ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ
Uրտառուչ
սովորութիւն
մը
որ
հասարակաց
է
մեր
ձեռագիրներուն
ու
խռովիչ
նոյն
ատեն,
գրելու
արարքին,
կիրքին
վրայ
իր
արձակած
լոյսովը,
յաճախանքի
մը
նման՝
կը
նեղէ
զիս
երբ
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին
անդրանիկ
հատորը
կը
յանձնեմ
իր
հասարակութեան։
Մեր
գրիչները
իրենց
էջերը
կը
սկսին
կամ
կը
փակեն
մարդկային
ծանր
ապրումներու
խոստովանանքը
ընելով,
իրենց
տունէն,
վանքերէն,
պաշտպան
սուրբերէն։
Գրեթէ
բոլորն
ալ
խորունկ
գոհունակութիւնը
ունին
իրենց
գործը
աւարտած
տեսնելու
«ընդ
հովանեաւ»
աս
ու
ան
մենաստանին,
աս
ու
ան
իշխանաւորին,
նպաստովը
աս
ու
ան
համեստուկ
դպիրին,
«մեղօք
լցեալ
տիրացուին»:
Գիրք
մը,
այդ
դարերուն
համար
բացառիկ,
hրաշքի
մօտեցող
վաստակ
մըն
էր,
յաղթանակ
մը:
Երկինքին
ու
Երկրին
պաշտպանութիւնը
ես
շատ
չեմ
տեսնել
այդ
մարդոց
տողերուն
ետին:
Ու
երբ
կը
փորձեմ
վերադարձ
մը
այդ
դարերու
հոգեբանութեան,
յարգանքի
որքան
խորունկ
յուզումի
զգացումներով
ինձ
կը
թուի
թէ
կը
լեցուիմ։
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
ձեռնարկը
թէ՛
իբր
յղացք,
թէ՛
իբր
գործադրում
անյաղթելի
դժուարութեանց
պիտի
մնար
ենթակայ,
եթէ
չունենար
պաշտպանութիւնը
Սրբոց
Յակոբեանց
Առաքելական
Աթոռոյն,
ուրկէ
անիկա
գտած
է
ոչ
միայն
դասական
«հովանին»,
այլ
իր
իսկ
նախատարր
սնունդը:
Առանց
Ս.
Աթոռոյ
Մատենադարանին,
ձեռնարկը
անկարելիութիւն
մըն
էր:
Ասկէ՝
իմ
պարտքերը,
պարզ
որքան
իրաւ
ա)
–
Նորին
Ամենապատուութիւն
Պատրիարք
Սրբազանին,
որ,
տարիներ
առաջ,
իբրեւ
Տեսուչ
Մատենադարանի,
անձանձիր
բարեկամեցողութեամբ
մը
ընդառաջեց
իմ
աշխատանքը,
աղբիւրներու
մատուցումով,
հանդէսներու,
գիրքերու,
նախանիւթերու
հսկայ
մթերք
մը
տրամադրելով
իմ
սեղանին.
բ)
–
Հոգեշնորհ
Տ.
Արթուր
Վրդ.
Հատիտեանին.
գ)
–
Հոգեշնորհ
Տ.
Գրիգոր
Աբեղայ
Ոսկանեանին
որոնք
իբրեւ
Մատենադարանի
Տեսուչներ
եռանդով
իրենց
աշխատակցութիւնը
բերին
իմ
սեղանին,
միտ
աղբիւրներու,
նախանիւթերու
հայթայթման
հարցին
մէջ.
դ)
–
Հոգեշնորհ
Տ.
Թորգոմ
Աբեղայ
Մանուկեանին,
որ
իբրեւ
Տպարանի
Տեսուչ,
յուզիչ
ու
խղճահար
ջանադրութեամբ
մը,
կարելին
ըրաւ
անվնաս
դարձնելու
իմ
ձեռագրին
աներեւակայելի
պակասութիւնները,
չափազանց
արագ
աշխատանքի
արդիւնք
անխուսափելի
մոռացումները,
շարադրական
վրէպները
մատնանիշ
ինծի
կրկին
բերելով,
սրբագրութեան
համար:
Առանց
այս
թանկագին
օժանդակութեան
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին
շատ
մը
գիրքերը
ապահովաբար
պիտի
կրկնէին
այն
խղճալի
պատկերը
—
արդիւնք
ձեռագրին
սխալ
ընթերցումին,
մանաւանդ
սխալ
հասկցուելուն
–
որուն
մէջէն
լոյս
են
տեսած
իմ
գործերը,
ստեղծելով
մթին,
անհասկնալի
Օշականի
մը
հէքիաթը.
ե)
–
Տիրացու
Արամայիս
Միրզայեանին,
Պ.
Պ.
Արշակ
Խաչատուրեանին,
Ստեփան
Տարագճեանին,
Լեւոն
Ալթունեանին,
Յակոբ
Սարգիսեանին,
Սարգիս
Կտանեանին,
Տիրան
Թաշճեանին,
Մանուկ
Սմբատյանին
եւ
բոլոր
այն
տղաքներուն
որոնք
խօսուած
դասերը
ընդօրինակելու
իրենց
սիրայօժար
աշխատանքովը
իմ
պակսող
ուժերէն
կարեւոր
խնայողութիւն
մը
իրագործեցին։
Ու,
ըլլալու
համար
աւելի
մօտ
հին
գրչագիրներու
հոգիին,
նոյն
զգացումը
հանդէպ
զ)
–
Սարգիս
Խաչիկեանին
որ
իբրեւ
գրաշար
դրաւ
աւելի
խղճմտութիւն,
իր
ժամանակէն
աւելին
տրամադրելով
գործը
արագ
բերելու
համար
իր
աւարտին:
է)
-
Ռաֆայէլ
Աւագեանին
եւ
Տպարանի
աշխատաւորներուն
որոնք
հաւասար
չափով
փոյթ
ունեցան
հաւաքական
այս
աշխատանքին
մէջ:
Ընթերցողը
այս
յիշատակութեանց
ետին
թող
բարի
ըլլայ
գտնելու
Երախտագիտական
պարզագոյն
սա
զգացումէն
դուրս
ոչ
մէկ
նկատում:
Մեր
օրերուն
մարդիկ
հազիւ
կը
բաւեն
իրենց
զբաղումներուն:
Ասոնցմէ
դուրս
ամէն
ձեռնարկ,
նպաստ,
ուրիշներու
աշխատանքը
դիւրացնող,
այդ
իսկ
հանգամանքով,
կը
դառնան
երախտագիտական
արարքներ:
Գիրքը
կը
յանձնեմ
իր
իրական
տիրոջը՝
կարդացող
հասարակութեան,
որ
սա
էջին
վրայ
չի
նշանակեր
հմուտը,
գրողը,
փղշտացին,
այլ
այն
պարզ
դասը
մարդոց
որոնք
հաւատքը
ունին
իրենց
ժողովուրդի
արժէքներուն,
ու
կարoտ՝
այդ
արժէքներուն
հարազատ,
արդար
փառքին:
Չհասկցուելու,
սխալ
հասկցուելու
վա՞խ
մը:
Մեծ
կշիռ
մը
չառաւ
այդ
վախը
իմ
աշխատանքի
ճամբուն
վրայ:
Գիտեմ
թէ
գիրքերն
ալ
մարդոց
կը
նմանին,
իրենց
ճակատագիրը
իրենց
հետ
բերող:
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը
իմ
ժողովուրդի
հարիւրամեայ
ապրումներուն
կարելի
խտութեամբ
մատուցումն
է
դարձեալ
իմ
ժողովուրդին։
Անոր
հեղինակը,
այդ
աշխատանքը
կատարած
ըլլալու,
իր
ժողովուրդին
շնորհներուն
հանդէպ
իր
պարտքը
վճարած
ըլլալու
գոհունակութենէն
դուրս
ուրիշ
փառք
կամ
բարիք
չէ
սիրած:
Վկայութիւնները
վկայութիւն
են,
Քրիստոսի
օրերէն:
1945
Օգոստոս
3.
Երուսաղէմ
ՀԵՂԻՆԱԿԸ