Հայկական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԶ

Կ. Պոլիս, 12 հոկտ. 1865:

Այս անգամ Մասիս տագնապէր է Քաղաքական ժողովին տագնապին. վրայ երկրորդ յօդուած մը հրատարակելով` իբր պատասխան մեր նախորդ նամակին: Այս երկրորդ յօդուածն առաջնոյն տխուր ու ճապաղ կրկնութիւնն է, սա տարբերութեամբ, որ Մասիսին հակասութեանց նոր դուռ մը բացած է։ Մասիս գոհ է, որ իր առաջին յօդուածը նշանակութեան արժանի դատուելով` տարօրինակութեանը մասին, քննադատութեան առնուեր է մեր կողմէն, բայց շատ հեռի է զմեզ ալ գոհ ընելէն մեր մէջ բերած առարկութեանց օրինաւոր, սահմանադրական եւ ուղղակի լուծում մը տալով կամ զանոնք ընդունելով: Այս լուծումն այնչափ իրաւունք ունինք պահանջելու, ոչ միայն մենք այլեւ բոլոր հասարակութիւնն, որչափ որ ինքն իր չորեքտասնամեայ խմբագրապետական հեղինակութեամբն ինքզինքը միշտ կազմ ու պատրաստ ցուցուցած է եւ կ՚ցուցընէ որեւէ խնդրոյ մասին պատասխանելու, վիճելու եւ լուսաւորելու: Սակայն զարմանալին այն է որ` մինչդեռ Մասիս զմեզ կ՚ամբաստանէ թէ իր առաջին յօդուածէն մեր հանած հետեւութիւնները սխալ են, իր երկրորդ յօդուածին մէջ նոյն հետեւութեանց վրայ երկարօրէն կ՚ճառէ եւ զանոնք հաստատելու կ՚ճգնի. միանգամայն մեր առարկութիւնները կրճատելէն եւ այլակերպելէն ետեւ` անոնց գլխաւոր կէտերն անպատասխանի կ՚թողու եւ մեզի այնպիսի հարցումներ կ՚ուղղէ, որոց պատասխաններն, եթէ ոչ ինքն, ուշիմ ընթերցողք կրնան ակներեւ տեսնել մեր նախորդ նամակին մէջ, սահմանադրական սկզբանց մէջ, ազգային գործոց ներկայ վիճակին մէջ: Ըստ մեզ` Մասիսին այս ընթացքը հասարակութեան կարծիքը լուսաւորելու միջոց մը չէ, ասի անկեղծ վիճաբանութեան ապացոյց մը չէ, այլ բանակռիւ յարուցանելու գրգիռ մը, հակառակութեան ոգի մը, որ երբ ժողովի մէջ պատահի` Ատենապետը կ՚ուղղէ, երբ լրագրի մէջ` հասարակաց կարծիքն: Ըստ որում` երբ Մասիս իր երկրորդ յօդուածին մէջ կ՚ուրանայ ինչ որ ըսած էր առաջնոյն մէջ, երբ Մասիս մէյ մը կ՚ըսէ. «Սահմանադրութեան հաստատուելէն ի վեր Վարչութիւն Վարչութեան եւ ժողով ժողովի յաջորդեցին եւ դժբախտաբար սնոտի վիճաբանութիւններէ եւ հրաժարականներէ զատ ուրիշ բան չտեսնուեցաւ» եւ դեռ այս տողերուն մելանը չչորցած կ՚դառնայ կ՚ըսէ. «— Եթէ ասկէց առաջ կազմուած քաղաքական ժողովները կրցան բան մը գործել` զուգութեամբ գործեցին», երբ Մասիս` առաջին յօդուածին մէջ «Քաղաքական ժողովին պառակտեալ դիրքին պատճառն իրեն անհամամտութիւնն է» կ՚ըսէ, եւ երկրորդ յօդուածին մէջ «— …մեր ակնարկութիւնները չէ թէ վիճաբանութեան էութեան վրայ էին, այլ հակառակութեան ոգւոյն դէմ էին» կ՚ըսէ. իբր թէ անհամամտութիւն եւ վիճաբանութիւն տարբեր բաներ են։ Երբ Մասիս մի եւ նոյն յօդուածին մէջ ասդին կ՚սրտմտի եւ կ՚գոչէ— «Ո՞վ ըսաւ Վրոյրին… գործադիր իշխանութեան մը… վիճաբանութեան իրավունքը ջնջուի. ասիկայ Մասիսի իմաստը չէ այլ Վրոյրին երեւակայածն»։ Եւ անդին կ՚ըսէ. —«Կարծեաց տարբերութիւնը բնական է խոհուն մարդոց համար, ուստի եւ անհրաժեշտ է մանաւանդ խորհող եւ որոշող բարձրագոյն ժողովներու համար, ինչպէս են երեսփոխանական կամ օրէնսդրական ժողովներն»: Եւ ասկից բնականապէս չը՞ հետեւիր, որ Քաղաքական ժողովն անխոհուն եւ անբան խումբ մ՚է, ըստ Մասիսի։ Եւ Մասիս այս իմաստը կ՚շարունակէ այսպէս. «Եթէ գործադիր ժողովներն, ո՛ւր սկզբանց եւ դրութեանց վրայ վիճելու հարկ չկայ... », այլ միայն մասնաւոր խնդիրներու վրայ կարծիք յայտնելու հարկ կայ, ըստ Մասիսի, իբր թէ կարծեաց զանազանութիւնն այլ եւ այլ սկզբանց արգասիքը չեն, իբր թէ Քաղաքական ժողով մը դատապարտուած է միայն գռեհիկ նիւթերով զբաղիլ եւ առանց որոշ սկզբունքի գործել։ Երբ Մասիսի գրչէն` այս եւ ասոր նման անհեթեթ բացատրութիւններ սկզբունքի թիւրութենէ սեպէ, անզգուշութենէ սեպէ, կ՚սպրդին, Վրոյր անոնց վրայ չուզէր ծանրանալ, վասնզի Վրոյրի համար աւելի ծանր եւ կարեւոր սկզբունքի կէտեր կան պարզելու եւ այս կէտերն են ա) Քաղաքական ժողովին մեծագոյն մասին հրաժարման պատճառն իրեն մէջ ծագած անհամամտութիւնը կրնա՞յ լինիլ, այո՛ կամ ոչ: բ) Քաղաքական ժողովը սահմանադրական սկզբանց համեմատ գործադիր իշխանութիւ՞ն է, այո՛ կամ ոչ։ գ) Քաղաքական ժողովին համամտութեան համար ընտրելեաց ցուցակ պատրաստելը Սահմանադրութիւնը կ՚ներէ, այո կամ ոչ։ Մասիս այս հարցումներուն այո՛ կ՚ըսէ, բայց ապացոյց չունի, կամ լաւ եւս ըսեմ` հեգնութիւններ ունի, որոնք ապացոյց չեն։ Մեք ալ կ՚ըսեմք, եւ` ինչպէս առաջ` հիմակ ալ մեր ըսածը հաստատելու համար Մասիսին պէս Եւրոպա եւ Ամերիկա երթալու պէտքը չենք զգար անոնց կառավարութեանց եղանակէն ապացոյցներ փնտրելու, այլ սահմանադրական սկզբանց, ազգային գործոց ընթացքին եւ փորձերու վրայ կռթնելով կ՚ուզենք խօսիլ:

ա) Քաղաքական ժողովը միշտ մեծագոյն մասով աղէկ գէշ իր պաշտօնը շարունակեց, երբ Ընդհանուր ժողով գումարուեցաւ եւ կեդրոնական սնտուկին նեղ վիճակին դարման մը խնդրելու մտօք` առաջարկութիւն եղաւ, Ընդհանուր ժողովը դարման մը ցցուց: Քաղաքական ժողովին ըսաւ. Ըստ որում ազգային տրոց օրինաւոր բաշխման եւ հաւաքման եղանակին հաստատութիւնը պիտի ուշանայ, երեք տարուան անվճար մնացած 75 ղրուշի թերհաշիւ տուրքը հաւաքէ առ այժմ, գլխիդ ճարը տես եւ մի հրաժարիր: Քաղաքական ժողովը գոհ եղաւ, այս որոշումն ընդունեց եւ մեծագոյն մասով գործադրութեան զբաղելու սկսեր էր, երբ յանկարծ Ատենապետ Էֆէնտիին հրաժարականը Մասիսին մէջ երեւան ելաւ: Ատենապետ Էֆէնտին * ի՞նչ կ՚ըսէր. կ՚ըսէր թէ ինք համամիտ չէ Քաղաքական ժողովին հետ արդի պարագաներով գործել եւ պատասխանատուութեան ներքեւ ընկնիլ։ Ասի պարզօրէն ըսել էր. Ես Ընդհանուր ժողովին որոշումը չեմ ընդունիր: Եւ ինչո՞ւ համար, որովհետեւ` տրոց շրջաբերականի հեղինակութիւնն, որ Ատենապետ էֆէնտիինն էր, մէջ խաղացած էր եւ օրինաւոր փաստաբան մը չէր գտած Ընդհանուր ժողովոյ ատենին մէջ, թէեւ անոր անյաջողութեան բուն պատճառն անգործադրելի լինիլն էր, ինչպէս որ Քաղաքական ժողովն ալ խոստովանեցաւ: Միթէ Քաղաքական ժողովն Ատենապետ էֆէնտիին հրաժարելովն անմիջապէս օրինաւոր թիւը կորո՞յս. ո՛չ շարունակեց իր նիստերը քանի մը շաբաթ եւս, երբ յանկարծ հրաժարականները յաճախեցան եւ Քաղաքական ժողովն անդամալոյծ ըրին: Հետեւապէս հրաժարականները չէ թէ վիճաբանութեան, չէ թէ անհամամտութեան արդիւնքն էին, այլ պարզապէս ազգային տրոց խնդրոյն անլուծանելի մնալուն արգասիքն էին, որով շատ մը եսութիւններ վիրաւորեցան եւ դեռ պիտի վիրաւորուին` եթէ այս խնդիրն օրինաւոր վիճաբանութեամբ չլուծուի: Բայց Մասիս` Քաղաքական ժողովին բաժին կ՚հանէ մասնաւոր գործեր միայն, չուզէր որ այնպիսի ժողով մ՚օրինաւոր սկզբանց վրայ հիմնեալ բան մը արտադրէ: Շա՛տ աղէկ: Առջի Քաղաքական ժողովը տուրքի խնդիրը Մասիսին ուզածին պէս թեթեւ բռնեց եւ գործը կախ մնաց: Երեսփոխանական ժողովն ուրեմն թող խորհի. Մասիս անորմէ միայն խորհրդածութեան իրաւունքը չզլանար։ Բայց երբ Ընդհանուր ժողովին մէջ ալ Ռուսինեան էֆէնտին տրոց հաստատութեան համար առաջարկութիւնը կ՚ներկայացընէ եւ վիճաբանութեան տակ ձգել կ՚ուզէ, Ընդհանուր ժողովը չուզէր մտիկ ընել եւ առանց վիճաբանութեան վեր ի վերոյ որոշում մը կ՚ընէ, որոշումն անգործադրելի կ՚մնայ եւ այնուհետեւ փորձով համոզուելով, որ եթէ ազգային տուրքն օրինաւորութեամբ չհաստատուի արդիւնք մը չպիտի բերէ, նոոյ յանձնաժողով մը կ՚կազմէ: Նոյն միջոցին Քաղաքական ժողովն ալ տուրքի փոխարէն նուէր հաւաքելու կ՚ելնէ. այս ալ չյաջողէր ու դարձեալ Քաղաքական ժողովն Ընդհանուրին կ՚դիմէ, որ 75 ղրուշ տուրքը հաւաքելու դիւրին որոշման գալով` գլխացաւէ կ՚ազատի, ինչպէս որ ըսինք։ Քաղաքական ժողով չեղած ատեն` Սահմանադրութեան առջի գործադիր յանձնաժողովն այս ընթացքը բռնեց եւ գալիք Քաղաքական ժողովին իրաւասութեան թողուց իրաւամբ տրոց բաշխման եւ հաւաքման եղանակն որոշել: Քաղաքական ժողովները հետզհետէ եկան եւ ըստ որում տուրքի բաշխման եւ հաւաքման եղանակ մ՚օրինաւորապէս չորոշեցին, հետզհետէ վհատեցան կամ կործանեցան: Ուրեմն արդի Քաղաքական ժողովին քայքայման բուն պատճառն անհամամտութիւն չէ, այլ համամտութիւնն է. կուրօրէն համամտութիւն մը` որ վիճաբանութիւնը տրոց խնդրոյն նկատմամբ, թէ Քաղաքական ժողովին եւ թէ Ընդհանուր ժողովին մէջէն արտաքսեց եւ ազգային գործերն այս յոռի վիճակին հասուց։ Մեք` մեր նախորդ գրով այս պատմական պարագաներուն մէջ չմտանք եւ մինակ հրաժարմանց պատճառը տրոց խնդրոյն մէջ փնտռելու է ըսինք, կարծելով որ Մասիսի պէս խմբագրապետ մը ազգային գործոց մէջ կ՚ապրի, Սահմանադրութեան եւ վիճաբանութեան ոգին կ՚հասկնայ եւ մեր ամենապարզ ակնարկութիւնները —«Դեղփեան հարցուկի մը լեզուն» չհամարիր: Բայց իր երկրորդ յօդուածը համոզեց զմեզ, որ Մասիս իրաւունք ունի մեր լեզուն չհասկընալու` քանի որ Քաղաքական ժողովի մը պաշտօնն ի՞նչ է չգիտէ, եւ անոր ընթացից անհմուտ է: Քանի որ անոր գլուխը կ՚կապէ սոսկ մասնաւոր գործերն եւ այս կարճ տեսութեամբ կ՚դատէ անոր վարմունքը։ Մասիս կ՚մոռնայ, որ Քաղաքական ժողովին ձեռքէն պիտի անցնին ազգային հանրական բարեկարգութեանց յատակագիծները, կ՚մոռնայ որ Քաղաքական ժողովին ձեռքէն պիտի անցնին այլ եւ այլ կանոնադրութեանց խմբագրութիւնը, կ՚մոռնայ, որ Քաղաքական ժողովին հասուն ուշադրութեան արժանի են չորս միլիոն հայոց զանազան յարաբերութեանը մշակութիւնն, ազգային ընդհանուր շահուց եւ իրաւանց պաշտպանութիւնն։ Է՛հ, ինչպէ՞ս  չմոռնայ Մասիս այս բաները, քանի որ մեր ազգային ժողովներուն սահմանը` «գաւաթ մը ջուրի» կ՚նմանցընէ, եւ «ի՞նչ պէտք է անոր մէջ փոթորիկ յարուցանել» կ՚ըսէ։ Ի՞նչ գգուելի եւ գեղեցիկ բաղդատութիւն ազգին համար:

Ընդհանրապէս Քաղաքական ժողովոյ երերուն վիճակին եւ մասնաւորապէս արդի Քաղաքական ժողովին հրաժարման պատճառը տրոց խնդիրը լինիլը հաստատելէն ետեւ կանցնինք երկրորդ կէտին:

Բ) Ի՞նչ է գործադիր իշխանութիւն մը: Գործադիր իշխանութիւն կ՚կոչուի այն պաշտօնէից դասակարգութիւնն` որ կեդրոնական Վարչութենէ մը կամ ժողովէ մը բխած որոշումներուն եւ տնօրենութեանց անմիջական գործադրութեան կ՚զբաղի, հաստատեալ օրինաց կատարման կանոնաւորապէս եւ գործնապէս կ՚հսկէ եւ իր գործողութեանց արդիւնքը կեդրոնական գլխին, որուն հետ անդուլ յարաբերութեան մէջ է, կ՚հաղորդէ եւ անոր հրահանգաց համեմատ միշտ կ՚շարժի, միշտ կ՚գործէ: Այս գործադիր իշխանութիւնն իրապէս պատասխանատու է զինքն ընտրող ժողովին կամ լաւ եւս ըսեմ անուանող գլխին: Ընդհանրապէս գործադիր պաշտօնական մարմին մը` որուն ճիւղերը կեդրոնէն սկսեալ կ՚տարածին եւ կ՚դադրին այնտեղ, ուր ազգային իրաւասութեան սահմանը կ՚դադրի, քուէով չընտրուիր. որովհետեւ ընդհանուր օրէնք է, որ գործադիր մարմնոյ մը անդամներն իրենց վերբերական պաշտօններուն ձեռնհաս ու յարմար` եւ կեդրոնական ներշնչութեանց համամիտ անձինք լինին: Ուստի այս միահամուռ մարմնոյն յատուկ յատուկ յատկութիւններն որոշողը քննութիւնն ու յայտնի ընտրութիւնն են ամէն սահմանադրական դրութեանց մէջ: Արդ` կ՚հարցընենք Մասիսին թէ մեր քաղաքական ժողովն այս վերոյիշեալ պայմաններն ունի՞. կ՚հարցնենք թէ կարելի՞ բան է, որ ժողով մը գործադիր մարմին լինի, որ իր որոշումը տալէն ետեւ` նոյնն իսկապէս գործադրէ։ Կ՚հարցընենք Մասիսին թէ` թոշակաւոր ժողով մ՚անգամ խորհուրդ եւ որոշում տալու սահմանէն դուրս բան մ՚ընելու արտօնութիւն կրնա՞յ ունենալ, թող այն ժողովն, որուն անդամները լոկ ազգային անձնուիրութեան եւ պատւոյ անդամներ են, եւ թէեւ բարոյապէս պատասխանատու Ընդհանուր ժողովին, բնաւ պարտաւոր չեն, եւ չեն կրնար գործադրել այն բաներն, որոց վրայ միայն քննութեամբ որոշում եւ խորհուրդ տալու եւ ընդհանուր կերպով ու տեսապէս վերատեսչութիւն ընելու պաշտօնն ունի: Բայց Մասիս կ՚պատասխանէ թէ Սահմանադրութեան 42դ յօդուածին մէջ Քաղաքական ժողովին համար գործադրութեան ձեռնարկել ըսուած է: Մասիս բառերու հետ կ՚խաղայ: Սահմանադրութեան տառն իբր զէնք կ՚գործածէ անոր ոգւոյն եւ սկզբանց դէմ: Թո՛ղ Մասիս նորէն կարդայ 42դ յօդուածին վարի տողերն, ուր գրուած է թէ Քաղաքական ժողովն այս ինչ եւ այն ինչ Խորհրդէն գրով բացատրութիւն կ՚ուզէ, միթէ ասկէց կ՚հետեւի՞ թէ Քաղաքական ժողովին կնքով կ՚լինին պաշտօնական բոլոր թղթակցութիւնները, միթէ արդէն հաստատուած եւ Սահմանադրութեան պահանջած մէկ կանոնը չէ՞, որ Ս. Նախագահին կնքով եւ ստորագրութեամբ վաւերանան թղթակցութիւններն եթէ նա է գործադիր իշխանութեան կեդրոնն ու գլուխը։ Թո՛ղ Մասիս կարդայ Սահմանադրութեան յօդուածը, թո՛ղ կարդայ 41դ եւ 43դ յօդուածներն եւ պիտի տեսնէ, որ ամէնուն մէջ քննութիւն, որոշում, լուծում, տնօրէնութիւն պիտի ընէ ըսուած է Քաղաքական ժողովին համար եւ ամէնուն մէջ գործադրութեան պաշտօնն ազգային ժողովոց Ս. նախագահին տրուած է: Բայց Մասիս երբ օրինաւոր փաստ չունի` կ՚սկսի ծիծաղիլ կամ հեգնել: Եւ ծիծաղիլ ի՞նչ բանի համար, այնպիսի խնդրոյ մը համար, որ Սահմանադրութեան գոյութեան եւ չգոյութեան խնդիր մը կ՚դառնայ: Այո՛, Մասիս կ՚ծաղրէ երբ կ՚ըսէ, «— Վրոյրին… խօսքէն կ՚հասկըցուի թէ ազգային գործադիր իշխանութիւնն ըսելով պատրիարքարանի գրագիրներն, եասախճիներն եւ ժամկոչներն եւ անոնը գլուխ Ս. Պատրիարքը կ՚ուզէ իմանալ»։ Մասիսին ծիծաղաշարժ կ՚երեւի եւ կամ նուաստութիւն կ՚համարի, որ ազգային գործակալ մը կամ գրագիր մը գործադիր իշխանութեան մէկ մասն ըսուի. վասնզի Մասիս անդադար ժողով, վարչութիւն, գործադիր իշխանութիւն կամ մարմին իրարու հետ կ՚շփոթէ: Ժողովը կ՚որոշէ, Վարչութեան մասը կ՚հսկէ կ՚վարէ, իսկ գործադիր մարմինն իրապէս կ՚գործէ։ Սահմանադրութեան գործադրութեան արդի վիճակին մէջ, քանի որ անոր ներքին կանոնադրութիւնները խմբագրուած եւ Ընդհանուր ժողովին կողմէն հաստատուած չեն, Քաղաքական ժողով մը կայ, որ կ՚որոշէ, Վարչութիւն մը կայ, որ տարտամ է, իսկ գործադիր մարմնոյն մինակ գլուխը կայ, որ է Ս. Նախագահն, եւ մինակ ոտքն, որք են յետին գործակալներն: Արդ` քանի որ գլխէն սկսեալ մինչեւ ոտքը գալու համար օրինաւոր պաշտոնական դասակարգութիւն մը կազմուած չէ, շատ անգամ ժողովին որոշումն անգործադրելի կ՚մնայ, Ս. նախագահին հրամանը գործադրելու համար յարմար եւ կարեւոր գործիքը կ՚պակսին եւ երբ ընտրութեանց ժամանակը հասնի անիշխանութիւնն ազգային գործոց մէջ կ՚տիրէ: Ազգային Սահմանադրութեան սկզբանց համաձայն այս պաշտօնէից դասակարգութիւնը դիւրին է յօրինել եւ մինչեւ ցայսօր յօրինուած պէտք էր լինէր, որ Վարչութեան մեքենան միօրինակ շարժի: Սակայն դրամի պակասութիւնը Սամնադրութեան այս պահանջման կատարումն արգիլեց, թէեւ դրամն ալ օրինաւոր գործիքներու, աշխատութեամբը միայն հնար է ձեռք ձգել:

Ուստի Քաղաքական ժողովն Երեսփոխանական ժողովին առջեւ լոկ իբր քննող եւ որոշող պատասխանատու կ՚մնայ, բայց Ս. Նախագահին եւ իր առջեւ նիւթապէս պատասխանատու լինելու պայմանաւ գործադրող թոշակաւոր պաշտօնէից դասը կ՚ընտրէ եւ Ս. Նախագահը զանոնք կ՚անուանէ քաղաքական, դատաստանական, տնտեսական, ելմտական, ուսումնական, վանական, եւ այլն գործող համար: Այս պաշտօնատարները Վարչութեան եւ անոր այլեւայլ ճիւղերուն վերաբերող գործերը դիւանական պաշտօնէից հետ կ՚պատրաստեն, կ՚կոկեն եւ անոր որոշման կ՚ներկայացընեն: Երբ որոշումները կ՚լինին անմիջապէս` գործադրութեան կ՚սկսին` իւրաքանչիւրն իր սահմանին մէջ, եւ անոնցմէ գործ, արդիւնք հանելու կ՚աշխատին. եթէ գործադրութեան դժուարութիւններ տեսնեն, Ժողովէն եւ Խորհուրդներէն հրահանգ կ՚ուզեն, եթէ պարտազանց գտնուին` կ՚պատժուին: Այս միջոցաւ, եթէ ժողովոց ընտրութեան ժամանակն ալ գայ, Վարչական մեքենան չդադրիր գործելէ, գործադիր պաշտօնատարները վճռուած գործերը կ՚շարունակեն կարգադրել, եւ Նախագահին հրամանաւ ընթացիկ գործերը կ՚տնօրինեն եւ նոր ժողովոյ եւ խորհրդոց համար եկած գործերը կ՚պատրաստեն, կ՚զտեն եւ պէտք եղած տեղեկութիւնները կ՚յայտագրեն: Ահա մեր այս կերպով կ՚իմանանք գործադիր իշխանութեան մը պաշտօնն, որուն Քաղաքական ժողովին բնաւ վերաբերութիւն չունենալը հաստատեցինք, եւ կ՚հրաւիրեմք Մասիսն, որ այս կիտին վրայ լաւ խորհի:

գ) Ընդհանուր ժողովը կրնա՞յ ընտրելեաց ցուցակ մը ընդունիլ Քաղաքականին ընտրութեան համար համամտութեան նպատակաւ: Ո՛չ երբեք: Թէպէտ Քաղաքական ժողովին գործադիր իշխանութիւն չլինիլը հաստատելէն ետեւ` համամտութեան խնդիրն ինքնին կ՚ջրի եւ արժէք մը չունի, բայց ըստ որում Մասիս նոր դէմքով մը կ՚ներկայանայ իր հակասահմանադրական առաջարկութիւնը պաշտպանելու համար` առանց մեր առջի անհերքելի առարկութեանց պատասխանելու, կ՚ստիպուինք քանի մը խօսք ընել: Բայց նախ կ՚ուզենք իմանալ թէ Մասիս ինչո՞ւ համար պաղ արեամբ մը կուրանայ Եւրոպական կառավարութեանց պաշտօնէից գլուխներուն հետեւելու համար իր առաջին յօդուածին մեզ ցոյց տուած օրինակն, որ` իբրեւ անպատեհ մեր կողմէն հերքուելուն վրայ զմեզ սխալ կացութեան մէջ ինկած կ՚երեւակայէ: Ինչ որ իր երկրորդ յօդուածով կ՚ուրանայ իր առաջին յօդուածը կրնայ հաստատել, որ ուրացած է: Թո՛ղ Մասիս բաղդատէ այն կէտերն եւ ուրիշին վրայ մուր չքսէ:

Մասիս միշտ համամիտ, բարեկամ, համակիր, ներդաշնակ քաղաքական ժողով մը միակտուր ձուլելու համար Ալքիմէդէսին պէս կը ճգնի։ Ինչպէս ատեն մը հաւատաքննութեան` նոյնպէս այժմ մտաքննութեան ատեան մը կ՚ուզէ կազմել, որպէսզի իմանայ թէ ո՛ր հայն` որուն բարեկամ եւ. համամիտ, ո՛րն որին հակակիր ու հակամէտ է, ո՛ր գլուխը սեւին ճերմակ կ՚ըսէ, որը ճերմակին սեւ, այնպէս որ կարող լինի ճերմակ գլուխները սեւերէն զատել, այս կամ այն խումբը (հարկաւ ըստ Մասիսի անխոհուն եւ անբան խումբ պիտի լինի) գործոց գլուխը կարգել եւ ուրիշ մը յաւիտենական ունայնութեան դատապարտել: Կը հարցընեմ սահմանադրական Մասիսին թէ ժողով մը կազմելու համար այսպիսի բան մը հնարաւո՞ր է, միթէ ընկերականութեան ոգին, ժողովոց էութիւնը, կարծեաց ազատութիւնն, ազգային քաղաքականութիւնը, Սահմանադրութիւնը կ՚խոնարհի՞ն այսպիսի մտասպանութիւն մը գործելու, որ ապագային մէջ ծանր հետեւանք կրնայ ունենալ: Եթէ ոչ ամէն բան` գէթ Սահմանադրութիւնը կ՚ներէ, կ՚ըսէ Մասիս, եւ թաղական, երեսփոխանական ու պատրիարքական ընտրելեաց ցուցակներուն մէջ ապաւէն մը կ՚փնտրէ եւ անկեց կ՚գոչէ. ասոր ի`նչ կ՚ըսէ Վրոյր: Մասիս միթէ գիտէ թէ ընտրելեաց ցուցակի սկզբունքն ի՞նչ է: Չէ թէ համամտութիւն, սէր գտնելու ուղեցոյց մ՚է, չէ թէ կուսակցութիւն մը պաշտօնի հասցընելու գիւտ մ՚է, ինչպէս որ ինքը կը կարծէ եւ այս նպատակաւ Քաղաքական ժողովին համար ընտրելեաց մէկ քանի ցուցակներ պատրաստել ու գոցել եւ անոցմէ մէկը ներքնաբար ընտրել կ՚առաջարկէ, այլ ընտրելեաց լոկ մէկ ցուցակ մը ընտրողաց պարզապէս դիւրութիւն տալու համար է, եւ այս ալ մինակ թաղական եւ մանաւանդ երեսփոխանական ընտրութեանց ժամանակ, այն պայմանաւ, որ ընտրողք ազատօրէն անոր մէջէն կամ դրսէն ընտրեն։ Մասիս այս ազատութիւն ալ կ՚մերժէ, որովհետեւ միտքը Սահմանադրութեան ներհակ միահաղոյն եփած եւ տոգորած համամտութիւն մը ձեռք ձգելէ Երեսփոխանական ժողով մը բնաւ պէտք չունի ոչ գոց եւ ոչ բաց ընտրելեաց ցուցակի, քանի որ իր թիւն ամփոփ է եւ ազգային գործոց տեղեակ եւ ընտրելի անձինք ալ մատով ցոյց տալ կարելի է:

Ամփոփենք։ Ուրեմն ազգային տրոց մասին ի սկզբանէ անտի եղած վեր ի վերոյ որոշումներն, ազգային խնդիր մը չլուսաւորուած լուծելն, ատենական կանոնաց անուշադրութիւնն եւ զանցառութիւնը կուրօրէն համամտութիւն մը գլխաւորապէս պատճառ տուած են Քաղաքական ժողովոց վրդովման եւ հրաժարման եւ ազգին ներկայ վիճակին։

Ուրեմն Քաղաքական ժողովին կազմութէան ազատ սկզբունքն եւ անոր բարոյական հանգամանքն, ազգային քաղաքական մասնավոր եւ հանրական գործոց մասին ունեցած լոկ որոշող ձայնը զինքն իր ճիւղերովը հանդերձ ազգային Քաղաքական բարձր ԱՏԵԱՆ մը կ՚կազմեն եւ չէ թէ գործադիր մարմին մը, որ բոլորովին զատ բան մ՚է եւ որուն գլուխը կ՚կանգնի Ս. Պատրիարքը:

Ուրեմն որոշող Ատեանի մը խոհուն եւ խօսուն անդամները վճռաբար համամիտ գործելու սկզբունքր անբնական է, թիւր է, ազգակործան է, քանի որ երբ վիճաբանութիւն պատահի, որ ազգային կարեւոր խնդիրներու համար անհրաժեշտ պիտոյք մ`է, անոր արդիւնքը քուէից առաւելութեամբը կ՚որոշուի ըստ Սահմանադրութեան: Հետեւապէս Մասիսին համամտութիւն դարբնելու մտօք առաջարկած ընտրելեաց ցուցակը դիմակ մ՚է, որ Սահմանադրութեան եւ կարծեաց ազատութեան առջեւ վար կ՚իյնայ։

Թո՛յլ տուր Քաղաքական ժողովին ազատօրէն որոշելու սկզբունքն, ինչպէս որ իր էութիւնը կ՚պահանջէ, գործնական դրութեամբ լուծէ եւ հաստատէ ազգային տրոց բաշխման եւ հաւաքման եղանակն, որ Վարչութեան շարժիչ զօրութիւնն է, կատարելագործէ գործադիր իշխանութեան անկատար մասունքն եւ արդի անզօր մեքենան` Սահմանադրութեան հիմնական սկզբանց վրայ հաստատուած ներքին կանոնադրութիւններով, եւ ահա այն ժամանակ ազգային Սահմանադրութիւնն իր խոստացած օգտակար արդիւնքը լիօրէն կ՚թափէ ազգին վրայ:

ԺԷ

Կ. Պոլիս, 10 դեկտ. 1865

Ազնիւ Ծաղիկ,

Ո՞ւր ես, ի՞նչ եղար, ոչ ձայնդ կ՚լսուի եւ ոչ անունդ։ Միթէ դո՞ւ ալ, ինչպէս ըսաւ երբեմն ուշիմ գրիչ մը, ապրիմ մեռնիմ ծաղկին չափ ապրեցար։ Միթէ գո՛լ ալ ազգային գրականութեան անբերրի հողին վրայ ժամ մը ծլելու համար հոտ առիր եւ հովահար մեռար միթէ դո՞ւ ալ հայոց մտաւորական նսեմ հորիզոնէն կայծի պէս սահեցար անցար, նման այն շողուն կէտին՝ որ սեւ ամպերու խորը դես ու դէն կ՚մոլորի ու գահավէժ կ՚սաւառնի կ՚ընկնի, ո՞ւր, ոչ ոք գիտէ եւ նոյն պահուն թերեւս նորատի կոյս մը ակնապիշ կ՚հառաչէ։ «Ահ, որո՞ւն աստղիկն, որո՞ւն բախտն է այն արդեօք որ մարը մտաւ»։ Նոյնը կ՚ըսեն նաեւ բարեկամներդ եւ ակնդէտ կ՚դիտեն Զմիւռնիոյ ջուրերն` որպէսզի լուր մը առնուն։

Արդարեւ Ծաղիկդ ոչ արեւ էր, ոչ արշալոյս եւ ոչ մոլորակ, Ծաղիկդ ծաղկի պէս մարելու սահմանուած է այս աշխարհիս մէջ, ինչպէս որ կանցնին եւ հող կ՚դառնան անկից աւելի հոյակապ հիմնարկութիւններ. սակայն ամէն բան պարտի իր շրջանը կատարել պտղատու սերմ ձգել եւ այնպէս մեռնիլ: Այս է բնութեան օրէնքը նորածին սէր մը անմեղ սրտի մը մէջ սպաննելու, նոր ծլած բոյս մը բունէն կտրելու, նոր հարսն ու փեսան առագաստէն բռնի բաժնելու, ազատութեան համար ծնող ազգ մը գերութեան տակ ճնշելու չափ ոճիր մ՚է արդար սկզբունքի եւ ճշմարտութեան սաղմը վիժել տալը:

Բայց այս օրէնքը պահողը ո՞վ է, կ՚հարցընես ինձի ո՞վ արգիլեց Ծաղկիդ իր գարունը մտնելու եթէ ոչ բռնութեան սառն ձեռքը, բանսարկութեան մահաբոյր շունչն։ Այո, գիտեմ Ծաղկին դադարման շարժառիթը. բայց դու ալ քաջ գիտես որ ազատութեան թշնամիին մրցանակ մը շնորհած կ՚լինիս եթէ ծաղիկը նորէն չտնկես։ Արդեն խաւարասէր միտքեր անոր դամբանականը կ՚երգեն, եւ եթէ նա քանի մ՚անգամ տերեւաթափ լինելուն ինքզինք չորցած կ՚համարի, կամ քանի մ՚ուղիղ եւ ճշմարիտ խօսքեր հրատարակելուն` հայերը բաւական լուսաւորուած կ՚սեպէ ու խոր վիրապը կամ դափնեայ պսակներու մէջ հանգչիլ կ՚ուզէ, ո՛հ, չարաչար կ՚մեղանչէ: Այն որ անգամ մը ճշմարտութեան վահանը կուրծքը դրած ասպարէզ կ՚նետուի` պէտք է որ կամ յաղթէ կամ մեռնի: Եթէ յաղթութիւնը դժուարին է արդի նախապաշարմանց ապառաժին դէմ եւ մոլութեանց տղմին մէջ, պէտք է մեռնիլ։ Մեռնիլ` չէ թէ կռնակէ վէրք առնլով, այլ ճակատէ։ Ինչպէս հաւատքն` այնպէս սկզբունք մը նահատակուելով կ՚վերածնի, եւ եթէ այս ճշմարտութիւնն արեան գնով իրենց ընկերական եւ քաղաքական իրաւունքները ձեռք ձգող ազգերուն յայտնի անգամ չլինէր, հայերը պէտք էին քարոզել զայն անոնց, քանի որ իրենց հաւատքին կենդանի նահատակներն են եւ դարէ դար անոր շնչով կ՚վերածնին:

Ի՞նչ, կ՚ուզէի՞ր որ Ծաղիկը` տեսակ մը թերթերու պէս` անոգի գաղափարներու պաղուկ եւ անգոյն արեւին ներքեւ շողոմարարութեան եւ շահասիրութեան պղտոր եւ մնայուն լճակի մ՚եզրը բուսնէր եւ տատասկի պէս յարատեւ մնար` թէեւ անհամ եւ անհոտ։ ՉԷ՛, ես չեմ կարծէր։ Ուրեմն շո՛ւնչ առ, վերածնէ այն հաւատքով զոր արդարութիւնը կ՚ներշնչէ, Ծաղկիդ քիչ մը ազատութեան հով եւ պարարտ հող տո՛ւր, որպէս զի անոր կենսատու մասերն ոյժ եւ հիւթ առնլով կազդուրին եւ նորէն ծաղկին, եւ ինչպէս արեւադէտ ծաղիկը միշտ դէպի արեգական կ՚դառնայ, նոյնպէս դարձուր քուկդ դէպի ճշմարտութեան:

Մի զարմանար եթէ այս յորդորը կ՚կարդամ ես, ես որ երբեմն լռութեան եւ յուսահատութեան մէջ բռնութեան դէմ ապաւէն մը կ՚փնտրէի եւ կ՚խրատէի քեզ գրիչդ խորտակել քան թէ ճշմարտութիւնդ գունաւորել։ Վասն զի կ՚դիտեմ, որ աղէկ գեշ գրիչը միշտ հզօր զէնք մի է, թէեւ բռնութեան եւ մոլորութեան գլուխը մէկ հարուածով չկտրէ. վասնզի կ՚նկատեմ, որ գրելու անսահման ազատութիւն մը դեռ անհնար է ձեռք ձգել ընկերական այս շինովի դրութեան եւ իրարու հակասական եւ անբնական օրինաց մէջ: Մարդս արդարութեան եւ բնութեան օրինաց շաւղէն այնքան հեռացեր է, արտաքին սուտ ու մուտ կրօնական եւ քաղաքական պայմանագրութեամբ եւ ձեւերով իր ընդաբոյս նպատակն այնքան այլակերպեր եւ օրէնսդրական ու կանոնական բաւղի մը մէջ ինկեր է, որ ելք մը գտնելու համար զանազան ուղիներու մէջ մութին կ՚քալէ եւ երբ բարձրէն հանճար մը գոչէ «Ո՛վ մարդ, ահա այս է փրկութեանդ ճանբան» չհավատար. եւ ընկերութիւնը նոյն յոռի շրջանին մէջ կ՚պտըտի, կ՚ընկընի, կ՚ելնէ, արիւն քրտինք կ՚թափէ, եւ երանի թէ անոր յաջորդ սերունդը բանական լոյսը գտնէ:

Ուրեմն ի՞նչ ընել պէտք է այս դժուարին վիճակին մէջ: Լռութիւնը մահ կ՚սպառնայ, ազատ հրատարակութիւնը` պատիժ: Ահա երկսայրի սուր մ՚այն անձին համար, որ չմեռած ճշմարտութեան պսակը կ՚ուզէ տեսնել:

Այո՛, խօսելու եւ գրելու ժամը հիմակ է, բարեկամ։ Ազգին կենսական շահերն, եւ իրաւունքները վտանգի մէջ են։ Ազգային Սահմանադրութիւնը վէճի տակ ընկած է, էջմիածնայ գահն, այս ազգային վերածնութեան կեդրոնը, սեւ սուգի մէջ ընկղմած է: Աջապահեան հրէշ մը Սսոյ աթոռին վրայ իր ճանկերը դրած` ագռաւի պէս առջի կաթողիկոսին դիակին կ՚հսկէ. արիւնօծ սեւ Կաթողիկոս մը Վանայ բանտէն նոյնանուն ծովին վրայ աչք սեւեռած` Աղթամարայ աթոռը կ՚երազէ, Մուշի Գլակայ վանքը դիւահար միաբանութեան մը ձեռքը զինարան եւ աւազակաց որջ դարձած` Վարչութեան եւ Խրիմեանի դէմ շանթեր կ՚արձակէ, մինչդեռ Կարնոյ տէր Յակոբ դավաճանն` երէց… ծոցը հանգիստ կ՚նիրհէ։ Ազգին շահերուն պաշտպան եկեղեցականները կ՚բամբասուին, կ՚հալածուին, անբաստանեալ եւ յանցաւոր կրօնականներն առօք փառօք իրենց վիճակները կ՚դառնան եւ անպատիժ կ՚մնան… հաւատափոխութիւն եւ երկպառակութեան գուժաններ այլեւայլ գաւառներէ կ՚հասնին:

Այն, որ Հայկայ թոռն ու Հայաստանեայց զաւակը լինելուն կ՚պարծի` չկրնար անզգայ մնալ այս սպառնալից դէպքերուն եւ ապականութեան առջեւ, եւ ի հարկէ եթէ հիմա կ՚տրտնջայ եւ կ՚բողոքէ, ժամանակին ալ պիտի գործէ. սակայն այն որ ձայն ունի պէտք է, որ կանխաւ ազգային իրաւանց վրայ լուսաւոր շաւիղ մը գծէ, միտքն արթուն պահէ եւ իր գրիչն իբրեւ արդարութեան եւ վրէժխնդրութեան սուր մը մեր հայրենի տան եւ եկեղեցւոյն յայտնի եւ անյայտ թշնամեաց դէմ շողացընէ:

Է՛հ, թո՛ղ մեր գործադիր իշխանութեան գլուխը չէզոք դրութիւն մը պահէ, թող ազգային Վարչութիւնը Կիրակոսի եւ Թորոսի դատով զբաղի, թո՛ղ Ընդհանուր ժողովը յիսուն եւ մէկ հոգիով նիստ կազմէ, եւ բացակայ գտնուող երեսփոխաններէն համար չհարցընէ. թո՛ղ մեր քանի մը բարձր հոգեւորականներն իրենց փառասիրութեան ճարակ գտնելու հետամուտ լինին, թո՛ղ քանի մ՚ամիրաներ եւ պէյեր իրենց ապարանքին մէջ գաղտնի խորհուրդներ ընեն, եւ ազգային գործոց արգելք յարուցանելու ճգնին, թո՛ղ համամտութեան բարեկամներ` Ընդհանուր ժողովին դէմ քէն պահեն եւ իրենց ոխը մինչեւ սահմանադրութեան վերաքննութեան օրը սնուցանեն եւ միահեծան ազգային կառավարութիւն մը հաստատելու յուսով մխիթարուին, թո՛ղ մեր պաշտօնական ազգայինները նուրբ քաղաքականութեան սահմանները դեգերին եւ անտարբերութեան ու սնափառութեան լճակին մէջ լողան, փոյթ չէ՛, ազգային պատմութիւնն արդէն անոնց այս ընթացքն ի գիր արձանագրած եւ դատապարտութեան վճիռն արձակած է, հասարակութիւնն արդէն կշռելու եւ դատելու սկսած է եւ ապագային մէջ իր ընելիքն որոշած

Բարեկամ, այս կարեւոր կէտերուն վրայէն առայժմ թեթեւակի կ՚անցնիմ ուրիշ անգամ մանր տեղեկութիւն հաղորդելու յուսով։ Մինակ կ՚խնդրեմ որ օր առաջ Ծաղկիդ հրատարակութեան աւետիսն ինձի իմաց տաս, որպէսզի պատրաստուիմ։

ԺԸ

Կ Պոլիս, 1 յունուար 1866

Ի՞նչ է ժամանակը Շարժուն չափ մ՚անշարժ յաւիտենականութեան, ըսաւ կարծեմ Ժան—պ. Ռուսօ բանաստեղծը: Հապա տարի ըսուածն, այս չափին չափն ի՞նչ նշանակութիւն ունի: Է՛հ, ո՛չ ինչ. աննկատելի կէտ մ՚է յաւիտենականութեան անհուն հորիզոնին վրա: Աչքդ բաց ու գոնէ եւ ահա անցաւ այն, եւ ահա նոր տարի մը հասաւ: Սակայն բանական եւ անբան աշխարհն ի՞նչ այլակերպութիւններ, ի՞նչ յեղաշրջումներ կրեց արդեօք նոյն րոպէական շրջանին մէջ: Շրջան մը որ շուտ շուտ բոլորելովն` իր կեդրոնն ու շառաւիղն անտեսանելի կ՚գործէ. շրջան մը` որ մեզմով եւ մեզի հետ կ՚հոլովի, այս շրջանը, բարեկամ, տակաւին չենք կարող իր լրութեան մէջ ըմբռնել: Վասնզի մարդկային աչքն ամէն բանի միայն մակերեւոյթը կ՚նշմարէ, կ՚դիտէ միայն, որ իր նմանը տերեւի պէս կ՚ծլի, կ՚ծաղկի ու կ՚փշրի: Իսկ հոգին, այս երկնային շունչն, իսկ բնութիւնն, այս երկրային գաղտնիքն, ո՞վ կրնայ տեսնել եւ անոնց ներքին շրջանը չափել:

Եթէ հնար լինէր բարոյական մարդուն զուտ պատմութիւնն ի գիր առնուլ, եթէ հնար լինէր, բարեկամ, անոր գոյութեան լոկ միամեայ շրջանին մէջ կրած վիշտը, կսկիծը, խնդութիւնն, առտնին, ընկերական եւ քաղաքական յարաբերութիւններէ ստացած տպավորութիւններն եւ զգացումները մի առ մի եւ բնապէս նկարագրել, ո՛հ, այն ատեն նիւթապաշտ մարդիկ պիտի համոզուէին, որ շարժուն մարմնոյն զարգացումը, զոր քաղաքակրթութիւն կ՚անուանենք, փայլուն շպար մ՚է. օրէնսդրական գիրերն, որով անթիւ օրէնսգէտ եւ քաղաքագէտ ըսուած դասը կ՚սնանին, բնութեան օրինաց դէմ պատուար մ՚են, եւ մարդկային ազգը միմիայն բանական մեքենայ մը յօրինելու գործիքներ: Այո՛, այն ատեն մարդիկ հանճարի եւ հոգուոյ անզուսպ ուժովն, ամէն կապէ ազատ` աւելի շուտ պիտի դիմէին կամ պիտի վերադառնային իրենց վսեմ նպատակին եւ. քաղաքակրթութեան միակողմանի լապտերն իր ետին ահարկու ստուեր մը չպիտի թողուր օրինական բռնութեան, գերութեան եւ թշուառութեան ըրած անհամար նահատակներու եւ արիւնալից մարդկային դիակներու վրա:

Բայց ո՞վ գրած է եւ ո՞վ պիտի գրէ այսպիսի պատմութիւն մը: Միթէ այս երկրաչափական դարուս մէջ ամենէն նշանաւոր հանճարն` որ արծուի ակամբ իր եւ ընկերութեան հոգին եւ շարժումը կ՚դիտէ, բնական ճշմարտութիւն մը բացէիբաց երեւան հանելու ունակութիւնը կորուսած չէ՞։ Դարուս վարժ պատմագիրն անգամ ընկերութեան մէջ տիրած մէկ զեղծումը, մոլութիւնը նշաւակելու համար` ի՞նչպէս իր ոճը կ՚յղկէ, իմաստը կ՚սքօղէ, արձակելիք նետը զգուշութեան ջրով կ՚օծէ, եւ ստեպ վիպասանական գոյներով կ՚ներկայանայ: Այժմ պատմաբանը հիանալի դէպք մը կ՚պատմէ, եւ միամիտը կ՚հաւատայ, բանահիւսը ծաղկի մը փունջը կ՚երգէ եւ կոյսը զայն կ՚ընդունի, աստղագէտը մոլորակի մը հեռաւորութիւնը կ՚չափէ եւ մարդս կ՚ժպտի, իմաստասէրն անդադար ամէն բանին բունը կ՚փնտրէ, կ՚լուծէ ու կ՚վերլուծէ, եւ մարդս իր շահուն կ՚նայի. բայց մարդկային բնական իրաւանց կորուստը, ստրուկին աղէտքը, տարագրին հառաչանքը, հայրենազուրկ թշուառին արտսուքն ո՞վ նկարագրած ունի եւ ո՞վ պիտի նկարագրէ:

Այո՛, շատ դիւրին է, ըսել թէ հերուն` 1865 թուականը շնորհավորեցի Ծաղկիդ Մէլէս գետակին եզրն` եւ այս տարի ահա ուրախ զուարթ կ՚դիմաւորեմ զանի Պոսֆորի ափանց վրայ, սակայն ո՞վ պիտի յայտնէ ինձ թէ Ծաղիկն ի բանտի իրօք ի՞նչ զգաց, ի՞նչ մտածեց եւ ի՞նչ երազեց։ Շատ գոհ ես հարկաւ, որ բարեկամդ այս շնորհաւորական գիրը կ՚գրէ քեզ, սակայն ինչպէ՞ս ժտիմ իր հոգւոյն մէջ տիրած փոթորիկները բացատրել քեզի եւ մտացն երազները…:

Այո՛, պատմաբանը պիտի պատմէ քեզի թէ անմահն Լինքօլն իր նահատակութեամբն Ամերիկայի անկախութիւնը կնքեց գերութուան դէմ. թէ Բալմըսդրըն շքեղ բարձին վրայ հոգին փչեց, Անկլիոյ բախտին անիւն իր վարպետ քաղաքականութեամբն ըստ հաճոյս դարձուց եւ անոր ընտրական իրաւանց համար ըրած խոստումներն իր հետը տարաւ. թէ Ֆրանսա գոհ է Նափոլէօնի գահակալութենէն, որուն շնորհիւը մաս մաս կ՚վայելէ 93ին արեան գնով ստացած իրաւունքները. թէ Բրուսիա Պիսմարգ մ՚ունի, որ մեծին Ֆրէտէրիկի սուրի իշխանութիւնը կ՚ուզէ վարել քաղաքականութեան դիմակով եւ Գերմանիայի մանրացուցական դաշնակից պետերն իր ափին մէջ ամփոփել. թէ Աւստրիա մէկ աչքը դէպի Հիւսիս, միւսը դէպ ի Արեւմուտք դարձուցած` Մէթէրնիկի նուրբ խրատէն զուրկ` վիհի մը վրայ պար կ՚խաղայ. թէ Իտալիա իր ներքին կազմութիւնը լիապէս գտնելու համար հին կուռք մը գետին գլտորելու պէտքն օր օրի կ՚զգայ, թէ Հռովմ կ՚կոչուի միշտ Հռովմն անվրիպելին եւ անոր միակ թնդանօթը պիտի մնայ Անթոնելլին. թէ Ռուսիա` իր ուշադրութիւնն այժմ դէպ ի սառնապատ եւ վայրագ կողմերն ուղղած` մինչդեռ մէկ կողմէն Խօրասանի սահմանը կ՚արշաւէ, միւս կողմէն հին ազգի մը փրկութեան միակ խարիսխը, կաթողիկոսութեան հոյակապ գահը թափուր եւ ամայի գործելու համար Լազարէֆի մը փտուն եւ նկուն գրչով պատգամներ արձակելու կ՚խոնարհի. թէ Թուրքիա` Ապտիւլ-Ազիզ վեհազն վեհապետին արդարասէր ոգւոյն շնորհիւը` քաղաքակիրթ ազգաց շրջանին մէջ մտած է եւ ճնշեալ ազգաց ապաստանարանը կ՚հանդիսանայ. թէ Սպանիա դեռեւս միջին դարու` եւ Յունաստան` վաղեմի երկպառակութեանց ընթացքին մէջ կ՚յարատեւեն. թէ մայրաքաղաքիս հայերը Սահմանադրութեան Բ շրջանը մտան. թէ բնական կամ անբնական մահը հետզհետէ գրաւեց Աղթամարայ. Էջմիածնայ եւ Սսոյ կաթողիկոսները, թէ համաճարակ հիւանդութիւն մը շատ մարդիկ անդունդը գահավիժեց եւ սոսկալի հրդեհ մը շատ տուներ մոխրի վրայ նստեցուց. թե… այս եւ ասոր նման պարագաներ խմբագիր մը կամ պատմիչ մը պարզապէս պիտի պատմէ, սակայն, բարեկամ, այս պարագաներուն իսկական շարժառիթը, նա մանաւանդ ազգային կենաց միամեայ շրջանին ներքին շարժումներն ո՞վ պիտի պատմէ. թէեւ այս է ահա օգտակար պատմութիւնը մեզի համար, այս է այն ազգային թաքուն վէրքը` զոր մեր աչքն անզօր է տեսնել եւ դարման հայթայթել, այս պիտի լինի այն դասն որմէ դարերէ ի վեր զուրկ կ՚մնանք, թէեւ այս դարս մտքի, բանի եւ կրօնի ազատութեան դար կ՚անուանի: Բաբէ՛, սնոտի ձայն մ՚է հայուն համար այն ազատութիւնը` քանի որ յԱրեւելս` տգիտութիւնն անոր միտքը պաշարած է։ Հիւսիսի կողմը` բռնութիւնն անոր լեզուն պրկած է եւ ստորերկրեայ քաղաքականութիւն մ՚անոր կրօնական էութեանը կ՚սպառնայ, Արեւմտեան կողմը` սնափառութեամբ եւ փառամոլութեամբ կուրցած` իր ազգային արտօնութիւնները վայելելու համար բաւական խելք եւ հայրենասիրութիւն չունի:

Մի կարծէր, բարեկամ, որ մինակ տարեգլխի առթիւ հոգիս կ՚ճմլի եւ կ՚մաշի, երբ ազգին անցելոյն եւ ապագային վրայ, հին արքունական գահին եւ արդի մահարձանին վրայ արտասուալից աչքս կ՚դարձնեմ, ո՛հ, ամէն օր սուգի օր կ՚դառնայ ինձի համար, վասն զի, թող անցեալը, ներկային մէջ ամէն օր նոր կորուստ մը կ՚կրէ Հայն իր նշդեհ կենաց շրջանին մէջ: Այսօր թշուառութեան եւ ստրկութեան ապառաժին վրայ կ՚ծնի Հայը, վաղը կորստեան անդունդը կ՚գլորի եւ անոր տապանագիրն է` ազգուրացութիւն, անիրաւութիւն, յուսահատութիւն:

Յոյս մը միայն ունէր եղկելին, ա՛յն է Արարատեան Կաթողիկոսական աստղն, որ այժմ անլոյս եւ սգալից կ՚արտասուէ եւ իր զավակներն իր առաքելական ակնարկին եւ թեւին ներքեւ ամփոփելու համար կ՚տագնապի, որպէս զի անոնց գորովալիր եւ հոգեւորական սիրովը վերականգնի եւ փալփլի. մխիթարութիւն մ`ունէր նա, այն է իր հոգեւոր հովուին ձայնն` որ երբեմն պատերազմի դաշտին, հալածանաց եւ տարագրութեան մէջ իրեն խրախոյս եւ քաջալեր կ՚կարդար, եւ այժմ միայն բարձ եւ աթոռ փնտրելու համար կ՚լսուի. ակնկալութիւն մ՚ունէր նա, այն է ազգային Սահմանադրութիւնն, որ իբրեւ խաղալիք եւ մեռած տառ մը կ՚նկատուի…:

Այդ ի՞նչ դատապարտելի յուսահատութիւն է, այդ ի՞նչ անտանելի վհատութիւն է, պիտի պոռաս այժմ երեսիս: Ինչպէ՞ս կ՚յանդգնիս այս նոր տարւոյս սկիզբը չարագուշակ բուի պէս գուժելի ողբեր արձակել եւ ազգին արեւը բոլորովին մարած կարծել։ Միթէ կորա՞ն մեր տոհմային տունը, տաճարն եւ հոգին, միթէ ազգին վերաշինութեան յոյսն եւ ապագան կորա՞ն: Ո՛չ երբեք: Վասն զի, թէեւ, Սահմանադրութիւնը գրեթէ անգործադրելի կ՚մնայ, բայց ազգը սահմանադրական է. էջմիածնայ աթոռն որբ ու այրի կ՚մնայ, բայց ազգը ս. Լուսաւորչի առաքելական գահն իր սրտին մէջ կ՚կրէ եւ ուր որ կամի, ինչպէս որ կամի կ՚վերականգնէ զայն. այլեւայլ վանուց միաբաններ կ՚ապստամբին, կրօնականներ կ՚ապականին, բայց վանքերն ազգինն են եւ ազգն իր ծոցէն նոր նոր բանիբուն հոգեւոր հովիւներ կրնայ հաստել. տգիտութեան եւ թշուառութեան զոհերն ամէն օր կ՚շատնան, բայց ո՞ւր տգիտութիւն եւ թշուառութիւն չկան, ազգն ուսման ճաշակն առած` զարգանալու հակամէտ է եւ բողոքելու ձայն ունի։ Կրօնափոխութեան մոլութիւնդ հայկական միութեան հիմը կ՚քակէ, բայց ազգին կենսական ուժը բաւական է այն նողկալի հրէշը հաշմելու, ոսկիի եւ նշանի տէր հայեր օտար շահերու գերի են եւ ազգային իրաւանց անտարբեր, ու երբեմն մատնտու, բայց դարձեալ ազգը կանգուն է եւ անոր մանկտին հայրենասիրութեամբ եւ լուսաւորութեամբ սպառազէն վարժարաններէն գունդ գունդ դուրս պիտի թափին եւ վասակներուն ոսկեփայլ ճակատը Մերուժանի հրաշէկ պսակը պիտի կապեն… չէ՛, չէ՛, կ՚գոչեմ անվեհեր, յոյսս եւ հաւատս մեծ են Նախախնամութեան վրայ եւ այն Աստուածն որ Հայկայ սերունդը Թիմուրլանի եւ Ալբասլանի ձեռքէն ազատեց, անշուշտ զայն գեղեցիկ ապագայի մը սահմանած է…

Սրտմտութեանդ կ՚հաւանիմ, բարեկամ։ Արդարեւ Հայն աւելի սեւ եւ թշուառ օրեր անցուցած է: Պարսկին դաշոյնն, Արաբացիին թուրը, Յոյնին ծուղակը տեսեր է, խորտակեր է իրօք այն զէնքերն իր հաւատքին զօրութեամբը բարոյապէս յաղթական կանգնելով, մինչդեռ Հայաստան աշխարհն արեան, հրոյ, սրածութեան եւ շարժման մատնուած` նահատակաց ոսկորներու եւ փլատակներու կոյտ մը կ՚դառնար։ Ստոյգ է, որ հիմակ Հայն ազատ օդ կ՚շնչէ, կ՚ուսանի, ստակ կ՚շահի, Սահմանադրութիւն ունի. կ՚երեւի թէ կ՚քալէ դէպի յառաջադիմութիւն եւ առ երեսս նիւթապէս երջանիկ է. սակայն արի՛ համառօտիւ բաղդատենք արդի ընկերական եւ քաղաքական վիճակն առաջնոյն հետ:

Հին ատեն Հայուն կեդրոնն էր Հայաստան, Հայաստան էր իր նահատակութեան տեսարանը, Հայաստան էր իր գերեզմանն, եւ Հայաստանի եկեղեցին, փառաւոր յիշատակներն, աւանդութիւնները, սովորութիւնները, թշուառութիւններն իր հոգին միշտ վառ` իր առաքինութիւնը միշտ արթուն եւ պատրաստ կ՚պահէին: Հին ատեն Հայուն թշնամին յայտ յանդիման կ՚երեւեր: Յազկերտ մ՚անհամար բանակ մը ունէր. Վասակը Վասակ էր ամէն Հայու համար, Հայն իր արքունական գահը կ՚զոհէր եւ իր եկեղեցական գահը քարայրի մը մէջ կ՚պատսպարէր, եւ ազատ էր: Իսկ Եղիշէն անոր դիւցազնութիւնը կ՚երգէր եւ կ՚աղօթէր: Հայը թէեւ տկար մարմնով` մեծ էր այն ատեն հոգւով, վասն զի աստուածային վստահութիւնն ունէր։ Ահա անոր այս վստահութիւնը հասոյց զինքը մինչեւ այս դարս, բայց քանի քանի փոփոխութեամբ, կարող ես երեւակայել: Վասնզի քաղաքակրթութեան ջահն անոր աչքը շլացուց, կրօնից ազատութեան, ազգային ազատութեան խօսքը զինքը խաբեց, հարստութեան տեսիլը միտքը յափշտակեց, հանգստութեան երեւոյթը մարմինը թուլացուց եւ քաղաքականութեան տուած խոստումներուն վստահանալով` բացարձակ ձգեց իր տան եւ եկեղեցւոյ դռներն եւ ի խոր ննջեց իբր ծաղկեայ մարգերու վրայ, մինչդեռ նոյն պահուն թունալի իժեր քաղաքագիտի, հայրենասիրի, Մխիթարեանի դիմակով` անոր ազգային եւ հոգեւոր գոյութիւնը կ՚թունաւորէին, կ՚խայթէին, կ՚կրծէին, եւ կ՚կրծեն այնչափ, որ Հայը չդիմանալով ասկէ քանի մը տարի առաջ ելաւ քանի մը ազգային կանոններ շինեց եւ այս ժամուն աչքերը խոշոր խոշոր բացած հիացմամբ կ՚հարցընէ իւրովի թէ` ո՞ւր է, թէ` ո՞վ հեռացուց զինքն այն գահէն, որ այժմ ամայի է, ո՞վ այլակերպեց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ աթոռն որմէ ի վաղուց հետէ յարաբերութիւնը դադրեցուցած է…:

Ահա այս զարմանալի հարցման օրինաւոր պատասխան մը տալու պատրաստ եմ, պայմանաւ մը. այս պայմանն է ազատութիւն մը` զոր նամակս սկսելէն ի վեր կ՚փնտռեմ, որպէս զի Հայոց ոչ միայն արդի կենաց ընթացքը նկարագրեմ, այլ եւ այլ քաղաքսկան պարագաներն եւ շարժառիթներն, որով նոյն կեանքն այս կողմը փոքր ինչ կ՚շարժի, այն կողմը կ՚բուսնի եւ անդին նշանակութիւն անդամ չունի: Ահա այս ազատութենէն զուրկ եմ, բարեկամ, եւ կ՚ցաւիմ, որ այս զրկանքը նամակիս շփոթ ձեւին առիթ տուաւ…:

Երբ նոր տարւոյս հանդիսական ժամուն անցելոյն դառն յիշատակները, ներկային անստուգութիւնն, ապագային նսեմութիւնը սիրտդ կ՚վրդովեն եւ կ՚դրդեն զքեզ քանի մ՚ազատ խօսք հեռաւոր հայրենակցիդ հաղորդել եւ սփոփիչ, եւ երբ գրիչդ ձեռքդ կ՚առնուս, որ վստահութեամբ գրես, յանկարծ սատանայական ձայն մ՚ականջիդ կ՚փսփսայ, որ գրելու ազատութիւն չունիս, ո՜հ, այն ատեն, բարեկամ, խորհուրդներդ եւ զգացումներդ կապարի պէս սիրտդ կ՚իջնեն, աչքերդ կ՚ամպոտին, թուղթ ու գրիչ մէկդի կ՚նետես, կ՚հառաչես եւ կ՚արտասուես… ի՜նչ երջանկութիւն, լալու ազատութիւնը դեռ կ՚վայելենք...:


ԺԹ

Կ. Պոլիս, 13 յունուար 1866

Կաղանդն անցաւ եւ ահա բարեկենդան կ՚մօտենայ, դասի ժամանակը գնաց, հանգստի զանգակը կ՚զարնէ: Այսօր սուգ, վաղը խնդութիւն, միւս օր մահ, այս է մարդկային կեանքն։ Արդէն թռուցիկ պատանին հայլիին առջեւ ոստոստելով` պար, խաղ, սէր կ՚երազէ եւ ոսկիէ օղակով մ՚իր վիզը լծելու կ՚պատրաստուի: Սիրուն ու սմսեղուկ օրիորդը հօրը քսակն եւ եղբօրը թեւը կ՚շոյէ, որպէս զի անգամ մը պարահանդիսին ճանբան գտնէ, եւ այնուհետեւ` հայր, եղբայր, աշխարհ մոռնալով տատրակի պէս թրթռայ, սիրտեր կտտէ, ծակծկէ, մինչեւ որ ինքն ալ դաժան որսորդի մը հրացանին հանդիպի եւ քնքուշ փետուրները քսքսելով տուն դառնայ: Նորահաս եւ գեղանի կինն` իր ծերուկ մարդուն կունտ ճակատը փայփայելով անզգայ աչօք` բայց վառվռուն սրտով` աշխարհային բերկրութիւնները կ՚նկարագրէ, եւ չէ թէ իբր զբօսալի, այլ իբր հետաքրքրական բաներ առանց մասնակցութեան տեսնելու արժանի եւ անմեղ են, կ՚ըսէ, եւ ամուսնոյն դէմքին գծերուն վրայ նախանձու եւ սրտնեղութեան նշանները չտեսնելու կ՚զարնէ: Անզուսպ սիրահարը` կրակ ու բոց դարձած` սիրուհւոյն հետ ծիրանագոյն երազներ կ՚տեսնէ եւ հեռուն վարդեայ պսակ մը: Աղջիկն` իր հին բարեկամէն ձանձրացած նոր մը գտնելու համար իր շրթներն եւ այտերը կ՚գունաւորէ, եւ մարած աչերուն կայծեր արձակելու կ՚վարժեցընէ: Ամուրին` ամէն բարեկենդանի օրեր իր սրտին յարմար էակ մը շահելու տրամադիր` այս տարի ալ նոյն դիտաւորութիւնը կ՚նորոգէ, հագուստին նոր ձեւ, կոճակին ու երեսին նոր գոյն կ՚տայ եւ նորէն պար կ՚սորվի։ Որբեւարին` լուսահոգիին ըրած հաւատարմութեան ուխտը մոռնալով` իր դուստրը մարապետներուն կ՚ղրկէ, եւ արի ու աղւոր երիտասարդ մը, իսկ այրի մարդն ալ` նոր ու հարուստ իբր կոյս մը փնտրելու կ՚պատրաստուին, եթէ արդէն չեն գտած, այնու բարեմիտ ոգւով` որ իւրաքանչիւրն իրեն ողորմած հոգի ամուսնէն ունեցած զաւակը կրթելու կարող լինի…:

Սակայն մինչդեռ մարդկային սնափառութիւնը, յիմարութիւնը, պճնասիրութիւնը, մոլութիւնն իրենց օրն օր ընելու միջոցներուն վրայ կ՚խորհին, մանաւանդ երբ բարեկենդանի առթիւ կ՚նշմարեմ մութ սենեկի մը մէջ քաշուած անձ մը` որ իր որդիքը չորս դին առած չորաբեկ հաց մը կ՚կտրէ, անոնց կ՚բաժնէ ու բարեկենդան եւ ուրախութիւն ի՛նչ է չգիտէ, կ՚ըսեմ իւրովի. ուրախութիւնն անիրաւութիւն է: Երբ կ՚դիտեմ այս էակն, որ մանուշակի նման անտես կ՚բուսնի, կամ վտիտ յասմիկի պէս առտու իր իրկուն ցօղ ծծելու համար կ՚բացուի ու անդեն անլոյս ու անյոյս կ՚գոցուի, կ՚ըսեմ, անարեւ եւ անսէր կեանքը մահ է: Երբ կ՚նկատեմ հեռուն փափլուն լոյս մը եւ հսկող գլուխ մը թղթի մը վրայ ծռած, կ՚ըսեմ, հանճարն անմահութիւն է…:

Այս անիրաւութիւնն, այս մահն, այս անմահութիւնը մեր ազգին մէջ ալ չէ թէ միայն բարեկենդանի, այլ ամէն առթիւ կրնանք գտնել, եթէ լաւ մը քննենք անոր ընկերական վիճակը: Մէկ կողմէն ստրուկ հայն արիւն քրտինքով վաստըկած չոր հացն ու աղն իր գերեզմանին մօտ կ՚ուտէ, գետնախշտի կ՚ապրի, գազաններու հետ կ՚կենակցի, փափաք, ուրախութիւն, յոյս չունի, միւս կողմէն հայրենական զգացումէ զուրկ հայ կոչուող երիտասարդութիւն մը՝ թիթեռնկի պէս եւրոպական քաղաքակրթութեան ճրագին չորս դին կ՚թրթռի, անբարտաւան մեծատուններ` մարմարեայ պալատներու եւ ոսկեզօծ աթոռներու մէջ կ՚խրոխտան եւ կ՚օրօրին: Մէկ կողմէն հայկական պարզութեան եւ ընտանեսիրութեան մէջ սնած օրիորդներ` իրենց ընտիր եւ սիրալիր սրտին գանձերը Հայկայ ճշմարիտ թոռներու նուիրելու յուսահատ` կ՚հալին ու կ՚մաշին եւ ահ ու վահով իրենց սեւ օրը կ՚անցնեն, միւս կողմէն պճնասէր, օտարասէր հայ կիներ` եւրոպական հովեր կ՚առնուն, Եւրոպացիի հետ կ՚տեսնուին, քանի մ՚եւրոպական բառեր կ՚թոթովեն, Եւրոպայի ընտիր շորեր կ՚հագնին, եւրոպականին դիմակն ու շպարը միայն ունին, բայց հոտած սիրտեր, փտուն գլուխներ, անոգի մարմիններ են: Մէկ կողմէն ճշմարիտ հայեր, թէեւ թուով սակաւ, թէեւ նիւթապէս աղքատ, այլ մտքով եւ սրտով մեծ ու հարուստ` օրն ի բուն ազգին վիճակին վրայ կ՚խորհին, իրենց գլուխը, հոգին ու գրիչն անոր յառաջադիմութեան զոհելու պատրաստ են, միւս կողմէն հայ մարդիկ լոկ անձնական շահու, անձնական հանգստութեան եւ զուարճութեան համար կ՚ապրին եւ ազգային օգուտ, շահ, պարտք ի՛նչ է չգիտեն. ազգին կործանումն իրենց փոյթը չէ, բաւական է, որ օտարին տունը շէն ու կանգուն մնայ, որպէսզի անոր դռան առջեւ սողան ու ապրուստ, ստակ ու նշան մուրան:

Հայ մեծատունն իր ամբարտաւանութեամբը զթշուառ եւ տրտում հայը կ՚նախատէ. կինն` ինքնահաւան եւ օտարասէր բնաւորութեամբը համեստ ու զգայուն օրիորդին սիրտը կ՚խոցէ. շահամոլն ու իմաստակը հանճարին հսկումը կ՚ծաղրեն եւ ոսկիի, խաղի եւ կանացի զբօսանաց համար ոգի կ՚տան:

Բնական է, որ մարդս զբօսնու: Ինչպէս աշխատութիւնը նոյնպէս հանգիստն իր ժամն ունի։ Սակայն խաղ կայ, խաղ ալ կայ: Ամէն ժողովրդեան զբօսնլու եղանակն իրեն տոհմային բնաւորութեան յատուկ է: Հին ազգաց մէջ զբօսարանները միանգամայն կրթարաններ էին: Ոլիմպիական, Բիթէեան եւ այլն խաղերը մարմինը կ՚մարզէին, միտքը կ՚կրթէին: Սրընթաց ոտն մը, հուժկու ջիղեր, ամեհի նժոյգ մը, արագաթռիչ կառք մը, ներդաշնակ կին մ՚ունեցողը պարծանք էր եւ մրցման ատեն մրցանակը կ՚տանէր։ Ձիարշաւը, նետաձգութիւնն ասիական ժողովրդոց մէջ նշանաւոր էին: Բայց քանի որ մարդիկ բարակցան, նոր նոր խաղեր երեւան ելան, որը մէջ շահասիրութիւնը, սէրն, ապականութիւնն առատ առատ որսեր կ՚գտնեն, եւ միւս կողմէն ալ բռնական կառավարութիւնները խաղամոլութեան եռանդը կ՚արծարծեն: Երբ ժողովուրդը կ՚խաղայ, բռնաւոր մը թող հանգիստ խրկայ. բայց արի տես որ անխորհուրդ հայն, ինչպէս կ՚ըսէ թուրքի առակն, «Սրնգին ձայնը չառած կ՚խաղայ»: Կ՚խաղայ չէ թէ իր ներքին հոգերն եւ կսկիծները մոռնալու, ինչպէս գինով մ՚իր կորուստներն, այլ աշխարհիս յարմարելու համար, եւ բնաւ միտքէն չանցնիր որ գաղղիացի մը խնդալու եւ խաղալու ատեն ալ մեծ մեծ գործեր կ՚կատարէ, ինչպէս որ կ՚վկայէ Մօնթէսքիօ: Կ՚խաղայ նոր շղթայ մ՚իր վիզէն անցընելու եւ ընտանիք, զաւակ, ազգ եւ հայրենիք մոռնալու համար: Ազգային խաղ, երգ, տնական զբօսանք, բանիբուն անձանց մտերմական եւ հրահանգիչ ընկերութիւնը, հայ օրիորդներու զմայլելի ձայնն եւ դաշնակի հնչիւնն իրեն համար հրապոյր չունին: Աչքը դուրսն է։ Աղմուկ, վայնասուն, գինի, շնորհատու բամբիշը, բախտի խաղեր կ՚փնտրէ: Դերասանուհիի մը ծեփուած երեսը, փրփրալից բաժակին տեսիլը, խաղամոլին սեղանն անասելի հեշտութիւններ կ՚ազդեն իրեն, եւ առողջութիւն, հարստութիւն, կեանք, ամէն բան կ՚զոհէ զանոնք վայելելու համար…:

Չէ, այս տեսակ մոլի երիտասարդաց վրայ չէ ազգին յոյսն, որոնք դժբախտաբար օրէ օր կ՚աւելնան: Խոհական հայերը բարեկենդանը պարզ եւ անմեղ զբօսանաց օրեր կ՚համարին եւ չէ թէ հիմարութեանց եւ մոլութեանը ասպարէզ մը, գերեզման մը…:



*             Սէր-Վիչէն էֆէնտի: