Հայկական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻԶ

Կ. Պօլիս, 7 փետրուար 1866

Զմիւռին շարժման մէջ է‚ ըսավ Պարոյր՝ սեղան նստելով վերջապէս‚ Ոսկանեանը հոն է։ Ոսկա՛ն‚ այսինքն մտաց եւ գործոց մէջ յեղափոխութիւն։ Ո՛հ‚ ի՛նչ գեղեցիկ օր էր այն՝ երբ նա այս անգամ հայրենի հողն ոտք կոխեց։ Հայերն ելա՛ն ելան նստան։

Փ. Առաջնորդը մորուքին թելերը համրելու ատեն‚ Քաղաքական ժողովն որոշում մ՚ընելու ատեն‚ Ուսումնական խորհուրդը ծրագիր մը պատրաստելու ատեն‚ իմաստակ դասատուն ս. Մեսրոպի առջեւ անիմաստ դաս մը տալու ատեն‚ հարուստն ոսկիները կուտելու ատէն‚  վաճառականը փարթամ հակերը համրելու ատեն‚ կինն էրկանը համար սուտ մը պատրաստելու ատեն‚ օրիորդն իրենին համար ոսկեթել քսակ մը  հիւսելու եւ մազերուն մեկ շուտիկ գանգուրը մանիշակի մը հետ ականջին ետին խոթելու ատեն‚ եւ մանավանդ ս. Մեսրոպայ աչքը պաղելու ատեն՝ ահա Ոսկանն է երեւան ելաւ։ Վարդապետն իր մօրուքը, Քաղաքական ժողովն իր որոշումն, Ուսումնականն իր ծրագիրն, իմաստակն իր դասը, հարուստն իր ոսկին, վաճառականն իր առուտուրը, կինն իր ստի մատնոցն, օրիորդն իր գանգուրը թողուցին եւ Ոսկանին վեհ ճակատն ամէն բանէ վեր գտան, իսկ ս. Մեսրոպ իր թեւերն երկնցուց իր հարազատ զաւակը գրկելու եւ անոր ճակտին վրայ հայրական համբոյր մը դրոշմելու: Մինակ ինքնասէրն եւ նախանձը գոյն առին տուին եւ իրենց քթին տակէն խօսք մ՚ըսին:

Եւ յիրաւի Ոսկանին գալուստը նշանաւոր դէպք մ՚է մեզի համար եւ անոր արուած պատիւը թէեւ պզտիկ քաղքի մը շշուկը` բայց նշանակութեան արժանի: Զմիւռ եթէ քաջ չճանչէր գէթ ճանչել կը կեղծէ այն հանճարն, որ օտար աշխարհի մէջ սնաւ եւ հայրենեաց համար հսկեց եւ հալածում կրեց, որ օտարին ազատութեան սուրը քաշեց, ազգայնութեանց պաշտպան դրօշակիրը կանգնեցաւ անվեհեր եւ հայրենեաց համար գրեց եւ հառաչեց, այն հանճարն` որ փառք ու նշան զոհեց, մեծատունին տուած ոսկին երեսին նետեց, մատնիչին ձեռքը կտրեց, հայ ճիզուիդներու դիմակը խորտակեց եւ հայրենեաց համար լացաւ: Իսկ հայրենիք անոր անձնուիրութեան փոխարէն ի՞նչ ըրաւ. անզգայ կեցաւ, անըմբռնելի եւ կրակոտ է այն գլուխն, ըսաւ, եւ կերպով մը թշնամիին ձեռքը զէնք տուաւ։ Ոսկան աննկուն` ուրիշ զէնքերով եկաւ մաքառիլ մօտէն իր հայրենեաց ծոցն եւ գետին տապալել այն թշնամին, որուն անունն է տգիտութիւն: Եւ Ոսկան` թէեւ Արեւելք եւ Արեւմուտք շարժեց, բայց այս վերջին շարժումը գէր ի վեր արժեց…։ Կեցցէ՛ ուրեմն Ոսկան, անոր կենաց եւ նպատակին յաջողութեան, գոչեց յանկարծ Պարոյր, եւ բաժակը բաժակիս տրէնկ տրէնկ զարնելն եւ գինիին տնկելը մէկ ըրաւ:

Բարեկամ, այդ ի՞նչ լեզու է… համբերէ, որ ես ալ բառ մ`ըսեմ այն ընտիր յայտարարութեան վրայ, որով Ոսկան ուսումնասէր ընկերութեան բեմին վրայ ելած` Զմիւռի հայերն ողջունեց եւ իր հիմնադրովը: Քաղաքական ժողովը յասպարէզ կոչեց, եւ երբ Քաղաքական ժողովը զինաթափ եկաւ ու ըսաւ, պարոն, ինչո՞ւ կ՚զինիս եւ մեզի դէմ պատերազմի ultumatum մը կ՚արձակես, մեր նպատակը նոյն է, թէեւ միջոցները տարբեր, դու գրիչ եւ լոյս ունիս, մէք մելան եւ ոյժ, ուրեմն հաշտ ենք, Ոսկանը` բանակն, այն Է ժողովուրդն ետ քաշեց եւ սուրբ Մեսրոպի տան դուռը զարկաւ

Աղբեր, հիմա ամէն բանի իլիկը ծլիկը քննելու ատեն չէ. մտքի յափշտակութեան, սրտի վրդովման եւ գինիին հետ պէտք է որ ամէն բան շուտ շուտ դառնայ որ հրապոյր տայ: Այս միջոցիս խօսքը պզտիկին եւ ջուրը մեծին է, ինչպէս գիրն Ոսկանին եւ անոր թուղթն Ուսումնասէր ընկերութեան, վարդին կոկոնը թշուառին եւ փուշն երջանկին: Պարպենք այս բաժակն ալ մեր ուսումնասէր հայրենակիցներու լուսաւորութեան, օրիորդներու ազատութեան եւ կարգուած մարդերու զգաստութեան համար։ Եթէ ամէն բանի մեկնութիւն տալու եւ բարակը փնտռելու լինինք` ոչ պուտ մը գինի եւ ոչ պատառ մը հաց ճաշակելու ժամանակ կ՚ունենանք:

Այդ ի՞նչ հանած վարած տղայ մը եղեր ես դու, Պարոյր, մէկ աչքդ լալու ատեն միւսը կը խնդայ, լեզուդ թրթռալու ատեն միտքդ կը խոկայ Կ՚խնդամ, որովհետեւ տրտում եմ, պոռաց Պարոյր, լեզու կ՚կտրեմ, որովհետեւ սիրտս լիր ու լռին է, եւ ահա մարդիկ են, որ զիս այսպէս կեղծ ու պատիր ըրին: Երթալով սեւը ճերմակէն, գեղեցիկը տգեղէն, անուշը թթուէն չեմ կրնար զանազանել թէեւ կ՚ըզգամ։ Ամէնքը մի եւ նոյն շպարը քսուէր են: Ընկերութիւնը մտքիս եւ սրտիս ուղղութիւն եւ բերնիս համը փոխեց: Արդարութեան, ճշմարտութեան, առաքինութեան եւ ազատութեան վրայ դպրոցը սորված դասերս ծրարած րաֆը դրած եմ: Արդի բանուկ դրամը սատանայութիւն, շողոքորթութիւն, յանդգնութիւնն ու ոսկին է: Եթէ ասոնք ունիս` մեծ մարդ ես եւ աշխարհին կռնակը կ՚հեծնես, եթէ չունիս` կովականջ ես եւ վիզդ մինակ լծի յարմար: Ո՞վ է ամերիկացին, անկլիացին, գաղղիացին, եթէ ոչ մարդիկ մեզի պէս: Ինչո՞ւ մեծ ազգեր կ՚ըսուին, որովհետեւ իրենց արժանութիւնը կ՚ճանչեն եւ ուրիշներու ալ յարգել կ՚տան: Այն ոգին չկայ մեր մէջը, հայերը կ՚ուզեն մինակ կուրօրէն պահել այս խրատն, երբ թշնամիէդ ապտակ մ՚ուտես, դարձուր միւս երեսդ: Աղբեր, հայը թշնամիին երես տալէն երեսը մաշեցաւ ու դեռ երես ունի ինքզինքը մարդ կոչելու: Կարելի է հրեշտակ է, բայց հրեշտակը թեւեր ունի, մինչդեռ մեր համետը կ՚տեսնուի: Ոճս կոշտ է, թէեւ արդէն գիտես որ համետն ու գինին շատ մարդավար ու նրբամիտ չեն… Բայց դու ի՞նչ կեանք կ՚անցընես այս տեղ, միթէ միայնա՞կ ես գլխովին թէ ոչ ըսեմ քեզի հեղինակի մը հետ, nun quam minus solus quam cum sօlus.

Հիմա ազատ ես բերնիդ եկածը դուրս տալու, երբ իմ կարգս գայ` ես ալ պիտի խօսիմ, ըսի Պարոյրին, եւ մինչդեռ անոր կենացը գինի մը կ՚առաջարկէի տան դուռը զարկին եւ մեզի նամակ մը բերին:

ԻԷ

Կ. Պոլիս, 10 ապրիլ 1866:

Ազգային թերթերն` իւրաքանչիւրն իր յատուկ տեսութեան եւ ոգւոյն համեմատ մարտի 20-ին պատահած վարչական պատահարը մեկնեցին եւ ի պաշտօնէ ալ հրատարակեցին, ինչպէս որ արդեն պատմեցի: Այս պատահարին մէջ ոմանք հին դրութեան արշալոյս մը, ոմանք փրկութիւն եւ ոմանք վտանգ տեսան։ Իսկ հասարակութիւնը լուռ կեցաւ: Այս լռութիւնն, ըստ իս, աւելի նշանակութիւն ունի քան թէ այն դիտողութիւններն` որոց շարժառիթը կամ պաշտօնական շուքն է, կամ անձնական շահը, կամ գրական շողոքորթութիւն մը եւ կամ սահմանադրական անհեթեթ եռանդ մը: Վերին եւ ստորին յեղաշրջումի ատեն ճշմարտութիւնն երեսը կ՚պահէ, իր սովորական բնակարանը, հօրը կ՚իջնէ ու ասպարէզը բաց կ՚թողու ենթադրութիւններով, կասկածներու եւ հնարագիտութեան:

Ահա ամէն բան նորէն առ ժամանակեայ, ամէն բան անկայուն (anormal) դրութեան մէջ ինկաւ: Հայ ժողովուրդն, եթէ աչք ունի, ակնդէտ կ՚սպասէ տեսնելու թէ մարտի 20ն ի՞նչ արդիւնք պիտի բերէ: Հայ պատմիչն, եթէ կայ մեր մէջն, գրիչ ի ձեռին անոր ներքին պատճառները կ՚ստորագրէ, եւ ճերմակ թուղթ մը բաց կ՚թողու անշուշտ ապագայիս համար: Այս պարագայիս մէջ ի հարկէ նոյնը պիտի ընէ եւ Ծաղիկն, որ շինովի տաքութեան մը ներքեւ չկրնար բացուիլ…:

Եթէ «նպատակը կ՚արդարացընեն միջոցները» ըսուած գրութիւնն ընդունուի, կ՚ընդունուի նաեւ 20ին պատահարը: Սահմանադրական ազգերու պատմութեան փոքր ի շատէ տեղեակ եղող անձը շուտով չզարմանար եւ չփրփրիր հակասահման ընթացից վրայ, ինչպէս նաեւ չվրդովիր այն, որ իրեն միակ ուղեցոյց ընտրած է տգիտութիւնը, կամ ինքնասիրութիւնն եւ կամ անտարբերութիւնը:

Շատ անգամ տեսնուած բան է, որ ընդհանրութեան շինած օրէնքը մէկ, երկու, երեք հոգի արաթուր կոխեն, թող այն օրէնքն, որ այս կ՚օրինակէ ու այն կ՚աւրէ…:

Սակայն բնաւ տեսնուած իրողութիւն մը չէ, որ օրէնքի մը հեղինակն իր շինած օրէնքը քանդէ, ըստ որում օրէնսգիրը կը դադրի իր հեղինակութենէն այն օրէն, որ օրինագիրն ընդհանուրին հաւանութեան կնիքը կ՚ստանայ, ըստ որում օրէնսգիրն անձնականութիւն չունի եւ օրինաց առջեւ իր Եսը կ՚ջնջուի:

Երբ Լուի ԺԴ կօշիկ յոտն եւ մտրակ ի ձեռին Բարիզի ժողովարանը կ՚մտնէ եւ գոչէ, «Պետութիւն` ես եմ»: Երբ Գրոմվէլ աւետարան ի ձեռին եւ մոլեռանդ բանակ մը քամակը ձգած` Վէսմինսդր կ՚արշաւէ եւ Անկլիոյ երեսփոխանները դռնէն դուրս կ՚արտաքսէ, երբ Նափոլէօն թիկնապահ զօրքն ի պահեստի դրած` Սեն-Գլուի խորհրդարանը կը կոխէ եւ ազգային երեսփոխանները պատուհաններէն կ՚փախցընէ, իսկոյն մեծ արքային, կեղծաւոր պաշտպանին, փառամոլ զօրապետին ոգին եւ նպատակը կը թափանցեմ, եւ չեմ կրնար երեւակայել որ, եթէ երբեք իրենց գործոց օրինաւորութեան գոյն մը տալու համար օրինագիր մը դարբնեն, սոյն օրինագիրն իրենց բռնական կամաց արտայայտութիւնը չլինի: Երբ կ՚դիտեմ, որ Պիսմարգ մը ազգային ժողովարանը կ՚փակէ, չեմ զարմանար, այլ եթէ նոյնհետայն իբրեւ ինքնընտիր օրէնսդիր օրէնք պատրաստէ այն ժողովրդեան համար, որուն սահմանադրական իրաւունքը կ՚բռնաբարէ, խնդուքս կ՚բռնէ:

Սակաւն երբ կը տեսնեմ, որ արդարն Արիսդիտ իր հեղինակած եւ ժողովրդեան կամօքը վաւերացած օրէնքին առաջին հարուածն ինքը կրելով, ոստրէի կանոնին ուժովն Աթէնքէն կ՚աքսորուի եւ լռելեայն կը հնազանդի, Արիսդիտին մեծ հոգւոյն առջեւ ծունր կը դնեմ եւ կը գուշակեմ որ ժողովուրդը, ժողովուրդը միայն պիտի մեղմէ այն ծանր օրէնքը:

Առարկել թէ` որեւէ անձ մը կրնայ առ ոտն կոխել ըստ օրինի վաւերացեալ օրէնք մը, պատճառելով, որ գործադրութիւն, ոյժ կամ օգուտ չունի, անօրէնութեան եւ անիշխանութեան դառնալ է:

Որովհետեւ ազգային Սահմանադրութեան բոլոր տրամադրութիւնները չէին գործադրուէր մարտի 20ն անհրաժեշտ էր ըսելն այնքան ճշմարիտ է, որչափ ճշմարիտ է ըսելը թէ` որովհետեւ 1860ին Սահմանադրութիւնը մինակ ազգովին վաւերացած էր, պէտք էր զայն կործանել, կամ որովհետեւ 1863ին տիրովին վաւերացած Սահմանադրութիւնը բոլոր հայոց երեսփոխանութեան կողմէն քննուած եւ վաւերացած չէր, իր գործադրութեան օրէն անվաւէր էր: Այս տեսակ առարկութեամբ հոգելոյս Սարգիս սրբազանը կ՚արդարանայ, ինչպէս կ՚արդարանան նաեւ մարտի 20ն եւ անոր բոլոր հետեւութիւններն: Իսկ մինչեւ ցայսօր Սահմանադրութեան անուամբ եղած բոլոր որոշումներն եւ ընտրութիւնները կ՚ոչնչանան, եւ ազգին մէջ գտնուած զանազան կուսակցութիւնները թեւ եւ ոգի կ՚ստանան ըստ հաճոյս մեկնելով այս պարագաները:

Արդ` այս յոռի շրջանէն ազատելու միակ ճար մը կայ, այն է, հրատարակել բացէ ի բաց թէ ազգային Սահմանադրութիւնն ի բնէ անտի վիժած մարմին մ՚էր եւ թէ ազգը յարքունուստ շնորհուած արտօնութիւնները վայելելու եղանակը չգիտէ: Սակայն միւս կողմէն անուրանալի է, որ Սահմանադրութիւնն ի ծնէ հասուն եւ կատարուն օրինաց ներդաշնակութիւն մը գէթ չէր կրնար լինիլ: Ամէն մարդկային գործ, ինչպէս նաեւ օրէնքը թերակատար կ՚լինին ի սկզբան, հետեւապէս փոփոխական, եւ ժամանակին ոգւոյն համեմատ կ՚կատարելագործին:

Երեք չորս տարիէ հետէ Սահմանադրութեան քայլերը նկատող հայն այսօր համոզուած կ՚երեւի թէ անոր հիմնական սկզբանց ոգին չտիրէր անոր մէջ, թէ շատ մը տրամադրութիւններ կ՚պարունակէ այն, որ լոկ տեսական են եւ գործադրութեան պայմաններէ զուրկ, շատ մը կէտեր կ՚պարունակէ այն, որ կամ մութ ու հակասական են եւ կամ ազգին անյարմար, կան յօդուածներ, որ օրինաւոր դասակարգութեան կարօտ են:

Ահա ազգային Վարչութիւն մը որ իր ժողովներովն եւ խորհուրդներովը հանդերձ` երեք հարիւր հոգիէն աւելի ձրի անդամ կ՚պահանջէ: Ահա ընդհանուր ժողով մը, որուն պատասխանատուութիւնն անստոյգ, հեղինակութիւնն անորոշ, իսկական պաշտօնը տարտամ, պարտաւորութիւնները քմածին եւ յարաբերութիւններն անճշգրիտ եւ անսանձ են: Ահա կրօնական ժողով մը` որ գրեթէ եկեղեցականաց դասէն կ՚ընտրուի, անդադար իրաւասութեան խնդիրներ յարուցանելու վիճակին մէջ կ՚գտնուի, եւ որ մեծն է, մեր եկեղեցուոյ կանոնաց հակառակ Էջմիածնայ մայր Աթոռին հետ հարատեւ հաղորդակցութիւն չունենալուն` Տաճկաստանի հայոց մէջ անկախ եւ անպատասխանատու մարմին մը կ՚կազմէ: Ահա քաղաքական ժողով մը` որ ոչ օրէնսդրական է, ոչ գործադիր իշխանութիւն մ՚է եւ ոչ էապէս ատեան մը կամ դատարան, այլ երեքին մէջ երերեալ բան մը: Ահա գործադիր իշխանութեան գլուխ մը` որ խաչը սուրին հետ կ՚գործածէ: Ահա ազգային կրօնական եւ քաղաքական խնդիրներու ընդհարում մը` որ այս կամ այն կողմին ձեռքը վէճ եւ գժտութիւն յարուցանելու գործիք մ՚է, քանի որ քաղաքական եւ կրօնական իրաւասութեան սահմանները գործնապէս որոշուած չեն: Ահա անհամար թաղական խորհուրդներ, որ վարչութենէ գրեթէ անկախ դիրք մը բռնած դիմագրաւ կ՚կենան: Ահա գաւառական վարչութեանց, կազմութեան եղանակ մը, որ իրօք բաւիղ մ՚է, ուսկից վաթսունէն աւելի առաջնորդական վիճակներ չեն կարող ելնել: Այս եւ ասոր նման թերութիւններ, զորս մի առ մի բացատրել աւելորդ է, Սահմանադրութեան մէջ կան եւ փորձառութիւնն օր օրի երեւան կը հանէր զանոնք պիտի ըսուի, սակայն կար նաեւ Սահմանադրութեան մէջ վերաքննութեան յօդուած մը: Այս յօդուածն ապագային մէջ կատարելագործութիւն աւետող պահակ մ՚էր, մարդկային օրինաց յառաջադիմութեան վաւերական վկայութիւն մ՚էր եւ մանաւանդ յարմար կամ անյարմար օրինաց ցպայմանաժամն տրուելիք յարգանաց պահանջում մը…:

Սակայն Սահմանադրութիւնն աղէկ գէշ, ինչպէս երեք տարի առաջ նոյնպէս մարտի 20էն առաջ կ՚քալէր:

Սակայն ինչո՞ւ մարտի 20ը, 1864ին, կամ 1865ին մարտի 20ին չպատահի եւ 1866 մարտի 20ին պատահի:

Սակայն եթէ Սահմանադրութիւնը թերի էր, միթէ նոյն թերութիւնները չունէ՞ր նաեւ ասկից քանի մը տարի առաջ եւ միթէ կարելի չէ՞ր տարի մը եւս համբերել…

Սակայն միթէ միայն այս թերութիւննե՞րն էին պատճառ Սահմանադրութեան թերի գործադրութեան. միթէ ժողովրդեան անտարբերութիւնն, ազգային երեսփոխանաց մէկ փոքր մասին տիրապետական հակումները, հակառակութեան եւ հեղինակութեան փափաքն, անձնական կիրքն եւ ի վերջէ Սահմանադրութեան անթերի գործադրութեան համար առաջի Աստուծոյ եւ ազգին հանդիսապէս ուխտ ընող ազգային պաշտօնէից ուխտադրժութիւնն եւ պարտազանցութիւնն ի համար առնելու չէ՞: Միթէ կրօնական իրաւասութեան խնդիրն, ինչպէս երբեմն սուրբ Երուսաղէմի խնդիրը, դաւադրութիւ՞ն մ՚էր Սահմանադրութիւնը գահավիժելու, թէ ոչ վերականգնելու…:

Ժամանակն եւ պատմութիւնն այս հարցումներուն պատասխանը պիտի տան:

Այս իրաւ է, որ մարտի 20ը չորս տարի յետս կ՚ընկրկէ ազգն: Ի՛նչ որ 1862ին տեսայ` նոյնը կը տեսնեմ եւ 1866ին, այս տարբերութեամբ, որ անսահմանադրականը սկզբունք մը` աղէկ գէշ ունէր, սահմանադրականը ցցուց, որ չունի: Սահմանադրականն իր ձեռօքն անսահմանադրականը պսակեց: Պարագաները նոյն, անձինք դեր փոխած են: 1866ը 1862էն ազգային գործերու նկատմամբ մինակ այս զանազանութիւնը կ՚ընծայէ, որ նոյն միջոցին ազգային նոր նոր պիտոյքներ եւ խնդիրներ ծնան եւ գրեթէ անդարման եւ անլուծանելի մնացին եւ կ՚մնան, կաթողիկոսութեան կենսական խնդիրը ծնաւ եւ այն ինչ շունչ մը առաւ եւ անդեն անդամալոյծ դարձաւ թէեւ այս անդամալոյծն` որ պահ մը Սահմանադրութեամբ ոգի առաւ, ազգն եւ Սահմանադրութիւնը պիտի ազատէ իր ներքին երկնային շնչովն, եւ զօրաւոր մղիչ մը պիտի չինի կործանածը վերականգնելու, միայն թէ կաթողիկոսի ընտրութիւնն ըստ ամիրայական վաղեմի սովորութեան չորս պատի մէջ չորոշուի եւ ասով չհաստատուի այն կարծիքն ալ թէ` կաթողիկոսութեան խնդիրը սպաննելու համար Սահմանադրութիւնը կ՚սպաննեն:

Իսկ մտաց մէջ տեսակ մը վհատութիւն տիրեց եւ պօլսեցուոյն այս օրէնսդրական կատակը հեռաբնակ եւ գաւառաբնակ հայուն աչքին հանելուկ մ՚երեւցաւ, որուն բանալին ընդ ունայն փնտրելու վրայ է:

Որքան եռանդով եւ յոյսով որ 1863 մարտի 17ին կ՚սպասէինք, նոյնչափ ահ ու դողով կ՚սպասենք նոր թուականի մը: Ասի այնչափ ստոյգ է որչափ ստոյգ է, որ գրեթէ միեւնոյն անձերէ կ՚կազմուի օրէնսդիր Մասնաժողովը:

Ազգին բախտն այս օրէնսդիր Մասնաժողովին ձեռն է: Զօրավոր են այս ձեռներն, եւ ինչպէս Սահմանադրութիւնը` շինելէն ետեւ կախել (suspendre) անշուշտ վերաշինել ալ գիտեն:

ԻԸ

Կ. Պոլիս, 11 ապրիլ 1866:

Մովսէս Սինա լեռը կ՚ելնէ, Աստուծոյ հետ կ՚բանակցի եւ անկի օրինաց պատգամներ կ՚արձակէ հրէից:

Մինոս եւ Նումա քարայրը կ՚իջնեն եւ մին կրետացուոց, միւսը հռովմայեցուոց օրէնք կ՚հաղորդեն դիցուհիներու բերնով;

Լիգուրկոս նախ թագաւորութենէ կ՚հրաժարի եւ ապա սպարտացուոց խնդրանօք օրէնսդիր կ՚կանգնի:

Տրաքօն` իբր արքօնդ` արիւնալի կանոններ կ՚հաստատէ, Սօլօն` բարձ ու գաւազան կ՚թողու եւ իբր քաղաքացի աթենացուոց ընտիր օրէնսդրութիւն մը կ՚աւանդէ եւ անոնց պահպանութեան երդումն առնելով` կ՚ձգէ իր հայրենիքը կ՚մեկնի:

Իսկ Ֆրանսայի Սահմանադրական ժողովն ի լուր աշխարհի մարդուն իրաւունքը կ՚հրատարակէ:

Տարբեր ժամանակ, տարբեր սովորութիւնք:

Աստուածապետութիւն, Միապետութիւն, Սահմանադրութիւն։

Այս երեք բառերուն մէջ դարեր կան…

Մեր դարու օրէնսդիրն ոչ երկնի, ոչ դիցուհիի եւ ոչ սատանայի հետ կ՚ուզէ բանակցիլ օրէնք հաստատելու համար, այլ ժողովրդեան ոգւոյն, բարուց եւ վարուցը հետ կ՚խօսի եւ արդարութիւնն եւ բարոյականը հիմ բռնելով` ամէն մարդու, հետեւապէս ազգային իրավանց եւ պարտուց փոխադարձ յարաբերութիւններու օրէնքը կ՚հաստատէ:

«Օրէնսդիր մը, կըսէ Ռուսօ, պէտք է որ գերագոյն հանճար մը լինի, որ մարդկան շարժիչ կիրքը տեսնէ անոնց անհաղորդ մնալով, որ մեր բնութեան բնաւ յարակցութիւն չունենայ, բայց եւ այնպէս զայն քաջ ճանչէ, որ անկախ կացութեան տէր, գերմարդկային էակ մը, Աստուած մը լինի»:

Ռուսօյին այս կարծիքն ամենայն մասամբ չընդունուիր: Չեմ կրնար ըմբռնել, որ մարդկային ընկերութենէ դուրս եւ անոր ոգւոյն եւ բնութեան օտար անձ մը, հրեշտակ մը մարդու օրէնք տալու կարող լինի:

Այս դրութիւնը բռնութեան եւ տգիտութեան դարերու կ՚տանի զմեզ: Շատ օրէնսդիրներ ատեն մը Աստուծոյ կողմէն օրէնք տուին ազգերու, անհուն եւ գերագոյն Էին անունը շատ անգամ բռնութեան դրօշակին վրայ գրուեցաւ, շատ անգամ խաչը մարդոց ձեռքը սուր դարձաւ եւ դեռ կ՚դառնայ ցարդ…:

Այս կ՚ընդունիմ, որ օրէնսդիրն ազատ, մինակ արդարութիւն սիրով վառ, որեւէ նախապաշարման եւ կուսակցութեան անմասն, օրինաց հմուտ, աւանդութեանց եւ սովորութեանց տեղեակ չինի. եւ անձնականութիւն, անուն, փառասիրութիւն զոհէ այն սրբազան իրաւանց եւ շահուց առջեւ որոց պահպանութիւնն օրինապէս ապահովելու եւ զարգացնելու պաշտօնն ազգովին իրեն աւանդուած է: Այլ կ՚ընդունիմ, որ բուն մարդ լինի մարդերու օրէնք տուողն, եւ մարդիկ լինին մարդուն շինած օրէնքը հաստատողն, ինչպէս որ նոյն Ռուսօն, որ շատ անգամ անուրջը ճշմարտութեան եւ ուղիղ սկզբանց հետ կ՚խառնէ, իրաւամբ կ՚ըսէ. ՄԻՆԱԿ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐԻՆ ԿԱՄՔԸ Կ՚ՊԱՐՏԱՒՈՐԷ ՄԱՍՆԱՒՈՐՆԵՐՆ ԵՒ ԿԱՐԵԼԻ Չէ ՍՏՈՒԳԵԼ ՈՐ ՄԱՍՆԱԿԱՆ ԿԱՄՔ ՄԸ ՀԱՆՐԱԿԱՆԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ է, ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ԱՅՆ ՄԱՍՆԱԿԱՆԸ ԺՈՂՈՎՐԴԵԱՆ ԱԶԱՏ ՀԱՒԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉԵՆԹԱՐԿԻ:

ԻԹ

Կ. Պօլիս. 23 ապրիլ 1866:

Ահա կը դառնամ Պարոյրին:

Հետաքրքիր ես իմանալու թէ ինչ վերջ ունեցաւ մեր տեսութիւնը։ Պարագաներն այնպէս բերին, որ պահ մը կտրեմ անոր հետ ունեցած խօսքիս թելն եւ ազգային քանի մը խնդիրներ շոշափեմ: Սակայն մի կարծէր թէ Պարոյրն ալ խնդիր մը, վէպ մը, կամ դէպք մ՚է, ինչպէս Վիկթօր Հիւկօ կ՚ըսէ Միրապօյին համար: Պարոյրը զուտ Պարոյր մի է, որ բարեկենդանի առթիւ Պոլսի դիմակները տեսնելու եւ զբօսնելու յուսով մայրաքաղաքս կ՚դիմէ եւ բան սորվելու փորձանքին հանդիպելով իր հետը տխուր յիշատակ մը կ՚տանի հայ մարդերու եւ հայու գործերու վրայ:

Ռուսօ ճամփորդութիւնը դաստիարակութեան լրացուցիչ մասը կը համարի: Իր էմիլը Սօֆիին հետ սրտով կ՚ապելէն ետեւ` աշխարհիս մէջ կ՚նետէ, որ ժողովրդոց բարքը վարքը քննէ, դատէ, նեղութիւն կրէ եւ ապա դառնայ Սօֆիին պսակին արժանանայ. այն Սօֆիին` որ թէեւ գեղանի չէր, բայց գեղանի օրիորդներու նախանձը կ՚շարժէր, այն Սօֆիին, որ իր սիրահարին տարակայութեան ատեն հաւատարիմ մնաց…

