Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՇՐՋԱՆ ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ (1700-1749)

Ուզելով պատմականը ընել մեր Մատենադարանին գոնէ առաջին հարիւրեակին (1700-1799), թէ ինչպէս հաւաքուած են հոն ներկայ Ձեռագիրները, պիտի սկսինք մեր ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՅէն, որ իր հեռատեսութեամբ կանգնած է հսկայ Մատենադարանը, առանց տեսնելու անոր դարաններուն շինութիւնը եւ գործածութիւնը: Աւելցնենք, սակայն, թէ Մխիթարի գլխաւոր մտահոգութիւնը՝ եղած է գործնական. ան հետաքրքրուած է հայերէն տպագիրներով, որոնցմէ գոնէ մէկական օրինակ ուզած է ձեռք բերել, ասոնց կողքին նա՛եւ ձեռագիրներ, որոնք պիտի ծառայէին՝ ոչ թէ պարզապէս հաւաքելու եւ շտեմարանելու հին արժէքներ, այլ ապահովելու իր աշակերտներուն կազմութեան եւ գործածութեան յարմար միջոցներ:

Մխիթարեան Մատենադարանի հաւաքածոյին առաջին Ձեռագիրը՝ գրած է ինքը, մեր Հիմնադիրը, Մխիթար Աբբահայր, իր իսկ սեփական ձեռքով եւ գրչութեամբ, դառնալով Հիմնադիրը նաեւ Մատենադարանին, ընելով բացումը յաջորդ վիթխարի հաւաքածոյին: Իբր անգնահատելի գանձ, գուրգուրանքով կը պահենք իր սեփական երեք Ոսկեփորիկները, (Ձեռ. 702, 905, 1063), որոնք օրինակած է իր պատանեկութեան, երբ Սեբաստիայէն դէպի Վենետիկ երկար ճամբորդութիւններու ընթացքին, անցնելով Հայաստանի զանազան վանքերէն, ընդօրինակած է Ձեռագիրներէ, իր անձնական գործածութեան համար:

Գիտենք նաեւ թէ Մեթոն գտնուած շրջանին (1702-1715), հետամուտ եղած է հաւաքելու փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան դասագիրքեր. Մեթոնէն Վենետիկ փախած ատեն, 1715ին, հետը առած է անոնցմէ ամէնէն անհրաժեշտները, որոնցմէ մնացած է միակ նմոյշ մը, Ալբերտի Աստուածաբանութեան հատորը, որ ներկայիս կը պահուի Մատենադարան (Ձեռ. 12):

Վենետիկի մէջ սկզբնական շրջանին աշակերտները պէտք են ունեցած ըլլալ Ձեռագիրներ՝ առձեռն գործածութեան համար: 1719ին Հ. Գաբրիէլ Վենետիկէն կը մեկնի Արեւելք, եւ 14 Նոյեմբեր 1724ին կը վախճանի Կարին: Մխիթար Աբբահայր նամակներով կը յանձնարարէ որ Ս. Ղազար դառնան հանգուցեալին ինչքերը, որոնց մէջ կար «մի ձեռագիր գիրք Նարեկէն» (առ Հ. Պօղոս, Պոլիս, 7 Յուլիս 1725), որ հաւանաբար Վենետիկէն տարած էր հետը, ինչպէս նաեւ «զմի ի ձեռագիր գրեանց ի Քրտստան գտեալ է եւ օրինակեալ, որ է Ընդդէմ հագարացւոց» (առ Տէր Պետրոս եւ Տէր Ներսէս, Կարին, Յուլիս 1725): Այս երկրորդ հատորին ալ Մխիթար պէտք ունէր՝ բովանդակութեանը համար: 1751ին, երբ Պոլսոյ մէջ վէճ կը ծագի Մահմէտին մասին, Հ. Զաքարիա Ալեքսանեան Պոլիսէն կը գրէ Աբբահօր. «Ասասցես Հ. Սիմոնին եւ որոնեսցէ ի մէջ ձեռագիր Հայոց պատմչաց այդր գտելոց, թէ յորո՞ւմ միջի է որ գրէ թէ Մահմէտն յառաջագոյն քրիստոնեայ էր... »: Անկախ ակնարկուած Ղեւոնդի Պատմութենէն, Աւգերեան Ցուցակին մէջ կը գտնենք Ընդդիմադրութիւն Ղուրանի, (Ձեռ. 564), որ հաւանաբար գոյութիւն ունեցած է:

Մխիթար Աբբահօր օրերէն, որու կ՚ակնարկէ Հ. Զաքարիա, երբ Պոլիսէն կը գրէ Աբբահօր 22 Ապրիլ 1751ին. «Վասն Մահմէտին իրաց, վտանգ երեւի խօսիլ յայդպիսի քաղաքի, ուստի բարւոք լինէր չմտանել յայդպիսի խնդիրս, զայսչափ ինչ գրել կարեմ, թէ գիրքն այն յանծանօթ հեղինակէ արարեալ յազգի մերում ընդդէմ Ղուրանի նոցա, որ գտանի ի մեր վանս, գրէ զնմանէ թէ աշակերտեցաւ նախ... » (առ Աբբ. ): Ակնարկներ՝ որոնք կը մատնանշեն թէ Մխիթարի օրերուն կար արդէն ձեռագրական փոքրիկ հաւաքածոյ մը, նաեւ Պատմական գիրքերու, որոնցմէ տպաւորուած է Մխիթար Աբբահօր աշակերտը՝ Հ. Զաքարիան:

Միշտ նոյն նպատակով, Մխիթար Աբբայ երբ կը լսէ թէ Հռոմ բնակող Եւդոկիացի Սարգիս Եպս. Սահաթճիի քով կան «ոմանք ձեռագիր գրեանք, այսինքն Գիրք Վեցօրէիցեւ կամ Գիրք Սահմանացեւ այլք նմանք», կը գրէ Սուքիաս Արք եպս. ի, որպէսզի միջնորդ ըլլայ եւ Ս. Ղազարի համար ստանայ զանոնք. «Եթէ այդպիսի հին գրեանք Հայոց Ձեռագիրք գտանիցին առ նա, եւ կամիցի բացորոշել վասն մեր, առաւել պիտանիք մեզ եւ վասն ինքեան, յոյժ արդիւնաւոր են այդպիսի գրեանքն» (Յուլիս 1730):

Յաջորդաբար ԵԻԴՈԿԻԱՑԻ ՍԱՐԳԻՍ ԵՊՍ. ՍԱՀԱԹՃԻի Ձեռագիրներէն ստացած ենք միայն Եօթն հրաշք աշխարհի(Ձեռ. 1325):

Երբ Մխիթար Աբբահայր կը ծրագրէ Աստուածաշունչիտպագրութեան, բնագրին պատրաստութեան համար, 1731ին, կը զգայ պահանջը Ձեռագիր Աստուածաշունչի: Կը գրէ Արեւելք գտնուող իր աշակերտներուն, որպէսզի հոգան, օրինակ մը կամ օրինակներ, վճարելով հարկաւոր գումարը: 1732ին, երբ կը մօտենայ տպագրութեան թուականը, կը փութացնէ աշակերտները, որպէսզի Վենետիկ հասցնեն Աստուածաշունչը. «Եթէ երկու լինիցի՝ այլ մեծագոյն բարի է, եւ երանի՝ թէ իցէ երեք եւ չորս, վասն որոյ եթէ պատահմամբ լինիցի երկու՝ զերկոսեանն եւս յղել պարտիք» (առ Հ. Թոմաս, Պոլիս, 30 Դեկտ. 1732): Տպագրութենէն առաջ, այնու որ անհրաժեշտ կերպով պէտք ունէր Ձեռագիր օրինակներու, հրահանգ կու տայ «մինչեւ քառասուն կամ յիսուն ղուռուշ՝ կարէք գնել» (առ Հ. Թոմաս, 24 Յունուար 1732), սակայն տպագրութենէն ետք, քանի անհրաժեշտութիւնը չկար այլեւս նորանոր ձեռագիրներու, «եթէ ձրի լիցի, կամ տասն եւ կամ տասն եւ հինգ ղուռուշով՝ բե՛ր, եթէ գոյ, եւ եթէ ոչ՝ թոյլ տուր, զի ոչ է այնքան հարկաւոր այժմ» (առ Հ. Յակոբ, Էրզրում, 10 Փետր. 1734):

Բացի Աստուածաշունչէն, շատ հաւանաբար Մխիթար ծրագիր ունեցած է տպելու նաեւ Նարեկը, եւ որով կ՚ուզէ որ Աստուածաշունչին հետ գնուի Ձեռագիր Նարեկմըն ալ:

