Մարգարիտ արքայութեան երկնից

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Theology  
ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏԹԷՈՍԻ Է ԳԼԽ. ՎԵՐԱՅ
      
       ԴԱՍ ԼԶ.
      
       ՄԻ՛ ԴԱՏԷՔ ԶԻ ՄԻ՚ ԴԱՏԻՑԻՔ
      
       Աստուած Յիսուս դատաւոր արդար, հզօր ու երկայնամիտ` մարմնով աշխարհիս մէջ Խաչի ներողութեան աթոռին վրայ նստած այս դաս կ՚աւանդէ, «Մի՛ դատէք, զի մի՛ դատիցիք». եւ այլն։ Ինքն, որ միայն արդար դատաւոր էր երկնից եւ երկրիս առաջ, եւ զոր Հայր սրբեց ու ղրկեց յաշխարհ, երբէք բուռն կամ պատժող դատաւոր չի հանդիսացաւ իբրեւ աշխարհիս աններող ատենակալներն։ Իւր կեանք` բոլորովին ներողութիւն էր, իւր խօսք` թողութիւն, իւր ոտք` այցելութիւն, իւր ձեռք` բժշկութիւն, իւր ուսումն` հեզութիւն։ Նա շնացող կինն արձակեց մինչդեռ յատեան քաշելով դատապարտել կ՚ ուզէին Փարիսեցի դատաւորներն. նա մեղաւոր կնոջ թողուց` երբ ՚ի միտս դատելով կը գայթակղէր Սիմոն. նա մաքսաւորին ներեց, նա խաչահանու հայհոյիչներու համար իւր Հօրէն թողութիւն խնդրեց։ Աւետարանին անվախճան թագաւորութեան Աթոռ եկեղեցւոյ ատենին մէջ` ոչ բանտ ունի, ոչ զնդան, ոչ գան, ոչ զանազան տանջանաց գործիքներ. այլ իւր վճիռ` ներողութիւն է, իւր բանտն` ազատութիւն. իւր կապանք` արձակումն, իւր պատիժ` բարի հատուցումն։ Այս ատեան` աշխարհի ատենէն տարօրինակ է. բարկութիւն, պատիժ, վրէժխնդրութիւն, առ ի մահ դատապարտութիւն, սուր, արիւն չի կայ երբէք. իւր ամէն վճիռներ ներողամիտ գթութեամբ կ՚արձանագրուին. բաւական է յանցաւորի սրտի զղջումն ու խոստովանութիւն. վասն զի այս ատենին օրէնսդիր ներող Յիսուսն է, եւ ոչ Սողոն։
      
       ԴԱՍ ԼԷ.
       ԶԻ՞ ՏԵՍԱՆԵՍ ԶՇԻՂ ՅԱԿԱՆ ԵՂԲՕՐ ՔՈ
      
       Ներողութեան գերագոյն վարժապետ` սոսկ խօսքով չի աւանդեր այս դաս, այլ իւր հայելի օրինակով. ո՛վ որ տեսնել կ՚ ուզէ, թող ՚ի Գողգոթա երթայ` Խաչին հանդէս դիտէ։ Տիեզերաց մեծ դատաւորն այժմէն կ՚սպառնայ մեզ, եթէ խստութեամբ դատենք մեր եղբայր, եթէ առանց քննութեան դատապարտութիւն վճռենք, եթէ իբրեւ Փարիսեցի` գերանակիր աչքով մեր եղբօր աչքին փոքրիկ շիւղ նկատենք, եթէ մեր համշիրակ ընկերին յանցանք չարաչար չափենք, մեք ինքնին զմեզ Աստուծոյ արդարութեան ատենին կը մատնենք. ուր տեղ պիտի երեւայ այն ահաւոր մատն Աստուծոյ տաճարին անօթներ պղծող բռնաւորին չափով, նոյն կշռով, նոյն խստութեամբ. վասն զի երկնից ատեան` աշխարհիս ատեան չէ, ուր ոսկին եւ կաշառ կ՚ողոքեն անիրաւ դատաւորին երես, ուր անմեղին համար է զրկանք, կապանք, բանտ եւ մահ. իսկ յանցավորին` ազատութիւն եւ կեանք։
       Մարդ` երբ յանցաւոր է եւ չքմեղս լինելով ինքնին դատաւոր կը հանդիսանայ իւր ընկերին վրայ, ոչ միայն Յիսուսի ձայն այլ նոյն իսկ իւր խղճի ձայն ներքուստ կը յանդիմանէ զինքն. «Դու ո՛վ խաւարամիտ կոյր դատող, վա՜շ սրատես աչքիդ. ինչպէ՞ս ատելութեան դիտակով մանր կը նշմարես եղբօրդ աչքին մէջ ինկած աննշան շղիկ, զոր ես անտեսանելով կը ներեմ. իսկ քո աչքիդ ահագին գերան որ է ամենամեծ յանցանք, թող տալով` իբրեւ կարեկից կեղծաւորաբար կը մատչիս եղբօրդ աչքին շիւղ շօշափել։ Այսպէս չէ, ո՛վ կեղծաւոր փարիսեցի, ուղիղ դատաստան տես. դու նախ մտախոհ եղիր ներքին խղճիդ հետ աչքիդ մեծ գերան ՚ի բաց հանել, եւ ապա այնուհետեւ համարձակութեամբ ձեռնարկէ եղբօրն»։
       Աւետարանին այս յանդիմանութեան խրատ ընդհանուր Քրիստոնէից ընկերութեան համար է, որք առհասարակ մէկ տիրոջտան մէջ հաւասար ծառայակից եղբայրներ են. ծառայն միմիայն իւր տիրոջ պատասխանատու է. թէ որ գթէ կամ անկանի` իւր տէր կը տեսնայ եւ գիտէ, կարող է միւսանգամ ձեռքէն բռնելով վեր հանել զայն։ Եթէ այսպէս, դատաստան միայն տիրոջ իրաւունքն է, թող չի համարձակի մեղապարտ ծառայն իւր ընկերակից ծառայն դատել։
       Աւետարանին ներողութեան օրէնք միայն մեր չարաչար դատաստան կ՚արգելէ. այլ մարդկային ընկերութեան մէջ բարին ու չար որոշելու իրաւացի դատաստան երբէք չի մերժեր, որ մարդոյն ազատ մտաց անբռնադատ իրաւունքն է։ Ո՛վ կարող է որոշել չար ու բարին, երբ մարդոյն թիւրատես աչքն շատ անգամ ուղիղն իբրեւ թիւր կը նշմարէ։ Յիսուս նշան մի ցոյց կուտայ, այն նշանով պէտք է ճանչնանք ու որոշենք. «Ի պտղոյ նոցա, ծանիջիք զնոսա»։
      
       ԴԱՍ ԼԸ.
      
       ՄԻ՛ ՏԱՅՔ ԶՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆՑ
      
       Յիսուս մասնաւորապէս ատուէր կաւանդէ իւր հրաւիրակ աշակերտաց, որք պատրաստուած էին Աւետարանի սեղանոյն սպասաւոր լինել եւ աշխարհիս քաղցելոց` կենաց բանին հաց մատակարարել։ Որոց կուսուցանէ զգուշաւոր տնտեսութեամբ բաշխել, Աւետարանին սրբութեան հաց անխտրապէս չտալ շուներուն, եւ ոչ եւս երկային մարգարիտ` խոզերուն առաջ ձգել։
       Գիտէ՞ք, շուներն եւ խոզերն ո՛վ են. Աւետարանին ճշմարտութեան դէմ զինող, Աւետարանին փրկութիւն արհամարհող, Աւետարանին սրբութիւն անարգող աշխարհիս ամբարիշտ անզգամներն են։ Որք կապակոտոր շուներուն պէս պիտի յարձակին վազեն ձեր վրայ, հրապարակաց եւ ատեաններու մէջ մռմռան զայրանան ձեր քարոզութեան դէմ. կամ աղտեղասէր խոզերու նման իմ պատուական մարգարիտ առ ոտն կոխելով անարգութեան տիղմերու մէջ ու դարձեալ որպէս կատաղի գազան վրանիդ յարձակելով` պատառեն զձեզ։
       Այսպիսի խստասիրտ անզգամաց երեսէն խոյս տուէք, ծածկեցէք ու պահեցէք Աւետարանին սրբութիւն. ձեր ոտքի փոշիներ թօթափելով մի կենաք, շուտով ելէք նոցա քաղաքէն։ Երբէք պատճառ կամ տեղի մի՛ տաք ձեր առաքելական պաշտօնին մէջ, որ իմ ու Աւետարանիս անուն արհամարհանք եւ հայհոյություն կրէ։
       Այս տիրական պատուէր նոյն ընդհանուր Քրիստոնէից ընկերութեան եւս կը պատկանի. որպէս զի խոհական իմաստութեամբ քաղաքավարելով արտաքին հեթանոսաց հետ, առիթ չի տանք հայհոյելու սուրբ կրօնքն եւ հաւատք։
       Յիսուս` իւր Աւետարանին ճշմարտութիւն բնաւ չի հրամայեր բռնադատ կերպերով ընդունել տալ, քանզի Աւետարան լոյս է. լոյսն ինքնին համատարած է, կը ծաւալի եւ կը թափանցէ ընդունողներուն սիրտ. զոր կը պատրաստէ սուրբ Հոգւոյն շնորհք։ Որչա՞փ տարբեր էր այս կերպէն` կրօնքով տիրապետող աշխարհիս հին բռնակալներուն իշխանական կերպն. որոց կրօնքին հաստատութիւն, սուր` զէնք, արշաւանք, պատերազմ, կոտորած, քաղաքաց կործանումն եւ այն այսպիսի բոլոր մարդկութեան թշուառաբեր աղէտներ էին։ Հին կրօնք մահաշունչ էր, կենաց տեղ` մահ կը բուրէր. Աւետարանին ուրախութեան տեղ` սուգ կը բերէր. լուսոյն տեղ` խաւար կ՚ածէր. երկնից տեղ` գերեզման կը բանար. արքայութեան տեղ` դժոխք կը տանէր. մէկ խօսքով` Աստուած չիկար հին կրօնքին մէջ. ուր Աստուած չիկար, այն տեղ մահ կը թագաւորէր, մարդոյն համար ամենայն ինչ մահ էր։
       Յիսուս հեզ էր, բռնակալ չէր. իւր սուրբ եւ ճշմարիտ կրօն` քանի մի Գալիլեացի անթոշակ զիուորներուն ձեռքով տարածեց. որոց պատուէր կուտար ոչ եթէ զէնք, այլ եւ ցուպ անգամ չառնուլ ճանապարհի համար։ Այսպէս աննշան ձկնորսներու ձեռքով տիրեց Աւետարան, խեցեղեն ամաններու զօրութիւն` խորտակեց զէնքերն ու զրահներն։ Աշխարհ զարմացաւ դեռ կը զարմանայ երբ Աւետարան տկարներով յաղթանակեց։
       Յիսուս աղքատ էր, աշխարհիս բաներէն բան մի չունէր. այլ իբրեւ մեծահարուստ վաճառական, խանութ մի բացաւ աշխարհիս հրապարակին մէջ, ուր տեղ ՚ի վաճառ հանեց իւր չնաշխարհիկ պատուական մարգարիտ. այս միայն էր նորա երկինքէն բերած անգիւտ վաճառ։ Աւետարանի բարձր քարոզութեամբ հրաւիրեց աշխարհիս չորս կողմի մարդիկ. իւր սակարկութեան պայմանն այս էր, ոսկի, արծաթ, ճոխութիւն, իշխանութիւն, գաւազան, թագ եւ ոչ իսկ աշխարհիս բովանդակ մեծութիւն գին չէր ուզեր այս մարգարտին, զի մարգարիտն անգին էր։ Ի՞նչ կըպահանջէր ապա մարգարտին Տէր. կատարեալ հաւատք, սէր եւ սիրտ, ամէն բան վաճառել` աշխարհ եւ ինչ որ աշխարհին է, անձն եւս ուրանալ. ահա այս է մարգարտին արժանաւոր գնահատութիւն։ Դժուարի՜նս կը խնդրէ մարգարտին Տէր, աշխարհիս սակաւաւոր մարդիկներէն են միայն այս վաճառ գնողներն։ Այլ մի՛ խուսափիր Աւետարանի ձայնէն, թող անհնարին չթուի քեզ, դիւրաւ կ՚ստանաս մարգարիտն. միայն հաւատա, խնդրէ, հայցէ, բաղխէ. վասն զի ո՛վ որ խնդրէ այս մարգարիտ, նա միայն կ՚առնէ. ո՛վ որ հայցէ` նա միայն կը գտնէ. ո՛վ որ բաղխէ երկնից ճանապարհին դուռն, Յիսուս պատրաստ է, բանալին իւր ձեռքն է. ահաւասիկ բաց է, մտիր ներս. քանզի ինքն է դուռն, ինքն է ճանապարհ, ինքն է ճշմարտութիւն եւ ինքն է միայն նորոգատուր կեանք։
      
       ԴԱՍ ԼԹ.
      
       ԽՆԴՐԵՑԷՔ ՆԱԽ ԶԱՐՔԱՅՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ
      
       Յիսուս կը սրտացուցանէ Աւետարանի զաւակներ, որ չերկմտին բնաւ, հաւատով խնդրեն ինչ որ կը խնդրեն երկնաւոր Հօրէն, հաւատով ժտեն եւ ինչ որ կարեւոր եւ պատշաճն է զայն խնդրեն։ Հացի տեղ` քար մի՛ խնդրէք. եւ ոչ եւս ձուկին տեղ ` թիւնաւորող օձ. այսինքն աշխարհիս փարթամութեան գոյքերն եւ մամոնայն. որք ձեր ատամունքներ կը ‎փշրեն եթէ ծամէք եւ ձեր կեանք կը թիւնաւորեն եթէ ուտէք։Դուք ո՛վ ապիկար չար եւ ապուշ հայրեր. դուք որ խորագէտ չէք բարւոյն եւ չարին ընտրութեան մէջ. բայց ձեր բնական գթով կ՚ուզէք բարի բաներ տալ ձեր որդւոց, ոչ հացին տեղ քար` եւ ոչ ձուկին տեղ օձ կուտաք, թէ եւ մանուկն իւր տղայամտութեամբ խնդրէ լալով. որչափ եւս առաւել ձեր երկնաւոր հայրն կատարեալ պարգեւներ առատ կը բաշխէ իւր որդւոց, որք իմաստութեամբ կը խնդրեն եւ առանց թերահաւատելոյ կ՚սպասեն։
      
       ԴԱՍ Խ.
      
       ԶԱՄԵՆԱՅՆ ԶՈՐ ՄԻԱՆԳԱՄ ԿԱՄԻՋԻՔ ԹԷ ԱՐԱՍՑԵՆ ՁԵԶ ՄԱՐԴԻԿ
      
       Յիսուս Աստուած` միայն այն հակիրճ եւ բնական օրէնք, զոր Ադամայ եւ հանուր մարդկութեան հոգւոյն եւ սրտին վրայ քանդակելով անջնջելի դրոշմեր է, նոյն օրէնք կը կրկնէ իւր Աւետարանին մէջ եւ դարձեալ կը դրոշմէ մարդոց սրտին վրայ զոր եղծեր էր անաստուածութեան ամբարիշտ ձեռք. «Զամենայն, զոր միանգամ կամիջիք թէ արասցեն ձեզ մարդիկ, այնպէս արարէք եւ դուք նոցա»։
       Ահաւասիկ այս է միայն օրինաց բուն արմատն, որուն վրայ հաստատուած են ընդհանուր պատուիրանաց բոլոր ճիւղերն. այս է օրինաց բուն աղբիւրին ակն,, յորմէ կը բղխին աստուածադիր պատուիրանաց զանազան վտակներն։ Սոյն օրինաց սքանչելի հակիրճ բան` մէկ լեզուով գրուած չէ. ամէն ազգ եւ ազինք կարող են կարդալ զայն` հաւատացեալ եւ հեթանոս, Եթովպացին, Արաբացին, Ասիացին, Եւրոպացին. նաեւ խուժ դուժ Սկիւթացին։ Այս օրէնք թուղթի վրա չէ, այլսրտին եւ հոգւոյն մէջն է. ամէն հասակի մարդիկ գիտեն զայն, թագաւոր, իշխան, տէր , ծառայ, այր , կին, գեղացին, քաղաքացին, ռամիկ, իմաստուն, վարժապետ, աշակերտ։ Մայր է այս օրէնք, որ կը ծնանի պարտք եւ իրաւունք. որով միայն կ՚ամրապնդի մարդկային ընկերութեան կապն։ Այս կապն է որ կը կապէ թագաւորն` հպատակներու հետ, իշխան` ժողովուրդին հետ, տէր` ծառային հետ, ամուսին` ամուսնո՞յն հետ, ծնողք` զաւակաց հետ, հարուստն‎` աղքատին հետ, տկարն` զօրաւորին հետ, իմաստուն` ռամկին հետ, գեղացին` քաղաքացւոյն հետ, ազգ` ազգի հետ, աշխարհ` աշխարհի հետ։ Սրբապիղծ է այն ձեռք, որ այս կապ կը խզէ. սուրբ է այն ձեռք`որ զայն կ՚ամրապնդէ։
       Մարդկային ընկերութեան պարտք եւ իրաւունք փոխադարձ առաքինութիւն է. ինչ չափով որ կուտայ, նոյն չափով կը պահանջէ Աւետարանին արդարութեան կշիռ։ Ուրեմն, ո՛վ դու, ի՞նչ կը կամիս, որ ընկերդ քեզ ընէ. եթէ սէր` սիրէ դու եւս, եթէ պատիւ` պատուէ դու եւս. ընկերէն սէր եւ պատիւ պահանջել քո իրաւունքն է, այլ սիրել ընկեր ու պատուել քո պարտքն է. առանց այս փոխարինութեան մեծ անիրաււութիւն է ընկերէն յարգանք պահանջել։
       Ո՛վ է այն մարդ, որ սիրել չգիտէ` սիրուիլ կ՚ուզէ. որ բարերարել չգիտէ, երախտագիտութիւն կը պահանջէ. որ անողորմ է, ողորմութիւն կը խնդրէ։ Այդ անփոխադարձ իրաւունք, որ միշտ առնել գիտէ առանց տալու, այդ աշխարհիս բռնակալաց ու զօրաւորաց իրաւունքն է. որք առ ոտն կոխելով Աստուծոյ եւ նոյն իսկ բնութեան օրէնք, «Եւ օրէնսդրութիւն` բռնութիւն մեր եղիցի» ըսելով, առ հասարակ կը հարստահարեն աղքատն ու անզօր։ Այո՛, բազէն ճնճղուկներ կը վանէ, նկուն թռչնիկներ միշտ իւր որսիկն են. նմանապէս ծովու մանրիկ ձուկեր` դլփին ձկան։ Նախախնամութիւն սոցա համար այպէս է սահմաներ, բայց մարդկային ընկերութեան համար արդարութիւն է դրեր. արդարութիւն բնաւ իւր ընկերին վնաս չի կամիր. արդարութիւն` հացն իւր ճակտին քրտինքով կ՚ուտէ. արդարութիւն ինչ որ պարտք ունի կը վճարէ ընկերին. արդարութիւն ինչքան իրաւունք ունի` այնքան կը պահանջէ. արդարութիւն իւր եւ ընկերին իրաւունք հաւասար կը կշռէ, անիրաւ զրկանաց կողմն երբէք չի հակամիտեր։ Մէկ խօսքով` արդարութիւն պարտուց եւ իրաւանց դատաւորն է. ամբարիշտ անիրաւներուն պէս ոչ թիւր խորհուրդներ կ՚ ընդունի, ոչ ժանտ աթոռներու վրայ կը նստի. իւր կամք միշտ Աստուծոյ օրէնքն է. իւր վճիռ` իւր խղճին ձայնն է։ ՆԱ չի մոռնար, այլ կը կարդայ ամէն պահու մէջ. «Զամենայն զոր ինչ կամիջիք, թէ արասցեն ձեզ մարդիկ, այնպէս արարէք եւ դուք նոցա»։ Ա՜հ, մարդիկ, եթէ չը եղծէք այս օրէնք, եթէ չխեղդէք ձեր խղճին այս մշտաբարբառ ձայն, բաւ եւ շատ է Աւետարանին այս միմիայն պատուէր բոլոր մարդկային ազգ երջանիկ կեանքի մէջ պահել, ամէն զրկանք եւ թշուառութիւն բառնալ աշխարհիս երեսէն։
       Այս է ահա Յիսուսին քարոզած բնական օրէնքին զօրութիւն. որուն լայնածաւալ իմաստից տառերէն, փոքրիկ նշանախեց մի հազիւ նշանակեցի աստ։
      
       ԴԱՍ ԽԱ.
      
       ՆԵՂ Է ԴՈՒՌՆ ԵՒ ԱՆՁՈՒԿ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆ
      
       Յիսուս, որ երկնից արդարութիւն էր, երկրիս մէջ երեւեցաւ. Աստուած մարդոց մէջ մտաւ մինչդեռ մարդիկ մոլորուած կը թափառէին, աշխարհիս բազմաստուածութեան ճանապարհին վրայ` ցիր ու ցան եղած անհովիւ ոչխարներու պէս. փոխանակ երկնից հայրենիք դիմելու` սատանայի աքսորանաց յաշխարհ կ՚ երթային. Յիսուս միայն դարձուց այդ մարդիկ դեպ ՚ ի երկնից ճանապարհ, որուն համար կը պաղատէր Դաւիթ. «Ցոյց ինձ ճանապարհ յոր եւ գնացից»։ Այս նոր ճանապարհին ուղեցոյց առաջնորդ Յիսուսն էր, ուստի կը քարոզէ. «Նեղ է դուռն եւ անձուկ ճանապարհն, որ տանի ՚ ի կեանս». եւ որպէս զի մարդիկ չխուսափին այս դժուարին բանէն, նախ ինքն մտաւ աշխարհիս անձուկ ճանապարհի դռնէն։ Ո՞ւր տեղէն, Բէթլէհէմի այրէն, յանբանից մսրէն մինչեւ Գողգոթային գլուխ, մինչեւ գերեզմանին դուռն. երեք տարուան միջոց տաժանելի խաչակրութեամբ հորդեց բացաւ այս ուղին երկրէս մինչեւ երկինք, խոր դժոխքէն մինչեւ վերին արքայութիւն։ Ինքն ինչ որ կրեց այս ճանապարհին մէջ, հալածանք, վիշտ, աղքատութիւն, քաղց, ծարաւ, ապերախտութիւն, մատնութիւն, կապանք, բանտ, նախատինք, ձաղանք, թուք, ապտակ, հարուած, ՚ի վերջոյ խաչ եւ մահ։
       Յիսուսին համար այս էր ահա նեղ դուռն եւ անձուկ ճանապարհ։ Հապա մեր` ո՞րն է, մեք ո՞վ ենք. նոյն Խաչակիր զօրապետի դրօշակին տակ զինուորող բանակն ենք. այս բանակին անուն Քրիստոնեայ կը կոչուի որ Քրիստոսի հետեւող կը նշանակէ։ Սուրբն Պօղոս խրախոյս կուտայ եկեղեցւոյ զինուորներուն. « Հայեցարուք ՚ ի զօրագլուխն հաւատոյ® որ փոխանակ մխիթարութեան, որ նմա առաջի կայր` յանձն էառ զխաչ, արհամարհեաց զամօթ®»։ Ամէն զինուոր իւր զօրապետին հրամանակատարն է. եթէ մեր Զօրագլուխն` խաչի եւ Գողգոթայի ճանապարհէն երկինք գնաց, իւր զինուորներն եւս ուխտադիր են նոյն խաչակրութեան ճանապարհեն երթալ։ Աստուած անպարտ` մարդոյն սիրով վառեալ, կամակար ոգւով կրեց խաչին անարգանք. ո՞վ է մարդ, մեղապարտ ծառայ, հող ու մոխիր, եւ որդն չնչին. միթէ իրաւո՞ւնք ունի` ամօթ կամ անարգանք համարել իւր նուաստ անձին` կրծել աշխարհիս մէջ այն ամէն խաչեր, ինչ որ իւր Տէր կրեց։ Բնաւ թող չի յուսայ մարդ. մոլորաշաւիղ աշխարհիս վրայ չկայ ուրիշ ճանապարհ մի երկինք գնալու, բաց ՚ի Յիսուսի բացած ճանապարհէն։
       Այո՛, այս անձուկ անցքէն ՚ ի զատ կայ ուրիշ ընդարձակ պողոտայ մի` աշխարհիս դէպ ՚ ի ձախակողմ կոյս. զոր ՚ ի սկզբանէ անտի խաւարասէր իշխան բացեր է դէպ ՚ի կորստեան անդունդ։ Աւա՜ղ, որչա՞փ բազմապատիկ են այս համարձակ ճամբուն ուղեւորներն. ահա բանակներով կը դիմեն փառասէր բնակալներ, աղքատին վրայ տիրապետող ամբարիշտ իշխաններ, տկարին եւ անզօրին իրաւունք յափշտակող հարստահարիչ զրկողներ, բազմախորտիկ սեղանին վրայ միշտ յղփացող` կարօտ Ղազարոսին փշրանք զլացող քարասիրտ մեծատուններ, ոսկին իբրեւ Աստուած պաշտող աշխարհիս ընչաքաղց ագահներ, փոքրիկ կարծուած Աստուծոյ սիրելեաց վրայ հպարտացող գոռոզներ, ընկերոջ համբաւոյն ու մեծութեան դէմ մախացող` հին եղբայրասպան Կայենին նախանձոտ եղբայրներ, ջրհեղեղի դարուն մարդոց պէս ուտող եւ ըմպող անառակ շուայտութեամբ կեանք վարող քաղաքացիներ։ Մէկ խօսքով, աշխարհիս բոլոր օրծինազանց անզգամներ, որք կամ իսպառ ուրացան անհաւատութեամբ թէ ԱՍտուած չիկայ կամ ճանչցան Աստուած ու հաւատացին նորա միածին Որդւոյն, մկրտութեան սուրբ կնքով Քրիստոնեայ դրոշմեցին իրենց անուն. Տէր, Տէր , կանչեցին, բայց Տիրոջ սուրբ պատուէրներն չի պահեցին։ Քրիստոնէութեան անարատ կրօնքին մէջ` դարձեալ նոյն հեթանոսութեան զեղծ ու անառակ կեանք վարելով` մինչեւ ցվախճան մնացին անզեղջ. առ երեսս Քրիստոնեայ անուն առին, գործքով հեթանոս մեռան։
       Սոյնպիսի յիմար եւ ապերախտ որդիքներ խաչին փրկութիւն եւ Աւետարանին սիրոյ օրէնք մերժելով, աշխարհիս վրայ ընտրեցին ու գնացին այն ճանապարհ, որուն երջանկութիւն կարծուած երկրաւոր կեանք մինչեւ գերեզմանին դուռն էր։ Անհաւատութիւն ու մեծութեան պատրանք պաշարեց նոցա խելացնոր միտք, չի կրցան ուղիղ տեսութեամբ համեմատել այս երկու ճանապարհաց վախճան։ Այն ինչ մէկին մէջ խաչակիր ուղեւորն, որ թէպէտ ծանրութեան տտակ շունչ բերան հասած պարտասելով կը հեծէր, բայց իւր վշտատար քայլեր մինչեւ գերեզմանին իջեւան կանգ կ՚առնէին. այնուհետեւ մահուան մէջ նոր կեանք գտնելով` երկնից մշտնջենաւոր հանգիստ կը ժամանէր հոգին։ Իսկ միւսին մէջ անխաչաբարձ ուղեւորն որուն բեռն միայն աշխարհի մեծութիւն էր, մինչդեռ կառքին մէջ նստած կ՚արշաւէր, կ՚անցնէր ընդարձակ պողոտաներէն, կը խորհէր ինչ որ իւր մարմնոյ հաճոյքն է. շտեմարան կը պատրաստէր` կարծելով թէ ինքն յաւիտենական աշխարհաքաղաքացի է. եւ ահա կէս գիշերուան պահուն կառքին անիւ կը գլորուէր մահուն գուբ. այն տեղ կը բացուէր կուրցած հոգւոյն աչք, ամենայն ինչ ունայնութիւն կը տեսնէր, ոչ պալատ, ոչ փառք, ոչ մեծամեծ շտեմարան, ոչ բազմապատիկ տոհմականք, անցան գնացին այս ամէն վայելքներ. նոցա տեղ թշուառագոյն վիճակ յաջորդեց գեհենին կրակ, եւ մահուան մէջ` դարձեալ նոր մահ մի գտաւ։
      
       ԴԱՍ ԽԲ.
      
       ԶԳՈՅՇ ԼԵՐՈՒՔ Ի ՍՈՒՏ ՄԱՐԳԱՐԷԻՑ
      
       Յիսուս այս կորստեան դուռն կը փակէ եւ Աւետարանին որդւոց դէմ կը խցէ լայն ճանապարհին անցք. այլ իրմէն յառաջ եւ յետոյ շատ անգամ սուտ մարգարէներ կը յառնէին ժողովրդոց մէջ, որոց գործն էր խորամանկութեամբ իբրեւ Աստուծոյ մարգարէ ձեւանալով` ճշմարտութիւն միշտ խեղաթիւրել. ինչ որ Աստուծոյ կողմէն ճշմարիտ մարգարէներ կը քարոզէին, նոքա ժողովրդոց միտք յուղղութենէն հանելով` ընդհակառակն կը համոզէին։ Փարիսեցւոց պէս խիստ վարժ էին կեղծաւորութեան մէջ. քաջ գիտէին ոչխարի մորթով արտաքուստ պատել զիրենք, իսկ ՚ի ներքուստ սուր ժանիքներով ժողովուրդ պատառել։ Եկեղեցւոյ պարզամիտ գառներ այսպիսի դարանամուտ գազաններէն ազատ պահելու համար` քաջ հովիւ Յիսուս նախատեսելով ազդ կ՚ առնէ. « Զգոյշ լերուք ՚ի սուտ մարգարէից, որք գան առ ձեզ հանդերձիւք ոչխարաց»։ Այսպիսի գառնազգեստ գայլեր ճանչնալու համար` ահաւասիկ ձեզ այժմէն նշան կուտամ։ Այդ ինքնակոչ մշակներ, եկեղեցւոյ դրախտին չարարմատ ծառերն են, զոր ես չեմ տնկեր, այլ ստախօս բանսարկուն որ իրենց հայրն է. դոքա թէպէտ ամէն հնարքով կ՚ ուզեն իրենց ստութիւն` ճշմարտութեան կեղեւներով պատրուակել, բայց անհնար է. « Չի՛ք ինչ ծածուկ որ ոչ յայտնեսցի, եւ գաղտնի որ ոչ ծանիցի»։ Գիտցէք, դուք, իմ ժրագօտի մշակներ, Աւետարանի լուսոյն առաջ ամէն խաւարին խորհուրդ եւ գործ մերկապարանոց կը խայտառակին։ Նոքա ՚ի բնէ անտի չարարմատոյ շառաւիղ են. երբէք կարող չեն իրենց դառնահամ պտուղ ծածկել ձեզմէ։ Նոցա վարուց անուղիղ ընթացքէն, նոցա օտարուսումն նոր քարոզութենէն, նոցա կեղծ մարդահաճոյ խօսքերէն անշուշտ պիտի ճանչնաք եւ յիշէք իմ բան, թէ չար ծառ` բարի պտուղ չի բերեր։ Չի խաբուիք ուրեմն երբ նոքան Տիրոջ անունով գործել կ՚ ուզեն, ու ծառայական խոնարհ ձայնով զիս, Տէր Տէր, կը կանչեն։ Մի՛ հաւատաք, դոցա ձայն միայն երկու շրթանց մէջէն կը հնչի. սրտի կամ սիրոյ մտերմական ձայն չէ։ Օր մի պիտի գայ եւ այն օր` վերջին հանդերձեալ օրն է, ուր ահաւոր հրապարակին մէջ, երբ իրենց գաղտնիքներ կը յայտնուին` ես կը խօսիմ նոցա հետ. իրենք պատասխան պիտի տան ամօթապարտ դէմքով։ «Տէ՛ր, քո անունով մարգարէացանք, քո անունով Աւետարանդ քարոզեցինք, քո անունով բազմապատիկ զօրութիւն ու հրաշքներ գործեցինք երկրի վրայ. մարդիկներ զմեզ քո Աւետարանին հաւատարիմ պաշտօնեայ ճանչցան։ Այն ինչ մեք ակնկալութիւն ունիմք վարձուց, զոր դու պատրաստեր ես քո սիրելեաց համար, եղուկ մեզ, սուրբերուդ հաղորդակցութենէն զրկելով` քո ատելեաց հետ կը դատապարտե՞ս զմեզ»։ Այլ ես պիտի կշտամբեմ այդ ինքնընտիր սուտ առաքեալներ« Ի բաց գնացէք, ո՛վ դուք անիրաւութեան մշակներ, դուք ` որ իմ Աւետարանս իբրեւ շահավաճառութիւն քարոզեցիք. դուք` որ խորամանկ հին օձին պէս եկեղեցւոյ դրախտին մէջ մտնելով` Աստուծոյ հրեշտակ ձեւացայք, եկեղեցւոյ միութիւն երկպառակեցիք. դուք իմ ցանած սիրոյ սերմերուն հետ` օտար որոմն խառնեցիք. դուք ճշմարտութեան աղբիւրն պղտորեցիք ժանտահոտ ջուրերով։ Ի՛նչ որ գործեցիք դուք, Աստուծոյ փառք չէր ձեր նպատակ, այլ ձեր շահ եւ անձնական օգուտ։ ՈՒստի ՚ի բաց գնացէք, դուք արժանի չէ՛ք ընդունել այն պսակ, զոր ես միայն հաւատարիմ ծառայից գլուխ կը դնեմ»։
      
       ԴԱՍ ԽԳ.
      
       ԱՄԵՆԱՅՆ ՈՐ ԼՍԷ ԶԲԱՆՍ ԻՄ ԶԱՅՍՈՍԻԿ
      
       Յիսուս այն ինչ յաւիտենական կենաց խօսքեր կ՛աւարտէ, իբրեւ վերջաբան իւր սքանչելի ճառին` կը յայտնէ նմանագոյն օրինակով մի, թէ` ո՛վ որ իմ այս պատուէրներս կը լսէ ու կը պահէ, նա կը նմանի այն խոհական մարդոյն, որ նախատես իմաստութեամբ իւր տան հիմն հաստատուն վիմին վրայ կը դնէ եւ նորա վրայ կը բարձրացնէ շէնք, զոր ոչ աշխարհիս տեղատարափ անձրեւ, եւ ոչ հեղեղաբեր գետեր եւ ոչ եւս փոթորկալից հողմեր կարող են կործանել զայն։ Իսկ նա, որ իմ խօսքերսմիայնկը լսէ ու չի առներ, կը նմանի այն յիմար մարդոյն, որ իւր տան հիմն սահուն աւազի վրայ կը դնէ երբ կ՛իջնեն յորդահոս անձրեւներ, կը զայրանան գետերու ջրեր եւ միանգամայն կը փչեն սաստկաշունչ հողմեր, իսկոյն զարնելով տան վեր ՚ի վայր կը քանդեն, որուն կործանումն մեծ կը լինի. տեսնողներ կը զարմանան, չարախնդաց մարդիկ վա՛շ վա՛շ կը կարդան։
       Այս ճշգրիտ նմանութեան օրինակ` ո՛վ որ Աւետարան կը կարդայ թող բարւոք ՚ի միտ առնէ. միայն լսելով ու հւատալով` Քրիստոնէութեան շէնք կատարեալ չէ, այլ պէտք է Աւետարանի սուրբ խօսքեր լսելէն եւ հաւատալէն յետոյ` զայնս արդիւնաւորել նոյն պատուիրանաց համեմատ գորքերով. ահա նա է մարդ արդար, օրինապահ եւ կատարեալ։ Վասն զի Քրիստոսի Առաքեալբացարձակ կը խօսի, թէ օրէնք լսող կամ գիտցող չի արդարանար, այլ առնող։ Առնելն է միայն, որ հաւատոյ շէնքին հիմն` հաստատուն, անշարժ եւ անդրդուելի կը պահէ աշխարհի գայթակղութեան դէմ, հալածանաց հեղեղներու դէմ, բռնակալաց բարկութեան դէմ, խաւար իշխանին խորամանկութեան դէմ. մռնչող, շրջող մեր ոսոխ առիւծին դէմ, նորա ամէն դարանագործ մեքենայից դէմ, աշխարհի փառասիրութեան դէմ. մարմնոյ հրապուրիչ ցանկութեան, բազմապատիկ ախտերու կրից դէմ, աշխարհի տուած ամէն չարիքներուն դէմ, Մարդ կարող չէ մեռեալ հաւատքով դիմագրաւ լինել աշխարհի զօրութեան դէմ։ Թէ կռուիլ ու յաղթել կ՚ուզես, զրահաւորէ զքեզ կենդանի հաւատքով, այսինքն արդիւնարար գործքով. դու յայնժամ կը յաղթես` թէ եւ լիաճոխ մեծութենէն ու սիրելի զաւակներէն զրկուած` մենամարտ Յովբ նահատակին պէս անարգ աղբիւսի վրայ ձգուած` վշտահար ցաւոցդ մէջ անօգնական մնաս։ Այսքան եւ այսչափ են Յիսուսի քարոզած սիրոյ եւ բնական օրինաց սքանչելի վարդապետութեան դասեր, զորս Գալիլեայի լերան վրայ աւանդեց ժողովրդոց, որուն վրայ ` կը զարմանային շատ. վասն զի Յիսուս իշխանութեամբ կ՚ուսուցանէր եւ ոչ թէ դպրաց կամ փարիսեցւոց նման մարդահաճոյ կեղծաւորութեամբ մարդկանց առաջ միշտ բարեմարդիկ երեւելով` փառք եւ գովութիւն որսալ։
       Աստուած օրէնսդիր` ինքնին աշխարհի մէջ իբրեւ մարդ` մարդոց հետ ընտանեբար մարդոց լեզուով խօսեցաւ. իւր դասերու մէջ բնաւ երկրաչափական խնդիրներ չիկան, բայց միանգամայն խոր են եւ դիւրին, առ որ կը զարմանար Դաւիթ. «Որպէ՜ս զի մեծ են գործք քո, Տէ՛ր, եւ յոյժ խոր են խորհուրդք քո»։ Միայն աշխարհիս անզգամներ ու անմիտներն են, որ փոխանակ հաւատալու` Աստուծոյ անհաս խորհուրդներ` խելքով չափել կ՚ ուզեն։ Աստուծոյ մանուկ մեծագործութիւն մի գործեց տիեզերաց մէջ, աշխարհ զարմացաւ եւ դեռ կը զարմանայ։ Յիսուսի բովանդակ վարդապետութեան նպատակուրիշ բան չէր, այլ միայն մարդկային ամբարհաւաճ եւ բիրտ հոգին դաստիարակել եւ նոցա թիւր գնացք ուղղել դէպ ՚ի երկինք` աշխարհիս խոտորեալ ճանապարհէն։ Առանց Աւետարանին առաջնորդութեան` ուղիղ ճանապարհ չիկայ, եւ ոչ եւս առանց Քրիստոսին` այն առաւել եւ կատարեալ կեանք, զոր ինքն միայն շնորհեց. «Ես եկի, զի զկեանս ունիցիք, եւ առաւել եւս ունիցիք»։