Նշմարք հայկականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա



ՊՐԱԿ Ա.

ՊԱՏԿԵՐ Ա, Բ, Գ
ԿԱՄՈՒՐՋ ԲԻՆԿԵԱՆԱՅ . ԾԱԿՔԱՐ.   ԱՆՑՔ ԵՓՐԱՏԱՅ

Հին աշխարհի թէ սրբազան եւ թէ քաղաքական կամ պետական պատմութեան եւ անցից մէջ՝ ամենէն գլխաւոր յիշատակուած եւ յիշատակելի գետն Եփրատ, մեր աշխարհին Բարձր Հայոց կամ Կարնոյ նահանգին եւ գաւառին արեւելեան Հիւսիսային ծայրէն բղխելով դէպ յարեւմուտս հարաւախառն կ՚իջնայ, եւ մեր ազգին բնակած ընդարձակ տեղուանքը երկու բաժնելով Մեծ եւ Փոքր Հայք անուամբ կը կտրէ իրարմէ: Եւ յիրաւի կը կտրէ. վասն զի Տօրոս  լերանց մեծ բազուկ մը՝ Անտիտօրոս ըսուած՝ այս սահմաններուս վրայ կը տարածուի, գետոյն հակառակ ընթացքով (յարեւմտեան հարաւոյ յարեւելեան հիւսիս)։ Եփրատ գետ մեր աշխարհին բարձրագոյն դաշտագաւառէն թափ ու թափ սահելով, քանի որ կ՚իջնայ՝ թէ ջրերուն շատութեամբը եւ թէ երկրին ցածնալով՝ ուժովնալով, այս երկու Հայոց սահմանաց մէջ՝ ամենէն աւելի ոյժ կը բանեցընէ, այդ անտիտաւրեան բնակառոյց պարսպաց հանդիպելով

Ժայռք եւ ջուրք դիմադէմ կամ մէջ ընդ մէջ կը զարնուին կը կռուըտին, եւ այն կակուղ ջուրերն պնդապինդ ապառաժ քարերու յաղթող կ՚երեւան. կը փորեն կը խորեն զանոնք, իրենց ճամբայ կը բանան, ի հարկէ ի սկզբան նեղ եւ դժուարին, զոր մեծամեծ ժայռք եւ կոշկոռք կարծես հակառակելով արգելուլ կը ջանան. Եփրատայ ալիքն ժամերով կը կռուին, ու փրփրալով քարէ քար զարնուելով փշրելով ու մրմռալով առաջ կ՚անցնին: Եփրատ աջ կողմէն Փոքր Հայոց) Գարապունար գետակն օժանդակ ընդունելով՝ ձախակողմը Մեծ Հայոց մէջ Պաշդաշ գիւղին դիմաց, խորաձոր յատակի մը վրայէն թաւալելով՝ կը հասնի ի Բինկեան քաղաքաւան Հայոց. անկէ անդին քիչ մը լայն հովիտ մը գտնելով կը սկսի զինքը ցուցընել. վասն զի ինչուան հիմայ ապառաժներն հարիւրաւոր ոտք բարձրութեամբ Եփրատայ երկու կողմէն պարսպի պէս բարձրացած են, ջուրն հազիւ կ՚երեւի մեծ խորութենէ իբրեւ վհի մը մէջ, սեւ սեւ շարժելով. անոր համար ալ Եվրատ մինչեւ հոս Սեւ ջուր կ՚անուանի։ Այս խորերուն վրայ կը նայի Բինկեան՝ քարաժայռերու վրայ հաստատուած դժուարակոխ տեղ մը, որուն կը յաղթէ բարձրակախ փայտաշէն կամուրջով մը, զոր կը տեսնենք  այս պատկերիս մէջ (պատ. Ա. ). եւ ի Կարնոյ սկսեալ այս երրորդ կամ չորրորդ կամուրջն է երիտասարդ Եփրատին վրայ ձգուած. որոց նման մէկ մ՚այլ կայ Ակն քաղքէն քիչ մը վար, բայց ամենէն աւելի տեսօքն է այս Բինկեանայ կամուրջս իր դժուար եւ խոժոռ դրից համար, եւ գետոյն սաստիկ հոսանացը: Վասն զի Ակնայ մօտ գետն կը սկսի քիչ մը հանդարտիլ. բայց դեռ չազատիր լերանց եւ քարանց բռնութենէն, մինչեւ ի Կապան քաղաք (Քէպան–մատէնի), կամ՝ մինչեւ ի Մելիտինէ (Մալադիա), ի Տլուք (Դիլէք) եւ կարկառ. ուր ձանձրանալով իմն քարերու հետ կռուելէ՝ կը թողու իր բռնած ընթացքը. եւ որ առաջ կարծէր թէ Սիհունի եւ Ճիհունի նման Միջերկրական ծովը թափիլ կ՚ուզէր, անկէ ոչ շատ հեռու՝ յարեւելս դառնալով լայն եւ ընդարձակ դաշտերու եւ աշխարհներու մէջ կը մտնէ, յԱսորիս, յԱսորեստան եւ ի Բաբիլոն, ուր եւ Տիգրիսի հետ գործելով զՄիջագետս, հուռթի եւ յաղթական ալիքներովն՝ վերջապէս կը միանայ իր դաշնակցին (Տիգրիսի) հետ, եւ ինչուան հին Պարսից եւ Արաբիոյ սահմանները մօտենալով Պարսկային ծովածոցին մէջ կանհետանայ

Տեղւոյն վայրենախառն կամ ահեղագեղ դիրքն, շինուածոց ընդարձակութիւն եւ բնակչաց բազմութիւնն՝ ինքնին կը վկայեն որ Բինկեան կամ Բենկեան կամ Բետկեան եւ Բինեան (վասն զի այս ամեն կերպով ալ գրուած կայ) նշանաւոր սկիզբ մը կամ հիմնադիր մ՚ունեցած պիտի ըլլայ, եւ Հայոց իսկատիպ եւ սեփական բնակութեանց մէկն. թէպէտեւ պատմութեանց մէջ չի գտնուիր այս անունս, եւ տեղւոյն դժուարութիւնն ալ շատ հիւրընկալ չէ եղած օտարաց եւ ուղեւորաց՝ յԵւրոպացւոց մեզի ծանօթ է Հէլ Գաղղիացին, որ 1847ին գիշեր մ՚անցուց հոս, եւ անցաւ գնաց յԱկն, թողլով մեզի այս երեք պատկերները, Բինկեանայ կամուրջը Եփրատ գետոյն վրայ տկալաստով անցքը Կապանայ մօտ, (պատ. Բ. ) եւ Ծակքար ըսուած քարակտուր լեռնանցք։ 

Այսպիսի քարաձորոց մէջ դարձ ի դարձի վազող գետոյ մը վրայ ի հարկէ դժուար նաեւ անկարելի է նաւարկել, բայց կողմէ կողմէ անցնիլն հարկաւոր է  միշտ. իսկ Բինկեանայ պէս կամուրջ ձգելն՝ ոչ դիւրին. հարկն հնարած է կարելի միջոց մը անցուդարձի, որ է Տկալաստ, յայլազգեաց Քէլէք ըսուած, որ հազարաւոր տարիներէ վեր Եփրատայ եւ Տիգրիսի վրայ կը բանի, եւ գուցէ մեր հին Հայկազն նախահարց հնարքն է, կամ նահապետաց մարդկութեան: 30 կամ 40ի չափ (եւ ալ աւելի) ոչխարի մորթ տիկ հանած՝ իրարու կը կապեն, վրան ծառոց ճիւղեր կը ծածկեն, ալ վրան այլ թեթեւ տախտակներ կը տարածեն եւ կ՚ամրացընեն, կը ձեւանայ տկալաuտ, մարդիկ եւ բեռինք, եւ երբեմն գրաստք ալ վրան կը կենան եւ անդընդախոր գետոյն կողմէն կողմը կ՚անցնին: Կրնայ երեւակայուիլ որ որչափ ալ ապահով ըլլայ այսպիսի գետանցք մը՝ դեռ բաւական ճարտարութիւն եւ զգուշութիւն պէտք է անանկ խորտուբորտ խարակաց եւ ցցուած ժայռից միջէն, եւ այնքան ջրոց հոսանաց բռնութեան դէմ անցնելու համար, ոչ անոնց զարնուելով եւ ոչ ասոնցմէ քշուելով նպատակէն դուրս եւ չատ հեռու: Նոյնպէս կըրնայ գուշակուիլ թէ որքան զարմանալի եւ ախորժախառն վախով զուարճալի պիտի ըլլայ անցքն՝ բնութեան եւ շինութեան դիտող աչաց, այսպիսի ճամբու մը վրայ, կամ վհի մը մէջ. ուր տեղ տեղ՝ գետոյն դարձուածքներուն պատճառաւ՝ միայն լճաձեւ կամ ձագարաձեւ միջոց մը կ՚երեւի, ամեն կողմէն ահեղ ժայռերով եւ քարերով պատած, որք վար թափիլ կը սպառնան. եւ բաղդ մը կը կարծուի՝ նեղ անցք մը գտնելն. բայց տեղ տեղ ալ տափակ տեղուանը կ՚երեւան, որոց վրայ երբեմն մշակութեան նշանք ալ, ծառք եւ պարտէզք եւ ցրուած տուներ եւ նաեւ գեղեր. աւելի հիանալի կ՚երեւան երբեմն լերանց ճեղքածքէ՝ իբրեւ վերցուած վարագուրի կամ երկփեղկ դրան մը բացուածքէն՝ ընդարձակ դաշտի կերպարանքն, ագարակներ եւ շէնքեր։ Թողունք գետոյն մշտաձայն խոխոջանքը, զոր կ՚աւելցընեն երկու կողմերէն՝ երկու Հայաստաններէն եկած գետակներու եւ լեռներէն իջած աղբիւրներու վիժանք, որք մօտէն եւ հեռուէն վազվըզելով կու գան իբրեւ իրենց մօրը գիրկն ինկնալու։ Աւելի զարմանալի կ՚երեւան վարէն՝ այն լերանց կամ ափափայ քարեղէն պարսպաց ափունքներուն վերեւը շարժող կենդանին եւ մարդիկ. վասն  զի հարկ է որ այնպիսի տեղուանքէ անցնին դէպ ի Կապան երթալու գալու համար, եւ երբեմն ալ աւելի խոր թափանցելով լերանց կիրճերու եւ խոռոչներու մէջ

Այսպիսի անցքերու մէջ նշանաւոր է Բինկեանայ եւ Ակնայ միջոց՝ Շռզի գեղին մօտերը՝ Ծակքար ըսուած լեռնանցքը, Տէլիք կամ Տէլիքլի–դաշ, ըստ Թուրքաց (պատ Գ. ).   որ է կրաքարուտ լերան պատառուած մը` իբրեւ հինգ մեղրաչափ լայնութեամբ, որուն ստորոտը կը թափին լերան վերի սարերէն իջած ջրերն մեծ շառաչմամբ: Քսան վայրկենի չափ հարկ է լերան ոլոր մոլոր կրճին դարձուածքներուն մէջ պըտըտիլ, ելնելով կամ իջնելով, եւ մեծ զգուշութեամբ ու վախով. վասն զի թէ տեղւոյն բարձրութիւնն, թէ նեղ ու սաբուն գետինն, եւ թէ չորս կողմի անդունդներն եւ սահանաց ձայնքն՝ գլխու պտոյտ եւ սրտի սարսափ կըրնան բերել այնպէս որ անցնողներէն ոմանք՝ իբրեւ մեծ վտանգէ ազատած՝ ուրախութեան ձայներ եւ հրացաններ կ՚արձըկեն՝ երբ կըրճէն դուրս ելնեն։ 

 

  ՊԱՏԿԵՐ Դ, Ե, Զ 
ԿԱՐՆՈՅ ՔԱՂԱՔ. ՉԻՖՏԻ-ՄԻՆԱՐԷ. ՄՈՂՐՈՎ ԱՊԱՐԱՆՔ  

Մեծ Հայք կամ բուն Հայաստան աշխարհ մեր՝ իր բնիկ տերանց իշխողութեան ատեն 15 փոքր Աշխարհ կամ Նահանգ կը բաժնուէր, իւրաքանչիւր առանձին Նախարարի մը կառավարութեան տակ, եւ զանազան գաւառներ բաժնուած, որք իրենց յատուկ գաւառապետը կամ իշխանը եւ դատաւորն ունէին։ Այս 15 աշխարհաց առաջինն էր Բարձր Հայք, Հայաստանի արեւմտեան Հիւսիսային ծայրը՝ իր առաջին եւ գլխաւոր գաւառն ալ էր Կարին, որոյ անուամբ շատ հեղ աշխարհն ալ կը կոչուի իսկ իր քաղաքն ալ՝ Կարնոյ-քաղաք կը կոչուէր, կամ՝ Թէոդոսուպօլիս։ Հիմայ դիւրութեան համար սովոր ենք քաղաքն ալ գաւառին անուամբ Կարին կոչել հայերէն բայց սովորաբար այլազգի անուամբ կը լսուի Էրզիռոմ, եւ Օսմանեան Հայաստանի մայրաքաղաքն է, ինչպէս երբեմն ալ Յունական Հայոց։

Կարնոյ դաշտն՝ թէ իր երկրին վերիվայրութեամբը, թէ ընդարձակութեան մէջ ցրուած շէնքերուն տեսուածքով, բարձր տեղէ մը նայողին՝ ծովու կերպարանք մը կ՚ընծայէ, որուն ալեաց վրայ շարուած են մակուկաձեւ գեղերն. եւ իբրեւ անփոյթ խորշի մը մէջ՝ Հարաւային արեւելեան լերանց անկիւնը քաշուած է մեծազանգուած նաւն, Կարնոյ նաւաքաղաքն, որուն բարձրածայր կայմն կամ՝ կանթեղակիր  աշտարակն է Թէփսի-միւնարէն. որ եւ շատ ժամերով հեռուէն կ՚երեւի. վասն զի արդէն քաղքին դիրքն բարձր է, բերդն եւ միջնաբերդն աստիճանաբար աւելի բարձր են. այս ետքինիս մէկ կողմէն ալ վեր կը բարձրանայ այն աշտարակն՝ իր յատուկ 100 ոտք բարձրութեամբն. ձեւն բոլորակ, երկու չափ (մեդր) տրամագծաւ. ներսէն քարուկիր, դրսէն կանաչ աղիւսներով պատած, բռած ու փայլուն. գլուխն տախտակամած ափսեաձեւ, անոր համար թէփսի կոչուած, շրթունքն կարմիր աղիւսներու շարքով բարձրաքանդակ կամ դուրս ցըցած արձանագրութիւն մը ձեւացուցած է արաբացի լեզուաւ, քիւֆի տառերով, Ապտիւլ Գասիմ տոհմէ Մուզաֆֆէր պէկ անուամբ կուսակալի մը, ԺԲ դարու մէջ. գագաթը՝ երեք ու կէս դար է՝ կը ծածանի օսմանեան լուսանիշ դրօշն։ Այս օդակտուր բարձրացեալ կայմաշտարակը տեսնողն՝ ի հարկէ Կարնոյ ծովադաշտէն կը դիմէ անոր նաւաքաղաքը, որ արդէն գրեթէ 6000 ոտք բարձր է Պոնտոսի երեսէն, 100 մեդրի չափ պակաս քան զանուանի լեռնանցքն Մոն–Սընի, եւ 40 քան զՍեմբլոնին, եւ նոյն չափ բարձր քան Սբլիւկէն՝ որ  Զուիցերիի եւ Իտալիոյ միջի անցքն է։ Այսպիսի բարձր դրիցն համար՝ ի հարկէ Բետրպուրկի պէս ալ ցուրտ կը զգայ Էրզիռում [1]. մինչ իր աշխարհագրական դրիցն նկատմամբ՝ պէտք էր ոչ միայն քան զԿ. Պօլիս եւ զՏրապիզոն տաք ըլլալ, այլ եւ աւելի քան զՀռոմ եւ զՆաբոլի. վասն զի ասոնցմէ ալ աւելի հարաւագոյն, կամ՝ երկրիս հասարակածին մօտ է. ուրեմն երկար եւ սաստիկ ձմեռ ունի, բայց չոր եւ պայծառ օդով. սքանչելի բարեխառնութեամբ գարուն եւ ամառ մը, որ կանաչով, ծաղիկներով, արմտեօք եւ բանջարեղինօք կը զարդարեն կը վայլեցընեն, եւ սիպերիական ամայութիւնը վայելուչ դրախտ կը դարձընեն : Մօտենանք անվախ. եւ ահա մէկ բարձր կայմաշտարակին տեղ՝ կը սկսին հարիւրաւորք երեւան գալ, եւ ծովագոգի մը ծոց բռնուած նաւերու կերպարանք կ՚առնու տեղին. եթէ մօտիկ ջաղացքներուն բազմութիւնը, անիւներուն այլանդակ դղորդմունքը եւ դարձուածքը, եւ ի պաշտպանութիւն քաղքին՝ հողաբլրոց վրայ կանգնած տասնեակ եւ աւելի մարտկոցներ ու բաղխոցներ (Թապիա) ալ նկատես, հանդերձ բերդերուն կրկին պարիսպներովը, քաղքին կրկին խարամներովը, 12 դռնաձեւ կամուրջներու ձգուածովը (Ճէպիռ գափուլար), արդարեւ մեծադիր, հիացուցիչ տարօրինակ, նշանակերպ տեսարան մը կ՚ելլէ հոն, զոր դիւրին չէ զանց ընել, թողուլ դառնալ:

Արդեօք որչափի հին դարերէ ընտրուած էր այս տեղս՝ Կարնոյ քաղաք, գաւառին, աշխարհին եւ բոլոր արեւմտեան Հայոց գլուխ ըլլալու, չեմ գիտեր. բայց ասկէ 1440 տարի առաջ կայսրն Յունաց ընտրեց այն տեղը իրեն բաժին ընկած Հայաստանի մայր եւ ամուր քաղաքն ընելու. անշուշտ Անատօլեայ շինած Թեոդոսուպօլիսն հիմակուան բերդաքաղաքն է, բոլոր շէնքին արեւմտեան հարաւային կողմը, երկայն քառանկիւնի ձեւով, եւ երկու կարգ պարսպով, որոց  միջոցն Հիսար-պիչէն կ՚ըսուի։ Այս պարիսպներս որ 72 աշտարակներով կը կանգնին, ինչպէս Բիւզանդացւոց շինած բերդաքաղաքներէն շատն, իրաւ շատ անգամ՝ ծեծուեր, քակուտեր, նորոգուեր են, բայց դեռ նախնական շինուածին մասն եւ ձեւն ունին. որուն գլխաւոր նշանն էր՝ դրսուանց նաւաgռուկի նման ժայռերով կամ՝ քարերով ցցուած ըլլալն, որպէս զի թշնամեաց դիւրաւ մօտենալի եւ բռնելի չըլլայ: Ինչպէս որ քաղքին հիմերն ալ ներսէն դէպ ի դուրս փորաձեւ մը բարձրացուցին, որ չկարենան նաղմափորք դիւրաւ հիմը գտնել եւ քանդել։ Արեւելեան եւ արեւմտեան երեսներուն աշտարակներն բոլորաձեւ շինուեցան, հիւսիսային եւ հարաւային կողմանցն՝ գոգաձեւ եւ ժայռաձեւ. եւ ահա թէ ասոնց եւ թէ պարսպաց ցցուած ցռուկներուն կամար՝ այն ատենն ալ Նաւաքաղաքի նմանութեամբ եւ կոչմամբ ճանչցուած էր Քաղաքն Կարնոյ։ Բերդաքաղաքին արեւելեան հարաւային անկիւնն է միջնաբերդն (Իչ-գալէ) բարձր դիրից վրայ, աւելի բարձրագոյն պարիսպներով. որոց հարաւակողմը կանգնած էր բարձրագոյն աշտարակն Թէոդոս անուամբ յանուն կայսերն, որ տեղ է հիմայ վերոյիշեալ Թէփսի մինարէն, եւ որոյ խարիսխն կը ցուցընէ հին շինութիւնը։ Բերդաքաղաքին չորս դին կը պատէ խոր խրամ. անկէ դուրս կը տարածուին արուարձաններն, որ դրսուանց քաղքին հնգակողմն երեւոյթ կու տան, եւ երկու երեք ժամ՝ կը տեւէ շրջապատիլն. բայց ասոնց չորս դին ալ խրամներ կան, որոնք վերոյիշեալ Ճեպիռ գափու կամուրջներով ներս կը տանին. անկէց ալ ներս անցնելու համար ուրիշ կամուրջներ եւ չորս դռներ կը գտնես. ուր կը հրաւիրեմ հետեւողս ներս մտնելու եւ պտըտելու ու դիտելու, ինչ որ ինծմէ առաջ շատերն նկատեր ու նկարագրեր են, իբրեւ մնացեալ նշանաւոր շէնք՝ այս հիմայ նուազեալ, բայց միշտ մեծ քաղաքին


Ի հարկէ դիտելի բաներէն պիտի ըլլան Չիֆտէ-մինարէն, Թէփսիին մօտ, իր ջուխտակ գեղեցիկ սիւնանման շերտաձեւ կիսակատար աշտարակներովն, կարմիր, կանաչ, կապոյտ, սեւ աղիւսներով, քիւֆի գրով եւ պարսիկ լեզուով հին արձանագրութեամբ մը՝ գրուած յամին Քրիստոսի 962 . աշտարակաց միջոց բարձրակամար եւ բազմաքանդակ դուռն իբր 50 ոտք բարձր. կարդացողաց երկկարգ 40 սենեակներն, եւ անոնց ծայրն եղած տաճարաձեւ Իմարէդ սենեակն կամ շիրիմն, որուն սքանչելի մանր քանդակները քակեր տարեր են Ռուսք՝ քաղաքն առած ատեննին, յամին 1829։ Ուլուճամի մեծ մզկիթն, եւ մեծ շինուածն՝ 50 չափի երկայնութեամբ եւ 40 լայնութեամբ, եօթն կարգ սիւներով 28 կամարասեանց վրայ, որոնց վրայ կ՚ամբառնար մեծ գմբէթ մը, իսկ հիմայ տախտակով պատած է. ի սկզբան ի՞նչ բանի  համար շինուած էր այս տեղս, ես չիմացայ Չինիլի–մինարէ՝ Երզնկայի դրան մօտ. եւ անոր քով քարաշէն Մուղրօ–սէրայ կամ Մողրով տեղն, բազմաքանդակ դուռով մը, որուն համար ոմանք ըսին թէ Մուղրօ անուամբ Եզիտի մը պալատ էր, որ իսլամը յանձն առած ըլլալով՝ սպանուեցաւ իրեններէն։ Թօփհանէ, մեծ քառակուսի շէնք մը, որ անշուշտ հին եկեղեցի մ՚էր, ինչպէս նաեւ մզկիթներէն շատն, որ բերդաքաղքին մէջ 30 հատ կան, իսկ բոլոր քաղքին մէջ ատենօք 200 հատ կը համարուէին: Շէն եկեղեցիք հիմայ քիչ եւ նորաշէն են, մէկ մէկ հատ Հայոց, մատուռ մը Յունաց, եկեղեցի մը լատինացի կնկըղաւոր կրօնաւորաց։ Ասոնցմէ վերջը դիտելիք են վաճառանոցքն, կտաւանոցք, կարաւանատունք եւ իջեվանք 40ի չափ, բաղնիքներ, բազմաթիւ աղբիւրներ, գմբեթաւոր շիրիմներ, գործարանք գինուց, մորթեղինաց, ձիու կազմածոց, պղնձէ ամաններու, եւ այլն։ Պարսպաց վրայ կ՚երեւին տեղ տեղ մնացորդք յոյն եւ հայ արձանագրութեանց, քանդակք եւ խաչվէմք, բայց քիչ։ 

Պէտք չէ մոռնալ քանի մ՚ուխտատեղիներ ալ որոց գլխաւորն է Սահակայ եւ Յովսեփայ հանգստարանն Ուլուճամիի մօտ, եւ անոնց Նահատակի աղբիւրն, զոր Ապու-սախ կ՚անուանեն մահմետականք, իրենց մէկ տանը մէջ ըլլալով, Դավրիժու դրան մօտ։ U. Թորոս, Ս. Մինաս եւ Քառասուն Մանկունք, եւ այլն: Հայոց եկեղեցւոյն հին Ս. Աստուածածին մատրան քով ալ կայ Գէորգ նահատակին գերեզմանն։ Այս մատրան քով էր կ՚ըսեն հին եկեղեցին՝ ուր Եզր կաթուղիկոս Կարնոյ ժողովքն ըրաւ յամին 632, Հերակլ կայսեր հրամանաւ։ Մահմետականաց պատուած գերեզմաններէ 30 հատ մը կան բերդին մէջ. կոնաձեւ գմբէթներով. քաղքէն դուրս ալ արեւելեան դրան դիմաց՝ Կիւմիւշլիւ Գիւմբէթ ըսուածներն, որոց մէջ շատ գեղեցիկ էր մէկ մը 15 ոտք բարձր, ութանկիւնի, փայլուն քարերով, չորս կամարաւոր դռներով, բայց մէջը դատարկ ու անխնամ թողուած. (Հոս անցողաբար պետք է զգուշացընեմ՝  պտըտողը՝ քաղքին մեծամեծ շանց բազմութենէն, որք մանաւանդ գիշերը շատ ահարկու են, կէսօրն ալ ականջ կը խլացընեն հաջմունքով)։ Քաղքին երեսէն եւ միջէն պակաս զարմանալի չեմ կարծեր, գուցէ եւ շատ աւելի՝ իր ներքին յատակն, (որովհետեւ արտաքինն շատ մաքուր չէ, եւ փողոցներն այլ բաւական լայն չեն). իսկ ներքին յատակ ըսելով՝ կ՚իմանամ գետնին տակը, ուր հին քաղքին շինողք՝ անոր ամրութեան եւ պիտոյից համար ճամբաներ շինած էին, թէ ջուր բերելու, ինչպէս որ կը վկայեն աղբիւրներն ալ ինչուան հիմայ, թէ խոտ բերելու Շամբէն, եւ թէ զօրաց ելումուտի համար։ Գուցէ այն շինուածոց մասնակից էին Կիւմիւշլիւ գմբէթից քով եղած Աղլան–Վէրան բլրին մէջ փորուածքն եւ բաւղաձեւ փողոցներն. որոյ քով կար հին մեծ շինուածք մ՚ալ, որուն դռները իրենց հռովմէական արծուեաց քանդակներովը՝ թռուցին Ռուսաց արծուիներն մինչեւ Ֆինլանտիոյ ծովածոցը: Այս նոր արծուեաց բերածէն ետեւ Կարնոյ քաղաքն շատ նուազեցաւ շինութեամբ եւ բնակութեամբ. այն պատերազմէն առաջ՝ 20, 000 տուն մահմետական կար 3500 տուն Հայ. ատենօք ինչուան 40, 000 տուն բնակիչ կը յիշուի. հիմայ այն տուներուն թուով են բնակիչքն, կամ քիչ ավելի. ըստ ոմանց 70, 000ի կելլեն բոլոր բնակիչքն, որոցմէ մեր ազգայնոց թիւն 5000ի չափ ըլլայ: 20 տուն մ՚ալ Բոշայ կայ, որք թէ եւ մէկալ անծանօթ բոշայից ցեղակից կ՚երեւան, բայց բարեկիրթ են եւ քրիստոնեայ, եւ Հայոց սովորութեանց եւ լեզուին հետեւողք։

Կարնոյ քաղքին եւ այս իր շէնքերուն պատկերները՝ 1859ի մեծ գետնաժաժէն առաջ առնուած են։


 

  ՊԱՏԿԵՐ Է.
ՀԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻ ՀԱՅՈՑ ՅԱԽԱԼՑԻԽԷ 

Ախալցիխէ` Վրաց լեզուով Նոր-բերդ, ըսել է, եւ յայտնի է անուամբն՝ որ աւելի Վրաց քան Հայոց քաղաք եղած է հին ատեն, եւ ստուգիւ՝ ոչ ասոնց եւ ոչ անոնց, այլ Մեսխք ըսուած կովկասեան ժողովրդեան մը, որոց երկիրն՝ ընդ մէջ Եգերաց, Հայոց եւ Վրաց՝ նոյնպէս կոչուէր, ի Վրաց՝ Սա–Մցխէ, որ է Երկիր Մեծխաց. այս անունս արեւմտեան ազգք Մոսք կամ՝ Մոսոք կը գրեն, որ եւ Ս. Գրոց յիշած Յաբեթի Մոսոք թոռան համաձայն է, եւ հաւանօրէն այն նահապետին նախ բնակած երկիրն է։ Կովկասեան ազգաց մէջ Վիրք ամենէն յառաջադէմ ըլլալով՝ տիրեցին Մեսսաց ալ, իսկ Հայք գուցէ միայն իրենց ամենէն աշխարհակալ թագաւորաց ատեն. թէ եւ Բագրատունեաց իշխանութիւնն ալ ինչուան այս կողմերս մօտեցաւ, գոնէ ասոնց ատենէն սկսած է հոն Հայոց գաղթականութիւնն, որ մօտ ատեններս աւելի շատցաւ. այսինքն երբ (1828) Ռուսք առին յՕսմանեանց այս գաւառներս՝ անոնց  հետ առած Կարնոյ եւ Կարսի գաւառներէն տեղափոխելով զՀայս, բազմութիւն ալ այս Մեսխաց կողմերը ցրուեցին, բնականապէս շատք եկան ի գլխաւոր քաղաքն Ախալցիխէ, սակայն ասիկայ պատերազմի ատեն ռմբակոծութեամբ մեծապէս աւրուած ըլլալով, իր միջէն անցնող համանուն գետոյն հարաւային կողմը նոր քաղաք կամ աւան մը պէտք եղաւ շինել Հայոց, ուր եւ բնակեցան. եւ հիմայ Ախալցիխէի (որ ռամկօրէն Ախըլսխա կամ Ախըսխա կ՚ըսուի) 15 կամ 16000 բնակչաց մեծագոյն մասըն Հայազգի է. մնացածն Վրացի, քիչ մալ Թուրք եւ Հրեայ:

Նոր գաղթականք Հայոց գտան յԱխալցիխէ իրենցմէ առջիններուն քանի մը սերունդքը, եւ անոնց ալ նախնեաց յիշատակարանները, որոնց գլխաւորքըն են երկու հին եկեղեցիք, U. Խաչ եւ Ս. Յովհաննէս, որոց մէկն աւելի աւրուած էր քան զմիւսն. եւ ահա աւելի շէն եղածին պատկերն է այս. Հայոց միջին դարու եկեղեցեաց սովորական ձեւով, եւ ոչ այնչափ սրածայր կաթուղիկէիւ կամ գմբեթաւ, որ բաւական հնութեան նշան է։ Եկեղեցւոյն չորս կողմըն ալ Հայոց գերեզմանք կան, իրենց հին ոճով, այսինքն խոյակերպ քարերով եւ խաչարձաններով։

 

  ՊԱՏԿԵՐ Ը.
ԱԶՂՈՐ ԿԱՄ  ԱՍԿՈՒՐԷԹ 

Մեսխաց աշխարհին եւ հիմկու Ախալցիխէ գաւառին վիճակներէն մէկն ալ է Թուրքաց Ազղուր կոչածն, որ եւ Ածղոր, եւ ըստ Վրաց Ածխուի, իր բերդաքաղաքին անուամբ. որուն հիմնարկութիւնն բաւական ալ հին պիտի ըլլայ. որովհետեւ ոչ միայն ի Վրաց, այլ եւ ի մեր պատմչաց կը յիշուի ի սկիզբն Ժ դարու՝ Ասկուրէթ կամ՝ Սակուրէթ կոչմամբ. ուր այն ատեններն եկաւ ապաւինելու մեր Բագրատունի քաջ թագաւորն Աշոտ Երկաթ, 250 կտրիճներով. որոց հետ յարձըկեցաւ եւ հալածեց 4000 մարդ՝ զոր երկու Գնունի եղբարք իր վրայ բերեր էին, եւ կորակոր դարձուց: Նոյն դարուն վերջերը՝ Դաւիթ կուրոպալատ Տայոց՝ այս բերդս ընծայեց մեր Սմբատ Տիեզերակալ թագաւորին, ի վարձ իրեն տուած օգնութեանը

Ազղոր Կուր գետոյն աջ կողմը կառուցած է, բարձր եւ պաշտպանութեան յարմար դիրքով. բերդն ալ բաւական ամուր է, եւ դեռ մէջը կը գտուին հին շէնքին մնացորդք, վրացերէն արձանագրութիւնք, եւ ճլամպուլա մը, այսինքն քարակուր ճամբայ գետէն վեր ջուր բերելու համար։ 

Բերդէն աւելի անուանի է Ազղորի Տիրամօր ուխտատեղին՝ ըստ աւանդութեան վրաց Անդրէաս առաքեալ հոս բերած է Ս. Աստուածածնի պատկեր մը, եւ հրաշագործ բժշկութիւններ ընելով՝ տեղւոյն կռատունը կործաներ եւ եկեղեցի մը շիներ ու պատկերը հոն դրեր է, կ՚ըսեն այլ թէ մինչեւ Հերակլ  կայսրն ալ ուխտի եկեր է հոս, եւ քակելով եկեղեցին՝ նոր եւ մեծ եկեղեցի մը շիներ է, անոր համար առջինն ըսուեր է Ծուէլ-Էկլեսիա (Հին եկեղեցի), եւ եպիսկոպոս ալ հաստատուեր է հոն: ԺԳ դարուն վերջերը մեծ ժաժէ մը կործաներ է եկեղեցին, եւ գմբէթն՝ կ՚ըսեն, իջեր հովանիի պէս ծածկեր է սուրբ պատկերը: Նորէն կանգներ են եկեղեցին, եւ նոյն պատկերը շատ հեղ գերութենէ կամ՝ գողութենէ դարձուցեր են հոն՝ տեղւոյն իշխողք, ծանր ծանր գնով, ինչուան ԺԶ դարուն վերջերը։ Անկէ ետեւ այլազգիք տիրելով տեղոյն՝ եկեղեցին ալ կործաներ է, պատկերն ալ անյայտ եղած է։ Հիմայ կու մնան միայն եկեղեցւոյն աւերակներն, որոց վրայ կ՚երեւան ճարտարապետութեան եւ նկարչութեան գեղեցիկ նշաններ։

Ասկէ դար մ՚առաջ (1770) երբ Վրաց Հերակլ թագաւորն այլազգիները զարկաւ յԱզղոր, առաջին անգամ էր որ Ռուսք իրեն նիզակակից՝ այս կողմերս եկան, իսկ երբ Ախալցիխէի տիրեցին, Ազղորն ալ անոր վիճակ մ՚եղաւ

 

  ՊԱՏԿԵՐ Թ.
ՎԱՐՁՈՒՆԻՔ 

  Այս անունս թէ եւ մեր պատմութեանց մէջ շատ ծանօթ չէ, սակայն մեր Գուգարաց աշխարհին մէջ՝ է, եւ անոր Ջաւախք գաւառին, հիմկու Ախալ–քէլէք քաղքին սահմանը, անկէ 4 կամ 5 ժամ հեռի: Գուգարաց աշխարհքն՝ որ Գովգ յաբեթական նահապետին բնակութեամբ եւ անուամբ կոչուած է, կուր գետոյն գեղեցիկ հովտաց ձորոց եւ լերանց ընդարձակ երկիր՝ ընդ մէջ Հայոց եւ Վրաց, եւ մեծագոյն մասն ասոնց վիճակ ընկած է, ինչպէս որ տեղեաց անուանքն եւ շէնքերն ալ կը վկայեն։ Այս շինից մէջ ամենէն զարմանալեաց մէկն է Վարձունիք ինչպէս կոչեն Հայք. վասն զի կ՚երեւի թէ նախ ի Վրաց կամ ի հին Գուգարաց ազգէն շինուած է, բովանդակ քարալերան մէջ կտրուած եւ փորուած. որոյ նման ուրիշ քաղաքներ ալ կան այն կողմերը, ինչպէս Ուփլոս–ցիխէ ըսուածն: Հաւանօրէն այս տեղս առաջ ամրութեան եւ պաշտպանութեան համար շինուեցաւ, գուցէ Վարդ անուամբ մէկէ մը, վասն զի ի սկզբան Վարդ–ցիխէ (Վարդաբերդ) կոչուած է, եւ աւրուելով Վարձիա, ինչպէս ինչուան հիմայ կոչուի. այսպէս կոչած են մեր պատմիչք ալ, նաեւ Վարձառունիք կոչելով։ Վրաց Գէորգ թագաւորն ԺԲ դարուն կիսէն ետեւ այս քարափոր քաղաքին կամ քարայրերուն աւելցուց մեծաշէն  վանք մը, եկեղեցի մը եւ պալատ մը, ամենն ալ՝ նոյնպէս քարակտուր. միայն եկեղեցւոյն ճակատն տաշած քարերով շինած։ Իր դուստրն մեծահռչակ թագուհին Թամար՝ կատարելագործեց հօրը սկսածը, զբօսանաց ապարանք մը շինելով եւ եկեղեցին զարդարելով. ուր եւ թաղեցաւ ինքն եւ հայրն եւ ուրիշ շատ իշխանազունք։ Անկէ ետեւ ալ աւելի հռչակեցաւ տեղն, որ հիմայ աւերակ է, բայց զարմանալի աւերակ. գրեթէ երկու տակ քաղաք կամ բնակարանք. նոյնպէս ալ երկու եկեղեցի, մէկն մէկալէն 60 ոտք բարձր. անոնց մօտ ուրիշ հին եկեղեցիներ եւ մատրանք, որք թէ եւ իրարմէ աւելի պակաս աւրուած են, սակայն ամենն ալ զարմանալի եւ ճարտար քանդակներ ունին, նոյնպէս նկարէն պատկերներ պատերուն վրայ, որոց մէջ Գէորգայ եւ Թամարայ ալ` սրբոց լուսապսակներով. բերդի եւ բնակարանաց մնացորդք ալ կան: Աւելի զարմանալի են Գէորգ թագաւորէն առաջ շինուածքն, ինչպէս եկեղեցիք, որոց մէջ շատ յունարէն արձանագրութիւններ կան, ինչուան ԺԵ. դարու սկիզբները. հաւանօրէն անկէ ալ հին յիշատակներ  պիտի ան. գոնէ մեր պատմչաց եւ աւանդութեանց յիշածն աւելի հին է։ Մեր մէջ յիշուած հրաշալի խաչերուն մէկն է Վարձունեաց խաչն. որոյ համար կ՚աւանդեն զրոյցք՝ թէ դրախտի ծառոյն մէկ ճիւղն է, զոր Ս. Մեսրովպ ուրիշ խաչի մը մէջ մատուցեր դրեր է. ճիւղը տուողն ալ Ս. Աստուածածինն է եղեր, անոր համար Վարձունեաց Աստուածածին ալ կ՚ըսուի, որով ի հարկէ ուխտատեղի կ՚ըլլայ տեղն ալ։ Վարդան պատմիչ ալ կը վկայէ որ այդ խաչդ օրհնած է ի Ս. Մեսրովպայ, եւ աջ թեւին վրայ հայերէն գիր կայ, զոր վրացիք ոսկւով ծածկեր են. առաջ՝ Շիրակ գաւառին մէջ ի Դպրեվանք կը պահուէր, եւ Ճոնեանց խաչ կ՚անուանէր: Է դարուն կիսէն առաջ Ճոն Սարգիս ապահովութեան համար փախուց տարաւ ի Վարձիա, անոր համար ըսուեցաւ Վարձունեաց Խաչ։ Շատ դարերէ վերջը Վրաց մեծահռչակ Գելաթի վանքը փոխադրեցին այս խաչս, եւ գուցէ ինչուան հիմայ հոն կը պահուի. վասն զի վանքին գանձարանին մէջ շատ հին եւ թանկ խաչեր ըլլալն՝ յայտնի է։ 

 

  ՊԱՏԿԵՐ Ժ.  
ՇԱՄՇՈՅԼՏԷ ԿԱՄ ՕՐԲԵԹ 

Ասկէ առջի թուին մէջ յիշեալ Գուգարաց աշխարհին գլխաւոր գետերէն մէկն է՝ Խրամ, որոյ անուամբ գաւառ մ՚ալ կը ձեւանայ Խրամիձոր ըսուած, Վրաց գլխաւոր գաւառին՝ Տփխիսու հարաւակողմը։ Խրամայ ձախ կողմէն (որ է հիւսիսային) ընդունած գետակներուն մէկն է Ճիվճիվ: Այս երկուքին խառնուածոց անկիւնն բարձրադիր լեռնավայր է, իբրեւ 2700 ոտք բարձր ծովուն երեսէն, որով ի բնէ ամուր եւ դժուարամատոյց տեղ մ՚է. ուր՝ մեր եւ Վրաց պատմութեան մէջ յիշուած անուանի բերդերուն մէկն կանգնած է եւ հիմայ կիսաւեր մնացած: Ըստ աւանդութեան Վրաց՝ նոյն ինքն իրենց նահապետն Քարթլոս՝ եղբայրն Հայկայ՝ է շինող բերդին, որ կոչեցաւ Օրբեր, եւ ըստ Վրաց լեզուի թարգմանի Արծուեաց տեղ. յիրաւի ալ շատ արծուիք կը բունին անոր քարաժայռ լերանց ձորերուն մէջ։ Բայց աւելի սովորական անունն է Շամշոյլտէ. զոր մեր պատմիչք՝ սկսեալ ի Յովհ. կաթուղիկոսէ՝ թարգմանեն Երեք-Նետ, Սամի-շվիլտէ, ոմանք ալ Սա–մըշվիլտէ կարդալով կը թարգմանեն Երկիր-աղեղանց: Ինչ որ ըլլայ ստուգաբանութիւնն՝ տեղն շատ հին է եւ ըստ աւանդութեան Վրաց՝ Հայկազանց ատեն իրենց երկիրը գաղթական մ՚եկած է ի Չինաց եւ այն բերդը ժառանգել է հազար տարիներով, եւ անոր հին անուամբ Օրբեթուլ կամ 0րբուլ կոչուեր է. այս է պատճառ անուան հռչակաւոր Օրբելեան կամ Ուռպելեան ցեղին, որոյ ազնուական սերունդքն հիմայ ալ Ռուսաց մէջ Վրահայոց հին ազնուական ցեղից մէկն կը ճանչցուին եւ կը պատուին յարքունիս, եւ մեծ ու զինուորական պաշտօններ կը վարեն. թերեւս բոլոր Եւրոպիոյ մէջ ասոր նման հին ազնուական ցեղ չկայ:

Ժ դարուն սկիզբը մեր Բագրատունի Սմբատ Ա թագաւորն տիրեր էր այս տեղիս ալ, եւ յանձներ էր այն (Վասակ եւ Աշոտ) Գնունի եղբարց՝ զոր յիշեցինք Ը. Թուին մէջ, եւ որոց վրայ եկաւ եւ «Աստ եկաց Երկաթ Աշոտ, արար յաղթութիւն եւ գնաց», ինչպէս որ գրուած մնացած է հոն գերեզմանաքարի մը վրայ, ըստ տեղագրութեան Ջալալեան Սարգիս արքեպիսկոպոսի։ Յաջորդ դարուն սկսան պայծառանալ հոն Օրպելեանք, որոց հետ թշնամենալով Գէորգի թագաւորն Վրաց՝ սաստիկ պաշարմամբ եւ կոտորածով նուաճեց բերդը։ Բայց Թամար թագուհին նորէն դարձուց անոնց ցեղէն մնացորդացը, որոնցմէ էր ԺԳ դարուն վերջերը Տարսայիճ մեծ իշխանն Հայոց Սիւնեաց, եւ իր որդին Ստեփաննոս եպիսկոպոս եւ անուանի պատմիչն Սիւնեաց: ԺԵ դարուն սկիզբն Լէնկթիմուրի աշխարհաւեր ձեռքն հասաւ հոս ալ. անկէ մնացածն աւերեց Գարագոյունլու ցեղին գլխաւորն յամին 1440, անկէ ետեւ տեղն աւերակ մնացեր է, թէ եւ հազարէն աւելի տանց տեղիք կ՚երեւան. նոյնպէս բերդն ալ լեզուաձեւ երկրին բարձրագոյն ծայրը, ուր երկու քարափոր ջրամբար ալ կայ: 8 կամ 10 եկեղեցեաց աւերակք, որոց մէջ վրացերէնէ զատ հայերէն արձանագրութիւնք ալ կան ԺԳ. դարու սկիզբէն. աւելի հին ալ կայ ԺԱ. դարուն կիսէն խաչարձանի մը վրայ Բատ կամ Սմբատ իշխանի, որոյ գանձերն ալ ուրիշ տեղ մը թաղուած կը նշանակուի: Ուրիշ խաչ արձան մ՚ալ կայ՝ այսպէս. «Սուրբ խաչն Յիսուսի Քրիստոսի է փրկող Զաքարիասա իշխանաց իշխանի», որ պէտք է ԺԳ. դարուն առաջին տասնեկին մէջ գրուած ըլլայ

Հին բերդին եւ աերակաց դիմաց Ճիվճիվայ միւս (ձախ եւ հիւսիսային) կողմը շինեցաւ նորերս Նոր Շամշոյլտէ գեղն, ուր բնակին 30 տուն մեր ազգիք. եկեղեցեակ մ՚ալ ունին։ Տեղւոյն դիրքն, uահմանքն, օդն եւ ջուրն շատ աղէկ եւ զուարճալի են. միայն տաքն եւ ցուրտն ալ ըստ եղանակին՝ սաստիկ կ՚ըլլայ։ - Ահա այս հին եւ հռչակաւոր բերդին եւ սահմանաց երեւոյթն է Ժ. պատ. Հայկական Նշմարիս։

 

  ՊԱՏԿԵՐ ԺԱ.
ԳԱԹԱՐԻՆԷՆՖԷԼՏ 

Այս տեղւոյս անունը կարդացողն կամ լսողն՝ կը կարծէ թէ Հայկայ եւ Քարթլոսի սահմաններէն յանկարծ Գերմանիոյ խորերն ընկանք. եւ սակայն հազիւ երկու փարսախ երկու ժամ հեռու ենք ի Շամշոյլտեայ, ասոր հարաւակողմը, եւ Խրամայ աջակողմեան օժանդակի մը եզերք, որ հիմայ Մաշաւեր կամ Ճապալա կոչուի, եւ հին ատեն առանձին փորակ կամ ձորագաւառ մը ձեւացընէր, իր Քուէշ գլխաւոր աւանին անուամբ` Քուիշափոր կոչուած։ Յայտնի է ուրեմն որ Գադարինէնֆէլտ կամ Էգաթէրինֆէլտ՝ Ուռպելեանց ոստանին պէս երեք կամ չորս հազար տարուան հնութիւն չունի, եւ ոչ ալ դարական, վասն զի այս մեր դարուս մէջ շինուած է. բայց յիրաւի զարմանալի պատճառաւ եւ տեղափոխութեամբ մը։ 

Երբ մեր փրկչական թուականին հազարամեայ դարն լրացաւ, ընդհանուր քրիստոնէութեան մէջ, կարծիք եւ վախ կար աշխարհիս վերջանալուն. այն ատենուան եղած չարիքն ալ, Թուրքաց արշաւանքն՝ այս բանիս սկիզբ մը սեպուեցաւ, բայց տարի տարուան վրայ անցնելով եւ ԺԱ դարն երկըննալով` այն վախն ալ փարատեցաւ. յետոյ դարերն ալ յաջորդելով բոլորովին մոռցուցին. սակայն մեր դարուս սկիզբները Առաջին Նաբոլէոնի պատերազմներէն  վերջ` նորէն այսպիսի վախ մ՚ընկաւ, բայց այս անգամ Գերմանացի աղանդաւորաց մէջ, մանաւանդ Վիրթէմպէրկցոց՝ որք հաւատալով թէ աշխարհիս վերջն հասեր է եւ Քրիստոս պիտի գայ նորէն ի Պաղեստին, ելան իրենց երկրէն՝ ընդ առաջ երթալու երկնաւոր դատաւորին։ 1818ին էր որ թողուցին տուն տեղ հազարաւոր երկիւղածք, եւ ուզեցին ոտքով քալելով ի Գերմանիոյ մինչեւ յԵրուսաղէմ երթալ, զանազան աշխարհներէ անցնելով. ուր եւ շատերն իրենց կարծիքէն առաջ հասան ի հանդերձեալ աշխարհն, ճամբու նեղութենէն մեռնելով. մինչեւ մնացեալքն Ռուսաց եւ Կովկասի սահմանները հասնելով կամայ եւ ակամայ համոզուեցան առանց աւելի առաջ երթալու՝ այն տեղուանքը կենալ եւ սպասել։ Շատերն եկան Վրաց կողմերը, եւ Տփխիսէն սկսեալ ինչուան այս մեր տեսած տեղը՝ հինգ վեց գաղթականութիւն կամ բնակութիւն հաստատեցին, անուանելով Նոր Թիֆլիզ, Ալեքսանտէրստորֆ, Էլիզապէթթալ, Մարիէնֆէլտ, Բեդէրստորֆ եւ Գաթէրինէնֆէլտ. ոմանք ալ Գանձակ կամ՝ Կէնճէ քաղքին մօտերը (հին Հայ–Աղուանից երկիրը) Աննէնֆէլտ եւ Հելէնէնտորֆ գաղթականութիւնները  հաստատեցին, սկսան տուն տեղ շինել եւ երկիր բանիլ, իրենց գերմանական պարզ, կոկ եւ բարեկարգ ոճովը. որ զարմանք մ՚էր այնպիսի խառնազգի ժողովըրդոց մէջ, որք էին Հայք, Վիրք, Թաթար, Պարսիկ, Թուրք եւ Քուրդ։ Հազիւ թէ շէնքերն եւ ծառերն բարձրացեր էին՝ Պարսից եւ Օսմանեանց պատերազմներն բացուեցան, 1826ին, անկիրթ ժողովուրդք եւ աւարառու ցեղք, մանաւանդ Քուրդք եւ Պարսիկք՝ Գանձակայ կողմի գաղթականները ցրուեցին եւ գերեցին, ինչուան հոս ի Գաթէրինէնֆէլտ ալ եկան, ուր այն ատեն 85 տուն կային. 30 հոգի սպանեցին, 130 ալ գերի տարին. քանի մը տարի գեղն ամայի եւ վախի մէջ մնաց, ինչուան որ Ռուսք Պարսից եւ Թուրքաց յաղթելով եւ տիրելով անոնց զանազան գաւառաց, այս կողմերս ալ հանդարտեցաւ. գերիներէն ողջ մնացողք դարձան տեղերնին. նորէն ձեռք զարկին շչինութեան եւ մշակութեան, եւ շուտով ծաղկեցան եւ աճեցան։ Ամենէն անուանիներէն եւ մեծ գեղերէն մէկն է այս Վրահայոց հռչակաւոր Շամչյոլտէին դրացին Գաթէրինէնֆէլտ, 120 գուցէ եւ 150 տունով, որք վեց շիտակ ճամբաներու վրայ շարուած են. մէջ տեղը մեծ հրապարակ մը կայ, մէջը երկու եկեղեցի։ Գեղին չորս կողմն են իրենց մշակութեան գեղեցիկ ագարակներն, քիչ մ՚ալ հեռու որսոց տեղուանք՝ անտառակաց եւ լերանց միջոց։ Այս գաղթականին ընտրած տեղոյն մօտ՝ Քէմէրլի անուամբ գեղ մը կար, մեծ մասն հին աւերակներով եկեղեցեաց, աղբերաց եւ գերեզմանաց. անշուշտ մեծ եւ բազմաբնակ շինուածի մը մնացորդ, զոր կերպով մը կենդանացուցին մեր հիւր Գերմանացիք. եւ այն ի բնէ վայելուչ երկիրները կրկին վայելչացուցին կանոնաոր հողագործութեամբ եւ տնտեսութեամբ։ 

 

  ՊԱՏԿԵՐ ԺԲ .
ԳԱՒԱԶԻՆ   ԼԵԱՌՆ 

 

Մեր նախայիշեալ . Ժ. ԺԱ. թուոց մէջ) Գուգարաց աշխարհին արեւելեան սահմաններն՝ Կուր գետոյ եզերքը կը խառնուին Հայոց ուրիշ աշխարհի մը հետ, որ է Ուտի կամ Ուտէացիք. այս երկու աշխարհաց սահմանագիծն կամ բաժինն որոշ եւ յայտնի չէ մեզի. բայց երկու գետոց՝ Ինճէ սու եւ Ճողազ ըսուած` միջոցներն է. ուր որ ընդարձակ եւ գեղեցիկ  դաշտ մը կը տարածուի, զոր նախնիք մեր կոչեն յանուն Գագ կամ՝ Գագիկ թագաւորի կամ՝ նահապետի մը։ Դաշտին մէջ ալ կան պզտիկ եւ չափաւոր լեռներ, որք գետնին երեսէն բուսած կ՚երեւան զարմանալի ձեւով. անոր համար հին ատեն ամրութեան տեղուանք եղած էին թշնամեաց արշաւանքէ. յայտնի է որ վրանին բերդեր ալ շինուած ըլլալով։ Ասոնցմէ մէկն է նոյն դաշտին անուամբ եւ անոր գլխակողմը եղած քարաբլուր մը, որոյ մէկ կողմը անուանի ուխտատեղին է Ս. Սարգսի, որուն մէկ ատամը խաչի մէջ անցընելով օրհներ եւ հոն կանգներ էր Ս. Մեսրովպ, ինչպէս կը յիշեն ստէպ մեր ԺԳ դարու պատմիչք եւ վարդապետք, Վանական Վարդան եւ Կիրակոս. Ս. Սարգսի ծանօթ շարականին վերջի տունն ալ կը նշանակէ այս բանս։ Այս բերդաւոր եւ ուխտատեղի քարաբլրէն աւելի բարձր եւ քիչ հեռու նոյն դաշտէն 1500 ոտք վեր բուսած է քարալեռ մը, խարիսխն կէս մղոնէն պակաս շրջապատաւ, մութ զարնող դեղին պորփիւր եւ պազալդ քարէ. թէպէտ գագաթն մեծ պատառուած մը կայ քարայրի նման, բայց վարէն բոլորովին շեղջաձեւ սուլուլիկ սրածայր կ՚երեւի. այնպէս որ ճարտար ուղեւոր տեղագիր մը՝ Եգիպտոսի բուրգերէն աւելի բրդագոյն կ՚անուանէ զԳաւազին. Զի աս է անունն՝ ըստ մատենագրաց մերոց, եւ ըստ այլազգեաց՝ Կեվարզին-դաշը։ 

Գաւազինի վրայ ալ նախնիք ամրոց մը շիներ էին, որ թէ եւ անոր գագաթան վրայ չէր կըրնար ըլլալ՝ այլ վարերը՝ արեւմտեան կողմը, սակայն եւ այնպէս «Անմարտնչելի ամրոց» կ՚անուանի ի Վարդանայ, որով եւ շատ հեղ ապաստան պատերազմաց: ԺԳ դարուն մէջ Թաթարք, Վիրք ու Հայ իշխանք իրարմէ խլել կու ջանային այս ամուր բերդը, որ վերջապէս այլազգեաց բռնութեամբ տրուեցաւ, եւ դեռ կ՚երեւան մնացորդքն. ինչպէս գագաթն ալ՝ պատառուածքին մօտ քարակտուր ջրամբար մը։ Մօտակայ տեղաբնակք կ՚աւանդեն թէ Հայ թագաւոր մը երբեմն պաշարեր է այս բերդը. բերդացիք նեղուած՝ լերան գլուխը ելեր եւ այն քարանձաւին մէջ պահուտեր են. պաշարողն ալ ետեւնուն ընկած՝ չկարենալով դուրս հանել՝ կրակ վառեր եւ ծխով խեղդամահ ըրեր է զանոնք, եւ երբեմն, կ՚ըսեն, հոն թափառող թռչունք քարանձաւին խորէն դուրս ձգեր են կանանց զգեստուց զարդեր։ Բայց ոչ միայն վայրենի հաւուց այլ եւ վայրենի մարդկան թաքստարան մը եղած էր տեղս, նաեւ քիչ ժամանակ առաջ, այսինք աւազակներու. որք զիրենք հալածող Ռուսաց հետ ալ կռուելով՝ անոնց մէկ զօրավարը սպանեցին։



[1] 1855–6 ձմեռը ինչուան 28° Րէoմ. հասաւ ցուրտն։