Նշմարք հայկականք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա



ՊՐԱԿ Բ.

  ՆՇՄԱՐ 13
ՊԱՐԻՍՊՔ ԱՆՈՅ 

 

ԱՆԻ. Եթէ մոգիչ եւ եթէ յափշտակիչ ըսենք՝ անուն մ՚է այն, որ հառաչանաց խոր արձագանգ մը հնչել կու տայ զինքը եւ զազգը ճանչցող Հայու մը, նաեւ հեռի աշխարհներէ, ինչուան Լեհաստանի դաշտերէ եւ Տաւրիոյ ծովակոծ եզերքներէ. մանաւանդ երբ անոր դոյզն տեսարան մ՚ալ յանկարծ երեւի աչացը, ինչպէս այս ԺԳ նշմարիկս ալ, որ իրեն հանդիպող ազգային բանասիրին կը ներկայացընէ այն հայկական հանճարոյ, զօրութեան, հարստութեան  եւ բարեպաշտութեան՝ վերջին մեծանշան ապաստանարանին, Անի քաղաքին, հիւսիսային արեւմտեան կողմի պարիսպները։ Եթէ մէկն կարնոյ լեռնադաշտէն իջնելով ի Բասեն եւ Սօղանլու լեռներէն անցնելով մտնէ ի Վանանդ (Ղարս) եւ անտի ի Շիրակ, կամ թէ Պինկէօլ լերանց կողմէն նորաբուղխ Երասխայ ափերն ի վար խաղալով՝ դիմէ ի Շօրէկէլ եւ եթէ արեւելքէն գալով Արարատեան երկու մեծագոյն լերանց՝ Մասիսու եւ Արագածայ միջոցէն անցնելով Երեւանայ դաշտէն դէպ յարեւմուտք գայ, քանի մը ժամ՝ հեռուէն կը տեսնէ լայնատարած դաշտագետնի մը մէջ բարձրացած եւ խառնած հսկայաձեւ կուտակութիւն մը պարսպաց եւ աշտարակաց իբրեւ նորաձեւ եւ այլանդակ կարաւան մը, անապատի մէջ կանգ առած դադրած, եւ իսպառ դադրած: Կարծէ որ անոր վրայէն ալ անցած ըլլայ անապատագնաց տոչորիչ խամրիչ մեռուցիչ խորշակն, եւ այն ընդարձակ շարժմանց եւ կենդանութեան կեդրոնը՝  աչացուցած արձանացուցած, լըռած լըքած։ Ո՛ր կողմէն ալ որ տեսնուի, որ աչքով ալ որ նայուի՝ միշտ այսպիսի ազդեցութիւն մը կու տայ Անի իր այժմեան դրից մէջ, նաեւ օտարազգւոյ, բայց սիրտ ունող անձի մը։

Ցաւալի զարմանքն այն է, որ Անի քանի մը դար հազիւ ապրած է իր փառօք եւ ճոխութեամբ, մանաւանդ թէ դար մը միայն, եւ երկու դար ալ՝ երկրորդական կամ կիսակատար շնորհքով, իսկ չորս եւ կամ հինգ դարէ ի վեր սրտաշարժ եւ սգաշարժ մեծ մահարձանի գաղափար մ՚ընծայած է եւ կ՚ընծայէ, եւ գուցէ ասկէ վերջն ալ դեռ երկայն ատեն. ինչուան  որ… արդեօք՝ ժամանակն, անհոգութիւնն եւ ատելութիւնն՝ բոլորովին իրենց աւերածու գործը պիտի կատարեն, եւ հիմկու նշխարեալ շէնքերն ալ Արմաւրայ եւ Արտաշատայ հողակուտից պէս անհետացընեն, թէ՝ փափագելի՛ բաղդ եւ արդիւնական ջանք մը, դեռ բոլորովին չընկած չկորածը` հանեն իր մեծ ու շատ փլածքէն, եւ կանգնեն ինչ որ դեռ կըրնայ կանգուն կենալ, եւ անգամ մ՚ալ կենդանի եւ ընտանի շունչ շընչէ ազնի՛ւն Անի։

Այլ քանի որ դեռ այս վիճակիս մէջ ենք, ներելի ըլլան մեզի այս խօսքս. եւ դարձեալ զարմանալով մը կարդանք մեր ազգին ամենէն ճարտար ամենէն փափկախօս եւ ամենէն սրբազան տաղաչափից երգը կամ ողբը. այն ամենաշնորհ Ներսիսի Կլայեցւոյ կաթողիկոսի, որ իբրեւ մարգարէական աչք անցածին վրայ գալիքն ալ տեսնելով, դեռ քաղքին բաւական շինութեան ատեն եւ Բագրատունի թագաւորաց ձեռքէն ելլելէն ճիշտ դար մ՚ետեւ, այսպէս կը խօսի հետը, իր բուն ողբոց առիթ Եդեսիա քաղքին դէմքով

…Ըզքեզ՝ յայս հրաւիրեմ

Արեւելեան քաղա՜քդ Անի,

Կըցորդ իմոյս լինել ձայնի,

Եւ ըսփոփիչ տարակուսի։ 

Քանզի եւ դու երբեմն էիր

Վայելչական հարսն ի քողի,

Մերձաւորաց յոյժ ցանկալի,

Հեռաւորաց փափագելի։

Շինեալ եղեր տուն արքունի

Յընտրեալ նահանգըդ Շարայի՝

Թագաւորաց Բագրատունի,

Որ ի ցեղէն Իսրայէլի:

…Գեղեցկանուն զարմանալի

Որ երրակի տառիւ բերի:

…Յորում է իր ժամանակի

Բերկրեալ ուրախ եւ ցընծալի:

Որպէս այգի ողկուզալի կամ ձիթենի պտղով ի լի։

Մանկունըք քո զուարթալի 

Նըման նորոգ բուրաստանի,

Դստերըք քո պաճուճալի 

Յերգ եւ քընար միշտ ի խաղի։

Իսկ թագաւոր քո պանծալի՝ 

Նըստեալ յաթոռ թագն ի գլխի,

Եւ զօրականքն աuտի ու անտի՝

Կալով ի սպաս իւր հրամանի:

…Հայրապետք, եսիսկոպոսք

Եւ քահանայք, ու այլք ըստ կարգի,

Իւրաքանչիւր յիւրում դասի,

Պատշաճաւոր յայն տաճարի։

Զոր թէ ասել հարկ լինիցի՝

Է դըժուարին ու անկարելի,

Եւ անօգուտ յայժմուս բերի։

Յորոց է ոչ մի ի միջի։

Քանզի անցին ըստ երազի,

Որպէս ծաղիկք ամարանի։

Ըստ յորդութեան յորդ վըտակի

Գարնանաբեր հեղեղատի.

Կամ զուռուցեալ պղպըջակի՝

Որ ընդ լինելըն պատառի։

Նըմանագոյն եղեալ նոցին

Վասըն մեղաց մեր զազրալի

Սուրն անողորմն անօրինի՝

Որ մերս արեան է ի սովի`

Ոչ է յագեալ եւ ոչ յագի

Մինչեւ ի գալ կատարածի։

Նոյն նա եհաս ուրեմն ի քեզ… 

Հընձեաց զորայն անդաստանի՝

Կանաչագոյն որ ի հասկի.

Զայգին խըլեաց արմատաքի,

Մերկեաց յոստոցն ըզձիթենի,

Ետեղ զարիւն սրբոց յերկրի

Հոսեաց նըման ջըրոց գետի.

Արար դիակն անթըւելի,

Անթաղ մեռեալ գէշ գազանի…

Մարմինք անկեալ մէջ փողոցի

Եւ այլ բազումք որ ոչ թըւի,

Եւ է ասելն անկարելի

Որք քեզ հասին յայնըմ վայրի

Բոլոր ամեն մասունք չարի։

Վասն այնորիկ, ով անձկալի

Որ ես ներհուն այսր ամենի,

Ի սոյն յայնժամ՝ խիստ աղետի՝ 

Ծանիր եւ զիմս ողբ կականի.

Եւ որպէս փորձ տարակուսի՝

Լեր տրտմակից ինձ յայս վայրի…

Բայց մեր նպատակն այս տեղ ողբալ եւ տրտմիլ չէ, եւ ոչ ալ երկարօրէն յիշել կամ նկարագրել Անի քաղքին պատմական եւ աշխարհագրական դէպքն եւ դիրքը, այլ փոքր ի շատէ ճանչցընել մեկ նշմարածը։ Սակայն որովհետեւ յետագայ քանի մը թիւեր ալ մեզի այլեւայլ նշխարք եւ նշմարք կը ցուցընեն Անի քաղքին, հարկաոր համարիմ ընդհանուր համառօտ տեղեկութիւն մը տալ, աւելին փափագողը ղրկելով մեզնէ առաջ շատ հեղ զայն տեղագրողաց [1] ։ 

Մեր նշմարաց Թ թուին յիշած Գուգարաց աշխարհին Ջաւախք գաւառն եւ շրջակայքն՝ շատ մեծ ու պզտիկ լիճեր ունին. անոնցմէ մէկն ալ Արարատ աշխարհին սահմանակից` Արփա անուամբ՝ գետ մը կ՚արձըկէ համանուն, Արփա-չայը, եւ ըստ նախնեաց մերոց Ախուրեան. որ բարձր երկրէ իջնելով եւ քարայատակ խորաձոր մը կտրտելով՝ դարձ եւ դարձի կիջնէ հիւսիսէն ի հարաւ Երասխ գետ. որոյ հետ գործած երկու անկեանցը միջոց Երուանդ թագաւոր Արշակունի իր զարմանալի քաղաքներն շինած էր, Երուանդակերտ եւ Երուանդաշատ. Աշուրեան իր ընթացից կիսէն վար աւելի խորտուբորտ ձորէ մ՚անցնելով՝ արեւելքէն ի հարաւ եւ անկէ յարեւմուտք կը դառնայ, պատելով քարաբլուր 

մը. եւ հոն իր աջ կողմէն (արեւմուտքէն) կ՚ընդունի գետակ մը, որ հիմայ Ալաճա-չայ կ(ըսուի, եւ որ միւսոյն նման քարային եւ քարայատակ խորաձորի միջէն կ՚անցնի, որ կոչուէր Ծաղկոցաձոր, իսկ գետակն կարծուի յոմանց հին ատեն Ռահ կոչուածն ըլլալ: Այս երկու գետոց ձորերն բնականապէս անկիւն մը կը գործեն դէպ ի հարաւ, կամ արմըկան ձեւով սուր ցամաք մը. միւս կողմէն (հիւսիսէն) ալ կ՚ըլլայ եռանկեան բացուածն կամ խարիսխն, որ կը նայի Շիրակայ դաշտին վրայ: Երկու կողմերն այն երկու գետաձորերով բնական ամրութիւն մ՚ունին, գրեթէ անմատչելի. անոր համար շատ հնուց՝ սրանկեան մէկ կողմը՝ որ բարձրկեկ քարաբլուր մ՚է, բերդ կամ ամրոց մը շինուած է, եւ Անի կոչուած, Շնորհալւոյն դիտածին պէս

Գեղեցկանուն զարմանալի

Որ երրակի տառիւ բերի:

եւ զոր ինքն բարեպաշտօրէն կը վերածէ՝ 

ՅԵրրորդութեանըն խորհըրդի,

Որ միշտ ի քէն երկըրպագի։ 

եւ շատ հաւանութեամբ` Հայկազանց իր շինողաց ատենն ալ նուիրած էր Անահտայ պէս դից կամ դիցուհւոյ մը, եւ բարձրէն կը դիտէր իր ընդունայնակարծ երկրպագուները. աւանդութիւն մ՚ալ կ՚ըսէ թէ Գրիգոր Լուսաւորիչ այն չաստուածը վերցնելով՝ տեղը սրբեր է եկեղեցի Աստուծոյ։ Հաւանօրէն նոյն սկզբամբ կանգնուած է Դարանաղեաց գաւառին Անի բերդն ալ, որ ուրիշ անուամբն ինչուան հիմայ կոչի Կամախ։ Վարդանանց ատեն կը յիշուի այս Շիրակայ ամուրն Անի. զոր դար մը աւելի առաջ իր շրջակայ գաւառով` մեծն Տրդատ պարգեւեր էր իր խնամի Պահլաւունոյն Կամսարայ՝ որդւոյ Արշաւրի, որոյ ցեղին ձեռքը մնաց մինչեւ Ը դարու վերջերը, յորում Կամսարականք վաճառեցին Բագրատունեաց: Ասոնք սկսան երկրորդ անգամ շէնցընել հին Շարայ նահապետին հացաւէտ դաշտերը, մշակութենէ աւելի՝ քարուկիր շէնքերով, բերդերով, եկեղեցիներով. մանաւանդ երբ ի կէս Թ դարու գրեթէ իրենց սեփականեցաւ Հայոց իշխանապետութիւնը, որ եւ քիչ ատենէն փոխեցաւ ի թագաւորութիւն. անով իրենց շէնքերն եւ նիստերն ալ եղան արքունիք։ Այն ատեն եւ աւելի առաջ ալ Շիրակայ գլխաւոր բնակատեղին էր Շիրակաւան կամ՝ Երազգաւորք, հիմայ Պաշ-Շօրէկէլ կոչուած, որ Անիէն հինգ ժամի չափ վեր հիւսիսակողմն է, գետոյն նոյն աջակողմեան կամ արեւմտեան եզերքը, եւ գոնէ կէս դար մը Բագրատունեաց առաջին թագաւորանիստ տեղն եղաւ, յետոյ աւելի ամուր տեղւոյ կարօտութիւն իմանալով՝ ընտրեցին զԱնի, որ արդէն ի բնութենէ ամրացեալ էր մեծագոյն մասամբ, գնար միայն հիւսիսային կողմն՝ եռանկեան բացուածն, որոյ երկայնութիւնն Ախուրեանէն մինչեւ ի Ծաղկոցաձորն՝ կողմերուն հաւասարեցընելու համար՝ գրեթէ գաղղիական հազարչաի մ՚է («քիլոմեդր). եւ ահա այս փոքր միջոցս է՝ զոր Աշոտ Գ Ողորմածն՝ յամի 964 փակեց եւ ամրացուց պարըսպով եւ աշտարակներով, որոցմէ իբրեւ 20 քայլ հեռու նոր եւ մեծագոյն պարիսպ մը կանգնեց իբր 15 տարի վերջը՝ Աշոտոյ որդին, մեծագործն եւ սէգն Սմբատ Բ, Տիեզերակալ եւ Շահանշահ կոչուած: Ասոր շինածն ոչ միայն երկայնութեամբն, այլ գուցէ եւ բարձրութեամբն գերազանց էր քան իր հօրը շինածն, որ անկէ ետեւ ըսուեցաւ փոքր եւ ներքին պարիսպ. սակայն ինչպէս որ բնական էր, թշնամեաց բռնութիւնն աւելի արտաքնոյն հետ կռուելով հիմայ այդ սմբատաշէն մեծ պարիսպն մեծագոյն մասամբ կործանած եւ ցածցած է, իսկ ներքինն եւ փոքրն՝ դեռ կիսականգուն կայ : Եւ ահա այն է մեր ԺԳ Նշմարն, բայց երկուքն ալ ոչ սակաւ մասամբ նորոգուած են: Վասն զի Աշոտոյ հիմնարկութենէն ճիշդ հարիւր տարի ետեւ՝ յամի 1064 Էլփ–Արսլան Սէլչուկն նախ սկսաւ աւրել Բագրատունեաց գահը. յետոյ Պարսիկ ամիրայք ժառանգողք Անոյ սկսան նորոգել, որք եւ փոփոխակի կ՚առնուին ի Վրաց՝ ԺԲ դարուն մէջ. մինչեւ ԺԳին սկիզբը Վրաց բանակին առաջնորդքն՝ հայազգի մեծ իշխանքն Զաքարէ եւ Իւանէ՝ գրեթէ ընդհանուր նորոգութիւն մը տուին քաղաքին եւ պարըսպացը, որոց ձեռակերտն եւ արձանագրութիւնը դեռ մնան. թէ եւ անոնց որդւոց ատեն Թաթարք մեծ աւերածով տիրեցին Անոյ, յամին 1239. եւ անկէ ետեւ դար մը միջոց ալ շատ հեղ վտանգելով եւ նորոգելով՝ հասաւ իր ետին մեծ արկածին, այսինքն ընդհանուր կործանման, աւերման  եւ անմարդութեան։ 

Սակայն որ թուականին եւ որպիսի՞ դիպուածով եղաւ այս սեւ գործն. Լէնկթեմուրի աւերածութի՞ւնն էր, թէ իրմէ առաջ ուրիշ բռնաւորի մը՝ զԱնին ամայացընող. յանկարծական վախ մը, սով մը, սրածութիւն մը, թէ ինչպէս շատերու կարծիք է՝ մեծ գետնաժաժ մը, որ այն բազմաբնակ բազմատաճար բազմահարուստ քաղաքը՝ դարձուց ի բազմաշխարելի աւերակ, եւ ի թագուհի աւերակաց աւերակացեալն Հայաստանի։ Պատմութիւնն հիանալի լռութեամբ մը դեռ ծածկեր է մենէ այս դէպքս, որ եւ այնչաի հիանալի է, որչափ որ համեմատաբար շատ մօտ ատեն հանդիպած է. վասն զի դեռ Անոյ եկեղեցեաց մէջ. ինչուան ԺԴ դարուն կիսէն վար արձանագրութիւնք գտուին. ԺԵ դարին կիսէն ետեւ ալ կը յիշուի եպիսկոպոս մը վիճակին Անոյ։ Բայց այս կըրնայ քաղքին ամայանալէն վերջ ալ՝ Խօշավանքի առաջնորդին համար ըսուած ըլլալ: Միով բանիւ թուի թէ ԺԴ դարուն ետքերը եղած է Անոյ վերջին  աւերն եւ լքումն, զոր մինչեւ հիմայ ոչ պատմիչ մը, ոչ յիշատակարան մը եւ ոչ ճանապարհագիր մը յայտնած է մեզի։ Եւ այսքան մօտ ատենուան, եւ. այսքան մեծահռչակ քաղաքի վրայ եղած լռութիւնն, այնքան յիշատակագրութիւն ընել սիրող ազգի մը մէջ, որպիսի են մերայինք, զիս աւելի կը զարմացընէ աստուածախառն սոսկմամբ մը` քան Բաբելոնի եւ Նինուէի մթին դարերն եւ սեւ օրերն… Սակայն երբ կը տեսնենք որ նոյն իսկ մեր օրերն՝ յետ 2000 եւ աւելի երկայն տարիներու՝ Նինուէ եւ Բաբելոն քսանեւհինգ եւ երեսուն դարեան փոշիները թօթափելով՝ ի լոյս կը հանեն իրենց զարմանաձեւ անդրիները եւ բեւեռաձեւ արձանները, անյուսալի չէ որ անոնց թոռանց թոռ ըսուելու Անին ալ՝ քիչ ատենէ իր վերջի ողբերգութիւնը կամ ողբերգելի դէպքը երեւան հանէ։

Հիմայ վերջին աչք մ՚ալ տալով մեր ԺԳ. Նշմարին, թէ ոչ այդ կիսաւեր կերպարանացը՝ գոնէ զանոնք սրբազանող եւ գրեթէ պահպանող Խաչարձանին՝ գլուխս ծռենք։ Այդ սուրբ Նշանին քանդակն կրնամ՝ ըսել որ Անոյ մեծագոյն եւ բազմագոյն զարդն  է: Ծաղկոցաձորի ծործորն ալ ցամքեր, ծաղկունքն ալ խամրած են այսօր, բայց Անոյ պարըսպաց, աշտարակաց, եկեղեցեաց եւ ապարանից մնացորդաց վրայ` խիտ առ խիտ ծաղկանց կամ թիթռանց նման՝ անաւեր եւ անամաչ փայլեն եր հարց բարեպաշտութեան եւ ճարտարութեան նշաններն. հազար բիւր նշան

Իսկ այս աշտարակներս զոր կը նշմարեմք՝ ոչ առաջին հին շինուածքն են եւ ոչ վերջինք, այլ խառն իմն. շատոնց՝ գուցէ եւ ամենուն հիմերն հին, վրանին նորոգուած, վերի ծայրերնին մաշած ընկած՝ աւելի բռնութեամբ մարդկան կրից քան բնութեան. եւ կան դեռ ինչուան ԺԲ դարուն կիսէն արձանագրութիւնք, աւելի հին քան զԶաքարեանց ժամանակը. մէկ բարձր աշտարակի մը վրայ ալ գրում է, «Աշոտոյ իշխանաց իշխանի է». ԺԱ դարուն սկիզբը երկու Աշոտ կար իշխանաց իշխան, մէկն եղբայր թագաւորին Սմբատ Յովհաննու, ինքն ալ թագաւոր, միւսն խնամի Պահլաւունի իշխանաց՝ որ իր որդին փեսայացոյց քրոջ Գրիգորի Մագիստրոսի. այս ետքինիս կարծելի է արձանն, ի վերջ Ժ. դարու կանգնած, վասն զի Աշոտ վախճանած է ի 1002 թուին։

Ուրիշ աշտարակի մը վրայ ալ, քաղքին մեծ դրան քով, քիւֆի գրով գրուած է որ Մանուչէ առաջին Պարսիկ տիրող ամիրայն կանգնել տուեր է, յամին 1072։ Անկէ քիչ տարի առաջ (1046–1056) Յունաց տիրապետութեան ատեն Առօն Մագիստրոս մը կ՚ըսէ բերդին համար. «Բարձրացուցի բովանդակ զպարիսպ սորին կարկառակոյտ արձանօք եւ հաստահեղոյս ամրութեամբ»։ 

Ըստ ձեւոյ շինութեան՝ աշտարակներուն շատն բոլորակ են, քիչերն քառակուսի։ Շատք կրկնայարկ եւ եռայարկ են, որք սանդուղներով իրարու կը տանին. շատերն կամարակապ են, եւ վրանին այլ եւ այլ ձեւերով վայելուչ քանդակներ կան, նաեւ վարպետ փորուածք է «Քարերն հրաբըղխի քարեր են դեղին կամ կարմրագոյն, մոխրագույն, կանաչախառն եւ սեւ: Խաչերն շատ տեղ սեւ ու սպիտակ քարերու հարուածքով ձեւացուցած են, զատ ի միակտուր քանդակեալ խաչերէ. ամենն ալ կոփած, տաշած ողորկած, իբր երկու թիզ մեծութեամբ. եւ թէ եւ ի բնէ կամ կոփուած ատեննին կակուղ եղած են քարերն՝ այլ ժամանակն պնդեր եւ ողորկութիւննին պատեր է. աւելի քան ըզմեռեալ մարմնոց՝ պահելով ասոնց կենդանական շնորհքները։ 

Արտաքին պարիսպն՝ ինչպէս վերն յիշեցինք, հիմայ շատ աւրուած եւ ներքինէն տկար կ՚երեւայ, աշտարակներն ալ սակաւաթիւ, իսկ ներքինն եռապատիկ աւելի թուով կը ցուցընէ։ Մեր հոս նշմարածն է Անոյ ներքին պարսպին հիւսիսային արեւմտեան կողմն, որ է ըսել Ծաղկոցաձորի քով, միանգամայն եւ քաղքին գլխաւոր անկիւնն, վասն զի հոն կարծուի թագաւորական պալատն։ 

Այս պարիսպներս չթողած՝ պէտք է աւելցնեմ, որ թէ եւ քաղքին մէկայլ կողմերն կարօտ չէին պարսպաց, պատճառաւ վերոյիշեալ ձորերուն, սակայն ոչ միայն հարաւային կողմը միջնաբերդին քով՝ կան մնացորդք պարսպաց, այլ եւ արեւելեան կողմն ալ տեղ տեղ կ՚երեւան Ախուրեանի եզերքը. եւս առաւել հիւսիսային արեւելեան կողմը՝ ուր պզտի վտակ մը կը խառնուի Ախուրենի հետ իր առանձնակ ձորակովը, եւ այս կարծուի արձանագրի մը մէջ յիշեալ Գլիձորն. այս ձորագետակին բոլոր ներքին եզերքը պարիսպ մը քաշած է, իր Ախուրենի հետ խառնուրդէն սկսեալ մինչեւ ի գլուխ մեծ պարսպացն, յարեւելեան հիւսիսային անկիւնն: Այս երկու պարիսպներէն զատ՝ քաղքին հիւսիսային կողմն լայն խրամ` մ՚ալ ունէր ի պաշտպանութիւն, որոյ հազիւ հետքն կ՚երեւին հիմայ. եւ որոյ ջրերուն վրայ՝ Անոյ առաջին տիրող եւ աւրողն Էլփ-Արսլան` լաստերով հանեց իր սոսկալի զօրքերը։ 

Այսուհետեւ եթէ փափագի ընթերցողս Անոյ քաղաքին մէջը տեսնել հետաքննաբար, ինչպէս որ կարծեմ, ի հարկէ պէտք է բնտռել անոր դուռը։

 

  ՆՇՄԱՐ14
ԴՈՒՌՆ  ԱՆՈՅ 

Ընդ իս ընդ այս է ճանապարհ տրտմաթախիծըն քաղաքի՝

Ընդ իս ընդ այս է ճանապարհ առ կորուսեալըն ժողովուրդ…

Որք միանգամ մըտանէք՝ մի եւս այլ յուսոյ ակն ունիցիք [2] ։ 

 

Այս սըգաւոր եւ ահաւոր վերնագիրն՝ զոր Իտալացւոց քերդողահայրն իր լեզուին եւ գրչին անթարգմանելի գեղեցիկ պարզութեամբը գրած՝ պատշաճ սեպեր է դժոխային դրան մը վրայ դրոշմելու, եւ հետաքնին Ռուս ուղեւոր մ՚ալ նախ պատշաճեցուցեր է մեր սըգազգեաց այրի եւ ամայի քաղաքին դրանը: Եւ յիրաւի, անոր դուրսը մէջը շուրջ բոլորը տեսնողն՝ ասկէ աւելի կամ պակաս բան պիտի չկարենար զրուցել, եթէ չյիշէր՝ որ երկրիս վրայ ամենէն յետին մնացուածն է յոյս։ Հայ մը պէտք չէ բոլորովին անյոյս մտնէ եւ ելնէ Անի, որքան ալ որ անոր այժմեան հանգամանքն եւ իր պէսպէս կորուսեալ ամբոխն՝ ճշմարտեն Sանդէի առաջին տողերը։

Պարըսպաց՝ մասամբ քակուած եւ կործանած վիճակն չի ներեր ստուգել՝ թէ քանի՜ դուռ ունէին՝  քաղքին շէն ատենը. հիմայ ինչուան տասն դրանց նշանք կ՚երեւան, ոմանք դեռ բաւական անքակ մնացած. հարաւային կողմն, որ եռանկիւնաձեւ քաղաքին սուր կողմն է, հարկաւ քիչ դուռ ալ պիտի ունենար, եւ միայն մէկ դրան նշան կայ. միւս կողմերն երեք երեք հատ. բայց գլխաւորք մէկ մէկ հատ արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը, երեք հատ հիւսիսային ներքնապարըսպին, եւ երկուք նախապարըսպին կամ դրսի պարըսպին, որոց արեւմտագոյնն աւերակօք լցեալ անմտանելի է, իսկ արեւելագոյնն կիսաւեր. եւ ահա այս մեր տեսածն է (ԺԴ), ուսկից կը մտնենք, եւ կը տեսնենք ներքին պարիսպը, իսկ երկուքին միջոցն՝ որ ժամանակաւ տանց եւ պալատանց տեղի էր կամ զինուորաց զօրանիստ, բոլորովին անշէն եւ աւերակ է, որով անարգել կ՚երեւին ներքնապարիսպն եւ իր երեք դրունքն: Ասոնց միջինն հարկաւ մեծագոյն եւ գլխաւորն է, երկու կողմնականքն ալ դրսի պարըսպին երկու դրանց կը նային, թէ եւ ոչ բոլորովին դիմացի դիմաց: Դրանց շինութեան արձանագիր չկայ, կամ տարակուսական է, այլ աշտարակաց՝ շատ, կան եւ ուրիշ յիշատակագրութիւնք կամ հրամանք ինչպէս աւագ դրան վրայ գրուած է առանց թուականի, բայց պարսիկ ամիրայից իշխանութեան ատեն, որ Գրիգոր Աղայ եւ Յովհաննէս քաղքին վերակացուքն՝ որք պատրոնք կոչուին, եւ անոր եպիսկոպոսն Յովհաննէս՝ ջանացեր եւ վերցընել տուեր են քանի մը մաքսի հարկեր. որ առաջ չկան եղեր։ Այս աւագ եւ միջին դրան երկու կողմը բարձր եւ լայն աշտարակներ կը կանգնին՝ մէկուն վրայ քովէ քով երեք գեղեցկաքանդակ մի խաչեր կան կարմիր քարէ. մէկալին քով պարըսպին վրայ քառակուսի մեծ քարով առիւծ մը քանդակած է քայլելու դիրքով։ Երկու տեսակ նշանք, մէկն իշխանական զօրութեան քաղաքին տիրողին, միւսն ամենիշխան զօրութեան Քրիստոսի, որ աւերակաց եւ գերեզմանաց մէջ ալ՝ անմահութեան ցոյց է:

Մէկ մ՚որ այս դռնէն ներս մտնենք կամ նայինք ահա կ՚երեւի բովանդակ՝ տրտմաթախիծ քաղաքն, իր կոյտ կոյտ աւերօք եւ փլածօք. կորուսեալ ամբոխի եւ մեծ ամբոխի մը թողած մեծանշան նշխարք՝ որք նաեւ հինգ դարուց ապականութենէ ետեւ՝ կըրնան ճշմարտել Անոյ մեծ հռչակը, որ Ժ դարէն ի վեր տիրեր է ազգերնուս մէջ. եւ օտարաց մէջ ալ տարածուած երբեմն, եւ աւելի քան իր 1001 եկեղեցեաց եւ բիւրաւոր պալատանց կեղակարծ համբաւն՝ ստոյգ էր անոնց եւ այնպիսեաց եւ բովանդակ քաղաքին գեղեցկութեամբն եւ հարստութեամբ, որով ըսուած է. «Անին շէն, աշխարհս աւեր. Աշխարհս շէն, Անին աւեր». այսինքն երբ Անին շէն էր՝ բոլոր աշխարհք աւերակ կ՚երեւար անոր առջեւ. երբոր Անի աւերեցաւ՝ անոր նշխարօքն կամ՝ այն ատեն՝ ուրիշ աշխարհքներ շէն երեւցան։ 

Ո՞րչափ էր Անոյ նիւթական շինութեան սահմանն, կամ ո՞րչափ տեղւոյ մէջ բովանդակած էին Անոյ զարմանալիքն։ Եթէ քաղաքին ձորափակ եւ պարիսպապատ տարածութեանը նայինք, շատ փոքր է, վասն զի ներքին պարըսպաց եւ ձորեզրաց շրջափակն հաշուած է 4100 չափ ( մեդր), որ եւ ոչ փարսախ մը կ՚ընէ. եւ այսչափ միջոցին անհնար էր հազարաւոր եկեղեցիներ եւ պալատներ զետեղել։  Յայտնի է որ «Անոյ հազար ու մէկ եկեղեցին» ըսել եւ երդնուլն՝ արեւելեան առակ մ՚է բազմաթիւ նշանակելու. այսօր եթէ նկատենք Անոյ մնացեալ աւերակները՝ հազիւ 20 եկեղեցի եւ մատուռն  որոշ կը նշմարենք, թէ կանգուն թէ կործան, եւ թէ աւելի մանր բնտռենք՝ գուցէ նոյնչափի նշան ալ գտուի: Սակայն կըրնանք ընդունիլ Անոյ հազար ու մէկն՝ եթէ խորհըրդածենք որ, նախ, ժամանակն՝ անգութ օգնականներով ոչ միայն դարէ դար այլեւ տարիէ տարի կը մաշեցընէ, կործանէ եւ հողաթաւալ կը ծածկէ շինութեան նշաններն ալ՝ քառասուն կամ քիչ աւելի տարի է՝ որ սկսան ճանապարհորդք քիչիկ մը մտադրութեամբ քննել զԱնի. եւ անոնց առջիններուն եւ վերջիններուն նկարագրածէն կ՚երեւի՝ որ նաեւ այս ետքի 15 տարուան մէջ ալ շատ փոփոխութիւն եւ կործանմունք եղած են։ Դարուս սկիզբը դեռ 40 եկեղեցի կը համրուի եղեր՝ քիչ շատ կանգուն, որոց մէջ նաեւ մեծաշէն մայր եկեղեցին իր գմբեթովը, որ հիմայ իրեն մէջ ընկած փշրած է. Բ. Թէ եւ մեր պատմիչք այն առակաւոր հազարումէկէն զատ թիւ մը չեն ըսեր եկեղեցեաց, յանուանէ ալ՝ հիմակուան մնացածներէն զատ հազիւ հինգ վեց մը կը յիշուին, եւ թէ եւ մեր միջին անուանի պատմիչաց մէկն՝ Կիրակոս՝ միայն «Եկեղեցի բազում՝ կայր ի նմա» կ՚ըսէ եւ կ՚անցնի, իրեն ժամանակակից Եւրոպացի մը, (որ այժմու շատաշրջիկ եւ հետաքնին Եւրոպացի ուղեւորաց նահապետ մը կըրնայ սեպուիլ), Անիէն անցած ատեն՝ յամին 1255, կը յիշէ որ 100 եկեղեցի կար հոն եւ 2 մզկիթ, հա ւանօրէն զատ իմատրանց, որով իհարկէ հարիւրէն շատ աւելի կ՚ըլլան եկեղեցիք իսկ անկէ իբր 30 տարի առաջ գրող Արաբացի պատմիչ մը՝ կ՚ըսէ, թէ Էլփ–Արսլանի Անին առնըլու ատեն՝ 500էն աւլելի եկեղեցի կար հոն: Գ. Ասոնց վրայ աւելցընելու է Ծաղկոցաձորի լայն քարափներու մէջ փորուած մատուռներն ալ, որոց թիւն դեռ անծանօթ է։ Ախուրեանի քարափանց վրայ ալ քանի մը տեղ կ՚երեւան փորածոյ տեղիք շինուածոց, թէ եւ դեռ եկեղեցի կամ մատուռ նշանակուած չէ։ Դ. Յիշելի են եւ աշտարակներն, կրկնայարկք ե ւեռայարկք, որոց ոմանց մէջ դեռ խորշք կամ խորանք կ՚երեւին. եւ Վարդան Պատմիչ յայտնապէս կ՚ըսէ ներքնապարըսպին համար, թէ շինողն՝ Աշոտ Ողորմած՝ «զամենայն բրգունսն եկեղեցիս յօրինեաց». իսկ թիւ բրգանց կամ աշտարակաց՝ մնացածներէն գուշակուի՝ որ հարիւրաւոր էր։ Ե. Դարձեալ, երբեմն եկեղեցւոյ ամեն մէկ խորաններն ալ մէկմէկ եկեղեցի կոչուած են: Զ. Յետ այսր ամենայնի, Անոյ քանի մը ժամուան շրջակայքն ալ հանդերձ Հոռոմոսի վանօք (Խօշավանք) քաղքին անմիջական վիճակ սեպւած կ՚երեւին [3] ։ Արդ այս ամեն բան մէկ տեղ նկատելով՝ առակն ստուգութիւն կը դառնայ, եւ անհաւատալի չըլլար Անոյ 1001 եկեղեցին, մեծ ու փոքր, հանդերձ մատրամբք գերեզմանաց եւ խորանօք. եւ Ուռհայեցի (Մատթէոս) Պատմիչ մը ԺԲ դարուն՝ կըրնայ ըսել Անոյ պայծառ ժամանակին համար, թէ «Յայնմ աւուր Հազար եւ մէկ եկեղեցի ի պատարագի կայր ի յԱնի». ինչպէս որ բնակչացն համար ալ կ՚ըսէ. «Էր Անի բազմամբոխ, լցեալ քաղաքն, բիւրք բիւրուց արանց եւ 4 կանանց, ծերոց եւ տղայոց. որ եւ հիացումն արկանէր տեսողացն. զոր կարծեալ զօրացն բազմաց՝ եթէ մեծ մասն աշաարհիս Հայոց իցէ»:   Ո՛ւր թողունք եւ ստորերկրեայ քաղաքը. վասն զի Անոյ տեղ տեղ ներքնատուններ ըլլալն՝ անտարակոյս է, եւ արդէն երկու երեք տեղէն գետնափոր մուտք ծանօթ են, որոց մէկն նոյն իսկ Ախուրեան գետոյն տակէն կ՚անցնի, ինչպէս Լոնդոնի Դամիզ գետոյն գետնանցքն. այլ կ՚ըսուի եւ չէ անհաւան՝ թէ քաղքին մեծ մասն կամ բոլորն ալ իր ներքնայարկն ունի, ինչպէս քանի մ՚ուրիշ աշխարհաց մեծ Քաղաքք ալ, զոր օրինակ Հռովմ, Բարիզ, եւ այլն: Եթէ այսպէս է, միթէ անդէ՞պ է կարծել թէ ըլլան եւ ստորերկրեայ մատրանք կամ եկեղեցիք, ինչպէս որ շատ ուրիշ հին եկեղեցիք ալ ունին իրենց ծածուկ ներքնայարկը, որ յունական բառով գրիբդա կ՚ըսուի։ Կը թողունք նաեւ տանց առանձնական խորանաձեւ կամ մատրանաձեւ տեղիքը, ուր որ խաչն կանգնէր, կանթեղ մը կախուէր եւ խունկ  ծխուէր

Արդ թողլով այս խնդիրը, Անոյ ստորերկրեայ յարկն ալ, վերերկրեայ յատակն եւ հողակոյտներն  ալ, որոնք կը ծածկեն անոր մեծագոյն մասը եւ գրեթէ բոլոր կերպարանքը, փողոցները եւ զուկակները [4], գործարանները, կուղպակները [5], իջեւանատունք, փնդուկք [6], ջաղացք, բաղանիք, եւ տունք մեծ ու փոքր, եւ այլն, եւ այլն, աչք մը տանք հիմայ մնացեալ աւերակաց մէջ որոշուելի շէնքերուն, որ 20 կամ՝ 30 մը կ՚ըլլան։

Եթէ քաղքին այս աւագ դըռնէն՝ ուսկից որ կը մտնեմք՝ գիծ մը ձգենք հիւսիսէն ի հարաւ՝ մինչեւ ի խառնուրդ Ալաճա (Ծաղկոցաձորի) գետոյն ընդ Ախուրենի, որ գրեթէ ուղղահայեաց գիծ կ՚ըլլայ, քաղաքը երկու հաւասար մասն կը բաժնէ, յարեւմըտեան՝ մեր աջ կողմը, յարեւելեան ձախ կողմը. կամ՝ Ծաղկոցաձորի եւ Ախուրեանի կողմանք: Այս գիծս երեք մաս բաժնելով անմիջապէս առջի մասին ծայրը՝ ուղղակի դիմացնիս կ՚ամբառնայ քաղքին բարձրագոյն շէն կէտն, սիւնանման մնիրա մը, մինակուկ կանգնած, իբր 100 ոտք մը բարձրութեամբ. պարսկերէն կարճ յիշատակարան եւ թուական մ՚ալ ունի (1198 տարւոյ)։ - Անկէ ոչ շատ հեռու եւ գրեթէ նոյն գծին վրայ (քիչ մը յարեւմուտք) եւ քաղքին կեդրոնը՝ կ՚ամբառնայ ուրիշ մնիրա մ՚ալ, առջինէն քիչ պակաս բարձր, հանդերձ իր մզկիթովը. զոր յետոյ առանձինն պիտի նշմարենք (ԻԳ)։ 

Մեր երկբաժին գիծը բռնելով եւ գետերուն կամ ձորերուն ընթացքով հիւսիսէն ի հարաւ իջնելով, աջ կամ՝ արեւմտեան կողմերնիս, որ է Ծաղկոցաձորին՝ առաջին պատահած գլխաւոր աւերակն է Առաքելոց եկեղեցին, որ շատերէն աւելի աւրուած է, բայց գրեթէ ամենէն ալ աւելի սքանչելի եւ մանր արուեստով քանդակած. զոր ընթերցողս կըրնայ գուշակել՝ երբ ուրիշ եկեղեցեաց ձեւն ու զարդերը տեսնէ, եւ անոնցմէ շատ գերագոյն հաւատայ։ Երկրորդ, եւ կերպով մը ամէնէն գլխաւոր շէնքն է թագաւորական կարծուած պալատն քաղքին հիւսիսային արեւմըտեան անկիւնը՝ Ծաղկոցաձորի վրայ եւ անոր անուամբ կոչուած դրան քով. զայս այլ յետոյ պիտի նշմարենք (թիւ ԻԲ)։ Ասոնցմէ վար դէպ ի հարաւ քանի մը հողակոյտ եւ շատաւեր գմբէթներ թողլով, եւ անոնց հետ փոքրիկ եկեղեցի մ՚ալ քարաժեռի մէջ փորուած՝ արքունեաց հարաւակողմը, իջնանք նոյն ուղղութեամբ՝ արեւմըտ. հարաւ, եւ պարըսպաց մօտ կը տեսնենք վարը բոլորշի վերը սրագմբէթ գեղեցիկ եկեղեցի մը, Ս. Գրիգոր Ապուղամրենց (ԺԸ)։ Ասկէ վար կ՚իջնենք շիտակ ի հարաւ մինչեւ քաղքին հարաւային արեւմըտեան մասը, զոր կը ձեւացընէ Ալաճա գետն, արեւմուտքէն ի հարաւ եւ յարեւելս դառնալով. եւ այն լայն անկեան կամ թեւին միջոցն է բլուր մը, յորում կանգնած է Միջնաբերդն, իչ-գալէի կոչուած ռամկօրէն՝ որուն բարձր յատակն պարսպաց աշտարակաց կը հաւասարի. պատերազմական տեղ մ՚ըլլալով ի հարկէ թշնամութեան ալ նպատակ եղած եւ շատ աւրուած է. նոյնպէս իր եկեղեցիներն ալ, որոցմէ չորս հատ մը կ՚որոշուին հոն, մէկ մ՚ալ անկէ դուրս եւ հեռու՝ քաղքին ամենէն արեւմտեան–հարաւային  ծայրը եւ երկու ձորոց մօտագոյն անկիւնը, եկեղեցւոյն ձեւն ալ ութակողմն կ՚երեւի:

Գանք հիմայ մեր գծին երկրորդ եւ արեւելեան կողմը։ Միջնաբերդին դիմաց եւ անկէ ալ վար, քաղքին արեւելեան հարաւային մասը, գետն արմըկնաձեւ պատելով նեղ լեզուակ մը կամ թերակղզի մը կը ձեւացընէ. այս թերակղզիս երկու ձորոց միջոց երկայնաձեւ քարաբլրոյ պէս բարձրացած է. վրայի շէնքերուն մէջ գլխաւորն է Գըզ-գիլիսէ ըսուած եկեղեցին, ուր եւ վանք մը կար, հաւանօրէն եւ կուսաստան, Զաքարիա սպասալարէն շինուած, ի սկիզբն ԺԳ դարու, եւ իր մօրը եւ քերց հոգւոյն աղօթելու  տեղ uահմանուած։ Արդարեւ անզբաղագոյն տեղի այնպիսի բազմազբաղ քաղքի մը, որուն յետին ծայրն  է, յարմար աղօթից եւ առանձնութեան։ Այս տեղս կարծուի հին Հայկազնեան Անոյ ամրութիւնն եւ կռատունն, զոր Ս. Գրիգոր փոխեր է յեկեղեցի, եւ յետոյ տեղն ալ իր անուան նուիրուեր է։ Ասկէ դէպ ի գետն ի վեր ի հիւսիս ելնելով՝ անոր քարափանց վրայ կը գտնենք շատ շէնքերու անորոշչ աւերակներ, որոց կարգն են նաեւ կամըրջոյ մը մնացուածք, որ երկայարկ էր կ՚ըսեն ի դիւրութիւն անցորդաց, մէկն  մտնողի եւ միւսն ելնողի համար ի քաղաքն. այս կամուրջը Ռուսք քակած են, ինչպէս կը լսենք, որպէս զի իրենց երկիրը բերած Հայ գաղթականք այն դին չանցնէին. անկէ քիչ մը հեռու ալ իրենց հողին վրայ Խազախաց պահակատուն մը հաստատեր են։ Կամուրջին դիմացն ալ Անոյ արեւելեան պարըսպաց դուռ մը կայ։ Քիչ մ՚ալ դար վեր ելնելով գետեզերքէն՝ զարմանալի շէնք եւ փորուածքներ կ՚երեւան քարաժայռից վրայ, երկայն սանդըղաւոր եւ կամարակապ ճամբայ մը, գուցէ ջուր բերելու համար գետէն, որուն եզերքը կը հասնի, եւ նաեւ անոր դիմացի կողմը նոյնպէս կը շարունակէ՝ արեւելեան գետափին վրայ. իսկ միւս ծայրն կ՚երթայ կամ կու գայ բազմաշէն տեղէ մը, որոյ գլխաւոր շէնքն է Ս. Գրիգորի վանք եւ եկեղեցի մը, իր նկարէն պատկերաց համար Նագըշլը-գիլիսէ կոչուած, , ԻԱ) եւ ջուխտակ մատրունք, գերեզմանք միանձանց եւ խաչարձանք, ամենքն ալ քարաշէն եւ քանդակազարդ: Այս Ս. Գրիգորի պարիսպներէն իբրեւ հարիւր չափ (մեդր) միայն հեռու յարեւմտակողմն եւ նոյնչափ հեռու բարձր մնիրայէն, առանձնակ շինուածոց ամենէն մեծն կ՚երեւի եւ ամենէն ալ սրբազանն, իբրեւ մեծազանգուած արտադրութիւն մը ճարտարապետական արուեստի, միանգամայն եւ ահաւոր ու սրտառուչ աւերակ մը, հիացուցիչ Կաթուղիկէն Անոյ: Ասկէ նորէն դէպ ի գետեզրն ելնելով՝ յարեւելեան հիւսիս, մօտ յանկիւնն զոր կը ձեւացընէ մեր Գլի–ձոր կարծած փոքրիկ վտակն՝ խառնուելով Ախուրեան, կան բազմաւեր շինից մնացուածք, ինչպէս են եկեղեցի մը Տիրամօր կարծուած, Մուտք ստորերկրեայ քաղաքին՝ մօտ ի գետափին, եւ Բաղանիք որ քառակուսի շէնք է, մէջը խաչաձեւ բաժնած, եւ որոյ անկիւններն մէկ մէկ բոլորակ սենեակ կայ, իսկ կեդրոնն ալ աւելի մեծ բոլորակ մը։ Դառնալով դէպ յարեւմուտք՝ մօտ յարեւելեան հիւսիսային դուռն ներքնապարըսպին, կը հանդիպինք Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ (ԺԹ. Ս. Փրկչի մօտ Հիւսիսակողմն է Անոյ հիւսիսային արեւելեան գլխաւոր դուռն՝ զոր եւ կարծեմ Գլիձորոյ դուռն ըսուածը։ Քիչ մ՚աւելի հեռու՝ արեւմտակողմը կայ U. Աստուածածնի նուիրած փոքրիկ բոլորակ աւեր եկեղեցեակ մը։ Ասկէ վեր՝ ինչուան պարիսպները քաղքիս Հիւսիսային արեւելեան մասին մէջ` յատուկ եւ որոշ շէնք մը չերեւիր, իսկ Ս. Փրկչի եւ մայր եկեղեցւոյ միջոց եղած աւերակաց մէջ մէկն ալ՝ հիմա երկըրցիք կ՚անուանեն Արքունի բաղնիք։ 

Ահա ասոնք են մեր ազնիւ եւ անգին Անոյ այժմու աչքի տակ ընկած գլխաւոր շէնքն։ Երբ անոնց ճարտարապետական զանազան ձեւերն եւ ճոխութիւնը դիտենք, թէ դիրքով իրարու մերձաւորութիւնը, եւ թէ անոնց միջոց հարկաւ եղած եւ հիմայ ծածկըւած հարիւր եկեղեցւոյ եւ հազարաւոր տանց եւ կրպակաց շէնքերը, (որ նոյնպէս հարկ է տեսածներնուս արժանաւոր ոճով եւ զարդով համարիլ), պէտք կ՚ըլլայ խոստովանիլ՝ որ Անի, յիրաւի եթէ ոչ մեծ քաղաք մը` այլ մեծագործ շէնքերու թանգարան մը, կամ բովանդակ մէկ մեծ քարակերտ եւ նրբաքանդակ շէնք եղած ըլլայ, սկսեալ ի պարըսպացն եւ ի բըրգանց՝ մինչեւ ի գետնափոր քաղաքն. արժանի թողած համբաւոյն, ազդած զարմանաց եւ սըգոյ. եւ ռամկին աւանդածին. Անին շէն՝ աշխարհս աւեր՝ Անին աւեր՝ աչխարհս շէն։ 

 

ՆՇՄԱՐ 15, 16, 17
ԿԱԹՈՒՂԻԿԷՆ ԱՆՈՅ

 

Ահաւասիկ հրաշափառ կաթողիկէն Անոյ, ինչպէս կ՚անուանեն պատմիչք. մեծապատիւն եւ մեծակառոյց քան զամենայն շինուածս Անոյ. «ամենապայծառ վայելչութեամբ, բարձրաբերձ կամարօք գմբեթաորեալ՝ խորան երկնանման. (զոր շինողն) զարդարեաց ի զարդ ծիրանեծաղիկ ոսկեթել անկուածոց, արծաթեղէն եւ ոսկեղէն անօթոց, եւ բազմապայծառ լուսատու անօթոց վայելչութեամբ որովք ջահանայր ըստ երկնային կամարին, Կաթուղիկէն սուրբ» [7]. եւ բարձրացեալ բազմէր որպէս  թագուհի Հազար–եւ-մէկ եկեղեցեացն Անոյ։ Իր սրբազան գրկաց մէջ կը մանկանային Բագրատունի  Շահանշահք մեր. թագաւորք եւ հայրապետք կ՚օծուէին. թագ կը դնէին ի պատիւ իրենց, եւ թագերնին կը վերցնէին ի պատիւ անոր, ուր արքայակերպն եւ պերճագոյնն կաթուղիկոսաց մերոց՝ Պետրոս Գետադարձ՝ աստուածափառ կը հանդիսանար եւ ճոռոմաբան լեզուաւն կը շարժէր զիշխողս եւ զիշխեալս. ուր Սմբատք եւ Գագիկք իրենց ամենայն արքունի փառաց վրայ՝ վարդապետական բանասիրութեամբ ալ կը փայլէին. ուր Հայոց բնիկ աշխարհին մէջ ետին մեծագոյն հանդէսներն կատարուեցան. սխրալի՜ եւ մեծամեծ հանդէսներ, որոց յիշատակը եւ հանդիսացելոց կեցած տեղուանքը՝ դեռ երկու երեք դար ետք ալ՝ շարք որդւոց եւ որդիք թոռանց ցուցընէին եւ աւանդէին, եւ որոց համբաւն Ասիոյ ամեն  ազգ ամեն թագաւոր լսէր, եւ Պաղտատէն ինչուան ի Ստամպօլ զարմանք եւ նախանձ շարժէր։ Ահաւասիկ Հայոց եկեղեցեաց եւ մայրաքաղաքին անգամ մայրն եւ թագուհին, որ «այնպէս զարդարուն էր եւ վայելուչ, բազմածնունդ, գերերջանիկ, որ եւ զմարգարէն ի հիացումն շարժեաց։ Իսկ այսօ՜ր։ Նստի անշուք, անզարդ, մերկացեալ յամենայն գեղեցկութեանց. իբրեւ զկին մի այրի անորդի, մերկացեալ ի զարդուց, անկեալ ի պատուոյ, պատառատուն հանդերձիւ նստեալ առանց մխիթարի. նոյնպէս եւ աստ տեսանի. Ջահք շիջեալք, ճրագունք անցեալք, խնկոց բուրմունք եւ անուշահոտութիւնք սպառեալք. պսակ տէրունական սեղանոյն՝ փոշւով եւ մոխրով մածեալ» [8] ։ Բռնութիւն եւ բնութիւն փրցուցեր բարձեր են այս բազմապայծառ, երկնանման դշխոյին թագը, եւ ժամանակն՝ դեռ ոչ շատ տարի առաջ` անոր անթագ գլուխն ալ խոնարհեցուցեր է իր ծոցը: Սակայն թէ եւ այրի եւ աւեր՝ դեռ իբրեւ լանջաբերձ մեծոգի տիկին մը, տաճարն այն իր անտխեղծ կուրծքը յարեւելս պարզած՝ կարծես կը կանչէ, թէ ես անմահունթեան համար կանգնած եմ, եւ հիմունքս անխասխտ պիտի մնան մինչեւ որ մնայ երկիր, եւ քանի որ Հայ մը գտուի՝ իմ մէկ հետքս ալ պիտի գտուի:

Եւ յիրաւի, ինչ որ է Անին մեր գաղափարաց կամ՝ զգացման մէջ, այնպէս է կաթուղիկէն ալ ի մէջ Անոյ: Անին մեր ազգային ճոխութեան եւ ճարտարապետութեան յետին եւ յայտնի թագաւորն է՝ կաթուղիկէն ալ Անոյ դշխոյն է, Հազարումէկ եկեղեցեաց թագուհին։ Քաղաքը աւըրըշտըկող կամաւոր բռնութիւնն՝ ի հարկէ ամենէն աւելի այս մեծ շէնքիս հետ պիտի կռուէր, վասն զի սա էր Հայազգւոյ ամենէն փառահեղ, սրբազան եւ սիրելի տեղն. եւ անշուշտ այսպէս ալ ուզած են ոմանք ընել. սակայն շէնքին մեծութիւնն, ամրութիւնն եւ բազմադարեան պատիւն՝ իբրեւ ահարկու ըլլալով՝ բռնաբարողաց ձեռքերն անգամ թուլացուցեր, մուրճերն անգամ փշրեր են. եւ ոչ իսկ երկիր իր ահեղ ժաժերովն կըրցեր է տապալել զայն, ինչպէս երբեմն զԱմենափրկիչն Անոյ, եւ յետոյ ուրիշ եկեղեցիներ, այնքան  հաստատ հիմն եւ ամուր պատկեր դրած էր անոր կանգնողն, Բագրատունի թագաւորաց ամենէն գոռոզն եւ մեծագործ, Սմբատ Տիեզերակալ. եւ Հինգ կարգ մեծամեծ քարերով ալ աստիճանաձեւ կամ սանդղաձեւ եկեղեցւոյն չորս կողմը պատեր, որպէս թէ չփորձէ տեղէն հեռանալու, կամ ոչ ոք յանդգնօրէն անոր մօտենայ: Դիրքն ալ կ՚երեւի թէ արդէն քաղքին բարձրագոյն յատակին վրայ էր. անոր համար մինչեւ այսօր ալ այնպէս մեծ վսեմ եւ ահաւորահայեաց կ՚երեւայ։

Անոյ կաթուղիկէն՝ խորհրդաւոր ժամանակաւ մ՚ալ` Քրիստոսի երկրորդ հազարամեայ դարուն սկիզբն հարսնացեալ է նմա. հազար թուականէն անմջապէս ետքը բացեր է ծոցը ի հոգեւոր ծնունդ եւ սնունդ հաւատացելոց. իսկ իր յղութիւնն, եթէ կըրնայ այսպէս ըսուիլ, քսան տարւոյ չափ քշած է. վասն զի հիմնարկողն է Սմբատ Բ, որ թագաւորեց 978–990 տարիներու միջոց, իսկ նաւակատիքն եղաւ հազար թուականն լրանալէն ետեւ. մեզի այսպէս մնայուն շէնք մը թողլու համար՝ հարկաւոր էր այնքան ժամանակ: Սմբատայ հարսն՝ այսինքն իր որդւոյն Գագկայ կինն՝ Կատրանիդէ [9] թագուհին  աւարտեց շէնքը, ինչպէս կ՚ըսէ իր պանծալի արձանագրութեամբն, որ ի վերայ հարաւային կողման Կաթուղիկէին. «Ես Կատրանիդէ Հայոց թագուհի դուստր Վասակայ Սիւնեաց թագաւորի, յողորմութիւնն Աստուծոյ ապաւինեցայ եւ հրամանաւ առն իմոյ Գագկայ շահանշահի՝ շինեցի զսուրբ Կաթողիկէս, զոր էր հիմնադրեալ մեծին Սմպատայ. եւ կանգնեցաք տուն Աստուծոյ, նորոգ եւ կենդանի ծնունդ հգեւոր եւ արձան մշտնջենաւոր։ Զարդարեցի եւ զարդուք պատուականօք, նուէրք  ինձ ի Քրիստոս եւ զարմից իմոց եւ որդւոց». եւ այլն: Սարգիս կաթուղիկոս ալ օծող Կաթուղիկէին՝ կ՚աւելցընէ. «Հրամայեալ եմ՝ ես Տէր Սարգիս՝ սպասաւորաց եկեղեցոյս, յետ ելից (մահուան) բարեպաշտ՝ թագուհոյս՝ զՎարդաւարին յիսնեակսն՝  միով քառասնիւ կատարել անխափան մինչեւ ի գալուստն Քրիստոսի». այսինքն Վարդավառէն սկսեալ 50 օրուան միջոց՝ 40 օր պատարագել վասն հոգւոյ Կատրանիդեայ թագուհւոյ։

Չզարմանայ ընթերցողս՝ թէ ինչու Սմբատայ պայազատն Գագիկ՝ իր կենակցին թողեր է իր հօրը հիմնադրածը եւ ոչ ինքն է շիներ իր սեփական ծախուք։ Պատճառն այս կը համարիմ՝ որ ինքն ալ մի եւ նոյն ժամանակ ուրիշ հոյակապ եւ հիանալի յիշատակարան եկեղեցի մը կը կանգնէր, եւ Քրիստոսի նոյն Ա. հազարամեայ դարուն հետ աւարտելով՝ Բ. ին հետ ալ սկզբնաւորեց, եւ էր Սուրբ Գրիգորն գերահռչակ, ինչպէս կ՚ըսէ Սամուէլ պատմիչ՝ բնիկ Անոյ քաղաքացին, եւ իրմէ առաջ ծերունի ժամանակակիցն Ասողիկ կ՚իմացընէ, որ Գագիկ ուզելով կենդանացընել մեծ յիշատակ մը, այսինքն Գ. եւ Շինող մականուանեալ Ներսէս կաթուղիկոսին ի կէս Է դարու՝ Վաղարշապատու մէջ շինած հրաշալի Լուսազարդ եւ մեծ եկեղեցին Ս. Գրիգորի, որ այն ատեն  փլած եւ կործանած էր, բայց աւերակներն կը քարոզէին իր մեծութիւնը եւ ճոխութիւնը, ազնուախոհ թագաւորն անոր չափը եւ ձեւը առնուլ տուաւ, եւ «նոյնաձեւ չափով եւ յօրինուածով յարդարել ի  քաղաքն Անոյ. հիմն արկեալ ի կուսէ Ծաղկոցաձորոյն՝ ի բարձրաւանդակ տեղւոջն, տարփատենչ տեսողացն. մեծատաշ վիմարդեան կոփածու վիմօք, մանուածոյ քանդակեալ յօրինէ, լուսանցոյց պատուհանօք, երրակի դրամբք, սքանչատես տեսմամբ գմբեթաւորեալ. գունակ գերամբարձ եւ «երկնանման գնդին»: Այս խօսքերէս կ՚երեւի թէ թագաւորին շինածն աւելի բազմազարդ մանր աշխատութեամբ շինուած էր, քան թէ կաթուղիկէն, սակայն կամ ոչ հաւասար հաստատուն, եւ կամ աւելի նախանձու նպատակ եղած, եւ այսօր իր ամեն զարմանալեօքն աւելի զարմանօք մ՚ալ՝ աներեւոյթ եղած է. մինչ անոր դրից մօտ ուրիշ Ս. Գրիգոր եկեղեցի մը՝ եւ նաեւ դեռ անկէ ալ հին շինութեամբ բաւական նոր մնացած է (ԺԸ)

Մեր կաթողիկէին շէնքին երկայնքն է բուն դըրսի պատերէն սկսեալ եւ ոչ աստիճաններէն, 34 չափ (մեդր), լայնքն ալ 22 [10]. ինչպէս ձեւն պարզ երկայն քառակուսի է, այսպէս հանդերձ իր ամենայն ամրութեամբն եւ մեծութեամբն՝ սքանչելի վսեմական պարզութիւն մ՚ալ ունի ճարտարապետական ոճոյ, թէ ներսն թէ դուրսն. Բովանդակ քարաշէն, մեծամեծ կոփածու դեղին եւ սեւ կտորներով. «քարէ զատ նիւթ չերեւիր, եւ ոչ իսկ քարը քարին կպցընող նիւթ մը, գուցէ միայն կապարի թիթեղներ դրած ըլլան անոնց միջոց: Դրանց, պատուհանից, սեանց, ձեղուան կամ ծածքին, եւ քանդակաց վրայօք չեմ  խօսիր, վասն զի ինքնին կըրնան նշմարիլ թիւ ԺԶ), որ է եկեղեցւոյն կողմնական երեսն։ Ի հարկէ կ՚իմանայ տեսնողն՝ որ այս նշմարիս մէջ աւելցուած է կործանեալ գմբէթն, որչափ որ իր կտորներէն եւ ուրիշ եկեղեցեաց ձեւերէն կըրնար գուշակուիլ որպիսութիւնն։ Կը պակսի գմբէթին գերունակ պսակն, եւ պարծանքն քրիստոնէից, խաչն. որ Անոյ կաթողիկէին գագաթը կը փայլէր ոչ միայն սուրբ՝ այլ եւ ճոխ. վասն զի համակ արծաթէ էր, մարդաչափ մեծութեամբ. զոր ի զկծանս հաւատացելոց՝ Էլփ–Արսլանին բարբարոս զինուորաց մէկն վար ձգեց՝ որ  ոտնակոխ ընեն, յետ 60 տարի Անոյ եւ Անեցոց գլուխ ըլլալուն, բայց 60 տարի ալ վերջը՝ Վիրք եւ Հայք, օրհնեալ ըլլան, զԱնի ազատելով ի Պարսից՝ մեծաւ փառօք նորէն կանգնեցին Քրիստոսի պսակը՝ իր հարսին գլուխը։ 

Կաթուղիկէն իր կողմանցը վրայ հինգ հինգ պատուհան ունի երկայնաձեւ, մեծ եւ փոքր, արեւելեան կողմը մէկ պատուհան խորանին վրայ, երեք ալ դասին կամ բեմին, նոյնպէս երեք ալ արեւմըտեան  ճակատը։ Իսկ դուռներն են երեք, մէկ մէկ երկու կողմերէն դիմացէ դիմաց, մէկ մ՚ալ արեւմըտեան ճակտէն, որ է աւագ դուռն. որոյ վերեւ պատուհանաց միջոց, ինչպէս ուրիշ կողմեր ալ՝ արձանագրութիւններն փորուած են եւ անմաշ անեղծ մնացած։  Մէկ կողմն ալ արեւու ժամացոյց կայ, ժամերն հայերէն այբուբենով նշանած. որոց վրայէն անդադար կը սահի արեգակն, առանց բան մը չափելու` որպէս թէ այն ընդհանուր դադարմանց մէջ ինքն ալ իր նշանը դադրեցուցած ըլլայ, որոշ հրաման մը չընդունելով որպէս ի Յեսուայ

Դըռնէն ներս մտնելն՝ մեծ գործ մեծ կիրք մ՚է, մանաւանդ ազգայնոյ մը: Լոյս եւ խաւար, ուրախութիւն եւ տկարութիւն, մեծութիւն եւ խեղճութիւն մարդոյ՝ մէկէն կը տեսնուին։ Խաւար, տխրութիւն եւ խեղճութիւն՝ հիմակուան վիճակին համար, որ ոչ միայն աւեր, մանաւանդ թէ աւերակօք լցեալ է, այլ եւ կը պժգամ՝ ըսելու, փարախն Քրիստոսի բանաւոր հօտին եւ անոր Աստուածածին մօր նուիրեալ տաճարն՝ անբան ոչխարաց եւ անասնոց գոմ՝ եղեր աղտեղեր է։ Գմբէթին փլածն ալ՝ մէջտեղը բլրաձեւ կուտեր է։… Սակայն լոյս, ուրախութիւն եւ մեծութիւն՝ իր առաջին վիճակին համար. զոր դեռ բաւական կը յիշեցընեն այդ ահեղ եւ վսեմ շրջափակ ընդարձակութիւնն (ԺԷ), սեանց ստուարութիւնն եւ կամարաց թեւաձգութիւնք, պատերուն պարզութիւնն եւ լայնաբոլոր խորանն տասն հաւասարաչափ խորշերով շրջապատեալ, որոց երկու վերջի ծայրիներն մէկ մէկ դուռ են, եւ քարէ շրջապտոյտ սանդուղներով պատին միջէն կը հանեն մատրանաձեւ վերնատանց, որոց տակ են նոյնպէս քարաշէն եւ կամարակապ աւանդատունք. իսկ ինքն խորանն իր լայն խորշն կը բարձրացընէ մինչեւ ի ձեղունն եւ կը խառնի վերին կամարաց: Այս ամեն  կամարները, բոլոր ձեղունը եւ հանգուցեալ գմբէթը բռնողքն՝ են չորս մեծ եւ ստուար սիւնք, որոց սիւնէն աւելի անուն մը կը պատշաճէր վասն զի երեք չափ (մեդր) ստուարութիւն ունին ամեն կողմէ, թէ եւ բոլորովին քառակուսի չեն, հապա խաչաձեւ իմն 16անկիւն, եւ խարսխէն ինչուան վեր ալ այնպէս բարձրացած են շերտ շերտ ձեւով, այլեւ, այլ մեծամեծ կտորներով եւ նաեւ զանազան գունով, սեւ ու դեղին. շերտերն ալ միաձեւ չեն, այլ ոմանք անկիւնաւոր ոմանք կիսաբոլոր. նոյնպիսիք են նաեւ վեց թերասիւնք կամ որմնասիւնք՝ որք կամարները, պատերուն կը հաղորդեն ի հիւսիս, ի հարաւ եւ յարեւելս: Այս կամարաց վրայէն ուրիշ թեւեր ալ ձգուած վեր կը բռնէին իրենց արժանաւոր, երկնանման գմբեթը, իսկ յետ 800 եւ աւելի տարիներու՝ մեր օրերս՝ թուլցած ինկեր էր, իրենց կրածովը մէկտեղ

Թողլով ճարտարապետական ուրիշ գիտելեաց եւ գեղեցիկ չափակցութեանց վրայ խօսիլը, յիշենք որ այս եկեղեցին մէջն ուրիշ բաժանմունք չունի բաց խորանին երկու քովի նոյնաչափ եւ նոյնաձեւ  աւանդատուններէն, որոց երկայնքն է 6 չափ, լայնքն Ժամատուն կամ գաւիթ չունի, եւ կ՚երեւի թէ չէ ալ ունեցեր. բայց չորս դին ուրիշ մատրանց կամ՝ շէնքերու հետք կան. որոց մէկն ալ պիտի ըլլար Սարգիս կաթուղիկոսի շինել տուած «Վկայարանն սրբոց Հռիփսիմեանց», ուր եւ փոխադրեր էր մեծ հանդիսիւ անոնց նշխարքը, բայց ամենքն ալ գրեթէ ինչուան հիմն կործաներ են, կարծես թէ իրենց վեհափառ դշխոյն ապրեցընելու համար իրենք զիրենք զոհելով. եւ ինքն որդեկոտոր մօր պէս կ՚ողբայ անոնց վրայ։ Եւ ոչ իսկ նորոգութեանց յիշատակն կայ այս կաթուղիկէիս, ինչպէս ուրիշ եկեղեցեաց. միայն դրսի չորս կողմի աստիճանները նորոգեր է յամին 1213 Տիգրան իշխանն, U. Գրիգոր Լուսաւորչի վանքի շինողն (Ի)։

Արդ իրաւունքն եւ երախտագիտութիւն, միանգամայն եւ պարծանքն մեր կը պահանջեն որ ընդ Սմբատայ թագաւորի եւ Կատրանիդեայ թագուհւոյ՝ օրհնենք գովենք մեր հայ Վիտրուվիոս եւ Պալլադիոսը, անմահանալին Տրդատ ճարտարապետը, որ այս կաթուղիկէին շինութեան վերակացուն եւ արուեստաւորն էր. որ եւ անկէ առաջ՝ Արգինայի կաթուղիկոսարանին մեծ եկեղեցին շիներ էր [11], որոց քանի մը պատերն միայն մնան հիմայ եւ որոյ մէկ ճարտարութեան արուեստն ալ ինչուան Կ. Պոլսի գերահռչակ Ս. Սոփիայ պատերուն մէջ պահուըտած է. վասն զի յամին 989 մեծ գետնաժաժէ մը այն բիւզանդական ճարտարութեան եւ մեծութեան դշխոյն ալ վտանգեցաւ, եւ մեր յիշեալ ժամանակակից պատմիչին խօսքով ըսելով, «հերձանիւր պատահմամբ վերուստ ի վայր. վասն որոյ բազում ջան եղեւ արհեստաւոր ճարտարացն Յունաց՝ առ ի վերստին նորոգել։ Այլ անդ դիպեալ ճարտարապետին Հայոց՝ Տրդատայ քարագործի, տայ զօրինակ շինուածոյն իմաստուն հանճարով, պատրաստեալ  զկաղապարս կազմածոյն, եւ սկզբնաւորեալ զշինելն. որ եւ գեղեցկապէս շինեցաւ պայծառ քան զառաջինն»։

Եթէ Անոյ հաստակառոյց կաթուղիկէն կանգուն մնալով եւ գեղեցիկ չափակցութեամբն՝ վկայ արձանացել է իր ճարտարապետին քաջութեանը, չենք կըրնար ըսել թէ սա ըլլայ անոր գերագոյն գործն. Արգինայի կաթուղիկէին (որ աւելի փոքրադիր է) նշխարաց վրայ՝ աւելի բարակ դրուագներ եւ հարստութիւն կը նշմարուի. ասոնք գիտցածնիս, արդեօք որքան ուրիշ եւ աւելի հրաշալի ձեւեր եւ շէնքեր ելած էին այն վարպետ Տրդատայ մատներէն եւ ճակատէն, որոց գուցէ անունն ատենօք գտնուի, թերեւս եւ քանի մը հետք ալ, եթէ իրեն արժանաւոր քաջ հետախոյզ համազգի մ՚ալ ելնէ։ 

Վերջին խօսք մ՚ալ ըսենք մեր Անոյ սրբազան շինուածոց դշխոյին վայելչութեանը վրայ. որ որքան չքնաղ է իր քիչ զարդերու պարզութեամբը, որպէս անսեթեւեթ բնագեղ կոյս մը, այնքան արժանն կը ստիպէր ներսէն ուրիշ զարդերով հարսնազգեստել զնա, եւ ապա զայս կ՚իմացընեն թէ Ասողնըկայ նախագրեալ խօսքն, եւ թէ Կատրանիդէի. որ բաց յոսկեղէն եւ արծաթեղէն անօթոց՝ ոսկէթել դիպակներով եւ բանուածներով ալ զարդարեր էր, վարագուրօք եւ նմանեօք. իսկ ջահանալ կաթուղիկէին ըստ երկնային կամարին, որպէս կ՚ըսէ պատմիչն, կը նշանակէ նաեւ անոր գմբեթէն կախուած մեծ բիւրեղեայ ջահը, որ 12 լիտր կը կշռէր, եւ նոյնքան ալ ձէթ կը տանէր. եւ էր սա հիմնադրnղին Սմբատայ առատաձեռնութեանց մէկ յիշատակն. վասն զի Հնդկաստանէ բերել տուեր էր բիւր գանձ ծախս ընելով. այս գումարին չափն որոշ չեմք գիտեր, բայց յայտ է որ շատ մեծ էր. եւ եթէ միայն ոսկի մ՚ալ, սեպէինք զգանձը դարձեալ 120–150000 ֆրանգ կ՚ընէր։ Զայս ջահս ալ Անոյ առման ատեն՝ գմբեթին խաչը կործանողն կտրեց վար ձգեց ջախջախեց։ Սկիւթացի՜ բարբարոս. ոտքերդ մամուկի պէս ճարպիկ են եղեր գմբէթի վրայ եւ մէջը քալելու, բայց մատներդ՝ կարիճէն չարաճըճիկ։ Ժամանակն զքեզ եւ քու նմաններդ ալ այնպէս կը ջախջախէ կը փշրէ որ ոչ հետք եւ ոչ անուննիդ կը մնայ, բայց եթէ սոսկման եւ զզուանաց համար, իսկ եթէ նոյնն՝ Անոյ շէնքերուն նմաններն ալ տապալէ, սակայն միշտ կանգուն միշտ յիշելի եւ պանծալի մնան Սմբատին, Կատրանիդէք, Ապլղարիպք, Տիգրանք եւ հսկայազօր Տրդատայ հաւասար մեր Վարպետ Տրդատն ալ։

 
 

ՆՇՄԱՐ 18 

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԱՊՈՒՂԱՄՐԵՆՑ 

 

Անոյ բազմաթիւ եկեղեցեաց մէջ՝ զայս ոչ միայն բաղդաւորաց մէկն կըրնանք համարիլ, այլ կերպով մը մեծաբաղդ քան զամենքն. վասն զի իր մէկ անուանակից եկեղեցիէն զատ՝ զոր յետոյ պիտի նըշմարեմք (Ի) ամենէն աւելի ամբողջ եւ անարատ մնացեր է, ամենէն աւելի ալ նշանակուած տարիք ցուցընելով. ամենէն հին եւ ամենէն նոր կըրնայ ըսուիլ Անոյ Ս. Գրիգորն Ապուղամրենց: Երկու ուրիշ առաւելութիւններ ալ ունի. մէկ մը ճարտարապետական արուեստի կատարելութիւնն, մէկ մ՚ալ դրից վայելչութիւնն. եւ կըրնայ երկուքովն ալ՝ թէ դրիւք եւ թէ շինուածով Գեղեցկահայեաց ըսուիլ. եւ ինչ որ ծերունին Ասողիկ ըսաւ (երես 50) Գագկայ շինած Ս. Գրիգորի մեծ եկեղեցւոյն համար՝ ասոր ալ կը պատշաճի՝ ըստ դրից տեղւոյն եւ ըստ տեսքին. «Ի կուսէ Ծաղկոցաձորոյն, ի բարձրաւանդակ տեղւոջ. տարփատենչ տեսողացն»: Ի հարկէ թագաւորին շինածն շատ աւելի մեծ եւ բազմազարդ էր, եւ աննմանն Ս. Գրիգոր կը վկայուի. բայց սա երիցագոյն է, եւ գուցէ թագաւորին փափագն ալ շարժած  ըլլայ այնպիսի բարձրադիր տեղ մը՝ աւելի հոյակապ տաճար մը նուիրելու Հայոց ամենէն նուիրական անձին, Ս. Գրիգորի, որ մէկ կողմէն քաղքին վրայ նայի, միւս կողմէն դուրս՝ Ծաղկոցաձորի վրայ եւ այլ անդին

Այս պահլաւեան եկեղեցին, (ինչպէս կըրնամք անուանել՝ թէ նուիրելոյն ցեղին անուամբ թէ նուիրողացն կամ շինողաց, որ են Լուսաւորչի ցեղէն իջած կամ խնամի Պահլաւունիք), 900 տարուան չափ հնութիւն ունի, եւ Քրիստոսին հազար թուականէն անդին կ՚անցնի. գուցէ ճարտարին Տրդատայ մատներն ասոր ալ դպած են՝ որ այսէս հաստատուն մնացեր է. բուն շինութեան թուականն չկայ, սակայն հնագոյնն է 995 տարւոյն, Շուշանայ տիկնաց տիկնոջ՝ ամուսնոյ Գրիգորի իշխանաց իշխանի՝ որ վախճանած է յամի 982. ասոր ալ կարճ արձանագրութիւն մը կայ անթուական, որ գոնէ մահուանէն քանի մը տարի առաջ գրուած կըրնայ ըլլալ. եւ գուցէ ինքն ըլլայ եկեղեցւոյն շէնքը լմընցնողն, բայց հիմնարկողն անտարակոյս իր հայրն է, Ապուղամր. վասն զի արձանագրի մը մէջ ասոր անուամբ Ապուղամրենց Ս. Գրիգոր կոչուի եկեղեցիս. եւ եթէ միայն 10 տարի առաջ քան իր որդին մեռած սեպենք զսա՝ ահա իր հիմնած տաճարն նախաջրհեղեղեան նահապետաց իննդարեան տարիքն կ՚ունենայ անպակաս. որով թէ մեր հայրենեաց եւ թէ ուրիշ աշխարհաց հնագոյն կանգուն եկեղեցեաց մէկն ալ կ՚ըլլայ, եւ որ զարմանալին ալ է՝ նորոգութեան ոչ նշան կայ եւ ոչ յիշատակ: Քանի մը արձանագրութիւն միայն ունի։ Գրիգորի եւ Շուշանայ որդւոց, մէկն Վահրամայ` իշխանաց իշխանի, մէկն Ապլղարիպայ Հայոց մարզպանի, յամի 1040. որ եւ կ՚իմացընէ` թէ իր հօր վախճանած ատեն (58 տարի առաջ. ) ինքն շատ տղայ ըլլալով չէ վայելած հօրը տեսքը, բայց սէրը զգացեր է. անոր համար շիներ է իր հօրը Հանգստարան, նաեւ իր վաղամեռ Համզէ եղբօր եւ Սեդա քրոջ, երկու մատուռն կամ ինչպէս ինքն կ՚ըսէ սենեակ շինելով. Ս. Ստեփանոս եւ Ս. Քրիստափոր. որք հաւանօրէն են եկեղեցւոյն հիւսիսակողմը գտուած աւերակ գեղեցիկ մատրունքն։ 

Եկեղեցւոյս այսպէս անխախտ հաստատուն մնալուն պատճառն իր ճարտարապետական շէնքն, չափն եւ ձեւն ալ է. վասն զի տարածութեամբ փոքրիկ է, եւ պատերուն թանձրութեամբ մեծ. դրսուանց 12 կողմ` բաժնուած է, բայց անանկ լայն են անկիւններն՝ որ գրեթէ բոլորակ կ՚երեւի, եւ տրամագիծն է դրսանց իբր 12 չափ (մեդր). մէջն՝ որ վեց հասասար կիսաբոլոր բաժնուած է եզերքէն՝ եւ ոչ 10 չափ երկայնք ունի. ասկէց գուշակուի որմոց թանձրութիւնն, որոց համեմատութեամբ կաթուղիկէին պատերն շատ բարակ են։ Դրսանց պատին խարըսխէն քիչ վեր ամեն երկու կողման մէկուն մէջ սրանկիւնաձեւ > այսպէս խոր խորշ բացած է. որով շրջապատն վեց քառակուսի աղեղնաձեւ կամ պայտաձեւ պատ կ՚ըլլայ՝ ներսի կէս բոլորներուն հետ. բայց ասոնք կիսաբոլորէ աւելի են, գրեթէ եւ կլոր։ Ասոնց իրարմէ զատող պատերուն աղեղնաձեւ երկայնեալ վեց ծայրերէն կ՚ամբառնան մէկ մէկ սիւն, կեդրոնը մեծ բոլորակ մը ձեւացընելով, վրան ալ վերցնելով վայելուչ գմբէթը՝ 12 պատուհանօք եւ համավայել կոնաձեւ գտակովը. որուն մաշեալ գագաթն՝ թուի թէ կը բնտռէ իր թագը, զսուրբ խաչը, որ գուցէ եւ ոսկէզօծ ցոլար փայլէր շատ հեռու, արեւուն ճառագայթիւք, Անոյ արեւմտակողմը Շիրակայ դաշտին մէջ. եւ շատ հողագործք անոր ցոլն ու ցայտը տեսնելով, պահ մը աչուընին եւ ձեռուընին վերցընելով յօգնութիւն կանչէին զU. Գրիգոր՝ իրենց վաստակոցը, եւ օրհնէին անոր պայազատ Պահլաւունիները, իրենց բարերար եւ բարեպաշտ տէրերը։ 

Եկեղեցւոյս դուրսը թէ եւ կ՚երեւին քանդակք՝ այլ ոչ խուռն եւ շատ. ներսն ալ աւելի պարզ է, բնական եւ անկարօտ գեղեցկութեամբ լցեալ. այնպէս որ հայկական ճաշակի եւ ճարտարապետութեան ընտիր օրինակաց մէկը կրնայ ընծայել այս Ապուղամրենց Ս. Գրիգորս. եւ անշուշտ Անոյ այն շէնքերէն մէկն է՝ որոց վրայ հիանալով անգղիացի եւ փռանկ ճանապարհորդք՝ վկայեցին որ յունական ճաշակ եւ փափկութիւն ունին։ Ահա այս եկեղեցւոյս համանման է Նախրարծի եկեղեցին Անիէն դուրս ժամաքառորդ մը հեռու, որոյ համար կ՚աւանդի՝ թէ հարուստ հովիւ մը շինած ըլլայ, վասն այնորիկ եւ այսպէս կոչի, եւ թարգմանի այլազգեաց Չօպան–գիլիսեսի

Ապլղարիպայ արձանագիրն ցուցընէ՝ որ այս տեղս էր իր հօր եւ հարազատաց յետին հանգստարանն, գերեզմանատունն, բայց ոչ բոլոր ցեղին. վասն զի իբրեւ 50 տարի մ՚առաջ իր մեծ եղբայրն Վահրամ՝ միւս եղբարցն ալ օգնութեամբ՝ հիմներ եւ շիներ էր մեծահռչակ Մարմաշէն վանքը՝ Շիրակ գաւառէն  դուրս, եւ հոն թաղուած է իր Սոփիա տիկնաւ եւ ուրիշ պայազատօք. իսկ մեր Ապլղարիպայ մահուան հանգստարանն՝ յայտնի չէ մեզ հո՞ն կամ հոս ըլլալն. բայց այս յայտնի է որ այս եկեղեցւոյս շէնքին հետ ալ մնալի եւ անմահանալի է ինքն, որպէս նաեւ Ս. Փրկչի հետ, ուր հրաւիրէ զմեզ հետեւեալ Նշմարս։

 


  ՆՇՄԱՐ 19 
Ս ՓՐԿԻՉ 

Մեծահաւատ եւ մեծահարուստ Պահլաւունի մարզպանին Ապլղարիպայ՝ մնացեալ ձեռակերտաց վեհագոյնն, Անոյ հազար եւ մէկ եկեղեցեաց շինագոյն մնացեալներէն, միանգամայն եւ ազգային ճարտարութեան գեղեցկագոյն յիշատակարաններէն մէկն ալ այս Ս. Փրկիչ եկեղեցին է. որ եւ ասկէ յառաջ նշմարեալ Ս. Գրիգորին պէս իր նախանձորդն եւ հաւանօրէն իրմէ մեծն ունեցեր է, Ամենափրկիչ անուամբ. որոյ շինողն եւ շինութեան տարին չեմք գիտեր, իսկ փլչելուն թուականն եւ օրն անգամ նշանակուած է, (1131, նոյեմբ. 27), նշանակ իր մեծութեանը եւ համբաւոյն [12] ։ 

Ս. Փրկիչ՝ Անոյ արեւելեան հիւսիսային կողմն է, Ախուրեանի քարափան քով, եւ անոր ընդունած փոքր առուակէն ոչ հեռու եւ երկուքին անկեան մօտ։ Ձեւով եւ ոճով ճարտարապետութեան ալ նման  է Ս. Գրիգորի, բայց անկէ մեծ եւ անկէ զարդարուն, անկէ աւելի ալ թանձր պատերով։ Դըրսանց նմանապէս շուրջն բոլորշի կ՚երեւի, այլեւ նոյնպէս գետնէն կանգուն մը վեր 12 կողմ ունի, նոյնպէս ալ 6 սրանկիւն > միջամուխ խորշեր. բայց նոյն իսկ կողմերէն ալ քիչ մը վեր՝ թեթեւ կերպով կամ ամենաբութ անկիւններ կը ձեւացընէ պատն, որով բոլոր մէկէն 20 անկիւնի մը կ՚ըլլայ, որ քիչ հեռուէն ամենեւին բոլորակ կ՚երեւի։ Կողմէ կողմ դրսանց երկայնքն եւ լայնքն հաւասար 16 չափ է, քիչ աւելի. իսկ միջի տրամագիծն է 13 չափ ու կէս. եզերքն մէկալ եկեղեցւոյն պէս թերաբոլորք են, բայց կը զանազանին անկէ, մէկ մը անոնցմէ պակաս կլորաձեւ ըլլալով, մէկ մ՚ալ որ ասոր բաժանմունքն ութ են, վեցն հաւասար, եօթներորդն՝ որ է խորանին տեղն՝ աւելի մեծ. ութերորդն՝ որ է անոր դիմաց արեւմտեան մեծ դուռն՝ մէկալոնց նման բոլորակ չէ, այլ աւելի շիտակ: Հարաւակողմն ալ դուռ ունի, առանց բոլորակն աւրելու, իսկ անոր դիմացի թերաբոլորակին մէջ պատ քաշած՝ ամպիոն մը շինուած է բարձրկեկ, ուր կ՚ելլըցուի քարաշէն սանդուղներով  պատին միջէն, եւ անկէց ալ վեր ինչուան եկեղեցւոյն տանիքը։ Ութ բոլորակաց կամ բաժանմանց  միջոցն մէկ մէկ միակտուր սիւն կայ. որոց վերնախարըսխաց վրայ կը հանգչի եկեղեցւոյն շրջաբոլոր պատն կամ պատերուն շրջանակն, եւ կը վերցընէ բոլորշի փողը, 12 բարձր եւ նեղ կամար բաժնուած՝ բարակ եւ զուգակ սիւներով, մէջերնին պատուհաններ. անոր վրան ալ գմբեթին սրածայր կոնն, որ Նշմարիս մէջ դրսանց թափած կ՚երեւի, ինչպէս որ ալ եղեր է քիչ տարի առաջ, բայց դեռ գմբէթն գոց կեցած է: Այս գմբեթին բոլորշի գլանն կամ փողն բաւական լայն եւ մեծ ըլլալով, մանաւանդ թէ եկեղեցին ալ շատ մեծ եւ քառակուսի չըլլալով՝ դրսանց բոլոր եկեղեցին երկու յարկ կ՚երեւի, վարն բազմանկիւն, վրան բոլորակ, ալ վեր գագաթն ալ սուր կոնաձեւ։ Եկեղեցւոյս մէջ նորութիւն կամ առաւելութիւն մ՚ալ կայ, որ մեր առջի յիշած եկեղեցեաց մէջ չկար, եւ է նկարէն պատկերներն պատերուն վրայ, թէ եւ աւրըշտըկած. ասոր համար ալ տեսողք որոշ բան մ՚ըսած չեն, որով մենք ալ չենք կըրնար։ 

Ս. Փրկչի ճարտարապետն կըրնայ Տրդատայ աշակերտ մ՚ըլլալ. վասն զի շինութիւնն աւարտեր է յամի 1036, «շատ ջանիւ եւ մեծածախ գանձիւ» Ապլղարիպայ, ինչպէս կ՚ըսէ արձանագրին մէջ. եւ դարձեալ ուրիշ արձանագրութեամբ մ՚ալ կ՚իմացնէ՝ որ նախընթաց տարին Սմբատ–Յովհաննէս թագաւորէն հրովարտակ առած՝ գնաց ի Կ. Պօլիս առ Միքայէլ կայսր, եւ նոյնպէս «շատ ջանիւ եւ մեծածախ գանձիւ» բերաւ մասն ի սրբոյ խաչէն. եւ տաճարին շինութիւնը կատարելով կանգնեց «զնշանն յուսոյ ի պսակ հարսին Քրիստոսի». զոր եւ զարդարեց, հարըստացուց եւ տիրացուց շատ հողերով եւ կուղպակներով, «ոսկւով եւ արծաթովք եւ ակամբք պատուականօք… հին եւ նոր կտակարանօք»։ Եկեղեցւոյն քով ապարանք մ՚ալ շինեց եւ անոր ընծայեց. նոյնպէս քովը այգի մը կար Մշընկի ըսուած, զայն ալ առաւ ի տիրոջմէն, որ էր Պետրոս Գետադարձ, եւ նուիրեց եկեղեցւոյն։ Ասոր հոգաբարձու կարգեց Գրիգոր անուամբ երէց մը, պատուիրելով որ անոր ցեղին մէջ մնալ այդ հոգաբարձութիւնն. եւ անոնցմէ մեռնող քահանայից ամեն  մէկուն հոգւոյն համար քառասունք մ՚ըլլի, իսկ իր հոգւոյն համար՝ ի վարձ այսքան աշխատութեանց եւ նուիրաց՝ ամեն կիրակի գիշերապաշտօն ընել մինչեւ «ի գալուստն Քրիստոսի»։ Պետրոս կաթուղիկոսն ալ նոյն թուականով արձանագրած է՝ որ Ապլղարիպայ նուէրքն եւ պատուէրք հաստատուն պահուին, եւ խափանողքն նզովեալ ըլլան։ 

Խորանին երկու դին պատերուն գրեթէ երեք մեդրաչափ թանձրութեան մէջ մէկ մէկ փոքր աւանդատուն շինած է, եւ գուցէ ասոնք ալ առանձին եկեղեցի կամ խորան սեպուած ըլլան. վասն զի շինութենէն քանի մը տարի վերջ (1041) Քրիստափոր անուամբ հարուստ մէկն իր հայրենի եօթն տուները պարգեւելով Ս. Փրկչի կալուած, կը պարտաւորէ զքահանայս Ս. Փրկչի, որ իր հոգւոյն համար «յամեն ամի ի չորս եկեղեցիքս՝ յեկեղեցին վեց օր ժամ առնել անխափան՝ մինչեւ ի գալուստն Քրիստոսի»։ Կամ նոյն թուականին կամ ինն տարի վերջ՝ Շահիկ անուամբ մէկն ալ՝ ուրիշ նուէրք տալով Ս. Փրկչի հետ կը յիշէ եւ զՍ. Յոհաննէս, որ այն չորս եկեղեցեաց մէկն պիտի ըլլայ, եթէ Ս. Փրկչի մէջ համարիմք եւ եթէ դուրս, ինչպէս կարծել տայ եկեղեցւոյ անունն, թէ եւ հիմայ ուրիշ եկեղեցի կամ՝ մատուռ չեն յիշած ուղեւորք անոր մօտ: Իսկ իբր 150 տարի վերջը (1173) եկեղեցին նորոգողք կը յիշեն անոր (չորս) քառեսին խորանսն, որ եւ Քրիստափորի յիշեալ եկեղեցեաց հետ նոյնք թուին։ 

Իսկ այս նորոգողք եկեղեցւոյս են՝ Տրդատ քահանայ մը՝ ի քահանայական ցեղէ. եւ իր Խուշուշ երիցակինն. եւ կ՚ըսէ. «Շինեցաք վերստին զմեր գանձագին հայրենիքս զՍ. Փրկիչս՝ շատ աշխատութեամբ, եւ նորոգեցաք յառաջին պայծառութիւնն… Շինեցաք սմա ժամատունս ամարանոյ եւ ձմերանոյ». որով երկու եկեղեցական տեղիք ալ կը յայտնուին։ Այս բարի տէրտէրս տէրտիրաց որդի եւ թոռն՝ բնիկ Արուճեցի է եղեր, ուր ունեցած չորս այգիները նուիրեր է Ս. Փրկչի, երկու ալ տուն ասոր դիմաց, եւ ուրիշ բարիք. եւ ասոնց փոխարէն կը պայմանէ ամեն տարի քառասունք մը, կէսն իրեն կէսն ալ տէրտիկնոջը ասկէ զատ երկու ալ (օր թէ քառասունք?) Սողոմոնի որդի Սարգսկան մը համար, որ հաւանօրէն ուրիշ նուիրատու մ՚է: Անկէ 120 տարի ետեւ (1291) Շիրասցի Մխիթար մը հօս շիներ է Զանկակատուն եւ կախեր է զանկակներ, եւ երբ կ՚ըսէ «զվարճանէք ի ձայնից սորա՝ ասացէք, Տէր Աստուած, ողորմեա Մխիթարայ եւ, ծնողաց իւրոց» եւ այլն։ 50 տարի ալ վերջը, մօտ ի կէս ԺԴ դարու (1342) եւ Անոյ յետին ամայութենէն քիչ առաջ  երկայնաբազուկ մեծին Զաքարիայ սպասալարի ցեղէն ուրիշ Զաքարիայի մը թոռն՝ Աթաբեկ Վահրամ`  Վասիլ անուամբ մէկու մը ձեռօք նորէն նորոգեր է Ս. Փրկչի գմբէթը, իրեն կենաց եւ նախնեաց յիշատակին համար։

Այսպէս յիշատակաց արժանի Ս. Փրկիչս երկու երեք անգամ նորոգուեր է, առանց մեծ փոփոխութեան, վասն զի թէ ձեւն եւ թէ մեծամեծ կոփածոյ քարերն, եւ թէ արձանագրութիւնքն՝ վկայ են առաջինն եւ հին շինութեանն, եւ կու մնան մեծագոյն նորոգութեան, որով նորոգուի Ապլղարիպայ անունն ալ։

 


  ՆՇՄԱՐ 20, 21
Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ 

Անոյ հազար եւ մէկ եկեղեցեաց հազիւ տասն կամ՝ քսանի անունն մեզի հասած է, եւ անոնց մէջ նոյն իսկ քաղքին ներքին պարսպաց մէջ՝ ահա այս երրորդ Ս. Գրիգոր եկեղեցին է՝ զոր կու նշմարեմք (Ի). եւ որ մէկալներէն որոշուելու համար՝ մականուամբ մէկտեղ U. Գրիգ. Լուսաւորիչ կ՚ըսուի, եւ նաեւ Վանք Ս. Գրիգորի։ Եթէ պէտք ըլլար՝ զայս ալ նոր վկայութիւն մը կըրնայինք գրել հայոց ջերմեռանդութեանն՝ առ առաքելաշաւիղ նախահայրապետն իւրեանց. բայց երբեք այն մեծ նահատակն Քրիստոսի չէ պակսեր պաշտօն ընդունիլ իր զաւակներէն, եւ ոչ սոքա յընծայելէն։ Բայց այս երեք յիշեալ եկեղեցիքս կըրնան գրաւական ըլլալ քանի մը երեքներու ալ Անոյ մէջ. որոց մէկն ալ շատ հաւանօրէն պիտի ըլլար Ախուրեանի արմըկան միջի քարաբլրի վրայ, Գըզ-գիլիսէի վանաց մէջ։ 

Արդ այս նշմարած Ս. Գրիգորնիս գրեթէ Ապուղամրենց Ս. Գրիգորի հորիզոնական գծին վրայ կ՚ինկնայ, քաղքին արեւելեան կողմը, եւ քան զայն աւելի մօտ է իր ձորին, այսինքն Ախուրեան գետոյ. քարափայն դժար ու խոժոռ տեղ մը, գոնէ հիմակուան տեսքով, որ ունի նաեւ վսեմական գեղեցկութիւն մը։ Գրեթէ նոյն խոժոռութեան մէջ ալ գտա զտեղս ասկէ 660 տարի առաջ` Տիգրան իշխանն յազգէ Հոնենց, երբ մեծն Զաքարիա կը նորոգէր զԱնի. անոր հաւանութեամբ ինքն ալ զանազան նորոգութիւն եւ շինութիւն ընելով, եկաւ այս գետեզրս ալ, ուր հնուց ուխտատեղւոյ պէս եկեղեցեակ մը կայ եղեր Մատռան Աստուածածին կոչուած, եւ վանք մ՚ալ յանուն Ս. Լուսաւորչին. բայց զանազան քաղաքական փոփոխութեանց պատճառաւ՝ թողուած աւրուած «քաղափն եւ մացառ տեղի» դարձած: Տիգրան կը գնէ զայն, ինչպէս կ՚ըսէ, իր «հալալ գանձով ի հերէնէտիրաց [13], եւ բազում աշխատութեամբ եւ գանձով պարսպեցի շուրջանակի. շինեցի զեկեղեցիս յանուն սրբոյ Լուսաւորչին Գրիգորի, եւ զարդարեցի բազում զարդիւք», եւ այլն, եւ իր երկար արձանագրութեան նայելով յիրաւի շատ եւ շատ տեսակ նուէրքներ տուեր է եկեղեցւոյն եւ վանաց, զոր նոյնպէս ինքն նոր շիներ է, նաեւ բնակարաններ իշխանաց. որոց ամենուն հարուստ կալուածներ կապեր է, գեղ, տուն, այգի, կրպակ, պարտէզ, պահէզ, փնդուկ, ջաղաց, միլ եւ այլն, թէ մօտ թէ հեռի տեղուանք. ուրիշ վանք մ՚ալ շիներ է Բեխենց մականուանեալ, եւ զայն ալ Ս. Գրիգորի առաջնորդին հոգաբարձութեան յան ձներ է: Այսչափ բարեաց ապերախտ եղողին եւ խափանողին, իրաւունք տալու է որ ըսէ՝ թէ ոչ միայն յերից ժողովոց հայրապետաց՝ այլ «եւ ինն դասուց հրեշտակաց նզովել եղիցի»: Իսկ իրեն եւ իր տիրոջ Շահնշահի (որդւոյ մեծին Զաքարիայ) եւ անոր զաւակացն համար՝ անխափան պատարագ մատուցանել կ՚ապըսպարէ, առանց օր եւ քառասունք սահմանելու: Այս արձանագիրս գրած է յամի 1215, յետ կատարելու շինութիւնը, զոր սկսած է Զաքարիայի օրով եւ անոր որդւոյն իշխանութեան ատեն աւարտած։ 

Այս թուականս յայտնեց որ եկեղեցիս մեր ինչուան հիմայ տեսածներէն ամենէն ետքը շինուածն է. ասոր կը վկայէ ինքնին շէնքն, որ քան զամենայն շինուածս Անոյ շէն է, ուղեւորաց եւ տեսողաց երեքկին վկայութեամբ ալ, թէ ներսն թէ դուրսն, այնպէս որպէս թէ ճարտարապետն դեռ նոր ձեռքը վերուցած ըլլար վրայէն։ Ձեւով մեզի ծանօթներուն մէջ կաթուղիկէին կը նմանի. երկայնաձեւ քառակուսի է, դրսանց 14 չափ երկայն, լայնքն՝ իբրեւ 10. մէկ դուռ միայն ունի՝ յարեւմտից, որուն քով եղածը յետոյ կը տեսնենք՝ իսկ կողմն՝ որոյ՝ պատկերն է մեր նշմարածն՝ (Ի) 10 բարձր եւ նեղ կամարաձեւ բաժնած է, 11 զոյգ բարակուկ սիւներով. նոյնպէս ալ արեւելեան ճակատն համեմատութեամբ բաժնուած՝ 7 զոյգ սիւնակներ ունի. իւրաքանչիւր զոյգ մէկ խարըսխի տակ մէկ խարըսխի վրայ. նոյնպէս են նաեւ գմբէթին բոլորն եղած սիւնակքն, որ զայն սովորական ոճով 12 կամարաձեւ կը բաժնեն։ Ասոնց շէնքն ու զարդերն՝ հանդերձ միջին գեղեցկադրուագ նեղ պատուհանաւ եւ սեանց կամարներուն անկեանց միջոց քանդակեալ թռչնօք՝ յայտնի կ՚երեւին մեր նշմարողին։ Իսկ եկեղեցւոյս մէջն շատ չի նմանիր կաթուղիկէին. վասն զի ազատ սիւն չունի. այլ դռնէն՝ իբրեւ միջին երկայնութեան երրորդ մասամբ հեռի՝ պատերն խարըսխաձեւ ներս մղուած են, եւ անոնց կռթընցուցած մէկ մէկ սիւն, որոց վրայէն կամարներ ձգուած, նոյնպէս ալ խորանին երկու կողմէն առաջ եկած պատերէն, եւ այս կամարներն են որ կ՚ամբառնան գմբէթը։ Խորանին երկու կողմն ալ հաւասարաչափ նեղ աւանդատունք կան։ 

Այս եկեղեցւոյս սեփական առաւելութիւնն է՝ միջի, որպէս եւ դուրսի ուրիշ կողմ մը՝ նկարէն պատկերներն, որ դեռ բաւական անեղծ մնացեր են, եւ չափաւոր շնորհք ալ ունին. ասոնց համար է որ եկեղեցիս ի ռամկաց Նագըշլը-գիլիսէ կոչուի։ Այս պատկերացս հեղինակքն յոյն կը համարուին, եւ անհաւան չէ. մանաւանդ որ քանի մը յոյն եւ վրացի արձանագիրք ալ կ՚իմացընեն որ ժամանակաւ այդ երկու լեզուաց կամ ազգաց ձեռքն անցեր է տեղս, եւ պատկերաց վերեւն ալ յունարէն գրուած են անուանք սրբոց: Բայց խնդրելին այս է՝ թէ յետոյ ուրեմն նկարած են պատկերներն՝ եթէ նոյն իսկ շինողն Տիգրան նկարել տուեր է, ինչպէս կըրնայ մեկնուիլ իւր իսկ արձանագրութեամբ ըսածն, թէ «եւ զարդարեցի… եւ պատկերագործ խատերով». եթէ  այս ետքին բառս ուրիշ բան չիցուցընէ: Տիգրանայ արձանագիրն այս մեր տեսած կողման վրայ է, որ է հարաւայինն, իսկ յոյն եւ վրացի կարճ արձանագրութիւքն՝ դրան աղեղնաձեւ կամարին վրայ։ Կը սկսի Յոյնն սաղմոսին տունը. «Տէր, սիրեցի զվայելչութիւն տան քո, եւ զտեղի յարկի փառաց քոց». - զոր Տիգրան շինեաց, կըրնանք աւելց նել: Վրացին ալ փոխ կ՚ասէ. «Այս դուռն Տեառն է, եւ արդարք մտանեն ընդ սա»: Գուցէ աւելի ստոյգ ըլլայ ըսելն, թէ գրողն՝ արեամբ եւ խելքով խառնուրդ մ՚ըլլայ Հայոյ, Վրացւոյ եւ Յունի։ ԺԲ դարուն մէջ վրաց թագաւորութեան ծաղկած ատեն՝ անոնց իշխանութեան մէջ եղող Հայք ոմանք՝ անոնց եւ Յունաց դաւանութիւնն եւ ծէսն ալ ընդունեցան. անկէ ելաւ այդ խառնուրդ ըսածս. նոյն ինքն մեծին Զաքարիայի եղբայրն՝ Աթաբէկն Իւանէ ալ յունածէս եղաւ. այսպէս մնացին իրենց ցեղէն շատերն, որոցմէ թուի եւ Տիգրանէն իբրեւ 100 տարի վերջը՝ Ամիր սպասալար Շահանշահն, որ իբրեւ տէր այս U. Գրիգորի վանաց՝ տուեր է զայն Մատթէ կամ՝ Մատթէոս անուամբ մէկուն, եւ սա իր Թենի կնաւն՝ յամին 1320 արձանագրութիւն մ՚աւելցուցած է եկեղեցւոյս արեւելեան կողմը. որոյ մէջ ուրիշ նորոգութիւն չի յիշեր, բաց ի ջըրին ճամբէն զոր Տիգրան շիներ էր, եւ յետոյ «խաղտեր էր ու կտրել». եւ սա նորէն բերեր է զջուրն ի վանքս։

Եկեղեցւոյս դրան կից եւ առջեւը փոքրիկ եւ գեղեցիկ կամարակապ գաւիթ մը կայ (ԻԱ), բայց կամարներն փլած, միայն սիւներն՝ չորս հատ՝ կանգուն եւ արձակ մնացել են, երեքն արեւմտեան կողմէն, մէկն ի հարաւոյ, որոնք կը խառնուէին դրան երկու կողմի թերասեանց վրայէն ձգուած կամարներուն։ Հիւիսային կողմն ալ հաւասար գաւթին լայնքին՝ մատուռ մը կայ, նոյնպէս կործանած, բայց կամարներն կանգուն մնացեր են: Ասոնց մէջն ալ կերերեւին դեռ նկարէն պատկերք. բայց պատկերքն թէ ներսը թէ դուրսը՝ միայն սրբոց չեն, այլ եւ զարդի տեղ կենդանեաց եւ բուսեղինաց: Իսկ սեանց եւ կամարաց վայելուչ ձեւն եւ քանդակք կըրնան գուշակուիլ այս ԻԱ նշմարէս ալ:

Յիշեալ պատկերաց եւ օտարլեզու արձանագրաց համար՝ Եւրոպացի տեսնող ոմանք՝ Յոյն եկեղեցի անուաներ են զսա. բայց ոչ միայն եկեղեցւոյն արտաքին ձեւն՝ այլ եւ ներքին դիրքն խորանին, եւ շինողին արձանն՝ կը վկայեն որ Հայոց համար շինուած է, եւ շինողն ալ ամենէն աւելի հայանուն մէկ  մ՚է։

Որչափ որ ասոր (Տիգրանայ) գլխաւոր շէնքն՝ եկեղեցին՝ անարատ մնացեր է, այնքան քովի ուրիշ շէնքերն, որք էին վանականաց եւ իշխանաց բնակարան, բոլորովին կործաներ աւրուեր, եւ եկեղեցւոյն քով բլրի պէս դիզուեր են, մանաւանդ հիւսիսային կողմը. արեւելեան կողմն ալ կ՚երեւան քաղքին գետնայարկը կամ ստորերկրեայն տանող կամարակապին մնացորդքն. եւ երկու կողմը՝ մեր ի սկզբան յիշած (երես 43) քարակտուր սանդուղքն կամարակապ գոցուած, որ կ՚երթան մինչեւ ի կոտրած կամուրջն Ախուրեանի։ Այս է կարծեմ Տիգրանայ արձանագրին մէջ կոչած Բէշքէնակապն, զոր եւ Գլիձորի ու կամըրջին միջոց ըլլալ կ՚երեւեցընէ։ Եթէ ի՞նչ բանի համար ըլլալն ալ յայտնի չըլլայ, այս կը յայտնուի՝ որ Տիգրանէն առաջ շինուած է եղեր, եւ շատ տեսակ շէնք կան եղեր Ս. Գրիգորի վանքին քովերը։

 

  ՆՇՄԱՐ 22 
ՍՐԱՀ ԱՊԱՐԱՆԻՑ 

Ինչպէս որ ի սկզբան Անոյ մէջ շրջագայելով նկատեցինք՝ եկեղեցիներէն զատ քիչ եւ ամենաքիչ շէնքի մնացորդ կայ. եւ այն առասպելանման յիշեալ 100, 000 ոսկեզօծ պալատներէն, կամ յետին պատմչի մը նմանցուցած օրիորդաձեւ եւ հարսնապաճոյճ տուներէն եւ ոչ մէկ մը կանգուն մնացեր է։ Այլ կայ մնայ միայն մէկ բնակարանի մը մասն, թէ եւ փոքր մասն ամբողջին համեմատութեամբ, սակայն ըստ բաղղի՝ Անոյ ամենէն գլխաւոր բնակութեան մասն, որպէս եւ սովորաբար կարծուի։ Արքունի ապարանից կամ պալատան մնացորդն ըսել կ՚ուզեմ, առանց բոլորովին հաստատելու այսպէս ըլլալն. որովհետեւ անժխտելի փաստ կամ նշան եւ վկայութիւնք կը պակսին: Պատմիչք չեն յիշեր թէ արքունի ապարանքն Անոյ որ կողմն էին։ Եթէ ապահովութեան տեղ փնտռենք՝ աւելի արեւելեան եւ հարաւային կողմեր դառնալու է, իսկ եթէ զուրիշներն ապահովցընելու կողմ փնտըռուի՝ հիւսիսային արեւմտեան կողմը դառնալու է, Ծաղկոցաձորի գլուխը: Եւ ահա այս կողմս, ձորին եւ քաղքին ներքին պարըսպաց  անկիւնն է՝ արքունի պալատ կարծուածն. զոր ոմանք ալ պարըսպաց շատ մօտ, որով եւ թշնամեաց յարձակման ենթակայ սեպելով, անյարմար կը տեսնեն թագաւորի բնակութեան. եւ ոմանք Եւրոպացի բանասիրաց՝ աւելի յարմար սեպած են որ այս տեղս Պահլաւունեաց պալատ եղած ըլլայ, թագաւորէն ետեւ այս ցեղս ամենէն անուանի եւ մեծիշխան ըլլալով. որուն հաւաստիք մը չկայ. եւ առաջին կարծիքն աւելի հաւանական եւ աւելի հասարակ ընդունուած է։ Ռամիկն ալ Նուշիրէվանայ պալատ կոչէ զայս։

Իսկ շէնքին դիրքն՝ ձորին բարձրագոյն եզերքը, պարսպաց ամրագոյն կողմը, քաղքին վրայ եւ դուրս նայուածքն, մօտի հոյակապ Առաքելոց եկեղեցւոյ  մնացորդքն, եւ անոր վրայ արձանագրեալ քաղաքական հրամանք, երկգլուխ արծուեաց քանդակ մը ի միջի աչից՝ այս պալատանս մէջ, եւ դուրսը շինող թագաւորին բարձրաքանդակ պատկերն, այս ամեն բան ինքնին թագաւորաց արժանի տեղ ըլլալ վկայեն. զնոյն կրկնեն եւ մնացեալ պատերուն թանձրութիւնն եւ քանդակքն, արեւելեան զարմանալի բազմադրուագ դուռնն, բազմաթիւ սենեկաց բաժանմունքն. որոց ամենուն ներքեւէն կամարակապ ընդարձակ եւ բազմամասն գետնայարկն ալ՝ խորին արձագանգօք՝ տեղւոյն վեհութեան վերջին վկայութիւնը կը կնքէ։ 

Մեզ ցաւալի է որ աւերմանց պատճառաւ՝ չենք կարող շատ բան տեսնել եւ գտնել այս մեծ եւ ամուր ապարանից մէջ, որուն արդէն մեծ մաս մ՚ալ փլած է. եւ որ կ՚երեւի թէ Ծաղկոցաձորի այն կողմի դրից համեմատ զետեղուած էր, մաս մը յարեւմուտք դարձած, մաս մ՚ալ ի հիւսիս. այս ետքի կողմիս միայն պատերն կու մնան, ներսն եւ ներքեւն բոլոր փլած է, իսկ արեւմտեան թեւին ներքին պատերն ալ կան որք սենեակները կը բաժնէին. թէ եւ ասոնք ալ սակաւաթիւ են հիմայ, եւ ոչ մեծամեծք. ամենն ալ պարսպաց նման քառակուսի կոփած դեղին քարերով. որոց վրայ զարդ ալ չերեւիր, եւ ոչ իսկ պատուհան, բայց միայն մէկուն մէջ՝ որ Ծաղկոցաձորին վրայ կը նայի. գուցէ շատերն ձեղունէն լոյս կ՚առնուին։ 

Հիմայ երեւցող կամ՝ մեզի ծանօթ շէնքի մասանց ամենէն գլխաւորն կըրնայ ըսուիլ պալատան արեւմըտեան մասին վրայ եղած դուռն՝ որ կը նայի յարեւելս. եւ մեծութեամբն ու մանրամասն քանդակօք եւ խաչաձեւօք արդարեւ մեծագործ հոյակապ եւ զարմանալի է: Երկու կարգ է դուռնն, կամ երկու դուռ վրայէ վրայ. երկուքն ալ հաւասար քառակուսի ընդարձակ շրջապատ մ՚ունելով, որք դեղին եւ սեւ քարերով շարուած են. վերինն՝ բոլոր քառակուսի քարերով, եւ անոնց անկեանց մէջ բարակ խաչեր. դրան բարաւորին վրայի կամարն ալ սրաձեւ դէպ ի վեր դարձած է։ Իսկ ստորին դրան չորս դին աւելի գեղեցիկ նաղշած է խաչերով. դրան կամարն ալ բոլորակ է։ Այս դրանց քանդակաց վրայ շատ հիացեր են եւրոպացի ուղեւորք, մանաւանդ ասկէ կէս դար մ՚ալ առաջ տեսնողք, երբ աւելի շն էր պալատն, եւ ըստ վկայութեան սոցա՝ բազմաթիւ էին սենեակք, բազմախիտ խաչք եւ քանդակք, միով բանիւ՝ անբաւ հարստութիւն զարդուց եւ դրուագաց։ Այս երկկարգ դռներն կ՚իմացընեն որ պալատն ալ երկյարկ էր, եւ ինչուան երեք յարկի ալ նշանք  կ՚երեւին, զատ ի ստորերկրեայ ներքնատունէն:

Երկրորդ նշանաւոր մնացորդն է այս մեր նշմարած (ԻԲ) սրահն. որոյ նորատարազ երեւոյթն, սեանց ձեւերուն զանազանութիւնն եւ աննմանութիւնն, մանաւանդ այն արջագլուխ կամ՝ ճիւաղագլուխ խոյակքն՝ մէկէն նշմարողին աչքը կը քաշեն, եւ իրեն թողում մնացածը քննել ու դատել։ 

Երրորդ յիշուած մնացորդն է դէպ յարեւելք դարձած սենեկաց մէկուն մէջ` պատին կից քարեայ ջրի աւազան մը՝ գմբեթաձեւ խորշով, կարմիր ու սեւ քարերով եւ ծաղկաձեւ քանդակներով փորուած։ Այս սենեկիս միջէն կը բացուի պալատին գետնայարկն, որոյ շէնքն որչափ որ կարելի եղած է մտնել եւ տեսնել՝ արժանի է վերի շէնքին, գուցէ եւ աւելի զարմանալի։ 

Մէկ յիշատակաց արժանի բան մ՚ալ կար պալատիս հիւսիսակողմը, դրսի պատին գլուխը, ձորէն եւ պարըսպէն դուրս նայող՝ բնական մեծութեամբ մարդու բարձրաքանդակ մը, զինուորակերպ հագած. ձեռաց մէջ շէնքին պատկերը բռնած, ինչպէս որ եկեղեցեաց ոմանց վրայ ալ այսպէս շինողաց պատկերքն կան, սակայն պժգալի թշնամութիւնն այս պատկերիս գլուխը թռուցեր էր, անոր  համար չէր որոշուեր թագաւոր ըլլալն. բայց հասարակաց աւանդութիւն է՝ թէ պարըսպաց շինող Սմբատ Տիեզերակալին պատկերն էր. զոր ռամիկք ոմանք կարծէին թէ Անոյ մատնըչին պատկերն ըլլայ, եւ թէ անոր համար գլուխն կտրած եւ ձեռքը դրուած է։ Այս բանս ստուգելու համար՝ հիմայ  պէտք է Պետրպուրկ երթալ վասն զի կ՚ըսուի թէ  Ռուսք ճարտարութեամբ վերուցած են զայն իր տեղէն, ասկէ 90 կամ աւելի տարի առաջ, եւ տարեր են իրենց կայսերական թանգարանը դնելու, ուրիշ քանդակաց հետ. ոմանց ալ միայն ձեւերը գաղափարեր առեր են։

 

ՆՇՄԱՐ 23
ՄԶԿԻԹ ԱՆՈՅ

  Ահա նորատարազ շէնք մ՚ալ, եւ ոչ հարազատ մեր քրիստոնեայ մայրաքաղաքին, եթէ արդարեւ մզկիթ ծնած համարինք այս շէնքս, ինչպէս որ եղած է յետոյ։ Ասոր դիրքն նշանակեցինք առաջ՝ որ միջնաբերդին հիւսիսակողմն է, եւ երկուց ձորոց իրարու մօտ միջոց մը։ Քիչ մ՚երկայնաձեւ քառակուսի է շէնքն, արեւելքէն յարեւմուտք ձգուած, այս կողմէս է դուռն ալ. մէջն երկու կարգ երեք երեք կարճ ու հաստ սիւներով՝ երեք թեւ բաժնուած է, որոցմէ կամարներ ձգուած են իրարու եւ չորս կողմի 12 որմասեանց վրայ. որով կամարայարկ տեղ մ՚է, ոչ մզկըթի նման եւ ոչ եկեղեցւոյ, եւ ոչ ալ ժամատան՝ ինչպէս կարծուած ալ է, համարելով թէ արեւմտեան կողմն եղած ըլլայ եկեցեղին, որուն հետքն չկայ։ Ձեղունն եւ յատակն ալ նորատեսիլ կերպարանք մ՚ունին. Գետինն 12 քառակուսի բաժնուած է քարերու շարուածքով եւ սիւներոն դրուածքով. Բայց ոչ մեծութեամբ իրարու հաւասար են, եւ ոչ շարքով քարերու, որոց պէսպէս դիրքն, մեծութիւնն եւ գոյնն այլեւայլ ձեւով միւսիոններ կամ նաղաշներ կ՚նծայեն, եւ ճարտար ձեւեր կամ շարքեր ալ ունին։ Իսկ ձեղունն տեղ տեղ կմբաձեւ կամ կլորակ է, տեղ տեղ աք տափակ, մեծամեծ քարէ տախտակներով կցուած։ Արեւելեան հիւսիսային անկեան քառակուսի միջոցը կանգնած է մինարէն՝ ութանկիւնի ձեւով, 85 աստիճանով, սեւ ու կարմիր քարերով շինած: Արեւելեան պատին վրայ երեք պատուհան կայ, որ Ախուրեանի վրայ կը նային. արեւմտեան պատին կէսն փլած է, մաս մ՚ալ հիւսիսայնոյն. մնացածն բաւական շէն է։ Յատակն ալ ներքնատուն կայ կամարակապ, եւ մէջէ մէջ՝ դռներով. որ նոր զարմանք եւ տարակոյս մ՚ալ կ՚աւելցընէ այս այլատարազ շէնքիս շինութեան կամ անոր պատճառին. թէ արդեօք պահապանաց տուն էր, թէ փնդո՞ւկ մը, թէ բուն իսկ մզկիթի համար շինուած՝ առաջին անգամ՝ քաղաքն այլազգեաց ձեռք անցած ատեն. եւ այս ալ կըրնայ կարծուիլ, թէ եւ մէջը միհրապի տեղ չկայ. բայց վրայի արձանագրաց մէկն քուֆի գրով գրուած է յամի 1072 Մանուչէի ատեն. եւ միայն կէս տող մնացած ըլլալով՝ շատ բան չիմացըներ: Ասկէ վեր՝ հիւսիսային կողմը՝ երկայն պարսկերէն  արձանագիր մը կայ՝ իբր Էպուսայիտ Թաթարաց ղանին անուամբ եւ հրամանաւ գրուած, ԺԴ դարու առաջին քառորդին. որով կը պատուիրէ քաղքին վերակացուաց՝ չնեղել զժողովուրդը հարկապահանջութեամբ, եւ բաց ի բաճէ եւ կնքէ (դամղայ) ուրիշ բան չառնուլ, ինչպէս որ առաջ կ՚առնուին. եւ անոր համար, կ՚ըսէ, քաղաքացի եւ գաւառցի տանուտեարք (քէթխիւտէ) սկսեր էին թողուլ զԱնի եւ զՇիրակ՝ եւ երթալ յօտար աշխարհս։ Անկէ վար երեք լեզուով մէկ մէկ տող արձանագիր կայ. առջի երկուքն՝ պարսկերէն եւ վրացերէն՝ կ՚ըսեն. Ես Զաքարիա Աթաբէկ որդի հանգուցեալ …… հաստատեցի ի թուին 1237 կամ 1258. իսկ երրորդն հայերէն եւ անթուական կ՚ըսէ միայն. «Հաստատուն պահողքն աւրհնին Աստուծոյ»։ Սոյն հայերէն տողս գրուած է նաեւ քաղքին միւս բարձրագոյն մնիրային վրայ


 

 

ՆՇՄԱՐ 24
Ս. ԳԷՈՐԳ, ՀԱՆԳՍՏԱՐԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 

Թողլով այն դժնդակ դուռը՝ որ մտուց զմեզ ի քաղաքն տրտմաթախիծ, եւ տարաւ յաւերակս բնակութեան ժողովըրդեան կորուսելոյ, ուրիշ ելք մը փնտռենք, առանց զլանալու Հոգւոց մը` այնպիսի հանգուցեալ մայրաքաղաքի մը եւ անոր բնիկ հանգուցելոց վրայ, որոց գլուխ եւ առաջնորդ կը համարիմ զԳ Աշոտ Ողորմած թագաւորն, որ նախ պարըսպեց զքաղաքն եւ թագաւորանիստ ըրաւ. եւ արժանի էր մեծ յիշատակարանի մը. զոր թէ չեմք գտներ Անոյ պարըսպաց մէջ՝ գուցէ դուրսը գտնեմք եւ թէ ոչ ճարտարապետական՝ այլ վեհագոյն եւս մեծութեամբ՝ պարզութեան։ Ամեն ատեն եւ ամեն հարստութեանց մէջ մեր թագաւորք իրենց գերեզմանաց սեփական քաղաքատեղին ալ ունեցեր են, եւ շատ հեղ հեռու իրենց կենդանութեան բնակարանէն։ Ամենէն ծանօթ եւ անուանի գերեզմանաց տեղն մեր Արշակունի թագաւորաց՝ էր ուրիշ Անի քաղքի կամ բերդի մը մէջ, Եփրատայ եզերաց եւ. երկու Հայոց (Մեծ եւ Փոքր) սահմանակցութեան վրայ, մեծ հեռաւորութեամբ իրենց Արարատեան  մայրաքաղաքներէն. ուր եւ հեթանոս եւ քրիստոնեայ թագաւորք մեր՝ իբրեւ թագաւորաց մարմինը կը տարուէին, թէ եւ երկու կրօնքն զանոնք արտաքին անջրպետով եւ նշաններով ալ գիտէր զատել. միայն չարանախանձ Սասանեանց ոխն էր՝ որ զսուրբ եւ զանսուրբ իրար խառնելով պղծեց խռովեց ամենուն ալ հանգիստը, եւ այն խառնակոյտ ոսկրոտին՝ քանի մը տիրասէր եւ ազգոգի անձինք ազատելով ի յետին գերութենէն՝ առին բերին, եւ Ախուրեան գետէն անցընելով՝ ոչ շատ հեռի այս մեր Անիէն, այլ եւ գրեթէ տեսանելի, Շիրակայ սափմանակից գաւառին մէջ՝ անոր անկործանելի կոթողին՝ բարձրաբերձ Արագած լեռան կողը՝ Աղցից գիւղին մէջ՝ հանգուցին. երկրորդ հանգիստ։ Զարմանալի իմն հանդիպութեամբ մեր Բագրատունի թագաւորաց շատին հանգստարանքն ալ՝ անոնց դիմացն եղան, քանի մը ժամ հեռաւորութեամբ…

Արդ լռելեայն մը ելնելով Անոյ արեւելեան դըռնէն, հին ատեն Դըւնայ դուռն կոչուած եւ հիմայ Երեւանայ դուռ, մեր խորակարկաջ Ախուրեանի ափերն ի վեր կ’երթանք ընդ հիւսիս եւ արեւելս, իբրեւ  ժամ մը, մինչեւ դարձեալ Անոյ դրից նման տեղ մը կը հասնինք. այսինքն, գետն այս տեղս ալ արեւելքէն դէպ հարաւ եւ յարեւմուտս շրջելով նորէն կը դառնայ ի հարաւ կ’իջնէ յԱնի. եւ այս նոր թեւին կամ թերակղզւոյն մէջ կան յիշատակաց արժանի շէնք Հոռոմոսի վանաց, որ հիմայ կ’ըսուի Խօշավանք. ի խօշուն անուանէ` որ նշանակէ ջուխտակ. վասն զի քիչ մը հեռուն (հիւս. արեւմտ. ) զոյգ մը նորաձեւ հին աշտարակաց կան քիչ չատ աւեր։ Ժ դարէն մնացեալ եւ ալ հին եւ ալ նոր եկեղեցիք, վանք, շէնք, գերեզմանք, եւ բազմաթիւ արձանագիրք կան այս տեղս, որ հիմայ ալ բնակուած է ի վանականաց ոմանց, Կարսայ թեմ ըլլայով, եւ ատեն մը Անոյ վիճակին առաջնորդին նիստ։ Թագաւորք Անոյ եւ իշխանք, նաեւ հեռաւորք, մեծամեծ նուէրքներով ճոխացուցեր էին այս վանքը, եւ շատերն կ’ուլէին հոն գտնել երկրիս յետին հանգիստը։ 

Մեր նպատակէն դուրս է երկար ուշանալ այս արժանաւոր տեղս, զի մեր Նշմարն (ԻԴ) քիչ մ՚ալ կը հեռացընէ զմեզ անոր պարիսպներէն. հազիւ քառորդ մը ժամու, դէպ ի հիւսիս եւ արեւմուտք, ուր ձորադաշտակ մը` Հոռոմոսի բարձր թերակղզոյն կպած՝ կ’իջնէ կը տարածի՝ ինչուան Ախուրեանի ջրոց, որք երբեմն առատացած՝ ձեան հալուածքով՝ կ՚ողողեն ալ զինքը, եւ քանի մը շէնքերու պատերը կը փայփայեն: Այն ծածան ծփան ալեաց եզերքը, կէս շէն կէս անշէն, կէս ընտանի եւ կէս վայրենի ձորափը` ոչ սակաւ աւեր եւ անաւեր մատրունք եւ եկեղեցեակք եւ նման շէնքեր կ’երեւին. որոց գլխաւորք երկուք են, մէկն Ս. Մինաս անուամբ, միւսն աւելի մեծ անոր արեւելակողմը՝ իբրեւ 10 քայլ հեռու, U. Գեորգ անուամբ, ահաւասիկ մեր նշմարածն է (ԻԴ)։ Անշուշտ իր սրագմբէթ սուլուլիկ ձեւն, եւ բարակամէջ հասակն՝ տեսողին աննշանակ բան մը պիտի չերեւին, թէ եւ փոքրիկ շինուած մ’է վեցակողմն խարըսխաւ, որոյ դրսի տրամագիծն իսկ չորս մեդր է քիչ աւելի. մէջն վեց հաւասար թերաբոլորակ բաժնած. բաժանիչ պատերն ալ առանց սեան կ’ամբառնան գմբէթը. թերաբոլորից մէկն բացուած է  ի դուռ, որոյ առջեւ փոքրիկ անդաստակ մ՚ալ կայ՝ չորս որմասեանց եւ մեկ ազատ սեան մը վրայ՝ կամարակապ բաց: Բայց աւելի եւ շատ աւելի նշանական է յիշատակն շէնքիս՝ եւ նաեւ իր շուքին, որ կը տարածանի ի հանգստարանս թագաւորաց: Քանի մ’արձանագիրք կան մէջն եւ դուրսը, ԺԱ. դարուն սկիզբը գրուած. արեւմտեան ճակտին վրայ Սմբատ-Յովհաննէս թագաւորին յիշատակարանն է յամին Քրիստոսի 1036 գրուած. որով կտակէ կը թողու իր Սահառունիք գեղը՝ այս տեղւոյս, եւ ի մեր «հանգստարանս թագաւորաց, ի տիեզերահռչակ վանսս Հոռոմոսի». եւ կը պատուիրէ որ ամեն տարի չորս քառասունք պաշտօն կատարեն իր հօր Գագկայ հոգւոյն իսկ երբ ինքն ալ մեռնի՝ երկու քառասունքն իրեն համար ըլլայ, երկուքն ալ իր հօր։ Նոյն ինքն Գագիկ թագաւորս ալ իր յիշատակարանը գրած է այս իւրաշէն մատռան արեւելեան կողմը, մաղթելով առ Ս. Գէորգ, սրտառուչ վսեմ եւ մաքուր ոճով. «Ով հռչակաւոր դու եւ մեծանունդ ի վկայս, Սուրբ Գէորգիոս, աւգնեա բարեխաւսութեամբ Գագկայ Շահայնշահի՝ շինողի զվկայարանս զայս քոյով անուանակոչութեամբ, ի քոյդ յուսակնեալ բարեխասւութիւն, զի ընկալցի զողորմութիւն ի Քրիստոսէ Աստուծոյ՝ ընդ ամենայն արդարացեալսն ապաշաւանօք, հասանել լուսոյ փառաց Որդւոյն Աստուծոյ, ի վերջնում գիշերին ի ծագել մեծի եւ աներեկ առաւօտին՝ այցելութիւն գտանել առաջի ահաւոր բեմին եւ անաչառ դատաւորին: Աղաչեմք»։ 

Չերկբայիր ընթերցողն որ այս Ս. Գէորգայ նուիրեալ մատռան մէջ կամ մէկ կողմը, վերջապէս իր ձգած շուքին սահմանին մէջ՝ ընտրեր եւ հանգչեր է բարի թագաւորն Գագիկ Բագրատունի. եւ հաւանօրէն նոյն սահմանին մէջ կամ քիչ հեռու՝ իր նուիրատու որդին Սմբատ-Յովհաննէս ալ, որպէս եւ ասոր եղբայրն Աշոտ, եւ հօրեղբայրն Սմբատ Բ. ամենքն ալ այս մօտերս թաղուած են, եւ թերեւս ամեն մէկն ալ իր առանձին հանգստանոցի մատուռն ունէր. եւ մէկունն էր յիշեալ Ս. Մինասն. միւսոյն՝ փոքրիկ մատուռ մը՝ Ս. Գէորգայ արեւելակողմը. ուրիշներու ալ՝ ասոնց հիւսիսակողմն եղած աւերակ մատրանք, որոց մէկուն ձեւն ալ այս Ս. Գէորգի նման է հինգ բոլորակով։ 

Նոյն շուքին եւ նոյն պատին ներքեւ կը հանգչի նաեւ այս թագաւորաց հայրն եւ նախահայրն եւ ցեղին ամենէն բարեպաշտ թագաւորն, Աշոտ Ողորմած, հիմնարկողն ներքին պարըսպաց Անոյ. եւ ասոր հանգստարանն միայն յայտնի մնայ. թերեւս վարձք իր բարեպաշտութեանը, եւ միայն յայտնի գերեզման թագաւորի, մեծավայելուչ վսեմութեամբ, եւ ամենամեծ զարդով. որ է անարուեստ պարզութիւնն։ Երկու քայլ հեռի եկեղեցւոյս արեւելեան հարաւային անկիւնէն, գետնին վրայ երեք կարգ կամ աստիճան քարեր քառակուսի ձեւով՝ վրանին կը կրեն տապանը՝ սնտուկի ձեւով, որոյ ամեն զարդարանքն՝ պարզութենէն զատ՝ հնութիւնն է, եւ ժամանակի մատամբ փորուածքն. իսկ արձանագիր՝ միայն ԱՇՈՏ ԹԱԳԱՒՈՐ…

Թէ աւանդութիւն եւ թէ հիմայ արուած թուական մը ՆԻԶ (977 թիւ Փրկչին) կը վկայեն՝ որ հոս Ողորմած Աշոտ թագաւորն է, եւ անոր քովի փոքր տապանին մէջ ալ իր արժանաւոր եւ միասիրտ կինն՝ Խոսրովանոյշ Դշխոյն է. որք դադրած են ինն անգամ դարական անխռով քնով, երկնից գիշեր ցորեկ անվարագոյր, կամարին տակ. անարգել ընդունելու արեգական եւ լուսնի ջերմիկ եւ ցրտիկ ճառագայթները, տարերաց տարափները, մինն եւ անձրեւը, ցօղն ու ծաղիկը. եւ իրենց որդւոյն՝ Գագկայ պէս՝ մաղթեն, «ի վերջնում գիշերին ի ծագել մեծի եւ աներեկ առաւօտին՝ այցելութիւն գտանել», մարմնով ալ հաղորդելու իրենց պայծառացեալ հոգւոյն լուսոյ փառաց։ Մենք ալ մաղթեմք որ այս յուսով եւ այս դիրքով մնան այս հանգստեան տապանքս  իրենց մերձաւորօք, մինչեւ ի ծագել այն աներեկ առաւօտին. որ վերջին գիշերին քօղը՝ ձգելով մեր Անոյ եւ ամեն քաղաքանոյ վրայ ալ պիտի բանայ յաւիտենական մայրաքաղաքը. ուր յուսանք գտնել ընդ Աշոտոյ եւ Խոսրովանուշայ՝ իրենց արքայագահ ըրած եւ յետոյ տրտմաթախիծ եղած քաղաքին կորուսեալ ժողովուրդն ալ։ 



[1] Այսպիսիք են, հ. Մինաս, Պատմութիւն Անոյ, կամ Ճանապարհորդութիւն ի Լեհաստան, ի Վենետիկ, 1830։ - Բազմավէպ, Ե, 1847։ Կարապետ վարդապետ, ի Հայաստան լրագրի, 1848–49։ Աբել Վ. Մխիթարեանց, Կ. Պօլիս, 1885։ Սարգիս Ջալալեան արքեպիսկոպոս, Ճանապարհորդութիւն ի Մեծն Հայաստան, Տփղիս, 1857։   Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Տեղագիր Հայոց Մեծաց, 1855։ Հ. Ներսէս Սարգիսեան, Տեղագրութիւն ի Փոքր եւ ի Մեծ Հայս, 1864, Վենետիկ։ Յոհ. Տէր Աբրահամեան, Տեղագրութիւն Անի քաղաքի հանդերձ տեսարանացոյց պատկերօք. Թէոդոսիա, 1867. այս գործն մեր ձեռքը հասած չէ։ Օտարազգի տեղագրողաց մէջ ամենէն նշանաւորն է Պ. Պրոսէ, Les Ruines d՚Ani, avec Atlas, 1860, St. Pétersbourg: Նշանաւոր է նաեւ Դէսիէ (Texiex) գաղղիացւոյ  պատկերաւոր մեծ եւ թանկ գիրքն, Description de l’Arménie, de la Perse, etc., 1840, Paris, որ եւ կ՚ընծայէ մեր նշմարաց մեծ մաս մը։  

  [2] Per me si nella città dolente:

Per me si tra la perduta gente…

Lasciate ogni speranza, voi ch՚entrate! 

  [3] Հոս է գերեզմանատուն թագաւորացն Հայոց. երբ յամին 1046 Յոյնք պաշարեր էին զԱնի, զոր արդէն ոմանք մատնած էին անոնց, տիրասէր Հայք խուռն գացին լալու այն գերեզմանաց վրայ, ապա թէ թողուցին դռները բանալու Յունաց։ Ըսել է որ իրենք արեւելեան կողմէն Ախուրեանի եզերքով կ՚ելլէին Հոռոմոսի վանքը երթալու, եւ այն այն կողմն ամրութեամբ միացած էր քաղքին հետ իբրեւ մասնակից։ 

[4] Այսպէս կ՚անուանին ճամբաներէն ոմանք (սօգագ)։ 

[5] Այսպէս կոչուին կրպակք կամ խանութք։..

[6] Այսպէս կոչուին օտար վաճառականաց օթեվանք եւ մթերանոցք, արաբացի բառով, յորմէ եւ իտալացիք fondaco կոչեր են։ 

[7] Ասողիկ. Գ. լ։ 

[8] Արիստ. Լաստիվ. ։ 

[9] Այսպէս գրուած է անունն արձանագրին մէջ, իսկ պատմիչք Կատրամիդէ կոչեն։

[10] Ներսին երկայնքն՝ դըռնէն ինչուան խորանին խորքը ճիշդ 100 Բարիզեան ոտք կ՚ըլլայ։

[11] Ի միջոցի 973–983 տարիներու։ 

[12] Ոմանք կարծեն թէ այս Ամենափրկիչս ոչ էր Անոյ՝ այլ Շիրակաւանի Ամենափրկիչն, զոր Ա. Սմբատ թագաւորն  կանգնել տուեր էր յամին 897. եւ որ նորոգուելով ի կէս ԺԲ դարու՝ հիմայ դարձեալ փլած եւ աւերակ է

  [13] Հայրենի ժառանգութեամբ տէր եղող։