Հայաստանի մէջ ալ կայ այս սովորութիւնը, թէեւ շարժառիթը տարբեր: Երբ հայ պատանին հայրենի տանիսէն հեռանայ, չէ թէ կրթուելու, այլ ապրուստ ճարելու մտօք, թէեւ ստեպ ձախորդութիւն կ՚գտնէ, ընտանեաց խորհրդովը կ՚նշանուի օրիորդի մը հետ, որ աչքն ետին լինի. իր բնիկ երկրին օդը, ջուրն, երկինքը, ծաղկաւէտ հովիտները յիշելու ատեն ասոնց մէջ ծլած շուշանն ալ յիշէ եւ վերադառնալու փափաքը հոգւոյն մէջ տածէ: Բայց բաբէ՛, շատ անգամ շուշանը հողմահար կը չորնայ սիրահարը չտեսած, շատ անգամ վայրի քիւրտն անմեղ ծաղիկն ոտնահար կ՚ճզմէ եւ անոր տեղ տատասկ մը կ՚թողու… շատ անգամ նաեւ տարագիր հայն իր սիրուհին կ՚մոռնայ, իր հօրենական տնակը խիստ ստորին եւ անշուք կ՚գտնէ, եւ մինչդեռ ճոխութեան յոյսերով շլացած կ՚օրօրի` յանկարծ թշուառութեան անդունդը գլորելով կ՚յիշէ, բայց շատ ուշ, իր սիրական հայրենիքն եւ կ՚հառաչէ լալագին…:

Իսկ մեր կողմի հայերն իրենց զաւակներն Եւրոպա ղրկելով կարծես թէ այս պատուէրը կ՚աւանդեն անոնց. «Տղայ, ջան ի գործ դիր իբրեւ սին եւ անօգուտ բաներ մոռնալ ինչ որ տոհմային է. ճնշէ, խորտակէ, ճզմէ, թաղէ հայկական սովորութիւններդ, (իբր թէ մեծ մասամբ կորսուած չեն) բարակ, կիրթ եւ նրբամիտ եղիր ու եւրոպական հագուստիդ հետ հագիր նաեւ անոր սիրտը, վարքը, բարքն, ոճը, լեզուն»:

Այս խրատը կէտ առ կէտ բռնելու կ՚աշխատի տղան, եթէ անբան է, եւ ի դարձին` նախ իր հայրն ուրանալով հօրը տուած հրահանգն ի գործ կ՚դնէ. իսկ եթէ սիրտ ունի եւ միտք` քանի ճշմարիտ լուսաւորութեամբ զարգանայ, նոյնչափ պինդ կ՚պահէ իր տոհմային բնատուր ընտիր հանգամանքն եւ նոյնչափ օտարներուն առջեւ իր յարգը կ՚աւելցնէ զանոնք մշակելով:

Պարոյր ալ այն հայ պատանիներէն է, որ բաւական ժամանակ Եւրոպա շրջելով ճիգ թափած է որ էութիւնն, այս է հայութիւնը մոռնալու, եւ այժմ զարմանալի երեւոյթ մը կ՚ընծայէ հայութեան ու եւրոպականութեան մէջ։ Թէեւ ի բնէ ծանր եւ պարզասէր, վարքով համեստ եւ չարքաշ, նոր դաստիարակութեամբը լեզուանի, պճնասէր եւ թեթեւ դարձած կ՚թուի, եւ կ՚աշխատի երեւիլ ինչ որ չէ, որով իր յատուկ ուղին կորուսած է, նման այն նաւապետին, որ կողմնացոյցի պակասութենէ աստղերը դիտելով կ՚ճգնի գտնել վտանգալից եւ մոլար շաւիղ մը:

Պարոյր` երբ հայրենասիրութեան եռանդը պատահմամբ գրգռի, Հայկ մ՚է եւ կարծես թէ նոր Հայաստան մը կանգնելու ձեռնհաս:

Երբ յուսահատութիւնն, Եւրոպայի փայլն եւ մանաւանդ դժբախտ սիրոյն յիշատակը զինքը գրաւէ, կ՚անիծէ ազգ եւ ընտանիք եւ սատանի թոռը կ՚դառնայ: Ստեպ Եւրոպացիի առջեւ ինքզինքն աշխարհիս քաղաքացի կ՚դասէ, ազգայնութիւնը` լոկ ստուեր մը կ՚նկատէ, իսկ հայու եւ մանաւանդ բարեկամի առջեւ սիրտը շրթերուն վրայ կ՚թռի, անիծելու եւ ծիծաղելու ժամանակ յանկարծ կ՚լայ, երբ սրտաշարժ զգացմամբ մը վրդովի:

Արդարեւ Պարոյր իր սրտին հետ անկեղծ հայ մ՚է, սակայն մտքին հետ նենգաւոր եւրոպացի մը…: Հայաստանի պատանին կ՚տարագրի եւ հարստութեան ստուերը կ՚որսայ, տարագիր հայը կ՚տարագրէ եւ լուսաւորութեան ստուերը կ՚գողնայ:

Եւ արդի բարբառիկ լեզուով հայերն այս կրկնակի կորուստը հարստութիւն եւ զարգացում կ՚անուանեն...: