ԱՌԱՋԻՆ
ԹՈՒԱԿԱՆ
ԱՐԱՐՈՒԱԾ
Ա
Տեսարանն
է
դաշտակ
մը.
—
Աջ
կողմը
բլուր
մը.
—
Խորը
աւերակ
մը.
—
Արեւը
հորիզոնէն
նոր
վեր
կը
բարձրանայ։
Տեսիլ
Ա
ԳԱԳԻԿ
ԱԲԱՍԵԱՆ
(ձիով),
ԹԱԹՈՒԼ
(ետեւէն,
որուն
կը
հետեւի
բանակ
մը,
տեսարանին
աջ
կողմէն
կը
մտնեն
հետեւեալ
պատերազմական
երգը
երգելով)։
ԵՐԳ
Ժամ
է
արդ
փառաց,
Որդիք
քաջազանց
Արեամբ
քաղեցէք
Դափնիս
վարդագեղ։
Վառեալ
ի
զէն
հուր,
Ի
սուր
եւ
յերկաթ,
Ըզվրէժ
դիւցազանց,
Լուծէք
օ՜ն
յառաջ։
ԳԱԳԻԿ.
—
(հիւանդ
եւ
վիրաւոր)
Ահա
արեւը
կը
ծագի,
քաջ
ընկերակիցք,
դիտեցէք
չորս
կողմերնիդ
եւ
տեսէք
թէ
մեր
հայրենիքն
ի՜նչ
տխուր
տեսարաններ
կ՚ընծայէ
մեր
աչացը.
արեան
աղէտալի
գոլորշի
մ՚է
պատեր
մեր
բերրի
դաշտերը
եւ
զուարթ
քաղաքները.
հարցնենք
նախնեաց
գերեզմաններուն,
թէ
այսպէ՞ս
էր
առաջ
Հայաստան.
այնպիսի
ժամանակի
մը
մէջ
ենք,
որ
մայրերն
իրենց
զաւակացը
խաղալիքի
տեղ
դանակ
կու
տան,
որպէսզի
արեան
ու
պատերազմի
վարժուին,
եւ
հայրն
այն
ատեն
կը
ճանչէ
իւր
զաւակը,
երբ
Պարսկի
մը
եւ
թշնամիի
մը
արեամբը
ներկուած
սուր
մը
իրեն
ներկայացնէ։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Արքայ
քաջ,
ես
ալ
այդ
ուխտը
մօրս
սրբազան
գրկացը
մէջ
ըրած
եմ
եւ
հօրմէս
ալ
զէնք
շարժել
սորված
եմ...
Թշնամւոյն
դէմ
անվեհեր
զինուոր
մը
ըլլալու
համար
պէտք
է
մօրմէ
մը
ատել
սորվիլ,
եւ
հօրմէ
մը՝
կռուիլ։
ԳԱԳԻԿ.
—
Եւ
ի՞նչպէս
չատենք
այն
վատ
ազգը,
որ
Հայոց
այնչափ
անձնուիրութեանց
եւ
ձեռնտուութեանց
փոխարէն
Հայուն
սրած
սուրը
Հայուն
դէմ
կը
դարձնէ,
երբ
զայն
անտերունջ
գտնէ,
ահա
կը
տեսնենք
Տուղրիլ,
որ
քանի
մը
տարիէ
ի
վեր
զօրաց
նորանոր
գումարտակներ
ղրկելով
Հայաստանը
կը
կողոպտէր,
կը
քանդէր,
հիմա
ալ
ինք
պարսկական
բանակին
գլուխն
անցած
կու
գայ
բոլորովին
կողոպտելու
եւ
ի
հիմանց
կործանելու.
բայց
աւա՜ղ,
այնչափ
սոսկալի
չեն
թշնամւոյն
յարձակումները,
որչափ
են
վատ
արանց
քստմնելի
մատնութիւնները.
մատնութի՜ւն...
ահա
այս
է
հոգւոյս
վէրքը,
որ
զիս
կը
տանջէ,
իսկ
մարմնոյս
վրայի
այս
վէրքը,
որ
քանի
մը
օր
առաջ
պարսիկ
զօրականէ
մը
ընդունեցայ,
պատուանշան
մը
կը
համարիմ,
որովհետեւ
իմ
ձեռօքս
իր
սեւ
հոգին
սադայէլին
նուիրեցի,
իսկ
հայրենեաց
մատնչի
մը
ոգին,
որ
նոյնիսկ
սադայէլին
անընդունելի
է,
որո՞ւն
կրնանք
յանձնել...
Քաջ
ընկերք,
խորշինք
այս
ոճիրէն.
քիչ
ատենէն
Տուղրիլի
դէմ
պիտի
պատերազմինք,
Հայաստանի
սեմին
վրայ
պիտի
կռուինք
ամեհաբար,
եթէ
կան
ձեր
մէջ
անանկներ,
որոնց
ծանր
գայ
այս
դիրքին
մէջ
պատերազմիլ,
թող
ձգեն
սուրերնին.
ես
առանց
զիրենք
մեղադրելու՝
կ՚ընդունիմ
իրենց
հրաժարականը։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Արքայ
քաջ,
Հայուն
սրտին
մէջ
պարսկական
ատելութենէն
ուրիշ
բան
մի՛
փնտռեր,
միթէ
կա՞յ
Հայ
մը,
որ
Պարսկին
հարուածը
զգացած
չըլլայ,
եթէ
իր
հօրը
կամ
եղբօրը
վէրքը
չորցած
կամ
անհետացած
է,
Հայաստանի
ստացած
վէրքերը
դեռ
թաց
են,
կը
մխան
եւ
մեզ
կը
դիտեն
վրէժխնդիր
եւ
արիւնռուշտ
աչքերու
պէս...
(զօրաց)
դիմացէ՛ք
եթէ
կրնաք,
հայրենասէր
սրտե՛ր,
այն
ահեղ
վէրքերը
տեսնելով։
ԶՕՐԱԿԱՆՔ.
—
Վրէժխնդրութի՜ւն։
ԳԱԳԻԿ.
—
Կ՚ատէ՞ք
ուրեմն
Պարսիկը։
ԶՕՐԱԿԱՆՔ.
—
Միշտ։
ԳԱԳԻԿ.
—
Կ՚երդնո՞ւք
Հայաստանի
վէրքերուն
վրայ,
որ
երբեք
չը
պիտի
ընկրկիք։
ԶՕՐԱԿԱՆՔ.
—
Կ՚երդնունք։
ԳԱԳԻԿ.
—
Լսէ
Հայաստան
ձեր
ուխտը։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Ի՞նչ
ձայն
է
այս
(
ամէնքը
մտիկ
կ՚ընեն,
հեռուէն
աղօթքի
դողդոջ
ձայն
մը
կը
լսուի)։
ԳԱԳԻԿ.
—
Ո՞ւսկից
կու
գայ
այս
ձայնը։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
(ձախ
կողմը
ցուցնելով)
Սա
կողմէն։
ԳԱԳԻԿ.
—
Այն
կողմը
աւերակներ
են
(նայելով)։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Աւերակի
մը
վրայ
խաչ
մը
կ՚երեւի։
ԳԱԳԻԿ.
—
Ըսել
է
որ
մատուռ
մը
կայ
հոն։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Եւ
քահանայ
մը
անշուշտ,
որ
կ՚աղօթէ։
ԳԱԳԻԿ.
—
Մեզի
համար...
զարնող
զինուորին
հետ,
երանի
այն
քահանային,
որ
կ՚աղօթէ։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Ահա
ծերունի
մը
կ՚երեւի։
ԳԱԳԻԿ.
—
Անշուշտ
աղօթող
քահանայն
է։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Քայլերը
դէպի
հոս
կ՚ուղղէ...
Մեր
բանակին
գալը
տեսած
ըլլալու
է...
ԳԱԳԻԿ.
—
Եւ
անոր
համար
կ՚աղօթէ։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Ի՜նչ
վեհ
կերպարանք.
եթէ
ծերունի
քահանայ
մը
չըլլար,
պիտի
կարծէի
թէ
պատերազմի
դաշտն
իջնող
հսկայ
մ՚է.
