Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ՇՐՋԱՆ ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ ԱԲԲԱՅ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ (1750-1799)

Մխիթար Աբբահօր յաջորդող Հ. Ստեփանոս Մելքոնեանի Աբբայութեան յիսուն տարիներուն ընթացքին, անհամեմատ կերպով կ՚աճի Ձեռագիրներու թիւը: Ներքին պահանջ մը կը զգացուի Ձեռագիրներ հաւաքելու, եւ միասնաբար ծրագիր կը դրուի, որպէսզի իրագործուի հասարակութեան փափաքը: Ծրագրի իրագործումին համար կ՚որդեգրուին բացի Հիմնադրին դրած սկզբունքներէն, սահմանել որոշ միաբաններ, որպէսզի ուղղակի կերպով նուիրուին այս սրբազան առաքելութեան:

Ստեփանոս Մելքոնեան Աբբահայր, նաեւ Ձեռագիրներու նկատմամբ ստանձնելով ամբողջական պատասխանատուութիւնը, կը գործածէ ունեցած հեղինակութիւնը, միաբաններուն կը ղրկէ պատուէրներ՝ ստանալու նորանոր գրչագիրներ, քաջալերելով անոնք՝ որոնք վանք կը հասցնեն նոյն իսկ անարժէք կարծուած գրչագիր մը: Իր օրերուն է որ Միաբանութեան մէջ կը սկսի հասուննալ Աստուածաշունչ մը տպելու գաղափարը՝ պատրաստուած շատ մը Ձեռագիրներու համեմատութեամբ. կը ծագի գաղափարը՝ վերակազմելու հայկական ծէսը, հետեւելու վաղեմի հայկական սովորութիւններուն. եւ հուսկ կը սկսի պատրաստութիւնը Նոր Հայկազեան Բառարանին, որու նախապատրաստական աշխատութիւնները կը տեւեն ճիշտ յիսուն տարի, որու ընթացքին միշտ աւելի հրամայական կը դառնայ նոր Ձեռագիրներ ստանալու պահանջը:

Այս հեռանկարով եւ կանուխէն դրուած ծրագիրով է որ կը սկսի գործը. Ս. Ղազարի մէջ օրուան կարգախօսը կը դառնայ՝ «հաւաքել շատ թիւով Ձեռագիրներ», ընտիր՝ որակով, ուր քանակն ալ պիտի ունենար իր դերը:

Այս տարիներուն է որ Պոլսոյ մեր միաբանները, իրենց հովուական պաշտօնին առընթեր, կը լծուին գործի, ջանալով գոհ ձգել Ս. Ղազարի միաբանները՝ որոնք կը նուիրուին գրական առաքելութեան, եւ որոնք իրենց զգացած պահանջները կը հասցնէին Պոլիս, իրենց եղբայրակիցներուն:

Ամէն Ձեռագիր որ մտած է Ս. Ղազար՝ ունի իր ուրոյն պատմութիւնը եւ մանրամասնութիւնը, որոնք հաւաքած ենք մեր դիւանական նամակներէն: Բնականաբար անկարելի է ամփոփել այդ բոլորը քանի մը սիւնակի մէջ՝ որ ունինք մեր տրամադրութեան: Միայն օրինակ մր տալու համար, իր բոլոր մանրամասնութեամբ կ՚ուզենք պատմել հետեւեալ դէպքը:

Հազիւ բազմած Աբբայութեան Աթոռը, ահա Մելքոնեանի անդրանիկ նամակներէն մէկը՝ ուղղուած Պոլիս, Հ. Զաքարիա Ալեքսանեանի. «Ի Վալիտէ խանն գոյ այր մի վաճառական..., Սախայ Օղլու Յարութիւն աղայ. սա ունի զԱստուածաշունչ մի ձեռագիր, ստացեալ ի բազում ժամանակաց ի կարգապետէ միոջէ Հայոց...: Ջանասցիս միջնորդութեամբ տիրացուիս ի ձեռս բերել զայս ձեռագիր Աստուածաշունչ, եւ եթէ հարկ իցէ փոխանակել ընդ միոյ կամ երկուց Աստուածաշնչից մերոց տպագրելոց՝ փոխանակեսցես. իսկ եթէ դրամով կամեսցի տալ տացես, մինչեւ ցյիսուն ղուռուշն. սակայն յառաջագոյն քննեսցես եթէ իցէ գրեալ ի հարիւրաւոր ամաց հետէ. ապա թէ յՈսկանայ իցէ օրինակեալ՝ ոչինչ է» (20 Յուլիս 1750): Առաջարկուած գումարը չափազանց էր, այնպէս որ Հ. Զաքարիա կը զգացնէ Աբբահօր. «Անվայել է զայնչափ դրամս ծախել եւ այն՝ զի առ մեծատունս գտանին (Ձեռագիրքն), որք եւ ոչ դրամով կաշառին» (28 Յուլիս 1751): Ասով հանդերձ Հ. Զաքարիա շուրջ երկու տարի հետամուտ կ՚ըլլայ գործադրելու ստացած հրահանգը՝ առանց յաջողելու, երբ յանկարծ կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր. «Աւետի՜ս Հ. Սիմոնին եւ Հ. Մկրտչին», քանի դիպուածով, տան մը մէջ կը գտնէ Ձեռագիր Աստուածաշունչը, որու տէրը վախճանած ըլլալով՝ ազգականները տրամադիր էին փոխանակել զայն տպագիր Աստուածաշունչի մը հետ. «Մի՛ դիցէ ի մտի Հ. Մկրտիչն, - կը շարունակէ Հ. Զաքարիա, - եթէ ես անհոգ էի յայսչափ ժամանակս գտանել զձեռագիր Աստուածաշունչ, շատ որոնեցի զանազան ճանապարհաւ եւ ի ձեռն բազմազան անձանց, բայց ոչ միայն ոչ կարացի ցայժմ առձեռն բերել, այլ եւ ոչ երբեք տեսի, բազումք խոստացան զմինն որ գտանիւր ուրեք, եւ ոչ գիտեմ թէ որչափ հարիւր խուռուշ խնդրէր, ցուցանել ինձ, եւ մինչեւ ցայժմ ոչ տեսի, այս որ առանց դրամոյ եղեւ գրեթէ՝ տիրական Նախախնամութեանն է»:

Այս տողերը գրելէ ետք, Հ. Զաքարիա կը գտնէ բարեկամ մը, Պետրոս անունով, որ ուղղուած էր Վենետիկ, կը յանձնէ նամակ մը եւ Ձեռագիրը, «յուսացեալ նախ ի գթութիւն Տեառն եւ երկրորդ յաղօթս Միաբանութեան...: Յորժամ ի ձեռս ձեր հասցի՝ շուտով ինձ գրեսջիք, զի գտից զսրտի դիւր եւ ուրախութիւնս լցեալ կատարեսցի» (26 Մայիս 1752):

Կը հրճուի Մելքոնեան Աբբահայր, եւ սրտով է որ կը գրէ Հ. Զաքարիայի. «Ծանի՛ր, զի զայնպիսի գործս արարեալ, ի ձեռս արկանելով զԱստուածաշունչն, մինչեւ արժան է ի յաւիտենական յիշատակն՝ յանդամանդեայ արձանս դրուագել. բայց ընդ մեզ եւ դո՛ւ աղօթեա՛, զի անվնաս ի ձեռս մեր հասցէ» (6 Օգոստ. 1752):

Ամիս մը ետք Անգոնայէն կը հասնի Հ. Զաքարիայի ղրկած նամակը, բայց ոչ Ձեռագիր Աստուածաշունչը, ու Աբբահայրը չափազանց մտահոգ, վախնալով որ Ձեռագիրը կա՛մ կորսուի, կամ ծախուի, որովհետեւ Պետրոսին ծանօթներէն եւ նոյն իսկ ազգականներէ կ՚իմանայ թէ ան խախուտ նկարագրով է եւ ձեռքէն կու գայ ամէն տեսակ անիրաւորութիւն. «ԶԱստուածաշունչն ձեռագիր, ընդ վշտագին Հ. Մկրտչին ողբասջիր, - կը գրէ Աբբահայրը Հ. Զաքարիային, 20 Հոկտեմբեր 1752ին, - որ զքեզ անոյշ կծութեամբ մեղադրէ, զի զմատեանն զայն զամենատենչն եւ զամենապէտն, չտուեալ ի ձեռս խափուտանի ֆռէնկի, որում թէ միլիօն ունիցիս՝ յանձնեա՛, եւ հայոց՝ եւ ոչ մի դանկ. ետուր ի ձեռս որդւոյ հաճի Եղիային, ընդ որ եղբարք նորա զարմացան, քանզի ասեն՝ ծանծաղամիտ է նա եւ կիսայիմար..., զի Անտօն եղբայրն նորա ասէ թէ առաջի նորա իբրեւ շիւղ մի է մատեանն այն. վասն որոյ ի կասկածի եմք թէ կա՛մ մոռանայ ուրեք ի խորշի, կամ թէ ոք առնու ի ձեռաց նորա, կամ թէ ինքն առ ի չգոյէ դրամոյ՝ ոչինչ գնոյ վաճառէ»:

Աբբահայրը լիուլի իրաւունք ունէր: Պետրոս Պոլիսէն կը մեկնի Իզմիր, դրամի պէտք ունենալով՝ վեց ղուռուշի փոխարէն՝ Ձեռագիրը գրաւի կը դնէ Վենետիկի դեսպանին մօտ. ապա չարագործութեան մը համար կը մտնէ բանտ, ուրկէ ազատելով՝ կը փախչի քաղաքէն: Հ. Զաքարիա հազիւ թէ կ՚իմանայ, կը գրէ Զմիւռնիա, մերս միաբան Հ. Ներսէսի եղբօր՝ Կարնեցի Նահապետ Համբարեանի, որ կը վճարէ հարկաւոր գումարը ի հաշիւ Հ. Զաքարիայի, կ՚ազատէ Աստուածաշունչը եւ կը ղրկէ Ս. Ղազար, ուր կը հասնի 19 Օգոստոս 1753ին, ստանալով 1634 համարը:

Տասնեակ տարիներ ետք կ՚իմանանք թէ Աստուածաշունչին տէրը եղած է Թօխաթեցի Յովհաննէս Վրդ. մը, աշակերտ էրզրումցի Խաչատուր Վրդ. Առաքելեանի: Յովհաննէս Վրդ. իր սեփական գիրքերը սնտուկի մը մէջ զետեղելով՝ յանձնած է ի պահ Պոլսոյ Ղալաթիոյ թաղը բնակող Չուխաճի Սահակի եւ ուրիշ քաղաք երթալով՝ վախճանած: Յովհաննէս Վրդ. ի ժառանգները կը սկսին պահանջել գիրքերը, մանաւանդ որ բացայայտ կերպով գիտեն թէ անոնց մէջ կը գտնուէր Աստուածաշունչ մը: Այս մանրամասնութիւնը մեզի կ՚աւանդէ Հ. Յակոբոս Չամչեան, Պոլիսէն, 27 Դեկտեմբեր 1762 թուակիր նամակով, ուղղուած Աբբահօր:

Ուզեցինք մանրամասնել Աստուածաշունչին պատմութիւնը, յայտնելու համար մեր միաբաններուն սրտին խորհուրդներն ու թաքուն զգացումները՝ հանդէպ Ձեռագիրներուն: Եւ իրապէս ամէն անգամ որ Ս. Ղազար մեր միաբանները կ՚իմանային թէ Ձեռագիրներու խումբ մը ճամբայ դրուած է Պոլիսէն, աղօթքով, յուզումով եւ ծարաւով է որ կը սպասէին եւ կ՚ողջունէին իւրաքանչիւր հատոր, ինչպէս պիտի տեսնենք յաջորդաբար:

Երբ Մելքոնեան Աբբայ 1752ին կը գրէ Հ. Գէորգին, - որ կը գտնուէր Արեւելք՝ ի խնդիր Ձեռագիրներու, - գտնել Ձեռագիր Հայր Մաշտոց մը, բովանդակող բոլոր տեսակի կանոններուն, Հ. Գէորգ կը պատասխանէ թէ դժուարին է գտնել նման Ձեռագիր, որովհետեւ Մաշտոցը ըլլալով առձեռն գործածութեան՝ իւրաքանչիւր քահանայ օրինակել կու տայ՝ իրեն համար հարկաւորը: Ասով հանդերձ Հ. Գէորգ կը խոստանայ «որչափ հնար է եւ զայն հոգալ ոչ դանդաղիմ, վասն որոց խնդրեալ էք զՄաշտոցն՝ ես հասկացայ եւ բարւոք գիտեմ» (Մերտինէն, 20 Սեպտ. 1752), ակնարկելով Մաշտոցի տպագրութեան մը պատրաստութեան, որու ծրագիրը կար վանքին մէջ: Նմանապէս երբ Մելքոնեան Աբբայ Հ. Գէորգին կը յանձնարարէ գտնել ուրիշ Ձեռագիր Աստուածաշունչ, Հ. Գէորգ չի ծածկեր իր զարմանքը՝ գրելով. «Զարմանամ, չեղե՞ւ բաւական իմ երեք ձեռագիր Աստուածաշունչքն զորս յղեցի» (Պոլիսէն, առ Աբբ. 31 Յունուար 1756):

Նոր Ձեռագիրներ ստանալու ակնկալութեամբ է որ 1756ին Մելքոնեան դարձեալ հրահանգ կու տայ Հ. Զաքարիային, որ կը գտնուէր Պոլիս. «Ծանի՛ր, Հ. Զաքարիա, ի յԱխծխայ գոյ քահանայ մի, անուն Տէր Յօհաննէս, որ է պապն Պօղոս վրդ. ին, որ նորապէս ել գօլէճէն եւ ընդ Հ. Յովսեփին եկն այդր եւ գնաց յԱխծխայ: Այս Տէր Յոհաննէս եւ Պօղոս վրդ. իս, երկոցունց ի միասին, պարտիք յղել զԱստուածաշունչ մի (տպագիր) այտի, ապահով ճանապարհաւ եւ ձեռամբ հաւատարմի ուրումն, եւ այս ձրի ի պարգեւ...: Թերեւս սոյն Պօղոս վրդ. ս յղեսցէ զոմանս ձեռագիր գիրս ձեզ, զի մեզ հասուսջիք» (24 Ապրիլ 1756):

1768ին Մելքոնեան կը պնդէ. «Պիտին մեզ աստ ձեռագիր Աստուածաշունչք քանի մի հին օրինակ, եւ թէպէտ ունիմք զոմանս, բայց այնք չեն բաւական, ուստի եթէ կարես ի ձեռն բերել մի կամ երկու լաւ անսխալ եւ հին օրինակ, ջանասջիր բերել ի ձեռս, թէեւ քանի մի ղուռուշ գնասցէ, եւ հասուցանել մեզ. եւ զայս ոչ միայն ի Ստամպօլ կարես որոնել, այլ եւ արտաքոյ՝ ձեռամբ բարեկամաց, եթէ հնար է» (Աբբ. առ Հ. Զաքարիա, Պոլիս, 17 Դեկտ. 1768):

Մելքոնեան Աբբահօր նամակները բազմաթիւ են այս ուղղութեամբ: Ան իբր իմաստուն ղեկավար եւ քաջ հովիւ, կը հետեւի բոլոր շարժումներուն, նամակագրական բոլոր լուրերուն, եւ ամէնուն ունի քաջալերական խօսք մը, ցուցմունք մը, որոնց մենք ալ պիտի հանդիպինք՝ մեր յաջորդ տողերուն մէջ:

Հ. ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԴԵՐԵՍԵԱՆ (1700-1767)

 

1757ին Պոլիսէն Վենետիկ կը մեկնի Կարապետ Չամչեան, ապագայ Հ. Միքայէլ Չամչեանը: Պոլիս իր վրայ գուրգուրացողը եւ դէպի Վենետիկ ճամբայ հանողը եղած է ծերունի Հ. Միքայէլ Սեբաստացին, միասին ղրկելով «փոքր ձեռագիր Մաշտոց, զոր ետ Տէր Գրիգորն, հայրն Հ. Դանիէլին» (առ Աբբ., 21 Մարտ 1757): Աւգերեան Ցուցակին մէջ չենք գտներ ՏէՐ ԳՐԻԳՈՐ ՇէՐՊԷԹԵԱՆի անունը, եւ որով կը դժուարինք ստուգել Մաշտոցին համարը:

Հ. ՂՈՒԿԱՍ ՍԵԲԱՍՏԱՑԻ (1709-1752)

 

Վանքիս ժամանակագիրին համաձայն՝ Հ. Ղուկաս սահմանուած էր «վասն Հայաստան աշխարհի»: Հ. Ղուկաս կը մեկնի Արեւելք՝ 1750ի Յունիս ամսուն սկիզբը: Դաւանական վէճերու հետեւանքով՝ չի կրնար նուիրուիլ այն նպատակին՝ որու համար ճամբայ ելած էր: Պոլիսէն կ՚անցնի Թոխաթ, Սեբաստիա, Բրգնիք, կը ծրագրէ հասնիլ Սպահան, անցնելով Ատանայէն ու Հալէպէն, բայց միջանկեալ կ՚ապաստանի Տիգրանակերտ, ուրկէ կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր. «Վասն ձեռագիր գրեանց, որչափ կարն է՝ հոգամ, նաեւ Գրիգոր աղայն լուեալ թէ յԱրղնու վանսն, որ հեռի է ի քաղաքէս երկօրեայ ճանապարհաւ, գտանի գիրք ինչ գրեալ իբր հազար հարիւր ամաց հետէ, եւ այլ երեք գիրք ի վաղ ժամանակաց հետէ, ջանայ տալ բերել աստ, միջնորդութեամբ Առաջնորդի քաղաքիս, եւ առնուլ ի նմանէ վասն մեր» (1 Յունիս 1751): Միշտ նոյն նիւթին նկատմամբ Աբբահօր գրած էր. «Վասն ձեռագիր գրեանց, եւ մանաւանդ վասն Ճառընտրին, կրկին կրկին յանձնեցի բարեկամաց Սեբաստիոյ, նաեւ աստ հոգ տանիլ, գտանել» (23 Ապրիլ 1751):

Հազիւ երկու տարի կը մնայ իր պաշտօնին վրայ, եւ Մուշ չհասած, Առինճ գիւղին մօտ կը վախճանի, 1752 տարւոյն Սեպտեմբերի սկիզբը: Մահէն ետք Վենետիկ կը ղրկուին իր հաւաքած Ձեռագիրներէն եօթը հատոր, որոնք հաւանաբար անարժէք ըլլալով՝ չեն անցած Մատենադարան, եւ կամ զանց եղած է նշանակել անոնց վրայ Հ. Ղուկասի անունը: Թէեւ չէ յաջողած հաւաքել մեծ թիւով Ձեռագիրներ, որու համար ճամբայ ելած էր, սակայն իր համակրելի ու սրբակեաց կենցաղով՝ առինքնած էր սրտերը եւ պատրաստած հողը, որպէսզի իրմէ ետք անցնողը՝ հաւաքէր իր ցանածը: Արդարեւ ժամանակագիրը կ՚ըսէ թէ յաջորդաբար Հ. Գէորգ կը ստանայ բազմաթիւ Ձեռագիրներ, որու մէջ արժանիք ունի «խոհականն» Հ. Ղուկաս:

Հ. ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ (1710 - 1780)

 

1756ին, երբ Հ. Գէորգ գաւառներէն Պոլիս կու գայ, Վենետիկ մեկնելու համար, բացի իր հաւաքած քանի մը Ձեռագիրներէն, Ս. Ղազար կը տանի խոտրջրցի Տէր Յակոբ Ղազարեանի ղրկած Ձեռագիրները, ինչպէս նաեւ Պոլիս գտնուող Հ. Իգնատիոս Խաչատուրեանի ջանքերով գտած կամ գնած Ձեռագիրը, այսինքն՝

ա. Ճաշոց (Ձեռ. 921)

բ. Շարակնոց (Ձեռ. 15)

գ. Տօնացոյց Լատինացւոց (Ձեռ. 1256)

դ. Տօնացոյց (Ձեռ. 635), կազմուած Եր. Տէր Կոմիտաս Քէօմիւրճեանէ:

Վերջին երեք Ձեռագիրները Հ. Իգնատիոս վանքիս համար յիշատակ ստացած է ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԶԱՏԻԿԵԱՆԷ: Ձեռագիրներու այս խումբը Ս. Ղազար կը հասնի 26 Փետրուար 1756ին:

Հ. ԶԱՔԱՐԻԱ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ (1711 - 1793)

 

Այնպէս կը թուի որ Հ. Զաքարիա բաւական թիւով Ձեռագիրներ հասցուցած է Ս. Ղազար, յատկապէս սկզբնական շրջանին (1750-1760), որոնց յիշատակութիւնը չենք գտներ Աւգերեան Ցուցակին կամ Ձեռագիրներու վրայ: Մեր այսպէս ըսելուն պատճառը այն է՝ որ Ձեռագիրներու նկատմամբ շատ պատուէրներ ստացած է վանքէն, ըլլա՛յ Մելքոնեան Աբբահօրմէ, ըլլա՛յ միաբաններէն, եւ շատ հաւանաբար գոնէ մասամբ գոհացուցած է զիրենք, ինչպէս տեսանք Աստուածաշունչի պարագային, որու պատմութիւնը ըրինք վերեւ:

 

1760ին Հ. Զաքարիա Պոլիսէն կը գրէ թէ Վենետիկ կը ղրկէ «Ձեռագիր անշահ գրեանս ինչ, զորս Քիւրքճիօղլու Տէր Ստեփանն ի Թօխաթու առաքեալ էր ինձ» (առ Աբբ. 19 Յուլիս):

1768ին Պոլսոյ Պատրիարքարանէն Հ. Զաքարիա բարեկամներու ճամբով կը յաջողի ստանալ Յայսմաւուրք մը, բայց ոչ իբր պարգեւ, այլ «տուաւ էիրէթի, զոր զկնի միոյ տարւոյ ունիմք դարձուցանել առ տէր իւր ի Պատրիարքարանն» . Զաքարիա, Պոլիսէն, առ Աբբ., 15 Փետր. 1768):

Նոյն ձեւով Հ. Զաքարիա յաջողցուցած է յաջորդ առիթով մըն ալ՝ փոխ ստանալ Ձեռագիր, ղրկելու համար Վենետիկ՝ ընդօրինակութեան կամ բաղդատութեան համար: Կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր, «Խուլէլիօղլու Աբրահամ աղան ունի տալ մեզ էրեիէթի, եւ ոչ մեզ լինել այնց սեփական, զերկու ձեռագիր գրեանս, այսինքն զմի վաղնջական եւ պատուական Աստուածաշունչեւ զմի գիրք Պատմութեան Հայոց։Եւ ասէ թէ մինչեւ ցամն երիս ի վանքն կարեն պահել եւ զննել որպէս եւ կամին, եւ յետոյ անդրէն առ իս դարձուսցեն: Յաւուրս յայսոսիկ տալոց է մեզ զայն, եւ ես ապահով նաւաւ ունիմ առաքել առ ձեզ: Բայց փոխարէն այսմ խնդրէ ի մէնջ զմի ի մեր տպագրեալ Աստուածաշնչէն փառաւոր եւ յոյժ ընտիր կազմած, եւ կամի ձրի առնուլ ի մէնջ... » . Զաքարիա, Պոլիսէն, առ Աբբ., 15 Յունիս 1769):

Նոյն առաջարկը կը կրկնուի Պոլսոյ մեր բարեկամներէն մէկէն, որ կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր 2 Հոկտ. 1769ին. «Եւ արդ հրամանքդ այս թուղթս հասածին պէս, առջի ելած քուռիերով Խուլելեան Աբրահամ աղայենց մասնաւոր մխիթարական եւ փառաւոր օրհնութեան գիր խըրկես շուտով լաւ է, զէրէմ սոյն Աբրահամ աղային քով 800 տարուան հին ձեռագիր Աստուածաշունչմը կայ, որ մեք սաթաշմիշ եղեր ենք առնելու, չեմ ի տար պաղըշլամիշ ընելու կասէ, այլ փոխ կու տամ՝ մինչեւ երեք տարի ըսաւ, եւ մէկ հին Պատմութեանց գիրքալ կայ, զայն ալ փոխ կու տամ ըսաւ: Ուստի զայսոսիկ յիշէ շնորհակալութեամբ թղթիդ մէջ: Մեք անդադար ջանքերնիս այս է որ մեր վանքին ինչ կերպով շահ ըլլանէ կու հետեւինք» (Պետրոս Տի Զաքարիա, Պոլիսէն):

Մելքոնեան Աբբահայր համաձայն է դրուած պայմանիս, երբ կը գրէ Հ. Զաքարիայի. «Աբրահամ աղայի Ղուլէլեան յանձնեալ ձայնաւոր (պատարագ)ն եւ պաշտօն՝ կատարեցաք, եւ գրեցաք եւս նմա զգիր մխիթարութեան: Սպասեմք գալստեան այն ձեռագիր Աստուածաշնչին եւ Պատմութեան գրքին, զոր երեք տարւով տալոց է մեզ Աբրահամ աղայն: Եւ մեք վասն նորա տուաք կազմել զԱստուածաշունչ... » (11 Նոյմբ. 1769): Կը պակսին մեզի յաջորդ մանրամասնութիւնները:

1771ին Հ. Զաքարիա, առանց մանրամասնելու Պոլիսէն ղրկածը, կը գոհանայ գրելով. «(Առաքեցի) զերկու ձեռացագիր գրեանս եւ զերկու գիրս հերետիկոսապետին Մխլեմի» (առ Աբբ., 31 Օգոստոս):

Հ. Զաքարիա Ալեքսանեանի մասին անդրադարձած ատեն, կ՚ուզենք արձանագրել իր տուած ծանօթութիւններէն երկու հետաքրքրական մանրամասնութիւն, որ կրնայ կարեւոր ըլլալ պատմութեան համար:

Սա Պոլիս գտնուած շրջանին, ունի նամակ մը, 12 Փետրուար 1769 թուակիր, ուղղուած Մելքոնեան Աբբահօր՝ որու կր գրէ. «Քաբուճին պատրի ոմն Փրանսըզ, անուն Յովսէփ, առաքեալ ի գրքապետէ փրանսըզ թագաւորին, եկեալ էր այսր ուսանել զհայերէն լեզուն, որպէսզի յետոյ երթեալ ի Ֆրանսայ՝ թարգմանեսցէ զհայ գրեանս զեղեալս անդ ի թագաւորական գրատան: Սա պատմէր թէ բազում ձեռագիր գրեանք հայոց կան անդ, իբր երկու հազար կտորք եւ քանի մի եւս հին ձեռագիր Աստուածաշունչք: Արդ այս պատրի չգտեալ աստ զլաւ ուսուցիչ, ահա չուէ գալ այդր, որպէսզի ի մէնջ ուսցի զհայ լեզուն, զոր ուսումն կարծեմ լաւ կարէ առնել նմա մեր Հ. Վրթանէսն, որ ըստ մեծի մասին կայ ի Վենետիկ...: Ես կարծեմ զի եթէ արասցուք նմա զայս շնորհ՝ բազում բարիք ծագին մեզ. մի՛ զի ի դառնալ նորա ի Ֆրանսայ՝ կարէք ընկերակցել ընդ նմին զոմն ի մէնջ, զոր օրինակ զՀ. Մինասն, զի զձեռագիրս հայոց անդ եղեալս քննեսցէ...:

Յուսամ թէ այսու լնանին փափաքք մեր Հ. Մինասին, եւ որոց սորա սակի են ի գտանիլ զձեռագիր Աստուածաշունչս...: Բազում ինչ ունիք լսել ի պատրուն վասն հայ ձեռագիր գրեանց՝ ի խօսելն ձեր ընդ նմա»:

Տարիներ ետք, Վենետկեցի անուանի իտալացի ազնուական մը, Նանի անունով, բարեկամ եւ մտերիմ Մխիթար Աբբահօր, երբ կը փափաքի որ իր հաշուին Պոլիսէն գնուին արեւելեան լեզուներով Ձեռագիրներ, Մելքոնեան Աբբահայր Հ. Զաքարիային կը յանձնէ խնդիրը, որպէսզի գնէ Ձեռագիրներ՝ արաբերէն, պարսկերէն, տաճկերէն կամ հայերէն: Հ. Զաքարիա կը պատասխանէ. «Դժուարին է մեզ առձեռն բերել զայնս, եւ զայս վասն երկուց, նախ՝ զի յայսոսիկ վերջին ամս այնչափ մաղեցին Ստամպօլ խնդրակք գրոց եւ տետերց ձեռագրաց ո՛ եւ իցէ ազգաց՝ ֆռանկք, մանաւանդ ֆրանսըզք եւ ինկիլիզք, դնելով զայնս ծանու գնով՝ մինչեւ գրեթէ սպառեցան այն գրեանք, եւ վաճառողքն եւս ուսան ծանու գնով վաճառել եւ զփոքր տետրակ մի: Երկրորդ, չորս եւ հինգ լիրէով՝ որով այդ սեպուհ (Նանի) խնդրէ զձեռագիրս, ոչ տան այդու գնով եւ ոչ զփոքրիկ տետրակ մի ծալեալ ին օթթաւօ, մանաւանդ տաճիկք, որք զայնպիսի մի տետրն երկու եւ երեք ոսկիով հազիւ գրեն եւ հազիւ տան» (22 Հոկտ. 1783):

Հ. ՍԻՄՈՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՐԵԱՆ (1711-1757)

 

Ստեփանոս Մելքոնեանի Աբբայութեան օրերուն՝ Ս. Ղազարի մէջ Հ. Սիմոն կը ներկայանայ գլխաւոր անձը՝ որ կը մարմնացնէ Ձեռագիրներու հետաքրքրութիւնը: Ինքն է որ Պոլիսէն կը խնդրէ ստանալ Ձեռագիր Ճարտասանութեանգիրք մը եւ կը ստանայ Հ. Զաքարիայի պատասխանը թէ «Յոյժ որոնեցի զՃարտասանութիւն ինչ շարադրեալ ի հնոց, եւ ոչ գտաւ, եւ զայլ Ձեռագիրսն զորոց գրեալ էր, ոմանք գտան, բայց տէրն անկարելի թէ տացէ, իսկ թէ տացուք օրինակել՝ մինն երկու հարիւր ղուռուշով ոչ լինի» (առ Աբբ., 21 Մարտ 1751):

