Մինաս Վրդ. Ամդեցի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՆԱՍ ՎՐԴ. ԱՄԴԵՑԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ (1630–1704)

Մինաս Վրդ. Ամդեցիի մասին գրած են ժամանակին՝

Հ. Մ. Չամչեան, Պատմութիւն Հայոց, Հտ. Գ., էջ 733-743.

Տ. Սաւալանեանց, Պատմութիւն Երուսաղէմի, 1872, նոյնը աշխարհաբար 1931

Ա. Եպս. Տէր Յովհաննէսեանց, Ժամանակագրական պատմութիւն Ս. Երուսաղէմի, 1890, Հտ. Ա., էջ 415–429

Լէօ, Հայկական տպագրութիւն, հտ. Ա., էջ 258—288

Ա. Ալպօյաճեան, Պատմութիւն Եւդոկիոյ, Գահիրէ, 1952, էջ 646

Հ. Ն. Ակինեան, Մինաս Ամդեցի Պատրիարք Երուսաղէմի, ՀԱ, 1960, թիւ 7–9, էջ 321—360

Գ. Գէորգեան, Ճշդումներ Մինաս Ամդեցիի մասին, Բազմ. 1966, թիւ 7–8, էջ 193— 197, 235—238: Եւ ուրիշ հեղինակներ։

Հ. Ն. Ակինեան իր վերոյիշեալ յօդուածին մէջ, մի քանի անտիպ տաղեր ալ, յօրինուած Մինաս Ամդեցիէն, լոյս հանեց։

Մենք հոս կը դիտենք առաւելապէս վեր հանել Մինաս Վրդ. Ամդեցիին մէջ հայ եկե/12/ղեցականի անձը, հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորականը, մէկ քանի ժամանակակից Հեղինակաւոր անձերու եւ իր իսկ անտիպ թուղթերուն լոյսով։

Գ . Գէորգեան իր վերոյիշեալ յօդուածին մէջ կ՚որակէ զինքը «Միջին դարու հայ հոգեւորականութեան ամէնէն հետաքրքրական դէմքերէն մէկը», մենք պիտի ըսէինք ԺԷ. դարու կարկառուն հայ եկեղեցականներէն մէկը։