Մինաս Վրդ. Ամդեցի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Ա. ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԳՐՉԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՎ

Մինաս Վրդ. Ամդեցին, երբեմն Համթեցի ալ գրուած նախնեաց մօտ, ծնած է Տիգրանակերտ՝ այս է Ամիդ, շուրջ 1630ին. այս պատճառով կոչուած է Ամդեցի։

Գրչագիրներու եւ Չնքուշի Սիրահայեացին պատմիչ Մովսէսի վկայութեամբ՝ հայրը Առաքել կը կոչուէր, մայրը Հռիփսիմէ, որ վաղամեռիկ եղած է։ Չնքուշցի Խաչատուր անունով մէկը որդեգրած է փոքրիկ Մինասը, եւ անոր կրթութիւնը յանձնուած է նոյն քաղաքի Սիրահայեաց Ս. Աստուածածին վանքին Առաջնորդ՝ Մարկոս Վարդապետին [1] ։

/13/ Ամդեցին 1655 թուին իր այս դաստիարակին ձօնած տաղին մէջ, թէեւ Ամիդ է քաղաքս, սակայն Չնքուշէն միայն բարիք տեսայ, կը գրէ։

ԿՈՒՍԱԿՐՕՆ ՔԱՀԱՆԱՅ

Իր Վարդապետը, Մարկոս Չնքուշեցին, զինքը կուսակրօն քահանայ ձեռնադրած է, անշուշտ Սիրահայեացի վանքը։ 1675ի տաղաչափեալ Սաղմոսարանին Յիշատակարանը հեղինակուած Յակոբ Քհյ. Թոխաթեցիէն, զոր Պոլիս գրչել տուած էր նոյն ինքն Մինաս Ամդեցին, կը վկայէ. «Յիշեցէք զՄարկոս Վրդ. ն, որ է ուսուցիչ եւ ձեռնադրող եւ խրատող ստացողի գրոցս՝ Մինաս Վարդապետի [2] ։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆ

1655 թուին ընդունած է Վարդապետական գաւազան, նոյն Մարկոս Վրդ. էն, որուն աշակերտը ճանչցած է միշտ ինքզինքը Ամդեցին՝ երախտագիտական զգացումներով, եւ իր կողմ է օրինակել տուած բոլոր գրչագիրներուն մէջ՝ զանց չէ ըրած յիշատակել ու աղօթք յանձնարարել իր հոգեւոր ծնողքին Մարկոս Վրդ. ին համար [3] ։

/14/ 1655 թուականին ալ, վարդապետական իշխանութեամբ ճոխացած, նոյն թուականով ձուլել տուած է իր պաշտօնական կնիքը, ըստ ընկալեալ սովորութեան։ Անդրանիկ առաքելութիւնը, իբր Վարդապետ, կը թուի եղած ըլլայ Ուրֆա (Եդեսիա) քաղաքը, 1656ին։ Այս քաղաքին, 1657 թուին, նուիրած տաղաչափեալ Գիր Օրհնութեանը ցոյց կու տայ թէ լաւ ծանօթացած է տեղւոյն ըլլայ եկեղեցական թէ աշխարհական դասակարգին հետ ու զանոնք գնահատած է։

Յիշատակարանէ մը կը տեղեկանանք թէ 1660ին Չնքուշի Սիրահայեաց վանքը կը գտնուէր։ Խոսրով Անձեւացիի Մեկնութիւն Ժամակարգութեան գրչագիրն է, որուն սկիզբը կայ իր 1655ի կնիքը, եւ կ՚ըսուի «կազմեցաւ վերստին ... ձեռամբ Մինաս բանի սպասաւորի, ի Առաջնորդութեան Շէնքուշանահկի Մարկոս աստուածաբան Վրդ. ի ի թուին ՌՃԹ (1660)». ու կարդացողներէն կը խնդրէ յիշուիլ Աստուած ողորմիով մը [4] ։

1664 թուի Յիշատակարանէ մը կ՚իմանանք իր Եւդոկիա երթը, ուր կողոպտուած է իր բոլոր ունեցածներէն, բացի Աստուածաշունչէն, որ իր Վարդապետին կողմէ տրուած նուէր մըն էր [5] ։

Այս Յիշատակարանը զանց չէ ըրած ակնարկել եկեղեցական դեպքի մը, որ սոյն տա/15/րիներուն այնքան աղմուկ հանեց Հայաստանեայց Եկեղեցիին մէջ, այն է Եղիազար Վրդ. Այնթապցիին Կաթողիկոս օծուիլը։ «Գրեցաւ Յիշատակարանս ի թուին Հայոց ՌՃԺԳ ամին (1664), յորում Եղիազար Վրդ. ն Երուսաղէմի Կաթողիկոս ձեռնադրեցաւ ի քաղաքն Հալապ, ի Խաչատուր Կաթողիկոսէն Սսոյ, ի U. Քառասունք եկեղեցի» [6] ։

Բարոյական կապ մը կը զուգէր Ամդեցի Մինասը Եղիազար Այնթապցիին։ Երկուքն ալ միեւնոյն Վարդապետարանէն ելած էին, Չնքուշի Սիրահայեաց վանքէն։ Եղիազար սորված էր առ ոտս Յովհաննէս Վրդ. Չնքուշցիի, իսկ Մինաս՝ Մարկոս Վրդ. Չնքուշցիին, որ նախորդին աշակերտ եղած էր եւ աշակերտակից էր Եղիազարի [7] ։ Կարծէք այս բարոյական կապը կը բացատրէ թէ ինչու Մինաս Ամդեցին չունի մեղադրանք Եղիազար Այնթապցիի ինքնագլուխ Կաթողիկոս հռչակուելուն, երբ Ս. Էջմիածին կը նստէր օրինաւոր Ամենայն Հայոցը, Յակոբ Ջուղայեցին։

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԻԼԸ՝

Մինաս Վրդ. Ամդեցին, ուրիշ երկու թեկնածուներու հետ միասին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց տաճարը, 1666ին, հակաթոռ Եղիազար Կաթողիկոսէն։ Այս եւս ցոյց մը թէ համախոհ /16/ էր իրեն։ Միւս երկու օծակիցները, ինչպէս կը գրէ Մ . Եպս. Նշանեան, էին Եղիա Վրդ. Նիկոլեան եւ Պօղոս Վրդ., որոնց մասին ուրիշ առիթով պիտի գրենք [8] ։

Իսկապէս ալ, ժամանակակիցներու վկայութեան համաձայն, Մինաս Ամդեցին կը տեսնենք այնուհետեւ իբրեւ մէկը դարուն հայ եկեղեցականներէն որոնք սերտ կերպով յարած են Եղիազար Կաթողիկոսի անձին, նաեւ անոր նախ քան օրինապէս Ամենայն Հայոց Աթոռը նստիլը, Ս. Էջմիածին։ Այնուհետեւ ալ հաւատարիմ մնաց մինչեւ անոր մահը։ Ասոր կը վկայեն ժամանակակից շատ մը Յիշատակարաններ, թէ Մինաս Ամդեցին 24 տարիներ բովանդակ, (ուրիշներու համաձայն 22 տարի) ծառայած է Եղիազար Կթղս. Այնթապցիին, Երուսաղէմ եւ Էջմիածին, որ կը գրկէ իր Եպիսկոպոս ձեռնադրուելու տարիէն մինչեւ Եղիազարի մահը (†1692)։

Կը թուի թէ Մինաս Ամդեցին, հակաթոռ Կաթողիկոսին հանդէպ իր այս յարումին ի չքմեղանս, մինչդեռ տակաւին կար օրինաւոր գահակալը, այն գեղեցիկ տաղին, զոր անշուշտ գրած է Յակոբ Ջուղայեցիին մահէն վերջ, եւ որ կը սկսի «Յակոբ Հայոց Կաթողիկոս»ով, վերջին տան մէջ թողութիւն կը խնդրէ հանգուցեալ լուսահոգիէն, սա բառերով.

 

«Սիրտ իմ առ քեզ աղաղակէ,

Եւ թողութիւն ի քէն խնդրէ,

Դու ողորմեա եւ խնայէ,

Եւ թողութիւն մեզի շնորհէ»։ [9]

 

Յակոբ Ջուղայեցին, անյիշաչար Հայրապետը, որ մահէն առաջ ալ հաշտուած էր հակաթոռ Եղիազարին հետ, գիտենք որ իր մահուան անկողինին մէջ արձակեց կանոնական կապէ բոլոր անոնք որ իր կենդանութեան խարած էր նզովքի դատակնիքով։

Տասնամեայ մը եւ աւելի, 1666 թուականէն սկսեալ, Ամդեցիին կենսագրութեան մասին մեզի կը պակսին մանրամասնութիւններ։ Եպիսկոպոս ձեռնադրուելէն վերջ գիտենք թէ Երուսաղէմ Եղիազարի գործակցած է։ է 1675 թուին, Եղիազար իբր Պատրիարք Երուսաղէմ ի, Մինաս Վրդ. ը Պոլիս ղրկած է ուխտաւորական կարաւան առաջնորդելու համար դէպի Ս. Քաղաքը։ Այս առիթով է որ Պոլիս օրինակել տուած է Յակոբ Քհյ. Թոխաթեցիի տաղաչափեալ Սաղմոսարանը [10] ։

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՉՆՔՈՒՇԻ ՍԻՐԱՀԱՅԵԱՑԻՆ

1679 թուին, երբ վախճանած էր Չնքուշի Առաջնորդ Մարկոս Վրդ., կը գրէ Մովսէս տեղւոյն պատմիչը, Սիրահայեացի Առաջնորդութիւնը ժառանգած է Մինաս Վրդ. Ամդեցին, հանգուցեալին աշակերտը [11] ։

/18/ Գառնիկ Գէորգեան, Արշակ Ալպօյաճեանի դէմ հակաճառելով, կը պաշտպանէ թէ Մինաս Ամդեցին 1666ին Եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր իբրեւ Առաջնորդ Եւդոկիոյ։ Կը գրէ թէ Մինաս Վրդ. ի երկու աշակերտները, Միքայէլ Թոխաթեցի եւ Մկրտիչ Ջուղայեցի, ի հաշիւ իրենց Վարդապետին օրինակած ձեռագիրներուն մէջ ունին Յիշատակարաններ, որոնց մէջ զինք կը ճանչնան իբր «Արքեպիսկոպոս Եւդոկիակերտի» կամ՝ «Առաջնորդ Թոխատու» մինչեւ 1696 թուականը։ Եւ թէ Եւդոկիա կեցած է Մինաս Վրդ. մինչեւ 1674 թուականը [12] ։

Մենք Օրագրութիւն սղագիր օրինակին վրայ յեցած՝ պիտի ըսենք որ Եւդոկիոյ վրայ իր պաշտօնապէս Առաջնորդ անուանումը պէտք է դնենք Եղիազար Կաթողիկոսին Ս. Էջմիածին հաստատուելու թուականին, 1682ին։

Յիշուած Օրագրութիւն գրուածքին մէջ, 1685 Նոյեմբ. 3ին կը կարդանք թէ Մինաս Վրդ. Էջմիածնէն կը մեկնի Առաջնորդական պաշտօնով դէպի Եւդոկիա, եւ ուր մնացեր է մինչեւ 21 Յունուար 1688, այցելելով թեմ ինչ զանազան կեդրոնները կամ ծուխերը [13] ։

Իրապէս 1684ի Աւետարանի մը Յիշատակարանը, գրուած Եւդոկիա, Մկրտում սարկաւագէն, ի վայելումն մահտեսի Ներսէսի, կը գրէ՝ ի ժամանակս Եղիազար Կաթողիկոսի /19/ եւ «ի հովուապետութեան նահանգի Տեառն Մինասայ աստուածաբան Վրդ. ի, ի քաղաքն յԵւդոկիա, ընդ հովանեաւ Սրբոյն Սարգսի Զօրավարին, որ եւ Թահտր Ղալայ կոչի» [14] ։

1687 թուին, Մինաս Վրդ. Մկրտում Ջուղայեցիին օրինակել տուած է Սարգիս Շնորհալիի Մեկնութիւն Կաթողիկեայցը, Միքայէլ Բարղամի որդին ալ զայն կը ծաղկէ։ Ակինեանի վկայելով, Էջմիածնի թիւ 1370 այս գրչագիրին մէջ գրուած է. «Ի հինգերորդ ամի Առաջնորդութեան իւրոյ (Մինասայ) Նահանգիստ Թոխատու»։ Այս վկայութեան Համաձայն Եւդոկիոյ Առաջնորդական իշխանութիւնը պէտք է ստացած ըլլայ, իր սիրելի Վարդապետէն, Եղիազար Կթղս. էն, ասոր ընտրութեան եւ Ս. Էջմիածնի Աթոռին գահակալութեան տարին [15] ։ Հետեւաբար 1682 թուականին նշանակելու է, գէթ պաշտօնական անուանումը։ Կանխապէս եթէ ղրկուած ալ էր Եւդոկիա, հակաթոռ Եղիազարէն, այդ անուանումը զուրկ էր օրինաւորութենէ։

Վերոյիշեալ Մկրտում գրիչը օրինակած է, ի վայելում Մինաս Վրդ. ին «Արհիեպիսկոպոսի եւ վերատեսչի Եւդոկիա քաղաքի», 1687 թուին, երեք պատմական գրութիւններ, Միքայէլ Ասորին, Սամուէլ Անեցի եւ Մովսէս /20/ Խորենացի: Թէ ակնարկը Մինաս Ամդեցիի մասին է, յայտնի է նաեւ հետեւեալ որակումէն, սիրելի բարեկամ եւ գործակալ Եղիազար Կաթողիկոսի [16] ։ Մկրտում Ջուղայեցի սարկաւագը Յայսմաւուրք մըն ալ օրինակած է 1693ին, Եւդոկիոյ մէջ, որու Յիշատակարանը ունի «ի Առաջնորդութեան նահանգիս յԵւդոկիայ Տեառն Մինասայ Աստուածաբան եւ քաղցրուսոյց Վարդապետի» [17] ։

Ըստ այսմ պէտք է ըսենք թէ Մինաս Ամդեցին, հակառակ զանազան պատասխանատուութիւններու, որոնք իրեն յանձնուած էին Եղիազար Կթղս. էն եւ անոր անմիջական յաջորդ Նահապետէն, 1693ին կը պահէր տակաւին Եւդոկիոյ թեմին հովուի տիտղոսը։

1693 Յունիս 4ին, Երուսաղէմ ի Յովհաննէս Արքեպս. ին կողմէ Օրհնության թուղթին, որ նա իբր Պատրիարք գրած է Միքայէլ Չէլէպիին եւ այլ երեւելիներու. Մինաս Վրդ. ալ ստորագրած է իբր անոր փոխանորդը [18] ։

Երեք տարի յետոյ, 1696 թուին գրուած Շարակնոց մը, Միքայէլ Բարղամի որդիէն, ի վայելումն Իգնատիոս Վրդ. Թոխաթեցիին, կը ճանչնայ Մինաս Ամդեցին միաժամանակ Պատրիարք Երուսաղէմի եւ Առաջնորդ Եւդոկիոյ [19] ։

/21/ Թէ ինչպէս բացատրելու է այլեւայլ Պաշտօններու այսօրինակ բարդումը, ժամանակակից մը տուած է անոր լուսաբանութիւնը։ Չնքուշի պատմիչ Մովսէս կը գրէ թէ 1679 թուին, երբ վախճանեցաւ Մարկոս Վրդ. Չնքուշեցին, ու «յաջորդեց զԱթոռն ձեռնասուն աշակերտ իւր Մինաս Վրդ. ն Համդեցի» որ մանուկ հասակէն որդեգրուած էր Չնքուշցի Խաչատուրէն եւ Մարկոս Վրդ. ի ձեռքին տակ կրթուած, յետոյ ժառանգեց իր Վարդապետին գահը։ Եւ որովհետեւ, կը շարունակէ նոյնը, Մինաս Վրդ. 24 տարիներ նուիրակութեամբ շրջագայած, եւ յետոյ ալ ժառանգած էր, «զԱթոռ Կոստանդինու եւ Սուրբ Երուսաղէմի» Պատրիարքութիւնը, այն ատեն իր եղբօրորդին, Յովհաննէս Չնքուշեցին, Երուսաղէմ տարաւ, ծայրագոյն Վարդապետ ընելով «առաքէ փոխան իւր ի վանքն Շէնքչու. Յովհաննէս Վրդ. ն եկեալ կառավարէ զԱթոռն, եւ ինքն (Մինաս) վախճանի ի Սուրբ Երուսաղէմ, եւ թաղի ի Ս. Փրկիչ, ի կարգս Պատրիարքաց, որ ունին բազում երախտիք ի վերայ Սուրբ Վանքիս»։

Եղբօրորդին, Յովհաննէս Վրդ. ն ալ, որ վանքին թողած է թագ, եպիսկոպոսական սարքեր եւն., մեռած է, կը գրէ նոյն պատմիչը 1723 թուին (ՌՓԾԲ) [20]:

Այս վկայութեան լոյսին տակ ըսելու ենք թէ Մինաս Ամդեցին Չնքուշի իր վանքին /22/ Առաջնորդական պաշտօնը ատեն մը վարած է փոխանորդի մը օգնութեամբ։ Իսկ Եւդոկիոյ Թեմի՞ն։ Չունինք վկայութիւն։ Բացայայտ է որ իր յաճախակի տեղափոխութեան ընթացքին, Էջմիածին–Պոլիս–Երուսաղէմ առանցքին վրայ՝ յաճախ հանդիպել զանց չէ ըրած նաեւ Եւդոկիոյ, ինչպէս նաեւ Սիրահայեաց իր վանքին, ու անոր գրադարանը ճոխացնել իւրովսանն նորանոր գրչագիրներով։

Հ. Ակինեան ալ համաձայն է թէ Մինաս Վարդ. Երուսաղէմին հետ պատած է նաեւ Եւդոկիան մինչեւ 1699 թուականը, եւ ուր հուսկ ղրկուած է Գալուստ Վրդ. Կայծակ [21] ։

ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ՆՕԹԵՐ ԻՐ «ՕՐԱԳՐՈՒԹԵԱՆ» ՏՈՒԵԱԼՆԵՐՈՎ (1680-1704)

1680 թուականէն սկսեալ մինչեւ իր մահը (1704), Մինաս Վրդ. Ամդեցիի կենսագրութիւնը ծանօթ է մեզի իր Օրագրութիւն տետրէն, ուր արձանագրած է իր յաճախակի ուղեւորութիւնները եւ անոնց կապուած դէպքերը:

Այս գրուածքին բնագիրը Երուսաղէմ կը պահուի, Ս. Յակոբեանց Մատենադարանը, /23/ գրչագիր թիւ 1316։ Նորայր Եպս. Պողարեան իր կոթողային Մայր ցուցակ Ձեռագրաց մէջ [22], կուտայ անոր նկարագրութիւնը եւ ինչ ինչ անցքեր ալ։

Գրուածքը կը սկսի 1680 Հոկտ. 8 թուականէն, կը վերջանայ 1704 Ապրիլ 22ով, օրագրողին մահէն քանի մը ամիս առաջ։ Կը լեցնէ 1-290 էջեր : Յետնագոյն գրիչ մը, Եսայի աբեղայ, աելցուցած է սուղ Յիշատակարան մը (թղ. 292ա), ուր կը յիշատակուի Եղիազար Կաթողիկոսին մահը 1691 Օգոստոս 18ին, եւ ապա «Մինաս Պատրիարգս Ամդեցի ի թիւ Հայոց ՌՃԾԳ (1704) Նոյեմբեր 24, յաւուր ուրբաթու, ի տասներորդ ժամու»։

Մ. Եպս. Նշանեան, որ կը խոստովանի օգտուած ըլլալ յիշեալ ձեռագիրէն, իրմէն հրատարակուած Օրագրութիւն Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանի երկասիրութեան համար, համառօտ մը ամփոփված է անոր բովանդակութիւնը, ՃԼԵ-ՃԽԴ էջերուն մէջ։ Ան կը գրէ թէ Ամդեցին այս գրուածքին մէջ «պատմական կարեւորութիւն ունեցող բազմաթիւ դէպքեր» օրը օրին արձանագրած է, 23 տարիներու, 7 ամսուան եւ 27 օրուան շրջանին։

Անշուշտ շահեկան պիտի ըլլար բնագրին լրիւ հրատարակութիւնը։ Առ ի չգոյէ ատոր, հոս պիտի օգտուինք Նշանեան Եպս. ի սղագրեալ արտատպութենէն, մի միայն Վար/24/ դապետին տեղափոխութիւններուն ժամանակագրութեան համար [23] ։

Մինաս Ամդեցի Չնքուշի վանքէն կը մեկնի Երուսաղէմ, Հալէպի գիծով, 8 Հոկտ. 1680ին, ու կը հասնի 10 Փետրուար 1681ին։ Ապրիլ 17ին (1681) կ'ընկերանայ Եղիազար Անթապցի Ս. Էջմիածնի ընտրեալ Կաթողիկոսի շքախումբին։ Յունիս 7ին կը ժամանեն Զմիւռնիա, ուսկից կը մեկնին Սեպտ. 22ին, ու Պրուսա կը հասնին Հոկտ. 8ին, ուր կը մնան մինչեւ 1682 Մարտ 1. ասկէ կանցնին Պոլիս, ուր են մինչեւ Յունիս 14։ 1682 Յունիս 15ին նաւը կ՚առնեն Տրապիզոնի գիծով ու ցամաքէն, Կարինի վրայով, Ս. Էջմիածին կը հասնին նոյն տարւոյն Օգոստոս 12ին։ 1682ի Ս. Խաչի տօնին Հոգեւոր Տէրը պատարագեց, կը գրէ Մինաս Վրդ., եւ մենք Սրբութիւն առինք, այսինքն հաղորդուեցանք։

1682 Նոյեմբ. 7ին Մինաս Ամդեցին նուիրակ անուանուած է Եւդոկիոյ, ուր կը մտնէ 1683 Փետր. 6ին, եւ հոն կը մնայ մինչեւ 1684 Յունուար 17։ Այդ շրջանին կայցելի շրջակայքը ու կը նուիրակէ։ 1684 Յունուար 30էն մինչեւ 6 Մայիս 1685 կը շրջի Չնքուշի վանքէն դէպի Ամիդ ու դարձեալ Չնքուշ։ Նոյն տարւոյն Յուլիս 6ին դարձեալ Էջմիա/25/ծին է, այս երկրորդ անգամ, Եղիազարի Կաթողիկոսութեան օրով։

1684 թուին, Օրագրութիւնին մէջ արձանագրած է, Եւդոկիոյ եկեղեցիին մէջ ժողովուրդին ուղղուած ազդը. «առաւօտս ծանուցումն, լաթ չհագնեն եւ պարկեշտ գնան, կին չկա(յ) ժամը, եւ բաղնիք էտէպով գնան, զի թուրքերն այլեւայլ խօսին, մանաւանդ իրենց խօճան հակառակ Եկեղեցւոյն. Աստուած ազատէ զմեզ…»։

1685 Նոյեմբ. 3ին, Առաջնորդական պաշտօնով Էջմիածինէն ճամբայ կ՚ելլէ Եւդոկիա, ուր կը մնայ մինչեւ 1688 Յունուար 21, այցելելով թեմը։ 1684ի Յիշատակարան մը Մինաս Վրդ. կը կոչէ արդէն հովուապետ Եւդոկիոյ: 1685 թուականէն առաջ ենթադրելով անոր իբր հովիւ անուանումը։

1688 Յունուար 21ին երրորդ անգամ Էջմիածին կ՚ուղղուի, ուր կը մնայ Մարտ 10էն մինչեւ 1690 Յունիս Կը դեգերի Արեւելահայքի վանքերը միանգամայն կը խորհրդակցին Եղիազարին հետ, Երուսաղէմի Աթոռին մասին եւ Պատրիարքութիւնը իրեն յանձնուած է. Կարինի եւ Եւդոկիայի վրայով 1690 Դեկտ. 22ին Մինաս Վրդ. Պոլիս է։

Օրագրութիւնին մէջ կը գրէ թէ Շահին Ղալֆա, աշխարհական մը, զոր պատրիկ կը կոչէին, Պոլսոյ Աթոռը թափուր ըլլալով, սա կը վարէր 1689էն ի վեր Պատրիարքարանի առօրեայ գործերը, իրեն այցի էր, Տէր Մարտիրոս Քհյ. ի հետ (Հայր Երեմիա Չէլէպիի), եւ երեկոյ միասին ընթրիքի մնացեր է։

/26/ 1690 Դեկտ. 22էն մինչեւ 1692 Մարտ 3, մէկ տարի եւ երեք ամիսներ բովանդակ, Մինաս Վրդ. Պոլիս է, Երուսաղէմի հոգերով եւ իր Պէրաթին համար։ Այդ օրերուն այցելած է Պրուսա, Թէքիրտաղ, են. ։

Այս ժամանակամիջոցին կը հայի, ինչ որ Միքայէլ գրիչ, որդի Բարղամ ի, կ՚ակնարկէ Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեանին գրչութեան առիթով, Եւդոկիա սկսուած 1691 թուին եւ 1692 Յունիսին աւարտած, ազգին խնդրանքով Երուսաղէմի Աթոռին Համար անուանուած ըլլալը։ Այդ Յիշատակարանը կը գրէ թէ Մինաս Վրդ. գրչագիրը ստացած է ի յիշատակ իր ծնողքին, Մարկոս Վրդ -ին եւն։ եւ «երիցս երանեալ» Եղիազար Կաթողիկոսին ասեն, «յորմէ (որ է Կաթողիկոսէն) խնդրեցին ամենայն մեծամեծքն Հայոց» որպէսզի իր սիրելի սպասաւորը եւ պաշտօնեան, Մինաս Վրդ. ը, Երուսաղէմի հայրապետութեան վրայ նշանակէր, «զի հասեալ օգնեսցէ յարաբարդեալ պարտուց գլխադրի Սրբոյն Յակոբայ»։ Ու կ՚աւելցնէ թէ մինչ Մինաս Վրդ. Պոլիս կը գտնուէր «ի գործառնութիւնս Սրբոյ Երուսաղէմի, հանգեա ի Քրիստոս Եղիազար Կթղս., կամ ի ՌՃԽ (1691) [24] ։

1692 Մարտ 3ին Մինաս Վրդ. Պոլիսէն նա կը մտնէ եւ Ապրիլ 15ին Երուսաղէմ է։

/27/ Նոյն տարւոյն Օգոստ. 18ին, Հինգշաբթի օրը, կատարած է Եղիազար Կթղս. ի մահուան տարելիցքը, ինչ որ իր Օրագրութեան մէջ նշանակած է։ Երուսաղէմ կը մնայ մինչեւ 1695 Ապրիլ

Հ. Ակինեան, Սարալանեանցի Պատմութիւն Երուսաղէմի վրայ յեց, 1693 թուին Երուսաղէմ ժանտախտ կար, կը գրէ, իսկ 1694 թուին գահակալական տարաձայնութիւններ. բայց Մինաս Վրդ. է միշտ Առաջնորդը։ Առ այս, Եւդոկիա 1693-1696 տարիներուն օրինակուած, ի խնդրոյ Իգնատիոս Վրդ-ի, Շարականի մը Յիշատակարանը՝ 1696 թուին, Մինաս Վրդ. ը իբր Առաջնորդ Երուսաղէմի կը յայտնէ։ Անշուշտ իբր Աթոռակից նկատուած ըլլալու է, որովհետեւ 1693 թուին, Եւքառա (Կեսարիա) աւարտած ուրիշ Շարականի մը Յիշատակարանը, կը ճշդէ Երուսաղէմի Առաջնորդ կամ Պատրիարք Յովհաննէս Վրդ. Պոլսեցիի կողքին՝ կը ճանչնայ «Մինաս Րաբունապետ»ը։

Մինաս Ամդեցի իր Օրագրութեան մէջ, 1694 (ՌՃԽԳ) Յուլիս 13ին, Ուրբաթ օր, Նօթագրած է. «գիշերս զՏէր Յարութիւնին զդուռն եւ զպատն շինեցին, երկրորդ սահաթին պրծան։ Առաւօտ ժամ չգնացի։ Պատարագ ի Սուրբ Յարութեան դուռն»։

«1694 Սեպտեմբեր 29, շաբաթ, տօն Գէորգ Զօրավարին։ Երեկոյ Նախատօնակ ի Ս. Գէորգ, վաղուանէ Պատարագ, խաչամպուր» (թղ: 188ա)։

/28/ Շարականի մը Յիշատակարանը 1696ին Եւդոկիա օրինակուած, ի խնդրոյ Իգնատիոս Վրդ. Ճինակենցի, կը հաղորդէ թէ գրչագիրը նուիրուած է Ս. Յակոբ վանքին, «ի ժամանակս առաջնորդութեան մեծի քաղաքիս Երուսաղեմայ Մինասայ Ամդեցւոյ աստուածաբանութեան Վրդ. ին... »։ Ուրեմն տակաւին 1696 տարւոյն ընթացքին Երուսաղէմ կը գտնուէր Մինաս Վրդ. [25] ։

1695 Յունուար Ամանորի առիթով, Մինաս Վրդ., Սաւալանեանցի պատմածին համաձայն «լեռնակողման լատինաց վանքին 62 կտոր պղինձ եւ մետաքսահիւս քերմանի գործ» նուէր տուած է [26] ։

1695 Ապրիլ 4ին չորրորդ անգամ ճամբայ ելած է Մինաս Վրդ. դէպի Էջմիածին, Հալէպ, Ամիդ, Չնքուշ, Թոխաթ, Կարին քաղաքներու վրայով։ 1695 Յուլիս 11ին Հալէպ է, ուր կը կատարէ Յովհաննէս Մկրտիչի տօնը։ Շատ շոգ էր, կը գրէ: Հիւր եղած է Պետրոսեանց տունը։ 1696 Օգոստ. 10ին Էջմիածին է։

Կ՚երթայ Յովհաննավանք, ուր կը գտնուէր 1696 Սեպտ. 8էն ի վեր Նահապետ Կթղս. գահընկէց։ Վասնզի նոյն 1696 Նոյեմբ։ 1ին Ստեփանոս Վրդ. Ջուղայեցի, Պարսից Շահէն /29/ հրամանագիր մը հանել տալով ի նպաստ իրեն, գրաւած էր Էջմիածնի Աթոռը։ Մինաս Ամդեցին, Նոյեմբ. 2ին, համախումբ 12 եպիսկոպոսներու հետ նախագահած է օծումի արարողութեան. «Ես եդի ձեռն ի վերայ, կը գրէ, եւ ես օծի զգագաթն։ Սահակ Վրդ-ն քարոզ, օծման ծանուցումն ես եւ ժողովուրդ քիչ» [27] ։

1696 Նոյեմբ. 7ին Ամդեցին Ղոշավանք կ՚առանձնանայ, եւ հոն կը մնայ մինչեւ 1697 Յունուար 15։ Կ՚այցելէ Թալինի, Ս. Սարգիսի, Փարպիի վանքերը։

1697 Փետր. 4ին Երեւան կ՚երթայ շնորհաւորելու Նահապետ Կաթողիկոսը, որ վերադարձած էր, իբր օրինաւոր աթոռակալը, Ս. Էջմիածնի Աթոռին վրայ։

Նոյն տարւոյն Փետր. 17ին, Երեւան, այցելութեան մը առիթով, հետեւեալ միջադէպը արձանագրած է Օրագրութեան մէջ: «Ստեփանոս Կաթողիկոսն, հակաթոռը, որ պաշտոնանկ եղած էր Շահին հրամանով, եկաւ մօտ Նահապետ Կաթողիկոսին, թէ ինձ օգնեա. զՋուղայու եւ զԳողթնայ տան նուիրակութիւնն տուր, որ Աղէքսանդր Վրդ. ն գնա նուիրակէ եւ զհազար թումանն Շահին վճարէ, եւ ես ծառայ ձեզ։ Եւ գնաց դարձեալ» [28] ։

/30/ Ստեփանոս Ջուղայեցին, Շահին հրամանով պաշտոնանկ, 1000 թումանի տուգանքին ենթարկուած էր իր պատիժ, որովհետեւ զինք խաբած էր՝ ամբաստանելով Նահապետը։ Այս գումարը կարենալ գոյացնելու համար է որ Ստեփանոս Վրդ. կը խնդրէ Նահապետ Կթղս. ն, որպէսզի Աղեքսանդր Վրդ. Ջուղայեցիին նուիրակութիւն տայ յիշեալ երկու գաւառներուն վրայ, որպէսզի հանգանակէր ժողովուրդէն։

1698 Օգոստ. 16ին Մինաս Վրդ. կը մեկնի Պոլիս, ուր կը հասնի Հոկտ. 24ին։ Մինչեւ 1701 Սեպտ. 1 Պոլիս կը մնայ։ Երկու անգամ Անդրիանապոլիս կ՚երթայ իր Երուսաղէմի Պէրաթին հաստատութեան համար, իրեն մրցակից Գալուստ Վրդ. Կայծակին դէմ։

Մինաս Ամդեցիի Օրագրութեան մէջ տեսանք թէ նա 1690ին Եղիազար Կթղս. էն արդէն Երուսաղէմի վրայ նշանակուած էր։ Ասիկա կը հաստատէ նաեւ Միքայէլ գրիչ, Նարեկի Ողբերգութեան Յիշատակարանին մէջ, վերը մեզմէ յիշատակուած, թէ ազգին մեծամեծներուն խնդրանքին վրայ Կաթողիկոսը զինքը անուանած էր, իր մահէն քիչ առաջ, 1691 Օգոստ. 8ին [29] ։

Տեսանք նաեւ թէ 1692 Ապրիլ 15ին Մինաս Վրդ. Երուսաղէմ մտած էր։ Ցորքան Յովհաննէս Պոլսեցի Պատրիարքը դեռ կենդանի էր, իբր անոր աթոռակից։ 1694ին, /31/ գահակալական տարաձայնություններ ծայր տուած էին, ըստ Սաւալանեանցի։ Ծանօթ է թէ ունէր մրցակից մըն ալ յանձին Գալուստ Վրդ. Կայծակին։ Ահա այս դէպքերուն է որ կ՚ակնարկէ 1698ին իրմէ գրուած Յիշատակարան մը, որ կը կրէ 1698 թուականը։ Այս գրչագիրը կը յիշատակէ Հ. Ակինեան։ Յիշատակարանէն մեզ կը շահագրգռեն հետեւեալ կէտերը. «... Ես պիտակ Մինաս Վրդ. ս, որ եմ աշակերտ Տեառն լուսաւորեալ Հոգի Սրբազան Եղիազար Կաթողիկոսի... », Արեւելքէն Պոլիս եկայ, «ըստ խնդրոյ ամենայն քաղաքացւոց արզիւ եւ մահսարով վասն առաջնորդութեան գործառնութեան ընտրեալ զանարժանութիւնս մեր, որպէս որ յառաջագոյն խնդրեալ էին, եւ մեք եւս վասն այն գործառնութեան կայաք, (յ)ոմանց եկամտից արանց բազում նեղութիւնս կրեցաք յայսմ ամի։ Յետ որոյ կրկին հրաւիրեցաք Առաջնորդ ի Ս. Երուսաղէմի. եւ ստացայ զայս Քարոզագիրքս…», զոր գրել տուած է Ստամպոլցի Չոլախ աբեղային [30] ։

Ա. Տէր Յովհաննէսեանցի համաձայն, Կ. Պոլսեցի Յովհաննէս Պատրիարքի մահէն յետոյ (1897), Պոլսոյ գլխաւորները ընտրած են Գալուստ Վրդ. Կայծակ, որ սակայն Երուսաղէմ չէ մտած, այլ Սրբավայրին անունով հանգանակած գումարը կը վատնէ . ուստի վար առած են ու հրաւիրած Մինաս Վրդ. ը։

/32/ 1696ին, տակաւին ողջ էր Յովհաննէս Կ. Պօլսեցին, ուստի Մինաս Վրդ. Առաջնորդ Աթոռակից է, առանց արքունի Պէրաթի։ Ա. Եպս. Տէր Յովհաննէսեանց ալ արքունի Պէրաթին տուչութիւնը ի նպաստ Մինաս Վրդ. ի ի կը զետեղէ 1699 թուին, մինչ Գալուստ Վրդ. ն ալ կը հետապնդուի իբր վատնիչ Սրբավայրի համար տրուած նուէրներուն [31] ։

Մաղաքիա Դպիր Ճէվահիրճեանի Գաւազանագիրքը, գրուած 1713ին, Եպիսկոպոսք Երուսաղէմի Հայոց վերնագիրին ներքեւ, 1689 (ՈՃԼԸ) թուին նշանակած է Գալուստ Վրդ, որ է Կայծակ յորջորջուածը։ Իսկ 1699 (ՌՃԽԸ) թուին՝ Մինաս Վրդ. Ամդեցի նշանակած է, ուր կը յարէ նաեւ այս մանրամասնութիւնը։ «Սա եկեալ յԷջմիածնէ զՏրապիզոնաւ ի Պոլիս, գնաց ընտրութեամբ ազգին յԷտրնէ, եւ անդ խիլայեցաւ պատրիարքական իշխանութեամբ, ՌՃԽԸ (1699) յերկուսն Յունուարի», անշուշտ հասկնալու է պաշտօնապէս իբր Պատրիարք, արքունի հրամանագիրով խիլայուիլը, ինչ որ կը համապատասխանէ Օրագրութեան տուեալնելու [32] ։

/33/ Այս դէպքին արձագանգը կը հասնի մեզի նաեւ նոյն ինքն Մինաս Վրդ-ի մէ, նամակէն, դրուած 1699 Հոկտ։ 20ին, Պոլիսէն, բարեկամի մը որ Հռոմ կը գտնուէր, որու կը հաղորդէ թէ ինքը վերահաստատուած է Երուսաղէմ ի վրայ, իսկ Գալուստ Վրդ.   Կայծակ Եւդոկիա աքսորուած [33] ։

Ս. Յակոբի Մատենադարանի թիւ 1234 Ձեռագիրը, Տօնացոյց երից ազգաց, խմբագրուած 1890ին Եր. Կոմիտաս Քհյ. Քէօմիւրճեանէն եւ ընդօրինակուած 1699 թուին Խաչատուր Սիլիստրացիէն, ի վայելումն Գրիգոր Վրդ. Համդեցիկ, կը հաստատէ վերոյիշեալը, գրելով «ի Հայրապետութեան Սրբոյ Գահոյս Տեառն Մինասայ քաջ Հռետորի... », որ նոյն Մինաս Վրդ. Ամդեցին է [34] ։

1700 Մարտ 21 թուակիր Գիր Օրհնութեան մը առաքած է Մինաս վրդ. Ամդեցին, Երուսաղէմի Պատրիարքի իր հանգամանքով, Պոլսեցի բարերարի մը Քէրէսթէճեան, ի շնորհակալութիւն անոր ղրկած շինարարական ապրանքներուն [35] ։

1703 թուին, ուրիշ Յիշատակարան մը, ի վայելումն Աստուածատուր Վրդ ի գրուած, /34/ Եւդոկիա, «ի Հայրապետութեան Նահապետ Կաթողիկոսի, եւ ի Պատրիարքութեան Սուրբ Երուսաղէմի Տէր Մինասայ Աստուածաբան Վրդ. ի. եւ յառաջնորդութեան Եւդոկիոյ Տէր Գալուստ Արքեպս. ի …» [36] : Հ. Ակինեան կը գրէ թէ մինչեւ 1702 Մայիս ամիս Մինաս Վրդ։ Ամդեցին կը ստորագրէ «Ես Տէր Մինաս Արքիեպիսկոպոս եւ Պատրիարք Երուսաղէմի», երբ տպարան կը յանձնէր Նաբ րեկեան կտորները [37] ։



[1]     Ակինեան Հ. Ն., Մինաս Ամդեցի Պատրիարք Երուսաղէմի, ՀԱ, 1960, թիւ 7-9, էջ 321–360։

[2]     Պողարեան Եպս. Նորայր, Երուսաղէմի Ցուցակ Ձեռագրաց (յետ այսու ԵՑՁ), Հտ. Դ., էջ 400, Ձեռ, թիւ 892։

[3]     Ակինեան Հ. Ն., անդ, էջ 332։

[4]     ԵՑՁ, Հտ. Դ., Ձեռ. թիւ 1253։

[5]     Սրուանձտեան8 Գ., Թորոս Աղբար, Բ, էջ. 464-465։

[6]     Անդ, էջ 464-465։

[7]     Անդ, էջ 485-486։

[8]     Նշանեան ԵՊՍ. Մ., Օրագրութիւն Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեանի (յետ այսու ԵՉՔ), Երուսաղէմ, 1939, էջ ՀԹ—Ձ. ծնթ.

[9]     Ակինեան Հ. Ն., անդ, էջ 339:

[10]   ԵՑՁ, Հտ. Գ. էջ 400, Ձեռ. թիւ 892։

[11]   Թորոս Աղբար, Բ., էջ 458–459։

[12]   Բազմ. 1966, էջ 235–236։

[13]   ԵՉՔ, էջ ՃԼԹ։

[14]   ԵՑՁ, Հտ. Թ., էջ 370, Ձեռ. թիւ 3144, թղ։ 583ա։ Մաշտոցեան Մատենադարան, Ցուցակ Ձեռագրաց (կետ այսու ՄՄ ՑՁ), Ձեռ. թիւ 1370։ ՀԱ:, 1960, էջ 326։

[15]   Ակինեան Հ. Ն., անդ, էջ 326։

[16]   ՄՄՑՁ, Ձեռ. թիւ 1483։ ՀԱ, 1960, էջ 325։

[17]   ԵՑՁ, Հտ. Ա., 418, Ձեռ. թիւ 3156։

[18]   Archivio de Propaganda Fide, Scritture Originali = AP, SO. Armeni, vol. 4, f. 272:

[19]   ԵՑՁ, Հտ. Ա, Ձեռ. թիւ 2018

[20]   Թորոս Աղբար, Բ., էջ 458–459։

[21]   Ակինեան Հ. Ն., անդ, էջ 329։ Խաչատուր Վրդ. Առաքելեան, 1699 Հոկտ. 20ին Հռոմ ղրկած մէկ նամակին մէջ կը գրէ թէ Էջմիածնէն Պոլիս վերադարձին, Գալուստ Վրդ. Կայծակի ձեռքէն պէրաթը առած էին եւ աքսորած Թոգաթ (AP. SO. Armeni, vol. 4, f. 607):

[22]   ԵՑՁ, Հտ. Դ., էջ 561-565։

[23]   Գէորգեան Գ., անդ, էջ 237: Հեղինակը կը խոստանայ Չնքուշապատում–ի մէջ սոյն Օրագրութիւնէն հրատարակել 24 էջեր, որոնք կը հային Չնքուշի։

[24]   ԵՑՁ, Հտ. Է., էջ 597, Ձեռ. թիւ 2010. մեծ Յիշատակարան։ ԵՉՔ, էջ ՃԲ, ծնթ.

[25]   ԵՑՁ, Հտ. Ա., էջ 571—572. Ձեռ. թիւ 201, Ձեռ, թիւ 224, էջ 610։

[26]   Ակինեան Հ. Ն., անդ, էջ 328։ Սաւալանեանց Տ., Պատմութիւն Երուսաղէմի, Երուսաղէմ, 1872, էջ 628։

[27]   ԵՉՔ, էջ ՃԽԲ։ ԵՑՁ, Հտ. Դ., էջ 564–565։

[28]   ԵՑՁ, Հտ. Դ., էջ 564–565։ Չամչեան Հ. Մ ., Պատմութիւն Հայոց, Հտ. Գ., Վենետիկ, 1786, էջ 725։

[29]   Ակինեան Հ. Ն., անդ, էջ 326։

[30]   ՄՄՑՁ, Ձեռ. թիւ 579։ Ակինեան Հ. Ն., անդ, էջ 329։

[31]   ԵՑՁ, Հտ. Ա., Ձեռ. թիւ 201։ Յովհաննէսեանց Եպս. Ա., Ժամանակագրական Պատմութիւն Ս. Երուսաղէմի, 1890, էջ 416-417։

[32]   ԵՑՁ, Հտ. Բ., էջ 43, Ձեռ. թիւ 462։ «Սա եկեալ յԷջմիածնէ զՏրապիզոնաւ ի Պօլիս, գնաց ընտրութեամբ ազգին յԷտրէնէ, եւ անդ խիլայեցաւ պատրիարքական իշխանութեամբ, ՌՃԽԸ (1899) երկուսն Յունուարի» (ըստ իր Օրագրութեան)։ Կը գրէ Մաղաքիա Դպիր Ճէվահիրճի, Երուսաղէմի իր Գաւազանագրքին մէջ։ 1899 Յունուար 2էն մինչեւ 1704 Նոյեմբ։ 24 Պատրիարք կը ճանչնայ Երուսաղէմի։

[33]   AP. SO. Armeni, vol. 4, f. 604:

[34]   ԵՑՁ, Հտ. Դ., էջ 382, Ձեռ, թիւ 1234։

[35]   Ձեռ. Ս. Ղազարի, թիւ 1887, Չ, զ:

[36]   Սիւրմէեան Եպս. Ա., Մայր ցուցակ Ձեռագրաց Երուսաղէմի, Վենետիկ, էջ 72բ։

[37]   Ակինեան Հ. Ն., անդ, էջ 330։