Մինաս Վրդ. Ամդեցի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Բ. ՄԻՆԱՍ ՎՐԴ. ԱՄԴԵՑԻԻ ԳՐԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մինաս Վրդ. Ամդեցիի գրասիրութեան կը վկայեն գիրքերը ու գրչագիրները, որոնց հետամուտ եղած է։ Ընտրութիւնը որ ըրած է մեր նախնեաց դպրութեան գրչագիրներու մէջէն իր մտային պաշարը հարստացնելու համար, ցոյց կու տայ անոր ճաշակը եւ ձըգտուները։

Ասոնց Յիշատակարանները կը սկսին, որքան ծանօթ է մեզի, 1655 թուականէն, երբ ընդունեցաւ Վարդապետական իշխանութիւնը, ու կ՚երկարաձգուի մինչեւ իր մահուան թուականը (1704)։ Ասոնք, մերթ ընդ մերթ, մեզի կու տան նաեւ թանկագին /35/ տեղեկութիւններ իր կեանքի այլեւայլ փուլերուն։

Այս գրչագիրները, իրմէ ապսպրուած կամ ստացուած, ժամանակագրական կարգով կը դասաւորենք, իբրեւ աղբիւր անոր կենսագրութեան մասին տեղեկութիւնները ընդլայնելու:

Մինաս Վրդ. իբր գրական արտադրութիւն չունի կարեւոր գրուածքներ։ Իր անունով կը յիշատակուի Ազգաբանութիւն Թագաւորաց Հայոց, յօրինուած իրմէ, Հ. Ակինեանի համաձայն, հետեւողութեամբ Ֆրա Մարտինոսի Հռոմայեցւոց եւ Պապերու պատմութեան։ Նոյն բանասէր Հայրը լոյս հանեց նաեւ քանի մը անտիպ Տաղեր (ՀԱ., 1960, էջ 333—359), որոնք կը բացայայտեն հայ հոգեւորականի բարի հոգին։ Ունի նաեւ քանի մը անտիպ նամակներ, զոր մենք հոս կ՚արտատպենք։

Հուսկ ունի իր անձնական Օրագրութիւնը, 290 էջնոց, որ կը գրկէ 1680-1704 տարիները, ուսկից միայն հատակոտոր պատառիկներ լոյս հանուած են, եւ որուն բնագիրը կը պատուի Երուսաղէմ Ս . Յակոբեանց Մատենադարանը, Ձեռ, թիւ 1316։

ՄԻՆԱՍ ՎՐԴ. ԱՄԴԵՑԻԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ

1. Ժողովածոյ, 1655 թուին, ստացողին կնիքով, որ է «Ք(րիստո)սի Ծ(ա)ռ(այ) Մինաս Վրդ. Թվ. ՈՃԸ»։ Թէեւ Ամդեցի մականունը չկայ, բայց իր Վարդապետական /36/ կնիքը ու 1655 տարին բաւական է եզրակացնելու համար թէ ինքն է [1] ։

Ժողովածոն կը բովանդակէ Աստուածաշունչի վերաբերող Բառգիրք, եբրայական ինչ ինչ եզրներու իմաստը բացատրող։ Կաթուղիկէ Թուղթերը: Իմաստութիւն Յեսուայ Որդւոյ Նաւեայ: Քարոզգիրք։ Վարք Հարանց։ Գրիչներն են Ոսկան դպիր եւ Նիկողայոս Աբեղայ:

Նիւթեր՝ որոնք կը մատնանշեն նորընծայ վարդապետի մը հիմնական մտահոգութիւնները։

 

2. Խոսրով Անձեւացիի Մեկնութիւն Ժամակարգության, 1660 թուին։ Ձեռագիրին սկիզբը դրոշմուած կը գտնենք Ստացողին կնիքը 1655 տարիով։ Յիշատակարանը ունի հետեւեալը. «Կազմեցաւ վերստին ... ձեռամբ Մինաս բանի սպասաւորի, ի յԱռաջնորդութեան Շէնքուշու նահկի Մարկոս Աստուածաբան Վրդ. ի», ի թուին 1109 (1660) [2] ։

 

3. Աստուածաշունչ գիրք. Յիշատակարանը 1664 թուին, գրուած նոյն ինքն Մինաս Վրդ. էն, որ նախ կը խնդրէ յիշել Մարտիրոս Վրդ. Չնքուշեցին, որուն կը պատկանէր այս Ս. Գիրքը սկսեալ 1621 տարիէն։ Կը խնդրէ յիշել նաեւ անոր աշակերտը Մարկոս Վրդ. Չնքուշեցին, յետոյ նաեւ ինքզինքը. ու կը շարունակէ թէ Եւդոկիա երթին աւազակներէ կողոպտուելով, զրկուած է նաեւ ունեցած /37/ գիրքերէն, ու մնացած էր միայն այս համառօտ Աստուածաշունչը, որ Մարկոս Վրդ. էն նուէր ստացած էր։ Պատշաճ համարեցայ, կը գրէ, զայս եւս զետեղել Սիրահայեաց Ս. Աստուածածին վանքին գրադարանը, ինչ որ ըրած էր Մարտիրոս Վրդ., որպէսզի ես ալ Քրիստոսէ թողութիւն գտնեմ։ Ապա կը յաւելու թէ 1664 (ՌՃԺԳ) ամին, Եղիազար Վրդ-ն Կաթողիկոս ձեռնադրուեցաւ Հալէպի մէջ, Խաչատուր Սիսի Կթղս. էն, Քառասուն Մանկանց եկեղեցիին մէջ [3] ։

 

4. Դիոնեսիոսի Յաղագս երկնային քահանայապետութեանց։ Ունի երկու սուղ Յիշատակարաններ, 1673 եւ 1686 թուին, գրուած ստացողէն, որ նոյն ինքն է Մինաս Վրդ. Ամդեցի. «ի քաղաքն Երուսաղէմի, ի դուռն Ս. Յակոբայ վիճակս ամենայն Հայոցս ազգի» [4] ։

 

5. Իգնատիոս Վրդ. ի Մեկնութիւն Ղուկասու, 1674 թուին։ Ձեռագիրին թուականն է 1326, որ 1674ին ստացած է Մինաս Վրդ. եւ նորոգած է։ Այս գրչագիրը իբր նուէր ստացել է իր Վարդապետէն, Մարկոս Չնքուշեցիէն, եւ կը պատմէ անոր պարագաները այսպէս. Երբ գնացի իմ նախկին դասատունս Շէնքուշ, շատ կը ցանկալի ունենալ Ղուկասի Մեկնութիւնը, զոր տեսած էի կանխորօք իմ Վարդապետիս մօտ. խնդրեցի իրմէ այդ գանձը. եւ նա, որ իբր հոգեւոր հայր /38/ իր սրտի վարշամակին մէջ ծրարեալ կը պահէր զիս, տուաւ ինծի իբր օժիտ «ի յիշատակ հոգւոյ իւրոյ, այսու պայմանաւ զի առցուք ի ձեռս եւ քարոզեսցուք զբանս կենսունակ ի լսելիս քրիստոսասիրաց անձանց»: Ու ապա շարունակելով կը գրէ թէ Եդեսիա գալուն, նշմարած է գրչագիրին մէջ «զկրկին անկածս թղթոյն ոչ բարւոք գրեալ ըստ առաջնոյ ծրին», ու քակելով կրկին գրել տուած է Եդեսացի Ովանէս Քահանայի։

Հուսկ կը խնդրէ յիշել զինքը, իր Վարդապետը Մարկոս Չնքուշեցին, իր մարմնաւոր ծնողքը, հայրը մահտեսի Առաքեալը, «որ միով ամաւ յառաջ փոխեցաւ ի Քրիստոս»։

Գրչագիրին նորոգութիւնը եղած է 1674ին, «ի Հայրապետութեան Սուրբ Երուսաղէմի Տէր Եղիազար Կթղu. ի եւ ի Կաթողիկոսութեան Սուրբ Էջմիածնի Տէր Յակոբ Հայրապետի». Սուլթան Մէհմէտի 27-րդ տարին (1648—1678, Մէհմէտ Դ ), որ Կամ ենիցի կողմը պատերազմի մէջ էր [5] ։

 

