Նշմարք հայկականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա



ՊՐԱԿ Գ 

Կարնոյ բարձրաւանդակին հիւսիսակողմը պարըսպող լերինք՝ միջի կողմէն մեծին Եփրատայ հիւսիսագոյն աղբիւրները կը բղխեն, իսկ դրսի կողմէն՝ անոր եդեմական ընկերակից (Ճորոխ) Գեհոն գետոյն օժանդակներ, որոց գլխաւորն է անմիջապէս Եփրատայ ականց կռնակէն բղխածն, Թորթումայ գետն, յանուն գեօղաւանի մը, որով կոչուի բոլոր  վիճակ կամ գաւառակ մը. որ մեր նախնեաց ատեն մասն էր Տայոց աշխարհին եւ կ’ըսուէր Ոքաղ։ Թորթում անունն յիշուած չէ ’ի նախնեաց, այլ հարկ է ’ի հնուց ալ գաւառին գլխաւոր տեղն կամ տեղերէն մէկն եղած ըլլայ, որպէս զի կարենար հիմայ իր անուամբ նշանակել վիճակ մը, եւ գեղեցիկ վիճակ մը. վասն զի թէպէտ այս վիճակիս հարաւային  կողմն Կարնոյ բարձրաւանդակին կցուած բաւական բարձր եւ ցուրտ է, այլ շուտ շուտ կը ցածնայ 10 ժամու ընթացքով, մինչեւ գետոյն խառնուրդն ի Ճորոխ, ուր որ գրեթէ կը լմըննայ վիճակին հիւսիսային սահմանն. եւ կը ձեւանայ խորանիստ հովիտ մը, շատ՝ վտակներով ոռոգուած, եւ գեղեցիկ լճով մը զուարճացած, որուն մէջէն կ’անցնի գետն՝ ի Ճորոխ թափուելու համար. եւ ոչ միայն ջուրն ջրին մէջ ճամբայ կ’ընէ, այլ եւ յանկարծ թողլով զջուր եւ զցամաք՝ Ճորոխայ գիրկը չընկած, պահ մ’ալ օդուն մէջ կը ցատքէ բոլոր ուժով, եւ ձիւնափայլ փրփրախառն զանգուածովը. այսինքն մեծ եւ հիանալի ջրվէժ մը  կը գործէ, զոր ոմանք յԵւրոպացի աշխարհատես անձանց՝ երկրիս ամենէն գեղեցիկ ջրվէժից առաջին դասը կը դնեն: Թորթումայ լեռներն լերկ են, այլ ջուրերն ժիր եւ պայծառ, անոնց պէս պատուական եւ աւելի յարգի երկիրն, որ իր ցածութեամբ բաւական ալ տաք ըլլալով՝ կը հասցընէ լաւ պտուղներ, մինչեւ խաղող ալ, եւ իր մեծ դրացւոյն Կարնոյ անուշակ պաշար կը պատրաստէ

Այսպիսի բարեդիր վիճակ մը` հարկաւ անտես չէր ըլլար երկրին հին բնակչաց եւ բնիկ տերանց. որը ստուգիւ ըսելով չէին Հայք, այլ Տայք, առանձին ժողովուրդ մը, հին ծագմամբ, որք եւ Քրիստոսէ 4–500 տարի առաջ ալ յիշուին իբրեւ ազգ առանձին. սակայն քանի մը հարիւր տարի վերջը՝ Հայոց Արշակունեաց իշխանութեան տակ ընկան. ասոնցմէ ալ  վերջը՝ Վրաց իշխանութեան. մնացեալ էին շինուածոց, որք են բերդք եւ եկեղեցիք, արձանագրութիւնքն՝ մեծագոյն մասամբ վրացերէն եւն, գտնուին նաեւ յունարէն, քիչ մ՚ալ հայերէն, ըստ մեր ծանօթութեան։ Երկրին բնական վայելուչ դրից եւ հանգամանաց համեմատ արժան էր որ վայելուչ շէնքեր  ալ ըլլային հոն. եւ յիրաւի որչափ անկատար ալ  քննուած ըլլայ այս վիճակս, յայտնուած են գեղեցիկ եւ մեծագործ շինուածքներ

Այս շինուածներէս երեք հատն մեծապէս հռչակուած են Թորթումայ երկրին եւ սահմանաց մէջ, եւ գրեթէ աչխարհաքարոզ առակի կարգ անցած. երկուքն Թորթումայ գետոյն ձախ (արեւմտեան) կողմը, որ են Էօշքայ վանքն՝ մօտ ի լիճն, Խախուայ վանքն կամ եկեղեցին՝ Էօշքայ հարաւակողմը. երրորդն Իշխան, քիչ մ’աւելի հեռու, եւ Թորթումոյ գետահովտէն դուրս, բայց գրեթէ սահմանակից, արեւելեան կողմը, ուրիշ գետակի մը եզերք, եւ մօտ ի խառնուրդ նորա ի Ճորոխ: Երեքն ալ մէկ մէկ մեծ եւ հին քարաշէն քանդակազարդ եկեղեցիներ ունին, գրեթէ մէկ ժամանակ շինուած (իբրեւ ի Ժ դարու) եւ իրարու ալ բաւական նման. մինչեւ այլազգեաց կարծիքն եղած է, թէ Պարսից Խոսրով Նուշռէվան թագաւորին երեք դստերքն շինած ըլլան, իւրաքանչիւր մէկ մը. այս արտառոց կարծեաց պատճառն այս կրնայ ըլլալ, որ Խոսրով իսլամէն առաջ էր, կըրնար քրիստոնեայ ըլլալ, ինչպէս էր իր կինն Շիրին, եւ քրիստոնէից մէջ ալ այս կարծիքս եղած է իր վրայ, ըստ որում եւ պատմիչք մեր յիշեն, սկսեալ ի Սեբիոսէ, որ իբրեւ դար մը վերջը կը գրէր իր պատմութիւնը: Եւ դարձեալ Խոսրով մեծագործ, շինարար եւ խաղաղասէր թագաւոր մ’էր, յետագայք իր շինածներէն աւելին ալ իրեն կ’ընծայեն: Իսկ այս իրեն երեք դստերաց դաստակերտք կարծեցեալ եկեղեցեաց գեղեցկութիւնն ալ իրարու բաղդատելով՝  մէկ մէկ մասամբ իրարմէ առաւելեալ կը գտնեն. գուցէ թէ անոնց քօղաւոր հեղանիկներն ալ նշմարելով շէնքերուն վրայ. եւ մէկուն նայուածքը մէկալին նստուածքը, միւսոյն նաշխուածքը եւել եւելօք զարմանալի կ՚ըսեն. «Էօշքիւն պաքըշը, Խախուանըն եաթըշը, Իշխանըն նագըշը»: Ահա այս երեք քոյր շինուածոց երկերկու նշմարներ կ’ընծայեն յետագայ թիւերս 25=30, ճշգրիտ լուսագրութեամբ։ 

 


ՆՇՄԱՐՔ 25, 26
ԷՕՇՔ 

Թորթումայ լճին գլխոյն մօտ, որ է հարաւային կողմն, դէպ ի յարեւմուտս փոքրիկ վտակի մը եզերք կայ Էօշք անուամբ գեղ մը, եւ կէս ժամ հեռուն ալ ամայացեալ վանք մը նոյն անուամբ, բարձր լերանց ստորոտը, սարատափ բլրի մը վրայ, զուարճալի բուսաբերութեան եւ դրից մէջ, որ աներկբայ կը ճշմարտեն առակեալ Նայուածքն Էօշքայ. որ երբեմն իր բարձրադիր բլրէն չորս կողմի ցած եւ պզտի շինուծքներուն կը նայէր, բայց հիմա ինքն իր վրայ կրնայ նայիլ, որովհետեւ իրեն յարակից շինուածքն կործանած են, վանքն աւրուեր է, եւ միայն հոյակապ եկեղեցին մնացեր է մենացեալ. եւ ահագին մեծութեամբն աւելի խոր տպաւորութիւն մը կընէ աչաց, մանաւանդ քրիստոնէից։ Բոլոր դեղնագոյն փայլուն քարերով շինուած է այս եկեղեցիս, խաչաձեւ, 34 չափ (մեդր) երկայն, 22 չափի լայն թեւէ թեւ, տաճարն 15 չափ, վարի կողմն 11. չորս մեծամեծ բոլորաձեւ սիւնք յատակէն բարձրացեալ կը վերցընեն շրջաբոլոր գմբէթը, որ Հայոց եւ Վրաց եկեղեցեաց ոճով վարի դին լայն կլոր է, վերը երթալով կը սրանայ եւ կոնաձեւ կը լմըննայ - բայց ոչ այնպէս տգեղ արտաքին տեսլեամբ՝ ինչպէս կ’երեւի հիմայ. վասն զի հնութեամբ փլեր է, եւ այլազգիք իրենց մզկիթ դարձընելով շէնքը՝ այսպէս անշնորհք ծածկոյթ մը տուեր են այն շնորհալի գլխոյն: Գմբէթին շուրջը ներսէն նեղ սրահակի պէս պտըտելու տեղ կայ։ Սեանց հաւասար բարձր կամարներ կը բռնեն եկեղեցւոյն բոլոր ձեղունը: Կիսաբոլորակ խորանն սովորական դիրքով կայ արեւելակողմը, երկու կողմէն ալ նեղ եւ կրկնայարկ աւանդատունը, ինչպէս Անոյ եւ ուրիշ Հայոց եկեղեցեաց մէջ գըտուին, թեւերուն քովերն ալ երկ երկու աւելի պզտիկ սենեակներ կան, դարձեալ եկեղեցւոյն վարի կողմն ալ երկու դին աւելի մեծ սենեակներ: Երեք կողմէն ալ դռներ ունի, մեծ դուռն է հարկաւ արեւմտեանն, որոյ առջեւ գաւիթ մ՚ալ կայ քառակուսի նեղ, հանդերձ դրամբ, բուն եկեղեցւոյն մեծ դրան դիմաց. բայց գաւթիս կամարներն հիմայ ընկած են: Դրսէն հարաւային կողմին վրայ կիսաքանդակ քարէ պատկերներ կան լայնազգեստ մարդկանց, որ եկեղեցւոյն շինողքն են, վասն զի անոր գաղափարն ալ ձեռուընին է. ուրիշ կողմի քանդակներէն եւ զարդերէն զատ՝ խորանին եզերքը նկարէն պատկերք ալ կան. իսկ արձանագրութիւնքն մեծաւ մասամբ վրացերէն են, եւ եկեղեցւոյն դրսի դին կարմիր ներկով գրուած եւ ոչ փորուած. այլ դեռ շատն անեղծ մնացեր են. ասոնցմէ կ՚իմացուի որ շինողքն են եղեր Ատրներսեհ կիւրապաղատ, Բագարատ իշխանաց իշխան եւ Դավիթ Մագիստրոս. ամենքն ալ Ժ դարուն առաջին կիսուն. յայտնի է ուրեմն որ Էօշքայ գեղեցկահայեաց եկեղեցին մօտ հազար տարուան հնութիւն ունի։ 

Եկեղեցիէն իբրեւ քարընկէց մը հեռու քարաշէն սենեակ կամ սրահ մը կայ ութ սեանց վրայ բարձրացեալ թէ եւ ձեղունն ընկած է. 20 չափի երկայն 16 լայն, որու համար կ’ըսեն թէ վանքին խոհանոցն եղած ըլլայ. քովն ալ ուրիշ փոքր սենեակ մը կայ. զայս ալ մառան կարծեն, վասն զի մանր փոսեր կան մէջը, իբրեւ կարասներուն տեղուանք։

Նշմարացս 25 թիւն է Էօշքայ եկեղեցւոյն հիւսիսային կողմն. իսկ 26դ նշմարն է պատուհան մը արեւմտակողմը, նորաձեւ դրուագօք զուգակ սեանց. որոց վրան պատուհանին ճակատն իբրեւ պատուանդանի վրայ կանգնած բարձրաքանդակ պատկեր մը կայ եկեղեցականի վեղարով եւ փիլոնով, բազկատարած կեցած, երկայն մօրուօք. որուն ներքեւ կուրծքին վրայ տակէ տակ երկու կամ երեք քառակուսի խաչեր կախուած են, գուցէ նափորտն կամ եմիփորոնն նշանակելով, իսկ վեղարին վրայ ալ երեք խաչ, երկուքն քովէ քով, մէկ մ՚ալ անոնց վրայ. այս խաչերուն բազմութենէն կըրնայ գուշակուիլ թէ ներկայացող անձն արքեպիսկոպոս կամ՝ կաթուղիկոս ըլլայ։

Նախնիք մեր յիշեն ի Sայս Աշունք անուամբ աւան մը, ուր եպիսկոպոս ալ նստէր, եւ տեղւոյն դրից վրայ ուրիշ յիշատակ մը չունիմք. կըրնամք կարծել թէ սոյն այս հիմակուան Էօշքն ըլլայ

 

ՆՇՄԱՐՔ  27, 28
ԽԱԽՈՒ 

 

Ինչպէս առաջ յիշեցինք Խախու Էօչքի հարաւային արեւմտեան կողմն է, պզտի առուակի մը եզերք, գեղեցիկ տեղ մը եւ գեղեցիկ դիրքով, որով կը ճշմարտէ այլազգեաց իրեն տուած կոչումը, գեղեցկադիր։ Գեղն, զոր վրացիք Խախուլ կոչեն իրենց գրուածոց մէջ, ատենօք գլխաւոր շէնք մ՚է եղեր եւ եպիսկոպոս ալ ունեցեր է, որ մեր ազգային յիշատակաց մէջ ալ տեղ մը կը յիշուին: էօշքայ շատ նման այլ անկէ պզտիկ հին եկեղեցի մ’ունի, զոր վրաց Դաւիթ թագաւոր մը շինած է Թ. դարուն մէջ. իր հազարամեայ հնութեանն վկայ է եւ կարճ հայերէն արձանագիր կամ թուական մեր եկեղեցւոյն մէկ սեանը  վրայ. «U. Գ(րիգոր) ՅԺԷ», որ է թիւն Քրիստոսի 868։ Ցած պարըսպով պատած է եկեղեցին եւ քովի կիսաւեր վանքն, որք հին ատեն կոչէին յանուն Ս. Աստուածածնի, իր մէկ հրաշագործ պատկերին պատճառաւ, որ շատ ատեն հոս պատուելով ի թագաւորաց Վրաց, (եւ մանաւանդ իրենց գերազանցեալ Թամար թագուհիէն, որ եւ տաղաչափութեամբ գովեստ գրած է այս պատկերիս վրայօք), յետոյ վրաց հռչակաւոր Գելաթի վանքը փոխադրուած է եւ հոն պահուի։ Եկեղեցին՝ Էoշքայ նման է ձեւով, չորս բոլորակ սիւներով, գմբեթեաւն եւ կամարօք. բայց անոր չափ պահարաններ եւ դուռներ չունի. այլ հարաւային կողմը գաւիթ մ’ունի սիւնազարդ` մեծ դրան վրայ ալ քանդակներ մարդկան եւ զարդուց, եւ վրացի գունաւոր արձանագիրներ, որք շատ մաշած եւ աւրուած են։ 

Եկեղեցւոյն մօտ տասնի չափ մանր մատուռներ կամ սենեակներ կան տափակ ծածքով. քիչ հեռու քանի մը ուրիշ մանր եկեղեցիներ, զոր հիմայ այլազգիք անասնոց գոմ ըրած են, մեծ եկեղեցին ալ՝ մզկիթ։

Մեր 27դ նշմարն կու ցուցընէ գեղեցկադիր Խախուայ եկեղեցւոյն ճակատը եւ մէկ կողմը. գմբէթին վրայ նայողն կը նշմարէ նաեւ այլազգեաց ըրած նորոգութիւնները։ Իսկ 28դը կը ներկայացընէ պատուհան մը` հիւսիսային կողմը, որ եւ նման Էօշքայն (Նշմ. 26) երկու բաժնուած է կամարակապ, եզերքն երկերկու, մէջ տեղն մէկ սիւն. որոց քանդակներն տարբեր ձեւով եւ աւելի խոշոր են, իսկ պատուհանին ճակատը՝ երկուց կամարաց միջոց, փոխանակ բազմախաչեան վեղարաւորին՝ կը տեսնենք վիթխարի արծուի մը լայնամագիլ ճիրանաբաց, այծեամ մը ճանկած։ Այս ձեւս նշանական եւ խորհրդաւոր բան  մը պէտք է ըլլայ, եւ ոչ ըստ քմաց կամ՝ պատահական զարդ մը. վասն զի Էօշքայ եկեղեցւոյն վրայ ալ եւ նոյնպէս հիւսիսակողման պատուհանի մը վրայ նոյն քանդակը կայ, նոյն թեւաւոր արծուին բայց երկու ուրիշ թեւաւորաց տակ, որք են հրեշտակք զգեստաւորք իսկ արծուոյն ճանկած կենդանին՝ հոն աւելի զուարակ մը կ’երեւի քան այծ կամ ոչխար։ Այս ձեւով քանդակք Հայոց քանի մը եկեղեցեաց մէջ ալ կ’երեւին. ինչպէս Գեղարդայ կամ Այրիվանից քարափոր եկեղեցեաց մէկուն մէջ, համանման արծուի մը ոչխար մը ճանկած, երկու քով ալ մէկ մէկ առիւծ վզերնէն կապած, վրան ալ եղջերուի գլուխ մը, որուն բերնէն կախուին վարի կենդանեաց կապերն։ Երեւի ուրեմն որ Հայոց եւ Վրաց մէջ հասարակ էր այս ձեւս, եւ նշան զօրութեան քաջութեան, կամ նուաճելոյ զթշնամիս՝ այնպիսի յաջողութեամբ եւ ուժով, ինչպէս արծուի մը, կամ անկէ մեծ անգեղ տեսակ մը, (լաշհաւ ըսուած ի Հայս) կը յափշտակէ ուլ մը կամ գառնուկ մը։ 









 

ՆՇՄԱՐՔ 29, 30
ԻՇԽԱՆԱՑ ԳԻՒՂ

Թորթումայ արեւելակողմը Թավուսկեար վիճակն է, որ ըստ Վրաց լեզուի թարգմանի հայրեէն Տայոց-Դուռն. Կը չիշուի եւ ի նախնեաց մերոց այս անունս, բայց ոչ իբրեւ գաւառի անուն. կըրնայինք ըսել թէ Տայոց աշխարհին կեդրոնն ըլլայ, եւ բուն Տայք կոչուելու արժանի. թէ եւ այսպէս յատկաբար կոչուած գաւառ չկայ ի Տայս, այլ թուի թէ Աջորդափոր գաւառին մասն ըլլայ Թավուսկեար։ Հիմակուան վիճակիս արեւմտեան կողմը եւ մօտ ի խառնուրդ իր գետակին ընդ Ճորոխայ՝ կայ Իշխան գիւղն, քանի մը մահմետական տուներով. Բայց հին ատեն մեծ շէնք էր, Իշխանաց գիւղ անուանեալ, չեմ գիտեր ո՞ր իշխանաց բնակութեամբ կամ ծագմամբ. Յայտ է որ շատ հնուց այս ազնուական բնակիչներն ունեցեր է՝ որ այս անունս ալ առնու. Իսկ իր ազնուականութեանն վկայ կեցած է մեծագործ նկարազարդ եկեղեցին, գուցէ հոյակապ քան զայլս եւ երից հարազատ քերց մէջ պճնագոյնն։ Ընդհանուր ձեւովն նման է Էօշքեայն, նոյնպես դեղին տաշած քարերով շինուած, նման չորս բարձր սիւներով եւ կամարներով. իսկ խորանն աւելի գեղեցիկ ձեւով շինուած է սեանց կիսաբոլոր շարուածքի վրայ կանգնած, որուն վերեւ ալ պատին վրայ նկարեալ պատկերներ կան, եւ ասոնց համար հռչակուած է տեղին, Իշխանայ նաշխուածք. սակայն կէս մի հնութիւնն եւ կէս իսլամական գայթակղութիւնն՝ աւրըշտըկեր են նկարները, եւ ծխով սեւացուցեր, որպէս զի իրենց պաշտամունքը անշփոթ կատարեն. այլ դեռ մէկ մասն ալ անեղծ մնալով` կըրնայ հետաքնին արուեստագիտի մը դիտելի եւ բաղդատելի ըլլալ։ Այսպէս կէս արուած են վրացի նկարէն արձանագրութիւնք ալ, որոցմէ մէկն եկեղեցւոյն հիւսիսային կողմը ներսէն գրուած է, բոլոր պատին երկայնութեամբ եօթն տող, եւ ասկէ եւ ուրիշներէն գուշակուի որ այս եկեղեցիս ալ առջիններուն պէս հին է։ Վրացի թուակյն մը կայ 1006 տարւոյ, եւ այն ալ բուն առջի շինութեանը չէ. Հայ թուական մալ կայ Ն (951). բայց տողին վերջն ըլլալով՝ կըրնայ կարծուիլ որ տասնորդական թիւն ընկած ըլլայ, որ եւ վրացերէն թուականին համեմատութեամբ պիտի ըլլար ՆԾԵ (1006)։ Այս եկեղեցիս ալ Ս. Աստուածածնայ նուիրած էր

Չորս կողմի շէնքերն, որ պիտի ըլլան վանքն, կործանած են, միայն պատերն կան. հարաւային դրան դիմացն ալ կայ մատուռ մը, զոր հիմայ դարբնի խանութ ըրեր են, ասոր դրան վրայ է վերոյիշեալ հայերէն թուականն։ Մեծ եկեղեցւոյն մէջ ալ կայ ուրիշ հայերէն թուական մը ի ՈՂ (1241)։ 

Մեր 29դ նշմարն կը ներկայացընէ Իշխանայ նաշխուն եկեղեցին, իբրեւ ընկղմած կամ պաշարուած անխնամ բնութեան բուսաբերութեան մէջ. իսկ 30դ նշմարն է եկեղեցւոյն հիւսիսային կողմն եւ գմբէթին մէկ մասն [1] ։

Այս իշխանաց գեղն հայրենիք է Հայոց Գ. Ներսէս կաթուղիկոսի ի կէս Է դարու, որ Շինող կոչեցաւ, մեծ եւ հոյակապ եկեղեցիներ շինելուն պատճառաւ. գուցէ իր մանկութեան ատեն իր Իշխանաց գեղին մէջ ալ հիմակուան եկեղեցւոյն տեղ կամ անոր քով հոյակապ տաճարներ տեսած էր։ 

 


ՆՇՄԱՐՔ 31, 32
ԿԱՐՍ

Որոնք որ Ռուսաց եւ Օսմանեանց վերջի պատերազմները կը յիշեն (1854–55), չեն կըրնար մոռնալ երկու քաղաք, որք երկար պաշարմամբ, պատերազմներով եւ կոտորածներով՝ այն երկամեայ դժնդակ դիպուածոց գլխաւոր թատերքն եղան։ Սեւաստոբոլ եւ Կարս. մէկն ծովու կողմանէ, միւսն ցամաքի. եթէ Սեւաստոբոլ այն պարագային մէջ առաջին տեղը բռնեց, Կարս ալ մնացեալ տեղեաց մէջ առաջինն եղաւ. շնորհօք իր դրից եւ ամրութեանն, եւ Ուիլիէմս անգղիացի զորավարին (եւ յետոյ փաշային) ճարտար պաշտպանութեանը: Կարսայ ամրութիւնն հռչակեալ է յարեւելս, եւ Օսմանեանց ամրագոյն բերդն է Հայաստանի մէջ։ Հին շինութեան ժամանակն եւ հեղինակն յայտնի չէ, թուի թէ Կարք  անուն ցեղի մը գլխաւորէ շինուած է, թէ եւ Վիրք Կարիս-քալաքի անուանելով՝ Դրան–քաղաք կը թարգմանեն։ Ով ալ ըլլայ շինողն՝ շատ փորձ եւ բաղդաւոր աչք ունի եղեր. վասն զի աղէկ կշռած եւ ընտրած է տեղը, ի բնէ իսկ ամուր, Մեծագետոյն արմըկան մէջ՝ երեքկողմէն պատուած, իբր 5600 բարձր ծովու երեսէն. գետոյն եզերքն ալ յատակէն շատ բարձր եւ զառ ի վայր ըլլալով` չեն թողուր մօտենալ քաղքին. իսկ չորրորդ (արեւելեան կողմէն պարիսպներով եւ մարտկոցներով ամրացուած է, նոյնպէս մօտի բլուրներն ալ բերդիկներով ամրացեալ են։ Երկայնաձեւ քառակուսի է բերդաքաղաքն, իբրեւ հազար չափ երկայն, կիսով չափ լայն. երկու պարիսպ ունի 5–6 ոտք թանձրութեամբ, հրասբղխեայ  քարերով շինուած, քառակուսի աշտարակներով պատսպարած, որոց 17 հատն են հարաւակողմէն, 9 հատ արեւմուտքէն, իւրաքանչիւրն ալ տասն չափ լայնութեամբ. անկիւններուն եւ դրանց քով կանգնած են մեծագոյն աշտարակներ, որոց վրայ կ՚երեւին մեր նախնի իշխողաց արձանագրութիւնքն եւ խաչարձանք. բայց ԺԲ դարէ հին արձանագիր չերեւիր։ Քաղքին արեւմտեան հիւսիսային անկիւնը բռնած է միջնաբերդն, բարձր եւ անկոխելի քարաժայռի վրայ, որ առանց հրանօթի ռմբաձգութեան անառիկ է. մանաւանդ որ չորս կողմն ալ ուրիշ անկոխելի ժայռեր եւ գետոյն անդունդներն կան. որոց վրայ երեք ամուր քարաշէն կամուրջք ձգուած են, եւ մէկն հին է. քաղքէն հեռուն ալ ուրիշ կամուրջներ կան, մէկն ալ շինեց վերջի (1854–5) պատերազմին ատեն անգղիացի զօրավար մը (Lake)։ Բերդին հարաւային եւ արեւելեան կողմը լայն խրամ մը կը պատի. մէկ կողմն ալ բոլորակ աշտարակի նման շինուած մը կայ, որ գերեզմանի տեղ կարծուի: Երեք կողմէ քաղաքն արուարձաններ ունի Օրթա-գափու՝ ի հարաւոյ, Պէյրան–փաշա՝ արեւելքէն, Սու-գափու՝ արեւմուտքէն, գետոյն անդիի կողմը. այս ետքինս է  Հայոց թաղ

Վերջի պատերազմէն շատ վնասուեցան Կարսայ շէնքերն, որոց գլխաւորք սեպուէին՝ միջնաբերդին մէջ մզկիթն, զինուորանոցն, վառօդարանն, ծածկուած ճլամպուլայն (ջրամբար) 500 քարակտուր սանդղոց աստիճաններով մինչեւ ի գետն, եւ բերդապահին բնակարանն։ Ռուսաց առաջին անգամ առնելէն առաջ` 7 թաղ կը բաժնուէր Կարս, ամենն ալ մէկմէկ մզկիթ ունէին, 850 տուն կար, 126 խանութ, 2 բաղնիք, 1 եկեղեցի Հայոց, 1 կարաւանատուն, հարաւային եւ արեւելեան արուարձանաց մէջ ալ 11 թաղ կար Թուրքաց եւ Թաթարաց, իրենց մզկիթներով, եւ եկեղեցի, եւ կարաւանատուն, 430 խանութ, 800 տուն, իսկ Հայոց թաղն ունէր 600 տուն, 2 բաղնիք, շատ գործարաններ, ներկարաններ, աղօրիք, ջուլհակնոց, եւ այլն։ Տուներն ընդհանրապէս հողաշէն են, քառակուսի, եւ կրկնայարկ։


Ամենէն նշանաւոր շէնքն է գլխաւոր մզկիթն, որ էր Հայոց մայր եկեղեցին, շինած յամին 950, Ա Աբաս թագաւորէն, եւ աւարտած 942ին. որուն  ձեւն ալ նիւթն ալ արդէն շինութեան ժամանակակիցք շատ գոված են, ինչպէս կ՚ըսէ մէկն [2]. «Վիմարդեան արձանաւք, որձաքար պողովատաշ վիմօք, բոլորապէս գմբեթաւորեալ, պայծառ զարդուք, երկնանման խորան»: Յիրաւի վայելուչ եւ անսովոր ձեւ մ’ունի, դուրսէն ութանկիւնի բոլորակ, ներսէն քառաթեւ. գմբէթն բարձր եւ սրածայր՝ ութ կողմերէն կը վերանայ առանց սեան, 12 երես բաժնուած, որոց վրայ ներսէն 12 առաքելոց պատկերքն նկարած են, անոր համար Առաքելոց եկեղեցի ալ կոչուած է։ Այս եկեղեցւոյս համար է որ Ափխազաց թագաւորն Բեր կամ Թեւդաս (Թէոդոս) նախատանօք դեսպան խաւրեց առ Աբաս՝ որ նաւակատիքը չընէ, ինչուան որ ինքն գայ իրեն ծիսովը օրհնել տայ. սա ալ յարձկելով Բերայ զօրաց վրայ՝ որ Կուր գետոյն եզերքը բանակեր էին, վանեց վռընտեց, եւ թագաւորը բռնելով բերաւ՝ ցուցընել տուաւ իր շինած եկեղեցւոյն վայելչութիւնը, լաւ տես, ըսելով, վասն զի մէկ մ՚ալ պիտի չտեսնես. եւ աչքերը խաւարցընելով՝ գլխուն գինը առաւ ու արձըկեց։ Այս եկեղեցիէս զատ երկու երեք հատ ալ յայտնի հին եկեղեցիներ կան ի մզկիթ փոխուած, քանի մ’ալ ուրիշ հին շէնքեր բոլորովին աւրըւելու մօտ. մզկիթի մը մէջ ալ նահատակի գերեզման մը կը ցուցընեն։ Իսկ հիմակուան Հայոց եկեղեցին արուարձանին մէջ է բարձր տեղ մը։ 

