Թատրոն կամ թշուառներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՏՐՈՆ ԿԱՄ ԹՇՈՒԱՌՆԵՐ

ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹՅՈՒՆ Ի ՀԻՆԳ ԱՐԱՐՍ ԵՒ Յ՚ԵՐԻՍ ՊԱՏԿԵՐՍ

3 յունուար, 1871

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Մէկ քանի տարիէ ի վեր յղացած երկոցս մէջ սոյն ժամանակակից թատերախաղն ահա կը համարձակիմ ի լոյս ընծայել, իբր առաջին պտուղ իմ ճգանց, զոր կ՚ուզեմ նուիրել ազգիս։ Սոյն հրատարակումն ինձ համար նոր է. ուստի դողդողալով կ՚իջնեմ յ՚ասպարէզ առաջնորդող աստիճանները՝ ներողամիտ ժպտումներ [1] ակնկալելով։ Արդարեւ թատերագրութիւնը [2] դժուարին արհեստ մ՚ըլլալը ամէն ոք կը խոստովանի, ես ալ արդէն խիստ բարձր գտած եմ զայն իմ փանաքի կարողութեան եւ մանաւանդ հասակին քով. սակայն զայս ալ պէտք է խոստովանիմ, թէ դժուարին գործ մը առանց յանդուգն ձեռաց օժանդակութեան, չը կրնար դիւրաւ կատարիլ, եւ թէ երկ մը բանադատութեան բովէն չանցած՝ չը կրնար զտուիլ։

Թատերախաղիս նիւթը թէպէտեւ ճշմարիտ դէպքեր կը պարունակէ, սակայն այսու ամենայնիւ, ինչպէս որ հեղինակ մը կ՚ստիպուի ընել, պահանջուած յաւելադրութիւնք չեն զլացուած։

Զայս երկասիրելով, իմ մասնաւոր դիտումն է իմ աննշանութեամբ օրինակ ըլլալ ուրիշ թատերագրաց, որ աւելի արդի ընտանեկան անցքերը պարունակող բարոյալից թատերախաղեր յօրինելու աշխատին, որով աւելի օգուտ կրնան ընծայել Հայ հասարակութեան [3] , քան թէ ազգային հին դիւցազնութիւնքը ողբերգութեանց վերածելով, որք միշտ միակերպութենէ վրիպած չեն, վասնզի նիւթոց հարուստ աղբիւրներ չունին եւ հետեւաբար ունկնդիր թատերասէրներու տաղտկալի կրնան ըլլալ իրենց միակերպ եւ անընդհատ ներկայացումներովը։

Որչափ որ կարելի է, սոյն թատերախաղիս լեզուն թատերական կամ պարզ ըրի։

Իմ այս թատերախաղը տեսարանի վրայ հանդիսացնելէ առաջ տպագրութեան տալուս վրայ գուցէ զարմանան ոմանք, սակայն այս մասին այնպիսի պատճառներ կան, զորս լուսաբանելու համար յատուկ ժամանակի կը սպասեմ:

[4] Իրաւ է որ սոյն թատերախաղը Վիքթոր Հիւկոյի ԷՌՆԱՆԻ թատերահանդէսին պէս չի պիտի յեղափոխէ հասարակութեան գաղափարքն ու զգացմունքը, սակայն եւ այնպէս սորա եւ փոշիները թօթուելով գրադարակէն դուրս հանելով թերեւս դոյզն ծառայութիւն մ՚ըրած համարիմ։

Աներկբայ եմ, որ փուշեր չի պիտի պսակեն սոյն յանդուգն եւ միանգամայն դողդոջ քայլափոխս, եւ այն ակամայ թերութեանց նկատմամբ, որք հարկաւ սպրդած են երկասիրութեանս մէջ՝ ներողամտութիւն եւ հետեւաբար քաջալերութիւն գտնելով, պիտի փութամ յուսալից նորանոր քերթութեանց ձեռնարկել եւ այս գրական արհեստը քիչ շատ կատարելագործելու աշխատիլ։

ՀԵՂԻՆԱԿՆ

   ԱՆՁԻՆՔ

ՄՈՒՐԱՏՈՖ, սնանկացեալ վաճառական, Թովմա անուանեալ

ՎԱՐԴՈՒՀԻ, դուստր Մուրատոֆի

ԵԴՈՒԱՐԴ, որդեգիր Մուրատոֆի

ԳԷՈՐԳ, դրամանենգ, Նահապետոֆ անուանեալ

ՄԱԿԱՐ, սապատող, մատակարար [5] Նահապետոֆի [6]

ՊՈՂԵԱՆՑ, տնօրէն թատրոնի

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ, դերասանապետ

ՃԻՈՐՃԻ

ՍԱԼՈՄՈՆ

ՉԻՉԻԼ, դերասանուհի

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ

Ա. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ

Բ. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ

ԹԱՏՐՈՆԻ սպասաւոր մը

Դերասանք, դերասանուհիք, ոստիկանք [7] , ժողովուրդ

ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ա

Թովմայի տնակն. Վարագոյրը բացուած ժամանակ Եդուարդ հողէ կանթեղով լուսաւորուած գրասեղանի մը վրայ գրելու գբաղած է. Գրքեր եւ թուղթեր ցիրուցան. Մութը կոխած է. Փոթորիկ. Մերթ ընդ մերթ փայլակը կը լուսաւորէ սենեակը։

Տեսիլ Ա

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( առանձին գրելու զբաղած՝ յանկարծ պատուհանը կը բացուի, զոր գոցելու կ՚երթայ ) Ի՜նչ սարսափելի քամի... փոթորիկ եղած ժամանակ հազիւ հազ այս տնակին մէջ եղած խօսակցութիւնները կը լսուին... մարդուս գլուխը եւ երեւակայութիւնը կը շփոթէ.... կարծես թէ դուրսը բանակներ զիրար կը զարնեն... [8] Այս աղմուկին մէջ դժուար է երեւակայութիւնն ամփոփել եւ [9] հանդարտ գրել կամ բան մը հասկնալու չափ կարդալ... ( նորէն գրասեղանին քով կը նստի եւ գրիչը թուղթի մը վրայ բռնած կը մտածէ). Պատուհանին ուժգնակի բացուելէն եւ հանած աղմուկէն երեւակայութիւններս ցնդեցան... միտքս բան մը չ՚գար... ( գրիչը վար կը դնէ): Վերջապէս չի պիտի կարենամ սա տեսարանը ուզածիս պէս լաւ գրել. աղքատ երիտասարդի մը՝ հարուստ տիկնոջ մը սիրահարելով, սէրը անոր յայտնելն է... գրածս է թատրերգութիւն մը... ( ոտքի կ՚ելնէ) երբ Ռուսիոյ մէջ վարժարանէն ելնելէս վերջը անգամ մը հօրս հետ թատրոն գացի, շատ ախորժեցայ անկէ. սէր մը տուի անոր եւ միշտ կ՚երթայի, շատ անգամ ալ մինակ... ( տխրութեամբ ), բայց երբ Մուրատոֆ Թովմա եղաւ եւ դղեակնիս՝ տնակ... անկէ ի վեր է որ թատերական երեւակայութեանց մէջ ընկղմած թատրերգութիւն գրելու կը զբաղիմ... առաջին անգամն է որ սիրահարական թատրերգութիւն մը ահա կը գրեմ... դեռ չը կրցի աւարտել, գրածս միշտ հետզհետէ կը սրբագրեմ, մաքուրը կ՚առնեմ եւ դարձեալ կը սրբագրեմ, եւ դեռ գրածէս գոհ չեմ... բայց երբ Վարդուհիին կը կարդամ, շատ կ՚ախորժի, կը հաւնի, կը զմայլի, զիս փոքրիկ բանաստեղծ կը կոչէ. Վա՛րդուհի, ( կը ցնցուի, մտազբաղ կ՚արձանանայ, յետոյ հառաչով մը կ՚ուզէ մտքինը փարատե լ)։ Բայց տեսնեմ սա տեսարանը կրնամ աւարտել... ( գրասեղանին քով կը նստի եւ գրիչը [10] ձեռքը կ՚առնէ) ։

Տեսիլ Բ

ՆՈՅՆ եւ ՎԱՐԴՈՒՀԻ

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( կը մօտենայ անոր. մինչդեռ նա մտազբաղ՝ տետրակին վրայ յառած է. մեկուսի ) Միշտ կը գրէ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( գրելու ատեն արտաբերելով ) Կը սիրեմ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( ընդմիջելով ) Զո՞վ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( շփոթած ոտքի ելնելով ) Քոյր իմ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Կարծեմ գրութեանդ արգելք եղայ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ընդհակառակն, ժամ մ՚է [11] որ կը մտածէի եւ չէի կրնար գրել... Բայց դու քիչ մը առաջ հոս մօտեցած էիր, այնպէս չէ՞։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Այո՛։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ուրեմն քու ներկայութիւնդ եւ շնչառութիւնդ է եղեր, որ գոնէ այս բառը գրելու խանդը ներշնչեց ինձ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Երկու ամիս առաջ սկսած թատրերգութի՞ւնդ է գրածդ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Այո՛... դեռ չը կրցի աւարտել։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Կը տեսնեմ որ առանձին գրելէ շատ կ՚ախորժիս... ուրեմն եթէ ես մեկնիմ՝ գէշ չըլլար... ( կ՚ուզէ հեռանալ ):

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( եռանդով ) Քո՛յր իմ... ( ձեռքէն բռնելով ) քու ներկայութիւնդ պակսած վայրկեաններուն է որ գրելով զբաղիլ կ՚ուզեմ, եւ այն տեսութեան վայրկեաններուն [12] մէջ ի՛նչ որ ներշնչես ինձ` գրի առնել կը փութամ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( ժպտելով ) Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Նստէ քիչ մ՚ալ խօսակցինք։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( աթոռ մ՚աոնելով եւ քովը նստելով ) Խօսակցինք, եղբայր իմ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ահա այդպէս... ( հիացմամբ անոր երեսը կը նայի ):

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց ինչո՞ւ այդպէս երեսս կը նայիս։

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( ձեռքը սեղմելով ) Քոյր իմ... ո՛րչափ գեղեցիկ ես։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Զիս կը ծաղրես։

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( նեղանալով ) Կը ծաղրե՞ս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Չեմ գիտեր... երեք չորս ամիս է որ հայելին նայած չունիմ... Արդարեւ երբ Ռուսիոյ մէջ էինք... կը հասկնա՞ս... այն ատեն ինքզինքս փոքր ինչ վայելուչ կը կարծէի։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Կը հասկնամ, քոյր իմ... Արդարեւ հոս հայելի չըլլալէ զատ մեր հիւղին պատուհանի ապակիներն անգամ փոշոտ ու անթափանց են... Ատոր վրայ չը մտածենք... Շարժող տերեւին անգամ Ամենակալին շունչը կը դպի կ՚ըսեն... Բայց փոխենք խօսակցութիւննիս... Ի՞նչ կ՚ըսէի հիմա... այո՛, կ՚ըսէի թէ շատ [13] գեղեցիկ ես...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Զիս կը նեղացունես [14] , Եդուարդ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Բայց, քոյր իմ, մտիկ ըրէ... քու գեղեցկութեանդ բնական եւ ճշգրիտ ապացոյց մը պիտի տամ, թող հայելին խաբէ քեզ... Դու գեղեցիկ ըլլալով՝ քեզ պատող ճառագայթ մը չե՞ս զգար։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Զայդ կը զգայ, բայց ուրիշ մը... սիրահար է այն։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ո՛չ... սիրահարը պատողը ո՛չ թէ ճառագայթ է, այլ բոց... Կը հասկնա՞ս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Արդարեւ շատ գիտուն ես։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Այդ հասկցունել չեմ ուզեր։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ուրեմն ի՞նչ է միտքդ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( զմայլումը շարունակելով ) Որչափ ինքզինքս երջանիկ պիտի համարէի, եթէ Ռաֆայէլ մը ըլլայի եւ քու պատկերդ գծագրէի։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եղբայր իմ, կը տեսնեմ որ շատ ագահ ես... Լամարթինի քնարն ունիս եւ դեռ կ՚ուզես Ռաֆայէլի վրձինն ալ ունենալ ( ժպտելով ), կ՚ըսեմ թէ շատ ագահ ես, փոքրիկ բանաստեղծս։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Զիս կը ծաղրես, քոյր իմ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Քիչ մը առաջ դու ալ զիս կը ծաղրէիր։

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( տրտմած ) Այսպէ՞ս կը փոխանակես։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( գիրկը նետուելով ) Տխրեցա՞ր, Եդուարդս... Ուրեմն կ՚ընդունիմ քու գաղափարդ, այլ լոկ քեզի համար գեղեցիկ ըլլալու պայմանաւ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Բայց...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եւ դու ալ բանաստեղծ մ՚ըլլալդ կ՚ընդունի՞ս։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Այո՛, լոկ քեզ երգելու նուիրուած ըլլալու պայմանաւ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Թող այնպէս ըլլայ... ուրեմն հաշտուեցանք, սիրելի Եդուարդս։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Այո՛, քոյր իմ, ո՜հ, շատ գեղեցիկ ես... Վարդուհի։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ետքը՞։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Պահապան հրեշտակս ես։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Վերջապէ՞ս։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Կը սիրեմ զքեզ Վարդուհի։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Գիտեմ... քրոջդ պէս։

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( կարմրելով եւ տխրութեամբ ) Գուցէ՜։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( ապշած ) Գուցէ՜։ ( լռութիւն ) Ուրեմն դու միտք մը ունիս... լուռ կը կենաս... կը ծածկես դէմքդ. դու ինձնէ բաժնուիլ կ՚ուզես՝ թողլով այս տնակը, զայն պարածածկող թշուառութենէն ազատելու համար... գուցէ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( եռանդով ) Վարդուհի՛, չես հասկցեր միտքս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ուրեմն ի՞նչ կ՚ուզես որ հասկնամ, եղբայր իմ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Կ՚աղաչեմ, զիս եղբայրդ մի՛ կոչեր։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Տէ՛ր Աստուած... բայց ահա կ՚ապացուցանես իմ [15] ենթադրութիւններս... զքեզ եղբայր չը կոչե՜մ... Միթէ մանկութենէ ի վեր քեզի [16] հետ մեծցած ու ապրած չե՞նք, երբ դու որբ մ՚ըլլալով հայրս զքեզ որդեգրեր էր... Միթէ եղբօր պէս միշտ զիրար սիրած չե՞նք. Աստուա՜ծ իմ... հիմա միտքս կ՚արթննայ, այնչափ միամիտ եմ եղեր որ ժամանակէ մը ի վեր զիս տեսած ատենդ բնաւ չէի կասկածեր՝ յանկարծ զգացած թեթեւ սարսուռներէդ եւ շփոթութիւններէդ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( եռանդով ) Ուրեմն ճշմարի՞տ ես։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բնաւ չէի գուշակեր որ օր մը պիտի փոխուիս եւ... ( կը փղձկի

ԵԴՈՒԱՐԴ. Կու լա՜ս, Վարդուհի։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Անգո՛ւթ, միթէ լալու իրաւունք չունի՞մ, երբ կը զատուիս ինձնէ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Վարդուհի, չես հասկնար միտքս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( արտասուքը սրբելով ) Բայց ո՛չ, իրաւունք չունիմ քեզ բռնադատելու, անշուշտ անհնարին ցաւ կը զգաս Մուրատոֆի ապարանէն Թովմայի անշուք տնակը փոխադրուելով, ուր քաղցը եւ ցուրտը կը տիրապետեն... Գիտեմ, շատ անգամ գրած ատենդ մատներդ կը մսին եւ կ՚ընդարմանան... շատ անգամ ալ կանթեղին իւղը հատնելով կը մարի եւ աշխատութենէդ կը զրկուիս, որ քեզի համար շատ կարեւոր եւ թանկագին է... Գիտեմ, Եդուարդ, ասոնք սաստիկ ցաւ կը պատճառեն քեզ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( արտասուալից ) Վա՛րդուհի։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Գիտեմ, Եդուարդ, կը սիրես զիս, բայց այդ ցաւերն ալ կրել՝ քեզ համար դառն եւ անհնարին է։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Իսկ դո՞ւ, քաղցր եւ հէք արարած։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Զիս մի մտածեր... ես կը համբերեմ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Անհնար է որ ես բաժնուիմ քեզնէ, Վարդուհի, բայց...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( ընդմիջելով ) Քաշածնե՜րդ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Մտիկ ըրէ, Վա՛րդուհի...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Հիմա կը հասկընամ ստեպ ինձ «գեղեցիկ ես» ըսելուդ իմաստը. ըսել կ՚ուզէիր՝ թէ գեղեցիկ ես, բայց աղքատ... անոր համար...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Վա՛րդուհի...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Տե՛ս, առաջ քոյր կը կոչէիր զիս եւ հիմա ստեպ անունս կու տաս։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Հրե՜շտակս... ( ձեռքը աչքերուն կը տանի եւ արցունքով կը թանայ ):

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Շիտակ խօսէ, Եդուարդ, ե՞րբ պիտի երթաս։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ո՞ւր։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ուր որ միտքդ դրած ես։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ա՜հ, իմ հոգիս... միթէ քեզնէ բաժնուելէ վերջը գերեզմանէն ուրիշ տեղ մ՚ունի՞մ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Գերեզմա՜ն։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Սոսկացի՛ր։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Շա՛տ մութ կը խօսիս, Եդուարդ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Լաւ... Վարդուհի, Լամարթինի սիրավէպ «Ռաֆայէլ»֊ը կարդացեր ես, այնպէս չէ՞։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Այո՛...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Անշուշտ ինքզինքդ Յուլիայի տեղ երեւակայեցիր։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Այո՛... վասնզի սրտիս համապատկերը կը տեսնէի։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Եւ Ռաֆայէլի տեղ զո՞վ երեւակայեցիր։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Նոյնիսկ Ռաֆայէլը, համանման Ռաֆայէլ մը։

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( աչերը խոնարհելով ) Յիրաւի՞, ես Ռաֆայէլի չափ գեղեցիկ չեմ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( շփոթած ) Դո՜ւ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( անոր ձեռքը սրտին տանելով եւ իր սիրաբորբոք նայուածքը անոր աչացը մէջ յառելով ) Վարդուհի՜...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( յանկարծ ցնցուելով եւ փղձկելով ) Եդուա՜րդ... ( գիրկը կ՚իյնայ, լռութիւն

ԵԴՈՒԱՐԴ. Վարդո՛ւհի, բնութիւնը շատ զօրաւոր է... Առաջները քեզ քրոջ մը պէս անտարբեր կը սիրէի, մինչեւ անգամ գեղեցկութիւնդ չէի նշմարած... ետքը սրտիս մէջ վառած խունկ մը ծխեցաւ... սիրտս լեցաւ զեղուելու չափ, աչերս հեշտ արցունքներ սկսեցին ցայտել... անհանգիստ էի... սրտիս վրայ բեռ մը կար, քեզ տեսնելուս կը շփոթէի, կը կարմրէի, սիրտս կը բաբախէր... զգացի որ կը սիրէի... զգացի որ եթէ այս հեշտ հուրը սրտիս ծալքերուն մէջ թաղէի, մոխիր պիտի դառնայի, շունչս պիտի հատնէր, պիտի նուաղէի... ա՜հ, կը սիրէի... կը զգայի որ դու ա՛լ իմ քոյրս չէիր, այլ աւելի գերբնական էակ մը... եթէ հրեշտակ մը ըսեմ, բայց չզգար նա... եւ դու ալ բան մը չէիր գուշակեր, բան մը չէիր զգար...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց դու երբեք այնպէս նայած չէիր աչերուս խորը, ինչպէս որ քիչ մը առաջ նայեցար... եւ ես երբ արտասուալից բիբերուդ մէջ յառեցի աչքս, կայծ մը ցայտեց անկէ սրտիս խորը... Ո՜հ, ի՞նչ եղայ... չեմ գիտեր, այլ կը զգամ որ Յուլիան եմ եւ դու իմ Ռաֆայէլս... Ո՜հ, ի՞նչ կը զգամ... ի՞նչ կ՚ըլլամ... Սիրտս կ՚ելնէ, բայց երջանիկ եմ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ինձ նման։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց այս խուցը շատ հեղձուցիչ է, Եդուարդ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Եթէ կ՚ուզես, քիչ մը դուրս ելնենք։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Փոթորիկը անցա՞ւ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Այո՛... ալ հովը չը մռնչեր եւ ահա երկնից երեսը աստղերը կը փողփողեն։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ուրեմն քիչ մը շրջագայինք տնակին բոլորտիքը... քիչ մը օդ շնչենք... վասնզի դու ալ գրելէ յոգնած ես... այնպէս չէ՞ Եդուարդ ( Եդուարդ հաւանական նշան կ՚ընէ) տես, որչափ գեղեցիկ է երկինքը ( կը մեկնին

Տեսիլ Գ

ԹՈՎՄԱ եւ ՍԱԼՈՄՈՆ

ՍԱԼՈՄՈՆ. ( հետը ներս մտնելով ) Վերջապէս պիտի տա՞ս ստակները։

ԹՈՎՄԱ. Հիմա ժամանակ չունիմ տալու։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Բայց, պարո՛ն, այդ պատճառաբանութեան վերջը ե՞րբ պիտի գայ... Չորս ամիս է որ տունս կը նստիս, 100֊ական ղուրուշէն [17] կ՚ընէ 400 ղ<ու>ր<ու>շ [18] եւ դեռ 50 ղ<ու>ր<ու>շ [19] թերհաշիւ առած չեմ... Այս ճամբան չելներ։

ԹՈՎՄԱ. Բայց չե՞ս տեսներ, պարոն, ես աղքատ եմ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Այդ իմ փո՞յթս է, եթէ կ՚ուզես, միլիոնատէր եղիր, միայն թէ իմ տանս ամսականը անթերի վճարէ...

ԹՈՎՄԱ. ( մեկուսի ) Երբեմն էի միլիոնատէր...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Վերջապէս, ի՞նչ պիտի ընենք... ոստիկանութեան դիմենք. տունէս ել կ՚ըսեմ, այդ ալ չես ըներ։

ԹՈՎՄԱ. Բայց ո՞ւր երթամ, պարոն, այսպէս աղքատ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Ուր կ՚ուզես գնա՛, ա՞յդ ալ ինձ պիտի հարցնես, եթէ կ՚ուզես սատանային ծակը գնա։

ԹՈՎՄԱ. Դեռ քանի մ՚օր ալ համբերէ, բարեսիրտ պարոն, կ՚աղաչեմ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Վե՞րջը։

ԹՈՎՄԱ. Անշուշտ Աստուած կու տայ օր մը։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Հը՜... Աստուած կու տայ, Աստուած իր տալիք տեղը չը՞ գիտեր. եթէ տալու միտք ունեն՛այ, ինծի կու տայ որ աշխատութենէս հոգիս բերանս կու գայ, եւ ո՛չ թէ քեզի՝ որ ո՛չ արհեստ ունիս եւ ոչ ալ կ՚աշխատիս՝ պատճառելով թէ տկար եւ հիւանդոտ ես... Բայց ես մեր Սուրբ Մովսէսի լուսեղէն եղջիւրներուն վրայ կ՚երդնում որ բողկէ մը վար չես մնար։

ԹՈՎՄԱ. Վերջապէս, պարո՛ն...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Ստակնե՛րս։

ԹՈՎՄԱ. Քեզ ըսի որ քանի մ՚օր ալ սպասէ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Բայց միթէ չորս ամսէ ի վեր ճանչցած մարդս դու չես։

ԹՈՎՄԱ. Վերջապէս ի՞նչ ըսել կ՚ուզես։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Հասկցայ... ոստիկանութիւնը կը լմնցնէ այս գործը...

ԹՈՎՄԱ. Բայց, պա՛րոն...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Քեզ մտիկ ընելու ժամանակ չունիմ... այո՛... ոստիկանութիւնը...

ԹՈՎՄԱ. Ուրեմն ինչ որ կ՚ուզես ըրէ...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Օ՜, ոստիկանութենէ՞ն ալ չես պատկառիր։

ԹՈՎՄԱ. Քանի մը օր բանտը պիտի պառկիմ... աւելի՞ն։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Իրաւունք ունիս, ոստիկանութիւնը տեսնելով որ աղքատ ես, քանի մը օր բանտը պիտի դնէ քեզ՝ իբրեւ պատիժ կամ հատուցում պարտքիդ. այնուհետեւ պիտի արձակէ եւ մեր 400 ղ<ու>ր<ու>շը [20] մէջ պիտի խաղայ ոստիկանական ծախքերու հետ... Պարո՛ն, աշխատէ սա պարտքդ վճարելու, մեղք է ինձ ալ, քեզ ալ. դու պատիւդ պիտի կորսնցնես [21] , ես ալ ստակս... Գիտե՞ս, պարո՛ն, հոս ժամանակաւ 500 ղ<ու>ր<ու>շ [22] ծախք ըրած եմ այս տանը շինութեանը համար որ իր [23] դիրքովը եւ շէնքովը հովանոցէ վար չը մնար. 500 ղ<ու>ր<ու>շ<ը> [24] շատ մեծ բան էր այն ժամանակուան եւ նոյնպէս հիմա՝ քեզ համար... Վարձւոր պակաս չէ այս հովանոցին համար, որ թէպէտ անմարդի տեղ մ՚է, բայց եւ այնպէս անտառներ, ձորեր ու պարտէզներ կը շրջապատեն զայն, արեւելքը ու արեւմուտքը միշտ աչաց առջեւ... գուցէ ամսականն ալ իր արժէքէն շատ պակաս է. բայց ինչ որ է, բան մ՚է ըրինք... պարո՛ն, վերջին անգամ կ՚ըսեմ, եթէ չես կրնար վճարել, կարասիներդ դուրս պիտի հանես... մարդու պէս տեսնուինք... իմ անխելքութիւնս որ երբ հովանոցը վարձելու համար ինձ ներկայացար, ազնուականի պէս հագուստդ մաքուր ըլլալուն՝ աչքս շլացաւ եւ իսկոյն հովանոցս քեզ յանձնեցի... աղէկ միտքս եկաւ, պարո՛ն, ի՞նչ ըրիր այն հագուստները, որ առնուազն 500 ղ<ու>ր<ու>շ [25] կ՚արժէին։

ԹՈՎՄԱ. Ծախեցի։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Եւ ստակնե՞րը...

ԹՈՎՄԱ. Հաց առի ընտանեացս։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Առանց պա՞րտքդ մտածելու, անիրա՛ւ... եւ ո՞վ գիտէ, ի՞նչպէս տէր եղեր էիր այն հագուստին. եւ ինչպէս որ գուշակել կու տաս, անշուշտ հանդերձավաճառը քնացած ատենը գնեցիր։

ԹՈՎՄԱ. Պարո՛ն...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Վերջապէս մեր գործին նայինք... ե՞րբ պիտի տաս դրամը... պատասխան տուր։

ԹՈՎՄԱ. Չը գիտեմ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Չը գիտե՞ս... միթէ կատա՞կ կ՚ընես ինձ հետ...

ԹՈՎՄԱ. Թող զիս կ՚ըսեմ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Թողում զքեզ, բայց ստակ պէտք է ինծի... ( զննելով ) Այս աթոռները՝ խարխուլ... սա գրասեղանը՝ որդնեկեր ու փտած... ( չորս կողմը զննելով ) Բայց նոր ու մեծագին կարասի մ՚ալ չունիս, որ թերհաշիւի տեղ տաս... պարոն, ստակ պէտք է ինծի... ստա՜կ... ( բալթոն զննելով ) Հը՜, գոնէ սա տուր իբրեւ թերհաշիւ, որ գոնէ առ առաւելն ֆրանք մը կ՚արժէ... այո՛, այո՛, այդ տուր։

ԹՈՎՄԱ. ( սպառնալից ) Պարո՛ն, եթէ չես ուզեր որ ձեռքէս կրակ թափի գլխուդ, թո՛ղ զիս...

ՍԱԼՈՄՈՆ. ( վախնալով ) Սպառնալի՜ք... կրա՜կ... Ա՜հ վերջապէս մարդասպան ըլլալդ ալ կը յայտնես... Ա՛նօրէն մարդ, ստակներս կը կլլես եւ կը հալեցնես, հիմա ալ կը սպառնաս ինձ մարդասպանի մը կերպարանքով։

ԹՈՎՄԱ. ( հանդարտութեամբ ) Պարո՛ն, կ՚աղաչեմ, դեռ քանի մը օր ալ սպասէ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Հիմա ալ տեսար որ քու սպառնալիքէդ չեմ վախնար, հը՜, հը՜, կեղծաւորութեամբ եւ խոնարհութեամբ կ՚ուզես ճամբել զիս... ո՛չ, ո՛չ, կա՛մ ստակս կու տաս կամ բանտ կ՚երթաս։ Այո՛, այո՛, աղէկ միտքս եկաւ, թող ստակներս փճանան, դու բանտ երթալէդ ետքը կրնամ կարասիներդ փողոցը նետել եւ ձեռքէդ ազատիլ. այո՛, այնպէս պիտի ընեմ... դու գուցէ փախստական մ՚ես, եւ եթէ ոստիկանութեան ձեռքն իյնաս, քեզ հարցաքննելով ի՛նչ տեսակ մարդ ըլլալդ կը գիտնան, եւ ասով ոստիկանութեան ծառայութիւն մ՚ըրած կ՚ըլլամ...

ԹՈՎՄԱ. Կ՚աղաչեմ, պարո՛ն, այդ բանը մի՛ գործադրէք։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Տե՛ս ի՛նչպէս շփոթեցաւ, եւ կը քծնի... շիտակ ըսէ, թիարանին շղթա՞յն կոտրեցիր ու փախար, թէ բանտին պատուհանին երկաթէ վանդակը... վերջապէս եղեռնագործ մը կ՚երեւիս ( երթալու կ՚ըլլայ

ԹՈՎՄԱ. Պարո՛ն։

ՍԱԼՈՄՈՆ. ( դառնալով ) Ի՞նչ է... պիտի տա՞ս ստակներս։

ԹՈՎՄԱ. Հիմա չեմ կրնար...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Ուրեմն պէտք է որ առնելիքս զոհեմ արժանաւոր կերպով քեզ պատժել տալու համար ( նորէն երթալու կ՚ըլլայ

ԹՈՎՄԱ. Պարո՛ն, կը խոստանամ... վաղը դուրս կը հանեմ կարասիներս։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Յապա ստակնե՞րը։

ԹՈՎՄԱ. Դու չըսի՞ր որ գոնէ տունէս դուրս ել։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Առա՞նց ստակները տալու... այդ ալ չըլլար։

ԹՈՎՄԱ. ( աղերսանօք ) Շնո՜րհ... պարոն... կը վճարեմ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Վճարէ ուրեմն... տեսնեմ։

ԹՈՎՄԱ. Բայց ըսի քեզ [26] թէ հիմա չեմ կրնար... քանի մ՚օրէն։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Ո՛չ, ո՛չ, չըլլար, պէտք է որ միտքս դրածս ընեմ ( երթալու կ՚ըլլայ

Տեսիլ Դ

ՆՈՅՆՔ եւ ՄԱԿԱՐ

ՄԱԿԱՐ. Հրէայ, ի՞նչ կ՚ուզես այս մարդէն։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Տանս վարձքը, պարոն, չորս ամիս է բնաւ թերհաշիւ անգամ առած չեմ։

ՄԱԿԱՐ. Ես խօսք կու տամ որ այս մարդը քանի մ՚օրէն պահանջդ ամբողջ կը վճարէ... Ինքը բարեսիրտ եւ պատուաւոր մէկն է եւ քու բոլոր ենթադրութիւններդ...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Ներեցէք, պարոն, չէի գիտեր...

ՄԱԿԱՐ. Ուրեմն ըսածիս պէս...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Շատ աղէկ, պարոն, ( մեկուսի ) Նահապետոֆի մատակարարն է, հոգ չէ, հերիք է որ փոքր ինչ այս մարդը ճանչէ կամ անոր երաշխաւորելու պէս բան մ՚ընէ... ( բարձր՝ Մակարի ) Ահա կ՚երթամ, պարոն... ( կ՚երթայ

Տեսիլ Ե

ԹՈՎՄԱ եւ ՄԱԿԱՐ

ԹՈՎՄԱ. ( որ ապշած եւ մտածմանց մէջ ընկղմած էր. գլուխը վեր առնելով եւ Մակարին մօտենալով ) Պարո՛ն, թէպէտ չեմ ճանչեր զձեզ, այլ չի պիտի մոռնամ ձեր ըրած բարերարութիւնը...

ՄԱԿԱՐ. Պարո՛ն, ես կը նեղանամ, երբ պարտք մը բարերարութեան վերածելով ինձնէ շնորհակալ ըլլաք... Դուք Հայ էք, նոյնպէս [27] ես ալ [28] Հայ, միթէ կրնա՞յի անտարբեր ըլլալ եւ չը միջամտել գծուծ Հրէայի [29] մը նախատանացը ենթակայ ըլլալնիդ տեսնելով [30] առանց ազգայնութեանս կրակը գրգռելու։

ԹՈՎՄԱ. Պարո՛ն, ներեցէք եթէ համարձակիմ հարցունել [31] ձեզ, թէ ի՞նչ շարժառիթով իմ տունս գալու պատիւը կ՚ընէք ինձ...

ՄԱԿԱՐ. Ա՛, այդ այնպիսի խնդիր մ՚է, որ ձեր գլխուն այդ տաք միջոցին չը լուծուիր... Նախ եւ առաջ ներեցէք որ հարցնեմ, թէ ի՞նչ է ձեր անունը։

ԹՈՎՄԱ. ( շփոթած ) Թովմա։

ՄԱԿԱՐ. Ուրեմ, պարո՛ն Թովմա, եթէ կը հաճիք, նստինք։

ԹՈՎՄԱ. Շատ աղէկ, պարոն, ( աթոռ մը կը բերէ Մակարի, որ նստի ) Զգուշացէք, պարոն, նստելու ատեննիդ, աթոռը խարխուլ է...

ՄԱԿԱՐ. Հոգ չէ, պարոն Թովմա ( կը նստի ). բայց դուք ինչո՞ւ ոտքի վրայ կեցաք, աթոռ մ՚ալ դուք առէք եւ նստեցէք։

ԹՈՎՄԱ. Շնորհակալ եմ, պարոն ( աթոռ մը կ՚առնէ) ։

ՄԱԿԱՐ. Օ՜, ես չեմ ախորժիր այդպիսի չափազանց քաղաքավարական ձեւերէն, եթէ կը ներէք։

ԹՈՎՄԱ. Ինչպէս որ կը փափաքիք, պարո՛ն... ( կը նստի

ՄԱԿԱՐ. Անուննիդ Թովմա էր, այնպէս չէ՞։

ԹՈՎՄԱ. Այո՛, պարոն...

ՄԱԿԱՐ. Կարծեմ որ դուք Թովմա առաքեալի [32] չափ դժուարահաւատ չէք...

ԹՈՎՄԱ. Հաւատացէք, պարոն, որ...

ՄԱԿԱՐ. ( ընդմիջելով ) Կատակ մ՚էր ըրածս... Պարո՛ն, ձեր վիճակին վրայ շատ կը ցաւիմ։

ԹՈՎՄԱ. Այդ ձեր բարեսրտութիւնն է։

ՄԱԿԱՐ. Իմ՝ այսպէս տարաժամ քու տունդ գալուս վրայ զգացած հետաքրքրութիւնդ յագեցնելու համար՝ պէտք է քեզ իմացնեմ, թէ քու ցաւալի վիճակիդ դարման մը գտնելու համար եկած եմ։

ԹՈՎՄԱ. Շնորհակալ եմ, պարո՛ն։

ՄԱԿԱՐ. Դուն չես ճանչեր զիս, բայց ես զքեզ կը ճանչեմ...

ԹՈՎՄԱ. ( շփոթած ) Զի՜ս...

ՄԱԿԱՐ. Այո՛... ես շատ անգամ մութը կոխած ժամանակ քեզ նստած տեսած եմ Ֆըստըք փողոցին պարտէզին պատին տակ, ուստի շուկայի անցորդները կը վերադառնան։

ԹՈՎՄԱ. Սխալ տեսած ըլլալու էք, պարոն...

ՄԱԿԱՐ. Գիտեմ, պարո՛ն, կ՚ամաչես մուրացկանի վիճակիդ վրայ, զոր ընդունելու հարկադրած են քեզ կենաց ստիպողական բերմունքները... Գաղտնիք մ՚է այդ ինձ համար, որուն խորը չեմ ուզեր թափանցել՝ վախնալով որ սիրտդ անհուն ու դառն յիշատակներով կը լեցնեմ։

ԹՈՎՄԱ. Այո՛, պարոն, այն մարդը ես եմ...

ՄԱԿԱՐ. Իմացայ որ դուն ընտանիք ալ ունիս եղեր։

ԹՈՎՄԱ. Այո՛, աղջիկ մը եւ որդեգիր մը։

ՄԱԿԱՐ. Աղջիկդ շատ գեղեցիկ է եղեր։

ԹՈՎՄԱ [33] . ( շփոթելով ) Բաւական։

ՄԱԿԱՐ. Ինչ որ է... առաջին վարդը 50 կլորիկ ու կարմրուկ ոսկի արժելու չափ գեղեցիկ։

ԹՈՎՄԱ. ( ապշած ) Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէք, պարոն։

ՄԱԿԱՐ. Նախախայրիքը։

ԹՈՎՄԱ. Չեմ հասկնար, պարոն...

ՄԱԿԱՐ. Պարոն Թովմա աղջիկդ կը սիրե՞ս։

ԹՈՎՄԱ. Կը հարցնէ՞ք։

ՄԱԿԱՐ. Հարուստ ըլլալ կ՚ուզե՞ս։

ԹՈՎՄԱ. Հարո՜ւստ... մութին մէջ չը մուրալու չափ։

ՄԱԿԱՐ. Կ՚ուզե՞ս որ աղջիկդ քու մուրացած չոր հացդ չուտէ եւ դու ալ մուրալու համար վերարկուովդ երեսդ չը ծածկես մութին մէջ։

ԹՈՎՄԱ. Ա՜հ, պարոն, սրտիս խորէն կը խօսիք։

ՄԱԿԱՐ. Շատ կը ցաւիմ, որ այսչափ ատեն անգիտաբար կը տառապիք։

ԹՈՎՄԱ. Եւ ի՞նչ կրնամ ընել, քանի որ...

ՄԱԿԱՐ. ( ընդմիջելով ) Քանի որ ձեռքիդ տակ գանձ մ՚ունիս...

ԹՈՎՄԱ. Չեմ հասկնար միտքերնիդ, պարոն։

ՄԱԿԱՐ. Պարոն Թովմա աղջիկդ հարուստ է։

ԹՈՎՄԱ. ( ժպտելով ) Կ՚աղաչեմ, ազնիւ պարոն, կատակը մէկդի։

ՄԱԿԱՐ. Պարոն, Թովմա առաքեալ մի ըլլար գլխուս։

ԹՈՎՄԱ. Բայց դուք դարձուածաւոր կը խօսիք, պարոն։

ՄԱԿԱՐ. Ուրեմն պարզապէս եղելութիւնը հասկցնեմ քեզի... Վերին աստիճանի ազնուական մը այս օրերս աղջիկդ տեսեր է...

ԹՈՎՄԱ. Ո՞ւր տեղ։

ՄԱԿԱՐ. Չեմ գիտեր, գուցէ այս տնակին քովի ճամբէն ձիով անցած ատենը... Վերջապէս ձեր աղջկան գեղեցկութիւնը իր սիրտը գրաւեր է... պարզապէս ըսենք, սիրահարեր է... Ես այն ազնուական անձին մատակարարն ըլլալով, քեզ տեսնելու եւ այս գործին վրայ խօսելու պաշտօնն ինծի յանձնուած է։

ԹՈՎՄԱ. Ուրեմն այդ ազնուական անձը կը զիջանի իմ աղջիկս իրեն կին առնելու։

ՄԱԿԱՐ. Ա՜հ, ոչ, շատ բարձրերը ելար... միտքս լաւ չես հասկցեր...

ԹՈՎՄԱ. Ուրեմն յառաջ տարէք խօսքերնիդ։

ՄԱԿԱՐ. Միթէ հնա՞ր է որ վերին աստիճանի ազնուական մը խոնարհի մուրացկանի մը աղջիկ իրեն բացարձակ կին առնել. այս ըսելով միտքս քեզ նախատել չէ... բայց ասանկ անտեղի ամուսնութեան անտեղի զրոյցներ եւ ենթադրութիւններ կը յաջորդեն, որ կրնան նորին ազնուութեան յարգն ու վարկը կոտրել։

ԹՈՎՄԱ. Այո՛, շատ սխալ հասկցեր եմ։

ՄԱԿԱՐ. Բայց դարձեալ տէրս ձեր աղջկան սիրահարած է եւ իր սէրը պսակելու համար պէտք է որ հարսանիքը գաղտնաբար տեղի ունենայ, կարելի եղածին չափ անշուք։

ԹՈՎՄԱ. Այո՛, պարոն։

ՄԱԿԱՐ. Բայց դարձեալ ասի պատիւ մ՚է քեզի, վասնզի աղջիկդ ալ թշուառութեան չը կրնալով տոկալ եւ իր գեղեցկութիւնն ալ հայելիին մէջ ստեպ տեսնելով, վերջապէս... աղջիկդ լկտի եւ հասարակաց չեղած... տէրս կ՚ուզէ իր անմեղ ճակտին նախախայրի վարդը ծախու առնել... 50 ոսկիի... ի՞նչ կ՚ըսես։

ԹՈՎՄԱ. ( զառանցելով ) 50 ոսկի՜...

ՄԱԿԱՐ. Մտածէ... 50 փայլուն ոսկի։

ԹՈՎՄԱ. Բայց ո՞վ է ձեր տէրը, պարոն, կրնա՞մ գիտնալ։

ՄԱԿԱՐ. Չես ճանչեր... Ռուսիացի վաճառական մ՚է։

ԹՈՎՄԱ. ( շփոթած ) Ռուսիացի՜...

ՄԱԿԱՐ. Ի՞նչ կայ... կը ճանչե՞ս...

ԹՈՎՄԱ. Անունն ի՞նչ է արդեօք։

ՄԱԿԱՐ. Նահապետոֆ։

ԹՈՎՄԱ. ( մտազբաղ ) Նահապետո՜ֆ... ո՛չ, չեմ ճանչեր (մեկուսի), այս անունով ոչ ծանօթ ունիմ եւ ոչ ալ պարտատէր։

ՄԱԿԱՐ. Ուրեմն մեր սակարկութեանը նայինք... մի՛ վախնար, այս անցքը գաղտնիք պիտի ըլլայ քու եւ աղջկանդ, իմ եւ տիրոջս մէջ... աղջիկդ դարձեալ աղջիկ է... 50 ոսկի ալ բացեն շահ, նաեւ չը մոռնամ ըսելու որ տէրս ի սէր աղջկանդ՝ այս գումարը գրեթէ նպաստ կու տայ եւ ոչ հատուցում... 50 ծիծաղկոտ ոսկի... կ՚ընդունի՞ս...

ԹՈՎՄԱ. ( միշտ մտազբաղ ) Կ՚ընդունիմ։

ՄԱԿԱՐ. Մաքսատունէն վաճառք փախուցածի չափ եղար, պարո՛ն Թովմա... յուսամ թէ աղջիկդ ալ բնաւ տրտնջալու առիթ չի պիտի ունենայ... ե՞րբ պատրաստ ես։

ԹՈՎՄԱ. Երբ որ ձեր տէրը գալու հաճի։

ՄԱԿԱՐ. Ուրեմն գիշեր բարի։

Տեսիլ Զ

ԹՈՎՄԱ. ( առանձին կ՚երթայ, աթոռի մը վրայ կը նստի մտազբաղ՝ ձեռքը ճակտին դրած ) Ա՛լ մուրացկան չեմ, ալ չի պիտի ամաչեմ, ալ մութին, անձրեւին ու ձիւնին տակ, առանց երկինքի աստղերուն նայիլ համարձակելու՝ ալ գլուխս չի պիտի կախեմ կուրծքիս վրայ որ երեսս չը տեսնեն. ալ դողդոջ թեւերս երկնցուցած ատենս անցորդ մանկտիք ափիս մէջ նենգեալ դրամ չի պիտի նետեն եւ զիս խաբեն ու ծաղրեն. ալ վեր պիտի բռնեմ ճակատս, ուր խորշոմն ու խոկմունքը ծանրացան... Այս իրիկուն անձրեւին ամէնքը շտապով կ՚երթային եւ չէին տեսներ գիշերուան մութին մէջ անկիւն մը կծկող թշուառ մարդը՝ որ տեղատարափին, թօնին տակ անշարժ ու գրեթէ անզգայ ստուերի պէս՝ պաղ քարի մը վրայ նստած՝ անցորդներուն բարեմաղթութիւններ կը մրմնջէր, մարդ մը, որ անծանօթ անցորդներու ոտնաձայնը կը հաշուէ, կարծես իր յոյսը մարդոց ոտքին տակ կը փնտռէ... չը տեսան այն մարդը որ խեղճ ընտանիքի մը հաց տանելու համար հոն կը տքնէր... մէկը չը տեսաւ խաւարին մէջ այն սեւ ամպը որ կը շնչէր... որուն ներսն ալ կ՚անձրեւէր... չը տեսան ու անցան... ոտնաձայները դադրեցան... անձրեւէն թրջած մարդիկը իրենց տունը դարձան եւ ճարճատուն վառարանի մը բոլորտիքը կը չորնային ու կը տաքնային... անդին մութին մէջի մարդը նոր ոտքի կ՚ելնէր, բայց ծանր, վասնզի իր ոտքերը թրջած, թմրած եւ ընդարմացած էին... առաջին անգամ գլուխը վեր՝ երկինք վերցուց... լացաւ տղու [34] պէս այն անձրեւոտ գիշերուան հետ... ծանր ծանր տուն դարձաւ առանց հացի... այն անձը ես եմ... այն անձը վաճառական Մուրատոֆն է, որ մուրացկան Թովմա անունով առանց հացի եւ անօթի տուն կը դառնայ այժմ, ա՜հ, աղջկանս դահիճը կ՚ըլլամ, ալ մուրացկան չեմ ըլլար... ի՞նչ պիտի ընէ խեղճը այսպէս գեղեցիկ եւ թշուառ մնալով. մէկը կին չառներ զինքը, վասնզի հայրը մուրացկան է... վերջապէս իր ճակատագիրը հոն կանգ կ՚առնէ, ինչ որ ես վճռեցի քիչ մը առաջ... այո՛, թող անպատիւ ըլլայ, բայց ոչ անօթի... վասնզի անօթի մարդը, աղքատ մարդն արդէն անպատիւ է... ի՜նչ աշխարհ, ի՜նչ մարդկութիւն, որ ցնցոտիով ծածկուած սրտին ազնուութիւնը կը մարեն... այո՛, անպատիւ կ՚ըլլամ, բայց ոչ անօթի։

Տեսիլ Է

ԹՈՎՄԱ, ՎԱՐԴՈՒՀԻ, ԵԴՈՒԱՐԴ (ձեռքը գիրք մը կը թղթատէ եւ կը կարդայ)

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( հօրը կը մօտենայ, որ աթոռի մը վրայ ինկած է մտազբաղ ) Եկեր ես, հայր իմ... այդ որչա՜փ թրջեր ես։

ԹՈՎՄԱ. Այո՛, բաւական... քիչ մը առաջ տեղացող անձրեւին տակ կեցողն ի՞նչ պիտի ըլլայ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց ի՞նչ հարկ կար անձրեւին տակ կենալու։

ԹՈՎՄԱ. Որովհետեւ մէկուն կը սպասէի։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ո՞ր անսիրտն այդպէս անձրեւին տակ սպասցնել տուաւ քեզ։

ԹՈՎՄԱ. Իմ ըսածս մարդ չէ, հոգի չունի, այլ հոգի կու տայ, անունն է հաց... վաղուան բաժին ինկած հացերնիս չը կրցի բերել։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Հոգ մի ըներ, հայր իմ, անշուշտ կու տայ։

ԹՈՎՄԱ. ( ընդմիջելով ) Ո՞վ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Աստուա՜ծ։

ԹՈՎՄԱ. ( ակռաները կրճտելով ) Աստուա՜ծ... ( հանդարտութեամբ ) Այո՛, Աստուած...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Կրակարաննիս ամայի է, եթէ ոչ հագուստներդ կը չորցընէինք։

ԹՈՎՄԱ. Հոգ չէ, Վարդուհի... Ես գոհ եմ որ փոթորկին ժամանակ պատին տակ նստած ատենս կայծակը չը զարկաւ զիս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ինչո՞ւ նստար պատին տակ, անոր համար թրջե՞ր ես։

ԹՈՎՄԱ. Կը մուրայի։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Աստուա՜ծ իմ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ի՞նչ կը լսեմ ( գիրքը գոցելով գրասեղանին վրայ կը նետէ ու հօրը կը մօտենայ

ԹՈՎՄԱ. Այո՛, կը մուրայի՜՛... ոչ թէ լոկ այս գիշեր... այլ ամէն գիշեր՝ երբ մութը կոխելուն դուրս կ՚ելնէի. դուք չէիք մտածեր անգամ մը թէ մեր հայրը ի՞նչպէս կը բերէ այս հացը եւ թէ ո՞վ կու տայ զայն։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Աստուա՜ծ։

ԹՈՎՄԱ. ( ակռաները կրճտելով ) Աստուա՜ծ... ( հանդարտութեամբ ) Այո՛, Աստուա՜ծ... եւ ի՞նչպէս չը մուրայի, մինչդեռ անակնկալ դիպուածով մը պարտուց ահագին գումարով սնանկացած՝ Ռուսիայէն հոս փախչելու ստիպուեցայ՝ գրպանս մէկ քանի մանեթ միայն ունենալով. արհեստի մը տեղեակ չըլլալով, չէի կրնար օրապահիկս ճարել հոս, վասնզի չէի կրնար մէկուն քով ծառայութեան մտնել կամ պարապորդ եւ անարհեստ մարդոյ մը բաժին ինկած նուաստ աշխատութեան մը պարապել, վասնզի երբեմն Մուրատոֆ մ՚էի. քանի որ դու կար կտրելու վարժ չէիր եւ Եդուարդ միշտ գրելու զբաղած էր, քանի որ թշուառութիւնն ու անօթութիւնը մեզ կը սպառնար՝ ի՞նչ կրնայի ընել... միտքս դրի մուրացկան մ՚ըլլալ, վերարկուովս երեսս ծածկած՝ իրիկունները մութ ատեն ափս բանալ այնպիսի մարդոց՝ որոց եթէ անունս տայի, ըսէի թէ ես [35] Մուրատոֆն եմ, ապշած ու զարհուրած ետ ետ կը քաշուէին առանց դրամ մը տալու՝ որուն կարօտ էի... լռեցի միշտ, դէմքս ծածկեցի եւ ձեզ բան մը չը յայտնեցի՝ մտածելով որ գուցէ մուրացուած հաց է ըսելով չէիք ուտեր. բայց հիմա ամէն բան կը յայտնեմ, վասնզի ալ չի պիտի մուրամ... ( փոփոխակի անոնց երեսը կը նայի ). բայց երկուքէդ եւ ոչ մէկը չըսեր [36] թէ ի՞նչ պիտի ընէք, ի՞նչպէս հաց պիտի գտնենք։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Մենք անօթի չենք, հայր իմ։

ԹՈՎՄԱ. Հիմա... բայց վա՛ղը։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Աստուած կու տայ։

ԹՈՎՄԱ. ( ակռաները կրճտելով ) Աստուա՜ծ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ինչո՞ւ կը յուսահատիս, հայր իմ։

ԹՈՎՄԱ. Եդուա՛րդ, Մուրատոֆի ապարանը կը վայլէր կարդալ, գրել, նուագել եւ զբօսնուլ... բայց Թովմայի հիւղը ատոնք չընդունիր. եթէ չես ուզեր իւղոտ օձիքով, մաշած ու պատռած հագուստ հագնիլ, ոսկեզօծ թշուառ մը, ինծի պէս մուրացկան մ՚ըլլալ, սա տարբերութեամբ, որ եթէ ես պղնձէ թաս մը ունիմ, դու քնար մը պիտի ունենաս... վերջապէս եթէ չես ուզեր բացարձակ մուրացկան մ՚ըլլալ, կրակը նետէ այդ մրոտած թուղթերը, որոց վրայ ընդունայն քիրտ եւ լոյս կը թափես... տաղերգութեանց մէջ սիրուհւոյդ առջեւ խոստմունքներ, անձնուրացութիւններ կը շարես, բայց երբ ամուսին ըլլաս՝ չոր հաց անգամ չես կրնար տանիլ անոր... հրաժարէ այդ քաղցր բայց խաբուսիկ երեւակայութիւններէն եւ երազներէն, հրաժարէ այդ թովիչ փառքէն, ջախջախէ այդ մուրացկանութեան նպաստող քնարը։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Բայց օր մը անշուշտ անոր յարգը կը ճանչցուի։

ԹՈՎՄԱ. Այո՛, գուցէ անունդ ոսկեզօծ պիտի յիշատակուի խեղճ եւ անշուք մեռնելէ վերջը, յօրանջող քահանաներ՝ գերեզմաննոցին ճամբուն վրայ գտնուած փոսի մը մէջ քեզ նետելէ ետքը, երեսկախ ու դժգոհ մեռելաթաղներ քանի մը թի ցուրտ հող վրադ թափելէ եւ տարիներ գերեզմանիդ հողակոյտը հարթ ու անյայտ ընելէ վերջը։ Մա՞րդն է ապրողը թէ փտած ոսկորը, սի՞րտն է զգացողը թէ գերեզմանը... կը հասկնա՞ս... գնա, գործաւոր եղիր՝ արհեստաւոր [37] , սպասաւոր [38] եղիր [39] , բայց երբեք մի փափագի լ Հայ մատենագիր ըլլալու։ Ահա իմաց կու տամ քեզ. վաղուընէ գնա ստակ վաստըկելու գործ գտիր, եւ եթէ իրիկունը ձեռքդ հաց մը եւ մոմ մը չը տեսնեմ, տունս չի պիտի ընդունիմ քեզ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Բայց Վարդուհի մինակ կը մնայ հոս։

ԹՈՎՄԱ. Ես հոս եմ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ա՜հ, հա՛յր իմ, նա ոչ զոք կը ճանչէ հոս եւ ոչ ալ արհեստի մը տեղեակ է. ի՞նչպէս կրնայ գործ գտնել եւ ստակ շահիլ։

ԹՈՎՄԱ. Թող հարուստին մէկուն աղերսագիր մը տայ եւ անոր քով ծառայութեան մտնէ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Այսպիսի [40] ուսումնական եւ հանճարեղ պատանի մը ծառայ կամ սպասաւոր ըլլա՜յ։

ԹՈՎՄԱ. Եթէ չուզեր վերջը մուրացկան մ՚ըլլալ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց, հա՛յր իմ, ես կար կարել կը սկսիմ եւ Եդուարդի տեղ ստակ կը շահիմ, ասով կրնանք ապրիլ։

ԹՈՎՄԱ. Խեղճ աղջիկ, կը կարծես որ ատով կրնա՞նք ազատիլ... քիչ մ՚առաջ մեր տան տէրը՝ Սալոմոն օձիքս բռնեց եւ ըսաւ որ եթէ քանի մ՚օրէն չը վճարեմ 4 ամսուան վարձքը, կարասիներս փողոցը պիտի նետէ եւ ոստիկանութեան պիտի մատնէ զիս [41] . մտածեցէք որ եթէ ոստիկանութեան յանձնուիմ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( սարսափած ) Աստուա՛ծ իմ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Հա՜յր իմ։

ԹՈՎՄԱ. Հիմա որ [42] ամէն բան յայտնեցի ձեզի, ի՛նչ որ կ՚ուզէք ըրէք ( մտայոյզ աթոռի մը վրայ կ՚իյնայ

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եդուա՜րդ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Վարդուհի՜ ( կը գրկուին ) ( Վարագոյրը կ՚իջնէ) ։


ԱՐԱՐՈՒԱԾ Բ

Տեսարանն է թատերաբեմ. Թատրոնի սպասաւոր մը թատերաբեմը կ՚աւլէ. Տեսարանին խորը՝ ձեւացեալ դուռներ, պատուհաններ, արձաններ, եւն։

Տեսիլ Ա

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ, (յետոյ) Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. ( ցրտէն դողալով, մերթ ձեռքերը եւ մերթ աչքերը շփելով կը մտնէ)

Գէշ ատեն [43] , տը, տը, տը,
Անշահ բան, տը, տը, տը,
Գէշ ատեն [44]
Իրաւ շատ
Անպիտան, եւն։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. ( մտնելով՝ նոյնպէս )

Դեռ մանուկ էի,
Ծնողքս ինձ ըսին, եւն։

         ( ընկերը տեսնելով ) Բարի լոյս, Ժա՛ք, ի՞նչպէս երէկ գիշերուան փոթորկայոյզ անձրեւը խափանեց Վիքթոր Հիւկոյի այն [45] ընտիր խաղը։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Թշուառակա՜ն, կարծես թէ թատրոնին ձեղունին մէջ ահագին եւ խռֆած մուկերու երամ մը հեղեղի պէս կ՚երթեւեկէր։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. ( խնդալով ) Յապա հանդիսատեսներու աղմո՞ւկը։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Այո՛, փոթորիկը բռնեց անոր տեղը... ամայի նստարանները եւ օթեակներն ըսել կ՚ուզես... եթէ դերասաններու թափթփուքներ, թատրոնի սպասաւորներ, ազատ [46] մուտք ունեցող քանի մը պարոններ ասդիս անդին կծկած չըլլային սատրինջի քարերու պէս, թատերասրահը մարդու շուք անգամ չի պիտի տեսնուէր... մոռցայ ըսելու որ վերնատունը քանի մը սուլող պարոններ կը գտնուէին։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Յապա անցեալ շաբաթ գիշերուան ներկայացո՞ւմը, քանի որ երկինքը պայծառ էր եւ խաղն ալ փառաւոր [47] ազգային ողբերգութիւն մը։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Գուցէ թատերազգի ցրուիչը շտապի գալով ազդերուն տպեալ երեսը փակցուցած է։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Բայց [48] Ազդ մ՚ալ Մ. լրագրին ղրկուեցաւ։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ա՜հ, գրաշարապետը շարուած թատերազդը անուշադրութեամբ տեղաւորած միջոցին, վասնզի իրեն ձրի մուտք չը կար՝ մսած մատներէն սահելով գետինը ինկեր եւ ցրուեր է [49] ... գրաշարապետը փոյթ չէ ըրեր զանոնք նորէն ժողվելու, եւ անոր տեղ պատրաստ ազդ մը տեղաւորեր է։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Կատակը մէկդի, ես այնպէս կը կարծեմ թէ հասարակութիւնը ձանձրացած է դերասանին կոկորդը պատռող եւ թատերատեսներու գլուխը ուռեցնող ազգային [50] դիւցազներգական [51] խաղերէն, եւ եթէ ընտանեկան անցքերու վրայ յօրինուած ժամանակակից [52] թատերախաղեր ներկայացուին, յուսամ թէ ժողովուրդը շատ կ՚ախորժի անոնցմէ եւ իր քաջալերութիւնը չի զլանար։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Եթէ բերանփոխ ըլլայ, գէշ չըլլար ըսել կ՚ուզես։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ոչ, իմ կարծիքս այն է, որ ներկայացումները գրեթէ բոլորովին ժամանակակից [53] թատերախաղեր [54] ըլլալու են, վասնզի Հայ հասարակութիւնը հիմա առաջինը չէ, արթնցաւ... եւ այն զառանցական խաղերով գոհ չըլլար՝ [55] որոնց իմաստը մեր արդի կացութեան հետ կապակցութիւն չունի գրեթէ։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Այո՛, այն խաղերուն նորութիւնը անցաւ։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Նաեւ այն դիւցազնական [56] խաղերուն բոլորն ալ միակերպ են գրեթէ, որով [57] ժողովուրդը կը ձանձրացնեն հարկաւ. ասով ըսել չեմ ուզեր թէ այն խաղերը բոլորովին չը ներկայացուին, այլ ըսել կ՚ուզեմ թէ ժամանակակից [58] խաղերն անոնցմէ նախամեծար համարուին, քանի որ ունկնդիր թատերատեսն ալ վերջիններէն աւելի բան մը կը զգայ կամ կը շահի, վասնզի ինքն ալ տեսարանին վրայ ելնող անձի մը համապատկերը կը գտնէ իր վրայ, եւ հեղինակին ճաշակին կամ հմտութեանը շնորհիւ քիչ կամ շատ օգուտ կը քաղէ անկէ։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Մանաւանդ արդի կատակերգութիւնները։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Թատրերգութիւն կամ կատակերգութիւն, երկուքն ալ եթէ ժամանակակից [59] անցքերու [60] վրայ [61] յօրինուէին, ժողովուրդին համար շատ օգտաւէտ են. ժողովուրդին օգտակար եղածը թատրոնին ալ ըսել է, վասնզի զիրար կը սնուցանեն։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Կեցցես, Ժա՛ն, լրագրի մը խմբագրի պէս դատողութիւն ունիս։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Բայց վերջապէս ըսածներս իրաւացի չե՞ն։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Օ՜հ, իմ նպաստիս, անձրեւոտ, ձիւնոտ եւ ցուրտ գիշերուան վրայ կերդնում որ բոլոր ըսածներդ իրաւացի են։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Պէտք է որ մենք հասարակութենէ քաղուած այս դիտողութիւնները մեր տնօրէնին հաղորդենք, որպէսզի ժողովուրդին [62] ճաշակին համեմատ վարուելով ոչ իրեն վնաս ըլլայ եւ ոչ ալ մեզ... Ես ազգային [63] խաղի մը ներկայացման գիշերը դեր չունենալով գետնասրահը կը գտնուէի. վարագոյրը գոցուած ատեն առջեւի նստարանին վրայ գտնուող ուսումնական եւ յարգի երեւոյթ ունեցող երկու պարոններու խօսակցութենէն քաղեցի այս դիտողութեանս [64] աղբիւրը եւ ետքը մտածեցի որ շատ իրաւունք ունէին. իրենց քննադատութիւնը հեղինակին գրչին եւ հանճարին վրայ չէր, այլ ցաւ կը յայտնէին թէ թատերագիրք ընդհանրապէս անօգուտ նիւթերու վրայ կը յոգնէին եւ թէ դերասանական արուեստն ասանկով չէր զարգանար։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Այդ մարդիկը շատ լաւ դիտողութիւն ըրեր են։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Վասնզի այն խաղերուն մէջ ունակութիւն կամ արհեստ ալ չը մտներ որ դերասանը կարենայ փայլեցնել իր հանճարը։

Տեսիլ Բ

ՆՈՅՆՔ եւ ՉԻՉԻԼ (խիստ վերջը՝ սպասաւոր մը)

ՉԻՉԻԼ. Բարի լոյս ձեզ, Ժա՛ն, Ժա՛ք։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Բարի լոյս, Ռուսօ։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. ( խնդալով ) Հա՛, հա՛, հա՛, շատ խեղկատակ ես, Ժաք։

ՉԻՉԻԼ. Ինչո՞ւ խնդացի՛ր Ժա՛ն, ի՞նչ ըսել է Ռուսօ։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ժան Ժաք Ռուսօ՝ գաղիացի փիլիսոփայի մ՚անուն է. մեր Ժաքը անոր փիլիսոփայութիւնը շատ կարդացած ըլլալուն եւ իր բերանն ալ միշտ Ժան Ժաք Ռուսօ հեղեղելուն համար՝ երբ դու մեր անունը տալով՝ Ժան, Ժաք ըսիր, ինքն ալ՝ բերանը վարժուած ըլլալով՝ պակասը լեցնելու համար, Ռուսօ կոչեց քեզ, բայց միտքը ուրիշ բան էր. Ռուսօ շիկահեր ըսել է եւ այս անունը քեզ տալով կատակախառն նախատինքով մը տգեղութիւն մը քեզ յատկացնել էր միտքը, թէպէտեւ մազերդ մետաքսի պէս փայլուն եւ սեւ են, օրիորդ Չիչիլ։

ՉԻՉԻԼ. ( գլուխը երերցնելով ) Խեղկատակ պարոնս։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Բայց դուն ալ զինքը Մոլիեր կոչէ իր գեղեցիկ կատակաբանութեանը համար, որ շատ կը վայլէ։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ա՜հ, փառք մ՚է ինձ այդ, որովհետեւ Մոլիեր Գաղիացւոց առաջին կատակերգակ բանաստեղծն է։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Եթէ բառարանը նայիս, Մոլիեր ցեխի ալ նշանակութիւն ունի։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Վա՞յ... այդ չէի գիտեր։

ՉԻՉԻԼ. ( խնդալով ) Շնորհակալ եմ քու ազնիւ կատակաբանութենէդ, պարոն Մոլիեր։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. ( խոնարհութեամբ ) Ներում կը խնդրեմ ուրեմն... Ժան՝ որ ողբերգակ դերասան մը ճանչցուած է, ինձնէ աւելի լաւ կապեց այս կատակը. ներում կը խնդրեմ, օրիորդ Չիչիլ... յաղթուեցայ... ։

ՉԻՉԻԼ. ( գոռոզութեամբ ) Կը ներեմ, պարոն Ժաք։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. ( ձեռքերը [65] շփելով ) Բայց բաւական ցուրտ կ՚ընէ օդը։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ձմեռը կանուխ արթնցաւ, ձեռքերնիս ծակ գրպաննիս խոթելու ստիպուելով՝ հազար ու մէկ դառն մտածումներ մտաց մէջ դիզելու համար... բայց կեցցեն կատակաբանութիւնները։

ՉԻՉԻԼ. Իրաւունք ունիս, Ժա՛ք. ( սոյն միջոցին սպասաւոր մը խորէն կ՚անցնի, վառարան մը ձեռքը

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. ( զայն տեսնելով ) Օհօ՜, Միքէ, ո՞ւր կը տանիս այդ վառարանը։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ. Պարոն տնօրէնին սենեակը։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Մեզի տուր ( կ՚ուզէ առնել ):

ՍՊԱՍԱՒՈՐ. Բայց, պարոն...

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Տուր կ՚ըսեմ ( կ՚առնէ ). ուրիշ վառարան մը տար իրեն պասաւորը շփոթած կը մեկնի ). Պարոն տնօրէնը շատ գոհ կ՚ըլլայ եթէ առանց վառարանի սենեակին մէջ ինքը մսի եւ մենք վառարանով մը ձայներնիս կտրենք քան թէ մեր առկախ մնացած ամսականները պահանջելու համար գլուխն ուռեցնենք ( վառարանը կը բերէ, որուն բոլորտիքը շարուելով երեքը կը տաքնան

ՉԻՉԻԼ. Այդ մասին իրաւունք չունիս պարոն տնօրէնին դէմ բողոքելու, վասնզի թատրոնն արդէն հասոյթ չունի դեռ։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Բարեսիրտ Չիչիլ իրաւունք ունի։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Եւ միթէ ես իրեն դէմ բողոքած ունի՞մ... կատակ մ՚էր ըրածս։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ահա լաւ վառարան մը։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Փափուկ ձեռքերդ կապուտցեր են ցրտէն. տաքցո՛ւր, օրիորդ Չիչիլ։

ՉԻՉԻԼ. Իրաւունք ունիս... շատ մսեր եմ։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Մեր քնասէր ընկերները դեռ ցուրտ անկողիններու մէջ կը խռկան։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Աղքատ եւ որբ ըլլալն այսպէս է ահա, օրիորդ Չիչիլ։

ՉԻՉԻԼ. ( տխրելով եւ հառաչելով ) Կ՚աղաչեմ, պարոն Ժան, անցելոյն վարագոյրը մի բանար։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Եթէ այնպէս է, ներէ ուրեմն, բարեսիրտ Չիչիլ։

Տեսիլ Գ

ՆՈՅՆՔ եւ ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. ( անութը տետր մը՝ մտնելով ) Բարի լոյս ձեզ... այսօր շատ ցուրտ կ՚ընէ ( վառարանէն կը տաքնայ

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. ( ժամացոյցը նայելով ) Ժամը ճիշտ եօթն է։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Եւ դեռ մէկը չի կայ թատերաբեմին վրայ։

ՉԻՉԻԼ. Այսօր փորձ չունի՞նք։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Քանի մը դերասաններ ստիպողական գործերու համար հրաման առին, ուստի այսօր չի պիտի կրնանք փորձ ընել։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ուրեմն հոս մարմար կտրելու տեղ մեր սենեակը քաշուինք, որ բաւական կոկիկ է եւ այս վառարանով կրնանք տաքնալ։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Այո՛, աղէկ ըսիր... ( Վահագնեանի ) դուք ալ կու գա՞ք։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Ո՛չ, ես սա խաղը պիտի կարդամ։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Նո՞ր հեղինակութիւն մ՚է։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Այո՛։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ազգայի՞ն [66] ։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Այո՛։

ՉԻՉԻԼ. Ողբերգութի՞ւն։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Անշուշտ։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ե՞րբ պիտի ներկայացուի։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Գուցէ երկու շաբաթէն։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Երթանք։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Այո՛ ( երթալու կ՚ըլլան ):

ՉԻՉԻԼ. Վառարա՛նը։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ա՜ [67] , քիչ մնաց որ կը մոռնայի ( վառարանը կ՚առնէ, երեքը կը մեկնին

Տեսիլ Դ

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ եւ ԵԴՈՒԱՐԴ

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. ( Եդուարդի՝ որ գուլիսի մէջ կ՚երեւի ) Ո՜վ կ՚ուզես, պարո՛ն։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ներեցէք, պարոն, արդեօք կրնա՞մ տեսնել պարոն տնօրէնը։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Ի՞նչ պիտի ընես։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Առանձին խօսիլ կ՚ուզէի իրեն հետ։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Այդ սանդուղէն վեր ել եւ առաջին սենեակը նայէ... բայց կեցիր, ինքն ալ ահա կու գայ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Շնորհակալ եմ, պարոն։

Տեսիլ Ե

ՊՈՂԵԱՆՑ, ԵԴՈՒԱՐԴ, ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ (որ աթոռի մը վրայ նստած՝ ձեռքի տետրը կարդալու կը զբաղի):

ԵԴՈՒԱՐԴ. Պարոն տնօրէն, պատիւ ունիմ ձեզ ներկայանալու։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Կրնաս խօսիլ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Արդեօք կարելի՞ է որ զիս ձեր խմբին մէջ ընդունելու բարութիւնը շնորհէք ինձ։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Դերասա՞ն ըլլալ կ՚ուզես։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Այո՛, պարոն։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Անշուշտ դերասանի մը հարկաւոր եղած ընդունակութիւնն ու միջոցը ունիս։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ըստ բաւականին, պարո՛ն։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Կրնա՞ս խօսք տալ [68] ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Եթէ կը հաճիք, փորձեցէք, պարոն։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Շատ լաւ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ընդունելու համար պայման մ՚ունի՞ք առաջարկելիք։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Սա կայ որ նորեկ դերասանի մը 40 ֆրանքէն աւելի ամսական չեմ կրնար վճարել։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Շատ մեծ բարերարութիւն մ՚է ըրածնիդ, պարո՛ն։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Ուրեմն կ՚ընդունի՞ս այս պայմանը։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Եւ շնորհակալութեամբ, պարոն։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Ուստի ես ալ այս պայմանաւ խումբին [69] մէջ իբրեւ դերասան կ՚ընդունիմ քեզ այսօրուընէ... Յուսամ թէ գոհ ես։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ոչ թէ գոհ, այլ երջանիկ, պարո՛ն։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Արդ, այսօրուընէ դերասանաց յատկացեալ սենեակներէն մէկը կրնաս բնակիլ քու բոլոր պիտոյքդ հոգալով։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Շնորհակալ եմ, պարոն։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Անշուշտ որեւէ անտեղութիւն մը չեմ տեսներ մինչեւ վերջը։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Կը յուսամ, պարո՛ն, եւ կը փափաքիմ որ այդպէս ըլլայ։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Ուրեմն, այսպէս...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Պարոն...

ՊՈՂԵԱՆՑ. Եթէ խօսելիք մ՚ունիս, զրուցէ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( գրպանէն տետր մը հանելով ) Արդեօք կրնա՞մ ձեզ ներկայացնել։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Ի՞նչ է այդ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ռուսերէնէ թարգմանուած թատերախաղ մը [70] ։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Տեսնեմ ( կ՚առնէ եւ կը զննէ) ընտի՞ր խաղ է։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Եթէ կարդալու հաճիք, պիտի տեսնէք։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Աղէկ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Պէտք ունի՞ք։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Ի՞նչ կը պահանջես։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Հինգ ֆրանք։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Հինգ ֆրա՜նք... շա՛տ լաւ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Պարոն...

ՊՈՂԵԱՆՑ. Ստա՞կը կ՚ուզես։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Շատ բարեսիրտ էք, պարո՛ն։

ՊՈՂԵԱՆՑ. ( Վահագնեանի մօտենալով, որ միշտ կը կարդայ ) Ի՞նչ է կարդացածնիդ [71] ։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Անցեալ օր կարդալու համար ինձ տուած ազգային [72] խաղերնիդ [73] է։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Ի՞նչպէս է։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Բանաստեղծութիւն։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Եթէ կուզէք, սենեակս երթանք եւ միատեղ կարդանք։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Շատ լաւ... ( ցած՝ առ Պողեանց՝ Եդուարդը ակնարկելով ) նորեկ դերասա՞ն է։

ՊՈՂԵԱՆՑ. ( ցած ) Այո [74] , ի՞նչպէս կը գտնես։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Շատ փափուկ... Լաւ սիրահար կ՚ըլլայ... անդիի աշխարհ գացող մեր սիրահարին տեղը կը բռնէ եւ կամ զայն կը գերազանցէ։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Ես ալ այնպէս կը յուսամ... ( բարձր ) երթանք ուրեմն։ ( Եդուարդի ) Ինչպէս որ ըսի, պարոն, ( Եդուարդ գոհութեան եւ շնորհակալութեան շարժում մը կ՚ընէ) ։

Տեսիլ Զ

ԵԴՈՒԱՐԴ (մինակ)

Հինգ ֆրա՜նք... Որչա՜փ հարուստ եմ... պիտի երթամ Վարդուհիս տեսնելու... բա՛ց դուռը, անգո՛ւթ հայր, բա՜ց դուռը ձեռքի հինգ ֆրանքիս. ես որ Վարդուհիս տեսնելու համար արիւնս անգամ կու տամ, դու ստակ կ՚ուզես... սիրոյ մուտք... բայց ոչ, զքեզ նախատելու իրաւունք չունիմ, վասնզի քու մուրացած հացդ կերայ... բայց անօթի կը մնայի եթէ Վարդուհի քովս ըլլար, իր շունչը ինծի կեանք կու տար... ո՜ [75] , եթէ հոս եկած չըլլայի, այս գիշեր՝ առանց ստակի եւ անօթի՝ փողոցին սալայատակին վրայ պիտի պառկէի, եթէ ստուերս տեսնէին՝ գինով եւ եթէ դէմքս տեսնէին՝ սրիկայ մը պիտի կարծէին եւ բանտ պիտի տանէին զիս... աղքատութի՜ւն, ո՞վ կը ղրկէ զքեզ, ես չեմ կարծեր որ երկնից հեղինակութիւնն ես, այլ դժոխոց մէկ կատակը... ա՜հ, սոսկալի է աղքատ ըլլալ եւ սիրել, երբ սիրուհիդ՝ զոր քու շունչովդ կ՚ուզես պատսպարել, մերկ է եւ անօթի... բայց ես հի՜նգ ֆրանք ունիմ, Վարդուհիիս քիչ մը հաց եւ բոտին մը կ՚առնեմ եւ վաղը երկու երեք ժամ թեւ թեւի [76] կը շրջագայինք մեր տնակին ձորը... ամսագլխուն թոշակովս ալ մեր տնակին քառասուն ֆրանք պարտքը կու տամ... երջանիկ կ՚ըլլանք... բա՜ց դուռը, հա՛յր, հի՜նգ ֆրանք ունիմ... հի՜նգ ֆրանք... ( կը մեկնի. պատկերը կը փոխուի

ՊԱՏԿԵՐ Ա

Թովմայի տնակը. պատուհանը արեւուն մարը մտնելէն կը ցոլայ։

Տեսիլ Ա

ԹՈՎՄԱ եւ ՎԱՐԴՈՒՀԻ

ԹՈՎՄԱ. Ահա արեւը մարը կը մտնէ... կ՚ուզե՞ս որ վաղը անօթութենէ ընկճեալ եւ կթոտ՝ իզուր իր ճառագայթներուն կծկինք քիչ մը կեանք եւ հոգի առնելու համար... կ՚ուզե՞ս որ վաղ իրիկուան մարը մտնող արեւին հետ մենք ալ անօթութենէ մարինք... Վարդուհի՛, մենք արդէն այս տնակին մէջ, աղքատութեան մէջ, անօթութեան մէջ անպատիւ ենք... Աստուած չը կամիր որ անձնասպան ըլլանք, բայց՝ մինչդեռ ես մուրացկանութիւնը կ՚ատեմ եւ դու ալ մուրացուած հաց չես ուտեր... հաց չունինք... ի՞նչ ընենք, Վարդուհի՛, հարո՛ւստ ըլլանք եւ վրէ՛ժ առնենք։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ուսկի՞ց։

ԹՈՎՄԱ. Չեմ գիտեր, բայց կը զգամ որ սիրտս ատելութեան հնոցի պէս կը բռնկի... վրէ՛ժ առնել կ՚ուզեմ, այլ չեմ գիտեր ուսկի՞ց... երբ Ռուսիոյ ապարանքս կը յիշեմ, ուր ինչուան առաւօտ ջահերը կը վառէին, ուր մինչեւ առաւօտ ծիծաղները արձագանք կու տային, երբ հոն բազմախորտիկ սեղանս տեսնելով միայն կը յագենայի եւ երբ հոս ցամաք հացի անյագ քաղցը կը զգամ, երբ կը մտածեմ թէ բոլոր անցելոյն փառքերը զիս լքին եւ ստուերի պէս անցան, անօթութենէ աւելի հարստութեան ծարաւ մը կը զգամ, ա՜հ, մեռնի՜լ, բայց հարուստ մեռնիլ կ՚ուզեմ... այո՛, Թովմայի գծուծ անունը կ՚ուզեմ թօթուել եւ զՄուրատոֆ վերականգնել... կ՚ուզեմ որ մուրացկանի աղջիկ չը կոչուիս դու, այլ Մուրատոֆի աղջիկը... Վարդուհի՛, հարստութիւնն ամօթապարտ կարմրութիւնը կը ծածկէ, իսկ աղքատութիւնն անբիծ ճակատը կը նսեմացնէ... Վարդուհի, հարո՛ւստ ըլլանք։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Յապա խեղճ Եդուա՞րդը, որ վռնտեցիր։

ԹՈՎՄԱ. Աղէկ ըսիր, այն ալ անշուշտ քովերնիս կ՚առնենք եւ երջանիկ կ՚ըլլանք։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց կը վախնամ ես անկէ։

ԹՈՎՄԱ. Ինչո՞ւ կը դեղնիս... կը սիրե՞ս զինքը։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Անկէ կը վախնամ միայն։

ԹՈՎՄԱ. Բայց այդ գաղտնիք մը պիտի ըլլայ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ո՜հ, ո՛չ, կը վախնամ։

ԹՈՎՄԱ. Ուրե՞մն։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Չեմ կրնար։

ԹՈՎՄԱ. Բայց մտածէ... անօթութիւնը։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Կը համբերեմ...

ԹՈՎՄԱ. Իսկ ես չեմ կրնար համբերել... արիւնս ցամքելով անօթի մեռնելու տեղ արիւն թափելով կուզեմ մեռնի՜լ... ( յուսահատութեամբ բան մը կը փնտռէ) ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( հայրը բռնելով ) Հա՛յր իմ... ի՞նչ կ՚ընես... ։

ԹՈՎՄԱ. Թո՛ղ զիս... անօթի՞ մեռնիմ... միթէ ես մանո՞ւկ եմ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Կեցիր, հա՛յր իմ, ալ քուկդ եմ... ( Թովմա կը ցնցուի ) քու աղջիկդ եմ, ի՛նչ որ կ՚ուզես այն ըրէ, միայն թէ դու մի մեռնիր... միայն թէ մի լքաներ յետոյ անպատիւ [77] աղջիկդ, դարձեալ քու անմեղ աղջկանդ պէս նայէ ինծի։

ԹՈՎՄԱ. ( փղձկելով ) Վարդուհի՜... ( արցունքը կ՚ընդմիջէ զինքը

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եթէ մայրս կենդանի ըլլար, զիս կը պաշտպանէր։

ԹՈՎՄԱ. Վարդուհի, զա՛րկ զիս, եւ այդպէս մի խօսիր։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ներէ, հա՛յր իմ... եթէ փոքր ինչ վախկոտ եմ։

ԹՈՎՄԱ. Վարդուհի, եթէ այսպէս պիտի մեղադրէիր զիս, ինչո՞ւ քիչ մ՚առաջ թող չը տուիր որ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ոչ, հա՛յր իմ, ներումն կը խնդրեմ, հանդարտէ։

ԹՈՎՄԱ. Աղջի՛կս, չես գիտեր թէ անօթութիւնը ո՛րչափ սոսկալի է...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Գիտեմ, հա՛յր իմ... ( հառաչելով ) Եդուա՜րդ...

ԹՈՎՄԱ. Այդ անունը մի տար։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ինչո՞ւ, հա՛յր իմ։

ԹՈՎՄԱ. Վասնզի քաջութիւնդ կը նուաղի։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ընդհակառակն, հա՛յր իմ, հիմա կը զգամ որ զինքը պիտի ազատեմ փողոցներու մէջ անպաշտպան, հիւանդ եւ անօթի մեռնելէ... արդեօք խեղճ Ռաֆայէլս ի՞նչ կ՚ընէ այս վայրկենիս։

ԹՈՎՄԱ. Կ՚աղաչեմ, Վարդուհի՛, փարատէ այդ մտածմունքը, վասնզի դու լալով սիրտս թունդ կը հանես... գիտեմ, անիրաւութիւն ըրի Եդուարդը ճամբելով, բայց ի՞նչ կրնայի ընել, երբ [78] ոստիկանութեան [79] պիտի [80] մատնուէի [81] . թէ իր եւ թէ քու վիճակդ գէշ պիտի ըլլար. մտածեցի որ օր յառաջ գործ մը գտնելով կրնար զքեզ եւ զինքը խնամել, բայց հիմա որ հարուստ պիտի ըլլանք...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( ընդմիջելով ) Կը հասկնամ, հա՛յր իմ...

ԹՈՎՄԱ. Վարդուհի, շատ պիտի ատե՞ս զիս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ընդհակառակը գոհ պիտի ըլլամ... վասնզի դու եւ Եդուարդ անօթութենէ եւ աղքատութենէ պիտի ազատիք...

ԹՈՎՄԱ. Մանաւանդ մուրալէ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Տես, հա՛յր իմ, ալ գոհ եմ եւ կը ժպտիմ... ( կը ջանայ ժպտիլ ):

ԹՈՎՄԱ. Վարդուհի՜... աղջի՜կս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( կարմրելով, աչերը խոնարհելով եւ գրեթէ թոթովելով ) Հա՛յր իմ, արդեօք այն մարդը երիտասա՞րդ է։

ԹՈՎՄԱ. Ինչո՞ւ կը հարցնես։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ա՜հ չըլլայ որ անհաճոյ դէմք մ՚ունենայ, կը վախնամ, կը սոսկամ որ քաջութիւնս կը պակսի... գիտես որ վախկոտ եմ։

ԹՈՎՄԱ. ( յուսահատութեամբ... ) Ա՜հ, սոսկալի բան է այս [82] ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Մի՛ բարկանար, հա՛յր իմ, սիրտս ամուր կը բռնեմ... ալ ամէն բանի պատրաստ եմ... եթէ ճիւաղ մ՚ալ ըլլայ, պիտի գրկեմ, որպէսզի դուք երջանիկ ըլլաք... գո՞հ ես, հա՛յր իմ...

ԹՈՎՄԱ. Վարդուհի, ալ բաւական է... ինձ մի հարցներ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Կ՚ուզե՞ս որ սենեակս քաշուիմ։

ԹՈՎՄԱ. Դու գիտես։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Դու հոս պիտի ըլլաս, այնպէս չէ՞։

ԹՈՎՄԱ. Այո՛։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Կ՚աղաչեմ, եթէ Եդուարդ առանց հացի գայ այս իրիկուն, մի վռնտեր։

ԹՈՎՄԱ. Անտարակոյս ( մեկուսի ) բայց եթէ Նահապետոֆ հո՞ս ըլլայ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Սենեակս կ՚երթամ, հա՛յր իմ...

ԹՈՎՄԱ. Բայց միթէ՞...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Դեռ ըսելիք մ՚ունի՞ս, հա՛յր իմ։

ԹՈՎՄԱ. Արդեօք առանձին լալու համա՞ր սենեակդ քաշուիլ կ՚ուզես։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ո՛չ, հա՛յր իմ... այլ կը խոստովանիմ որ մինակ ըլլալ կ՚ուզեմ... դու անփոյթ եղիր... ( մեկուսի ) ո՞վ պիտի օգնէ ինծի, հրեշտա՞կը թէ սատանան ( Վարդուհի կը մեկնի. Թովմա աթոռի մը վրայ կ՚իյնայ մտազբաղ

Տեսիլ Բ

ԹՈՎՄԱ եւ ՄԱԿԱՐ

ՄԱԿԱՐ. ( ձեռքը մախաղ մը՝ մտնելով, մեկուսի ) Խիստ լաւ խելք մը մտածեցի. 50 հատ հրաշագործ ոսկի այս մարդուն յանձնելու տեղ, տիրոջս սնտուկին տակ մնացած նենգեալ դրամներէ 50 ոսկի գտայ եւ պիտի տամ... ( մախաղը կը բանայ եւ քսակ մը կը հանէ) ։ Ահա նենգեալ ոսկիները, որ զուտ եւ բուն ոսկի ըլլալու համար կեղծ ըլլալէն ուրիշ պակսութիւն [83] չունին... խեղճ մարդը քար պիտի կտրի, երբ նենգեալ ըլլալն իմանայ. ոստիկանութեան ալ չի պիտի կրնայ բողոքել, վասնզի ոստիկանութիւնը անշուշտ պիտի հարցնէ թէ այն [84] կեղծ դրամներուն փոխարէն ի՞նչ տուած է. պատասխանը ամօթահարութիւն է... եւ այս մարդն ալ [85] շատ խղճահար ըլլալէն զատ՝ միանգամայն վախ մ՚ալ կունենայ որ դրամանենգ չամբաստանուի... եթէ գայ բողոքելու տիրոջս, այն ատեն բան մը կ՚ընենք... ( Թովմայի մօտենալով եւ անոր ուսին զարնելով ) պարո՛ն Թովմա...

ԹՈՎՄԱ. ( շփոթած՝ ոտք ելնելով ) Դուք հո՞ս... պարոն...

ՄԱԿԱՐ. Տէրս հոս է... պատրա՞ստ ես։

ԹՈՎՄԱ. Իմացուցէք իրեն, որ կրնայ ներս մտնել... ( Նահապետոֆ ներս կը մտնէ. մեկուսի ) Չեմ ճանչեր այս մարդը։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ո՞ւր է ինքը։

ԹՈՎՄԱ. Հոս, իր սենեակն է պարո՛ն։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Կրնա՞մ տեսնել։

ԹՈՎՄԱ. Անտարակոյս, պարո՛ն... ( Նահապետոֆ կ՚ակնարկէ Մակարի

ՄԱԿԱՐ. ( քսակը տալով ) 50 ոսկի է, պարո՛ն Թովմա...

ԹՈՎՄԱ. Շնորհակալ եմ։

ՄԱԿԱՐ. Տէ՛ր իմ... ( Նահապետոֆ երթալու հրամայական նշան կ՚ընէ Մակարի, որ խոնարհելով կը մեկնի. Նահապետոֆ սենեակը կը մտնէ) ։

Տեսիլ Գ

ԹՈՎՄԱ եւ ԵԴՈՒԱՐԴ

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( ներս մտնելով ) Հա՛յր իմ...

ԹՈՎՄԱ. Դո՞ւն հոս [86] ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ներէ, հա՛յր իմ, եթէ համարձակեցայ ներս մտնելու, վասնզի 5 ֆրանք վաստկեցայ... ահա քեզի կը յանձնեմ...

ԹՈՎՄԱ. Շա՛տ ուշ հասար... վասնզի ես արդէն շատ ունիմ (քսակն ափին մէջ թօթուելով) ոսկի են ասոնք, ոսկի՜...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ուրեմն հարուստ ենք... եւ ալ չի պիտի վռնտես զիս... Վարդուհիին քով պիտի կենամ ալ... բայց ո՞ւր է Վարդուհի։

ԹՈՎՄԱ. Չես կրնար տեսնել զինքը։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ինչո՞ւ, հա՛յր իմ, միթէ իր սենեակը չէ՞ ( կ՚ուզէ երթալ ):

ԹՈՎՄԱ. ( առաջքն առնելով ) Հոս չէ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Մի բարկանար, հա՛յր իմ... կը սպասեմ որ գայ... բայց միթէ իրաւունք չունի՞մ զինքը փնտռելու, ես՝ որ ամբողջ օր մը զինքը չը տեսած անցուցի եւ...

ԹՈՎՄԱ. Դարձեալ պէտք չէ որ տեսնես զինքը։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ի՞նչ կ՚ըսես, հա՛յր իմ... չեմ հասկնար... բայց...

ԹՈՎՄԱ. Եւ կը հրամայեմ որ հիմա դուրս ելնես։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Զիս կը վռնտե՞ս դարձեալ։

ԹՈՎՄԱ. Այնպէս պէտք է... ( բարկացած՝ հրամայական նշան կ՚ընէ. Եդուարդ սարսափած կը մեկնի ( Վարագոյրը կ՚իջնէ):


ԱՐԱՐՈՒԱԾ Գ

Թովմայի տնակին մէջ սենեակ մը։

Տեսիլ Ա

ԹՈՎՄԱ (առանձին, որ յուսահատ եւ մտայոյզ ներս կը մտնէ)

Վատութի՜ւն... սոսկալի վատութի՜ւն... այն դրամներն կեղծ են եղեր. ա՜հ, չարաչար խաբեցին զիս... ի՞նչպէս պիտի նայիմ աղջկանս երեսը... որ ձեռքս անբիծ ճակտին դրի, արդարացուցի զինքը, ներեցի իր անպատուութեանը, բայց չը մտածեցի որ իմ գլխուս վերեւ ալ ուրիշ ձեռք մը կայ, անողոք եւ [87] արդար [88] ձեռք մը՝ որ զիս անիծեց... Աւա՜ղ, թեթեւ բեռ մ՚ունէի, մուրացկանի տոպրակ մը եւ տրտնջացի. իսկ հիմա սրտիս վրայ երկաթէ ձեռք [89] մը կայ, որ միշտ կը ճնշէ... աղջկանս անմեղ սրտին վրայ գերեզմանաքար մը թաւալեցի. աղջիկ մը վարդի պէս շուտ կը թոռմի... մեռա՜ւ աղջիկս... եւ ես իրաւունք ալ չունիմ իր վրայ լալու, վասնզի դահիճը գլխատեալին վրայ չի լար... ա՜հ, այս միայն կը պակսէր կործանեալ Մուրատոֆին... Հարո՜ւստ մարդիկ, ի՞նչ կ՚ուզէք աղքատներէն... անոնք ալ պատիւ ունին... ներեցէք միայն եթէ դրամէ կը շլանան, վասնզի աշխարհի վրայ կարօտ են եւ շատ անգամ անօթի՜... իսկ եթէ այն դրամն ալ կեղծ ըլլայ... սոսկալի՜ բան է... սոսկալի՜... ի՞նչպէս չընդունէի, երբ այն սապատողն սատանան [90] բաւական հարստութիւն կը խոստանար ինձ, մինչդեռ ես մուրացկան, պարտապան, անօթի էի եւ կ՚ուզէի վերականգնիլ.. մեռնէ՞ի... ո՛չ... վասնզի կ՚ուզէի վրէժ առնել աշխարհէն... բայց աշխարհ ինձնէ վրէժ առա՜ւ... ա՛հ, ի՞նչ ընեմ... մատնեմ այն վատը... բայց ի՞նչպէս... եթէ արդարութեան ատենին դիմեմ, պիտի ըսեն թէ ի՞նչ տուիր այս նենգեալ դրամներուն փոխարէն... ի՞նչ պատասխան տամ... ի՞նչ ընեմ... ոչի՜նչ... թշուառ մ՚ըլլամ եւ անիծե՜մ... ( աթոռի մը վրայ կ՚իյնայ յուսահատ ):

Տեսիլ Բ

ԹՈՎՄԱ եւ ՍԱԼՈՄՈՆ

ՍԱԼՈՄՈՆ. Տեսնենք, եղբայր Թովմա, անշուշտ մեր ստակները պատրաստեցիր, վասնզի Նահապետոֆի մատակարարին հոս գալը քեզի շատ նպաստաւոր կ՚երեւէր, մանաւանդ որ ինքը հաւաստեց [91] թէ քանի մը օրէն պիտի տաս ստակս։

ԹՈՎՄԱ. Վա՛տ մ՚է այն մարդը։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Ինչո՞ւ։

ԹՈՎՄԱ. Ահա այսչափ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Կ՚աղաչեմ, եղբայր Թովմա, այդպիսի վարպետ ձեւերով մի ջանար օր օրի ձգելու պարտքդ... հաւատայ որ այս օրերս շատ պէտք ունիմ դրամի։

ԹՈՎՄԱ. Ես ալ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Բայց դու բաւական ստակ առած ըլլալու ես։

ԹՈՎՄԱ. Ի՞նչ բանի համար։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Ես գրեթէ բաւական կը գուշակեմ։

ԹՈՎՄԱ. Ի՞նչ է գուշակածդ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Աղջիկդ գեղեցիկ է։

ԹՈՎՄԱ. Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Նահապետոֆ զայն տեսած ըլլալու է։

ԹՈՎՄԱ. Ի՞նչ կրնայ ըլլալ ատկէ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Շատ բան կրնայ ըլլալ։

ԹՈՎՄԱ. Զգուշացի՛ր... պարո՛ն... եթէ մէկ մ՚ալ այդպիսի խօսք մը հանես բերնէդ, կը ջախջախեմ քեզ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Մի՛ բարկանար, եղբայր Թովմա, իրաւունք ունիս... այդ իմ խառնուելիք գործս չէ, ես միայն ինծի տրուած ստակն առնելու պարտական եմ, ինծի չը վայլեր հասկնալ թէ այն ստակը ի՞նչպէս վաստկուած է։

ԹՈՎՄԱ. Հրէա՛յ, ի՞նչ ըսի քեզի։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Ա՜, իրաւունք ունիս... բայց դու ալ գործը մի երկարեր. ստակներս տուր որ բերանս գոցեմ, գործիս երթամ... օ՜ն, տեսնեմ սա երկու ամբողջ ոսկին որ իմ բոլոր առնելիքս է... եթէ կ՚ուզես լաւ խելք մը բանեցնել, քանի մ՚ամսուան վարձքն [92] ալ կանխիկ տուր որ ետքը չունեցած ժամանակդ դժուարութիւն չը կրես։

ԹՈՎՄԱ. ( մեկուսի ) Ո՛չ... այս մարդը ինծի պէս տխմար չէ եւ [93] վերջը գէշ կ՚ըլլայ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Քեզի կ՚ըսեմ, եղբայր Թովմա... չե՞ս լսեր։

ԹՈՎՄԱ. Ի՞նչ կ՚ըսես։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Կ՚ըսեմ որ եթէ հիմա տաս, վերջը դժուարութիւն չըլլար։

ԹՈՎՄԱ. Ի՞նչ պիտի տամ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Ետքէն գալիք քանի մը ամսուայ վարձքը ( Թովմա դառնութեամբ կը ծիծաղի ), ի՞նչ կը խնդաս... գէ՞շ խելք է այս...

ԹՈՎՄԱ. Պարո՛ն, պարապ տեղը կը ցամքեցնես բերանդ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Եթէ չես ընդունիր իմ առաջարկութիւնս, որ շատ նպաստաւոր է քեզի, դու գիտես... առայժմ սա առնելիքս տուր որ երթամ... ժամանակը կ՚անցնի... պիտի երթամ։

ԹՈՎՄԱ. Կրնաս երթալ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Բայց կատակը մէկդի, եղբայր Թովմա։

ԹՈՎՄԱ. Կատա՜կ... կատակին աղէկը ինծի ըրին։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Բայց վերջապէ՞ս։

ԹՈՎՄԱ. Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Տէր Աստուա՛ծ... քու ականջիդ թմբո՞ւկ զարնելու է որ իմանաս... քեզի ըսի թէ գործ ունիմ, օրը կը տարաժամի...

ԹՈՎՄԱ. Ես ի՞նչ ընեմ... ազատ ես երթալու։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Բայց զիս կը կատղեցնես։

ԹՈՎՄԱ. Որչափ որ կատղիս, ինծի չափ չես կրնար կատղիլ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Եւ այս կատակերգութեան վե՞րջը։

ԹՈՎՄԱ. Ողբերգութեան չը դառնալու համար կրնաս դուրս ելնել։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Բայց ի՞նչ է քու միտքդ։

ԹՈՎՄԱ. Ես ո՛չ միտք մ՚ունիմ եւ ո՛չ ալ դրամ մը...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Սուտ կը խօսիս, վասնզի աղէկ [94] գիտեմ որ...

ԹՈՎՄԱ. ( ընդմիջելով ) Լռէ՛... չեմ կրնար մտիկ ընել քեզ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Բայց վերջապէս ի՞նչ պիտի ընենք քեզի հետ։

ԹՈՎՄԱ. Ինչ որ կ՚ուզես, այն ըրէ...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Կ՚ուզես որ ամէն տեղ տարաձայնե՞մ աղջկանդ...

ԹՈՎՄԱ. ( կռուփներով վրան վազելով ) Եթէ կ՚ուզես որ գլուխդ ջախջախեմ։

ՍԱԼՈՄՈՆ. ( սարսափելով ) Ա՜հ... օգնու...

ԹՈՎՄԱ. Լռէ՛։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Ներէ, պարո՛ն....

ԹՈՎՄԱ. Դուրս պիտի ելնե՞ս։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Այո՛, պարոն... կ՚ելնեմ...

ԹՈՎՄԱ. Օ՜ն, ուրեմն, կռնակդ տեսնեմ...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Բայց ի՞նչ իրաւունք ունիս իմ տունէս վռնտելու զիս...

ԹՈՎՄԱ. ( վրան յարձակելով ) Դեռ կեցեր կը խօսի՞ս...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Կ՚երթայի, պարո՛ն...

ԹՈՎՄԱ. Գնա՛ ուրեմն...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Բայց մեծ անիրաւութիւն...

ԹՈՎՄԱ. Գծուծ Հրէայ [95] ... ( վրան կը վազէ եւ Հրէայն սարսափած կը փախչի ) Աղջկանս սենեակը ոտքի ձայն մը կայ. ինքն է... արթնցեր է... ի՞նչպէս երեսը պիտի նայիմ եւ պատասխան պիտի տամ... բոլոր ջիղերովս կը ցնցուիմ... սիրտս կը նուաղի... ա՜հ, ո՞վ վեր [96] պիտի վերցնէ ամօթէն աղջկանը առջեւ խոնարհած տարաբախտ հօր մը ճակատը...

Տեսիլ Գ

ԹՈՎՄԱ եւ ՎԱՐԴՈՒՀԻ

ԹՈՎՄԱ. ( մեկուսի ) Ինքն է...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բարի լոյս, հա՛յր իմ...

ԹՈՎՄԱ. ( աղջկան առջեւ՝ ի ծունր եւ երեսը ծածկելով ) Աղջի՜կս...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ի՞նչ կ՚ըլլաս, հա՛յր իմ... ոտք ել... ( կը ջանայ ոտք հանել

ԹՈՎՄԱ. Ո՛չ, ո՛չ, ինչուան որ չը ներես, չի պիտի ոտք ելնեմ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց ի՞նչ կայ քեզի ներելու, հա՛յր իմ...

ԹՈՎՄԱ. Վասնզի շատ թշուառ ըրի քեզ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բնաւ, հա՛յր իմ, ես երջանիկ եմ քանի որ դու եւ եղբայրս այլեւս չի պիտի մուրաք փողոցները... միթէ ալ հարուստ չե՞նք...

ԹՈՎՄԱ. Ա՜հ, եթէ գիտնայիր, Վարդուհի՛։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց ի՞նչ կայ, հա՛յր իմ։

ԹՈՎՄԱ. Նախ ներէ ինձ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Միթէ [97] ես աղջիկդ չե՞մ։

ԹՈՎՄԱ. Բայց դու անմեղ ես, իսկ ես ոճրագործ մ՚եմ [98] ... դու կրնաս ներել ինձ, իսկ [99] ես չեմ կրնար օրհնել քեզ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Քու ըրածդ բնաւ ոճիր չէ, հա՛յր իմ... ի՞նչ կրնայինք ընել առանց ստակի եւ առանց հացի։

ԹՈՎՄԱ. Այնպէս չէ՞։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց ոտք ել, հա՛յր իմ, մոռնանք անցեալը... եւ ապագային մեր ապահով բարօրութիւնը վայելենք։

ԹՈՎՄԱ. Եթէ գիտենայի՜ր, խե՜ղճ աղջիկ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց ի՞նչ պատահեցաւ, հա՛յր իմ...

ԹՈՎՄԱ. Եթէ ներես, կը խօսիմ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ո՛չ միայն ներել, այլ, եթէ դժոխոց բոցերուն մէջ ալ ըլլաս, քեզ կը փարիմ անբաժան, հա՛յր իմ... ( անոր փարելով ոտք կը հանէ) ։

ԹՈՎՄԱ. Աղջի՛կս... հրեշտա՜կս...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ի՞նչ ունիս, հա՛յր իմ...

ԹՈՎՄԱ. Որչա՜փ դեղներ ես, Վարդուհի՛... որչափ լացեր ես...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց, հա՛յր իմ...

ԹՈՎՄԱ. Վարդուհի՛, եթէ քու տեղդ ըլլայի, այսպիսի հօր մը չը ներելէ զատ՝ դահիճէ մ՚աւելի սոսկալով կը խորշէի անկէ... վասնզի ցած դահիճին զարկածն իր արիւնը չէ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Հա՜յր իմ...

ԹՈՎՄԱ. Մի՛ կոչեր զիս հայր... կը մեղանչես, անմեղ աղջիկ... փախի՛ր, սոսկա՛ ինձնէ, անիծէ՛ զիս... ես քու հայրդ չեմ, մի՛ մօտենար... Միթէ չե՞ն ատեր, չե՞ն զարներ, չե՞ն ջախջախեր հայր մը, որ իր աղջկան [100] պատիւը [101] կը ծախէ նենգեալ դրամներով...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ի՞նչ կ՚ըսես, հա՛յր իմ...

ԹՈՎՄԱ. Ճշմարիտը... խաբեցին զիս...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Խե՜ղճ հայրս...

ԹՈՎՄԱ. Ի՞նչ, զի՞ս կը մեղքնաս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Վասնզի դու ինձնէ աւելի թշուառ ես... ես քանի մը գաղտնի արցունք թափելով անցուցի այն ճգնաժամը... իսկ դու...

ԹՈՎՄԱ. Աստուա՜ծ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց միթէ այն ատեն չի՞ պիտի ստիպուէինք անօթութենէ նուաղիլ։

ԹՈՎՄԱ. Իսկ հիմա՞։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ճշմարիտ է...

ԹՈՎՄԱ. Բայց ես դարձեալ կը մուրամ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( գետինը դրամ մը տեսնելով եւ առնելով ) Ի՞նչ է այս, հայր իմ, տե՛ս, հինգ ֆրանքնոց մը։

ԹՈՎՄԱ. ( ճիչ մ՚արձակելով ) Ա՜հ... այո, Եդուարդ բերաւ երէկ իրիկուն... քեզ տեսնել ուզեց...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եւ դու ճամբեցիր զինքը... այնպէս չէ՞...

ԹՈՎՄԱ. Ըսելով թէ ինքը հոս չէ... Գիտես որ ստիպուած էի...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Այո՛... հա՛յր իմ... արդեօք ի՞նչ եղաւ խեղճը. հիմա ո՜րչափ յուսահատած է եւ մէկ մ՚ալ մեր տանը սեմը ոտք չի պիտի կոխէ, վասնզի երկրորդ անգամ վռնտեցիր զինքը։

ԹՈՎՄԱ. Անհոգ եղիր, Վարդուհի, ես զինքը կը գտնեմ, կը բերեմ եւ մուրալով առաջուան պէս կ՚ապրինք։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բարեսի՜րտ հայրս...

ԹՈՎՄԱ. Զաւակնե՜րս, սիրեցէք զիրար եւ ինծի համար աղօթեցէք այսուհետեւ։

Տեսիլ Դ

ՆՈՅՆՔ, ՍԱԼՈՄՈՆ, ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍՈՒՉ ՄԸ, ՈՍՏԻԿԱՆՔ

ՍԱԼՈՄՈՆ. Պարոն ոստիկան, բռնել տուէք այս մարդը...

ԹՈՎՄԱ. Հրէա՜յն է։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Աստուա՜ծ իմ։

ՈՍՏԻԿԱՆ. Պարո՛ն, յանուն արդարութեան ատենին կը ձերբակալեմ քեզ. դատախազդ այս Հրէայն [102] է։

ՍԱԼՈՄՈՆ. Ինքը կը ճանչէ զիս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Հա՛յր իմ...

ԹՈՎՄԱ. Աղջի՜կս...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( ցած ) Սա հինգ ֆրանքնոցը տանք, հայր իմ, գուցէ...

ԹՈՎՄԱ. ( ցած ) Այդ չը բաւեր, աղջիկս, զայն քովդ պահէ, եթէ ոչ անօթի կը մնաս հոս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( ցած ) Իրաւունք ունիս... ա՜հ ի՞նչ դժբախտութիւն էր այս...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Օ՜ն, շուտ, պարոն տեսուչը քեզ կը սպասէ...

ԹՈՎՄԱ. ( առ ոստիկանն ) Քանի մը վայրկենի համար ներողամիտ եղէք, պարո՛ն... ( ցած՝ առ աղջիկն ) գոնէ սա վերարկուս քեզ ձգեմ որ հին գնող Հրէայի մը ծախես, երբ հինգ ֆրանքնոցը հատնի...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( ցած ) Ո՛չ, ո՛չ, հայր իմ, բանտը ցուրտ է, կը մսիս... Անփոյթ եղիր, Աստուած բոլորովին երեսէ չը ձգեր մեզ [103] ...

ԹՈՎՄԱ. ( նոյնպէս ) Աղջիկս, ինքզինքդ աղէկ խնամէ... չը հիւանդանաս...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ինքզինքս Աստուծոյ կը յանձնեմ։

ԹՈՎՄԱ. Եթէ Աստուած մը կայ, թող լսէ քեզի...

ՍԱԼՈՄՈՆ. Երկար ըրիր, եղբա՛յր Թովմա։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( ցած ) Անգո՛ւթ Հրէայ...

ԹՈՎՄԱ. Վաղը գուցէ քեզ ալ վռնտէ տանէն... եւ այն ատեն... ( Վարդուհի մատովը երկինքը կը ցուցնէ) Աղջի՜կս...

ՈՍՏԻԿԱՆ. Օ՜ն, առջեւս ինկիր, պարո՛ն, շատ սպասեցինք...

ԹՈՎՄԱ. Ներեցէք, պարո՛ն... մնա՜ս բարով, աղջիկս...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Հա՜յր իմ... ( գիրկընդխառն կը մեկնին

Տեսիլ Ե

ՎԱՐԴՈՒՀԻ (մինակ)

Մնա՛ք բարեաւ, դուք՝ պերճութեան, գեղեցկութեան, անմեղութեան եւ սիրոյ օրեր... մնա՜ք բարեաւ, խարխուլ աթոռակներ [104] , ուր Եդուարդի եւ հօրս հետ կը նստէինք քով քովի. մնա՜ս բարեաւ, տխուր սեմ, ուրկէ անցաւ Եդուարդս արցունք կաթեցնելով եւ հայրս՝ վշտահար ճակտով. մնա՜ս բարեաւ, գծուծ օթեւան, որ իմ ամօթահար ճակատս տեսար... մնա՜ս բարեաւ Եդուա՜րդ, Եդուա՜րդ... ( կը մեկնի. —պատկերը կը փոխուի

ՊԱՏԿԵՐ Բ

Տնօրէնին սենեակը. խորը դռնակ մը։

Տեսիլ Ա

ՊՈՂԵԱՆՑ եւ ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Իմացայ որ այսօր նոր դերասանուհի մը պիտի գայ։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Այո՛, նամակով մ՚իմացուցած էր ինձ թէ արդեօք կրնա՞յ խումբին մէջ իբր դերասանուհի ընդունուիլ. ես ալ պատասխանեցի որ եթէ հաճի, կրնայ ինծի ներկայանալ եւ խօսիլ։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Եթէ ընդունելու պայմաններն յաջողին, շատ շատ աղէկ պիտի ըլլայ, վասնզի հեղինակին մէկը ելեր չորս դերասանուհի պարունակող խաղ մը հեղինակեր է...

ՊՈՂԵԱՆՑ. Խաղն ի՞նչպէս է։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Ժամանակակից, բաւական դարձուածքներով եւ բարոյական դասերով համեմուած։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Անունն ի՞նչ է։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Պարունակութիւնը յայտնելէս վերջն այդպէս հետաքրքրութեամբ անունը հարցնելդ ի՞նչ պիտի ըլլայ։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Գործը անունին վրայ է։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Անունը խորհրդաւոր անուն մ՚է. «Գաղտնիք մուրացկանին»։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Ա՜հ, ըսել է որ այդ խաղը չը կրնար ներկայացուիլ։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Ինչո՞ւ։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Միթէ կարելի՞ է որ այդ խաղին անունը փոխելով մեր մեծ [105] դիւցազներէն [106] մէկուն ծանօթ [107] անունը դրուի առժամանակեայ կերպով։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Ո՛չ, այն խաղը ծանօթ դիւցազանց [108] հետ բնաւ յարաբերութիւն չունի։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Ուրեմն, ինչպէս որ ըսի, չեմ կրնար ներկայացնել, վասնզի անանկ խաղերու շնորհիւ կրած վնասներս մտածելով՝ գլուխս ուռեցաւ... մեր հասարակութիւնը թատերազդերուն վրայ խոշոր, փառաւոր եւ ահաւոր անուններ կը փնտռէ, եւ անունէն կը գուշակէ խաղին լաւ կամ գէշ ըլլալը. եթէ մեր հեղինակներէն մէկը խելք ունենայ՝ «Կործանումն [109] աշխարհի» [110] կամ [111] «Վերջին դատաստան» անունով խաղ մը [112] գրէ, ես ալ ազդին վրայ «արտաքոյ կարգի փառաւոր ներկայացում» մը կը գրեմ, թատրոնը լեցաւ գնաց։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Իրաւունք ունիս։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Խօսիլն աւելորդ է, քանի որ շատ փորձերով հաստատուած է։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Բայց հայ հասարակութեան արդի յառաջընթացութեանը նայելով ժամանակակից խաղերն աւելի հաճոյ եւ օգտակար պէտք է համարուին իրեն։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Բայց ի՞նչպէս կրնայ գիտցուիլ այդ, քանի որ լրագիրներու միջոցաւ թատրոնի յոռի կամ լաւ վիճակին վրայ խօսող չկայ, եւ եթէ թատերասէր անձէ մը այդ նիւթին վրայ գրուած յօդուած մը լրագրի մը ղրկուի, լրագրին գրասենեակին մէկ անկիւնը մնալով կը փոշոտի, լրագրապետին ընթացքը ալ չը դատաքննուիր, վասնզի մեր հասարակութեան մէջ թատրոնի եւ գրականական [113] նիւթերու վրայ գրուած յօդուածներ կարդացող չկայ. ամէնքն ալ քաղաքագէտ են եղեր. խելքերնին ու մտածմունքնին [114] տուեր են այն քաղաքագէտ [115] ճիւաղներուն [116] մեքենայութեանց, որոնք քանի մը կանգուն հողի համար արեան հեղեղներ թափել կու տան եւ անօթի ընտանիքներ կը կազմեն... վերջապէս ձմեռ գիշերները մեր հայ փոխքաղաքագէտներն իրենց ակումբները թողլով թատրո՞ն պիտի գան կամ թատրո՞նը պիտի մտածեն... թատերաբեմը յոռին անդունդը կը նետէ, կը թաղէ եւ բարին կը վսեմացնէ, կ՚անմահացնէ. թատրոնի ընծայած սիրոյ, եղբայրութեան, անձնուիրութեան [117] , ընկերականութեան [118] եւ խղճի օրինակը տեսնելէ աւելի՝ Հայը կը զուարճանայ պապատերազմի [119] սոսկալի [120] պատկեր մը [121] նկատելով [122] ...

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Բայց այդ տրամախոհութիւնները գրագիտաց վերապահենք եւ մենք մեր [123] գործին վրայ խորհինք... մենք որ դերասան ենք, որչափ հեռու են մեզնէ այդ տրամախոհութիւնները, մենք որ թութակ ճանչցուած ենք, եթէ ակնոցաւոր պարոն մը լսէ, կը ծիծաղի մեր վրայ։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Իրաւունք ունիս... ի՞նչ բանի վրայ կը խօսակցէինք։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Նորեկ դերասանուհւոյն վրայ։

ՊՈՂԵԱՆՑ. Այո՛... տեսնենք, իր փափաքած արհեստին ընդունակ պիտի գտնե՞նք զինքը։

Տեսիլ Բ

ՆՈՅՆՔ, ՎԱՐԴՈՒՀԻ, Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ, Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ, ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻՔ, ԴԵՐԱՍԱՆՔ

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( դերասանի մը ) Արդեօք կրնա՞մ տեսնել պարոն տնօրէնը։

ՊՈՂԵԱՆՑ. ( տեսնելով ) Ա՜, կարծեմ ինքն է... ( Վահագնեանի հետ Վարդուհիի կը մօտենան եւ անկիւնը կեցած՝ ցած կը խօսակցին. նոյնպէս Ա. [124] Բ. դերասանք եւ Չիչիլ ասդին կեցած ցած կը խօսակցին

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Տես, Չիչիլ, նոր դերասանուհի մը... կը նախանձի՞ս...

ՉԻՉԻԼ. Աստուած չընէ. ինձ համար աւելի աղէկ. բեռնաւորուած դերերէս բաւական կը թեթեւնամ...

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ճշմարիտն ըսելով՝ մուրացիկ կնոջ մը դեր կատարելու շատ յարմար պիտի գայ, վասնզի լալկան աչեր ունի։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Շատ կը սխալիք, Ժաք, լաւ սիրուհի մը կ՚ըլլայ, այնպէս չէ՞, Չիչիլ։

ՉԻՉԻԼ. Գուցէ։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ոչ, հակառակորդի դեր աղէկ պիտի յարմարի իրեն, վասնզի աչքերը խոշոր են։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Բայց գեղեցիկ։

ՉԻՉԻԼ. Սակայն դեղնած եւ նիհար է։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Աղքատութեան մէջ տառապելուն նշան է այն։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Գրաւ կը դնեմ որ լաւ հակառակորդ մը կ՚ըլլայ։

ՉԻՉԻԼ. Կարծեմ իմ անձնականիս նկատմամբ է այդ խօսքը, Ժաք, որ միշտ կը կրկնես։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ամենեւին, Չիչիլ։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Իր վեհանձն շարժուածքն է որ այդպէս կարծել կու տայ քեզ, Ժաք, բայց իր անուշ նայուածքն ո՜ւր թողունք որ բնաւ հակառակորդի չը յարմարիր։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Բայց միթէ սիրահար մը խաբելու պէտք չըլլա՞ր։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ատոր համար օձի նայուածք պէտք է։

ՉԻՉԻԼ. Վերջապէս փորձն ամէն բան կը յայտնէ։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Չիչիլ իրաւունք ունի։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ես ալ իրաւունք կու տամ այն խօսքին։

ՉԻՉԻԼ. Ուրեմն դադրեցուցէք ընդունայն վիճաբանութիւննիդ։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Մոլիերի գլխուն վրայ կ՚երդնում, որ նորեկ դերասանուհւոյն վրայ եղած խօսակցութիւնը շատ կը նեղացնէ Չիչիլը։

ՉԻՉԻԼ. Լռէ՛, փողոցի մոլիեր։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Մեր ցայտող մոլիերը լռեց։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Այս ալ քու գիւտդ է, Ժա՛ն։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ահա ձեռքը մաս մը կու տան, ըսել է որ ընդունուեր է։

ՉԻՉԻԼ. Ի՞նչ դեր է արդեօք։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Եթէ Ժանի դիտողութեանը հաւատք ընծայենք, գուցէ Լուիզա Միլլերի դերն է, որ մօտերս պիտի ներկայացնենք։

ՉԻՉԻԼ. Լուիզա Միլլերի՜։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Տես, ինչպէ՛ս կը նախանձիս։

ՉԻՉԻԼ. Շատ կը սիրեմ ես այն դերը։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Ֆերտինանտի դերն ալ արդէն նորեկ դերասան, Եդուարդի տուին։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Եդուարդ շատ պիտի յաջողի սիրահարութեան մէջ։

Ա. ԴԵՐԱՍԱՆ. Առանց հակառակորդի դու մնացիր, Ժա՛ք։

Բ. ԴԵՐԱՍԱՆ. Իմ հակառակորդս եւ սիրահարս գինին է։

ՎԱՀԱԳՆԵԱՆ. Պարոն դերասաններ, թատերաբեմը երթանք, փորձը պիտի սկսինք ( ամէնքը կը մեկնին. Վարդուհի մինակ կը մնայ՝ ձեռքը թղթի ծրար մը

Տեսիլ Գ

ՎԱՐԴՈՒՀԻ եւ ԵԴՈՒԱՐԴ

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( դռնէն երեւնալով, մեկուսի, մինչդեռ Վարդուհի կռնակը անոր դարձուցած ձեռքի դերն աչքէ կ՚անցնէ) Նորեկ դերասանուհի մը... ո՞վ է արդեօք...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( դառնալով, Եդուարդը տեսնելով եւ ճիչ մը արձակելով ) Ա՜հ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( զարմացած ) Վարդուհի՜...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( գիրկը իյնալով ) Եդուա՜րդ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Բայց ինչո՞ւ եկար հոս, Վարդուհի՛։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Վասնզի մինակ մնացի։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Սակայն հա՞յրդ, որ զիս վռնտեց։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Հրէայն բանտ դնել տուաւ զինքը։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Բա՜նտ... խե՜ղճ Վարդուհիս, որչա՜փ հալեր ու դեղներ ես։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եթէ հարցնե՜ս...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Կու լա՞ս... Վարդուհի՛... ի՞նչ ունիս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Շա՜տ բաներ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Պիտի պատմե՞ս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եթէ զիս չատես։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եդուարդ, ալ անմեղ Յուլիան չեմ ես...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ինչո՞ւ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Լլկեալ Ֆանթինն եմ։ ( Վարագոյրը կ՚իջնէ) ։


ԱՐԱՐՈՒԱԾ Դ

Եդուարդի հագնուելու սենեակը. —Աջ [125] կողմը [126] դռնակ մը։

Տեսիլ Ա

ԵԴՈՒԱՐԴ եւ ՎԱՐԴՈՒՀԻ

ԵԴՈՒԱՐԴ. Այսպէս ուրեմն, Վարդուհի։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ի՞նչ ընէի, Եդուա՛րդ. հայրս անօթութենէ չը մեռնելու համար ինքզինքը պիտի զարնէր, եթէ ամօթահար ճակատս իրեն առջեւ չը խոնարհէի եւ չըսէի. «Հա՛յր իմ, ալ քուկդ եմ». մանաւանդ որ ասով կը կարծէի թէ քեզ ալ փողոցներու մէջ անպաշտպան ու անօթի մնալէ կ՚ազատէի, վասնզի չէի գիտեր որ պաշտպանութիւն գտած էիր... տես, Եդո՛ւարդ, առանց առաջուց ներում խնդրելու քեզնէ՛ ահա ամէն բան պատմեցի քեզի [127] ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Անկարելի է որ չը ներեմ քեզի եւ չը սիրեմ, վշտահար հրեշտա՜կ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ա՜հ, հիմա ես ալ որչա՛փ կը սիրեմ զքեզ, Եդուա՜րդ... այլ ամօթահա՜ր...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Մի ըսեր այդ խօսքը, Վարդուհի՛։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Երկու պարտք ունէի. նախ՝ հայրս բանտէն ազատել...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Այսօր բանտէն պիտի ելնէ եւ հոս գայ, վասնզի իր պարտքը վճարեցինք մեր վաստակովը։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Երկրորդ՝ վերջին անգամ քեզ տեսնել եւ յետոյ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Յետո՞յ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ես գիտեմ ընելիքս։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ի՞նչ պիտի ընես։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Դու թատերախաղ մը գրեցիր, որ մեր պատմութիւնն է եւ այս գիշեր պիտի ներկայացնենք։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Այո՛, բայց անի մինչեւ վերջը մեր ճշգրիտ պատմութիւնը չէ. անոր վերջը վիպասանական է. մեր պատմութիւնը մինչեւ մեր թատրոն մտնելը եւ դերասան ըլլալը կը յանգի, իսկ վերջին արարուածը բոլորովին մտացածին է։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Լաւ ուրեմն, ես ալ կ՚ուզեմ թատերախաղը ճիշտ այնպէս վերջացնել...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ի՞նչ, թոյն խմե՜լ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Թոյնն ալ պատրաստած եմ... պարզ բաղադրութիւն մը, զոր վիպասանութեան մը մէջ սորվեցայ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ի՞նչ կ՚ըսես, Վարդուհի՛։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ապրի՜լ... ա՜հ, Եդուա՛րդ, չե՜մ կրնար... քանի որ թատերախաղին վերջին խօսքերն արտասանեմ... թոյնի տեղ ջո՞ւր խմեմ եւ մա՜հ կեղծեմ... ո՛չ... ո՛չ... չե՛մ կրնար...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Բայց անկարելի է այդ, Վարդուհի...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եթէ զիս կը սիրես, Եդուա՜րդ, օգնէ ինծի այս գերագոյն ճգնաժամին։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Անգո՛ւթ, չե՞ս մտածեր զիս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Դու անպատիւ չես եւ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( ընդմիջելով ) Վարդուհի՜...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ա՜հ, որչա՜փ թշուառ եմ... թող որ երջանիկ ըլլամ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Անգո՛ւթ, չես սիրեր զիս ուրեմն...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Մի՛ վիրաւորեր զիս, Եդուա՛րդ, գոնէ դու միայն այս աշխարհիս մէջ զիս սիրած եւ չը վիրաւորած եղիր։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Մտածէ թէ ի՞նչ անողորմ հարուած մը կու տաս ինձ... դու մեռնի՜ս... Վարդուհի, դո՞ւ, իմ պահապան հրեշտակս...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Բայց ի՞նչ ընեմ, Եդուա՛րդ, կը զգամ որ քիչ ժամանակէն մայր պիտի ըլլամ... [128] նախատալից մայր մը... ի՞նչ ընեմ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ա՜հ, սոսկալի է այդ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Այսչափ ատեն շատ վիշտ կրեցի եւ համբերեցի, բայց չեմ կրնար մայրական ցաւոց հանդուրժել... ա՛հ, տկար եմ, կին եմ... մանաւանդ որ կը վախնամ... կը վախնամ ամօթահարութենէ... կը սիրեմ զքեզ... Եդուարդ, նման այն փուշին, որ վարդին կուշտը կը սիրէ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Դու ինձ համար էակ չես, Վարդուհի՛, այլ ճառագայթ մը սրտիս խաւարին [129] մէջ... զեփիւռ մը ցաւագին ճակտիս, թել մը՝ իմ քնարիս... Մուրատոֆի ապարանին մէջ մանուկ էինք եւ կը խաղայինք ճոխութեանց մէջ... հիւղի մը մէջ զիրար սիրեցինք, անօթութեան մէջ զիրար սիրեցինք, պլպլուն կանթեղի մը լուսովը խօսեցանք, ցուրտ քամին փչած ատեն իրարու շնչովը տաքցանք... վերջապէս անօթութիւնն իրարմէ բաժնեց մեզ, թշուառութիւնը միացուց... դարձեալ որբ ու լքեալ ենք... գրկենք ուրեմն այն աննշան ու անյիշատակ հողակոյտը... որուն վրայ քահանայն անգամ գուցէ չը մրմռար եւ մենք առանց ձայնի իջնենք այն մութ եւ խաղաղ փոսը։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ի՜նչ, դո՞ւ ալ մեռնիլ կ՚ուզես։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Մեր պատմութեան մէջ Եդուարդ ալ թոյն կը խմէ... թոյնը երկուքիս կը բաւէ, այնպէս չէ՞ Վարդուհի՛... ապրելու համար հացը խնայութեամբ կ՚ուտէինք, բայց մեռնելու համար պէտք չէ որ թոյնը խնայութեամբ խմենք...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եդուա՛րդ, եթէ ճշմարիտը իմանալ կ՚ուզես, ես երկուքիս համար պատրաստեցի թոյնը, վասնզի առանց քեզի մեռնելու համար քաջասրտութիւնս կը պակսի... բայց դարձեալ չէի կրնար համարձակիլ քեզ թոյն առաջարկել՝ մտածելով որ գուցէ դու չէիր ուզեր մեռնիլ, եւ հերիք կը սեպէիր քանի մ՚արցունք թափել իմ աննշան դագաղիս եւ հողակոյտիս վրայ... բայց կը զգամ հիմա որ մեր սրտերն երկնային ճառագայթով մը միացած են անբաժան։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Որչա՜փ դժուար է աշխարհի վրայ համազգաց սիրուհի գտնել, սիրուիլ անկէ եւ մեռնիլ իրարու գիրկ՝ դարձեալ զիրար սիրելով. ապրի՞լ է այս՝ աշխարհային ժխորին մէջ, սիրե՞լ է այս. ո՛չ... ապրիլն այն է, սիրելն այն է, երբ մահուան դալուկն զգեցած երկու զուարթադէմ դիակ գիրկընդխառն կ՚իջնեն այն լռիկ փոսը... եթէ երջանկութիւնը չեն զգար՝ թշուառութիւն, զրկանք, անօթութիւն ալ չե՜ն զգար...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ո՜հ, որչա՜փ քաղցր է բանաստեղծ մը սիրել եւ հետը մեռնիլ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Դո՛ւ բանաստեղծ ըրիր զիս, Վարդուհի՛... դու մատռուակեցիր ինձ այն նեկտարը, որ սէր եւ բանաստեղծութիւն կը ներշնչէ... այն նեկտարը քու նայուածքէդ եւ սրտէդ կը բխէր...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եւ հիմա թոյն կը մատռուակեմ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Կ՚ընդունիմ, Վարդուհի՛, վասնզի այդ թոյնն ալ Աստուած եւ անմահութիւն ներշնչող նեկտարն է... ( ձեռքը կը համբուրէ) ։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եդուա՜րդ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Վարդուհի՜... ( կը գրկախառնին քանի մը վայրկեան՝ լուռ եւ արտասուալից... )

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ոտքի ձայն մը կը մօտենայ... Եդուա՛րդ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Գուցէ հայրդ է, արցունքդ սրբէ... մեր գաղտնիքը չիմացուի...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Այո, առանձին մեռնինք ( արցունքը սրբելով

Տեսիլ Բ

ՆՈՅՆՔ եւ ԹՈՎՄԱ

ԹՈՎՄԱ. ( դուռը բանալով եւ ներս մտնելով անոնց կը մօտենայ եւ փոփոխակի կը գրկէ զանոնք ) Զաւակնե՜րս... վերջապէս բանտէն ալ ազատեցիք զիս... ա՜հ, երբեք երես ունենալու չէի ձեր դէմն ելնելու... բայց ի՞նչ ընեմ, զաւակ էք եւ ես ալ թշուառ եւ ժանտ հայր մը գտնուած եմ... ես որ կենացս մէջ խիստ քիչ անգամ լացեր եմ, այս վայրկենիս լալու անզուսպ փափաք մ՚ունիմ (կու լայ, հեռուէն հնչակի մը ձայն կը լսուի) ի՞նչ ձայն է այս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Պատրաստութեան նշան է, հա՛յր իմ։

ԹՈՎՄԱ. Ի՞նչ պատրաստութեան։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Վարագոյրը բացուելու մօտ է... հա՛յր իմ... պէտք է որ բաժնուինք։

ԹՈՎՄԱ. Բայց շատ քիչ տեսնուեցանք... ես շատ ներումներ պիտի խնդրէի ձեզնէ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Այսուհետեւ շատ կը տեսնուինք, հա՛յր իմ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Դու հիմա գետնասրահը գնա եւ Եդուարդի հեղինակած թատերախաղին հանդիսատես եղիր։

ԹՈՎՄԱ. Արդեօք որչա՞փ գերազանց պիտի ձեւացնէք։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Պիտի տեսնես, հա՛յր իմ... ( դռնակէն կը մեկնին։ Պատկերը կը փոխուի

ՊԱՏԿԵՐ Գ

Տեսարանն է թատրոնին ներքնակողմը. Օթեակները եւ նստարանները լցուած են հանդիսատեսաց բազմութեամբ մը. Վարագոյրը դեռ բացուած չէ։

Տեսիլ Ա

ԹՈՎՄԱ. ( մինչեւ վերջը մտազբաղ ) Ա. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ, Բ. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ ( թատերատեսներ ասդին ցած կը խօսակցին

Ա. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ. Վերջապէս հինգերորդ արարուածին վարագոյրը պիտի բացուի հիմա [130] . տեսնենք խաղը ի՞նչպէս պիտի վերջաւորի։

Բ. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ. Մինչեւ հիմա թէ խաղին կապակցութիւնքը լաւ էին եւ թէ այն երկու ամոլներն սքանչելի կերպով կատարեցին իրենց դերը։

Ա. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ. Բնաւ չը յուսացուիր որ մէկ քանի ամսոյ դերասաններ եղած ըլլան։

Բ. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ. Կ՚երեւի թէ սիրահարեալ են իրարու։

Ա. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ. Թող ըլլան, բայց միթէ առանց դերասան ըլլալու՝ երկու սիրահարեալներ կրնա՞ն այս հրապուրիչ տեսարանն ընծայել... դիւրին բան չէ դերասան ըլլալ. թատրոնին բախտը դերասանի ձեռքն է. պէտք է որ դերասանը գոնէ լուռ բանաստեղծ մ՚ըլլայ, որուն լեզուին տեղ [131] հոգին խօսի, պէտք է որ գլխոյն մէջ բոց եւ սրտին մէջ աւիւն ունենայ. դերասան մը իր ընդունակութեամբը կրնայ հեղինակութեան մը յարակից փայլ մը տալ, նոյնպէս կրնայ իր ապիկարութեամբը նսեմացնել այն փայլը։

Բ. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ. Ձեր ըրած դիտողութիւնքը շատ ճշգրիտ են, բայց խիստ քիչեր այդ մասին գիտակցութիւն ունին. շատեր զբօսնելու համար թատրոն կու գան եւ ոչ թէ ներկայացուած խաղին ոգւոյն թափանցելու. նոյնիսկ եթէ արհեստի եւ գաղափարի թերութիւնք կան թատերախաղին մէջ, անոնց բոլորովին աչք կը գոցեն։ Եւրոպացիք գիտեն թատրոնին յարգը. թատրոններն [132] անցեալ [133] դարերուն [134] յեղափոխութեանց [135] վառարաններ [136] հանդիսացան [137] , թատրոններն իբրեւ ժողովրդեան կրթարանները կը նկատուին, կ՚ըսեն, բայց ես կ՚ըսեմ թէ անոր մարմինը կազմող բոլոր երակներուն կեդրոններն են. անոր [138] յեղափոխութիւնն [139] յարդարող [140] հրաբուխներ [141] են [142] . անհնար է, որ մարդ Շեքսբիրի, Շիլլերի, Հիւկոյի եւ Տիւմայի թատրերգութիւնքը կարդացած ժամանակը չսքանչանայ. կը պաշտեմ ես այդ հանճարները, ժողովրդոց այն շանթեռանդն ու կարմիր զաւակները։

Ա. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ. Ցաւալի է որ մենք զրկուած ենք այսպիսի հոյակապ հեղինակներէ։

Բ. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ. Երբ քաջալերութիւնը պակսի [143] , ամէն բան կը պակսի. եթէ արարչագործութեան սքանչելիքը զԱստուած չը քաջալերէին իրենց վսեմ արդեամբը, թերեւս Աստուած չէր կարողանար իր հսկայական գործն յառաջ տանել։ Քաջալերութի՜ւն, մի՛շտ քաջալերութիւն վսեմ գործերու։ ( Թատերատեսք [144] վարագոյրը բանալ տալու համար խուռն ծափահարութիւն մը կը սկսին ) Տե՛ս, ահա մեր տուած քաջալերութիւնը՝ չոր ծափահարութիւն մը ( դարձեալ ծափահարութիւն ):

Ա. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ. Այդ ծափահարութիւնն ալ կրնայ դիտողութիւն վերցնել, վասնզի շատ անգամ կը տեսնեմ որ անտեղի ծափահարութիւններ ալ կ՚ըլլան, որոնք կրնան իրենց ծայրայեղութեամբն ամէն բան շփոթել եւ երբեմն ալ իրենց անտեղի թերութեամբը՝ բռնկած դերասան մը քար կտրեցնել ( ծափահարութիւնք ):

Բ. ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ. Կարծեմ թէ վարագոյրը պիտի բացուի, վասնզի յուշարարը իր տեղը մտաւ [145] ։

Տեսիլ Բ

(Վարագոյրը կը բացուի եւ ահա նկարչական վայր մը կ՚երեւի լերան մը ծոցը, ծառերով եւ ծաղիկներով զարդարուած. առուակ մը կը սահի կ՚երթայ տեսարանին դէպի խորը):

ՆՈՅՆՔ, ԵԴՈՒԱՐԴ եւ ՎԱՐԴՈՒՀԻ (ձեւացեալ թատեր տեսարանին վրայ. Տեսարանին մինչեւ վերջն անընդհատ ծափահարութիւն):

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Հեռո՜ւ մեզնէ այդ տուները, այդ շէնքերը... հեռո՜ւ մեզնէ այդ ամպերն անգամ... միմիայն այս ծառերուն տերեւները թող պարածածկեն մեզ, միայն սա զեփիւռը թող մօտենայ եւ միայն սա առուակը նայի մեզ... ա՜հ, սա տերեւները, զեփիւռը եւ առուակն իրենց շշունջներովը բաւական կրնան աղօթել մեր հոգւոյն փրկութեանը համար։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Եւ դու կը կարծես որ մեր հոգիները փրկելի՞ հոգիներ են, Վարդուհի՛... պէտք է մեռնինք... այո՛, մեռնինք, վասնզի աշխարհս անհուն սեւ ամպ մ՚է որ մեր սիրոյ արեւը կը պարփակէ զայն խեղդելու չափ... անկարելի է սիրել հոս... սէրը ծաղիկ մ՚է որ միայն երկնքին մէջ կը գտնուի, եւ մենք հոս միմիայն անոր բուրումը կրնանք զգալ... ա՜հ, տեսնենք ի՞նչ է այն սէրը, որուն լոկ ցաւերը կը զգանք հոս միանգամայն։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Պիտի տեսնենք, Եդուա՛րդ, պիտի թողունք այս աշխարհը, յ որում մարդիկ իրարու հաւասար եւ եղբայր չեն, յ որում միայն տկար արարածներն ամօթ, խիղճ եւ ցաւ ունին [146] . անգութ է այս աշխարհիս վերատեսուչը, քաղաքականութիւնն ըսել կ՚ուզեմ որ չը ներեր անօթիին կտոր մը հաց գողնալ՝ հարկաւ ունեցողէ մը, չը ներեր խեղճ աղջկան մը որ իր սիրոյն մէջ խաբուած է անօթի չը մնալու համար, կամ ստիպուած է իր երկնային լումայն ապօրինաւորապէս ծախսել... սիրելի մը եւ ալեւոր հայր մը անօթի չը ձգելու համար ( սոյն միջոցին Թովմա նստարանին վրայ կը սարսռի

ԵԴՈՒԱՐԴ. Կ՚աղաչեմ, Վարդուհի՛, այդ ցաւերը հոգւոյդ մէջ մի՛ խորասուզեր, հիմա պիտի փշրեն զանոնք երկնքի ալիները մեր հոգիները կոծելով... հանդարտ ըլլանք, թողունք որ մեր օրհասին մէջ մեր հոգիները երկրի բուրումը վայելեն... դեռ ժամանակ կայ թոյնը ներգործելու... նստինք սա առուակին քով, սա աթոռաձեւ ժայռին վրայ եւ առուակին հայելւոյն մէջ մեր դալկութիւնը դիտենք... ( դէպի ժայռը կ՚երթան իրարու կրթնած, Վարդուհի նստած ատեն կը դողդոջէ ) Կը դողդոջե՞ս, Վարդուհի՛։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Անշուշտ թոյնի ներգործութիւնն է որ կը զգամ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ուրեմն ինչո՞ւ չը փութար ինձ ալ ներգործելու այդ թոյնը, անկարելի է որ վայրկեան մը իրարմէ անջատեալ մնանք... ա՛հ, կը հասկնամ քեզ շուտ ներգործելուն պատճառը... ագա՛հ, դու ինձնէ առաջ եւ քու բաժինէդ աւելի խմեցիր։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Վասնզի քեզնէ աւելի ծարաւի էի մահուան։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ի՞նչ կզգաս, Վարդուհի՛։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Երակներուս մէջ թմրեցուցիչ հիւթ մը կը հոսի... ա՞հ, որչա՜փ թեթեւ եւ երջանիկ կ՚ըլլայ եղեր դողդոջ էակ մը։

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( ինքզինքը զննելով, յանկարծ ) Վարդուհի, ես ալ բան մը կը զգամ, ա՜հ, միատեղ պիտի մեռնինք... ( կ՚ընդգրկէ զՎարդուհի ):

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Կուրծքդ աւելի մօտեցուր կուրծքիս, Եդուարդ, թող մեր սրտից տրոփիւններն իրարու խառնուած աղօթք մ՚ըլլան առ Բարձրեալն... վասնզի սրտերը շուրթերէն աւելի մաքուր կ՚ըլլան։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Այո... ( Վարդուհին դիտելով ) ա՜հ, որչափ գեղեցկացեր ես, Վարդուհի՛, մինչեւ հիմա այսչափ ճառագայթալից տեսած չէի քեզ [147] ... միթէ երկնքի առաջին ալինե՞րն են այդ ճառագայթները, ուր կը բարձրանան մեր հոգիները...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Եւ միթէ Աստուծոյ աթոռին նայելու համար ադամանդեայ աչե՞ր պէտք են... այն ահաւոր փառաց ցոլմունքէն չը շլանալու եւ չը փշրուելու համար... ( դողդոջուն՝ Եդուարդի վրայ կ՚ընկնի ):

ԵԴՈՒԱՐԴ. Ի՞նչ կ՚ըլլաս։

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Կ՚այրի՜մ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. Երկնքի բո՛ց, իջար վերջապէս...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ինձ փարէ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Այո՛, իրարու մէջ այրինք...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. ( մթագնած աչերը հորիզոնին վրայ յառելով ) Տե՛ս, որչա՜փ սեւ է եղեր աշխարհը, կը տեսնե՞ս, Եդուարդ։

ԵԴՈՒԱՐԴ. ( նոյնպէս ) Այո՛, ես ալ նոյնպէս սեւ կը տեսնեմ, Վարդուհի՛... Բայց մեր գերեզմանը չըլլա՞յ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Ա՜հ, ի՞նչ կ՚ըլլամ... մնա՜ս բարով, Եդուարդ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Կեցիր... ես ալ...

ՎԱՐԴՈՒՀԻ. Միատեղ...

ԵԴՈՒԱՐԴ. Երթա՜նք բարով... ( իրարու փարած կ՚արձանանան. վարագոյրը կ՚իջնէ) ։

ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՔ. ( անընդհատ եւ ուժգին ծափահարելով ) [148] Ի տե՜ս... ի տե՜ս... ի տե՜ս... ( սոյն աղմուկը մէկ քանի վայրկեան կը տեւէ) ։

Տեսիլ Գ

ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՔ եւ ՊՈՂԵԱՆՑ

ՊՈՂԵԱՆՑ. ( վարագուրիկը բանալով շփոթած եւ այլագունած ) Մեծարգոյ հանդիսականք...

ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՔ [149] . ( խօսքն ընդմիջելով եւ ծափահարելով, անտարբերութեամբ ) Ի տե՜ս... ի տե՜ս...

ՊՈՂԵԱՆՑ. ( նոյնպէս ) Բայց...

ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՔ [150] . ( նոյնպէս ) Ի տե՜ս... ի տե՜ս... ( Պողեանց վարագուրիկէն ներս կը մտնէ եւ հանդիսատեսաց աղմուկին եւ ծափահարութեան միջոցին՝ վարագոյրը նորէն կը բացուի եւ միեւնոյն տեղը Եդուարդ եւ Վարդուհի դիակնացած կ՚երեւին

ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՔ [151] . ( սարսափած ) Մեռա՜ծ...

ԹՈՎՄԱ. ( կայծակնահար ) Զաւակնե՜րս... ( Վարագոյրը կ՚իջնէ) ։


ԱՐԱՐՈՒԱԾ Ե

Նահապետոֆի տանը մէջ ծանրագին կարասիներով զարդարուած սենեակ մը։

Տեսիլ Ա

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ եւ ՄԱԿԱՐ

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Այո՛, քեզի խօսք տուած եմ որ եթէ բոլորովին իմ վստահութիւնս եւ համակրութիւնս գրաւես, օր մը իմ հետաքրքրական պատմութիւնս քեզի պատմեմ։

ՄԱԿԱՐ. Եւ կը յուսամ որ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Գոհ եմ քու ծառայութենէդ, փոքրիկ սապատողս... ( Մակար բարկութեամբ ուսերը կը թօթուէ) ի՞նչ կ՚ըլլաս։

ՄԱԿԱՐ. Վերջապէս չը կրցի [152] հասկցնել որ իմ անունս Մակար է...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Էհ, մի բարկանար...

ՄԱԿԱՐ. Եւ պաշտօնս ալ ձեր քով մատակարար...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ուրեմն, Մակար մատակարար... մտիկ ըրէ որ պատմութիւնս սկսիմ...

ՄԱԿԱՐ. Ունկնդիր եմ, տէր իմ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ասկեց 28 տարիի չափ առաջ, գիշեր մը Բերայի հրապարակն աղջիկ մը առանձին, կը պտտէր։ Երթեւեկող բազմութեան մէջէն ռուսական զգեստ հագած վայելչադէմ երիտասարդ մը այն մենաշրջիկ օրիորդին մօտենալով՝ լուս ը նկային, քաղաքավարական եւ անուշ կերպիւ մը կ՚ըսէ. «Օրիորդ, ինչո՞ւ մինակ էք, կը հաճի՞ք թեւակցելու պատիւը տալ ինձ». աղջիկը, որ մտազբաղ էր, յանկարծ երկու արցունք կը ծագին աչերուն մէջ... վասնզի որբ, մինակ եւ աղքատ էր բոլորովին երկրի վրայ... եւ վայելուչ երիտասարդ մը, թէպէտ անծանօթ, բայց համակրութիւն ցոյց կու տար իրեն. ուստի երիտասարդին խնդիրը չը մերժեր։

ՄԱԿԱՐ. Վայելուչ ըլլալուն համար... եթէ ես այդպիսի առաջարկութիւն մ՚ընեմ, իսկոյն լաւ ապտակ մը կ՚ուտեմ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Մտիկ ըրէ. ուրիշ գիշերներ ալ այս երկու անձինքը կը տեսնուին Բերայի հրապարակը, բայց երկձի բաց կառքով, եւ այն օրիորդը բաւական վայելուչ հագուած եւ երեսը կարմրորակ քօղ մը ձգած է, գուցէ չը ճանչցուելու համար... երիտասարդը Ռուսիացի երեւելի վաճառականի մը որդի է եւ Մուրատոֆ կը կոչուի... ճամբորդելու եւ պտտելու համար Պոլիս կու գայ եւ այն աղջկան կը հանդիպի, որ իր հրապոյրովն անոր սիրտը կը գրաւէ... քանի մ՚ամիս շքեղ տան մը մէջ ճոխութեամբ կը կենակցին, վերջապէս անպսակ սիրոյ ձանձրութեան ժամերը գալով, Մուրատոֆ Ռուսիա կը վերադառնայ... աղջիկն իզուր կու լայ եւ կ՚աղերսէ, դեռ կը սիրէ... երկու ամիսէն զաւակ մը կը ծնի, զիս, անունս Գէորգ կը դնեն։

ՄԱԿԱՐ. Ուրեմն այն աղջիկը քու մայրդ է։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Այո՛, կար կարելով զիս եւ ինքզինքը խնայութեամբ կը սնուցանէ... երբ մանուկ էի, խաղալիք չունենալով՝ մօրս գուլպայ հիւսած ատեն կծիկովը կը խաղայի, երբ խելահաս եղայ՝ բազմոցի տեղ տախտակամածին վրայ փռած հին գորգի մը վրայ կը նստէի, երբ պատանի եղայ շատ անգամ մօրմէս ծածկուելով կ՚ուտէի ցամաք հացը... վերջապէս երիտասարդ եղայ գրեթէ՝ մայրս զիս աշկերտ տուաւ դրացի երկաթագործի մը քով. մինչեւ իրիկուն կռանով սալը ծեծելով կրակին դէմը հոգիս բերանս կու գար եւ ուժս կը սպառէր, վասնզի ցամաք հացով եւ ցուրտով սնած էի. աւուրչէք 60 փարայ կ՚առնէի... վերջապէս մայրս, որ քանի [153] մը [154] ամիսէ [155] ի [156] վեր [157] հազէն կը հալէր, մեռաւ... մօրս կուրծքին վրայէն մատանի մը գտայ, զոր երբեք մատը դնելը տեսած չէի, վրան «Մ» նշանագիր մը կար, որ անշուշտ իր սիրահար Մուրատոֆի տուածը պիտի ըլլար... մայրս շատ սիրելուս՝ այս մատանին, որ ահա մատս է, միշտ յիշատակ պահեցի եւ երբեք ծախել չը մտաբերեցի աղքատութեանս մէջ անգամ։

ՄԱԿԱՐ. Եւ դեռ կը պահես։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Միշտ... մօրս մահուան եւ իմ թշուառ վիճակիս վրայ վշտահար՝ գիշեր մը, չը գիտեմ ի՛նչ դիտաւորութեամբ, այլ գրեթէ սրտատանջութիւնս փարատելու համար Վոսփորի [158] եզերքները [159] կը թափառէի՝ լուս ը նկային, ինքզինքս ամայի տեղուանք գտայ... այն ամայութեան մէջ կռանի՝ սալին զարնուելու ձայներ եւ ուրիշ աղմուկներ կը լսէի, չորս դիս նայեցայ եւ շէնք մը չը տեսայ. կենդանեաց որջի կամ քարայրի պէս տեղէ մը կ՚անցնէի, կռանին ձայները մօտեցան... այն քարայրէն ներս նայեցայ, բաւական մութ էր, բայց քիչ մը ետքը լուսի աղօտ հետք մը նշմարեցի... հետաքրքրութիւնս աւելցաւ, քարէ բնական սանդուղ մը կար, ուսկից քիչ մը վար իջնել եւ բան մը հասկնալ ուզեցի առանց տեսնուելու, բայց ոտքս սահելով՝ յանկարծ ինքզինքս բաւական ընդարձակ գետնափորի մը յատակը գտայ...

ՄԱԿԱՐ. Ի՜նչ աներկիւղութիւն...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Կռանին ձայները դադրած էին, ապշած չորս դիս եւ երկու մարդոց կը նայէի՝ որոնք շուարած փոփոխակի իրարու երես նայելով զիս կը դիտէին. կ՚երեւի որ [160] հագած գործաւորի շապիկս իրենց վստահութիւնը գրաւեց եւ չը կասկածեցան ինձնէ այնչափ, որչափ որ պիտի կասկածէին դրամանենգներ. մէկը քայլ մը յառաջ գալով հարցուց ինձ տաճկերէն լեզուն թոթովելով. «Ո՞վ ես դու». ես ալ պատասխանեցի որ ինձնէ թող չը կասկածին, վասնզի հասկցայ թէ ինչ տեսակ տեղ մը կը գտնուէի, եւ պատմութիւնս եւ հոն իյնալս իրենց համառօտիւ անցայ... անոնք իմ վրաս գութ ցուցուցին եւ իրենց ընկեր ըլլալով իրենց հետ աշխատիլ առաջարկեցին ինձ, ես ալ ընդունեցի ստիպմամբ...

ՄԱԿԱՐ. Վասնզի վախնալով որ իրենց գաղտնիքը կը տարաձայնես, անշուշտ հոնկէ [161] ողջ դուրս չէին հաներ քեզ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Տարի մը այն ամայի տեղը բնակելով եւ գիշերներն աշխատելով՝ բաւական ստակ դիզեցինք եւ հարուստ եղանք, զանազան քաղաքներու մէջ մեզի ընկեր գտնուող դրամախոյզներու շնորհիւ. վերջապէս մեր մէջ որոշեցինք որ ալ այն սոսկալի գետնափորէն ելնելով արեւուն դիմաց հանգիստ ապրինք... ընկերներս ուրիշ երկիրներ գաղթեցին, ես ալ Ռուսիա գացի ասկեց [162] երեք ամիս առաջ, հոն հայրս միտքս եկաւ, եւ երբ Մուրատոֆը փնտռեցի, ըսին թէ նա սնանկանալով ամիսի մը չափ կար որ աներեւութացեր էր եւ ուր երթալը չէր գիտցուեր... վերջապէս հոն ռուսական հագուստներ հագնելով Պոլիս դարձայ, դարձեալ իբրեւ Ռուսիացի վաճառական... ալ քեզ հանդիպելուս եւ իմ մատակարարս ընելուս պատմութիւնը դու գիտես... կը յուսամ որ գոհ ես։

ՄԱԿԱՐ. Բոլորով սրտիւ, տէ՛ր իմ, եւ կը յուսամ որ դուք ալ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Եւ միթէ իմ գոհութիւնս եւ վստահութիւնս յայտնելու համար չէ որ այս պատմութիւնը քեզ ըրի, որ ինձ համար մեծ գաղտնիք մ՚է։

ՄԱԿԱՐ. Տէ՛ր իմ, միշտ վստահ եղիք իմ վրաս։

Տեսիլ Բ

ՆՈՅՆՔ եւ ՍՊԱՍԱՒՈՐ ՄԸ

ՍՊԱՍԱՒՈՐ. Տէ՛ր իմ, մէկը եկեր ձեզ տեսնել կ՚ուզէ։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Չե՞ս ճանչեր զինքը։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ. Ո՛չ, տէր իմ։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ի՞նչպէս մարդ է։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ. Արհեստաւորի հագուստով երիտասարդ մ՚է։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Անունը չը զրուցե՞ց։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ. Ճիորճի։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ճիորճի՜... ներս մտցուր զինքը. ( սպասաւորը կը խոնարհի եւ կը մեկնի ) իմ դրամանենգ ընկերներէս մէկն ըլլալու է... բայց ի՞նչ կը նշանակէ արհեստաւորի կերպարանքը... տեսնենք... ( Ճիորճի՝ դռանը մէջ Մակարի համար կ՚ակնարկէ եւ Նահապետոֆ նշան կ՚ընէ որ դուրս ելնէ) ։

Տեսիլ Գ

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ եւ ՃԻՈՐՃԻ

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ի՞նչ կայ, Ճիորճի, ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնեմ զքեզ։

ՃԻՈՐՃԻ. Բան չկայ, Գէորգ... ը՜ ... պարոն Նահապետոֆ։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Բայց ի՞նչ կ՚ուզես որ գուշակեմ։

ՃԻՈՐՃԻ. Ի՞նչ պիտի գուշակես... սնանկացայ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ի՜նչ կ՚ըսես։

ՃԻՈՐՃԻ. Էհ, ի՞նչ ընեմ, քեզի պէս հարստութեանս [163] յարգը չը գիտցայ կամ մականունիս վրայ դը [164] մը օֆ մը կամ [165] ովիչ մը չաւելցուցի... այլ Փարիզուհիներու հետ վատնեցի բոլոր ոսկիներս, որ այնչափ սրտատանջութեամբ եւ աշխատութեամբ ձեռք բերի այն մութ գետնափորին մէջ։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ուրեմն Գաղիայէն կամ Փարիզէն կու գաս։

ՃԻՈՐՃԻ. Այո՛, վերջին դրամներս մսխած գիշերը՝ գինովութեանս մէջ հազիւ մտածեցի շոգենաւի ծախքը պահել Պոլիս դառնալու համար, կը մտածէի որ գոնէ քեզ հարուստ գտնելով կրնայի քիչ մը ստակ առնել... քու տուածդ փրկանք մը պիտի սեպուի, վասնզի մեր գետնափորը ինկած գիշերդ կռանով մը գլուխդ ջախջախելու տեղ մարդասիրութեամբ զքեզ ընկեր ըրի։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ուրեմն ո՞րչափ կը պահանջես։

ՃԻՈՐՃԻ. Հազար ոսկի։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ա՜հ, շատ է։

ՃԻՈՐՃԻ. Բոլոր հարստութիւնդ ոստիկանութեան յանձնելու եւ թիարանը տարիներով փտելու տեղ, քու մարդասէր ընկերիդ հազար ոսկի տալ շա՞տ է։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Բայց միթէ դու ալ իմ ընկերս չե՞ս... ինչպէս կը մատնես։

ՃԻՈՐՃԻ. Ինձի համար քեզի չափ հոգ չէ... սոսկալի բան է, երբ Նահապետոֆ մը դրամանենգ կամ թիապարտ հրատարակուի... իսկ ես միշտ Ճիորճի եղայ... միանգամայն այս վիճակիս մէջ մնալու տեղ ինծի աւելի աղէկ է բանտը պատրաստ հաց ուտել եւ բանտը իմ զուարճութենէ [166] հեռու գտնուելուս փաստ [167] մ՚ընել։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Եթէ ստակները տամ՝ ի՞նչ պիտի ընես։

ՃԻՈՐՃԻ. Փարիզ պիտի երթամ։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Դարձեա՞լ...

ՃԻՈՐՃԻ. Ա՜հ, Գէորգ, չես գիտեր Փարիզը եւ Փարիզուհիները։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Բայց ետքը՞։

ՃԻՈՐՃԻ. Ի՛նչ կ՚ուզէ թող ըլլայ... դու չես գիտեր Փարիզը, իր գեղեցկութեամբն աշխարհի թագուհին է եւ իր գեղեցիկներովը երկրային դրախտ. հոն միշտ զուարճութիւն, ճոխութիւն, գեղեցկութիւն եւ երջանկութիւն կը թագաւորեն... վերջապէս, ի՞նչպէս բացատրեմ, ամէն բան առատ... մտածէ մէկ մը, Փարիզի գերեզմաննոցներուն մեռելաթաղին թին անգամ հողով լի է եւ մեռելին վրայ խնայողութեամբ հող չի [168] նետեր։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ա՜հ, խենթ։

ՃԻՈՐՃԻ. Վերջապէս Փարիզի գերեզմաննոցը [169] կ՚ուզեմ թաղուիլ։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ճիորճի՛, հարուստ եղիր եւ տես։

ՃԻՈՐՃԻ. Հարուստ ըլլա՜մ, քեզի պէս տուգա՞նք տալու համար, ինչպէս որ դու հիմա ինծի կու տաս։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Անզգա՜մ։

ՃԻՈՐՃԻ. Օ՜ն, համրէ հազար ոսկին, գուցէ այսօր ճամբայ պիտի ելնեմ... վայրկենէ [170] վայրկեան երթալու խօսք տուի սիրուհւոյս... եւ օրեր անցան։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. ( թուղթ մը տալով ) Առ։

ՃԻՈՐՃԻ. Արժեթո՞ւղթ է։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Այո՛։

ՃԻՈՐՃԻ. ( զննելով ) Հազար ոսկինոց... շնորհակալ եմ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Եթէ մէկ մ՚ալ ինծի դիմես...

ՃԻՈՐՃԻ. Տեսնե՛նք...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Դուն գիտես։

ՃԻՈՐՃԻ. Մնաս բարով, Գէո՛րգ... տեսնեմ այսօր ճամբայ ելնող Մարսիլիոյ շոգենաւին կրնա՞մ հասնիլ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Փարիզի խենթ։

ՃԻՈՐՃԻ. Մնաս բարով... ( կը մեկնի

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. ( մինակ ) Ո՞ւսկեց [171] դիմացս ելաւ այս սատանան։

Տեսիլ Դ

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ եւ ՍՊԱՍԱՒՈՐ ՄԸ

ՍՊԱՍԱՒՈՐ. Տէ՛ր իմ, Թովմա անուն մէկը եկեր ձեզ տեսնել կ՚ուզէ։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Թովմա՜... թող գայ. (սպասաւորը կը խոնարհի եւ կը մեկնի) Հին ու մոռցուած մարդիկնեը կը յաճախեն տունս... մէկը զիս կողոպտեց, տեսնենք այս ի՞նչ պաշտօնով կու գայ... փոթորիկ մը կայ իմ գլխուս վրայ։

Տեսիլ Ե

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ եւ ԹՈՎՄԱ, <(յետոյ ՍՊԱՍԱՒՈՐ ՄԸ )>

ԹՈՎՄԱ. Ա՛հ, պարո՛ն, ի՜նչ վատութիւն էր որ ըրիք, բոլոր ընտանիքս թշուառ ըրիք... աղջիկս մեռաւ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ես ի՞նչ ընեմ... եթէ աղջիկդ մեռեր է։

ԹՈՎՄԱ. Դու ի՞նչ ընես, դու ես պատճառը... որ աղջիկս իր եղբայրագրին հետ թոյն խմեց եւ մեռաւ։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Բայց միթէ քու հաճութեամբդ չեղա՞ւ ամէն բան։

ԹՈՎՄԱ. Պարո՛ն, միթէ փոխարէն նենգեալ դրա՞մ խոստացար ինձ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Նենգեալ դրա՜մ... ի՞նչ կ՚ըսես...

ԹՈՎՄԱ. Ահա վատութիւն մ՚ալ, որ կ՚ուրանաս եւ զարմացեալ կը ձեւացնես։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Բայց բան մը չեմ հասկնար քու խօսքերէդ։

ԹՈՎՄԱ. Միթէ դու չը տուի՞ր նենգեալ դրամը սապատողին որ ինձ յանձնէ եւ զիս խաբէ... վատաբար։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ճշմարի՞տ կ՚ըսես...

ԹՈՎՄԱ. Ա՜հ, այդ ձեւերով մա՞րդ կ՚ուզես ճաթեցնել...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. ( կանչելով ) Մակա՛ր... Մակա՛ր...

ՍՊԱՍԱՒՈՐ. ( ներս մտնելով ) Դուրս ելաւ, տէ՛ր իմ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ո՞ւր գնաց։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ. Չեմ գիտեր։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Գնա, շուտ զինքը գտիր։

ՍՊԱՍԱՒՈՐ. Շատ աղէկ, տէ՛ր իմ... ( խոնարհելով կը մեկնի

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Պարո՛ն, կ՚երդնում այս մատանւոյն վրայ, որ աշխարհի մէջ ինձ համար ամէնէն նուիրական բանն է, կ՚երդնում որ բան մը չեմ գիտեր...

ԹՈՎՄԱ. ( մատանին տեսնելով՝ զարմացած, մեկուսի ) Այս մատանի՜ն...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Բայց, պարո՛ն, այն նենգեալ դրամներն ի՞նչ ըրիր...

ԹՈՎՄԱ. ( որ աչքը մատանւոյն յառած է՝ [172] առանց զայն մտիկ ընելու ) Այս մատանին որո՞ւնն է, պարո՛ն...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Իմս է...

ԹՈՎՄԱ. Վրայի նշանագիրը «Մ» է, այնպէս չէ՛...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Այո՛... բայց ի՞նչ կայ որ...

ԹՈՎՄԱ. Ո՞վ տուաւ ձեզ զայն...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Բայց ինձ մտիկ ըրէ, այն նենգեալ...

ԹՈՎՄԱ. ( ընդմիջելով ) Կ՚աղաչեմ, պարո՛ն, ուսկից առիք այս մատանին... տէրը կը ճանչնա՞ք...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Մօրս յիշատակն է...

ԹՈՎՄԱ. ( զարմացած ) Մօ՜րդ։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Բայց բան մը չեմ հասկնար։

ԹՈՎՄԱ. Աստուա՜ծ իմ... Աստուա՜ծ իմ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ի՞նչ կ՚ըլլաս, պարոն Թովմա...

ԹՈՎՄԱ. Քեզի համար Թովմա չէ իմ անունս։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես։

ԹՈՎՄԱ. Կեանքիս թշուառ մասին անունս [173] է [174] Թովմա [175] , իսկ իմ [176] բուն անունս...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Անո՞ւնդ։

ԹՈՎՄԱ. Մուրատոֆ։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Իմ հա՜յրս... եւ Վարդուհի՜ն...

ԹՈՎՄԱ. Քու քոյրդ էր...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Աստուա՜ծ իմ... մեռա՜ւ...

ԹՈՎՄԱ. Ես եղայ իր դահիճը... եւ դարձեալ պիտի ըլլամ։

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Բայց, հա՛յր իմ, ի՞նչ ըրիր այն կեղծ դրամները։

Տեսիլ Զ

ՆՈՅՆՔ եւ ՄԱԿԱՐ, <(յետոյ ՍՊԱՍԱՒՈՐ ՄԸ )>

ՄԱԿԱՐ. ( զԹովմա տեսնելով՝ սարսափած, մեկուսի ) Այս մարդը՜...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Անիծեա՜լ սապատող, այս մարդուն նենգեալ դրամ տուեր ես...

ՄԱԿԱՐ. ( վախէն տատամսելով ) Բայց... տէ՛ր իմ...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Օ՛ն, կորիր աչացս առջեւէն. տանս սեմէն ներս մէկ մ՚ալ ոտք չի պիտի կոխես...

ՍՊԱՍԱՒՈՐ. փոթած մտնելով ) Տէ՛ր իմ... ոստիկանները տունը կը պաշարեն...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. ( սարսափած ) Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա...

ԹՈՎՄԱ. ( որ մինչեւ, հիմա մտայոյզ էր ) Ձախող վրէժ մ՚առի... աղջկանս մահուանը [177] վրայ բոլորովին կատղած՝ ամէն բան ոստիկանութեան իմացուցի... քեզ մատնեցի, զաւակս...

ՄԱԿԱՐ. ( մեկուսի ) Իր հա՜յրը...

ՆԱՀԱՊԵՏՈՖ. Անէ՛ծք... ( Մակար կ՚ուզէ փախչիլ ) Կեցի՛ր անօրէն սապատող, այս բոլոր աղէտից պատճառը դու ես, ( ատրճանակ մը կ՚ուղղէ անոր եւ կը զարնէ) ։

ՄԱԿԱՐ. ( թաւալգլոր ընկնելով ) Կորսուեցա՜յ... ( Վարագոյրը կ՚իջնէ) ։

ՎԵՐՋ

3 յունուար, 1871



[1]         ժպիտներ

[2]         թատրերգութիւնը

[3]         Այստեղից մինչեւ պարբերութեան վերջը բաց է թողնուած։

[4]         Պարբերութիւնը չի տպագրուած։

[5]         Բաց է թողնուած։

[6]         Բաց է թողնուած։

[7]         Բաց է թողնուած։

[8]         Նախադասութիւնը դուրս է թողնուած։

[9]         կամ

[10]        գրիչը [նորէն]

[11]        մ՚էր

[12]        վայրկեաններուս

[13]        բացակայում է

[14]        նեղացնես

[15]        բացակայում է

[16]        քեզ

[17]        ղրուշէն

[18]        ղրուշ

[19]        ղրուշ

[20]        ղրուշը

[21]        կորսնցունես

[22]        ղրուշ

[23]        իւր

[24]        ղրուշը

[25]        ղրուշ

[26]        քեզի

[27]        նոյնպէս [եւ]

[28]        բացակայում է

[29]        հրէի

[30]        Նախադասութիւնն աւարտւում է։

[31]        հարցնել

[32]        առաքեալին

[33]        Այստեղից մինչեւ Ե տեսիլի վերջը բաց է թողնուած՝ փոխարէնը տրուած է հետեւեալ բացատրութիւնը. «Թովմա՝ իւր թշուառութենէն հարկադրեալ եւ Մակարի շլացուցիչ խօստումներէն հրապուրուած՝ կը հաւանի իւր աղջիկն կեղծ ամուսնութեան տալ նորա տիրոջ, Նահապետոֆի»։

[34]        տղու [մը]

[35]        բացակայում է

[36]        կ՚ըսէ

[37]        բացակայում է

[38]        բացակայում է

[39]        բացակայում է

[40]        այսպէս

[41]        Նախադասութիւնն աւարտւում է։

[42]        բացակայում է

[43]         ի՜նչ գէշ օդ

[44]         ի՜նչ գէշ օդ

[45]         այս

[46]         [եւ] ձրի

[47]         Նախադասութիւնն աւարտւում է։

[48]         բացակայում է

[49]         էր

[50]         բացակայում է

[51]         բացակայում է

[52]        նորանոր

[53]        նոր

[54]        բացակայում է

[55]        Նախադասութիւնն աւարտւում է։

[56]        բացակայում է

[57]        որ

[58]        նոր

[59]        նոր

[60]        դրութեան

[61]        համեմատ

[62]        ժողովրդեան

[63]        հին

[64]        դիտողութեան

[65]        ձեռքը

[66]        Այս եւ յաջորդ տրամախօսութիւնը բացակայում է։

[67]        Ա՜հ

[68]        Այս եւ յաջորդ տրամախօսութիւնը բացակայում է։

[69]        խումբիս

[70]        մ՚է

[71]        կարդացածդ

[72]        բացակայում է

[73]        թատերախաղդ

[74]        բացակայում է

[75]        ո՜հ

[76]        ի թեւ

[77]        բացակայում է

[78]        բացակայում է

[79]        բացակայում է

[80]        բացակայում է

[81]        բացակայում է

[82]        Այս եւ յաջորդ տրամախօսութիւնը բացակայում է։

[83]        պակասութիւն

[84]        սոյն

[85]        բացակայում է

[86]        ես

[87]         բացակայում է

[88]         բացակայում է

[89]         բան

[90]         բացակայում է

[91]         հաստատեց

[92]         ստակն

[93]         բացակայում է

[94]         բացակայում է

[95]         մարդ

[96]        բացակայում է

[97]        [Բայց] միթէ

[98]        եմ

[99]        բայց

[100]        աղջիկը

[101]        բացակայում է

[102]        մարդն

[103]        զմեզ

[104]        աթոռներ

[105]        ծանօթ

[106]        երեւելիներուն

[107]        բացակայում է

[108]        անձերու

[109]        բացակայում է

[110]        բացակայում է

[111]        բացակայում է

[112]        մը [կը]

[113]        գրական

[114]        մտածումնին

[115]        քաղաքագէտներու

[116]        բացակայում է

[117]        բացակայում է

[118]        բացակայում է

[119]        ուրիշ

[120]        նկարագրել

[121]        ահարկու

[122]        խաղերով

[123]        բացակայում է

[124]        Ա [եւ]

[125]         բացակայում է

[126]         մէջը

[127]         քեզի

[128]         Նախադասութիւնն աւարտւում է։

[129]         խաւին

[130]         բացակայում է

[131]         տակ

[132]         բացակայում է

[133]         բացակայում է

[134]        բացակայում է

[135]        բացակայում է

[136]        բացակայում է

[137]        բացակայում է

[138]        բացակայում է

[139]        բացակայում է

[140]        բացակայում է

[141]        բացակայում է

[142]        բացակայում է

[143]        [կը] պակսի

[144]        թատերասէրք

[145]        անցաւ

[146]        Պարբերութիւնն աւարտւում է։

[147]        զքեզ

[148]        ծափահարութիւններով

[149]        հանդիսականք

[150]        հանդիսականք

[151]        հանդիսականք

[152]         չկրցայ

[153]         բացակայում է

[154]         բացակայում է

[155]         բացակայում է

[156]         բացակայում է

[157]         բացակայում է

[158]         բացակայում է

[159]         ծովեզերքները

[160]         թէ

[161]        անկէ

[162]        ասկից

[163]        հարստութեան

[164]        տը

[165]        բացակայում է

[166]        զուարճութենէս

[167]        պատճառ

[168]        չեն

[169]        գերեզմաննոցները

[170]        վայրկեանէ

[171]        ուսկից

[172]        բացակայում է

[173]        անունը

[174]        բացակայում է

[175]        Թովմա [է]

[176]        բացակայում է

[177]        մահուան