ոտքերը
կը
դողդղան,
բայց
սիրտը
կը
բաբախէ։
ԳԱԳԻԿ.
—
Խոնարհեցէք
իրեն
(
զօրքերը
յարգանաց
շարժում
կ՚ընեն,
մինչդեռ
քահանայն
տեսարանը
կը
մտնէ)։
Տեսիլ
Բ
ՆՈՅՆՔ
եւ
ՔԱՀԱՆԱՅՆ
ՔԱՀԱՆԱՅՆ.
—
Ներեցէ՛ք,
արի
զինուորներ,
եթէ
տկար
ծերունի
մը
գտնուելով՝
փոխանակ
հայրենիքս
երկաթով
պաշտպանելու
ձեզի
պէս,
որ
զինուոր
ու
երիտասարդ
էք,
գոհ
կ՚ըլլամ
միմիայն
աղօթելով...
Բայց
դեռ
ահեղ
առիւծ
մ՚եմ
այն
մատուռին
մէջ՝
անոր,
որ
զայն
սրբապղծելու
կը
յանդգնի.
հսկել
եւ
աղօթել,
ահա
ասոնք
միայն
բաժին
մնացին
ինձ
իմ
անկեալ
հայրենիքէս,
հսկել
հսկայի
մը
պէս,
աղօթել՝
քահանայի
մը
պէս.
թէեւ
կը
զարնէի
երբեմն
ալ
զինուորի
մը
պէս,
իսկ
երբ
ծերացայ
եւ
տեսայ
որ
այն
ծանր
երկաթը
ձեռքէս
կ՚իյնար,
մտածեցի,
որ
դեռ
կրնայի
հայրենեացս
ծառայել,
Աստուծոյ
զինուոր
ըլլալ
եւ
աղօթել...
ԳԱԳԻԿ.
—
Լսէ
քու
ձայնդ
երկինք,
եւ
քու
հսկած
միայնիկ
մատուռիդ
դուռը
զարնէ
օր
մը
ազատութիւնը,
զինուորդ
Աստուծոյ,
աղօթէ՛
մեզի
համար.
դու
քու
խաչդ
ա՛ռ,
մենք
ալ
մեր
սուրը
կ՚առնենք,
դու
աղօթէ՝
մենք
զարնենք,
դու
սիրէ
Աստուածդ,
մենք
ատենք
թշնամին։
ՔԱՀԱՆԱՅՆ.
—
Աստուծմէ
եւ
հայրենիքէս
ետեւ
կը
սիրեմ
այն
զինուորը,
որ
պատերազմի
դաշտը
կը
խոյանայ,
օրհնեալ
ըլլաք,
քաջե՛ր,
որ
կը
ջանաք
ձեր
անկեալ
հայրենիքը
վերականգնել,
դուք
մի՛
լաք
Հայաստանի
վրայ,
այլ
զարկէք
այն
բազուկը,
որ
աղէտք
կը
տեղացնէ
անոր
գլխուն.
լալը
ծերերուն
թողուցէք
եւ
այն
մայրերուն,
որոնք
իրենց
զաւակաց
գերեզմանները
կորուսած
են.
ծերերուն
եւ
մայրերուն
վրէժը
առէ՛ք,
քաջե՛ր
եւ
քաւեցէք
թշնամւոյն
արեամբը
մեր
եկեղեցեաց,
պալատներուն
եւ
գերեզմանաց
եղած
սրբապղծութիւնները։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Զինուորդ
Աստուծոյ
եւ
հայրենեաց,
եթէ
լաւ
ուշ
դնենք,
Հայաստանի
բոլոր
խորշերը
վրէժ
կը
մռնչեն.
Հայաստանի
մէջ
չը
կայ
մէկը,
որուն
սիրտը
չը
լափէ
վրէժխնդրութեան
բոցը.
մենք
մեր
հայրենակցաց
վրէժը
պիտի
առնենք,
պիտի
պատերազմինք
անոնց
տեղ,
որք
կարող
չեն
սուր
շարժելու,
նաեւ
անոնց
տեղ՝
որք
կը
սոսկան
պատերազմի
դաշտէն։
ՔԱՀԱՆԱՅՆ.
—
Մի՛
դանդաղիք
ձեր
սուրբ
պաշտօնը
կատարելու,
եղբարք
իմ.
յառաջ
վարէ
բանակդ,
արքայ
քաջ,
եւ
ես
ութսունամեայ
հասակիս
մէջ՝
այս
հսկայ
եւ
վրէժխնդիր
բանակին
հետ
քանի
մր
դողդոջ
քայլ
առնելով
հրճուիմ
գոնէ,
քանի
որ
կթոտութեանս
մէջ
անկարող
եմ
ձեր
փառքին
մասնակցիլ։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
(ձախ
կողմէն
նայելով)
Արքա՛յ
քաջ,
պարսկական
բանակ
մը
կ՚երեւի
բլրին
գագաթը...
տե՛ս...
ԳԱԳԻԿ.
—
Տուղրիլի
բանակն
է
այն։
ՔԱՀԱՆԱՅՆ.
—
Պարսիկնե՜ր
(ակռաները
կրճտելով)։
ԳԱԳԻԿ.
—
Պատրաստ
եղիք,
քաջ
զինակիցք
իմ.
ահա
այն
թշնամին,
որուն
արեանը
անյագ
ծարաւ
մը
կը
զգան
մեր
սուրերը,
նա
դեռ
իր
ժանտ
սուրը
մեր
անմեղ
հայրենակցաց
արեամբը
չը
ներկած՝
դիմադրենք
մեր
կուրծերը
ժայռերու
պէս.
Հայը
այն
է,
որ
երկու
Պարսիկ
չսպաննած
չը
մեռնիր։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Տասը
Պարսիկ
իմս
են...
կ՚երդնում
սրոյս
վրայ։
ՔԱՀԱՆԱՅՆ.
—
Եթէ
ես
չեմ
կրնար
զարնել,
գոնէ
դիակները
կոխկռտեմ։
ԳԱԳԻԿ.
—
Պատրա՞ստ
էք։
ԶՕՐԱԿԱՆՔ.
—
Վրէ՜ժ...
ԳԱԳԻԿ.
—
Ա՛ռ
վրէժդ
ուրեմն
Հայաստան
(
զօրքերը
սուրերնին
կը
քաշեն
եւ
պատերազմական
երգով
կը
մեկնեն
ձախ
կողմէն.
—
Պատկերը
կը
փոխուի)։
ՊԱՏԿԵՐ
Ա
Բլուր
մը.
—
Արքունի
վրան
Տեսիլ
Գ
ՏՈՒՂՐԻԼ,
ԱԲԱՍ
եւ
ԶՕՐՔ
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Ա՛հ,
ո՜րչափ
մեծ
հաճոյք
է
այս,
զօրապետ,
երբ
կը
մտածեմ
թէ
այսօր
իմ
նախնեացս
դարաւոր
վրէժները
կը
լուծեմ՝
անտերունջ
Հայաստանը
ոտնակոխ
ընելով
եւ
մերկացնելով
զայն
բոլոր
իր
փառքերէն,
զէնքերէն
եւ
գանձերէն։
ԱԲԱՍ.
—
Մեր
մեծազօր
Արեգական
շնորհն
է
այդ,
տէ՛ր
արքայ,
որ
քու
հայրենեացդ
վրէժխնդրութեան
սուրը
կ՚ընէ
քեզ
օգնական,
այսպիսի
փառքէ
զատ
ոչինչ
կրնար
քու
զօրութեանդ
հետ
կապուիլ։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Որչա՞փ
կը
զուարճանայ
արդեօք
մեծն
Արեգակ,
երբ
զինքը
չը
պաշտող
անօրէն
ժողովրդեան
մը
արեամբը
ներկուած
դաշտերուն
վրայ
կը
սփռէ
իր
ճառագայթները
եւ
մեր
զէնքն
ու
զրահը
աւելի
ահեղապէս
կը
շողացնէ
թշնամեաց
ահաբեկ
նայուածքին...
Ի
պատերազմի
երեկոյին,
կարծես
թէ
թշնամեաց
արեամբը
կշտացած
եւ
կարմրած՝
իր
աստուածային
բնակարանը
կը
վերադառնար,
որչա՜փ
գոհացաւ
արդեօք,
երբ
Սմբատաբերդ
եւ
Արծն
քաղաքներուն
կործանումը
եւ
ջարդը
տեսաւ
եւ
այն
կոտորածները,
որ
Հայաստանի
բոլոր
գաւառները
սոսկումով
լցուցին։
ԱԲԱՍ.
—
Բայց
այն
ատեն
մէկ
սասանեան
գունդ
մ՚էր
որ
Հայաստանն
այնչափ
տակնուվրայ
ըրաւ,
տէր
արքայ,
եւ
երբ
այժմ
դու
անձամբ
քաջաց
բանակի
մը
գլուխն
անցած
Հայաստան
կ՚արշաւես՝
անշուշտ
այն
սոսկումով
լցուած
բոլոր
բերդերը
եւ
քաղաքները
իրենց
դռները
պիտի
բանան,
երբ
լսեն
թէ
դիւցազն
Տուղրիլ՝
արեաց
արքայն
ահեղ
առիւծի
մը
պէս
իրենց
կը
նայի
եւ
իրենց
վրայ
կը
քալէ,
կարելի
է
որ
քանի
մը
հայրենասիրութեամբ
վառուած
տկար
բանակները
յանդգնին
մեզ
դիմադրելու,
բայց
մեր
քաջերուն
եւ
փիղերուն
յարձակմանց
չը
կրնալով
դիմանալ՝
պիտի
փշրին
փոշիի
պէս
եւ
պիտի
խառնուին
իրենց
հայրենեաց
աւերակաց
աճիւնին։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Ես
արիւնախանձ
սրտիս
խորը
գրած
եմ
բոլոր
Հայաստան
աւերակ
դարձնել.
Հայութիւնը
ջնջել
առանց
աւերակաց
մէջ
հեծող
Հայկական
շունչ
մը
թողելու
եւ
այնպէս
յաղթական,
Պարսկաստան՝
իմ
շքեղապանծ
գահս
դառնալ
եւ
անկէ
զուարթ
նայուածքով
իմ
դրացի
երկրիս
փլատակները
դիտել,
որոնց
վրայ
կը
սաւառնի
պարսկական
սոսկումը,
ալ
վախ
չունենալ
Հայաստանէն,
որ
միշտ
կ՚իյնայ
եւ
կը
կանգնի
եւ
կանգնած
ատենը
իր
դրացի
ազգերուն
գահերը
կը
սարսէ,
զինքը
խեղդելու
համար
պատեհ
առիթ
մ՚է
իր
անտերունջ
վիճակը...
Կ՚ուզեմ
Հայութիւնը
ջնջել
երկրիս
երեսէն.
լսէ՛
երկնից
բարձրերէն
եւ
դու
Արեւ,
եւ
ծիծաղէ՛
քու
Աստուածութիւնդ
արհամարհող
ազգի
մը
գերեզմանին
վրայ...
Աւա՜ղ
որ
գրեթէ
ծեր
եմ,
եթէ
չը
կրնամ
կարճ
կեանքիս
հետ
Հայաստանը
վերջացնել՝
թագիս
հետ
ժառանգութիւն
պիտի
ձգեմ
Ալփասլան
եղբօրս,
որ
քաջերու
մէջ
քաջ
է,
հայկական
ատելութիւնը,
եւ
հայութեան
ջնջումը,
չը
թողուլ՝
որ
Հայը
չորրորդ
անգամ
հոգի
առնէ.
Հայը
այնպիսի
ազգ
մ՚է,
որ
իր
վէրքերէն
քաջ
կը
ծնի։
ԱԲԱՍ.
—
Հայն
ա՛լ
հոգի
առնելիք
չունի,
մինչդեռ
Տուղրիլի
հարուածը
զգաց
իր
ներքին
խոցերով
պատած
սրտին
վրայ։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Դեռ
գերեզմանին
մէջ
ալ
կ՚ուզէ
հեւալ։
ԱԲԱՍ.
—
Պարսկական
սոսկումը
կը
հսկէ
անոր
դիակին
վրայ
ինկած
անոպայ
ժայռի
մը
պէս։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Եւ
չի
պիտի
յառնէ
երբեք
Տուղրիլի
երկաթէ
ձեռքին
տակ,
երբ
նախնի
հայկազանց
դամբանները
կը
կոխկռտեմ
գարշապարացս
տակ,
անոնք
որ
երբեմն
սասանեան
գահին
դէմ
խրոխտացին,
երբ
կը
կործանեմ
եկեղեցիները,
ուր
խաչափայտի
մը
առջեւ
կանթեղ
կը
վառեն
եւ
կ՚երկրպագեն.
երբ
կը
տեսնեմ
Հայը
վիրաւոր
եւ
անզօր
ոտքերուս
տակ,
որ
կ՚աղերսէ
կամ
կը
սպառնայ
ընդունայն,
երբ
կը
տեսնեմ
արեան
ծով
մը,
որուն
մէջ
կը
շողան
հայկական
խոցեալ
գլուխներ,
եւ
անոնց
վրայ
պարսկական
արիւներանգ
դրօշը
կը
ծածանի...
անյագ
զուարճութիւն
մը
կը
զգամ։
ԱԲԱՍ.
—
Եւ
այս
ամէնը
Հայն
աւերակի
մը
խորշը
սոսկումով
կծկած
կը
դիտէ,
երբ
կը
տեսնէ
որ
յաղթական
արծիւը
կարմիր
դաշտերուն
վրայէն
կը
թեւարկէ
(յանկարծ
աղմուկ
մը
կը
լսուի
խորէն)։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Ի՞նչ
ձայներ
են
ասոնք։
ԱԲԱՍ.
—
Ի՞նչ
կը
նշանակէ
այս։
ՁԱՅՆԵՐ.
—
Կեցցէ՛
Հայաստան
(խորէն)։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Ա՜հ,
Հայերն
են։
ԱԲԱՍ.
—
Կը
զարնուին
մեր
բանակին
հետ։
ՁԱՅՆԵՐ.
—
Մա՜հ
Սասանեանց
(խորէն)։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Անօրէննե՜ր։
Տեսիլ
Դ
ՆՈՅՆՔ
եւ
ԶՕՐԱԿԱՆ
ՄԸ
ԶՕՐԱԿԱՆ.
—
Տէ՛ր
արքայ,
Կարուց
թագաւորին
բանակը
մեր
յառաջապահ
գնդին
վրայ
յարձակեցաւ։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Զօրապե՛տ,
շուտ
բանակը
ոտք
հանէ
եւ
այդ
յանդուգները
խորտակէ
(Որտելմէզ
պատերազմական
փողը
կը
հնչէ
եւ
բոլոր
զօրքերը
կը
ժողովին.
Տուղրիլ
բլրին
գագաթը
կ՚ելնէ
եւ
կը
դիտէ)։
Ահա
կը
զարնուին,
մեղուի
երամ
մը
արծւոյ
երամի
մը
դէմ...
Հայոց
բանակը
քիչուոր
է,
կրնաք
պաշարել
եւ
ձեր
ահեղ
սուրերուն
մէջ
այդ
յանդուգն
բանակը
խեղդել։
ԱԲԱՍ.
—
(զօրաց)
Յառա՜ջ։
ԶՕՐՔ.
—
Մա՜հ
Հայկազանց
(սուսերամերկ
կը
մեկնին)։
Տեսիլ
Ե
ՏՈՒՂՐԻԼ
(առանձին
բլրոյն
վրայէն
կը
դիտէ)
Ո՞վ
է
այն
իշխանը,
որ
մեր
բանակին
մէջ
ինկած
Պարսկաց
դիակներ
կը
փռէ
եւ
չը
թողուր
որ
մէկը
իրեն
հարուած
մը
տայ...
Ահա
կը
տեսնեմ
Կարուց
թագաւորն
ալ
որ
զօրքերը
կը
քաջալերէ
միշտ,
բայց
չը
պիտի
յաջողի.
Աբասի
բանակը
կը
հասնի,
այն
իշխանին
հետ
մէկը
կը
զարնուի,
Արսուրան
ամիրային
որդին
է...
կը
փախչի...
իշխանը
ետեւէն
կը
վազէ...
ա՜հ,
օգնութիւն
հասաւ...
զարկաւ
(վշտանալու
շարժում
մը
կ՚ընէ)
դեռ
ասդին
անդին
կը
վազէ,
զոհ
կը
փնտռէ
կատաղի
վագրի
մը
պէս,
երկու
Հայու
հետ
չորս
Պարսիկ
կ՚իյնայ...
բայց
ահա
Հայոց
բանակը
պաշարուեցաւ...
Կարուց
թագաւորը
կը
փախչի...
չը
բռնուեցաւ...
եւ
այն
իշխանը
դեռ
կը
զարնէ...
պիտի
բռնուի...
ահա
պաշարեցին
զինքն
ալ...
դեռ
կ՚ուզէ
զարնել...
Պարսիկները
կը
վախնան
անկեց.
բայց
վերջապէս
բռնուեցաւ
Արսուրան
ամիրային
որդին՝
այն
քաջին
զարնողը՝
որ
այնչափ
սիրելի
է
ինձ...
բանակը
փախստական
Հայոց
զօրքերը
կը
հալածէ
(
դրսէն
պարսից
զօրքերը
«յաղթութի՜ւն,
յաղթութի՜ւն»
կ՚աղաղակեն)։
Ահա
Աբաս
այն
իշխանը
գերի
բռնած
հոս
կը
բերէ...
(բլուրէն
վար
կ՚իջնէ
եւ
արքունի
վրանը
կը
մտնէ)։
ԶՕՐԱԿԱՆՔ.
—
(դրսէն)
Կեցցէ՜
Տուղրիլ,
կեցցէ՜
Պարսկաստան։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Ա՜հ,
այս
օրուան
յաղթութեան
դափնիին
հետ
նոճի
խառնուեցաւ,
արդեօք
մահացո՞ւ
էր
Հայ
իշխանին՝
ամիրային
որդւոյն
տուած
հարուածը։
ՁԱՅՆԵՐ.
—
Կեցցե՜ն
արիք,
մա՜հ
անարեաց
(դրսէն)։
Տեսիլ
Զ
ՏՈՒՂՐԻԼ,
ԱԲԱՍ,
ԹԱԹՈՒԼ
(շղթայակապ),
գերիներ,
զօրք
Հայոց,
զօրք
Պարսից
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Ի՞նչ
եղաւ
Արսուրան
ամիրային
որդին,
զօրապետ։
ԱԲԱՍ.
—
Վիրաւորուած
է,
տէր
արքայ,
զինքը
վրանը
բերինք
խնամելու
համար։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Ինչպէ՞ս
է
վէրքը։
ԱԲԱՍ.
—
Ուսին
վրայ
է։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Այս
Հայ
իշխանն
է
զինքը
զարնողը,
այնպէս
չէ՞։
ԱԲԱՍ.
—
Այո՛։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Ես
այս
բլրին
գագաթէն
կը
դիտէի։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Ես
էի։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Քաջ
իշխան,
ես
քու
բոլոր
քաջագործութեանցդ
հանդիսատես
եղայ,
եթէ
Արսուրան
ամիրային
որդւոյն
տուած
վէրքդ
մահացու
չէ,
եւ
եթէ
չը
մեռնի՝
չեմ
սպաններ
զքեզ,
կ՚ազատեմ,
իսկ
եթէ
մեռնի՝
դու
ալ
իրեն
զոհ
պիտի
ըլլաս։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Եթէ
հարուածն
իմս
է՝
անկարելի
է
որ
չը
մեռնի,
իսկ
եթէ
ուրիշի
մը՝
այդ
չեմ
գիտեր.
հիմակուընէ
զարկ
զիս,
կամ
թող
բոլորովին,
որ
զէնքս
առած
դարձեալ
անտերունջ
հայրենիքս
պաշտպանեմ,
ծանր
են
ինձ
այս
շղթաներս,
երբ
հայրենիքս
անդին
կ՚ողբայ
եւ
օգնութիւն
կը
խնդրէ,
աւելի
աղէկ
է,
որ
չը
լսեմ
իր
աղեկէզ
ձայնը։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Հայրենի՞քդ
կ՚ուզես
դեռ
պաշտպանել։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Այո՛։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Որո՞ւ
դէմ։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Ձեզի։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Առանձի՞ն։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Սուր
մը
բաւական
է
ինձ
ընկեր։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Ո՛վ
քաջ,
կտրէ
ալ
յոյսդ
հայրենեացդ
վերականգնումէն։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Ինչո՞ւ։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Միթէ
հայրենեաց
անունը
կրնա՞յ
կրել
մոխրակոյտ
մը։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Զգուշացիր,
ո՛վ
թագաւոր,
գուցէ
այն
աճիւնին
տակ
դեռ
կայծեր
կան
պահուած...
ինչպէս
գերիին
սրտին
մէջ
վրէժը.
զարհուրելի
պիտի
ըլլայ
գուցէ
օր
մը
այն
Հայը,
որ
փլատակաց
խորշերու
մէջ
կծկած՝
ատելութիւն
կը
սնուցանէ
իր
թշնամեաց
դէմ։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Այն
խորշը
իր
գերեզմանն
է
եւ
Պարսիկն՝
իր
մահը։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Հայը
չը
մեռնիր
երբեք
երբ
Պարսիկը
զարնէ,
գուցէ՝
Աստուած
զարնէ։
Տեսիլ
Է
ՆՈՅՆՔ
եւ
ԶՕՐԱԿԱՆ
ՄԸ
ԶՕՐԱԿԱՆ .
—
Տէր
արքա՛յ,
Արսուրան
ամիրային
որդին
մեռաւ։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Վերջապէս։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Ես
չըսի՞,
եթէ
իմ
զարկածս
է
չապրիր։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Պատրաստ
եղի՛ր։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Ի՞նչ
բանի։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Մեռնելու։
ԹԱԹՈՒԼ .
—
Գոհ
եմ
որ
Պարսկին
սիրտը
ցաւ
մը
քանդակելով
գոնէ
կը
մեռնիմ,
բայց
աւելի
գոհ
պիտի
ըլլայի,
եթէ
սուր
ի
ձեռին
մեռնէի...
Ա՜հ
Հայաստան,
քաղցր
հայրենիք,
վերջապէս
քու
ազատութեանդ
արշալոյսը
չը
տեսած՝
պիտի
փակեմ
աչերս.
բայց
Հայաստանի
սրտին
վրայ
նստած
տեսայ
արիւնռուշտ
Պարսիկը...
Մեռնի՜լ...
թողուլ
Հայաստանը,
մեռնիլ
շղթայակապ
այն
մարդերէն,
որ
կ՚ատեմ
եւ
կ՚ուզեմ
անխնայ
ջախջախել...
Ա՜հ,
սո՛ւր
իմ
(կատաղաբար
զինքը
պատող
զօրաց
կը
նայի).
կ՚ատեմ
զձեզ,
տուէք
սուրս
եւ
առանձին
կռուիմ
ձեզի
հետ,
ա՜հ,
դուք
վատ
էք,
կը
վախնաք...
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Վերջապէ՜ս։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Տո՛ւր
հրամանդ։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
Տարէք
եւ
զարկէք
զինքը
հոն
ուր
ամիրային
որդին
սպաննուեցաւ
(զօրքը
կը
տանին
զայն)։
ԹԱԹՈՒԼ.
—
Մնաս
բարեա՜ւ,
Զարմուհի...
Հայաստա՜ն
(կը
մեկնի)։
ՏՈՒՂՐԻԼ.
—
(Որտելմէզի)
Զօրապե՛տ,
իր
աջ
թեւը
կտրելով
Արսուրան
ամիրային
ղրկէ
մխիթարելու
համար
զինքը,
որ
որդին
վատ
բազկէ
մը
մեռած
չէ
(
վարագոյրը
կ՚իջնէ)։
<(ՎԵՐՋ
Ա
ԱՐԱՐՈՒԱԾԻՆ)>