6. Սաղմոս Տաղաչափեալ Յակոբ Քհյ. Թոխաթեցիի, 1675 թուին։ Մինաս Վրդ., Եղիազար հակաթոռ Կթղս. ի հրամանով Երուսաղէմէն Պոլիս եկած էր ուխտագնացութիւն մը դէպի Ս . Երկիրը կազմակերպելու նպատակով։ Այդ առիթով ծանօթացներ է վերոյիշեալ Սաղմոսարանին, սիրած է գրուածքը, եւ օրինակել տուած է /39/ Տէր Ովանէս Քհյ. Երկանի, ի դուռն Գում Գափուի Ս. Աստուածածնի [6] ։

Ձեռագիրին Յիշատակարանը կ՚ըսէ. «Յիշեցէք զՄարկոս Վրդ. ն, որ է ուսուցիչ եւ ձեռնադրող եւ խրատող ստացողի գրոցս Մինաս Վրդ. ի»։

Մինաս Ամդեցին սոյն Սաղմոսարանը եւ Երեմիա Չէլէպի Քէօմէիւրճեանի Պոլսոյ Հրկիզութեան գիրքը, 1702 թուին, նուէր ձգած եմ, կը գրէ, «իմում հարազատի նորընծայ Քահանայի Պետրոսի», որ Երուսաղէմ կը գտնուի իր մանկահասակ Աստուածատուր որդին հետ։

 

7. Վարք Հարանց, Մինաս Վրդ. ի հրամանով օրինակուած Թումա գրիչէն, 1676 թուին։ Յիշատակարանը իրմէ է, ուր կը գրէ. «ի յարդեանց Ս. Երուսաղէմի, բայց առանց գնոց դրամի». ցորքան կ՚ապրիմ ես, կը գրէ, գիրքը իմ ընթերցմանց համար է, իսկ մահէս վերջ՝ յիշատակ Երուսաղէմի Ս. Յակոբայ վանքին [7] ։

Եղիազար հակաթոռ Կթղu. ի անձին կապուած, 1676–ին՝ Մինաս Վրդ. բնակութեամբ ալ Երուսաղէմ հաստատուած էր։

 

8. Ժողովածու Ներսէս Լամբրոնացիի Մեկնութիւն ԺԲ. Մարգարէից, 1678ին օրինակուած Միքայէլ գրիչէն, որ հեղինակն է նաեւ Յիշատակարանին, ուր կը գովէ Մինաս Վրդ. ը, իբր «վարժեալ աստուածային օրինօք /40/ եւ կատարեալ տեսական եւ արդիւնական վարդապետութեամբ ... եւ գրասիրութեամբ ճոխացեալ աշխարհայնովս ամենայն եւ գերաշխարհայնովս», Էջմիածնի Եղիազար Կաթողիկոսի ժամանակ։

Դիտելի է որ եթէ Եղիազար Էջմիածնի Կաթողիկոսութեան օրով գրչուած է, 1678 թուականը չի համապատասխաներ. գուցէ 1687 էր. ստուգիւ ալ Մաշտոցեան Մատենադարանի ցուցակը, թիւ 1149 Ձեռ. ը գրչութիւնը 1684-87 տարիներուն նշանակուած է [8] ։

 

9. Գրիգոր Տաթեւացիի Առակաց մեկնութիւն, 1678 թուին օրինակուած Միքայել որդի Բարղամու, որ Մինաս Վրդ. ը կ՚որակէ Եղիազար Կթղս. ին «սիրելի եւ սպասաւոր եւ պաշտօնեայ ծառայեալ մինչեւ ցարդ ամս ԻԲ., գոլով եւ գործակալ ամենայնի, Ս. Էջմիածնայ եւ Ս. Երուսաղէմայ, եւ ամենայն իրագործութեանց Ամենայն Հայոց՝ Մինաս Վրդ. ստացող սորին» [9] ։ Հոս եւս ձեռագիրին թուականը ուղղելի է 1687ի։

 

10. Բարսեղ Կեսարու Հայրապետի Մատենագրութիւնք. 1683 թուին. Գրողն է Միքայէլ որդի Բարղամու, Յիշատակարան գրչի կը խնդրէ յիշել ստացողին Հայրը, մայրը Մարկոս Վրդ. ը։ Գրուած է, կ՚ըսէ, ՈՃԼԲ (1683) Դեկտ. 10ին, «ի Հայրապետութեան /41/ հանուրց Հայոց Աթոռոցն Սրբոց Երուսաղէմի եւ Էջմիածնի, զի այս ամ եւ կէս եղեւ զՀայրապետութեան Գահն Էջմիածնի ունի Տէր Եղիազար Կթղս. ն Սուրբ Երուսաղէմի»։ Այս տարի, կը յաւելու, Եգիպտոս վախճանեցաւ Մարտիրոս Վրդ. Ղրիմեցի. պատերազմ եղաւ Հագարացիներու եւ Ֆրանցի ազգին միջեւ, ու երկու կողմէն շատ արիւն թափեցաւ։

Գրչագիրը կը բովանդակէ Ս. Բարսեղի Հարցողաց գիրքը, Մատթէոս Վրդ. ի աշակերտ Գրիգոր Տաթեւացիի, Քաղուածքը, Ս. Բարսեղի Յաղագս Պահոցը եւ Մեկնութիւն Վեցօրեայ Արարչութեան [10]:

 

11. Ժողովածոյ մը, խմբագրուած 1356ին, որ է Ժամագիրք եւ Խորհրդատետր: Վերջին ստացողը Մինաս Ամդեցին է, որուն անձնական կնիքն ալ կայ։ 1683 թուականին կը նուիրէ Ս. Յակոբայ վանքին [11] ։

 

12. Գրիգոր Տաթեւացիի Մեկնութիւն Յովհաննու, 1686 թուին։ Ստացողն է Մինաս Վրդ. Ամդեցի, որ յիշատակ թողած է զայս Ս. Յակոբի վանքին, որպէսզի անկէ օգտուողները աղօթեն բազմամեղիս համար, կը դրէ Յիշատակարանը։ «Գրեցաւ ՌՃԼԵ (1666) թվականին, իմով ձեռամբ»։

Գրչագիրի պահպանակին վրայ կայ իր գիրքերուն ցանկը, այսպէս. «Համար գրոցս այս է։ Աղօթից մեկնիչ, Խորհրդի մեկնիչ, Նարեկ, Արարածոց մեկնիչ, Նարեկի լուծ/42/մունք, Դիոնեսիուս, մէկ Քարոզգիրք, Նահապետաց կտակն, Պասմայ գիրք (չկայ անունը), Առակ մի, Ոբայ լուծմունք» [12] ։

 

13. Ժողովածոյ: Վարդան Վրդ-ի Մեկնութիւն Դանիէլի, եւ Անդրէաս Եպս. ի Մակնութիւն Յայտնութեան եւ Աստուածատուր Վրդ. Բանասէր 1682 թուին այս գրչագիրը նուիրած է Մինաս Վրդ. Ամդեցիին, զոր ինքն ալ 1686ին յիշատակ թողած է Ս. Յակոբի վանքին, ինչ որ բացայայտ է իր ձեռքով գրուած Յիշատակարանէն [13] ։

 

14. Ժողովածու Նամականի. ուր կայ Ս. Ն. Շնորհալիին Թուղթ Ընդհանրականը, Կիռ Մանուէլի հետ թղթակցութիւնները։ Սահմանք Չորրորդ Ժողովոյն այսինքն Քաղկենդոնի, թարգմանուած Կղեմէս Վրդ է, եւն։ Այս ճոխ հաւաքածոն ալ թողած է Ս. Յակոբի վանքին։

Գրչին Յիշատակարանը 1686 թուին է։ ստացողը ինքն իսկ Մինաս Վրդ. Ամդեցին դրած է, Եւդոկիայի մէջ, եւ կ՚ըսէ թէ յիշատակ կը թողու իր հոգեւոր եւ մարմնաւոր ծնողաց» [14] ։

15 - Սարգիս Շնորհալիի Մեկնութիւն կաթողիկէ թղթոց. 1687ին Մինաս Ամդեցի օրինակել տուած է Մկրտուն Ջուղայեցիին [15] ։ /43/

 

16. Միքայէլ Ասորի, Սամուէլ Անեցի, Մ. Խորենացի Պատմութիւն. այս բոլորը Մինաս Վրդ. օրինակել տուած է Մկրտումին, 1687 թուին, Յիշատակարանին մէջ գրիչը Մինաս Վրդ. ը կ՚անուանէ սիրելի բարեկամ ու գործակալ Եղիազար Կթղս. ի [16]:

 

17. Մխիթար Գօշի Կանոնագիրքը եւ Դատաստանագիրք 1687 թուին Միքայէլ որդի Բարղամի ձեռնարկած է գրչել «ի խնդրոյ Մինաս Վրդ. ի Ամդեցւոյ աստուածարելոյ անձին եւ յԱստուած խրախուսելոյ. որ ոչ երբեք յայլ ինչ իրս է պարապեալ քան թէ յԱստուած զօրացեալ եւ նովաւ հանդիսացեալ միշտ ի գերակատարն գլուխ ունելով զակն ոգւոյ ըստ իմաստնոյն խրատս, լուսատու հոգւոյ եւ անսայթաք պողոտայ ոտից զպատուիրանս Տեառն ունել առ ինքն եւ ըստ ինքեան վարժեալ օրինօք, եւ տարեալ տեսական եւ արդիւնական գերապայծառ եւ տիեզերափայլ վարդապետութեամբ, եւ առաւելեալ ամենայն մաքրութեամբ եւ գրասիրութեամբ ճոխացեալ։ Եւ ընդ հոլովից գրոց ստացելոց, ստացաւ եւ զգիրս Կանոնաց եւ Դատաստանաց, եդեալ ի միում տփի» իր գործածութեան համար. «եւ յիշատակ հոգւոյ իւրոյ. եւ հոգեւոր ուսուցչին իւրոյ Մարկոս Վրդ. Չնքուշցւոյ փոխելոյ առ Աստուած», նաեւ ծնողաց եւ բոլոր արենակցաց։

/44/ Գրչութիւնը եղած է Եղիազար երիցս երանեալ Կթղս . ին օրով, որուն Մինաս Վրդ. դիտապետ եւ Արքեպս. Եւդոկիակերտին ԻԲ, տարիներէ ի վեր է սիրելի սպասաւոր եւ պաշտօնեայ, թէ ի Ս . Էջմիածին թէ Երուսաղէմ [17] ։

 

18. Խորհրդատետր, 1688 թուին . Մինաս Վրդ., ձեռագրին Յիշատակարանին համաձայն, յիշատակ թողած է Ս. Յակոբի վանքին [18] ։

 

19. Մաշտոց, 1690 եւ 1704 թուին, Մինաս Վրդ. ի անձնական գործածութեան համար, զոր 1690ին յիշատակ թողած է Ս. Յակոբի վանքին։ Յետնագոյն գրիչ մը նշանակած է յաջորդաբար Վրդ : ին մահը, 1704 Նոյեմբ։ 24 [19] ։

 

20. Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի Մեկնութիւն Պատարագի, 1691 Նոյեմբ. 8ին։ Գրուած Կոմիտասէ, որ ինքզինքը կը կոչէ Սպասաւոր Տեառն Մինասայ Աստուածաբանութեան Վարդապետի։ Յիշատակարանը, 1691 թուին, կը հաղորդէ թէ Ամդեցին նուիրակ ղրկուած էր Պոլիս, «ի յԱսիա եւ ամենայն տանս Յունաց, եւ Առաջնորդ Երուսաղէմի Աթոռին, Հրամանա Եղիազար Կթղս. ի», եւ հաւանութեամբ թէ Արեւելեան եւ թէ Արեւմտեան Հայքի Եպիսկոպոսներուն, Վարդապետներուն, իշխաններուն, տօլվաթաորնե/56/րուն: Դիտելի է որ «յԱսիա եւ ամենայն Տանս Յունաց» ասութիւնը Արեւմտահայք կը նշանակէ, Օսմանեան պետութեան Հողերը։ Գիտենք որ Եղիազար Կթղu. ը վախճանեցաւ 1691ին, Օգոստոս ամիսը» [20] ։

 

21. Գրիգոր Նարեկացիի Աղօթամատեան եւ Երկեր, 1692 թուին։ Գրչութիւնը սկսած է Միքայէլ Բարղամեան, 1691ին, Եւդոկիա, եւ 1692 Յունիսին աւարտած, ի վայելումն աստուածարեալ «աստուածաբան Վարդապետի եւ ճշմարիտ քարոզողի, որ ըստ գրասէր բարուցն իւրոց» փափաքած է ունենալ այս գիրքը։ Ստացաւ, կը գրէ, ի յիշատակ իր ծնողաց, իր Վարդապետին Մարկոսի եւն., Ս. Էջմիածնի երիցս երանեալ Եղիազար Կթղս. ի օրով, անշուշտ գրչութեան ձեռնարկած ատեն, որմէ խնդրեցին Հայոց մեծամեծները, որպէսզի իր սիրելի պաշտօնեան, Մինաս Վրդ. ը, կարգէ Երուսաղէմ ի Հայրապետութեան, «զի հասեալ օգնեսցէ յարաբարդեալ պարտուց գլխադրի Ս. Յակոբայ»։ Մինչդեռ Մինաս Վրդ. Պոլիս կը գտնուէր, Կաթողիկոսը հանգեաւ յամի ՌՃԽ (1691)։

Գրչութիւնը եղած է «յառաջնորդութեան նահանգիս Նէոյ–Կեսարիոյ սոյն Տեառնս Մինասայ Արքեպս. ի Եւդոկիակերտիս» Ս. Սարգիս եւ Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիներուն հովանիին ներքեւ։ 1692 Յունիսի վերջերը, մինչդեռ Մինաս Վրդ. Երուսաղէմ կը գտնուէր։

/46/ Ըստ այսմ, Ամդեցին կը պահէր տակաւին Եւդոկիոյ Առաջնորդութիւնը, Երուսաղէմի վրայ անուանումէն յետոյ ալ, ինչ որ Գ. Գէորգեան կը պաշտպանէ Ա. Ալպօյաճեանի դէմ [21] ։

 

22. Յայսմաւուրք, 1693 թուին, գրչուած Մկրտում Ջուղայեցիէն, Եւդոկիա։ Յիշատակարանը, միեւնոյն տարւոյն, կը գրէ. «ի յառաջնորդութեան նահանգիս, Եւդոկիոյ Տեառն Մինասայ աստուածաբան եւ քաղցրուսոյց Վարդապետի» [22] ։

 

23. Ս. Ներսէս Լամբրոնացիի Մեկնութիւն Պատարագի, 1697 թուին։ Ձեռագիրին առաջին ստացողը եղած է Մարտիրոս Վրդ. Չնքուշեցին 1613 թուին, նա թողած է Չընքուշի Սիրահայեաց վանքին։ Գրչագիրը յաջորդ ժամանակներուն, վանքի գրադարանէն տարուած է Էջմիածին, «զոր գողացեալ էին» կը գրէ նոյն ինքն Մինաս Վրդ., Յիշատակարանին հեղինակը. «ի վանացն Չնքուշայ, ի նախակրթեալ աթոռոյն իմոյ», եւ որովհետեւ ինծի ծանր թուեցաւ այս, կը գրէ, «հեռանալն գրոցս մեր ի վանուց Ս. Աստուածածնի որ ի Չնքուշ» փոխանակեցի զայն կոչումն Ընծայութեան եւ Ճառից գիրքերով, ու վանքին վերադարձուցի ի յիշատակ ..

Զանցառումներուն դէմ ալ իր դատակնիքը կը սպառնայ. նզովք՝ 318 Հայրապետներէն Նիկիոյ Ժողովին. «նաեւ յինէն, Մինաս Վրդ. էն, եղիցի կապեալ հոգւով եւ մարմնով, աստ եւ ի հանդերձելումն. ամէն»։ Գրեցա ՌՃ(Խ)Զ (1697) Յունիս 10 «իմով ձեռամբ Մինաս Վրդ. իս, ի դուռն Ս. Էջմիածնի, ի կաթողիկոսութեան Տեառն Նահապետի» [23] ։

Եթէ Նահապետին օրով է, ինչպէս որ գրուած է, վրիպակաւ է Թորոս Աղբարին արտադրած թուականը ՌՃԻԶ. Մենք Ի գիրը Խ գիրով կը փոխանակենք։

 

24. Երազահան, 1693 եւ 1703 թուին։ Մինաս Վրդ. այս թուականներուն, իբր Պատրիարք Երուսաղէմի, իր մէկ քանի երազները արձանագրեր է [24] ։

 

25. Աւետարան Գագիկ Շահնշահի, օրինակուած 1029-1064 տարիներուն մէջ։ Մինաս Ամդեցին պարզապէս նորոգել տուած է կորուստէ փրկելու համար թանկարժէք գրչագիրը, 1703 թուին, Երուսաղէմ, մահէն ճիշտ տարի մը առաջ [25] ։

 

26. Ճառընտիր։ Սեբաստիոյ Ս. Նշան վանքին թիւ 150 գրչագիրն է, որուն առաջին մասը (էջ 3-190) Պատմութիւն Սրբոյն Յոհաննու Ոսկեբերանի, Կ. Պոլսոյ Եպիսկոպոսապետի եւ տիեզերաց լուսաւորչի ծննդեան եւ սննսիան եւ գեղեցիկ քաղաքավարութեան։ Ս. Հայրապետին վարքն է, յոյն բնագիրէն /48/ թարգմանուած 1100 թուին, Գրիգոր Մեծ Վկայասէրէն։ Կը յաջորդեն ուրիշ ճառեր, մինչեւ էջ 283։

Ցուցակը կազմողը, Թորգոմ Արքեպ. Գուշակեան, կը գրէ թէ հաւանօրէն այս ձեռագիրին գրիչը Մինաս Վրդ. ն Ամդեցին է, հետեւցնելով գրչագրին երեսին վրայ դրուած երկտող յիշատակագրութենէն [26] ։

Երկին թարգմանութեան թուականը կը մնայ մեծ Յիշատակարանին մէջ, մինչդեռ գրչութեան թուականը նշանակուած չէ։

* * *

Դարու մը մէջ ուր տակաւին տպագիր հրատարակութիւնը հայ իրականութեան մէջ իր երկչոտ քայլերը հազիւ սկսած էր, մանաւանդ նախնեաց մատենագրութեան հայող մարզին մէջ, անհրաժեշտ էր տակաւին ընտիր գրչագիրներու մատենադարան մը կազմելը, մօտենալու համար Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հարազատ վարդապետութեան։ Այս է որ ջանացած է կատարել Մինաս Ամդեցին։

Բացի Ս. Գիրքէն, Աստուածաշունչ, Սաղմոս, Խորհրդատետր, Մաշտոց, որոնք կը կազմեն որեւէ հոգեւորականի առձեռն զէնքերը, Ամդեցին հետապնդած է ձեռք ձգել Ժողովածոներ, որոնք ինքնին փոքրիկ գրադարաններ էին ծանօթացնող նախնեաց պատ/49/մութեան, դաւանանքին. օրինակ՝ Նամականին Ս. Ներսէս Շնորհալիի եւ այլ Հայրապետներուն։ Ս. Հայրերուն Մեկնողական գործերը, եւ սրբազան Վարդապետներուն, ինչպէս եղած են Բարսեղ Կեսարացի, Խոսրով Անձեւացի, Գրիգոր Նարեկացին, Ներսէս Լամբրոնացին, Իգնատիոս Վրդ., Սարգիս Շնորհալի են... ։ Ատոնց հետ զանց չէ ըրած իր հոգեւոր կեանքի սնունդին համար օգտակար հոգեշունչ վարքերը Հարանց Անապատի, Յայսմաւուրքը եւն. ։

Այսպիսի վճիտ ակնաղբիւրէն է որ գիտութեան իր պապակը յագեցուցած է Ամդեցին։ Աստուածաբան Վարդապետի կամ աս տուածարեալ անձի եւ այլ գովեստները, որ իրեն կու տան իր աշակերտները կամ գրիչները, գրչագիրներու Յիշատակարաններուն մէջ իբր լուսապայծառ ջահ ի մէջ ազգին, սնոտի տիտղոսներ եղած չեն։

Ամդեցին, գրական տեսակէտէն կշիռ ունեցող գրուածք թողած չէ։ Հոգեւորականի սեփական առաքելութեան նուիրուած անձ եղած է, Եղիազար եւ Նահապետ կաթողիկոսներուն ծառայութեան մէջ, գործի մարդ, քարոզիչ, հովիւ. բայց իմաստութիւնը ունեցած է հետամուտ ըլլալու ինչ որ հարազատ էր, մնայուն էր, անխարդախ էր նախնեաց ժառանգութիւն ձգած աւանդութեան մէջ իբր վարդապետութիւն։

Ինչպէս Հայոց բնաշխարհը, իր լեռնաշղթաներուն ընդերքը կենսատու եւ քաղց/50/րահամ ջուրի առատ աղբիւրներ կը պահէ, այսպէս Հայաստանեայց Եկեղեցին ալ՝ Ս. Հայրերէն աանդ թողուած կրօնաշունչ մատենագրութեան ընդերքը ուղղափառութեան գանձեր։ Բաu է պեղել Աւանդութեան խորքը յստակատայեաց աչքերով։ Այդ է որ կատարած է Մինաս Ամդեցին։ Իր մէկ նամակը որ Պոլիսէն ուղղուած է, 1699 Դեկտ. 11 թուակիր, Հռոմի Եպիսկոպոս Իննովկենտիոս ԺԲ. Պապին, ուր կը բացայայտէ իր ուղղափառ հաւատքը, զոր քաղած եմ, կը գրէ, իմ նախնի Հայրերուն թողած աւանդէն, բաւական պերճախօս է բացայայտելու եւ արդարացնելու իր աստուածաբանութեան մասին տրուած, գովքերը։



[1]     ԵՑՁ, Հտ. Դ., էջ 272, Ձեռ. թիւ 1173։

[2]     ԵՑՁ, Հտ. Դ. էջ 421, Ձեռ, թիւ 1253։

[3]     Թորոս Աղբար, Բ., էջ 461-465։

[4]     ԵՑՁ, Հտ. Դ. էջ 183, Ձեռ, թիւ 1120:

[5]     ԵՑՁ, Հտ. Բ. էջ 421, Ձեռ. թիւ 453։

[6]     ԵՑՁ, Հտ. Գ. էջ 400, Ձեռ, թիւ 892։

[7]     ԵՄՁ, հտ. Գ. էջ 211, Ձեռ. թիւ 756։

[8]     ՄՄՑՁ, Հտ. Ա., Ձեռ թիւ 1149, գրչութիւն 1684-87ի։ ՀԱ, 1960, էջ 324։

[9]     ՀԱ, 1960, էջ 324։ ՄՄՑՁ, Հտ. Ա, Ձեռ. թիւ 1149։

[10]   ԵՑՁ, հտ. Բ. էջ 458, Ձեռ. թիւ 470։

[11]   ԵՑՁ, հտ. Դ. էջ 385, Ձեռ. թիւ 1236:

[12]   ԵՑՁ, հտ. Դ. էջ 292, Ձեռ. թիւ 1188։

[13]   ԵՑՁ, հտ. Ե. էջ 540, Ձեռ. թիւ 1681։

[14]   ԵՑՁ, հտ. Գ. էջ 355, Ձեռ. թիւ 858։

[15]   ՄՄՑՁ, հտ. Ա., Ձեռ. թիւ 1370: ՀԱ, 1960, էջ 326։

[16]   ՄՄՑՁ, հտ. Ա., Ձեռ. թիւ 1483։ ՀԱ, 1960, էջ 325։

[17]   Թորոս Աղբար, Բ. էջ 468–469։

[18]   ԵՑՁ, հտ. Է. էջ 362, Ձեռ. թիւ 2268։

[19]   ԵՑՁ, հտ. Է. էջ 391, Ձեռ. թիւ 2291։

[20]   ԵՑՁ, հտ. Գ. էջ 72, Ձեռ, թիւ 650։

[21]   ԵՄՁ, Հտ. Է. էջ 21, Ձեռ. թիւ 2010, թղ. 597, մեծ Յիշատակարան։

[22]   ԵՑՁ, հտ. Թ. էջ 412, Ձեռ. թիւ 3156։

[23]   Թորոս Աղբար, Բ . էջ 465–486։

[24]   ԵՑՁ, հտ. Ը, էջ 199։

[25]   ԵՑՁ, հտ. Ը. էջ 248, Ձեռ. թիւ 2557։

[26]   Գուշակեան Արքեպ. Թ., Ցուցակ Հայերէն Ձեռագրաց Սեբաստիոյ Ս. Նշան վանքին, Վիեննա 1961, Ճառընտիր, Ձեռ, թիւ 150, էջ 90։