 

ՄԱՂԱՔԻԱ ԴՊԻՐ ՃԷՎԱՀԻՐՃԵԱՆ, 3 Հոկտ. 1731ին կը գրէ Մխիթար Աբբահօր, թուարկելով ունեցած Ձեռագիրները: Մխիթար մտածելով որ կարգ մը Ձեռագիրներ կրնան օգտակար ըլլալ իր աշակերտներուն ուսումին, ինչպէս նաեւ յաջորդարար հրատարակելու նպատակով, Մաղաքիայի դիմաց կը դնէ իր առաջարկը. «Ի բնաւից գրեանց քոց պիտանացուաց, եօթն գիրք, զորս ստորեւ նշանակեմ, ո՛չ գտանին առ մեզ հայ գրով, այսինքն Դիոնեսիոս, թարգմանեցեալ ի Ստեփաննոսէ վարդապետէ լեհացւոյ, Գիրք Հոգեաց, թարգմանեցեալ ի նոյնոյ, Մեկնութիւն Սաղմոսի Լամբրոնացւոյն, Մեկնութիւն Երկոտասան Մարգարէից նոյնոյ, Մեկնութիւն Գործոց Առաքելոց Յօհաննու Ոսկեբերանի (թարգմանեալ ի Գրիգորէ Կաթողիկոսէ), եւ Մեկնութիւն Չորեքտասան թղթոցն Պօղոսի նոյնոյ, եւ Վեցօրէից գիրքն Սրբոյն Բարսղի: Արդ, եթէ սոքին առձեռն պատրաստք իցէին առ մեզ, թերեւս ի գտանիլն դիպուկութիւն, զաշխատասիրելն յանձն առեալ, զոմանս ի նոցունց սրբագրեալ եւ տպագրութեամբ ի լոյս ածեալք իցէին» (28 Յուլիս 1732): Մաղաքիա դպիր բարեացակամութեամբ՝ կ՚ուզէ որ իր Ձեռագիրներէն ոմանք ղրկուին Վենետիկ, որպէսզի օրինակուին եւ բնագիրները կրկին դառնան իրեն: Մխիթար, տեսնելով անոնց բովանդակութիւնը, համաձայն չի գտնուիր դրուած պայմանին, եւ որով կը գրէ. «Գիրք ինչ այնպիսի՝ եթէ այնպէս յղիցի՝ զի առ մեզ մնայցէ, սոյնս բարի է. բայց օրինակելն եւ յղելն այդր՝ ոչ է մեզ կարելի, ուստի այսոցիկ երկուց գրեանց մինն, որ է Հոգեաց, մեք զլիակատարն ունիմք...: Գիրք Պատճառաց ո՛չ է իր ինչ եւ կամ արժանի գրելոյ. ուստի միայն զբնաբանն Դիոնեսիոսիօրինակեմք եւ յղեմք» (առ Հ. Թոմաս, Պոլիս, 19 Նոյմբ. 1733): Ասոնց հակառակ, երբ կ՚իմանայ թէ Մաղաքիա Դպիր օրինակել կու տայ Բարսեղ Կեսարացիի Վեցօրեան՝ Վենետիկ ղրկելու համար, կը պատուիրէ իր աշակերտներուն. «Եթէ հնար իցէ՝ զվարձն գրողին, եթէ չիցէ կարի ծանր, դուք կարէք տալ»: Յաջորդաբար կը յստակուի որ ընդօրինակութիւնը կատարուած է Մաղաքիա Դպիրի պատուէրով, նուիրելու համար Մխիթար Աբբայի, եւ անկարելի չէ որ սա ըլլայ Մատենադարանիս Ձեռ. 177 գրչագիրը: Նոյն նամակով Մխիթար հրահանգ կու տայ իր աշակերտներուն որ օրինակուի նաեւ Լամբրոնացիի Սաղմոսաց մեկնութիւնը «եթէ քսան կամ երեսուն ղուռուշով օրինակել տալ լինի՝ լաւ շիտակ գրողի, կարէք գրել տալ»:

1734ին Մխիթար Պոլիսէն կը ստանայ «զմի գրչագիր Նարեկ. ոչ գիտեմ թէ ո՞ է յղեալ եւ ո՞ւմ է. թէ դու յղեցեր կամ այլ nք՝ ոչ գիտեմ» կը գրէ իր աշակերտներէն Հ. Թոմասի (10 Փետր. 1734): Յաջորդաբար կը յայտնուի որ նուիրողը եղած է Մաղաքիա դպիր Ճեվահիրճեան:

 

Հ. ԳԷՈՐԳ Ա. ԱՆԹԷՊՑԻ, գիտնալով Մխիթարի միտքը, 1723ին, Թիֆլիսէն անցքին, «մինչ լեալ է մերձ Վախտան(ք) խանին, գտեալ է մերձ նորա ի հնուց ժամանակաց զմի ձեռացագիր գիրգ մի, որ Առարկութեան գիրկոչեցեալ է. զնա թքով եւ մրով օրինակեալ է Գէորգ Վրդ. ն եւ ... առ մենաստանն յղեալ է» . Պօղոս, Պոլիսէն, առ Մխիթար Աբբայ, 7 Սեպտ. 1723):

Այս շրջանիս է որ ՏԷՐ ՅԱԿՈԲ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ, ծնունդով պոլսեցի, բայց ապրած նախ Սարմատիա եւ ապա Լէոպոլիս ընդունած քահանայական ձեռնադրութիւնը, 1725-ին Վենետիկէն անցնելով՝ կ՚անդամակցի Մխիթարի Միաբանութեան: Մեր ունեցած ցանկերուն համաձայն, Տէր Յակոբ, որ անունը փոխելով կ՚ըլլայ Հայր Անտոն, հետը բերած է տասներկու Ձեռագիր, մեծ մասով օրինակուած Լէոպոլիս: Ձեռագիրներն են.

ա. Տօնացոյց (Ձեռ. 66)

բ. Յովհաննէս Կթղս., Պատմութիւն (Ձեռ. 236)

գ. Գիրիգոր Աստուածաբան, ճառք (Ձեռ. 449)

դ. Մաշտոց լեհահայոց (Ձեռ. 713)

ե. Շարակնոց (Ձեռ. 773)

զ. Շարակնոց (Ձեռ. 1365)

է. Վարդան Յունանեան (Ձեռ. 1257)

ը. Վարդան Յունանեան (Ձեռ. 1448)

թ. Գրիգոր Աստուածաբան, Ճառք (Ձեռ. 2319)

ժ. Յակոբ Մծբնայ, Ճառք (Ձեռ. 1551)

ժա. Օրագրութիւն (Ձեռ. 2382)

ժբ. ժողովածոյ (Ձեռ. 2691)

Նկատմամբ Յովհաննէս Կթղ. ի Պատմութեան, 1760ին այնպէս կը թուի՝ որ Ձեռագիրը կը կորսուի: Մելքոնեան Աբբայ մտահոգ, կը գրէ Հ. Մկրտիչ Անանեանի, որ կը գտնուէր Հռոմ. «Ծանի՛ր, զՅովհաննու կաթուղիկոսի գիրքն՝ բարւոք ճանաչես. արդ՝ ո՛չ երեւի ի վանս, գուցէ Տէր Գէորգն ընդ իւր տարեալ է աստի, զի առ նմա էր, ուստի հնարիւք տեղեկասցիս» (15 Մարտ 1760): Տէր Գէորգ՝ նախկին Հայր Գէորգն էր, որ անջատուելով Միաբանութենէն՝ կը գտնուէր Հռոմ: Հ. Մկրտիչ կը պատասխանէ. «Վասն գրքի Յօհաննէս կաթուղիկոսի եւ ես զարմացայ, եւ արդարեւ է այն գիրք անգիւտ, վասն որոյ ջանալի է գտանել: Սակայն ես ոչ կարծեմ թէ իցէ նա առ Տէր Գէորգն, այլ մանաւանդ առ մեծ Հայր Անտօնն, քանզի գուցէ նա իմս է ասելով՝ առ իւր պահեաց, քանզի զայն գիրք նա եբեր ի վանս» (21 Մարտ 1760): Եւ իրապէս յաջորդաբար Ձեռագիրը կը յայտնուի (Ձեռ. 236):

Վանքիս Ոսկեփորիկներէն առաջինը, Ձեռ. 57, յիշատակ ստացած ենք ՊԱՇՊԱԼՈՎՑԻ Պ. ԴՕՏԵՐԱՇԷՆ ՄՆՕՏՈՒԼԵՆՑԷ, Ս. Ղազարի մէջ, 18 Մայիս 1741ին, փոխարէն տալով Մխիթար Աբբահօր հրատարակած գիրքերէն Կրթութիւն աղօթից (տպ. 1717): Ձեռագիրը յաջորդաբար Հ. Ղազար Խաչատուրեան տարած ըլլալու է Պաշպալով, ուր աւարտած է ընթերցումը եւ նշած ներքին էջին վրայ. «Յամի Տեառն 1744 Մարտի 31, եզերեցի միանգամ»: Այդ թուականէն ետք Ձեռագիրը պէտք է դարձած ըլլայ Ս. Ղազար, եւ 1749ին, երբ Հ. Ղազար վերադարձած է վանք՝ ձեռագրին վրայ նշանակած է այս ծանուցումը. «Ես Հ. Ղազարոս առաքեցի զայս գիրքս ի վանս, ի ժամանակս լուսահոգի Մխիթարայ Վրդի. Աբբայ Հօր մերոյ»:

1749ին Հ. Ղազար Խաչատուրեան Պաշպալովէն միասին բերած է նաեւ Փաւստոս Բիւզանդի օրինակ մը (Ձեռ. 1188), ինչպէս նաեւ յաջորդարար Կեռլայէն Ս. Ղազար ղրկած է Աղօթագիրք մը (Ձեռ. 597), յիշատակ իր Սէֆէր հօրեղբօրմէ:

ԿԱՐՆԵՑԻ Հ. ՅԱԿՈԲ, Վարատինէն Վենետիկ ճամբայ ելլելէ առաջ՝ կը ստանայ Մխիթարի հրահանգը. «Ի գրչագիր գրեանցն, բացի Մաշտոցէ եւ եկեղեցական արարողութեանց որք գոն այդր, զամենեսեան պարտիս բերել ընդ քեզ» (16 Մայիս 1744), ու դեռ աւելի բացայայտ՝ «զմիւս գրչագիր Մէսալն՝ ընդ քեզ բերցես» (13 Յունիս 1744): Մխիթար Աբբահօր մէկ անթուակիր նամակէն (նմկ. թ. 1179) գիտենք որ ազգային մը իրմէ խնդրած է Ձեռագիր Յիսուս Որդի, ու Մխիթար կը պատասխանէ. «Զփոյթ կալեալ որոնեցաք ի մէջ գրեանց մերոց եւ գտաք»: Այս բացատրութիւնը մեզի ենթադրել կու տայ որ արդէն իսկ կազմուած էր Ձեռագիրներու հաւաքածոյ մէջ, որոնց մէջ հարկ կ՚ըլլայ որոնել՝ գտնելու համար փնտռուածը:

Բացի այս Ձեռագիրներէն, մեր ցանկերուն համաձայն, Մատենադարան մուտք գործած են Մխիթար Աբբահօր առաջին աշակերտներէն ոմանց՝ սեփական Ձեռագիրը եւ կամ ինքնագիր դասագիրքը, որոնց նմանները սովորաբար մնացած են Մատենադարանէն դուրս եւ կը պահուին վանքիս դիւանը: Այսպէս.

Թոմաս Աքուինացիի Աստուածաբանութիւն (Ձեռ. 1762), թարգմանուած Մեթոնի մէջ, ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ Հ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍէ:

Տօնացոյց (Ձեռ. 782) մըն է, որ ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ Հ. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ ստացած է: Ձեռագիրը երկար ժամանակ մնացած է Մելքոնեան Աբբահօր սենեակը. Մատենադարան անցած է 1791ին, երբ ցուցակագրուած են Ձեռագիրները:

Շարակնոց (Ձեռ. 433), օրինակուած Հ. ՊՕՂՈՍ ՏԱՅԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆէ, անձնական գործածութեան համար:

Հ. ՄԱՐԿՈՍ ԻՍԻԳՈՒՑԵԱՆի գործածած Խորհրդատետրը (Ձեռ. 1656) եւ Փիլիսոփայութեան դասագիրքը (Ձեռ. 2302):

Պատմութիւն Օսմանցւոց (Ձեռ. 2681), շարագրուած Հ. ՂՈԻԿԱՍ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻէ, հետեւողութեամբ Աբրահամ Երեւանցիի բնագրին (Ձեռ. 2717): Նոյն Հ. Ղուկասին կը պարտինք Պատմութիւն Ղափանցւոց (Ձեռ. 2685), շարադրուած ի լրոյ:

Պատմութիւն Օսմանցւոց (Ձեռ. 2683), 1743ին շարադրուած Հ. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆէ: Նոյնին ընդօրինակութիւնն է, Ն. Շնորհալիի Թուղթերը (Ձեռ. 2290), որոնք մինչեւ վերջերս մնացած էին Մատենադարանէն դուրս՝ իբր նոր Ձեռագիր:

Բացի գնուած, օրինակել տրուած կամ պարագայական կերպով հաւաքուածներէն, կը գտնենք ազգայիններու անուններ, որոնք վանքիս իբր յիշատակ թողած են Ձեռագիրներ:

Դեռ նոր հաստատուած Ս. Ղազար, Միաբանութեանս բարեկամ Յարութիւն Գէորգեան, Վիեննայէն, 26 Օգոստոս 1719ին կը գրէ Մխիթարի. «Մին ձեռացայգիր Աւետարանմաքաղաթի վերայ գրած աղարկեցի հրամանուցտ, որ վանքին իշատակ է: Այս Աւետարան տվօղըն մին քահանայ է, հայու պատարաք չաներ, ճժդ տարու է կասեն, անունն Տէր Յովաննէս է, ըստամպօլցի է»: Թէեւ չենք կարող ստուգել թէ ակնարկուած Ձեռագիրը ներկայիս ի՛նչ համարի տակ արձանագրուած է, սակայն կրնանք համարիլ որ այս Աւետարանը ըլլայ առաջին Ձեռագիրը, նուիրուած Մատենադարանիս մեր ազգայիններէն, այն է ՍՏԱՄՊՈԼՑԻ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԷ, հաստատուած Վիեննա:

Յաջորդ վկայութիւն մը կը հասնի Պոլիսէն. «Մեր եզական բարեկամն (հաւանաբար ԶՕՖՃԻ ՍԱՐԳԻՍ ՄՈԻՐԱՏԵԱՆ), զմի գիրք շնորհեաց մենաստանին մերոյ, որ է ձեռացագիր Մեկնութիւն Յօհաննու աւետարանի, զոր ընդ Թ(ոմաս) Վրդ. ին յղեմ» . Պօղոս, Պոլիսէն, առ Մխիթար Աբբայ, 16 Ապրիլ 1725):

1732ին Հ. Յակոբ Բուզայեան Պոլիսէն Վենետիկ դառնալուն, Զմիւռնիայէն անցնելուն՝ կ՚ըլլայ հիւրը տեղւոյն Առաջնորդ ՄԻՆԱՍ ԱՐՔԵՊՍ. ՓԵՐՎԱԶԵԱՆի, որ կը ստանայ Մխիթար Աբբահօր շնորհակալութեան գիրը՝ որ կ՚ըսէ. «Ի նշան մեծի սիրոյդ զվայելուչ տապասն զայն եւ զգիրք Նարեկինյղեալ ես, նաեւ զայլոց ոմանց հնոց գրեանց իաստացեալ ես, եւ որոց բնաւից վասն շնորհակալ եմք ըստ ամենայնի» (23 Յունիս 1732): Եւ իրապէս տարիներ ետք, երբ Մինաս Արքեպս. կը հաստատուի Վենետիկ, 1753-1756 տարիներուն, Մատենադարանիս կը նուիրէ.

ա. Ն. Լամբրոնացի,   Սաղմոսաց մեկնութիւն (Ձեռ. 878)

բ. Ֆրա Մարթին (Ձեռ. 284)

գ. Բժշկարան (Ձեռ. 491)

դ. Կանոնագիրք (Ձեռ. 1177)

ե. Բարթողիմէոս Եպ. ի Քարոզք (Ձեռ. 1026)

Այսպէս ահա, Մխիթար Աբբահայր իր աշակերտներուն աջակցութեամբ, կաթիլ կաթիլ կը հաւաքէ հարկաւորը, միշտ նպատակ ունենալով կազմել գրադարան մը՝ նոր սերունդին հոգեւոր կազմաւորումին համար: Մխիթար Աբբահօր կենդանութեան, Ձեռագիրները կը հաւաքուին զանազան կերպերով, այն է՝ գնելով, օրինակել տալով կամ նուէր ստանալով: Նոյն սկզբունքը կ՚որդեգրուի յաջորդ շրջանին ալ, կը փոխուի միայն գործին թափը: