Արտաշէս Աշխարհակալ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԱՐԱՐՈՒԱԾ Բ ՊԱԼԱՏ
       Տեսիլ Ա
       ԿՐԻՒՍՈՍ. ( մինակ՝ զարհուրած տեսարան կու գայ, խռովեալ նայուածքով չորս կողմը կը զննէ, յետոյ կը հանդարտի): Երա՜զ... այս իմ պալատս է... ես՝ Կրիւսոսն ու ողջ եմ դեռ... Ահա կը տեսնեմ արեւուն նորասփիւռ ճառագայթները, որ ինձ կեանք կ՚աւետեն... Ահա գահս, թագս, սուրս. ձեռք մը զանոնք չէ տապալեր, չէ փշրեր... Երազ էր այն... Սակայն որոտմունքը կայծակին հարուածը կը գուժէ, այս երազը որոտմունքն էր, կայծակը պիտի ճայթի... Ո՜վ դիք, միթէ կատակ կ՚ընէք ինձ հետ, եթէ ոչ՝ բարկութեան կրակ պիտի ժայթքէք գահիս... Եւ ո՞վ պիտի բազմի անոր մոխրին վրայ... օտար մը՝ գոռոզն Արտաշէս՝ իր փառաց յիշատակարաններուն մէջ անոր աճիւնն ալ ամփոփելու եւ Կրիւսոսի արցունքն ու արեան կաթիլները թուելով հեշտանալու... Գթութի՜ւն, ո՜վ դիք, Կրիւսոս մը ծունր կու գայ, կը հեծէ... աչքերը արցունքով կը փալփլին իր փառաց աստղերուն հետ... Առէք կեանքս, բայց ոչ թագս, կ՚ուզեմ մեռնիլ՝ քան թէ գահէս աստիճան մը խոնարհիլ... Միթէ ձեր բարկութիւնը մարելու համար Կրիւսոսի արի՞ւնը կ՚ուզէք, արիւն մը որ փառք կը մռնչէ... Իր կմախքը գերեզմանէն ետքը պիտի ողբայ փառքն ու Լիւդիան... այո՛, Կրիւսոս չը պիտի մեռնի... Ինչո՞ւ կը լռէք, ստուերք նախնեաց։
       Տեսիլ Բ
       ՆՈՅՆ եւ ԿԱՄԱԴՐՈՍ
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Տէր արքայ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Դո՞ւ ես, Կամադրոս։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Այդ ի՜նչ այլայլեալ դէմք... Ծունկերդ կը դողդոջեն, տէր իմ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Կեանքիս մէջ առաջին անգամ կը դողամ, Կամադրոս։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Կրիւսոսն ես դու, տէր արքայ, գլուխդ՝ թագ, մէջքդ՝ սուր, Կամադրոս՝ քովդ, Լիւդիա՝ փառացդ ծափահար, ի՞նչ բանէ կը դողաս ուրեմն։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Աստուածներէն։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. (զարմացած) Աստուածներէ՜ն։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Այո՛, մեր աստուածները գուցէ ինձի դէմ բարկացեր են եւ կ՚ուզեն գահս տապալել եւ գուցէ՝ բոլոր Լիւդիա համաջինջ կործանել։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ո՜վ երկինք... Ո՜վ աղէտից...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Սոսկալի է այս... Կրիւսոս մ՚ալ խաղալիք կ՚ըլլայ... թո՛ղ ըլլայ աստուածներ... Ուրեմն աստուած մ՚ըլլալ պէտք է՝ անարգել եւ աներկիւղ խրոխտալու համար։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Տէր արքայ, հանդարտէ, գուցէ աստուածները փորձել կ՚ուզեն զքեզ։
       * երբեք... Միշտ տղու մը պէս արթուն կ՚երազէ նա, կը հառաչէ սիրատարփի մը պէս, ամէն րոպէ անդունդէ անդունդ կը թաւալի... աստղէ աստղ կը թռչի... միշտ աչացն առջեւ տեսիլք... գահը կը շրջապատեն խումբ մը ճիւաղներ, կանայք ծիրանին կ՚ուզեն պատռել... վերջապէս զինքը կը պատեն աղմուկ, երկիւղ, երազ, ճաճանչ... Փառքը՝ այն անյագ հրէշը, միշտ աշխարհի ճախճախուտ անդունդները արիւնաներկ ծաղիկներով կը ծածկէ... Փառասէրին համար գեղեցիկ ասպարէզ մը... մեղկ ձեռքովը զայն յառաջ կը մղէ. քալէ՛, քալէ՛, մինչեւ որ ոտքդ սայթաքի. բայց զօրութենէ՝ մրրկէ մը բռնուած ես՝ միշտ պիտի քալես... Մինչդեռ երէկ գիշեր Արեւելք կ՚երազէի, ահա այս գիշեր Արեւելքէն գիշերուան մէջ սպառնացայտ նետի մը դռնչիւնը կը լսուի։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Բայց ի՞նչ պատահեցաւ, տէր արքայ, չեմ հասկնար, ո՞վ կը գրգռէ աստուածոց շանթերը։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Չեմ գիտեր... գուցէ Կրիւսոսի փառքը... Բայց կը զգամ, որ ինձ հետ կատակ կ՚ընեն։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Բայց կ՚աղաչեմ, տէր արքայ, հանդարտէ՛ ու պատմէ՛ ինչ որ պատահեցաւ, գիտես որ Կամադրոս իր կեանքը կու տայ իր թագաւորին եւ հայրենեաց մէկ կայծին համար... Եւ եթէ աստուածները բարկացեր են, կ՚երթամ սուրս եւ վիզս կը նետեմ անոնց սեղանին վրայ եւ կ՚ըսեմ՝ «թող ապրին Կրիւսոսն ու Լիւդիան»։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Կեցի՛ր, դու քաջ ես, Կամադրոս, եւ ես որ վատ չեմ՝ ինչո՞ւ պիտի դողամ... Ահա սիրտս չը զարներ, չեմ դողար, երեկուան գոռոզ Կրիւսոսն եմ... ահա պալատս, գահս եւ ահա Լիւդիա... ահա սուրս եւ ահա աստուածները... (սուրը կը քաշէ)։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ի՞նչ կ՚ընես, տէր արքայ... Սուրդ կը շողայ... Շանթեր...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ա՜հ, մեղա՜յ... Գթութիւն... ( ծունր կ՚իյնայ, յետոյ ոտքի կ՚ելնէ բարկացած), բայց ի՞նչ ըրի... Ծունր եկայ...
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. (անոր առջեւ ծունր գալով) Ներէ՛, քու գերիդ եմ, տէր արքայ, հանդարտէ՛ կ՚աղաչեմ... Պատմէ ինչ որ պատահեցաւ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Մտիկ ըրէ, այն Հայկազն Արտաշէսը, որուն գոռոզ հռչակը արդէն լսեցինք... Սոսկալի երազ մը տեսայ այս գիշեր...
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Սակա՜յն...
       * , ես այն ատեն գետեզրին վրայ կը շրջագայէի, սիրտս ուրախութեամբ զեղուած մտիկ կ՚ընէի փառաց ներդաշնակաւոր դրուատիքները, որոնք սիրտս կ՚օրօրէին... Անծանօթ կամ դիցուհեաց ձայներ էին... որոնց մէջէն երբեմն «Կրիւսոս» անունը մրմնջող յաղթական եղանակ մը կը լսէի... Սիրտս այն ձայներուն հետ կը թրթռար... յանկարծ դափնեզարդ քնար մը տեսայ քովս, ուզեցի փառքս ինքնին ալ դրուատել, եւ այնպիսի բուռն եռանդով մը կը հնչեցնէր , որ լարերը խորտակեցան, լռեցին այն անծանօթ մրմունջներն ալ եւ խոր լռութիւն մը տիրեց, ակամայ դողացի՜... Դառն ծիծաղ մը այս լռութիւնը խանգարեց եւ զիս սարսռեցուց. դարձայ այն կողմը, տեսայ որ յաղթահասակ ռազմը գետին դիմացի եզերքը արձանացած՝ հեգնական ժպիտով մը զիս կը դիտէր... Վրաս ծիծաղողն այն էր... Զայրոյթէս աչքերէս բոց կը ցայտէին... «Ճանչցա՞ր զիս, ըսաւ այն մարդը, ես Արտաշէսն եմ»... Այս անունը լսելուս՝ սուրս քաշեցի... Նա ալ ակնթարթի մէջ սուրը քաշեց, գետին ասդիի կողմը ցաթքեց... Սուրերնիս շառաչեցին... Բաւական ժամանակ տեւեց... Ուժս սպառեցաւ... Հարուածն ընդուներ էի... Հոգեսպառ գետը ինկայ... Նա յաղթական նայուածք մը ձգեց վրաս... «Լիւդիա, դու իմս ես», ըսաւ եւ սրացաւ... Յետոյ աղեկտուր հեծեծանքներ լսեցի... գետին մէջէն հիւծեալ աչքերով վերջը Սողոնը տեսայ, որ զիս կ՚ողբար... Աչքերս գոցեցի, յաւիտենական կոհակ մը վրաս թաւալեցաւ ... եւ զգացի, որ գետին հոսանքը զիս քշեց տարաւ...
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Բայց մի՛ յուսահատիր, տէր արքայ... Զոհ մատուցուին աստուածոց։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ո՜հ, բոլորովին միտքս կաշկանդուեր է... Զիս ուշաբերեցիր, Կամադրոս... Այո՛ ողջակէ՜զ... Փոխանակ Լիւդիա զոհ ըլլալու, աստուածները գթած են... Ո՞վ կայ հոդ... Պալատակա՜նք... ( պալատական մը ներս կը մտնէ) գնա՛ շուտ մեհեանը եւ ըսէ՛ քրմապետին, որ հիմա անթիւ ողջակէզ մատուցանէ աստուածոց իրենց հաշտութիւնը հայցելու համար եւ թող քարոզէ համայն Լիւդացւոց, որ ամէնքն ողջակէզ մատուցանեն աստուածոց բարկութեան շանթերը արգելելու ( պալատականը կը մեկնի)։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Բայց թող չես տար, տէր արքայ, որ ես զոհ ըլլամ Կրիւսոսի համար, եթէ իմ արեամբս Լիւդիոյ ազատութիւնը գնելուս հաճին դիք։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Դու զիս չը պիտի թողուս... Լսեցիր քիչ մը առաջ այն սոսկալի երազը։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Բայց ներէ՛, տէր արքայ, եթէ երբեք ես Կրիւսոս մ՚ըլլալու վեհ ճակատագիրն ունենայի՝ չէի վախնար Արտաշէսի մը հռչակէն... Հարցուր մէկ մը թագաւորներուն, թէ առանց սարսուռի կրնա՞ն քու անունդ արտասանել։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Յանդուգն խօսեցար, Կամադրոս... Ես միայն աստուածներէն դողացի։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Աստուածները պիտի հաշտուին, տէր արքայ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ուրեմն Կրիւսոս ալ չը դողաց, այլ երազեց... եւ եթէ վայրկեան մը դողաց՝ անցելոյն յիշատակարանաց եւ ապագայ փառաց վրայ ուրախութեան սարսուռ մ՚էր այն... Հիմա դարձեալ Կրիւսոսն եմ... Փառք կամ բօթ... երկուքէն ալ չեմ դողար։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Մեհեանը երթանք, տէր արքայ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ո՛չ հոս կ՚աղօթենք... Վայրկեան մը առաջ աստուածոց դէմ զայրացայ... Պիտի զղջամ... Աղօթեցէ՛ք ինձ հետ, ստուե՛րք թագաւորաց...
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ահա զոհերուն ճենճերը երկինք կը բարձրանայ, տէր արքայ... Ահա կը լսուի քուրմերուն մեղեդին... Անշուշտ շանթերու տեղ արփիք պիտի ցոլան։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ուրեմն ծունր գանք... այսօր է որ ծնրադրել սովրեցայ...
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Եւ հաշտութեան աւետեաց ձայնին սպասենք... ( ծունր կու գան, հեռուէն աղմուկով խառն աղօթքի ձայներ կը լսուին, որք բաւական կը տեւեն)։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ձայները լռեցին... Ճակատագիր մը կ՚որոշուի... վճիռ մը կ՚որոտայ անշուշտ... Ա՜հ, ակամայ սիրտս կը տրոփէ... Ա՜հ, ձայն մը... Այս լռութիւնը սոսկալի է...
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Տէր արքայ...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ձա՜յն մը...
       ՁԱՅՆ ՄԸ. Հաշտութի՜ւն... Հաշտութի՜ւն...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ահ, գեղեցիկ բարբառ։
       Տեսիլ Գ
       ՆՈՅՆՔ եւ ՔՐՄԱՊԵՏ
       ՔՐՄԱՊԵՏ. Արքայ, աստուածներն հաշտուեցան։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Օրհնեալ ըլլան դիք։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Օրհնեալ ըլլաս եւ դու, պատգամդ աստուածոց... Այսօր վերածնեցաւ Կրիւսոս, եւ առաջինէն աւելի ահեղ, երազի մէջ երազ մը տեսաւ եւ այսուհետեւ կեանքէն փառք պիտի քամէ. կեանքին մէջ վայրկեան մը դողաց եւ այն վայրկենին փոխարէն աշխարհ պիտի դողացնէ, քանի որ իրեն հետ հաշտ են աստուածները։
       ՔՐՄԱՊԵՏ. Ուրեմն, արքայ, պէ՛տք է որ միշտ արդարութեամբ եւ խոհեմութեամբ իշխես Լիւդիոյ, որպէսզի արդարադատ դիք երբեմն զայրանալով չը խռովեն թագաւորութիւնդ։ Գիտցիր որ այն ատեն աստուածներէն զատ ոչ ոք կրնայ գահդ սարսել, երբ անոնց զօրեղ բազուկները տարածուելով շուք տան Լիւդական գահին եւ իրենց գոհ ժպիտներուն ճաճանչովը ականակապ թագդ ցոլացնեն. լողան Լիւդացիք փառաց հեղեղի մը մէջ, հիանայ համայն տիեզերք Լիւդական դրախտին վրայ... Մե՜ծ են աստուածները եւ իրենց սիրելի ժողովրդեան փառաց՝ նախանձախնդիր եւ Կրիւսոս ալ՝ աստուածոց ճետը։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Գեղեցիկ խօսեցար, Պիւթոս, Կրիւսոս աստուածոց արժանի ճետը պիտի ըլլայ, անոնց փառացը պիտի զոհէ սուր, կեանք եւ տիեզերք։
       Տեսիլ Դ
       ՆՈՅՆՔ եւ ԽՈՍՐՈՎ
       ԽՈՍՐՈՎ. (մտնելով) Ողջոյն ձեզ, արքայդ եւ աւագանիք Լիւդացւոց։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ո՞վ ես դու։
       ԽՈՍՐՈՎ. Արեւելեան հրեշտակ մը։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ո՛չ, Արեւելեան սատանայ մը, որ յանդգնաբար Կրիւսոսի պալատը կը մտնէ առանց երկրպագելու անոր վեհափառութեանը։
       ԽՈՍՐՈՎ. (առ Կրիւսոս) Արքայ...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Կը տեսնեմ որ շատ յանդուգն ես։
       ԽՈՍՐՈՎ. Ես ալ կ՚ըսեմ, թէ աշխարհակալն Արտաշէս չը հանդուրժեր երբեք իր դեսպանը օտար թագաւորի մ՚առջեւ խոնարհած տեսնել։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Արտաշէ՜ս...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. (մեկուսի) Նոյն ինքն է...
