Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԼՈՒԽ Գ. ՄԻՆԱՍ ՎՐԴ. ԱՄԴԵՑԻ ԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԵՒ ՀՌՈՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ

ԺԷ. դարուն Մովսէս Գ. Տաթեւացին, նախ իբր Եպիսկոպոս՝ երկու Հայ եպիսկոպոսակիցնելու հետ, 1626 Օգոստոս 17ին, ապա նաեւ իբր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, 1632 Օգոստոս 19ին՝ իր միտքը արտայայտած էր Հայաստանեայց Եկեղեցիին վերաբերմունքին մասին Հռոմի Եկեղեցին հանդէպ, այսպիսի բանաձեւով. «… զի նախնի սէրն որ կայ ի մէջ Հայոցս եւ Լատինացւոց, զոր /51/ հաստատեցին Հարքն մեր, Սուրբն Սեղբեստրոս Պապն Հռոմայ եւ Սուրբն Գրիգոր Լուսաւորիչն Հայոց Մեծաց, զնոյն եւ ի ձէնջ հաստատել խնդրեմք» [1] ։

Մեր նախնեաց մօտ, դարերէ ի վեր ընդունուած, երկու եկեղեցիներու միութիւնը արտայայտող, հայ աստուածաբանութեան խտացած բանաձեւն էր դա: Դ. դարու սկիզբէն ապրող զոյգ Հայրապետներէն աւանդ թողուած, Ս. Սեղբեստրոսի եւ Ս. Լուսաւորիչի օրինակը։

Միեւնույն տեսակէտը յաջորդաբար յայտնած էին նաեւ անմիջական յաջորդները Մովսէս Տաթեւացիին, Փիլիպպոս եւ Յակոբ Դ. Ջուղայեցի Էջմիածնի Կաթողիկոսները: Գրեթէ միեւնոյն բանաձեւերով թէ Էջմիածնի եւ թէ Սսոյ գահակալներէն ուրիչներ ալ։ Անսովոր բան մը չէր երկու եկեղեցիներուն միջեւ վերազարթնող սիրալիր յարաբերութիւնները ԺԶ-ԺԷ դարերուն, երբ ԺԴ-ԺԵ դարերուն քաղաքական վերիվայրումներէն յետոյ, թէ Կիլիկիա եւ թէ՛ Արեւելեան Հայաստան, դոյզն հնարաւորութիւն մը ծայր տուած էր վերաշինութեան։ Այսպէս նաեւ նոյն ԺԷ. դարուն մինչեւ վերջին տասնամեակին շարունակուած է այդ շարժումը։

Կիրակոս Վրդ. Թալինցի, այլապէս յորջորջուած նաեւ Երեւանցի, Եպիսկոպոս, որ մաս կը կազմում էր Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողի/52/կոսին դէպի Հռոմ ուղղուած շքախումբին, երբ այս ուղեւորութիւնը ընդհատուեցաւ Ջուղայեցի կաթողիկոսին մահով (1680), տասը տարիներ անց, վերոյիշեալ Եպիսկոպոսը 1691 Փետր. 10ին Պոլիսէն նաւ կը մտնէր, ուխտաւորի առաջադրանքով դէպի Հռոմ։

Վենետիկ հասած, տեղւոյն Հայ եկեղեցիին ժողովրդապետ Յովհաննէս Վրդ. Հոլովէն յանձնարարագիր մը առնելով՝ իր ուղին կը շարունակէր, եւ նոյն տարւոյն ամառուան վերջերը Հռոմ կը հասնէր։

Շուրջ երեք տարիներ, Հռոմի եւ Իտալիոյ այլեւայլ սրբավայրները այցելելէն յետոյ, մենք զինքը կը գտնենք իր Հայրենիքը վերադարձած, 1694ի աշնան։ Թղթակցութիւն մը, զոր Նահապետ Կաթողիկոս ունեցած է սոյն տարին Հաւատասփիւռի Ժողովին հետ, Նnյեմբեր 3ին, կը տեղեկացնէ թէ Կիրակոս Վրդ. վերադարձել է, եւ թէ իրեն հաղորդած է այն մեծ խնամքը եւ հոգածութիւնը որ կը տածէ սոյն Ժողովը Ուրբանեան Վարժարանի հայազգի աշակերտներուն հանդէպ, զանոնք դաստիարակելու եւ կազմելու համար զարգացած հոգեւորականներ Հայաստանեայց Եկեղեցիին օգտին, որուն համար Կաթողիկոսը երախտապարտ կը ճանչնայ ինքզինքը [2] ։

/53/ Որքան մեզի` ծանօթ է, դա Նահապետ Կաթողիկոսին անդրանիկ թղթակցութիւնն է Հռոմի Եկեղեցիին հետ:

ՆԱՀԱՊԵՏ ԿԹՂՍ. Ի ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀՌՈՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՀԵՏ ԵՒ ՄԻՆԱՍ ԱՄԴԵՑԻՆ

1695 Սեպտ. 5 թուակիր ուրիշ գիր մը ուղղած է Նահապետ Կթղս., այս անգամ Իննովկենտիոս ԺԲ . Քահանայապետին, որուն պատճէնը հրատարակեց Մեսրոպ Վրդ. Թէրզեան [3] ։

Յաջորդ տարին, 1696 Յունիս 2 թուակիր նամակ մը կը ժամանէր Նահապետ Կթղս. ին, Յովհաննէս Գ. Սոպիէսկիի՝ Վիեննա քաղաքին դռներուն առջեւ 1683ին թուրք բանակին յաղթական Լեհ թագաւորէն։ Այս նամակը կը տանէր լեհական պատգամաւորութիւն մը, առաջնորդուած լեհահայ Սիմէոն Վրդ. Բեդրոսովիչէն։ Սոպիէսկի կը հրաւիրէր Հայոց Կաթողիկոսը եւ Եկեղեցին վերահաստատել պաշտօնական եկեղեցական հաղորդակցութիւնը Հռոմի Եկեղեցիին հետ, խոստանալով օգնել հայ ժողովուրդին ու Հայաստանեայց Եկեղեցիին [4] ։

/54/ Իսկական համամիութենական ծրագրի մը առաջարկն էր սա, մեր այսօրուան լեզուով։

Զանց կ՚ընենք հոս այս պատգամաւորութեան մանրամասնութիւնները։ Այսչափ միայն ըսենք որ Եան Գ. Սոպիէսկի թագաւորը նոյն տարին իսկ վախճանեցաւ, եւ Ս. Էջմիածնի Վեհին այս յարաբերութիւնները առիթ տուին, Արեւելահայքի Վարդապետներուն այն հատուածին, որ հաշտ աչքով հանդիսատես չէր ըլլար անշուշտ Նահապետ Կթղս. ին յարաբերութեանց Հռոմի Եկեղեցիին հետ, որպէսզի Պարսից Շահին միջամտութեամբ գահընկեց ընեն Էջմիածնի օրինաւոր գահակալը։

1696 Նոյեմբ. 1ին Ստեփանոս Վրդ. Ջուղայեցին կը գրաւէր Էջմիածնի Աթոռը։

1697 Փետրուար ամսուն մէջ, Մինաս Վրդ. Ամդեցին, որ ներկայ եղած էր գահակալութեան այս տեղատուութեան, շուրջ երեք ամիսներ անց, կրցաւ իր Աթոռը վերադարձող Նահապետ Կթղս. ին այցելել ու շնորհաւորել անոր վերադարձը, ինչպէս որ կանխապէս տեսանք, նոյն ինքն Մինաս Վրդ. Օրագրութեան տուեալներէն։

Հռոմ ալ հեռուէն հետեւած ըլլալով Հայոց Աթոռին այս ելեւէջներուն, 1697 Ապրիլ 15ի ՀՍ. ի Ժողովին նիստին ընթացքին, կ՚որոշէր դրել Պարսից Շահին, որպէսզի նման անհաճոյ դէպքեր չի կրկնում էին Էջմիածնի գահակալին դէմ։

/55/ Կանխապէս, միեւնոյն ՀՍ ի Ժողովը, 1697 Յունուար 28ին, Սիւնեաց մեծամեծներուն եւ Կասպից ծովուն շուրջը գտնուող Եպիսկոպոսներուն անունով հասած գրուածքներուն ալ, ինչպէս նաեւ Նահապետ Կթղս. էն առաքուած 1695 Սեպտ. 5 թուակիր թուղթին բովանդակութիւնը վերաքննած էր։ Անոնց բովանդակութիւնը կը դառնար առհասարակ երկու Եկեղեցիներուն հաղորդակցութեան շուրջ, որ պիտի դիւրացնէր միանգամայն Արեւմուտքի քրիստոնեայ իշխանութեանց, որոնց մէջ ջերմագոյնը Լեհն էր, հովանաւորութիւնը Հայ քրիստոնէութեան վրայ։ Հռոմի Ս. Ժողովը հոն կը յանգի որ պաշտօնապէս պատասխանէ Նահապետին կողմէ առ Իննովկենտիոս ԺԲ., 1695 Սեպտ. 5ին ուղղուած նամակին, պաշտօնական պատգամաւորութեամբ։

1698 Մայիս 3ով, Իննովկենտիոս ԺԲ. Պապին պատասխանը առ Նահապետ Կթղս. Ամենայն Հայոց, պատրաստ էր։ Համառօտագիր (Breve) թուղթը կը սկսի հետեւեալ բառերով՝ «Graves etsi non insuetos» [5]:

ՀՍ. ի Ժողովը նոյն տարւոյն Յուլիս 28ի նիստին մէջ կ՚որոշէ կերպը առաքուելիք պատգամաւորութեան, ընծաներուն ու թուղթին։

/56/ Իսկզբան, Հռոմ ծրագրած էր առ այս կարգել լեհացի Հ. Իգնատիոս Զաբոլսկի Յիսուսեան Վարդապետը։ Երբ իմացաւ թէ նա ոչ իսկ տեղեակ էր թղթակցութեանց, որոնք տեղի ունեցեր էին Հռոմի եւ Էջմիածնի միջեւ, կ՚որոշէ յանձնել սոյն առաքելութիւնը հայազգի Վարդապետի մը, կարնեցի Խաչատուր Վրդ. Առաքելեանի, որ Պոլիս կը գտնուէր արդէն, քարոզութեամբ զբաղած։

Խաչատուր Վրդ. այն ինչ ստանձնեց այս առաքելութիւնը, չուշացաւ դիմել Մինաս Վրդ: Ամդեցիին, զոր ՀՍ. Ժողովին ուղղած իր նամակին մէջ կ՚անուանէ «maximus amicus meus» մեծագոյն բարեկամս, եւ որմէ առաւ ջերմ յանձնարարագիր մը ուղղուած Նահապետ Կթղս. ին։ Գիտենք որ Ամդեցին 24 Հոկտ. 1698էն մինչեւ 1701 Սեպտ. 1 Պոլիս կը գտնուէր։

Խաչատուր Վրդ. 1699ին ամառը մեկնեցաւ Պոլիսէն դէպի Էջմիածին, ուր տօնեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնը, եւ յաջողութեամբ գլուխ հանեց իրեն յանձնուած առաքելութիւնը, որուն մանրամասնութեան վրայ հոս չենք ուզեր ծանրանալ։

1699 Հոկտ. 20 թուակիր, Մինաս Վրդ. ի Պոլիսէն գրած մէկ նամակէն, կ՚իմանանք թէ Խաչատուր Վրդ՝ վերադարձել է արդէն Էջմիածնէն։ Ամիս մը յետոյ, Խաչատուր Վրդ. ալ 1699 Նոյեմբեր 23 թուակիրով, ուղղուած ՀՍ. ի Ժողովի Կարդինալներուն, կը նկարագրէ իր առաքելութեան մանրամասնու/57/թիւնները [6] ։ Սոյն նամակին մէջ, ի միջի այլոց, վեր կը հանէ նաեւ Երուսաղէմի Պատրիարք Մինաս Վրդ. ին առ Նահապետ Կթղս. ուղղած թուղթին կատարած դերը ի նպաստ իր այդ առաքելութեան։

Ի պատասխան՝ Իննովկենտիոս ԺԲ . Պապին թուղթին, Նահապետ Կթղս. 1699 Յուլիս 13ի դիրով, գրուած Երնջակայ Ս. Կարապետի վանքը, կը յայտնէ իր երախտագիտական զգացումները յարակից իր ուղղափառ դաւանութեան հետ։

Ինչպէս որ կ՚արտայայտուէր Խաչատուր Վրդ. Առաքելեան, գլուխը չի չեալ պատգամաւորութեան, Ս. Էջմիածնի Վեհին ու Հռոմ ի Եպիսկոպոսին միջեւ Եկեղեցական հաղորդակցութիւնը իրողութիւն մըն էր։ Նոյն եղած է անցուդարձերու իրազեկ ժամանակակից անձերու տպաւորութիւնն ալ [7] ։

Կ. ՊՈԼՍՈՅ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀԱՄԵՐԱՇԽ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Կ. Պոլսոյ Աթոռին վրայ 1700ին կը նստէր Մխիթար Վրդ. Քիւրտիստանցի, ըստ այլոց կորդուացի ալ կոչուած է։ Սա ալ ուրեմն միաբանական սիրալիր վարմունք մը որդեգրած էր հանդէպ Հռոմի Եկեղեցիին։ Տեղեկագիր մը, Պոլիսէն 1701 Օգոստ. 25 /58/ թուակիր Հռոմ առաքուած, կը հաղորդէ թէ Մխիթար Պատրիարք, անցեալ տարի, ուրեմն 1700ի ընթացքին, U. Էջմիածնի եւ Երուսաղէմի Աթոռներուն օրինակին հետեւելով, վերցուցել է Քաղկեդոնի ժողովին ու Ս. Լեւոն Պապին դէմ նզովքները [8] ։ Բարեկամական յարաբերութիւններ ալ կը մշակէր Միջին Եւրոպայի երեք մեծ պետութեանց դեսպաններուն հանդէպ, Աւստրիոյ, Լեհաստանի եւ Վենետիկի Հանրապետութեան։ Զայս վեր կը հանէ եւրոպացի բարձր եկեղեցական մը, Կարմեղեան P. David di S. Carlo, որ Առաքելական այցելուի հանգամանքով Պոլսոյ լատին վանքերուն վրայ ղրկուած էր Հռոմէն։ Այս վերջինս 1700 Օգոստ. 3 թուակիր նամակով՝ շահեկան տեղեկութիւններ կուտայ նաեւ ժամանակին հայ պատրիարքութեան անցուդարձերու մասին։ Իրմէ զատ ուրիշ օտար միսիոնարներ ալ ատոր արձագանգը տուած են։

Կը գրէ սոյն Առաքելական Այցելուն, թէ Մխիթար Պատրիարք մի առ մի հրաւիրած է վերոյիշեալ պետութեանց դեսպանները՝ Հայոց Եկեղեցին, Ս. Պատարագին մատուցման մասնակցելու։ Զանոնք ընդունած է արքայական շուքով։ Ս. Խորհուրդի մատուցման ատեն, պատարագիչ Արքեպս. ը բաժակին մէջ ջրախառնումը զանց չէ ըրած իսկ «Յիշեա»ներու կարգին ալ բարձրաձայն միջատակութիւնը ըրած է Իննովկենտիոս ԺԲ. /59/ Պապին եւ Արեւմուտքի քրիստոնեայ իշխաններուն համար աղօթած են։ Եկեղեցական դասը պատասխանած է։ Յիշեալ տեղեկատուն կը վկայէ թէ Մխիթար Պատրիարքին եկեղեցական հաղորդակցութիւնը Հռոմի Եպիսկոպոսին հետ իրականութիւն մըն էր։

Միեւնոյն տեղեկատուն շարունակելով կը գրէթէ յետ եկեղեցական արարողութեան, ի պատիւ դեսպաններու սարքուած ճաշի ընթացքին, Իննովկենտիոս ԺԲ . Պապին կենացը բաժակաճառեր տեղի ունեցած են [9] ։

Բարեկամական այս ցոյցը, թէ եւ կրօնական կլիմայի մէջ, Վիեննայի դրան առջեւ յաղթական պետութեանց դեսպաններուն հանդէպ, մանաւանդ Լեհացի դեսպանին, անշուշտ առանց կապակցութեան չէր Եան Գ . Սոպիեսկիի առ Նահապետ առաքած պատգամաւորութեան հետ, ոչ ալ աննշմար կրնար անցնիլ Օսմանեան պետութեան աչքին։

Վերոյիշեալ տեղեկատուն, David di s. Carlo, Մինաս Վրդ. Ամդեցիի մասին ալ կ՚արտայայտուի այսպէս. Ամդեցին, կը գրէ /60/ նա, Պոլիս կը գտնուէր արքունի Պէրաթին հետամուտ, մի գուցէ կորսնցնէ Երուսաղէմի իր Աթոռը։ Սա ուժեղակազմ անձ մըն է, շուրջ 65ամեայ, «վարդապետական չափաւոր հմտութեամբ» օժտուած, սակայն «շատ արթուն, վարքովը օրինակելի, ընտիր կաթողիկէ մըն է»։ Թէեւ սա յառաջագոյն որոշ ջանք ի գործ կը դնէր, զգուշանալով հրապարակել է իր ուղղափառ համոզումները եւ հաղորդակցութիւնը Հռոմի Եկեղեցիին հետ, չկորսնցնելու համար իր ազգայիններուն վստահութիւնը. այժմ այլեւս ոչ: Հրապարակաւ կը յայտնէ իր ներքին համոզումները։ Լատին եկեղեցականը շարունակելով իր հաղորդագրութիւնը, կը յարէ եւս թէ Մինաս Վրդ. ալ Լեհ դեսպանը հրաւիրած է, եւ ընդունած այն հանդիսաւորութեամբ ինչ որ Մխիթար Պատրիարք, ջրախառնելով պատարագած է, Պապին դիտաւորութեան աղօթած։ Որ Վեհին, Նահապետ Կաթողիկոսի օրինակը անշուշտ խրախուսիչ էր իրեն համար։

Զարմանք պէտք չէ ազդէ ԺԷ. դարու վերջին տասնամեակին, յիշեալ հայ բարձր եկեղեցականներու համակրանքը Լեհ պետական իշխանութեանց հանդէպ։ Երեմիա Չէլէպի, ժամանակին պոլսահայ զարգացած եւ ազդեցիկ դէմքերէն, 1679 թուին, եօթանասուն տուննոց ներբողի Տաղ մը ձօնած է Յովհաննէս Երրորդ Սոպիէսկիին, ուր կարօտագին կ՚ըսէ. Իցի՜ւ այդպիսի իմաստուն թագաւորի մը հպատակ ըլլային հայերը։

/61/ Հուսկ վերոյիշեալ տեղեկատուն կը կնքէ իր գրութիւնը այսպէս. Թէ Մխիթար Պատրիարք եւ թէ Մինաս Վրդ. աղքատ են քան Յոյներու Պատրիարքը, վասնզի ասոնց դրամին մեծ մասը թուրքին ձեռքը կ՚երթայ [10] ։

Այս դէպքերը բաւական են ցույց տալու ԺԷ. դարուն վերջին տասնամեակներուն, Հայաստանեայց Եկեղեցիին պաշտօնական որոշ շրջանակներու մէջ տիրող կլիման ինչ կը հայի Հռոմի Եկեղեցիին հետ հաղորդակցութեան հարցին։

Խաչատուր Վրդ. Առաքելեան իր 1699 Նոյեմբ. 23 թուակիր տեղեկագրին մէջ, որուն ակնարկեցինք վերեւ, կը հաստատէ թէ Կ. Պոլսոյ վաթսուն աշխարհական անձնաւորութիւններ տուած են իրենց հաւանութիւնը ի նպաստ միաբանական բանակցութեանց երկու եկեղեցիներուն։ Մեծահարուստ հայազգի Ազարիա յայտնած է թէ տրամադիր է իր բոլոր ստացուածքը կապել այդ դատին։

/62/ Ժամանակակից արժանահաւատ հեղինակ մըն ալ, Ստեփանոս Վրդ. Լեհացի, կը վկայէ թէ «Մինաս Վրդ. ն, զոր ինքը Թոխաթեցի կ՚անուանէ, Արքեպ. եւ Առաջնորդ Երուսաղէմի, ի սոյն ամի Դեկտ. ԺԱ, 1699 տարւոյն, ի Կ. Պոլսէ առ նոյն Սրբազան Փափն (= Իննովկենտիոս ԺԲ). գրեաց դաւանելով այսպիսի բանիւք։ Դաւանիմք եւս զվեհապետն Հռոմայ ճշմարիտ յաջորդ գլխաւոր Առաքելոյն Պետրոսի, գլուխ ամենայն հաւատացելոց, ծայրագոյն դատաւոր ի մէջ Եկեղեցւոյ սրբոյ եւ ընդհանրական վարդապետ բոլոր Եկեղեցւոյն Քրիստոսի։ Դաւանէ ի Քրիստոս զերկու բնութիւնս, զՀոգւոյն Սրբոյ բխումն ի Հօրէ եւ յՈրդւոյ, ներկայ արքայութիւնն եւ զերանելի կեանս սրբոց, զՔաւարանն եւն ... Աղերսէ զօրհնութեան նամակ ի սուրբ Հայրապետէն, որոց թղթոց օրինակքն են առ իս» [11] ։

Խաչատուր Վրդ. Առաքելեան, իր 1700 Մարտ 15 թուակիր նամակին մէջ, որ Պոլիսէն ուղղած է ՀԱ-ի Ժողովի քարտուղարին, կը յանձնարարէ ասոր մեծ նկատողութեան առնել ինչ որ անցեալ գրութիւններուս մէջ հաղորդած էի Երուսաղէմի Աթոռի մասին, Հայաստանեայց Եկեղեցիի Պատրիարքութեան ըսել կ՚ուզէ, վասնզի անոր /63/ Առաջնորդը «մեծապէս օգտակար է հաւատքին»։

Նոյն տարին, Սեպտ. 13 թուակիրով մըն ալ, ուր կը յայտարարէ թէ Կղեմէս Կալանոսին ծանօթ եռահատոր գիրքէն երեք օրինակներ յանձնած էր Նահապետ Կթղս-ին, դէպի Ս. Էջմիածին իր պատգամաւորութեան առիթով, կը հաւաստէ նաեւ թէ շատ լաւ յարաբերութեան մէջ է Մինաս Վրդ. Ամդեցիի եւ Մխիթար (Կորդուացի) Պատրիարքներուն հետ [12] ։ Այս վերջինիս մասին, 1700 Դեկտ 21ի գիրով, Խաչատուր Վրդ. Առաքելեան կը հաղորդէ թէ գահընկեց եղած է, փառասէր հայ Վարդապետի մը կողմէ թուրքին միջամտութեամբ։

Այս Վարդապետին անունը չի տար նամակագիրը, միայն կը հաստատէ թէ ուղղափառ հաւատքի դէմ հալածանքի հարց չկայ, եւ թէ միայն Աթոռի մրցակցութիւն է։

Գիտենք որ յիշեալ Վարդապետը է Մելքիսեթ Սուպհի, որ կրկին գրաւեց Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը։ Շատ հաւանօրէն Մխիթար Պատրիարքին անհեռատես արարքին անխուսափելի գայթակղութիւնը պարտակելու դիտումով։ Այլապէս Մելքիսեթ Սուպհի Պատրիարքն ալ, իր եկեղեցաբանական համոզումներով ու դաւանանքով Մխիթար Պատրիարքէն տարբեր չէր։

Բայց մենք Մինաս Վրդ. Ամդեցիին այսպիսի համոզումները ճանչնալու համար չենք /64/ մնար միայն ժամանակակից անձերու վկայութեան, վասնզի ունինք մեր տրամադրութեան տակ իր իսկ գլխաւոր վկայութիւնը, 11 Դեկտ. 1699 թուակիր, Պոլիսէն ուղղուած առ Իննովկենտիոս ԺԲ.: Այս վաւերաթուղթին ամբողջական պատճէնը ընթերցողը կը գտնէ այս գրութեան վերջաւորութեան։ Անոր բովանդակութիւնը ինքնին պերճախօս է [13] ։

ՄԻՆԱՍ ՎՐԴ. ԱՄԴԵՑԻՆ ԵՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ՝

Հոս կ՚ամփոփենք միայն իր ընդհանուր գիծերուն մէջ յիշեալ թուղթին հիմնական կէտերը։ Թուղթը տիտղոսագրուած է։ «Երիցս Երանեալ Սուրբ Հայր ամենից ի /65/ Քրիստոս հաւատացելոց եւ գերակատար գլուխ Ընդհանուր Եկեղեցւոյն Քրիստոսի, Իննոտենցիոս ԺԲ. Սրբազան Պապ»։

Ողջոյն, սէր, որդիական երկրպագութիւն եւն. ։ Վաղուց կ՚ուզէի յայտնել Ձեզի մեր իղձը. առիթը ներկայացաւ երբ Ձեր Սրբութեան գիրը հասաւ հոս Կ. Պոլիս, Ձեր սիրելի որդի Խաչատուր Վրդ. ին, մեզի հարազատ բարեկամ, որ մտերմաբար հաղորդեց ինծի Ձեր գրածները։ Ուստի ընկերացող նամակով մը զինքը փութով զրկեցինք մեր Եղբօր Նահապետ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Ամէն ինչ յաջող անցաւ, ինչպէս որ յայտնի է Ձեզի ուղղուած գիրքն մեր Գերյարգոյ Եղբօրմէ (Կաթողիկոսէն) ու Խաչատուր Վրդ. ին առ Ս. Ժողով գրածէն։

«Աստանօր, կը շարունակէ Ամդեցին, ոչ միայն հաստատեմք զգրեցեալս ի վերյարգելի Եղբօրէ մերմէ Նահապետէ, այլ եւ բացայայտեմք եւ բացատրեմը զգրեալսն ի նմանէ։ Սակս որոյ ծանուցանեմք Սրբութեան Ձերում, զի թէպէտ եղեն ոմանք, որք այլեւայլ խօսեցեալք իցեն ընդդէմ Առաքելականի Աթոռոյ, սակայն այնպիսիքն ի մէնջ չեն ընդունեցեալք, այլ բացահերքեալք։ Վասնզի մեք կամք հաստատունք ի նոյնում դաւանութեան եւ միաբանութեան զոր արարին Սուրբն Սեղբեստրոս ծայրագոյն Հայրապետն Հռոմայ եւ Սուրբն Գրիգոր Լուսաւորիչն մեր: Վասնզի դաւանիմք զսրբազան Առաքեալն Պետրոս փոխանորդ Քրիստոսի ի վերայ բոլոր Եկե/66/ղեցւոյն նորին, գլուխ եւ իշխան Առաքելոց Սրբոց, վէմ անուանելի է դրանց դժոխոց, ծայրագոյն հովիւ հօտին Քրիստոսի, եւ որոյ ոչ պակասեցաւ հաւատն ըստ բանիցն Քրիստոսի եւ ժառանգորդ բանալեաց արքայութեան երկնից»։

«Դաւանիմք եւս զվեհապետն Հռոմայ ճշմարիտ յաջորդ գլխաւոր Առաքելոյն Պետրոսի, գլուխ ամենայն հաւատացելոց եւ քրիստոնէից, եպիսկոպոսապետ ամենայն եպիսկոպոսաց, Հայրապետ ամենայն Պատրիարքաց, գլուխ ամենայն Սիւնհոդոսաց, ծայրագոյն Հայր ամենայն հաւատացելոց, ծայրագույն դատաւոր ի մէջ Եկեղեցւոյ Սրբոյ, եւ ընդհանրական վարդապետ բոլոր Եկեղեցւոյն Քրիստոսի»։

Այնուհետեւ կը շարունակէ դաւանութիւնը ի Ս. Երրորդութիւն, բխումն Ս. Հոգւոյն ի Հօրէ եւ յՈրդւոյ, մի անձն ի Քրիստոս, կատարեալ Աստուած եւ կատարեալ մարդ անշփոթ միութեամբ. երկու կամք, երկու ներգործութիւն. Սուրբերը փառաւորեալ յետ մահու. դժոխք ու քաւարան, առանձնական ու ընդհանրական դատաստան։ Իր թուղթը կը կնքէ այսպես. «Վերջապէս ընդունիմք զայն ամենայն զոր ընդունի Ս. Եկեղեցի Հռոմայ, եւ հերքեմք զայն ամենայն զոր նա բացահերքէ ... », ու կը յայտարարէ իր համաձայնութիւնը իր Վեհին հետ, այսինքն Նահապետ Կաթողիկոսին, համաձայն U. Լուսաւորչի, Որդւոց եւ թոռանց, Ներսէս /67/ Շնորհալիի, Նարեկացիի, Լամբրոնացիի եւ մեր բոլոր այլ Հայրերուն հնազանդելոց հռոմէականի Եկեղեցւոյ։

Անցեալին՝ տգիտութեամբ թերացեր եմ, կը գրէ, ու կը խնդրէ ներում առաքելական գիրով, եւ միանգամ այն յանձնարարել մեզ Երուսաղէմի Լատիներուն, որպէսզի անոնք ալ պահեն միեւնոյն սէրը։

Կը ստորագրէ «Մինաս Եպս. վերատեսուչ Սուրբ Աթոռոյն Առաքելոյն Յակոբայ որ ի Սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ, ի վիճակ ազգին Հայոց, նաեւ ամենայն հնազանդեալք իմ ընդ ինեւ» [14] ։

Եկեղեցական հաղորդակցութեան այս գիրը, ՀՍ. ի Ժողովին 1701 Մարտ նիստին, Կարդինալ Ճուտիչէի կողմէ կը զեկուցուի։ Ժողովը կը հաստատէ թէ Մինաս Վրդ. Ամդեցին ալ համաձայն է իր Կաթողիկոսին, Նահապետի, Հռոմի Եկեղեցիին հետ Հայաստանեայց Եկեղեցիի հաղորդակցութեան։ Զեկուցող Կարդինալը կը վկայէ եւս թէ Խաչատուր Վրդ. Առաքելեան ալ յայտնօրէն կը վկայէ անոնց անկեղծութեան։ Հուսկ կը յաւելու Կարդինալը թէ Երուսաղէմի Պատրիարքը, իբրեւ նպաստաւոր միջոց սերտացնելու համար երկու եկեղեցիներու միջեւ միաբանական այս կապը, եւ առաջարկ է նաեւ դրական ցոյց մըն ալ, այսինքն վերահաստա/68/տել նախկին սովորութիւնը Լեհաստանի եւ Հունգարիոյ հայազգի գաղութի եկեղեցիներուն մէջ պարբերաբար հանգանակութիւն կատարել ի նպաստ Ս. Գերեզմանի լոյսին՝ Լուսգին, զոր զեկուցողը կը թարգմանէ Pretium luminis, ինչ որ 38 տարիներէ ի վեր, այսինքն 1663 թուականէն ասդին դադրած ըլլալը կը յայտարարէ զեկուցող Կարդինալը։

Մինաս Վրդ. Ամդեցիի կողմէ, Երուսաղէմի Պատրիարքի իր հանգամանքին մէջ, շատ բնական էր նման առաջարկ մը, զոր Հռոմ ալ իր կարգին սկզբունքով չի մերժեր։ Խաչատուր Վրդ. Առաքելեան եւս, Պոլսէն առ ՀՍ. ի Ժողովին Կարդինալները, 1699 Նոյեմբ. 23 թուին ուղղած թուղթին մէջ կը յանձնարարէ Մինաս Ամդեցիին այս խնդրանքը իբր յարմար միջոց խրախուսելու համար Եկեղեցիներու միջեւ սէրը եւ միաբանութիւնը [15] ։

ՀՍ. ի Ժողովը լրջօրէն կը զբաղի այս հարցով, եւ իսկոյն կը գրեն Լեհաստանի եւ Վիեննայի իր Առաքելական Նուիրակներուն, որպէսզի պէտք եղած լուսաբանութիւնը հաւաքեն եւ Ս. Ժողովին առաքեն։

Լեհաստանի Տէատինեան Միսիոնին վերակացուն, Հ. Ակկորսի, կը հաւաքէ հարկ եղած տեղեկութիւնները ու կը հաղորդէ թէ /68/ Շաբաթ օրերը, երեկոյեան ժամասացութեան, ըլլայ Լվովի մայր տաճարին ըլլայ միւս եկեղեցիներուն մէջ կը հանգանակուէր։ Իւրաքանչիւր եռամեային Երուսաղէմի Պատրիարքին Նուիրակը կ՚այցելէր, տանելու համար գոյացած գումարը։ Այս հանգանակութիւնը սակայն 30 տարիներէ ի վեր դադրած է, նաեւ անոր համար որ գոյացած գումարը յաճախ հազիւ կը գոցէր Նուիրակին անձնական ծախսերը։

Յիշեալ թղթակիցը կը յաւելու եւս թէ Լվովի ներկայ Հայ Արքեպիսկոպոսը տրամադիր է վերահաստատել նախկին սովորութիւնը, նկատած նաեւ Երուսաղէմի Պատրիարքին հաղորդակցութիւնը կաթողիկէ Եկեղեցիին հետ, պայմանաւ սակայն որ այդ գումարը չգործածուի բայց եթէ Ս. Գերեզմանին եւ ոչ թէ Պատրիարքին անձնական ծախսերուն որ, յաջորդեց կ՚ըսէ, իր նախորդը զահընկեց ընելով 30. 000 տալլէրի։ Հարկ ալ չկայ, կ՚ըսէ, որ Նուիրակ ղրկէ դրամը վերցնելու համար։ Արքեպս. ը պիտի հոգայ զայդ հասցնել Ս. Գերեզմանին յարմարագոյն միջոցներով։

Հայ Արքեպս. ը որ յանձնառու եղած է ընդառաջ գալ Երուսաղէմի Պատրիարքին յիշեալ առաջարկին էր Վարդան Եպս. Յովնանեան, ծագումով Եւդոկիացի, Ուրբանեան վարժարանին նախկին աշակերտ, որ երկար տարիներ քարոզութեամբ անցուցած էր Հայաստանի Արեւելեան Նահանգները, մանա/70/ւանդ Բասենի կողմերը, մինչեւ 1686 թուականը, ուսկից Լվով վերադարձած էր, յաջորդելու Նիկողայոս Եպս. Թորոսովիչին։ Վախճանեցաւ այս թղթակցութենէն սակաւ տարիներ յետոյ, 1703 թուին։

Հռոմի աչքին միշտ ծանր նկատուած է եկեղեցական իշխանութեան հասնիլ դրամով. Սիմոնականութիւն էր։ Եկեղեցական կանոններէն խստիւ արգիլուած, առաքելական ժամանակներէն սկսեալ, իշխանութեան անվաւերութեան դատակնիքով։ Օրէնք որ համաձայն էր նաեւ Հայաստանեայց Եկեղեցիին հարազատ կանոնական սկզբունքներուն, ինչպէս որեւէ վաւերական Եկեղեցիի համար։ ԴԺպհի դարաւոր իրականութիւններ, սակայն, իսլամ իշխանաւորներուն քմահաճոյքին պարտադրանքներով, գրեթէ օրէնքի կարգ անցուցած էին ժամանակին ծաւալած եղծումները, Արեւելք, ուստի նաեւ մեր Եկեղեցիին մէջ։ Հռոմ, առատ քրիստոնէութեան մէջ, չունէր փորձառութիւնը ստրկութեան։ Ահա թէ ինչու կանգ կ՚առնէ ՀՍ-ի Ժողովը անդրագոյն ճշդումներ կատարելու համար, նախ քան համաձայնիլը Մինաս Ամդեցի Պատրիարքի առաջարկին, ու կը հրահանգէ Ժողովը որպէսզի անդրադոյն լուսաբանուի թէ որքան հիմնուած է Յունանեան Արքեպս. ին հաստատածը [16] ։

ՄԻՆԱՍ ՎՐԴ. ԱՄԴԵՑԻ ԵՒՐՈՊԱ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԱ՞Ծ Է

Գառնիկ Գէորգեան, իր Չնքուշն անիրաւուած յօդուածին մէջ (Բազմ. 1864, էջ 126) կը գրէ թէ Մինաս Վրդ. երկիցս Եւրոպա գացած է, կը նշանակէ թուականներն ալ, 1684-5 եւ 1695, առանց անդրագոյն մասնաւորելու։ Մ. Եպս. Նշանեանի լոյս հանած Ամդեցիին սղագրեալ Օրագրութիւնը բան չի ըսեր այն մասին, դատելով այդ դրուածքին մեզի ծանօթ հատակոտոր հատուածներէն։

Մեզի ծանօթ է միայն նոյն ժամանակի, Բեթղեհեմի Եղիա Եպս. ի, Միաբան Ս. Յակոբի, մէկ նամակէն 1700 Օգոստ. 21 թուին, Վենետիկէն գրուած Հռոմ, ՀՍ. ի Ժողովին, ուր նա կը գրէ թէ Մինաս Վրդ: Ամդեցի Լիվորնոյ քաղաքը՝ Արեւելք մեկնելու վրայ է, եւ թէ մեծապէս պիտի մխիթարուէր իր կողմէ եղած միաբանական գիրին պատասխանը ընդունելով [17] ։

1700 Նոյեմբ։ 11ին արդէն Մինաս Վրդ։ Պոլիս վերադարձած ըլլալը կ՚իմանանք Խաչատուր Վրդ. Առաքելեանի կողմ է Հռոմ ղրկուած մէկ ուրիշ նամակէն. անշուշտ վերադարձ Իտալիայէն [18] ։

Սեբաստիոյ Ս. Նշան վանքի գրչագիրներէն թիւ 72 Ձեռ, 1344ին գրչուած Աւետարանին վերջին Յիշատակարանը . 594), ուր /72/ կ՚ըսուի թէ գրչագիրը սեփականութիւն եղած է Մահտեսի Խըտըրին «ի թվին ՌՃԽԸ (1699), ի ժամանակս թագաւորութեան Սուլթան Մուստաֆային, որ Հայոց պարիշութեան ամին, ի կաթողիկոսութեան Տէր Նահապետին եւ Սուրբ Երուսաղէմայ Առաջնորդութեան Տէր Մինաս Վրդ -ին, եւ սակաւ գիրս ձեռամբ Տէր Յակոբին» [19] ։

1701 թուին Յիշատակարան մը, նոյն թուականին Երուսաղէմ Մարտիրոս Վրդ. է գրչուած Նարեկի մը մէջ կայ հետեւեալը։ «ի Առաջնորդութեան Սուրբ Երուսաղէմայ Տեառն Մինասայ Վրդ. ին» եւ Սուլթան Մուստաֆայի թագաւորութեան ատեն։

Յաջորդ տարին ալ, 1702 թուին ուրիչ Յիշատակարան մը կը գրէ թէ Մինաս Վրդ. Ամդեցի, Յակոբ Քհյ. Եւդոկիացիի տաղաչափեալ Սաղմոսարանը եւ Պոլսոյ Հրկիզումի պատմութիւնը բովանդակող գրչագիրը, Ս. Յակոբի թիւ 892 ձեռագիրը՝ ներկայիս, նուէր տուած է «նորընծայ Պետրոս Քհյ. ի» ի վայելումն անոր եւ Աստուածատուր որդիին, որոնք իբր ուխտաւոր Երուսաղէմ կը գտնուէին [20] ։

Ուրեմն Ամդեցին տակաւին Երուսաղէմ՝ է իբր Պատրիարք, 1702 թուին։

ՄԻՆԱՍ ՎՐԴ. ԱՄԴԵՑԻՆ ԵՒ ԱՒԵՏԻՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

/73/ Աւետիք Եւդոկիացին, Երզնկայի Առաջնորդ, 1701 թուին Դեկտեմբերին Պոլիս մտաւ։ Շուրջ ամիս մը Եփրեմ Ղափանցի Պատրիարքին ծառայելէ յետոյ, արդէն գժտութիւնը ծայը տուած էր երկուքին միջեւ 1702 Փետր։ 12էն սկսեալ, եւ որ յանգեցաւ Եփրեմին հեռացումով Պոլսոյ Աթոռէն։ 1702 Մարտ 7ին Աւետիք հագած էր արդէն Պատրիարքական գաֆթանը, ինչպէս որ կը տեղեկացնէ Ֆրանսայի դեսպանը, Marquis de Ferriol, իր մեծաւորներուն [21] ։

Մենք հոս Աւետիք Պատրիարքին գործունէութենէն պիտի նկատենք միայն ինչ կը հայի անոր ելույթին Երուսաղէմի Պատրիարք Մինաս Վրդ. -ին հանդէպ ..

Աւետիք իր ինքնակենսագրութեան մէջ, գրուած Փարիզ, իր արգելափակումի տարիներուն, անշուշտ ոչ առանց գունաւորելու դէպքերը, ուզելով պատմել իր վերաբերմունքը Երուսաղէմի Պատրիարք Մինաս Ամդեցիին հանդէպ, կը գրէթէ Երուսաղէմէն 12 աբեղաներու պատգամաւորութիւն մը Պոլիս փութացեր էր, գանգատագիր մը մատուցանելու համար Սուլթանին, ընդդէմ իրենց Պատրիարքին, Մինաս Վրդ. ի։ Անցո/74/ղակի նշենք հոս որ, բուն իսկ ժամանակակից վկաներուն համաձայն չորս էին եւ ոչ տասներկու, Երուսաղէմէն եկած Աբեղաները։ Նոյնը կը հաստատէ Չամչեան։

Այս դժգոհներու ամբաստանագիրը, Աւետիքի ինքնակենսագրութեան համաձայն, կը կայանար հետեւեալ կէտերուն մէջ։ Մինաս Վրդ. Երուսաղէմի Աթոռը ծանրաբեռնած էր պարտքերով, մինչեւ 100 000 ղուռուշի կը հանեն գումարը, թէ եկեղեցական սպասները Պոլիս անգլիացի վաճառականներու ղրկած է ծախելու համար եւն., ցրած է կրօնաւորները, գնեցէք ձեր դրամով ապրուստնիդ եւ զգեստնիդ ճարեցէք ըսելով։ Մինչդեռ, կը գրէ Աւետիք, Գալուստ Վրդ. Կայծակ եւ Մատթէոս Սարը, Սսոյ նախկին կաթողիկոսը, աչքերնին տնկած էին Երուսաղէմի Աթոռին վրայ, Սուլթանը զինքը կանչած է ըսելու համար. Քեզի կը յանձնեմ Ս. Յակոբի վանքը [22] ։

Աւետիք իր այս ինքնակենսագրութեան մէջ՝ աւելի չէ արձանագրած։ Հաշուին չէր գար։ Բայց իրականութիւնը բոլորովին տարբեր է, ինչպէս յաջորդաբար պիտի տեսնենք։

Ինչ կը Հայի Մինաս Ամդեցիէն գոյացած պարտքերուն պատասխանատուութեան, ահա իրականութիւնը։ Նահապետ Կաթողիկոսին մէկ գիրը, 1703 Փետր. թուակիր, կ՚ենթադրէ /75/ թէ Ս. Յակոբ պարտքերու տակ է։ Նմանապէս Զաքարիա Սարկաւագ իր Պատմության մէջ։ Մինաս Ամդեցին ալ չի մերժեր եղելութիւնը, սակայն ատոր պատասխանատուն վանքին երկարամեայ գործակալն է, կ՚ըսէ, Պապա Մինաս [23] ։

Եւ իրաւամբ, 1691 թուին Յիշատակարան մը, Միքայէլ գրչին, Նարեկացիի Աղօթամատեանի գրչութեան առթիւ, ուր կ՚ըսուի թէ Հայ մեծամեծները խնդրեցին Եղիազար Կթղս. էն, որպէսզի Մինաս Ամդեցին կարգէ Երուսաղէմի Պատրիարք, իբր շարժառիթ ունենալով «զի հասեալ օգնեսցէ յարաբարդեալ պարտուց գլխադրի Ս. Յակոբայ»։ Ուրեմն վանքը արդէն ծանրաբեռնուած էր պարտքերով երբ Մինաս Վրդ. կը խնդրուէր իբր Պատրիարք։

Ժամանակակից արժանահաւատ անձեր կը վկայեն Մինաս Վրդ. ի ժուժկալ կենցաղավարութենէն։ Ահա անոնցմէ մէկը, գոր մենք հոս Անանուն կը կոչենք, եւ որ դրած է Աւետիքի պատրիարքութեան սակաւ տարիներուն պատումը։ Ահա թէ ինչպէս կը ներկայացնէ մեզի Մինաս Վրդ. ի սակաւապետութիւնը։ «Մինաս աստուածաբանութեան Վրդ-ն, կը գրէ, որ փոխանորդէր Կաթողիկոսին (Եղիազարի) եւ ծեր գոլով, երեք ամ շրջեցաւ ի մէջ Ստամպօլու, ամենեւին ի մի ոչ նստաւ, այլ հետիոտս շրջէր անձրեւաթաց եւ ձիւնաթաթախ լինելով, որ եւ տեսողացն /76/ յայտնի։ Բայց նոքա որ զԱւետիսն (Եւդոկիացի) երկրորդ Լուսաւորիչ հռչակեցին, միթէ «համեմատութիւն ինչ գտի՞ն ընդ նմա, ըստ վարուց ասեմ եւ ըստ բարուց Սրբոյ Հօրն Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին» [24] ։

/76/ Անանունը յետ այսպէս բնութագրելու Ամդեցիին պարզունակ եւ անինչ կենցաղը, /78/ կ՚անցնի պատմել մեզի, հանգամանաւոր կերպով Աւետիքին կողմէ անոր դէմ սարքուած դատավարութիւնը։ Ընթերցողը թող համեմատէ Աւետիքին ինքնակենսագրութեան հետ: Ահա իր իսկ բառերով Անանունին պատումը։

ՄԻՆԱՍ ՎՐԴ. ԱՄԴԵՑԻԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աւետիք, կը գրէ նոյնը, իր պատրիարքութիւնը սկսաւ ամբոխը շահելու քաղաքականութեամբ։ Գրեց Երուսաղէմ, Տէր Մինաս Վրդ. ին «զգիր սիրոյ եւ հարազատութեան, ասելով. Քո եմ ես որդի եւ ծառայ է նաեւ վասն օգտի քո եւ վասն օգտի Սուրբ Աթոռոյլ ընկալայ զպատրիարքութիւն Իստամպօլու», որպէսզի չար մարդիկ Աթոռիդ չդպչին։

Առ այս Մինաս Վրդ. «զի յոյժ բարի էր գրեալ, հաճեալ ընդունեցաւ» եւ սիրալիր պատասխան տուաւ, նախ զինքը չնորհաւո րելով եւ «Հանդերձ ընծայիւք», թէ զքեզ իբրեւ Հարազատ ունիմ ինձ» եւն. ։

Պատմելով, ապա այս առթիւ Ս. Յակոբայ սեւագլուխներէն, այսինքն Աբեղաներէն, ոմանց գործած անառակութիւնները, եւ զգուշացնելով զԱւետիք Պատրիարք չընդունիլ զանոնք. վասնզի չտեսնուած անպատշաճ բաներ գործած են, «թողում ասել զկռիւսն ընդ միմեանս» հայհոյանքներով, իջոցներով, փետելով զմօրուս, քանդելով զատամս, այտուցանելով զաչս միմեանց, պատռելով զօձիս եւ զհանդերձս եւն ..., որ հոս զանց կընենք արտագրել։

/79/ Կարգապահութիւնը վերահաստատելու դիտմամբ, կը գրէ Անանունը, Մինաս Վրդ. իր տեղեկագիրը կը ղրկէ Աւետիքին այսպէս, թէ՝ Ես հրապարակաւ Սիւնհոդոս գումարեցի U . Յակոբի տաճարը, Եպս. ներու, Վրդ. ներու եւ Քհյ. ներու, միաբաններու եւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ, եւ դատեցի զանոնք իբր յանցաւոր «ի սուրբ կարգս եւ ի սքեմս կրօնաւորական», եւ ասոնք կը ծանուցանեմ քեզի, որպէսզի զանոնք չընդունիս։ Մինաս Վրդ. իբրեւ եղբայր՝ եղբօր կը գրէ, տեղեակ պահելու համար, որպէսզի եկեղեցական կարգապահութիւնը պահպանուի անխախտ։

Աւետիք Պատրիարք այս տեղեկագիրը առնելուն, կը գրէ Անանունը, կը սպասէր Աբեղանելու ժամանումին։ Անոնք երբ Ադրիանապոլիս հասան, ուր կը գտնուէր Աւետիք, կասկածանքով ներկայացան, գիտակից անշուշտ իրենց յանցանքներուն։ Բայց Աւետիք զանոնք շատ սիրալիր կերպով կ՚ընդունի, պատմեցէք, ըսելով, ինչ որ Երուսաղէմ տեսած էք։

Անոնք քաջալերուած կը սկսին լալագին ամբաստանել Մինաս Վրդ , այլեւայլ բարուրներ բարդելով անոր հասցէին. «նախ զի ինքն նստէր, յԱթոռով, եւ ի Փափէն եկեալ սեւագլխոցն զքարոզն ասել տայր։ 2) յԵրուսաղէմայ յապրանացն եօթն ձիաբեռն ապրանք եւ դրամ ի յԱճէմիստան տարաւ, ի Ս. Էջմիածին։ 3) Զջուր էարկ ի սուրբ խորհուրդն յորժամ՝ պատարագեաց ինքն։ /80/ 4) ԶՓափին Լեւոնի պատկերն կանգնեաց եւ ժողովրդեան ետ երկրպագել»։ 5) Սուլթանին անունը պատարագէն դուրս հանեց «զոր յառաջն յիշատակէաք»։ 6) Եկեղեցւոյ արծաթեղէնը վատնեց։ 7) «Զտեղիս եւ զվիճակս Հայոց ազգիս Ֆրանկաց ծախեաց»։ 8) Պապը եւ քրիստոնեայ թագաւորները յիշել տուաւ պատարագի մէջ, «եւ միայն վասն նոցա կենդանութեան պատարագեմ ասաց»։ 9) Մեզ գանակոծեց 200 Հարուածով։ 10) Աղուհացին բաց պատարագել տուաւ։— Այսինքն թէ՝ Քառասնորդաց շրջանին խորանին վարագույրը բաց պատարագել տուած է, Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան դէմ, որ այդ շրջանին չեն բանար վարագոյրը, թեեւ այս աւանդութեան բացառութիւններ ըրած են երբեմն եկեղեցական իշխանութիւնները։

Աւետիք յետ ունկնդրելու ամբաստանութեանց այս գլուխներուն, կ՚ըսէ, թէ արդեօք ուրիշ վկաներու առջեւ այս ամբաստանութիւնները կուզէ՞ն կրկնել, նաեւ Սուլթանի դիւանին։ Անոնք՝ «Այո՛» կը պատասխանեն [25] ։

Ս. Աստուածածին եկեղեցին, անշուշտ ամբաստանեալին բացակայութեամբ, ժողով մը կը գումարուի, Անանունին պատումին համաձայն : Հոն են նաեւ Մատթէոս Սարը, Յովհաննէս Վրդ. Ամասիացին, գուցէ նաեւ Գալուստ Վրդ. Կայծակ, եւ այլ եկեղեցա/81/կաններ։ Անանունը շարունակելով իր պատումը կը գրէ. «Քանզի սուտ վկայքն այսոքիկ փառաւոր մարդիկ էին, եւ նոր մուղտիք, հեգնանքի շեշտով մը, ուստի հաւատացին» ժողովականները։ Յատուկ շեշտ մըն ալ ունի Անանուն–ը, Մատթէոս Սարը գահազուրկ Կթղս. ին ծածուկ ծրագիրները արտայայտող, «քանզի սոքօք կամէր զինքն յառաջ արկանել, յԱռաջնորդութիւն Երուսաղէմի» կը գրէ. այլ եւ Երուսաղէմի Աթոռը գրաւելէն յետոյ ալ, Եղիազար Այնթապցիին օրինակին վրայ, Միւռոն ալ օրհնել Երուսաղէմէն ու բաշխել եւն. ։ Մատթէոս Սարըին այսպիսի որոճումները կը մատնանշէ նաեւ Բաբգէն Կթղս. Կիւլէսերեան իր Պատմութիւն Կիլիկիոյ կաթողիկոսաց գիրքին մէջ [26] ։

Անանուն կը գրէ եւս. Երբ Աւետիք վերահասու եղա թէ Մատթէոս Սարը ալ Երուսաղէմի Աթոռին վրայ ծրագիր ունի, գրով սպառնաց անոր որ իսկոյն հեռանայ մայրաքաղաքէն։ Իսկ ինքը չարախօս չորս Աբեղաներու գլուխը անցած, յետ անոնց միացնելու ուրիշ Աբեղաներ ալ, եւ մի քանի երէցի գլուխը վեղար անցնել տալով, կը ներկայանալ արքունի դիւանին, աղերսագիր մը մատուցանելով ընդդէմ Մինաս Ամդեցիին։ Վէզիրը՝ իրազեկ թէ նախանձի արդիւնք է, մինչ կը ձգձգէր իր վճիռը, Աւետիք իր ջերմ պաշտպան մեծ մուֆթին շարժման կը դնէ, որմէ /82/ յանձնարարական մը ուղղուած դէպի վէզիրը, կ՚երագացնէ Աւետիքին հետապնդած յաջողութիւնը [27] ։

Այսպէս Մինաս Ամդեցին գահընկեց եղաւ, Աւետիք իր մականին տակ կը կցէր նաեւ Երուսաղէմի Աթոռը, 1702ի Վարդավառի Նաւակատիքի օրը։ Կարապետ անունով մէ կը իրեն փոխանորդ կարգելով եւ դժգոհ Աբեղաները կը վերադարձնել իրենց վանքը, «գրեալ գիր առ Մինաս Պապա տեղակալ, զի ի հասանել նոցին անդր, կալեալ զՄինաս Վրդ., միայն հանդերձիւ զոր զգեցեալ էր, իբրեւ թէ եղեռնագործ մը եղած ըլլար, դիցեն շղթայիւք ի բանտի եւ մի թողցեն առնուլ ինչ յԱթոռոյ, եւ ճշդութեամբ տեսցես ընդ նմա զհաշիւն»։

Սղագրեալ Օրագրութիւնը Մինաս Ամդեցիին՝ պաշտոնանկութեան թուականը 1702 Օգոս. 19ին կը դնէ։ Անշուշտ Վարդավառի Նաւակատիքէն, որ Յուլիս ամսուն կը հանդիպի, մինչեւ 19 Օգոստոս ժամանակամիջո/83/ցը ծառայեց Աւետիքին հրահանգները Երուսաղէմ հասցնելու» [28] ։

Անանունն ալ նոյնը կը հաստատէ. «…զՏէր Մինաս տիեզերաց Վարդապետն Յամթեցի, որ շատ յաւուրբք գոլով եւ ծերունի ի ժամանակիս, եւ էր հաստատեալ Պատրիարք սրբոյ Աթոռոյն Երուսաղէմի ի Տեառնէ Եղիազար Կթղս. է, արդ ոչ խնայելով յալիս նորա եւ իջուցեալ զնա յԱթոռոյն, եւ եդին ի բանտի, արկեալ շղթայս ի պարանոցն եւ յոտսն, զբազում աւուրբք տանջեալ խեղդէին, զդրամս պահանջելով ի նմանէ, զի առեալ ի նմանէ չաստուածոյն իւրեանց մատուսցեն»։

Եւ շարունակելով դեռ իր պատումը, կը գրէ . «նաեւ զՏէր Սուքիաս աստուածաբան Վրդ. ն, որ է աշակերտ Տեառն Եղիազարու Հայրապետին, որ սոքա երկոքեանս, ըսել կուզէ Մինաս եւ Սուքիաս Վրդ. ները, թուի ինձ թէ իբրեւ լուսապայծառ ջահս երեւին ի մէջ յազգիս մերոյ: Քանզի յաւուրս յայսոսիկ սոքա են գերապատիւք ի տունս Յունաց (այս է Արեւմտահայքի մէջ), թողում ասել զտունս, Արեւելից», այսինքն նաեւ Արեւելահայքի մէջ հռչակուած դէմքեր էին, ըսել կ՚ուզէ։

Ըստ այսմ՝ Մինաս Վրդ. ին բանտարկութիւնը ոչ թէ եօթը օր տեւած է, ինչպէս /84/ ոմանք պատմիչներէն գրած են, այլ շատ օրեր, կ՚ըսէ Անանունը [29] ։ Անանունին կը ձայնակցին նաեւ Ս. Յակոբայ վանքին միաբանները եւ Հայ համայնքը, Աւետիքէն սարքուած դատավարութեան յերիւրածոյ եւ ստայօդ հանգամանքին։

Աստուածատուր Եպս. Տէր Յովհաննէսեանց իր Ժամանակագրական պատմութիւն Ս. Երուսաղէմի գիրքին մէջ, այսպէս կը ներկայացնէ Երուսաղէմի միաբաններուն հակազդեցութիւնը։ Երբ հասաւ, կը գրէ, Պոլիսէն, արքունի հրամանը, այլազգի դատաւորը ժողովի հրաւիրեց Լատին, Յոյն, Ասորի համայնքներուն փոխանորդները, «եւ զհամայն միաբանս Ս. Յակոբայ եւ զժողովուրդս Հայոց», Երուսաղէմ քաղաքին։ Կարդալ տուաւ արքունի հրովարտակը, եւ հարցուց դատաւորը հայ միաբաններուն թէ, «արդարեւ ա՞յդպէս իցէ Մինաս Վրդ. ն»: Անոնք կը պատասխանեն. Մինաս Վրդ. տասը տարիներ միացան եղած է մեր վանքը, իբր Փոխանորդ եւ իրը Պատրիարք։ Ուխտաւորներէն եկած նուէրները վանքին ու մեր եկեղեցիներուն նորոգութեան գործածեց, ու աղքատներուն տուած «ոչ վատնեաց նա զինչս ազգին ի կամս իւր, մինչ չհոգալ զկարեւոր պէտս անձին իւրոյ, եւ հաւատարմութեամբ ծառայել անթերի կատարեաց զամե/85/նայն գործս վանաց, եւ ոչ հակամիտեալ է նորա ի Լատին կրօնս»։ Ուղղամտութեան ձայնն է սա։

Այս դատավարութենէն դեռ տասը տարի առաջ, 1690 թուին, Պոլիս dրուած Յիշատակարան մը հետեւեալը ունի. «Արդ այսմ վշտապատում եւ ի դառն ժամանակիս, ի Ս. Երուսաղէմ եղեալ Ս. Յակոբ վանացն վէքիլ ծերունի մահտեսի Պապայ Մինասն, որ ԽԲ. տարի էր կու սպասաւորէր Ս. Երուսաղեմայ, ըսել կ՚ուզէ վանքին աշխարհական մատակարարն էր 42 երկու տարիներէ ի վեր, վասն ծանրանալոյ պարտուցն ի վերայ վանացն, որ ասի մինչ բճ (200) քէսէ լինել, ելեալ եկաւ յԷստամպօլ քաղաքս լալով եւ հառաչանօք առ իշխանս եւ տոլվաթաւորս ազգիս Հայոց, թերեւս լիցի ճար եւ օգնութիւն պարտուց Ս. Վանացն... » [30] ։

Ժամանակին Պատրիարքն էր Յովհաննէս Վրդ. Կ. Պոլսեցի, որ մինչեւ 1697 թուականը նստաւ Երուսաղէմ ի Աթոռին վրայ։ Պարտքերը գոյացած էին արդէն Պապա Մինասին մատակարարութեան օրով, որ 1707ին վախճանեցաւ, մինչեւ մահը շարունակելով մատակարարել։ Ժամանակակից Յիշատակագիրը կ՚աւանդէ թէ պարտատէրները ու միաբանները միահամուռ պահանջած էին որ հանգուցեալ Պապա Մինասին որդեգիրը Պապա Յովհաննէս ստանձնէր վանքին վէքիլութիւնը. «եւ էր սուրբ տունս ի ներքոյ անհուն /86/ պարտուց, եւ բազում աշխատութեամբ վարէր զվէքիլութիւն» Էջմիածնի Աղեքսանդր Ա. Կթղս. ի հրամանով [31] ։ Ուրեմն երբոր Մինաս Ամդեցին Պատրիարք եղաւ պարտքերը արդէն դիզուած էին։

Դատաւորը, կը գրէ միեւնոյն պատմիչը, Ա. Եպս. Տէր Յովհաննէսեան, այս ատենական վկայութեանց հիման վրայ տեղեկագիր մը ղրկեց Բ. Դուռը։ Այս կը պատահէր հաւանօրէն 1702 տարիի վերջաւորութեան [32] ։

Ուշագրավ է Երուսաղէմի այս ատենական քննութեան աւարտին եզրափակումը, ուր կը հերքուի Պոլիս բանաձեւուած գլխաւոր ամբաստանութիւնը, նոյն ինքն վանականներուն վկայութեամբ՝ որոնք կ՚ըսեն. Եւ ոչ համամիտեալ է նորա ի Լատին կրօնս:

/87/ Աներկբայօրէն Աւետիքին հիմնական ամբաստանութեան դէմ է ակնարկը, թէ Ֆրանկ դարձած ըլլայ Ամդեցին։ Միակը ամբաստանութեանց որ ինքնին կը բաւէր, որպէսզի իր հովանաւոր Միւֆտին Ֆէյզուլլահ թիկունք կանգնէր վեզիրին՝ ընդունելի ընելու համար ամբաստանեալին դատապարտութիւնը։ Երուսաղէմի ատեանին՝ վկայելը թէ սուտ եւ յերիւրածոյ էր այս ամբաստանութիւնը, ուշադրաւ վկայութիւն մըն է թե վկաները գիտէին զանազանել Հայաստանեայց Եկեղեցին հարազատ ուղղափառ դաւանանքին ու լատինացման միջեւ, որ այն ատեն ֆրանկացում բառով կ՚արտայայտուէր։ Ինչ որ Մինաս Վրդ. իր 1699 Դեկտ. 11 թուին առ Իննովկենտիոս ԺԲ. Պապը գրած թուղթին մէջ ճշդած էր, թէ իր նախնեաց օրինակին հաւատարմութիւնն էր զինքը շարժողը դէպի հաղորդակցութիւն Հռոմի Եկեղեցիին հետ։

ՄԻՆԱՍ ՎՐԴ. ԱՄԴԵՑԻԻ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺԱՌԻԹԸ

Ընթերցողը ինքնին պիտի հետեւցնէ, ցարդ ներկայացուած տուեալներէն, թէ Ամդեցիին դատապարտութեան իսկական շարժառիթը, զինքը ամբաստանողներուն եւ Աւետիք Պատրիարքի մտքին մէջ, ոչ թէ Ս. Տեղեաց ստացուածներուն վատ մատակարարութիւնն էր, այլ հիմնական տարաձայնութիւն մը եկեղեցաբանական գետնի վրայ։

/88/ Ամդեցին գիտէր իր նախնեաց հարազատ աստուածաբանութիւնը եկեղեցաբանական հարցին նկատմամբ, որ դարերու պատմական տխուր դէպքերուն հետեւանքով հայ վարդապետներու դասին մէջ տարաձայնութիւն եւ պառակտում մուծած էր։ Նա գիտակցաբար իր հաղորդակցութիւնը Հռոմի Եկեղեցիին հետ վերահաստատած էր։ Իր կենցաղավարութեան մէջ ալ այդ կողմնորոշումը անշուշտ ծածուկ չէր կրնար մնալ։ Նահապետ Կաթողիկոսին հակումներուն համաձայն էր։ Այս համաձայնութեան վկայեցին, տեսանք վերագոյն, Խաչատուր Վրդ. Առաքելեան եւ օտարական Վարդապետ մը, David di S. Carlo եկեղեցականը։

Մատնանշելիք կէտ մըն է նաեւ այն որ Աւետիք հազիւ թէ գրաւած Պոլսոյ Աթոռը, անդրանիկ թուղթին մէջ որ Նահապետ Կթղս. ին կ՚ուղղէ, չուշանար ամբաստանել զՄինաս Վրդ. թէ ջրախառն բաժակով կը կատարէ Ս. Խորհուրդին մատուցումը։ Միեւնոյն ամբաստանութիւնը եղած էր նաեւ Եղիազարին աշակերտ Սուքիաս Վրդ. ին դէմ [33] ։ Ուստի Մինաս Վրդ. ին համախոհները բոլորը իբրեւ «ախթարմայք» կ՚ամբաստանուին, ու միեւնոյն խստութիւնը կիրարկել կը հրամայուի անոնց հանդէպ ալ, Պապա Մինասին հաղորդուած հրահանգներուն մէջ. /89/ ընդհակառակը, այն միաբանները որոնք իր տեսակէտով հաւատովն Լուսաւորչի իցեն, անոնց հետ լաւ վարուիլ, կը հրամայէ Աւետիք։

Այս բոլորը լիով կը փաստէ թէ բուն շարժառիթը, առանցքը ամբաստանութեան եւ դատակնիքին կը կազմէր եկեղեցաբանական տարաձայնութիւնը Աւետիքին ու Մինաս Վրդ. ներուն միջեւ։ Առաջինը յաղթական ելաւ պարզապէս որովհետեւ իր կռնակը կանգնած էր ազդեցիկ Մուֆտին, որուն հոգը չէր աստուածաբանական նրբութիւնները հայ Եկեղեցիին, այլ հայ րայան մնար միշտ թուրքին րայա, նաեւ իր կրօնականէն նուիրական համոզումներուն մէջ ալ։

Ս. Յակոբի միաբաններէն կայ ուրիշ ժամանակակից մըն ալ, որ կը հաստատէ դէպքերուն վերոյիշեալ ելքը։ Դա է Յարութիւն, այլապէս նաեւ Անաստաս Եպս. Կեսարիոյ Պաղեստինացւոց ճանչցուած, որ 1707ի Յունիսին վերջերը Հռոմ ապաւինած էր, Պոլիս տիրող հալածանքներու հրդեհէն, եւ 1708 Յունուար 23 թուակիրով հետեւեալը կը յայտարարէ ՀՍ. ի Ժողովին. Վաղուց կը բաղձայի Հռոմ գալ, Ս. Առաքելոց նշխարներուն ի յարգանս։ Խափանուեցայ իմ Պատրիարքիս, Մինաս Վրդ-ի կողմ է, ըլլայ Ս. Տեղեաց վրայ ունեցած պատասխանատուութիւններուս, ըլլայ նաեւ Պոլիսէն դէպի Ս. Երկիր կազմակերպելիք ուխտագնացութեանց պատճառով։ Աւետիք Պատրիարք՝ թուրքին մատնեց քանի /90/ մը Եպս. ներուն հետ նաեւ Մինաս Պատրիարքը, բանտ նետել տուաւ։ Ես թաքստոցի մէջ անցուցի, Պոլիս, մինչեւ Աւետիքին անկումը եւ աքսորը, որը սակայն վերադարձին, Մինաս Վրդ. վախճանած ըլլալով, դարձեալ տիրացաւ Երուսաղէմի [34] ։

Մ. Եպս. Նշանեան, իր Օրագրութիւն Երեմիա Չելեպիի շահեկան ուսումնասիրութեան մէջ ալ [35] կը յիշէ այս ուշագրաւ անցքը, նոյն ինքն Մինաս Վրդ. Ամդեցիին Օրագրութիւնէն, ուր նա 1703 Փետր. 23ին գրած է : «Աւետիք Վրդ. ն մեզ գիր խրատական եւ սպառնական եւ ողոքական, թէ մեք Ֆռանկ եմք դարձեր, զոր անիծեալ լիցի ամենայն հայ որ թողու զԼուսաւորչի օրէնքն եւ Ֆռանկ դառնայ. եղիցի, եղիցի»։

Նմանապէս 1691 Փետր. 1-ին կը գրէ թէ Տեառնընդառաջ տօնին «երեկոյս քարոզ խօ/91/սեցաք եւ ի դաս քաշեցաք զփռանկ լինողքն». կամ 1700 Մարտ 16ին գրածը. «Գնացի ի պատարագն ի Ս. Գէորգ, ոմն Ֆռանկի պէս չոքեր էր պատարագին, գաւազանաւ խթեցի զնա եւ բարկացայ իւրն»։

Նշանեան Եպս. այս անցքերը յիշատակելով, կը գրէ՝ Մինաս Ամդեցին ալ, քրիստոնէական լայնախոհութեամբ, սիրալիր յարաբերութիւններ մշակած է «կաթոլիկ կղերին հետ եւ նոյն իսկ պապական Աթոռին հետ, առանց սակայն հայ առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ դաւանութենէն ու ծէսերէն շեղելու, ու ատոր համար ետքէն իբրեւ կաթոլիկամիտ ամբաստանուած էր» Աւետիք Պատրիարքին եւ (Երուսաղէմի) Աթոռէն վար առնուած։

Մ . Եպս. Նշանեան ձեռքի տակ չունէր Մինաս Ամդեցիին 1699 Դեկտ. 11ին առ Իննովկենտիոս ԺԲ. ուղղած թուղթին պատճէնը։ Երկրորդ՝ շփոթ գաղափար ունի Հռոմի Աթոռին հետ եկեղեցական հաղորդակցության իսկական տարողութեան, որ չի պարտադրեր Ֆռանկ դառնալ, ուծանելով Լուսաւորչի օրէնքէն։ Այս զանազանութեան՝ ոչ միայն Ամդեցին քաջատեղեակ էր, այլ նաեւ ժամանակին Ս. Յակոբի այն միաբանները որոնք վկայեցին Երուսաղէմի այլազգ կառավարիչին ատեանին առջեւ թէ Մինաս Ամդեցին, իրենց օրինաւոր Պատրիարքը, լատին չէր եղած։

ՄԻՆԱՍ ՎՐԴ. ԱՄԴԵՑԻԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐԸ ԵՒ ՄԱՀԸ († 24 Նոյմ. 1704)

/92/ Ցորքան Աւետիք Պոլսոյ Աթոռին վրայ էր, Մինաս Ամդեցին արգելափակուած մնաց Երուսաղէմ, եւ պաշտօնազուրկ, բայց միշտ Պատրիարք, քանի որ իր գահընկեցութիւնը ոչ մէկ տիտղոս ունէր օրինաւորութեան։

Այս շրջանը տեւած պէտք է ըլլայ 1702 Օգոստ, 19էն մինչեւ 1703 Օգոստոս 16, երբ Աւետիք, զինքը հովանաւորող մեծ մուֆտիին շնորհազրկուելով ու գլխատուելով, ինքն ալ շնորհազուրկ եղա, Ետի Գուլէի բանտը նախ, եւ ապա Ավրատ կղզին աքսորուած մնաց։

Կը խորհինք թէ Աւետիքին շնորհազարկումէն յետոյ զետեղելու է Երուսաղէմ, այլազգի դատաւորին բացած ատեանը, ուսկից Մինաս Վրդ. արդարացած պիտի ելլէր, վկայութեամբը նոյն ինքն Ս. Յակոբի միաբաններուն։

Խաչատուր Վրդ. Առաքելեան, Պոլիսէն հաղորդելով քաղաքական այս յեղափոխութիւնը ՀՍ. ի Ժողովի քարտուղարին, իր 1703 Սեպտ. 25 թուակիրով, կը գրէ թէ մուֆտին սպաննուած է, որուն դէմ ելած են եղել հարիւր հազարէ աւելի ապստամբներ, թէ Աղեքսանդր Maurocordato, իր քրիստոնէութիւնը ուրացող վէզիրը փախած է, նաեւ ամէն անոնք որ կաթողիկէի ամբաստանութեամբ թիապարտութեան դատապարտուած էին՝ ազատած. Մինաս Վրդ. Ամդեցին Երուսա/93/ղէմի Աթոռը վերադարձած է, իսկ Գալուստ Վրդ. Կայծակ Կ. Պոլիս։

Անանուն պատմիչը, ժամանակակից եւ տեղեակ մայրաքաղաքին իրադարձութեանց, նոյնը կը Հաստատէ մինչ կը գրէ թէ՝ երբ Ահմէտ Գ. իր եղբօրը, Մուստաֆա Բ. Սուլթանին տեղը անցաւ (1703-1730), իսկոյն գլխատել Հրամայեց Ֆէյզուլահ մուֆտին, պաշտպանը Աւետիքին. զինքն ալ Ետի Գուլէ բանտեց. իսկոյն Մինաս Վրդ. Երուսաղէմի, իսկ Գալուստ Վրդ. Կայծակ Պոլսոյ Աթոռին վրայ բազմեցան «կամակցութեամբ Պոլսոյ մեծամեծաց» [36] ։

Օրագրութիւն տետրին վերջին էջերը կը նշանակեն 1704 Մարտ 11ին, Մինաս Ամդեցիին վերահաստատումը իր պաշտօնին վրայ։ Նոյն տարին ալ, արդէն ալեւոր, կոշկոճուած իր կրած նեղութիւններէն, հազիւ ինը ամիս կրցաւ վարել իր պաշտօնը, զի 1704 Նոյեմբ. 24ին կնքեց իր մահկանացուն։

 

Իր շիրմին վրայ, Ս. Փրկիչի գաւիթը, արձանագրուած է հետեւեալը.

 

ԱՅՍ Է ՏԱՊԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԻՆԱՍԱՅ ԱՄԴԵՑՒՈՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԵՒ ՍՐԲՈՅ ԱԹՈՌՈՅՍ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ՈՐ ՓՈԽԵՑԱՒ Ի ԿԵԱՆՍ ՎԵՐԻՆ ՌՃԾԳ [37] ։

 

/94/ Հակառակ իր դէմ գործուած անարդարութեան եւ Աւետիքեան հալածանքին, իր պաշտօնին վրայ մահացաւ, մէկը պարուն կարկառուն հայ հոգեւորականներէն, մինչեւ իր վերջին ժամերը ծառայելով Հայաստանեայց Եկեղեցիին։

ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ

Կը հրատարակենք ստորեւ Մինաս Վրդ. Ամդեցիին, 1699 Դեկտ. 11 թուակիր թուղթը, որուն միջոցաւ կը յայտնէ նա Իննովկենտիոս ԺԲ. Պապին, իր եկեղեցական հաղորդակցութիւնը Հռոմի Եպիսկոպոսի հետ, համերաշխօրէն իր Վեհին Ս. Էջմիածնի Նահապետ կաթողիկոսին հետ։ (AP. SOCG. v. 539, ք. 244-244)

ԵՐԻՑՍ ԵՐԱՆԵՑԵԱԼ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐ ԱՄԵՆԻՑ Ի ՔՐԻՍՏՈՍ ՀԱՒԱՏԱՑԵԼՈՑ ԵՒ ԳԵՐԱԿԱՏԱՐ ԳԼՈՒԽ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԻՆՆՈՋԷՆՑԻՈՍ ԵՐԿՈՏԱՍԱՆԵՐՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՊ

/95/ Այսու նամակաւ ձօնեմք Սրբութեան Ձերում զՅիսուսաւանդ ողջոյն, զորդիական երկրպագութիւն, զնշան մեծի եւ կատարելագունի հնազանդութեան, եւ զառհաւատչեայ սիրոյ անպատմելոյ եւ անճառելւոյ, որով սիրեմք զՍրբութիւն Ձեր։

Ի բազում ժամանակէ ամենամեծ տենչմամբ փափագէաք յայտ առնել Սրբութեան Ձերում զվերոյիշեցեալ զիղձս սրտի մերոյ, սակայն չգտ(ե)լ զառիթ մնայաք արգելեալք։ Բայց արդ ի քաղցրանալ Աստուծոյ ի վերայ մեր, գտեալք զառիթ ամենամեծ բերկրութեամբ յօժարեցաք եւ ախորժեցաք, հաճեցաք կատարել զփափագ սրտի մերոյ։ Յորժամ նամակ Սրբութեան Ձերոյ երջանկապէս ժամանեաց ի մայրաքաղաքս յայս Կոստանդինուպօլիս, սիրելի որդին Ձեր, գովեցեալն ի Սրբութենէ Ձերմէ, հաւատարիմ եւ հարազատ բարեկամն մեր, Խաչատուր Վարդապետն, խորհրդաբար զեկոյց ինձ զամենեսեան, որը պարունակեցեալք էին ի նամակի Սրբութեան Ձերոյ, յայնժամ ամենամեծ ուրախութեամբ զուարճացեալ բերկրեցաւ սիրտ մեր։ Վասն որոյ փութով զսիրելի որդին Ձեր եւ մեր, հանդերձ պատուական նամակաւ առաքեցաք առ վերյարգեցեալ եղ/96/բայրն մեր Նահապետ, Ամենայն Հայոց Կաթուղիկոսն, ջերմաբար զնա յանձնելով նմա, եւ ժտութեամբ ի նմանէ խնդրելով զի փութով կատարեալ զգործառութիւն նորին, զնա շուտով առ մեզ վերառաքեսցէ։

Օգնականութեամբ ամենագութին Աստուծոյ, ամենայն ինչ փութով ըստ հաճոյից Ձերոց կատարեցաւ, որպէս յայտ է ի նամակէ գերյարգելի եղբօր մերոյ, որ ուղղեցեալ է առ Սրբութիւն Ձեր, եւ ի գրոց սիրելի որդւոյ մերոյ Խաչատուր Վարդապետի, առ Սուրբ Ժողով յղեցելոց, յորժամ սիրելի որդին մեր դարձաւ առ մեզ եւ պատմեաց զամենայն եղեալսն, վերստին հրճուեցաւ եւ ցնծացաւ սիրտ մեր, եւ ըմբոն համարեցաք զգիրս մեր, եւ գտեալք զպատշաճաւորութիւն, յօժարութեամբ գրեցաք։

Աստանօր ոչ միայն հաստատեմք զգրեցեալսն ի վերյարդելի եղբօրէ մերմ է Նահապետէ, այլ եւ բացայայտեմք եւ բացատրեմք զդրեցեալսն ի նմանէ։ Սակս որոյ ծանուցանեմք Սրբութեան Ձերում, զի թէպէտ եղեն ոմանք, որք այլեւայլ խօսեցեալք իցեն ընդդէմ Առաքելականի Աթոռոյ, սակայն սոյնպիսիքն ի մէնջ չեն ընդունեցեալք, այլ բացահերքեալք։ Վասնզի մեք կամք հաստատունք ի նոյնում դաւանութեան եւ միաբանութեան, զոր արարին Սուրբն Սեղբեստրոս, ծայրագոյն Հայրապետն Հռօմայ, եւ Սուրբն Գրիգոր Լուսաւորիչն մեր։ Վասնզի դաւանիմք զսրբազան Առաքեալն Պետրոս փոխա/97/նորդ Քրիստոսի ի վերայ բոլոր Եկեղեցւոյ նորին, գլուխ եւ իշխան Առաքելոց սրբոց, վէմ անվանելի է դրանց դժոխոց, ծայրագոյն հովիւ հօտին Քրիստոսի, վէմ Եկեղեցւոյ սրբոյ, Առաքեալ որում յանձնեցան ոչխարք եւ գառինք Յիսուսի, եւ որոյ ոչ պակասեցաւ հաւատն ըստ բանիցն Յիսուսի, եւ ժառանգօղ բալանեաց արքայութեան երկնից։

Դաւանիմք եւս զՎեհապետն Հռօմայ ճշմարիտ (յ)աջորդ գլխաւոր Առաքելոյն Պետրոսի, գլուխ ամենայն հաւատացելոց եւ քրիստոնէից, եպիսկոպոսապետ ամենայն եպիսկոպոսաց, Հայրապետ ամենայն Պատրիարգաց, գլուխ ամենայն Սիւնհոդոսաց, ծայրագոյն Հայր ամենայն հաւատացելոց, ծայրագոյն դատաւոր ի մէջ Եկեղեցւոյ սրբոյ, եւ ընդհանրական Վարդապետ բոլոր Եկեղեցւոյն Քրիստոսի։

Դաւանիմք եւս յամենասուրբ Երրորդութեան զերիս անձինս եւ զմի աստուածութիւն, զՀայր ծնօղ, զՈրդին ի Հօրէ ծնեալ, եւ զՀոգին Սուրբ, գոլով սէր Հօր եւ Որդւոյ, ի Հօրէ եւ ի յՈրդւոյ իբրեւ ի միոջէ սկզբանէ բղխեցեալ։

Դաւանիմք եւս ի մի անձին Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, որ է մի Տէր, մի անձն, մի դէմ, զերկու կատարեալ բնութիւնս, այսինքն կատարեալ աստուածութիւն եւ զկատարեալ մարդկութիւն, անքակտելի անձնաւորական միաւորութեամբ անշփոթաբար միաւորեցեալս, նաեւ զերկու կամս եւ զերկու /98/ ներգործութիւնս, ոչ միմեանց հակառակս, այլ միաբանս:

Դաւանիմք եւս թէ Սուրբք կան առաջի Աստուծոյ Հոգւովք փառաւորեցեալք, իսկ անզեղջք՝ թշնամիք Աստուծոյ, հոգւովք դատապարտեցեալք են ի դժոխս, բայց որք չեն վճարեալք զապաշխարանս, կամ եղեալք են ի կենացս աստի միայն ներելի մեղօք, մաքրին սոքա եւ վճարին զվերամնացեալ ապաշխարանս, կամ մատուցմամբ պատարագաց, կամ բաշխմամբ տրոց եւ ողորմութեանց, կամ ի ձեռն այլոց սոյնպիսի բարեպաշտակաց գործոց, կամ ի ձեռն քաւչական հրոյ, որպէս ասէ Առաքեալն։

Բաց ի յասացելոց առանձնական դատաստանէ, դաւանիմք եւս զընդհանրական դատաստան, յորում հանդիսաւորապէս ընդունելոցք են արդարք զլիակատար փառս յաւիտենականս, եւ մեղաւորս զլիակատար պատիժս մշտնջենաւորս :

Վերջապէս ընդունիմք զայն ամենայն, զոր ընդունի սուրբ Եկեղեցին Հռօմայ, եւ հերքեմք զայն ամենայն զոր նա բացահերքէ։ Յորմէ յայտ է թէ քաջապէս վերահաստատեմք զմիութիւն եւ զմիաբանութիւն, պահանջեցեալսն ի Սրբութենէ Ձերմէ, եւ ընդունեցեալսն ի վերյարգելի եղբօրէ մերմէ Նահապետէ։

Զայս արարաք հետեւեալք սրբոց նախնեաց մերոց, որդոն Լուսաւորչի, Որդւոց եւ /99/ թոռանց նորին, Ներսեսի Շնորհալոյ, Գրիգորի Նարեկացւոյ, Ներսեսի Լամբրոնացւոյ, եւ այլոց սրբոց Հարցն մերոց հնազանդեցելոց Հռօմէականի Եկեղեցւոյ։

Սակայն ես յօժարութեամ ու խոստովանիմ զպակասութիւն իմ, որով ի յանցեալ ժամանակս պակասեալ եմ յայսմիկ մասի կամ ի տգիտութենէ, կամ ի ծուլութենէ զննելոյ զճշմարիտն, կամ ի համարմանէ որով համարէի զիս հետեւիլ շաւղաց Նախահարց։ Ուստի աղերսմամբ հայցեմ զներումն եւ զարձակումն ի յԱռաքելական Աթոռոյ, միջնորդութեամբ նամակի եւ օրհնութեամբ առաքելականի։ Ուստի վերամնայ զի Սրբութեան Ձեր հաճեցեալ արժանապատուեսցէ եւ զմեզ առաքելականաւ նամակաւ, որում ամենամեծ տենչմամբ մնամք սպասօղք. եւ գրեսցէ վասն մեր առ լատինացիս, որք են ի յԵրուսաղէմ, զի աճեցուցանիցեն զսէրն եւ զսիրելութիւն, զոր ունին առ մեզ։

Արդ հայցեմք ի բարերարէն եւ ի մարդասիրէն Աստուծոյ, զի զՍրբութիւն Ձեր պահեսցէ ընդ երկայն աւուրս ի պարծանս մեր եւ ամենայն հաւատացելոց, զհայրական սէրն զոր եցոյց մեզ Սրբութիւն Ձեր եւ առ Ազգն մեր, վարձատրեսցէ երկայնովք բարեօք զհայրապետական Աթոռսն Ձեր անփորձ եւ անսասան պահեսցէ, զսէրն զոր ունի առ ազդն մեր, օրըստօրէ աճեցուսցէ զմիութիւն եւ զմիաբանութիւն, զոր հաճեցա ունիլ առ մեզ եւ ընդ Ազգին մերում, եւ զորն մեք /100/ յօժարութեամբ կամեցաք եւ ընդունեցաք մշտնջենաւորացուսցէ։

Հայցեմք ի Սրբութենէ Ձերմէ, զի զմեզ եւ զորդիս մեր, զորս հայրական սիրով ընդունեցաք եւ արժանաւորեցաւ ունել ի յառաքելական ծոց իւր, առաքելական օրհնութեամբ պատսպարեսցէ։

Յանձն առնեմք եւս զԱթոռ հայրապետութեան մերոյ հզօրագոյն նախախնամութեան Ձերում եւ գոլով սպասօղք հայրական խնամատարութեան Ձերում, մնամք հաճոյից Սրբութեան Ձերոյ։

Ջերմեռանդագոյն եւ հպատագոյն ծառայ

մշտնջենաւոր

Մինաս Եպիսկոպոս

Վերատեսուչ Սուրբ Աթոռոյն Առաքելոյն Յակոբայ

որ ի Սուրբ քաղաքն Երուսաղէմ, ի Վիճակ Ազգին Հայոց,

նաեւ ամենայն հնազանդեալքն իմ ընդ ինեւ.

Ի Կոստանդինուպօլիս

յամի Տեառն 1699 Դեկտեմբերի 11



[1]     Ամատունի ԵՊՍ. Կ., Ոսկան Վրդ. Երեւանցի եւ իր ժամանակը, Վենետիկ, 1975, էջ 267-301։

[2]     AP. SO. Armeni, vol. 4, f. 307։— Թերզեան Վրդ. Մ., հրատարակած է 1694 Նոյեմբ. 3 թուակիր այս նամակին բնագիրը (ՀԱ, 1961, էջ 1045-6)։

[3]     Թէրզեան Վ. Մ., Թուղթ Սիրոյ Նահապետ կաթողիկոսի, ՀԱ, 1961, էջ 1048-1050։

[4]     AP. SO. Armeni, vol. 8, f. 621—622: Յովհաննիսեան Մ., Լեհաստանի թագաւոր Եան Գ. Սոբիեսկու նամակը Հայոց կաթողիկոսին, ԲԵՀ, 1978, էջ 150-156։

[5]     De Martinis, Jus Pontificium de Propaganda Fide, Roma 1894, vol. II. p. 183-184, XXV. Դիտելի է որ Իննովկենտիոս ԺԲ, 1698 Յունիս 6 թուին Աղուանից Սիմէոն Կթղս. ին եւ Վլաս Եպս. ին ալ պատասխանեց առանձին նամակներով։

[6]     AP. Scritture Orig. Congregazioni GeTerrali = SOCG. vol. 537. f. 248—249.

[7]     AP. SOCG. vol. 537. f. 252.

[8]     AP, SO. Armeni, vol. 4. f. 724-726.

[9]     G. Hofmann, Il Vicariato Apost. di Costantinopoli (1453—1830), Roma, 1935. p. 78–79. Ստեփանոս Վրդ: Լեհացին կը յիշատակէ իր Տարեգրութեան գրքին մէջ (էջ 188) Մխիթար Եպս. ն Մոկաց, Լալուակ Մեխոյ կոչեցեալ, որ ի Լվով, Վարդան Արքեպ. Յունանեանի առջեւ, 1693 թուին, պաշտօնապէս «զաւանութիւն ուղղափառ հաւատոյ» ըրած է, այս է՝ յայտնած է հաղորդակցութիւնը Հռոմի Եկեղեցիին հետ։ Նոյն ա՞նձն է արդեօք Մխիթար Կորդուացիի հետ։ Հաւանօրէն։

[10]   G. Hofmann, անդ, p. 78: Այս եւրոպացի տեղեկատուն, 1700 թուին Մինաս Վրդ. ի արտաքին կերպարանքէն դատելով, անոր կու տայ 65ամեայ տարիք։ Հ. Ակինեան, իր բազմիցս յիշուած յօդուածին մէջ իբր 1630ին ծնած կը դնէ զԱմդեցին։ Մինաս Ամդեցին ալ, իր Թուղթ Օրհնութեան առ Մայրաքաղաքն Ուռհա, կը յայտարարէ թէ սոյն տաղը գրած է 1657 թուին։ Գիտենք թէ նա 1655 թուին է որ Վարդապետական գաւազան առաւ։ Եթէ այդ տարի շուրջ 25ամեայ ենթադրելու ըլլանք, Հ. Ակինեանի վարկածը իբր 1630ի շուրջ ծնած, լաւագոյնը կը համարինք։ Հմմտ. նաեւ ԵՉԲ, էջ 526–536։

[11]   Ստեփանոս Վրդ. Լեհացի, Ստ. Ոօշքայ, «Ժամանագրութիւն», Հր. Հ. Հ. Ոսկեան, Վիեննա 1961, էջ 190։

[12]   AP. SO. Armeni, vol. 4, ff. 664, 674, 676,

[13]   AP. SOCG. vol. 537, ք. 244. Նշանեան Եպս. Մ. Օրագրութիւն Երեմիա Չելեպիի, էջ ՀԹ-Ձ, Ծնթ. 1, Մինաս Վրդ: Ամդեցիի Օրագրութիւնի ձեռագիրէն (թղ։ 246բ) կը կոչէ հետեւեալ անցքը։ «Պատրի Պետրոսն եկաւ ընդ Խաչատուր Վրդ. ին, զի գնալոց է ի Հռոմ. զրուց շատ եւ գիր ետու Փափին համար»։ Պատրի Պետրոսը է այն Յիսուսեան միսիոնարը, որ ընկերացաւ Խաչատուր Վրդ. Առաքելեանին, որ Նահապետ Կթղս. ին իբր Նուիրակ առաքուեցաւ Իննովկենտիոս ԺԲ, Պապէն, 1699 տարին։ Ասոնք իրենց պատգամաւորութենէն վերադարձած, անշուշտ Մինաս Վրդ. Ամդեցիին այցի գացած էին, նաեւ իրեն հաղորդելու համար իրենց տեսակցութիւնը Էջմիածնի Վեհին հետ։ Հռոմ տանելիք՝ Պատրի Պետրոսին Ամդեցիին կողմէ յանձնուած գիրը առ փափն, անշուշտ 1699 Դեկտ. 11ին առ Իննովկենտիոս ԺԲ. գրած թուղթն է, զոր վերեւ յիշատակեցինք։ Անոր յաջորդին, Կղեմէս ԺԱ. ին գրուածը ուրիշ թուղթ է։

[14]   AP. SOCG. vol. 537, ք. 244:

[15]   AP. SOCG. vol. 537, ք. 248-249։

[16]   AP. Acta, vol. 71, ք. 67-70; SOCG. vol. 538. f. 274-278։

[17]   AP. SO. Armeni, vol. 4. ք. 647:

[18]   AP. SO. Armeni, vol. 4. f. 626:

[19]   Գուշակեան Արքեպ . Թ., Ցուցակ Ձեռագրաց Սեբաստիոյ Ս. Նշան Վանքին, էջ 54։

[20]   ԵՑՁ, հտ. Գ., էջ 143 եւ 405։

[21]   Brosset M., Mélanges Asiatiques, bull. Académie Imp. de St. Petersbourg. t. VII, p. 202—5, 234։ Չամչեան Հ. Մ., անդ, էջ 732-734:

[22]   Brosset M., Mélanges Asiatiques, p. 202—204, note 58:

[23]   Brosset M., ibid, p. 202. note 58:

[24]   Անանուն, Յուշեր. Հմմտ. Ձեռ, Ս. Ղազարու, թիւ 494, թղթ. 69։ Այս գրուածքը կը բովանդակէ Պոլսոյ Պատրիարքութեան 1701-1703 տարիներուն տխրահռչակ անցքերուն պատմութիւնը։ Կը հասցնէ Դեկտ. ամիսի վերջերը։ Գլխաւոր հերոսը այս պատումին Ավետիք Վրդ. Եւդոկիացին է, Մայրաքաղաքին Պատրիարքը։ Հեղինակը ասիկա գրած է, ինչպէս կը յայտարարէ յառաջարանին մէջ, «շարժեալ յիստիպմանէ թախանձանացն» եղբարց, «անձանց արժանաւորաց եւ վեհագունից հնազանդեալ յանձն առի» թէ եւ վեր էր իմ կարողութենէս, կը գրէ։ Սակայն իր անունը չէ արձանագրած թէ ով է։ Ձեռագիրին ճակատին վրայ կայ երկրորդ անձի մը յայտարարութիւնը։ Ս. Ղազարու մատենադարանապետն է եւ կամ ան որ գրչագիրը ձեռք ձգած է։ Սա կը գրէ թէ «է յայտնի գրչութիւն Երանելի Տէր Կոմիտասայ Նահատակի Քէօմիւրճեանց, եւ շարադրութիւնն իսկ անշուշտ նորա երեւի, յօրինեալ չորս ամօք յառաջ քան զնահատակութիւն իւր, ցաւակցելով աղէտից ազգին, որ յայն ժամանակս պառակտիչ Աւետիքեանց, եւ յորդորելով զընթերցողս ի սէր եւ ի զգաստութիւն»։

      Մինաս Վրդ. Ամդեցին՝ Պոլսոյ Քէօմէիւրճեան ընտանիքը կը յաճախէր, նկատած նաեւ Եղիազար Այնթաբցի կթղս. ին մտերմութիւնը անոր հետ։ Նա իր Օրագրութեան մէջ յաճախ կ՚ակնարկէ իր այս յարաբերութեանց, ինչ որ Նշանեան Եպս. մատնանշել չէ թերացած (տես ԵՉՔ, էջ ՀԸ—ՁԶ)։ Յատկապէս մտերմութիւն ունեցած է Տէր Կոմիտաս Քհյ. ին հետ, զոր 1701 Սեպտ. 1ին հետը Երուսաղէմ ուխտի տարաւ, եւ 1702 Փետր։ 1ին դեռ հոն է։ Մարտ 12ին կը հիւանդանայ Ամդեցին, «Գ. օր եղեւ Կոմիտասն, Նարեկ կու կարդայ ի վերայ իմ» կը գրէ Օրագրութեան մէջ (թղթ. 268ա-բ)։

      Ս. Ղազարի յիշեալ ձեռագրին դրածքին մէջ հոգեսէր քահանայի մը շունչը կայ, ճշմարողասէր եւ արդարութեան նախանձախնդ իր հեղինակի մը ոգին կը ներշնչէ։ Ժամանակակից մըն է դէպքերուն, Պոլսոյ քաղաքացի, ծանօթ դերակատարներուն։ Եղիազար Կթղu. ին հանդէս համակրանքի եւ հիացումի շեշտով կ՚արտայայտուի, որ Քէօմիւրճեան ընտանիքին սեփական եղած է։ Բայց որովհետեւ հեղինակը ինքը չէ զետեղած իր անունը, մենք ալ կը նախընտրենք առժամապէս Անանուն կոչել:

      Փարիզի Մատենադարանին հայերէն ձեռագրաց բաժնին մէջ կայ 1706 թուին սոյն բնագրէն կատարուած օրինակ մը։ Ֆրետ. Մակլէր ալ, որ Փարիզի հայ գրչագիրներու ցուցակը յօրինած է, այդ օրինակին համար կը գրէ թէ հաւանօրէն Տէր Կոմիտաս է գրուածքին հեղինակը։

      Վիեննայի Մխիթարեանց Մատենադարանն ալ ունի օրինակ մը, 1909 թուին ընդօրինակուած Փարիզի օրինակէն . Հ. Ոսկեան, Վիեննայի Ցուցակ Ձեռագրաց, 1963, թիւ 1153)։ Հ. Օգոստինաս Վրդ. Սեքուլեան, ազնուօրէն այդ գրչագրին վերջին էջերուն լուսանկարը մեր տրամադրութեան տակ դրաւ բոլորովին նոյն է Ս. Ղազարի օրինակին հետ։

      Փարիզի օրինակին ընդօրինակողը եղած է Պետրոս անունով մէկը, ինչ որ Վիեննայի օրինակին ալ անցած է։ Հ. Ակինեան ՀԱ-ի իր յօդուածին մէջ կը կոչէ այդ անունով։ Բայց դա չէ հեղինակը գրութեան, այլ միայն օրինակողը։ Կաթուղիկէ Արձագանգ շաբաթաթերթը, 1913—1914 տարիներու թիւին մէջ հրատարակած է յիշեալ գրուածքը եւ անվերապահօրէն Տէր Կոմիտաս Քէօմիւրճեան քահանային է, կը գրէ։ Մենք կոչեցինք այդ օրինակը Յուշեր Անանունի, թէեւ համոզուած ենք թէ Եր. Տէր Կոմիտաս Քահանային է։

[25]   Անանուն, Յուշեր, թղ. 33, –35ա։ Չամչեան Հ. Մ., անդ, էջ 733–734։

[26]   Անանուն, Յուշեր, թղ35—36ա։ Կիւլէսերեան Բ., անդ, էջ 443–414։

[27]   Անանուն, Յուշեր, թող. 35բ—36ա։ Չամչեան Հ. Մ., անդ, Տես նաեւ Տէր Յովհաննէսեան Եպս. Ա., Պատմութիւն Երուսաղէմի, էջ 419, ուր կ'ըսուի թէ Սաղէմեան աբեղաները, որոնք Երուսաղէմէն Պոլիս գացին ամբաստանելու Մինաս Վրդ. Ամդեցին, չորս էին։ Մինչդեռ Աւետիք Պատրիարք իր ինքնակենսագրութեան մէջ 12 կը դնէ։ Այդ գումարին հասուցած է նա զանոնք բազմացնելով, վարձկան վկաներ հաւաքելով Պոլսոյ շրջանակէն, ինչպէս որ Անանունը կը բացատրէ։

 

[28]   Տէր Յովհաննէսեան Եպս. Ա., անդ, հտ. Ա., էջ 420–21։— Նշանեան Եպս. Մ., ԵՉՔ, էջ ՃԽԳ-ՃԽԴ : Ակինեան Հ. Ն., ՀԱ., 1960, էջ 330–331։

[29]   Անանուն, Յուշեր, թղ. 60ա-66բ։ ՀԱ:, 1960, էջ 331։ Ոսկեան Հ. Հ., ՎՑՁ, Ձեռ. թիւ 1153, թղ. 26:

[30]   ԵՑՁ, հտ. Զ., Ձեռ. թիւ 1921, էջ 384։

[31]   ԵՑՁ, հտ. Զ., էջ 387բ։

[32]   Տէր Յովհաննէսեան Եպս. Ա., անդ, էջ 423-424։ Հ. Մատթ. Մաղաք–Թէոփիլեանց ալ, իր Կենսագրութիւն երեւելի արանց գրքին մէջ (Վենետիկ, 1839), համառօտ կերպով կը գրէ Մինաս Ամդեցիի մասին. «Սա ի սադրելոյ թշնամեաց իւրոց արկաւ յաթոռոյն ի 1701», եւ թէ Աւետիք Պտրք. յափշտակելով Երուսաղէմի Աթոռն ալ, Կիպրոս աքսորեց եւ ուր մեռաւ, կը գրէ . Մեզի անծանօթ է թէ ուսկից առած է Կիպրոս աքսորի եւ հոն մեռնելուն ծանօթութիւնը։ Յաջորդաբար պիտի հաստատենք թէ Երուսաղէմ տեղի ունեցած է իր մահը։

      Վերոյիշեալ կենսագիրն ալ զինքը կը բնութագրէ իբր «հեզահոգի ոմն եւ բարեկրօն եւ գրոց աշակերտ։ Արդեալ ունի զքաղուած թագաւորացն Հայոց եւ կայսերաց»: տես անդ, հտ. Ա., էջ 806։

[33]   Brosset M. Mélanges Asiatiques, t. VII, p. 225, note 101. Տէր Յովհաննէսեանց եպս. Ա., անդ, էջ 418 421։

[34]   AP, SOCG. vol. 561- ff. 31, 90-92: Յարութիւն–Անաստաս Եպս. Լեւոնեան ծնած է Պոլիս։ Անաստաս կոչումը Արեւմուտքի մէջ (Anastasio) գործածուած, իբր աւելի ծանօթ լատին շրջանակին։ Ապրած է 1670-1738 տարիներուն մէջ։ Հ. Գ. Գալէմքեարեան կենսագրութիւն երկու, Պատրիարքներու եւ տասն եպիսկոպոսներու (Վիեննա, 1915, էջ 135-137) անոր մասին գրած է։ Իր տեղեկութիւնները սակայն կը սկսին 1712 թուականէն։ Մեր տեղեկութիւնները քանի մը տարի յառաջագոյն, 1708 թուէն, երբ Աեւտիքեանց հալածանքներու մղումով լքեց Պոլիսը եւ Արեւմուտք ապաւինեցաւ։

[35]   ԵՉՔ, էջ ՁԷ, ծանօթ.

[36]   Անանուն, Յուշեր, թղ։ 68ա։— Չամչեան Հ. Մ., անդ, էջ 745։ AP. SO. Armeni, vol. 5. f. 85։

[37] Ակինեան Հ. Ն., անդ, էջ 333։ Գէորգեան Գ., իր Զնքուշն անիրաւուած յօդուածին մէջ (Բազմ. 1964, էջ 126), յետ գրելու թէ Ամդեցին երկիցս Եւրոպա ճամփորդած է, 1684–5 եւ 1695ին, վերադարձին, կը գրէ, Սիրահայեացին վանահայրութիւնը ձեռք առաւ մինչեւ 1709 թուականը։ Բայց Ամդեցիին մահուան թուականը առհասարակ 1704 Նոյեմբ. 24ին նշանակուած է, Երուսաղէմի իր շիրմին վրայ ալ։ Ուստի ընդունելի չէ Հ. Ակինեանի վարկածը, մինչեւ 1709 ապրած ու Սիրահայեացի վանահայրութիւնը վարած ըլլալը։

      Ս. Յակոբի 1921 թիւ գրչագիրն ալ, Սաղմոսարան, էջ 191բ, Յիշատակարանը կը գրէ. «ի ՌՃԾԳ (1704) եւ Նոյեմբեր ամսոյ ԻԴ, եւ Հոռի Հայոց Լ., պատկեր օրն ուրբաթ, տասներորդ ժամուն, առ Տէր փոխեցաւ եւ մեկնեցաւ աստի կենացս Համթեցի, երջանիկ Րաբունապետն Տէր Մինաս Արհի Եպիսկոպոսն, որ էր Պատրիարք Սրբոյ Երուսաղէմի, որոյ Հոգւոյն Տէրն ողորմեսցի». (ԵՑՁ, հտ. Զ., էջ 387բ)։