Այս գաղափարին եւ այս շարժումին հետեւանք է վանքին մէջ Հ. Սիմոնի մշակած միւս ծրագիրը, այն է՝ տպելու հայկական Խորհրդատետրիր հարազատութեամբ, որու համար պէտք ունէր Ձեռագիրներու. «Յայսոսիկ յաւուրս գնեաց Գերյարգելի Աբբահայրն մեր զՄեկնութիւն խորհրդատետրինմերոյ իտալերէն եւ լատիներէն, արարեալ ի Ֆրանսիա, յորում սքանչելի ջատագովութիւնք եւ գովեստք գտանին ի վերայ Հայոց ազգին եւ ի վերայ ծիսից եւ արարողութեանց նորա, մինչեւ փորագրեալ տպել եւ զպատկեր հայոց քահանային՝ ամենայն քահանայական զգեստուք հանդերձ, եւ սարկաւագաց եւ դպրաց, քշոցիւք եւ ծնծղայիւք, այլ եւ ժողովրդականաց, թէ զիարդ առաջիկայ լինին սուրբ պատարագին եւ յաղօթս կան յեկեղեցւոջ՝ արքն մեկուսի ի կանանց: Զայս ծանուցի հայրութեան քում, աղաչելով զհայրութիւնդ ամենայն ջանիւք ի ձեռս բերել զԽորհրդատետրսձեռագիրս, երիս կամ չորս, որովք վարին այժմ հայք, նաեւ զձեռագիր Տօնացոյցս, զի այս հեղինակս խօսի ինչ եւ զտօնից հայոց, գովէ միանգամայն եւ զհանդէսս, վասն սաստիկ ախորժելոյն զարարողութիւնս Դռնբացէքին, եւ զբանս նորա թարգմանեալ է ի լատին: Գովէ ըստ արժանեաց եւ զՇարակնոցիներգսն եւ զբանս, ոչ ճէնեալութեամբ՝ այլ խոհեմութեամբ եւ բազմօրինակ պատճառանօք եւ վկայութեամբ մեծամեծ հեղինակաց հաստատէ, թէպէտ ի սակաւ ինչ բանս վրիպի՝ յաղագս անտեղեակ լինելոյն արեւելեան սովորութեանց: Աղաչեմ եւ կրկին աղաչեմ, բարւոք տեղեկասցիս ամենայն արարողութեանց...: Զընտիր Շարականինչ եւ Ժամագիրքեւ Տօնացոյցեւ Խորհրդատետրի բազում ձեռագրաց յօրինել կամիմ, հանդերձ նօթայիւք, վասն այն զյաճախութիւն սոցա խնդրեմ ի հայրութենէդ» (առ Հ. Զաքարիա, Պոլիս, Մայիս 1753):

Մելքոնեան Աբբահայր թարգման հանդիսանալով Հ. Սիմոնի փափաքներուն, 22 Յունուար 1755ին կը գրէ Հ. Զաքարիային (Պոլիս). «Հ. Սիմօնն խնդրէ թէ գտցես կերպ ուխտելոյ հայոց կրօնաւորաց գրեալ, եւ եպիսկոպոսի օրհնութեան ձեռնադրութեան, ջանասցիս զմի օրինակ մեզ հասուցանել»:

Քանի մը ամիս ետք Աբբահայրը դարձեալ կը յիշեցնէ Հ. Զաքարիայի. «Քննեա՛ եւ որոնեա՛, եթէ գտանի այնպիսի գիրք կամ ձեռագիրք կամ պասմայ, յորում իցէ կերպ ձեռնադրութեան եպիսկոպոսի, վարդապետական իշխանութիւն տալոյ եւ կրօնաւորական ուխտադրութիւն առնելոյ հայոց, զի յոյժ հարկաւոր է մեզ, եւ ջանայ զայսպիսի ինչ ի ձեռն բերել եւ հասուցանել մեզ» (9 Սեպտ. 1754):

Պոլիսէն Հ. Իգնատիոս Խաչատուրեան կու տայ լուծումը Հ. Սիմոնի սպասումներուն, դնելով զինքը իրականութեան դիմաց. «Զձեր խնդրեալ հայոց զՀայր Մաշտոցն ստէպ հարցեալ այսր անդր, ոչ ուրեք գտաք, բայց գտանի, ասացին, զայն ի վանս Հայոց յԱրեւելս, յԱնկիւրիայ եւ այլուր, եւ զայն եւս ոչ տան արտաքս, որպէս լուաք յոմանց: Սակայն աստ գտի միայն զԵպիսկոպոս օրհնելոյ կարգն եւ զեկեղեցի օրհնելոյ, եւ ոչ գոյ ինձ ժամանակ օրինակելոյ զայն: Իսկ զհասարակ Մաշտոցն, զոր եւ մեք ունիմք ի վանս տպագրեալ աստ, ոչ առաք, զի ծանրագին է: Այլ զԳիրս Ձեռնադրութեան ո՞ տայ մեզ եւ մեք ոչ առնումք, գոհութիւն Տեառն՝ զի մեք ունիմք եւ զայն ձեռագիր: Դու մի՛ մեղադիր լինիր մեզ, թէ անփոյթ եմք հոգալ զձեռագիրս, զի ի խնդիր նոցա եմք. բայց ի տունս այժմ ոչինչ գոյ յայսպիսեաց աստի: Գուցէ ի Պատրիարքարանին գտանիցի. այլ մեք ոչինչ կարեմք հանել անտի» (առ Հ. Սիմոն, 17 Մայիս 1756): Հ. Իգնատիոս տեսնելով թէ Հ. Սիմոն կը պնդէ անպայման ունենալու ուզածը, կը գրէ Աբբահօր. «Վասն Հայր Մաշտոցին՝ խօսեցայ ընդ Տէր Եղիազարին, որդւոյ տիրացու Մաղաքիային, եւ նա ասաց թէ հայր իմ ունէր զայն, բայց Պատրիարքն էառ ի ձեռնադրութեան կաթուղիկոսին եւ ոչ եւս ետ յետս: Իսկ յաղաչել իմ գտանել գոնէ զայլ օրինակ ուստեք, խոստացաւ առնել զայն: Հայր Սիմոնն կարծէ թէ ի Կոստանդինուպօլիս ամենայն ուրեք գտանին խնդրեալ գրեանքն իբրեւ ի գրանոցի սրբոյն Մարկոսի: Սակայն ոչ է այնպէս, զի թէպէտեւ գտանիցին ի Պատրիարքարանին, բայց ոչ ելանեն անտի արտաքս» (11 Դեկտ. 1756):

Հ. Սահակ, գիտնալով Հ. Սիմոնի փափաքները, Վիեննայէն կու տայ իրեն ուրախ լուրեր. «Հ. Սիմոնին տո՛ւք աւետիս, թէ գտանի առ որդին Սեղբոսի Խաչատուր աղային, ի Կոստանդինուպօլիս, գրեանք հնագոյնք հայոց յոյժ բազում, որ այժմ է օրթան, ընդ Ճնդլումեան Անտոն աղային, սորա միջնորդութեամբն հնար է թէ զքանի ինչ գրեանս ի ձեռս բերցուք» (առ Աբբ. 26 Հոկտ. 1754):

Հ. ՄԿՐՏԻՉ ԱՆԱՆԵԱՆ (1715-1777)

 

«ճշմարիտ աշակերտ Մխիթարայ Մեծի Աբբայ Հօր՝ Հ. Մկրտիչ Վրդ. ն մեր Անանեան, Կոստանդնուպօլսեցի, այր լի հոգւով եւ զօրաւոր բանիւ եւ գրով, որոյ նմանն ոչ եղեւ յետ Հիմնադրին մերոյ ի կարգի հանճարոյ եւ գիտութեան, գործակից գոլով Հօր մերում ի յօրինուած առաջնոյ հատորոյ Բառարանի եւ կատարիչ երկրորդ հատորոյն, միանգամայն եւ աջակից յաջորդի նորա Ստեփաննոսի Աբբայի Մելգոնեան» (ժմկգր., Հտ. Բ. էջ 177): Այս գովասանքը կու տայ Հ. Մկրտիչ Աւգերեան իր անուանակցին, որու գործը շարունակողը եւ գերազանցողը եղած է ինքը՝ Հ. Մկրտիչ Աւգերեան:

9 Յունուար 1756ին կը մեկնի Վենետիկէն Պոլիս, թէ՛ քարոզութեան, թէ՛ միաբանական հարցեր լուծելու եւ թէ Ձեռագիրներ հաւաքելու համար, ու իր վառվռուն կորովի նկարագիրով՝ կը յաջողի բոլոր մարզերուն մէջ: Պոլիս հասնելէն տարի մը ետք՝ կը գրէ Աբբահօր, «Քառասուն եւ յիսուն ձեռագիր գրեանս առի, յորոց միջի կան բազում Մաշտոցք եւ այլք հարկաւորք մերոյ դիտաւորութեան, յորս է նաեւ գիրք մի, յորում գրեալ կայ ամենայն պարագայիւք, թէ հայք որպէս առնեն զկրօնաւորս, որ յոյժ բարւոք կարէ ըստ ժամանակին մուծանիլ ի կացութիւնն մեր» (15 Փետրուար 1757): Քանի մը ամիս ետք Հ. Մկրտիչ ուրախութեամբ կ՚աւետէ Աբբահօր. «Այլ ի վեր քան զամենայն հարկաւոր եւ մեզ լուսաւորչական եւ յոյժ բերկրական այս է, զի ես ըստ որում պնդեալ եմ զհետ գտանելոյ զհին գրեանս, գտի զմի թերատ եւ փոքր Յայսմաւուր, գրեալ իբր ի  հինգհարիւր ամաց հետէ, յուզեցի զթուղթսն եւ գտի ի նմա գիր մի ամենայն ուրախութեան արժանի... » (17 Օգոստ. 1757): Այնպէս կը թուի որ Հ. Մկրտիչ այս Ձեռագիրը գործածած է, բայց չէ ստացած:

Հ. Մկրտիչ Պոլիս գտնուած շրջանին, վանքէն Հ. Սիմոն կը հասցնէ իրեն Աբբահօր փափաքը. «Մեծաւ փութով խնդրել գտանել զձեռագիրն Սարգսի՝   Մեկնութիւնն ի վերայ Կաթողիկեայց, որոյ պատճառն է նախ՝ զի ի տպագրեալն բազում ինչ փոփոխեալ են, զոր եւ հայրութիւնդ գիտէ, եւ երկրորդ՝ զի այն ձեռագիրն զոր եբեր առ մեզ Հ. Վրթանէսն, բազում իրօք պակաս է, քանզի յորդորակքն գեղեցիկք՝ ոչ գոն ի նմա, այլ եւ բանք բազումք համառօտեալ են յոլով ուրեք եւ խանգարեալք. ուստի ցանկալով ունել զլիակատար ձեռագիրն նորա՝ կամի եւ յորդորանօք պատուիրէ գերապատիւ Աբբահայր մեր ի ձեռս բերել զնոյնն ի փառս Տեառն եւ յօգուտ մեր եւ ազգին մերոյ» (8 Նոյմբ. 1756):

Սարգիս Շնորհալիի Ձեռագրին մասին, Հ. Մկրտիչ Աւգերեան վանքիս Մայր ժամանակագրութեան մէջ 1756 տարուան մէջ արձանագրած է. «Զբռամբ էած Հ. Մկրտիչն, գնելով ի տպագրատունէն Հայոց՝ զբուն մեծ օրինակն ձեռագիր, զոր խանգարելով իւրովք յաւելուածովք տպեալ էր տիրացու Պաղտասարն Թէռլիկճի. եւ յայնմհետէ շինեցան միտք մեր ի վերայ Շնորհալիցն Սարգսի» (էջ 108բ): Այս ծանօթութեամբ հանդերձ՝ չկրցանք ստուգել թէ մեր ունեցած օրինակներէն ո՛ր Ձեռագրին է Հ. Մկրտիչ Աւգերեանի ակնարկը:

Հ. Մկրտիչ Անանեան ստացած է ուրիշ հրահանգ մը եւս, որ լիով գործադրած է, այն է՝ «Տէր Գէորգն, որ ի վանս մեր, ասաց թէ ունիմ զգիրք մի ձեռագիր Վարք սրբոյն Յօհաննու Ոսկեբերանին՝ առ Տէր Անտոնի Մուրատչայեան, այսինքն առ եղբօր Հ. Յովսեփին մերոյ, զոր առեալ է նա առ ի օրինակել, եւ մինչեւ ցայժմ չէ տուեալ կամ առաքեալ, ուստի առէ՛ք ի նմանէ զայն եւ յղեցէ՛ք ի վանս» (Աբբ. առ Հ. Մկրտիչ, 21 Նոյմբ. 1756):

Իսկ վերեւ յիշած քառասուն կամ յիսուն Ձեռագիրները ե՛րբ մտած են Ս. Ղազար՝ չունինք ճշգրիտ թուականը. շատ հաւանաբար անձամբ բերած է Պոլիսէն՝ 30 Յունուար 1759ին: Մենք հետեւելով Աւգերեան Ցուցակին, ինչպէս նաեւ Ձեռագիրներու մէջ նշանակուած ծանուցումներուն, կրցանք ստուգել միայն երեսուն եւ հինգ Ձեռագիրներ՝ որոնք արդիւնքն են Հ. Մկրտիչ Անանեանի առաքելութեան: Ահա անոնց ցանկը.

 

ա. Կոստանդին Երզնկացի (Ձեռ. 103)

բ. Նարեկ (Ձեռ. 106)

գ. Մաշտոց (Ձեռ. 108)

դ. Մաշտոց (Ձեռ. 138)

ե. Ոտանաւորք ( Ձեռ. 160)

զ. Ոսկեփորիկ (Ձեռ. 161)

է. Մաշտոց (Ձեռ. 173)

ը. Պատմ. Յովհ. Ոսկեբերանի (Ձեռ. 248)

թ. Եօթն իմաստասէրք (Ձեռ. 268)

Ժ. Կանոնագիրք (Ձեռ. 345)

ժա. Մաշտոց (Ձեռ. 367)

Ժբ. Տօնացոյց (Ձեռ. 619)

ժգ. Առաքել Սիւնեցի (Ձեռ. 644)

Ժդ. Շարակնոց (Ձեռ. 649)

Ժե. Տօնացոյց (Ձեռ. 699)

Ժզ. Կիրակոս Գանձակեցի (Ձեռ. 780)

Ժէ. Ժամագիրք (Ձեռ. 817)

ժը. Ժողովածոյ (Ձեռ. 881)

Ժթ. Տօնացոյց (Ձեռ. 889)

ի. Ուրբաթագիրք (Ձեռ. 927)

իա. Ոսկեփորիկ (Ձեռ. 947)

իբ. Վարք Հարանց (Ձեռ. 1020)

իգ. Շարակնոց (Ձեռ. 1048)

իդ. Ժամագիրք (Ձեռ. 1049)

իե. Սաղմոսարան (Ձեռ. 1111)

իզ. Մաշտոց (Ձեռ. 1134)

իէ. Շարակնոց (Ձեռ. 1168)

իը. Վարդան Վրդ., Մեկն. Սաղմոսաց (Ձեռ. 1246)

իթ. Տօնացոյց (Ձեռ. 1299)

լ. Մեկն. Քերականի (Ձեռ. 1317)

լա. Ճաշոց (Ձեռ. 1404)

լթ. Շարակնոց (Ձեռ. 1408)

լգ. Շարակնոց (Ձեռ. 1512)

լդ. Շարակնոց (Ձեռ. 1546)

լե. Պատարագամատոյց (Ձեռ. 1697)

Հ. ԳԷՈՐԳ ՊԱՂՏԱՏԵԱՆ (1718-1794)

 

Հ. Գէորգ Բ. Անթէպցի, ուզելով նուիրուիլ շարժուն կեանքի, Մելքոնեան Աբբահօր կարգադրութեամբ կը սահմանուի երթալ Արեւելք, թէ՛ քարոզութեան եւ թէ՛ Ձեռագիր հաւաքելու համար, ինչ որ լիով կը կատարէ իր պաշտօնը՝ յատկապէս նկատմամբ գրչագիրներուն: Վենետիկէն կը մեկնի 1751ի Ապրիլին եւ Յունիսին Հալէպ է, ուր իսկոյն քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիպի եզական Աստուածաշունչի մը, եւ կը բանակցի, փոխանակելու համար 1686ին Վենետիկ տպագրուած ճաշոցով մը, ինչ որ հաւանաբար չի յաջողիր:

Յաջորդ տարին, 1752ի Յունիսին՝ Մերտին է, որու նախկին Առաջնորդը, Մարտիրոս Արքեպս. Թուխմանեան, սրտակից բարեկամ էր Մխիթար Աբբահօր, իսկ նոյն օրերու Առաջնորդը, ՄԱՐԳԱՐ ԱՐՔԵՊՍ. ԹՈՒԽՄԱՆԵԱՆ, եղբայրը Մարտիրոսի, նոյնպէս Վենետիկի մէջ վայելած ըլլալով Մխիթարի հիւրասիրութիւնը, բաց սրտով կ՚ընդունի Մխիթարի աշակերտը, Հ. Գէորգը, բանալով դիմացը ունեցած բոլոր գանձերը: Հ. Գէորգ կը գրէ. «Հրաման ետ ինձ Առաջնորդն զամենայն գրեանսն մի առ մի հայիլ եւ զհաւանեալսն առնուլ. եւ ես մտի ի գանձարան գրեանցն, եւ հայեցայ յամենեսին եւ ընտրեցի զսոսա, որք են ընտիրք եւ մեզ պիտանիք.

«Նախ ա. Աստուածաշունչ, գրեալ ի թուականիս Հայոց ՉԿԸին (Ձեռ. 1508).

բ. Լամբրօնաւոյն Uաղմոսամեկնիչն, զորոյ զթուական ոչ կարացի գտանել, սակայն յոյժ հին է, քանզի գիրն է անհարթ (Ձեռ. 324).

գ. Ատենաբանութիւն Լամբրօնացւոյն, գրեալ ի թուականիս Հայոց ՉԾԵին (Ձեռ. 795).

դ. Ճառընտիր հին, զորոյ թուականն ոչ կարացի գտանել (Ձեռ. 1014).

ե. Երկու Աւետարան երկաթագիր, որոյ մինն է գրեալ ի թուականութեան Հայոց ՈԾԲին եւ միւսն ՉԻԵին. (Ձեռ. 453, 1345).

զ. Սաղմոս, գրեալ ի թուականութեան Հայոց ՊԾԴին (Ձեռ. 153).

է. Երեք Գանձուց գիրք, մինն քան զմիւսն զարմանալի եւ այլատարազ, որոց երկուքն ունի զթուականութիւնն, մինն ՋԼԱին եւ միւսն ՊԽԴին (Ձեռ. 58, 1335).

ը. Երեք Մաշտոց, որոց երկուքն ունի զթուականութիւնն, մինն ՊԼԶին եւ միւսն ՋԽԸին (Ձեռ. 868, 1157, երրորդն անծանօթ).

թ. Երկու Ճաշոց գիրք հին, որոց մինն է մեծ եւ միւսն փոքր (Ձեռ. 465, 639).

ժ. Յայսմաւուր, ի հազար թուին գրեալ (Ձեռ. 1160).

ժա. Անկողք գիրք մի հրաշալի Ճառից ի սրբոց վարդապետաց ասացեալ, որոյ ոչ սկիզբն գոյ եւ ոչ կատարածն (Ձեռ. անծանօթ)» (առ Աբբահայրն, 11 Յունիս 1752):

Հ. Գէորգ կը պատմէ թէ իրմէ առաջ Մէրտինէն անցած է Հ. Ղուկաս Սեբաստացին, եւ զատելով Ձեռագիրներէն մասը մը՝ խոստացած է դառնալ եւ տանիլ Վենետիկ, սակայն յաջորդաբար մահը վրայ հասնելով՝ այդ գործը մնացած է իրեն: Իսկ Մարգար Արքեպս., միայն երախտագիտութենէ մղուած է որ տրամադրած է իր Ձեռագիրները Ս. Ղազարի վանքին, խնդրելով որ իր կենդանութեան, այդ բոլորին փոխարէն իրեն ուղարկուին Վենետիկ տպագրուած գիրքերէն մէկական օրինակ:

Մեծ գուրգուրանքով, կը գրէ Հ. Գէորգ, «մուշամպայով պատեալ զերիս գրեանս, առաքեցի ի Կոստանդինուպօլիս..., մինն է Աստուածաշունչ, միւսն Համառօտ Աստուածաշունչ, իսկ երրորդն Սաղմոսամեկնիչ Լամբրօնացւոյն» (առ Աբբ., 20 Սեպտ. 1752):

Յիշուած Համառօտ Աստուածաշունչը, որ վերեւ տրուած ցանկին մէջ չէր նշանակած, դիւանական յաջորդ նամակներու մէջ կը կոչուի նաեւ ճիւղագրութիւն կամ Տոհմաթիւ, որ կը համապատասխանէ թիւ 1605 Ձեռագրին: Տարւոյս Դեկտեմբեր ամսուն՝ միւս մնացած ձեռագիրներն ալ կը հասնին Պոլիս, խնամքով կը պահուին Զօֆճի Սարգիսի տունը, ու կը մտածուի այդ բոլորը Վենետիկ հասցնելու կերպին մասին: Եւ որովհետեւ Պոլիսէն Հ. Զաքարիա Ալեքսանեան Աստուածաշունչ մը ղրկած էր Վենետիկ, կորսուած եւ վերագտնուած, - որու պատմութիւնը վերեւ տեսանք, - Հ. Զաքարիա այս նոր ստացած Ձեռագիրներուն համար կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր. «Թէպէտ պատուիրէ ինձ Հ. Գէորգն փութով առաքել զսոսա ի վանքն, բայց աչքս այնչափ վախցեր է յաղագս Աստուածաշնչին իմոյ այնպէս եղելոյ, մինչ զի կարծեմ թէ ընդ էլչուն, կամ թէ եթէ եկեսցէ ի մերայնոց՝ հազիւ ընդ նոսա առաքեմ. եւ թէւէքէլի նաւով ոչ առաքեմ» (18 Դեկտ. 1752): Աբբահայրը նոյնպէս, մտահոգ Ձեռագիրներով, վախնալով «թէ գուցէ չարիք պատահեսցին գրեանցն, կամ ի եանղնէ, կամ յայլ պատահարէ» (առ Հ. Զաքարիա, 10 Փետր. 1753), հրահանգ կու տայ փութով ճամբայ դնել: Հ. Զաքարիա, Աբբահօր ցուցմունքներուն հետեւելով, նոյն ամսուն նաւապետ Անտոն Վիանէլլոյի կը յանձնէ յիշեալ ձեռագիրները, որոնք ողջ եւ անարատ կը հասնին Վենետիկ՝ 19 Օգոստոս 1753ին, անսահման ուրախութիւն պատճառելով վանականներուն, մանաւանդ Աստուածաշունչերուն համար: Դիտելի է որ Աւգերեան Ցուցակին մէջ Մերտինէն ստացուած Ձեռագիրներուն մէջ կը նշանակուի նաեւ ՈՋԵ թուի Աւետարան մը, Ձեռ. 949, ուր գրուած է Մարգար Թուխմանեան նուիրատուին անունը, եւ որ չի յիշուիր Մէրտինէն Հ. Գէորգի եւ Պոլիսէն Հ. Զաքարիայի գրած նամակներուն մէջ:

Հ. Գէորգ ճամբան շարունակելով՝ 19 Մայիս 1753ին կը մտնէ Պասրա, ուր ԱՂԱ ԻՊՐԱՀԻՄի մօտ կը գտնէ «ԶԱստուածաշունչ մի ձեռագիր, բովանդակն մագաղաթեայ, առաւել ճոխ քան զառաջինն զոր յղեցի», ու կը համարձակի զայն խնդրել. «զիս այնչափ սիրեաց, մինչ զի ոչ կարեմ պատմել լեզուաւ, յորմէ ընդ խնդրելս՝ ետ ինձ զԱստուածաշունչն (Ձեռ. 897)»՝ (առ Աբբ., 25 Յունիս 1753): Նոյն տարին Հ. Գէորգ Պասրայի մէջ կ՚ընդօրինակէ Գրիգոր Նիւսացիի ճառերը (Ձեռ. 294):

Յաջորդ տարին, 1754ին, զինքը կը գտնենք նախ Հալէպ, ուր ԽՈՃԱՅ ՇԱՄՄԱՍ ԷԼԻԱ ՄԱՐՏՆԼԻէն վանքիս համար յիշատակ կը ստանայ Սաղմոսարան մը, (Ձեռ. 1247), եւ ապա Մարտին՝ կը մտնէ Տիարպէքիր, ուր «Աստուածաշունչ մի եւս գտի ձեռագիր», (Ձեռ. 229), եւ դեռ յոյսեր կը մշակէ, «մանաւանդ ի կողմանէ գտանելոյ զՁեռագիր գրեանս, քանզի բազումք խոստացան ինձ ի զանազան երկիրս, բայց ոչ ունեցայ զժամանակ եւ զմիջոց» (առ Աբբ. 23-24 Մարտ 1754): Անկիւրիոյ մէջ նկատմամբ եկեղեցիներու հաղորդակցութեան անխոհեմ յայտարարութիւններ կատարած ըլլալով՝ ստիպողական կերպով կը կանչուի Վենետիկ:

Հ. Գէորգ հաւաքած Ձեռագիրները երեք խումբի բաժնած՝ կը հասցնէ Վենետիկ, առաջին մաս մը, թիւով տասներեք, սնտուկով կը ղրկէ Հալէպէն, երկրորդ խումբ մը, թիւով տասնեօթ, կը հասցնէ Պոլիս, ուրկէ մեր միաբանները ուրիշ Ձեռագիրներու հետ (որոնց մասին ստորեւ) կը ղրկեն Վենետիկ, եւ չորս հատոր ալ անձամբ կը տանի հետը: Իւրաքանչիւր Ձեռագրի վրայ նշանակուած ըլլալով իր անունը՝ կրցած ենք համախմբել ցուցակներու եւ ձեռագիրներու վրայէն: Հոս կու տանք անոնց ցանկը, թիւով երեսունչորս, որոնք Ս. Ղազար հասած են 1755-1756 տարիներուն:

ա. Ժամագիրք (Ձեռ. 3)

բ. Տոմար (Ձեռ. 22)

գ. Շարակնոց (Ձեռ. 23)

դ. Նոր Նտակարան (Ձեռ. 40)

ե. Նոր կտակարան (Ձեռ. 65)

զ. Կանոնագիրք (Ձեռ. 73)

է. Մեկն. Պօղոսէ (Ձեռ. 111)

ը. Սաղմոս (Ձեռ. 127)

թ. Ադամգիրք (Ձեռ. 181)

Ժ. Մաշտոց (Ձեռ. 199)

Ժա. Օրինագիրք (Ձեռ. 214)

ժբ. Ժողովածոյ (Ձեռ. 228)

ժգ. Տաղարան (Ձեռ. 234)

ժդ. Ժամագիրք (Ձեռ. 252)

ժե. Վարդան Մեկն. Սղ. (Ձեռ. 278)

ժզ. Գրիգոր Նիւսացի (Ձեռ. 294)

Ժէ. Շարակնոց (Ձեռ. 341)

Ժը. Մանրուսմունք (Ձեռ. 416)

ժթ. Տոմար (Ձեռ. 471)

ի. Տաթեւացի (Ձեռ. 610)

իա. Աղօթագիրք (Ձեռ. 614)

իբ. Մանրուսմունք (Ձեռ. 734)

իգ. Աստուածաշունչ (Ձեռ. 897)

իդ. Տօնապատճառ (Ձեռ. 937)

իե. Ճառընտիր (Ձեռ. 985)

իզ. Լամբրոնացի Մեկնութիւն Պտ. (Ձեռ. 995)

իէ. Մաշտոց (Ձեռ. 1011)

իը. Մեսրոպ Երէց (Ձեռ. 1066)

իթ. Արհեստ գրչութեան (Ձեռ. 1102)

լ. Մեսրոպ Երէց (Ձեռ. 1176)

լա. Գիրք Պիտոյից (Ձեռ. 1169)

լբ. Օրինագիրք յունաց (Ձեռ. 1223)

լգ. Թոմա Աքուինացի (Ձեռ. 1520)

լգ. Թուղթ առ Գաղատացիս (Ձեռ. 2726)

Բոլոր այս Ձեռագիրները Ս. Ղազար հասած են մաս առ մաս. Պոլիսէն ղրկուածները՝ 8 Յունուար 1755ին, Հալէպէն ղրկուածները՝ երկու անգամով, 4 Փետրուար եւ 20 Մարտ 1755ին, իսկ Հ. Գէորգ անձամբ բերած է 26 Փետրուար 1756ին:

Հ. ՎՐԹԱՆԷՍ ԱՍԿԷՐԵԱՆ (1720-1810)

 

1750-1752 տարիներուն Ս. Ղազարի մէջ ծիսական շարժում մը ծայր տուած ըլլալով, կը փոխուի եկեղեցւոյ աւագ խորանը, յարմարցնելով հայկական ծէսին: Արարողութիւններն ալ բնիկ հայկական աւանդութեամբ կատարելու համար՝ կը զգացուէր պահանջը ծիսական հին Ձեռագիրներու:

1750ին Հ. Վրթանէս Ասկէրեան Վենետիկէն Հռոմ կ՚երթայ ուխտի, եւ կ՚ուզէ տեսնել համբաւաւոր ճառընտիրը՝ որ կը պահուէր Հայոց հիւրանոցը, Ս. Մարիամ Եգիպտացւոց: Կու տայ տեղեկութիւն թէ նոյն ճառընտիրը վաղուց վաճառուած է լատիններէ, «որոյ պատմութիւնն է երկար», ինքն ալ միայն այդ տողով կը գոհանայ ճառընտրին մասին: Սակայն այս առիթով կու տայ ուրիշ հետաքրքրական ծանօթութիւն մը՝ գրելով Մելքոնեան Աբբահօր 25 Դեկտեմբեր 1750ին. «Գտանի աստ միւս եւս ճառընտիր, որ ոչ է եկեղեցւոյն (Հայոց), այլ ուրումն Թօխաթեցի քահանայի, որ այժմ է ի Թօխաթ, եւ զգիրս իւր աստ եդեալ է յաւանդ ի ձեռն Պարոն Ովանիսին: Արդ լուեալ զայս կամեցայ տեսանել, եւ ընթերցեալ կապեցաւ ոգի իմ, զի են ի նմա ճառք բազումք զանազան սրբոց հարց եւ բազումք եւս ի մերմէ Լուսաւորչէ եւ ի մերոց սրբոց հարց արարեալք, ըստ իւրաքանչիւր տէրունական տօնից պատշաճի, եւ վարք եւս սրբոց Տօնացուցի մերոյ: Բնաւքն սքանչելիք, եւ ըստ անուան գրքին՝ ընտիրք, եթէ՛ ի բանս եւ եթէ ի շարադրութեան, զոր ի ձեռն առեալ ընթեռնուլ՝ ոչ կարացի յագենալ, եւ է մեծութեամբ՝ ըստ չափոյ Աստուածաշնչի, եւ գիրն պայծառ եւ անսխալ: Զայս տեսեալ հարցի ցՊարոն Յովհաննէսն եթէ հնա՞ր իցէ ի ձեռս բերել մեզ զայն գիր: Նա պատասխանի ետ՝ թէ դիւրին է այս, զի որովհետեւ տուեալ է ինձ յաւանդ, կարեմ գրել առ այն քահանայ, եթէ յղեցի ի վանս Սրբոյն Ղազարու, ուր լաւագոյն պահի եւ իբրեւ քո գրեմ ես (ասաց), թէ եթէ կամիս վաճառել փողոյ կամ փոխանակելով զայլ գիրս ընդ նորա, յայտնեա՛ զկամս քո թղթով: Զնոյն եւ դուք կարօղ էք, ասէ, գրել առ նա, եւ ասաց ինձ թէ գուցէ առաւել ախորժ իցէ այս նմա, եւ թերեւս ձրի իսկ վանաց թողու, զի չէ ոք՝ որ յոյժ յարեալ իցէ: Եւ այս կամի թէ ի գալ իմում ընդ իս բարիցեմ այդր եւ ինձ եւս յոյժ պատշաճ թուի»:

Այս ճառընտիրը, օրինակուած 1637ին Երուսաղէմի Ս. Յակոբայ վանքը, մտած է Մատենադարանս եւ կը կրէ 512 համարը:

Հռոմի մէջ կ՚այցելէ Վատիկանի Մատենադարանը, ուր կը տեսնէ «զձեռագիր Աստուածաշունչ Հայոց, վասն որոյ գնալոց եմ յայլում աւուր, առ ի նշանել ինչ ինչ՝ զոր կամէաք ստուգել ի ձեռագրէն: Մօնսինոր Ասսէմանն եւ միւս ընկեր նորա, որք են վերակացու Վատիկանին, շրջեցուցին զմեզ պատուով եւ չէր ինչ որ ոչ ցուցին մեզ...: Յուսամ այսուիկ գիրք մի եւս առնուլ, որ է գործք սրբոյն Աբբայ Եփրեմի Խուրին ասորւոյ» (առ Աբբ., 2 Յունուար 1751): Երկու շաբաթ ետք Հ. Վրթանէս կրկին կ՚երթայ Վատիկանի գրատունը, «եւ այնչափ վառեցաւ սիրտ իմ, որ թէ հնար էր՝ զտիւ եւ զգիշեր նստեալ գաղափարէի զտարբերութիւնսն, թէպէտ զոմանս նշանեցի» (առ Աբբ., 15 Յունուար 1751): Յաջորդաբար կ՚ընէ նկարագրութիւնը Ձեռագիր Աստուածաշունչին, որ հաւանաբար ըլլայ Յովհաննէս Խուլ Պոլսոյ Պատրիարքին օրինակը, գրուած ՌՀԳ թուականին, եւ թէ տպագրէն ինչ տարբերութիւններ ունի: Նամակը կ՚աւարտէ՝ գրելով. «Այնպէս կապեցաւ սիրտ իմ ընդ այն, որ թէ հնար էր հարիւր ոսկւով գնել՝ արժան համարէի, բայց թէ եւ գանձք տացեն՝ անհնար է» (առ Աբբ., 29 Յունուար 1751):

Նոյն արդիւնաշատ Հայր Վրթանէս Ասկէրեան տարի մը ետք կը ղրկուի Պոլիս: Երբ նաւով Վենետիկ կը ղրկուին Հ. Գէորգ Պաղտասարեանի գաւառէն գտած Ձեռագիրներու առաջին խումբը, Հ. Վրթանէս անոնց հետ Ս. Ղազար կը ղրկէ «զԳիրքն Շնորհալւոյն առ Հայաստանեայս, գրեալ ի ժամանակաց անտի Շնորհալւոյն, որ է յիշատակ ՅԱԿՈԲԱՅ կրտսեր որդւոյ ՄԱԶԼԸՄԻՆ» (առ Աբբ., 1 Փետր. 1753): ՉԻԸ թուին բոլորգիր գրչութեամր Ձեռագիրն մըն է, կը բովանդակէ Շնորհալիի Ատենաբանութիւնը եւ Թուղթերը. կը կրէ 1231 համարը:

Աբբահայրը կը գրէ Պոլիս Հ. Վրթանէս Ասկէրեանի. «Զերիս եւ զչորս ձեռագիր Տօնացոյցս, եւ Շարակնոցս եւ զԺամագիրք գտեալ ստէպ՝ յղեսցես, եւ զՄաշտոց, զորոց զպատճառն դու ինքնին գիտես» (15 Յունուար 1753): Հ. Վրթանէս, որ միաբաններէն կը կոչուէր «մաքուր աղաւնի», որդիական շեշտով կը պատասխանէ Մելքոնեան Աբբահօր. «Զձեռագիր Շարականս եւ ժամագիրքս եւ Մաշտոցս ջանամք գտանել: Գտաք մի ձեռագիր պատուական Շարական, զոր գնեաց ԶՕՖՃԻ ՍԷՐԳԻՍՆ, ի յիշատակ վանացս, եւ է առ իս. յորժամ եւ զայլսն գտանիցեմ՝ յղեմ կամ բերեմ» (12 Մայիս 1753):

Հ. Վրթանէս չ՚ուշանար պատասխանելու Աբբահօր. «Զփոյթ կալեալ գնեցի զտպագրեալ գիրս ոմանս, որք ոչ գտանէին առ մեզ. եւ բաց յայնցանէ զոմանս պիտանի ձեռագիր գրեանս ի գրեանցն Մաղաքիայի (իմա՛ Ճէվահիրճեան). որոց

ա. Սարգիս Շնորհալւոյն Մեկնութիւնն Կաթուղիկեայց ձեռագիր, փառակազմ արծաթազարդ... (Ձեռ. 1208).

բ. Մեկնութիւն Չորեքտասան թղթոց Պօղոսի, արարեալ ի Յոհաննէ Ոսկեբերանէ եւ յԵփրեմայ Ասորւոյ.

գ. Մեկնութիւն Յեսուայ, Դատաւորաց, Թագաւորաց, Դանիէլի, հաւաքեալք ի մեկնութեանց սրբոց հարց.

դ. Գիրք Եւագրի զվարուց.

ե. Գիրք Նիկիոյ եւ Կոստանդնուպօլսի Ժողովոցն, թարգմանեալ.

զ. Ոսկեփորիկ անուն, գիրք խրատուց եւ կանոնաց գրեալ վաղնջուց, որ է իբրու բարոյականն հայոց, յորում են եւ Կանոնք առաքելոց. (Ձեռ. 96).

է. Ձեռագիր Շարական մի պատուական, եւ Տօմար եւ Տօնացոյց ձեռագիր:

Զայս ամենայն գնեցի, մեծագոյն մասամբ փոխանակելով ընդ գրեանց եւ սակաւ մի եւս դրամով» (30 Նոյմբ. 1753):

Հ. Վրթանէս Ասկէրեան Վենետիկ կը հասնի 5 Յունիս 1754ին, հարուստ պաշարով: Հ. Վրթանէսի անունին տակ կ՚ուզենք նշել նաեւ թիւ 330 Ձեռագիրը, որ Տոմարական բովանդակութիւն ունի, եւ նուէրն է Հ. Վրթանէսի հօր, 1785ին, պոլսաբնակ ՍԱՐԳԻՍ ԱՍԿԷՐԵԱՆի:

Վերեւ յիշուած ճառընտիրը, որու համար Հ. Վրթանէս Հռոմէն գրած էր «որոյ պատմութիւնն է երկար», ճշգրիտ չենք գիտեր: Տարիներ ետք, սակայն, այն է 1768ին, Հ. Գէորգ Պաղտատեան Հռոմէն կու տայ տեղեկութիւն մը, որ կարելի է կապել յիշուած ճառընտրին հետ: Հ. Գէորգ կը գրէ նոյն տարուան 3 Սեպտեմբերին. «Ծանուցանեմ եղբայրութեան քում զանցսն Ասսիմանեանց, որոց պատահեցաւ դժբախտութիւն մի կարի զարմանալի եւ ընդ ամենայն ազգս հռչակելի եւ յամենայն դարս պատմելի: Ուրեմն, սոքա իսկոյն հարս մի առին հռօմայեցի նշանաւոր իւրեանց նեփօթին եւ հոգացան տալ թիթօլօ Գօնթէսսա Ասսէմանի, որ այժմ յղի եւս է: Եւ վասն ածելոյ զսա ի բնակութիւն Վատիկանին (քանզի հարսն է հաճելի յոյժ նեփօթի փափին), սկսան յօրինել զբնակութիւնսն եւ զարդարել, որոյ պատճառաւ զոր ինչ ունէր մօնսինեօռ Ասսիմանին բարձին անտի եւ եդին ի դավանն Վատիկանին եւ մանաւանդ ի յայնոսիկ սենեակս վերին կողմանն ուր ոչ գոյ բնակութիւն: Ուրեմն, յանկարծակի իմն, ոչ գիտէ, հրդեհեցան այսոքիկ աղխամախք եւ այրեցան բովանդակք, մինչեւ չմնալոյ եւ ոչ ասեղ մի: Ի մէջ որոց այրեցան եւ հայոց գրեանքն զոր ունէր Ասսիմանին, եւ մանաւանդ այն ձեռագիր ճառընտիրն, որ էր Հայոց ժամուն, զոր տեսի ես, զոր ոմն պակասամիտ, ո՛չ գիտեմ որպէս, տուեալ էր յանուն Վատիկանին, եւ գտաւ ի մէջ գրոց նորա, որպէս եւ իցէ ըստ նոցա էին քառասուն հազար վօլումի» (առ Հ. Մկրտիչ Անանեան, Վենետիկ):

Հ. ՅԱԿՈԲՈՍ ՉԱՄՉԵԱՆ (1724 - 1805)

 

1766ին, Հ. Յակոբոս Չամչեան, Պոլիսէն կը գրէ Աբբահօր. «Առաքեցի ընդ տիսփացիօյին զձեռագիրքն Գրիգորէ Մագիստրոսի, լի անհամար նորալուր բառիւք, որք ոչ գոն եւ ի Մնացորդաց Բառգիրքն» (առ Աբբ., 1 Նոյմբ. 1766): Աւգերեան Ցուցակին մէջ չենք գտներ այս Ձեռագրին նշումը:

1767ին Հ. Յակոբոս կը հասցնէ նոր Ձեռագիրներ. «Յանձնեցի Հ. Իգնատիոսին տանիլ ընդ իւր ի վանս՝

ա. Մէկ ձեռագիր Քարոզգիրք (Ձեռ. 372),

բ. Ձայնքաղ Շարական անկազմ (հաւանաբար տպագիր),

գ. Ձեռագիր Բացայայտութիւն Ժամագրքին Մեծին Խոսրովու (վանքիս յիշատակ ստացած է Հ. Ղուկաս Ինճիճեանի հօրմէ՝ Պր. Պօղոսէ) (Ձեռ. 565),

դ. Ձեռագիր Պատմութիւն Աղեքսանդրու։

ե. Գտի ձեռագիր Նարեկ մի (Ձեռ. 588), գրեալ ի վերջն թէ կազմեցաւ սա ի թուականութեանս Հայոց ՌԻԹ. բայց փոքր մի յառաջ գտի թէ գրեալ է ի թուին ՉՀԳ» (առ Աբբ., 11 Սեպտ. 1767): Անկարելի չէ որ Նարեկը վանք ղրկուած ըլլայ յաջորդ տարին, որովհետեւ Պոլիսէն Հ. Զաքարիա 15 Փետրուար 1768ին կը գրէ՝ վանք ղրկած ապրանքներու ցանկը, որոնց մէջ անցողակի կերպով կը յիշէ. «մէկ Նարեկ տպագրեալ, մէկ Նարեկ եւս ձեռագիր» (առ Հ. Ներսէս Համբարեան):

Յաջորդ տարին, 1768ին, Հ. Յակոբոս 15 Փետրուարին կը գրէ Աբբահօր՝ վանք ղրկած Պատմութիւն Աղեքսանդրի համար, թէ Ձեռագրին տէրը ետ կը պահանջէ, եւ թէպէտ նախապէս տրամադիր եղած է ծախելու, այժմ փոխած է միտքը, եւ կամ կը պահանջէ չորս ոսկի՝ որ ահագին գումար է այդ Ձեռագրին համար: Հ. Յակոբոս խորհուրդ կու տայ Ձեռագիրը օրինակել՝ եւ բնագիրը դարձնել Պոլիս, «որպէսզի եւ մեք օր մի յառաջ ազատեսցուք ի թախանձանաց նորա»: Շատ հաւանաբար Ձեռագիրը դարձած է Պոլիս, որովհետեւ չէ անցած Աւգերեան Ցուցակէն ներս:

Հ. Յակոբոսի 18 Դեկտ. 1768 թուակիր նամակէն, գրուած Պոլիսէն, կ՚իմանանք թէ Հ. Իգնատիոս Խաչատուրեան Տիրացու Պետրոսի մը յանձնարարած է ընդօրինակել Ներսէս Շնորհալիի Թուղթերը՝ Ս. Ղազարի գրատան համար: Հ. Իգնատիոս Վենետիկ մեկնելուն, Պետրոս կը մերժէ իր ըրած խոստումը, ըսելով թէ իր անձնական գործածութեան համար կատարած է այդ ընդօրինակութիւնը, որու մայր գաղափարին մասին ոչ մէկ ծանօթութիւն չի տրուիր: Համաձայնութիւն կը կնքուի որ ընդօրինակութիւնը ղրկուի Վենետիկ, որպէսզի հոն կազմուի գիրքը, հարկի պարագային առնուին տարբերակները եւ կրկին դարձուի Պոլիս: Յաջորդ նամակէ մը կ՚իմանանք որ գիրքը ղրկուած է Վենետիկ, եւ շատ հաւանաբար դարձած է ետ, Պոլիս, բայց թէ արդեօք օրինակուա՞ծ է Վենետիկի մէջ, չունինք ոչ մէկ հետք:

Վերոյիշեալ Ձեռագիրը Պոլիսէն Վենետիկ ղրկուած ատեն, Հ. Յակոբոս Չամչեան միասին կը ղրկէ «մի ձեռագիր Շարական յէնիշտէէս» (առ Աբբ. 25 Յունուար 1769): Շարակնոցը ստացած է 925 համարը, եւ Աւգերեան Ցուցակին մէջ նշուած է իբր «Յիշատակ է պարոն Պօղոսի՝ որդւոյ էտիրնեցի Ինճիճի Միքայէլի»:

Աւելի ուշ, 1783ին, Հ. Զաքարիա Ալեքսանեանի նամակին համաձայն, «Հ. Յակոբոսն սնտկով միով առաքէ ձեզ քանի մի գրեանս, որոց կէսք ձեռացագիրք են եւ կէսքն տպագրեալք» (առ Աբբ., 3 Ապրիլ): Այս ծանօթութեան չունինք բացատրութիւն, որովհետեւ չենք կարող գտնել անոնց հետքերը Աւգերեան Ցուցակին մէջ:

Հ. Յակոբոս Չամչեանի մասին վերջին ծանօթութիւն մըն ալ ուզելով աւելցնել՝ կու տանք իր նամակին մէկ հատուածը, նկատմամբ Նարեկի մը, որ պատմութեան համար կրնայ հետաքրքրական ըլլալ: 1 Յուլիս 1769-ին Պոլիսէն կը գրէ Աբբահօր. «Առաքեցի զմի Նարեկ ի վանս, զոր ետ Անտոն եղբայրս, եւ թէ վասն է՛ր, ծանի՛ք: Քանզի Մուրատօղլու Գասպար սառաֆն ասացեալ է Անտոն եղբօրս թէ՝ ի սուրբ Կարապետի վանքն կայ հնագոյն ձեռագիր Նարեկ, զորմէ ասեն լինել ձեռագիրն նոյն սրբոյն: Եւ ես առաքեցի անդր զմի Նարեկ տպագրեալ եւ զտարբերութիւնսն նշանակեցին անդէն եւ առաքեցին առ իս: Կայ եւս սոյնպէս հնագոյն ձեռագիր մի յէջմիածին, որոյ եւ զտարբերութիւնսն տալոց եմ բերել: Արդ, որպէս կարծեմ, կայ եւ ի վանքն Աբբայ Հօրն լաւ ձեռագիր Նարեկ, եւ կայ իսկ, եւ խնդրեմ ի քէն զի եւ դու զտարբերութիւնս նորա տացես բերել ինձ: Իսկ Անտոն եղբայրս՝ չկարելով բաց ասել այնպիսի երեւելի առն յազգի մերում, խոստացեալ է կատարել զայն: Վասն որոյ էառ զՆարեկ մի անկազմ եւ աղաչեաց զմեզ առաքել ի վանս եւ բաղդատել ընդ ձեռագրին եւ զտարբերութիւնսն նշանակել ի տպագրեալն, եւ ապա զնոյն տպագրեալ Նարեկն անդրէն առաքել յետս առ մեզ: Եւ մեք զայն Նարեկն առաքեցաք ի վանս, զի եթէ հնար է՝ կատարեսջիք զխնդիր նոցա: Բայց յորժամ բաղդատեալ եւ կատարեալ զամենայն եւ գեղեցիկ կազմեալ դնիցէք ի նաւն, փութով մեզ ծանուցէք, որպէսզի յառաջ քան զտալն մեր նոցա զՆարեկն, պատճառաւ իւիք խնդրեալ ի նոցանէ՝ առցուք եւ մեք զօրինակն Նարեկայ որ ի սուրբ Կարապետին»:

Այդ թուականին մեր Մատենադարանը ունէր միայն երկու Նարեկ, գրուած 1324 ին (թիւ 588) եւ 1365ին (թիւ 1207). չենք գիտեր թէ վանքէն կատարա՞ծ են Հ. Յակոբոսի առաջարկը եւ հասա՞ծ է Ս. Ղազար խոստացուած Նարեկեան օրինակը, քանի Աւգերեան Ցուցակին մէջ չենք գտներ անոր հետքը:

Հ. ՊՕՂՈՍ ՄԷՀԷՐԵԱՆ (1729 - 1814)

 

Քարոզիչ եւ առաքեալ Մուշի եւ Կարինի շրջակայքը, Հ. Պօղոսի մեծ արժանիքն է վանքիս Մատենադարանին համար գտած ըլլալը՝ երկաթագիր Մաշտոցը (Ձեռ. 457), որու համար Կարինէն կը գրէ Պոլիս. «Հին երկաթագիր Հայր Մաշտոց մի եկն ի ձեռս իմ, զոր կամի(մ) յղել, եւ ի բազում տեղեաց ջանամ հանապազ ձեռագիրս ի ձեռս բերել, բայց ոչ կարեմ» (առ Հ. Նիկ. Բուզայեան, 6 Յունուար 1775): Հ. Պօղոս Կարին գտնուած շրջանին, փերեզակ տիրացուի մը կը յանձնարարէ՝ գաւառներէն ձեռագիր հայթայթել իրեն, սա Համշէնի մէջ կ՚իջեւանի վաթսուն տարի առաջ թրքացած հայ ընտանիքի մը մօտ, ուր կը տեսնէ որ շաբաթ երեկոյ կանթեղ կը վառեն կաւեղէն համբարի մը վրայ, կարծելով թէ ըլլայ Աւետարան մը, սրբազան ժառանգութիւն՝ մնացած իրենց նախնիքներէն: Փերեզակին ստիպումին վրայ՝ կը ծախեն 60 փարայի: Կարինի ազգայիններէն ՊՐ. ՂՈՒԿԱՍ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ եւ ՊՐ. ԱՂԱՅԵԿ, Միաբանութեանս բարեկամները, վճարումը կատարելով՝ Հ. Պօղոսի ձեռքով կը նուիրեն Ս. Ղազարի Մատենադարանին: Մաշտոցը Տրապիզոնի ճամբով կը ղրկուի Պոլիս, ուրկէ Յովհաննէս Մշեցիի հետ կը ղրկուի Ս. Ղազար, ուր կը հասնի 12 Մայիս 1776ին:

Նոյն պատանիին հետ վանք կը ղրկուին Հ. Պօղոս Մէհէրեանի գտած ուրիշ Ձեռագիրներ, որովհետեւ Պոլիսէն Հ. Անանիա Ճամպազեան կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր. «Երեք հատոր ձեռագիր գրեանք, առաքեալք ի Վ. Հ. Պօղոսէ» 12 Մայիս 1776ին:

Հ. Պօղոսի միւս ղրկած Ձեռագիրներէն, Աւգերեան Ցուցակին մէջ կը գտնենք՝ Գրիգոր Տաթեւացիի Լուծմունք (Ձեռ. 8) եւ Կանոնագիրք (Ձեռ. 1235) !

Այս երկու Ձեռագիրներուն համար Աւգերեան կը գրէ- «Յիշատակ է ԱԼԱՇԿԵՐՏՑԻ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԻ՝ ԲՐՆՁԻԿԻ ՈՐԴԻ ԿՈՉԵՑԵԼՈՅ, ի Գարըսան գեղջէ, 1775 ի 27 Մարտի, տուեալ Վ. Հ. Պօղոս Վրդ. ին մերոյ Մէհէրեան Մշեցւոյ, որ յղէ ընդ ճանապարհ Տրապիզոնայ ի Կ. Պոլիս, հասուցանել առ մեզ ի Վենետիկ»:

Անցեալին Մատենադարան մտած է նաեւ Հ. Պօղոսի 1789ին Մատրասի մէջ ընդօրինակած Ն. Շնորհալիի Ողբ Եդեսիոյ, սակայն յաջորդարար դուրս դրուած է, հաւանաբար լաւագոյն օրինակներ ստանալէ ետք:

Այսօր Մատենադարանին մէջ կը պահուի Հ. Պօղոսի Ինքնակենսագրութիւնը, Ձեռ. 560, իր հետաքրքրական բովանդակութեամբ: Պատմութեան համար յիշատակենք նաեւ այս մանրամասնութիւնը: 1773 թուականին Միաբանութենէս մաս մը անջատուելով՝ հաստատուած են Թրիեստ, կազմելով առանձին վանք՝ յանուն Մխիթարեան Միաբանութեան: Հ. Պօղոս, որ ատեն մը յարած է Թրիեստի խումբին, հոն ուղղած է հաւաքած Ձեռագիրներէն մաս մը. իսկ երբ վերջնական կերպով կը հաստատուի Ս. Ղազար, 13 Յունուար 1791ին կը գրէ անոնց. «Հայցեմ Վ. Հ. Անանիայ (Ճամպազեան) ի քէն, զի մի՛ անտես արասցես զխնդրուածս իմ, զի բարւոք գիտես զչարաչար աշխատանս ի յարեւելս, ուր բազում տառապանօք հազիւ կարացի քանի ինչ կտոր հին ձեռագիր ի ձեռս բերել առ ի լինել ինձ յիշատակ, զորս առաքեալ ես ի Թրիեստ, ուր ոչ է այժմ պիտանի, եւ ապա գուցէ թէ կորիցեն, եւ աշխատանքն իմ ի դերեւս ելցեն. ուստի առաքեսցես աստ, աղաչեմ. 1 Կիւրղի Հրահանգ երեխայից, 2 կտոր Փիլիսոփայութիւն Դաւիթ Անյաղթ փիլիսոփայիս, եւ այլն՝ չէ ի մտի իմում, զի տէֆտէրն իմ չէ աստ»: Հ. Պօղոս այսպէս գրած է, որովհետեւ Վենետիկ պէտքը կը զգային Կիւրղի Կոչումն Ընծայութեան, որ իրապէս պարգեւողը, ինչպէս գրած է Ձեռագրին սկիզբը, զայն նուիրած է Մխիթար Վարդապետի վանքին, այն է Ս. Ղազարի. «Յիշատակ է գիրքս այս արեւելցի Կարնեցի Պարոն Առաքելին, որ ետ յիշատակ ի վանս Մխիթարայ Վարդապետին»: Հ. Պօղոսի պատմածներէն դատելով է որ Ս. Ղազարի մէջ, Նոր Հայկազեանը պատրաստած ատեն՝ կը զգան հրամայական պահանջը՝ ունենալու Կոչումն Ընծայութեանը։ Եւ որովհետեւ Հ. Միքայէլ Չամչեան վանքիս ամառանոցէն պիտի մեկնէր Թրիեստ, Բասենցի Յարութիւն Արքեպս. ին այցելութեան, Հ. Յովհաննէս Զօհրապեան հազիւ դարձած Լեհաստանէն, կը գրէ Հ. Միքայէլին. «Համարձակիմ յիշեցուցանել սիրով, ընդ իս առեալ եւ զՎ. Հ. Գաբրիէլն (Աւետիքեան) օգնական, յաղաչել զՎերապատուութիւնդ ի գլուխ տանել զայն, այսինքն է՝ ի լինել ձեր ողջամբ ի Թրեստ, զամենայն փոյթ ի մէջ առնուլ ամենայն հնարիւք, գէթ ի ձեռս բերել ի ձեռագրաց անտի թրեստեանց զճառընտիրն եւ Կոչումն ընծայութեան, զորոց ստոյգ եմք եթէ ունին, եւ յանհնարին լինելն, գոնեայ հաւաքել զմակագիր ճառից ճառընտրին, ոչ իշխեմ ասել թէ զորս զատէք ի նոցանէ նորս եւ անծանօթս մեզ՝ ընդօրինակել: Ցայց վասն այսր պատճառի, աղաչեմք եւ խնդրեմք, զտպագրեալ Կոչումն Ընծայութեան ընդ ձեզ ունել ի վանաց, ի համեմատել ընդ ձեռագրին, զորոց զկարեւորութիւնն մեզ՝ ոչ կարեմ ի համառօտութեանս բովանդակել ընդ մնացելոցն արտաքոյ սորա» (20 Հոկտ. 1791):

Հ. ԱՆԱՆԻԱ ՃԱՄՊԱԶԵԱՆ (1732 - 1803)

 

1766ին Հ. Անանիա ճամպազեան Պոլիսէն կը գրէ Աբբահօր. «Տասնեւհինգ կտոր ձեռագիր գիրս առձեռն բերի, բայց յորժամ բարձցի կրճիմն բարբարոսաց, որք որպէս լսեմք առեալ են զերիս նաւս Վենետիկոյ եւ բացցի ճանապարհ նաւարկութեան վենետիկեան նաւուց, ամփոփեսցուք զամենայն ի մի տեղ, հանդերձ ամենայն թղթովք՝ զորս գրեալ է ի Հռովմ պատրիարքն Կոստանդնուպօլսի, եւ առաքեսցուք ի վանս, եւ յայնժամ մի ըստ միոջէ գրեմ զթիւ եւ անունս գրոցն» (18 Փետր. 1766): Յաջորդարար չենք հանդիպիր նշումներու, բայց ապահով ենք որ Ձեռագիրները հասած են Ս. Ղազար:

1773ին Պոլիսէն կը ղրկէ սնտուկ մը, որու մէջ ի շարս իրեղէններու դրած է Վենետիկ գտնուող Հ. Զաքարիայի «ձեռագիր տետրակ՝ որ ի վերայ մարգարէութեան Դանիէլի. եւ եւս ձեռագիր գիրք մի Մխիթարայ Սկեւռացւոյն» (առ Հ. Զաքարիա, 3 Ապրիլ 1773): Յիշուած Սկեւռացին պիտի ըլլայ Մխիթար, Մատենադարանի թիւ 403 Ձեռագիրը, որու մասին ոչ մէկ արձանագրութիւն կայ Աւգերեանի Ցուցակին մէջ:

Հ. ՍՈՒՔԻԱՍ ԱՂԱՄԱԼԵԱՆ (1737-1789)

 

Հ. Սուքիաս, աւազանի անունով Աղամալ, որդի Աղեքսանդր Նախիջեւանցիի, ծնած է 11 Դեկտ. 1737ին. Ս. Ղազար մտած է 7 Նոյեմբեր 1755ին: Յաջորդ տարին Աղամալի եղբայրը, Շոռոթեցի Ռափայէլ, Վարատինէն կ՚անցնի Պոլիս, ուր կային մեր միաբանները: Վենետիկէն Հ. Սիմոն, մեծաւորը Աղամալի, 1 Յունիս 1756ին կը գրէ Հ. Մկրտիչ Անանեանին, որ կը գտնուէր Պոլիս. «Սնդուկ մի հին ձեռագիր գրեանց թողեալ է Պարոն Ռաֆայէլն ի Վարատին ի պահեստ, առ վաճառականի միոյ, զոր եւ գիտէ Հ. Յովհաննէսն (միաբան մեր) քարոզիչն Վարատինու Հայոց, արդ խոհեմութեամբ խօսեսջիք ընդ սմա, զի որովհետեւ զայլ ինչ ոչ ետ վանացն վասն եղբօրն իւրոյ (Աղամալի) ի բազում ընչից հօր իւրոյ, գոնէ զայս սնդուկս տացէ վանացն, զոր եւ եղբայր իւր այս խնդրէ, յանձնելով զայն գրով կամ այլ ինչ ճանապարհաւ Հ. Յօհաննէս վարդապետին մերում ի Վարատին, մանաւանդ զի հարկաւոր ձեռագիր գրեանք գոն ի նմա, այսինքն Խորենացւոյն, Ոսկեբերանին, Դիոնիսիոսին եւ այլոց»:

Հ. Մկրտիչ կը խօսի Պր. Ռափայէլի հետ, որու մասին կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր. «Աղամալն մի՛ գրեսցէ գիր առ եղբայր իւր, զի ոչ է աստ Պոլիս), այլ գնաց ի Վարատին. զոր կոչեցի ի տուն եւ խօսեցայ ընդ նմա զբազումս, մանաւանդ զձեռագիր գրեանց, զորս խոստացաւ յղել, զկատարածն ոչ գիտեմ» (18 Յունիս 1757):

Այնուհետեւ կը տիրէ լռութիւն, մինչեւ 1780 թուականը, երբ Հ. Սուքիաս երեք ամսուան համար (Հոկտեմբեր-Դեկտեմբեր) Վենետիկէն կ՚երթայ Վարատին, եղբօր այցելութեան, ուրկէ կը գրէ Աբբահօր՝ 7 Նոյեմբերին. «Վասն գրեանց եղբօր իմոյ՝ անհոգ լիցի Վ. Հ. Ստեփաննոսն (Ագոնց) իւրովքն հանդերձ, զի ինձ շնորհեաց զամենայն՝ ի շնորհս ուրումն, զոր ինքեանք քաջ գիտեն, անհոգ լիցի եւ Վ. Հ. Միքայէլն (Չամչեան) եւ միանգամայն Վ. Հ. Աւետիքն (Յարութիւնեան)»:

Դիւանական ուրիշ ծանօթութիւններ կը պակսին այդ Ձեռագիրներուն մասին: Աւգերեան իր Ցուցակին մէջ սովորաբար կը նշանակէ թէ իւրաքանչիւր Ձեռագիր ինչ ձեւով մտած է Մատենադարան: Ցուցակին մէջ ցրուած Ձեռագիրներէն՝ կը տեսնենք որ տասը ընտիր եւ հին հատորներ Հ. Սուքիաս Աղամալեան բերած է Վարատինէն, որոնց ցանկը հետեւեալն է.

ա. Դիոնեսիոս Արիսպագացի (Ձեռ. 349)

բ. Սամուէլ Անեցի (Ձեռ. 511)

գ. Վարդան Պատմիչ (Ձեռ. 516)

դ. Ֆրա Մարթին (Ձեռ. 626)

ե. Գրիգոր Նիւսացի (Ձեռ. 1129)

զ. Վարդան Պատմիչ (Ձեռ. 1244)

է. Յովհան Ոսկեբերան (Զեռ. 1367)

ը. Յովսեպոս (Ձեռ. 1407)

թ. Մովսէս Խորենացի (Ձեռ. 1530)

ժ. Կանոնագիրք (Ձեռ. 1661)

Իւրաքանչիւր Ձեռագիրի նկարագրութենէն ետք՝ Աւգերեան Ցուցակին մէջ գրած է. «Յիշատակ է ՇՈՌՈԹԵՑԻ ՊԱՐՈՆ ՌԱՓԱՅԷԼԻ ԱՂԱՄԱԼԵԱՆ, զոր եբեր ի Վարատինոյ եղբայր նորա Վ. Հ. Սուքիաս Վրդ. ն մեր, յամի 1781 - ՌՄԼ, ի Յունվարի :

Հ. ՄԻՔԱՅԷԼ ՉԱՄՉԵԱՆ (1738-1823)

 

1770-1775 տարիներուն Հ. Միքայէլ կը գտնուի Բասրա, հովուական պաշտօնով, եւ հոն է որ կը հասունցնէ «Հայոց Պատմութիւն» մը շարադրելու գաղափարը, եւ որու համար պէտք ունէր պատմական բովանդակութեամբ Ձեռագիրներու: Ձեռագիրներ փնտռելու գաղափարը զինքը այնքան կը խանդավառէ՝ որ Մելքոնեան Աբբահօր կ՚առաջարկէ. «Կարծեմ թէ արդիւնաւոր լինէր՝ զմի կամ զերկուսն ի սփռելեաց ի կողմանս Հայաստանայ, ուր եթէ զայլ ինչ եւս ոչ շահեսցին՝ զձեռագիր գրեանս գտցեն պիտանիս» (18 Սեպտ. 1771): Այս ուղղութեամբ կը կատարէ պրպտումներ եւ դիմումներ, ու այդ առիթով է որ ձեռքը կը հանդիպին զանազան Ձեռագիրներ, որոնք կը հասցնէ Ս. Ղազար.

«Առ պարոն Անդանէիսին, որ է աներ պարոն Պօղոսին, եղբօր Պ. Հ. Աստուածատրին, գտի զԱւետարան մի երկաթագիր՝ իբր 800 տարւոյ. ընդ նմին եւ զայլ Աւետարան մի ձեռագիր՝ իբր 500 տարւոյ: Զերկաթագիրն առաքեմ ընդ Ովսաննային, գուցէ եւ զմիւսն: Առ պարոն Աղասիին, - որ է փեսայ պարոն Թադոսի, որ եւ բազմօք բարերար է ինձ եւ ընտանի սիրելի, - գտանի զՄեկնութիւն երկաթագիր՝ Յոհաննու Աւետարանին, իբր 600 ամաց, զոր արարեալ է Նանայի Ասորւոյ վարդապետի եւ ապա թարգմանեալ ի հայս: Զսա եւս առաքեմ ընդ Ովսաննային: Բժիշկ Ծատուրն ետ ինձ զխորհրդատետր մի ձեռագիր իբր 500 ամաց, բայց զայն ոչ առաքեմք, զի, ասէ, թէ գուցէ ես գնացեալ ի վանս՝ տաց ձեռամբ իմով» (առ Աբբ., 7 Մայիս 1770):

Թէեւ կը գրէ թէ Ովսաննայի մը հետ կը ղրկէ ձեռագիրները, սակայն յաջորդաբար պէտք է փոխուած ըլլան պարագաները, եւ Հ. Միքայէլ անձամբ, 1775ին, Ս. Ղազար կը բերէ հետեւեալ Ձեռագիրները.

ա. Աւետարան երկաթագիր, գրուած 1205ին (Ձեռ. 938): Ձեռագրին վրայ բարերարը արձանագրած է այսպէս. «Յիշատակ է սուրբ Աւետարանս ՋՈՂԱՅՈՅ ԳԱՍԿԵՑԻ ԴԱՆԻԷԼԻ ՈՐԴՒՈՅ Ի ԽՈՆԱՐ ԱԹԱՆԷՍԻ, ի վանս սրբազան Ղազարոյ, ի Վէնէտիկ քաղաքն, ձեռամբ Հայր Միքայէլ Վրդ. ի Չամչեանց. թվին 1770».

բ. Նանա Ասորի, Մեկնութիւն Յովհաննու, գրուած 1155ին (Ձեռ. 1628).

գ. Պատարագամատոյց, հաւանաբար ԺԴ դարէն (Ձեռ. 1411):

Աւգերեան Ցուցակին մէջ կը գտնենք երեք Ձեռագիր եւս, որոնց մասին թէեւ ակնարկ չենք գտներ Չամչեանի նամակներուն մէջ, սակայն իր ձեռքով է որ 1775ին եկած են Բասրայէն եւ մտած Մատենադարան.

Ժթ. Առաքել Բաղիշեցի (Ձեռ. 74),

Ժգ. Լուծմունք Նիւսացւոյն (Ձեռ. 315),

Ժդ. Ստեփանոսի Դաշտեցւոյ Խնդիր ճշմարտութեան (Ձեռ. 426):

 

Ասոնցմէ առաջին երկուքին մէջ նշուած է. «Յիշատակ Ջուղայեցի Պր. Կոստանդիանոսի որդւոյ՝ Սառաֆ Աթանիսի, ի վանս Սրբոյն Ղազարու, ի Վէնէտիկ, 1773, որ առեալ եբեր ընդ իւր Վ. Հ. Միքայէլ Վրդ. ն մեր Չամչեան, 1775», մինչ երկրորդը՝ նուիրատուն պարգեւած է յաջորդ տարին, 1774ին: Երրորդին համար Աւգերեան Ցուցակին մէջ կայ սա արձանագրութիւնը. «Ձեռագիր հեղինակին, ըստ վկայելոյ Պր. Ստեփանի Հազարմալեան Ջուղայեցւոյ, որ տուեալ է զայս գիրս Վ. Հ. Միքայէլ Վրդ. ին մերոյ Չամչեան, ի Բասրա: Եհաս առ մեզ յամի 1775»:

«Հայոց Պատմութեան» տպագրութիւնը աւարտելուն, Հ. Միքայէլի առողջական վիճակը վատթարացած ըլլալով, հանգիստի համար կը ղրկուի Պաշպալով, ուրկէ կը դառնայ 1790ին, հետը բերելով հետեւեալ երեք Ձեռագիրները.

ժե. Աբուսայիդ եւ Ժողովածոյ (Ձեռ. 276),

ժզ. Ֆրա Մարթին (Ձեռ. 1578), որ Պաշպալովի մէջ նուէր ստացած է ԵՒԴՈԿԻԱՑԻ ՂԼՃԵՆՑ ՊԱՂՏԱՍԱՐ ՍԱՊԷԼԷ.

ժէ. Ֆրա Մխիթարիչ (Ձեռ. !663), որու վերջին թուղթին վրայ կայ սա արձանագրութիւնը. «Ե գաւառն Ջանատ, ի սահմանակցութեան Առատայ, ի Հունկարիա..., ի տան պատուելի Աղաչայ Գրիգոր Նիքօշի Լուսիկեան, ես Հ. Միքայէլ Վրդ. Չամչեանց, գտի զայս գիրքս վիճաբանութեան Ֆրա Մխիթարիչ Ապարանեցւոյ եւ առեալ բերի ընդ իս ի վանս սրբոյն Ղազարու, ի Վենետիկ, յամի Տեառն 1790»:

 

Հ. Միքայէլի Բասրայի եւ Պաղտատի մէջ ստեղծած բարեկամութեան արդիւնք համարելի է Թոմա Արծրունիի Պատմութեան ձեռագրին ստացումը (Ձեռ. 1402): Պաղտատէն Ստեփան Բաբիկեան կը գրէ Պոլիս, Հ. Յարութիւն Մաղաքեանի, երբ Հ. Միքայէլ կը գտնուէր Վենետիկ. «Պարոն Մկրտիչ, փեսայ Բաբա օղլու Մահտեսի Կարապետին ելեալ աստի, գայ ընդ թաթարիւ ի Ստամպօլ. սմա տուեալ զձեռագիրք Պատմութիւն Թօմա Մեծոփեցուն (իմա Արծրունի ), զոր թողեալ էր Դիարբէքիր, ի ձեռն խօջա Դանիէլ դի Հաքիմ Հաննային, եւ դարձեալ յետս եկն Պաղտատ. եւ այժմ վերստին ելաւ եւ գայ Ստամպօլ. զայն գիրքն առնելոց է ի Դիարբէքրէն եւ բերէ ընդ իւր: Յորժամ հասանիցէ՝ առցես եւ ապահով ճանապարհաւ առաքեսցես ի Վէնէտիկ, առ Վ. Հ. Միքայէլ վարդապետն Չամչեանց, եւ ծանուսցես ինձ՝ զի գիտացից» (23 Դեկտ. 1792): Այս գիրքին եւ ուրիշի մը կ՚ակնարկէ Հ. Յարութիւն՝ երբ 8 Ապրիլ 1793ին կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր. «Ասասջիք Վ. Հ. Միքայէլին, զի ի Պաղտատու գալի երկու գիրքն եհաս ի ձեռս իմ եւ եդի ի նոյն սնտկի»:

Ձեռագիրները վանք հասնելուն, Հ. Միքայէլի գրած նամակէն կը յստակուի թէ նուիրատուն է ՊԱՐՈՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍԱՀԱԿԵԱՆ, որ ղրկած է ո՛չ միայն Թովմա Արծրունի՝ «այլ ձեռագիր մի՝ յորում էին աղիւսակք աստղաբաշխականք, եւ այն էր Պարոն Յարութիւնին Սահակեան» (առ Հ. Յարութիւն, Պոլիս, 20 Յուլիս 1793): Թովմա Արծրունիի Ձեռագրին համար Աւգերեան Ցուցակին մէջ նշանակուած է. «Յիշատակ է Պարոն Յարութենի Իսահակեան, ի Նոր Ջուղայէ, յամի Տեառն 1793 - ՌՄԽԲ»: Իսկ Աստղաբաշխութեան հատորին ակնարկը՝ անտարակոյս աշխատութիւնն է նոյն բարերարին, որ Հ. Միքայէլի ղրկած է նաեւ եւրոպական լեզուով բնագիրը, որպէսզի Հ. Միքայէլ ամբողջացնէ թարգմանութիւնը: Այս եզրակացութեան հասանք՝ Հ. Մկրտիչ Աւգերեանի մէկ նամակէն, ուր գրուած է. «Ընդ գիրսն եկեալս ի Բասրայէ՝ պիտէր լինել եւ ֆռէնկերէն էֆիմէրիտէս կամ Աստղաբաշխական գիրք ինչ, զի Յարութիւն Իսահակեան գրեալ էր ի Ջուղայէ՝ թէ զայն գիրք եւս յղեմ առ ձեզ, եւ թէ թարգմանեսջիք զմնացուածս բանիցն՝ որք պակասին ի հայերէն ձեռագրի իմում» (առ Հ. Փիլիպպոս Խոճիկեան, 6 Օգոստ. 1793):

Յաջորդաբար Հ. Միքայէլ Չամչեանի ձեռքով ստացած ենք.

ժթ. Եւսեբիոսի Պատմութիւն եկեղեցական (Ձեռ. 750), որու պատմութիւնը հետեւեալն է: 1791ին Հ. Միքայէլ Վենետիկէն կը մեկնի Թրիեստ, վանք հրաւիրելու համար Բասենցի Յարութիւն Եպս., որ ունէր ձեռագիրներ: Մեր միաբանները լսած էին թէ Յարութիւն Եպս. ունի նաեւ Եւսեբիոսի Քրոնիկոնը, սիրելին Հ. Մկրտիչ Աւգերեանի, որ 25 տարի ետք պիտի հրատարակէր՝ լատիներէն թարգմանութեամբ: Հ. Միքայէլ Թրիեստ հասնելուն՝ կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր. «ԶԵւսեբեայ Քռօնիքօնն ոչ գտի ի տան Գերապայծառին. որչափ որոնեցի ի գրատեղի նորա՝ ոչ տեսի, ակն ունիմ թէ ի խորշ մի այնր գրատեղւոյ անկեալ իցէ: Այժմ ոչ կարեմ որոնել, զի անդ կայ յանկողնի Գերապայծառն, մօտ յայն տեղի, յելանել նորա ի սենեկէ՝ ի բաց առից զամենայն գրեանսն՝ պատճառաւ կարգաւորելոյ, եւ գտից, զի Եղ. Կիւրեղն հաստատէ՝ թէ չեմք տուեալ արտաքս» (13 Մայիս 1792): Տասը օր ետք՝ Հ. Միքայէլ ուրախութեամբ կ՚աւետէ Հ. Մկրտիչ Աւգերեանի՝ թէ վերջապէս կատարած է գիւտը. «Ես կարծէի թէ յիրաւի Եւսեբեայ քրոնիկոն իցէ այս, բայց զայլ ինչ գտի: Եւ նախ առանձին բազում աշխատ եղէ, ոչ այնչափ քրտավաստակ տաժանմամբ՝ որչափ հնարագիտութեամբ, եւ առթի սպասողութեամբ՝ առ ի գիւտ փափաքելւոյն, զորմէ ոչ կարեմ գրով երկարել զբանս՝ այլ բերանով պատմել: Ապա աստ եւ անդ որոնմամբ, զխորշս խուզելով եւ զծերպս յուզելով՝ գտի զոր սիրեաց անձն իմ, եւ փոխանակ Ռաքէլի՝ ել Լիա: Գտեալս համարեալ լինէր յինէն Քրոնիկոն ժամանակագրութիւն, եւ ել Եկեղեցական պատմութիւն Եւսեբեայ Պամփիւլեայ։ Զայս ձեռագիր ի սկիզբն ունի... » (23 Մայիս 1792): Ձեռագրին նկարագրութիւնը կատարելէ ետք՝ Հ. Միքայէլ կ՚աւելցնէ. «Այս Եւսեբեայ գիրք մե՛ր է, այլ ո՛չ այժմ, ի գալ Գերապայծառին ի վանս՝ եկեսցէ եւ սա, ուստի մի՛ ի զուր գրեսջիք առ իս՝ թէ բե՛ր ընդ քեզ»: Եւ իրապէս յաջորդ տարին Ձեռագիրը մտած է վանք, եւ Աւգերեան Ցուցակին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. «Յիշատակ է Բասենցի Յարութիւն Արքեպս. ի, յամի 1793, որ ի Թրիեստ. եբեր ընդ իւր Վ. Հ. Միքայէլ Վրդ. ն մեր Չամչեան»:

Հ. Միքայէլ Պոլիս երթալէն ետք շարունակած է հայթայթել մեր Մատենադարանին Ձեռագիրներ.

ի. Վարք Աղեքսանդրի (Ձեռ. 1107), որու համար Պոլիսէն կը գրէ Աբբահօր. «Գտի առ ումեմն զՎարս Աղեքսանդրի անթերի, մանաւանդ թէ հանդերձ յաւելուածով, գրեալ իբր ի ԺԵ դարու, ի Կեչառեցի Խաչատուր դպրէ, եթէ սա լեալ իցէ ի նմին դարու, զի ոչ գտի թուական ինչ: Յափշտակեցի զգիրքն եւ առ իս է, եւ ոչ եւս դարձուցից յետս, յանձն առեալ տալ փոխարէն՝ որ ինչ արժանն է» (25 Հոկտ. 1795): Ձեռագրին վրայ Հ. Միքայէլ գրած է. «Գտեալ Հ. Միքայէլ Վրդ. ի Չամչեան, ի Ստամպօլ, յամի Տեառն 1795, էառ եւ առաքեաց ի վանս Սրբոյն Ղազարու, որ ի Վենետիկ»: Ձեռագիրը Վենետիկ հասած է յաջորդ տարին:

Վարք Աղեքսանդրի մասին, վանքիս մէջ միշտ եղած է հետաքրքրութիւն, գտնելու հին եւ ընտիր Ձեռագիրներ: 1789ին, երբ Պոլիս կը գտնուէին Հ. Ղուկաս Ինճիճեան եւ Հ. Յարութիւն Մաղաքեան, սա վերջինս պատասխանելով Մելքոնեան Աբբահօր նամակին՝ կը գրէ. «Գրեալ էիք թէ գոյ առ Հ. Յակոբոսն (Չամչեան) Վարք Մեծին Աղեքսանդրի ձեռագիր: Ասացի Հ. Ղուկասին, եւ նա ասաց թէ զայդ գիրք, ասէ, Հ. Յակոբոսին, ի բազում ժամանակաց հետէ առաքեալ է ի վանս, եւ ես բազում անգամ տեսի ի գրքատան, ասէ, վասն որոյ որոնեսցեն ի գրքատան» (20 Սեպտ. ): Սակայն Աբբահայրը կը պնդէ. «Վասն Վարուց Մեծին Աղեքսանդրի, ծանի՛ր, զի մեք ունիմք աստ զմի օրինակ պակասաւոր, եւ ըստ ասելոյ Հ. Աղեքսանդրին (Ինճիճեան), գոյ առ Հ. Յակոբոսին (Չամչեան) եւ ա՛յլ օրինակ, եւ վասն այնորիկ գրեցաք հարցանել ցնա» (առ Հ. Յարութիւն, Պոլիս, 1 Նոյմբ. ): Ինչ որ կը տեսնուի՝ ակնկալուած օրինակը չէ մտած Ս. Ղազար, քանի Հ. Յարութիւն կը գրէ միայն՝ «տեղեկացայց եւ գրեցից ձեզ» (8 Դեկտ. ), եւ այնպէս մնացած է հարցը:

իա. Աղթարք (Զեռ. 88), հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Յիշատակ է ուրումն, ի վանս Սրբոյն Ղազարու, ի Վենետիկ, ձեռամբ Հ. Միքայէլ Վրդ. ի Չամչեան, յամի Տեառն 1799, ի Ստամպօլ»:

իբ-իգ. Յովհաննէս Կթղս., Պատմութիւն (Ձեռ. 43, 1606), կազմուած Ղեւոնդի Պատմութեան հետ, որու մասին Աւգերեան Ցուցակին մէջ գրուած է. «Յիշատակ է Պր. Յարութիւն Իսահակեան Ջուղայեցւոյ, զոր առաքեաց առ մեզ ի Նոր Ջուղայէ, 1799 յՕգոստոսի 24, ի ձեռն Վ. Հ. Միքայէլի Չամչեան»:

Այս թուականէն առաջ, 5 Ապրիլ 1796ին, Յարութիւն Սահակեան Բասրայէն ղրկած էր Պոլիս, Հ. Միքայէլին, Եւսեբիոսի Եկեղեցական Պատմութիւնը, Ղեւոնդի եւ Յովհաննէս Կաթողիկոսի Պատմութիւնները, ընդօրինակելու եւ Ս. Ղազարի օրինակներէն ամբողջացնելով Բասրայի օրինակին թերիները՝ ետ դարձնելու պայմանով: Պայմանը գործադրուած չէ: Իրականութիւնը այն է որ երկու ձեռագիրներն ալ կը գտնուին մեր Մատենադարանը, նուիրատուին ընծայականով, որմէ առաջինը, Յովհաննէս եւ Ղեւոնդի Պատմագրութիւններու հատորինը՝ վերեւ յիշատակեցինք, իսկ Եւսեբիոսի Եկեղեցական պատմութիւնը որու մէջ կայ նաեւ Սոկրատի անկատար Պատմագրութիւնը (Ձեռ. 1606), Աւգերեան Ցուցակին մէջ ունի սա արձանագրութիւնը. «Իսահակ որդի Յարութիւն Նոր Ջուղայեցւոյ զայս գիրս ընծայեաց ի յիշատակ վանացս, յամի 1787 Յունուարի 10, որպէս եւ ի ճակատ գրոցս՝ իւրով ձեռամբ յիշատակեալ ունի: Այս ձեռագիր եհաս առ մեզ ի Կոստանդինուպօլսոյ 1799 յՕգոստոսի 24»:

իդ. Աւետարան (Ձեռ. 188), որ Պոլիսէն վանքիս նուիրած է ՏԻՐԱՑՈՒ ԳԱՍՊԱՐ, այն է՝ ապագայ Հ. Ստեփանոս Մուրատեան: Ձեռագիրը 1800ին մտած է Ս. Ղազար՝ Հ. Միքայէլ Չամչեանի ձեռքով:

Հ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԱՂԱՔԵԱՆ (1739-1797)

 

Հ. Յարութիւն Վրդ. Պոլսոյ մէջ երկար տարիներ եղած է Միաբանութեանս գործակալը, եւ իր ձեռքով Վենետիկ ղրկուած են Պոլիս հաւաքուած Ձեռագիրներ: 1793ին, երբ այլեւս Ձեռագիրներու բաւական ճոխ հաւաքածոյ մը ձեւացած էր Ս. Ղազարի մէջ, խղճամիտ Հ. Յարութիւն վախնալով որ աւելորդ ծախս ընէ՝ Ձեռագիրներ գնելով՝ որոնք նախապէս ստացած ենք, կը խնդրէ Մելքոնեան Աբբահօրմէ որ իրեն ղրկուի «ցանկն ձեռագիր գրեանց գրատան մերում, զի պահեսցուք աստ ի մաղազան, որպէսզի ի գալ ի ձեռս մեր ձեռագիր գրեանց՝ հայեսցուք, զի եթէ ունիմք՝ մի՛ գնեսցուք, եւ կամ գնեսցուք վար գնով: Եւ ահա յայսոսիկ աւուրս եկն ի ձեռս իմ գիրք մի Մեկնութեան Յօբայ արարեալ Սիւքէն եւ Դաւթայ վարդապետաց, եւ չգիտելով ունիմք թէ ոչ՝ գնեցի 15 ղուռուշի»:

Հ. Յարութիւնին գնածը՝ Վանական Վրդ. ի Մեկնութիւն Յոբայն է, (Ձեռ. 347), որ վանք հասած է 26 Նոյեմբեր 1793ին. նոյն Ձեռագրէն ուրիշ օրինակ մը ստացած էինք Հ. Ղուկաս Ինճիճեանի ձեռքով՝ 1790ին, եւ իրաւացի կերպով Մելքոնեան Աբբայ կ՚անդրադարձնէ Հ. Յարութիւնին՝ գրելով. «ըԶցանկ ձեռագրաց տաց գրել, բայց միեւնոյն գիրք բազում օրինակ լինիլ՝ ոչ է ընդդէմ, միայն քո գիտելն լաւ է՝ զի դիւրագին գնեսցես» (1 Սեպտ. 1792):

 

Հ. ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ (1751 - 1827)

 

Բազմավաստակ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեան, Նոր Հայկազեան Բառգիրքի երեք վաստակաւորներէն մէկը, կեանքը անցուցած է Ս. Ղազարի մէջ, եւ բնաւ չէ ունեցած առիթ երթալու առաքելութեան կամ վանք բերելու Ձեռագիրներ: Սակայն նստած Ս. Ղազար, իբր ծերունի հայր՝ տուած է ուղղութիւն իր որդիներուն, եւ զարմանալի հեռատեսութեամբ եւ լայնախոհութեամբ գիտցած է հրահրել ամէնքը՝ հաւաքելու Ձեռագիրներ:

Այս ուղղութեամբ ունինք իրմէ նամակ մը, գրուած 4 Փետրուար 1786ին, որ գրեթէ ամբողջութեամբ կը հրատարակենք, քանի Ձեռագիր հաւաքելու չափ նուիրական է՝ տեսնել իր մէջ Ձեռագիրներ հաւաքելու փափաքը. «Ունիմ եւ զայլ ինչ գրել ո՛չ միայն ի ստիպելոյ բազմաց, այլ նորին իսկ կարեւորութեան իրացն, այս է՝ յաղագս փոյթ ունելոյ ձեզ այդր Պոլիս) ձեռագիր մատենից: Աղաչեմք եւ ստիպելով աղաչեմք, մի՛ խնայել ամենեւին մի՛ յինչս, մի՛ յաշխատութիւնս եւ մի՛ ի զանազան հնարս՝ յաղագս իրացդ այդոցիկ. փորձանաւորացս յիրիդ յայդմիկ մի՛ զլանայք հաւատս, թէ քանի՛ մեծ է կարեւորութիւն այսոցիկ, եւ որչափ փութալի է մեզ, մինչդեռ ժամանակս ի ձեռս է, հաւաքել զընտիր ընտիր մատեանս, ապա թէ ոչ՝ յանցանել ժամանակիս՝ այնուհետեւ կարծեմ եւ ոչ գանձիւք կարող լինիմք ի ձեռս բերել:

«Զի առ գաղղիացիս այժմ եռանդն բորբոքեալ է հայկական ուսմանց, որպէս եւ վասն այսր կանոնիկոս ոմն ի Փարիզոյ՝ յարքունի դպրատանէն եկեալ առ մեզ, ջանայ այժմ կատարել զհայկական ուսումն, զոր արդէն սկսեալ էր, եւ ապա լինել անդ ուսուցիչ հայկաբանութեան: Վասն որոյ ի տարածել առ նոսա ուսմանս՝ մեզ ոչ եւս տեղի տան ի խնդիր գրոց ելանելոյ, զի արդէն իսկ ժողովեալ են նոքա ի տեղեաց տեղեաց բազում ընտիր մատեանս եւ ընտիր օրինակս գրոց, զորս մեք կամ բնաւ չունիմք եւ կամ ոչ նոյնպիսիս, որպէս եւ ի ցանկէ նոցա ստուգեալ տեսաք: Ապա զի՛նչ ոչ առնիցեն յետ այսորիկ, եւ ո՞չ ապաքէն ամօթ մեծ է մեզ, եթէ զաշխարհ մեր առաջի մեր օտարք կերիցեն եւ զժառանգութիւն հարց մերոց այլազգիք վայելեսցեն. նոցա դիել ի ստեանց մերոցն ծնողաց եւ մեզ մնալ անճաշակս:

«Գրեամբք կարող եմք ե՛րբ եւ իցէ ստանալ դրամս, բայց դրամովք ոչ միշտ զտանել զգիրս կարող եմք: Այժմ ժամանակ է, մանաւանդ յորժամ ի ձեռին ունիմք զՏիրացու Գէորգն ի սոյն փոյթ ջանացեալ, որոյ երկամք ի փոքու ժամանակի տեարք եղաք բազում գրոց, որոց ոմանց եւ անուանքն իսկ անյայտեալ էին, եւ թէ ի նոցանէ քանի ինչ նպաստս առաք՝ գիտեն յօրինողք Բառարանին եւ Պատմագրութեան եւ Աշխարհագրութեան, եւ օր ըստ օրէ ի նոյն հմտանամք եւ զնորա երկասիրութիւնն գովեմք ի մեծաց մինչեւ ցփոքր, որպէսզի ասել մեզ թէ արծաթ արծաթոյ մի՛ ժամանեսցէ, այլ մատեանք լիցին մեր ճոխութիւն հանապազորդ, որով զօրանամք յիմաստս հայկական եւ զարմացուցանեմք զլատինս, (որպէս եւ բազումք կան ի հիացման) եւ յաչս մեր տարածանեմք զսիրելութիւն մերոցն նախնեաց եւ գործոց նոցա, որով յարեսցին ի սէր ազգին եւ յօտարազգիս մի՛ կացցեն բերանաբացեալ, որով օգտիլն արդեօք թէ վնասին՝ աչօք տեսանեմք:

«Վասն այսր ամենայնի, աղաչեմք, առաւել եւս յորդորամիտ առնել զնոյն Տիրացու, եւ մի՛ խրտուցանել զնա սակս ծախու դրամոց. եթէ կասկածանք ինչ ի վերայ առնն ծնանիցին, - թէպէտեւ դժուարահաւատալի է այս, - մարթ է արթնութեամբ գնալ, առանց խորշեցուցանելոյ զնա:

«Եւ վասն առաքելի գրեանց, մի՛ լիցի առնել խտրութիւն, որպէս թէ ունիցիմք զնմանն ի վանս, բաւական է զի օրինակն իցէ վաղնջական, կամ գէթ ի վաղնջականէն գաղափարեալ անվրէպ, զի բազմութիւն օրինակաց՝ լոյս բազում ընծայէ յայլ եւ այլ նիւթս, որպէս եւ ժամ ի ժամէ զփորձն առնումք:

«Ի ցանկի գրատանն գաղղիացւոց տեսաք՝ զի կայ Շարակնոց մի հնագիր, յորում ի գլուխ շարականացն նշանակեալ են իւրաքանչիւր յօրինողք, եւ եղեւ մեզ մորմոքումն սրտի մեծապէս, որք այնչափ տառապիմք իմանալ հաւաստեաւ զիւրաքանչիւր յօրինողս, եւ մինչեւ ցայժմ չեմք հոգացեալ զայնպիսի օրինակ ի ձեռս բերել, ըստ այսմ եւ զայլոցն իմաստասիրեա՛:

«Գոյին արդէն ձեռագիրք ինչ առաքելիք ի Տիրացու Գէորգէն. խնդրեմք անյապաղ հասուցանել այսր, զի կարեւոր են վասն Բառարանին» (առ Հ. Յարութիւն Մաղաքեան, Պոլիս):

Հ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԶՕՀՐԱՊԵԱՆ (1756 - 1829)

 

Մեր Միաբաններէն Հ. Սահակ Խաչատրեան, 1756ին այցելած էր Լվով եւ նկարագրած հոն տեսած Ձեռագիրները. «Տեսի ի դատաստանատունս Հայոց ի հայ լեզու մեծամեծ գիրք դատաստանաց… եւ գրեանք բառից, Գիրք մարդկային բնութեան, արարեալ Գրիգորի Նիւսացւոյն. մէկ Ճաշոց ձեռագիր, մէկ Աստուածաշունչ ձեռագիր, մէկ Այսմաւուր ձեռագիր, մէկ Քարոզգիրք Յօհաննէս Պլուզին եւ այլ բազում գրեանք հայոց անթիւ» (առ Աբբ., 3 Օգոս. 1756):

Այս առաջին ծանօթութենէն ետք, շուրջ քսան տարի յետոյ, 1775ի ատենները, վանքիս հիւր եղած է Տէր Մարկոս Նիգոռովիչ լեհացին, Լվովէն, եւ տեսնելով վանքին մէջ պատրաստութիւնը Նոր Հայկազեան Բառարանին, յայտնած է թէ Լվով կը գտնուին ընտիր Ձեռագիրներ: Տէր Մարկոսի բարեացակամութիւնը եւ վանականներու գիտական հետաքրքրութիւնն է որ կազմակերպած է յատուկ ուղեւորութիւն մը, վստահելով Տէր Մարկոսի օժանդակութեան:

Հ. Յովհաննէս վանքէն կը մեկնի 17 Մայիս 1790ին, եւ կ՚անցնի հետեւեալ քաղաքներէն. Թրիեստ, Վիեննա, Լէմպեռկ՝ այն է Լվով, Կամենից, ապա Վիեննայի մէջ ծանր կերպով հիւանդանալով՝ կ՚ուշանայ Վենետիկ վերադարձը: Հ. Յովհաննէս Վենետիկ կը մտնէ 27 Սեպտեմբեր 1791ին, «լի բարեօք կարեւոր մատենից» կը շարունակէ վանքիս ժամանակագիրը:

Ճամբու ընթացքին գրած նամակները կ՚արտայայտեն ապրած հոգեվիճակները, յոյսերն ու յուսախաբութիւնները: Լվով հասնելէն առաջ պէտք է ձեռք ձգած ըլլայ կարեւոր Ձեռագիրներ, որոնց անունները չի թուեր, այլ կը գոհանայ գրելով. «Կարի սակաւս գտի գիրս, յորոց զառաւել պիտանիսն առ իս ստացայ, բայց եւ այնպէս ոչ եղեւ ի զուր ճանապարհորդութիւնս» (Լվովէն, առ Աբբ., 8 Հոկտ. 1790): Դարձեալ Լվովէն կը գրէ Հ. Սահակ Պռոնեանի (Վենետիկ). «Մեծ եւ աւետաւոր լուր զայն համարիմ, զի ըստ իմիք հասի վախճանի իմոյ՝ վասն որոյ գլխաւորաբար եկեալ եմ աստ, այսինքն գիւտ գրեանցն: Բայց անկատար է ուրախութիւն իմ, մի՛ զի ոչ են նորք եւ անծանօթք մեզ, որպէս յուսայի, թէպէտ եւ այնպէս՝ կարեւորք յաղագս հնութեան, եւ երկրորդ՝ զի անշշունչ փոխադրութիւն սոցա իբր ընդ չորեքհարիւր մղոնս ի թագաւորութենէ ի թագաւորութիւն, անվտանգ մինչեւ ի վանս մեր, կարի կասկածաւոր թուի» (21 Յուլիս 1790): Հ. Յովհաննէս կը խնդրէ որ այս յաջողութիւնները չհռչակուին, որպէսզի բերնէ բերան անցնելով՝ իր գործին արգելք մը չհանդիսանայ:

Ուրախութեամբ կը նկարագրէ տեսած Ձեռագիրներէն՝ յատկապէս երկուքը, ծաւալով մեծագոյնները, մին Սարգիս Շնորհալիի Մեկնութիւն Կաթողիկեայցը, գրուած ՉԽԳ թուին, եւ երկրորդը Աւետարան մը՝ նոյնչափ հնութեամբ, «երկու սոքա միայն գրեթէ բաւական են զպաւուլ իմ լցուցանել, զոր ինքն Տէր յաջողեսցէ, զի ի վանս տեսցուք զսոսա հանդերձ այլովքն առաւել լաւագունիւք եւ ազնուագունիւք» (առ Աբբ., 28 Հոկտ. 1790): Սակայն գիտենք Աւգերեան ժամանակագիրէն, որ այս երկու Ձեռագիրները Հ. Յովհաննէս չէ յաջողած ընդունիլ Մատենադարանիս համար:

Լվովի Ձեռագիրները հարուստ էին բովանդակութեամբ եւ քանակով: Հ. Յովհաննէս եւ Տէր Մարկոս այն եզրակացութեան կը հասնին, որ զանոնք ստանալու համար, Վենետիկէն Մելքոնեան Աբբահայր պէտք էր նամակ մը գրել տեղւոյն հայածէս Յակոբ Արքեպս. Դումանովիչի, ուրիշ նամակ մըն ալ անոր Աթոռակալին, քանի այդ երկուքէն կախում ունէր ամէն բան, մանաւանդ Աթոռակալէն, որու խորհուրդով կը շարժէր տեղւոյն Արքեպիսկոպոսը: Հ. Յովհաննէս կը թելադրէ նաեւ թէ գրուելիք նամակները ի՛նչ բովանդակութիւն պէտք էին ունենալ, ուր պէտք էր շեշտուիլ սա գաղափարը. «Գրէ առ իս ի Լէոպօլսոյ մեր Հ. Յոհաննէսն Զօհրապեան, եթէ առ Աթոռակալ եկեղեցեաւ ձերով գտեալ է նա ինքն գիրս ի լեզու հայոց գրեալս, որոց պէտք ունիլ դատէ Միաբանութիւն մեր. եւ թէպէտ բազմաց ի սոցանէ, որպէս ասէ ինքն, առ հնութեանն եւ առ ոչ բարւոք պահպանութեանն պակասին թուղթք ինչ, նաեւ ամբողջ տետր ի սկիզբն կամ ի վերջն նոցին, բայց ի վերայ այսր ամենայնի՝ կարեն պիտոյ լինել մերս Միաբանութեան, որոյ վախճանն, որպէս եւ գիտէ Ձերդ վսեմութիւն, է ի մեծագոյն փառս Տեառն պարապիլ բովանդակ ի շինութիւն եւ ի լուսաւորութիւն ազգիս մերոյ. առ որ, զոր յայսչափ ամաց հետէ փորձիւ տեսանեմք, մեծապէս նպաստէ զօգտակարս եւ զպիտանիս ի նոյն իսկ ի հայկական գրոց ի լոյս ընծայել տպագրութեամբ...: Համարձակեցաք զայս խնդիր առաջի առնել Ձերումդ Վսեմութեան, զի զվերոյ ասացեալ գիրս, որք այդր յանկեան ուրեք օր ըստ օրէ հնութեամբ մաշին, եւ գրեթէ մինչեւ ցայսօր այդպէս մնալով առ ոչինչ եղեւ պիտանացու, հաճեսջիք շնորհել մերումս գրատան, ի մշտնջենաւոր յիշատակ անուան Ձերումդ Վսեմութեան, հանդերձ պտղով պահելով առ մեզ բարւոք խնամարկութեամբ, ընդ այլ այդպիսի ձեռագիրս շնորհեալս յայլոց բարերարաց մերոց: Ապա եթէ հարկեալ յայլոց պատճառաց..., զի եթէ բնաւ երբեք Վսեմութիւն Ձեր եւ կամ յաջորդք նորա յայտ արասցէ մեզ՝ պէտք ունել այսոցիկ գրեանց, մերովս ծախիւք հոգասցուք դարձուցանել» (11 Յունվ. 1791):

Նման բովանդակութեամբ է նաեւ Աթոռակալին ուղղուելիք նամակը: Սակայն գրուած նամակները չեն տար ակնկալուածը, մանաւանդ թէ Աթոռակալը դիրքը կը խստացնէ եւ այնուհետեւ եպիսկոպոսը ոչինչ կրնայ ընել, հակառակ իր սկզբնական բարեացակամ կեցուածքին: Եպիսկոպոսը կ՚ուզէ տեսնել խնդրոյ առարկայ Ձեռագիրներու ցանկը եւ բովանդակութիւնը: Հ. Յովհաննէս կը պատրաստէ 15 Ձեռագիրներու ցանկը, կու տայ հարկաւոր լուսաբանութիւնը, սպասելով Եպիսկոպոսին վճիռին: Ընդհակառակը, սակայն, Աթոռակալը Տէր Մարկոսին կ՚արտայայտուի «ամենաբիրտ եղանակաւ եւ անհամ պատճառաւ..., եւ պատճառն զլանալոյ է այս, թէ լաւագոյն է աստ ի սպառ յանգործութեան մնալ, մաշիլ եւ կորնչիլ այնոցիկ, քան տալ նոցա այսու եղանակաւ, զի ոչ է հօնօռ մեզ այսպէս օտարացուցանել զնոսա ի մէնջ» (30 Մարտ 1791): Աթոռակալը ուզելով ձեւով մը ընդառաջ ելլել եղած առաջարկին, համաձայն կը գտնուի որ Ձեռագիրները Միաբանութեանս ծախսով ղրկուին Վենետիկ, օրինակուելով դառնան, սակայն ոչ միահաղոյն՝ այլ մէկիկ մէկիկ, եւ ոչ աւելի:

Հ. Յովհաննէս կ՚ընէ նոր առաջարկ մը. կը հրաժարի ամբողջութենէն, խնդրելով որ միայն հինգ Ձեռագրի համար հրաման տրուի տանելու Վենետիկ, օրինակելու եւ ետ դարձնելու պայմանով: Հինգ Ձեռագիրներն էին՝

Սարգիս, Փիլոն, Դիոնեսիոս, Յայսմաւուրք եւ Մեկնութիւն Եսայեայ։ Աթոռակալը կը զիջի եղած առաջարկին, թոյլ տալով որ երեսուն ամիս Ձեռագիրները մնան մեր տրամադրութեան, պայմանով որ Վենետիկէն Մելքոնեան Աբբայ յանձնառու ըլլայ պատասխանատուութեան եւ ի՛ր ձեռագրով ստորագրէ այն դաշինքը՝ որ Աթոռակալը անձամբ պիտի շարադրէր՝ երբ ազատ ժամանակ ունենար: Մասամբ գոհ կը մնայ Հ. Յովհաննէս, եւ իր հոգեվիճակը կը յանձնէ թուղթին՝ գրելով. «Մնացեալ ձեռագիրքն, թէպէտ չեն մեծ իմն եւ մեզ կարի կարեւոր, բայց եւ այնպէս ցաւիմ ոչ յաջողելն նոցա, տեսանելով թէ յորպիսի վիճակ ունին մնալ աստէն, եւ ժամանակաւ ցրուիլ եւ կորնչիլ: Զիարդ եւ իցէ եւ այսքանեօքս բաւականասցուք, զորս ի յաջողել Տեառն անվնաս եւ անթերի ի հասանելս այդր տեսանիցէք բովանդակ, յորս երկու ինչ առաւել մնայ ցաւելի, Աւետարանն այն հռչակաւոր եւ Բառգիրքն Ստեփաննոսի: Սակայն Աւետարանն բաղդատեալ էր իմ ընդ տպագրելոյն, իսկ ի Բառարանէն յաւուրս յայսոսիկ դեռ պարապիմ բովանդակ ընթերցեալ՝ զերեւելի եւ մեզ պիտանի տեղիսն նշանակել» (Լվովէն, առ Աբբ., 27 Ապրիլ 1791):

Այս բոլորէն ետք, Հ. Յովհաննէսի Լվովէն մեկնելէն երկու օր առաջ, Աթոռակալը նկատմամբ Ձեռագիրներուն կը դնէ այնպիսի «ծանր եւ խիստ» պայմաններ, - որոնց տեղեակ չենք, - որոնք Հ. Յովհաննէս յանձն չ՚առներ եւ չի ստորագրեր: Տէր Մարկոս, որ Լվովէն Վենետիկ կ՚ընկերանայ Հ. Յովհաննէսի, ուզելով միջնորդի դեր կատարել, եպիսկոպոսին թոյլտուութեամբ հետը կ՚առնէ գոնէ մէկ Ձեռագիր, ու Հ. Յովհաննէսի խորհուրդով՝ կ՚ընտրէ Փիլոնի ճառերը: Այս լուրը Հ. Յովհաննէս կը հաղորդէ Աբբահօր՝ Գրագովիայէն, աւելցնելով. «Բաց յայսմանէ եւ ես ոչ եմ ամենեւին մերկ, զի ողորմութեամբ Տեառն ստացեալ ունիմ ընդ իս առաւել քան զքանի մի գիրս, աստի եւ անտի, պիտանիս, յորոց վերայ դողամ եւ երկնչիմ ի վիզիթայն մաքսատանն Վիեննայի» (29 Մայիս 1791): Ունինք նաեւ Լվովի Արքեպիսկոպոսին, Յակոբ Դումանովիչի նամակը, ուղղուած Աբբահօր, ուր կը վկայէ Հ. Յովհաննէսի Լվով անցուցած օրինակելի կեանքին մասին, աւելցնելով. «Զոմանս գիրս ըստ պահանջութեան Գերյարգելութեանդ, պատրաստ էի տալ առ մի ժամանակ, այլ Հայր Յոհաննէսը զթէութիւնը որով տայի, ընդունելի չհամարելով, առնուլ ոչ կամեցաւ, բայց ես միշտ պատրաստ եմ նովին թէութեամբ տալ, եթէ գիրքն երբեմն պատուական իցեն, զի որպէս եմ յայժմ՝ նոյնպէս եւ յամենայն ժամ նովին սիրով եւ պատշաճաւոր պատուով մնամ... » (19 Մայիս):

Հ. Յովհաննէսի գրած նամակներէն գիտենք թէ իր ուղեւորութենէն դարձած է Ձեռագիրներով, բայց անոնց ցանկը չի տար գրաւոր կերպով: Անտարակոյս անոնցմէ մաս մը գնած է: Այսպէս կ՚ըսենք, որովհետեւ Հ. Մկրտիչ Աւգերեան ժամանակագրութեան մէջ կը գրէ թէ Հ. Յովհաննէս դարձած է վանք հիւանդագին, եւ պատճառը՝ դրամին վրայ գուրգուրալով՝ ճանապարհորդութեան երկարիլը կը համարի, որովհետեւ «եթէ ոչ դողայր այդչափ ի վերայ ծախուց ի սկզբան, գուցէ եւ աւելի ինչ զբռամբ ածէր եւ ո՛չ ծախէր զկրկինն ի բժիշկս» (էջ 800):

Հոս կու տանք Հ. Յովհաննէսի բերած Ձեռագիրներու ցանկը, թիւով 22, որոնք քաղած ենք Աւգերեան Ցուցակէն եւ Ձեռագիրներու վրայ եղած նշումներէն.

ա. Մեկնութիւն Ընթերցուածոց (Ձեռ. 183)

բ. Մաշտոց (Ձեռ. 193)

գ. Կիւրեղ Աղեքսանդրացի (Ձեռ. 254)

դ. Իգնատիոս, Մեկնութիւն Ղուկայ (Ձեռ. 271)

ե. Վարդան, Պատմութիւն (Ձեռ. 444)

զ. Սաղմոս (Ձեռ. 521)

է. Աւետարան (Ձեռ. 641)

ը. Գրիգոր Մաշկեւորցի (Ձեռ. 654)

թ. Մատթէոս Ուռհայեցի (Ձեռ. 835)

ժ. Ճաշոց (Ձեռ. 904)

ժա. Մեկնութիւն Կաթողիկեայց (Ձեռ. 906)

ժբ. Եսայի, Քերական (Ձեռ. 994)

ժգ. Վարդան, Մեկնութիւն Հնգեմատենի (Ձեռ. 999)

ժդ. Շարակնոց (Ձեռ. 1015)

Ժե. Շարակնոց (Ձեռ. 1046)

ժզ. Շարակնոց (Ձեռ. 1094)

ժէ. Մեկնութիւն Ընթերցուածոց (Ձեռ. 1104)

ժը. Մխիթար Գօշ, Մեկնութիւն Երեմիայ (Ձեռ. 1112)

ժթ. Մանրուսմունք (Ձեռ. 1239)

ի. Աստուածաշունչ (Ձեռ. 1336)

իա. Ագաթանգեղոս (Ձեռ. 1564)

իբ. Տարեգիրք լեհ թագաւորաց (Ձեռ. 1700):

ճամբուն ընթացքին, Հոռտէնգայի մէջ, Հ. Յովհաննէս վանքիս Մատենադարանին համար յիշատակ ստացած է ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՀՈՌՊԱՍԷ՝

իգ. Աւետարան (Ձեռ. 16) իսկ Լվովի մէջ օրինակել տուած է լատիներէն լեզուով

իգ. Հայոց համառօտ մէկ Կանոնագիրքը (Ձեռ. 2415), որ մինչեւ վերջերս չէր անցած Ձեռագիրներու շարքին, նոր ընդօրինակութիւն ըլլալուն համար:

Իր մեծ արժանիքն է, բացի Ձեռագիրներէն, Լվովէն վանքիս Մատենադարանը փոխադրելը՝ տասնչորս ընտիր բնագիր կոնդակներ, որոնք հաւանաբար նուէր ստացած ըլլալու է, եւ կամ Տէր Մարկոսի հետ միասին՝ վերցուցած է տեղւոյն Մատենադարանէն: Հոս կու տանք կոնդակներու ցանկը.

ա. Մեսրոպ Կթղս. 1364ին (Ձեռ. 3054)

բ. Թէոդորոս Կթղս. 1383ին (Ձեռ. 3061)

գ. Թէոդորոս Կթղս. 1390ին (Ձեռ. 3062)

դ. Յակոբ Գ. Կթղս. 1409ին (Ձեռ. 3058)

ե. Արիստակէս Կթղս. 1468ին թանգարանի)

զ. Ստեփանոս Կթղս. 1547ին (Ձեռ. 3061)

է. Մելքիսէթ Կթղս. 1610ին (Ձեռ. 1887)

ը. Մելքիսէթ Կթղս. 1626ին (Ձեռ. 1887)

թ-ժբ. Փիլիպպոս Կթղս. 1653ին (Ձեռ. 3054, 3060)

ժգ-ժդ. Յակոբ Կթղս. 1661ին եւ 1671ին (Ձեռ. 3060, 3061):

Լվովի մէջ Հ. Յովհաննէսի ձեռքը կ՚անցնի նաեւ Ստեփանոս Ռոշքայի համբաւաւոր Բառարանը, որու մասին մեր միաբանները վաղուց լսած էին եւ գիտէին թէ ճշմարիտ գանձ մըն է, եւ թէ կրնար մեծապէս օգտակար ըլլալ Նոր Հայկազեան Բառարանի կազմութեան: Շատ տարիներ առաջ, 1756ին, երբ Հ. Իգնատիոս Խաչատուրեան Պոլիս կը գտնուէր, տեսած էր այդ Բառգիրքը, եւ երկու էջ օրինակելով ղրկած էր վանք: Հ. Սիմոն, օրուան պատասխանատուն Ձեռագիրներու հաւաքածոյին, երկու էջէն կը դատէ ամբողջութիւնը եւ խանդավառութեամբ կը գրէ Հ. Իգնատիոսի. «Ընկալեալ զերկու թուղթս ի Բառգրքէն Ստեփանոս Վրդ. ի Կամենցացւոյ զգրեալսն առ ի ձէնջ, յոյժ զարմացաք, զի ոչ կարծէաք. եւ թէպէտ գտանին ի նմա սխալանք, սակայն զիարդ եւ է լաւագոյն է քան զՎիլօթին, եւ մեզ ծառայէ վասն լատին բառգրքին եւ յայլ պէտս: Արդ աղաչեմ զքեզ, Հայր Պատուական, զի ջանասցիս ամենայն փութով ի ձեռս բերել զայդ բառգիրք, եթէ գնելով եւ եթէ օրինակելով, դու կամ Հ. Յովսէփն. այլ եւ տեղեկասցիս՝ միթէ բոլորն աւարտեալ է թէ ոչ կամ ո՞ւր գտանի. արդ այսմ ամենայնի տեղեկացեալ՝ ծանուսջիք Աբբահօրն» (22 Մարտ 1756): Հ. Գէորգ Պաղտատեան, որ Պոլիսէն նոր դարձած էր Վենետիկ, կը գրէ Հ. Իգնատիոսին նոյն այս Բառարանին մասին. «Բառգիրքն Ստեփանեան է Ստամպօլ, զոր առաքեալ են ի Լեհաստանու, տպագրել տալ Ստամպօլ. ուստի որչափ կարէք ջանացէք ի ձեռս բերել զայն» (4 Մայիս 1756):

Լվովի մէջ Ռոշքեան Բառարանին բնագիրը կ՚անցնի Հ. Յովհաննէսի ձեռքը, եւ կու տայ այնպիսի մանրամասնութիւններ՝ որոնք կ՚արժէ արձանագրել պատմութեան համար. «Յանցելումն, ի գրելն զցանկ գրեանց աստէն գտելոց, ընդ այլս զանց առի գրել եւ զԲառգրքէն Ստեփաննոսի Լեհացւոյ կոչեցելոյ, զոր տեսեալ իմ՝ ոչ այնչափ արհամարհելի համարեցայ: Դրիւքն է ին ֆօլիօ եւ բարձր, ըստ չափու առաւել մեծ քան զմեր տպագրեալ Աստուածաշունչն: Եղանակ եւ ոճ կազմութեանն՝ է գրեթէ ըստ ամենայնի նման այնմ՝ զոր մեք ի նոր սկսեալս մեր կալաք, բայց առաւել համառօտ, եւ զկնի հայերէն մեկնութեանն առ իւրաքանչիւր բառ եւ նշանակութիւն լատիներէն յաւելեալ եւ ապա վկայութիւն հայկական գրոց, որ առաւել ցանկալին էր մեզ, քանզի բազում անծանօթ մեզ գիրս եւ հեղինակս ի մէջ առնու, զորս խնդրեալ աստ եւ ի Ստանիսլաւ, ուր այս գործ շարադրեցաւ, ոչ կարացի գտանել: Զսմանէ աստանօր գոյ աւանդութիւն առ ոմանս, թէ ա՛յլ օրինակ մի սորա առաքեալ է աստի առ մեզ, դաշամբ տպագրութեան, զոր ծանեան յինէն ապացուցութեամբ եթէ անհիմն է զրոյցն, գուցէ այսու սխալմամբ զայն կամին իմանալ, զոր լուեալ եմ երբեմն եթէ ի Լիվօռնայ առ ումեմն Շէհրիմանցւոյ գտանի օրինակ մի այսր Բառարանի, զոր ի խնդրելն՝ զլացեալ է տէրն տալ Թրեստւոց, եւ զորս ոչ եմ պատմեալ սոցա: Բայց ճշմարիտ է այն եթէ Թրեստեանք քանի մի ամաւ յառաջ այնմ ծերունի Տէր Յոհաննէսին Սերազգեան խնդրեալ են աստի խոստմամբ տպագրութեան, եւ սոքա պատրաստեալ են առաքել, բայց մահուամբ նորա այժմ խափանեալ է այն խնդիր: Զայսմանէ երկար խորհրդածութիւնս ունէի գրել Գերյարգելութեան ձերում, բայց համառօտութիւն ժամանակիս ոչ ներէ առ այժմ» (առ Աբբ., 22 Փետր. 1791):

Հ. Յովհաննէս Զօհրապեանի մասին մեր անդրադարձութիւնները փակելէ առաջ, յիշենք որ քանի մը տարի ետք, 25 Դեկտ. 1794-ին, Պոլիսէն դարձին, հետը կը բերէ հոն հաւաքուած Ձեռագիրները, որոնց մէջ գուցէ ինքն ալ անձնապէս արժանիք ունեցած է: Ահա անոնց ցանկը.

իե. Սաղմոսարան (Ձեռ. 123)

իզ. Ժամագիրք (Ձեռ. 156)

իէ. Փիլոն (Ձեռ. 256)

իը. Շարակնոց (Ձեռ. 1015)

իթ. Պատմութիւն Նատր Ղուլի (Ձեռ. 1567)

լ. Աւետարան (Ձեռ. 1626)

Պոլսոյ Պատրիարքարանէն Հ. Յովհաննէս ընդօրինակած է՝

լա. Նարեկացի, Հրահանգ հաւատոյ (Ձեռ. 1310):

Պոլսոյ ազգայիններէն ԾԱՂԻԿ ԱՍՏՈՒԱԾԱՏՈՒՐԵԱՆ եւ ԿԱՐԱՊԵԱՆ Հ. Յովհաննէս

Զօհրապեանի ձեռքով Մատենադարանիս նուիրած են՝

լբ. Շարակնոց (Ձեռ. 116):

Նմանապէս Պոլսոյ ազգայիններէն ՏԻՐԱՑՈՒ ՅԱԿՈԲ 1794ին Վենետիկ ղրկած է՝

լգ. Տօնապատճառ (Ձեռ. 828):

Պոլիսէն դարձին կը շարունակէ ծրագրուած աշխատիլ, ստանալու համար Պոլիսէն ինչ որ կարելին է: Այս ուղղութեամբ կը գրէ Պոլիս մնացած Հ. Յարութիւնին. «խնդրեմք ամենեքեան ի վերապատուութենէդ ի գլուխ տանիլ ի ձեռն տիրացու Յակոբին, մի՝ զի գրել տաջիք ի գրոցն Փիլոնէ զամենայն վերնագիրս կամ խորագիրս գլխոց նորա կարգաւ, եւ հինգ հինգ տող ի սկզբնաւորութեանց գլխոցն զկնի խորագրացն: Երկրորդ, ջանասջիք յառաջ տանիլ զցանկ ձեռագրաց Պատրիարգարանին եւ դպրատանց» (21 Փետր. 1795):

Հ. ՂՈՒԿԱՍ ՒՆՃԻՃԵԱՆ (1758-1833)

 

Վենետիկէն Պոլիս կը մեկնի 1786 տարուան Սեպտեմբեր ամսուն, թէ՛ ժառանգական եւ թէ մանաւանդ գտնելու նոր աղբիւրներ՝ կատարելագործելու բազմահատոր Աշխարհագրութեան Ասիոյ հատորը: Հ. Ղուկաս Ս. Ղազարի կաճառին գլխաւոր անդամներէն ըլլալով՝ ամէնէն աւելի հետաքրքրուած է նոր Ձեռագիրներով, որոնց հետամուտ է Պոլսոյ մէջ: Դեռ նոր հասած Պոլիս, կը հաղորդէ լուրը՝ թէ Մատենադարանիս համար օրինակուած է Ներսէս Շնորհալիի Մեկնութիւն Մատթէին, որ պիտի սրբագրուի Պատրիարքարանի օրինակին վրայ: Հ. Ղուկաս կ՚իմանայ Գէորգ Պալատեցիէ թէ «ի Պատրիարգարանն ոչ գոյ ինչ ձեռագիր արժանի մեզ, բայց եթէ Մեկնութիւն Շնորհալւոյն եւ Առ որս Գրիգորի Աստուածաբանին, զորոյ օրինակ թէ հնար է դիւրութեամբ ստանալ՝ ոչ դանդաղեցից» (առ Աբբ., 23 Դեկտ. 1786):

Յաջորդ տարին նոր տեղեկութիւն մը կը հաղորդէ Պատրիարքարանի հաւաքածոյին մասին. «Ի Պատրիարգարանն գոյ ժամանակագրութիւն իբրեւ 150 ամաց, յորում գտանին պատմութիւնք վերջին ժամանակիս: Մեծութիւն նորա հասանէ ի չափ Աստուածաշունչ գրոց եւ թերեւս մեծ եւս. զայս ոչ հանեն արտաքս, բայց Յովհաննէս Աղա (Սեղբոսեան, որ ի Վենետիկ), կարէ ի ձեռն Պատրիարգին տալ օրինակել: Միւսիւ Վիկենին բարեկամ ոմն ընթերցեալ է եւ զՊատմութիւն Տեառն Կոմիտասայ, հանեալ անտի, առ ի ընդդէմ գտանել Պատմութեան Յովհաննէս աղայի (Սեղբոսեան)» (առ Աբբ., 21 Սեպտ. 1787):

Հ. Ղուկաս, գիտնալով վանականներու հետաքրքրութիւնը, Պոլսոյ մէջ գտած հեռագրական նորութիւններուն մասին փոխանակ բացայայտ գրելու՝ կը սիրէ միայն ակնարկել կամ բառախաղ ընել, պարզապէս անոնց սրտի բոցը արծարծելու նպատակով: Նոյն ժամանակ դեռ չէին յայտնուած Մանդակունիի ճառերը, որ Գէորգ Պալատեցի օրինակելով երկաթագիր օրինակի մը վրայէն՝ կը յանձնէ Հ. Ղուկասին, Վենետիկ ղրկելու համար: Հ. Ղուկաս լուրը կը հասցնէ վանք, առանց յայտնելու Յովհան Մանդակունիի անունը, եւ երբ արդարացի կերպով կը լսէ վանականներուն բողոքը, ցոյց կու տայ պատրաստակամութիւն՝ քաւելու իր յանցանքը. «Աղէ՛, յայտարարէք զտուգանսն, եւ ես հատուցից մտադիւր, եթէ զճառն Գրիգորի Աստուածաբանին թարգմանեալ ի նախնեաց արկցես ի վերայ իմ տուգանս, ես յաւելից ի վերայ զԱռակաց մեկնութիւն Լամբրոնացւոյն: Զի՞նչ կամիք այլ եւս, եթէ բաւականանայք սովին նորագիւտ գանձու, զորոյ զանունն միայն լսէաք մինչեւ ցայժմ, այլ տեսանէաք եւ ոչինչ...: Յաւելից ի վերայ եւ զայլ գանձ պատուականագոյն, զՄեկնութիւն Հայր մերին Եղիշէի Վարդապետին, յաւելից ի վերայ եւ զԹուղթ Գիւտայ կաթուղիկոսին առ Դաւիթ Անյաղթն» (առ Աբբահա՞յրն, 9 Նոյեմբ. 1787):

Նոյն շրջանին Պոլիսէն մեզի հասած Ձեռագիրներու բովանդակութեան՝ Գէորգ Պալատեցի կ՚ուզէր տեղեակ ըլլալ, եւ գրեթէ իրեն սեփականած էր մենաշնորհը՝ նոր Ձեռագիրներ հայթայթելու մեզի: Հ. Ղուկաս կը ստիպուի նոյն նամակով գրել Վենետիկ՝ Ձեռագիրներ գտնելու կերպին մասին. «Զամենեսին զայսոսիկ ի ձեռն այլոց ի ձեռս բերեալ է իմ, են ոչ ի ձեռն մեր հին բանասիրին Տիր(ացու) Գ(էորգին). ի ծածուկ ի նմանէ, զի ոչ հանի այնչափ ի ձեռն այլոց ստանալն մեր, եւ ոչ այնչափ ի խնդիր լինի ինքն առ ի ձեռս բերել, այլ եթէ ըստ դիպման ի ձեռս անկցի: Ինձ որ կամիմ ի ծածուկ ի նմանէ ի ձեռս բերել, եւ ի ծածուկ յայլոց, որ կամիմ առանց ինչ գրգիռ արկանելոյ յայլս ի ձեռս բերել, քանի՜ զգուշութիւն եւ երկայնմտութիւն հարկ եղեւ ի կիր արկանել, ոչ կարեմ յառաջիկայս պատմել»:

Հ. Ղուկաս լուռ եւ անաղմուկ, Պոլսոյ մէջ կը հաւաքէ Ձեռագիրներ, եւ 1790ին կը դառնայ Վենետիկ: Թրիեստ հասնելուն կը գրէ նամակ մը Հ. Ստեփաննոս Ագոնցին, որ անցած էր Պաշպալով, տեղեկութիւններ տալու Աշխարհագրութեան հատորներուն մասին, քանի երկու միաբանները միասին ձեռնարկած էին այդ գործին: Այդ առիթով կու տայ նաեւ տեղեկութիւններ՝ հետը ունեցած Ձեռագիրներուն մասին՝ գրելով. «Դառնամ ի վանս 36 ձեռագիր գրեամբք, յորս երեւելիքն են՝ գործ Լամբրոնացւոյն, Մեկնութիւն նորա Առակացն Սողոմոնի, եւ պարտական դատիմ ճառն Վերափոխման սրբոյ Կուսին. դիպայ եւ Մեկնութեան Լամբրոնացւոյն Երկոտասան փոքր մարգարէից, այլ զի գիր նորա նոր էր յոյժ եւ գինն ծանր անհնարին՝ զանց առի ի գնել: Ընդ իս է եւ Մեկնութիւն Անթառամ ծաղիկին յօրինեալ Վարդանայ Վարդապետին, շարադրութիւն սքանչելի: Եւ այլ եւս Մեկնութիւն Եզեկիէլի՝ Եսայեայ Վարդապետի, որ չիք ի վանս մեր: Մեկնութիւն Յոբայ՝ Վանական Վարդապետի։ Մեկնութիւն Դանիէլի՝ Վարդան Վարդապետին: Մեկնութիւն Յունանու՝ Եփրեմ Վարդապետի: Եւ այլ եւս կրկին Շարականօք, Նարեկ, Յիսուս Որդի հանդերձ ամենայնՈտանաւորօք Շնորհալւոյն եւ Եզնակցւոյն, ձեռագիր հին եւ ուղղագիր յոյժ: Եւ այլ եւսՊատմութիւնք, Բժշկարանք, ընդ որս է եւ Մեկնութիւն Երգ Երգոց Նարեկացւոյն, ձեռագիր հին:... Ընդ իս ածի եւՏիրացու Գէորգի Ֆէրհէնկ, որ է մեծ Բառարան պարսից, թարգմանեալ յիւրմէ, եւ ըստ կարգի այբուբենի մերումս լեզուի յարմարեալ, որ է հարկաւոր յոյժ Նոր Բառարանին մերոյ» (22 Օգոստ. 1790):

Հ. Ղուկաս Ինճիճեանի բերած 36 ձեռագիրներէն 35ը անցած են Աւգերեան Ցուցակէն ներս, իւրաքանչիւր հատորին նկարագրութենէն ետք ալ նշանակուած՝ Հ. Ղուկասին անունը: Յիշուած Ձեռագիրներէն միայն 23 հատորը գնուած է Պոլիս, Հ. Ղուկասի ջանքերով, իսկ մնացածները տրուած են ազգայիններէ՝ իբր յիշատակ Մատենադարանին: Ահա անոնց ցանկը.

Հ. Ղուկասի ջանքերով եւ Միաբանութեանս ծախսով գնուած Ձեռագիրներն են.

ա. Մեկնութիւն Քերականի (Ձեռ. 174)

բ. Նարեկ (Ձեռ. 175)

գ. Աբրահամ Թեքիրտաղցի (Ձեռ. 207)

դ. Ներսէս Լամբրոնացի Մեկնութիւն Առակաց (Ձեռ. 269)

ե. Մաշտոց (Ձեռ. 406)

զ. Կիրակոս Գանձակեցի, Պատմութիւն (Ձեռ. 489)

է. Շարակնոց (Ձեռ. 576)

ը. Վարդան Վրդ., Մեկնութիւն Դանիէլի (Ձեռ. 727)

թ. Շարակնոց (Ձեռ. 755)

ժ. Եսայի Վրդ., Մեկնութիւն Եզեկիէլի (Ձեռ. 772)

ժա. Տօնացոյց (Ձեռ. 803)

ժբ. Գրիգոր Նարեկացի, Մեկնութիւն Երգոց (Ձեռ. 895)

ժգ. Վանական Վրդ. (Ձեռ. 1116)

ժդ. Յովհաննէս Մոկացի (Ձեռ. 1118)

ժե. Պատճառ միաբանութեան (Ձեռ. 1166)

ժզ. Բժշկարան (Ձեռ. 1285)

ժէ. Առաքել Սիւնեցի (Ձեռ. 1386)

ժը. Եփրեմ Սսեցի (Ձեռ. 1468)

ժթ. Գէորգ Մխլէյիմ (Ձեռ. 1643)

ի. Սիմէոն եպս. (Ձեռ. 1666)

իա. Յովհաննէս Մոկացի (Ձեռ. 2107)

իբ. Վէմ գայթակղութեան (Ձեռ. 2341)

իգ. Յաղագս եկեղեցւոյ (Ձեռ. 2651)

Ներսէս Լամբրոնացիի Մեկնութիւն Առակացը (Ձեռ. 269), օրինակութիւն մըն է Պոլսոյ Պատրիարքարանի նօտրգիր մէկ Ձեռագրին: Երեք տարի ետք նոյնը վրիպակով կրկին անգամ օրինակուած է Միաբանութեանս ծախսով (Ձեռ. 1003) եւ մտած Մատենադարան՝ 3 Յուլիս 1793ին:

Պոլսոյ հայ կաթողիկէ նուիրապետութենէն, ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ՍԻՎՐԻՀԻՍԱՐՑԻ, մեծ բարեկամ Միաբանութեանս, Հ. Ղուկաս Ինճիճեանի հետ Մատենադարանիս յիշատակ ղրկած է վեց Ձեռագիր եւ ինքն ալ միասին Պոլիսէն ճամբորդելով եկած է Վենետիկ եւ ամիս մը բնակած է Ս. Ղազար: Վեց Ձեռագիրներն են.

իդ. Գրիգոր Տաթեւացի (Ձեռ. 827)

իե. Քարոզգիրք (Ձեռ. 880)

իզ. Գրիգոր Տաթեւացի (Ձեռ. 1278)

իէ. Պիրոմալլի (Ձեռ. 1461)

իը. Կոչումն ընծայութեան (Ձեռ. 1648)

իթ. Սամուէլ Անեցի (Ձեռ. 1666)

Հ. Ղուկաս Վենետիկէն գրած նամակի մը մէջ, երախտագիտութեամբ կը յիշէ մեր բարերարներէն՝ «ԷՔՄԷՔՃԻ ՄԻՔԱՅԷԼՆ ՉԷՆԿԷԼ Գեղջէ, ի ցեղէ ՉՕՊԱՆԵՆՑ, եւ սիրելի յոյժ ոչ միայն նոցին Չօպանենց՝ այլ եւ ամենեցուն ընդ որոց կենակցի, մանաւանդ Չէնկէլ գեղցոց, զի ունի բնութիւն ազնիւ յոյժ եւ ամենեցուն բարերարել կամի, սա ըստ իւրում բարի կամացն ետ ինձ ձեռագիր գրեանս, մի Շարական, մի Խոսրովի Մեկնութիւն, հին դրամս եւ այլ քանի մի գրեանս» (առ Հ. Յովհ. Զօհրապեան, Իլով, 30 Մարտ 1791):

Էքմէքճի Միքայէլ Մատենադարանիս նուիրած է երեք Ձեռագիր.

լ. Խոսրով Անձեւացի (Ձեռ. 387)

լա. Շարական (Ձեռ. 755)

լբ. Թուղթ Լեւոն կայսեր (Ձեռ. 2390)

Իր հայրենի տունէն Հ. Ղուկաս բերած է Աղթարք մը, (Ձեռ. 898), որու մասին Աւգերեան այսպէս գրած է Ցուցակին մէջ. «Յիշատակ է ի գրոց ՊՕՂՈՍԻ ԻՆՃԻՃԻ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ, 1788 - ՌՄԼԷ, զոր առեալ եբեր որդի նորա Վ. Հ. Ղուկաս Վրդ. ն մեր Ինճիճեան, 1790 - ՌՄԼԹ, Հոկտ. : Այս առիթով յիշենք որ նոյն բարերարը ուրիշ երկու Ձեռագիր նուիրած էր Մատենադարանիս՝ Հ. Յակոբոս Չամչեանի ձեռքով:

 

Հ. Ղուկաս Ինճիճեանի Պոլիսէն բերած Ձեռագիրներէն Շարակնոց մը, (Ձեռ. 366), յիշատակ է ՏԷՐ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ԱՍԼԱՆԵԱՆԻ:

Վենետիկ հասաատուելէ ետք, Հ. Ղուկաս հետամուտ կ՚ըլլայ որ վանք հասնին այն ընդօրինակութիւնները՝ որոնց պատուէրը կատարած էր Պոլիս գտնուած ժամանակ: Պոլսոյ մէջ մեզի համար ընդօրինակութիւն կատարողն էր Տիրացու Յակոբ, որ կը գրէ Հ. Ղուկասին թէ վանքիս համար կ՚ընդօրինակէ Վարդան Վրդ. է Մեկնութիւն Հնգեմատենին։ Հ. Ղուկաս այս նիւթին մասին կը գրէ Հ. Յարութիւնին. «Ծանիք, զի այս գործ, թէպէտ է պատուական, այլ ունիմք աստ մի օրինակ, ուստի, թէպէտ ունելն կրկին օրինակ բարւոք է, բայց չէ այնչափ ինչ հարկաւոր. առաւել հարկաւոր է Մեկնութիւն Լամբրօնացւոյն Երկոտասան Փոքր Մարգարէից, զորմէ գրէ Յակոբն թէ գտանի ի նմին մատենի, ուստի զայս օրինակել տուք, որպէս եւ ասաց Գեր. Աբբահայրն» (առ Հ. Յարութիւն, Պոլիս, 1 Մայիս 1792): Վարդան Վրդ. ի Մեկնութիւն Հնգեմատենին (Ձեռ. 552-553) Ս. Ղազար կը բերէ Հ. Ղուկաս Օղուլլուխեան, 26 Նոյեմբեր 1792ին, մինչ Լամբրոնացիի Հնգեմատեանին Մեկնութիւնը՝ չէ ընդօրինակուած:

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ

ՏԷՐ ՅՈՀԱՆ ՄԷՐՏԵՆՑԻ (1752)

Չունինք ծանօթութիւն Տէր Յոհան Մէրտինցիին մասին, որ Մատենադարանիս նուիրած է յարգի Գանձարան մը (Ձեռ. 658):

ՆԱՀԱՊԵՏ ՀԱՄԲԱՐԵԱՆ (1753)

Մեր միաբաններէն Հ. Ներսէս Համբարեանի եղբայրը, Կարնեցի Նահապետ, 19 Օգոստոս 1753ին Իզմիրէն իբր յիշատակ Մատենադարանիս ղրկած է Տօնացոյց մը (Ձեռ. 683):

ՏԷՐ ՍԻՄԷՈՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ (1753)

Լեհաստանէն ունինք նամակ մը, գրուած «յերկիրն Սիգուլացւոց, ի գիւղաքաղաքն Սէնդ Միգլուշն», Տէր Սիմէոն Թորոսեանի ձեռքով, որ կր խնդրէ Մելքոնեան Աբբահօր աջակցութիւնը, Վենետիկի մէջ տպելու համար Ստեփանոս Լեհացիի պատրաստած Մաշտոցը: Այս առիթով «կառկառեմ մենաստանի ձերում զընծայ իմն դուզնաքեայ, այսինքն զԳիրք մի ձեռագիր, յորում պարունակի Աստղաբաշխութիւն, մարդակազմութիւն եւ արհեստ համարոյ, ի վաղեմի վարդապետացն մերոց շարադրեցեալ: Ընկալարուք, ուրեմն, սիրով, եւ զխոտան ծառայ ձեր աղօթիւք մի՛ մոռանայք»: Աւգերեանի Ցուցակէն չկրցանք եզրակացնել թէ ո՛ր Ձեռագրին կը համապատասխանէ, հակառակ որ նամակի այս հատուածը ծանօթ էր նա՛եւ Աւգերեանին, որ յիշատակած է վանքիս Մայր ժամանակագրութեան մէջ:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՄԱՃԱՆԵԱՆ (1753)

 

Աշակերտած է Մխիթար Աբբահօր, ապա մտած աշխարհի կարգը: Պոլիսէն դարձին, այն է 1753ին, ատեն մը կը հիւրասիրուի Ս. Ղազար եւ ճամբան կը շարունակէ Հռոմ: Գիտնալով վանականներու հետաքրքրութիւնը նկատմամբ Ձեռագիրներու, Հռոմէն կու տայ հետաքրքրական լուրեր՝ նկատմամբ Մեծն Աղեքսանդրի Վարքին, որմէ օրինակ մը կը գտնուէր Հայոց Հիւրանոցը՝ Ս. Մարիամ Եգիպտացւոց. «Հ. Մկրտչին խնդրեալ Աղեքսանդրու Պատմագիրքն տեսի, որ յոյժ պատառուն էր եւ ի բազում տեղիս պակաս թղթեր, եւ Տէր Յուսէփն ասաց թէ բանի ձեռք չի տար. եւ ես մին սուտ ասացի թէ Մինաս Վրդ. ին (իմա՛ Եպս. Փէրվազեան, որ ի Վենետիկ) քովն այսպէս մին պատառատուն տահա կայ, երկոցունց մինն կատարի: Եւ յայնժամ ասաց Տէր Յովսէփն թէ շիտակ զուրցեմ՝ ես հոգիս չեմ խնայեր, սակայն Սէրգիս Վրդ. ն (իմա՛ Եպս. Սարաֆեան) աստ է, ո՛չ կարեմ տալ այժմ, գուցէ գիտասցէ եւ սկսեսցի որոնել, թողցուք այժմ, գնա՛յ Նաբօլի եւ յետ դառնալդ կա՛մ կու տամ ժամանակով առ ի օրինակել եւ կամ պութուն՝ առ ի տանիլ: Ուրեմն, ասացի, հանենք զայս ի քրքերուն տօլապէն, որ գուցէ հետաքրքրութեան աղագաւ նա եղնիքէն չի տեսնէ: Եւ այսպէս բարձեալ անտի յայլ տեղի պահեցաք՝ մինչեւ ի դառնալն իմ» (Նափոլիէն, առ Աբբ., 4 Դեկտ. 1753):

Նափոլիէն դարձեալ կը գրէ Յովհաննէս Թոմաճան, թէ նամակ ստացած է Հռոմէն, Սարգիս Արքեպս. Սարաֆեանէ, որ կը սպասէ իր դարձին, որպէսզի Հռոմէն Լիվոռնոյ միասին կատարեն ուղեւորութիւնը: Յովհաննէս դիտմամբ կ՚ուշացնէ Նափոլիէն Հռոմ դարձը, յուսալով որ «թէ Հռոմու գնացաց լինի նէ մինչեւ Զատիկ, թերեւս յայնժամ կարող եմք ըստանալ Աղեքսանդրու Պատմագիրքն» (առ Աբբ., 19 Մարտ 1754):

Յովհաննէս կը դառնայ Հռոմ եւ երկու օր ետք Սարգիս Արքեպս. առանձին ճամբայ կ՚ելլէ՝ Զատիկը Լիվոռնոյ անցընելու համար, եւ որով «Տէր Յուսեփին հետն այժմ խօսեցայ որ դերեւս Աղեքսանդրու Պատմագիրքն առնում բերեմ այժմ, զի նոյն առաջին երկիւղն ոչ եւս մնաց Սարգսէն» (առ Աբբ., 6 Ապրիլ 1754):

20 Ապրիլին Յովհաննէս Թոմաճան կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր լակոնական ոճով. «Աղեքսանդրու Պատմագիրքն առի», բայց անկարելի չէ որ Թոմաճանեան, որ կը սիրէ կատակել, բառախաղ ըրած ըլլայ եւ գրածը չհամապատասխանէ իրականութեան: Մինչեւ այդ թուականը՝ այդ գիրքէն Մատենադարան մտած էր միայն մէկ օրինակ, իսկ յաջորդ օրինակները ստացած ենք աւելի ուշ, եւ եղած տասնեակ օրինակներէն ոչ մէկուն վրայ կայ Յովհաննէս Թոմաճանի գրիչին հետքը, կամ գրապետին նշումը եւ կամ համապատասխանէ Թոմաճանի ըրած Ձեռագրին նկարագրութեան:

ՏԷՐ ՅԱԿՈԲ ՂԱԶԱՐԵԱՆ (1753-1760)

 

Տէր Յակոր Ղազարեան Խոտրջուրցի քահանային անունը՝ երախտագիտութեամբ է որ կը յիշուի Միաբանութեանս մէջ, քանի իր բարեացակամութեամբ ճոխացած է Մատենադարանիս հաւաքածոն: Այս քահանան 1751ին կը հիւրասիրուի Ս. Ղազար, ուր բաւական երկար ժամանակ մը մնալէ ետք, իր որդին, Սերովբէն, կը թողու իբր ժառանգաւոր, եւ Պոլսոյ ճամբով կը դառնայ իր ծննդավայրը: Ս. Ղազարի մէջ ականատես ըլլալով ծիսական վերանորոգումին, կը խոստանայ դարձին ղրկել Ձեռագիրներ: Վանքէն մեկնելուն, Մելքոնեան Աբբահայր կը գրէ Պոլիս, Հ. Միքայէլ Սեբաստացիի. «Գայ այդր Խոտրջրցի Տէր Յակոբն, որ եղեւ առ մեզ զբազում ժամանակս սիրով մեծաւ, որպէս եւ մեք իսկ ցուցաք նմա բազում մարդասիրութիւն, զի արժանի իսկ էր...: Ունի զկամս առաքելոյ առ մեզ յերկրէն իւրմէ զձեռագիր գրեանս, որում դուք եւս ծանօթ լինիջիք, զի յորժամ առաքիցէ՝ տէրութիւն առնիցէք եւ փութով այսր յղիցէք» (21 Յունուար 1751):

Տէր Յակոբ խոստումին համաձայն, դեռ ծննդավայրը չհասած, Տրապիզոնի մէջ կը սկսի հետաքրքրուիլ Ձեռագիրներով: Կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր. «Ծանիր, յաւուր միում, ի մէջ խօսակցութեան միտքս անկաւ, ասացի սոցա թէ ձեր վանքն Ճառյնտիր կա: Ասաց տիրացու Պետրոսն եւ մահտեսի Յովանէսն թէ կա: Ասացի թէ շատ բարեգոյն կու լինէր եթէ օղարկէիք որ երթայր մեր Հայր Աբբային ձեռն հասանիր, ի մէջ վանքին պիտանի է: Սոքա խոստացան, թէ որովհետեւ պիտանի է նա Աստուծով շուտով կու յղեմք» (15 Յուլիս 1752):

Այս լուրը Մելքոնեան Աբբայ կը գրէ Պոլիս, Հ. Զաքարիա Ալեքսանեանի, որպէսզի ինքն ալ իր կողմէ հետաքրքրութիւն ցոյց տայ, գրելով նամակ նոյն ազգայիններուն, որպէսզի մնան հաստատ իրենց բարի տրամադրութեան մէջ:

Հ. Զաքարիա ստացած հրահանգին համաձայն կը գրէ նամակը, իմացնելով Աբբահօր. «Գրեցի եւս գիր ի Տրապիզոն առ Մանթէշօղլու տիրացու Պետրոսն, եւ առ մահտեսի Յօհաննէսն եւ առ Թահթաճիօղլուն վասն ճառընտրին, զի ուղարկեսցեն ինձ աստ յՍտամպօլ. նաեւ թէ զձեռագիր Աստուածաշունչ եւս կամ զայլ ձեռագիր գիրս եւս ունիցին, եւ կամիցին եւ յօժարեսցին ընծայել վանքին, առաքեսցեն առ իս եւ ես առաքեցից ձեզ. եւ մինչեւ ցայժմ ոչ թուղթ եւ ոչ գիրք ինչ եկն ինձ ի նոցանէ» (առ Աբբ., 1 Փետր. 1753):

Տէր Յակոբ նախ կը մնայ Տրապիզոն, ուրկէ կը գրէ երկու նամակ՝ նկատմամբ Ձեռագիրներու: Առաջինը՝ Մելքոնեան Աբբահօր. «Վասն Ճառընտրին Տրապիզօնու իշխաններուն աղերսեցի որ առնեմ եւ յղեմ: Նախ եւ յառաջ այս մեր տիրացու Պետրոսին աղաչեցի, մինչեւ ասի թէ՝ միւս իշխաններուն եւս ծանուցանեմ: Վաղվաղակի այս մեր եխբայրն բերեց եւ ետ ի ձեռս իմ. նոքայ ոչ գիտեն: Այս մեր եխբայրն քան զնոսա մեծագոյն իշխան է: Արդ յուրեմ(ն) խնդիր լինի ձեր հրամանուցն, ի հասանել ճառյնտրին, մէկ շնորհակալութեան եւ փոքր օրհնութեան գիր մ(ը) յղես» (12 Մայիս 1753): Երկրորդ նամակ մը գրած է Հ. Վրթանէս Ասկէրեանի, որու կու տայ նոյն լուրը՝ աւելցնելով. «Յղեցի մէկ ճառյընտիր, մէկ մաքաղաթ Աւետարան եւ մէկ Գանծարամ» (14 Մայիս 1753):

Յուլիսին յիշեալ Ձեռագիրները արդէն հասած են Պոլիս, ուրկէ Հ. Զաքարիա կը գրէ Աբբահօր. «Ի Տրապիզոնայ Տէր Յակոբն Ղազարեան եւ եղբարք ուղղափառք, առաքեցին ինձ զերիս ձեռագիր գրեանս, այսինքն մի ճառընտիր, մանաւանդ թէ Այսմաւուրք, զի բովանդակն է վարք սրբոց, պակաս ի թղթոց սկզբան եւ վախճանի, մի ամբողջ Աւետարան եւ մի Գանձարան, զորս եբեր եւ աւանդեաց ինձ Մանթէշօղլու տիրացու Պետրոսն» (2 Յուլիս 1753):

Երեք Ձեռագիրներն են.

ա. ճառընտիր (Ձեռ. 17)

բ. Աւետարան

գ. Գանձարան (Ձեռ. 1067)

Այս երեք Ձեռագիրները, որոնցմէ Աւետարանը չկրցանք ստուգել թէ ինչ համարի տակ կը պահուի, Հ. Վրթանէս Ասկէրեան Պոլիսէն կը բերէ Վենետիկ, վերոյիշեալ իր իսկ գնած Ձեռագիրներուն հետ: Հոս, սակայն, անցողակի կերպով կ՚ուզենք յիշատակել Պոլիս գտնուող ծերունի մեր միաբաններէն, Հ. Միքայէլ Վարդերեսեանի խորհրդածութիւնը, որ չկարենալով գնահատել ստացած Ձեռագիրները՝ կը գրէ Աբբահօր, «Ի Տրապիզոնու աստ առ մեզ երեք կտոր գիրք հասեալ (են), մինն իբրու ճառընտիր, որոյ կիսոյ թուղթքն իբրեւ զվուշ տրորեալ, պատառոտեալ եւ պակասեալ, այլ մինն Գանձագիրք փոքր, եւ միւսն Աւետարան: Ըստ իմ կարծեացս նաւլուն չարժէ ուղարկելն եւ հռչակ հարկանելն զհայոց փտած գրգերն ժողովել, որ նոքօք զի՛նչ փառս ունելոցք եմք, այդր յայլոյ ազգ, եւ զի՛նչ պտուղ արտահանելոցք եմք յայնց՝ ո՛չ գիտեմ, որոց ո՛չ սկիզբն յայտ եւ ո՛չ կատարածն, եւ թէ յորմէ իցէ» (21 Յուլիս 1753):

Յաջորդ տարին, 1754ին, Տէր Յակոբ Տրապիզոնէն Խոտրջուր իր ծննդավայրը երթալէ առաջ, կը գտնէ նոր Ձեռագիրներ, փոխան ստացած գումարին. «Ահայ ընդ հետ երկու ոսկւոյն, - կը գրէ Աբբահօր, 13 Յուլիս 1754ին, - չորս գիրք յղեցի», այսինքն.

դ. Նարեկ (Ձեռ. 1027)

ե. Փոքր Աստուածաշունչ (Ձեռ. 1312)

զ. Սաղմոս (Ձեռ. 149)

է. Շարակնոց (Ձեռ. 1516)

«Ահայ ճանապարհորդեցայ դէպի առ յերկիրն մեր, - կը շարունակէ Տէր Յակոբ, - Աստուծով յերբ հասանիմ, շուտօվ յղելոց եմ զԱստուածաշունչն եւ այլ մեծամեծ հին գրեանք»:

Եւ իրապէս կը կատարէ խոստումը՝ գրելով Մելքոնեան Աբբահօր. «Ահաւասիկ առաքեցի առ յարգութիւնդ.

ը. Զմի Աւետարան (Ձեռ. 961) ԵՃՀԴ-ամեայ, որ է մագաղաթեայ,

թ. Զմի Աստուածաշունչ (Ձեռ. 1258), ոչ կատարեալ այլ պակաս, այս է խոստացեալ զԱստուածաշունչն իմ, սակայն այսպէս լինիլն ոչ գիտէի, թողութիւն շնորհեցէք. ոգւով չափ կաշխարիմ եւ ջանամ, եթէ սորայ լաւն անկանի ի ձեռս իմ՝ նա եւս շուտօվ յղելոց եմ.

ժ. Զմի ճաշոց փոքրագոյն մագաղաթեայ,

ժա. Մեկնութիւն գրոց սրբոց Առաքելոյն Պօղոսի (Ձեռ. 420), յոյժ հնագոյն, որ եւ ճանաչի յերեւութէ անտի, մանաւանդ թէ ի տեղւոյն՝ ուստի եղեւ հանեալ, քանզի ի հարիւր եւ տասնամեայ քահանայէ միոջէ հանաւ, ի քարաշէն եւ ի յոյժ բազմեայ վանաց շինեալ յանտառի իմիք, ընդ մեծագոյն ապառաժի միով, որով եւ գրեթէ աներեւութանայր.

ժբ. Նոյնպէս եւ զմի Սաղմոսարան (Ձեռ. 1651) մագաղաթեայ երկաթագիր, յոյժ հնացեալ եւ կողք նորա թափեալ.

ժգ. Զմի Յիսուս Որդի (Ձեռ. 296), յորում պարունակին եւ պէսպէս խրատք, մագաղաթեայ, ԳՃՂԸամեայ.

Ժդ. Զերկու ժամագիրքս (Ձեռ. 277) փոքրիկ, ընդ որս եւ Խորհրդատետրք, որոց մինն երկերիւրամեայ եւ միւսոյնն պակասի:

«Դարձեալ Հասանղալայու վանքին հրաշագործ պատկերն եւ մեծ ճառյնտիրն, որոյ սքանչ(ել)իքն զոր տեսեալ էր Րաբունապետն մեր Մխիթար Աբբան, Աստուծով, կամ յուշ կամ թէզ՝ յղելոց եմք առ յարգութիւնտ: Իմացանք այլոց բերանէ եթէ նոյն վանքին Առաջնորդն, որ անուամբ կոչի Կարապետ Վրդ., հաճեցեալ է որ իւր ձեռամբն առնու պատկերն եւ ճառյնտիրն բերէ յ(ը)նծայ մատուցանէ ձեզ» (30 Մարտ 1755):

Պօղոսի Թուղթերուն մեկնութեան Ձեռագիրը՝ հին է արդարեւ, գրուած անցման բոլորգրով, դեղնորակ թուղթի վրայ, որ խոնաւութեան հանդիպած ըլլալով՝ մեծապէս վնասուած է: Ձեռագիրներու խումբը Ս. Ղազար հասնելուն, 26 Փետրուար 1756ին, անտարակոյս մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է, եւ օրուան գրապետը, Հ. Սիմոն, գրած ըլլալու է Տէր Յակոբին, որպէսզի նոյն վանքէն ստանայ ուրիշ նման հին Ձեռագիրներ: Տէր Յակոբ կը պատասխանէ 20 Յունիս 1757ին. «Ի մէջ անտառին եղեալ գրգերն դեռ եւս ոչ եմ գտեալ, քանզի դժուարին է. հայքն ոչ գիտեն եւ ոչ կամին յուսուցանել տեղն, տաճկաց ծերերոյն յետեւներն եմ անկեալ, կաղաղակեմ վասն յուսուցանելոյ ի տեղիս գրգոց, դեռ եւս յոյս իմ ոչ է հատեալ սակս գտանելոյ»: Տէր Յակոբ Ղազարեանի ղրկած վերջին խումբ ձեռագիրները՝ կ՚ըլլան հետեւեալները. «Ծանի՜ր, ահայ յղեցի Գերյարգելութեանցդ՝

ժե. Մէկ Մաշտոց մ(ը) (Ձեռ. 1536),

ժզ. Եւ մէկ գիրք մը, բայց անունն չեմ գիտել թէ զինչ գիրք կանուանի. պատմութիւն շատ ունի, ոմանք կոչեն սորայ անունն Ոսկիփորիկ (Ձեռ. 972). ձեր հրամանքդ լաւ գիտէք: Մաշտոցն ոչ է ձեր ասածն եւ ոչ իմն. սակայն զի՛նչ առնիցեմ եղկելիս, ներկայ ժամանակիս զայս գտնուեցաւ, յոյս ունիմ որ սորա հինն եւ կատարեալ փարթամն Քիւրտիստանու բերելոց եմ եւ առ ձեզ յղելոց եմ, եթէ Տէր կամեսցի, քանզի ապսպրեալ եմ նոցա» (7 Ապրիլ 1758): Ապա նոյն նամակով կ՚ընէ նկարագրութիւնը՝ ղրկած Մաշտոցին. «Չլինի թէ Մաշտոցն այսր եւ անդր անկանելով ի ձեռս զանազան անձանց փոխարկեն: Ծանի՛ր, վերան ունի արծաթէ խաչ եւ ոսկեջրած խաչելութիւն. նոյնպէս եւ չորս աւետարանչաց պատկերն ոսկեջրած: Յերբ այս երկու գիրքն հասանեն ի ձեռս քո, խնդրեմ ի քեզունէ ի փառս Որդւոյն Աստուծոյ, մատ մի գրով շուտով ծանուցանես ինծ, որ իմանալով ուրախանամ»: Յիշեալ Մաշտոցը հանդիպած ըլլալու է այնպիսի ձեռքերու, որոնք կողոպտած են վրայի զարդերը (տե՛ս Ցուցակ Ձեռագրաց, հտ. Գ., էջ 531-532):

Հ. Զաքարիա 19 Յուլիս 1760 թուակիր նամակին մէջ կը յիշէ թէ Պոլիսէն վանք կը ղրկէ՝

ժէ. «Արծաթապատ Աւետարան մի (Ձեռ. 1707) եւ

ժը. Հնացեալ մասն ինչ Ճառընտրի, զորս Խոտրջրցի Տէր Յակոբն ի Կիւմիւշխանայու առաքեալ էր մեզ» (առ Մելքոնեան Աբբայ): Յիշուած Աւետարանը երկար տարիներ ցուցադրուած ըլլալով վանքիս թանգարանը, Հ. Բարսեղ Սարգիսեանի ձեռքով ստացած է թուահամար, իսկ Ճառընտիրը, որու մասին չենք գտներ ոչ մէկ արձանագրութիւն, կրնայ համապատասխանել թիւ 1186 Ձեռագրին:

Այսպէս ահա Տէր Յակոբ Ղազարեան քանի մը տարուան ընթացքին Ս. Ղազար կը հասցնէ տասնեօթ ընտիր Ձեռագիրներ, որոնցմէ ոմանց վրայ չէ նշանակուած նուիրատուին անունը, եւ որով կը դժուարինք տալ ձեռագրական համարը:

 

ՍՏԵՓԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ (1757)

Աւգերեան Ցուցակին մէջ Սամուէլ Անեցիի (Ձեռ. 1253) ձեռագրի մը վրայ նշանակուած կը գտնենք. «Յիշատակ է մահտեսի Պարոն Ստեփան Պօղոսեան՝ յղեալ ի Բասրայէ, յամի 1757 - ՌՄԶ».

ՏԷՐ ՅՈՎՍԷՓ ՔՀՅ. ՅԱՐԴՈՒԵՆՈՅ (1758)

Չունինք ծանօթութիւն այս քահանային մասին, որ Արդուինէն Մատենադարանիս ղրկած է Բեդայ (Ձեռ. 397):

ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՔՀՅ. ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ (1761)

Չունինք ճշգրիտ թուականը թէ ե՛րբ եւ ինչ առիթով, Ղաբանցի Տէր Գրիգոր թողած է Մատենադարանիս տասներկու Ձեռագիր: Հ. Մկրտիչ Անանեան Հռոմ գտնուած շրջանին, ընդունած է անստորագիր նամակ մը, գրուած 17 Յուլիս 1761ին: Նամակին ետեւ Հ. Մկրտիչ գրած է. «Տէր Գրիգոր Ղաբանցի»: Այս ենթագրութեամբ՝ կ՚ուզենք հաւատալ որ նոյն շրջանին Վենետիկ ապրող քահանայ մը եղած է Տէր Գրիգոր, որ թողած է մեզի հետեւեալ Ձեռագիրները.

ա. Սաղմոսարան (Ձեռ. 122)

բ. Մանրուսմունք (Ձեռ. 328)

գ. Աւետարան (Ձեռ. 362)

դ. Սաղմոսարան (Ձեռ. 388)

ե. Ժամագիրք (Ձեռ. 440)

զ. Ճաշոց (Ձեռ. 920)

է. Ժամագիրք (Ձեռ. 1022)

ը. Յայսմաւուրք (Ձեռ. 1042)

թ. Մաշտոց (Ձեռ. 1201)

ժ. Մաշտոց (Ձեռ. 1217)

ժա. Աւետարան (Ձեռ. 1543)

ժթ. Աւետարան (Ձեռ. 1556)

Բոլոր Ձեռագիրներուն մէջ գրուած է նոյն բանաձեւը՝ առանց թուականի. «Զայս մատեան շնորհեաց վանաց սրբոյն Ղազարու ի Վենետիկ, յորում բնակին հայ կրօնաւորք ի կարգէ սրբոյն Անտոնի Աբբայի, Վ. Հ. Տէր Գրիգոր քհյ. ն Մարկոսեան Ղաբանցի, եղբայր պարոն Յօհան վաճառականի»:

ՎՐԹԱՆԷՍ ԱՐՔԵՊՍ. ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ (1761)

 

Մտերիմ բարեկամ Միաբանութեանս, Վրթանէս Արքեպս. Կեսարիոյ, խոր ծերութեան մէջ կը վախճանի Հռոմ, մահուան լուրը Ս. Ղազար կը հասնի 12 Մարտ 1761ին: Հաւանաբար հանգուցեալին փափաքով է որ իր անձնական Ձեռագիրներէն մէկ քանին կը մտնեն մեր Մատենադարանը: Ձեռագիրներն են՝

ա. Վարդան, Մեկնութիւն Երգոցի (Ձեռ. 34)

բ. Ոսկեփորիկ (Ձեռ. 176)

գ. Մատթէոս Վրդ., Մեկնութիւն Վեցօրէից (Ձեռ. 371)

դ. Խորհրդատետր (Ձեռ. 1044)

Աւգերեան այս Ձեռագիրներէն իւրաքանչիւրին համար գրած է հետեւեալը. «Յիշատակ է Տեառն Վրթանիսի Արհիեպիսկոպոսի, ձեռամբ Գաղատացի Ղազանճի Օղլուենց Տէր Յովսեփին, յղեալ ի Հռոմայ, 1761 - ՌՄԺ, Ապրիլի 15»:

ԱԳԱԹԱ ՌԱԻՍԵՆՑ ԲՌԳՆԿՑԻ (1761)

 

Սա մեր Մատենադարանին թողած է Խորհրդատետր մը (Ձեռ. 1467):

ԳԷՈՐԳ ՊԱԼԱՏԵՑԻ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ (1776-1809)

 

Մխիթարեան միաբանի մը չափ եւ աւելի, լուռ եւ անաղմուկ, Գէորգ Պալատեցին, նպաստած է Միաբանութեանս, ճոխացնելու մեր Մատենադարանը ընտիր Ձեռագիրներով: Որքան ալ հիւսելու ըլլանք գովասանք եւ ուզենք դուրս ցայտեցնել իր արժանիքները՝ միշտ քիչ պիտի ըլլայ, հանդէպ այն հսկայ նպաստին՝ որ բերած է Գէորգ Պալատեցի, Ձեռագիրներ հայթայթելու նուիրական գործով: Առանձին մենագրութիւն մը նուիրած ենք իր եւ Մխիթարեան Միաբանութեան հետ ստեղծուած զօդին, ինչպէս նաեւ մեզի հայթայթած Ձեռագիրներէն իւրաքանչիւրին մասին դիւանական ծանօթութիւններով, - բոլորն ալ հետաքրքրական եւ բազմաթիւ մանրամասնութիւններով, - որով հոս կրկին անգամ անոնց մասին աւելորդ կը նկատենք ծանրանալ: Բայց անգամ մը եւս շնորհակալու հոգիով կ՚ուզենք ըսել բարձր՝ թէ Գէորգ Պալատեցի, հարազատ եւ անկեղծ բարեկամ Միաբանութեանս, խանդավառ մեր միաբաններուն կատարած հրատարակութիւններով, յատկապէս Չամչեանի Հայոց Պատմութեամբ եւ անկէ աւելի Նոր Հայկազեան Բառարանի պատրաստութեան գործով, բերած է իր անգնահատելի նպաստը, անձնապէս օրինակած է բազմաթիւ Ձեռագիրներ, Միաբանութեան ծախսով կատարած է դժուարին ճամբորդութիւն մը դէպի ներքին գաւառներ՝ հաւաքելու եւ ընդօրինակելու Ձեռագիրներ, ինչպէս նաեւ իր սեփական հաւաքածոյէն նուիրած է Մատենադարանիս ընտրելագոյն հին Ձեռագիրներ:

Գէորգ Պալատեցիի մեզի տուած Ձեռագիրները, շուրջ յիսուն հատոր, կարելի է բաժնել հետեւեալ կերպով.

1. Ձեռագիրներ՝ որոնք ինք անձամբ ընդօրինակած եւ ղրկած է Ս. Ղազար.

ա. Յովհան Մանդակունի (Ձեռ. 80)

բ. Թուղթք Քահանայապետաց (Ձեռ. 129)

գ. Կորիւն (Ձեռ. 404)

դ. Արիստակէս Լաստիվերտցի (Ձեռ. 919)

ե. Եւսեբիոսի Քրոնիկոն (Ձեռ. 931)

գ. Ղազար Փարպեցի (Ձեռ. 1088)

է. Ժողովածոյ (Ձեռ. 1090)

ը. Հաւաքածոյ նամակաց (Ձեռ. 1166)

թ. Ղազար Փարպեցի (Ձեռ. 1206)

ժ. Բառարան պարսից (Ձեռ. 1811)

ժա. Ստեփանոս Տարօնեցի (Ձեռ. 2080)

ժթ. Յովնան Օձնեցի, Ընդդէմ երեւութականաց (Ձեռ. 2359)

Ժգ. Մովսէս Խորենացի, ճառք (Ձեռ. 2362)

ժդ. Ներսէս Լամբրոնացի, Ատենաբանութիւն (Ձեռ. 2218)

ժե. Վարդան Վրդ. Աշխարհագրութիւն (Ձեռ. 2674)

ժզ. Յովհաննէս Կթղս. Պատմութիւն (Ձեռ. 2675)

ժէ. Արիստակէս Լաստիվերտցի (Ձեռ. 2687)

2. Տպագիրներ՝ ուղղուած Գէորգ Պալատեցիէ՝ ըստ ձեռագիրներու.

ժը. Եզնիկ (Ձեռ. 73)

Ժթ. Մովսէս Խորենացի (Ձեռ. 745)

ի. Ագաթանգեղոս (Ձեռ. 2421)

իա. Խոսրով Անձեւացի, Մեկնութիւն Ժամագրոց (Ձեռ. 2423)

իբ. Փաւստոս Բիւզանդ. (Ձեռ. 2460)

3. Ձեռագիրներ՝ որոնք գնած է Միաբանութեանս ծախսով.

իգ. Յիսուս Որդի (Ձեռ. 78)

իդ. Գրիգոր Տաթեւացի, Մեկնութիւն Սողոմոնի (Ձեռ. 438)

իե. Աստուածաշունչ (Ձեռ. 623)

իզ. Ներբող ի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (Ձեռ. 948)

իէ. Նարեկացի, Մեկնութիւն Երգ Երգոցի (Ձեռ. 950)

իը. Ներսէս Շնորհալի, Մեկնութիւն Կաթողիկեայք (Ձեռ. 951)

իթ. Աստուածաշունչ (Ձեռ. 1006)

լ. Տաթեւացի, Մեկնութիւն Յովհաննու (Ձեռ. 1034)

լա. Ոսկեփորիկ (Ձեռ. 1091)

լբ. Նոր Կտակարան (Ձեռ. 1322)

4. Ձեռագիրներ՝ որոնք նուիրած է Մատենադարանիս իբր յիշատակ.

լգ. Ժողովածոյ (Ձեռ. 286)

լդ. Կանոնք խոստովանահարց (Ձեռ. 373)

լե. Բարսեղ Ճոն, Մեկնութիւն Մարկոսի (Ձեռ. 447)

լզ. Պատմութիւն Պղնձէ քաղաքի (Ձեռ. 529)

լէ. Ժողովածոյ (Ձեռ. 869)

լը. Ժամագիրք յունաց (Ձեռ. 886)

լթ. Ճառընտիր (Ձեռ. 991)

խ. Ճառընտիր (Ձեռ. 1002)

խա. Ներսէս Շնորհալի, Մեկնութիւն Մատթէի (Ձեռ. 1152)

խբ. Աստուածաշունչ (Ձեռ. 1182)

խգ. Բարսեղ Ճոն, Մեկնութիւն Մարկոսի (Ձեռ. 1220)

խդ. Ժամագիրք թաթարաց (Ձեռ. 1276)

խե. Ներսէս Լամբրոնացի, Մեկնութիւն Պատարագի (Ձեռ. 1630)

Սա վերջին ձեռագիրս, Լամբրոնացիի Մեկնութիւն Պատարագին, գրուած 1332ին, Գէորգ Պալատեցի Վենետիկ ղրկած է 1787ին, որպէսզի վանքիս մէջ ընդօրինակուի եւ հին բնագիրը դարձեալ ղրկուի իրեն: Հ. Ղուկաս Ինճիճեան, որ նոյն օրերուն կը գտնուէր Պոլիս, վանականներուն կ՚ընէ թելադրանք մը. «Կամիմ ծանուցանել վասն Պատարագամատուցի Լամբրոնացւոյն, զի է այն Տիրացու Գէորգին, յորմէ օրինակեալ առաքեաց յառաջագոյն զԱտենաբանութիւնն: Զայս ետ այժմ միայն ի յուղղագրել համեմատութեամբ զմեր օրինակն, եւ դարձեալ առաքել առ նա: Բայց ի հասանել ի ձեռս ձեր, եթէ ես աստ գտանիմ, առաքեսցեն ինձ Բառարանին յօրինողք թուղթ ինչ, խնդրելով զի Տիրացու Գէորգն շնորհեսցէ մեզ զայն ի պարգեւ: Նմա հաճոյ է՝ եթէ օրինակեալ զայլ օրինակ ինչ՝ զիւրն առ ձեզ պահեսջիք եւ զնոր օրինակեալն ձեր առաքեսջիք առ նա...: Զայս Պատարագամատուցին գիրսն՝ ինքն Տիրացուն ո՛չ յայտնեաց ինձ, այլ յայլոց ծանեայ» (առ Աբբ., 21 Սեպտ. 1787): Յաջորդաբար համաձայնութիւնը պէտք է կնքուած ըլլայ, քանի Աւգերեան իր Ցուցակին մէջ հետեւեալ կերպով ըրած է արձանագրութիւնը. «Յիշատակ է Տիրացու Գէորգեայ Տէր Յովհաննէսեան, ի ձեռն Վ. Հ. Ղուկաս Վրդ. ին մերոյ Ինճիճեան, յղեալ առ մեզ ի Կոստանդնուպօլսոյ, յամի 1787 - ՌՄԼԶ»:

5. Գէորգ Պալատեցիի գրչութեամբ Ձեռագիրներ, որոնք 1827ին նուիրուած են Մատենադարանիս՝ Յակոբ Չէլէպի Տիւզեանէ.

 

ա. Նոննոս, Հաւաքումն պատմութեան (Ձեռ. 32)

բ. Գիրք ականց (Ձեռ. 410)

գ. Պատմութիւն Օսմանցւոց (Ձեռ. 474)

դ. Բանալի աստեղաբաշխութեան (Ձեռ. 1574)

ե. Գէվիսի՝ տախտակ (Ձեռ. 1960)

զ. Պատմութիւն Օսմանցւոց Ա. (Ձեռ. 1693)

է. Պատմութիւն Օսմանցւոց Բ (Ձեռ. 1694)

ը. Յաղագս Դրուատայի (Ձեռ. 2960):

 

6. Գէորգ Պալատեցիի գրչութեամբ Ձեռագիրներ, որոնք ստացած ենք զանազան առիթներով.

ա. Ոճք պարսկականք (Ձեռ. 793, ստ. 1830ին)

բ. Սիմէոն Մագիստրոս (Ձեռ. 2000, ստ. 1845ին)

գ. Ոճք պարսկականք (Ձեռ. 1532, ստ. 1880ին)

դ. Հայելի գրոցն Օմիրոսի (Ձեռ. 901, ստ. 1888ին)

ե. Կեանք եւ առասպելք էսօբօսի (Ձեռ. 3071):

ԱԹԱՆԱՍ ԵՊՍ. ՄԷՐԱՍԵԱՆ (1781)

 

Սա անցեալին եղած է աշակերտ Մխիթար Աբբայի, ապա վանքէն մեկնած եւ ձեռնադրութիւնը ստացած է Պոլիս, ուր յաջորդաբար ստացած է նաեւ, եպիսկոպոսութեան աստիճան: 1767ին, Վենետիկէն Հ. Մկրտիչ Անանեան կը դիմէ իրեն, խնդրելով վանքին համար ձեռագիր Յայսմաւուրք մը: Աթանաս Եպս. կը պատասխանէ Պոլիսէն՝ 15 Դեկտեմբեր 1767ին. «Վասն Այսմաւուրին գրեցի գիր առ վէքիլ վարդապետն, եւ նա խոստացաւ ինձ գտանել շուտով զմի հին Այսմաւուր ձեռագիր եւ յղել ինձ, եւ ես զայն ըստ դիպման ժամանակի յղեցից առ ձեզ»:

8 Յունուար 1781ին գրած է իր կտակը եւ ի շարս ուրիշ առարկաներու՝ «թողում վանից ի յիշատակ Գիրք մեկնութեանց Սաղմոսաց եւ զՎիճաբանութեանց գիրքն Ստեփաննոսի Դաշտեցւոյն»։ Մեռած ըլլալով Գաստէլ ֆիտարտոյ (Իտալիա), կտակը չէ պահուած, եւ նոյն թուղթին ստորեւ Մելքոնեան Աբբայ գրած է. «Զայս կտակ նորա չկատարեցաւ, զի գնացեալ ի Գաստէլ ֆիտարտօ ամենայն ընչիւք իւրով եւ անդ վախճանեցաւ եւ թաղեցաւ»:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

 

Գրիգոր Տաթեւացիի Մեկնութիւն Յովհաննու Աւետարանէն քաղուածք մըն է (Ձեռ. 758), որու սկիզբը իբր նուիրատու նշանակուած է՝ «Եզական բարեկամին մերոյ»: Աւգերեան մեկնելով այս բացատրութիւնը՝ Ցուցակին մէջ կը գրէ. «Յիշատակ է ասի՝ եզական բարեկամի մերոյ, որ թուի լինել Ասվատուր կամ Յովհաննէս ի Փափազեան տանէն, որդի մահտեսի Յարութիւնի կամ ընդհանրապէս՝ է յիշատակ տանն հաճի Յարութենենց»:

ՂԱԶԱՐ ԵՊՍ. ԱՆՄԱՐՄԻՆ, ՊՈՆՏԱՑԻ (1783)

 

Ղազար Եպս. առաջին այցելութիւն մը կատարած է Ս. Ղազար՝ 23 Մայիս 1761ին, եւ կատարած է ձեռնադրութիւններ: 1781-ին դարձեալ զինքը կը գտնենք Ս. Ղազար՝ այցելութեան մը առիթով: Վախճանած է 1783ին: Նոյն տարուան 2 Մարտին, Ս. Ղազար այցելութեան կու գայ Պոլսոյ նախկին Պատրիարք Գրիգոր Պասմաճեան, եւ Ղազար Եպս. Անմարմինի կողմէ մատենադարանիս կը նուիրէ Բարթողիմէոս Եպս. ի Մեկնութիւն Վեցօրէից (Ձեռ. 333):

ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍ ԱԲԵՂԱՅ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ (1785)

 

Թէքիրտաղցի Սարգիս, դեռ սարկաւագ, 9 Հոկտ. 1779ին Պոլիսէն կը հասնի Վենետիկի նաւահանգիստը, այն է Մալամօքքոյ, ուրկէ կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր թէ ուղղուած է Թրեստ, Բասենցի Յարութիւն Արքեպ. ին հրաւէրով: 27 Մայիս 1781ին Յարութիւն Եպս. զինքը կը ձեռնադրէ Աբեղայ՝ Ս. Ղազարի մէջ: Իր մասին Աւգերեան ժամանակագրութեան մէջ կը գրէ. «Սա էր այր ուսումնասէր եւ իմաստակ հայակերպ, որ որպէս նախ ի Հռովմ եւ ի Պատուա, դեգերեցաւ յուսումն անկատար, նոյնպէս եւ զկնի յանգդնութեամր գնաց յէջմիածին՝ իբր առ որսալ զերիցագոյն աշակերտացից իւր զՂուկաս Կաթողիկոս» (էջ 676բ): Այս անձն է որ 15 Յունուար 1785ին, հաւանաբար Ս. Ղազար այցելութեան մը առիթով, Մատենադարանիս նուիրած է հետեւեալ Ձեռագիրները.

ա. Գրիգոր Մագիստրոս (Ձեռ. 273)

բ. Ոտանաւորք (Ձեռ. 461)

գ. Մեկնութիւն քերականի (Ձեռ. 990)

դ. Դաւիթ Անյաղթ (Ձեռ. 1183)

ե. Գիրք Պիտոյից (Ձեռ. 2291)

ՌԱՓԱՅԷԼ ՋՈՒՂԱՅԵՑԻ (1786)

 

Այս անձը Մատենադարանիս յիշատակ թողած է Մովսէս Ջուղայեցի (Ձեռ. 314):

ՊԵՏՐՈՍ ՎՐԴ. ԷՕՐՏԷԿՃԵԱՆ (1787)

 

Սա աշակերտն է Սարգիս Արքեպս. Սարաֆեանի, եւ իրմէ ստացած է քահանայական ձեռնադրութիւնը՝ Ս. Ղազարի մէջ: Սարգիս Արքեպս. վախճանած է Լիվոռնոյ, Հոկտեմբեր 1773ին: Այնպէս կը թուի որ Պետրոս ունեցած է Սարգիս Արքեպս. ի Ձեռագիրները, որոնցմէ երեք հատոր, 1787ին, կը նուիրէ մեր Մատենադարանին.

ա. Սամուէլ Անեցի (Ձեռ. 1227)

բ. Ջերմեռանդական (Ձեռ. 2842)

գ. Բառարան (Ձեռ. 2083)

ԱՒԵՏԻՔ ԶՕՀՐԱՊԵԱՆ (1787)

 

Աւետիք եղբայրն է մեր միաբաններէն Հ. Յովհաննէս Զօհրապեանի, եւ 1787ին Պոլիսէն մեր Մատենադարանին ղրկած է իբր յիշատակ՝ Տաղարան մը (Ձեռ. 556):

ՕՂԻԿ ԵՒ ՄԱՐՏԻՐՈՍ (1787)

 

Օղիկ եւ իր որդին Մարտիրոս, Մատենադարանիս յիշատակ թողած են երկու Ձեռագիր, որոնցմէ առաջինը՝ Շարակնոց մը՝ (Ձեռ. 1193) 1787ին, իսկ երկրորդը՝ Մաշտոց մը (Ձեռ. 1264) 1803ին, Հ. Իգնատիոս Փափազեանի ձեռքով:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ՍԷՐԱԶԳԵԱՆ (1788)

 

Աւգերեան Ցուցակին մէջ երկու Ձեռագրի համար գրուած է. «Յիշատակ է Յովհաննէս Վրդ. ի Սէրազգեան՝ միսսիոնարին Խրիմու, 1788 - ՌՄԼԷ, յՕգոստոսի 20»: Ձեռագիրներն են՝ Սաղմոս (Ձեռ. 11) եւ Նոր Կտակարան (Ձեռ. 446):

ԱՊԱԹԷ ԼՈՒՌՏԷ ՍԻՄՈՆԵԱՆ (1791)

 

Գաղղիացի գիտնական, Փարիզի համալսարանի ուսուցիչ արեւելեան լեզուներու, 1785ին Ս. Ղազարի մէջ կը կատարելագործէ հայերէն լեզուի ուսումը: 1791ին, կրկին անգամ Վենետիկ գալուն, իբր վաղեմի եւ մտերիմ բարեկամ, Մատենադարանիս նուէր կը բերէ Ագաթանգեղոսի միայն Վարդապետութեան մասը, օրինակուած իր իսկ ձեռքով, մաքուր նօտր գրչութեամբ: Գուցէ աւելորդ չըլլայ ըսել թէ ընդօրինակութիւնը կատարած է 1788ին, որու լուրը ինքը կը հաղորդէ մեզի նոյն տարին, գրելով 26 Նոյեմբերին. «Ընդ գրեանս, զորս առաքեցից ձեզ, ընկերակցեալ հասցի առ ձեզ եւ ձեռագիր մի սուրբ Լուսաւորչին, զոր այժմ օրինակեմ վասն ձեր ի հին ձեռագրէ արքունի գրատանն: Իսկ նախ քան թէ առաքիցեմ զայսս՝ գրով ազդ արարից գերապատուելի Աբբայ Հօրն» (առ Հ. Յովհաննէս Զօհրապեան, Վենետիկ):

Ձեռագրի աւարտին դրած է իր իսկ յիշատակարանը. «Գրեցաւ Վարդապետութիւնս… յամի Տեառն 1790, ի Պարէս քաղաքի, զոր օրինակեցի ձեռամբ իմով ամենայն հաւատարմութեամբ եւ զգուշութեամբ ի հին ձեռագրէ գրքատան թագաւորականին, գրելոյ ի թուականութեան Հայոց ՉԳ եւ Քրիստոսի 1254, ի Ռիմ քաղաքի, յումեմնէ Վարդանայ քահանայէ: Եւ ամենայն սրտիւ իմով մատուցանեմ եւ պարգեւ ալ ընծայեմ վերապատուելի եւ գերիմաստ Հօրն մերոյ Ստեփաննոսի երկրորդ Աբբայի, եւ ամենասիրելի Հարց մերոց Մխիթարեանց, ի կղզի Սուրբ Ղազարու, ի Վէնէտիկ, որպէս զյիշատակ իմոյ առ նոսա սիրոյս, ես անարժան եղբայրս Միաբանութեան նոցա եւ նուաստ երէց կաղղիացի Պետրոս Սիմոն Լուռդէտեան, դասասաց վարդապետ արքունի դպրատան Կաղղիացւոց»:

Ձեռագիրը սկզբնական շրջանի մը ստացած է 585 համարը, ապա շատ հաւանաբար իբր նոր օրինակութիւն՝ դուրս գրուած է Մատենադարանէն: Դեռ նոր վերջերս կրկին թուագրուելով ստացաւ 2281 համարը:

1794ին Լուռտէ նուիրած է իր իսկ շարադրած Հայերէն Քերականութիւնը գաղղիերէն լեզուով, որ ստացած է 1691 համարը:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ՍԱՐԴԱՐԵԱՆ (1791)

 

Հ. Մկրտիչ Աւգերեան վանքիս Մայր ժամանակագրութեան մէջ արձանագրած է հետեւեալը. «18 Նոյեմբերի 1791. Եկն յԱմսդրտամէ փոքրիկ արկղ, Յովհաննէս Վրդ. ի Սարտարեան Սիւնէացւոյ, յորում կային քանի մի անպէտ ձեռագիրք եւ տպագիրք եւ այլ մանր ընծայք մեզ ի յիշատակ» (էջ 790բ):

Յիշուած Ձեռագիրներէն Մատենադարան մտած են միայն երկու հատոր, Սիմէոն Ջուղայեցւոյ Քերականութիւն (Ձեռ. 408) եւ Սիմէոն Ջուղայեցւոյ Տրամաբանութիւն (Ձեռ. 907):

Նուիրատուն, Յովհաննէս Վրդ. Բագրատունի, միաբան Էջմիածնի, 9 Նոյեմբեր 1791ին կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր. «Ի մէջ սնտուկին գոյ... մին մագաղաթէ ձեռացագիրք, որ է Քերականութիւն եւ տրամաբանութիւն, արարեալ ի Սիմէօնէ Վրդ. է Ջուղայեցւոյ եւ այլ մասնաւոր բանք պարունակեալ ի միջի նորա, եւ մին ձեռացագիրք եւս ի վերայ թղթի գրեալ, որ է Քերականութիւն եւ Տրամաբանութիւն արարեալ ի Սիմէօնէ Վրդ. է Ջուղայեցւոյ, եւ այլ մասնաւոր բանք ի միջի նորա: Այս երկու գիրքս իմն է, յղեցի ի վանս ձեր առ ի լինիլ ինձ Յիշատակ, որպէս խոստացեալ էի պատուական Հայր Պօղոսին՝ թէ յղելոց եմ ի վանս ձեր»:

ԱՌԱՔԵԼ ՂԱԲԱՆՑԻ ԱԲԷԼԵԱՆ (1792)

 

23 Ապրիլ 1792ին, Առաքել Ղաբանցի, որդի Աբէլի, Մատենադարանիս յիշատակ տուած է Շարակնոց մը, (Ձեռ. 154), գրուած Սիս՝ 1295ին: Չունինք ծանօթութիւն նուիրատուին մասին:

ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔՀՅ. ԽՈՃԻԿԵԱՆ (1792)

 