       ՔՐՄԱՊԵՏ. Կը գթամ քեզ, ո՜վ դեսպան, որ Արեւելքէն կը խլրտիս հոս անխոհեմութեամբ Կրիւսոսի դէմ գուցէ պատերազմ հռչակելու, որուն հետ դեռ հիմա աստուածները հաշտուեցան։
       ԽՈՍՐՈՎ. Լաւ կ՚ընես, քրմապետ, եթէ երթաս աստուածոցդ օգնութիւնը հայցելու, որ սին յուսով մը գօտեպնդեն Կրիւսոս եւ իր բանակը։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Բա՛ւ է... բա՛ւ խրոխտացիր, յանդուգն, եւ հիմա ալ մեր աստուածները կը նախատես... Հիմա հուր կը պոռթկայ գլխուդ։
       ՔՐՄԱՊԵՏ. Երկայնամիտ են դիք, տէր արքայ։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. (մեկուսի) Կրիւսոսի դողը սկսաւ... Երազը իրականութեան կը կերպարանափոխի։
       ԽՈՍՐՈՎ. Ուրեմն վերջ տանք այս անօգուտ բարբաջանաց, եւ լսեցէք աշխարհակալ Արտաշէսի հզօր պատգամը։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Կը հրամայեմ քեզ, ո՜վ դեսպան, որ Այրարատեան բարձրերէն չորոտաս. դիմացդ որ կը տեսնես՝ Կրիւսոսն է... գուցէ համբերութիւնը սպառելով կրակ թափէ գլխուդ։
       ԽՈՍՐՈՎ. Եւ դու, արքայ, ովկիանոսի կոհակաց տակէն մի՛ մռնչեր, դուրս հանէ՛ գլուխդ եւ տես մէկ մը քու հակառակորդդ... Օ՜ն, վերջացնենք, պէտք է որ հիմա զէնք եւ թագ, գանձ եւ երկիր թափին Արտաշէսի լիազօր դեսպանին առջեւ... Ո՜վ Կրիւսոս, եթէ գոնէ անշուք կեանքը կը սիրես... խոնարհէ... իսկ եթէ կը յամառիս՝ մեռի՛ք, մեռի՛ք... ամէնքնիդ ալ... Թէ որ կը խնայես ժողովրդեանդ՝ անձնատուր եւ հպատակ ըրէ զանոնք մեծին Արտաշէսի եւ անոր փառացը ծափահար։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Չեմ կրնար հանդուրժել... Երկինք եւ երկիր...
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ո՜վ կատաղութեանս...
       ՔՐՄԱՊԵՏ. Արդա՜ր դիք...
       ԽՈՍՐՈՎ. Օ՜ն, պատասխան մը... Գահ կամ մահ...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Համբերութիւնս կը սպառի... Ժամանակ ունինք խորհելու համար...
       ԽՈՍՐՈՎ. Խորհեցէ՛ք... Թագ կամ դագաղ։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ի՜նչ ծայրայեղ յանդգնութիւն։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Բայց յանուն թագաւորիդ, յանուն Աստուածոցդ՝ մեկնէ՛, որ առանձին խորհինք։
       ԽՈՍՐՈՎ. Լա՛ւ, խորհեցէք։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Պալատականք, սենեակ մը տարէք զինքը եւ պատուեցէք։
       ԽՈՍՐՈՎ. (երթալով) Կրիւսոս, դարձեալ կ՚ըսեմ, ընտրէ՛ անշուք կեանքը։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ալ բաւակա՛ն է ( բարկութեան նշան մը կ՚ընէ. դեսպանը կը մեկնի):
       Տեսիլ Ե
       ՆՈՅՆՔ , բացի ԽՈՍՐՈՎԷՆ
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ա՜խ, եթէ աստուածներէն պատկառանք չզգայի եւ իրմէն ետքը եկող Արտաշէսը չը մտածէի, զինքը հիմա ջախջախած էի...
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Բայց քաջալերուէ՛, տէր արքայ, միթէ վա՞տ են Լիւդացիք։
       ՔՐՄԱՊԵՏ. Եւ միթէ արդարադատ չե՞ն դիք... Անշուշտ պիտի ջախջախեն մեր ոսոխին գլուխը, որ յանդգնաբար զիրենք եւ զիս եւ համայն Լիւդիան նախատեց։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Սուրի դէմ սուր, տէր արքայ... Մէկը կը փշրի... միւսը կը հարուածէ... Կը յաղթանակէ պայծառ ճակատագիր մը... Մինչեւ հիմա ուսկի՞ց դողացիր կամ յաղթուեցար, տէր իմ... Փրփրադէզ կոհակ մ՚էիր անհուն հարուածներու դէմ, որ առանց վիրաւորուելու դարձեալ կը մռնչէ... Ո՜վ կրնայ ովկիանոսը կլլել... Տէր արքայ, գլուխդ վեր առ եւ տես փառազարդ ճակատագիրդ...
