Ս. Ղազարի Մատենադարանը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Մխիթարեան Մատենադարանի չորրորդ հատորն է որ լոյս կը տեսնէ ներկայովս, գիտական աշխարհին ներկայացնելով մեր գանձերը՝ որոնք հաւաքուած են հոս դարերու ընթացքին: Արդարեւ, քսանհինգ տարիներէ ի վեր թէեւ պատրաստ էր հատորիս ձեռագիրը, այն է՝ երրորդ հատորին տպագրութենէն անմիջապէս ետք, սակայն միայն ներկայիս է որ պատեհ առիթը ունեցանք լոյս ընծայելու:

Նախորդ երրորդ հատորը կը բովանդակէր նկարագրութիւնը Ձեռագիր Մաշտոցներու եւ Ձեռնադրութեան գիրքերու. չորրորդ հատորով կու գայ եկեղեցական պաշտամունքի Ձեռագիրներու յաջորդ խումբը՝ ամբողջացնելու համար սկսուած պատկերը: Հոս ամփոփած ենք նկարագրութիւնը՝ Ձեռագիր Շարակնոցներու, ճաշոցներու, ժամագիրքերու, Մանրուսմունքներու եւ Կցուրդներու, յաջորդ հատորի մը վերապահելով մնացած այն Ձեռագիրները՝ որոնք կը հային հայ եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան:

Աշխատութիւնս ըլլալով շարունակութիւնը մեր նախորդ Հայրերու վաստակին, այն է՝ Հ. Բարսեղ Վրդ. Սարգիսեանի եւ Հ. Գրիգոր Վրդ. Սարգսեանի, որոնք իրենց կարգին հետեւած են Հ. Յակոբոս Վրդ. Տաշեանի, Վիեննայի Մխիթարեան վաստակաւոր միաբանին ցուցակագրութեան կերպին, մենք ալ նոյնը ըրած ենք, առանց որդեգրելու նորագոյն եւ կատարելագոյն կերպեր, որոնք վերջերս սկսան հրապարակի վրայ երեւան գալ, հետեւելով Մաշտոցեան Մատենադարանի թելադրած եւ որդեգրած կերպին: Արդարեւ, քսանհինգ տարիներ առաջ, երբ ունէինք կեանքի աշխուժութիւնը եւ ձեռնարկեցինք այս գործին, դեռ չէին յայտնուած Մաշտոցեան Մատենադարանի Ցուցակները, որպէսզի ըլլար մեր ուղղորդը, իսկ ներկայիս, տպագրութիւնը սկսելէ առաջ, ուզել վերատեսնել արդէն իսկ պատրաստ գործ մը՝ կը նշանակէր աւելի եւս յետաձգել հատորիս հրատարակութիւնը:

Նոյնը կը ստիպուինք կրկնել նաեւ հատորիս աւարտին կցուած ցանկերուն եւ համեմատական տախտակներուն համար, որոնք կատարած ենք անձնական ճիգերով, որքան կը ներէին մեր զբաղումներն ու այլ պատասխանատուութիւնները: Այդ ցանկերը կարելի է, հեռաւոր ապագայի մը մէջ, երբ ամբողջանան Մատենադարանիս բոլոր Ձեռագիրներու ցանկերու հրատարակութիւնը, պատրաստել առանձին հատորով, հոն ամփոփելով բազմաթիւ ծանօթութիւններ եւ տուեալներ, որոնք այսօր կը հետաքրքրեն մեր գիտնականները:

Քանի մը տարիէն կ՚աւարտի քսաներորդ դարը, միաժամանակ կը բոլորին Մխիթարեան Միաբանութեան գոյութեան երեք հարիւր տարիները: Երեք հարիւր տարիներ շարունակ, մեղուաջանօրէն աշխատած են մեր միաբանները, յօգուտ հայ Եկեղեցիին եւ հայ Մշակոյթին, եւ որու ապացոյցներէն մէկն է, ահա, Մխիթարեան Մատենադարանին գոյութիւնը, ուր ներկայիս կը հանգչին շուրջ երեք հազար ձեռագիրներ:

Քաղցր է ինծի հոս հրապարակաւ դրոշմել անոնց անունները, որոնք գործած են լուռ եւ անաղմուկ: Մխիթարեան Միաբանութիւնն ամբողջ, հաստատուած օտար ափերու վրայ, ծածուկ հեռատեսութիւն մը ունեցած է՝ փրկելու ինչ որ հայկական է, եւ այս պարագային՝ հայկական Ձեռագիրները, հազար զոհողութիւններով, բարոյական եւ նիւթական, որոնց արդիւնքը ուղղած են ի շահ Ազգին, որու հաւատարիմ մշակները եղած են՝ արեան իսկ գինով: