Ժամանակ եւ խորհուրդ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱՄԱՆԱԿ ԵՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԻՒՐ

      
       Ով յաւիտենական Ժամանակ, քո խորհուրդ, քո գործ եւ քո նպատակն ի՞նչ է, չըգիտենք. երկնակամարին վերայ պայծառ լուսագունտ մի ունիս, զոր արեւ կը կոչեմք, եւ որ անհուն բարձրութենէն ճառագայթներն արձակելով մեր այս երկրագունտ կը լուսաւորէ եւ կը չափէ մարդկային առօրեայ կեանք։
       Քո արեւուն տակ մերկ կը ծնի մանուկն, նոյնգունակ մերկ կը մեռնի. գիտես թէ մէկ ձեռքովդ մանուկներն խանձարուրի մէջ կը պատես ու կ՚օրօրես, միւս ձեռքովդ զանոնք կը տանես գերեզմանին մէջ կը թաղես։ Ասա՛ մեզ, գերեզմանին մէջ ո՞րչափ է. եւ մինչ մայրեր եղերամայր կը լինին, կու լան եւ կ՚ողբան որդեկաց գերեզմանին վերայ, դու կը ծիծաղիս եւ ծափ կը զարնես։
       Մերթ որպէս թէ խնայելով կը թողուս որ մանուկն աճի ու զարգանայ. դո՞ւ արդեօք մերթ գաւազան կու տաս ձեռք որ մանուկ թագ կապէ թագաւոր լինի. մերթ եւս կը թողուս որ ստրկանայ. մերթ ազատ եւ երջանիկ, եւ մերթ ստրուկ ապերջանիկ, մերթ հարուստ եւ մեծատուն, մերթ աղքատ եւ անանկ, մերթ հանգիստ եւ մերթ չարչարեալ։
       Սակայն ո՛վ հզօր եւ տիրող Ժամանակ, մարդիկ թէ մեծ լինին եւ թէ փոքր, ոչինչ փոյթ է քեզ, դու զամէնք հաւասար կը ճանաչես, հաւասար դատաստան կ՚առնես, եւ քո արդարութիւն այս է որ թագաւոր եւ ստրուկ, տէր եւ ծառան զամէն միահամուռ մահուան ստուերին տակ դնելով` հողն հողով կը ծածկես եւ կը կնքես հէքմարդոյն կեանքն ու վախճանը։
       Ո՛վ գերիշխան Ժամանակ, քո գաւազան միահեծան է. աշխարհիս հպարտացող գահերն այնպէս կը կարծեն թէ չկայ ամենիշխան տէր մի որ կը տիրէ թագերուն վերայ, թէ չը կայ ամենազօր ձեռն մի որ թագեր կու տայ եւ կ՚առնու, եւ թէ չը կայ գերագոյն դատաւոր մի որ թագերուն դատաստանը կը տեսնէ։
       Այո՛, կը խոստովանի՛մք, ո՛վ իշխող Ժամանակ, որ դու մեր աշխարհի փայլուն թագեր եւ գահերն ոտքով կը տարուբերես եւ կը խաղաս, ինչպէս կը խաղայ մանուկն իւր գնտակին հետը։
       Այսպէս չը խաղացի՞ր Մակեդոնացի դիւցազն Աղէքսանդրի հետ. Յունաստանէն մինչեւ ի Բաբիլօն վարեցիր այդ ջախջախիչ աշխարհակալ գընդակը, որ աշխարհիս լեռները տապալեց ու հարթեց։ Ժողովուրդի արեանմէջ թաւալգլոր խաղալով գնաց հասաւ մինչեւ Բաբիլոնի վիհը, հոն զարկիր գնտակը եւ գլորեցիր մահուան փոսը, ասելով` Յայս վայր էր քո աշխարհակալութիւն, անդր եւս մի՛ անցանիցես։
       Այսպէս խաղացիր դու նաեւ Ֆրանսիոյ դիւցազն մեծն Նաբոլէոնին հետ. այն հրացեալ պողպատէ գնտակն որ խուն ժամանակի մէջ աշխարհ գլորելով պիտի փշրէր իւր ծանրութեան տակ բոլոր ազգեր եւ գահերը, Վաթէրլոյի դաշտին մէջ վրան հասար, ձիոյն սանձ բռնեցիր եւ մի հարուածովդ գլորեցիր գնտակը մինչեւ Ովկիանու Ս. Հեղինէ կղզին, ուր հրացեալ աշխարհակուլ գնտակ պաղեցաւ իբրեւ ջուր, փշրեցաւ եւ մոխիր դարձաւ գաւազանիդ առաջ։
       Ո՛վ Ժամանակ, հին աշխարհ իւր հին աշխարհակալներով, իւր հին շէնքերով եւ գերութեան շղթաներով ջախջախեցիր ու անցար. հին աշխարհին յաջորդեց նոր քաղաքակիրթ աշխարհ. գիտութիւն, արուեստ, ճարտարութիւն այնչափ յառաջդիմեց, որուն վերայ կը զարմանան եւ կ՚ապշին մարդիկ, եւ շատ անգամ չեն հաւատար թէ այդ ամեն` մարդուն աշխատութեան եւ նորա հնագէտ հանճարոյն արգասիքն են։
       Ժո՛ղովուրդ, ելէք, յոտին կացէք, բարեւ բռնեցէք, եկաւ նոր քաղաքակիրթ աշխարհ եւ կ՚ողջունէ մեզ. այլ զգուշացէք, ժողովուրդ, դարձեալ սուր կայ ի ձեռին եւ կը մխէ ժողովուրդին կողը։ Միթէ նոր քաղաքակիրթ աշխարհին գահերը հին աշխարհակալաց ոգին, փառասիրութեան տենչ եւ գահ գահին վերայ յաղթանակ տանելոյ փառք փոխե՞ց արդեօք։
       Ո՛չ, ո՛չ, այլ առաւել եւս զօրացաւ ու զայրացաւ այդ ոգին, որ ահաւասիկազգ ազգի դէմ եւ թագաւորութիւն թագաւորութեանց դէմ կ՚որոտայ Կըրուբի թնդանոթով, եւ կ՚սպառնան միմեանց ճետն ու յիշատակ ջնջել աշխարհիս երեսէն։
       Ո՞վ կը հաւատայ այլ եւս թէ կռուող գահերն երբեմն կը միանան, զիրար կը գրկեն, ուխտիւ խաղաղութեան դաշնակցութիւն կը կապեն եւ խընամով կը գրեն զայն մագաղաթին վերայ մր չպատառի եւ անջինջ միայ։ Բայց մեր դարու քաղաքականութեան սոսկալի դիւանագիտութիւնը եթէ չկարենայ այդ մագաղաթի խաղաղութեան դաշնագիրը մի մատով պատռել, սուր ժանիքներով կը պատռէ եւ արագ պատերազմի հրովարտակը կը գրէ։
       Ո՛վ իմաստուն Ժամանակ, մեկնէ՛ մեզ, պատերազմ դու՞ կը բերես թէ պետական մարդոց փառասիրութիւն կը հնարէ զայն. կամ թէ նախախնամող արդարութեան մի թագուն խորհուրդն ու գաղտնի՞քն է, որ ծածկուած եւ մեր տեսութենէն։ Այլ քա՛ւ թէ այնպէս կարծեմ որ մարդասէր Նախախնամութիւնը պատերազմի դաշտին երեսը ծովացած մարդոց ապաժոյժ արիւնով կը զուարճանայ։
       Ո՛վ աներեւոյթ եւ անծանօթ Ժամանակ. մեծն Սողոմոն քո փոփոխական երեւոյթները պէսպէս գոյներով կը նկարագրէ. «Ամենայն իրաց ժամ է եւ ժամանակ. ժամանակ պատերազմի եւ ժամանակ խաղաղութեան. ժամանակ շինելոյ եւ ժամանակ քակելոյ. ժամանակ կորուսանելոյ եւ ժամանակ խնդրելոյ. ժամանակ լալոյ եւ ժամանկ ծիծաղելոյ. ժամանակ խօսելու եւ ժամանակ լռելոյ»։
       Եւ ես կը յաւելում առ այս. Ժամանակ ստրկութեան եւ ժամանակ ազատութեան. ժամանակ չարչարանաց եւ ժամանակ փրկութեան. ժամանակ զրկանաց եւ ժամանակ հատուցման. ժամանակ կործանելոյ եւ ժամանակ կանգնելոյ. ժամանակ ինքնահրաման պետութեան եւ ժամանակ Սահմանադրութեան։
       Ո՛վ խորածածուկ Ժամանակ, ի՞նչ խառնակ ու հակառակ երեւոյթներ ունիս թշուառ մարդոյն համար, որոյ կեանքն անանջրպետ մի խառնուրդ է երջանկութեան եւ ապերջանկութեան մէջ։ Ո՜հ, ի՞նչ անօրինակ ներդաշնակութենէ կազմուած են մարդոյն կենաց լարեր, որ կը հնչեն այսպէս մերթ խնդութիւն եւ մերթ տխրութիւն, ծնունդ եւ մահ, խլել եւ անկել, շինել ու քակել, ծիծաղն ու լաց, կոծն ու կաքաւ, կռիւն ու խաղ, սուրն ու համբոյր, խաղաղութիւն եւ պատերազմ, ազատութիւն եւ ստրկութիւն, խօսիլ ու լռել եւ այլն։ Ի՞նչպէս հնար է որ մարդն ապրի, այս գահավէժ ելեւէջներուն մէջ անկասկած վարէ իւր կեանք եւ նաւարկելով երթայ իւր նաւահանգիստ գտնէ։
       Ո՛վ մարտագոռ ժամանակ, ասա՛ եւ գուշակէ մեզ, մարդ մարդոյ դէմ, ընկեր ընկերի դէմ, ազգ ազգի դէմ անխնայ կը պատերազմի սպիտակ դաշտեր արիւն ջրով լուացինք, մեր ճակատամարտ կոտորեցինք եւ կոտորուեցանք, մարդոց դիակները եւ կառաճներ գահերու տակ գլորեցինք որ բռնութիւն եւ փառասիրութիւն յագենայ։ Արդեօք խաղաղութեան ցանկալի ժամն հասա՞ւ։
       Ո՛վ աւերիչ Ժամանակ. բազում ժամանակ է որ արեւելեան երբեմն մեր բարգաւաճ եւ հարուստ աշխարհ հիմնայատակ քանդուեցաւ, շէն շէն գիւղեր եւ քաղաքներ առ ի չգոյէ բնակչաց աւերակ դարձան, մնացորդ ժողովուրդ հայրենիքէն հեռացած պանդխտութեան մէջ անարգ ծառայութեամբ կը չարչարուի։ Արդեօք վերաշինութեան ժամն հասա՞ւ։
       Ո՛վ կորուսիչ Ժամանակ, դու՞ արդեօք տարար եւ քո անցելոյն մէջ կորուսիր ու թաղեցիր Արեւելան աշխարհին հին փառքն ու վայելչութիւն, տարար ու կորուսիր առաքինի քաջազանց արիական յաղթանակները. տարար եւ կորուսիր նաեւ Հայկայ տան փառքն ու հարստութիւն եւ մեր նախնեաց մնացորդ նշխարներ. եւ զարդիս տարար եւ կորուսիր մեր կեանք, հացն ու վաստակ, ո՛հ։ Արդեօք մեր կորստեան գիւտի ժամն հասա՞ւ։
       Ո՛վ սգոյ եւ սգաւորաց Ժամանակ։ Աւետարան երանի կուտայ սգաւորաց, այլ մինչեւ յե՞րբ սգանք ու լանք, միթէ մեր աշխարհ մեռելոց աշխա՞հ է, մեր կեանք գերեզմա՞ն է, մեր գոյութիւն ոչնչութի՞ւն է, մեր բնակութիւն բա՞նտ է, մեր կապանք յաւիտենական շղթա՞յ է. ո՛վ Տէր, ժողովուրդ լի եղեւ տրտմութեամբ։ Արդեօք իւր մխիթարութեան ու խընդութեան ժամն հասա՞ւ։
       Ո՛վ զրկանաց Ժամանակ. ղրկեալ ժողովուրդ աղաղակելով հատաւ իւր յոյս, հատաւ իւր շունչ եւ ձայն. հնձող մշակներուն բողոք դեռ չհասա՞ւերկինք։ Բիւրաւոր զրկեալներ դատաւորաց տուներուն առաջ իբրեւ այրին այն ժտելով թախանձելով` դատ եւ իրաւունք կը խնդրեն։ Արդեօք դատաստանի եւ իրաւաւնց հատուցման ժամանակ հասա՞ւ։
       Ո՛վ ջախջախիչ Ժամանակ, վարիչ կառքիդ անիւներ կարծրակուռ երկաթ են եւ ժանիքներդ պողպատէ. միշտ անսահման հոլովելով ջախջախեցիր ժողովուրդին կառափն ու պարանոցը, ոտք, սրունք, բարձք առ հասարակ խորտակեցաւ, անզգայացաւ, ժողովուրդ դարձաւ մի անյարիր անդամալոյծ, ո՞վ կարող է զինքն յարուցանել այսուհետեւ. - միայն արդար, հաւասար եւ ազատ Օրէնք։ Արդեօք գետնաթաւալ մեռելատիպ ժողովուրդին վերանորոգ յարութեան ժամն հասա՞ւ։
       Ո՛վ ժամանակ, դու գիտես որ հարուածող գաւազանին տակ ստրկական երկիւղով փակուած ժողովուրդին բերանն ու լեզուն` որ իւր կեանք պահելու համար սովորած էր միայն լռութիւն պահել եւ ապտակողին դէմ անմռունչ կերպով միւս երեսը դարձնել, եթէ մերթ ընդ մերթ ազատ մամուլ իւր ազատութեան ձիգ եւ ձայն հանէր, այն եւս կը ճնշուէր խիստ օրինաց ներքեւ. ուստի մեր աշխարհ զրկանաց եւ անիրաւութեան բազմատեսակ վէրքեր միշտ ծածուկ մնաց, վերջապէս նեխեցաւ ու փտեցաւ, ամէն ոք դարմա՜ն, դարմա՜ն կ՚աղաղակեն։ Արդեօք խորհելոյ, գրելոյ եւ խօսելոյ ժամանակ հասա՞ւ։
       Հասա՛ւ, հասա՛ւ այն ազատաբեր Ժամանակ. քեզ աւետիս կու տամ, ժո՛ղովուրդ, լըռած լեզուդ եւ փակուած բերանդ բա՛ց այսուհետեւ, խօսիր եւ գրէ՛ որչափ սահմանադիր Օրէնք քեզ ազատութիւն կու տայ. խօսի՛ր երբ կը զրկուիս. խօսի՛ր դատաւորաց առաջ երբ ապիրատ ձեռք զքեզ կ՚ապտակեն. խօսի՛ր եւ իրաւունք խնդրէ. «Եթէ չար ինչ խօսեցայ, վկայեա՛ վասն չարին. իսկ եթէ բարի` ընդէ՞ր հարկանես զիս»։ Գիտցիր որ ազատ Օրէնք զքեզ չի փրկեր, եթէ դու դարձեալ ստրկութեամբ վարուիս քո ոսոխ դատախազիդ առաջ։
       Ո՛վ բարեգուշակ Ժամանակ, դու բարի եկիր մեր աշխարհ քեզ կ՚ակնարկէր եւ կ՚սպասէր Թուրքաստանի հինաւուրց Մայր` որ ամուլ էր եւ հրաշիւք յղացաւ. ցաւ երկունք կալաւ զինքն իբր ծննդականի. երկնեց երկնեց եւ այսօր ծնաւ մեզ համար մի նոր մանուկ Սահմանադրութիւն։ Ցնծացէ՛ք, ստրուկ ժողովուրդ, ցնծացէք եւ ողջունեցէք այս նորածին մանուկ եւ միանգամայն աղօթեցէք որ կայտառ մնայ, ապրի, զօրանայ եւ զարգանայ ի կատարեալ հասակ։
       Ո՛վ նորածին մանուկ Սահմանադրութիւն, քո մայրն զքեզ արիւնով մկրտեց եւ բազում զոհերով տօնեց քո տօն, որպէս զի Նախախնամութիւն քո կեանք պահէ եւ դու մեծնաս նոր կեանք տաս մեր աշխարհի մեռած ժողովուրդին, որոյ վերածնունդ կենդանութիւն քո ձեռքն է միայն, զի այսպէս կը վկայեն աշխարհավար իմաստուն վարիչները. եւ միթէ փորձն ինքնին չի՞ հաստատեր։
       Մի՛ դժկամակիր, ո՛վ դժուարածին Մայր, որ մանուկդ ցաւօք եւ հեծութեամբ ծնար եւ մարդոց արիւնով մկրտեցիր զայն. դու արեւելեան կեդրոնին մէջ կը բնակիս, ինքնին խելամուտ եղիր, այնպէս չկարծես որ այդ դէպքը քեզ միայն դիպեցաւ, վասն զի Արեւմտեան աշխարհի մայրերը խիստ դժնդակ ցաւերով ծնան Սահմանադրութեան մանուկ, անհուն արիւնով եւ զոհերով մկրտեցին զայն. փա՛ռք տուր Աստուծոյ, դու շա՛տ բախտաւոր մայր ես. չե՞ս տեսնար որ ամէն աշխարհ կը սիրեն եւ կը գորովեն զքեզ. մանաւանդ մեծն Ովկիանոս, որ քո խնամակալ եւ կնքահայրն է։
       Ազատութի՛ւն տուր, ո՛վ մանուկ Սահմանադրութիւն, ազատութի՛ւն կը խնդրեմ քեզմէ որ առ քո սնուցիչ դայեակներն ազատաբար խօսիմ. զի այլ եւս չեմ կարող հին ծառայական ստրկութեամբ խօսիլ։
       Ո՛վ դուք... որ նորածին մանուկ Սահմանադրութեան իբրեւ իմաստուն դայեակ կը հանդիսանայ աշխարհի առաջ, աւագ աչքով հսկեցէք այդ մանկան վերայ, պինդ գրկեցէք եւ գուրգուրալով պատսպարեցէք զինքն որ սառնամանեաց հովէն չդողայ եւ հարաւոյ կիզիչ արեւէն չտագնապի։
       Եւ գիտէ՞ք ու կը տեսնէ՞ք քաջ որ թէ՛ օտար եւ թէ նոյն իսկ մեր աշխարհին մէջ դորա թշնամիներ շատ կան, որ կը շրջին ամենուրեք։ Գուցէ դարան գործեն տգէտ ու խաւարագնաց մարդիկ, անտեսանելի մթութեան մէջ գողնան այդ մեր սիրական մանուկ եւ կամ անդէն իւր խանձարուրեն մէջ ճիշելով ու նեղելով խեղդեն։ Եւ ի՞նչ կը լինի յայնժամ, գիտէ՞ք դուք, ո՜հ, Յետինն չար քան զառաջինն։
       Տքնեցէ՛ք ուրեմն, տնքեցէ՛ք որպէս անքուն պահապան, հզօր կամքով զինեցէք ամէն դարանագործ թշնամեաց դէմ, շուրջանակի պատնէշ փակելով` մանուկ Սահմանադրութիւն ընդ մէջ առնելով ողջ պահեցէք որ երթալով աճի ու զօրանայ, իւր օրէնքով տիրէ եւ ուղղէ Թուրքաստանի աշխարհավարութեան ուղին։
       Ահաւասիկ այդ զարգացած Մանուկն է որ Եւրոպիոյ քաղաքակրթութիւն կը ներմուծէ մեր հին աշխարհ. հին ժողովուրդ նոր օրէնքով կը վերանորոգի եւ Օսմանեան կայսրութեան տան ազատ գաւազան յայնժամ Սահմանադրական թագով կը փառաւորի։
       Շատ անգամ մնացինք, ափսո՜ս, խելամտինք այսուհետեւ, հին աշխարհի ժամանակն իւր օրէնքովն անցաւ, նոր ժամանակ նոր օրէնք կու տայ մեզ, զի նոր մարդիկ նոր օրէնք կը խնդրեն։ Հին դարերու նախապաշարմունք այլ եւս ծերացաւ ու զառամեցաւ, պէտք է մեռնի, եւ աշխարհէս բարձուի իւր յիշատակ, որ եղծեց ու ապականեց արեւելեան մեր կայտառ աշխարհ։ Այսուհետեւ մեր փրկութիւն, մեր կեանք եւ մեր շահն այն է միակ որ ընդունիմք արեւմտեան ազգաց յոյսն, օրէնք եւ քաղաքակրթութիւն եւ այն ամէն յառադիմութեան ճանապարհ, յորում նոքա յառաջացան անցան քան զմեզ, եւ մենք յետս մնալով` ո՜հ, կը թափառիմք այսպէս խոտորեալ ու մոլորեալ անհետ ու անել բաւիղներու մէջ։
       Ո՛վ դժբախդ արեւելք, աւա՜ղ եւ եղու՜կ քեզ, բոլոր ճոխութիւններդ ապտեցան քեզմէ. նախախնամութիւն` դրախտիդարաստանը քո մէջ տընկեր էր, անմահական ջուրերու գետերը դաշտերուդ վերայ վազէին, երկիրդ բարեբեր եւ լեռներդ բոլոր արծաթի եւ ոսկեհանքերով լի են, չգիտեմ թէ ինչու՞ համար դու այդպէս հէք, թշուառ եւ անճարակ մնացիր։
       Եկան հասան վերջին անձկութեանդ օրերը, դու յայնժամ հազիւ ուրեմն ուշաբերեցիր, աչքդ բացիր յանկարծ տեսար որ քաղաքակրթութիւն իւր ճարտար գիտութեամբ քո չէն դրախտն Արեւելքէն Արեւմուտք փոխադրեր է. պահ մի զարմացար եւ յետոյ ներքին պատճառներն հետազօտելով հասկցար որ հսկող պահապաններդ քնացած էին։
       Եւ ու՞ր էր նոցա հանգիստ բարձն ու քնարան. այդ ծածուկ տեղ մի չէ, արեւուն առաջն է. ես կը տեսնամ եւ աշխարհ կը տեսնայ զայն. նոր Հռովմ եւ հին Բիւզանդիոնն է, Վոսփորի չնաշխարհիկ ափունքն է. անդ քնացեր էին խոր ի քուն աշխարհի հսկող պահապաններ. ա՛նդ կը տեղային Սպիտակ եւ Սեւ ծովերէն հաայն Թուրքաստանի ժողովուրդին գանձն ու վաստակ եւ տակաւին բաւական չէր, զի Հռովմայ վերջին եւ Հին Բաբիլօնի անչափաւոր զեղխութեան կեանք անդ նորոգուած էր, այսր մայրաքաղաքին մէջ ճոխաճեմ ապարանքները կը բարձրանային եւ գաւառներում գիւղն ու քաղաք կը քանդուէր։
       Ո՛վ շռայլող ժամանակ, եկաւ հասա՞ւ արդեօք այն ճշդօղ եւ անտեսող ձեռք, յորում սահմանադիր Օրէնք եւ ճշմարիտ քաղաքակրթութիւն մեր նոր Հռովմայ անկոպար կեանք տնտեսութեամբ չափաւորէ եւ մեր աշխարհի պետական վարիչներ ճոխութիւն արդարութեամբ վայելեն, յիշելով աշխատող ժողովուրդին զրկանքն ու չարչարուած կեանք։
       Եթէ այսպէս չլինին, եւ նոր Հռովմ իւր խորդ չփոխէ, զի՞նչ կը լինի արդեօք այս ներկային ապագայ հետեւանքն. -այն կը լինի որ աւասիկ եղեւ ու կատարեցաւ եւ տակաւին կը լինի։ Աւա՛ղ, որ անագան խելամտողոգիներ, որոց ձեռքն էր Պետութեան վարիչ սանձ, թէ երբ հարստահարիչ ծանրացող ձեռք ժողովուրդին տուն ու տեղ որովհետեւ մտաբերել պէտք է թէ երջանիկ Վոսփորին փառքն ու բարձրութիւն կանգուն կը մնա՞յ։
       Ո՛վ Ժամանակ եւ Սահմանադրութիւն, պիտի կարճե՞ս այսուհետեւ այն հարստահարող կողոպտիչ ձեռք, որ հողագործին եզները լծերէն չարձակեն եւ մահճակալ` սրահար առնելով` արիւն եւ արցունք վազեն իւր վարած ակօսներու մէջ, ուր պէտք էր ցերանահատեր ցանուէին, հաց բուսնէր։ Տէրութիւն իւր տասանորդն առնէր, գիւղականին ամբար ցորենով լեցուէր եւ արքունի գանձարան ոսկեհատներով։ Ո՞ չգիտեր որ երբ հաց պակսի, հետեւապէս գանձն եւս պակսի. երկրին կենդանութիւն հացն է, եւ ո՞վ կարող է ապրիլ առանց հացի։
       Ո՛վ Ժամանակ եւ սահմանադիր Օրէնք, պիտի կարճէ՞ք այսուհետեւ կաշառակուր դատաւորաց ձեռք. որ պատրուակով չխաղան ձեզ հետ` ինչպէս խաղացին մինչեւ ցարդ Տէրութեան օրինաց գրքերուն հետ։ Օրէ՜նք, Օրէ՜նք ասացին եւ առանց արդար օրինաց գործեցին. առհասարակ դատաւորական աթոռներու վերայ տիրեց օրինաց զեղծումն, եւ երկրին դատաւորներ «Օրէնսդրութիւն` բռնութիւն մեր եղիցի» ասելով բռնաբարեցին զրկեալ բողոքողին իրաւունքը։
       Ո՛վ սահմանադիր Օրէնք, դու պիտի քննես, փորձես եւ ընտրես մեր երկիր կառավարող արժանաւոր եւ կարող պաշտօնեաներ, հանճարեղ ծերեր եւ իմաստուն խորհրդականներ. էլ պիտի լռե՞ս եւ թողուս, որ ըստ առաջնոյն պետական մարդոց կամահաճ ընթացքը շարունակէ, զոր դատելով դատեց ու կշտամբեց կայսերական հրովարտակ։ Ո՜հ, եթէ այնպէս լինի, կ՚ոչնչանայ երկրին վերանորոգութեան յոյսն. դու կը մեռնիս կամ թէ մեռած տառ մի կը համարուիս. քեզ ակնկալող ժողովուրդ պիտի նստի ողբայ քո ծնունդ եւ մօտահաս մահդ։
       Ո՛վ պարտուց եւ իրաւանց հաւասարութեան ժամանակ, ո՛վ Սահմանադրութիւն` որ կու գաս օրէնքով թագաւորել, դուք պիտի հանէք ու բառնա՞յք Օսմանեան տէրութեան երկրին այլեւայլ ժողովրդոց սրտէն թշնամութեան, ատելութեան եւ խտրութեան վէս ոգին, որ գան միանան ի միասին, մի ամբողջ միութիւն կազմեն Մահմէտական եւ Քրիստոնեայ ժողովուրդներ, թողուն այն հին ու յաւիտենական ոխն ու մոլեռանդութիւն վառող աշխարհաւեր կրակն. հանդարտին այդ հակառակ տարերքներ, Տաճիկ, Յոյն, Հայն, Հրէան զիրար ողջունեն իբրեւ համաքաղաքացի ժողովուրդ, եւ ուխտիւ կնքեն ու պահեն այն դաշնադրութիւն` զոր սահմանադիր Օրէնք կը նուիրագործէ։
       Եւ ի՞նչ է այս հզօր դաշնակցութեան ուխտն, որ Օսմանեան պետութեան զանազան ազգերն մի կապով կը կապէ. այս կապն է մի միայն անխտիր հաւասարութիւն։ Այո՛, հաւասարութիւն իրաւանց եւ պարտուց մէջ, հաւասարութիւն երկրին օրինաց առաջ, հաւասարութիւն հայրենեաց ժառանգութեան մէջ, հաւասարութիւն փառաց եւ պատւոյ մէջ, հաւասարութիւն զինակրութեան եւ զինուորութեան մէջ, հաւասարութիւն քաղաքացիութեան եւ ազնուականութեան մէջ, հաւասարութիւն ուսման եւ յառաջադիմութեան մէջ, հաւասարութիւն արեան եւ անձնանուիրութեան մէջ, հաւասարութիւն արժանաւոր վարձուց մրցանակին մէջ. ահաւասիկ ա՛յս է սահմանադիր օրինաց անխտիր հաւասարութեան կշիռն ու ճշգրիտ պատկեր։
       Ո՛հ Սահմանադրութիւն, զքեզ կը ճանաչեմ որ ճարտար քիմիագէտ ես. եթէ մարդիկ թողուն քեզ, դու անզոյգ անբաղադրելի ազգերու տարերքը հաւասարութեան քուրայիդ մէջ կը դնես, կը հալես եւ զամէն ի մի կը ձուլես։ Փորձենք այս անգամ այդ քո ճարտարութեան հրաշք. տեսցուք, ինչ որ Արեւմտեան աշխարհին մէջ գործեցիր` մեր անպատրաստ արեւելեան աշխարհին մէջ պիտի յաջողի՞ս։
       Կը տարակուսիմք քեզ համար, ո՛վ Սահմանադրութիւն, թէ ի՞նչպէս պիտի շրջիս մեր մութ եւ աներեւոյթ աշխարհին մէջ. մեք այնպէս գիտեմք որ լոյս, դաստիարակութիւն եւ գիտութիւն միշտ քո յառաջընթաց կարապետն են. դու առանց քո կարապետին եկար մտար մեր աշխարհ։ Չգիտեմք, լոյս հետ քա՞զ պիտի բերես թէ առանց լուսոյ խարխափելով պիտի շրջիս, եւ չկարենաս տեսնել այն մեծամեծ վհեր որ կը բացուինքո առաջ. զգո՜յշ, զգո՜յշ, յուշիկ անցիր. մի՛ դպչիր այն դռներուն որ քո դէմ փակուած են, որպէսզի քո խիստ եւ խոժոռ երեսդ չտեսնան։
       Անպատրաստ ժողովրդոց ընդարձակ հրապարակին մէջ համարձակ քալէ. բնաւ մի կասկածիր որ անուսումն ժողովուրդն ստամբակի, դրօշակ բանայ եւ մաքառի քո դէմ. չի դու նորանշան, անծանօթ երեւոյթ մի ես նորա աչքին. նա իրաւունք ունի զքեզ չճանչնալու երբ դու նորա հարազատածին զաւակ չես. օտար ես եւ օտար աշխարհէն կուգաս. քո միտքն ի՞նչ է. մեր հին աշխարհ վերանորոգել, մեր նախապաշարմունք բառնալ եւ մեր հայրենիք ժառանգե՞լ կ՚ուզես. Արեւմուտքը գրաւեցիր, արդ ելար որ Արեւելքն ե՞ւս գրաւես։
       Գրաւէ՛, գրաւէ՛. ժողովուրդ կամովին քեզ անձնատուր կը լինի, զի քո ձեռն ազատաբար է. դու մի՛ վհատիր թէ անգէտ ժողովուրդին հետը ի՞նչպէս պիտի վարուիս. հին երկաթէ ձեռք բարւոք դաստիարակել է մեր աշխարհի ժողովուրդ։ Հարստահարութիւն, աղքատութիւն եւ ծանրատար տառապանքներ առհասարակ կորացուցեր են ժողովուրդին լծավարժ պարանոց, որ անդիմադարձ պատրաստ է յօժարափոյթ կրել քո դիւրատար լուծ։
       Դու գիտե՞ս ու կը ճանաչե՞ս մեր Արեւելեան ժողովուրդը, որ առանց գիտութեան բնապէս ճարպիկ է, եւ այնչափ գռեհիկ չէ որ չգիտնայ իւր ազատութեան եւ յառաջադիմութեան պայմաններն։ Այո՛, կան կարծիք եւ մարդիկ, որք տիրապետական ոգին փայփայելով եւ միշտ փասքուս լինելով կը խօսին եւ կը համոզեն այսպէս թէ դեռ մանուկ է մեր աշխարհ. դեռ չգիտէ կարդալ եւ գրել, դեռ ընտրութիւն չունի, ո՞րպէս կարէ որոշել իւր հայրենեաց շահն, բարին ու չար, անպէտն ու պիտանին, ոսկին ու պղինձ, արծաթն ու կապար։
       Այսպէս երբ զքեզ իբրեւ անուս եւ անընտրող մանուկ կը դատեն, ժողովուրդ, ո՞վ է մեղաւոր, դո՞ւ թէ քո սնուցիչ դայեակներ. որք իբրեւ օտարամայր` կաթ եւ ուրիշ զօրացուցիչ կերակուր խնայեցին քեզ. ցամաք հացով եւ կորեակով ապրեցար. սրտիդ եւ լերդիդ արիւն ցամաքելով` ողջ կեանքդ ծիւրեցաւ. քո մահն եւ վախճան մօտ էր. անագան ուրեմն զգացին խորհրդական բժիշկներդ. աճապարեցին դեղ եւ դարման տանիլ քեզ համար, որպէս զի հնացեալ ծերութիւնդ երիտասարդանայ եւ դու նոր կեանքով վերածնիս։
       Քո դեղն եւ դարման ի՛նչ է, գիտե՞ս, ո՛վ ստրկացած մահամերձ ժողովուրդ, ազատութիւն եւ քաղաքակրթութիւնն է. եւ այն է միակ որ պիտի բառնայ գլխէդ կռփահարիչ հարուածներ, որ քո ազատ ուղեղը ճնշելով ճնշելով ցնդեց. ո՛հ, չթողուց երբէք որ դու ազատ խորհիս, ազատ խօսիս, ազատարար ճանչնաս քո պարտքն եւ քո իրաւունք, զոր կը սահմանադրէ անբռնադատ Օրէնք։
       Օն ուրեմն, միացեալ ժողովուրդ Թուրքաստանի, սիրէ՛ այսուհետեւ քո սահմանադիր Օրէնք, պարտիքներդ վճարէ, իրաւունքներդ պահանջէ. մինչեւ ցարդ անգէտ էիր. այսուհետեւ գիտցիր պարտուց եւ իրաւանց հաւասարակշռութիւն պահել. մինչեւ ցարդ ամէն զրկանօք վարուեցան քեզ հետ, ծանր ծանր պարտիքներ պահանջեցին քեզմէ եւ իրաւունքներդ զլացան. միշտ զրկուեցար ու բողոքեցիր, բայց քեզ ոչ ոք լսեց. այնուհետեւ սովորեցար անմռունչ մնալ միշտ կտրիճներունդ առաջ։
       Ո՜հ, տակաւին պահանջողներդ այնպէս կը կարծեն որ դու իբրեւ ալիւրի պարկ մի ես եւ դեռ անսպառ փոշիներ կան քո մէջ. ուստի զարնելով զարնելով դատարկ պարկիդ փոշիներ հանին. այնպէս որ տաշտիդ մէջ հաց չմնաց եւ գրպանիդ մէջ մի լումայ. իսկ հարուածեալ պարկդ փարատ փարատ եղաւ։ Այդ շատ բնական է. երբ հացդ բարձուի, այնուհետեւ հնա՞ր է որ դու մնաս։
       Տեսնալով որ պատառ պատառ եղար այժմ, քո նորոգիչներ զքեզ կարկատել կ՚ուզեն. չգիտեմ այլեւս կարկատ կը բռնե՞ս, թէ հնացեալ ձորձիդ վերայ անթափ կապերտ ձգելով աւեի եւս պիտի բացուի հնութեանդ պատառուածներ. կամ իբրեւ նոր գինի հին տիկերու մէջ լեցուելով, նոր գինւոյն եռացող զօրութենէն տիկեր պատռին եւ գինին կորնչի։ Այս օրինակը շատ ճիշդ է Թուրքաստանի ժողովուրդին համար, զոր ցոյց կու տայ մեզ Աւետարանի ճշմարտութիւն։
       Կը վհատի՞ս արդեօք, ժողովուրդ, երբ անդարման վիճակիդ նկարագիր կը հանեմ մի՛ խռովիր, մի՛ տագնապիր. մահկանացւոց խորհուրդ եւ դատաստանը թիւր են. մարդիկ կարճամիտ են. ինչ որ մեր առաջ անհնարին կը թուին, երկնից նախախնամութեան առաջ միշտ հնարաւոր են։
       Ո՞վ կը հաւատար եթէ մի քանի դար յառաջ պատմէին մեզ, որ օր մի Արեւմտեան աշխարհի վայրենացած ժողովուրդ զգօնանայ, գիտութեամբ բարձրանայ, քաղաքակրթութեամբ բարգաւաճի եւ այսօր համայն աշխարհի օրէնք տայ եւ նախանձելի օրինակ լինի։
       Այսպէս նաեւ, ո՛վ ապերջանիկ Արեւելք, ո՞վ կը հաւատայ, եթէ մարգարէանամ քեզ համար որ դու եւս օր մի երջանիկ Եւրոպիոյ փառաց ու բախտին պիտի տիրանաս. եւ այն փառաւոր ապաղային ներկան այժմէն սկսար. երանի՜ թէ զայն աւարտ հանես եւ յաղթանակես հնութեան եւ նախապաշարման վերայ։
       Թերեւս կը հոգաս եւ կը տատամսիս յոյժ, թէ քաղաքակրթութեան աշխարհաշինութիւն ի՞նչպէս պէտք է հիմնարկել եւ հաստատել անկայուն եւ երերուն երկրի մը վերայ` ուր շատ հազուագիւտ են իմաստուն ճարտարապետներ եւ շինութեան յարմարագոյն քարեր. զի մեր աշխարհի քարեր համակ անտաշ են, ոչ նախաձեռն դաստիարակութիւն տաշեր, յըղկեր է եւ ոչ քաղաքակրթութիւն չափակցութեամբ պատրաստեր է. հապա զիա՞րդ հնար է քար քարի վերայ դնել որ զիրար չեն բռներ, եւ աւարտել այն մեծագոյն շէնքը` որ մեր անպատսպար աշխարհին հզօր պարիսպն է. զի այսուհետեւ Չինական քարէ պարիսպներ անպէտ են. միայն քաղաքակրթութիւն կը պահէ աշխարհ։
       Այո՛, ե՛ս էլ կը վկայեմ քեզ հետ որ աշխարհաշինութեան քարերդ գիտութեան արուեստով տաշուած եւ քառակուսի չափուած չեն. բայց գիտե՞ս թէ քանի՞ ազնիւ եւ բնական յատկութեամբ գեղեցիկ են մեր աշխարհի քարեր. շատ մարմարիոնի հանքեր ունիմք որ ամէն շինութեանց յարմարութիւն ունին, միայն թէ շինող ճարտարապետներ իմաստուն եւ յառաջատես լինին։
       Ափսո՜ս, հազա՛ր ափսոս, որ մեր աշխարհի մէջ դեռ ամէն բան երերուն եւ անհաստատ է. շատ անգամ շինող ճարտարապետներ եւ պատուական անկիւնաքարեր ի միասին կ՚անարգուին. եթէ ազտամիտ հերոսներ ջանան մէկ ձեռքով շինել, խտրութիւն, հնութիւն եւ նախապաշարմունք միւս ձեռքով կը քանդեն։
       Թող քանդեն որչափ ոյժ ունին. քանդողներ միշտ աւերակաց տակ կը մնան, գերեզման կը ծածկէ զիրենք եւ նոր նոր շինողներ կը ծնին։ Այսպէս է այս աշխարհի գործն բուն աշխարհի սկիզբէն. մարդիկ միշտ շինելով եւ քանդելով յառաջ կ՚երթան. բայց ի վերջոյ քանդողներու ձեռք կը լքանի, նկուն կը դառնայ եւ շինողներ կը յաղթանակեն. զի միոյն գործիքներ տգիտութիւն եւ հնութեան են, իսկ միւսոյն` գիտութիւն, քաղաքակրթութիւն, եւ սահման` արդարութիւնն է։ Միոյն առաջնորդ խաւար, իսկ միւսին` լոյս եւ գիտութիւն. միոյն իշխանութիւն սուր, իսկ միւսին` ազատ Օրէնք։
       Բո՛ւռն հար, բռնէ այդ ազատ Օրէնք, ո՛վ Թուրքիոյ ալեկոծ ժողովուրդ. քանի՞ ժամանակ է, ո՜հ, որ կը ծփաս ու կը տարուբերիս մի լաստափայտի վերայ, որոյ համար կ՚ասեն անյոյսներ թէ կապերը քայքայուած են եւ դու սակաւիկ մի եւս անղեկավար, անապաւէն մնալով` պիտի խորասուզիս սեաւ եւ ճերմակ ծովերու ընդդիմահար ալիքներու մէջ. եղո՛ւկ քեզ, քո գերեզման ծովերու անդունդներ պիտի լինին. կէտ ձուկ իւր բերան բացած պիտի կլանէ զքեզ եւ դու եւս Յովնանու պէս ձկնափոր կենդանի գերեզմանին մէջ փակուելով խորանդունդ դժոխքէն ձայն բառնաս եւ աղաղակես առ Տէր Աստուած քո։
       Օրէ՛նք սիրէ, ժո՛ղովուրդ, օրէնք սիրէ. Սահմանադրութեան երեսէն մի՛ փախչիր որ քեզ համար նոր ամրակապ լաստափայտ մի է, մր Ժամանակ հրաշիւք բերաւ քեզ Ովկիանու ափունքէն. ապաւինիր այդ օրինագիր լաստին, զոր բազում դարեր հազիւ կերտեր են զայն եւ դու պատրաստակազմ գտար։
       Այլ թէ տակաւին դանդաղիս, տակաւին մեղկանաս ու մերժես քո վերջին ապաւէն լաստափայտն, տակաւին պաշտես քո հին կարծիքն եւ ասես որ «Մեր աշխարհ նոր օրէնք չի սիրեր, մեք հնութեան մէջ ծնանք, պէտք է հնութեան մէջ մեռնինք. զի հնութիւն` մեր խանձարուրն է, պէտք է նաեւ մեր պատանք լինի։
       Ո՛չ, ո՛չ, չկամիմք փոխել մեր աշխարհի մութ գոյն եւ մերթ մորթ` զոր բնութիւն մութ ներկեր է. չկամիմք ճանչնալ մարդկանց հաւասար իրաւունք զոր պետական Աստուած մեծ եւ փոքր ստեղծեր է. միթէ փոքրիկ ձկներ մեծերուն կերակուր չե՞ն, ինչպէս որ ճնճղուկներ որսական բազէին. ո՞չ ապաքէն բնութեան կարգ եւ օրէնք այս է բովանդակ աշխարհին վերայ. որ միշտ զօրաւորներ տկարներուն տիրեն»։
       Մի՛ հաւատար, ժողովուրդ. այդ վարդապետութիւնը տիրապետաց ոգին ստեղծեր է, մարդասէր եւ արդար Աստուծոյն չէ. զի ընդհանուր մարդկութեան կոչումն է կեանք` ազատութիւն, արդարութիւն եւ հաւասարութիւն է երկնից առաջ եւ աշխարհիս քաղաքակրթութեան օրինաց առաջ։
       Հանէ՛ք այդ հնոտի հանդերձներ, հանէ՛ք ո՛վ Թուրքաստանի հնասէր ժողովուրդ, հանէք ձեր անձէն ու փոխեցէք, ինչպէս կը փոխէ օձն իւր շապիկ. այսուհետեւ դուք այդ պատառատուն զգեստով կարող չէք աշխարհի առաջ շրջիլ եւ քաղաքակրթութեան հրապարակի վերայ երեւիլ, եւ կամ թէ երթալ Եւրոպիոյ աշխարհաժողով արուեստահանդէսին մէջ մտնել, ցոյց տալով թէ դուք եւս քաղաքակրթութեան բաժանակից ազգ էք եւ արեւելեան ճարտարութեան օրինակ։ Ո՜հ, կը յիշե՞ս արդեօք քո անցեալ ազնուականութեան շուքն ու պերճութիւն, որ քան զամէն աշխարհ վեհ ու փառազարդ էիր։
       Այլ յայտնէ` մեզ, մի՛ ծածկեր, ով անյայտ Ժամանակ. դու որ զմարդկային ազգ բիւր ձեւերով եւ գաղափարով ձուլեցիր մինչեւ ցարդ եւ տակաւին նորանոր քաղաքակրթութեամբ կը ձուլես, ասա՛ մեզ, Արեւելք` որ իւր հին ազգերով մինչ ի գերեզման խոնարհեր է, այլ եւս պիտի բարձրանա՞յ արդեօք, ապագայ դարերում ի՞նչ կը պատրաստես դու Արեւելից անկեալ ազգերուն համար. ես գիտեմ. շրջող անիւներուդ վերայ առնելով աշխարհիս ազգերը` կը դարձնես, կը դարձնես, զոմանս ի վեր կը հանես եւ զոմանս ի վար կը տանես, եւ մերթ եւս անիւներուդ տակն առնելով կը ջախջախես եւ միայն մնացորդ նշխարներ կը թողուս աշխարհիս վերայ։
       Ժողովրդոց մնացորդ նշխարներ դարձեալ յուսալից աչքով քեզ կ՚սպասեն, ո՛վ Ժամանակ. արդեօք այդ փոշիացած եւ միանգամայն ողջ մնացած նշխարներն` որք աշխարհիս հզօր ու տիրող առիւծներու ժանիքներուն մէջ ծախուելով ծախուելով տակաւ տակաւ կ՚սպասին. պիտի բերե՞ս այն ազատութեան օրը, զի այդ փոշիացած նշխարներ մեռելութեան մոխրոց մէմէջէն յառնեն ինչպէս փիւնիկ. կրկինն վերակենդանութիւն ստանան եւ Աստուծոյ ազատաստեղծ մարդիկ` մարդոց բռնացող ժանիքներէն ազատին։
       Ո՛վ ժամանակ, ժողովրդոց յոյս միշտ կենդանի է եւ չեն թերահաւատիր, այլ կը հաւատան միշտ թէ դու պիտի բերես այն գուշակեալ ոսկեդար, յորում գոռոզ առիւծն` աշխատաւոր եզին հետ բնակի, ինձն` ուլին հետ մակաղի, բարձր գահեր` հին հպարտութենէն խոնարհին եւ ժողովուրդ ազատութիւն համբուրէ։
       Բաբէ՜, կը կասկածիմ ես թէ մարդոց այս մեծ հաւատ` երազալոյս է, զի հպարտութիւն եւ փառասիրութիւն, քանի որ աշխարհ կայ, մարդոց հետ պիտի ապրի եւ աճի. վասն զի այդ կրից արմատ մարդոց սրտին մէջ ընդաբոյս ու բնական է. պարծացող գիտութիւն կարող չէ զայն մեռուցանել առանց Աւետարանի գերապանծ սիրոյն։ Այո՛, միայն Աւետարանի անբիծ կրօն` որ անձնասիրութիւն եւ զոհողութիւն կ՚ուսուցանէ. այո՛, այդ միայն կ՚սպաննէ մարդկային անձնասէր հպարտութիւն եւ նորա կամակոր կրից կատաղութիւն։
       Ոսկին, հարստութիւն, գահն եւ թնդանօթ միշտ դաշնադիր կը մնան աշխարհիս վերայ, ժողովրդոց ընկերահաշտական միութիւն այս հզօր դաշնակցաց դէմ պիտի մրցի մինչեւ ի կատարած աշխարհի. թէ իմաստուն ես` գուշակէ՛ այժմէն թէ ո՞վ պիտի յաղթահարէ։
       Տէ՛ր ամենիշխան որ կ՚իշխես Ժամանակին վերայ, զի Ժամանակն եւ զայն չափող արեւ եւ լուսին քո կամակատար արբանեակներն են. եւ կը հաւատամ քեզ, ո՛վ Տէր, որ դու միայն Ժամանակին սանձ ձեռքդ առնելով տիեզերք կը կառավարես, ամէն բան քո յաւիտենական օրինաց համեմատ կը վարես եւ մարդոց բժժոտած աչքերէն բոլորովին կը ծածկես Ժամանակին Խորհուրդը։ Անցեալը` մեր մոռացկոտ մտքէն կը հանես. ներկան աղօտ նշմարանքով փոքր ի շատէ ցոյց կու տաս եւ ապագան` քո անհաս խորհրդեան մէջ թագուն կը պահես։
       Ուրեմն աստ` մեզ, ո՛վ Տէր, որ չարն ու բարին աշխարհիս վերայ ելեւէջ կ՚առնեն, մերթ մին եւ մերթ միւսն կը տիրէ, եւ մարդիկ սովորած են ասել` ժամանակ չար է կամ բարի. արդեօք չար օր եւ չար ժամանակն դու՞ կը կոչես եւ կը բերես զայն ազգաց ու ժողովրդոց վերայ, ինչպէս կը վկայէ մարգարէն թէ առանց քո ձեռին` Ժամանակն ինքնիշխանաբար կը գործէ այս աշխարհիս մէջ, մերթ բարին բերելով եւ մերթ չարն։
       Եթէ այսպէս, ապա ուրեմն չարն ու բարին Ժամանակի արգասիքն են, եւ մարդիկ նախասահմանաբար ստրկացած են ժամանակի բուռն եւ անխուսափելի իշխանութեան տակ. ողորմելի մարդիկ հարկիւ կը վարին ու կը մղին իբրեւ խռիւ փոթորկին առաջ. հարկիւ ազգեր կը զօրանան ու կ՚ընկճին. հարկիւ գահեր կը կործանին եւ կը կանգնին. հարկիւ այս աշխարհ եւ մարդկային ազգ Ժամանակի պատահարաց ենթակայ է։
       Ո՛չ, ո՛վ Տէր, ո՛չ. մարդիկ կը թիւրեն դատաստանը եթէ այսպէս դատեն. մարդիկ անգիտաբար կը զրպարտեն զԺամանակն, որ քո բարերար ձեռքին պարգեւած կեանքն եւ լոյսն է։
       Եւ ինչու՛ համար այսպէս դատել կ՚ուզեն մարդիկ, այդ քեզ յայտնի է, Տէ՛ր սրտագէտ. որպէսզի մարդիկ քո դատաստանէն փախչելով անմեղադիր մնան եւ քեզ պատախսան տալու ժպրհին, պատճառելով զպատճառս մեղաց թէ` մեզ ի՞նչ մեղ կայ, չարիքներ Ժամանակ բերաւ եւ մեք առ ի հարկէ հակամիտեցանք չարին։
       Խոնարհելով Երկնից առաջ կը խոստովանիմք, Տէր, եւ մերխղճի գիտակցութեամբ կը վկայեմք թէ` չարիքները չարարուեստ մարդկանց գիւտըն է եւ մարդն է հեղինակ չարեաց ու բարեաց. զի նորա սրտին մէջ կայ ու կը դարանի չարւթեան եւ բարութեան գանձ. եւ երբ ուզէ զայն ազատարար ի դուրս կը սղխէ, որպէս ասաց Քրիստոս։
       Սանձակօծէ՛, ո՛վ Տէր, սանձակոծէ եւ փակէ չարագիւտ մարդկանց բերան, որ միշտ չարիքներ բղխելով հեղեղի նման չխեղդեն բարիքները. զի անոնք քո հաւատացեալ զաւակներն են, իսկ չարիքներն` աշխարհին. բայց դու քո անհուն անկշիռ մադասիրութեամբ երկուքին վերայ եւս հաւասար կ՚ածես արեւդ եւ անձրեւդ, որպէս զի քո անխտիր բարերարութեամբ ապաշնորհ մարդկանց խստասրտութիւնն ամոքես, որ ճանչնան քո անտրիտուր բարիքն ու երախտիք, դառնան չարութենէն ու պաշտեն զքեզ։
       Բայց քո երկիղած ծառաներ գիտեն ու կը հաւատան եւ չեն երկբայիր, ո՛վ Տէր, որ դու այս աշխարհը բարձրագոյն խորհուրդովդ կը կառավարես. չարն ու բարին ի մի կառք զուգակցելով յառաջ կը վարես. ինչպէս միաբան հակառակ տարերք. չարերն աշխարհէս չեն հաներ, այլ կը թողուս որ բարիներուն հետը միշտ մրցին, չարութիւնն պարտի եւ առաքինութիւնն յաղթանակէ. ո՛վ, ո՞րչափ զարմանալի է քո խորհուրդ, ո՛վ Տէր, որ առաքինեաց պսակ չարերուն ձեռքով կը հիւսես. եւ չարն` որ չարագիւտ մարդկանց հնարքն է, դու զայն ի բարին կը շրջես։
       Մարդիկ կան որ անգիտաբար զանգատ կը բառնան նախախնամութեանդ դէմ եւ կ՚ասեն թէ` ինչո՞ւ կը թողուս որ չարերն առաւել աճին ու յաջողին աշխարհիս վերայ. ինչո՞ւ համար գայթակղութեան քարերը մարդկային ընկերութեան մէջէն չես բառնար, որ միշտ տկարներու վերայ իյնալով կը ջախջախեն. ինչո՞ւ համար փուշերը տնկեր ես ծաղկաբուրաստանին մօտ, որ քո հոտանոյշ ծաղիկներդ խայթոցահար լինի. Միով բանիւ, կ՚ասեն, թող չարերը բոլորովին սրբէ աշխարհէս, որ բարիներ ազատ մնան եւ առաւել պտղաբեր լինին։
       Սակայն միթէ դու մարդոյն անգէտ խորհրդո՞վ կամ դատաստանո՞վ կը կառավարես աշխարհ, յորում դու միայն բարի սերմն սերմանեցիր, իսկ չար որոմն թշնամի մարդ ցանեց. հրեշտակ ծառաներ տեսան ու զարմացան եւ զեկուցին քեզ որպէս թէ դու զայն չգիտես. հրաման խնդրեցին որ զորոմն ցորենի արտէն ի բաց խլելով որոշեն, որպէս զի բարի ցորեաններդ անխառն մնալով բարգաւաճին։
       Կարճամիտ մշակներ խորհուրս տուին քեզ, ո՛վ խորհրդոց Տէր, այլ դու երբէք չը կամեցար անսալ. թողէք, ասացիր, որ երկու բոյսերն եւս ի միասին աճին մինչեւ հնձոց ժամանակ։ Ուրեմն քո պետական կամքն այն է որ թէ՛ ցորեան եւ թէ՛ որոմն, թէ՛ բարին եւ թէ՛ չարն խառն ու հաւասար աճին ու ապրին աշխարհիս ագարակին մէջ. որով ցոյց կու տաս թէ դու բարիները չարերով կ՚որոշես, եւ չարերը` բարիներով. ի վերջոյ բարեբոյս ցորենահատներդ արքայութեանդ շտեմարանը կը ժողովես, իսկ չար որոմն եւ անպէտ յարգը անշէջ կրակին կու տաս, որ ճարճատելով այրին ու տոչորին։ Այս է քո արդար հատուցումն նոցա համար, որ քո ծառաներ աշխարհիս վերայ զրկելով ու հարստահարելով չարաչար տանջեցին։
       Ո՛վ երկնային Սէր, որ մարդոյն սիրով այս աշխարհ եկիր, որպէս զի անձամբ տեսնաս ու կրես մարդոյն քաշած վիշտն ու տառապանք։ Երիքովի ճամբուն վերայ շօշափեցիր չարչարուած մարդկութեան բոլոր վէրքեր, կը թողու՞ս այլ եւս որ աշխարհիս բուռն փորձութիւն իւր ծանր գաւազանով տակաւին տիրէ ու ճնշէ ստրկացած մարդոյն վերայ, որ մինչեւ ի գետին կորաքամակ եղեր է։
       Կը թողու՞ս այլ եւս, Տէր, որ չարերը չարութեամբ զօրանան եւ չարաչար բռնադատեն քեզ հաւատացող ծառաները. դու ուսուցիր մեզ աղօթել միշտ երկնից Հօր, որ իւր որդիւքը չարերուն ձեռքէն փրկէ, եւ չտայ փորձող Ժամանակին ձեռք, որ անխնայ հոլովելով իւր անիւներուն տակ կտրատէ մեր կեանք ու բառնայ մեր հոգին։ Մեր եւս յայնժամ Բաբիլօնի գերիվարեալ ազգին պէս անյուսաբար կոչեմք, «Տէր, հատաւ յոյս մեր եւ մեռաք»։
       Այլ եւս կ՚աւարտես փանաքի խորհրդածութեանս բան, խոստովանելով որ մեր մանկամիտ մտածութիւն եւ խորհուրդ անգիտութիւն է քո առաջ. Ժամանակին տէր դու՛ ես, եւ դու միայն գիտես նորա անյայտ խորհուրդը։ Մոխիր է մարդոյն սիրտ որ չհաւատայ թէ դու ինչ որ կը կամիս եւ կը վճռես Երկնից պետական աթոռէդ, այն կը լինի աշխարհիս վերայ։ Անշուշտ դու եւս քո երկնամայրաքաղաքին մէջ ատեան եւ դատաստան ունիս. ախարհի ոստիկան հրեշտակներդ ամէն օր բիւրաւոր բողոքներ կը հանեն քո ատեան, եւ դու մարդոց սիրտն ու գործքերը քննելով` ըստ այնմ կը դատես։ Երբ աշխարհիս վերայ մաղապարտ մարդ զմարդ կը դատի իւր օրէնքով, դու որ մարդոյն Աստուածն ես եւ գերագոյն դատաւոր, միթէ՛ քո արդարութիւն` իրաւունք չունի՞ աշխարհիս ապիրատներու դատաստանը տեսնալ։
       Դա՛տ արա, Տէր, դա՛տ արա, զի քո օրէնքն ու դատաստան իայն ճշմարիտ է. համառօտէ՛ միանգամայն քո երկայնամիտ դատն ու վճիռը չարերուն վերայ. ինչպէս կը պաղատէր քո ծառան Դաւիթ, նովին ձայնիւ կը պաղատիմք քեզ։
       Դա՛տ արա Տէր, դա՛տ արա, զի մեր աշխարհ լցաւ անիրաւութեամբ։
       Եւ դու գիտես, Տէ՛ր արդար եւ ազատաբար, զի մեր փրկութիւն ի քէն է ի ժամանակի նեղութեան։