Գրականագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱԼԶԱՔԻ ԿՆՈՋ ՏԻՊԱՐՆԵՐԸ

(ԵՐԿՐՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾ)

Ընդհանուր ակնարկով մը տեսանք արդէն թէ Պալզաքի ստեղծած կնոջ տիպարները կը յատկանշուին մասնաւորապէս սիրոյ ամենահզօր եւ յաւիտենական ազդեցութեամբը. իրենց գոյութեան գլխաւոր իրաւունքն է անիկա, եւ անո՛վ է միայն որ զանազան ընկերական խաւերու մէջ իրենց հոգին կը ճերմկնայ, կը մաքրուի եւ ամենէն համեստներն ալ կը սլանան մէկէն էն անմատչելի բարձրութիւնները հոգեկան գեղեցկութեանց։ Եթէ Պալզաք երբեմն դեռ րոմանթիք ազդեցութեան տակ ըլլալով իրեն տիպարները սքօղած է տեսակ մը գրեթէ բացարձակ կատարելութիւննեորվ՝ միւս կողմէ անով իսկ իրական կը դառնան իր կնոջ տիպարները երբ կը խորհինք թէ միակ տիպարի մը մէջ համադրել ուզած է կնոջ ամենէն էական զգացումը, սէրը։ Իրեն համար կինը անով է որ կապրի եւ մանականդ անոր համար կ’ապրի. վերցուցէք սէրը կնոջ մէջէն եւ միայն հրէշը կը մնայ. ասոր գլխաւոր ապացոյցը չէ՞ Տիկին Հիւլօի տիպարը (Cousine Bette) մինչեւ ետքը զինքը լքող ամուսնոյն սիրովը տանջուած եւ անով իսկ կարող սքանչելի համակերպումներու, եւ անձնուիրութեանց գերագոյն բարձրութիւններու։ Մինչդեռ նոյն հատորին մէջ իսկ կը գտնենեք Տիկին Մառնէֆ, կին հրէշ մը ամէն կարգի փղձկումներու անկարող եւ որ ատով կ’ստանայ հրէշային պաղարիւնութիւն մը՝ առանց կիրքի գրեթէ չարիք գործելու. անմիջապէս կ’անդրադառնանք որ անիկա ամուլ եւ պակասաւոր կինն է որուն սիրտը երբէք չէ բաբախած, անիկա դատապարտուած է հրեշը մնալու որովհետեւ զրկուած է նոյն իսկ այն մոգական ազդեցութենէն որուն իշխանութեան տակ կը գործեն, կը շարժին, մէկ խօսքով կ’ապրին կիները՝ ի՞նչ փոյթ թէ նաով ալ կը տանջուին գրեթէ միշտ եւ յաճախ կը զգետնուին։

Այս ընդհանուր տեսակէտը անգամ մը ընդունելէ ետքը կարելի է Պալզաքի կնոջ տիպարները երկու դասակարգի բաժնել. խրոխտ եւ վարպետ կիները իրենց հրապոյրներուն գիտակից եւ կարող ամենէն յանդուգն եւ վսեմ արարքներուն, իրենց գորցին գեղեցկութենէն հմայուած կամ պարզ եւ մաքուր հոգիները որոնք անգիտակցաբար կզգան իրենց մէջ սիրոյ փթթումը եւ անոր ճակատագրական ազդեցութեանը կը հպատակին, ինչպէս վայրի ծաղիկները կը բողբոջեն։ Անոնք ունին շատ անգամ տժգոյն ծաղիկներու դեդեւուն եւ վաղանցիկ գոյութիւնը, հազիւ թէ տաքցան արեւին համբոյրներէն, անոնք իրենց մէջ ի յայտ եկած զգացումէն շողշողուն, հազիւ թէ կ’ապրին որովհետեւ պչրանքը անծանօթ է իրենց եւ չեն գիտեր չափաւորել կամ արուեստակել իրենց գգուանքները եւ խանդավառութիւնը, ինչ որ միակ միջոցն է թերեւս այրերուն սնապարծութիւնը փայփայելու եւ տեւական դարձնելու անոնց սէրը։ Ճշմարիտ զգացումները սակայն ժայթքող հանգամանք մը ունին եւ ասով անկարելի կը դանայ հաշիւի եւ չափի ենթարկել։ ասոր համար չէ՞ որ Օկիւսթին (La maison du chat qui-pelote) շուտով կը մոռցուի իր ամուսինէն որ բուռն սիրով մը հետամտած էր զինքը կնութեան առնելու։ իր առաջին հանդիպումը սալօն ին մէջ երիտասարդ նկարչին, ինքնին կը բացատրէ արդէն թէ շատ պարզ ու համեստ կեանքով մը ապրած աղջիկ մը՝ որուն հասկցողութիւնը սահմանափակ եղած է մինչեւ այն ատեն՝ իր ծնողքէն ստացած խիստ պահպանողական դաստիարակութեամբը՝ կզգայ մէկէն իր հոգւոյն մէջ յուզմունքներու եւ երջանկութեան բողբոջիլը։ «Անիկա (Օկիւսթին) զգաց որ նկարիչը՝ այդ երիտասարդը որուն դէմքը կը ճառագայթէր երջանկութեամբ եւ սիրով, կ’ընկերանար իրեն մինչեւ կառքը. բոլորովին նոր գրգռումի մը ենթարկուած, գինովութեան մը՝ որ զինքը ձեւով մը բնութեան կը դարձնէր՝ Օկիւսթին մտիկ ըրաւ իր սրտին պերճ ձայնը եւ բազմաթիւ անգամներ նայեցաւ երիտասարդ նկարչին, փոյթ չընելով ծածկել իր վրդովմունքը. երբեք իր այտերուն վարդագոյնը այնքան ուժով չէր երեւցած իր մորթին ճերմակութեան վրայ։ Արուեստագէտը տեսաւ այդ գեղեցկութիւնը իր բովանդակ ծաղկումին մէջ. Օկիւսթին տեսակ մը ուրախութիւն կըզգար՝ սարսափով խառն խորհելով որ իր ներկայութիւնը երջանկություն կուտար անոր՝ որուն անունը ամենուն բերանն էր, որուն տաղանդը կ’անմահացնէր վաղանցուկ պատկերները, ինքը սիրուած էր. անկարելի էր տարակուսիլ. երբ այլեւս չտեսաւ արուեստագէտը, դեռ լսեց սակայն իր սրտին մէջ սա պարզ խօսքերը. «– Կը տեսնէք ինչ որ սէրը ինծի արտադրել տուաւ»։ Եւ սրտի բաբախումները աւելի ուժգին կարծես կը ցաւցնէին զինքը, այնքա՛ն իր եռանդագին արիւնը արթնցուց երակներուն մէջ անծանօթ ուժեր»։

Հակառակ իր ուժգին զարթնումին այդ սէրը միշտկենդանի պիտի մնայ Օկիւսթինի սրտին մէջ, մինչ արուեստագէտը արդէն սկսած է նոր յոյզեր նոր զգայնութիւններ փնտռել. աշխարհիկ կեանքի անվարժութիւնը գլխաւոր պատճառը կ’ըլլայ իրեն մոռցուելուն մինչ անդին կը տեսնենք որ վարպետ պչրուհի մը Դքսուհի տը Քարիկլիանօ բոլորովին կը հրապուրէ նկարիչը։

Երբ Օկիւսթին ծայրայեղ յուսահատութեան մը մէջ, յիմարական դիմում մը կ’ընէ դքսուհիին, իր միամիտ հոգւովը կարծելով թէ անիկա կարող է դարձնել իրեն արուեստագէտին սէրը այնպէս ինչպէս յափշտակուած է՝ խելայեղ մտիկ կ’ընէ պչրուհիին այս կարգի խորհուրդները այրերուն յեղյեղուկ եւ քմահաճ զգացումները սանձելու համար։

«Անմիտներու համար արտաքին երեւոյթները կեանքին կէսը կը կազմեն... եւ ասոր համար է որ շատ մը տաղանդաւոր մարդիկ անմիտ կը մնան հակառակ իրենց բոլոր սրտմտութեան... գիտցիր որ որչափ մենք կիներս սիրենք, այնչափ քիչ պէտք է նշմարել տանք այրերուն մանաւանդ ամուսինի մը մեր զգացումներուն ծաւալը, անիկա որ աւելի կը սիրէ աւելի կը տանջուի. բայց ինչ որ աւելի գէշ է, այնչափ շուտ կը մոռացուի... »։

Այս կարգի հանդիպումներու մէջ է որ Պալզաքի կնոջ տիպարները ուժգնօրէն երեւան կը հանեն իրենց ուրոյն ձգտումները, միշտ ծայրայաղ սակայն եւ այնչափ ճշգրիտ որ Պալզաքի վերլուծումները հոգեբանական documentներու կարեւորութիւն կ’ստանան։

Իրական կեանքի վրդովուն ճշտութիւնը ունին ամենանրբին ուսումնասիրութիւնները կնոջական հոգւոյն. յաճախ խօսքով մը, բառով մը Պալզաք կրցած է մէջտեղ հանել ամբողջ հրապոյրը առաջին հանդիպումներու, այն ոչինչները, հազիւ թէ շողիւնը հեշտալի նայուածքի մը, կամ տենդոտ մատներու հպումը, չհասկցուող վրդովմունքները ու բաբախումները, յամառող պատկերը սիրելի դէմքին, վերջապէս բոլոր այն վաղանցուկ եւ անորոշ զգայնութիւնները որոնք հազիւ թէ կը զգացուին եւ զորս Սթանտալ գաղափապը ունեծած է բիւրեղացում կոչելու (L'Amour. Stendhal)։

Այն զանազան կիրքերը, մոլութիւնները եւ առաքինութիւններն ալ որոնցմով կ’ապրին Պալզաքի այր տիպարները չեն սպրդած կին տիպարներուն մէջ. ասոր համար է թերեւս որ անոնք գերազանցապէս կին կը մնան միշտ, անոնցմէ մտքով ամէնէն ուժովներն ալ չեն ձգտած իրենց բնական կոչումէն դուրս տարբեր երազներու. բացարձակ ը փնտռելու տենջանքը երբէք չպիտի դղրդէր իրենց կուրծքը եւ եթէ Տիկին Գլաէս քիմիական ուսումնասիրութիւններ կ’ընէ ատիկա պարզապէս յուսահատական ճիգ մըն է իր ամուսնոյն միաւր բարձրութիւններուն հասնելու։ Ընդհակառակը կը տեսնենք թէ Պալզաքի կին տիպարները բոլորովին տգէտ են. ըլլայ այդ ժամանակին կիներուն ճշգրիտ պատկերը կամթէ նոյն իսկ Պալզաքի իտէալը՝ որոշ բան մը չէ կարելի ըսել. ամէն պարագային շատ բնական շեշտով մը կը նկարագրէ իշխանուհի տը Գատինեանի տագնապը երբ գրագէտի մը հետ դէմ առ դէմ անոր գործերուն վրայ խօսիլ կ’ստիպուի եւ կանացի ճարտարութեամբ մը գործին մէջէն կ’ելլէ. եւ որովհետեւ իշխանուհին մասնաւորաբար այդ գրագէտով զբաղելու պատճառներ ունի սրտին մէջ՝ օր մը աչքէ կ’անցընէ անոր գործերը, շատ յատկանշական է երբ իր բարեկամուհիին Տիկին տ’Էսբարին կ’ըսէ.

Երբեք այնչափ բան չէի կարդացած կեանքիս մէջ որչափ այսօր կարդացի։

Ասիկա չնշանակեր որ Պալզաք իր կիներուն կը զլանայ մտաւոր կարողութեանց ընդունակութիւնը. Օրիորդ տը Ռիւթ (Albert-Savarus) ըստ երեւոյթին աննշան աղջիկ մըն է որ կէտ առ կէտ մօրը հրամաններուն հպատակելու ձեւը ունի, ինքնիրենը պայքարի կը մտնէ վարպետ եւ տաղանդաւոր փաստաբանի մը Ալպէր Սավարիայի հետ եւ կը յաջողի. պէտք է պալզաքը կարդալ հասկնալու համար որ այդ տկար, տժգոյն եւ վտիտ աղջկան մէջ յուսահատ սիրոյ մը դառնութիւնները ի՛նչ հոգեկան կորով մը ստեղծած են եւ ընդունակ կրած են զայն ամբողջ Պզանսոն ի ազնուական եւ կղերական ինչպէս ռամկավարական կուսակցութեանց դէմ դնելու երեսփոխանական ընտրութեան մը առթիւ, պարզապէս որովհետեւ եթէ ընտրելին (իր սիրած անձը) յաջողէր՝ պիտի հեռանար Պզանսօնէն ուրիշ կնոջ մը հետ ամուսնանալու համար։

Բարոյական կորովի ուժգին տիպար մը չէ՞ նաեւ Էսթէր, ցեխի մէջ ապրող պչրուհի մը որ իր Լիւսիէնին սիրովը մաքրուած մինչեւ վեհանձնութիւնը կունենայ Նիւսինկէն ի մը միլիոնները մերժելու եւ թունաւորուած մեռնելու իր գեղեցկութեան, յաջողութեան եւ հրապոյրին ամբողջ ծաղկումին մէջ, որովհետեւ կ’իմանայ թէ Լիւսիէն զինքը ձգելու ստիպուած է։

Վերջապէս եթէ վերլուծենք մի առ մի Պալզաքի կին տիպարները միշտ ամուսինը եւ սիրուհին կը գտնենք. Պալզաք կինը ուսումնասիրած է այլեւայլ խաւերու, տարիքներու եւ միջավայրի ազդեցութեան ներքեւ, անոր վարժ եւ ճապուկ միտքը սպրդած է նոյն իսկ կնոջ անբացատրելի մնացած պատճառներուն եւ հասկցած է մէկէն անոր ամենաբնական դերը, միակ զսպանակը իր գործերուն, կիրքերուն, տառապանքներուն։ Բայց Պալզաք Մայր ը մոռցած է տեսնել կնոջ մէջ։ Երբ Հայր Կօրիօ ի եղերական եւ վսեմ տիպարը կը յիշենք տառապող եւ զոհուող հայրը իր աղջիկներուն փարթամութենէն ոտքի տակ առնուած ու անոնց եսասիրութենէն անիրաւուած բնականօրէն կը փնտռենք անոր համարժէք Մայր տիպարը Պալզաքի կիներուն մէջ։

Թերեւս Պալզաք զայն նկատած է տրամաբանական հետեւանքն իր տիպարներուն։ Եւ ո՞վ չգիտեր որ ամենէն շատ սիրելու ընդունակ կիներն են որ ամենէն խանդակաթ մայրերը կ’ըլլան։