Դար մը Բագրատունի թագաւորաց աթոռ եղող քաղաքն՝ պէտք էր որ Անոյ պէս շատ ձեռակերտ յիշատակարաններ ունենար. բայց իր վիճակն աւելի պատերազմական եղաւ. կըրնայ ըսուիլ թէ իբրեւ սպառազինեալ ծնաւ Կարս, եւ այնպէս մնաց հազար տարի ու կը մնայ մինչեւ այսօր, շատ պատերազմներէ անցնելով։ Նախ Ա Աշոտոյ եղբայրն Աբաս՝ Թ դարուն վերջերը՝ ամրացուց զԿարս եւ ինքնագլուխ թագաւոր նստաւ. իր եղբօրորդին նահատակն Սմբատ Ա, հոս ապահովեց իր արքունիքը եւ տիկնայքը, Ափշընի արշաւանաց ատեն. բայց երբ սա պաշարմամբ նեղեց բերդը, բերդապահն անձնատուր եղաւ, Ափշին յափշտակեց գանձերը, տիկնայքը վաճառեց Սմբատայ. ասոր որդին Աբաս Ա նորէն ամրացուց եւ թագաւորեց ի Կարս, նոյնպէս իր որդին ալ Մուշեղ հոս թագաւորեց, մինչ անոր երէց եղբայրն Աշոտ Ողորմած՝ Բագրատունեաց բուն աթոռը դրաւ յԱնի. յետ (24 տարւոյ) Մուշեղայ՝ թագաւորեց իր որդին Աբաս Բ 45 տարի. ասոր ալ յաջորդեց որդին Գագիկ՝ 35 տարի. որ Անի քաղքին Յունաց ձեռքը մատնուելէն վերջը 20 տարի ալ նստաւ հոս. սակայն նոր եւ աւելի զօրաւոր թշնամեաց ձեռքէն ազատ չիմնաց - Սէլչիւկ Թուրքաց ասպատակքն՝ յամին 1053 յանկարծօրէն յարձըկեցան Կարսայ վրայ, իրենց չար սովորութեամբ՝ Աստուածայայտնութեան տօնից օրերը, եւ անպատրաստ գտնելով՝ կողոպտեցին քաղաքը՝ որ հարըստութեամբ լցուած էր, «ի ծովէ եւ ի ցամաքէ ամբարեալ». շէնքերը  այրեցին, մնացեալ բնակիչքը ջարդեցին. վասն զի մէկ մասը միջնաբերդը փախաւ եւ ազատեցաւ։ Տուղրիլ Սուլտան աւարին համն առած՝ նորէն ասպատակ խաւրեց Կարսայ վրայ՝ Արսուրան զօրավարին առաջնորդութեամբ. այս անգամ Գագիկ անպատրաստ չէր. դէմ արեց իր զօրքերը, որ մեծ ջարդ ըրին թշնամեաց մէջ. բայց յանդըգնօրէն առաջ նետուելով` 30 հոգի իրենց ազնուականներէն սպանուեցան, մէկն ալ Թաթուլ անուն՝ «այր հզօր եւ պատերազմասէր» բռնուեցաւ. բերին Սուլտանին առջեւ, զարմացաւ սա կտրիճին կերպարանաց եւ անվախութեանը վրայ, եւ խոստացաւ անվնաս արձըկելու՝ եթէ իր զօրավարին խոցուած որդին բժշկուելու ըլլար։ «ԹԷ իմ է զարկածն, ըսաւ Թաթուլ, չէ՛ կենաց - թէ այլում է, զայն ոչ գիտեմ» (եթէ իմ ձեռքէս զարնուած է Արսուրայ որդին՝ անկարելի է որ ապրի, իսկ եթէ ուրիշ մ’է զարկողն՝ այն չեմ գիտեր)։ Ըսածն ստուգուեցաւ. երիտասարդն մեռաւ. Թաթուլ ի մահ մատնեցաւ. բայց Տուղրիլ անոր աջ բազուկը կտրելով` խաւրեց մխիթարանք Ս. Ասուրանայ, «թէ վատ բազկէ չէ մեռեալ քո որդին»: Արժանի՜ գովեստ արժանաւոր քաջին։ 

Տուղրիլայ յաջորդն Էլփ–Արսլան առաւ զԱնի. կարգն եկաւ Կարսայ. դեսպան խաւրեց Գագկայ որ անձնատուր ըլլայ. գիտէր սա որ կարելի չէ երկար ատեն այն ահեղ աղեղնաւորաց դէմ կենալ եւ Թաթլոյ անվրէպ բազուկներն միշտ չեն բուսնիր, ճարտարութեամբ բռնաւորին սիրտը որսաց՝ պալատան ներքնատունը նստաւ սգազգեստ՝ դեսպանին եկած ատեն, կարծեցընելով որ Տուղրիլի մահուան վրայ է սուգն, հաւատաց գթաց Ասլան, եւ խաղաղութեամբ եկաւ ի Կարս. Գագիկ մեծ հանդիսիւ ընդունեցաւ զնա եւ կերակրեց բոլոր բանակովը, մէկ անգամուն ինչուան 100, 000 դահեկան (ոսկի) ծախս ընելով, եւ յետ դարձուց աշխարհաւերը։ Բայց չուզելով որ անգամ մ’ալ փորձանքի ընկնի, Յունաց վաճառեց իր քաղաքն ալ գաւառն ալ, եւ փոխարէն առաւ Կապադովկիոյ մէջ երկիր մը։ 20 տարի վերջը (1084) Յոյնք ալ Վրաց ծախեցին զԿարս. ասոնցմէ առին Թուրքք եւ պահեցին մինչեւ ԺԳ դարուն սկիզբը, յորում (1208ին) Զաքարէ եւ Իւանէ առին զԿարս Վրաց եւ Հայոց զօրօք . բայց 30 տարի վերջը (1239) Թաթարք Անին առնըլէն ետեւ եկան ի Կարս, եւ թէպէտ դաշնադրութեամբ առին, բայց կողոպտեցին հՀանդերձ արիւնհեղութեամբ: 15 տարի վերջը հոս կը նստէր իրենց մեծ զօրավարն Բաչի-Նուին, երբ Ա. Հեթում թագաւորն Կիլիկիոյ եկաւ իրեն այցելութեան՝ ի Թաթարստան երթալու ատեն: Թրաթարաց եւ Թուրքաց ձեռքը մնաց Կարս  անաւեր՝ իր ամրութեամբը, նաեւ Լէնկթիմուրի ատեն (1394), որ պաշարմամբ չկրցաւ առնուլ, այլ պայմանաւ անձնատուր ըրաւ անոր բերդապահը (Ֆիրուզպախթ)։ Անկէ ետեւ ԺԵ դարուն մէջ Թուրքաց եւ Վրաց կռուոյ կէտ մ’եղաւ Կարս, ինչպէս ետեւի դարերուն մէջ ալ՝ Օսմանեանց եւ Պարսից. ասոնք շատ անգամ պաշարեցին, նաեւ իրենց մեծ եւ յաղթող թագաւորաց ատեն, ինչպէս Շահաբաս (1603), Թահմազ Ղուլի (1735) բայց չկըրցան առնուլ. եւ ոչ ալ Ռուսք 1807ին, բայց 1828 պատերազմին ատեն Բասքեւիչ երեք օր պաշարելով, եւ արեւելեան հարաւային կողմը տկար գտնելով ու անկէ յարձըկելով` ստիպեց զօսմանեանս անձնատուր ըլլալու (25 յունիսի). եւ երբ քանի մ’ամիս ետքը Ադրիանուպօլսոյ դաշնադրութեամբ նորէն Օսմանեանց թողուցին զԿարս, կ’ըսեն թէ Բասքեւիչ լացած ըլլայ: Բայց Ռուսք ելլելու ատեննին՝ ոչ միայն շատ բան վերուցին քաղքէն, այլ եւ ամրութեանց մէկ մասը քակեցին, անոր համար վերջի նոր պատերազմին ատեն (1854–5) Անգղիացի փաշայն Ուիլիէմս նորէն ամրացուց, չորս կողմն ալ մարտկոցներ կանգնեց, որով վեց ամիս դիմացաւ Ռուսաց շատ անգամ՝ յարձակմանցը, որք եւ անգամ մը 7000 մարդ կորուսին անոր պարսպաց տակ. եւ վերջապէս սովով նեղելով առին (28 նոյեմբ. ) եւ երբ նորէն թողուցին Օսմանեանց (7 օգոստոսի, 1856) ամրոցները աւրըշտըկեցին, Թուրքաց արձանագիր քարերը քակեցին՝ Կարսայ հակառակորդ Կիւմրի բերդին հագուցին: Գետինը փորելու ատենն ալ հողէ աման մը գտան՝ Վրաց Ռուսուդան թագուհւոյ պղնձի դրամներով. այս թագուհւոյս ատեն (ԺԳ դար) պարսպաց նորոգուելուն վկայ է ինչուան հիմայ աշտարակի մը վրայ մնացած հայերէն արձանագիրն. «Շնորհիւն Աստուծոյ եւ ողորմութեամբ թագաւորին մերոյ Ըռուսուդանայ՝ մեք Կարուց քրիստոնեայքս մեծ եւ փոքր՝ շինեցաք զբրջներս, ի յիշատակ մեզ եւ պատրոնին մերոյ»։

Կարս՝ Կարնոյ՝ եւ անով բոլոր Փոքր Ասիոյ՝ պատուար եւ դուռ կըրնայ ըսուիլ Օսմանեանց արեւելեան հիւսիսային սահմաններուն. ամրութեամբ հիմայ առաջին քաղաք է իրենց վիճակած Հայաստանին. եւ մեր հին աշխարհին մէջ ամենէն առողջ եւ  ուժով մնացեալ տեղն կըրնայ ըսուիլ: Միանգամայն եւ մէկ հատիկ ողջ մնացած Հայոց թագաւորանիստ քաղաքաց մէջ. որոց շատն բոլորովին աւերակ են, ոմանք կիսաւերակ, կամ անշուք գիւղ մը դարձած։ Քաղաքական վարչութեամբ եւ առեւտրի կողմանէ ալ մեր աշխարհին գոնէ երկրորդ կարգի քաղաքաց մէջ նախադասներէն է. Վրաստանի եւ Ռուսաց բաժնին մօտ ըլլալով՝ աւելի շատ զանազան ազգաց կերպարանք կ’երեւան ’ի Կարս քան ’ի Կարին. Կովկասային ժողովրդոց դրացի եւ իջեւան եղած է շատ դարերէ վեր, Պարսկաստանի վաճառականաց ալ գործակից: Միով բանիւ՝ շատ տեսութեամբք, թէ բնական, թէ քաղաքական, թէ պատերազմական, թէ հայրենական, մեր աշխարհիկ ամենէն նշանաւոր շինից մէկն է Կարս, արքայաշուք քաղաքն Վանանդայ։

Մեր նշմարաց 31դ թիւն կը ներկայացընէ Կարսայ արեւմտակողմեան տեսքը, հանդերձ բերդովը. իսկ 32ն Կարսայ հարաւային կողմը

 

ՆՇՄԱՐՔ 33, 34
ՏԵԿՈՐ 

Շիրակայ դաշտին հարաւակողմերը եւ Երասխ գետէն քանի մը ժամ հեռու՝ հին մեծամեծ գեղեր կան Հայոց, որք թէ եւ հիմայ անշուք եւ ամայի եղած են, ժողով մը հիւղերու կամ կէս գետնաթաղ տանց, այլ իրենց հին եւ հոյակապ սրբազան շէնքերով` շատ լաւ կ’իմացընեն որ ներկայիս աննման դարեր տեսեր են. ազատութեան, հարըստութեան եւ բարեպաշտութեան ատեն ծներ զարգացեր են. թէպէտ եւ պատմութիւնն շատին անունը կը լռէ, կամ հազիւ կը յիշէ։ Ասոնցմէ մէկն է Տեկոր, Անիէն չորս ժամ հեռու դէպ ի հարաւ արեւմըտից, Երասխէն ալ աւելի հեռու, պզտի գետակի մը եզերք, որ յԱխուրեան  խառնուի. այս (արեւելեան) կողմէն՝ Տեկորոյ սահմանը բաց է, մէկ այլ երեք կողմերէն լեռնաբլուրովք պատած է. չորս դին հիմայ գետինն կէս մշակած կէս անբնակ, միայնացեալ լռին տեղ մը կ’երեւայ, անոր համար ալ աւելի մեծ եւ փառահեղ կ’երեւի ի բնէ իսկ մեծ եւ ամրաշէն եկեղեցին, զոր ցուցընեն մեզի  33դ եւ 34դ Նշմարքս. եւ որ մեր նախնեացմէ բաւական անարատ հասած եւ հնագոյն յիշատակարանաց  մէկն է. եւ ոչ մեր միայն, այլ եւ առհասարակ քրիստոնէութեան տաճարաց. որով եւ սրբազան ճարտարապետութեան հնագոյն եւ ընտիր ձեռագործաց մէկն. որուն շինուածքն զարմանալի շէն մնալն գուցէ աւելի զարմանալի, այնպիսի բազմակոխ, բազմակռիւ բազմաւեր դաշտի մը մէջ։ Անոյ ծերագոյն եկեղեցիներն ասոր քով երիտասարդք են։ Քանի հազար անգամ արեւն իր ցորեկուան եւ գիշերուան կշիռքն հաւասարեցուցեր է այն լայնաձեւ գմբէթին վրայ. հազարամեայ դարու վրայ քանի՜ հարիւրամեայ դարեր ալ անցեր են, իրենց ձիւներն անոր գլխուն եւ ծաղկըներն ոտքին սփռելով, եւ նա կանգուն կեցած խորհըրդազգած լռութեամբ դիտեր է մեր յետին նախարարաց, Սասանեանց, Արաբացւոց, Բագրատունեաց, Թուրքաց եւ Թաթարաց գործելն եւ անցնիլը, մինչեւ Պարսից եւ Օսմանեանց եւ Ռուսաց յետին հանդէսները։ Ինքն շատերուն վրայ զարմացած է բարոյապէս կամ՝ դիմառնութեամբ, այլ իր վրայ բաւական զարմացողք չեն եղած, ինչպէս որ կ’արժէր, եւ ինչպէս որ փափագիմ այսուհետեւ։ Թէպէտ սրատես ճարտարապետք ոմանք տեսնելով Տեկորոյ եկեղեցւոյն պատկերը՝ ճանչցեր են անոր ճարտարուեստ կազմուածքը եւ յարգը, այլ կարծեմ՝ ոչ ըստ բաւականին՝ հնութիւնը, որ աւելի ալ կ’աւելցընէ զյարգն առաջի հնախոյզ արուեստաւորաց եւ զարմանք կը բերէ ինձի ճարտար Փռանկ արուեստաւորն Դեսիէ, որ Տեկորոյ պատկերներն ալ մեզի կ’ընծայէ, երբ կ՚ըսէ թէ տեղացի քահանայ մը եկեղեցւոյն մէկ դրան վրայ կարդալով արձանագիր մը` միայն այսչաի իմացեր է որ շինուած ըլլայ յամին 1224. եթէ հեղինակին գրոց թիւն ալ սխալ չէ տպագրուած։ 

Արդ մեր ազգայնոց մէջ ամենէն հմուտ եւ հաւատարիմ՝ քննող եւ գաղափարողն . Ներսէս Սարգիսեան) այդպիսի նոր թուական գտած չէ. եօթն արձանագիր օրինակեր է, որոց վեցն թուական ունին, եւ սկսեալ ՝ յ971 տարւոյ (ՆԻ) հասնին ի 1036 (ՆՁԵ). այս է, ետին թուականն իբրեւ 840 տարուան, իսկ առաջինն ամբողջ 900 տարուան (971=1871)։ Սակայն արձանագրողք, - որոց առաջինն է Խոսրովանոյշ թագուհի՝ կին Աշոտոյ Ողորմածի, երրորդն Կատրանիդէ թագուհի (1008) կին Գագկայ թագաւորի, եկեղեցւոյ շինութիւն կամ նորոգութիւն չեն յիշեր, այլ միայն իրենց նուէրքէ եւ հարկերէ ազատ թողուլն զՏեկոր։ Եկեղեցւոյն շինութեան յիշատակարանն թէ եւ քիչ մը խախտած՝ անոր մեծ արեւմտեան դրան վրայ փորագրած է, եւ այն միայն է առանց թուականի. վասն զի եւ Հայոց թուականէն առաջ գրուած է. այսինքն Քրիստոսի 551 թիւէն առաջ։ Վասն զի միայն այն ժամանակին զուգահանդիպին արձանագրութեան մէջ յիշեալ Յովհաննէս կաթուղիկոս մը, Յովհաննէս Արշարունեաց եպիսկոպոս մը, եւ «Սահակ Կամսարական (որ) շինեաց զայս Վկայարան». ապա Տեկորոյ տաճարն 1350 անգամէն աւելի գարուն ողջուներ է. եւ շնորհօք իր քաջ ճարտարապետին դեռ կանգուն է, եւ մեծ ու մխիթարական բաղդով դեռ նուիրեալ իր փեսային՝ Քրիստոսի։

Ներքին ձեւով թէ եւ քիչ շատ նման է Անոյ կաթուղիկէին եւ այլոց, բայց գմբէթն կ’իմացընէ իր մեծ հնութիւնն. վասն զի Անոյ եկեղեցեաց եւ ուրիշներու պէս՝ շատ սրաձեւ չէ, այլ աւելի տափակ ու լայն, որով հնագոյն բիւզանդական գմբեթաց ձեւին կը մօտենայ, միշտ հայկական ոճն ալ պահելով։ Նշանաւոր են ըստ ճարտարապետական դիտողութեան ներքին կամարաց բոլորաձեւութիւնն, եւ արտաքնոցն (որ դրանց վրայ կ’երեւին) կիսաբոլորէ աւելի կլորութիւնն. կողմնական սիւներն ալ իրենց սեփական ձեւ եւ վայելչութիւնն ունին։ Ինչպէս կ’երեւի նշմարացս վրայ՝ եկեղեցւոյն չորս կողմը ծայրէ ծայր կը պատեն հինգ քարեղէն աստիճանք, ոմանք արուած, ոմանք գետին թաղուած, մաս մ՚ալ ամբողջ մնացած։ 

Մեծ դուռն արեւմուտքէն է, որ հիմայ խցուած է. երկու դուռ ալ կողմերէն ունի, որք բաց են. մէջն երկայնաձեւ քառակուսի է առանց թեւի. երկայնքն է իբրեւ 26 չափ, լայնքն 16, պատերուն թանձրութիւնն ալ չափ մը. գմբէթն չորս քառակուսի ստուար սեանց վրայ բարձրացած է, որոց խարիսխն է չափ հաւասար: Բեմին կամ խորանին պատերն աւելի թանձր են. խորանն կիսաբոլորաձեւ դուրս ելած է քառակուսիէն. այսպէս ալ երկու քովէն պահարանքն դէպ ի հիւսիս եւ հարաւ երկայնած, եւ ոչ յարեւելք, ինչպէս են Անոյ եկեղեցեաց. այս պահարանք կամ նշխարատունք նեղկուկ են, 2 չափ ընդ լայնն եւ վեց ընդ երկայն. վրանին ալ մէկ մէկ ուրիշ սենեակք կան նոյն չափով: Եկեղեցւոյն ներսն ալ դուրսն ալ ամենէն մեծ զարդն՝ է պարզութիւնն. կըրնայ ըսուիլ թէ ուրիշ քանդակ ալ չկայ, բաց ի դրանց շրջանակէն եւ սիւներէն. սիւներն ալ ազատ չեն, այլ պատին կիպ, եօթն եօթն հատ երկու կողմերը, իսկ ճակատը փոխան կլոր սեանց՝ վեց հատ քառակուսի որմնասիւն կայ. միջին եւ կողմնական դրանց բարաւորքն ալ զուգակ սիւնակներ ունին, բոլորն մէկէն տասն զոյգ։ Գմբէթն ճիշդ ժամատան մէջ տեղն է, այսինքն մեծ դրան եւ բեմին աստիճանին միջոցը, որ է ըսել եկեղեցւոյն բուն քառակուսոյն միջոցը, ի բաց առնուլով բեմին եւ իր քովի պահարաննաց մասը։ 

Մեր 33դ նշմարն կը ցուցընէ Տեկորոյ հնապանծ եկեղեցւոյն երեւոյթը. 34դն ալ անոր պայծառ եւ վայելուչ ճակատը, որ 13 եւ կէս դարէ վեր դիտելով զարեւելս՝ անոր անմաշ. ճառագայթից շնորհքն առած կ’երեւի։ 

 

ՆՇՄԱՐ 35
ԵՐՈՒՆԱԴԱՇԱՏ

Ախուրեան գետն որ զԱնի կը պահէ յարեւելից՝ գրեթէ հաւասարապէս հեռու թէ անկէ եւ թէ Տեկորէն՝ ի հարաւ իջնալով կը խառնուի Երասխ, այս խառնըրդոց երկու անկիւնները մէկմէկ մեծ եւ բազմաշէն բնակութեան տեղիք կանգնեցան՝ 18 դար առաջ, մէկ ժամանակ եւ մէկ անձի հրամանաւ, որոյ անուամբ եւ կոչուեցան Երուանդաշատ եւ Երուանդակերտ: Երուանդ մեր պատմութեան մէջ խառն յիշատակ մը թողած է, ի ծնէ մինչեւ ի մահն. ծնունդն, կ’ըսէ պատմիչն, թէ եւ Արշակունի մօրէ, այլ հայրն անծանօթ ըլլալով՝ խառնակ համարեցաւ։ Բայց ինքն յաջող եւ կտրիճ անձ մ’ըլլալով, միանգամայն եւ առատաձեռն սիրելի եղաւ թագաւորին (Սանատրկոյ), եւ իշխանաց. որք դէմ՝ չկեցան իրեն՝ երբ յետ Սանատրըկոյ թագը յափշտակեց. բայց նախ ինքն ճանչցաւ իր բռնաւոր եւ յափշտակող ըլլալը, եւ յափշտակել չտալու համար՝ սկսաւ իր կեանքը եւ բնակութիւնը ապահովելու եւ ամրացընելու ջանալ: Հայոց հին մայրաքաղաքն Արմաւիր՝ Երասխ գետին հեռանալով՝ անջուր եւ անյարմար թուեցաւ իրեն. թողուց զայն, եւ առաջ անցնելով արեւմուտս՝ Շիրակայ դաշտին վարի ծայրը, յիշեալ գետախառնըրդոց անկիւնները իրեն դաստակերտները կանգնեց: Արեւելեան անկիւնը դրաւ իր զբօսանաց աւանը՝ Երուանդակերտ, իսկ արեւմտեան անկիւնը՝ բուն թագաւորական քաղաքը, Երուանդաշատ։ Հոս գետանկեանց միջոց քարաբլուր մը կար, զոր շատ յարմար գտաւ ամրութեան. երկու գետոց ջրեղէն պատերէն զատ՝ քարէ պարսպօք ալ պատեց. եւ պարսպէն ներս քարաբլրին ստորոտքը զանազան տեղ փորելով՝ գետէն ջուր բերաւ ծածուկ ճամբաներով. վրան բերդ մը շինեց բարձր պարիսպներով, պղնձե դռներով եւ երկաթէ սանդղօք, ուսկից անփորձ եւ թշնամի մարդ չէր կըրնար ելնել. վասն զի սանդղոց աստիճանաց միջոց որոգայթներ կար՝ որք կը բռնէին անզգոյշ կոխողը. իսկ թագաւորին եւ ծառայից համար՝ որոշուած էր սանդուղն կամ կոխելու տեղն։ Բերդին մէջ դրաւ Երուանդ իր արքունիքը, վարն ալ հաւատարմաց եւ ուրիշ մարդկան բնակութիւն թողուց. միայն չուզեց որ շատ մարդ գայ հոն պատճառաւ հանդիսից, անոր համար մեծամեծ կուռքերն ալ՝ որ մայրաքաղաքին մէջ կը պատուէին, հոն չմտուց, այլ քանի մը ժամ հեռու՝ անոնց ալ զատ աւան մը շինեց, որ Բագարան ըսուեցաւ, եւ պաշտօնասէրները հոն կը խաւրէր։ Այս ամենայն զգուշութիւնք բաւական չեղան զինքը իր փափագին հասցնելու, ոչ ամրութիւնքն եւ ոչ որոգայթքն ապրեցուցին զինքը։ Թագաւորութեան արդար ժառանգն  Արտաշէս՝ իր Այրաքաջ Սմբատ սպարապետին ձեռօք յաղթեց հալածեց զնա մինչեւ յամուր բերդն եւ դղեակն, բայց բերդապահք անձնատուր եղան, դռները բացին, անշուշտ ճամբան ալ ցուցին անվտանգ վեր ելնելու, իր վարած որոգայթից մէջ բռնուեցաւ բռնաւորն եւ սպանուեցաւ, իրեն հետ իր քաղաքին, Երուանդաշատայ փառքն ալ մարեցաւ, վասն զի թագաւորական աթոռն հաստատեցաւ յԱրտաշատ։ Իսկ Երուանդայ շէնքերն՝ արքունի կալուածք եղան. զորս յետ 250 տարւոյ՝ մեծն Տրդատ պարգեւեց Կամսարականաց ցեղին, որն իրենց իշխանական աթոռը հաստատեցին յԵրուանդաշատ. եւ թէ ոչ յետ շատ ժամանակի՝ Արշակ թոռնորդին Տրդատայ յափշտակեց զայն անոնցմէ, բայց իրմէ զօրաւորն ալ եւ իր անհաշտ թշնամին՝ Շապուհ Պարսից թագաւորն իրմէ խլեց, եւ բոլոր շէնքերը կործանել տուաւ, գերի տանելով բնակիչքը, որը շատ բազմաթիւ էին, եւ մեծ մասն հրեայ։ Այնուհետեւ չիյիշուիր Երուանդաշատ իբրեւ շէն տեղ մը, այլ գուցէ 1500 տարիէ վեր աւերակ մնացեր է, հազիւ 300 տարի պայծառանալով. եւ ժամանակն գետինը բարձրացնելով` զինքը ծածկեր է հողով եւ քարամբք. որոց տակ շատ բան հաւանական է թէ իր փառաց փշրանքն ցրուած պահուած են. եւ մեծ աշխատութեամբ փորուելով` կարելի է տեսութեան եւ յիշատակաց արժանի բաներ գտնել, իսկ պարզ աչօք դրսանց երեւցածն է ահաւասիկ Նշմարս 35դ. յորում դեռ կ’երեւի պարիսպներուն մասն սեւ եւ կարմիր լաւայի մեծամեծ քարերով, քարաբլրին մէջ փորուած ջրամբարի տեղուանք, կարմիր քարէ կամուրջի մը կտոր Երասխայ վրայ. քանի մը բնակարանաց եւ բերդին եւ աշտարակաց մնացորդք։ Բերդին քարաբլրին քով ուրիշ բլուր մ՚ալ կայ, վրան սեաւ լաւայի քարերով գերեզմաններ, ինչուան ԺԵ դարու արձանագրութեամբ թերեւս կռապաշտից գերեզմանք ալ ըլլան հոն։ Հիմայ Երուանդաշատայ ամենէն մօտ գեղն կոչուի Հաճի–Պայրամ:


 

ՆՇՄԱՐ 36
ԿՈՂԲ 

Հայաստանի երկրաբանական հանգամանաց ամենէն նշանաւորներէն մէկն է աղաշատ ըլլալն. ամեն դիրքով եւ ձեւով աղեր ունի, թէ լիճ, թէ գետ, թէ աղբիւր, եւ թէ քարաղ։ Այս ետքի տեսակէս, այսինքն բուն աղի հանք, կամ աղի լեռներ շատ կան ի Հայս. գլխաւորներն են Նախիջեւանայ եւ Կողբայ։ Երուանդայ շէնքերէն քիչ հեռու է Կողբ, Երասխայ հարաւակողմը, հին Ճակատք գաւառին մէջ. որ իբրեւ մարդաշէն տեղի ունեցեր է մեծութիւն եւ պայծառութիւն, հիմայ անցած եւ ծածկուած. վասն զի հին Կողբն ալ ամայութեանց եւ աւերակաց կարգ անցեր է, թողլով շէնքերու մնացորդներ, որոց մէջ կ՚երեւին երեք եկեղեցիք. մէկն մեծ եւ կարմիր քարերով շինուած, գուցէ Է դարէն մնացած, յորում` Հերակլ կայսր պարգեւեց Եզրի կաթուղիկոսի այս գեղս եւ իր Աղահանքը: Այս աւերակաց վրայ կը թափառի՝ մեր ամենէն յստակախօս եւ հայկաբան իմաստասիրին համբաւն, որ է եղծիչն աղանդոց՝ Եզնիկն աշակերտ Ս. Սահակայ եւ Մեսրովպայ։ Հիմակուան կողբն Բարդող լերան ստորոտը բոլորած  է, կաւէ տուներով եւ աշտարակներով: Աղահանք լեռն կամ բլուրն գեղին արեւելակողմն է իբր կէս մղոն հեռու, եւ կանաչ ու կապուտագոյն հողերով զատուած երեք կարգ քարաղի կը ցուցընէ, որք Նախիջեւանայ աղահանից պէս՝ Նահապետաց ժամանակէն ի վեր կը փորուին, կը կտրուին եւ կը տարուին, եւ առ նուազն տարին 50, 000 ֆրանգի եկամուտ կու տան: 36դ Նշմարս կը ցուցընէ զԿողբ հանդերձ աղահանք լերամբ, միանգամայն եւ իր գերեզմանօքը։ Կը պակսի միայն Եզնակայ Կողբացւոյ մահարձանն, կամ մանաւանդ անմահարար յիշատակաց արձանն։



[1] (1) Այս երեք զուգակից շինուծոց, Էօշքայ, Խախուայ եւ Իշխանայ առաջին քննող եւ ստորագրողն եղաւ Սարգսեան Հ. Ներսէս Վարդապետն Մխիթարեան, իբր 28 տարի առաջ. որ եւ բոլոր վրացերէն արձանագրութիւնները գաղափարեց, եւ հրատարակեցաւ Տեղագրութեան մէջ (տպագրեալ յամի 1864, ի Ս. Ղազար), ուր կըրնան գտնել փափագողք՝ հանդերձ հայերէն թարգմանութեամբ։ Նոյն տարին Պետրպուրկի Ճեմարանի ընկեր Պ. Պրոսէ, զասոնք փռանկերէն թարգմանելով առանձին տպագրեց հանդերձ տեղեկութեամբ, եւ Հ. Ներսեսի օրինակած ձեւով արձանագրութիւններն ալ վիմագրելով, այսու վերնագրով. Inscriptions Géorgiennes et autres, recueillies par le P. Nersès  Sargisian, et expliquées par M. Brosset, Membre de l’Académie de St. Pétersbourg. 1864.

[2] Ասողիկ։