       ԿՐԻՒՍՈՍ . Ես անշուք կեա՞նքն ընտրեմ... Երբե՛ք... Պիտի մաքառիմ... Արտաշէսի դէմ Կրիւսո՛ս, փառքի դէմ յաղթանակ, սուրի դէմ սակր, զօրութեանց դէմ աստուածք... Արտաշէս չի՞ պիտի դողայ։
       ՔՐՄԱՊԵՏ. Ցնծա՛, արքայ... Հիմա վայրկեան մը աչքերս գոցուեցան եւ աստուածները պատգամ ազդեցին սրտիս... Այո՛, յաղթական ձայն մը մրմնջեց. «Կրիւսոս, անցեալ ընդ Ալիւս գետ՝ քակեսցէ զիշխանութիւնս»... քաջալերութիւն, արքայ, Աստուածոց ճետ մը կարելի՞ է որ պարտութեամբ ամօթահարի։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Օրհնեալ ըլլան դիք, որ միշտ կը պաշտպանեն Լիւդիան... Պիտի յաղթենք... դեռ Ալիւս գետէն անդին ալ... Արտաշէսը կայ... Պիտի խորտակի անոր իշխանութիւնն ալ... Վայրկեան մը առաջ ուրացայ զիս եւ փառահեղ անցեալս... ապագային մէջ Արտաշէսի վերջին հառաչանքը կը լսեմ... Այրարատեան առիւծը կը տապալի։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Հիմա կը ճանչնամ Մեծն Կրիւսոսը...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Զօրակա՛նք, թող գայ, դեսպանը... ( Խոսրով կ՚երեւայ):
       Տեսիլ Զ
       ՆՈՅՆՔ եւ ԽՈՍՐՈՎ
       ԽՈՍՐՈՎ. Ի՞նչ ըրիր, տէր արքայ, ես խոնարհ ճակատ մը տեսնել կ՚ուզէի եւ խրոխտ ու խոժոռ դէմք մը կը տեսնեմ... Ի՞նչ վճռեցիր, մեռնի՞լ, եթէ՞ խոնարհիլ...
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Յաղթել...
       ԽՈՍՐՈՎ. Կը գթամ, Կրիւսոս, եթէ սուրդ փշրի... Արտաշէս չը գթար։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Է՜հ, պատերազմը կը սկսի... զգուշացի՜ր։
       ԽՈՍՐՈՎ. Խնայէ՛ ժողովրդեանդ, արքայ։
       ԿԱՄԱԴՐՈՍ. Ո՛չ, անոնք կը սիրեն ոսոխին դէմ մեռնիլ։
       ՔՐՄԱՊԵՏ. Պաշտպան են աստուածները։
       ԽՈՍՐՈՎ. Ուրեմն մեռնիլ եւ Լիւդիան կորսնցունել կ՚ուզէք։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Այո՛, յաղթել եւ Լիւդիան յաւէրժացնել։
       ԽՈՍՐՈՎ. Դու չես ճանչնար Հայն ու Արտաշէսը։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Ալ բաւական է, սուրս պատեանին մէջ կը խայտայ։
       ԽՈՍՐՈՎ. Զղջա՛, Կրիւսոս, գուցէ Արտաշէս խիստ մօտ է... Գուցէ Առիւծը խիստ մօտէն կը մռնչէ։
       ԿՐԻՒՍՈՍ. Պատերազմը կը սկսինք։
       ԽՈՍՐՈՎ. Ուրեմն՝ մեռի՛ք... (կը մեկնի) ( վարագոյրը կ՚իջնէ)։
       <(ՎԵՐՋ Բ ԱՐԱՐՈՒԱԾԻՆ)>