Այն շրջանին երբ Հ. Յովհաննէս Զօհրապեան մեկնած էր Լվով, Ձեռագիրներ հաւաքելու, վանքիս մէջ նոր Ձեռագիրներ ունենալու եռանդը այնքան արծարծած էր որ կը մտածէին նոր հնարքներու մասին:

Միաբանութեանս մէջ մնացած էր յիշատակը Խոտրջրցի Տէր Յակոբ Ղազարեանի, որ մատենադարանիս հասցուցած էր ընտիր Ձեռագիրներ՝ որոնց ակնարկեցինք վերեւ: Խոտրջուրն ու Կարինի շրջակայքը՝ պէտք էր հարուստ ըլլալ Ձեռագիրներով, եւ ճիշտ այս նպատակով է որ Մելքոնեան Աբբայ 1790ին կը գրէ Պոլիս, Հ. Յարութիւնին. «Կարապետ վարդապետն (իմա՛ Եպս. ն Հնձեցի) որ աստ, յանձն էառ գրել առ իւրսն ի կողմանս Էրզրումի, զի ի անկանիլն ի ձեռս իւրեանց ձեռագիր գրեանս, առաքեսցեն ի Ստամպօլ առ Սեղբօսեանս, զի նա հասուսցէ ի ձեռս ձեր, եւ եթէ ծախս ինչ արարեալ են առաքօղքն գրեանց եւ ծանուսցեն, վճարեսցեն Սեղբօսեանք, եւ յետոյ դու հատուցանես նոցա: Եւ գուցէ առաջին անգամն առաքեսցեն Աստուածաշունչ մի: Զայս ծանո՛ կանխաւ Սեղբօսեանց» (Աբբ., առ Հ. Յարութիւն Մաղաքեան, Պոլիս, 16 Յունվ. 1790):

Տարի մը ետք՝ Աբբահայրը դարձեալ կը գրէ Հ. Յարութիւնին. «Խոտրջրցի Տէր Յովհաննէսն, եղբայրն մեր Հ. Փիլիպպոսին, ունի առաքել այդր առ ձեզ ձեռագիր Աւետարան մի ութն հարիւր տարուան: Յորժամ հասցէ այս գիրք ի ձեռս քո, տացես փոխանակ, կամ առաքեսցես առ նա զմի Քերականութիւն, զմի ճարտասանութիւն եւ զմի Կտակարան, եւ զնոյն ձեռագիր Աւետարան մեզ հասուսցես» (30 Ապրիլ, 1791):

Եւ իրապէս յաջորդ տարին, 1792ին, Տէր Յովհաննէս քհյ. Խոճիկեան, Խոտրջուրէն կը գրէ Պոլիս, Հ. Յարութիւնին, թէ ահա կը ղրկեմ Ձեռագիր Աւետարան մը եւ Մաշտոց մը: Մեր ցանկերուն համաձայն՝ Տէր Յովհաննէս ղրկած է երեք Ձեռագիր, երկուքը երկաթագիր եւ մին բոլորգիր, երեքն ալ Վենետիկ հասած՝ 6 Յուլիս 1793ին, այսինքն' երկու ճաշոց (Ձեռ. 89, 169) եւ Աւետարան (Ձեռ. 190):

Այս ձեռագիրներուն հետ Պոլսոյ մեր միաբաններէն ղրկուած է նաեւ՝ Ներսէս Լամբրոնացիի Մեկնութիւն Առակաց (Ձեռ. 1003):

Նոյն տարուան Նոյեմբեր 26ին Պոլիսէն կը հասնի Տէր Ղուկաս Օղուլլուխեան, անդամակցելու Միաբանութեանս, եւ հետը կը բերէ Պոլսոյ մեր միաբաններէն յանձնուած՝ Մաշտոց մը (Ձեռ. 82), նուէր Անտոն Միսքճիօղլուի, ե Տոմար մը (Ձեռ. 365):

Մինչ այս Վենետիկէն Պոլիս կը մեկնի Հ. Փիլիպպոս Խոճիկեան, շարունակելու համար ճամբան դէպի իր ծննդավայրը՝ Խոտրջուր: Հ. Փիլիպպոս, դասընկեր Հ. Մկրտիչ Աւգերեանի, գիտնալով անոր նախընտրութիւնները, զարմանքով կը գրէ Պոլիսէն՝ թէ Գէորգ Պալատեցի հետամուտ է միայն ընտրելագոյն Ձեռագիրներու: Հ. Մկրտիչ կը պատասխանէ. «Եթէ Տիրացուն անգոսնեաց զայն գիրք, չէ՛ ինչ զարմանք, զի ընդ իւրում հարազատ օրինակի դնէ ի կշիռ: Բայց քաջ գիտէ պատուականդ՝ թէ մեր առաջի եւ ո՛չ մի ի խառնարանաց է անգոսնելի, զի ի նոցունց ելանեն գանձք՝ այլուր անգտանելիք, արայիճիք ո՛չ ոսկւոյ ձուլի ակն ունին, այլ զաղբ եւս յուզեն եւ քամեն, եւ մեր գործ է զՈսկեփորիկ անուանեալ ժողովածու գրեանց յուզել, եւ ոչ զոսկեհանք առատ գտանել: Երկնչիմ, թէ գուցէ Հ. Փիլիպպոսն ի ժողովելն զձեռագիրս՝ անգիւտ մատենից եւեթ ուշ ունիցի, եւ զկարի հաճելիս Հ. Մկրտչի զխառնարանս յանպէտս եդեալ՝ զանց գլխովին արասցէ, զոր Տէր մի՛ արասցէ» (6 Օգոստոս 1793):

Եւ որովհետեւ այս նամակը գրելէն ամիս մը առաջ հասած էր Խոտրջուրէն ղրկուած Աւետարանը, որու բոլոր լուսանցազարդերը մկրատուած էին, Հ. Մկրտիչ բացատրութիւն կը խնդրէ Հ. Փիլիպպոսէն, որու եղբայրը, Տէր Յովհաննէս, ղրկած էր Աւետարանը. «(Ունիմ) գանգատ առ հայրութիւնդ վասն ձեռագրաց Խոտրջրոյ, որք հասին առ մեզ ընդ այլ գիրս՝ ի գալ այսր եղբօրորդւոյ իմոյ Յովակիմայ՝ նաւու պաշտօնէից դեսպանին: Ե Խոտրջրոյ ասին եկեալ երեքին այն խոշոր մատեանք, երկու Ճաշոցք ընտիրք եւ Աւետարան մի անգին, այլ կտրատեալ   յընթացս եւ մերկեալ յամենայն զարդուց: Ո՛չ հաւատամ՝ թէ ոչինչ գիտէ զայսցանէ հայրութիւնդ, եւ թէ գիտէր՝ զիա՞րդ չետ մեզ բնաւին ծանօթութիւն, եթէ ո՞յր է յիշատակ, որպէսզի անցցէ անունն ի կարգ յիշատակագրութեանց գրատանս»: Եւ դեռ Հ. Մկրտիչ կը շարունակէ, խնդրելով ծանօթութիւն թէ այդ Ձեռագիրները որո՞ւ տունը կը պահուէին, յատկապէս երկաթագիր Աւետարանը՝ «զոր անգին անուանեցի, եւ ո՞վ է կտրատեալ զամենայն գլխատառս եւ զզարդս որ ի լուսանցս. եւ թէ կայցե՞ն ի տան անդ մինչեւ ցարդ այն խեշերանք, զի ո՛չ հին, այլ՝ ամենայնիւ նոր երեւին կտուրքն: Արդարեւ եզական լինէր այդ Աւետարան, եթէ չէր կտրատեալ, կամ գէթ մնացեալ էր ի նմա յիշատակարան գրչութեան»:

Հ. Փիլիպպոս Պոլիսէն Խոտրջուր մեկնելէն առաջ է որ կը պատասխանէ, եւ որով չէր կրնար գիտնալ պատճառը Ձեռագրին զարդերուն կտրտուած ըլլալուն: Հ. Փիլիպպոս կը գոհանայ միայն ըսելով՝ թէ այդ բոլորը վանքիս Մատենադարանին նուիրողը՝ է իր եղբայրը, Տէր Յովհաննէս Խոճիկեան, որդի Մարգարի:

Հ. Մկրտիչ իմանալով թէ Հ. Փիլիպպոս դեռ ճամբայ չէ ելած Պոլիսէն Խոտրջուր, վերջին անգամ մըն ալ կը հասցնէ իր ձայնը անոր, կատարելով վերջին յանձնարարութիւնները. «Մի՛ լոկ մեծամեծ մատենից կամ անգիւտ ձեռագրաց ուշ դիջիք, (որ միշտ ենթադրի), այլ եւ զի՛նչ եւ իցէ, փոքունք եւ մանունք, եւ ի մասնաւորի՝ ի քաղաքս եւ յաւանս, ո՛ւր եւ նշմարէք Թուղթ Կաթողիկոսական կամ Եպիսկոպոսական կամ Վարդապետական կամ Իշխանական, եւն., ո՛չ միայն հին, այլ եւ նոր եւ յետին, որպէս եւ գտանի անշուշտ բազում ուրեք նոյն իսկ սկզբնագիրն, մի՛ եւ մի՛ իւիք զանց արասջիք, այլ եւ ի ձեռս բերեալ ամենայն հնարիւք հնարեսջիք, աղաչեմ: Չերկարեմ զբանս, ուր քաջայայտ է փափաքս» (16 Ապրիլ 1793):

Դժբախտաբար Հ. Փիլիպպոսի առողջական վիճակը վատ ըլլալով՝ չի կրնար նուիրուիլ ո՛չ հովուական պաշտօնին եւ ո՛չ Ձեռագիրներ հաւաքելու նուիրական գործին: Խոտրջուր հասնելէն շուրջ տարի մը ետք կը վախճանի, 26 Մարտ 1795ին: Մահէն ետք է որ կ՚իմանանք թէ ստացած է Ձեռագիր Գանձարան մը, որու մանրամասնութիւնները Կարինէն կը գրէ Տէր Սահակ Գալբաքճեան՝ 20 Յուլիս 1795ին. «Աղաչեմ զսրբութիւն քո, որ անարժանիս զմի Աւետարան նորատիպ յղեսցես, քանզի զիմս զոր ի ձէնջ գնեալ էի, հարկաւորեցաւ Հ. Փիլիիպոսն գնել զմի հին ձեռագիր գիրք Գանձարան ասացեալ, որոյ տէրն խնդրէր ի նմանէ զմի Աւետարան ի գին նորա, եւ նա չունելով՝ զիմս բաշխեցի՝ թէ տուր, զոր տուեալ առաք Գանձարանն զայն, եթէ կամիցիք՝ ինձ շնորհեցէք զմի նորատիպ Աւետարան» (առ Հ. Յարութիւն Մաղաքեան, Պոլիս): Աւգերեանի Ցուցակին մէջ թէեւ չկայ յիշատակութիւնը, սակայն Ձեռ. 275 Գանձարանը ըլլալու է հոս յիշատակուած Ձեռագիրը:

ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ԵՒ ԵԴՈՒԱՐԴ ՂԱՐԱՄԵԱՆ (1793)

 

Աւգերեան Ցուցակին մէջ ունինք հետեւեալ արձանագրութիւնը. «Ձեռ. 754, Դիոնիսիոս Արիսպագացի: Ի գրոց Յակոբայ Պատրիարգի Նալեան, բերեալ ի Հռովմայ՝ ետուն յիշատակ Ուխտիս, Ղարամեան պարոն Աղեքսանդր եւ պարոն Յովհաննէս, վարդափթիթ որդիք պարոն Հետվարդայ, դաստիարակեալք ընդ ձեռամբ Վ. Հ. Նիկողայոս Վրդ. ին մերոյ Բուզայեան, 1793 - ՌՄԼԲ, ի Յունվարի 24»:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՊՍ. ԲԱՍԵՆՑԻ (վխճ. 1796)

 

Հ. Սուքիաս Աղամալեան եւ Հ. Ստեփան Ասլիկեան, 1780 Հոկ. ին Թրիեստ են, ուրկէ Հ. Սուքիաս կը գրէ Աբբահօր. «Ի գալ մեր այսր խնդրեցին յինէն վարժարանցի եղբարք գիրք մի ձեռագիր՝ որ կայ առ Վարդապետին, զորոյ զանունն յիրաւի մոռացայ. եւ սակայն որոնեալ ի մէջ գրեանց Վարդապետին ձեռագիր ինչ կարեւոր ո՛չ գտի» (10 Հոկտ. 1780):

Յարութիւն Եպս. ի փոքրաւորը՝ Տիրացու Սարգիսն էր: Հ. Ստեփան կը գրէ Թրիեստէն. «Տիրացուս այս մինչ այդր էր, առաքեալ է ի վանս (եւ կարծեմ առ վարժարանցիս) հինգ կտոր ձեռագիր գրեանս, զի տեսցեն եւ եթէ պիտոյ լիցի՝ օրինակեսցեն ինչ ինչ: Արդ զգրեանս զայսոսիկ այժմ ընդ տիրացու Յովսէփին առաքեալ են այսրէն, սակայն մին պակաս է, այսինքն Յօհաննէս Պլուզ Վրդ. ին Մեկնութիւնն քերականութեան, Որ է գիրք երկիջեան բոլորագիր, ըստ չափու նորատիպ քերականութեան մերոյ, զոր տաջիք յուզել այդր եւ եթէ գտցի՝ առաքեսջիք այսրէն ըստ յաջողելոյ առթին, զի մի՛ կարծիս տացուք՝ որպէս թէ իջուցանել կամէաք» . Ստեփան, Թրիեստէն, 6 Նոյմբ. 1780):

Յարութիւն Արքեպս. Բասենցի կեանքի աւարտին հաստատուած էր Թրիեստ եւ հարկի պարագային կու գար Վենետիկ՝ ձեռնադրութիւններ կատարելու համար: Իր մօտ կ՚երթայ մերս Հ. Ստեփան Ասլիկեան, երեք ամիս, իբր քարտուղար: Աբբահայրը կը գրէ Հ. Ստեփանին. «Մերքն լուեալ են ի Գերապայծառէն եթէ գոյ առ նմա ձեռագիր գիրք մի կոչեցեալ Անդրէանդեայ ճառք Յօհաննու Ոսկեբերանին: Եթէ գոյ այնպիսի գիրք եւ հաճի Գերապայծառն, բե՛ր ընդ քեզ, տեսցուք, եւ ապա յետս դարձուցանեմք առ նա» (2 Դեկտ. 1780): Հ. Ստեփան Թրիեստէն կը պատասխանէ. «Անդրթանդեայ ճառքն Յովհաննու Ոսկեբերանին, զորմէ լուեալ են մերայինք թէ կայ առ Վարդապետին, ո՛չ եթէ աստ ունի զայն՝ այլ ունէր ի Կոստանդնուպօլիս ընդ այլ գրեանս իւր» (6 Դեկտ. 1780): Ժամանակ մը ետք, Յարութիւն Եպս. տնտեսական նեղութեան մատնուելով, Պոլիս ունեցած գիրքերը վաճառելու մասին կը մտածէ: Կը գրէ մեր միաբաններէն Հ. Յարութիւն Մաղաքեանին. «Յիսուսի Քրիստոսի ծառայ Տէր Յարութիւն Վարդապետ, որ եւ շնորհիւ Տեառն եւ բարերարութեամբն Աստուծոյ Արհիեպիսկոպոս Սուրբ էջմիածնի...: Ի հասանել թղթոյս առ քեզ, շնորհք արասցես իսկոյն ելեալ ընդ Կարնեցի Աստուածատուր աղային երթայք առ պարոն Հիպշ եւ Թիմոնն. ես իւրեանց գրեալ եմ, որ զիմ բոլոր գրեանքն բանաք եւ տեսանէք, մեծաւ զգուշութեամբ, մի առ մի, յատուկ յատուկ իւրաքանչիւրն յանուանէ գրեսջիք, ձեռագրեանքն եւ թէ ստամբայքն ուրոյն ուրոյն գրեսջիք, թէ մեծ եւ թէ փոքր, եւ զթիւսն որքանութեան հատորաց միանգամայն գրեալ մեծաւ մտադրութեամբ, եւ զթէֆտէրն փութանակի մեզ առաքեսցես, եւ յետոյ որպէս որ պատուիրեցից ձեզ` այնպէս արասջիք, քանզի ըստ որպիսութեան բերման ժամանակիս, հարկ եղեւ մեզ վաճառել զգրեանս մեր, վասն հարկաւորութեան կարեաց մերոց, ուրոյ վասն խնդրեմ ի քէն միանգամայն եւ աղաչեմ զսիրելիդ իմ ի Տէր, զանց չառնես... » (8 Յուլիս 1784):

Հ. Յարութիւն քննելով Յարութիւն Արքեպս. ի Ձեռագիրները եւ տեսնելով որ այնքան կարեւոր բաներ չեն, կը գրէ Մելքոնեան Աբբահօր եւ խորհուրդ մը կու տայ. «Ասասջիք Յարութիւն Եպս. Բասենցւոյն (թէ) այն գրեանքն զոր ունի աստ, ո՛չ վաճառի, մանաւանդ ձեռագիր գրեանքն, վասն որոյ եթէ անսայ ինձ՝ գրեսցէ առ իս հրաման զի առաքեցիր ի վանս, եւ անդ տեսջիք զի՞նչ առնէք: Զայս եւս ծանո՛ նմա, զի աստ մնալով կարէ վտանգի հրդեհից եւս հանդիպիլ, վասնզի է ի տան Աստուածատրոյ» (23 Մայիս 1786):

1796ին Թրիեստի մէջ կը վախճանի Յարութիւն Եպս.: Փոքրաւորը, Յովսէփ Բասենցի, կը գրէ Աբբահօր. «Ունիմ զայլ խնդիր մի եւս ի գերյարգելութենէդ, զի տաջիք ինձ խորհուրդ թէ զի՞նչ առնել ինձ պարտ է ընդ ձեռագիր գրեանս, եւս եւ այլ տպագրեալ գրեանսն, զի ինձ ոչ են պիտոյ, եւ ձեզ գիտեմ ոչ այնչափ կարեւոր: Եդեալ էի ի միտս առաքել զամենեսին ի Պօլիս, առ Վ. Հ. Միքայէլն (Չամչեան), զի վաճառեսցէ զայնոսիկ, որպէս հնար է նմա: Բայց նախ քան զառաքելն իմ՝ կամեցայ խորհուրդ հարցնել գերյարգութեան ձերոյ եւ լսել զկարծիս ձեր. քանզի ծախք թաղման լուսահոգոյն եղեն բազում, որ ընդ ամէնն լինի աւելի քան զհազար ֆիօրինս, որոյ ամենայն մարդ վկայէ, զի կամեցայ կատարել զայն ըստ իւրոյ պատւոյն, առանց խնայելոյ դրամոց: Եթէ գոյ ի մէջ ձեռագրեանց գիրք ինչ որ իցէ հարկաւոր ձեզ, ամենայն յօժարութեամբ պատրաստ եմ տալ ձեզ» (10 Օգոստ. 1796):

Թէ Մելքոնեան Աբբայ ի՞նչ պատասխանած է, կրնանք գուշակել յաջորդ նամակէն՝ որ Յովսէփ Բասենցի գրած է նոյն տարուան 4 Սեպտեմբերին. «Վասն ձեր ձեռագիր գրեանցն, նախ ես գիտէի, ապա յիշեալ էր ինձ նաեւ պարոն Կիւրեղն: Զայսմանէ հոգ մի՛ լիցի, զի առաքեմ առ ձեզ. եւ եթէ գտանեմ եւ ձեռագիր Գիրք ձեռնադրութեան՝ նաեւ զայն ոչ մոռանամ: Ըստ գրելոյ ձերոյ բացորոշեցի առաքել ի Պօլիս առ Հ. Միքայէլն: Վասն ձեռագիր գրեանցն գիտասջիք զի ցանկն պարտի լինիլ առ ձեզ, եւ թէ ոչ ունիք՝ առաքեցից»: Ներկայիս Բասենցի Յարութիւն Արքեպ. էն նուիրուած իբր «Յիշատակ»՝ Մատենադարանին մէջ ունինք ութը Ձեռագիր, բոլորն ալ նոտր գրչութեամբ: Առաջին հինգը Թրիեստէն Վենետիկ բերած է՝ Հ. Սահակ Պրոնեան, 1787ին. Եւսեբիոսի Եկեղեցական պատմութիւնը՝ Հ. Միքայէլ Չամչեան, 1794- ին. տաճկերէն առասպելներու ձեռագիրը՝ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեան, 1796ին. իսկ Գրիգոր Մագիստոսի Թուղթերը՝ Յարութիւն Եպս. անձամբ նուիրած է Մատենադարանին, 1790-ին, իր այցելութեան առիթով: Յիշեալ ձեռագիրներու ցանկը հետեւեալն է.

 

ա. Բարսեղ Ճոն, Մեկնութիւն Մարկոսի (Ձեռ. 355)

բ. Սիմէոն Եպս. (Ձեռ. 445)

գ. Ներսէս Լամբրոնացի, Մեկնութիւն Պատարագի (Ձեռ. 902)

դ. Մաշտոց (Ձեռ. 1141)

ե. Արիստոտէլ (Ձեռ. 2687)

զ. Գրիգոր Մագիստրոս (Ձեռ. 850)

է. Եւսեբիոս, Պատմութիւն եկեղեցական (Ձեռ. 750)

ը. Դութի Նամէ (Ձեռ. 1081)

Այս առիթով ըսենք թէ 1787ին, երբ Հ. Սահակ Պրոնեան Թրիեստէն կը բերէ Յարութիւն Արքեպ. ի ձեռագիրները, միասին վանք կը հասցնէ նաեւ նոյն Յարութիւն Արքեպ. ի փոքրաւոր՝ Կիւրեղ Բասենցիի նուիրած Յիսուս Որդիի մէկ Ձեռագիրը (Ձեռ. 913):

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՊՍ. ԻԶՄԻՐՑԻ (1796)

 

Հ. Մատթէոս Թէոփիլէ Մաղաքեան 9 Դեկտ. 1796ին, Պոլիսէն կը բերէ Իզմիրցի Յովհաննէս Եպս. էն իբր յիշատակ՝ Նիկողայոս Լիւրացիի Ձեռագիրը (Ձեռ. 1000):

ՏԷՐ ՍԱՀԱԿ ՔԱԼԲԱՔՃԵԱՆ (1797)

 

Պոլսոյ մեր միաբաններէն Հ. Յարութիւն Մաղաքեան, ծախած ըլլալով Մխիթար Աբբահօր Աստուածաշունչէն օրինակ մը՝ Կարնեցի Տէր Սահակ Քալբաքճեանի, առած է խոստում՝ թէ իբր երախտագիտութիւն՝ պիտի ղրկէ իր ունեցած սեփական օրինակը՝ Փիլոնի ճառերուն, ինչպէս նաեւ ուրիշ ձեռագիրներ: Տէր Սահակ, հաւատարիմ խոստումին, Կարին հասնելուն, 5 Մարտ 1797ին կը գրէ Հ. Յարութիւնին. «Գրեցի ի Խոտրջուր եւ ետու բերել զմասնատուփն եւ զՄաշտոցն ընդ 32 ղուռուշի ի գին Աստուածաշունչի, զոր ահա յղեցի ընդ գրոյս, եւ 32 ղուռուշն հասանէ յարգութեանդ ի Համատանցի Յովհաննէս վարդապետէն: Իսկ գիրքն Փիլօն իմաստասիրի՝ յուսամ հասեալ գոլ մինչեւ ցայժմ, ոյր փոխանակ զո՛րն որ կամիս՝ զայն յղեա՛ յասացելոցս. այսինքն՝ Քարոզագիրք կամ քերականութիւն եւ կամ Մատթէի մեկնիչ, եւ եթէ բնաւ իր ինչ ո՛չ կամիցիս՝ այդ եւս յօժարութեամբ հանոյ է ինձ: Այլ եւ գնեցի զմի ԱտենաԺամագիրք, ի վերայ մագաղաթի գրեալ գեղեցիկ գրով, ձեռամբ Գրիգորի Արշարունեաց Եպս. ի, ի 121 ամաց հետէ, որոյ գինն եղեւ ի վերայ իմ 7 ղուռուշ: Զայն եւս կամիմ յղել ընդ կառավանի՝ յորժամ հաւատարիմ ճանապարհորդ գտանիցի, զի ընդ սուրհանդակի 3 ղուռուշով ոչ կարեմ յղել վասն քիրայի: Պատճառ գնելոյս զայս ժամագիրքն եղեւ խոստումն վաճառողին բերել զայլ եւս հին գրեանս ի վերայ մագաղաթի գրեցեալս. բայց մինչեւ ցայսօր զայլ ինչ ոչ եբեր: Նաեւ վերայ Մաշտոցին էր փոքրիկ խաչելութիւն թելով կապեալ, որոյ ծանրութիւն արծաթոյն՝ էր 12 կուտ. զայն հանեալ վասն իմ պահեցի եւ փոխանակ այնր եդի կրկին խաս արծաթ 24 կուտ, զոր գտանես ի մէջ մասնատփի, որ եթէ հնար է՝ շնորհ արասջիք ինձ, ապա թէ ոչ՝ ծանուցէք, որ ոչ դանդաղիմ ի յղելոյ առ ձեզ զայն խաչելութիւնն»:

1799ի Մայիս ամսուն Պոլիսէն Վենետիկ ղրկուած Ձեռագիրներուն մէջ չի՛ յիշատակուիր Ձեռագիր Մաշտոց կամ ժամագիրք: Հ. Միքայէլ Չամչեան կը գրէ. «Յայն պաւուլ եդի զՅովհաննէս Կաթողիկոս եւ զԵւսեբիոս (Բասրայէն հասածները), առ այժմ պահեսջիք զնոսա առ ձեզ, գուցէ ոչ պահանջեսցէ առաքողն (Յարութիւն Իսահակեանն): Զլրումն Փիլոնի եբրայեցւոյ եւս եդի յայն պաւուլ» (առ Հ. Մատթէոս Մաղաքեան, Վենետիկ, 25 Մայիս 1799): Նոյն տարուան Օգոստոս 24ին կը հասնին Ձեռագիրները Վենետիկ. Աւգերեան Ցուցակին մէջ Փիլոնի (Ձեռ. 1334) Ձեռագրին համար կը գրէ. «Զայս մատեան վարդապետք Միաբանութեանս առաքեցին ի Վենետիկ ի վանս, 1799 յՕգոստոսի 24»:

Դիւանական տուեալներէ քաղելով բոլոր այս մանրամասնութիւնները, շարագրեցինք հարիւր տարուան պատմութիւնը մեր Մատենադարանին, բայց դեռ դուրս կր մնան բազմաթիւ Ձեռագիրներու վերաբերեալ մանրամասնութիւններ՝ որոնց մասին չունինք ծանօթութիւն:

Առաջին հարիւրամեակը աւարտելուն, Ձեռագիրներու թիւր պէտք է հասած ըլլայ շուրջ 650 միութեան: Բազմավաստակ Հ. Մկրտիչ Աւգերեանն է որ պատրաստած է Մատենադարանին առաջին Ցանկը, ստուար հատորի մը մէջ, որ յաջորդ երկու դարերուն եւ մինչեւ օրս ալ դեռ կը գործածուի. հոն է որ կ՚աւելցուին անունները նոր հասած Ձեռագիրներուն:

Ցուցակը, - որ առանձին Ձեռագիր մըն է, երբեմն աւելի հին՝ քան հոն նշանակուած Ձեռագիրները, - ունի ընդարձակ Յառաջաբան, ուր կը բացատրուի թէ ի՛նչ դրութեամբ կազմած է Ցուցակը եւ թէ յաջորդաբար պատասխանատու Գրապետներ՝ ինչ ոճով պէտք են շարունակել, որպէսզի գործը ստանայ շարունակական բնոյթ, դիւրաւ օգտագործելու եւ կարենալ գտնելու համար հոն փնտռուածը:

Յառաջաբանը կ՚աւարտի՝ տալով ծանօթութիւն մինչեւ նոյն տարին, (1791-1792) Մատենադարանի Ձեռագիրներու քանակին մասին: Բնագիրը կ՚ըսէ. «Թիւ Ձեռագիր մատենից համօրէն եդելոց ի գրատան աստ, ի ժամանակին յորում յօրինեցաւ զառաջինն այս ցանկ մատենական, էր իբր 600, եւ աւելի եւս, ընդ փոքր եւ ընդ մեծ, ընդ նոր եւ ընդ հին: Է՝ որ յաւուրց անտի բարեյիշատակ եւ երջանիկ Հիմնադրիս մերոյ՝ հարանց Հօր՝ Մեծին Մխիթարայ Աբբայ Հօր, եւ բազում այն է՝ որ յաւուրս արժանաժառանգ յաջորդի նորուն՝ Գերյարգոյ Րաբունապետիս՝ Ստեփաննոսի Աբբայի Մելգոնեան, հաւաքեալ եւ ստացեալ՝ կէս մի տուչութեամբ բարեպաշտից ի յիշատակ, եւ կէս մի աշխատասիրութեամբ եւ ծախիւք մերայոց, որպէս փոքր ի շատէ ունիս իմանալ յընթացս ցանկիս: ... Արդ սկիզբն եղեւ յօրինուածոյ առաջնոյ ցանկիս, որպէս եւ երկրորդին եւ երրորդին, հանդերձ կարգաւորութեամբ Գրատանս, յամի կենարարին 1791, եւ ի Յաբեթեան տոհմիս տոմարի ՌՄԽ, անմիջապէս զկնի սրբոյ Զատկի: Նոյն եւ գլխաւորումն՝ ի յաջորդ ամի, 1792, ՌՄԽԱ, նախ քան զաւուրս Պասեքի... ի ձեռն նուաստ հաւաքողի բանիցս եւ փցուն գրչիս՝ Տրուպ Հ. Մկրտչի Ավքերեան, անարժան որդւոյ Միաբանութեանս»: Ձեռագիրներու աճը ԺԹ դարուն մէջ՝ կրկնապատիկ արագութիւն ստացած է եւ հաւաքածոն ճոխացած է շատ աւելի հարուստ գանձերով: Բայց անոնց պատմութիւնը ըլլալով շա՛տ աւելի ծաւալուն եւ ընդարձակ, կը կարօտինք ժամանակի եւ աշխատութեան, որպէսզի ա՛յդ ալ հիւսելով՝ ունենանք ամբողջական պատկերը եւ պատմութիւնը մեր Մատենադարանին, ինչ որ կը յուսանք հրատարակել Ձեռագրաց Ցուցակին յաջորդ հինգերորդ հատորով: