ԱՌ
ՄԵԾԱՐՈՅ
ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑԴ
ԻՄ
ԵՒ
ՄՏԵՐԻՄ
ՍԻՐԵԼԻ(*)
ԺԱՄԱՆԱԿ
ԵՒ
ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԻՒՐ
մակագրով
մի
քանի
տող
բան
խորհրդածեցի
եւ
ի
գիր
հանի,
զոր
Ձեր
ազնիւ
անուան
կը
նուիրեմ.
եւ
դու
որ
բան,
գիր
ու
գիրք
ու
յառաջադիմութիւն
կը
սիրես,
կը
խնդրեմ
որ
յօժարամտիս
զայն
ի
լոյս
հանել
Ձեր
անձնանուէր
ձեռնտուութեամբ.
եւ
ձեզ
նման
գիր
ու
բան
սիրող
Հայոց
երիտասարդաց
դուն
նուիրես,
որպէս
զի
կարդան
ու
խելամտին
թէ
ի՞նչ
է
ժամանակ
եւ
իւր
անյայտ
խորհուրդներ,
եւ
ո՜րչափ
տիրող
եւ
հզօր
է։
Երկնից
Նախախնամութիւն
իւր
ամենիշխան
գաւազանը
ժամանակին
ձեռք
տուեր
է.
որ
կը
վարէ
եւ
կը
կառավարէ
մեր
աշխարհ
ինչպէս
ոստիկան
մի։
Հէք
մարդոյն
կեանք`
Ժամանակի
յարաշարժ
փոփոխութեան
մէջ
կը
տարուբերի
միշտ
հողմավար
լինելով
որպէս
չորացած
խռիւը։
Միայն
սոսկական
եւ
ստրուկ
մարդ
չէ
որուն
վերայ
կ՚իշխէ
ժամանակ,
այլ
եւ
աշխարհիս
հզօր
գահեր
նոյն
անզօր
խռիւներու
պէս
կը
տարուբերին։
Եւրոպա
ժամանակի
խորհուրդ
թողուց
եւ
այժմ
իւր
հրաշք
Թուրքաստանի
վերայ
դարձուց.
մարդ
չէր
հաւատար
որ
հինգ
հարիւր
տարեկան
Թուրքիոյ
պառաւած
եւ
ամուլ
Մայր
երկնելով
երկնելով
հին
աշխարհին
համար
նոր
Մանուկ
Սահմանադրութիւն
մի
ծնէր։
Ծնեաւ,
այո՛,
եւ
ստրկացած
ժողվւրդներ
իբրեւ
ազատարար
կը
համարին
զայն.
բայց
տեսցուք
թէ
դայեակներ
ի՞նչպէս
պիտի
պահեն
զայն
որ
ապրի.
երբ
նոր
վերածնած
մանուկ
Թուրքաստան
կռուով
ու
սրով
մանկակոտոր
կը
լինի։
Դժխեմ
ժամանակ
երկու
ձեռք
միանգամայն
բերաւ
Թուրքաստանին
վերայ.
նոր
Օրէնք`
Սահմանադրութիւն
բերաւ,
որ
նորա
յաւիտենական
աւերակներ
շինէ.
պատերազմ
բերաւ,
որ
նորա
հին
աւերակաց
վերայ
նորանոր
աւերակներ
կ՚ուտէ։
Բայց
աշխարհի
պատմութենէն,
կարգէն
ու
դրութենէն
այնպէս
կ՚իմանանք,
որ
ի
վերջոյ
յաղթող
ժամանակ
պատերազմին
անդող
ձեռքը
կարճելով`
կ՚ընդարձակէ`
խաղաղութեան
եւ
յառաջադիմութեան
ձեռք.
եւ
ինչ
որ
քակեց
պատերազմ.
Սահմանադիր
Օրէնք.
հաւասարութիւն
եւ
ազատութիւն
զայն
կը
շինեն։
Եւ
այս
իսկ
է
Ժամանակին
գործ
ու
խորհրդանշան,
որ
աշխարհես
քակուելով
եւ
շինուելով
միշտ
յառաջդիմէ։
Անշուշտ
ամեն
հնութիւն
պէտք
է
քանդուի.
այլ
միթէ
ինչ
որ
այսօր
կը
շինեմք
եւ
զայն
կը
համարիմք,
կը
մնա՞յ։
Քա՛ւ.
այն
եւս
կը
կորնչի
եւ
կը
մնայ
միայն
Յաւիտենականն,
ըստ
Սաղմոսին.
«Նոքա
կորնչին
եւ
դու
կաս
եւ
մնաս
յաւիտեան»։
ԽՐԻՄԵԱՆ
ՀԱՅՐԻԿ