Հրապարակախօսութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՂԱՆԴԸ ՄԵՐ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ

(ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)

Գրեթէ գարնանային օդով մը, որ երկնային պարգեւ մը կը թուի մեր աղքատ պզտիկներուն եւ հիւանդներուն համար, կը մտնենք Ս. Փրկչի Հիւանդանոց, ինչպէս յայտնի է արդէն, խնամակալուհի Տիկինները հանդէս մը կազմակերպած են պատսպարեալ պզտիկներուն համար եւ ատիկա բոլորովին մտերմական հանգամանք մը ունի. անմիջապէս կ’զգանք այդ մասնաւոր փափկութեան արժէքը որով խնամակալուհի Տիկինները ամէն ջանք ըրած են հանդէսին ընտանեկան ձեւ մը տալու. ասիկա լաւագոյն պարգեւն է իրենց որդեգրած տղաքներուն համար եւ անոր համար է որ թերեւս մանկական զուարթութիւնը կը փայլէր շատ մը սիրուն դէմքերու վրայ առանց ո եւ է arrière-penséeի. զգայնութիւնը չունին շնորհ մը ստացած ըլլալու, ինչ որ պիտի շեշտէր անտարակոյս իրենց զրկանքը, այլ ընդունելու պարզապէս ինչ որ իրենց պարտական են, այն պարտքով որ մայր մը ունի իր տղուն հանդէպ։

Այս հաճելի տպաւորութեան տակ է որ աչքէ կ’անցնենք երկայն սեղանները որուն առաջք պիտի նստին այս ընդարձակ ընտանիքին բոլոր անդամներն ալ, տղաքկ, խնամակալ Տիկինները եւ Որբանոցի խնամակալութիւնը։ Սեղանը ծանրաբեռնուած է անուշապուրով, փսկեղներով, կարկանդակներով, շաքարներով եւ պտուղներով. շնորհաւորելի գաղափար մըն ալ ասիկա անշուշտ. տոհմային սովորութիւններով տօնել Կաղանդը փոխանակ Ծնունդի ծառի եւ նման ձեւակերպութիւններով ինչ որ անծանօթ բաներ են անշուշտ մեր այդ դասակարգի տղոց համար եւ հետեւաբար իր հրապոյրը մասամբ պիտի չեզոքանար։ Զանազան խաղալիքներ, թիւերով նշանակուած պատրաստ են եւ վիճակահանութեամբ պիտի բաշխուի տղոց։ Խնամակալուհի Տիկինները ամէն ջանք ըրած են ամենուն ալ հաւասար կերպով բաժնելու նուէրները եւ ուտելիքները եւ իրենք իսկ անձամբ աշխուժով կը տեղաւորցնեն, կը դասաւորեն տղաքը, մէկուն բան մը ըսելով, ուրիշի մը ժպտելով, տղաքը կը պատասխանեն առանց կարմրելու եւ տղոց ընտանի վերաբերումը այդ Տիկիններուն հանդէպ, աւելի կը սրտապնդէ մեզի եւ անգամ մըն ալ տպաւորութիւնը կը կրեմ ընտանիքի մը մէջ ըլլալու ուր փոխադարձ հարգանքը եւ գորովանքը առաջին պայմանը եղած է իրենց համար։ Անմիջական զարմացումէն ետքը որ հաճելիօրէն կ’զբաղեցնէ պահ մը, տղաքը կ’սկսին ճաշել, եւ պնակները շուշ շուտ կը պարպուին, եւ շահագրգռուած կը դիտեմ աստին անդին գեղեցիկ դէմքեր, ժպտող շրթունքներ եւ երբեմն ալ երազող եւ ստուերոտ աչքեր. կը դիտեմ որ մանչերը շատ աւելի զուրաթ են եւ աղմկալի քան պզտիկ աղջիկները որոնք հակառակ ամէն բանի, տեսակ մը վերապահում ունին, վաղահաս գիտակցութեամբը թերեւս իրենց վիճակին։ Տիկիններ կան որ գուրգուրանքէ եւ յուզմունքէ կուլան եւ իրենց փայփայանքը կ’զգանք թէ որքան սրտագին է եւ ինքնաբուխ։

Քանի մը մանկական վառվռուն երգեր եւ յետոյ ուղերձ մը Խնամակալուհի Տիկիններուն ուղղուած, կ’ամբողջացնեն գրեթէ հանդէսը եւ տղաքը իրենց նուէրները ընդունած կը վազեն պարտէզ. ա՛լ աւելի ազատօրէն տօնելու համար կաղանդը։ Ասդին անդին դեռ պզտիկ տղաքներ կը մնան որ միամիտ հիացումով մը կը շօշափեն իրենց խաղալիքները. պզտիկ աղջիկ մը խելացի դէմքով իր պուպրիկը կը համբուրէ անանկ սիրազեղ գուրգուրանքով մը որ մեզի յուզմունք կը պատճառէ։ Կը հասկնանք որ ի՛նչչափ դառն եւ տրտմագին բան մը ըլլալու է այդչափ զգայուն տղու մը համար մօրը փայփայանքէն զրկուած ըլլալը, բայց անոր տղու ժպտուն աչքերուն մէջ տխրութիւն չկա, ընդհակառակը, խոշոր պուպրիկը ալ աւելի կը սեղմէ իր մանկական կուրծքին վրայ եւ փոխն ի փոխ կը խնդայ մեզի եւ պուպրիկին։

Զգածուած կ’անցնինք ուրիշի մը, նման զգայնութիւններ յաճախ կը կեցնեն մեզի, բայց ժամանակը կ’անցնի եւ պէտք է որ Հիւանդանոցի բժշկապէտին Տօքթէօռ Տաղաւարեանի առաջնորդութեամբ Հիւանդանոցի շրջանը ընենք իրենց կարգին կաղնդելու ծերերը, հիւանդները... ։

Անմիջապէս պէտք է ըսեմ թէ այդ այցելութիւնը անակընկալ մեծ գոհունակութիւն մը կը պատճառէ ինծի, անակընկալ կ’ըսեմ, որովհետեւ ընդհանրապէս նախապաշարուած մեր Փրկչեան Հիւանդանոցին դէմ, աննպաստ կարծիքներով, ի նկատի չենք առած բնականաբար բոլոր այն կատարելագործութիւնները որ յամրաբար բայց շարունակական ձեւով մը կատարուած են հոն։ Գրեթէ ամէն տեղէ կ’անցնինք, խոհանոցէն, տուշ երու եւ լոգանքներու սրահէն եւ ամէն տեղե կը գտնենք նոյն խիստ մաքրութիւնը, կարգապահութիւնը, որ վարժուած ենք տեսնել նոյն կարգի եւրոպական հաստատութիւններու մէջ. ատիկա տեսակ մը հպարտութիւն եւ ներքին գոհունակութիւն կը պատճառէ մեզի, խորհելով մանաւանդ թէ բոլոր ատոնք մեր մէջէն ոմանց նիւթական եւ բարոյական անձնուէր աջակցութեան արդիւնքն են եւ համոզումը թէ այդ հաւաքական ուժերուն սեղմ եւ յարատեւ գործունէութիւնը պիտի յաջողի վերջապէս դեռ գոյութիւն ունեցած անպատեհութիւնները դարմանելու՝ նուազ դժուարահաճ կը դարձնէ մեզ. օրինակի համար յիմարներու բաժինը որ ինչպէս բժշկապէտը մեզի կը յայտարարէ, արդէն քիչ նպաստաւոր պայմաններու մէջ կը գտնուի. մութ կամարներու տակ գետնայարկ սրահներ ուր փոխն ի փոխ շուարած կամ կատաղի դէմքեր կ’անցնին ստուերներու պէս, lugubre տպաւորութիւն մը թողլով, յայտնի է թէ այդ տեսակ միջավայր մը որքան աննպաստ է յիմարներուն եւ որքա՛ն հակոտնեայ յիմարներու համար առողջապահական շատ մը պայմաններուն, ինչպէս ըսինք արդէն բժշկապետը ինքն ալ կը հաստատէ նոյն բանը։

Յետոյ կ’անցնինք սրահներէ եւ հիւանդ դէմքեր կը ժպտին, պզտիկ հիւանդ տղաքներ կ’ստանան իրենց կաղնդի նուէրները, ու մինչեւ հիմա երբ այս տողերը կը գրեմ բոլոր այդ ծերունիներուն դողդոջուն սիլուէթները եւ անկողիններէ երկնցած հիւանդագին կիսադէմքեր կ’անցնին մտքիս մէջէն ու կը խորհիմ թէ իրա՛ւ ինչ հսկայ ջանքեր պէտք եղած են եւ մինչեւ հիմա կ’ըլլան բոլոր այդ դժբաղդներուն գլխին բարձ մը եւ իրենց թառամած սրտերուն մխիթարանք մը տալու համար։

Խնամակալուհի Տիկինները՝ գործունեայ եւ դիւրաշարժ՝ ամէնուն կը հասնին, իրենց անձնուիրութեան եւ գերազանցապէս վեհանձն գործին մէջ անանկ պարզութիւն մը եւ բնականութիւն մը կը դնեն որ ա՛լ աւելի նուիրական կը դնեն որ ա՛լ աւելի նուիրական կը դարձնէ իրենց ազնիւ գործունէութիւնը։ Եւ բոլորովին սրտապնդուած հաւատքով կը խորհիմ դեռ բոլոր այն բաներուն զորս կրնան մեր կիները ընել, իրենց անհատականութիւնը հաստատելով, եւ իրենց բաժինը բերելով մեր կրթական, լրագրական եւ շատ մը նման բարեսիրական գործերու մէջ։

Եւ ասիկա կ’ըլլայ անշուշտ եթէ մեր մէջ ուրիշ կիներ ալ ուզեն, ինչ որ Խնամակալուհի Տիկինները Հիւանդանոցին համար ուզած են ընել եւ այնքան գերազանց կերպով կ’արդարացնեն արդէն իրենց վրայ դրուած յոյսերը։