Սիրակ եւ Սամուէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Pedagogy  
ԴԱՍ Ե. ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԵՒ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՔ ԱՇԽԱՐՀԻՍ
      
       Ճշմարիտ ազնուականութեան նշան հոգւոյ մեծութիւնն է, ոչ հողն
       է եւ ոչ ոսկին, ով որ ունի զայն։ Նա է աշխարհիս տիրապէս ազնուական, որոյ փառք միայն ժողովրդասիրութեան մէջ կը փայլի։
       ԱՇԽԱՐՀԻՍ խոնարհ ժողովուրդին եւ ազնուական կոչուած բարձրագոյն կարգին դասը պիտի խօսիմ քեզ, անտոհմիկ որդեակ իմ. դու գիւղական ժողովուրդի մի զաւակն ես, ժողովուրդի մէջ կ»ապրիս, պէտք է գիտնաս ու ճանչնան նաեւ այն բարձրագոյն դասն մարդոց, որոց կեանքն ու վիճակ հասարակ ժողովուրդի կեանքէ շատ բարձր է, ու շատ զանազանութիւն ունի։
       Դու պէտք է լիովին գիտնաս ժողովուրդին կեանք եւ գործեր, եւ թէ ի՞նչ են հարուստ ազնուականաց դասն, իրենց կեանք եւ գործեր, եւ իւրաքանչիւրին պարտիք եւ իրաւունք աշխարհիս վերայ։
       Բոլոր երկրագնդիս երեսը բնակող մարդկային ընկերութեան ամենամեծ մասն միշտ ժողովուրդն է. եւ նա է ծներ ամէն կարգի ազնուականաց եւ իշխանաւորաց դասն. կայսր, թագաւոր, իշխան, պայազատ, ամէնքն եւս ժողովուրդի զաւակներն են, զի ժողովուրդն է բուն արմատ եւ մայր ամէն կարգի եւ վիճակի մարդոց։
       Աշխարհիս մեծագոյն շինարար մասն ժողովուրդն է, դաշտային գիւղերու բնակիչ աշխատաւոր եւ հաց վաստակող մշակ` ժողովուրդն է. նմանապէս քաղաքներու բնակիչներն մեծ մասամբ ժողովուրդն է։ Խիստ փոքրագոյն մասն կը կազմեն ազնուականաց կարգն, որք ընդհանրապէս մայրաքաղաքաց եւ քաղաքներու մէջ կը բնակին։
       Ժողովուրդ մարդկային ընկերութեան մէջ` բուն մարդոց կեանք եւ պիտոյք կազմող եւ պատրաստող ամենաշխատ եւ պիտանի օգտակար մասն է։ Ժողովուրդն է, որ իբրեկ երկրագործ մշակ կ»արդիւնաւորէ երկրին բարեբերութիւն, եւ կը մատակարարէ աշխարհին։ Նա է, որ հաց, միս, իւղ եւ այլ կաթնեղէն նպարներ կը հանէ մեր սեղան։ Նա է, որ այգեգործութեամբ մեր խնճոյից բաժակներ պատուական գինւով կը լեցնէ։ Ժողովուրդ իւր տնկած պարտիզէն բազմազան ազնիւ պտուղներ հանելով` քաղաքացւոց եւ ազնուականաց սեղան առհասարակ կը դադարէ։ Նա է, որ բուրդով, փափկասեր այծենով, բամբակով, վշով, եւ այլ բազմատեսակ բուսական նիւթերով` ժողովուրդին պարզ հանդերձ եւ ազնուականաց պերճանքներ կը պատրաստէ։
       Ժողովուրդ իբրեւ արհեստաւոր, բիւր հազար տեսակ արուեստական աշխատութեամբ մեր կեանքի անհուն անհամար պէտքեր կը հոգայ, մանաւանդ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ, ուր կ»առաւելուն միշտ նորասիրութեան պերճանքներ։ Նա կը շինէ ու կը զարդարէ թագաւորի պալատ, իշխանաց ապրանք եւ այլ ամէն ինչ, որ կը վերաբերի նոցա ճոխ կեանքին ու վայելման։
       Ժողովուրդն իբրեւ գիւտերու եւ արուեստներու հնարիչ` իւր արդիւնք եւ յառաջդիմութիւն շատ մեծ է. եւ այլ մասին մէջ երբէք հասեմատութիւն չունի, այլ միշտ կ»առաւելու ազնուականաց դասէն։
       Ժողովուրդ իբրեւ աշխատութեան մայր` բոլոր ծովագնաց նաւերուն համար նաւապետ եւ նաւաստի կուտայ. բոլոր մեծամեծ գործարանաց համար գործաւոր մշակ կուտայ, բոլոր հանքերուն համար գետնի տակ անարեւ անլոյս խորերուն մէջ հանքահաններ կուտայ, համայն երկրագունդ բեղմնաւորելու համար հողագործ աշխատաւորներ կուտայ։
       Ժողովուրդ իբրեւ գրականութեան անխոնջ մշակ, իբրեւ մատենագիր հեղինակ, իբրեւ լուսաւորութեան եւ յառաջդիմութեան առաջնորդ` աշխարհ թուղթերով, գրքերով ու թանգարաններով լցոյց, խաւարն ու մութ փարատեց մարդոց մտքէն եւ լուսաւորեց մարդոյն մտաւորական աշխարհ։
       Կը խելամտի՞ս, որդեակ իմ, թէ աշխարհիս վերայ մարդկային ընկերութեան կեանք պահող եւ արդիւնաւորող ժողովուրդին աշխատութեան կեանքն է։ Թող այդ ամէն արտաքին մասերը, որ ժողովուրդի աշխատութեան կեանքէն կը բղխի, եւ աշխարհ նոցա վաստակով կը յագենայ ու կը ճոխանայ։ Ժողովուրդ նաեւ իւր ներքին ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքին մէջ շատ պտղատու եւ բարգաւաճ է. գիւղերու քաղաքներ նորա զաւակներով կը լեցուին. դրախտի օրհնութիւն իսկապէս ժողովուրդ կը վայելէ, որ միշտ աճելով բազմանալով կը լնու երկիրը. եւ աշխարհ իւր որդիքներով շէն կը մնայ։
       Բայց դու, ժողովրդասէր որդեակ իմ, արդեօք կը սրտմտիս կամ անիրաւութի՞ւն կը համարիտ երբ կը տեսնաս աշխարհիս կարգն ու դատաստանը, զի երբ ժողովուրդն ընդհանուր մեր ընկերական կեանքին մէջ այսչափ մեծամեծ պարտիքներ կը կատարէ. զօրհանապազ չարաչար կը տքնի եւ քիրտն կը թափէ մարդկային յառաջդիմութեան համար. ո՛հ, քանի՞ դառն ու դժուար է որ իւր յառաջ բերած անբաւ արդիւնքէն խիստ նուազ եւ յոռի մասն կը վայելէ։ Ազնիւ ցորեան եւ պատուական հացն` ազնուականին կուտայ, եւ ինքն գարի ու կորեակ կ»ւոտէ, նմանապէս գէր կենդանիներ նոցա բաժինն է. ժողովուրդ թանապուրով եւ ցամաք հացով կ»ապրի. անուշահամ գինին նոցա բաժինն է, ժողովուրդ պարզ ջրով իւր ծարաւ կ»անցունէ. բեհեզն ու ծիրանին եւ տարազագործ կերպասներ ազնուականին կուտայ, եւ ինքն պարզ կտաւ կամ շալ կը հագնի. շքեղ ու փառաւոր ապրանքներ կը շինէ նոցա համար, ինքն անշուք տուներու եւ մերթ եւս խրճիթներու մէջ կ»ապրի։
       Ժողովուրդի մեծագոյն մասն երկրիս վերայ միշտ կարօտ ու չարչարուած կեանք կը վարէ։ Նա ոչ միայն արեւելքին մէջ, այլ եւ արեւմտեան քաղաքակրթութեան աշխարհին մէջ, ուր լոյս տարածուած է, տակաւին ժողովուրդին մեծ մասն ծանր աշխատութեան եւ կարօտութեան մէջ կը մաշի։ Զի ես լսեր եմ եւ հարցնելով գիտեմ թէ` Եւրոպիոյ գործաւոր մշակներու կեանք շատ դառն է, որոց ապրուստ միայն օրական պարէն ու հացն է, գործաւորին համար գանձ ու ապագայ չը կայ, գործաւոր միշտ գործաւոր կը մնայ. եւ գործարանապետ անհուն հարստութեան տէր կը լինի։
       Այդչափ եւ այդպիսի են, ազնիւ որդեակ իմ, ժողովուրդին գործունեայ կեանք եւ ընդհանուր աշխարհի մատուցած մեծամեծ արգասիք, յորս մեք հարեւանցի տեսութեամբ անցաք, եւ պէտք է խոստովանիլ, որ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ ժողովուրդ մեծ տարերք կը կազմէ, եւ յառաջդիմութեան ընդարձակ ասպարէզը` ժողովուրդին աշխատութեան ոտք չափեց։
       Այժմ դառնամք եւ ազնուականաց դասուն նկարագիր հանենք, որոց գիրք, կարգ, աստիճան, պաշտօն, պարտիք եւ կենցաղավարութիւն աշխարհի առաջ ժողովուրդի խոնարհ դասէն շատ վերագոյն կը համարուի։
       Այս վերակարգ դասուն կը պատկանի աշխարհավարութիւն, աշխարհաշինութիւն, քաղաքագիտութիւն, դատաւորութիւն եւ այլն։ Դոքա քան զժողովուրդն առաւել պէտք է կրթեալ լինին, հանճարեղ, իմաստուն եւ խորհրդական լինին, վասն զի երկրին կառավարութեան սանձն իրենց ձեռքն է, երկրին շահն ու վնաս կշռող նժարը` իրենց խելքն է։ Այդ վարիչ իշխանական կարգն է որ կը խորհի, կը կարգադրէ, եւ յառաջ կը վարէ քաղաքակրթութեան կառք։
       Թողունք այդ ազնուական դասուն աշխարհավարական մասն, որուն համար արդէն նախագլխոյն մէջ գրեցի թէ ի՞նչ է իշխանութեան պաշտօն եւ պարտիք։
       Այժմ խօսինք ազնուականաց դասուն այլ եւ այլ հանգամանաց եւ պարտուց մասին։ Նոքա, որոց բախտ յաջողեր է հարուստ եւ մեծատուն լինել աշխարհիս վերայ. նոքա մեծ պարտիքներ ունին կատարելու. «Զի որում շատ տուաւ, շատ խընդրեսցի ի նմանէ» ասաց Քրիստոս։
       Բայց դու, հարցասէր եղիր, որդեակ իմ, քննենք թէ ո՞յք են աշխարհիս վերայ իրօք եւ ճշմարիտ ազնուականներ, ինչպէս Աբրահամ, Յակովբ եւ Յովբ, որոց արդար վաստակին հետ զրկանք չէ խառնուած, եւ ո՞յք են անարդար եւ նենգող ազնուաաններ, որոց հարստութեան հողն ու ոսկին յանիրաւութենէն գոյացեր է, կամ տիրապետելով, կամ զրկելով ու հարստահարելով եւ կամ նենգութեան բիւր հնարքներ ի գործ դնելով մեծատուն, իշխան, պայազատ եւ ազնուական եղեր են աշխարհիս վերայ։ Այս անարդար ազնուականաց նկարագիր կը հանէր երբեմն Եսային. «Վաճառականք ձեր խառնեն զջուր ընդ գինի. իշխանք ձեր ասպտամբ` գողակիցք են գողոց, սիրեն զկաշառս, վրիժագործք, որբոց իրաւունս ոչ առնեն եւ դատաստանի այրեաց` ունկն ոչ դնեն» եւ այլն. որով ցոյց կուտայ մարգարէն թէ քանի՞ մեծ անիրաւութիւններ կը գործէին Իսրայէլի ազնուական կոչուած իշխաններ։ Դոքա շատ անգամ եւս խիստ խորամանկ միջոցներ ի գործ դնելով կալուածատէր կը լինին. ինչպէս կը յայտնէ դարձեալ նոն մարգարէն. «Վա՛յ այնոցիկ որ յարեն զտուն ի տուն եւ ագարակ առ ագարակ մերձուցանեն. զի զընկերին հանիցեն. միթէ միա՞յն բնակելոց իցէք յերկրի»։ Աստուած այսպէս կը դատի աշխարհիս անիրաւ ազնուականներ, բայց աշխարհիս դատաստանը այսպէս չէ. զի ով որ ոսկեգանձ ունի, ով որ կալուածատէր է, ով որ իշխան է եւ կը տիրէ` նա միշտ աշխարհիբ աչքին դատաստանով ազնուական կը համարուի։
       Իսկ արդար վաստակով եւ ուղիղ աշխատութեամբ հարըստացած ազնուականներ շատ հազուագիւտ են աշխարհիս վերայ, եթէ որոնենք` կը գտնենք առաւել վաճառական, արհեստաւոր եւ երկրագործ կարգերուն մէջ։ Դու այնպէս չըմբռնս, թէ իրօք մեծահարուստ ազնուական լինելու համար Անգղիացի լորդերուն չափ անհուն ոսկի եւ հող ունենալու է. վասն զի ճշմարիտ ազնուականութեան յատկանիշմիայն հողն ու ոսկին չէ, որ սոսկ նիւթական հարստութիւն կը կազմէ, այլ առաւել մեծ է հոգւոյն եւ բարուց ազնուականութիւն, որ բարոյական առաքինութեան օրէնքներ կը պահէ, որ ժողովրդասէր է եւ ամբարհաւաճ լինելով չի մեծամտեր, որ ագահելով, ժլատելովձեռք չի կծկեր, այլ իւր հարստութեան ոսկին հասակարաց բարւոյն համար առատ կը սփռէ, որ առանց փառասէր ոգւոյ կը մեծագործէ ուղիղ եւ բարի նպատակով ժողովուրդի յառաջդիմութեան համար, որ լուսոյ տուներ ու դպրոցներ կը կանգնէ, գրատուններ եւ թանգարաններ կը հաստատէ, հեղինակ մատենագիրներ կը քաջալերէ, գործարաններ կը բանայ, ազգին աղքատ ու պարապ որդիքներուն գործ կը գտնէ, բարեպաշտ ու մարդասիրութեան ոգւով աղքատանոց, հիւանդանոց շինելով ազգին թշուառներ կը պատսպարէ Յովբայ նման իւր ոչխարաց բուրդերէն բաժին հանելով մերկերու թիկունք կը ջեռուցանէ, եւ այսպէս կը կատարէ իւր պարտք ճշմարիտ ազնուականն. եւ նա կը խորհի զօրհանապազ Աստուծոյ եւ աշխարհին առաջ միայն մեծագործ առաքինութեամբ բարձրանալ։ Նա իւր առաքինութեան վարձ` երբէք ժողովուրդէն երկրպագութիւն չի խնդրեր, միշտ յիշելով Յիսուսի պատուէրը` աջով կը գործէ եւ ձախը չիմանար. իւր փառք եւ սրտին հաճոյքը` միայն իւր առաքինութեան մէջ կը շատանայ։
       Տեսցուք նաեւ անիրաւութեամբ ու զրկանօք հարստացած ազնուականաց գործն ի՞նչ է։
       Այդպիսի սուտանուն ազնուականաց ճանապարհ շատ բազմադիմի է աշխարհիս վերայ։ Ոմանք հարստահարելով, յափըշտակելով կը հարստանան, ոմանք դիպուածով կը հարստանան, զոր բախտ կը համարին, եւ յանկարծ մի աւուր մէջ մեծնալով ազնուական կը դառնան. միայն թէ` այն հարստութեան գանձեր զոր մարդ առանց աշխատութեան դիւրութեամբ կը գտնէ, շատ բնական է որ զայն դիւրութեամբ կը կորուսանէ։
       Այսպիսեաց օրինակներ շատ կան աշխարհիս վերայ, եւ մեք մեր ժամանակի մէջ տեսանք ու տակաւին կը տեսնանք։ Ո՞ւր են Պոլսոյ մեր հին հարուստ ու Հայ սեղանաւորներ. որոց վստահութեան յանձնուած էր Տէրութեան գանձ, այսօր նոցա որդիքներէն շատերը հայրենի ժառանգութեան մեծագանձ հարստութեան հետ` կորուսին նաեւ ազնուականութեան պատիւ։ Ոմանք եւս հնարագէտ եւ ամէն խարդախ միջոցներ ի գործ դնելով կը հարստանան. իսկ ոմանք գիտես թէ ի բնութենէ արծաթասէր բարք ունենալով` անհնարին ագահութեամբ եւ ամենախիստ խնայութեամբ կեանք վարելով կը հարստանան։ Չմոռնանք, յիշենք նաեւ այս կարգին հետ այն կալուածատէր ազնուականներ, որոց հարստութիւն կը կարծուի թէ հողն է, բայց հողէն առաւել հողագործ մշակներու ճակատէն թափուած քրտինք է։ Այդ անգութ եւ խստաբարոյ կալուածատեարք իրենց վաստակաւոր մշակներ աշխատութեան մէջ զօրհանապազ կը մաշեցնեն. կամ կիսավարձ եւ կամ վարձահատ առնելով` խեղճ մշակները` միշտ մշակ մնացեր են, եւ կալուածատէրը` ազնուական դարձեր է։ Թող վարձահատութեան զրկանք, մի ուրիշ քան զայս առաւել սոսկալի զրկանքներ պատմեմ քեզ, որոց ես ինքս ականատես եմ եւ հարցուփորձելով տեղեկացայ։
       Միանգամ մայրաքաղաքիս Հայ ազնուականաց միոյն ագարակը գնացի, որուն մէջ շատ ծառայող մշակներ կային, եւ ես այն պահուն պատահեցայ երբ մշակներ աշխատութենէն դադրած նստեր հաց կուտէին. դիտեցի, որ իրենց կերակուր միայն սեւ հաց եւ խաշած լուբիա էր, ուրիշ ոչինչ։ Ես այնպէս կարծեցի, որ մի աւուր պատահումն էր այս, ուստի հարցուցի ագարակատէր ազնուականին. թէ ձեր մշակներու կերակուր միշտ ա՞յս է, մանաւանդ Զատկի այս մեծ օրերը։ Այո՛, ասաց, տարին բոլոր դոցա կերակուր այդ է միայն. մշակներու համար Զատիկ, Բարեկենդան չկայ, այլ միշտ միօրինակ հաց ու լուբիան է նոցա կերակուր։ Ոգիս խռովեցաւ, կրկին հարցուցի. միթէ այս աշխատաւոր մշակներ, որոց ձեռքէն բազմապատիկ բերքեր կ»ընդունիք բուն ագարակէն ելած, միթէ դոքա կաթէն, մածնէն, իւղէն, պանրէն եւ այլ զանազան բերքերէն ուտելու իրաւունք եւ բաժին ունենան, այլ եւս մեր ագարակին շահն ոչինչ չմնար, վասն զի մեր գլխաւոր շահը պէտք է նոցա խիստ ու սակաւապէտ կեանքէն գոյանայ։
       Ահաւասիկ ագարակատէր մեծատանց ազնուականութեան փառք, դու ինքնին դատաստան արա մտքիդ մէջ, ազնիւ որդեակ իմ, հազար անգամ Ասիոյ եւ մեր հայաբնակ աշխարհի մշակներ երջանիկ ու բախտաւոր են, որք կաթով, իւղով, եւ այլ կերակուրներով կը սնանին։ Թող այս փողոցի աղքատներն եւս գոնէ տարուան նաւակատեաց օրերը մատաղ ուտելով մսի համ կ»առնուն, իսկ այդ ազնուականաց մշակներ չգիտեն թէ միսն ի՞նչ համ ունի։
       Սորա համար Աստուած վերէն կը տեսնար եւ մշակները զրկող ու հարստահարող կալուածատեարց համար մարգարէին բերանով կը խօսէր. «Եւ բողոք հնձողաց եհաս յականը իմ», եւայլն։
       Մեծատունն Յովբ, որ հին աշխարհի մէջ մի ճշմարիտ ազնուական նահապետ էր, նա յառաջ կը բերէր իւր ազնուականութեան պարտիքներ, զորս անթերի կատաեր էր. մինչդեռ իւր բարեկամներ վիճելով կասկած կը յարուցանէին։ Իսկ ազնուական նահատակն մեծ համարձակութեամբ ցոյց կուտար իւր առաքինութեան հանդէս եւ կը խօսի. «Եթէ խոտեցի՞ երբէք զիրաւունս ծառայի կամ աղախնոյ մատուցելոյ առիս յատեան, եւ զի՞նչ գործեցից եթէ հարցուփորձ արասցէ ինչ Տէր, եւ եթէ այցելութիւն, զի՞նչ պատասխանի արարից։ Ո՛չ ապաքէն որպէս ես եղէ յարգանդի եւ նոքա եղեն. ի նմին որովայնի եղաք։ Իսկ տկարք, որոց պէտք ինչ էին` ո՞չ արդեօք երբէք վճարեցի։ Զակն այրւոյ ոչ կողկողեցուցի։ Եթէ կերա՞յարդեօք զպատառն իմ միայն եւ սրբոյն ոչ կարկառեցի։ Զի ի մանկութենէ իմմէ սնուցի իբրեւ զհայր, եւ յարգանդէ մօր իմոյ առաջնորդեցի։ Եթէ արարի՞ անտես զմերկն կորուսեալ եւ ոչ զգեցուցի։ Եթէ ո՛չ օրհնեցին զիս տկարք եւ ի կտրոյ խաչանց իմոց ջեռան թիկունք նոցա։ Եթէ վերացուցի՞ ձեռն ի վերայ սրբոյն` յուսացեալ թէ բազում է օգնականութիւնիմ ապա թափեսցի յանրակէ ուս իմ եւ բազուկ իմ յարմկանէ իմմէ խորտակեսցի» եւայլն։
       Ահաւասիկ ճշմարիտ ազնուականութեան գործ ու պարտիքը, զորս մեծանձն Յովբ վեհանձնաբար կը ճառէ ու վստահութեամբ կ»արդարանայ Աստուծոյ առաջ. թէ եւ բարեկամ դատաւորներ մեղապարտ կը դատէին զինքն կարծելով թէ հարուածեալն Յովբ իւր զրկանաց երեսէն պատուհասուեր է։
       Է՜, ազնուամիտ որդեակ իմ, համեմատէ դու այժմիկ հին աշխարհի եւ մեար դարու ազնուականաց գործն ու կեանք. եւ դու ինքնին դատաստան արա, թէ աշխարհիս ամէն հարուստ մեծատունք, որ ազնուականութեան տիտղոս ստացեր են` նոքա իրօք եւ ճշմարիտ ազնուական չեն։ Մի կարծեր թէ ընդարձակ հողն ու ոսկին եւ անուն զմարդն ստոյգ ազնուական կ»անեն, եթէ նորա ոգին ընչաքաղցութեամբ ստրկացած է եւ զուրկ մեծանձնական առաքինութենէն։ Կան մարդիկ, որք թէպէտ մեծահարուստ չեն, այլ իրենց չափաւորութեան մէջ առաւել կը մեծագործեն քան համբաւեալ ազնուականն։
       Իսկ դու, անանուն որդեակ իմ, որ ազնուական չես ծներ, այլ շինական ժողովուրդին մի հասարակ զաւակն ես, ջանացիր փոքրութեանդ մէջ փոքրիկ ազնուական լինել. ոչ գանձ ունիս եւ ոչ մեծ կալուածատէր ես, որ ոսկւով եւ հարստութեամբ մեծագործես. բայց դու գրով, ուսումով եւ կրթութեամբ մեծագործէ։
       Սիրէ նաեւ բարուց ազնութիւնն, անկեղծ կենցաղավարութեան ազնուութիւն. եւ քան ամէն առաւել` ընկերասիրութեան ազնուութւն։ Եթէ աշխարհիս դպէքեր յաջողեն քեզ, կամ գիրն եւ աշխատութիւն քեզ ոսկի բերեն, եւ դու յանկարծ խոնարհ ժողովուրդի վիճակէն բարձրանալով ձգտիս դէպի ազնուականութեան դասն` մի անարգեր գիրն ու գրիչ. այլ գուն գործէ, որ գրով ու ոսկւով միանգամայն ազնուանաս։
       Գիտեմ ես, գիտես նաեւ դու, Քրիստոս որ աղքատ եւ ժողովրդասէր էր, վկայեց թէ մամոնան անիրաւ է, անիրաւ են եւ նոքա որ սոսկ մամոնային ազնուականութիւն կը կեղծեն. բայց արդար եւ ժողովրդասէր ազնուականը գիտէ բարւոք ի գործ դնել զայն, եւ շահացուցանել թէ ի սակաւուն եւ թէ ի բազմին իբրեւ հաւատարիմ ծառայ Աստուծոյ տնտեսութեանն։
       Կը փափաքիմ քեզ համար, որդեակ, որ դու ի փոքուն, այսինքն այդ քո այժմեան վիճակին մէջ միշտ հաւատարիմ լինիս, որպէս զի բազմին արժանանաս։
       Որչափ եւ կարես` կեանքն ազնուացուր աշխարհիս վերայ. մի ասեր թէ ես մարդոց կեանքին մէջ եւ նոցա աչքին առանց ոսկւոյ ու մեծութեան միշտ նուաստագոյն կը համարուիմ։ Կը գովեմ զքեզ եթէ անձնաճանաչ լինելով խոնարհամտիս, այլ չեմ ներեր զքեզ թէ այնչափ նուաստանաս մինչեւ մոռանաս մարդկութեան հաւասար պատիւ։ Գիտցի՛ր դու, որ Աստուած զմարդիկ հաւասար ազնուական ստեղծեր է եւ այնպէս կը համարի. ոչինչ զանազանութիւն չըկայ. ազնուականին եւ ժողովուրդին մէջ. միայն աշխարհին աչք ու դատաստանը խտիր կը դնէ եւ այնպէս կը տեսնայ. իսկ Աստուծոյ մեծութեան առաջ` աստուածապատկեր մարդն հաւասար ազնուական է։ Մանաւանդ եկեղեցւոյ հաւատացեալ ընկերութեան մէջ. որոց համարասաց Քրիստոս թէ «Դուք ամենքին եղբայր էք»։
       Վերջին խրատ մի եւս աւանդեմ քեզ Սողոմոնի բանէն. եւ այն միշտ քո խնդրուած Աստուծոյ առաջ։ «Մեծութիւն եւ տընանկութիւն մի տար ինձ. այլ կշռեա ինձ զարժանն բաւականութեամբ։ Զի մի մեծացայց եւ ստեցից եւ ասիցեմ թէ ո՞վ տեսանիցէ զիս. կամ աղքատացայց գողացայց եւ երդուայց յանուն Աստուծոյ իմոյ։»