով իր արուաստագէտի կարողութիւնները՝ կատաղի պայքար մը կը մղէին իր դէմ, զինքը վիրաւորելով, յուսահատեցնելով իբր ապրելու միջոց հարուստներէն մուրացկանութիւնը ներկայացնելով, այնպէս որ բոլորովին ջղային խանգարումներու ենթարկուեցաւ. կասկածոտ, վարանոտ, ամէն բանի, ամէն խօսքի մէջ իրեն ուղղուած թշնամանք մը կը կարծէր տեսնել. այս հոգեկան վիճակին մէջ էր երբ իրեն խորհուրդ տուած էին մեծահարուստ գոհարեղէնի վաճառականի մը դիմել։ Անոր բարեմասնութիւնները, առատաձեռնութիւնները ուսանողներու համար հանրածանօթ էին. կը բաւէր հարցնել ո եւ է մէկուն, թերթերը կը թուէին իր նուիրատուութիւնները անպատում գովասանքներու մէջ. ապահով էր որ չպիտի մերժուէր, լաւ պիտի ընդունէր զինքը, ինչպէս շատեր ընդունած էր. չէ՝ մի որ շատ մը ուսանողներու ապաստանն էր. երբ պանդոկապետը դէմքըկը սկսէր թթուեցնել, անոր չէ՞ր որ կը դիմէին, անիկա չէ՞ր որ կը լրացնէր իրենց եկած ամսականը եթէանբաւական ըլլար։ Այսպէս Գէորգ Գաբամաճեան դիմած էր այդ գոհարեղէնի վաճառականին. ողորմութիւն չէր ուզածը այլ պարզ փոխառութիւն մը, քիչ մը ատենուան համար աջակցութիւն մը իրեն մինչեւ որ կարենար տեղաւորուիլ Բարիզի մէջ, ինքզինքը ճանչցնէր եւ գործ հայթայթէր։ Կ’երեւակայեմ որ նկարիչը ասոնք ըրած էր գլուխը բարձր, առանց աչքերը խոնարհեցնելու, ձեռքը ձեռքին վրայ չէր դրած ինչպէս ծառայ մը պիտի ընէր տիրոջը առաջը եւ ասոր համարէ որ պատասխանը ստացեր էր։

Սըվոր նայեցէք, այլ ի՞նչ, չե՞ս ամչնար որ կը յանդգնիս փոխ դրամ ուզելու. փոխը իր հաւասարէն կ’ուզուն, դուն ո՞վ ես, մէյ մը ինքզինքիդ նայէ մէյ մը ինծի, եթէ փարա չունիս, անօթի ես, առ սա հինգ ֆրանքը, գնա՛ փորդ կշտացու եւ ինքզինքիդ չափը գիտացիր ասկէ ետքը։

Աւելորդ է ալ բառ մը եւս ըսել. եւ անոնք որ պիտի հասկնան, կը հասկնան. վերյուշումն իսկ այս բաներուն եւ այս տիպարներուն, նողկանքկու տայ ինծի, բայց մանաւանդ անոնք՝ որ այս կարգի արհասարհանքներու կը դիմանան։

Գէորգ Գաբամաճեան չդիմացաւ եւ սիրտը արիւնոտաց մեկնեցաւ Բարիզէն. քանի մը ամիս առաջ Պոլիս տեսայ զինքը. միշտ նոյն երեւոյթն էր, տժգոյն, աչքերը հիւանդոտ, միշտ նոյն հպարտութիւնը. նոր յոյսեր եւ նոր հոգեր ակօսած էին սիրտը. անկէց ի վեր կ’երեւայ թէ ջղային խանգարումներըաւելցեր էին քանի որ թերթերը կ’ըսեն թէ հսկողութեան ներքեւ էր, երբ վերջապէմ միջոցը գտեր էր անձնասպան ըլլալու։ Իրեն համար լաւագոյնն էր թերեւս ասիկա. բոլոր բաղդի անժառանգներուն եւ դժբաղդներուն համար նոյն յուսահատօրէն տխուր պատասխանը կը ներկայանայ. «Գերագոյն բարիքը, ալ բոլորովին անմատչելի քեզի համար, չծնած ըլլալը չըլլալն է, բան մը չըլլալը. երկրորդ բարիքը քեզի համար, վաղիւ մեռնիլը կը մնայ»։

Բոլոր անոնք որ պիտի խնդան տաղանդաւոր երիտասարդ մը, մրցակից ընկեր մը կորսուած ըլլալուն համար, բոլոր անոնք որ իրենց կասկացելի միջոցներով դիզուած հարստութեան մէջ տարածուած՝ անտարբեր աչքով մը պիտի կարդան մահը այդ խրոխտ երիտասարդին որ այնքան քիչ կը նմանէր իրենց դուռը յաճախող մուրացկաններուն, թող խռովին սակայն իրենց կեղծիքով, ստորնութեամբ, ձեռք բերած հանգիստին մէջ, խորհելով թէ մայր մը եւ քոյրեր անմխիթարելի ցաւով կուլան իրենց ոճրագործի բնազդներուն զոհին վրայ։