ՊԵՏՐՈՍ
ԴՈՒՐԵԱՆ
ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՏԱՐԱԳԻՐ
Ի
ՍԻՊԵՐԻԱ
ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
Ի
ՄԻ
ԱՐԱՐՈՒԱԾ
ԱՆՁԻՆՔ
1.
ՄԻՔԱՅԷԼ
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
2.
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
3.
ՍԻՊԵՐԻԱ
4.
ԺԱՄԱՆԱԿ
5.
ՄԱՀ
6.
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
ԱՐԱՐՈՒԱԾ
ԱՌԱՋԻՆ
(վարագոյրը
կը
բացուի,
Նալպանտեան
հետեւեալ
երգը
կ՚երգէ
տխուր
եղանակաւ)
ԵՐԳ
Ո՛չ
երեկոյ՝
ո՛չ
առաւօտ՝
Ոչ
ցօղ՝
բուրումն
եւ
ոչ
հողմիկ,
Հոս
միշտ
խաւար
ու
մահուան
հոտ,
Գետին
սփռած
արիւն՝
աղիք։
Այս
ամայի
տեղն
է
Սիպի՜ր...
Հոս
կ՚աքսորուին
անշըշունջ
Ազատութիւն
ու
ազգ
սիրողներ,
Աւա՜ղ,
Հայոց
անտերո՜ւնջ...
Հոս
ո՛չ
գարուն
եւ
ոչ
ամառն,
Ո՛չ
ալ
ծաղկունք
ու
դալարիք,
Այլ
հանապազ
ձըմեռն
ու
սառն
Ցուրտ,
եւ
ահեղ
մերթ
փոթորիկ։
Հոս
տարագիրք
միշտ
յ
ողբ
ի
կոծ՝
Անքուն
հեծեն
մինչ
կմախք
դառնան,
Յետոյ
մահուան
դիմեն
ի
ծոց,
Եւ
կը
գլորին
ի
գերեզմա՜ն...
(Տեսարանին
խորը
Սիպերիոյ
լեռները
կ՚երեւին
եւ
անոնց
ետեւ՝
Սառուցեալ
ովկիանոսը)
Տեսիլ
Ա
(Նալպանտեան
առանձին՝
տժգոյն,
կթոտ
եւ
խոկուն
կ՚երեւայ,
ձեռքերը՝
սրտին
վրայ
խաչաձեւ)։
Տարագիր
ի
Սիպերիա՜...
Ազատութիւն
գոչեցի
եւ
իմ
երիտասարդութեանս
երեւակայութեամբը
կարծեցի
ու
ազատութեան
թեւերուն
վրայ
հանգչած,
դէպի
հայրենիք
կը
թռչէի՝
իրեն
ազատութեան
աւետիսը
տալու
համար,
բայց
երբ
աչքերս
բացի,
չորս
կողմս
նայեցայ
եւ
տեսայ
սառնապատ
լեռներ
ու
անապատներ,
այլ
ոչ
թէ
տխուր
աւերակներ.
նայեցայ
որ
տեսածս
հայրենիքս
չէր.
սոսկացի
եւ
զգացի
որ
սիրտս
ուժգին
կը
բաբախէր.
ի՞նչ
ունիս,
սի՛րտ
իմ,
գոչեցի,
եւ
նա
Սիպերիա՜
պատասխանեց...
սարսափեցայ,
ողբացի
հայրենեացս
բախտը,
արդարութիւն
աղաղակեցի
յուսահատ,
եւ
Սիպերիա
տարածելով
մռնչեց
վախնալով
որ
չըլլայ
թէ
ձայնս
իր
քարացեալ
սառնամանիքներէն
թափանցելով
Ամենակալին
ականջին
թնդայ։
Ուզեցի
լռիկ
մնջիկ
արտասուել
միայնակ՝
ազգիս
վրայ,
այլ
անգութ
Սիպերիան
սառեցուց
աչացս
մէջ
արցունքը
եւ
ինչուան
հիմա
սիրտս
հառաչանքներով
մաշեցաւ
եւ
հալեցաւ։
Հայրենիքս
կը
փնտռէի
եւ
Սիպերիոյ
մէջ
մոլորեցայ
եւ
հիմա
հոս
տառապանք
եւ
մահ
կը
պատեն
զիս՝
երկու
ահագին
թշնամիներ
։
Եւ
երբ
երկինք
կը
վերցնեմ
ցաւագին
աչքերս,
Սիպերիա
կայծակներ
կը
ցոլացնէ
գլխուս
վրայ.
Սիպերիոյ
երկինքը
անգամ
անողորմ
է,
բնութիւնը
կարծես
թէ
խանգարուած
եւ
քունն
անգամ
արգիլուած
է
հոս,
միա՛յն
թէ
գերեզմանին
մէջ
կը
տիրէ.
Սիպերիա
եթէ
կարող
ըլլայ
այն
մահուան
քունն
ալ
պիտի
արգիլէ
իր
երկրէն,
որպէսզի
իր
բռնութեան
համբաւը
իր
զոհերուն
գերեզմաններուն
վրայ
եւ
բոլոր
ազգաց
սրտերուն
մէջ
սոսկումով
անմահանա՜յ...
։
Անգամ
մը
ալեւոր
մը
տեսայ,
որ
անծանօթ
գերեզմանի
մը
վրայ
կ՚արտասուէր,
խորհրդաւոր
մէկը
երեւաց
ինձ
այդ
ծերունին,
բայց
չը
համարձակեցայ
զինքը
հարցաքննել,
յետոյ
ոտքի
ելաւ,
աչքերը
ինձ
դարձուց
եւ
աներեւութացաւ.
անշուշտ
թշուառ
հայր
մ՚էր
որ
իր
որդւոյն
գերեզմանը
իր
արաասուօքը
կը
թանար.
այլ
ես
սիրելի
մը
չունիմ
որ
մեռնելէս
յետոյ
գերեզմանիս
վրայ
կաթիլ
մը
արցունք
թափէ։
Ազատութիւնը
սիրեցի,
այլ
ինքը
բնաւ
չերեւցաւ
ինձ
։
Ա՛հ,
ազատութի՜ւն,
ո՞ւր
ես,
տեսնէի
մէյ
մը
զքեզ՝
համբուրէի
վեհ
ճակատդ
եւ
քու
անոյշ
գրկացդ
մէջ
անշնչանայի
մինչեւ
վերջին
շունչս,
քու
անունդ
մրմնջելով
եւ
զքեզ
օրհնելով։
Կը
տեսնե՞ս
քու
սիրոյդ
համար
կը
մեռնիմ
ես
ահա,
քու
անունդ
գոչելու
համար
Սիպերիոյ
սառնամանեաց
խորերը
կը
հեծեմ.
ատեն
ատեն
Սիպերիոյ
այս
լեռներուն
վրայ
ելնելով
հայրենեացս
սգապատ
աւերակները
կը
դիտեմ,
կը
տեսնեմ
Հայաստանեայց
ոգին,
որ
իր
սեւ
թեւերովը
իր
ամայացեալ
աշխարհին
վրայ
սաւառնելով
կը
թափառի,
իսկ
ազատն
Այրարատ
տրտում
տխուր
նստած՝
արտեւանունքը
կնճռած
կը
մտածէ
միշտ.
մերթ
իր
նայուածքը
չորս
կողմը
եւ
մերթ
յերկինս
դարձանելով
կը
հառաչէ
միշտ.
իր
հառաչանքներն
են
Հայաստանի
երկնից
երեսը
թանձ
րացած
ամպերը
եւ
իր
արցունքներն
են
իր
կողերէն
վազած
ողբամրմունջ
գետերը,
այն
ամպերը
փարատելու
համար
կայծակ,
այն
կայծակը
մարելու
համար
Սիպերիոյ
սառերը
եւ
այն
Սիպերիան
ոչնչացնելու
համար
ժամանակ
պէտք
է։
(
Այս
վերջին
խօսքէն
լոյս
մը
կը
ծագի
)։
Ո՞ւր
եմ
ես...
երկինք
թռա՜յ...
(
Ազատութիւնը
կ՚երեւայ
սպիտակազգեստ
եւ
գլուխը
ծաղկեայ
պսակ
)։
Տեսիլ
Բ
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
եւ
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
ԶԱստուած
կը
տեսնե՜մ...
երկինքն
ե՜մ։
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ.
—
Թշուա՛ռ
պատանի,
ո՛չ,
ո՛չ,
տե՛ս,
Սիպերիոյ
մէջ
եմ,
իսկ
տեսածդ
ազատութիւնն
է։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Սիպերիա՜...
ազատութի՜ւն...
ո՜վ
երկինք
(
ծունր
կ՚իյնայ
)։
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ.
—
Ոտքի
ելիր,
դիտէ
զիս
աղէկ
մը,
երկնից
դուստր
եւ
քու
ցանկալիդ
Ազատութիւնն
եմ
ես,
թշուա՛ռ
պատանի...,
այն
ազատութիւնը,
որուն
կը
նուիրեն
մարդիկք
սիրտ
եւ
կեանք.
սիրտը
ապագայն
արթնցնող
քնար
մ՚է
եւ
կեանքը
ապագայն
լուսաւորող
արեւ
մը.
ահա
այս
բախտին
արժանացաւ
Նալպանտեան
։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Այո՛,
թշուառ
են
Ռուսիոյ
Հայերը,
եթէ
անոնցմէ
ազգասէր
մը
մտքէն
ազատութեան
խորհուրդ
մը
անցնէ,
ինքզինքը
Սիպերիոյ
լեռներուն
մէջտեղը
կը
գտնէ,
ո՞վ
մատնեց
զինքը.
իր
բարեկամներէն
կամ
ազգականներէն
հայ
մը...
այսպէս
մատնութեամբ
հայրենեաց
աղիքները
կը
կտրտին.
եթէ
Հայերը
զիրար
մատնելով
միայն
մէկ
հայ
մը
մնայ,
ան
ալ
ինքզինքը
պիտի
մատնէ
որպէսզի
հայ
եմ
ըսելով
բոլո՛ր
ազգաց
առջեւ
պարծենայ.
եթէ
Ռուսիոյ
բոլոր
Հայերը
մէկ
բերան
«ազատութի՜ւն»
գոչէին,
Ռուսիա
պիտի
դողար,
այլ
աւա՜ղ,
հայը
իր
ձեռքովը
ընկղմելիք
անդունդը
կը
փորէ։
(
Դէմքը
ձեռացը
մէջ
կ՚առնէ)
։
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ.
—
Ո՛չ,
ո՛չ,
Հայերը
զիրար
կը
սիրեն,
հիմա
առջի
Հայերը
չեն.
իրենց
անունը
մատնիչ
ելնելուն
համար
է
որ
իրարու
խորհուրդ
յայտնելու
կը
վախնան
որպէս
թէ
իր
բարեկամը
մատնիչ
մը
չըլլայ։
Համբերէ
պատանի,
թող
չը
կասկածին
իրարմէ
Հայերը,
ամէնքն
ալ
համասիրտ
հայրենիքնին
կը
սիրեն.
իսկ
ան
որ
մատնիչ
է,
երկինք
վերցնէ
թող
մէկ
մը
աչքերը
եւ
դողա՛յ։
Համբերէ
պատանիդ
ազատասէր,
գուցէ
կը
թնդայ
ականջիդ
սառնամանեաց
խորերը
եղած
ատենդ
սա
ձայնը՝
«ալ
ազատ
են
Հայերը».
սթափէ՛,
գիտցիր
որ
ան
իմ
ձայնս
է
եւ
պիտի
գամ
զքեզ
քու
ալեւոր
հայրենեացդ
գիրկը
պիտի
դարձնեմ
եւ
Մասեաց
մուսայները
գլուխդ
ծաղկեայ
պսակներով
պճնելով
ոսկի
քնարներուն
թելերուն
վրայ
քու
անունդ
պիտի
անմահացնեն,
դարեր
պիտի
անցնին
եւ
դեռ
Նալպանտեանի
անունը
քնարներու
եւ
շրթանց
վրայ
պիտի
խայտայ.
եթէ
Հայոց
ազատութեան
ժամանակէն
առաջ
մեռնիս,
պիտի
գամ
եւ
քու
անմահ
շիրմէդ
պիտի
գոչեմ.
«ցնծացէ՛ք
ոսկերք
Նալպանտեանի,
Հայոց
ազատութեան
արշալոյսը
ծագեցաւ»
եւ
այն
ցանկալի
ոսկրները
հայրենեացդ
գիրկը
պիտի
լեցնեմ։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Ա՜հ,
քաղցր
է
ինձ
այդ
աւետիսը
քան
թէ
իմ
կեանքը.
ահա
գոհ
կը
մեռնիմ,
շիրիմն
անգամ
վարած
մարմնոյս
բեռ
մը
չի
պիտի
ըլլայ,
թող
ծանրանան
վշտեր
տկարացած
գլուխիս
վրայ
եւ
զայն
մինչեւ
գերեզմանին
եզերքը
խոնարհեցնեն.
երջանիկ
եմ,
որովհետեւ
հայրենիքս
եւ
ազատութիւնը
կը
սիրեմ,
մահուան
տեսքը
զիս
չի
պիտի
զարհուրեցնէ
եւ
աներկիւղ
իր
ցուրտ
գիրկը
պիտի
նետուիմ՝
վերջին
անգամ
«հայրենիք
եւ
ազատութիւն»
մրմնջելով.
թող
Ռուսիա
չուրախանայ,
Նալպանտեանի
հոգին
յ
երկինս
սլանալով
Ամենակալին
աթոռին
առջեւ
աներկիւղ
«արդարութիւն»
պիտի
աղաղակէ։
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ.
—
«Վրէժ»
պիտի
որոտայ
Աստուծոյ
ահեղ
ձայնը
եւ
երկինք
երկիր
դղրդելով
արձագանք
պիտի
տան,
արդարութեան
սուրը
Սիպերիոյ
խրոխտ
գլխուն
պիտի
շողայ.
պիտի
զարհուրի
Սիպերիա
իր
անկմանը
վրայ,
վասնզի
իր
աստղ
կայծակը
ասուպ
մ՚էր
որ
սահեցաւ
եւ
պիտի
ժպտի
Հայաստան
իր
վրիժառութեանը
վրայ,
պիտի
վայեն
Ռուսաց
ստուերները,
պիտի
պարեն
Հայոց
ստուերները,
Ռուսիոյ
հորիզոնին
վրայ
վերջալոյս
մը
պիտի
տեսնուի
եւ
անոր
պիտի
յաջորդէ
Հայաստանի
արշալոյսը,
եւ
այն
ժամանակ
ազատութիւնը
պիտի
թեւաւորէ
Հայաստանի
պայծառ
երկնքին
երեսը
սէր
եւ
միութիւն
յօդելով
Հայոց
սրտերուն
մէջ,
պիտի
աւաղեն
այն
ատեն
մատնիչ
եւ
ազգուրաց
Հայերը։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Սիպերիա
չգիտէ՞
միթէ
որ
գլխուս
վրայ
աթոռ
մը
դրուած
կայ
եւ
անոր
վրայ
կը
բազմի
վրէժխնդիր
Աստուած
մը...
Սիպերիա
այնչափ
անգութ
է
որ
վայրկեան
մը
քուն
չղրկեց
աչքերուս,
որպէսզի
չըլլայ
թէ
քնոյս
ատեն
հայրենեացս
ազատութիւնը
երազելով
ժպիտ
մը
խայտայ
նուաղեալ
աչացս
մէջ,
ժպիտ
մը
զոր
արթնութիւնը
կը
փարատէ.
եթէ
մեռնիմ՝
դարձեալ
աչքս
չի
պիտի
գոցել
տայ.
ինչուան
որ
մարմինս
իր
սառերուն
տակ
հալի.
ա՜հ,
վայրկեան
մը
միայն,
Ազատութի՛ւն,
քու
կաթոգին
գրկացդ
մէջ
վշտակոծ
գլուխս
հանգչեցնեմ,
եւ
պարծենայ
թող
բոլոր
ազգաց
անցաւոր
կեանքս
թէ
Սիպերիոյ
մէջ
քուն
վայելեց
վայրկեան
մը.
ա՜հ,
աչքերս
զքեզ
դիտելէ
չեն
կշտանար,
ի՜նչ
քաղցր
դէմք։
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ.
—
Եկո՛ւր,
սիրելի՛
պատանի,
այս
գիրկը
միայն
զիս
սիրողներու
գլխուն
բարձն
է։
(Նալպանտեան
գիրկը
նետուելու
կ՚ըլլայ
—
յանկարծ
որոտմունք
եւ
կայծակք
)։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Ի՞նչ
է
այս...
(
Սիպերիա
խրոխտապանծ
կ՚երեւայ
):
Տեսիլ
Գ
ՆՈՅՆՔ
եւ
ՍԻՊԵՐԻԱ
ՍԻՊԵՐԻԱ.
—
Սիպերիա՜ն
է...
դողացէք
ձայնէս
եւ
տեսքէս,
ցամա՛քք
եւ
ծովք։
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
եւ
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
(
միատեղ
)
Սիպերիա՜...
ՍԻՊԵՐԻԱ.
—
Ազատութիւն
գոչող
ձայնը
թո՛ղ
դադրի,
ազատութիւն
երգող
քնարը
թո՛ղ
փշրի,
ազատութեան
նուիրեալ
կեանքը
թո՛ղ
խաւարի,
Սիպերիան
եմ
ես,
սարսռեցէք
իմ
անունէս,
ա՛զգք
եւ
ազինք,
խոնարհեցէք
իմ
առջիս,
թագաւո՛րք
եւ
իշխանք,
եւ
դո՛ւ,
Ազատութիւն,
գիտցիր
որ
հոս
Սիպերիա
է,
Սիպերիոյ
սրտին
մէջ
միայն
բռնութիւն
եւ
մահ
կը
թագաւորէ,
հոս
ոտք
կոխող
մարդուն
միայն
շունչը
կ՚ազատի։
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ.
—
Մի՛
խրոխտար
այդպէս,
Սիպերիա՛,
քու
ձայնէդ
զօրաւոր
երկնային
ձայն
մը
կայ,
որ
գլխուդ
վերեւ
կ՚որոտայ,
ձեռք
մը
որ
ամէնուն
բախտը
իր
մէջը
կը
բռնէ,
աչք
մը
որուն
նայուածքը
լեռներ
կը
կործանէ,
ականջ
մը,
որ
մարդուս
մտքինը
կը
լսէ,
շունչ
մը
որ
աստղերը
կը
մարէ,
Աստուած
մը
որուն
հրամանէն
Սիպերիաներ
կը
դողան։
ՍԻՊԵՐԻԱ.
—
Յանդո՛ւգն,
գիտցիր
որ
Սիպերիա
քու
ձայնդ
ալ
իր
սառնամանեաց
տակը
կը
խեղդէ,
կ՚անհետացնէ
ազատութեան
անունը
եւ
բոլոր
աշխարհի
կը
տիրէ
եւ
կը
հրամայէ,
Սիպերիա
ոտիցը
տակ
կ՚առնու
բոլոր
ազգաց
սիրտն
ու
պարանոցը,
Սիպերիոյ
սկզբունքն
է
աշխարհակալութիւն
եւ
փառք,
իր
օրէնքն
է
բռնութիւն
եւ
մահ։
Եւ
դու,
անմի՛տ
պատանի,
ի՞նչպէս
ազատութիւնը
կը
կոչես
երբ
կը
տեսնես
որ
յոյսը
սարսափելով
կը
նայի
Սիպերիոյ
լեռներուն.
քանի
մը
անգամ
մռնչեցի
եւ
դու
ականջ
չը
տուիր,
կայծակներ
հանեցի
եւ
չը
զարհուրեցար,
ուրեմն
մեռի՛ր։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Արդէն
պատրաստ
եմ
ես,
հա՛յ
է
իմ
անունս,
չեմ
վախնար
ես
քու
սպառնալիքներէդ,
թող
իմ
մահս
վրէժխնդրութիւն
սերմանէ
Հայոց
սրտերուն
մէջ
եւ
աւելնայ
Սիպերիոյ
թշնամի
ազգ
մ՚ալ,
որոնք
ջանան
անոր
գլուխը
իրենց
ուժգին
հարուածներով
փշրել,
պատերազմին
կեանք
կեանքի
դէմ,
ստուեր
ստուերի
դէմ,
յիշատակ
յիշատակի
դէմ,
քիչ
ատենէն
ես
ալ
կ՚երթամ
ահա
ստուերներուն
կարգը։
ՍԻՊԵՐԻԱ.
—
Անմի՛տ,
շուտով
կը
պապանձի
այդ
մեծախօս
բերանը,
տեսնեմ
որ
Սիպերիոյ
ծոցը
բնակող
մահը
տեսնելու
ատեն
չը
զարհուրիս։
Եւ
դո՛ւ,
Ազատութի՛ւն,
զատուէ
ալ
Սիպերիոյ
հողէն
եւ
ալ
անոր
օդոյն
մէջ
թեւաւորելու
վախցիր.
Սիպերիա
զքեզ
կ՚ատէ,
կ՚անարգէ
եւ
կ՚արհամարհէ։
Այո՛,
անգութ
եւ
անարդար
է
Սիպերիան,
թող
ամէն
ազգք
գիտնան,
վասնզի
ասանկով
կը
զօրանայ
եւ
աւելի
արիւն
թափելով
իր
քարացեալ
սիրտը
կը
զովանայ,
Սիպերիոյ
բարձրացուցած
գլուխը
աներկիւղ
է,
բոլոր
աշխարհի
վրայ
խրոխտաբար
եւ
արհամարհանօք
կը
նայի,
Ազատութի՛ւն,
ի
բաց
ասկէ։
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ.
—
Հանդարտէ՛,
ահա
կ՚երթամ
ես
յաւիտեան,
անշուշտ
պիտի
գայ
ժամանակը
որ
դո՛ւ,
Սիպերիա՛,
արհամարհանաց
եւ
գերութեան
շղթայներու
տակ
պիտի
հեծես,
ի
զուր
ողորմագին
ձայներ
ազատութիւն
պիտի
գոչեն,
ի
զուր
շղթայներու
շառաչիւններ
պիտի
բարձրանան,
ի
զուր
Սիպերիա
ծունր
եկած
գթութի՜ւն
պիտի
աղաղակէ։
Ահա
ես
կը
հեռանամ,
մնաս
բարեաւ,
սիրելի՛
պատանի,
քաջասրտութիւն
եւ
յոյս։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Ա՜հ,
կը
հեռանաս,
քաղցրի՛կ
Ազատութիւն,
զիս
մինակ
կը
թողուս
դարձեալ
այս
անգութ
հրէշին
ձեռացը
մէջ,
որուն
ծոցէն
մահ
կը
բուրէ,
կը
սարսափիմ
քենէ,
Սիպերիա՛։
ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ.
—
Քաջալերուէ՛,
միտքդ
բեր
այն
աւետիսը,
զոր
քեզի
պիտի
բերեմ։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Ա՛լ
չեմ
վախնար,
երթաս
բարեաւ,
քաղցր
Ազատութիւն,
մի՛
մոռնար
զիս։
ՍԻՊԵՐԻԱ.
—
Ալ
բաւական
եղաւ,
բաժնուեցէք
իրարմէ,
դո՛ւ՝
ի
բաց,
դու՝
ի
մահ,
կը
հրամայեմ
ձեզի։
(
Ազատութիւնը
կը
հեռանայ.
—
առջի
պէս
խաւար
):
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Աստուա՜ծ
իմ,
այս
ի՜նչ
մահաշշուկ
խաւար
մը
պատեց
դարձեալ,
Ազատութի՛ւն...
Ազատութի՛ւն...
ՍԻՊԵՐԻԱ.
—
Լռէ՛,
յանդո՛ւգն,
եկուր,
Մա՛հ...
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Ա՛հ,
Ազատութի՜ւն...
(
սարսափելով
ետ
ետ
կ՚երթայ.
մահը
կ՚երեւայ
Սիպերիոյ,
յարգանօք
կը
խոնարհի.
—
Սիպերիա
խրոխտաբար
կ՚աներեւութանայ
):
Տեսիլ
Դ
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ
եւ
ՄԱՀ
ՄԱՀ.
—
Այս
դարերուս
բաւական
սով
քաշեցի,
շնորհակալ
եմ
Սիպերիայէն
որ
զիս
միշտ
կը
խնամէ,
քանի
որ
նա
զիս
կը
խնամէ,
ինքն
ալ
յաւիտեան
կը
բարձրանայ,
վերջապէս
Ասիոյ
մէջ
երջանիկ
եմ,
բայց
դարձեալ
առաջուան
պէս
հանգիստ
չեմ,
բաւական
ժամանակ
Ամերիկայի
մէջ
արիւն
խմեցի,
բայց
բաւական
ժամանակ
ալ
համբերեցի։
Ամէն
ազգէ
արիւն
կը
խմեմ,
բայց
Հայունը
չափը
անցաւ,
ժամանակ
մը
Հայաստանի
մէջ
կանգնեցի
աթոռս
եւ
հանգիստ
ապրեցայ,
ահա
դարձեալ
հայ
մը
որուն
արիւնը
պիտի
խմեմ
ես
հիմա։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Մա՛հ,
Մա՛հ,
կը
վախնամ
քենէ,
ինչո՞ւ
այդպէս
ահարկու
ես
մարդկային
աչաց։
ՄԱՀ.
—
Ո՛չ,
ո՛չ,
մի՛
վախնար
ինձմէ,
աստուածային
հրաման
մ՚եմ
ես
այս
սոսկալի
կերպարանաց
տակ.
ոճրագործին
համար
սանդարամետ
մ՚եմ
իսկ
անմեղին
համար՝
հրեշտակ
մը,
իմ
սնունդս
է
արիւն,
բնութիւնը
այսպէս
տնօրինած
է,
տեսքէս
կը
զարհուրիս,
բայց
իմ
շունչս
անուշահոտ
զեփիւռ
մ՚է
անմեղ
օրհասականին
ճակտին,
իսկ
ոճրագործին
ճակտին
տապակէզ
շոգի
մը,
վերջապէս
երկնային
յոյսն
եմ
ես,
յաւիտենականութեան
դրանց
պահապան,
միայն
վատը
ինձմէ
կը
վախնայ,
եւ
յիրաւի
իրաւունք
ալ
ունի,
վասնզի
գիտէ
երթալիք
ճամբան,
դէպ
ի
դժոխս։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Քու
գերիդ
եմ,
Մա՛հ,
բայց
կ՚աղաչեմ
խնայէ
գէթ
այն
Հայերուն,
որոնք
Հայաստանի
պսակներ
հիւսել
կը
խոստանան,
խնայէ
գէթ
այն
թշուառ
Հայերուն,
որոնք
իրենց
հայրենիքը
ազատելու
համար
կը
տքնին։
ՄԱՀ.
—
Երկրի
վրայ
խոնարհ
ծառայ
մ՚եմ,
մինչեւ
անգամ
մանուկի
մը
հրամանին
կը
պարտիմ
հնազանդիլ.
աշխարհի
բոլոր
աստիճաններուն
վրայ
իմ
ճիրաններս
բաժնուած
են.
ով
որ
ան
ճիրաններուն
մէկուն
դպչի,
անոր
արիւնն
իմս
է,
թագաւոր
կամ
հովիւ
երկուքն
ալ
հաւասար
են
առջեւս,
երկուքն
ալ
կը
վախնան
ինձմէ,
երկուքն
ալ
առջիս
ծունր
կը
չոքին,
երկուքն
ալ
կը
սառին,
երկուքն
ալ
գերեզմանին
քարը
կը
համբուրեն
եւ
երկուքին
ալ
հոգին
դէպ
ի
յ
երկինս
կը
թռչին։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Ա՜հ,
չունիս
դու
գութ,
չես
գթար
այն
իմաստուն
երիտասարդներուն
վրայ,
որոնց
արիւնը
անյագաբար
կը
լափես,
եւ
որոնց
յիշատակին
վրայ
արցունք
կը
սփռես։
ՄԱՀ.
—
Ո՛չ
սիրտ
ունիմ
եւ
ոչ
այլ
ինչ,
ստուեր
մ՚եմ,
տեսիլ
մ՚եմ,
շունչ
մը
զոր
եթէ
փչեմ,
մարդուս
զգայարանքները
կը
քաղուին,
եւ
հոգին
կը
զատուի.
եթէ
հիմա
վրադ
փորձեմ,
կը
տեսնես
մահուան
ի՞նչ
ըլլալը։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
Ո՜հ,
պիտի
մեռնիմ
ես,
հայրենիքս
այսպէս
թշուառ
վիճակի
մը
մէջ
թողլով։
ՄԱՀ.
—
Է՜հ,
ինչո՞ւ
կը
դժկամակիս,
երանի՛
թէ
ես
ալ
քեզ
նման
արարած
ըլլայի,
ապրէի
եւ
մեռնէի,
քան
թէ
այսպիսի
անարգ
անուն
մը
կրէի
եւ
մարդկանց
արիւնն
խմէի.
ոչ
սկիզբս
գիտեմ
եւ
ոչ
վախճանս.
հազարաւոր
դարեր
անցան
եւ
ես
դեռ
նոյնն
եմ.
ամենեւին
փոփոխութիւն
մը
կրած
չունիմ...
պատրաստուէ՛,
պատանի՛,
ժամանակը
եկաւ,
մի
զարհուրիր
ինձմէ
բնաւ։
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ.
—
(
ծունր
գալով
)
Աստուա՜ծ
իմ,
ներէ
իմ
երկչոտութեանս,
այո՛,
չեմ
փափաքիր
մեռնիլ,
կը
դժկամակիմ,
վասնզի
երբ
մանուկ
էի,
կը
յուսայի
եւ
կ՚ուրախանայի
որ
երիտասարդութեանս
ատեն
հայրենեացս
գոնէ
մէկ
արցունքը
պիտի
սրբէի,
այլ
աւա՜ղ,
որ
իմ
մահուամբս
արցունք
մ՚ալ
պիտի
աւելնայ
Հայաստանի
ցաւագին
աչացը
մէջ
եւ
վիշտ
մ՚ալ
պիտի
ծանրանայ
իր
սրտին
վրայ.
ա՜հ,
պիտի
մեռնիմ
ես
եւ
ազատութեան
յոյսը
գերեզմանիս
մէջ
թաղուած
պիտի
հալի
իմ
մարմնոյս
հետ
ինչուան
որ
աւետաւոր
ձայն
մը
զայն
արթնցնէ...
Ահա՛
վերջին
անգամ
կը
գոչեմ՝
Աստուած,
Հայրենիք
եւ
Ազատութի՜՜՜ւն...
ՄԱՀ.
—
Աստծոյ
շունչը
մարդուս
մարմինը
կենդանացուց,
մահուան
շունչն
այ
զայն
կը
մեռցնէ։
(
Նալպանտեանի
կը
մօտենայ,
որ
աչքը
յերկինս
յառած
է,
դէմքին
կը
փչէ)
մեռի՛ր...
(Ն
ալպանտեան
կ՚անշնչանայ,
մահը
վայրկեան
մը
առջին
կ՚արձանանայ,
յետոյ
յամրաքայլ
աներեւոյթ
կ՚ըլլայ.
—
քանի
մը
վայրկեան
խոր
լռութիւն
):
Տեսիլ
Ե
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ
ԴԻԱԿԸ
եւ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
(Ցնցոտազգեաց
եւ
մտախոհ)
(
Առանց
դիակը
տեսնելու
)։
Երկրէ
երկիր
կը
թափառիմ,
միշտ
հայու
հառաչանք
կը
լսեմ,
երկրէ
երկիր
կը
թափառիմ
եւ
միշտ
ոտքերուս
տակ
հայու
դիակ՝
հայու
գերեզման
կը
տեսնեմ,
ուրեմն
Հայաստանի
ճակատագիրը
միշտ
ողբ
ու
արցո՞ւնք
է.
ալ
ողբալէ
ձայնս
մարեցաւ,
արտասուելէ
աչացս
աղբիւրները
ցամքեցան,
հառաչելէ
սրտիս
տախտակները
քակուեցան,
Հայաստանի
աչացը
մէջ
արցունք
չկայ,
արիւն
կայ,
Հայաստանի
որովայնը
պատռեն,
աղիք
չկայ,
ճապաղիք
կայ,
թշուառութիւնը
Հայաստանի
թոքը
քանի
մը
դարէ
ի
վեր
է
որ
կը
կրծէ,
հիմա
թոքն
ալ
հալած
է,
թոքացաւ
է
Հայաստան...
Գերեզմանի
մօտեցեր
էք,
Հայե՛ր,
սթափեցէք,
վերջին
ճիգ
մ՚ալ...
։
Իսկ
դո՛ւ,
Սիպերիա,
ի՞նչ
կ՚ուզես
ինձմէ,
ի՞նչ
թշնամութիւն
տեսեր
ես
ինձմէ,
այս
քանի՞
անգամ
է
որ
քու
անողորմ
սառնեղէն
ձեռացդ
մէջ
հայրենասէր
որդւոցս
փափուկ
պարանոցը
կը
խղդես։
(
Նալպանտեանը
տեսնելով
)
Ա՜հ,
ահա
հայ
մ՚ալ
կը
քնանայ
կարծեմ,
(
քովը
կ՚երթայ
)
Նալպանտեա՜նն
է
(
թեւը
կը
բռնէ)
սառե՜ր
է,
մեռե՜ր
է...
աւա՜ղ...
։
Սիպերիա՜,
Սիպերիա՜,
վախցիր
յուսահատ
եւ
օրհասական
Հայաստանի
վերջին
հարուածէն.
եւ
դուք
գոնէ,
ստուե՛րք
դիւցազանց,
շիրի՛մք
հայկազանց,
պաշտպանեցէք
զիս,
մի՛
յուսաք,
հիմա
հայ
չկայ,
անուն
կայ,
հայ
չկայ,
մատնիչ
կայ,
հայ
չկայ,
օտար
կայ,
հայ
չկայ,
դիակ
կայ.
մահ
կայ,
ծնունդ
չկայ,
գերեզման
կայ,
խանձարուր
չկայ,
սէր
չկայ,
ատելութիւն
կայ,
եւ
ամէնէն
աւելի
միութիւն
չկայ...
Օրհասական
է։
Հայաստանի
աւերակաց
վրայ
թափառայած
թոչտող
հայութեան
անունը
հանգչելու
տեղ
մը
չը
գտնելով
եւ
վերջապէս
յոգնելով
աւերակաց
տակ
հոգին
պիտի
տայ...
Վա՜հ
պիտի
ջնջուի
ուրեմն
Հայութեան
անունը՜՜՜...
։
(յուսահատ
ծունր
կ՚իյնայ.
—
Ժամանակը
կ՚երեւայ)
։
Տեսիլ
Զ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ
եւ
ԺԱՄԱՆԱԿ
ԺԱՄԱՆԱԿ.
—
Ո՛չ,
չի
պիտի
ջնջուի,
մի
յուսահատիր,
Հայաստան,
դադրեցուր
ողբդ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ.
—
(
ձայնին
դառնալով
ու
ոտքի
ելնելով
)
Ո՞վ
ես
դու,
ծերունիդ,
Հայկայ
ստուե՞րն
ես
որ
ձայնէս
արթնցար։
ԺԱՄԱՆԱԿ.
—
Քաջալերուէ՛,
Ժամանակն
եմ
որ
քու
աղէտքներդ
դարերէ
ի
վեր
կ՚արձանագրեմ,
այն
աղէտքները
զորոնք
քու
որդիքդ
գլխուդ
վրայ
նետի
պէս
տեղացուցին.
քու
տուած
ձայնովդ
հայը
քեզի
հայհոյեց,
քու
տուած
սրտովդ
հայը
զքեզ
ատեց,
քու
տուած
բազկովդ
հայը
քու
գլուխդ
ջաղխեց,
քու
տուած
արեամբդ
հայը
օտարին
կեանքը
ազատեց,
ժամանակը
այն
ատեն
անզգայ
կեցաւ՝
տեսնելով
որ
Հայաստանի
թշնամիքը
իր
հարազատ
որդիքն
էին,
Այրարատայ
գագաթէն
իջնող
հրեշտակադէմ
մանկունքը,
յետոյ
մէյ
մէկ
արիւնարբու
հրէշներ
դարձան։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ.
—
Ո՜հ,
միթէ
ցաւերս
արթնցնելո՞ւ
համար
եկար,
Ժամանա՛կ,
ատենէ
մը
ի
վեր
է
որ
Մասեաց
մուսայից
քնարներուն
թելերը
խորտակելով՝
չեմ
լսած
Հայաստանի
վրայ
հիւսուած
ողբերը,
դու
եկար
եւ
իմ
մտացն
մէջ
սոսկալի
յիշատակներ
զարթուցիր,
միթէ
դու
ալ
թշնամի՞
ես
Հայաստանի,
դո՞ւ
ալ
կ՚արհամարհես
թշուառ
Հայաստանը։
ԺԱՄԱՆԱԿ.
—
Մտածէ՛,
բարեկա՛մ,
Ժամանակը
զքեզ
չարհամարհեր
բնաւ,
միայն
զքեզ
տրտմեցնելու
չի
գար
նախատելով
ազգուրաց
որդիքդ,
այլ
սփոփելու
համար
քու
վշտալի
սիրտդ,
գովելով
այն
Հայերը,
որոնք
հիմա
լուսաւորութեամբ
կը
մարտնչին՝
ինչպէս
որ
քու
նախնի
դիւցազունքդ
զօրութեամբ
կը
պատերազմէին,
նախնի
Հայերը
բազուկ
ունէին,
արդի
Հայերն
ալ
հանճար
ունին,
մի՛
վախնար
ալ,
մատնիչ
չկայ,
Հայերը
մատնութեան
ու
անմիաբանութեան
ոգին
առաթուր
կոխելով
անշնչացուցին,
միութիւնը
իրենց
սիրտը
հրաւիրեցին
եւ
արդէն
Հայաստանի
աւերակացը
վրայ
ուխտած
եւ
երդուընցած
են
հայրենիքնին
միաբան
սիրելու,
Հայաստանի
համար
քրտինք
եւ
արիւն
թափելը
միեւնոյնն
է
անոնց
մէջ,
սիրտ,
կեանք
եւ
հոգի
քեզի
նուիրած
են։
Ուրախացի՛ր,
Հայաստան,
քու
հառաչանքներդ
ինչուան
Ամենակալին
աթոռոյն
առջեւ
թանձրացան,
քու
արցունքդ
գթութեան
հրեշտակը
ժողվելով
Անոր
ներկայացուց
եւ
ձայն
մ՚է
որոտաց,
«Ժամանա՛կ,
Ժամանա՛կ,
ալ
գթացի
Հայաստանի
վրայ»։
(
Այս
խօսքին՝
Նալպանտեանի
դիակը
կը
ժպտի
մինչեւ
վերջը
)։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ.
—
Ա՜հ,
ի՜նչ
կը
լսեմ,
ի՜նչ
քաղցր
աւետիս
է
այս.
ուրեմն
ալ
չի՜
պիտի
վշտանայ
Հայաստան,
ալ
որդիքը
իր
գրկացը
մէջ
ազատաբար
պիտի
սփոփէ՜,
կմախք
չեմ,
դեռ
պիտի
ապրի՜մ
ես
ուրեմն...
(դիակը
դիտելով)
այս
անշնչացեալ
մարմինը
անգամ
կը
ժպտի
սոյն
աւետիսին
վրայ,
(
դիակը
գիրկը
առնելով
)
կենդանացի՛ր,
դիա՛կդ
անշունչ,
բա՛ց
այս
նուաղեալ
աչքերը
եւ
տես
Հայաստանն
է
որ
զքեզ
կը
գրկէ,
քու
ցանկալի
հայրենիքդ.
(
դիակը
կը
համբուրէ
եւ
կամացուկ
մը
գետին
կը
դնէ),
բայց
երազ
է
այս...
խաբեպատիր
երազ
մը...
կը
խաբուիս,
սի՛րտ
իմ,
կը
խաբուիք
աչքերս...
։
ԺԱՄԱՆԱԿ.
—
Սթափէ՛,
Հայաստա՛ն,
Ժամանակն
է
որ
քեզի
կ՚աւետէ,
այն
Ժամանակը
որն
որ
աշխարհի
երջանկութիւն
եւ
թշուառութիւն
կը
ղրկէ,
տիեզերք
Ժամանակին
ճակտին
վրայ
արձանագրեալ
են,
Ժամանակով
այս
աշխարհը
ստեղծաւ
եւ
Ժամանակով
պիտի
վերջանայ.
յոյսը
Ժամանակին
դուստրն
է.
բախտը
Ժամանակին
բարեկամն
է,
վերցուր
աչքըդ,
տե՛ս
երկնքին
երեսը
պայծառ
աստղ
մը
կայ.
ան
ալ
Հայաստանի
բախտն
է։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ.
—
(
աչքերը
ուրախութեամբ
դէպի
երկինք
յառելով
)
Վրէ՜ժ,
վրէ՜ժ,
(
Նալպանտեանի
դիակը
դեռ
կը
ժպտի,
Սիպերիոյ
լեռները
կը
տատանին,
վարագոյրը
կ՚իջնայ
)։
(ՎԵՐՋ
)