ԴԱՍ
ԺԱ.
ԲԱՐԳԱՒԱՃԱՆՔ
ԵՒ
ՆՈՒԱԶՈՒՄՆ
ԱՇԽԱՐՀԻՍ
ԱԶԳԱՑ
Ի՞նչ
է
նորա
անունն,
որոյ
ամենակալ
ձեռքէն
աներեւոյթ
կշիռ
մը
կայ
երկնքէն
երկրիս
վերայ
կախուած։
Նորա
սուրբ
անունն`
Արդարութիւն
է,
որ
այս
աշխարհիս
ազգերուն
մեղք
եւ
արդարութիւն
կը
կշռէ
եւ
կը
չափէ
զհատուցումն։
Մարդիկ
զայն
չեն
տեսնար
եւ
կը
վարանին
թէ
ինչու՞
համար
ազգեր
մերթ
կը
բարձրանան
եւ
մերթ
կը
խոնարհին,
մերթ
կը
բարգաւաճին
եւ
մերթ
կը
նուազին։
Դորա
պատճառներ
զէնք
եւ
զօրութիւն
չեն.
այլ
մեղք
եւ
արդարութիւն։
Ուստի
կասէ
Սողոմոն.
«Արդարութիւն
զազգ
բարձրացուցանէ.
մեղք
նուազեցուցանէ
զասգս»
Առակ
ԺԴ.
11
ՆԱԽՈՐԴ
դասին
մէջ
քաջ
խլամտեցար,
որդեակ
իմ,
թէ
ի՛նչ
էին
մարդոյն
ընկերական
կենաց
երջանկութեան
սկզբնաբուղխ
աղբիւրներ։
Սորվեցար
թէ
բարութիւն
եւ
չարութիւն
էր
այն,
որ
յառաջ
կուգայ
մարդոյն
սրտէն
ինչպէս
ջուրի
վտակն
աղբիւրի
ակնէն։
Այս
դասիդ
մէջ
պիտի
սորվիս,
թէ
ի՞նչ
են
ապա
այն
սկզբնապատճառ
աղբիւրներ,
որով
աշխարհիս
բովանդակ
ազգեր
եւ
ժողովուրդներ
մերթ
կը
բարգաւաճին
եւ
մերթ
կը
նուազին.
մերթ
կը
բարձրանան
եւ
մերթ
կը
խոնարհին
մերթ
ազատ
քաղաքացի
կը
լինին,
եւ
մերթ
ստրկական
ծառայ.
մտադիւր
հոգւով
ու
դիր
եւ
ես
խօսիմ
քեզ
այդ
յեղյեղուկ
բախտին
պատճառներ։
Երկրիս
համայն
ազգեր,
ժողովուրդներ,
իշխանութիւններ
եւ
գահեր
յեղաշրջող
տարերք
կան.
միոյն
անունն`
արդարութիւն
է
եւ
միւսին`
մեղք.
այս
երկաքանչիւրին
հեղինակ
եւ
ծնող
դարձեալ
մարդն
է,
մարդոյն
սիրտն
է
եւ
մարդոյն
աշխարհիս
վերայ
վարած
կեանքին
արգասիքն
է։
Սուրբ
գիրք
այդ
երկու
որոշակի
բառերով
կը
հասկացնէ
Իսրայէլի
ժողովուրդին
կեանքը,
զի
այդ
երկու
բառերուն
ընդարձակ
նշանակութեան
տակ
կը
փակէ
մարդոյն
կենաց
բովանդակ
գործքեր,
մեղք
եւ
արդարութիւն։
Մարդն
այս
աշխարհիս
վերայ
այդ
երկու
ճանապարհին
վերայ
կը
քաշէ.
կամ
արդարութեան
եւ
կամ
մեղաց։
Ուղիղ
ճանապարհ`
արդարութեան
ճանապարհն
է.
մոլոր
ճանապարհ
մեղքի
ճանապարհն
է։
Մարդն
ազատ
անբռնադատ
է.
ինքն
ազատաբար
կ»ընտրէ
իւր
ճանապարհ.
կամ
արդարութիւն
գործելով`
արդար
կը
լինի,
կամ
մեղք
գործելով`
մեղապարտ
կը
լինի։
Եւ
ինչպէս
մի
մարդ,
այնպէս
մի
ազգ,
մի
ժողովուրդ,
մի
երկիր
եւ
թագաւորութիւն,
դարձեալ
այդ
երկու
ճանապարհով
կ»ընթանան։
Եթէ
արդարութիւն
գործեն,
դորա
պտուղն
է
անարգանք,
ստրկութիւն,
սուր
եւ
պատերազմ,
տառապանք
աղքատութեան
եւ
չարավար
կեանք։
Ո՛վ
է,
որ
այս
հատուցումներ
կուտայ
ազգերուն.
ո՛վ
է,
որ
կը
կշռէ
ազգերու
մեղք
եւ
արդարութիւն
եւ
կը
վճարէ
փոխարէնն.
ո՛վ
է
որ
արդարագործ
ազգերն
օրհնելով`
նոցա
կեանք
եւ
սերունդ
բազմապատկելով
բարգաւաճ
կ»առնէ
երկրիս
վերայ,
ինչպէս
կը
խոստանար
արդար
Նահապետին.
«Օրհնելով
օրհնեցից
զքեզ,
եւ
բազմացուցանելով
բազմացուցից
զաւակս
քո
ի
վերայ
երկրի»։
Իսկ
ո՛վ
է,
որ
անիրաւ,
մեղաւոր
ազգեր
իւր
օրհնութենէն
կը
զրկէ.
նոցա
կեանքն
անճետ,
անսերունդ
կը
թողու
առանց
բարգաւաճելու,
որով
կամ
իսպառ
կը
ջնջուին
եւ
կամ
կը
նուազին։
Ահաւասիկ
այդ
ամէն
չափող
եւ
տնօրինող`
Արդարութիւնն
է,
նոյն
ինքն
Աստուած`
որ
արդարութիւն
եւ
ուղղութիւն
կը
սիրէ,
ինչպէս
կը
խօսի
Դաւիթ։
Նոյն
արդարութիւնն
է,
որ
իւրաքանչիւր
ազգերու
գործոց
չափով
կը
չափէ
զիրենք։
Քրիստոս
եկաւ
աշխարհ
այդ
արդարութեան
համար
վկայեց
եւ
ասաց.
«Որով
չափով
չափէք,
չափեսցի
ձեզ»։
Բայց
արդ
սկսիմ
ճառել
քեզ,
որդեակ
իմ,
թէ
ի՞նչպէս
կը
տարածի
թէ
մեղք
եւ
թէ
արդարութիւն
մի
ազգի
եւ
ժողովուրդի։
Շատ
բնական
է
որ
մեղք
նախ
անհատ
անձինքներէն
կ»սկսի
եւ
երթալով
կը
բազմանայ,
կ»անցնի
բոլոր
ժողովուրդի
դասակարգութեան
մէջ.
այսինքն
գլխէն
մինչեւ
ոտքը
միահամուռ
կախտանայ
ժողովուրդին
մարմինն.
ահաւասիկ
այդ
է
ամբողջ
ազգին
եւ
ժողովուրդին
մեղք։
Իսկ
երբ
ընդհակառակն
ժողովուրդի
բարոյական
մարմինը
գլխէն
սկսեալ
մինչեւ
ոտք
արդարութիւն
կը
գործեն,
մեծ
եւ
փոքր
առհասարակ
իւրաքանչիւր
կարգի
մարդ
կը
ճանչնայ
իւր
պարտիք
եւ
իրաւունք.
այդ
եւս
ժողովուրդին
եւ
ազգին
արդարութիւնն
է։
Թէ
մեղք
եւ
թէ
արդարութիւն
իրենց
նկարագիրն
ունին.
ես
նախ
մեղքին
տգեղ
ստուերագիր
հանեմ
քեզ,
թէ
զիա՞րդ
մեղք
իւր
ամէն
հանգամանօք
իբրեւ
համտարած`
ախտ`
երբ
կը
ճարակի
ժողովրդց
բոլոր
մարմնոյն
մէջ,
մահառիթ
կը
լինի
նմա,
որով
կ»սկսի
յայնժամ
տակաւ
տակաւ
հիւծելով
մեռնիլ։
Եւ
ի՞նչ
է
այդ
մահացուցիչ
մեղք։
Ինչ
որ
ինձ
յուշ
կուգան,
զայն
թուեմ
քեզ։
Երբ
մի
ազգի
եւ
ժողովուրդի
խղճի
գիտակցութեան
խայթ
իսպառ
կը
բթանայ,
երբ
պարտուց
եւ
իրաւանց
արդարաչափ
կշիռը`
ժողովուրդի
ընկերական
կեանքէն
կը
բարձուի,
երբ
ազգի
եւ
աշխարհի
վնարիչ
իշխաններ`
արդարութեան
պարտիքներ
կը
մոռնան,
երբ
դատաւորներ
կ»անիրաւեն,
եւ
օրինաց
տեղ
կամք
եւ
բռնութիւն
կը
տիրէ,
երբ
ժողովւրդ
կը
մոռնայ
այն
պատուէրներ
եւ
պարտիքներ
զորս
Քրիստոս
եւ
Պօղոս
պատուիրեցին`
Կայսերինը
կայսեր
տալ
եկ
հատուցանել
ում
պարտական
է
ժողովուրդ
եւ
ումեք
պարտական
չմնայ.
երբ
կ»ստահակի
ժողովուրդ,
երկրին
եկ
ազգին
օրէնքները
հնազանդութեամբ
չի
յարգեր,
կը
հեստէ
եւ
անիշխան
վարիլ
կ»ուզէ,
երբ
ժողովուրդ
իւր
ընկերական
շահավաճառութեան
մէջ
առանց
արդար
կշռի
կը
գործէ,
այլ
եւս
իւր
խիղճն
ի
բաց
կը
թողու,
եւ
որչափ
կարող
է
կ»անիրաւէ
եւ
կը
նենգէ,
երբ
նիւթապաշտութիւն
կը
տիրէ
ժողովուրդին
մէջ,
հոգին
կը
նուաստանայ
ու
կը
մեղկանայ.
հովիւն
իւր
հօտով,
պաշտօնեայն
իւր
ժողովրդով
եւ
իշխան
իւր
երկրով
առ
հասարակ
Աստուծոյ
ճանապարհէն
կը
խոտորին,
երբ
ժողովուրդ
ճշմարտութիւն
կ»ատէ,
դէպ
ի
լոյս
երթալ
չուզեր,
երբ
խաւարասէր
լինելով`
խաւարագործութեան
մէջ
կը
թափառի,
երբ
ազգի
եւ
երկրի
կառավարութեան
անձնիւր
կարգեր
գերիվայր
լինելով
կը
շփոթին,
ժողովուրդն
իբրեւ
իշխան
կը
լինի,
մանուկ`
ծերոյն
աթոռը
կը
բազմի,
քահանայն
իբրեւ
ժողովուրդ
կը
լինի
եւ
ժողովուրդ
իբրեւ
քահանայ.
տէրն
իբրեւ
ծառայ
եւ
ծառան
իբրեւ
տէր.
տիկին
իբրեւ
աղախին
եւ
աղախին
իբրեւ
տիկին.
երբ
անարգուի,
երբ
տգէտք
ու
խաբեբայք
կը
տիրեն,
ժողովուրդի
հաւատարիմներ
կը
մերժուին։
Մի
խօսքով
համառօտեմ
քեզ.
երբ
երկրի
ժողովուրդ
բանաւորութեան
լոյս,
մարդկութեան
պատիւ
իսպառ
կը
մոռնայ,
թէ
բնական
խղճի
օրէնքներ,
թէ
Աստուծոյ
յայտնեալ
օրէնքներ,
թէ
քաղաքային
եւ
ընկերական
օրէնքներ,
գլխովին
կ»եղծանէ
եւ
կ»ապրի
նա
այնպէս,
ինչպէս
Նոյեան
դարու
ապիրատ
ժողովուրդ,
որոց
համար
կը
վկայէ
Սուրբ
գիրք.
«Ապականեցաւ
ամենայն
մարմին
առաջի
Տեառն»։
Իսրայէլի
ժողովուրդի
մարմին
երբ
ոտքէն
մինչեւ
զգլուխ
կը
զեղծանէր
ու
կ»ախտանար,
Եսային
իբրեւ
բժիշկ
նորա
ցաւերը
շօշափելով
կ»ասէր.
«Ամենայն
գլուխ
ի
ցաւս
եւ
ամենայն
սիրտ
ի
տրտմութիւն,
յոտից
մինչեւ
ցգլուխ
չիք
ի
նմա
առողջութիւն,
եւայլն»։
Եթէ
կ*ուզես
թէ
եբրայական
ժողովուրդին
եւ
թէ
աշխարհիս
այլ
եւ
այլ
հին
ժողովրդոց
բարուց
ապականութեան
բոլոր
նկարագիրը
տեսնալ,
մեծ
մտադրութեամբ
կարդա
Սուրբ
Գրոց
մէջ
Դատաւորաց
եւ
Թագաւորաց
պատմւոթիւն.
կարդա՛
բոլոր
մարգարէութեանց
գրքեր
ու
բողոքները.
տես
ո՞րչափ
կենդանի
նկարագիր
կը
հանեն
Աստուծոյ
ընտրեալ
Մարգարէք
եւ
կը
դնեն
զայն
ժողովուրդի
աչքին
հանդէպ։
Թո՜ղ
Սուրբ
Գիրքը.
կարդա՛
ընդհանուր
ազգաց
պատմութիւնները,
յորս
յայտնի
կ»երեւի
նոյն
ժամանակի
մարդոց
կեանքի
հանգամանքներն,
եւ
կը
տեսնա
դու
թէ
ժողովրդոց
համատարած
մեղք
կործաներ
է
աշխարհիս
հին
ազգեր
եւ
գահերը.
ինչպէս
Եգիպտոսի,
Յունաստանի,
հին
Հռովմյ
վերջին
հարստութիւն,
Կարքեդոնի,
Բաբելոնի,
Ասորեստանի,
եւ
այլն։
Չմոռնանք
նաեւ
նոր
Հռվոմայ
Կոստանչիանոսի
գահը,
որ
Բիւզանդիոնի
գագաթան
վերայ
բարձրացած
էր։
Այլ
եւս
տակաւին
աշխարհիս
նոր
ազգերու
մեղք
պիտի
կործանէ
այն
ամէն
ազգեր,
որ
ճշմարիտ
քաղաքակրթութեան
լոյսէն
խոյս
կուտան,
եւ
դեռ
ապրիլ
կ»ուզեն
հնութեան
եւ
հին
մեղքերու
մէջ։
Ճշմարիտ
քաղաքակրթութիւն
ասացի,
որպէս
զի
դու
կարենաս
որոշել
թէ
աշխարհիս
վերայ
սուտ
քաղաքակրթութեան
երեւոյթներ
եւս
կան.
որք
թէպէտ
ի
հեռուստ
այլ
եւ
այլ
գոյներով
շպարեալ
կը
տեսնուին,
այլ
ի
ներքուստ
ժողովուրդին
կեանք
երթալով
կը
վատթարեն,
կը
զեղծանեն
զեղխութեան
ու
ծայրայեղ
ազատութեան
մէջ։
Նոքա
եւս
թէ
վաղ
թէ
անագան
այժմեան
բարգաւաճութենէն
կը
նուազին
եւ
կը
կործանին։
Վասն
զի
ցոյց
կուտայ
աշխարհիս
փորձը
թէ
ամէն
ծայրայեղութեանց
վախճանը
կործանումն
եւ
կորուստ
է։
Բայց
դու,
ողջամիտ
որդեակ
իմ,
մի
գուցէ
այնպէս
ըմբռնես
ու
դատես
թէ
ազգ
եւ
ժողովուրդ
երբ
իւր
վարիչներով
հանդերձ
միահամուռ
կը
մեղանչեն,
զոր
ի
վեր
անդր
նկարագրեցի
քեզ,
յայնժամ
համայն
ազգ,
հայրենիք։
եւ
պետութիւն
կը
կործանին
իբրեւ
արդար
եւ
անաչառ
հատուցումն
բոլորն
ի
միասին
կրելով
կորստեան
աղէտը,
որոյ
ճիշդ
օրինակ
կը
տեսնամք
Սոդոմայ
եւ
Գոմորայ
ամբարիշտ
ժողովրդոց
վերայ։
Արդար
նահապետ
Աբրահամ
խոնարհելով
իբրեւ
հող
եւ
մոխիր
երկնից
արդարութեան
առաջ`
կամեցաւ
նորա
ցասումն
իջուցանել,
ուստի
մտերմօրէն
հարցանելով
կ»ասէր.
Տէր,
եթէ
այն
քաղաքներուն
մէջ
քառասուն
արդար
գտնուի,
դարձեալ
պիտի
կործանե՞ս.
նոցա
համար
չը
պիտի`
խնայես
մնացեալ
ժողովրդոց։
Եւ
այսպէս
հարցանելով`
իջաւ
մինչեւ
հինգ
արդարոց
թիւ,
այն
եւս
չը
գտնուեցաւ,
միայն
արդար
Ղովտ
մի
կար`
զայն
ի
դուրս
հանեց
եւ
անդէն
կործանեց,
մոխիր
դարձուց
ամբարշտաց
քաղաքները։
Սակայն
շատ
անգամ
արդարութեան
հատուցումն
ուրիշ
եղանակաւ
կը
տեսնամք.
այսինքն
ժողովուրդի
կամ
երկիր
մի
մասն
կը
մեղանչէ,
օրինազանց
կը
լինի.
հատուցումն
ամբողջ
ազգ
հաւասարապէս
կ»ընդունի։
Վասն
զի
անցելոյն
մէջ
պատմութենէն
գիտենք,
եւ
ներկային
մէջ
մեր
աչքով
կը
տեսնամք.
եւ
ի՞նչ
է
այս,
շատ
յայտնի
է
աշխարհին
առաջ։
Զի
երկրի
վարիչներ
կը
դոր՞են
մեղք,
երկիր
եւ
ժողովուրդ
կը
տուժէ
եւ
կը
կործանէ։
Հայրեր
կ»ուտեն
ազոխ,
եւ
որդւոց
ատամունքներ
կ»առնուն.
առաջնորդներ
կը
խոտորին
եւ
ժողովուրդ
մոլորելով
կը
հետեւի։
Եւ
այսպէս
աշխարհիս
մեծամեծ
լեռներուն
մեծակոյտ
մեղքեր`
զայրացած
հեղեղներու
եւ
գետերու
նման
բարձրադիր
լեռներէն
կը
թափին
ժողովուրդի
դաշտին
վերայ,
եւ
զայն
հեղեղատար
առնելով`
ամէն
բարեշինութիւն
կը
քանդեն
ու
կ»աւերեն։
Եւ
ի՞նչ
կը
լինի
սորա
վախճանը,
ոչինչ,
իրենք
եւս
կը
նստին
այնուհետեւ
աւերակ
հողաբլուրին
վերայ։
Համառօտ
անցայ
այս
կէտին
վերայ,
որդեակ
իմ,
ուշիմ
ես
դու,
կը
հասկաս
թէ
ինչ
կը
խօսիմ։
Թողլով
այդ
ժողովուրդին
մեղքը,
բաւ
է
որչափ
ինչ
խօսեցայ,
սկսիմ
այժմ
նորա
արդարութեան
վերայ
խօսիլ։
Ինչպէս
տեսար
ի
վեր
թէ`
մեղք
մեծնալով
տարածելով
կը
քանդէ
աշխարհ
եւ
ժողովուրդ,
եւ
նորա
վախճանը
դէպ
ի
կորուստ
կը
տանի,
այսպէս
նաեւ
արդարութիւն
կը
շինէ
եւ
կը
կանգնէ
ժողովուրդին
տուն,
քաղաք
եւ
երկիր.
եւ
ինքն
հոն
կը
հանգչի։
Արդարութիւն
ժողովուրդը
դէպի
կորուստ
չի
տանիր,
այլ
դէպ
ի
գիւտ,
դէպ
ի
փառաւորութիւն,
բարձրութիւն
եւ
անմահութիւն.
«Զի
արդարութիւն
մշտնջենաւոր
եւ
անմահ
է»։
Եւ
թէ
ի՞նչպէս
կը
լինի
որ
երկիր
մի
իւր
ժողովուրդով,
վարիչներով,
իւրաքանչիւր
կարգի
եւ
վիճակի
մարդիկ
մէն
մի
իւր
պարտուց
բաժին
արդարութեամբ
կը
գործէ,
դու
միտ
դիր
եւ
ես
կ»արճաբանեմ
քեզ։
Երբ
պետական
աթոռի
վերայ
նստող
թագաւոր
արդարութեամբ
կը
գործէ,
իշխանն`
իրաւունքով
կ՚իշխէ,
դատաւորն
օրէնքով
կը
դատի,
ժողովուրդն`
օրինաց
կը
հնազանդի։
Երբ
ընկերական
շահավաճառութեան
մէջ`
գինւոյն
մէջ
ջուր
չի
խառներ,
կամ
անփորձ
արծաթը
փորձեալին
տեղը
չի
ծախեր,
զոր
վերէն
կը
տեսնար
Աստուած
ու
կը
յանդիմանէր
Իսրայէլի
ժողովուրդը։
Այո՛,
արդարութիւն
զազգ
եւ
ժողովուրդ
կը
բարձրացնէ,
երբ
նա
ճշմարտութեամբ
պաշտէ
իւր
տէր
Աստուածը,
չկեղծաւորի
միայն
շրթամբք
պատուել
զայն.
եւ
երբ
նա
երախտագէտ
կը
լինի
իւր
պարգեւատու
Արարչէն,
եւ
չապերախտեր
ինչպէս
Իսրայէլի
ապաշնորհ
ժողովուրդ,
որոց
ապերախտութիւն
դատելով
Աստուած`
վկայ
կը
գոչէր
երկինք
եւ
երկիր.
ու
սրտառուչ
կերպով
կը
գանգատէր.
«Ծանեաւ
եզն
զստացիչ
իւր
եւ
էշ
զմսուր
Տեառն
իւրոյ,
եւ
Իսրայէլ
զիս
ոչ
ծանեաւ
եւ
ժողովուրդ
իմ
զիս
ի
միտ
ոչ
էառ»։
Արդարութիւն
կը
գործեն
ու
կը
բարձրանան,
երբ
քահանան
ու
ժողովուրդ
կը
կատարեն
եկեղեցւոյ
օրինաց
պարտքերը։
Քահանան
պաշտօնասօր
կը
լինի,
ժողովրդասէր
կը
լինի.
եւ
գիտութիւն
չի
մերժեր,
տեսուչ
հովիւն
ու
հօտ
կը
ճանչնան
զիրար.
մինն
անձնագիր
լինի,
արթնութեամբ
հսկէ
ու
հովուէ.
եւ
միւսն
կամակար
լսէ
նորա
ձայնին։
Այսպէս
երբ
ժողովուրդի
բոլոր
դասակարգութիւն
եւ
իւրաքանչիւր
անհատ
անձն
թէ
առ
Աստուած
եւ
թէ
առ
մարդիկ
իրենց
պարտքեր
կը
ճանչնան
եւ
Աւետարանին
քարոզած
ընկերական
օրէնք
լիովին
կը
կատարեն։
Ժողովուրդ
եւս
կը
բարձրանայ,
եթէ
Աւետարանին
եկեղեցւոյ
աւանդած
այդ
արդարութիւններ
գործելէն
յետոյ`
սիրէ
նաեւ
ճշմարիտ
քաղաքակրթութեան
յառաջդիմութիւնը,
որ
աւետարանի
քարոզած
ազատութեան
լոյսէն
լոյս
առնելով,
մարդկային
ընկերավարական
աշխարհ
կը
լուսաւորէ,
մարդ
իւր
հին
բարուց
բրտութենէն
կ»ազնուացնէ
եւ
դէպ
ի
կատարելութիւն
կը
վարէ։
Ես
գիտեմ,
դու
այս
մեր
ժամանակը
տեսնալով,
քաղաքակիրթ
աշխարհին
վերայ
կը
գայթակղիս,
երբ
կը
թողու
Աւետարանի
խաղաղութեան
դարը.
կը
թողու
արդարութեան
իրաւախոհութիւնը,
կռիւ,
սուր
ու
թնդանօթ
ի
գործ
կը
դնէ,
արիւնով
կը
լուանայ
կեանքը,
մահով
կը
գրաւէ
ժողովուրդին
որդիքները։
Այդ
մի
հարցներ
այժմ,
դորա
պատասխանը
շատ
դժուարին
ու
ընդարձակ
է.
դու
չգիտե՞ս
որ
նոյն
իսկ
քաղաքակիրթ
աշխարհ
իւր
հին
ոգիէն
փոխուելով
դեռ
զգօնացած
չէ,
եւ
այդ
սպանիչ
հրազէն
գործիքներն
իբրեւ
արդարութիւն
ի
գործ
կը
դնէ։
Ո՛վ
կը
լսէ
Քրիստոսի
խօսքին,
որ
կը
սաստէ.
«Սուրդ
ի
պատեան
դիր,
եւայլն»։
ող
գահեր,
թող
պետական
մարդիկներ,
նոյն
իսկ
ժողովուրդն
եւս
գահ
կը
սիրէ,
փառք
կը
բիրէ,
սուր
կը
սիրէ.
իւր
ընկեր
ժողովուրդին
վերայ
յաղթութիւն
կը
սիրէ։
Եւ
ես
չասացի
քեզ
թէ
արեւմտեան
քաղաքակիրթ
աշխարհին
մէջ
արդարութիւն
հանգուցեալ
է
տիրապէս։
Ո՛չ,
դեռ
նորա
մեղքեր
շատ
են,
դեռ
նա
կը
պահէ
հին
վայրենութեան
այն
մեծ
ահռելի
մեղքն.
եւ
ի՞նչ
է
այդ,
փոխանակ
խաղաղարար
արդարութեան`
խռովութիւն
եւ
արիւնագործութեան
արհեստ.
զի
երբ
զայրանայ`
իւր
հնարած
գերանդիներով
մարդոց
կեանքը
կը
հնձէ
ու
կը
բառնայ
աշխարհէն.
մարդոց
հոգիներն
ինքն
չէ
տուեր.
չգիտենք
թէ
ի՞նչ
իրաւունքով
կ»առնէ։
Տեսա՞ր,
արդարասէր
որդեակ
իմ,
թէ
քանի՞
զօրաւոր
է
արդարութիւն,
քանի՞
հզօր
ձեռնկալու
է
աշխարհիս
վերայ
այն
ազգերուն,
որ
զայն
կը
սիրեն
ու
կը
պահեն,
նոքա
միայն
օր
ըստ
օրէ
կը
բարգաւաճին
ու
կը
բարձրանան։
Իսկ
այն
ազգեր,
որ
արդարութիւն
կ»արհամարեն,
արդարութեան
ուղիղ
ճանապարհէն
կը
խոտորին,
պարտուց
եւ
իրաւանց
կշիռը
ոտնարելով
կը
խորտակեն,
մարդկութեան
շնորհ
ու
խղճի
գիտակցութիւն
կը
կուրցնեն,
աստուածպաշտութեան
կրօն
եւ
հաւատ
առ
ոչինչ
կը
համարին,
ահաւասիկ
այդ
ազգերու
սերունդ`
Աստուծոյ
արդարութեան
օրհնութիւն
կարող
չեն
ժառանգել։
Եւ
ի՞նչ
կը
լինին.
այդ
յայտնի
է,
թէ
հազար
տարի
եւս
ապրին,
թէ
աշխարհակալ
լինին,
թէ
գահերն
ամպերու
վերայ
դնեն,
ի
վերջոյ
արդարութեան
կայծակէն
զարնուելով
կը
տապալին
ի
գետին,
կը
խոնարհին
մինչեւ
գերեզմանին
խոր։
Ինչպէս
մի
մարդու
համար
ծնունդ,
աճումն,
մահ
եւ
գերեզման
կայ,
այսպէս
ազգերն
եւս
իրենց
գերեզմանն
ունին.
եւ
ահագին
վիհ
մի
է,
որոյ
մէջ
կը
ծածկուի
նոցա
յիշատակ։
Եւ
ի՞նչ
կը
թողուն
նոքա.
Եգիպտոսի
բուրգեր,
Բաբելոնի
աշտարակներ
եւ
Հռովմայ
կրկէսներ.
դոքա
պահ
մի
աշխարհիս
վերայ
կը
վերանան,
կը
բարձրանան
որպէս
Լիբանանու
մայրիներ,
զոր
անցաւ
տեսաւ
Դաւիթ,
եւ
ամբարիշտն
վերացեալ
եւ
բարձրացեալ
որպէս
զմայրս
Լիբանանի։
Անցի
եւ
ահա
ոչ
ոչ
էր.
խնդրեցի,
եւ
ոչ
գտաւ
տեղի
նորա»։
Այլ
եւս
հերիք
է,
որդեակ
իմ,
թողունք
ազգերու
մեղք
եւ
արդարութիւն,
շատ
յարմարագոյն
է
թէ
ասեմ,
մահ
եւ
կեանք։
Դու
ինքնին
անշուշտ
խելամտեցար.
թէ
այդ
երկուքին
սկզբնական
սերմեր
ժողովուրդի
անհատներէն
կ»սկսին
եւ
ցանուելով
ցանուելով
կը
տարածին
ազգութեան
երկրին
բոլոր
երեսը։
Եւ
դու,
որ
մի
ազգի
եւ
ժողովուրդի
անհատ
սերմիկ
եւ
զաւակն
ես,
մանկութեանդ
հասակէն
սկսելով
ուղղութիւն
եւ
արդարութիւն
սիրէ։
Ոչ
մտքէդ
եւ
ոչ
ձեռքէդ
երբէք
մի
թողուր
այդ
ուղղութեան
սուրբ
կշիռը,
որ
ընկերական
կեանքիդ
մէջ
կ»ուսուցանէ
քեզ
պարտուց
եւ
իրաւանց
կատարեալ
ճանաչումն։
Այդ
կշիռը
թէ
անարատ
պահես,
դու
աշխարհիս
վերայ
մուրացիկ
չես
լինիր.
Դաւիթ
կ»երաշխաւորէ.
«Մանուկ
էի
ես
եւ
ծերացայ,
եւ
ոչ
տեսի
զարդարն
արհամարեալ
եւ
ոչ
զաւակ
նորա
թէ
մորանայ
հաց»։
Քեզ
լաւ
իսկ
է
թէ
աղքատ
լինիս,
արդար
լինիս.
քան
մեծատուն`
սուտ
եւ
անրաւ,
ըստ
Սողոմոնի
առակին։
Նոյն
կը
խօսի
դարձեալ.
«Մեծութիւն
խռկեալ
անիրաւութեամբ,
պակասեսցի.
իսկ
որ
Աստուածպաշտութեամբ
ժողովէ
բազմասցի»։
Կը
փառաւորիս,
որդեակ
իմ,
թէ
նախանձաւոր
ու
հետեւող
լինիս
նախնի
արդարոց
շաւղին։
Թէ
Արիստիգէսին
պէս
ուրախութեամբ
վարուիս
կեանքիդ
մէջ,
անիրաւութենէն
խորշիս
եւ
արդար
անունը
թողուս
աշխարհիս
վերայ,
յայնժամ
քո
արդար
գործքեր,
քո
յիշատակ
կը
յաւերժացնեն
քո
հայրենի
ժողովուրդին
մէջ։
Եւ
քեզ
ի՞նչ
մեծ
փառք,
գիտե՞ս,
թէ
անունըդ
կենդանի
մնայ,
կարդացուի
միշտ
ժողովուրդի
կենդանի
սրտին
մէջ,
եւ
չը
լինիս
դու
այնպէս`
ինչպէս
կ»ասէ
Դաւիթ
«Եւ
կարդասցին
անուանք
նոցա
ի
հողս
իւրեանց»։