Գրականագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՌՈՒԲԷՆ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

Այս տարւոյ առաջին օրերուն Բարիզի մէջ մեռաւ Ռուբէն Որբերեան, որ Արեւմտահայ ժամանակակից գրականութեան մէջ տեղ կը գրաւէր իր բանաստեղծական տաղանդով։

Ռուբէն Որբերեանի բանաստեղծութիւնը գնահատելու համար պէտք է նկատողութեան ունենալ այն ժամանակաշրջանը որուն ընթացքին բանաստեղծին մտայնութիւնը եւ հոգեբանութիւնը կազմուած եւ զարգացած են։ Այդ շրջանի եղած է եականապէս փոխանցման շրջան երբ մերձաւոր Ասիա հազիւ արթնցած իր դարաւոր քունէն թատերաբեմ կը հանդիսանար հակընդդէմ զանգուածներու բաղխումներուն թէ՛ տնտեսական եւ թէ քաղաքական հողի վրայ։ Այդ բաղխումները երբեմն եւ յաճախակի կը յանգէին արիւնահեղ գալարումներու։ Ամբողջ այդ սերունդի արեւմտահայ գրողները կը կրեն իրենց գրականութեան մէջ դրոշմը այն դառնութիւններուն, անզօր ըմբոստութիւններուն եւ վերջ ի վերջոյ յուսալքման որ հարազատօրէն արտայայտած է ՌՈւբէն Որբերեան մանաւանդ իր մէկ քանի ոտանաւորներով։

Ռ. Որբերեանի մտքի կազմութեան մէջ մեծ բաժին ունեցած է նաև ֆրանասական բայց մասնաւորաբար անգլիական ռոմանթիքական դրականութեան խոր ազդեցութիւնը։ Յաճախ կ՚անդրադառնանք Ռ. Որբերեանի երկի ընթերցման միջոցին որ անիկա ոչ միայն իր ձեւը կաղապարած է այլ եւ իր կեցուածքը առած է ներշնչմամբ իր սիրած անգլիացի ռոմանթիկներու, գլխաւորաբար Բայրընի։

Ռուբէն Որբերեան իր դառնութիւնը, յուսալքումը, կարօտը արտայայտած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններու մէջ որոնք նախապէս հրատարակուած են զանազան հայ պարբերականներու եւ թերթերու մէջ եւ որոնք մասամբ ամփոփուած են «Ծփանք» հատորին մէջ։

Այդ բանաստեղծութիւններէն «Տնակս» եւ «Գիւղիս ճամբան», մանաւանդ վերջինը, իր ձեւի կատարելութեամբ, դարձած են դասական եւ հանրածանօթ։

Ռուբէն Որբերեան ծնած է Մալաթիա եւ հաւանաբար ունէր գիւղական ծագում։ Պատանեկան տարիներուն փոխադրուած է Խարբերդ եւ աշակերտած է Ամերիկեան վարժարանի մը։ Եղած է ժամանակակից եւ մտերիմ բարեկամ Ռուբէն Զարդարեանի որ կոչուած էր իր տխուր եւ սուր աչքերը աւելի խորը թափանցել գաւառական իրականութեան մէջ։ Աւելի կտրուած կեանքէն քան իր ժամանակակից գաւառական արձակագիրները, Որբերեան ի փոխարէն աւելի երկար ժամանակ պահպանած է բուրումը իր բանաստեղծական տրամադրութիւններուն։ Նոյն իսկ շատ աւելի ուշ, նոյն իսկ վերջի տարիներուն, Բարիզի մէջ, ան կը ներկայացնէր տեսակ մը ժամանակավրէպ, պահպանած ըլլալով, հակառակ ահագնադղորդ դէպքերուն որ պայթեցան իր եւ յաջորդող սերունդներուն վրայ, այն տեսակ մը սրտառուչ միամտութիւնը, պատրանքներու դիւրին ենթարկայութիւնը, արտասուելու եւ յուսախաբուելու վարժութիւն մը որ հիւանդագին դիւրագործութիւն մը կուտային իրեն։ Այդպէս պէսք էր եղած ըլլար իր երիտասարդական տարիներէն երբ Իզմիր եկած է գործ փնտռելու եւ ուր պահ մը նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին։

Բախտի եւ դիպուածի բերումով Որբերեան շուտով լքած է ուսուցչութիւնը եւ երկար ու երկար տարիներ անձնատուր եղած է առեւտրական գործունէութեան, նախ Իզմիր, յետոյ Եթովպիա։ Այդ շրջանին, հակառակ իր անձնական գործերու յաջողութեան եւ  բարեբախտ ընտանեկան կեանքին Ռուբէն Որբերեան պահած է յոռետեսութեան եւ արտասուաթոր տխրութեան երանգ մը որ այլ եւս չէր կարող համապատասխանել իր ներքին տրամադրութեան։ Անիկա չէ ունեցած նաեւ ոչ զայրոյթ եւ ոչ ըմբոստութիւն։ Մեկուսացած իր հոգեկան սկզբնական տրամադրութեան մէջ նոյն նուագարանին լարերն են որ հնչած են իր մատներուն տակ քսան երեսուն տարիներու ընթացքին։

Այս ըսել չէ որ Ռուբէն Որբերեան հասարակական գործունէութիւն չէ ունեցած։ Պատերազմի սկիզբէն արծարծուն յոյսերով նետուած է կրկէսին մէջ։ Պատերազմէն եւ դաշնակիցներու յաղթանակէն յուսացած է լուծումը «Հայկական դատ»ին։ Ինչպէս շատ շատերը ինքն ալ յուսախաբ եղած է եւ իր դառնութիւնը արտայայտած է արձակ եւ ոտանաւոր գրութիւններով։ Այդ շրջանի գրականութիւնը ամփոփած է «Ովասիս» ստուար հատորին մէջ որ Որբերեանի երկերու հաւաքածոն է եւ ուր սակայն լաւագոյն արժէք ներկայացնող էջերը կը մնան «Տնաս» եւ «Գիւղիս ճամբան»։

Այստեղ ոչ տեղն է եւ ոչ ալ բարեյարմար մտնել խորքը «Ովասիս»ի ներքին բովանդակութեան։ Զարմանալի չէ նաեւ որ Ռ. Որբերեան, մեկուսացած Եթովպիոյ մէջ եւ ալ աւելի մեկուսացած իր արտասուաթոր տրամադրութեան մէջ չէ կարողացած դուրս գալ այն շղթաներէն որ կապկած էին թրքահայ մտաւորականներու մեծ մասին միտքը եւ դատողութիւնը թէ՛ պատերազմի նախորդող եւ թէ՛ պատերազմի շրջանին։ Եթէ հաշուեյարդարի շրջանը իրմէ կը խլէ անէծքներ «անարդար» Եւրոպայի հասցէին որ չի վարանիր նոյն իսկ «պոռնիկ Եւրոպա» յորջորջելու , այդ սրտմտութիւնը չանցնիր իր յոյսերուն մէջ խաբուած մտաւորականի պատահաբար արտայայտած քէներու սահմանէն։ Ոչ իր կեանքը, ոչ իր կենցաղը եւ ոչ ալ իր գաղափարականը մազաչափ չեն ազդուած դէպքերուն յառաջ բերած լուսաբանութիւններէն։ Միշտ ապաստանելով տարտամ մթաստուերի մէջ, անիկա պատրաստ էր կառչելու նոր «յոյս» երու եւ միշտ առաջուց պատրաստ իր յուսախաբութեան ողբը երգելու իր յատուկ նուագարանին վրայ։

Ինչ որ ալ ըլլայ դատողութիւնը գալիք սերունդներուն մեր ժամանակակից եւ հետզհետէ անհետացող գրական սերունդի մասին՝ Ռ. Որբերեանի «Տնակը» բայց մանաւանդ «Գիւղիս ճամբան» պիտի պահեն իրենց արժէքը որպէս յատկանշական բանաստեղծական արտայայտութիւն իր ժամանակին։ Ֆէոդալական Անատօլուն կը սարսէր իր հիմքերուն վրայ; Գիւղը եւ հիւղի նահապետական կեանքը տեղի կուտար քաղաքներու շուկային կեանքին։ Նոր եւ աւելի մեծ յեղաշրջումներ ակներեւ էին եւ ճակատագրական։ Որբերեան վաճառաշահ Իզմիրի քարափին վրայ կարօտով եւ կսկիծով կը յիշէ այն նախնական եւ հին կեանքը «Ուր կ՚անցնէինք գառնուկս եւ ես անմեղութեան երազին պէս…» Նաւահանգիստին թոհ ու բոհը, աշխատանքի տեմպը, մեկնող եւ ժամանոց նաւերու երկարաձիգ եւ թաւ սոյլը, բազմայարկ տուներու եւ լեցուն ամբարանոցներու ամբարտաւանութիւնը քարափներու վրայ տուայտող աշխատաւորներու թշուառութեան հանդէպ, առեւտրական դրամագլուխի ծառայող գիւղէն արմատախիլ սպասաւորներու եւ քաղաքներու միջին դասերէն դուրս եկած պաշտօնեաներու, գրագիրներու բազմահոգ կեանքը նոր փոր եւ ճարն պաշարող եւ քստմնելի կծծիութեան գնով դրամ դիզող գերծատէրերու սանձարձակութիւնը, այդ բոլորը կը վրիպին Որբերեանի ուշադրութենէն։ Եւ եթէ նոյն իսկ չեն վրիպիր, այդ բոլորը իրեն համար առօրեայ կեանքն է, ամէնուն հարկադրուած ուրկէ խուսափելու համար կ՚ապաստանի իր տնակը։

Մէկ քանի սիւն եւ սեւ պատեր

Մէջքերնին կոր, իրար բռներ

Հին օրերու զերդ ծերունի

 

Մէկ կանթեղը բաւ էր մեզի

Թէեւ դեղին եւ հեւացող…

Որբերեան շատ լաւ գիտէ որ այլ եւս դեղին եւ հեւացող կանթեղը բաւական չէ որ իր եւ ոչ ուրիշներու համար բայց այդ բաւական չըլլալն է իրեն համար չարեաց աղբիւրը։ Նոր ուրուագծուող հակամարտութիւննը շահերու զինքը կը սարսափեցնէ եւ փոխանակ դէպ ի առաջ որոնելու խնդիրներու լուծումը կը վերադառնայ անցեալին։

Տաշուած քարէ ուղիղ ճամբան

Կը տանի զիս արդ ի ծովափ

Կը ճմլուի հոգիս սակայն

Մտածումով մը հրատապ

Եւ կը թռչիմ հին մանկութեան։

Բայց այդ անցեալը այլ եւս անդարձ է։ Ինչքան ալ գորովանքով անդրադառնայ այդ անցեալին «հին յիշատակն ալ կ՚անցնի երգի մը նման»։

Ոչ ոք թերեւս, որոքան Որբերեան այսքան յստակ  կերպով չէ արձանագրած իր ժամանակը։