ԳՐԻԳՈՐ
ՕՏԵԱՆ
Այն
քանի
մը
անուններուն
մէջէն
որոնք
մեր
ԺԹ.
դարու
երկրորդ
կէսը
կը
լեցնեն
ու
իջած
են
զանգուածներուն
(Ալիշան,
Խրիմեան,
Չերազ,
Մամուրեան),
Գրիգոր
Օտեան
(1834-1887)
կը
զատուի
այլապէս
ծփուն,
դժուար
բացատրելի
վարկով
մը
որ
աւելի
քան
ստոյգ,
չի
դադրիր
խռովելէ
Գրականութեան
քիչ
մը
խղճահար
պատմիչը։
1880էն
ասդին,
վերը
ակնարկուած
անունները
գտած
են
որոշ
չափով
մը
իրենց
հաւասարակշռութիւնը։
Իրապաշտները
չուրացան
անշուշտ
Ալիշանը,
բայց
ըրին
աւելի
պատասխանատու
բան
մը,
թանգարան
առաջնորդելով
մեծ
պենետիկտէնին
անձն
ու
գործը
հաւասարապէս:
Երախտագէտ
էին
անոր,
բայց՝
հետը
չէին,
երբ
բանաստեղծութեան,
իրաւ
պատմումին,
իրաւ
գիտութեան
հարցերու
մէջ
յոգնավաստակ
ծերունիին
մշտագործօն
ներկայութիւնը
ստիպուէին
հանդուրժել։
Անոր
Հայոց
Հեթանոսական
Աստուածները,
Հայ
Բուսակը
դիմաւորեցին
որոշ
ալ
քաշքշուքով։
Ալիշան
կատարած
էր
իր
դերը:
Նոյնն
է
պարագան
միւս
երկուքին
համար
ալ:
Եթէ
երբեք
1901-ին
Գահիրէի
մէջ
կին
մը
տակաւին
բաւական
միամիտ
է
Խրիմեանէն
քերթուածներու
հատորիկ
մը
տպագրելու,
գրողներու
դասակարգը
հեռու
է
հայրենասէր
բայց
քիչ,
հազիւ
գրագէտ
եկեղեցականէն:
Չերազ,
1900-ի
դուռներուն
կը
թարգմանէ
հայերէն
բանաստեղծները
ֆրանսերէնի
եւ
միայն
հաւատաւոր
գործիչի
մը
հանդէպ
արդար
պատկառանք
մը
կը
միջամտէ
որպէսզի
մարդիկ
անոր
երեսն
ի
վեր
չպոռան
իր
անարժանութիւնը
նման
դերի
մը։
Այս
մեծատարած
չորս
փառքերը
անվերադարձ՝
կը
վերաբերին
պատմութեան:
Ու
կը
խորհիմ
թէ
անոնց
հոգիները
չունեն
տառապելիք
այս
վճիռէն։
Այդպէս
չէ
պարագան
Գրիգոր
Օտեանի
որ
չորսին
չափ
հանգամանաւոր
անուն
մը,
փառք
մըն
էր
երբ
կ՚ապրէր,
ու
կողք
իջնելէն
վերջը,
աղօտելու,
հեռանալու
փոխարէն,
տակաւ
կ՚աճէր,
կ՚աղուորնար,
իր
հէքիաթը
լաստակերտելով։
Առանց
իր
մասնակցութեան
բարեբախտաբար։
(Մամուրեան,
Եղիա,
իրենք
տարիներով
քար
առ
քար
հիւսեցին
իրենց
հեքիաթները,
մէկը
յորջորջուելու
համար
Մամուրեան
մեծ,
միւսը`
գրական
բոլոր
սեռերը
փորձող
ու
ամէնուն
մէջ
վարպետ
մը
դուրս
եկո՜ղ։)
Իրապաշտները
խորունկ
գուրգուրանք,
պաշտամունք
մը
ունէին
անոր
հանդէպ,
նոյնութեամբ
փոխանցուած
1900-ի
մարդոց
որոնք
անցեալը
արժեւորելու
իրենց
զիջումին
մէջ
հաւանաբար
ազդուած
էին
Գրիգոր
Օտեանի
անօրինակ
ճակատագրէն։
1870-ին
այս
ժողովուրդին
ամէնէն
մեծ
զաւակն
էր:
Տասը
տարի
վերջը
Պոլսէն
փախստական
տարագիր
մը՝
որ
իր
գործին
կործանումը
հեռուէն
դիտելու,
հանդուրժելու
ողբերգութիւնն
ալ
ունէր
մարսելիք:
Ու
ասիկա
այսպէս,
մինչեւ
մեր
օրերը
է
Ազգին
մանաւանդ
բարձրագոյն
խաւերուն
մէջ
Օտեանի
ողջուցը
վայելած
վարկը
անշուշտ
անխառն
միութիւն
մը
չէր,
ինչպէս
եղած
են
վարկերը
Պէշիկթաշլեանի,
Դուրեանի։
Քաղաքական
մարդը,
գրագէտը,
սիրտի
մարդը,
տառապող
հայրենասէրը,
մանաւանդ
իր
անձին
անստերիւր
շողարձակումը
իրարու
կ՚աւելնան,
կազմելու
համար
անուշ,
ամուր,
ամէն
շուքէ,
արատէ
զերծ
խորհրդանշական
անուն
մը։
Նոյն
մարդերը,
որոնք
Խրիմեանը
վերածեր
էին
իր
ճշմարիտ
տարողութեան,
կշռած՝
անոր
արժէքը,
անոր
պատկառելի
մօրուքը
հողին
չյանձնած
տուեր՝
իրենց
դատաստանը
անոր
անձէն
ինչպէս
գործէն,
նոյն
մարդերը
Օտեանը
ըրին
հարազատ
սրբութիւն
մը,
աւելի
քան
իրաւ
խորհուրդ
մը։
Օտեանին
գերեզմանը,
Բարիզ,
ուխտատեղի
մըն
էր
1890-ին։
Է
նաեւ
այսօր,
յիսուն
տարի
վերջը։
Հպարտութիւն,
գորովանք,
հիացում.
ահա
այն
զգացումները
որոնք
կը
յառնեն
մեր
ամէնուն
ներսը
երբ
այդ
անունը,
նուիրական
ու
խորունկ,
թափառի
համախմբումի
վերեւ,
կամ
նստի
յուշագրութեան
մը
ներսը։
Սփիւռքը
որ
ահաւոր
արագութեամբ
մը
մարսեց
մեր
հին
փառքերը,
մաքրեց
հաշիւը
—
այնքան
անպատկառութեամբ
ու
լրբութեամբ
—
աւելի
քան
երեք
սերունդներու
վաստակին,
իր
ամայաստանին
մէջ
մոռցա՞ծ
է
Օտեանը։
Բարի՛զ,
հին
մարդերը,
մեռելոցի
օրերուն,
ես
տեսայ
Փէր
լա
Շէզի
գերեզմանատան
մէջ։
Ծաղիկ
չկար
անոնց
ձեռքը,
բայց
կը
կոխէին
ծանր
ու
խոհուն:
Անոնց
քով
ի
վեր
տեսայ
ուրիշներ
ալ,
Օտեանին
արիւնէն,
գրող
ու
գրագէտ,
որոնք
խնդացին
անոր
քարին,
թեթեւ,
անփոյթ
ու
անցան
անդին,
իրենց
առջեւ
թափառող
ձեւերու
ետեւէն։
1937-ին,
Աստուածածնայ
մեռելոցին,
ինծի
ալ
տրուեցաւ
հաղորդուիլ
Օտեանի
խորհուրդին։
Անոր
գրական
դէմքը
յօրինելու
համար,
ես
պիտի
օգտագործեմ
այն
զգայութիւնները,
զգացումները,
թելադրանքները
որոնք
ինծի
եկան
այդ
երկու
շաբթին,
Բարիզի
մէջ
բացառիկ
արեւի
մը
դողդոջ,
դալկահար
«
ոսկիին
»
տակ,
գործածելու
համար
բանաստեղծական
բացատրութիւն
մը:
Անոնք
որ
չեն
եղած
այդ
գերեզմաններուն
մէջ,
չեն
զգար
դառնութիւնը
քաղքենի
այդ
հանգստարաններուն:
Մեր
Պոլիսին,
քաղաքներուն,
գիւղերուն
գերեզմանոցնե՞րը,
ուր
այդ
երկուշաբթիներուն
մեզի
կուգար
կեանքին
բովանդակ
հասկացողութիւնը,
լացի
ու
ժպիտի
հետ
ճիտ
ճիտի:
Մայրը
կուլար
թաղուած
իր
զաւակը,
որուն
ողջ
եղբայրը
կը
խաղար
հողքին
փէշերուն,
ժպտագին,
անուշ,
կենսալից։
Պարզ
քար
մը,
անթուակա՜ն:
Այնքան
նման
մեր
գեղերու
քարերուն,
նոյնիսկ
առանց
անունի,
թերեւս
հօր՝
մը,
մօր
մը
ձեռքերով,
այդ
ձեւերուն
մտած։
Գ.
հայերէն
գիր
մը
եւ
Odian՝
ֆրանսերէն:
Չեմ
խօսիր
մատիտով
քիչ
մը
գորշացած
—
Բարիզ
թշնամին
է
մարմարեային,
իր
ծուխին
ու
մշուշին
սգաւոր
շղարշը
անպակաս
ընելով
անոր
վրայ,
տարիներու
ընթացքին
սեւցնելու
չափ
ամէնէն
ճերմակ
քարը
—
այդ
մեծ
թուղթին
վրայ
խազխզուած
յիշատակի
գիրերէն:
Չեմ
խօսիր
շրջանակէն
ալ:
Զիս
հոն
առաջնորդողները,
պարզ
հայրենակիցներ,
սփիւռքին
բախտովը
ինկած
այդ
ոստանը,
լսած
են
Օտեանին
անունը,
զիս
մինակ
ձգելու
չափ
զգուշաւոր՝
մեծ
մեռելին
հետ:
Նստայ
տրտում,
երազուն,
խռով
ու
տարօրէն
տրամադիր։
Հոգիս
կը
զգայի
իմ
մէջս։
Մէկն
էր
այն
պահերէն
ուր
իմ
մարմնին
խաւը
թափանցիկ
կը
գտնէի,
ընկալուչ,
ներսէն,
իմ
խորերէն
գալիք,
ինչպէս
դուրսէն,
շատ
վերերէն
իյնալիք
ամէն
զգայութեան։
Կը
նայէի
քարին
որուն
տակ
պառկողը
մէկն
էր
իմ
ժողովուրդին
ամէնէն
մեծ
զաւակներէն:
Եկան,
մտքիս,
իր
էջերը
մէկիկ
մէկիկ,
իրենց
տխրանուշ
ռոմանթիզմին
բոլոր
անբաւարարութեանը
հակառակ,
ու
եղան
հասկանալի,
գնելով
իրենց
տխրութիւնները
սա
դամբանին
անառարկելի
գինովը։
Հազիւ
յիսունէն
վեր
մարդ
մըն
էր,
առոյգ
տարիքին
մէջ
իսկ
վճարած
իր
սէրը,
սիրտը,
միտքը
կրակող
զգացումը:
Եկան
աչքիս,
այդ
անունին՝
զուգորդ
միւս
փառքերը,
իր
սերունդին՝
հաւատաւոր
տղաքը,
որոնց
հետ
պտտած
էր
հաւանաբար
այս
ստուերաստանը,
ու
թերեւս
ինծի
պէս
նստած
ալ
սա
հողի
կոշտին
որ
տարիներ
վերջ
ահա
ընդունած
էր
իր
խաղաղարար
ծոցին
մէջ
անոր
տառապահար
ոսկերոտին:
Ու
ինծի
երբեմն
պատահող
իմացական
գործողութեան
մը
մղումին
տակ
կանչեցի
զինքը,
դո՜ւրս
իր
գերեզմանէն:
Յիսուս
մը
չէի
անշուշտ։
Բայց
քանի
քանի
տեղ
լսեր
էի
մամաս,
հեռու
քաղքին
գերեզմանատան
մէջ,
ուր
կը
տանէր՝
զիս
ամէն
մեռելոցի,
տաճկըներուն
ծեծին,
հալածանքին
իսկ
գինով
—
գերեզման
տանող
ճամբան
կ՚անցնէր
թուրք
գաղթականներուն
նորահաստատ
թաղերէն
—
ու
կը
պատուիրէր
նստիլ:
Հօրս
գերեզմանը
ձորէն
մեր
ձեռքով
բերուած
քար
մը
միայն
կը
ծածկէր:
Ու
կը
ձգէր
մայրս
իր
անուշիկ
ձայնը
ու
կը
կանչէր
իմ
հայրը,
կէնճուկ
կէնճուկ
հող
է
իջած,
հազիւ
անցած
երեսունէն։
Կը
խօսէր
հետը
աղբարներէս
որոնք
կը
մեծնային:
Կը
խօսէր
իմ
ալ
վրայով։
Այն
ատեն
այդ
քարէն
կը
բխէր
իմ
հայրը,
անուշ
ու
երիտասարդ
ու
կը
նայէր
ինծի։
…
1937-ի
Երկուշաբթին,
ես,
այդ
ապրումներուն
գինովը
հաւանաբար,
հանեցի
իր
գերեզմանէն
Գր.
Օտեանը։
Պարթեւ
էր
անոր
հասակը
զոր
հիւանդութիւնն
իսկ
դժուարացած
էր
նուաճելու
—
գրեթէ
ոտքի
ընդուներ
էր
մահուան
առաքեալը,
նստելու,
պառկելու
անկարող
ըլլալուն
—
ու
վիրալից,
ջրերանքի
մէջ
խոնաւ
ու
փտած
իր
մարմինը
ազատեցի
պատանքին
ճերմակ
գգուանքէն։
Օ՜,
մեր
Խորհրդարանին
պատկառազդու
ասպետը,
մեր
գրող
ներուն
հիւանդագին
տարփաւորը,
մեր
արուեստագէտներուն
իմաստուն
ընկերն
ու
մենտորը,
մեր
ազգային
խղճմտանքին
սրբազան
արտայայտութիւնը։
Տեղաւորեցի
իր
մարմինը
իր
քարին
կռնակովը
կազմուած
բազկաթոռին,
շքեղ
իր
գլուխը
հանգչեցուցի
իր
ծխնիներուն
վրայ,
ու
ինկայ
խորը
հայու
աննման
քաղցրութեամբ,
սիրտ
առնող
քաղցրութեամբ,
աչուըներուն
որոնք
իր
լուսանկարներէն
իսկ
գիտէին,
կրնային
յուզել:
Տրտում
էր
անոր
դէմքը
ու
անուշ:
Մահը
սրբագրած
էր
հիւանդութեան
«սատափ
ու
սաթ»
ժանգը
անոր
երեսներէն
…
Տես
զիարդ
գեղեցկացոյց
զիս
մահ՝
արար
տարփելի
իր
ամէնէն
սիրած
բարեկամ-քերթողին
այս
տողը
դողդղաց
շրթներուս
բայց
չեղաւ
ձայն։
Կը
վախնայի
տեսիլքը
պղտորելէ։
Այնքան
իրաւ
էր
իր
քարին
կռնակը
հանգստացուցած
այդ
մարդը։
Կը
նայէին,
սեւեռ,
պլպլուն,
անհունապէս
սրտագրաւ
անոր
աչքերը,
ինձմէ
անդին,
առանց
ըլլալու
մեռելներու
նայուածքը:
Ու
այս
տարտամը
ընդմէջ
օրուան
եւ
անհունութեան
ես
ապրած
էի,
իմ
հաշւոյն
քանի
մը
ամիս
առաջ,
երբ
ելած
հոգէառին
նաւակը
առագաստ
բացինք…։
Կը
շարժէի՞ն
իր
շրթները։
Շուրջս՝
բարիզեան
գերեզմանատուներուն
ընթացիկ,
քաղքենի
տափակութիւնը,
ծաղկեփունջերուն
սուտը,
եւ
գաճաճ
թուփերուն,
մշտադալար
դափնիներուն
ամօթը
որ
ձեւը
կ՚առնէր
կեղծիքի,
պահապանը,
պահակը,
սպասողը,
Բարիզին
բոլոր
սրբութիւններուն
վաճառականը՝
որ
իր
ըսած
բառին,
ցոյց
տուած
հասցէին,
ներկայացուցած
ծանօթութեան
համար
իր
ձեռքերը
կը
բանայ
ամէն
րոպէ,
շատ
սուր
կերպով
մը
յիշեցնելով
արեւելքի
մուրացիկը։
Անցաւ,
թեթեւ
մը,
ուրախ:
Շտկեց
հոս
ու
հոն
կորաքամակ
խոտերը,
տարտղնուած
ծաղիկները
ծեր
փունջերուն,
մտքովը
սերտելով
պարգեւը։
Այցելուներ,
թեթեւ,
զուարթ,
բարի,
զոյգ
զոյգ
—
հարկ
կա՞յ
արդեօք
սեռերը
ճշդելու,
քիչէն՝
շատ
հասկցէք
—
արագ,
թեւանցիկ
կամ
քով
քովի,
մռայլ,
մտածկոտ,
լուրջ։
Բարիզը
կ՚ապրէր
երկրորդ
նախապատերազմը
որուն
հէնքը
կը
հիւսուէր
աղուոր
քաղաքին
վրան,
մահուան
մեծ
պատանքի
մը
համար։
Ու
այդ
ահաւոր
ողբերգութիւնը
մարդիկ
կը
կրէին,
կը
քալէին
իրենց
հետքերուն
ետեւէն:
Նայուածք,
քալուածք,
խօսք,
տակն
էին
այդ
սարսափին:
Կին
մը,
աղուոր,
շնորհալի,
պուպրիկ,
տարօրէն
թափանցիկ,
անցաւ
մեր
մօտէն,
հաւանաբար
հարաւի
գաւառներէն,
ու
նայեցաւ
մերկ
քարին,
օտարականին
զոր
ամէն
ժողովուրդ
կը
ճանչնայ,
ինքնաբերաբար,
բայց
որուն
մասնաւոր
զգայարանքը
ունին
այցելուներով
ապրող
երկիրները՝
Իտալիա,
մանաւանդ
Եգիպտոսն
ու
Պաղեստինը։
Ծաղիկ
չունէի,
խունկն
ալ
անիմաստ
պիտի
ըլլար
—
այդ
այնքան
անուշիկ
բանաստեղծական
սովորութիւնը
մեր
գերեզմաններուն։
Հեռուէ
հեռու
ձայներ։
Մէկ
երկու
թռչուն:
Ու
հորիզոնին
մէջ
ինքզինքը
երկարող
Բաբելոնը,
արեւին
տակ
իր
շողքերը
բազմացնող։
Գմբէթներէն
լոյսեր
կը
թռէին
ու
Բանթէոնի
կատարին,
մութ
թռչունի
մը
թեւին
նման՝
եռագո՛յնը
ֆրանսացիներուն,
ամփոփ,
ան
ալ
տրտում,
կարծես
մարսելու
համար
նոր
ծախուած
հողերու
արեան
գինը,
երբ
այն
քան
անխելք
անգթութեամբ
մը
դրախտ
մը
զիջան
աւազակներու:
Ու
կը
մտմտար
խորհրդաւոր
թռչունը,
ինծի
թելադրելով
մերձաւոր
մեր
պատմութիւնը,
մեր
նոր
գրականութիւնը,
անոր
բոլոր
մշակներուն
սրտապատառ
յարգանքը,
տարփանքը
բոլոր
այն
բաներուն
հասցէին
որոնք
սա
հորիզոնին
տակ
մտածուեր,
կրկնուեր
ու
ղրկուեր
էին
մեզի…։
Խորհրդանի՜շ
կտաւը
ամբողջ
աշխարհ
մը
պատմական
ապրումներու,
հարիւր
տարուան
հասակի
մը
վրայ,
մեծ
ու
փոքր,
իրաւ
ու
սուտ
ժողովուրդներու
բարիքին
համար
կրկէս
իջած
ջահակիր
ազգի
մը
զաւակներուն
արարքներէն
իմ
մէջ
բիւրեղացած:
Ու
կ՚ըլլար
այդ
դրօշը
մարդը,
մարդերը,
բանակները
որոնք
Եւրոպան
առած
էին
ոտքի
տակ,
միլիոնով
երիտասարդներու
ողջակէզովը
մշուշուած…։
Աղերսը
այս
մտածումներուն
ու
Գրիգոր
Օտեանի,
հիմա
երբ
կը
թելադրեմ
այս
տողերը,
յստակ
է
ինծի
համար։
Գրիգոր
Օտեան
քաղաքական
մարդ
մըն
էր:
Ունեցել
էր
իմաստութեան
չարագուշակ
ալ
պատեր։
Իմ
մտքէս
չէր
կրցած
ջնջուիլ
իր
մարգարէութիւնը
61
րդ
յօդուածի
մասին…։
Բարիզի
արեւը
ծիծաղելի
ճամբորդ
մըն
է:
…
Եղան
ամպեր,
որոնք
ոչ
սեւ
էին
ոչ
ճերմակ:
…
Ու
եղաւ
ինչ
որ
քիչ
անգամ
պատահած
է
ինծի
—
այն
լռին
ամբոխումը,
կոծումը,
թրթռումը
երբ
իմ
ներսը,
ամբողջ
դրութիւններ
անճանաչ
ուժերու,
կը
կանգնէին
ոտքի:
Քալել
թուրքերէն
հալածուա՛ծ:
Ասիկա
փախչիլն
ալ
չէր,
վասնզի
Պոլսոյ
մէջ,
1915-ին,
ամէն
փողոցի
մուտքն
ու
ելքը
թուրք
ոստիկանը
իր
հանգոյցը
ունէր։
Քալել,
որպէսզի
ազատես
քու
խեղճ
գլուխը,
որուն
չես
կրնար
գտնել՝
մեղքը,
բայց
զոր
գիտես
թուրքին
սուրին
տակ:
Բռնել
նեղ
կամ
լայն
փորուածքներէն
մէկը
որ
քեզ
պատահական
ապաստարանը
պիտի
հանէ։
Ա՞ջ,
ձա՞խ,
ե՞տ,
առա՞ջ։
Բոլոր
ուղղութիւննե՞րը։
Ու
քու
ներսիդ
ձայնը
քեզ
կ՚առաջնորդէ։
Այդ
ապրումները,
իրենց
կրկնութիւններովը,
չարաշուք
քաղաքէն,
ես
ձգած
էի
խորունկ
վերլուծումի։
Էակա՛նը՝
իմ
անծանրութիւնն
էր,
մարմինէ
զերծութիւնը,
ամէն
վտանգաւոր
անցքերէ
հովի
պէս
սպրդումս,
ուրականին
հետ
խօսելու
աստուածային
պարզութիւնը
ու
քալելը։
…
Բարիզին
գերեզմանատան
մէջ
դարձաւ
ինծի
այդ
թափանցիկ
հոգեղէն
դրութիւնը։
Ու
կը
տեսնէի։
…
Գրիգոր
Օտեանը,
արեւելեան
ազնուականի
իր
շքեղանքովը,
խելքին
ամբողջ
ճառագայթումովը,
այդ
գերեզմանէն
երեք
քառորդ
դար
առաջ։
Որ
կը
մտնէր
մռայլ,
կամարակապ
սրահներու
թրքութենէն
ներս,
կը
բռնէր
ձեռքերը
մարդասպան
ժողովուրդի
մը
զաւկըներուն,
ցոյց
կուտար
անոնց
ճամբան,
որ
հանէր
վտանգներէն
անոնց
արկածահար
վարչութիւնը:
Որուն
հմայքը,
գլխուն
ու
հոգիին
գեղեցկութիւնը,
մանաւանդ
անդրանիկ
երիտասարդութեան
բոլոր
շնորհքներովը
պսակավառ,
ժամանակին
մէջ
եղեր
էին
խորհրդանշանական
պատգամ:
Մեր
ժողովուրդը
քիչ
անգամ
իր
մէկ
զաւկին
վրայ
այսքան
կատարելութիւն
կրցեր
էր
հանդուրժել,
այսինքն
խոստովանիլ,
մահէն
առաջ
ու
մահէն
վերջը:
Իմ
մտքին
մասնակի
կերպերէն
մէկն
է
գրական
անձնաւորութիւնները,
նոյն
րոպէին
ու
ամանակով,
դարձնել
իրենց
բաղադրիչ
տարրերուն,
քերթուածը
վերածել
մարդու,
միսի,
զգացումներու
կտորներուն
ու
բառերը
ընդունիլ
իբր
խտացած
ապրումներ:
Ամէն
գրող,
այդ
յիմար
վերարկուին
կամ
պիտակին
տակ
մտնելէ
առաջ
ինծի
պէս
կտոր
մը
միս
է
ինծի
համար,
այս
միսին
կապուած
բոլոր
թշուառութեանց,
ողբերգութեանց
ու…
երանութեանց
հանդէսովը։
Գրիգոր
Օտեանը
այն
անձնաւորութիւնն
էր
որուն
քիչ
բառերը
շատ
ապրումներու
շիրմաքարեր
էին։
Մեր
մերձաւոր
անցեալին
բոլոր
պայծառութիւնները:
Ու
դուք
կը
հասկնաք
թէ
ինչ
արշալոյս
էր
մեր
Զարթօնքին
սկիզբը։
Այդ
անցեալին
բոլոր
յուսապատար
ձգտումները:
Ու
դուք
գիտէք
թէ
որքան
ընդարձակ
էր
այդ
մարդոց
հորիզոնին
ծիրը,
ընդգրկելու
չափ
քանի
մը
հազարամեաներու
բոլոր
կորանքներուն
քաւարանը։
Ու
այդ
անցեալին
բոլոր
արիւնները,
կրակները,
անպատմելի
դժո՜խքը:
Ո՜վ
իմ
պատմութիւնը,
իր
նմանը
չունեցող
աշխարհի
երեսին։
Որուն
միայն
սա
քանի
մը
հիմնական
գոտիները
բաւ
են
որ
եւ
է
մարդ
արցունքի
մէջ
խեղդելու…:
Գրիգոր
Օտեան,
բարիզեան
այդ
խուսափուկ
արեւին
տակ,
կը
թրթռար
մեռելներու
ողջ
զգայութիւններուն
բոլոր
աղեղներովը:
Գիտէ՞ք
թէ
իմ
մտքէն
անցնող
ամէն
իմաստի
կայծ
անոր
մէջ
կ՚ըլլար
համազօր
բռնկում,
շողարձակում։
Ու
տրտում,
հեշտագին
հաճոյք
էր,
անոր
ինչպէս
ինծի
համար,
մեր
գանկերուն
սա
փոխադարձ
հաղորդակցութիւնը։
Թրթռում
մը,
իմ
ապրումներէս
կը
հասնէր
անոր
անդիմադրելի
աչքերուն
—
ամբողջ
գլուխը
աչք
մըն
էր
անոր
վրայ
—
ու
կը
լուսաւորէր
հինաւուրց
տաճարի
մը
թափանցիկ
գմբէթին
նմանող
անոր
գլուխը։
Ու
կը
տեսնէի։
Յետոյ
լոյս
խաղերը
քիչիկ
քիչիկ
անձնացան:
Ձայնի
փշրանքներ
կը
թուէին
ինծի
հասնիլ
իրմէն:
Յետոյ
խօսքի
դարձուածքներ,
այնքան
իրաւ,
բնական
որ
դժուար
էր
մտածել
մեռելին:
Դարձեալ
իմ
մտքիս
մասնակի
կերպերէն
մէկն
էր
մեռելները
խօսեցնել,
ինչ
որ
ըրեր
էի,
այնքան
անգամներ,
ինծի
սիրելի
հոգիներու
հետ,
նայելով
անոնց
գերեզմաններուն
վրայ
ու
տարուելով
անոնց
հետ
խօսքի,
այսինքն
շարունակելով
մարդկեղէն
ապրումը,
յաճախ
այն
կէտէն
ուր
ընդհատուած
էին
անոնք
այդ
փոսին
մուտքին։
Ու
ինչ
որ
տրտում
էր
ու
ահաւոր,
այդ
երազանքին
ու
իմ
իրաւ
անձին
ընդմէջ
փոխանակուող
ձայնին
ինծի
դառնալն
էր
այս
անգամ
նիւթեղէն
զգայութիւն
մը
ինչպէս,
վասնզի
կը
լսէի
իր
ձայնը
…:
Ու
մեռելը
խօսեցաւ։
Յստակ,
տաք։
Զուր
տեղը
չէ
որ
ատենաբանի
վարշամակ
մը
իր
յիշատակը
կը
ծածկէր
է
Գրիգոր
Օտեան,
ողջ
ու
մեռել,
չէր
կրնար
տաք,
յստակ,
երբեմն
խենդ
իսկ
չխօսիլ։
Մտիկ
ընո՞ղը:
Անշուշտ։
Ասիկա
չէր
խօսած։
Բայց
կը
հասկնար։
Կուտամ,
կրցածիս
չափ
պարզելով,
ամփոփ,
այդ
խօսքին
հիմնական
մասերը։
Կը
ճշդեմ
անցնելէ
առաջ
անդրադարձումին,
որ
իմ
լսածս
որոշ
թոն,
կարծրութիւն,
նոյնիսկ
երանգ
ունեցող
բայց
ձայնական
օրէնքներէ
ձերբազատ
մրմունջ
մըն
էր,
փսփսուք
մը,
նշուլում
մը,
որ
շուքի
ձեւով
կը
բխէր
բերնէն
ու
կ՚ըլլար
իմաստ:
Անոր
կողմէ
ինծի
հասնող
ամէն
իմաստ
իմ
մէջ
աւելի
էր
քան
արձագանգը.
Ո՞վ
էր
մտածողը,
ա՞ն
թէ
ես։
Տարիներ
վերջը
կը
հարցնեմ
ու
չունիմ
յստակ
պատասխան։
Բայց
մեր
այդ
լուռ
խօսակցութիւնը
իմ
մէջ
արձանագրուած
է,
վճռական
մանրամասնութեամբ:
Նոյնիսկ
ձայնին
ջերմութիւնը,
միւռոնը,
իբր
քաղցրագին
զգայութիւն
ես
ունիմ՝
իմ
ներսը,
անկորուստ,
ինչպէս
բլագի
մը
վրայ
կը
հանգչի
ձայնին
մարմինը։
«-
Բաց
են
միտքիս
բոլոր
դրութիւնները
իմ
աչքերուս
առջեւ։
Ասիկա
մեռելներուն
գիտութիւնը
կամ
մենաշնորհը
մի
կարծեր:
Իմ
ժողովուրդին
փորձառութիւնն
է
իր
դարերէն
որ
իր
զաւկըներուն
ոմանց
մօտ
կը
վերածուի
այս
թափանցումին:
Էի
այսպէս
երբ
կ՚ապրէի:
Կը
տեսնէի
ինչ
որ
կը
մտածէին
ուրիշներ:
Այդ
խորհրդագիտութիւնն
էր
որ
զիս
ըրաւ
մարդամօտ
կամ
խրտչուն:
Տուր
այս
գիտութեան,
նոր
բառերով
ուզուած
անունը։
Բան
չես
փոխեր:
Կը
կարդամ
հիմա,
ինչ
որ
կը
գոյաւորուի
գանձիդ
տակ,
ինչպէս
էջի
մը
վրայէն
աչքը
կը
սա
չի
բայց
կը՝
հասկնայ
այդ
մագաղաթին
լուռ
պատգամները։
Յետոյ՝
մեռելը
ինչպէս
ողջը,
ունին
երբեմն
միւս
կարողութիւնը՝
գուշակելու,
շրթներու
դողէն,
խաղէն
ամբողջ
ներքին
չէնք
մը
զգացումներու,
դրութիւն
մը
մտածումներու:
Մրմունջ
մը
երբեմն
կատարեալ
համանուագ՝
անոնց
համար
որ
լսել
գիտեն։
Քեզի
կը
խօսիմ
լեզուով
մը
որ
մեռելներունն
է
ու
չէ,
մտածումներու
ցանցի
մը
մէջ
ուր
անփորձ
մը
պիտի
շուարէր
մեծ
գիծեր
որոշել,
զառի
թափերը
երեւան
հանել
մեր
արարքներուն
—
տակաւին
սաղմնային
կամ
կազմաւորուած
—
որոնց
հայրութիւնը
երբեմն
պիտի
չուզէ
ինք
խոստովանիլ
արձակօրէն
բայց
որոնք
մեր
արիւնին
հարազատ
մարմնաւորութիւնն
են։
Մի
պռստեր
յօնքերդ,
կը
հասկնամ
սարսափդ
բառերէ,
բնազանցութենէ,
ռոմանթիզմէ։
Մեռելը
կրնայ
քու
նայուած
քիդ
—
ներքին
ինչպէս
արտաքին
—
ճամբուն
հետեւիլ,
տեսնելու
ընդունակ՝
ինչ
որ
մարմինին
բիւրաւոր
խորշերուն,
բաւիղներուն
ներսը
կը
պատրաստուի,
յա
ճախ
ընդդէմ
միտքին:
Ասոնք
ալ
իմ
ճշմարտութիւններս,
գալէ
առաջ
քուկիններուդ։
Գերեզմանի
վրայ
նստիլը
ո՛չ
բանաստեղծութիւն
է,
ոչ
ալ
թատերական
տեսարանում
մը,
դերում
մը։
Դո՛ւն
ուզեցիր։
Պարտաւոր
ես
հնազանդիլ»։
«—
Ամէնէն
առաջ
կը
մերժեմ,
կը
հերքեմ
մելոտրամաթիկ
քու
տրտմութիւնը,
զիս՝
սա
օտար
հողերուն
ծոցը
կորած,
անհետ
անցած
գտնելուդ։
Դառնութեամբ
կարդացիր
քանի
մը
տողերը
որոնք
իմ
քարը
տեղ
տեղ
կը
պղտորեն,
աւելորդ
նախանձով
մը,
ուրիշներէ,
լայն,
լեցուն,
կեանքի
իրա
էջերում
նմանող
շիրմագրերով։
Մի
վշտանար
որ
քու
ժողովուրդդ,
իր
մեծագոյններէն
մէկը
նկատուած
մէկ
զաւկին
ոսկորները
տակաւին
չէ
ազատած
օտարներուն
ծոցը
գերի
պառկելէ։
Գիտես
որ
իմ
անունս
երբեմն
շշուկի
պէս
պտտեցաւ
ու
մարդեր
հաճոյք
գտան
զիս
տարագիրը,
մեծ
վտարանդին
կոչելով։
Ոչ
մէկ
ցաւ,
այս
վիճակէն,
ո՛չ
քու,
ո՛չ
ալ
իմ
հաշւոյս,
քանի
որ
ես
նկատի
չունիմ
առած
այդ
թեթեւութիւնները։
Յաւիտեանին
առջեւ՝
ի՜նչ`
կէս
դարու
սա
գերի
քունը։
Կուգայ
օրը,
—
չի
կրնար
չգալ
որ
իմ
ոսկորներն
ալ
կ՚արժանանան
մեր
պապերուն,
իմ
բառերով՝
մեր
նախնիքներուն
հանգիստին:
Բայց
կայ
աւելին։
Իմ
վրայ
տրտմելով,
դուն
չես
կասկածիր
որ
քու
ցաւդ
է
որ
կը
շարունակես։
Ինծի
չէ
արտօնուած
ողջերուն
յայտնել
բաներ
որոնք
մեռելներուն
կը
պատկանին։
Պիտի
չըսեմ
թէ
ո՞ւր
պիտի
իյնան
ոսկորներդ։
Բայց
լաւ
իմացիր
որ
անոնց
ալ
սահմանուած
է
գերութիւնը
զոր
կ՚ափսոսաս
իմ
մասին։»
«-
Կ՚աղաչեմ,
ու
շատ,
որ
հովերուն
չտաս
դուն
քեզի:
Համոզուած
եմ
որ
վախկոտ
մէկն
ես
իմացական
արկածախնդրութեանց
մարզին
վրայ։
Բայց
գիտեմ
որ
իմաստնանալու
մենագարութիւն
մը
խորունկ
հեշտանք
մըն
է,
քու
տրտմութիւնները,
կորանքները,
յուսահատական
օրերի
դիմակալող։
Կ՚ընդունիմ
այդ
պարագաներուն
դերը
քու
մտքիդ,
քեզի
դէմ
երբ
զայն
կը
գործածես։
Բայց
մի
ըլլար
միամիտ,
չըսելու
համար
նանրամիտ
այդ
միտքը
գործածելու
մեր
ալ
հասկացողութեան:
Դուն
անհաւատ
մը
չես,
քու
ժողովուրդիդ
արժէքներէն:
Բայց
չես
կարող
այդ
ժողովուրդին
հարիւրաւոր
կերպերը
զետեղել
քու
ըմբռնողութեանը
ծիրին
ու
կը
տառապիս
մեր
հաշւոյն,
տառապելու
համար
աւելի
վերջը
նաեւ
քու
հաշւոյն։
Կը
հաւատաս
իմաստութեան
ու
չես
վախնար
այդ
հաւատքէն
երբ
դատելու
ես
ձեռնարկած
քանի
մը
սերունդի
հանգանակները։
Մեր
սերունդը
կը
հաւատար
իր
ըրածին,
իր
խելքին:
Ու
դուն
մեզի
կ՚ուրանաս
այդ
խելքը:
Չեմ
փորձեր
քեզի
առաջարկել
մեռելներու
իմաստութիւնը
որ
առանձին
կրթանք
մըն
է,
բոլորովին
ազատ՝
ողջերուն
յարմարեցումներէն,
քանի
որ
ձրի
է։
Ողջերը
ոչ
ինչ
պիտի
հասկնան
անկէ:
Բայց
տարբեր
է
քիչ
մը
քու
պարագադ։
Դուն
քիչիկ
մը
մեզմէ
ես
արդէն:
Կոտրած
են
թեւերդ,
կոտրած՝
միտքիդ
ղեկը,
կոտրած՝
փառասիրութիւններդ,
կիրքերուդ
կիկլոնը,
աշխարհի
վրայ
ամրախարիսխ
քու
վստահութիւնը:
Չառիր
հողին
համը,
բայց
ռունգերուդ
քսուեցաւ
անիկա:
Մի
հարցներ
ուրեմն
ինծի
ինչ
պէ՞ս
կ՚ապրիմ
հոգիի
գերութիւնը,
քանի
որ,
հարցը
ընելէ
առաջ
չես
անդրադառնար
պատասխանին,
քու
ապրումովդ
պայմանաւոր:
Տարին,
հինգ
կամ
տասը
տարին
անգամ
մը,
երբ
քեզի
պէս
մէկը
մոլորի
ու
գայ
մինչեւ
սա
քարը,
իմ
գերութիւնը
կը
մեղմանայ,
կ՚ըլլայ
հանդուրժելի:
Սպասելը
աշխարհի
կարգերուն
մէջ
առաքինութիւն
է,
մեռելներու
կարգին
մէջ՝
գեղեցկութիւն,
սփոփանք:
»
«—
Դուն
տեղեակ
ես
որ
սա
քարին
վրայ
ուր
դրեր
ես
կործանած
շէնքը
քու
ալ
մարմինին,
քեզմէ
առաջ
քանիներ
եկան,
կեցան
մտախոհ
ու
համարձակեցան
իմ
աճիւնները
խռովել
ինչպէս
կ՚ըսէ
իմ
բանաստեղծը։
Չէի
կրնար
չլսել
անոնց
հրաւէրը։
Քեզի
չափ
ու
քեզմէ
իրաւ
տառապողներ
էին
անոնք,
մեծ
մասով
երիտասարդ,
հայրենիքին
հեռու
անկիւններէն
փրթած,
անոր
հոգիները
ինչպէս,
ու
այդ
հայրենիքին
համար
զոհած
ինչ
որ
մարդերու
քաղցրագոյն
ապրումներուն
գումարը
կը
կազմէ
ձեր
աշխարհի
երեսին,
—
տունն
ու
տեղը,
արտն
ու
այգին,
հայրն
ու
մայրը,
կինն
ու
զաւակը։
Ձգեր
էին
այդ
ամենը
ու
ամպարագիծ
հաւատքի
մը
թեւերովը
կը
թափառէին
ոստանէ
ոստան
իրենց
երազը
պատմելու
աշխարհի
բախտաւորներուն
գութի՜ն:
Կը
ծռէին
իմ
քարին
ու՝
անոր
պաղ
միսին
մէջէն
կը
տաքցնէին
—
կը
կարծէին
—
իրենց
տարագիր,
ազազուն,
փոշիանալու
վրայ
երազը:
Ի՞նչ
յուզիչ
էին
երբ
կը
սպասէին
իմ
ձայնին
որ
չէր
հասներ
անոնց:
Ուրախ
եմ,
որ
վերջապէս
կ՚ընեմ
հանդիպումը
մէկու
մը
որուն
զգայութիւնները
յարդարուած
են
մեր
աշխարհին
համար
ալ:
Ո՞վ
ես
դուն։
Անոնք
միտքի,
զէնքի,
զոհողութեան
հսկայ
խորհուրդներ
էին:
Գիտէին
իրենց
պատմութիւնը,
մանաւանդ
իրենց
ներկան
մտածել,
ու
գալարուիլ
չըսուած
ապառնիին
սարսափներովը։
Կրնային
իրենց
համար
ձեւերու,
պատրանքներու
աշխարհ
մը
յօրինել
միակտուր
—
ինչ
որ
գրողներու
մօտ
վարժութիւն
է
այնքան
յաճախ
—
ու
զայն
ապրիլ,
երգելու
համար
իրենց
փոքր
անձնաւորութիւններուն
շփացուած
երգերը:
Մեր
բանաստեղծները,
գրագէտները
սպասը
ըրին
այդ
երազին
եւ
ոչ
թէ
իրենց
ժողովուրդին:
Դուն
ալ՝
մէկը
անոնցմէ։
Բայց
անոնք
որ
իբրեւ
միտք,
հանդերձուած
ու
զրահաւոր
եկան
իմ
գերեզմանին,
մեզի
յաջորդ
սերունդին
իմացական
ընտրանի՛ն,
անոնք
առանց
թատերականութեան
ու
առանց
ողբի
դրին
իրենց
ուժերը
մեր
պապերուն
երազին,
անցած
մեզի,
մեզմով
իրենց:
Գեղեցկութիւն,
խռովք՝
ու
անդիմադրելի
հրապոյր
էր,
այդ
տղոց
աչքերուն
առջեւ,
այդ
դարաւոր
երազը,
մարմին
դարձած,
պատկերին
մէջը
այդ
հայրենիքին
զոր
կը
կրէին
իրենց
արեան
ինչպէս
բջիջներուն
ամէն
մէկին
մէջը:
Հիմա
քեզի
համար
այդ
հայրենիքը
կիրք
է
ու
տարփանք,
տրտմութիւն
ու
տառապանք,
կարօ՜տը`
բոլոր
ամուր
ապրումներուն
որոնք
ոչ
գիրքերուն
կը
պատկանին
ոչ
ալ
չէզոք
տարաշխարհներուն,
այլ
կուգան
օրերէն,
թերեւս
դարերէն
որոնց
ընթացքին
քու
մարմնեղէն
չէն
քո
իբր
ոգի,
անկշռելի
հեղանիւթ
թափառեր
էր
այդ
հողերուն
երեսին,
նստեր
ծաղիկներու
բաժակին
ու
դողացեր
հովերուն
հետ։
Տղա՜ս,
—
մեռելները
կրնան
հայրական
շեշտ
մը
դնել
իրենց
բառերուն
երբ
զանոնք
կ՚ուղղեն
ողջերուն
—
ինչ
աւերակ
ու
գերութիւն
է
որ
կը
հոսին
հիմա
երակներէդ
երբ
քեզ
կը
փորձեմ
հաղորդ
ընել
իմ
երիտասարդութեան
կախարդ
ձայներուն,
բոլորն
ալ
խղդուած
իմ
ժողովուրդին
արեան
հեղեղին
մէջ։
Ատիկա
չէին
գիտեր
այդ
երիտասարդները,
այնքան
անմարդկային,
անաստուած
էր
զրկանքը
որ
կը
պատրաստուէր
իրենց
անհուն
ծարաւէն,
առնուազն
արդար
հացէն,
խաղաղ
հողին
անկիւնէն,
անբռնաբարելի
տնակէն,
—
բաներ
որոնց
իրաւունքը
կասկածի
տակ
չեն
ինկած
բախտաւոր
ժողովուրդներու
համար,
բայց
որոնք
աննահանջ
սաստկութեամբ
մը
զլացուեցան
քու
ժողովուրդիդ:
Այդ
երիտասարդները
քեզի
չափ
կրակոտ,
բուռն,
իրաւ՝
ատ
միայն
ուզեցին։
Գացի՜ն։
Բայց
ոչ
մէկուն
ետեւէն
չտեսայ
վարանոտ,
անկայուն
մշուշը
տարակոյսին,
մեղադրանքին,
պատրուակին
որոնք
ահա
հարցումի
զգեստներով
կ՚ուրուանան
քու
շրթներուդ,
քեզմէ
անկախ:
Գիտեմ
որ
յիմար,
մը,
ապերախտ
մը,
սոփեստ
մը
չես,
իմ
սերունդը,
ասոր
յաջորդները,
քու
իսկ
ընկերները
մեղադրելու
չափ,
այն
ամէնուն
համար
զոր
զգացինք
մեր
ու
ձեր
հաշւոյն,
ըրինք,
մեր
հասկցած,
լաւագոյն
դաւանած
կերպերով։
Օ՜,
ինչ
անգութ
տրտմութիւն
ես
դուն,
երբ
կը
վախնաս
բանաձեւելէ
փոքրոգի
վճիռներուն
մեղքը
իմ
գլխուս։
Օ՜,
իմաստուն
վատութի՜ւնը
մեր
կորուստին
մէջ
մեր
անիմաստ
փափաքները
պատասխանատու
բռնողներուն։
Ինչ
որ
կը
գրուի
ձեր
աշխարհէն,
կը
հասնի
մեզի:
»
«
—
Անոնք
որ,
նոր
հանգանակներու
կապոցները
անուած,
աչքի
ակնոցները
իրենց
շփշփելէն,
ու
հաստատ,
իրապաշտ
վարդապետութեանց
թանձր
պաշտպանութեան
տուած
իրենց
կռնակը,
զիս
կանչեցին,
սա
քարին
վրայ,
դարձեալ,
հաշիւը
ուզելու
թափուած
արիւնին,
գրեթէ
անէծքներու
տարափ
մը
սպառնագին
խաղցնելով
սա
գլուխին,
կը
պատկանէին
անշուշտ
մեր
արիւնին։
Մեռելները
դիւրագրգիռ
չեն
սակայն։
Կը
զգայի
որ
վիշտը
յիմարեցուցած
էր
զիրենք,
այնքան
զոհողութիւն,
այնքան
գեղեցկութիւն,
այնքան
սրտաճմլիկ
տառապանքներ
երբ
գտան
անարգասիք
վատնուած,
լղրճուած
ու
կրուած։
Ու
մեծ
էին
իրենց
մեղադրանքին
բառերը
մեր
մեղքերէն։
Չհարցուցի
իրենց,
ոսկի
ակնոցներով
եւ
պրակային
իմաստութեամբ
զրահաւոր
այդ
պարոններուն,
քանի
մը
համալսարանի
ալ
մագաղաթներովը
պսակաւոր,
թէ
ի՞նչ
էին
ըրած,
իրենց
կարգին,
ինծի,
ու
իմ
միջոցով
իմ
սերունդին
ուղղելու
համար
այդ
դառն
որ
քան
ապերախտ
խօսքերը:
Ի՛նչ
ալ
փութկոտ
էր
իրենց
պիղատոսութիւնը
երբ
մեր
ժողովուրդին
կէսին
ողջակիզումը
կը
նետէին
մեր
ուսերուն,
զայն
կը
գտնէին
ծնունդ՝
մեր
երազներուն,
ասոնց
թելադրած
օրէնքներուն:
Մեղմով
զգացուցի
իրենց
թէ
քիչ
անկեղծ
էին,
Վիշտէն
պղտորած
իրենց
հոգիներէն
չէին
մաքրած
լերդացած
արիւնը
մեր
զոհերուն:
Ինչպէ՞ս
կ՚երթար
իրենց
բերանը
վրայ՝
երբ
խորապէս
ապրած
էին,
գէթ
իրենց
անդրանիկ
պատանութեան
հզօր,
կազդուրիչ
գեղեցկութիւնը
մեր
ուզածներուն,
միշտ
մեր
ժողովուրդին
արեանը
հաշւոյն,
սպասին։
Մենք
գործեր
էինք,
գիտէին
ատիկա,
մեր
հաւատքին,
խանդին,
վերանորոգ
յոյսին
ամբողջ
կրակովը,
խռովքովը:
Տուինք
մեր
զաւկըներուն
իրենց
անուշիկ
լեզուն,
ինքնին
անճառելի
հեշտանք,
երբ
կը
թափառէինք
անտառներու
ծոցը,
ջուրերու
եզրին
ու
մեր
քերթողներուն
տաղերը
կ՚ոգէինք,
լալու
չափ
յուզուած
հնչիւններու,
գոյներու,
քաղցրութեան
անձրեւէն
որ
մեր
նոր
գրականութեան
քանի
մը
բանաստեղծութիւններուն
ծոցէն
կ՚աղբերանա՜ր։
Դուն,
նմաններդ՝
մեր
կերտած
այդ
լեզուով
է
որ
կը
յաջողիք
արտայայտել
բարձրագոյն
ժողովուրդներու
վայել
մտածումներ,
առանց
տառապանքի,
ինչ
որ
առած
են
մեր
մարմինները,
դարերու
ճամբով,
մեր
հողին
ընդերքէն:
Դուն
հիմա
կրնաս,
քու
տարագրութիւնդ
սփոփել,
քու
բառերուդ
նեարդերէն
այդ
հոսումները
ծծելով
ու
տարածելով
անօթի
եղբայրներուդ,
այդ
ամէնէն:
Տուինք
մեր
ժամանակին
կնիքը
կրող
կազմակերպութիւններ,
մեր
ոչխարացած,
իր
գերութիւնը
միսի,
ոսկորի
վերածած
մեր
ժողովուրդին
թելադրելով,
այդ
իսկ
նախաճաշակով՝
երանութիւնը,
արքայութիւնը
որուն
ամբողջ
փառքը
կ՚ապրէինք,
հեռուէն
բայց
որուն
իրականացման
անվրէպ
վստահութիւնը
մեզ
կ՚ընէր
յօժար
ամէն
զրկանքի,
հերիք
էր
որ
սրբագրուէր
դարերուն
ամօթը,
մեր
զաւակները
կենային
իրենց
ձեռքերուն
վաստակին
մէջ,
առջեւ,
վրայ,
հաւատային
թէ
ինչ
որ
այդ
մատները
կորզեր
էին
հողէն
ու
լեռներէն
իբր
շնորհ,
բերք,
բարիք,
գեղեցկութիւն,
արդար
վայելք,
հեշտութիւն
ու
հպարտութիւն,
անկորուստ
կերպով
իրն
ըլլալու
էին
սահմանուած:
Մեր
սերունդին
հոգիին
խորը
այս
երազը
պայծառ
էր
քան
բոլոր
արեւներուն
լոյսի
ծովը
միասին։
Ու
մեր
օրէնքները
կը
հետապնդէին
այս
ամէնը,
դժուար
պայմաններու
չարիքին
ընդմէջէն:
Գէ՞շ
ըրինք
երբ
կտրուկ
սանձ
մը
դրինք
ազգին
անունով
պաշտօնական,
ոսկեզօծեալ,
շուրջառաւոր
աւազակներու
կզակներուն,
մեր
այնքան
սրտայոյզ
նուիրման
լումաներովը
մարմին
առած
մեր
հարստութեանց
խնամարկուներէն
առնելով
իրենց
չարաղէտ
ախորժակներուն
բռնութիւնը,
ազգին
լուման
յայտարարելով
անձեռնմխելի
սրբութիւն։
Գէ՞շ
ըրինք
երբ
պարտադրեցինք
պաշտպանութիւնը
դժբախտութեան
զաւակներուն,
որբին,
այրիին,
զանոնք
խնամարկող
գազաններուն
ցռուկները
դնելով
ցանցի
մէջ
ու
այդ
պաշտօնականացած
յուղկահարութիւնը
մէկ
հարուածով
կործանելով։
Պիտի
շէննային
մեր
ժամերը,
ա՛լ
ազատագրուած
աս
ու
ան
պարեգօտաւորին
կալուածը
կազմելու
անփառունակ
ճակատագրէն.
հոն
թափուած
մեր
նուէրները
պիտի
դադրէին
աս
ու
ան
եպիսկոպոսին
որովայնը
պարարելէ
ու
պիտի
դառնային
իրենց
հարազատ
իմաստին,
վերածուելու
համար
շէնքերու,
բարիքներու,
մեր
տղոց
միտքը,
սիրտը
ազնուացնելու
դերի
մը
յատկացուելով։
Պիտի
սփռուէին,
ամբողջ
հայրենիքի
դաշտերուն,
աւաններուն,
քաղաքներուն
վրայ
ցանցերը
մեր
դպրոցներուն,
այդ
հայրենիքին
ամէնէն
հեռանկեալ
խորշերը
մինչեւ
հասցնելու,
բաշխելու
համար
տարիքը
մեր
օրերու
գիտութեան,
մեր
իրական
Աստծուն։
Պիտի
տնկէինք
այդ
սրբազան
անդաստաններուն
մէջը
մեր
զաւկըներու
միտքին
ու
հոգիին՝
մանաւանդ
հրաշքը
ազատագրուած
հայրենիքին,
նոր
աստուածութիւններուն։
Երբ
այս
բառերը
կը
խօսիմ
քեզի,
ինծի
կը
դառնան
քառասնամենի
իմ
յուզումներս։
Ամբողջ
երիտասարդութիւն
մը
խենդն
էր
այդ
երազանքին:
Այդ
հայրենիքը
մեր
գերագոյն
կրօնքն
էր,
սրբութիւնը,
մեր
Աստուծոյն
կենդանի
պատկերը
մեր
գերութեան
դժոխքին
վերեւ
պայծառակերպ
այգալուսուած։
Պիտի
դադրէին
մեր
գրողները
իրենց
ամէնէն
խոր
հպարտութեանց
մէջ
վիրաւորող
նախատինքները,
ասոնք
անկարելի
ընող
պայմաններու
ստեղծումով։
Պիտի
շտկէին
իրենց
կործանած
մէջքերը
բոլոր
անոնք
որոնք
սորվեցնելու
հրայրքը
ունէին
իրենց
ներսը
շատ
աւելի
զօրաւոր
քան
դրամ
դիզելու
կիրքը:
Պիտի
քաջալերուէին
ստեղծողները,
շինողները,
կազմակերպողները,
մեր
ու
օտարներու
սպասին։
Բայց
պիտի
տային
մեր
ժողովուրդին
արդի
ամէնէն
ամուր,
ընթացիկ
փառաւորանքները։
Գէ՞շ
ըրինք
երբ
հին
ոստաններու
մէջ
մեր
ստեղծող
ուժերուն
փաստը
մարմարին
լեզուովը
երգելու
ընդունակ
միտքերու
ծնունդ
տուինք
անուղղակի:
Այն
շրջանը
ուր
իմ
երիտասարդութիւնը
կը
բացուի
աշխարհի
քաղցրութիւններուն,
մենք
արեւելքի
արիւնազանգ
քաղաքներուն
մէջ
դրինք
ձեւին
վայելչութիւնը,
գոյնին
կախարդանքը,
քաղցրութիւնները`
արուեստին:
Մեր
նոր
ոսկեդարը:
Անոնք
որ
մեզ
կը
փորձեն
նախատել,
թող
դառնան
պատմութեան։
Ունին
սորվելիք
մէկէ
աւելի
հպարտութեանց
դասը,
իրենց
կորաւոր,
անիրաւ
քաշքշուքները
հարիւրապատիկ
գերազանցող։
»
«—
Դարձեալ,
գիտեմ
որ
դուն
չես
նմանիր
զիս
կանչող
ուրիշ
մարդոց,
անոնք
ալ
գրչի
բանուորներ,
քեզի
չափ
երբեմն
ճերմկած,
քիչ
մը
աւելի
իրենք
զիրենք
հանող,
բիրտ
ու
պահանջկոտ,
բայց
որոնց
մտահոգութեան
բոլոր
լարերը
կը
վազէին
կեդրոնական
ընդունարանը
հանրութեան
բարիքին:
Ասոնց
ու
իմ
միջեւ
համերաշխ
հոգեկանութիւն
մը
չեմ
արժեւորեր
աւելի
քան
իր
տարողութիւնը։
Դուն
դժուար
կը
հաշտուիս
հիմա
ստեղծելու,
գործելու
եղանակներու
հետ
որոնց
մէջ
գերագոյն
բարիքը`
նորութիւնն
ու
տեւականութիւնը
կ՚անտեսուին
յաճախ,
ու
իրենց
տեղը
կուտան
աժան,
սովորական,
չըսելու
համար
հինցած
հրամայականներում:
Մեր
գրածները
քեզի
համար
աւուր
պատշաճի
խօսքեր
են,
երբ
պիտի
ուզէիր
որ
անոնք
ըլային
անկէ
անդին։
Դուն
կը
զատուիս
զիս
հարցաքննողներուն
բոլորէն,
երբ
ինձմէ
կ՚ուզես
հաշիւը
իմ
այն
ապրումներուն
ամէնէն
աւելի,
որոնք
իմ
անձիս
ծիրովը
եղան
պայմանաւոր։
Խենդն
ես
Մարդկային
փաստին։
Ու
ատով
է
որ
կը
տառապիս
երբ
չես
գիտներ
իմ
գրածներուս
մէջ
բաւարար
տարր,
համոզիչ
վկայութիւն,
այն
ամէնուն
շուրջը
որով
յօրինուեր
է
իմ
հոգեղէն
դրութիւնը։
Գրեթէ
անիրաւութեան
մը
գինով
զիս
կ՚առանձնացնես,
իմ
շատ
անձնական
զգայութիւններուս
հանդէսին
դիմաց,
իմ
սերունդիս
ձգտումներէն։
Ամէն
մարդ
Ռաֆայէլ
չի
թարգմաներ,
անշուշտ։
Ու
1850-ի
մարդերը
ժամանակ
ալ
չունէին
շէնք
շնորհք
սիրահարներ
ըլլալու:
Բայց
իմ
սերունդին
բոլոր
երիտասարդները
Ռաֆայէլներ
էին,
գէթ
գրիչ
մը
շարժելու
ընդունակները։
Օ՜,
քու
հիւանդոտ
հետաքրքրութիւնը
որ
քեզ
կը
մղէ
աւելի
խորունկները,
հեռուները,
մինչեւ
հիմա
զիս
խուզարկողներէն:
Կ՚ուզես
տեսնել
իմ
հոգիին
կտաւը,
անոր
հիւսքին
յարդարանքը,
այն
ամէնը
զոր
ծուէն
ծուէն
ես
առի
իմ
ոստանէն
ու
նետեցի
իմ
պապերուն
արեան
ջուրերուն
որպէսզի
կերպարանք
առնէր
իմ
գրականութիւնը
որուն
առեղծուածային
տրտմութիւնը
կը
հաստատեց
բայց
կը
դժուարիս
հասկնալ:
Կ՚ընդունիս
զայն
իրաւ,
բայց
չես
ներեր,
այնքան
անսովոր
է
անիկա
իբրեւ
կեանք
իմ
շուրջը
հիւսուած
համապատկերին
ծոցը։
Իմ
ձգած
կտոր
փրթուճ
էջերը
քեզի
համար
պատրուակ՝
որպէսզի
բացատրես
թէ
ե՞րբ
մարդիկ
անկեղծ
են,
գործա՞ծ
թէ
գրած
ատեննին։
Կը
փնտռես
աղբիւրը
իմ
էջերը
փաթաթող
թանձր
թախիծին,
անսրբագրելի
ցաւին,
դուն
որ
ուրիշներու
բերնով
ու
գիրով
քեզի
հասած
վկայութիւններուն
գումարովը
կը
յաւակնիս
իմ
դէմքը
յօրինել։
Քեզի
կը
ներեմ
քու
կասկածը,
արդիւնք՝
քու
տեսնելու
կերպիդ
որ
արուեստը,
միտքին
հեղումը
չի
յօժարիր
կեանքէն
անջատել,
առանձնացնել,
զանոնք
պահելով
ստրուկ՝
պայմաններու,
պահին
ու
շրջապատին,
մարմինին
ու
պատմական
ճնշումին:
Այո՜։
Ունէ՞ր
իրաւունք
փառաւոր
երիտասարդը,
որուն
օրերը,
ամիսները,
տարիները
ինչ
այլապէս
փարթամ
գումարներու
կը
հասնէին,
գրելու
այնքան
մելամաղձոտ,
այնքան
օդային,
այնքան
ռոմանթիկ
(քուկդ
է
բառը)
տագնապներ,
բոլորին
վրայ
սուգին
դրօշը
սաւառնագեղ
թրթռացող…:
Այո՛,
չես
հասկնար
զիս
իմ՝
պարզած
այդ
հոգեվիճակին
մէջն
ու
վրան
երբ
ճիշտ
հակառակէն
խելամտումներ
քեզ
կը
թելադրէին
իմ
դիրքը,
վարկը,
արժանաւորութիւնները
(հոգ
չէ
որ
գործածեմ
քիչ
մը
խոշորցուած
տարազների
բոլոր
դռները,
ճամբաները
իր
առջին
բաց
գտնող
մե՜ծ
անձնաւորութեան
մը
հէքիաթը։
Տղաս,
երբ
կ՚ապրիք,
կ՚ապրիք
ձեր
երազը,
ձեր
իրաւութիւնը,
ձեր
ճակտի
գիրը
եւ
ոչ
թէ
ան
զոր
մարդիկ
իրենց
անծակ
միամտութեան
մէջ
կը
վայլեցնեն
ձեզի:
1860-ի
քրոնիկագիրները
ինչեր
չեն
վերագրեր
ինծի:
Բայց
որքան
հեռու
էի
այդ
ամէնուն
պարունակէն,
ես՝
բաժակ
մը
ջուրի
համար
դարերով
տառապող
մարդը,
որուն
վստահուած
ըլլային
ակունքները
մեծամեծ
գետերուն:
Ես՝
մարդը
որ
կը
զգար
ամբողջ
ձգողութիւնը
կեանքին,
իմ
շուրջը
վարդ
ու
ծաղիկ,
սիրտ
ու
արցունք,
գեղեցկութիւն
ու
արիւն,
պալատէ
պալատ,
՝
ծովախորշէ
ծովախորշ,
կղզիկ
կղզի,
հովին
մէջը
ամէնէն
հզօր
զգացումներուն,
դպելով
թաւչութիւններու,
գրաւչութիւններու,
կրելով
ծանր
կրակներու
ճառագայթուն
տագնապները
ինձմէ
դուրս,
դէպի
ինծի
արեւելուած։
Դո՜ւն
ինչ
կը
ճանչնաս
Պոլիսը,
իր
արքունիքներուն,
դիւաններուն,
եալըներուն,
գերեզմաններուն,
ու
կիներուն
բոլոր
վարդարաններէն
ցոլացիկ,
ամբարձիկ
անուշութիւններուն
…:
Ցա՞ւ,
այս
ամէնը։
Այո՛։
Ցա՜ւ.
Ցա՛ւ.
Ցա՛ւ։
Տղաս։
Ես
տուեր
եմ
իմ
թեւը
իմ
սերունդներուս,
—
աղջիկ
ու
մանչ,
տարեր
զանոնք
անտառէ
անտառ
ու
լացեր
անոնց
հետ։
Մեր
շրթները
մոխիրի
համ
կ՚առնէին
Աստուծոյ
ամէնէն
անուշ
բարիքներէն:
Համբոյր
մը
մեզի
համար
մահուան
պատգամ
մըն
էր:
Ու
մեր
ոտքերը
ծաղիկներու
բաժակին
վրայ
սիրտեր
է
որ
կը
զգային։
Ահա
թե
ինչու
տխուր
է
եղած
ինչ
որ
մեր
գրիչէն
ինկած
է
թուղթի։
Այս
իրողութիւնը
վերածել
դրութեան
ու
մեր
ժողովուրդին
մեծ
թախիծը
յատակ
գործածել
մեր
գրականութեան
այդ
թօնալիթէին,
ո՛չ
բանգիտութիւն
է,
ո՛չ
ալ
հոսհոսութիւն:
Մի
ձգեր
կասկածի
տակ
իմ
ցաւին
խորունկ
անկեղծութիւնը։
Թերեւս
կը
տարուիս
իմ
պայմաններուս
վերլուծումին,
ամէնէն
նկարագեղ
տեսարաններու,
ամէնէն
հեշտ
ապրումներու
հանդէս
մը
յարդարելով
իմ
օրերուս:
Կային
ատոնք,
բայց
կար
ատոնք
իրը
ընելու
կանչուած
հոգիին
ալ
առհաւական
զօրութիւնը:
Դարերով
«սուգ
ծծած»
մեր
հոգիին
բջիջները
պիտի
չկրնային
երկու
սերունդի
յարաբերական
քաղցրութիւններով
թափել
իրենց
թոյնը
ու
վերածուիլ
մարդոց
միջինին
պարզուկ
խառնուածքին:
Դուն
ինքդ
ալ
ապրեր
ես
այդ
հեշտ
ոգիին
վայրերը,
անոնց
խորերը
թափառող
այլապէս
սրտառուչ
անուշութիւնները,
ատոնցմէ
հանելու
համար
ամէնէն
տրտում
հանդէսը
մարդկային
ապրումներուն.
զի,
ինչպէս
կ՚ըսէ
մեր
պարզուկ
մէկ
վարդապետը,
մեր
երկիրը
այն
անհասկանալի
տեղն
է
ուր
նոյն
ծաղիկէն
օձը
իր
թոյնը
կը
յօրինէ,
մեղուն՝
մեղրը։
Իմ
սերունդին
բոլոր
տղաքը
զարնուած
էին
նոյն
ցաւով։
Մի
երթար
առաջ,
ամէն
ինչ
ըմբռնելի
ընելու
աճապարանքիդ
մէջ,
այդ
ցաւերը
մկրտելու
գրական
տարազով։
Չէ՞
որ
գոյութիւն
ունէր
մեր
պաշտած
օտար
գրագէտներուն
մօտ
դարուն
ցաւը։
Չէ՞
որ
մեծ
կախարդներէն
այդ
գրականութեանց՝
մեծ
մասը
կը
տառապէին,
տառապեր
էին
նոյն
ցաւով։
Ու
ա՛ն
որ
լացեր,
լացուցեր
էր
ամբողջ
աշխարհի
երիտասարդութիւնը,
ինծի
պէս
եղեր
էր
քաղաքական
մեծ
խռովքներու
սիրտին:
Սիրեցինք
Լամարթինը,
գիտնալով
հանդերձ
թէ
անիկա
ազնուական
արիւնի
մը
կայլակներէն
կը
յօրինէր
իր
բանաստեղծութեան
ամէնէն
տրտում
անուշութիւնը:
Գիտէինք
բայց
երբեք
մտքէ
չանցուցինք
անոր
ու
նմաններուն
ցաւերը
փոխ
առնել:
Ի՜նչ
տղայամտութիւն
պիտի
ըլլար
ատիկա,
երբ
մեր
ցաւը
ծո՜վ
էր
մեր
շուրջը
ու
մեր
արիւնը
այդ
ծովուն
մէկ
մասն
էր
եղած
անյիշատակ
ժամանակներէ
ասդին։
Գրականութիւն
չունէինք,
նոր
իր
առումով,
որպէսզի
անոր
ցաւը
ապրէինք։
Հիմա,
երբ
կը
խօսիմ
քեզի
այդ
օրերէն,
ազդմունքին
տակն
ալ
անոնց
յաջորդ
օրերուն
—
գերեզմանը
թափանցիկ
է
հոգիին
համար
ու
կը
ծծէ
հողին
երեսին
շրջագայող
բոլոր
յուզումները,
պահելով
անոնց
մարդկային
իսկութիւնն
ալ
—
աւելի
մօտ
եմ
թափանցելու։
Ինծի
համար
գրեթէ
պարզ
է
այն
դժուար
ըմբռնելի
իրողութիւնը
որ
հաստատելի
է
մեր
սերունդին
բոլոր
իրաւ,
քիչ
իրաւ,
նոյնիսկ
սուտի
հետ
շփոթուելու
չափ
ծեքծեքուն
հոգիներուն
մէջ։
Զուր
չեն
ցաւերը
Մկրտիչներուն,
Պետրոսներուն։
Աւելին։
Ոչ
միայն
մենք,
այլեւ
աւելի
հիները
ու
աւելի
նորերը,
առանց
ուզելու,
նոյնիսկ
գիտնալու,
մէկ
ու
նոյն
ցաւին
զանազանակ
երեսներ
եղան։
Սխալի
մէջ
են
անոնք
որ
կը
կարծեն
թէ
մեր
վշտագին
շեշտը,
մեր
լացուկամած
զգայնութիւնը
մենք
ըլլանք
փոխ
առած
գիրքերէն,
կամ՝
եղած
ենք
ունայնամիտ՝
մեր
պզտիկ
դժբախտութիւնները
մեծցնելու,
գրական
թեմաներու
վերածելու
համար։
Այդ
Պոլիսին
յաղթական
տէրերը
դուն
կը
ճանչնաս
իրենց
գրականութենէն
ալ։
Որքան
տխո՜ւր՝
այդ
բանաստեղծութիւնը,
իրաւ
քերթողներու
գրիչէն
բխած,
որ,
հակառակ
տաղաչափական
աշխարհ
մը
նանրութիւններու
չարիքին,
դարձեալ
կը
հասնի
սիրտին:
Որուն
անդիմադրելի
տրտմութիւնը
մանաւանդ
կը
բռնէ
քու
ջիղերդ
երբ
ապրիս
այդ
բանաստեղծութեան
ժողովրդային
ձեւէն
քեզի
մատուցուածը։
Ըսես
ատիկա
բխումն
ըլլար
այդ
արեւելքին…։
Մեր
ցաւը
ցան
էր
մեր
ժողովուրդին,
քանի
մը
հազարամերու
թունաւոր
ծորումներէն
գոյացած:
Անոնք
որ
մեր
գրականութեան
մէջ
այղ
շեշտը
(ցաւին)
կենթարկեն
յարձակման,
հարցուցած
ունի՞ն
թէ
ո՛ր
օրէնքով,
չըսելու
համար՝
իրաւունքով,
կը
յաւակնին
այդ
մեղադրանքը
կազմակերպել,
ու
կը
տառապին
գտնելու
համար
ա՛ն՝
զոր
երբեք
չէ
ճանչցած
մեր
հոգին,
մեր
անմիջական
պապերուն
հոգին,
ու
աւելի
քան
սաստկութեամբ
մը՝
մեր
նախնեացը
հոգին։
Տրտում
են
անձերը
ցմահ,
ոչ
միայն
մահուան
երթալու
ատեն,
այլ
մանաւանդ
անկէ
առաջ։
Կը
դառնամ
իրականին,
իմ
իսկ
տագնապին։
Մէկն
էի՝
որ
ունէր
իր
տրամադրութեան
տակ
տխուր
չըլլալու
բոլոր
պատճառները:
Բաց
էին
իմ
առջին
պալատները,
արքունիքները
արեւելքին
ու
արեւմուտքին։
Զարգացուցած
էի
իմ
զգայնութիւնը՝
կեանքին
մեծ
ու
պզտիկ
բոլոր
իրաւ
հոսումներուն
տարրերովը,
ըլլալով
պարզ
մարդոց
տառապանքին
հետ,
ըլլալով
խոշոր
գլուխներու
ներքին
չարչարանքներուն
հաղորդ,
առնելով
արցունքը
որբին
թարթիչներէն,
աղքատին
զրկանքը
իմը
ընելով
ու
լալով
բոլոր
վաղահաս
մահերուն,
անբուժելի
հիւանդութիւններուն,
անսփոփ
անձուկներուն
արցունքը,
առանց
թատերականութեան
ու
առանց
նախանձի։
Ես
պուտ
մը
անխառն
վայելք
չեմ
առած
այդ
ամբողջ
բարիքներէն։
Չէի
կրնար։
Չունէի՞
ատոր
զգայարանքը։
Բառ
ծախել
կը
նշանակեն
ասոնք։
Մեր
ցաւը
մեծ
էր,
մեծ
է
ձեզմէ
ու
մեր
բոլորէն։
Դուն
ալ
ըսած
ես
ասոր
մօտ
բաներ։»
«—
Կը
զգամ՝
որ
աւելի
խորունկ
հետաքրքրութիւններ
կ՚ուրուանան
գանկիդ
տակ։
Քու
ալ
դժբախտութիւնդ
է
ատիկա։
Ո՞վ
չէ
ունեցած
իր
սրտին
հեքիաթը:
Բայց
զայն
պատմելու
մէջ
մարդիկ
դարձեալ
կը
մնան
հաւատարիմ
իրենց
խառնուածքին:
Իմ
գրածներս
անբաւակա՛ն՝
անշուշտ,
որպէսզի
անոնցմէ
հանէ
իր
իմ
վէպը։
Կը
նեղուիս
որ
շատ
քիչ
բան
ձգած
են
մեր
գրողները,
իրենց
ներքին
ալքերէն,
ինչպէս
կը
նեղուիս
որ
շատ
քիչ
բառ
ինկած
է
սեւեռման՝
մեր
ժողովուրդին
սովորական
ապրումներէն,
մեր
գիրքերուն
մէջ։
Աւելո՞րդ,
հոս,
քեզի
յայտարարել
որ
ամէնուն
կը
նման
էր
եղնիկը
(հեքիաթները
կ՚ախորժին
այս
կենդանիէն,
արեւելքի
մէջ),
ու
ամէն
եղնիկի
պէս
տրտում
պչրանքն
ունէր
քալելու,
նայելու,
վազելու,
հեռուներէն
լալու
ու
ըլլալու
անհետ
թաւուտներէ
ներս։
Գիտեմ
որ
չես
ախորժիր
հռետորական
ձեւերէ
ու
կ՚ատես
այլաբանութիւնը։
Ի՞նչ
փոյթ։
Իմ
բառերս
վերածէ
իրենց
իսկական
պատկերին:
Այն
ատեն
այդ
եղնիկը
կ՚ըլլայ
արեւելքին
աղջիկներէն
մէկը։
Զայն
նկարագրելը
կը
ձգեմ
բանաստեղծներուն:
Բայց
ահա
աւելի
իրաւը։
Չեղայ
ուրիշներու
պէս
ու
կարգին,
որոնք
աղբիւրի
մը
գլխուն,
լճի
մը
ափունքին,
վար
դրած
պահ
մը
կեանքին
բեռը
իրենց
ուսերէն,
կը
կարծէին
հանգչիլ,
կամ
հանգչեցնել
իրենց
յոգնութիւնը,
ծարաւէն
հիւծած
շրթներուն
նետելու
համար
երկու
ափ
վայելքին
զովութիւնը,
սպասելով
որ
հեռուներէն,
իր
թաւուտները
յուզելով
դառնալ
իրենց
անուշիկ
աչուըներով
երեւոյթը
-
տուր
անոր
բուն
անունը
—
նստի
ծունկերուդ,
մէկդի
ընէ
թարթիչներուդ
վրայ
ծանրացող
զրկանքին,
տառապանքին
դեղին
փոշիները,
գտնէ
հոգիիդ
մուտքը՝
բիբերդ,
անցնի
անոնցմէ
ներս,
անուշ,
շքեղ,
կսկծագին,
խռովիչ
ու
անդիմադրելի,
թափելու
համար
հոգիիդ
ամայքներուն,
սուրբ
անդաստաններուն
ծոցը
անձրեւը
կրակէ
քաղցրութիւններուն,
անպատում
սարսուռներուն,
կայլակ
կայլակ,
ինչպէս
կայծերը
որոնք
կը
թռին,
կը
մեռնին,
կը
ծնին,
ու
այդ
մենութիւնները
կոյս
անտառներուն՝
կը
վերածեն
անհուն
արշալուuումներու։
Դուն
կը
դողաս։
Դուն
կը
թօթուես
այդ
կրակին
բաշերը,
տեսնելու
համար
անսպառ
ակունքը
անոնց:
Կ՚երկարես
ձեռքդ,
պատրագին,
բռնելու
համար
այդ
քուլաները
փայլակներուն,
ու
…
կը
գտնես
դուն
քեզ
մինակ:
Հեռուն՝
թեթեւ
փոշին
փախչող
եղնիկին
ոտքերուն։
Չես
հասկնար։
Չես
հարցներ։
Չես
հաւատար,
մինչեւ
որ
պատռի
պատրանքը,
եղնիկը
սուզուի
թաւուտներէն,
ի՞նչ
հարկ
գիտնալու՝
իյնալու
համար
ուրիշին
ծունկերուն:
Թող
մնայ
սիրտը,
«խնկարկելու
սիրտն
անապատ»
ինչպէս
կը
պատկերէ
իմ
սերունդին
մեծ
բանաստեղծը։
Թող
մխայ
ամիսնե՞ր,
իմա՝
տարիներ,
սպասումին.
մէջ,
նոյն
լերան,
նոյն
աղբիւրին,
նոյն
եղնիկին
որոնք
կը
հաւատաս
թէ
սահմանուած
էին
իրարու
գալու,
միշտ
քու
մէջդ։
Հէքիա՞թ։
Որո՞ւնը
չէր
մեր
սերունդին,
որո՞ւնը,
որպէսզի
իմս
չըլլար:
Բայց
ինչ
հարկ
քեզի
պատմել
այս
տկարութիւնները,
տրտմութիւնները։
Վիպողի
քու
յօրինողութիւնդ
հեշտագին
կ՚ազդուի,
կեանքը
այսպէս
անիրայնացնելու
խաղերէն
ու
երազները
մարմնաւորելու
ախորժակներէդ։
Ոչ
եղնիկ
էր,
ոչ
ալ
աղջիկ:
Ոչ
կը
սիրէր
ոչ
կ՚ատէր:
Ոչ
աղուոր
էր
ոչ
ալ
տգեղ։
Ջուրերու
ծոցին
մեր
նաւակները
իրարու
քով
կը
դողային
երկու
երազներու
նման,
առագաստ
բացած։
Պիտի
չուզէի
բռնել
թեւէն,
վախէն
որ
կը
փրթէին
անոնք,
այնքան
բարակ
ու
թեթեւ
էր
անոր
ամբողջ
մարմինը:
Պիտի
չուզէի
նստիլ
կուշտին,
վախով
որ
կը
կործանէր,
այնքան
զաղփաղփուն
էին
անոր
ոսկորները,
մարմնեղէն
շէնքը…։»
«—
Կը
հարցնես
թէ
սիրա՞ծ
եմ։
Վերի
հեքիաթէն
վերջ,
ինչ
կ՚ուզէիր
որ
ըսէի
քեզի:
Եղանք
անոր
հետ
անտառներու
խորը,
առանց
ժպիտի
ու
առանց
յուզումի:
Ու
կը
խնդար
անիկա
չլալու
համար։
Այն
օրերուն
ես
թափանցումն
ըրի
մարդերու
սիրտին
այն
ծալքերուն
որոնք
ծածկուած
կը
մնան,
երբեմն
մինչեւ
գերեզման:
Յետո՞յ։
Բայց
այո՜։
Տղա՛ս։
Կեա՛նքը
առա՛նց
եղնիկներու,
չոր,
պահանջկոտ,
բիրտ,
որ
զիս
առաւ
իր
ալիքներուն
վրայ,
նետելու
աշխարհի
հեռու
ափունքներուն:
Ըսի
թէ
բաց
էին
առջիս
արքենի
Մեծ
դռները։
Ըսի՞
թէ
դպայ
ու
անցայ
ծփուն,
շղարկային,
նուրբ՝
ալ
բաներու
որոնք
թաւիշ
էին
ու
վարդ
էին,
կաթի
կը
նմանէին
ու
նայուածքի
տեղ
կրակէ
կայլակ։
Կը
զգամ
որ
քեզի
հաճելի
չեն
այս
պատկերուն
բառերը:
Բայց
ընդունէ
որ
մենք
չենք
նմանիր
ձեզի
որոնք
յանուն
աւելի
իրաւութեան,
չըսելու
համար՝
իրապաշտութեան,
կը
ձգտին
թանձրացնել
այս
ծփուն
զգայութիւնները։
Ինծի
չես
ներեր
իմ
վերապահութիւնը
այդ
ձեւ
արուեստէն:
Բայց
հազիւ
կրնաս
ըմբռնել
որ
մենք
կիներու
նայելու
ատեն
կը
տառապէինք
այդ
քան
նրբութեան
ու
քաղցրութեան
ճակատագրէն
որ
ափիս
մէջ
փոշիացումն
էր
թիթեռնիկին
ոսկի
թեւերուն,
ցօղին
ադամանդին
ու
ջուրին
կապոյտ
զովութիւններուն:
Չէինք
նեղեր
մեր
երազը
սակայն,
ձեզի
պէս,
անկէ
առնելու
համար
արիւնոտ
համեր
ու
մոխիրին
աղը։
Մեր
ամբողջ
էութիւնը
օր
մը
օրանց
չեղաւ
ազատուած
այդ
զգայութիւններուն
քաղցր
տանջանքներէն։
Ու
ամէն
բան
սէր
էր
մեր
ներսը,
նոյնիսկ՝
մեր
կիրքերը,
մեր
ատելութիւնները,
մեր
վախերը։
Մենք
զայն
բաշխեցինք
մեզմէ
դուրս,
առատ
առատ,
հազար
ու
մէկ
ձեւերով,
ու
դուք
դժուարութեան
մէջ
էք
զանազանելու
այդ
զգացումին
բիւրաւոր
նրբութիւնները։
Սիրեցի,
տղաս,
շատ
աւելի
ուժով,
խորունկ,
տառապագին,
որքան
չես
տար
մեր
լրջութեան
ընել
այդ
թեթեւ,
ոստոստուն
խաղերը:
Բայց
ահա
չգիտցածդ։
Իմ
Մկրտիչը
երբ
ամէնուն
բերնէն
վազող
շատ
անուշիկ
երգի
մը
մէջ,
իր
սրտին,
մտքին,
երեւակայութեան
ամէնէն
իրաւ
բխումները
(գարունը
ու
իր
հովը,
վտակը
ու
իր
աւերակները,
կոյսը
եւ
իր
մազերը,
թռչունն
ու
իր
քնարը)
կը
պատկերէ
այնքան
միամիտ
պարզութեամբ,
անկեղծութեամբ,
բայց
չի
կրնար
զանոնք
բոլորն
ալ
սիրտեն
ի
բաց
չզրկել,
(որովհետեւ
անոնք
Հայրենիքէն
չեն
առներ
իրենց
սուրբ
լարերը,
ծիլերը,
խազերը)
տուած
կ՚ըլլայ
մեր
սիրոյն
կարելի
կերպարանքը։
Այո՜,
իրապաշտ
պարոն,
մենք
սիրեցինք
ամեն
բան.
նոյնիսկ
մեր
տրտմութիւնները,
միամտութիւնները,
մեր
անհուն
ըղձաւորութիւնները:
Օ՜,
ձեր
յաւակնոտ
բառերը
մեր
սա
վիճակը
պատկերող,
զայն
օտարներէ
փոխադրուած
պատգամող,
ձեր
բարբարոս
տարազը`
որով
մեր
այնքան
իրաւ
այդ
ապրումները
գրական
յարդարանք,
չըսելու
համար
կեղծիք
յայտարարեցիք։
Մենք
ծառերուն
տերեւներուն
մէջ
համբոյր,
մշուշին
թեւին
մէջ
շղարշ,
թռչունին
ձայնին
մէջ
սիրտ
կը
տեսնէինք,
ու
դուք
այդ
ամենը
դրիք
կասկածի
տակ։
Անիրաւ
էիք։
Մեր
օրերուն
աղջիկները
համբուրել՝
հալիլ
կը
նշանակէր:
Ահա
թէ
ինչո՞ւ
այնքան
օտար
են
ձեզի
մեր
բառերուն
թելադրանքները,
քանի
որ
ձեզի
յատուկ
վարժութիւններ,
ախորժակներ
գտնել
ջանացիք
մեր
մէջը:
Մեզմէ
իւրաքանչիւրին
տռաման,
այնքան
ծփուն,
սխրագին
այդ
նուաղումները
մեր
զգայական
կեդրոններուն,
ձեզի
համար
արեան
հաստ
բռնկումներու
ցոյց
մը,
հանդէս
մը,
մարտ
մը
դարձա:
Չեմ
կրկներ
եղնիկին
հէքիաթը:
Բայց
զայն
կը
շրջեմ։
Նայեցան
ետեւէս
ու
չգտան
զիս։
Թափառեցան
ճամբարներում
ու
չհասան
ինծի։
Եղան
մտերմութեանս
ամայքներուն
բայց
չմտան
ներս։
Թեւ
երկարեցին
ու
պատրանք
բռնեցին։
Գիր
ղրկեցին
ու
պատասխանի
տեղ
ճերմակ
թուղթ
ստացան։
Հպարտացան
որ
տառապանք
էին
բարդած
իմ
սրտին
ու
շատ
ուշ
հասկցան
թէ
իրենց
սրտին
տառապանքը
թեթեւցնելու
համար
ամբողջ
երիտասարդութիւն
մը
զոհելու
տրամադիր
էին։
Մէկը՝
այս
խաղին
հեշտախտաւոր
մուրացկանը,
տարիներ
վերջ,
սա
քարին
պիտի
բերէր
ծաղկեփունջի
տեղ
ճերմկած
իր
մազերուն
պսակը,
պիտի
տար
իր
կուսութեան
վատնուած,
պատռուած,
անպէտք
ծաղիկի
մը
պէս
թոռոմած
վերջին
աւերակը,
փաթթելով
իմ
քարը,
աղօթելով,
հոգիիս
խաղաղութիւն
հայցելով
ու
իր
զղջումն
իսկ
ամչնալով
լռելէ…:
Աւելին,
անցնիլ
պիտի
նշանակէր
կեանքին
սահմաններէն:
»
«—
Պալատներո՞ւ
մէջ։
Վիլլաններու
գողտր
պարտէզներուն
ամայքի՞ն:
Ջուրերու
ափի՞ն։
Հիւանդութեան
մահաբեմի՞ն:
Աքսորանքի
լքումներո՞ւն:
Կարօտին
կրակներո՞ւն
խորունկը:
Ինչու
չէ:
Անշուշտ,
մեզմէ
որո՞ւ
չէ
ինկած
բաժին
մը
սա
կեանքին
մութ,
առանձին,
եսակեդրոն
յուզումներին,
երբ
ժամերդ
վատնելէ
յետոյ
ուրիշին,
ուրիշներուն,
երբեմն
ժողովուրդի
բարիքին,
կը
յոգնիս,
կը
տկարանաս
ու
կը
փնտռես
բանաստեղծին
երգած
թաւուտները,
քիչիկ
մը
քու
հաշւոյդ
ըլլալու,
քիչիկ
մը
ազատելու
քեզ
օրուան
ժանգերէնէ
հին
դարերուն
մարդիկ
այդ
պահերը
վերածեր
էին
խորհրդային
անպատմելի
վերացումներու
հանդէսի
մը։
Քու
օրերուդ,
ու
մանաւանդ
հիմա
այդ
պահերը
դարձան
տրտում
յոգնութիւններու
յաւելեալ
բռնավաստակ
մը,
ջիղերու
վրայ
բարդուած
նոր
տանջանք:
Հիմա,
այդ
առանձնացումներուն
մէջ
քու
ընկերը
աճապարոտ
ձեւ
մըն
է,
որ
կրցածին
չափ
շուտ
պիտի
ձգէ
քեզ,
անցնելու
համար
ուրիշին։
Իմ
երիտասարդութեան,
այդ
առանձնացումը
բաժնող
աղջիկը
չէր
նմաներ
ոչ
կիներուն,
ոչ
ալ
ձեր
կազմակերպած
տիպարին:
Անխորհուրդ
ձեռքեր
խառնեցին
իմ
թուղթերը
որոնց
մէջ
ես
այդ
պահերէն
ապրումներ
էի
պահի
դրած,
չորցած
ծաղկի
թերթիկներուն
նման։
Ու
այդ
ձեռքերը
ըրին
աւելի
տրտում
անիմաստութիւն,
յանձնելու
համար
այդ
թուղթերէն
փշրանքներ
ձեր
թացիկ,
թուլիկ
հետաքրքրութեան:
Ձեզմէ
մէկն
էր
վէպը
ուրուագրողը:
Շինեց
դէմք
մը,
հուրի
մը,
իր
բառերով,
զայն
դնելու
համար
իմ
հոգիին
պարտէզին
խորը։
Յետոյ,
տալով
ուժ
իր
երեւակայութեան
թեւերուն,
ամբողջացուց
ուրուագիրը:
Հիմա
դուն
մտքիդ
մէջ
ունիս
անոր
պատկերը։
Ոչ
սուտ,
ոչ
իրաւ
սակայն
այդ
վէպն
ալ:
Եղաւ
ճամբաներում,
ու
չմօտեցաւ:
Մօտեցաւ
ու
հէքիաթին
երկսայրի
սուրը
դրաւ
իր
ու
իմ
մէջտեղը:
Ուզեցինք
խօսիլ
ու
չկրցանք։
Ուզեցինք
նայել
իրարու
ու
մեր
արցունքները
պղտորեցին
մեր
դէմքերը,
իրարու
ներսը
իյնալու
անկարող
ընելով
զանոնք։
Պալատական
պարտէզներու
մէջ
ես
սպասեցի
անոր
հոգիին
որ
չէր
կրնար՝
խտանալ,
բառ,
նայուածք,
քաղցր
յուզում
մը
ըլլալ:
Դարձեալ
պալատական
սրահներու
մէջ
կեցանք
քով
քովի,
ոսկիի
ու
գոհարի
տրտում
շքեղանքները
դիտելու
ու
մեր
սիրտերէն
իրարու
երկարած
լարերը
չելան
թրթռման:
Օ՜,
տղաս։
Մեզ
զուր
տեղը
մի
մեղադրեր
մեր
ռոմանթիզմին
համար։
Ես՝
գիրքերու
յօրինո՛ւմ.
լաւ,
բայց
անիկա
աղջիկն
էր
այդ
Պոլիսին,
որուն
մարմինին,
կերպարանքին,
հրապոյրին
բոլոր
ծուէնները
հաւաքուած
էին
այդ
կախարդական
վայրերէն:
Եղանք
ամայքներու
մէջ
ալ,
ժամերով,
միշտ
առանց
բառի,
իրարու
հետ
նոյն
գիծի
գալէ
զգուշաւոր։
Ու
այս
եղաւ
իմ
մէկ
հատիկ
իրաւ
վէպը։
Դուն,
քու
գործիդ
մէջ,
նման
վիճակներու
մօտեցար
ու
կը
հասկնաս
լռուած
մասը
այդ
պատմութեան։
Երբ
անցաւ
կրակներուն
մատաղութիւնը
ու
մոխիրին
գորշ
ճերմակը
կամաց
կամաց
նստիլ
առաւ
իմ
ջիղերուն
ցանցին,
այն
ատեն
միայն
զգացի
թէ
ի՜նչ
անանուանելի
յիմարներ
էինք
եղած։
Ասկէ
անդին
պատմութեան
կը
պատկանի։
Դուն
ազատ
ես
այս
դրուագը
աճեցնելու,
քու
օրէնքներուդ
արտօնած
չափովը:
Ես
ու
ան
թշնամիներ
չեղանք,
անշուշտ,
երբ
երկուքս
դարձեալ
իրարու
հանդիպեցանք։
Ես
ուժասպառ
հիւանդ
մըն
էի,
ան
ճերմկելու
վրայ
թառամում
մը։
Ու
ահա
ողբերգութիւնը։
Կը
սիրէինք
մեր
աւերակները։
Ու
դարձեալ
չեղանք
իմաստուն
գէթ
մեր
կործանումները
բացատրելու
իրարու:
Դուն
երկար
երկար
մտածէ
թատերական
կառոյցի
մը
վրայ
որուն
հերոսուհին
աշնանամուտ
առտու
մը,
աշնանահար
իր
սիրտն
ու
մարմինը
ա՛լ
անպէտք
դատելով,
կ՚երթայ
ջուրին
վերմակը
բանալու,
առագաստի
վերմակին
տեղ,
ու
…
իջնելու:
Թափ
տուր
երեւակայութեանդ։
Դիր
այդ
ափունքին
միւսն
ալ։
Թող
ջուրերու
երեսին
անոնց
ձեռքերը
իրարու
գան
առաջին
ու
վերջին
անգամ։
Քահանայ
մը
չըլլայ
այդ
ողջագուրումը
նուիրագործող։
Ելլեն
ջուրէն
ու
քալեն,
իրարու
հակադիր
իրենց
ճամբան:
Գիտես
ի՜նչ
եղերական
է
այս
պատմումը:
Ու
պարտաւոր
ես
ընդունիլ
անոր
խորքին
հարազատութիւնը։
Այսպէս
պիտի
վարուինք,
մենք
յաճախ
մեր
սիրտին
հետ:
Ես
իջայ
իմ
իրաւ
գերեզմանը։
Ան
իր
ճերմակ
մազերուն,
պատանքին
մէջ
եկաւ
նստելու
քու
տեղդ։
Ու
նորէն
բառ
չունէինք
իրարու:
Ահա
հէքիաթներուն
հեքիաթը։»
«—
Դարձեալ
ուրիշ
պատմութի՜ւն,
կախարդական
այդ
աշխարհէն:
Իմ
թուղթերուն
փշրանքները
քեզի
կը՝
թելադրեն
վերինին
մօտիկ
փոքր
տռամա
մը։
Բարիզեան
Վիլլան:
Ու
իրաւ
էր
անիկա։
Ծովերէն
անդիէն
եկող
աղջիկ
մը։
Ու
իրաւ
էր
ասիկա
ալ։
Արեւելքէն
գահազուրկ
իշխանազուն
մը։
Ու
իրաւ
էր
ան
ալ։
Ի՜նչ
հարկ
երկար
վերլուծումներու։
Դուն
արագ
թափանցումներու
մարդն
ես։
Կազմակերպէ՛
վէպը։
Բաժնեցի
այդ
տարագիր՝
հոգիին
հետ
իր
հիւանդութիւնը
զոր
կը
զգայի
քան
թէ
կը
ճանչնայի։
Չէր
հազար
որպէսզի
բանաստեղծական
պատրանքը
ըլլար
տիրական։
Չէր
տաքնար
վերջալոյսներուն:
Ոչ
արիւն,
ոչ
ալ
մաշում։
Բայց
անոր
դէմքին՝
այն
գունատ
վարշամակը,
որ
վերջէն
մեռելինը
պիտի
ըլլայ:
Բայց
անոր
աչքերուն
մեղմ
կարմիրը
որ
տենդի
մը
ցոլքը
չէ
բայց
ներքին
կրակէ
մը
արձագանգ
մը։
Ի՜նչպէս
քաշուեցանք
իրարու:
Մեր
շուրջը
ուրիշներ,
բարիզեան
դէմքերու
այն
հանգչած,
խաղաղ,
գոհունակ
չէզոքութեամբը
որ
նստած,
մարելու
վրայ
քաղաքակրթութեանց
վերջալուսային
նշաններէն
մէկը
կը
կազմէ։
Մարդեր
էին
որոնք
պարպուած
իրենց
կրակներէն,
վերածեր
էին
իրենց
օրերը
հաւաքուելու
նոյն
ժամուն,
նոյն
պարտէզին,
նոյն
սրահին:
Որոնց
համար
ճաշի
րոպէները,
դաշնամուրին
հեծկլտուքը,
խօսակցութեան
գնացքը
կը
յօրինէին
գոյութեան
մը
հիմնական
արարքները։
Հիւանդնե՞ր:
Բայց
ով
չէ
ատիկա,
սա
ձեր
աշխարհի
երեսին։
Առնուազն
հոգիները
այդ
մարդերուն
զարնուած
էին
մեզի
անծանօթ
ցաւերով։
Ծովերու
անդիէն
եկող
աղջիկը
կ՚ապրէր
քսանին
եւ
երեսունին
միջնարարը։
Արեւելքի
գահընկէց
իշխանը
անցեր
էր
շատոնց
յիսունէն:
Տարիքը
երբեմն
իմաստ
մը
ունի։
Բաժնեց
իմ
հիւանդութիւնը
զոր
չէր
կրնար
ըմբռնել:
Տարիքներու
հասկացողութիւն
մը
կայ,
հիւանդէ
հիւանդ:
Ես
անցեր
էի
իր
գարունէն,
շփուեր
իր
ցաւերը
յիշեցնող
ուրիշ
սրտառուչ
հիւանդներու:
Ան
չէր
տեսած
իր
շէնքին
մէջ
անթերի,
փարթամ
մարդը
որուն
գլխուն
վերեւ
կը
սպասէր
մահուան
հրեշտակը,
պսակը
ձեռքին,
քիչ
մը
աճապարոտ
նոյնիսկ։
Ու
այսպէս
մենք
մեր
շրջապատին
պարզեցինք
տարօրինակ
պատկերը
տարօրինակ
զոյգին:
Աշնան
իրկուն
մը,
վիլլայի
պզտիկ
թաւուտին
խորը,
գտայ
որ
բարակ
ու
տրտում
աղջիկն
էր
անիկա։
Ունէր
քանի
մը
մասնայատուկ
կողմեր
ալ:
Ու
էր
այն
տիպարներէն
որուն
պատկերը
կը
լինենք
մեր
մատուըներովը,
մեր
տղու
օրերէն,
կը
դնենք
աւելի
ուշ՝
մեր
սրտի
խորանին,
պատանութեան
կախարդ
շրջավայրը
երբ
կը
մտնենք՝
Հէքիա՜թ:
Անշուշտ։
Այդ
իրկունը
երբ
ինծի
տուաւ
թաց
իր
ափը,
զգացի
որ
կը
դողար
անիկա
ու
չանդրադարձայ
որ
իմ
դողն
էր
որ
ինծի
կուգար
այդ
ափէն:
Նuտանք,
մինչեւ
որ
մութը
ջնջեց
անոր
տժգունութիւնը,
բայց
աճեցուց
իմ
հեւքը:
Անցանք
սրահ:
Ան
ալ
ինծի
պէս
մատ
չերկարեց
կերակուրներուն։
Ու
դաշնակին
առջեւ,
առանց
գիտնալու
թէ
ինչու,
անիկա
ապրեցաւ
իր
ամէնէն
իրաւ
օրը։
Ես
կուլայի:
Մարդիկ
տեսան
զիս
ու
քաշուեցան:
Գիշերը
չունէի
ուժ
պարտէզ
իջնելու:
Իմ
առանձնարանին
մէջ,
յստակ
լսեցի
իմ
ձայնը
որ
կ՚ուզէր
այդ
հանդիպումին
օրը,
ոչ
այսպէս
գերեզմանի
մը
փէշերուն,
այլ
այն
ոսկի
պարտէզներուն
դալարիքին
մէջ
որուն
անունն
է
երիտասարդութիւն:
Ու
լսեցի
նորէն
իմ
ձայնը
որ
այդ
փափաքը
կը
խորացնէր
ու
կը
գտնէր
իմ
ներսը
անայց
լռութիւններ,
ափունքներ,
ընտանի
ինծի
բայց
երբեք
կերպարանք
մը
չառած,
որպէսզի
չտառապէի:
Յետոյ
տրտում,
տրտում
ինքնադարձումները
տարիքին։
Հայրն
էլ
չունեցած
զաւկի,
զաւակներու:
Այդ
աղջկա՞ն:
Բայց
ո՞վ
կրնայ
ճիշտ
բառեր
գտնել
վիճակներու
որոնց
ճանաչումը
կ՚ընէ
այնքան
արագ,
անսովոր
պայմաններու
մէջ։
Անվերադարձ
չորցող
ակն
էր
այդ
զգացումը
ինձմէ
ներս:
Ու
ահա
կը
հերքուէր
այդ
չորութիւնը։
Այն
ատեն
էր
որ
վախցայ
ես
ինձմէ։
Սիրո՞ղը.
ձեր
բառովը՝
սիրահա՞րը:
Ատ
ալ
ուժով,
որով
ոչ
հարազատ
բառ
մըն
է
դարձեալ։
Դուն
վիպասան
մըն
ես,
այսինքն
մարդը,
որ
իր
ապրումներէն
իր
կարօտը
չառած,
չկշտացած,
կը
թափառի
աշխարհի
երեսին
եւ
ուրիշներուն
փափաքները,
տագնապները
կը
նորոգէ
իր
հաշւոյն:
Այնպէս
որ
պիտի
չտառապիս
իմ
խոստովանութիւններէն։
Ես
ըսեմ
ու
դուն
ճշդէ,
որպէսզի
տաս
իրաւ
տարազը,
այդ
վիճակները
պատկերող։—
Կ՚ուզէի
որ
քովս
ըլլար,
բայց
չէի
զգար
որ
քովէս
չէր
հեռանար
անիկա։
Կ՚ուզէի
որ
խօսէր
ինծի,
երկար,
անվախճան
բաներ,
որոնց
մէջ
պատահածները
չըլլային
հակակշռելի,
բայց
չըլլային
ալ
անվաւեր։
Հնարէր,
պարզ
էր,
բանար
այն
ամէնէն
որոնց
ծարաւովը
քալեր
էի
ես
իմ
տարիները։
Գոյներ,
շեշտեր,
հետքեր,
տաքութիւններ
որոնք
երբեմն
աչքով,
երբեմն
լռութեամբ,
երբեմն
շրթներով
կ՚ընեն
իրենց
ճամբան
սիրտէ
սիրտ,
ըլլալու
համար
մսկոտ
վախերը
մեր
մութ
ապրումներուն։
Ու
խօսէր
մեղմ,
ցած,
բարակ,
կտրատ,
առանց
կիրքի
եւ
առանց
յոյզի։
Կ՚ուզէի
որ
մատները
ուշանային
իմ
վէրքերուն
վրայ,
պալար
պալար,
գէջ
ու
տրտում,
իմ
ներսէն
դէպի
դուրս
իմ
ցաւերուս
աչքերը,
այն
քան
կարօտ
ամոքման
ու
դարմանի։
Բայց
գիտէի
որ
իր
ալ
մարմինին
դալկութիւնները
կարօտ
էին
արեան,
կրակի:
Ու
ասիկա
այսպէս
օրեր,
շաբաթներ,
ամիսներ։
Համաձայն
եղանակներու
երանգներուն,
համաձայն
մեզ
ողողող
ձայներուն,
մինչ
ահագին
քաղաքը
կ՚եռար
մեզմէ
քիչ
հեռուն
ու
ճամբաներէն
կը
քալէր
կեանքը,
ազատ,
աղուոր,
զուարթ,
երջանիկ։
Մեր
շուրջը
մարդիկ
կը
հասկնային
մեզ։
Կը
ներէի՞ն:
Հիմա
կը
հասկնամ
որ
մահուան
մօտ
ու
մէջ
կարգ
մը
ընտանութիւններ
նոյնիսկ
կիրքեր
կը
թուին
մեզ
դիտողներուն
համար
քիչ
վիրաւորիչ։
Յետո՞յ:
Օ՜,
քու
սա
յիմար
աճապարանքդ
վիպասան
ծնած
ըլլալու:
Բայց
պետք
է
պատժել
երբեմն։
Պիտի
լռեմ
ասկէ
անդին։
Գիտես
որ
մեկնեցաւ
իր
երկիրը։
Առանց
իրեն
անցած
առաջին
իրկունը
միայն,
չափեցի
խորութիւնը
իմ
զգացումներուս,
աղէտը
որուն
դռները
կը
զարնէի։
Լուսցուցի,
որպէս
թէ
ըլլար
կուշտիս,
մատները
վէրքերուս,
ժպիտը
աչքերուն
դէմ
կախարդ
շղարշի
մը
պէս։
Որպէս
թէ
խօսէր,
ըսէր
ինչ
որ
վախցեր
էինք
ըսելու,
ան՝
իր
հաշիւներովը,
ես՝
իմ.
ցաւիս
ճնշումին
մէջ
ինք
զինքս
պրկելու
ստիպուած։
Պիտի
չներեմ
քեզի
որ
վրաս
խնդաս
այն
քերթուածին
համար
որ
գրի
առի,
երբ
մեծ
ալեկոծութեան
մը
լուրերը
խռովեցին
մայրաքաղաքը,
Ովկիանոսին
վրայ։
Դուն
այդ
քերթուածին
մէջ
տկար
ռոմանթիզմ
մը
միայն
կը
կարծես
գտնել։
Ես
դրի
իմ
մէկ
հատիկ
սիրոյս
ամբողջ
կրակն
ու
քաղցրութիւնը։
Տեսայ
զինքը
ալիքներուն
վրայ,
մազերովը
գոցած
դէմքը,
աչքերը,
որպէսզի
մահուան
հետ
չունենար
բախում…
Յետոյ
առի
իր
գիրը,
իր
երկրէն։
Անոր
պատասխանեցի։
Գրեցի
բաներ
որոնք
չեն
ըսուիր։
Մի
աճապարեր
այդ
թղթակցութիւնն
ալ
ենթարկելու
քու
գուշակութիւններուդ,
տալու
անոնց
հովը
որ
վիպողներուն
գանկէն
կ՚առնէ
իր
թեւերը։
Դուն
կ՚ախորժիս
ծաղրի
ենթարկելէ
ամէնէն
նուիրական
սարսուռները
մեր
սերունդին,
զանոնք
գտնելով
գրքունակ,
կեղծ,
սուտ,
ու
չես
կասկածիր
որ
առնուազն
անգէտ
ես
մարդերու
սրտին
կարգ
մը
խաղերէն։
Քու
սերունդին
համար
անհասկանալի
են
այն
յուզումները
որոնք
կ՚ուրուանան,
բայց
չեն
թանձրանար։
Դուն
չես
ըմբռներ
քաղցրիկ
խռովքները
որոնք
ինչպէս
պարիկի
մը
թեւերէն,
կ՚արձակուին
դէպի
քու
սիրտը,
ջուրի
մը
ակունքէն,
ծաղիկի
մը
բաժակէն,
պուրակներէ
ուր
ճամբաները
ծնէին
ու
մեռնէին
թաւուտէ
թաւուտ,
ծառի
մը
ոստերէն՝
որոնք
կախուէին,
դողային
ու
լային,
հոգ
չէ
թէ
ցօղէն
կամ
անձրեւէն,
խոտի
մը,
դալարիքի
մը
թաւիշ
շրթներէն
մեկնող
հրաէրներուն
անպատմելի
հրապոյրները,
դաշնակութիւնները։
Այս
ամէնը՝
անպէտք
զգայնամոլութիւն
քեզի
համար՝
մեր
սերունդին
սխրանքները
եղան:
Ու
այդ
գիծով՝
քու
միտքիդ
համար
կնքեալ
պահարան
թուղթերու
խուրձը,
ուր
իմ
տարիքիս
ու
հոգեբանութեանս
մէջ
մէկը
պիտի
մրոտէր,
ճամբու
դնելու
համար
ծովերէն
անդին,
այդ
յուռութքին
սպասող
աղջկան,
ձեզի
համար
իմաստ
չունին
այս
կարգի
յուզումներ.
զգացումը՝
որ
իր
կուշտին
կ՚ուզէ,
իր
ցաւին
ու
երազանքին
մօտիկ,
այն
մշշային
կերպարանքը
որ
ձեւ
ալ
չէ,
ջերմութիւնը՝
որ
չայրեր,
փափկութիւնը
որ
ցաւի
մը
պէս
չ'ասղտեր
հոգիդ…:
Ես
գրեցի
բոլոր
այն
ապրումները
որոնց
հետ
իր
յիշատակը
եղեր
էր
ծաղիկի
փունջ
կամ
լուսնալոյս,
ալեակ
կամ
հովիկ,
արցունք
կամ՝
երազ,
դաշնամուր
կամ
կոծկոծուն
լռութիւնը
երկուքով
հսկուած
առանձնութիւններուն:
Աս
ալ
մեր
դժբախտ
գրականութիւնը
քանի
որ
քու
յիմարութիւնը
ի
վերջոյ
կեանքը
կը
վերածէ
միշտ
գիրքի
էջի
մը։
Ասկէ
անդին
մեր
բոլորին
գտնելիքը
տրտմութիւն
է
եւ
ցաւ:
Նայէ
տեղ
մը
ետիդ։
Փրցուր
գլխէդ
ճերմակ
պսակդ,
ու
դիր
մտքիդ
դաշտին
քու
ալ
հէքիաթները,
աւելի
կամ
նուազ
պայծառ,
պղտոր,
քաղցր
կամ
թախծալից,
պարզուկ
գեղի
մը
հովիտներէն
մինչեւ
բարձր
ոստանները
մեր
քաղաքակրթութեան:
Բոլոր
այն
կերպարանքները
որոնց
ուսերուն
նետեցիր
քու
պատրանքիդ
ծիրանիները,
տարուէ
տարի
ու
դարէ
դար
ու
կեցուցիր
կուշտիդ,
ծոցիդ,
սրտիդ,
առնելու
համար
անոնցմէ
ինչ
որ
կ՚առնենք
մենք
բոլորս,
—
այսինքն
մեծ,
անսփոփ
պատրանքին
յաւիտենական
դասը
որ
միայն
կը
փոխէ
ինքզինքը
մէկուն
մէջ
արցունք,
միւսին
մէջ
վայելք,
երրորդի
մը
մէջ
աշխարհներու
նուաճում,
չորրորդի
մը
մէջ
արուեստի
գործ
դառնալով։
Ո՜վ
խեղճութիւնը
քեզ
ներչնչող
այդ
կախարդանքներուն,
նոյնիսկ
իրենց
այգային
թարմութեանը
կամ
պտղաբերձ
աշնայնութեանը
մէջ։
Հիմա՞։
Այսինքն
երբ
սիրտին
ներկերը
թանձրանան
ու
չուզեն
հպատակիլ
քու
մատներուդ,
յօրինելու
համար
նոր
ուրուականներ,
նոր
ծիրանիներու
ակնկառոյց։
Շա՞հը:
Ափ
մը
հողին
տակ
այդ
ամենը
մեզի
հետ
բերելու
բախտէն
իսկ
զուրկ
ենք
ծնած։
Մի
նանրամտիր
որ
գործդ
այդ
կերպարանքներուն
լոյսովը,
գոյներովը
պիտի
ըլլայ
աւելի
իրաւ,
արտայայտիչ,
դիմացկուն։
Դարեր
վերջը,
օր
մը
երբ
մարդեր
պատեհութիւն
ունենան
ձեռք
երկարելու
ինձմէ
ինկած
փշրանքներուն,
եւ
ուզեն
հանգչիլ՝
քու
գործիդ
հսկայ
աւերակէն
իրենց
անպարտելի
յոգնութիւնը
դարմանելու
դիտումով,
պիտի
խանդաղատին
այն
փոքր
հանգիստին
համար
զոր
այդ
ապրումներուն
բեկորները
պիտի
հայթայթեն
իրենց։
Դուն
ես
գրողը
այս
ամէնէն,
դուն
որ
խառնած
ես
մեր
հին
ու
նոր
գրականութեանց
բոլոր
ալքերը,
գտած
անոնց
մէջ`
իրաւ
ապրումին
անմահ
փշրանքները,
երբեմն
հազարաւոր
էջերու
գերեզմանն
իսկ
արհամարհող՝
մէկ
ու
նոյն
մարդէն,
ու
տուած
ես
անողոք
քու
վճիռը,
վերստին
քաշելով
խաղարկութեանդ
փոշին,
ծածկելու
համար
անդարձ
մեռելները
բայց
կեանքին
բերելով
փշրանքները:
Իմ
անիրական,
պակասաւոր
պատառիկները
քու
հսկայական
աւերակոյտներէն
աւելի
բախտ
ունին
օր
մը
տաքնալու
նայուածքէ
մը:
Մի
տրտմիր:
Իրաւ
խօսքերէն
չվախնալն
ալ
առաքինութիւն
է:
»
«—
Մտիկ
կ՚ընես,
առանց
նեղուելու:
Ատիկա
կուգայ
քիչ
մը
մեզի
պատկանելու
հանգամանքէդ։
Քու
տարիքիդ
նոր
զգայարանքներ
կը
յարդարուին
մարդոց
մէջ։
Պաղը
պարապին
տակառ
կը
գտնէ
քու
մէջդ
ինքզինքը
չափող
իր
գործարանը:
Ձեռքերէդ
թափող,
թափթփող
կեանքին
կրակը
մոխիրի
պէս
կը
դիզուի
ոտքերուդ,
կ՚ըլլայ
մշուշ,
վարագուրելու
աշխարհը
աչքիդ
դաշտերէն
ու
քեզ
ստիպելու
որ
ներս,
վար,
մէջդ
նայիս,
հոնկէ
առնելու
քու
կարօտդ
կեանքին
բիւրաւոր
ձեւերէն։
Ու
չես
կասկածիր,
որ,
երբ
իմ
գրածներս
կշռելու
ատեն
ծանր,
շատ
ծանր
կը
դատես
իմ
տրտմութիւնը,
բացած
կ՚ըլլաս
ակօսն
իսկ
քու
ցաւերուդ:
Ինծի
այցողներուն
մէջ
մինակն
ես
որ
չես
բերած
իմ
քարին
ծիլ
մը
ծաղիկ,
սովորութեան
պատկառանքը,
շուկայէն
գնուած
պսակները
իրաւ
կամ
կեղծ
գովեստին,
երախտագիտութեան։
Գոհ
եմ
ատկէ,
ուշ
ստացուած
գիտութեան
մը
գինով։
Բայց
մի
տար
դուն
քեզի
հով,
իրաւունք,
հեղինակութիւն,
իմ
սերունդը
դատապարտողի,
ոչ
անոր
համար
որ՝
նման
յաւակնութեան
մը
պտուղը
աւելորդ
փուշ-պսակ
մը
պիտի
բարդ
էր
մեզ
նախորդողներուն,
այլ
գլխաւորաբար
խորունկ
անհասկացողութեան
մասին
բերած
իր
մէկէ
աւելի
փաստերով։
Մեր
մեղքը
չէր
մեր
տրտմութիւնը։
Ըսի
ատիկա։
Բայց
մեղք
չէր
մեր
պուտիկ
մը
պարզսիրտ
խանդավառութիւնը
զոր
ահա
խոշորցուցած
ես
իր
չափերէն
շատ
անդին,
ու
մեր
ծափահարած
խաղերուն,
մեր
թնդացուցած
երգերուն,
մեր
ողջունած
սահմանադրութիւններուն
խանդալից
աղմուկը,
արտայայտութիւնները
ծանրածանր
որակումներու
կ՚ընես
նշաւակ,
աւելորդ
անգթութեամբ
ու
անխելքութեամբ։
Դուն
չես
կրնար
զգալ
երանութիւնը,
խորութիւնը,
թրթռագին
ջերմութիւնը
վայելքին,
հեշտանքին
զոր
իմ
սերունդը
կ՚առնէր
իր
քերթուածներէն,
խաղերէն,
երգերէն,
գրական
ամէն
կարգի
յօրինումներէն:
Պարզուկ,
միամիտ
բերաններ՝
կը
մնային
բաց
մեր
գրողներուն
խօսքին
հեղեղին
դիմաց։
Կուլային
բանուորները,
բեռնակիրները,
ծերն
ու
տղան
երբ
երգ
մը
բարձրանար
ժողովրդական
հանդէսներու
վրայ,
ու
առնէր
անոնց
հոգիներուն
երեսէն,
նոյնիսկ
պահի
մը
համար,
ժանգը
դարաւոր
տրտմութեան:
Ու
կուլար՝
խօսողը:
Կուլար
երգողը։
Կուլար
գրողը:
Վասնզի
քու
չհանած
այդ
գրական
արդիւնքները
մենք
մեզմէ
դուրսը
միայն
կշտացնելու
յատկացուցինք։
Կը
զարմանամ
քու
անիմաստ
յամառութեանը,
քեզի
համար
միայն
գրած
ըլլալու
քու
բախտդ
երբ
չես
սրբագրեր,
ու
կը
գոհանաս
հազարներու
փոխան
քանի
մը
տասնեակ
խանդավառելու
քու
անսրբագրելի
պնդամտութեամբդ։
Մենք
մենապաշտներ
չէինք
մեր
ստեղծումներուն
մէջ։
Յետոյ,
դարձեալ,
սխալը
կ՚ընես
չըմբռնելու
որ
մենք
դրած
ըլլանք
կիրք,
բռնութիւն
մեր
ժողովուրդի
հանդեպ
մեր
սիրոյն
մէջ
ու
կեանքին
մեզի
չտուածը,
տալ
չկրցածը
փորձած
ըլլանք
գրաւել
գրականութեան
ճամբով։
Ասիկա
թերեւս
ըրաւ
մեր
գործը
գրքունակ,
մեր
նայուածքը
պահեց
ոսկեզօծեալ
մոխիրներու
հեշտանքին
վրայ
յամեցող,
մեր
յոյզերը
բաժին
բաժին
ըրաւ,
անցեալին,
ներկային
ապառնիին
համար
անբաւարար։
Կը
հասկնաս
որ
շատ
ուզած
ըլլանք,
քանի
որ
կարիքը
շատ
էր:
Բայց
մեր
գործերը
սուտ
չեն:
Մեր
գործերը
իրենց
ժամանակին
ապրումներուն
գումարը
կը
մնան։
Ու
դուն
ինքդ
ես
որ
կը
յայտտարարես
թէ
կը
դատես
համաձայն
ժամանակներու
տեսակարար
ծանրութեան:
Կրնա՞ս
մեղադրել
Շնորհալին
իր
սքանչելի
երգերուն
աստուածաբանական
յարդարանքին
համար
երբ
վստահաբար
գիտես
որ
պատուական
հայրապետը
իր
դարուն
հոգին
էր
որ
կը
դնէր
իր
այդ
երգերուն
ներսը:
Ինչո՞ւ
չունիս
նոյն
լայնամտութիւնը
մեր
սերունդին
ալ
ժառանգութեան
դիմաց
ու
կ՚ընես
անպէտք,
ապիրատ
խաչակրութիւնը,
մեր
դէմ
փաստ,
զէնք
գործածելու
մեր
հիացումները։
Կը
դառնանաս
ինծի
դէմ
որ
սիրած
ըլլամ
Ալիշանի
մը
բանաստեղծութիւնը,
օրինակի
մը
համար,
երբ
քու
տղայութեանդ
քու
գեղացի
վարժապետդ
անոր
ոտանաւորները
արտասանած
ատեն
կուլար
յուզումէն։
Սո՞ւտ
էր
այդ
արցունքը։
Չէ՜,
տղաս:
Այդ՝
ապրումները
մեր
բոլորին
ալ
ապրումներն
էին։
Հիմա
կը
հեգնես
թէ
ինչպէս
չորս
հինգ
բիւրի
հասնող
մարդոց
բանակ
մը
թրթռագին,
ինքիրմէ
դուրս
կրնար
պոռալ
Արիք
Հայկազունքը,
ու
երգին
թափին
հետ
գրոհ
տալ
…
ստուերներու
վրայ:
Բայց
ես
ինքս
կեցած
եմ
գլուխը
այդ
ամբոխներուն։
Ես
ինքս
պոռացել
եմ,
իմ
կոկորդը
պատռտելու
աստիճան։
Վասնզի
այդ
յոյզերը
մեր
սրտերուն
հարազատ
բխումներն
էին։
Յետոյ
քու
ախորժակներդ
ո՞ր
օրէնքով
կը
դաւանիս
աւելի
իրաւ,
իրական,
առանց
անդրադառնալու
որ
յիսուն
տարի
վերջը
քու
հողը
իջնալէդ,
ամբողջ
մատենադարան
մը
գործ
քեզմէ,
ընկերներէդ,
սահմանուած
է
մերիններուն
բախտին:
Պէտք
չեմ
զգար
քեզի
սորվեցնելու
որ
ասիկա
գրական
խաղարկութիւն
է
սերունդներու
գիծով։
Գրեթէ
կ՚ուրանաս
իմ
ընկերներուս
սրտապատար
աշխատանքը,
չգտնելով
անոր
խորը
տարրեր
քու
գեղեցկագիտութիւնդ
գոհացնող,
ու
գործադրելու
համար
փխրուն
արդարութիւն
մը,
մեզ
կը
ղրկես,
ազգային
պատմութեան
դամբարանը,
քու
թագաւորութիւնդ
վերպահելով
քիչերու։
Առնուազն
նեղմտութիւն
է
այդքան
փոքրել
մուտքը,
նեղցնել
ծիրը
որպէսզի
չանցնի
փաղանգը
որ
իր
ամբողջ
հա
ւատքը,
իր
էութիւնն
իսկ
նետեց
նժարին
մէջ,
մարդերու
անորակելի
հօտէ
մը
կերպադրելու
համար
մեր
օրերու
որ
եւ
է
քաղաքաքակիրթ
ընկերութեան
մը
կաղապարը
չմերժող
հասարակութիւն
մը:
Հիմա,
երբ
հարթուած
են
արգելքները,
հերոսութիւնը,
աքաղաղութիւնը
դիւրին,
զանոնք
արժեզրկելու:
Հիմա
կը
ներես
քեզի
գրել
ինչ
որ
միտքդ
կը
թելադրէ
քեզի։
Դուն
ինչ
շուտով
մոռցար
շրջանը
ուր
տարեցոյց
մը
տպագրողը
բանադրելու
չափ
առաջ
կրնային
երթալ
մարդիկ:
Այս
ամէնը
քեզ
կը
յիշեցնեմ
մերժելու
համար
քու
արդարացումդ
որ
արուեստի
քիչ
մը
բարդ,
չլսելու
համար
վեր
ու
օտար
հանգանակներու
կը
վստահի
իր
դժուարահաճութիւնը։
Մեր
օրերուն,
ատեն
չունէինք
բարակ
քննելու:
Մեզմէ
դպրոց
կ՚ուզէին
ու
մենք
չէինք
տառապեր
անոնց
քերթողական
դիւաններ
առաքելով։
Մեզմէ
կեանք
կ՚ուզէին
մեր
խաւարամած
եղբայրները,
ու
մենք
սովահար
այդ
ամբոխներուն
կը
վազցնէինք
ինչ
որ
իյնար
մեր
ձեռքերուն։
Իմ
սերունդին
ճիգը
այս
մտածողութեան
մէջէն
միայն
քեզի
պիտի
թելադրէր
արդարութեան
վճիռներ։
Կը
մերժեմ
քու
վեհանձնութիւնդ,
երբ
մեզ
կը
վտարես
գրականութենէն,
ճամբան
ցոյց
տալով
ազգային
պատմութեան:
Շնորհակալ
ենք
մեզի
բաշխուած
փառքի
պատուանդաններէն
ալ,
միշտ
այդ
պատմութեան
սրահներէն
ներս։
Դուն
գիտես
որ
ինծի
համար
առանձին
աշխարհներ
չեն
ներկայացներ
գիրքերն
ու
արարքները։
Նոյն
երեւոյթին
տարբեր
կերպարանքներն
են:
Միայն
կը
ցաւիմ,
ու
դիտել
կու
տամ
որ
այդ
նեղ
կանգունովդ
շատերու
դերը
չափելու
մէջ
կրնաս
պակասաւոր
դուրս
գալ:
Մի
ըսեր
թէ
քու
գործդ
(գրականութեան
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը)
հասարակաց
գերեզմանատուն
մը
չէ։
Մեռելին
մեծն
ու
պզտիկը
չըլլար։
Ուրախ
եմ,
որ
գոնէ
իմ
սերունդիս
մէջ
կ՚ընդունիս
մարդեր,
նոյնիսկ
մեծեր,
անոնց
զլանալէ
վերջը
քու
հիացումդ
արուեստի
մարզերով
ու
հոն
միայն
պայմանաւոր
երախտիքներու
հաշւոյն:
Բայց
կը
տառապիմ
երբ
իմ
ամէնէն
սիրած
քերթողներուն
կ՚ուրանաս
տաղանդ,
նոյնիսկ
գոյութեան
իրաւունք։
Չեմ
կրկներ
քիչ
առաջուան
նկատողութիւններս։
Ինծի
չափ
համոզուած
ես
որ
երկու
ծաղիկ
որքան
ալ
անուշ,
զգլխիչ`
անբաւական
են
գարուն
մը
չլինելու,
թելադրելու:
Մի
տրտմիր
որ
իմ
ստուերը
քեզի
ըսէ
այս
դառնութիւնները.
գէթ
ստուերներու
խօսքերը
զերծ
են
նախանձէն,
չարակամութենէն,
ապուշ
անհասկացողութենէն,
քանի
որ
իրենց
հաշւոյն
ոչ
մէկ
փշրանք,
գովեստէ,
փառքէ,
կարող
են
հետապնդել:
Յետոյ
զիս
կը
մեղադրես
որ
գոված
եմ
միջակութիւններ,
անձնատուր՝
ամէնուն
հաճելի
ըլլալու
ազդմունքներու:
Այն
ատեն
երբ
իմ՝
երկու
տողս
ուժ
մը
կ՚ըլլար
զայն
ընդունողին,
սուղ
չեղայ
այդ
երկու
տողէն։
Հիմա,
երբ
կէս
ժամ
տեւող
սա
խօսքերը
քեզի
պիտի
առթեն
տրտմութիւն,
դարձեալ
կը
պահեմ
իմ
կշիռը։
Անկեղծ
էի
երբ
կը
գովէի։
Անկեղծ
եմ
երբ
կը
դատապարտեմ
քեզ։
Դուն,
քու
ժամանակէդ
մերժուած
մը,
հալածուած
մը,
չարափոխուած
մը,
կարօտը
չունի՞ս
արդարութեան
պարտքի
մը։
Ինչո՞ւ
չես
խորհիր
որ
քու
հեղինակութիւնդ
է
քու
ուրացումը։
Ալ
ինչ
կարիք
զբաղիլ
մեռելներով,
որոնք
արդէն
ծանր
քարեր
ունին
իրենց
թշուառ
մարմիններու
վրայ,
ու
իբր
թէ
չբաւէր
ատիկա,
ելեր
անոնց
յիշատակին
վրայ
կը
բարդես
ժայռերը,
ծանրոցները
նոր
կշիռներուդ։
Ըսի
թէ
քու
արհամարհած
խաղերը,
քերթուածները
ինչ
հսկայ
խանդի
աղբիւրներ
էին
մեր
շրջապատին,
ի՜նչ
յուզումներ
կ՚անցընէինք
անոնցմով
զանգուածին
երակներուն,
ի՜նչ
քուն,
խուփ
ակեր
կը
հանէինք
բխումի,
ու
ի՜նչ
կորով,
ուժ
կը
ներարկէինք
մեր
ժողովուրդի
գրեթէ
սպառած,
ապաuերած
արեան
շտեմարաններուն։
Այսօր
կը
խնդանք
մեր
թուղթէ
սաղաւարտներուն,
մայրիէ
սուրերուն
եւ
թիթեղէ
զրահանքին
ծիծաղելին
վերածելով
օրակարգային
իմաստութեան:
Մեր
բեմական
արքաները
ու
մեր
ոտանաւոր
կամ
արձակ
արտասանող
իշխանները
կը
դնէք
առասպելին
սայլակը
զանոնք
«նովին
իսկ
մեղաց»
համար
կառափնատ
առաջնորդելով։
Բայց
պուտ
մը
արդար
խելք
պիտի
քաւէր
մեր
չարագործութիւնները:
Դրէք
իրերը
իրենց
տեղը.
մարդերը՝
իրենց
ժամանակին
ծոցը,
միտքերը՝
իրենց
ընկալչական
ընդունակութեանց
նախաւոր
պայմաններու
ծիրին:
Այն
ատեն
առանց
դժուարութեան
պիտի
ըլլաս
արդար
իմ
սերունդին
ճիգին
հանդէպ:
Իմ
գրականութեանս
տեսակարար
տարողութեան
վրայ
պիտի
արտայայտուիմ
քիչ
մը
աւելի
ուշ:
»
«—
Քանի
քանի
անգամներ
նեղութիւն,
դժգոհանք
ես
բանաձեւած
իմ
լեզուէն:
Կը
գանգատիս
որ
անիկա
ըլլալու
տեղ
մաքուր,
անխառն
աշխարհաբարը
որուն
նմոյշները
կարդացած
ես
իմ՝
պատանութեան
մէկ
քանի
կտորներուն
եւ
իմ
այդ
շրջանի
ընկերներուն
գրածներուն
մէջ,
է
տնադրոշմ,
գրաբարով
սեթեւեթեալ,
գրական
դարձուածքներով
սպառազէն,
թէ
այդ
լեզուն
չէ
գտած
ինքզինքը,
ժամանակն
ի
վեր,
ու
կոկուելու,
մաքրուելու
տեղ
պղտորուած
է
շրջանային
ազդեցութիւններով։
Դուն
վարժապետները
—
հեղինակները
այդ
զառածումին
—
հարուածելու
քու
կիրքիդ
մէջ
կ՚անցնիս
չափը,
ու
կը
մեղադրես
որ
սիրած
եմ
տարբերուիլ,
անձնանալ,
սեթեւեթիլ,
անշուշտ
ուրիշներու
նման
ուշադրութիւն
կորզելու
սնապարծութեամբ։
Կը
կեցնեմ
քու
փաստերուդ
շարանը:
Մենք,
այսինքն
լեզուի
աշխատաւորներս,
դարձեալ
կը
մնանք
զերծ
դատապարտութենէ,
քանի
որ
այդ
շարժումին
զսպանակը
կուգայ
մեր
մտահոգութիւններէն,
—
մեր
ժողովուրդին
լեզուն
ունենալու
մեր
շատ
արդար
փառասիրութենէն։
Ահա
թե
ինչու
զիս
կը
գտնես,
շատ
մատաղատի,
լծուած
գործի՝
մեծերու
կողքին,
ընելու
համար
մէկ
ու
նոյն
վաստակը։
Ոչ
ունայնամտութիւն,
ոչ
յետադէմ
ախորժակներ:
Այլ
իրական
փափաքը
արդի
մշակոյթներու
ամէնէն
մեծ
լծակը
ստեղծելու
մեր
կարիքներուն
համար։
Բայց
քիչ
անգամ
երեւոյթները
մանաւանդ
այնքան
բարդ
ինչպէս
են
լեզուականները,
կը
հպատակին
միայն
պարզ
կամեցողութիւններուն:
Ինչպէս
լռեցնել
հզօրագոյն
փաստեր,
թէկուզ
իրաւունքներ,
բանաձեւուած
ու
արժեւորուած
անոնց
կողմէ
որոնք
կը
մնային
խանդավառ
մեր
պապերէն
մեզի
հասած
ու
մեր
օրերուն
իր
կենսունակութեան
ապացոյցները
այնքան
շքեղութեամբ
հրապարակ
դրած
լեզուին
համար:
Իր
ամբողջ
օրէնքներովը,
ներքին
յօրինուածութեան
փարթամ
շնորհներովը
այդքան
աղուոր
ամբողջութիւն
մը
իբրեւ
ԺԹ.
դարու
առաջին
կիսուն,
մեր
գրաբարը
մենք
կը
դժուարանայինք
զոհել,
լեզուի
մը
որուն
ամէն
ինչը
հաստ,
գռեհիկ,
փոխառիկ
կը
ներկայանար
մեզի:
Ահա
թէ
ո՞ւր
էր
մեր
սերունդին
տագնապը,
մեր
երեսին
նետած
մեր
անկայունութիւնը,
«կաղակարկին»
քալելու
մեր
մեղքին
սկզբնական
զսպանակը:
Անիկա
ծնունդ
է
շատ
ուժգին
սէրերու,
յարգանքներու,
պարտքերը,
վախերու,
պատրաստը
զոհելու
խղճահարական
զգացումներուն
եւ
ոչ
թէ
քերականական
սնոտի
փառասիրութեանց:
Դուն
ունիս
վկայութիւններ
իմ
լեզուէն,
աւելի
վերջերը,
որ
եղաւ
ինչ
որ
քանի
մը
տասնեակ
տարիներու
խնամոտ
հոգածութիւնը
յաջողեցաւ
իրագործել։
Ես
չեմ
արհամարհած
մեր
աշխարհաբարը:
1880-ին
անիկա
գրականութեան
մը
արժանաւոր
գործիքը
եւ
մեր
մշակոյթին
մեկ
գեղեցիկ
փառքն
էր:
Յետոյ,
ինչ
որ
ալ
ըլլայ
որակը
իմ
լեզուին,
այդ
թուականէն
ալ
առաջ,
անիկա
չենթարկուիր
այն
մեղադրանքին
որուն
տակ
կը
պահես
մեզմէ
վերջ
լման
սերունդի
մը
ձեզի
ձգածին
կշիռը։
Մտածէ
որ
Ե.
դարուն,
մեր
լեզուն
ունի
ներքին
ինքնութիւններ,
ըլլալով
հանդերձ
մէկ,
այնքան
հեռու
իրարմէ,
որքան
չեն
մեր
օրերէն
երկու
Դուրեաններուն
լեզուները։
Երկու
յիսուն
տարի
վերջը
մարդ
պիտի
չտառապի
սակայն
սա
տարբերութիւններէն,
զանոնք
վերածելով
իրենց
իրական
իմաստին
որ
գրագէտներուն
անձնական
բախումները
կը
պատկերէ,
անոնց
տաղանդին
մութ
շողիւններէն
կը
վկայէ,
քան
թէ
լեզուական
բարեփոխութենէ
մը։
Ե.
դարուն
մէջ
երեք
չորս
լեզու
գտնելու
սոփեստութիւնն
ալ՝
մէ՛կը
այս
պատրանքներէն։
Կարդա,
այս
անգամ
զուտ
լեզուական
հետաքրքրութեամբ,
իմ
փշրանքները:
Պիտի
գտնես
որ
անիկա
կը
զարտուղի,
կ՚անձնանայ,
քու
բառովդ
կը
սեթեւեթէ
զուտ
քնարական
էջերու
վրայ,
այսինքն
արեան
ձայներու
երբ
կ'ըլլայ
արձագանգ:
Հոն
ուր
դատողութիւնը,
դիտողութիւնը,
կարճ
բառով
մը`
իմ
միտքը
կուգայ
առաջին
բլանի
ու
գոյն
կուտայ
իմ
գրածին,
դուն
պիտի
հաստատես
անիկա՝
շիտակ,
պայծառ
պողոտայ
մը`
իմ
իմացականութիւնը
գահաւորող։
Այնպէս
որ
1870-ի
մեր
գրած
լեզուն
ալ
մեղք
մը
չէ,
այլ
գրական
քու
դատումովդ՝
գէշ
ճաշակի
մը
այսինքն
հարազատ
գրականութեան
համար
անատակ
մարդերէ
ճարճրուած
բռնազբօս
եղանակի
մը
պատկերը:
»
«—
Իրաւ
որ
ճարտար
մէկն
ես:
Միշտ
կը
խուսափիս
ինքզինքդ ,
քու
տագնապներդ ,
փառասիրութիւններդ
մէջտեղ
դնելէ,
զիս
խօսեցնելով
իմ,
իմ
սերունդին
ու
անոր
հոգեխառնութեան
վրայ:
Բայց
կեանքը
միայն
մեռելներուն
սեպհականութիւնը
չէ։
Անիկա
ձեզի՝
ողջերուդ
կը
պատկանի։
Դուն
քեզի
իրաւասութիւններ
կը
բանաձեւես
մեր
աշխարհէն:
Ես
կը
շրջեմ
քու
ճարտարութիւնները,
ու
կը
գործածեմ
վերլուծման
քու
եղանակդ
քեզի
դէմ։
Ըսի,
սկիզբները,
թէ
մեռելները
գիտեն,
ողջերուն
չափ
ու
աւելի
անոնցմէ։
Կրնաս՝
ուս
թօթուել
այդ
գիտութեան
առջեւ
բայց
չես
կրնար
մտիկ
չընել:
Չես
ալ
կրնար
քու
ամբարտաւանութիւնդ
պատմուճանող
արհամարհանքովդ
զիս
մղել
լռութեան
երբ
ուզես
շահագործել
մեր
անմասնութիւնը
քու
գրական
հանգանակներէդ,
ինչպէս
կը
պաշտպանես
քու
մռայլութիւնը,
աննշմար
անցնելու
ստոյգ
ճակատագիրդ,
քալելով
գլուխդ
կախ,
չզիջելով
չորսդիր
իսկ
նայելու:
Ատիկա
ինքզինքը
սնափառելն
էր
մեր
շրջանին։
Քու
գիւղացիի
պարզութիւնդ
դժուար
կ՚իյնայ
ա
յդ
դատապարտումին
տակ:
Չես
գրեր
ուրիշները
զարմացնելու,
գրածներուդ
աղմուկովը
հեշտանալու
ոճրային
կանխամտածութեամբ
մը։
Կ՚ընդունիմ։
Բայց
չես
ալ
արդար,
երբ
քեզի
պէս
ինքնագլուխ,
յամառ,
ուրիշներու
մօտ
կ՚ենթադրես
քու
ատած
մտադրութիւններդ։
Ամէնէն
առաջ
քեզի
դէմ
բոլոր
իմ
ընկերներուն
մեղադրանքը
կ՚ըլլամ
բանաձեւած,
երբ
յայտարարեմ՝
որ
քու
գրականութեանդ
հոգեկան
բարեխառնութիւնը
անիրաւ
յուսահատութիւն
մըն
է
քու
ժողովուրդէդ։
Քեզ
չկարդալու
արարքը
չեմ
ընդունիր
այդ
իրողութեան
իբր
ծնող
ազդակ։
Ատիկա
անվայել
պիտի
ըլլար
քու
մտադրութեանցդ
լայնքին
զորս
ահա
կը
դնեմ
իմ
առջեւ,
որպէս
իրաւ,
անհերքելի
պայծառութիւններ:
Մարդն
եղար
հասակէդ,
ուժերէդ,
կարելիութիւններէդ
անդին
ձգտող,
անոնց
համար
աշխատող,
ու
չվարանեցար
սպասարկել
այդ
մտադրութեանց,
անփոյթ
թէ
ինքզինքդ
կրնայիր
կործանել,
բոլորովին
առանձին
գտնելով
ինքզինքդ,
քու
գործիդ
հսկայ
աւերակին
դիմաց։
Հերոսութի՜ւն:
Անշուշտ։
Ո՞րը
չեղաւ
այդ
բանը՝
իմ,
ինծի
յաջորդ
ու
քու
սերունդիդ
իրա
տղոցմէն:
Այս
մասին
աւելի
ուշ։
Հիմնական
իմ
մեղադրանքս
կ՚երթայ
այդ
յուսահատ
հոգեբանութեան։
Գոնէ
դուն
այն
քիչերէն
ես
որ
ըրած
ըլլան
թափանցումը
մեր
պատմութեան,
ո՛չ
իբր
թիւ
ու
անուն,
թուական
ու
առաքում,
այլ
իբր
իրաւ
այն
աշխարհը
ուր
իրարու
ետեւէ
հարիւրաւոր
սերունդներ
աճեցան,
արեան
եւ
կրակի
մէջ,
արտադրեցին
նոյն
պայմաններով,
նուաճեցին
հողը,
դէպքերը,
ու
մնացին
տէր
իրենց
արդար
իրաւունքներուն։
Երբ
ես
աչքերս
բացի
կեանքին,
այդ
պատմութիւնը
կը
թուէր
դիրք
փոխել:
Բայց
պատրա՛նք։
Իմ
ժողովուրդը
իր
կեդրոնէն
հեռացած,
ստեղծելու
վրայ
էր
իր
հոգեղէն
դրութեան
մէկ
նոր
կերպարանքը:
Ու
ինչպէս
միշտ,
այդ
երկունքն
ալ
եղաւ
պաշարուած
Չարիքին
անհամար
ուժերէն:
Բայց
չեղանք
յուսահատ։
Բոլոր
ցաւերուս,
տագնապներուս
ամբոխումներուն,
իմ
լաւատեսութիւնը
ես
երբեք
չբաժնեցի
իմ
ժողովուրդին
ճակատագրէն:
Ասիկա
մեր
նորոգեալ
հոգեբանութեան
խոշոր
մէկ
խառնունքը
կը
թարգմանէ։1850-ին
մեր
տղայութիւնը
խանդավառ
էր
մեր
պատմութեան
փառքերով
ու
կ՚երազէր
ինչ
որ
կ՚երազէին
այդ
պատմութեան
առաջին
տարածիչները։
1880-ին
մեր
չափահասութիւնը
պատմութեան
տեղ
դրած
էր
անմիջական
ներկան,
անով
խանդավառուելու
գեղեցկութիւնը,
որքան
ալ
ճիղճ
ու
նսեմ,
գերագնահատելով
մեռելներուն
փառքէն:
Դուն
որ
կը
ձեռնարկես
քու
ժողովուրդդ
գտնելու
սա
խոշոր
արկածախնդրութեան,
պարտաւոր
ես
նկատի
առնել
այս
հանգամանքը.
Մենք,
մեր
բոլոր
վէրքերուն,
զրկանքներուն
դժոխքին
մէջ
օր
մը
օրանց
չեղանք
յոռետես։
Անշուշտ,
դժուար
էր
կարդալ
մերձաւոր
իսկ
ապագաները:
Բայց
ունէինք
մեր
պատմութեան
անհամար
իրագործումները,
արեան
հեղեղները
որոնք
մէկ
դարու
մէջ
քանի
մը
անգամ
կ՚աւլէին
մեր
հողերուն
երեսէն
կեանքին
բոլոր
ծիլերը։
Բայց
պզտիկ
շունչ
մը
բաւ
էր
որպէսզի
այդ
կեանքը
նորէն
երեւնար,
նոյն
ակօսներէն,
նոյն
պարզ,
անուշ,
սրտագրաւ
իր
փաստովը։
Մեզի
ընելիք
միակ
մեղադրանքդ
այս
վերածնունդի
կարողութեան
վրայ
մեր
չափէն
անդին
վստահութիւնն
էր։
Պարտաւոր
էինք
նախազգալ
աղէտը
որ
կը
նիւթուէր,
մեր
ժողովուրդին
գոյութիւնն
իսկ
սպառսպուռ
ջնջելու
չափ
ընդարձակ,
անողոք
ու
ամբողջական։
Հեղեղին
ետեւէն՝
ամայքը,
որպէսզի
այդ
երաշտին
մէջ
չորնային
աննահանջ
ծիլերը։
Մի
ըլլար
սակայն
միամիտ
կամ
նանրամիտ,
չափելու
աստիճան
յոգնածներուն,
տկարներուն,
ուժասպառներուն
կշիռով
ժողովուրդներու
արիւնը,
այսինքն
ասկէ
կարելի
հրաշքները:
Կ՚անցնին
այս
դարերն
ալ։
Կը
մնայ
ողջ
քու
ժողովուրդդ
իր
հասկցած,
կրցած
կերպովը
յարմարելու
համար
իրեն
հանդերձուած
պայմաններուն
որքան
ուզեն
ըլլան
ասոնք
դժուարակիր։
Երբեմն
անխելք
ալ
ես,
հեգնելու
չափ
մեր
լաւատեսութիւնը,
մեր
գրականութեան
յատակով,
իսկ
մեզի
համար
անվստահելի
դատելով։
Ինչո՞ւ
ստորագնահատել
մեր
հաւատքը
երբ
անիկա
արդիւնաւորեց
մէկէ
աւելի
ձեռնարկներ:
Ինչի՞
կրնայ
պէտք
գալ
քու
յոռետեսութիւնդ
նոյն
իսկ
այն
պարագային
երգ
անիկա
դառնար
անառարկելի,
ձեզ
պաշարող
մեծ
լքումներուն,
հարուածներուն
առջեւ:
Անշուշտ
ինքնացոյց,
աճպարար,
գուժկան
մունետիկ
մը
չես,
ու
քու
ցեղիդ
սրբութիւններուն,
անոր
ամէնէն
իրաւ
առաքինութիւններուն
հայհոյելու
արարքը
չես
գրականացներ,
ինչպէս
կ՚ընեն
սա
քաղաքին
նոր
դատախազները,
յանուն
սրամտութեան
քու
ցեղիդ
թերութիւնները
աճեցնելով
ու
զայն
չսիրելը
օրակարգի
պէս
բերնէ
բերան
հրամցնելով։
Ուրախ
եմ
որ
քու
սկեպտութիւնը
քեզ
չէ
ըրած
անմարդկային,
ուրանալու
աստիճան
քու
ցեղդ։»
«—
Հակառակ
մտքիդ
առատ
տուրքերուն,
չես
գտած
արդար
հունձք
ու
անդաստան։
Ու
հակառակ
այդ
տուրքերը
սպաննելու
համար
անպտուղ,
դուրսէն
ու
քեզմէ
դաշնակցուած
զեղծանումներուն,
դիմացար
ու
աշխատեցար:
Սրտառուչ
էր
պարագադ,
ու
արժանի՝
արգահատանքի,
նոյնիսկ
երբ
աչք
առնելով
կործանիլ,
կիսուած
սրտէդ
դաւաճանուած`
կէս
ճամբան
իյնալ,
ինքզինքդ
չխնայեցիր
քու
խոշոր
փառասիրութիւններէդ
մէկ
երկուքը
իրենց
կատարին
ածելու:
Ամուր
խմորդ
գեղացիի
քեզի
բերաւ
դիմանալու
ուժէն
դուրս,
չշլանալու
ինչպէս՝
դասալիք
չըլլալու
բարիքները։
Ի՜նչ
խաչակրութիւն,
հայհուչ,
հալածանք
չնիւթեցին
մարդիկ,
չմարսելով
քու
գիւղացիութիւնդ
որմէ
չամչնալը
պիտի
չհասկնան
յաճախ,
բայց
պիտի
չհանդուրժեն
անով
փառաւորուելու
անլուր
յիմարութիւնդ։
Բայց
դուրսէն
աւելի
տառապանք՝
ներսէն
ճարեցիր:
Մոռցար
որ
հակառակ
գիւղացի
մը
ըլլալուդ
սնապարծութեան,
միտքդ
կը
գործէր
քու
ժողովուրդիդ
սահմաններէն
անդին
երկարող
փառասիրութեանց
սլաքներուն
ցուցմունքով։
Ու
կեանքդ
ըրիր
թիապարտի
վաստակ
մը,
ուսերուդ
բեռնաւորելով
ծանրութիւններ
որոնք
միտքիդ
թեւերը
կը
կապարեն:
Մեզ
դատապարտեցիր
որ
տարփողը
ըրինք
օտար
գեղեցկութիւններու,
մեծութիւններու
ու
մեր
համեստուկ
պարտէզին
մէջ
բարձրացուցինք
անդրիները
օտար
աստուածութիւններու,
արեւմտեան
զաղփաղփուն
խռովքները,
զգայնութեանց
սարսուռները,
գեղեցկութեանց
պատգամները
եղածին
պէս
փոխադրելով
մեր
տունը:
Ի՞նչ
է
քու
իրածդ,
երբ
կը
խորտակես
քու
ժողովուրդիդ
ճաշակին
հաղորդ,
յարմար
բոլոր
կաղապարները
ու
կը
փորձես
մեզի
խորթ,
առնուազն
դժուար
մատչելի
աստուածութիւններ։
Քու
ժամանակդ
չհանդուրժեց
այս
սրբապղծութիւնը
—
որքան
սուտ
կ՚ըսեն
երբեմն
ձեր
ամէնէն
սուրբ
բառերը
—
ու
պատժեց
քեզ
չարաչար:
Տխուր
էր
ճակտիդ
գիրը։
Շատեր
պիտի
տկարանային,
հանդուրժելու
անկարող
այդ
անհանդուրժելի
տառապանքը,
ու
լքէին
պիտի
իրենց
գրիչը:
Խանդաղատագին
տեսիլ
էր
հետեւիլ
լռութեանդ,
երբ
ատամներդ
խածած,
ամբողջ
մարմինդ
բանտարկած,
հոգիդ
փակած
քու
գործէդ
դուրս
որ
եւ
է
համի,
վայելքի,
հետաքրքրութեան,
յամառեցար
դիմանալ:
Մտքին
ալ
Ֆաքիրները
իրաւ
են։
Գտար
ինքզինքդ
սփոփելու
միջոցներէն
ամէնէն
ապահովը
բայց
ամէնէն
դժուարը,
—
միտքի
սկեպտութիւնը,
որով
դիմաւորեցիր
պարսաւը,
ամբաստանութիւնը,
ուրացումը,
ու
ստեղծեցիր՝
ընդդէմ
աշխարհ
մը
արգելքներու:
Բայց
աւելի
տարօրինակը
ան
էր
որ
այս
բիրտ
ինքնակրթանքը,
ինքնազրկումը
քեզ
պարտադրեցիր
գրողներու
համար
այնքան
կենսական
քաջալերանքին,
համակրանքին,
դրուատիքին
ընդդէմ։
Մարդկայինէն
դուրս
իյնալու
աստիճան
չորցնելով
քու
ներսդ
այդ
կարգի
զգացումներուն
հաւանական
օրկանները,
քալեցիր
բիրտ,
մռայլ,
խենդ
գրեթէ։
Անձիդ
դէմ
ստեղծուած
սա
հալածանքը
անձէ՞դ
թէ
գործէդ
կուգար
առաջ,
տեղը՝
չէ
ճշդելու:
Բայց
իրաւ
էր
հանդէսը:
Ետեւէդ
փսփսացին
ըսուելիքն
ու
չըսուելիքը:
Մարդն
եղար
որուն
հեքիաթը
տժգունելու
տեղ,
ժամանակին
հետ,
ամրացաւ,
ժայռացաւ:
Բայց
ողբերգական
էր
որ
ամէնէն
ծանր
քարերը,
դուն
առիր
քու
իսկ
զաւկըներէդ,
որոնց
միտքին
շղթաները
աշխատեցար
կոտրտել,
մատներդ
բզիկ
բզիկ
ընելու
աստիճան
ու
մոռցար
թէ
սահման
մը
ունէին
մեր
ուժերը։
Անշուշտ
եղար
լքումին
շատ
մօտիկ,
ոչ
թէ
դուրսէն,
այլ
քեզմէ։
Տարիներով
պտտցուցիր
քու
հետդ
բալի
գոյնով
պզտիկ
կլորակ
հատիկներ,
որոնք
վերջակէտները
կը
կազմեն
կարգ.
մը
կեանքերու։
Տարիներով
եղար
ճակատ
ճակատի
մարդոց
ամէնէն
նուիրական
զգացումները
կործանելու
կարող
անարդարութեանց
դէմ։
Ասոնք
իրաւ
են
զարհուրելի
իրականութեամբ
մը։
Բայց
ինչո՞ւ
չգովեցիր,
ինչո՞ւ
չշոյեցիր
ունայն
փառասիրութիւններ:
Լէգէոն
էին
անոնք
որոնք
այդ
հասարակ
եղանակով,
քշեցին
իրենց
էշը,
առանց
դժուարութեան
արժանացան
հացի
ինչպէս
փառքի,
նոյնիսկ
չքացնելով
իրենց
ճամբուն
երեսէն
արգելքները՝
իրենց
ընդոծին
խօթութիւններով
ինկած
այդ
ճամբուն։
Քեզ
հալածողները,
ուրացողները
որքան
քիչով
պիտի
դառնային
քու
մեծ
պաշտպաններդ,
հերիք
է
որ
ուզէիր,
զիջէիր
…
Ու
հակառակ
անոր
որ
պարզ,
համեստ,
նոյնիսկ
անուշ
մարդ
մըն
էիր,
քու
մտերմութեանը
մէջ,
ճիշտ
ու
ճիշտ
գիւղացի
մը,
քու
խօսքիդ
բրտութեամբը,
անկեղծութեամբը,
ուժգնութեամբը,
կիրքերուդ
թափովը,
հիացումներուդ
եւ
ատելութեանցդ
վայրագ
խստութեամբը,
քեզի
ձրի
ճարեցիր
դաժան,
ծանր,
չարագործ
համբաւ
մը։
Մարդիկ
քու
անձդ
նոյնացուցին
ժխտումի
Աստուածներուն
ու
զարմացան
որ
կրնայիր
խանդավառուիլ
մեր
արժէքներով,
ու
իրենց
զարմանքը
զիրենք
ըրաւ
իմաստուն,
այդ
վիճակը
բացատրելու:
Եղար
այն
տարօրինակ
մարդը
որ
դատուեցաւ
իր
հիմնովին
ատած
մեղքերը
գործած
ըլլալու
ամբաստանութեամբ։
Ասիկա
«շրջուած
հասկցուիլն
էր»:
Քու
բառերովդ:
Մի
թօթուեր
ուս,
այս
դառնագոյն
ճշմարտութիւնները
երբ
կ՚ըսուին
քեզի,
նոյնիսկ
մեռելի
մը
բերանով։
Մի
ըսեր
թէ
անտարբեր
ես
այս
ամէնուն
դէմ,
ու
մի
ալ
զարմանար
թէ
ինչու
զուտ
քեզի
յատուկ
սա
հանգամանքները
այնքան
լայն
կերպով
մը
կը
վերլուծուին
իմ
բերնէս:
Կ՚ըլլան
ասոնք
վասնզի
կ՚ընեմ
թափանցումը
մտքիդ
խորագոյն
ծալքերուն։
Դուն
չե՞ս
այն
մարդը
որ,
տակաւին
սա
քարին
վրայ
կը
չարչարուի
հասկնալ
ի՞նչն
է
միջամտողը
որպէսզի,
մեր
գրականութեան
այնքան
քիչ,
քու
բառովդ՝
ճիղճ
ժառանգ
ձգող
մէկու
մը
շուրջը
այսքան
բարձրորակ,
քաղցր
գնահատում,
հիացում
ըլլան
իրարու
աւելցած,
երբ
ողջ
էր
այդ
մէկը,
ու
շարունակեն
մնալ
անթառամ,
անոր
հողը
իջնելէն
շատ
վերջն
ալ,
իմ,
յաջորդ,
քու
սերունդէն
աննախանձաբար,
սրտագին
վճարուած
երբ
քու
հսկայ
շէնքդ
թուքի
ու
մուրի
մնացած
է
նշաւակ։
Դուն
իսկ,
գերագոյն
դառնացուածը,
գերագոյն
ֆաքիրը,
ու
անսրբագրելի,
անմարդկային
ըսուելու
չափ
ձեւերու
եւ
պատշաճութեանց
պատկերամարտիկ
մը,
իմ
գերեզմանիս
տուած
սա
այցովդ,
մանաւանդ
զիս
դուրս
կանչելու,
երկար
երկար
զիս
մտիկ
ընելու
քու
տրամադրութեամբդ
ատ
իրողութեան
արդար
փաստ
մը
կ՚աւելցնես։
Անխելք
մէկը
չես
որպէսզի
աշխարհի
բիւրական
արժէքները,
ճաշակները
բռնի
զետեղես
մէկ
ու
նոյն
յարգաչափին
մէջ։
Ոմանք
պիտի
սիրեն
տան
պարտէզներուն
խելօքիկ
ծաղիկները,
ուրիշներ՝
ամայքներու
սպրիկ
ծաղիկները,
քիչեր՝
լեռներու
ճեղքին
չարքաշ
ծաղիկները։
Ամէն
մարդու՝
ապրի՛լը՝
միտքի
հեշտանքներէ,
շնորհուած
է
սա
զանազանութեամբ։
Քիչ
ետքը
պիտի
հասկնաս։
Սակայն
ատկէ
առ
աջ,
դուն
ալ
մօտեցար
քեզի
քիչ
խօսող
օրակարգերում:
Ըսի
թէ
մեր
կրցածէն
աւելին
ուզեցինք
ընել
մեր
ժողովուրդին։
Քեզի
ալ
չեմ
մերժած
այս
լրջութիւնը,
այս
փառասիրութիւնը։
Բայց,
պարտաւոր
ես
ինքդ
խոստովանիլ
մեր
ու
քու
արդիւնքներուն
մէջ
տիրական
տարբերութիւնը։
Մեր
ամէնէն
փոքր
գործը
փուռէն
նոր
ելած
հացի
նման
անօթիներու
սնունդը
կ՚ըլլար:
Քու
գործերդ
անհասկնալի
երեւոյթներ
են,
քանի
մը
փափկաճաշակներուն
համար
շատ
թանկագին,
բայց
մարդոց
միջինին
համար
առանց
հրապոյրի,
համի:
Յետոյ
մարդոց
անձն
ալ
ունի
տեղ
մը,
դեր
մը
իրենց
գործին
ճակատագրին
վրայ։
Մենք
մինակ
մեր
գործովը
չենք
այս
ժողովուրդին
հետ
ու
մէջը,
այլ,
աւելի
շատ
աստիճանով
մը
մեր
անձնաւորութեանց
ամբողջ
տարիքովը։
Գիտեմ
որ
քու
սերունդդ
ալ
չվարանեցաւ
իր
ամբողջութիւնը
տրամադրել
իր
ժողովուրդին:
Գիտեմ
որ
սուգը
դեռ
կ՚այրի
քու
մէջդ
ընկերներուդ
անթաղ
ոսկորներէն,
ու
կ՚ապրիս,
գրեթէ
ամէն
րոպէ,
այդ
տաղանդաւոր
տղոց,
անոնց
մայրերուն
ու
հայրերուն,
զաւկըներուն
ու
քոյրերուն
վզին
դրուած
պողպատին
կրակը,
քու
հոգետունիդ
մէջը։
Բայց
անոնց
վրայ
կսկծագին
սա
մտածումներու
շարանը
չէ
որ
կը
լուծէ
առեղծուածը։
Մի
վախնար։
Հայրենասիրութիւն
պիտի
չծախեմ
քեզի,
պիտի
չնորոգեմ
մեր
ճառերը,
մեր
գրական
հռետորութիւնը,
մեր
խանդավառութեան
արդար
հանդիսանքը։
Այդ
ամէնը
մեզի
պատանք
ենք
ըրած։
Այդ
ամէնը
ձեր
օրերուն,
մանաւանդ
քեզմէ
աւելի
նորերուն
մօտ
պղինձ
դրամի
են
վերածուած։
«Այսպէս
է
կանոնը
բնական»,
կ՚ըսէ
երգ
մը։
Չեմ
տառապիր:
Բայց
ահա
աւելին:
Նոյնիսկ
քու
կայսրութեանդ
սահմաններուն
մէջ,
քու
ամայքիդ
ներսը
կ՚իշխէ
օրէնքներուն
ամէնէն
պարզը,
—
օրէնքը
ամէնուն
հետ,
քով,
եթէ
ոչ
համար
ըլլալու:
Ասիկա
ոչ
գռեհկութիւն
է
ոչ
ալ
քաղաքականութիւն,
ընկերաբանութիւն։
Ասիկա
իր
միջակութիւնը
մարսելու,
իր
տառապանքը
թմրեցնելու,
իր
վրայ
ղրկուած
զրկանքները
քիչ
տագնապով
դիմաւորելու
երջանիկ
իմաստութեան
եւ
բանալին։
Բախտիդ՝
եթէ
երբեք
այդ
օրենքը
յարգելու,
անոր
յարմարուելու
արարքներուն
մէջ
դրիր
քիչիկ
մը
անձնականութիւն,
հով,
չըսելու
համար
բարձրութիւն,
բայց
առանց
ատով
իսկ
նանրամտելու
յիմարութիւն
մը
զգալի
ընելու
քեզ
շրջապտողներուն։
Մարդիկ
միշտ
պիտի
տառապին
ուրիշներուն
հասակէն
երբ
իրենցը
չի
հասնիր։
Մարդիկ
պիտի
խմբեն
իրենց
փոքր
ատելութիւնները`
երբ
հասարակաց
մեծութիւն
մը
կտրատելու,
կործանելու
վրայ
է
հարցը։
Դուն
չես
հաւատար
մեծութեան
առասպելին
բայց
քանի
քանի
տեղ
կաշիիդ
վրայ
զգացիր
փոքրութիւններուն
կսկիծը,
քեզ
դէմ
դաշնակցող
ճճիներուն
հսկայական
ուժերը,
երբ
կը
զարմանայիր
այդ
զեռուններու
գրոհին
դէմ,
ու
կը
հարցնէիր
թէ
ինչ
կ՚ուզէին
քեզմէ
այդ
բոլորը:
Տուի՞
արդեօք
հասկացողութեան
փաստ
մը
քու
իսկ
վրիպանքդ
լուսաւորելու
ծառայող։
Եթէ
ոչ,
ահա
ուրիշներ։
Ես
խօսեցայ,
գրեցի,
գործեցի,
ամէն
օրուան
լոյսերուն
մէջ,
ամէնուն
աչքին
առջեւ,
ամէնուն
ձայնին
լռին
քաջալերը
ինծի
ուղեգիծ
առնելով։
Մարդիկ
ինծի
պիտի
զիջէին
իմ
քիչ
մը
տարբեր
եղանակները,
ինծի
պիտի
ներքին
իմ
ճկունութիւնը։
Բայց
ես
ալ
եղայ
նշաւակ
ճպուռներու,
լրագրողներու,
չեմ
ըսեր՝
նախանձորդներու,
այլ
թերեւս
ինձմէ
աւելի
եռանդաւորներու
դատափետումներուն:
Ցաւցուցի՝
խօսքի
աքլորները
բեմերէն
ու
բառի
մունետիկները
թերթերէն։
Բայց
այս
պահերը
բացառութիւնն
են
իմ
ասպարէզին։
Դո՞ւն։
Ըսին
թէ
շրջապատդ
արհամարհել
կարենալու
կիրքիդ
մէջ,
անցած
ես
սահմանները
ու
կը
շահադիտես
ապառնիին
վրայ:
Ատիկա
գիւղացի
գրողի
մը
հասցէին
անիմաստ
զրպարտում
մըն
է
երբ
այդ
գրողը
ապառնիի
բոլոր
ձեւերն
ալ
մաքրած,
սրբած
է
իր
մտահոգութիւններէն:
Ըսին
թէ
կը
մեծամտիս,
աւելի
ծանր
արհամարհելու
համար
ուրիշները,
գործակից,
ընկեր,
պաշտօնակից:
Բայց
ես
գիտեմ
որ
պարզ
մարդոց
չէ
տրուած
այդ
ճկուն,
իմաստուն
տաղանդը,
հերքելով
հաստատելու
եւ
թշնամութիւններ
թելադրելու
կերպարանքին
տակ
բարեկամութիւններ,
ջահեր
հետապնդելու:
Ըսին
թէ
կը`
նախանձիս,
գձուձ,
յաչաղկոտ
ու
անգութ
հաշիւներու
անձնատուր,
երբ
ընդունուած
փառքերուն
վրայէն
կ՚անցընես
քու
խոզանակիդ
թաց
շրթունքները,
սրբելու
համար
անոնց
անհարազատ
ներկերը,
զանոնք
ձգելու
համար
իրենց
մերկութեան
մէջ։
Ըսին
թէ
կը
յարձակիս՝
ամէնուն
վրայ,
արժանաւոր
ու
չարժանաւոր,
տարեց
թէ
նորածիլ,
իրաւ
թէ
կեղծ
անուններուն
վրայ,
երբ
անոնց
մօտ
չես
հաստատեր
քու
ճաշակիդ
գոհացում
ճարող
տարրեր:
Ըսին
թէ
կը
հարթես
տրտում,
միջակ
կլորութիւններ
ու
փոշիի
կը
վերածես
ժամանակին
մէջ
իրենց
կաթողիկէները
ամբարտակող
համբաւներ:
Ըսին,
ըսին,
ըսին…։
Բայց
ես
գիտեմ՝
որ
մեծագոյն
հիացումներուն
դիւցազներգակ
մունետիկն
ես
նոյն
ատեն.
իրաւ
փառքեր
փառաւորելու
մէջ
հզօր
կիրքեր
պարզելէ
չքաշուող
ու
դատաստաններդ
կտրուկ,
արագ,
սուր
ու
անողոք
պատգամած
ատենդ,
քու
գորովանքիդ,
հիացումիդ
ամբողջ
խռովքն
ալ
կը
հանես
նոյն
քնարականութեան։
Անհաւասար,
անիրաւ,
չարաշուք
ու
պարզ:
Հակասութեանց
հանդէս
մը
այս
որակումները
պիտի
արժեւորէր
քեզի
համար
ալ,
առանց
տառապելու։
Այս
վերլուծումները
եթէ
չեն
բաւ,
քեզ՝
քեզի
ճանչցնելու,
կը
խորհիմ
թէ
բան
պիտի
գան
քեզի
հասկնալի
ընելու
իմ
վարկը,
համբաւը։
Ես
չկործանեցի,
ոչ
անշուշտ
ատոր
արժանի
բաներու
պակասէ
մը
արգիլուած։
Յիմարութիւնները
կը
վերջանան
վերջին
մարդուն
հետ,
սա
մեր
աշխարհէն:
Ես
չպզտիկցուցի,
ոչ
որովհետեւ
քիչ
էին
սուտ
մեծութիւնները:
Մարդիկ
միշտ
պիտի
նմանին
մրջիւնին
որուն
ամէնէն
իրաւ
հպարտութիւնը
մինարէէն
վար
նայած
ատեն,
պտտողները
այդքան
պզտիկ
գտնալը
կազմեց,
ինչպէս
կ՚ըսէ
առակը:
Ես
չհարթեցի
քու
կիրքովդ
ու
թատերականութեամբդ
մեր
օրերուն
բոլոր
կլորութիւնները
հռչակէ,
փառքէ:
Ատոնք
միշտ
պիտի
ըլլան:
Այս
ժխտականները
մի
վերածեր
քաղքենի
առաքինութիւններուն.
մեղքէ
ազատ
մնալը
հոմանիշ
չէ
արդար
ըլլալուն:
Ես
հասայ
բոլոր
անոնց
որոնք
գրիչ
մը
բռնել
գիտէին։
Մի
վրդովուիր,
ու
քու
ըրածդ
ալ
մի
խոշորցներ։
Ծանօթ
են
մեզի
քու
կիսադարեան
ջանքերդ՝
մեր
գրականութեան
վաստակաւորներ
նուիրելու:
Բայց
աւելի
քան
ծանօթ
են
անոնց
մանաւանդ
զայրագին
ուրացումները
քու
գործիդ
հասցէին:
Ատիկա
անշուշտ
քեզ
չի
վրդովեր,
բայց
մեզ
կը
թելադրէ
տրտմութիւններ,
կասկածներ։
Պատասխանեցիր
քեզի
ղրկուած
ամէն
խնդրանքի,
մեծ,
աններելի
մեղքով,
սակայն
շիտակը,
համոզումիդ
փաստը
միայն
գրելու
եւ
ոչ
թէ
ղրկողին
փափաքածը
հրամցնելու:
Ու
ասիկա
մարդիկ
չեն
մոռնար։
Տուիր
անուններ
մեր
գրականութեան,
բայց
ատոնցմէ
տասնապատիկ
աւելի՝
սոփեստներ,
որոնք
քեզ
անարգելու,
կործանելու
հերոսութեան
ու
կիրքին
մէջ
տարօրէն
քեզ
կը
յիշեցնէին։
Քու
ձեռնասուններէն
քու
գտած
սա
պատուհասումը
կազմեց
թերեւս
իրաւ
ցաւերէդ
մէկ
կարեւոր
մասը։
Ես
գովեցի,
առանց
կեղծիքի,
առանց
ցուցամոլութեան։
Ու
մարդոց
մեռելին
փոշին
իսկ
չի
մոռնար
գովեստի
փոքրագոյն
իսկ
կաթիլը։
Ամէնէն
խոնարհ
սկսնակէն
մինչեւ
ամէնէն
պերճ
տաղանդը
ինծի
եղան
ոչ
թէ
երախտապարտ
—
չես
հաւատար
այդ
զգացումին
ու
լաւ
կ՚ընես
—
այլ
պարտական:
Ահա
թէ
ինչու
չունենաս
առնելիք
քու
հաշւոյդ
ձրի
գովեստէն,
եւ
ըլլաս
խղդուած
պարսաւին
տակը
տալիքներուդ։
Ամէն
մարդ
քար
կը
նետէ
պտղատու
ծառին,
կ՚ըսէ
ազգային
առածը:
Քու
գլխակորոյս
աշխատանքդ,
շքեղ
ձգտումներդ,
մեր
գրականութեան
մէջ
նոր
ոսկեհանքերու
ետեւէն
արշաւդ,
քու
ժամանակդ
շշուկի
մը
պէս
ընդունեց:
Մեծ
կառոյցներդ
դիմաւորուեցան
ամէնէն
անըմբռնելի
անգթութիւններով։
Մեղքցան
ոչ
թէ
ատոնց
վրայ
արիւնն
ու
կեանքը
վատնող
թիապարտին,
այլ
այդ
կառոյցները
կերպարանող…
թուղթերու
մթերքին:
Անշուշտ։
Ատեն
մը
մեր
գրողներուն
ձեռագիրները
գոնէ
նպարավաճառին
կը
ծախէին
մարդիկ:
Քու
տպագիրներուդ
համար
քեզի
բարեկամ
թերթ
մը
անգամ
հասցէ
տուաւ
անանուանելի
տեղ
մը,
գործածուելու
համար
նոյնքան
անանուանելի
արարքներու:
Օ՜,
ինչ
վսեմ
եղար
քու
վիշտիդ
մէջ,
բայց
չփոխեցիր
ճակատագիրդ։
Ըսել
կ՚ուզեմ
չիմաստնացար։
Ու
հակառակ
անոր
որ
այնքան
դիւրին
էր
ուրիշներուն
պէս
ըլլալ,
գրել
գոնէ
իրենց
ուզածը,
սիրածը,
շարունակեցիր
ճամբադ,
ականջներուդ
կապար
կաթեցուցած,
ու
աչքերուդ՝
կախ՝
փայտէ
լուսարգելը,
զոր
գեղացին
կ՚անցընէ
ջրհորին
անիւը
դարձնող
գրաստին։
Ու
գրաստի
պէս
ելար
քու
Գողգոթադ։
Բոլոր
այս
տրտմութիւնները,
ըսի
վերը,
քու
դժոխքդ
եթէ
չեն
լուսաւորեր,
կը
ծառայե՞ն
գոնէ
իմ
փառքը
բացատրելու:
Կը
կրկնեմ։
Ես
հասայ
բոլոր
կարիքներուն,
հազարումէկ
ճամբաներէ
մեզի
ներկայացող։
Նոր
կեանք
մը
միայն
գինին
աւերակը
մաքրելու
համար
պէտք՝
ունէր
ահաւոր
սպառման։
Ես
հասայ՝
ուրիշներու,
մեր
թշնամիներուն,
երբ
ասոնց
խելքը
կը
վարանէր
նոր
պողոտաներու
խաչաձեւման
դիմաց։
Մի
շահարկեր
իմ
ալ
վարձատրուելուս
ողբերգական
եղանակին
վրայ:
Ըսի
թէ
չեմ
ցաւիր
տարագիր
ոսկորներուս
բախտէն:
Քիչով
գոհանալը
ազգային
առաքինութիւն
է:
Կը
համակրիմ
քեզի,
երբ,
այդ
քիչին
տեղը
դուն
գտար
բացարձակ
հալածանքը
բայց
առանց
յուսահատելու
(գրելու
արարքին
մէջ
միայն)
շարունակեցիր
քու
գերութիւնդ
ոսկեզօծել,
ու
գրեցիր։
Քանի
քանի
անգամ
փորձութեան
սուրը
ծանրացաւ
վիզիդ։
Քանի
քանի
անգամ
գրիչը
կոտրեցիր,
բայց
դարձար
նորէն
քու
սեղանիդ,
խեղճ
ու
կրակ
կտոր
մը
տախտակ,
որ
քու
կեանքիդ
կէսէն
աւելիին
կրկէսը,
հանդիսարանը,
խորանը,
կառափնատը
կազմեց:
Իմ
բոլոր
ցաւակցութիւնը,
համակրանքը,
հիացումը։
Ո՛
չ
աբբա
մըն
էիր,
ոչ
ալ
լրագրող
մը։
Վստահ
էիր
որ
պիտի
չունենայիր
ընթերցող։
Բայց
չեղար
դասալիք։
Կը
կրկնեմ
իմ
հիացումս
ոչ
թէ
ողորմելի
տաղանդիդ,
այլ
սրտառուչ,
գիւղացի
կորովիդ։
Մօտ
է
որ
դուն
ալ
խառնուիս
մեր
ստուերներուն։
Քեզի
հանդէպ
բանաձեւուած
բոլոր
դատապարտութեան
վճիռները
տուր
կրակին:
Մենք
անշուշտ
աւելի
արդար
չենք
քան
դուք։
Բայց
կը
զգանք
թէ
ինչ
յիմար
կիրքերու
կը
զոհենք,
կեանքի
մէջ,
մեր
ամէնէն
նուիրական
զգացումները։
Քու
գործիդ
դէմ,
անձիդ
դէմ,
հոգիիդ
դէմ,
ողբերգական
ճակատագրիդ
դէմ
բռնուած
սա
մոգական
հայելի՞ն։
Մի
մոռնար
այս
պահը։
Ձգէ
յամառութիւնդ։
Գոնէ
մտածէ
ինք
զինքդ
տալու
քեզի
յատուկ
գործի
մը
մէջ։
Եթէ
երբեք
յաջողեցար,
մեր
գրականութիւնը
միայն
գիրք
մը
պիտի
չունենար,
այլ
մարդկային
ամէնէն
սրտակեղէք
տռաման։»
«—
Ատեն
է
որ
խօսիմ
ինձմէ,
այսինքն
մեռելներուն
ալ
կեանքէն
որ
քիչ
կը
տարբերի
ողջերուն
ծամածէն։
Աւելորդ
է
անոնց
տառապանքը
վերլուծել:
Բաւ
է
հոս
իբր
մուտք
արձանագրել
որ
անոնց
հողուոր
կեանքին
մեծ
կերպարանքները,
խռովքները
չեն
շիջիր
դիւրաւ։
Յետոյ,
յաւիտենին
համար
մաշումը
բացատրութիւն
մըն
է
իմաստէ
զուրկ:
Իմ
կայանիս
մէջ
(մի
խրտչիր
այս
բառէն
ու
հանգիտօրէն
մի
մտածեք
որ
պիտի
պատմեմ
քեզի
ռոմանթիկ
սէրերէ,
գրական
սնոտիքէ,
ինչպէս
կը
դատես
իմ
քերթողին՝
Մկրտիչին
հոգեդարձերը,
սա
ձեր
աշխարհը)
երբեմն
կը
զգամ
որ
պղտոր
մոխիրէն
կը
զատուին,
կ՚անձնանան,
կ՚աղուորնան
բաներ
որոնք
ընտանի
են
ինծի,
իմն
են
եղած։
Քու
սիրական
սովորութիւններէդ
է
նստիլ
գերեզմաններու
վրայ
ու
հոն
պառկողը
հանել
հողերուն
գերութենէն,
անոր
հագցնել
միւս
ջերմ
ու
անուշ
հողը
որուն
անուններէն
մէկը՝
մեր
կեա՛նքը,
իր
մեծ
հանգրուաններով՝
մանուկ,
պատանի
եւ
այլն:
Ես
ալ
կը
փորձուիմ
այդ
խաղէն։
Կարիք
չի
կայ
անպատճառ
բարձրանալ
հողին
ընդերքէն։
Կը
փչէ՝
շունչը
ու
իմ
մարմինին
աւազները
կը
փակին
իրարու,
զիս
ընելու
համար
պարման
կամ
երիտասարդ։
Կը
զարնեն
կայծերը:
Ու
ցուրտ
աւազակոյտը
կը
վերածուի
շքեղ
մարմինին,
իմ
երիտասարդութեան։
Մեռելին
երիտասարդութի՞ւնը:
Բայց
անիկա
ուրիշ
բան
չէ
եթէ
ոչ
ողջին
երիտասարդութիւնը։
Հետաքրքիր
ես
մարդկայինէն,
նոյնիսկ
երբ
անիկա
կը
տրուի
քեզի
մեռելներու,
ուրուականներու
բերանով։
Քու
գործիդ
մէջ
ապացուցած
ես
թէ
որքան
իրաւ
ու
արդար
է
հասկացողութիւնդ
անոնց
լեզուէն։
Ու
հաճոյքով,
հեշտանքով
կը
հետեւիս
անոնցմէ
քեզի
եկած
ամէն
թելադրանքի։
«Որքան
դժբախտ
է
գրող
ըլլալը».
դուն
ես
ասիկա
գրողը
ու
գիտեմ
թէ
ինչ
անհուն
ապրումներու,
եւ
ասոնց
պարտադրուած
ինչ
անհուն
զեղչերու
կ՚ակնարկես,
երբ
տողերու,
էջերու,
հատորներու,
այնքան
ճիղճ,
փակ
գերեզմաններուն
պարտաւոր
ես
վստահել
ամբաւութիւնը
քու
յոյզերուդ,
թէկուզ
փոքրիկ
կենսաշերտէ
մը
քու
մէջդ
մթերուած։
Ուրիշ
դժբախտութիւն
որ
մեռելները
չեն
կրնար
մոռնալ,
բան
մը
որ
միակ
մխիթարութիւնն
է
ողջերուն,
թերեւս
զանոնք
դիմանալու
ընդունակ
ընող
գերագոյն
կարգադրումը:
Ոչ
ինչ
որ
կորսուի
ոչ
միայն
ձեր
աշխարհին
այլեւ
մեր
աշխարհին
մէջ։
Մի
մտածեր
թէ
ձրի,
անպտուղ
ինքնասիրութիւն
մըն
է
իմ
կողմէ
վերադարձը
սա
երիտասարդութեան։
Նոր
վէպ
մը
գրել
պիտի
նշանակէր
վերարտադրել
այդ
ոսկի
գարունքը։
Իմ
պատմելիքս,
սակայն,
շատ
քիչ
բան
է
հոս:
Մի
կարծեր
թէ
պիտի
կրկնեմ
քեզի
քու
ալ
երիտասարդութիւնդ։
Քեզի
համար
դեռ
չէ
ջնջուած
պատեհութիւնը
քու
այդ
շրջանը
սեւեռելու
(ըսի՞
թէ
պարտաւոր
ես
գրել
քու
վէպը)։
Ես
կը
գոհանամ
քանի
մը
շատ
ընդհանուր
գիծերուն
փաստովը։
Մենք,
քսանին
եւ
երեսունին
մէջտեղը
չէինք
ան
զոր
դուն
եղար,
ո՛չ
ալ
ան
որ
հիմա,
Սփիւռքին
նսեմաuտանը
կը
պարզէ,
միշտ
այդ
քսանին
եւ
երեսունին
մէջտեղէն։
Գիտես
որ
յուսահատներ
չէինք
քեզի
պէս,
անպատմելի
մղձաւանջէ
մը
խուճապահար,
ապրելու
տեղ
խենդեցող:
Ոչ
ալ
ան
անորակելի
ունայնութիւնը
որ
ունիս
փռուած
քու
աչքերուդ,
միշտ
այդ
Սփիւռքէն,
երբ
այդ
տղաքը
տառապիլը,
խենդենալը
իսկ
չեն
զգար,
այնքան
պարպուած
են
իրենց
զգացական
գործարանները
մեր
ու
ձեր
ապրումները
անդրադարձելու
փաստերէն։
Իրաւ
է
որ
մենք
ալ
երջանիկ
չէինք,
ինչպէս
ատոր
որոշ
զգայութիւնը
կ՚առնէինք
օտար
ժողովուրդներու
մօտ
մեր
գտած
պատկերներէն։
Կը
մեծնայինք,
-
միշտ
մեր
գլխուն
վրայ
լախտին
ուրուականը
թանձր
թանձր
զգալով:
Բայց
մենք
զօրաւոր
ու
տաք`
կիրքերու
հանդիսարան
մըն
էինք,
գիրքերուն
բարբառով՝
ատրուշան
մը։
Աւելին։
Յաճախ
այդ
տաքութիւնը
մեզ
կը
վերածէր
շարժուն,
թեթեւ
ալ
հրաբուխներու,
որոնց
արգիլուած
ըլլար
թափել
սակայն
իրենց
ներքին
տուրքը։
Ի՜նչ
կ՚այրէինք
մեր
հաշւոյն,
մեր
ժողովուրդին
ու
մեր
ճակատագրին
(հանդերձուելիք)
հաշւոյն:
Անցաւ
այդ
ոսկեդարը,
ես
ալ
չգիտցայ
թէ
ինչպէս։
Քերթուած
մը,
զայն
գրելը,
տպելը,
արտասանելու
մեր
այդ
օրերուն
համար
հսկայ
խռովք
մըն
էր։
Դարերով
այդ
ամէնուն
կարօտը
կարօտցած,
մենք
շատ
ալ
պահանջկոտ
չեղանք,
քեզ
գոհացնելու
աստիճան:
Բայց
դեռ
թրթռագին
յուզումներ
կ՚այցելեն
ինծի,
երբ
մտքիս
առջին
բերեմ
ու
կեցնեմ
մռայլ
սրահները,
արձակ
դաշտավայրերը,
խեղճ
ու
պատառ
բեմերը
ուրկէ
կը
թռէին
բառերը
այդ
քերթուածներուն։
Ներկայացում
մը
ձեր
համակուան
խաչագողութիւնը
չէր,
կազմակերպուած
դերասաններէ,
միութիւններէ,
հայրենակցականներէ
կամ
սանկ
ու
նանկ
շիլ
հատուածներէ,
աս
ու
ան
աւազակին
գրպանը
լեցնելու,
աս
ու
ան
սնանկ
ակումբին
պիւտճէ
ճարելու
անփառունակ
նպատակներով։
Ամբողջ
ընտրելագոյն
դասը
մեր
ժողովուրդին
այդ
ներկայացումները
կ՚ապրէր
իբր
պատմութիւն
ու
իբր
երազ:
Իմ
երիտասարդութիւնը
դեր
չէ
խաղացած
այդ
բեմերուն
վրայ,
բայց
ունեցած
է
իմ
լրիւ
քաջալերը,
սրտագին
նուիրումը։
Ինձմով՝
աւելի
վեր
կեցողներ,
աւելի
ետ
կամ
հեռու
մնացածներ
այդ
հոգեխառնութենէն,
եկած
են
իրենց
ցեղային
զգայութեանց
գումարին:
Կը
խօսիմ
հոս
ճառերէն
որոնք
քու
հեգնութեանդ
նշաւակ
ըլլալէն
առաջ,
տաք
խօսքի
պահեր
էին,
այդ
ամէնէն
մշտազուրկ
մարդոց
վայելումին
համար։
Ի՜նչ
փոյթ
ըսելիքները,
այդ
խօսողները
ըլլային
խակ,
անաւարտ,
նոյնիսկ
հակասական։
Անոնք
ձայնն
էին
երիտասարդութ
եան,
աչքերը
չորս
բացած
դէպի
ամէն
յուզում
ու
ապրում։
Այսպէս
քալեցին
իմ
տարիները։
Օրէնքներու
խմբագրում,
պաշտօնական
թուղթերու
յարդարանք,
տառապանքի
մը,
թեթեւացումը,
առատ
առատ,
անսպառ
ըսուելու
չափ`
երազանք
ժամանակին
վրայ
որ
բացուելու
էր
ահա։
Հազիւ
քանի
մը
զուտ
անձնական,
մտերիմ
յոյզեր,
անոնք
ալ
շատ
արագ,
շատ
ծփուն:
Կը
զարմանաս
որ
սպասածէդ
շատ
քիչ
բան
կը
գտնես
այս
խոստովանանքին
մէջ։
Ու
կը
հարցնես,
գրեթէ
կասկածանքով,
այն
խռովքներէն
որոնք
տարիքին
գինն
ու
իրաւունքը
կազմեցին:
Ո՜չ,
տղա՛ս,
ոչ։
Մեր
սերունդը,
եթէ
հիւանդ
չէր,
չունէր
սիրելու
իսկ
ժամանակ,
այդ
օրերուն
բաւական
բարդ
հանդէս
մը
ասիկա,
օրերուն
ու
տարիներուն
տէր
ու
տիրական
դառնալու
հանգամանքով
մը։
…
Ու
մշուշը
որ
կերաւ
ատոնք
ամէնքը,
գազանի
մը
պէս
կլափարձակ:
Շատ,
շատ
վերջը,
երբ
մահուան
անկողինի
եզրին
այդ
կախարդութիւնը
իմ
երիտասարդութեան
վերջին
անգամ
փռուեցաւ
իմ
մարելու
մօտ
աչքերուն,
քոյրս
սրբեց
խոշոր
կաթիլ
մը
ջուր,
այդ
ամէնուն
հոգի՜ն.
բիւրեղացումը
որ
կը
թափուէր
այդ
հրաշքին,
կրակներուն
վրայ:
Ի՜նչ
անիրաւ
ես
երբ
մեր
բանաստեղծութեան
այդ
օրերը,
Պէշիկթաշլեանի
եւ
Դուրեանի
մօտ
կը
ձգես
կասկածի։
Ըլլար
դառնալ,
նորէն
պիտի
հեշտագին
սուզուէի
այդ
պուրակներուն,
լոյսերուն,
շուքերուն,
բուրումներուն
ու
ալիքներուն
խորը։
Անոնք
մեր
բառարանին
բառերը
չեն
մի
այն,
այլ
մեր
ոսկի
երիտասարդութեան
ամէնէն
անուշ
արցունքները։
Յետոյ,
մի
մոռնար
որ
դուն
ալ
անցար
այդ
արցունքէն,
միս
մինակ,
հովտի
մը
խորը,
ծառիկի
մը
անաւարտ
շուքին,
փնտռելով
մէկը
որ
սրբէր
արցունքներդ:
Մարդկային
է
լալը։
Ու
մարդկայինէն
վեր
է
երիտասարդութիւնը։
»
«—
Ըսի
թէ
կ՚այցուէի
կայծերէ։
Խօսեցայ
շատ
շտապ
ատոնցմէ
մէկուն
մասին։
Կ՚անցնիմ՝
ուրիշի
մը։
Տուր
ասոր
ալ
խորհրդաւոր
որակում
մը,
սեր,
օրինակի
համար,
որ
կեանքին
չափ
իրաւ
բառ
մըն
է:
Հատորներ
անհատական
կուգան
այդ
զգացումին
միայն
մէկ
օրը
վերլուծելու։
Գիտես
որ
որքան
բազմազանակ
են
անոր
կերպարանքները։
Որքան
ալ
մաշեցուցած
են
զայն
դարէ
դար
անոր
վրայ
շահագործողները։
Ես
անկէ
վարշամակուած
քալեցի
իմ
ճամբէս։
Հպարտ
չէի։
Անզգած
չէի:
Նանրամիտ
չէի
ոչ
ալ
փաղփուն,
նուաղուն
ու
հատկտուն
ձեւերու
հեշտախոյզ
որսորդ
մը։
Սէրը
այն
քիչ
բաներէն
է,
զոր
մարդիկ
կը
յամառին
հասկանալ
իրենց
ներհակներովը:
Սխա՜լ:
Անիկա
առանձին
պաշտօնագործում
մըն
է
մեր
մարմինին
ու
մեր
մտքին
քանի
մը
թաքուն,
գրեթէ
անտեսանելի
գեղձերէն,
օրկաններէն:
Խօսեցայ
անոր
այն
երանգէն
որ
ձեր
աշխարհին
վրայ
կը
մնայ
ամէնէն
կեդրոնական
կերպարանքը
այդ
զգացումին:
Չեմ
դառնար
ետ։
Ուզեցի,
ցաւով,
կիրքով,
խռովքով
նոյնիսկ,
որ
իմ
ժողովուրդին
բոլոր
զաւակները
իրարու
համար
ունենային
այն
զոր
ես
ունէի
անոնցմէ
իւրաքանչիւրին
համար:
Հայրենիքին
միսթիք
սէրը,
զոր
աւելի
վերջ
իմ
հող
հագնելէս,
այդ
ժողովուրդին
զակըները
պիտի
բերէին
երեւան,
այնքան
ահաւոր
գեղեցկութեամբ,
իմ
երիտասարդութեան՝
միգամածային,
հազիւ
զգալի
հոգեխառնութիւն
մըն
էր,
մեր
խօսքերուն,
թատերական
հանդէսներուն,
ազգային
տօնախմբութեանց
հոծ
ապրումներովը
հազիւ
հազ
շղարշային
թանձրութիւն
մը
գտնող։
Դարձեալ,
մեր
հասարակութեան
դարաւոր
անընկալչութիւնը
իրարու
հոգիներէ՝
ուզեցի
որ
հալէր
այդ
սրբազան
հեղանուտին
ազդեցութեամբը:
Մարդոց
բառերը
ըլլային
կակուղ,
քաղցր,
վէրք
տալու
անընդունակ։
Մարդոց
նայուածքները
իրարու
երթային
ու
գային
առանց
սլաքումի
ու
առանց
կրակի՝
ամօթէ
ու
արհամարհանքէ:
Մարդոց
ձեռքերը
իրարու
երկարէին,
կարիքին
առջեւ
ու
ասոր
գոհացումէն
վերջ
իրարմէ
բաժնուելու
համար
ալ
յամենալ,
մնալ
սորվէին։
Մարդոց
փափաքները
մնային
պարզ,
մեղմ,
ուրիշներունը
կործանելու
կամ
անոնցմով
զեղծ
անելու
անկարող։
Ապրէին
իմ
եղբայրները
քով
քովի,
առանց
իրար
բզկտելու
ոչ
մարգարէին
երազածին
նման՝
գայլ
ու
գառնուկ,
այլ
մեծն
ու
պզտիկը,
հարուստն
ու
աղքատը,
իմաստունն
ու
անուս
գեղջուկը,
զգացման
մը,
մտայնութեան
մը,
երանութեան
մը
մէջ
որոնք
դուրս
չեն
կեանքին
սահմաններէն:
Կը
բաւէր
այդ
հրաշքին
իրագործման
համար,
որոշ
զիջումներ,
քիչ
մը
զրահանք,
պաշտպանութիւն՝
քանի
մը
թանձր
կիրքերու
դէմ:
Ասոնք
ալ
դարձեալ
կարելիին
ծիրին
մէջը։
Կը
հաւատամ
թէ
մարդ
կենդանին
ընդունակ
է
ամէնէն
ազնիւ,
բարձրորակ
զոհողութիւններուն
Հերիք
է
որ
ուզեն։
Ի՞նչ
տեղիք՝
բռնութեան,
ցաւին,
զրկանքին,
չարիքին,
իրենց
բոլոր
ձեւերուն
մէջէն
այնքան
արագ
մեզ
ընդոտնող։
Առանց
այդ
չարաշուք
ուրուականներուն
կեանքը
ինքնին
բաւական
դժնդակ
պարտք
մըն
է,
սանկ
իրաւ
անկիւն
մը
դժոխք,
ուր
իրերուն
ճնշումը
միս
մինակը
կը
բաւէ
մեր
հացին
պատառը
լեղիի
վերածելու:
Ալ
ի՞նչ
կարիք`
զայն
անգամ
մըն
ալ
տրորելու,
սեւցնելու,
թունաւոր
ընելու,
մեր
ներսէն
ճարուած
սուտ
ու
փուտ,
առնուազն
կեղծ
հաւատքներուն,
հաւատալիքներուն,
ոսկեզօծ
պատրանքներուն
կանանչ
ժահրերովը։
Ի՞նչ
պատկեր
է
պատմութիւնը
այս
ժողովուրդին,
նման
շնչմունքներու
ներքեւ
երբ
խենդեցած
կը
մոռնայ
իր
մահացու
թշնամին
ու
ամէնէն
յիմար
հարցը
կը
վերածէ
եղբայրը
կործանելու
ահաւոր
մոլուցքին,
կատաղութեան:
Ատելութեան
կուպրը
մեր
ո՞ր
գործարաններէն
կը
հանենք
երբ
աւելի
քան
ստոյգ
է
որ
նոյն
այդ
ժողովուրդը
պարզած
է,
միշտ
դարերն
ի
վար,
անըմբռնելի
քաղցրութեան
ցեղային
քերթուածը,
իրարու
հասնելու,
իրարու
պաշտպան
կենալու
առօրեայ
արարքները
վերածելով
ազգային
նկարագրին
որուն
գինն
իսկ
է
իր
գոյութիւնը,
երբ
կործանած
շէները,
քաղաքները
վերստին
կը
բարձրացնէ,
իր
բազուկները
աւելցնելով
մերձաւորին
ոտքերուն։
Միայն
մեր
վերջին
զոյգ
դարերուն,
համայնքային
մեր
հաստատութեանց
գոյաւորումը,
տնտեսումը,
բարգաւաճումը
պիտի
բաւէր
ապա
ցուցանել
թէ
որքան
ամուր
էր
մեր
ներսը
այդ
զգացումը։
Հարուստները
չեն
շինած
մեր
ժամերը,
դպրոցները,
այլ
անոնց
դրամին
տակը
տրոփող
սրբազան
զգացումը,
որ
այդ
նիւթեղէնը
վերածած
է
ոգիի:
Արեւին
տակ
ու
արեւէն
դաս
առնելով
մարդերը
կարող
էին
իրար
հանդուրժելու՝
ցեղերը`
իրար
չփողոտելու,
միտքին
զինուորները
իրար
յարգելու:
Ընկերաբանութիւնը,
իր
յաւակնոտ
օրէնքներով
թող
պղտորէ
ձեր
միտքը։
Թող
աշխարհը
դառնայ
վայելքին,
հաճոյքին,
լաւ
սնունդին,
լաւ
զգեստին,
լաւ
հեշտանքներուն
տնկարանը։
Կուգայ
աղէտը
ու
կ՚աւլէ
բոլոր
այդ
նիւթապաշտ
հանգանակները։
Գիտեմ
որ
հացը,
տունը,
արձակ
վայելքը
աւելին
են
քան
ընկերաբաններու
կարգախօսային
պահանջները:
Պատմութիւնը
դառն
կերպով
կը
հերքէ
փարթամ
քաղաքակրթութեանց
թելադրած
յաւակնոտ
արժէքները։
Հիմա
ատենը
չէ
այդ
գաղափարաբանութիւնները
քրքրելու:
Սիրոյ
մէջ
միայն
ժողովուրդ
մը
մօտ
է
գերագոյն
երանութեան
եւ
ոչ
թէ
վայելքի։»
«
—
Տուր
այդ
կայծերէն
մէկ
ուրիշին
ալ
իմաստութիւն
անունը:
Բայց
ոչ
գրքերունը,
դպրոցներունը,
բարոյախօսներունը,
փիլիսոփաներունը,
բոլորն
ալ
անշուշտ
տեղ
մը
նայող
բայց
չպատասխանող
իմ
թելադրել
ուզած
իրողութեան։
Դժուար,
սուղ,
անփոխարինելի
այն
մտավիճակը
զոր
տղաքը
կը
ճարեն,
իրենք
իրենց
գլխուն,
հաւաքելով
անոր
հէնքին
քուղերը`
ցաւին
ու
վայելքին
թաւուտներէն,
մացառներէն,
ու
կը
կարանեն՝
իրենց
համար
կախարդ
պատմուճանը
որով
պաշտպանուած
պիտի
քալեն
կեանքին
պողոտաներէն։
Նայէ
մեր
պատմութեան,
անոր
վերջին
երկու
դարերուն,
որքա՜ն
շատ
է
թիւը
այդ
տղոց,
բոպիկ
իրենց
գեղերէն
մեկնող,
իջնալու
համար
գործօնութեան
մեծ
դաշտերը,
ու
դառնալու՝
անկորուստ
կոթողներ
փառքի
եւ
սիրոյ,
բարիքի
եւ
բարութեան,
աննախանձաբար
իրենք
զիրենք
տրամադրող
իրենց
շրջապատին,
ազգային
թէ
օտար։
Քու
օրերուդ
անոնք
տժգունած
կը
թուին,
բայց
իմ
օրերուս
անոնք
հպարտութիւնն
էին
մեր
ժողովուրդին,
եւ
օրհնութեան,
խաղաղութեան,
առատութեան
ու
հանճարային
իրագործումներու
աղբիւր
օտարներուն:
Գրողներ
խօսած
են
երեւոյթէն
ու
փառաբանած
այդ
ամէնուն
արգանդը
եղող
իմ
ժողովուրդը։
Բայց
ես
գրագէտ
մը
չեմ,
քու
պահանջած
ստորոգելիներով։
Ես
իմ
ժողովուրդիս
կիրքին
ու
յիմարութեան
մօտէն
շփուած
ու
ասոնք
առնուազն
անվնաս
ընելու
համար
տառապագին
աշխատող
մտքի
բանուոր
մը։
Գիտես
որ
Բարիզ
չեղայ
իմ
պատանութեան,
իմ
ընկերներուն
պէս
ու
հետ,
այդ
իմաստութիւնը
իւրացնելու:
Բայց
իմ
ճամբովս,
իմ
պզտիկ
խելքս
լարած,
մտայ
իմ
պայմաններէն
ներս:
Նոր
հովեր
կ՚անցնէին
արեւմուտքէն-արեւելք,
ծանրաբեռն
խորունկ,
քաղցր,
խորհրդաւոր
յոյզերով,
յոյսերով։
Կը
հաւատայինք
թէ
հասած
էր
ժամը
որպէսզի
մեր
ժողովուրդին
աչուըներէն
առնէինք
մէկդի
զառամութեան
վարագոյրը
ու
բանայինք
անոր
բիբերը
նոր
լոյսերուն։
Ունէի՞նք
իրաւունք
այդ
անուշութիւններէն
բաժին
մը
սպասելու,
երբ
գիտէինք
որ
մեր
շրջապատը,
թաղուած
կը
յօրանար
իր
խաւարչուտ
ճահիճին
խորը։
«Հիմա
կը
խորհիմ
վտանգներուն»
որոնց
ընդմէջէն
պարտաւոր
եղանք
տանիլ
մեր
երազին
տապանակը։
Ինչ
ամուր,
պարարտ,
հզօր
փորձանքներ,
իմ
ժողովուրդի
գլխուն,
իրմէ
ինչպէս
դուրսէն։
Անշուշտ
ինծի
նպաստ
բերին
իմ
մեծ
պապերուս
աճիւնները՝
իմ
արեան
մէջ
տակաւին
պահող
իրենց
կենսունակութենէն
մաս
մը
բան։
Կ՚ակնարկեմ
այն
ոգիին
որ
մեր
վերջին
հազարամը
կը
յատկանշէ,
իմաստունին
ինչպէս
մշակին
գանկին
տակ
իր
իսկութիւնը
ծորող
որպէսզի
կատարուէին
ապրումին,
չմեռնելուն
մեծ
գործօնութիւնները
…
Չեմ
գովեր
իմ
սերունդը,
որպէսզի
ճարեմ
իրաւունք
ձերը
դատապարտելու:
Դիմաւորեցինք
կասկածը,
ներսէն
ու
դուրսէն,
մերիններէն
ինչպէս
մեր
տէրերէն,
անխելք,
անըմբռնելի
հակառակութիւնը,
որով
կը
զինուինք
մենք,
եղբայր
եղբայրը
կործանելու
մէջ
մէկէն
կորսնցուցած
դարերուն
ճնշումը:
Դիմաւորեցինք
նախանձը՝
ազգային
ահաւոր
այս
փտախտը,
անհասկացողութիւնը
զոր
պէտք
չեմ
զգար
որակելու,
ամուլ
փառատենչութիւնները
բոլոր
փոքր
հոգիներուն
մէջ
դրօշներու
խուրձի
մը
պէս
ծածանող,
ու
շինեցինք
մեր
տունը,
այսինքն
մեր
վարչական
դրութիւնը,
մենք
կը
հաւատայինք՝
հաստատ
հողի
վրայ:
Ու
անյիշատակ
դարերէ
ի
վեր
գութով,
շնորհով,
շատ
շատ
բարեկամեցողութեամբ
կամ
շահու
յստակ
օրէնքներու
ճնշումով
ողջ
ձգուած
նախիրը
(մեր
ժողովուրդին)
ջանացինք
ընել
ատակ
օգտագործելու
նոր
հովերով
մեզի
հասած
իմաստութեան
սերմերը։
Չեմ
մանրամասներ
մեր
տուածները,
ըրածները
այդ
ժողովուրդին:
Ինծի
չափ
դուն
ալ
ունիս
յստակ՝
մտքիդ
առջեւ,
պատկերը
զոր
ան
կը
պարզէր
մեզմէ
առաջ։
Եւ,
ունիս
դարձեալ
երկրորդ
պատկերը
զոր
քու
մանկութիւնդ,
քաղաքին
մէջ,
ի
վիճակի
էր
աղօտակի
զգալու
անշուշտ
առանց
լիուլի
հասկնալու
փաստը
իր
փարթամ
բնակարաններուն,
արհեստներուն,
հանրային
հաստատութիւններուն,
նոյնիսկ
թաղերուն
որոնք
սեպհական
կնիքով
մը
կը
զատուէին
արեւելքի
դարաւոր
կերպարանքէն,
ըլլալու
համար
առանձին
բխում
մը։
Ես
եղել
եմ,
իմ
առջի
երիտասարդութեան
յաջորդ
շրջանին,
արեւելքի
բազմաթիւ
ոստաններուն
մէջ։
Իմ
ցեղակիցներուս
ոտքին
կոխած
տեղը
հողը
կը
փոխուէր,
ձեռքին
շարժած
տեղը
շէնքը
կը
փոխուէր…:
Նախիրէն
ժողովուրդ
մըն
էր
յառնողը։
Ու
մարագէն՝
շէն,
շէնշող
ապատ
մը։
Ու
ասիկա
գինն
էր
մեր
իմաստութեան։
Չեմ
ուզեր
աւելի
մանրամասնել,
վախով
որ
իմ
խօսքերը
կը
զառածին
դէպի
քաղաքական
իմաստութիւնը,
տեղեակ՝
քու
անտրամադիր,
նոյնիսկ
ատելագին
կեցուածքիդ
ընդդէմ
այդ
իրողութեան,
անշուշտ,
արդիւնք
քիչ
մը
միակողմանի
իմացականութեանդ
եւ
զարտուղի
հակումներուդ։
Առնուազն
կը
թելադրեմ
քեզի
որոշ.
չըսելու
համար
արդար
զիջում
մը
քեզմէ
անհունապէս
վեր,
անխուսափելի,
անառարկելի
ստուգութեանց
հանդէպ:
Քաղաքական
իմաստութիւնը
կուսակցական
պայքարներու
հետ
երբ
կը
շփոթես,
հերքած
կ՚ըլլաս
քու
պապերուդ
խելքը։
Օտարին
հետ
վարուելու
ճկունութիւնը
երբ
կ՚արժեզրկես
ու
վարկ
կը
շնորհես
մարդկային
իրաւունքներու
սրբազնութեան
շքեղ
բայց
ողորմելի
առասպելին,
դարձեալ
հերքած
կ՚ըլլաս
ոգին
քու
պապերուդ
որոնք
քեզի
չյանձնեցին
երկիր
մը
որ
իրենցը
ըլլար:
Քու
իմացականութիւնդ
քիչ
մը
տարբեր
կը
դատէ
թուղթն
ու
կեանքը,
պատմութեան
ոսին
իմաստութիւնը
եւ
իրողութեանց
տարօրէն
ատոք
փաստերը:
Չպոռացիր
երբ
կոկորդներու
կայսրութիւնը
սկիզբ
կ՚առնէր,
ժիժիները
բերելու
ազգային
գործերու
թատերաբեմին,
ու
չնանրամտեցար
սուլիչներ
պատրաստելու
կամ
սուլիչներ
(փոխառիկ)
գործ
ածելու
որպէսզի
խայտաբղ
էտ
պարը
պարէին
մարդիկ,
իրենց
համար
անսովոր,
գրեթէ
անկարելի
խորհրդերգութեանց
մէջ։
Չեմ
քաղեր
դէպքերը,
որաները
որոնք
քու
պատանութենէդ
մինչեւ
ձմեռնամուտը
ըրին
քու
օրերդ
ամէնէն
եղերական
փուշ-պսակը
խելք
ունեցող
մարդու
մը
գլխուն։
Եղար
ընդվզումին
շատ
մօտիկ,
առիր
կրակին
ու
մահուան
գործիքները,
ինկար
լեռները
բայց
գտար
որ
այդ
բոլորը
անբաւական
էին
խորտակելու
ճակատագրին
անուրը՝
քու
եւ
ժողովուրդիդ
վզին
դարուց
ի
դարս
ժանգոտած։
Անշուշտ
չմարսեցիր
որ
ազգերը
ըլլան
այդքան
անմարդկային։
Բայց
քեզի
տրուելիք
բոլոր
դասերը
ապայժմէ,
հին
կամ
ցնորական
էին:
Ատեն
ատեն
մտքիդ
ցաթեց
պապերուդ
ալ
իմաստութիւնը
—
գերիի,
ստրուկի
բարոյականը
—
որուն
քու
մէջդ
առթած
կսկիծը
պիտի
կազմէր
քու
երկու
քառորդ
դարերուն
գողգոթան։
Հոս
է
որ
կը
զատուիս
մեզմէ
որ
կը
կշռէինք,
բայց
չէինք
այդ
կշիռը
իբրեւ
դանակ
շարունակ
դրած
մեր
վիրաւոր
հոգիին
խորը,
ու
այդ
լալագին
զգայնութեան
մէջ
ապրիլը
շարունակած,
առանց
մատնելու
մեր
պապերուն
մեզի
կտակը,
թէկուզ
փոքր,
կրծուած
բայց
դարձեալ
իրական:
Չկրկար
մտածել
որ
այդ
գերիներու-տէրերու
տիլեման
տարին
աշխարհի
ամէնէն
մեծ,
բախտաւոր
ժողովուրդներու
տարօրինակ
զաւակներն
ալ:
Հիմա
քեզի
այդ
տարօրինակութեան
հերքումը
չէ
որ
կ՚ընեմ:
Կը
հաւատամ
թէ
ուշ
չէ
օրը
երբ
ուրիշ
ժողովուրդներու
հաշւոյն
զոհելով
մէկ
ժողովուրդ,
մեծերունը
ստեղծելու
յաւակնութեան
մոլորանքը
կը
դատուի
իր
ճշգրիտ
իմաստին
մէջ։
Մենք,
սա
օրերէն
մօտ
դար
մը
առաջ,
չէինք
կրնար
անգիտանալ
ահաւոր
բայց
տարօրէն
իրաւ
փաստը
որուն
համեմատ
բախտը
քու
ժողովուրդիդ
ճակատագիրը
կապեր
էր
տէրերու
քմահաճոյքին։
Ալ
մի
վերլուծեր
ինչուները,
մի
տեղար
գլխուս
ինչպէսները,
եւ
մի
դառնացներ
զիս
ռոմանթիկ
բացագանչութիւններովը
քու
սերունդիդ,
որ
կրկէս
իջաւ
սրբագրելու
այդ
քմահաճոյքը,
իրեն
հասակէն,
տարողութենէն
դուրս
զէնքերով։
Արդիւնքը
մէջտեղն
է։
Չեմ
դատեր
ձեզ։
Բայց
տեղն
է
որ
յիշեցնեմ
թէ
մենք
գտած
էինք
լեզու
մը
մեր
տէրերուն
հետ,
անշուշտ
աւելի
պատշաճ,
աւելի
քիչ
վիրաւորիչ,
այն
լեզուն
որ
եղեր
էր
մեր
պապերունը,
իրենց
գերութեան
նսեմ
հազարամերուն,
բայց
որուն
վրայ
աւելցուցինք
ուրիշ
բարիքներ.
ատիկա
մեր
օրերու
խելքին,
ճիշտ
բառով՝
իմաստութեան
մեր
մթերքէն
կուգար
ահա։
Կրկնապատկեցինք,
խորանարդեցինք
մեր
գանկին
տարողութիւնը,
անկէ
ճարելու
համար
նորագոյն
ուժեր
որպէսզի
անոնցմով
բաւարարէինք
թէ
մեզ,
թէ
մեր
տէրերը։
Գաղտնիք
չէ
որ
քու
եղբայրներդ,
օտարներու
սպասին
մէջ,
կը
գտնեն
լիութիւններ,
շնորհներ,
այդ
օտարներն
իսկ
իրենց
սեպհական
մշակոյթին
մէջ
գերազանցող
երբեմն։
Խօսեցան
անոնք
լեզուն
ռուսին
ու
թուրքին,
հարազատութեամբ
ու
գեղեցկութեամբ,
առանց
օտարի
շեշտին,
զարմացնելու
աստիճան
զանոնք։
Բայց
չլքեցին
իրենցը։
Եղանք
մեր
տէրերուն
հետ,
ինչպէս
եղեր
էին
մեր
պապերը
իրենց
տէրերուն
հետ,
բայց
բարելաւեցինք
մեր
գերութիւնը,
բայց
հպարտութեան,
ինքնավստահութեան,
յոյսին
ծուէններն
ալ
նետեցինք
ծլելու
մեր
ժողովուրդի
հոգեդաշտին։
Մեր
տէրերուն
վայրագ,
անմշակ
միտքին
մէջ,
միջնորդովի,
մենք
տնկեցինք`
արդի
կարգերուն
սկզբունքները,
տարրական,
բայց
անհրաժեշտ
որպէսզի
բարբարոսներու
խուժանէն
ժամանակակից
ազգ
մը
յարդարուէր։
Կը
հաւատայինք
ատոր
ոչ
իբր
հրաշք
մը,
այլ
ներշնչուած
մեր
սորվածէն,
արեւմուտքի
մեծ
կրթանքներու
մէջ
մեր
յաճախանքէն։
Չէ՞
որ
մարդը
մարդ
էր,
ըսած
էին
մեզի
մեր
վարպետները
միշտ
այդ
արեւմտեան
կրթանքէն.
Մենք
չէի՞նք
ան
տարօրինակ
ժողովուրդը
որ
մտածեց
գիրով,
մշակոյթով
օժտել
մեր
գլխուն
կացինը
ձեռքին
սպասող
լեռնական
ուրիշ
ժողովուրդ
մը
….
Մենք
բժշկեցինք
պերճ
ոստաններու
կայսերական
հիւանդութիւնները,
կանոնաւորեցինք
մեր
տէրերուն
դիւանական
բոլոր
գործառնութիւնները։
Շինեցինք
անոնց
հաղորդակցութեան
մեծ
ցանցերը:
Օժտեցինք
զանոնք
վարչական,
կրթական,
իմացական
կազմակերպութեանց
բարիքներովը,
ու
նորոգեցինք
անոնց
տափաստանեան,
յուղկահարային,
գիշախանձ
եղանակները՝
կեանքը
դատելու,
ապրելու։
Բացինք
անոնց
մտքին
նոր
պողոտաները
արդի
մտածումին,
ու
արդի
արուեստին
մէկէ
աւելի
պատգամները
մեզմով
հասան
անոնց
վայելումին…։
Երկար
ու
անսպառ
է
թուումը
բոլոր
այն
աշխատանքներուն
զոր
իմ
ժողովուրդին
միտքը
դրաւ
իր
տէրերուն
սպասին:
Այս
խօսքերը
չեն
հետապընդեր
աւանդական
բարոյականը։
Կը
կասկած
էի՞նք
թէ
պիտի
ոչնչանային
այդ
բոլոր
արարքներով
մեր
հետապնդած
իսկապէս
բարձր
տեսակէտները:
Ես
իմ
մորթիս
վրայ
չարաչար
ապրեցայ
այդ
կործանումը:
Բայց
ահա
ազնիւը,
ազնուականը
եթէ
կ՚ուզես։
Այն
ատեն,
ինչպէս
հիմա,
չեմ
ցաւիր
մեր
վատնումին
ու
մեր
վայրագ
վարձատրումին
սա
ահաւոր
հակասութեանը
վրայ:
Ժողովուրդները
իրենց
դերերը
գրուած
ունին
շատ
վարերէն,
շատ
հեռուներէն:
Ի՜նչ
գեղեցկութիւն՝
երբ
մենք
լուծած
էինք
գրեթէ,
տէրերու
եւ
ծառաներու
բարոյականին
առեղծուածը,
գերմաններէն
դեռ
չբանաձեւուած,
առանց
արիւնի,
անմոռանալի
անգթութեանց,
մեղքերու:
Երկկողմանի
բարիքներով։
Եթէ
մեր
վաստակը,
զոհողութիւնները,
սրտագին
միամտութիւնները
մեր
սորվածներուն
վրայ
դարձան
զուր,
ատիկա
փաստ
մը
չէ
որ
մեր
իմաստութիւնը
ինքնակամ
յիմարութիւն
մըն
էր,
դարձեալ
գերիներու
հնոցին
մէջ
դարբնուած
զզուելի
կեղծիք
մը,
որ
կը
յիշեցնէր
սողոսկումի
դարերը,
անպատմելի
կործանումները…:
Մեր
մտքէն
չէր
կրնար
անցնիլ
որ
այդպէս
հանդերձուած,
կերպարանաւոր,
նորազարդ,
նորոգուած
ժողովուրդներ
դարձեալ
պիտի
ըլլային՝
մօտիկ
շրջաններու
կիսավայրենի
զանգուածները,
պիտի
տային
սնունդ՝
վերաuտաց
սաստկութեամբ,
ճոխութեամբ,
գերասուր
ախորժակներու,
կիրքերու,
ուրիշներու
բնաջնջումին
համար։
Տառապագին
սա
ծարա՜ւը՝
ուրիշներու
արիւնէն,
բարիքէն,
որուն
վերերեւումը
ոչ
միայն
աններելի
ամօթը
պիտի
կազմէ
զայն
պարզող
ժողովուրդներուն,
այլեւ
ամբողջ
մարդկութեան:
Ի՜նչ
կործանում,
ի՜նչ
արագ
անասնացում,
քանի
մը
տասնեակ
տարիներու
մէջ
ի՜նչ
վատնում
այն
բարոյական
մթերքին
զոր
հազարաւոր
դարեր,
ծուէն
ծուէն
հազիւ
յաջողեր
էին
հաւաքելու:
Զո՞ւր
տեղն
էր
ուրեմն
մարդոց
ճիգը,
աննահանջ
յոյսը,
երբ
անտառների
մեկնելու
ատեն,
իրենց
որջերը,
խոռոչները
պիտի
կրէին
իրենց
արեան
կոհակներուն
վրայով,
իրենց
երակներէն,
պիտի
մոռնալ
կարծէին
այդ
քարայրային
հոգեկանութիւնը,
պիտի
լինէին
մեծ
ոստանները
մեծ
մշակոյթներուն
որպէսզի
երկու
խենդի
խելագար
իմաստութիւնը
միջամտէր
ու
այդ
ամէնը
դատապարտէր
բնաջնջումին,
մեզ
փոխադրելով
անտառներու,
քարայրներու
հոգեվիճակին։
Իրաւ
որ
խենդեցած
էր
աշխարհը։
Ու
տեսաք
թէ
ի՞նչ
ահաւոր
գազանութիւններու
ընդունակ
դարձան
ժողովուրդներ։
Թուրքին
մենաշնորհը
չէ
ատիկա։
Օ՜,
սոփեստութիւնը
բոլոր
հասարակ
ախորժակներուն,
ուրիշին
արիւնէն
ու
բարիքներէն
վայելելու:
Պատմութիւն
կերտելու։
Մշակոյթ
կառուցանելու:
Ազգերու
Ազգը
ստեղծելու,
ինչպէս
հիները
գտեր
էին
Արքայից
Արքան։
Այս
մասին
խորագոյն
է
մեր
ու
ձեր
կսկիծը:
Մեր
ժողովուրդին
կէսի
իջնալը
ուրիշ`
նուէր
այդ
մտածողութեան:
Ու
եղիր
մեզի
հետ
երբ
մեր
աղէտին
պատասխանատուութիւնը
կը
դնենք
թուրքէն
դուրս,
թուրքը
հանդերձող
մտածողութեան
ներսը։
Վայրագ,
կեղծաւոր
ու
նենգ
մտածողութիւնը
որ
աշխարհի
հին
մշակոյթին
երեսին
կը
յաւակնի
նոր
տէրերու
կարգեր,
հրամայականներ
պատգամել:
Ի՛մ
ալ
համոզումս,
թէ՝
առանց
այդ
մտածողութենէն
երես,
քաջալեր,
ուժ
գտնելու,
մեր
տէրերը
այնքան
թեթեւսիրտ
ու
զուարթ
(ականջը
խօսի
բռնութեան
առաքեալին)
պիտի
չմտնէին
արիւնի,
կոտորածի,
մահուան
քառուղիներէն
ներս։
Մեր
կործանումին
համար
մեր
յիմարութիւնը
քաւութեան
նոխազ
յայտարարելը
անգթութիւն
է,
առնուազն
անճշտութիւն։
Ըլլալէ
վերջ
անիմաստութիւն։
Իբրեւ
քաղաքական
մարդ
իմ
ըսելիքս
անսպառ
է
այս
մարզին
վրայ:
Նոր,
հին,
միջակ,
սուր՝
բոլոր
խելքերը
չեն
կարող
հակակշռել
պարզուկ
ողջմտութիւնը
մեր
պապերուն:
Ասիկա
բարձրաղաղակ
յայտարարէ
երբ
կը
դառնաս
Սփիւռքի
մռայլ
ոստանին:
Ու
բարձրաղաղակ
յայտարարէ
նաեւ
երկրորդ
բարիքը,
դարձեալ
մեր
պապերէն
մեզի
ժառանգ
մնացած.
—
կենալ
կռիւի
եզրին,
քանի
որ
կրկէս
չենք
կրնար
իջնել:
Աշխարհի
խոշոր
յեղաշրջումները
մեզմէ
անկախ
տեղի
կ՚ունենան։
Մեր
իմաստութի՛ւնը՝
այդ
յեղաշրջումներուն
թափանցումը
ընել
շատ
կանուխէն,
ու
շատ
արագ:
Ձգել
ատոր
իրագործումը
մեզմէ
մեծերուն,
ուժովներուն,
հարուստներուն։
Չեմ
առաջարկել
պատեհապաշտութիւն,
բայց
դէմ
եմ
խենդութեան.
հանուր
մարդկութեան
բարիքին
համար
զմեզ
զոհելուն:
»
«—
Կը
խօսիմ
իմ
գրականութենէն
որուն
հանդէպ
քու
չկամութիւնդ,
դժգոհանքդ
անարդարութիւն
ըլլալուն
չափ
ցաւ
մըն
է
ինծի։
Մի
կարծեր
թէ
գրական
նանրամտութեան
մը
կը
մնամ
գերի,
երբ
կը
փորձեմ
պաշտպանել
զայն։
Իրաւ
է
թէ
երբեմն
լոյսով
կը
պտտիս
մեր
ժամանակին,
անկէ
ժառանգ
մնացած
աւերակներուն
մէջ։
Բայց
աւելի
յաճախ
բիրտ
ու
բարբարոս,
կը
կոխես
կ՚անցնիս
բոլոր
այն
զաղփաղփուն
գեղեցկութիւններուն
վրայէն
որոնց
վրայ
գուրգուրալը,
որոնցմով
խանդավառուիլը,
ըսի
անգամ
մը,
մասն
էր
մեր
հոգեղէն
դրութեան,
մեր
կարելի
հաճոյքներուն։
Ինչ
հարկ
խստութեան,
նոր
չափերու
բռնութեան,
նոր
կարգերու
բաղադրութեանց։
Տեսիր
զիս
իմ
տեղիս,
իմ
դերիս,
իմ
պաշտօններուն
մէջ։
Բանալ
իմ
հոգեբանութիւնը,
գրողի
պարտքերէն
առաջ,
կը
նշանակէ
սեղան
բերել
իմ
սերունդին
ամբողջ
տագնապանքը։
Կը
կրկնեմ
այս
ընդհանրացած
տեսակէտը,
ու
քեզ
կը
հրաւիրեմ
յարաբերական
ողջմտութեան,
արդարութեան։
Ես
գրագէտ
մը
չեմ
ծնած։
Չեմ
ցաւիր
ատոր
համար:
Չեղայ
հզօր
կիրքերու,
մոլի
հաւատքներու,
այլամերժ
պատգամներու
սպասարկու,
քիչ
մը
հիւանդ,
մենագար
տիպարը
որ
ի
պաշտօնէ
գրագէտը
կը
խորհրդանշէ
յաճախ,
իր
չափերուն
նախանձախնդիր,
կշիռներուն
միայն
հետամուտ,
ասոնցմէ
դուրս,
կտրուկ
ժխտումով
մը
անցնելով
մարդոց
ուրիշ
իրագործումներուն
առջեւէն։
Գրագէտը,
այսպէս
մասնաւորուած,
աշտարակուած,
ցաւագար
մըն
է,
աւելի
վնաuի
քան
թէ
բարիքի
աղբիւր։
Ես,
իմ
ժողովուրդին
սպասը
աւելի
արդիւնքով
ընել
կարենալու
համար,
ինքզինքս
չմերժեցի
զբաղանքները
որոնք
չէին
խօսեր
իմ
ամէնէն
խոր
հակումներում:
Իմ
զբաղանքները,
ոչ
միայն
շատ,
բազմաբեղուն,
այլեւ
էին
չափազանց
սպառիչ,
քամելու
չափ
ուժերը
քանի
մը
տասնեակ
զօրաւոր
ուղեղներու,
վասնզի
կ՚ընէին
յարդարանքը
պզտիկ,
թեթեւ,
բայց
յոգնեցուցիչ
կարիքներու,
նոր
կարգերու
ստեղծմանց
պահերուն
այնքան
ալ
անխուսափելի։
Փղշտացի,
հեթանոս,
հերձուածող
այդ
զբաղանքները
զիս
ըրին
հեւասպառ
վազող
մը,
դիւանէ
դիւան:
Գրե՞լը:
Մտածելու
արարքին
մէջ
առանձնութեան
սրբազան
պա՞րտքը։
Ներշնչումը
հասունցնելու
առնուազն
խղճամիտ
երկո՞ւնքը:
Ասոնք
արարքներն
են
անոնց
որոնք
այդ
ամէնուն
համար
ոչ
միայն
կարողութիւն,
այլեւ
ունին
ժամանակ:
Մենք
քանի
մը
շաբթուան
մէջ,
կուտայինք
որոշումը
ներկայացման
մը,
կը
հաղորդէինք
զայն
մեր
գրողներուն,
զանոնք
կը
բանտարկէինք
սենեակներու
մէջ
ու
կը
մղէինք
գրելու:
Թաց
թաց
թուղթերը
կը
բաշխէինք
հոսկէ
հոնկէ
ճարուած
տղոց
ու
քանի
մը
փորձէ
վերջ
կ՚ելլէինք
բեմ,
կը
խանդավառէինք
զանգուածը
ու
կը
կապէինք
անոր
ուժերը
մեր
ձեռնարկներուն,
երբեմն
ամիսէն
առաջ:
Այս
օրինակը
թող
չգրգռէ
քու
զայրոյթդ
ու
չշփացնէ
քու
դատաստանդ։
Մեզի
համար
այդ
ներկայացման
պահն
էր
էականը,
եւ
ոչ
թէ
քու
պահանջած,
դատախազած
արուեստը։
Այսպէս
իմացիր
իմ
կողմէ
ամէն
գրչի
արդիւնքի
համար,
բոլորն
ալ
աս
ու
ան
կարիքներուն
դիմաւոր,
եւ
ոչ
թէ
դատէ
զանոնք
հոգեկան
անդիմադրելի
բխում։
Խօսեր
եմ
մեռելներու
վրայ
որոնք
մեծ,
իրաւ,
ազնիւ
մարդեր
էին,
իրենք
իրենց
համար,
իրենց
ժողովուրդին
համար
նոյն
չափով։
Խօսեր
եմ
բեմերու
վրայ
ուր
կը
ծեծուէին
տարօրէն
կենսական
հարցեր՝
այդ
օրերուն
մեր
մտահոգութեանց
ամբողջ
հանդիսանքը
ու
մեր
ձգտումներուն
ամբողջ
ընդերքը
դղրդող,
իմ
ժողովուրդին
միջին
խղճմտանքը
յօրինող։
Դուն
իմ
ատենաբանութիւնները
կարդալով
—
հիմնական
սխալդ
հոդ
է
սակայն:
Ինչպէս
կը
տարբերին
իրարմէ
ողջ
մը
եւ
ասոր
դիակը,
այնպէս
կը
տարբերին
բեմէն
նետուած
խօսք
մը
ու
ասոր
դիակը
թուղթին
պատանքին
մէջ
—
հիմա
կը
զարմանաս
իմ
վարկէս։
Դի՛ր
այդ
բառերուն
ետին
մարդը,
սա
մեռելը,
իր
բոլոր
սիրտցաւ
անկեղծութեամբը,
խենդ
կիրքերովը
արդար
դատի
սպասարկուներուն,
մանաւանդ
վերադարձուր
այդ
հարցերուն
(որոնց
մարմինն
են
իմ
բառերը)
այն
ահաւոր
խռովքը,
ապրող
տագնապին
ամբողջ
ջերմութիւնը,
այդ
հարցերուն
կապուած
լման
ժողովուրդի
մը
հոգեբանութիւնը,
այն
ատեն
դուն
մերձաւոր
չափով
մը
պիտի
ընես
եթէ
ոչ
արդարութիւն,
առնուազն
մարդկեղէն
իրաւութիւն
իմ
գրածներուն,
ոչ
անշուշտ
հռետորական
արտօնութիւններով,
այլ
այդ
ամէնուն
մէջ
իմ
դրած
ազնիւ
զգացումներուն
քանակէն
ու
որակէն
ազդուելով։
Բայց
աւելի
տրտում
է
քու
վերապահումդ
իմ
ամէնէն
հարազատ
ապրումներում
հանդէպ:
Չգացիր՝
առաջ
այդ
վերապահումդ
վերածելու
քեզի
յատուկ
բիրտ
հերքումը,
ուրացումը,
մերժումը`
գործածելով
անոնց
ներքին
արժէքին
վրայ:
Ատիկա
դիւրին
յարձակումն
էր:
Բայց
ըրիր
աւելի
տխրագին
բան
մը,
—
այդ
ապրումներուն
թեթեւութիւնը,
չըսելու
համար
ունայնութիւնը
գտնել
կարծեցիր,
իմ
քրօնիկներուս
ետին
ենթադրելով
աժան,
թեթեւ
բառախաղացը,
բնութեան
մեծ
տեսարաններուն
առջեւ
իմ
սրտագին
զեղումները
ձգելով
մեղադրանքի
տակ
ու
խոշոր
ցաւերու
արձագանգը
իմ
տողերում
ներսը
յայտարարեցիր
չափազանցուած,
հռետորական,
օտար
բառով
մը`
սանթիմանթալ։
Չեմ
դառնար
ետ,
քեզի
ընդունելի
ընելու
համար
այդ
կտորներուն
խորքին
հարազատութիւնը,
պարզելու
իմ
սերունդին
հոգեշատակը:
Ըսել
քեզի
կրկին
ու
կրկին
թէ
զուր
տեղը
չէ
որ
ութը
տասը
երիտասարդ
այդ
կայքերէն,
այդ
հոգեկան
պահերէն
հանած
ըլլան
իրերամերձ
տպաւորութեանց
հանդէս
մը։
Ես
իրաւ
էի,
երբ
անտառներուն
լացընող
գեղեցկութիւնը
կը
ջանայի
սեւեռել
իմ
տողերուն
վրայ։
Իրաւ
էի
երբ
իմ
ամէնէն
սիրած
մարդոց
վրայ
կը
գրէի
ամբողջ
խռովքը
իմ
ժողովուրդին,
որ
հիմկու
ձեր
պատրանաթափ,
յուսակորոյս
ու
իմացապէս
փարիա
(մի
վրդովուիր
այս
որակումէն,
ձեր
մանկավարժները,
դասախօսները,
գրագէտները,
համալսարանական
երիտասարդութիւնը
բոլորը
մէկ,
չեն
ծորեր
իրենցմէ
իմ
ցեղին
հոգին
այն
խտութեամբ,
իրաւութեամբ
որքան
ատիկա
կ՚ընեն
աւելի
շքեղ
չափով
իմ
օրերու…
բեռնակիրներուն
իսկ
համախումբ
յուզումները։
Աս
ալ
իմ
վճիռը)
զանգուածը
չէր
բարեբախտաբար,
իր
հացին,
վայելքին,
հաճոյքներուն
ու
հասարակ,
չըսելու
համար
գռեհիկ
բնազդներուն
միայն
ունկնդիր։
Իմ
քնարական
ողբերս
կ՚արժեզրկես,
անոնց
ետին
իրաւ
մարդը
քիչ
զգալուդ,
ինձմէ
ինչպէս
նիւթէն:
Բայց
մենք
հակառակ
մեր
հերարձակ
ռոմանթիզմին,
արտաքին
ապրումներէ,
էինք
խորապէս
զգաստ,
հոգեկան
իրողութեանց,
գեղեցկութեանց
ամօթխածութիւնը,
պատկառանքը
լայնօրէն
արժեւորող։
Ահա
ինչու
իմ
ձգած
կտորներուն
մէջ
դուն
անբաւական
կը
գտնես
ներքին
մարդը
ինձմէ
ինչպէս
նիւթէն:
Մենք
կ՚ամչնայինք
մեր
կիրքերը,
մեր
խռովքները,
մեր
երազները
սա
անսաւան
խաղցնելէ։
Յետոյ,
խորապէս
իրաւ
իմ
ապրումներում
արտայայտութիւնը
կը
փաթթես
մատի,
հոն
սպրդած,
փնտռուած
ճիգը,
զարդարանքը
աճեցնելով
աւելի
անդին
քան
արտօնելին:
Կը
պաշտպանեմ
այդ
արտայայտութիւնն
ալ,
քանի
որ
լեզուական
խաղարկութիւն
մը
ըլլալէ
աւելի
տրոփիւններ
կը
գործեն
անոր
նեարդերուն,
հիւսուածներուն
ներսը:
Չես
ներեր
որ
1880-ին
գրաբարաձեւ,
հնադրոշմ
լեզու
մը,
ոճ
մը
յարգ
ունենան
իմ
մօտ:
Բայց
չես
ալ
մտածեր
թէ
1860-ի
մարդոց
աղքատախնամ
ոճը,
իր
կարգին
այնքան
քիչ
իրաւ,
ազնուական
էր
նոյն
ատեն:
Կը
յարձակիս
իմ
շունչին
նիհարութեան
վրայ,
երբ
գիտես
որ
գրելը
ինծի
համար
գործել
մը
չէր,
այլ
հանգիստ
մը:
Կը
յարձակիս
իմ
փչուած
բառերուն,
առանց
խորհելու
որ
անոնց
ետին
միշտ
կար
իմ
սիրտը,
անօթ
անգին
ու
սրբազան,
ուր
ճենճերեցաւ
(Նարեկացին
միշտ
ողջ
է)
զգացումներուն
ամէնէն
եղերականը,
առանց
ինքզինքը
ազատագրել
կարենալու:
Գոհ
չե՞ս
որ
քու
արհամարհած
բառակոյտէն
—
որով
կ՚որակես
իմ
սերունդին
քերթողական
վաստակը
—
դուն
պատեհութիւն
ունիս
հաստատումն
ընելու
պատառիկներու
ուր
ծանր
ու
խորունկ
շեշտեր
տակաւին
կը
բաբախեն,
երբ
ականջներդ
բանաս
անոնց,
փակելէ
վերջը
քու
օրերուդ
աղմուկին,
նրբագին
նուաղումներուն։
Իմ
օրագիրը
որմէ
հատուածներ
հանրութեան
սեպհականութիւնը
ըրին
անխոհեմ
ձեռքեր,
բռնուած
չէր
սակայն
հրատարակութեան
համար։
Բայց
վստահ
եղիր
որ
հոն
ուրուագրուած
հոգեկան
վիճակները
տարօրէն
հարազատ
ապրումներու
արձագանգն
են,
իրենց
օրին՝
լեցուն
այն
թուխպ
մշուշով
որ
այդ
մառախլապատ
երկիրներուն
բխումէ
ինքնին,
շէնշող
Պոլիսէն
վերջ,
ու
մեզ
կը
տպաւորէ
այնքան
սեւ
խռովքներով։
Գետ
մը
երբեմն
անհուն
դիակ
մըն
է.
բլուր
մը`
մեռելի
գանկ
մը,
ու
պղտոր
ջուրին
տակ
տոժկացող
արտը՝
փտութիւն
ու
գարշահոտութիւն։
Ձգեր
եմ
ուրիշ
ալ
էջեր,
քաղաքական
ու
գրական
ցանկութիւններով։
Չեմ
գործածեր
իմաստասիրականը՝
չգրգռելու
համար
ապացուցուած
զայրոյթդ
անհիմն
յաւակնութիւններու
դէմ:
Բայց
գրականին
ու
քաղաքականին
խառնուրդն
ալ
հանդուրժելի
չէ
քու
նեղծիր
անընկալչութեանդ։
Ինչո՞ւ
չես
անդրադառնար
որ
կարդալը,
իմ
օրերուն
ամէնէն
քաղցր
փառասիրութիւնն
էր
միջին
մարդոց,
ըլլալէ
ետքը
գրողներուն
մենամոլութիւնը
ու
ըլլալէ
առաջ
օդային,
ապարժէ
զբաղումը
քու
օրերուդ։
Իմ
մտքին
ու
սրտին
տէրերը,
իմ
պատանութեան
ուրիշ
բան
չեն
ըրած
գրելու
արուեստին
մէջ,
եթէ
ոչ
այդ
երկուքին
ճաշակով,
նրբութեամբ,
գեղեցկութեամբ
իրարու
շաղապատումը`
հասնելու
համար
տիեզերական
հռչակի:
Ինչ
հարկ
անուններու:
1848-ի
հանրապետութիւնը
ծնունդն
էր
բանաստեղծներու
եւ
պատմագրողներու:
Քննադատ
մը
չեմ,
այդ
իրողութիւնը
դատապարտելու
համար:
Կը
վկայեմ
միայն
որ
այդ
մարդիկը
քեզի
պէս
քանի
մը
տասնեակ
կարդացողներու
սիրոյն,
ախորժակներուն
յագուրդին
չէին
յատկացուցած
իրենց
աշխատանքը։
Միլիոններ
կը
լափէին
անոնց
գործերը:
Կրկին
կը
հաստատեմ
իմ
անկեղծութիւնը.
—
իմ
գրածներուս
ետին
դրեր
եմ
ինքզինքս
ամբողջ։
Մեղադրանքդ
պարտաւոր
ես
ուղղել
ուրեմն
իմ
անձին
եւ
ոչ
թէ
գրականութեանս
դէմ։
Դո՛ւն,
յաւակնոտ
պարոն,
որ
քու
ժողովուրդիդ
ներկայացուցչական
անձնաւորութեանց
հանդիսարան
մը
կը
ձեռնարկես,
ու
հոն
ընդունուելու
արարողութիւնը
ծանրագոյն
չափով
մը
կը
կապես
արուեստի
բացարձակ
վկայականներու,
ընդունած
ես
թէ
ներկայացուցչական
մարդը
միշտ
լաւ
գրողը
չէ:
Լաւ
մտածո՞ղը:
Լաւ
գործո՞ղը։
Անթարթ
ինքզինքը
զոհո՞ղը:
Անդուլ
աշխատո՞ղը։
Սորվեցնո՞ղը։
Փորձանքներէ
ազատո՞ղը։
Աղուո՞րը.
Մե՞ծը։
Կը
տեսնես
թէ
որ
քան
շատ
են
կերպարանքները։
Եթէ,
այդ
օրերուն
մեր
սերունդին
հոգին
համագրաւուած
էր
այդ
գեղեցկութիւններով,
պարագան
պէտք
չէ
մեղադրանք
մը
դառնայ
ձեր
օրերուն
ուր
ուրիշ
գեղեցկութիւններ
—
վայելք,
հեշտանք,
կիրք,
ատելավառ
յոյզեր,
խոշոր
խոշոր
երազներ,
մեքենայ,
թիւ,
գիտութիւն,
բժշկութիւն,
բանուորութիւն,
մարդկային
շահագործումը
ու
դեռ
նման
շատ
մը
բաներ
—
տէրն
են
ձեր
հոգիներուն:
Էականը`
իմ
ձգածներէն,
–
իրենց
անկեղծութիւնն
է,
զիս
արտայայտող
վկայութիւնն
է,
ու
բախտը՝
իմ
ու
ընկերներուս
ըղձաւորութեանց
հետ
հաշտ,
արդար,
հարազատ
ըլլալու:
Մեզի
համար
գրելը
ո՛չ
կիրք
մըն
էր՝
հանճարային
այլանդակութեանց
կենդանակերպին
տակ,
ոչ
ալ
ունայնամտութիւն
մը`
օրուան
շուտիկ
փառասիրութեանց
ծնունդ։
Գրելը
մեզի
համար
մեր
իմացական
շատ
սեղմուած,
խեղդուած
ուժերուն
քաղցր
թուլացումը,
գործնականացումը
նկատեցինք,
եւ
երբե՛ք՝
քու
ըրածիդ
պէս
ու
չափով՝
տաժանագին,
թիապարտական,
բարբարոս
ճգնաւորութիւն
մը,
գաղիացիք
կ՚ըսեն
affres,
այդ
վիճակը
բացատրող։
Ատ
է
պատճառը,
որ
հանգանակներ,
օրէնքներու
արձակումներ,
գրական
արիսպագոսներ
գրեթէ
չունեցանք։
Մեր
վէճերը՝
քաղաքական,
ազգային,
ընկերական,
չճանչցան
գրականին
նանրալից
թշուառութիւնը։
Ոչ
ոք
արժեզրկեցինք:
Աւելին,
այդ
արարքը
հիմնովին
անգիտացանք։
Քիչ
է
մեր
սերունդէն
ձեր
ժառանգածը:
Ճիշտ
է
ասիկա
դժբախտաբար։
Բայց
քեզի
հետ
չեմ,
երբ
այդ
քիչին
որակը
կը
նկատես
զանցառելի։
Ի
վերջոյ,
Արեւմտահայ
գրականութեան
ամէնէն
խռովիչ
դէմքերը,
ամէնէն
իրաւ
քերթողները
կը
պատկանին
իմ
փաղանգին։
Երեք
քառորդ
դար
կը
ծանրանան
Մ.
Պէշիկթաշլեանի
գերեզմանին
վրայ:
Բայց
ինծի
հետ
չե՞ս,
խոստովանելու
համար
որ
այդ
օրէն
ասդին
մեր
գրականութիւնը
չունեցաւ
այդ
տղուն
քերթուածները
գերազանցող
(ոչ
ամէնքը
անշուշտ,
այլ
սանկ
տասը,
տասնըհինգ
հատը)
իրաւ
յաջողութեամբ։
Այս
անունին
յիշատակումը
հոս
թող
ծանր
չկշռէ
քու
նկատառմանդ
մէջ։
Ան,
մահէն
առաջ
միակտուր
փառք
ու
գեղեցկութիւն
ըլլալէ
ետք,
հանդիպեցաւ
անողոք
ուրացումի
մարդոց
կողմէ,
այլապէս
արժէքաւոր
բայց
բանաստեղծական
զգայարանքէ
մը
անժառանգ
ծնած։
Յետոյ,
գրականութեան
վրայ
ամէն
խօսք
կը
նմանի
հէքիաթին
կտաւին
որ
կը
հիւսուի
ու
կը
քակուի,
անդուլ
ու
անվախճան։
Ու
սերունդէ
սերունդ
այդ
խօսքը
իր
կարգին
կը
հագնի
ուրիշ
ալ
տրտմութիւններ։
Դուն
սկսար
գրական
կեանքդ,
կործանելով,
քեզի
տեղ
բանալու
առաջադրութեամբ,
ու
փշրեցիր
մեծ
կուռքեր։
Վարձատրեցին
քեզի
քեզմով
սնածները
քեզ
կտոր
կտոր
ընելով։
Այնպէս
որ
ջուրի
ձայն
է
մեռելները
պաշտպանելու
համար
թափուած
խօսքերուն
հեղեղը:
Կարճ
պէտք
է
ըլալ։
Կէս
դար
յետոյ
շատ
բան,
սա
պղտոր
դատումներէն,
կը
հանգչի,
կը
յստակի:
Մեր
դէմ
քու
բանաձեւած
մեղադրանքը
իր
կարգին
կը
մեղմանայ,
հետզհետէ
շոգիանալով,
մինչեւ
որ
ստեղծուի
ցեղային
երանգը,
ժամանակին
կնիքը
ապրող,
ու
տեւողութեան,
չըսելու
համար
յաւիտեանին
գոյնը
պարտադրող
մեր
ու
ձեր
ստեղծագործական
ժառանգութիւններուն։
Այս
իրողութիւնը՝
աւելի
քան
պայծառ,
դուն
ինքդ
գտած
ես
մեր
հին
մատենագրութեան
մեզի
ձգածներուն
մէջ։
Կորիւնն
ու
Փարպեցին
նոյն
ժամանակին
մարդերն
են։
Բայց
ո՛րքան
իրաւ
է
անոնց
տարբերութիւնը,
ուշադիր
դիտողին
համար
մատչելի,
բայց
հեռուէն՝
միակտուր
արդիւնք
մը
թելադրող՝
այդ
ժամանակէն։
Այն
ատեն,
մեր
ժառանգութիւնը
կը
գտնէ
իր
իսկական
իմաստը
ցեղին
հաւաքական
արժէքներու
սրբարանին
մէջ,
հաւասար
եթէ
ոչ
գերազանց
այն
միւսներէն
որոնց
հանդէպ
այլեւս
չի
ներուիր
տարակարծութիւն։»
«—
Ունիմ
վերջին
քանի
մը
խօսքեր
ալ,
իմ
ամէնէն
սիրած
նիւթին
շուրջը։
Ատիկա
իմ
ազգն
է։
Մի
ծամածռեր
դէմքդ։
Ոչ
պատրիարքարան
կայ,
ոչ
ազգային
ժողով,
ոչ
հողային
հարց,
ոչ
ալ
վաթսունըմէկերորդ
յօդուածի
մը
եղերա–կատակերգական
Ֆանթոշը:
Ատոնցմէ
առաջ`
այդ
ազգը
մեր
սերունդին
մտքին
ու
սրտին
ամէնէն
սրտառուչ
մեծութիւնն
էր,
մեզի
ներելի
փառասիրութիւնը,
մեզ
սխրալի
հոգեկանութեան
մը
մէջ
թաթախող
գեղեցկութիւնը,
գրել
է
նիւթական
ցաւի
մը
պէս
իրաւ՝
մեր
միսերուն
ներսը,
տաք՝
մեր
երակներէն
իր
վազքովը,
ու
կսկծագին
տրտմութիւն՝
մեր
աչուըներուն
դաշտին:
Ձեզի
համար
ահաւոր
կործանում,
առնուազն
ամօթանքի
ազդակ
այդ
ազգը,
մեզ
կը
յուզէր
մոխիրներէն
վերանորոգ
իր
յարութեամբը,
մեզ
անմիջապէս
կանխող
մարդոց
խուզարկութիւններով
լոյսին
վեր
բերուած։
Զայն
սիրելը,
անոր
վրայ
խենդենալը
ոչ
միայն
մեր
կիրքն
էր
այլ
եւ
կարելի
հպարտութիւնը։
Դուն
քիչիկ
մը
կը
հասկնաս
այս
մոլեռանդութիւնը
վասնզի
մանկութիւնդ
հասաւ
ծծելու
այդ
ճառագայթումէն
վերջամնաց
կայլակներ:
Հիմա
անիկա
ողբ
մը
անգամ
չէ
քեզմէ
վարերուն
հոգիին
համար։
Նետուած
չորս
ծագերու,
ձեր
դիմաւորած
դժուարութեանց,
ձախորդութեանց
մեղքն
ալ
չէք
վարանիր
անոր
ուսերուն
բառնալու,
ու
ձեր
արժանիքներուն
անպտուղ
փտտիլը
ձեր
գանկին
տակ
կամ
մատուըներուն
հանգոյցին,
կը
վերածէք
ձեր
արեան
սթիկմաթներուն:
Մենք
ալ
անցանք
այս
նուաղումներէն,
կասկածանքէն,
մեր
ժողովուրդին
անցեալին
առջեւ,
ու
ըրինք
չարաշուք
հարցումը.
—
ինչո՞ւ
այսքան
քամբախտ
էր
այս
ժողովուրդը
որուն
կարողութիւնները
իրականութիւն
էին
մեր
աչքերուն
առջեւ
եւ
որուն
անսպառ
կորովը,
ինքզինքը
վերագտնելու
հերոսական
յամառութիւնը,
ընելու
էին
զինքը
առնուազն
ինքնավստահ,
տէ՛ր՝
իր
հողերուն,
իր
մշակոյթին,
ընդունակ՝
ճակատաբաց
հանդուրժելու
իր
դարերը,
համաձայն
իր
տուրքերուն:
Մենք
ալ
տուեր
էինք
եղերական
հարցումը.
—
ինչո՞ւ,
ինչո՞ւ
մեր
գեղերէն,
քաղաքներէն
ներս
ցաւը,
դժբախտութիւնը
ըլլային
մեզմէ
աւելի
իրաւատէր,
խօսէին
մեզմէ
բարձր՝
վիրաւորիչ,
սպաննող
իրենց
տրամաբանութիւնը,
խառնուէին
մեր
շնչած
օդին
ու
խմած
ջուրին,
ու
թաթխէին
լեղիի
մէջ
մեր
հացը
զոր
կը
հանէինք
մեր
քրտինքէն,
երբե՛ք
ուրիշին
արտէն
հասկ
մը
բան
նետելով
մեր
արդար
արդիւնքին։
Դուն
ալ
մեզի
հետ
ես,
երբ
կը
հարցնես
այս
ամէնը։
Բայց
չես
ընդունիր
որ
մեր
բարբարոս
կամքը
մենք
դրած
էինք
սալին
վրայ
այդ
ամենը
փոխելու:
Մեզմէ
վերջ
ուրիշներ
այդ
կամքը
վերածեցին
արեան
հանդէսի։
Ազգին
զգացումը
հոմանիշ
մահուան։»
«—
Քեզմէ
պզտիկ՝
իր
ապրածովը,
տեսածովը,
ձեր
բոլորէն
աւելի
մեծ
սա
ուրուականը,
սա
րոպէին
պարկեշտ
է
գէթ,
այս
ողբերգութեան
վրայ
գալիքը
յօրինելէ
զգուշանալով
ու
կը
մնայ
զուսպ՝
այդ
գալիքին
զսպանակները
չվերլուծելու
մեր
թերութեանց
հանգոյցներուն
խորը:
Որքան
շատ
է
իմ
ըսելիքը
բոլոր
սուտ
մարգարէներուն,
իրողութիւնները
մեկնաբանող
մունետիկներուն
հասցէին,
նոյնիսկ
մեր
պայմաններու
կրկէսէն։
Ու
որքան
դառն՝
իմ
մեղադրանքը,
դարձեալ
այն
քաղաքակրթութեան
հասցէին
որ
մարդերը
աւելի
երջանիկ,
ազատ,
եղով
ու
մեղրով
յագ
ընելու
զուր
նիւթապաշտ
հրամայականները
վերածեց,
պիտի
վերածէ
ոսկեզօծ
աւազակութեան
մը։
Ըսի
թէ
քարայրներու
հոգեբանութեան
տուրք
մը
կ՚ուրուանայ
մեծ
ազգերու
ամէնէն
հսկայ
միտքերուն
ցուցմունքներովը
գլխաւորուած։
Սփիւռքը
նսեմութիւն
մըն
է։
Այս
գաղափարագրութեանց
անդրադարձը
այդ
կործանած
սերունդին
վրայ
դժուար
չէ
հասկնալ։
Մարդկութիւնը
զարնող
մեծ
տագնապներուն
դուռն
ենք։
Ասկէ
հարիւր
տարի
վերջ
կա՞յ
իմ
ժողովուրդը:
Ահա
մտատանջութիւններուն
հզօրագոյնը։
Ու
ձգած
այս
աղէտը,
իրարու
յօնքին
շիւղերը
գերան
կը
տեսնենք:
»
«
—
Գիտեմ
թէ
որքան
քիչ
խօսեցայ
քեզի։
Որքան
հարցեր,
տագնապանք։
Որքա՜ն
երազ
ու
կորանք,
իմ
մէջ
կը
սպասեն
ձեզի
պարզուելու
համար։
Բայց
ողջերուն
պատգամները
կուգան
ուրիշ
փողերով։
Գնա՛,
ու
մի
վհատիր։
Ոչ
ալ
նախանձէ
ոսկորներուն
հանգիստին,
զգացում՝
որ
կրնայ
ծնունդ
ըլլալ
քիչ
մը
գէշ
դասաւորուած
պայմաններու:
Կեանքին
ամէնէն
նիհար,
ամէնէն
սեւ
կաթիլն
իսկ
արժէք
մըն
է,
դուն
ես
գրողը:
Մի
արհամարհեր
մեռելները,
բայց
մի
դներ
վստահութիւն
անոնց
օգնութեան։
Մեռելները
յարգելը,
անոնց
երբեմն
երբեմն
վերադառնալ
մը`
ազնուութի՜ւն:
Բայց
անոնցմէ
նպաստ
մուրալը՝
տկարութիւն,
եթէ
ոչ
ամօթանք։
Ելիր։
Կեցիր
անգամ
մը
ամուր՝
ոտքերուդ
վրայ:
Թօթուէ
քեզ
զարնող
հարուածին
չարաշուք
դատապարտութիւնը
ճակտէդ։
Տուր
ինծի
պատեհութիւն՝
տեսնելու
որաները
երազներուդ,
որոնցմով
ծանրաբեռն՝
ըրիր
մեծ
մասը
ճամբուդ,
եւ
որոնք
անիմաստ
կերպով
մը,
նաւսակիդ
մէջ
բեռ
քիչ
ունենալու
համար
դէպի
յաւիտենականութիւն,
նետած
ես
մէկդի
ու
կը
մտածես
մեռելներուն
գանկովը:
Այդ
երազներէն
մէկ
հատին
իսկ
իրագործումը
կ՚արժէ
աւելի
քան
բաժակները
իմ
վրայ
թափուելիք
արցունքին։
Նախ
քեզի
համար
ըրէ
սրբագրութիւնը։
Մենք
սուտ
չենք
կրնար
խօսիլ:
Ունիս
ընդարձակ
դաշտեր
ուր
գրիչիդ
խոփը
պիտի
գործէ
ու
պիտի
պատրաստէ
գեղեցկութիւններ,
եթէ
ոչ
փառքեր:
Մեր
միտքը
ոչ
ինձմով
կը
վերջանայ
եւ
ոչ
քեզմով։
Ունիս
գումարը
մեր
կորանքներուն,
համապատկերը
ժողովուրդիդ
շնորհներուն:
Ունիս
մտատեսութիւնն
ալ
այդ
շնորհներով
իրագործելի
բարիքներուն։
Ժամանակը
մի
կանխէք։
Ինչպէս
կեանքի
փոքրագոյն
իսկ
կաթիլը
կ՚արժէ
աւելի
քան
կէս
յաւիտեան
մը
մահուան,
նոյնպէս
ժամանակի
փշրանք
մը
մեր
հոգիին
մէջ
օգտագործելի
տարր
մըն
է:
Մի
յարձակիր
քուկիններուդ,
դուրսիններուն,
մեր
վրայ
գործադրուած
անհուն
եղեռնը
հասկնալու
ճիգիդ
մէջ
խենդեցած։
Զգաստ
ու
արի:
Յուսալից
ու
հպարտ,
թէկուզ
գերութեան
վիրապներուն։
Պապերուդ
պէս։
Ըսէ
իմ
բերնով,
«ստուերի
եւ
արցունքի
մէջ»
նստողներուն,
որ
հաւատան
իրենց
աստուածներուն,
սրտագին,
առանց
երկբայանքի։
Ու
մանաւանդ
սիրեն,
իրենց
անձէն
աւելի,
կատաղի
ու
աննահանջ,
երազը
որ
ՀՈՂՆ
էր,
իրենց
մօտ
ու
հեռու
պապերուն
հոգեդաշտերուն,
երկինքն
էր,
որուն
վրանին
տակ
հանգչեցան
ու
պիտի
հանգչիք
դուք
ալ,
բոլորդ։
Կատարած
ես
պարտքդ:
Ես
չէ
որ
կը
հարցնեմ
…
»
Օրը
մօտ
էր
շրջելու։
Խաղաղ
մեռելը
լուծուեցաւ
թեթեւ
լոյսի
մէջ։
Չէի
լացած։
Այդ
մարդը
կատարել
էր
իր
պարտքը:
Յետո՞յ:
Իր
ըսածնե՞րը։
Մեր
սերունդը
չէ
ախորժած
դաս
առնելէ։
Քանի
մը
օր
անոր
լուռ
խօսքերուն
արձագանգը
ապրեցայ
իմ
ներսը։
Յետոյ՝
կեա՜նքը
որ
թաղեց։
Հիմա,
առանց
յաւակնութեան,
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին
մէջ
Գրիգոր
Օտեանը
կը
պատրաստուիմ
երբ
կենդանագրել,
ստիպուած
եմ
սրտայոյզ
իր
պատգամներն
ալ
հեռացնել,
գէթ
պահի
մը
համար,
ու
կենալ
իր
պատկերին
հետ,
առանձին,
այնպէս
ինչպէս
անիկա
եկած
է
մեզի,
իր
ժամանակակիցներէն,
թուղթերէն,
իր
շուրջը
ստեղծուած
երկրորդ
կեանքէն
որ
պատմութիւնն
է
մեր
բոլորին,
մեզմէ
ետքը։
Գրիգոր
Օտեան
Զարթօնքի
Սերունդին
ամէնէն
յատկանշական
անձնաւորութիւնն
է:
Այս
հաւաստումը
կը
պաշտպանուի
«իրարմէ
ամուր
փաստերով,
բոլորն
ալ
իր
կեանքէն,
ժամանակէն,
մեզի
ձգած
գործէն
արտահանելի։
Չեմ
պատմեր
անոր
ուսանողութիւնը
զոր
չէ
ունեցած,
այնպէս
ինչպէս
ունէին
իր
ընկերները:
Բայց
կը
ծանրանամ
կանխահաս
իր
տուրքերուն։
Տասնամեայ
պզտիկ,
անիկա
պատրիարքներու
ներկայութեան
կ՚ատենաբանէ:
Ժամանակին
լրագիրները
տպած
են
այդ
մանուկին
ատենաբանութիւնը
որ
մէկէ
աւելի
իրաւ
մտածումներ
կը
պարունակէ։
Քսանէն
[1]
բաւական
վար,
անիկա
իրեն
կը
ներէ
Առաջարկութիւն
մը
լեզուի
վրայ,
լոյս
տեսած
Յ.
Հիսարեանի
Բանասէր
հանդէսին
մէջ,
ու
յետոյ
առանձին՝
գրքոյկի
ձեւով
ալ:
Ու
կեա՛նքը:
Այսինքն
երկու
խոշոր
իրականութիւններու
դիմաց
երիտասա՛
րդ
մը,
զոր
մնալ
կրցաւ
մինչեւ
իր
վաղահաս
վախճանը,
առանց
ծերութեան,
խօթութեան,
մտքին
ամբողջ
փայլին
մէջ։
Առաջինը
այդ
իրականութեանց,
թուրք
կայսրութիւնն
է,
շատ
տարբեր
մեր
գիտցած
իր
բազմաթիւ
կողմերուն
վրայ,
անշուշտ
խորքին
մէջ
մէկ
ու
նոյն
մնալու
բախտով
մը։
Երկրորդը՝
իր
իսկ
ժողովուրդը:
Զարթօնքի
սերունդին
բոլոր
աշխատաւորները,
իրենց
կարգին
ծառայած
են
այդ
կայսրութեան։
Չեմ
կրկներ
ուրիշներու
առիթով
ըսուածները,
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին
մէջ
Գր.
Օտեանը
կայսրութեան
սպասը
կ՚ընէ
բացառիկ
շնորհներով։
Իր
զարգացումը,
դուք
գիտէք
ատիկա,
չառաւ
մասնագիտական
նկարագիր,
ըստ
այնմ՝
ուղղելու
համար
իր
շնորհները։
Թուրքերը
քիչ
անգամ
քրիստոնեայ
կը
գործածեն
բանակին
եւ
դիւանագիտական
ասպարէզներուն
մէջ։
Գ.
Աղաթօն,
Կրճիկեան,
Ապրօ
բացառութիւններ
են,
յիշելու
համար
քանի
մը
ուշագրաւ
անուններ։
Գրիգոր
Օտեան
իր
ո՞ր
արժանիքներուն
համար
իրեն
կը
բանայ
դիւանագիտական
ասպարէզը։
Կարծողներ՝
թէ
անոր
ազգային
շրջանակներու
մէջ
շահած
ժողովրդականութիւնն
է
պատճառ
որպէսզի
հեռացուի
Պոլսէն
Ռուսճուգ,
կարծողներ
են
միայն
եւ
ուրիշ
քիչ
բան։
Իրականութիւն
է
որ
1850էն
մինչեւ
1876,
քառորդ
դարու
շրջան
մը
հայ
ժողովուրդին
լաւագոյն
զաւակները
կ՚աշխատին,
ինչպէս
վերը
թելադրուեցաւ,
երկու
ճակատի
վրայ։
Իրենց
օրը,
ուժը
ամբողջութեամբ
անոնք
տրամադրած
են
պետութեան
որ
դարաւոր
սովորութիւններու
փաթաթները
պարտքին
տակն
էր
թօթուել
նետելու:
Արդիացումը
թուրքերը
իրագործել
մտածեցին
ատոր
ամէնէն
ընդունակ
ու
իրենց
ընտանի
տարրերով։
Ու
չսխալեցան:
Վերանորոգման
բոլոր
աշխատանքներուն
մէջ
թուրքին
կամքը
միացաւ
հայուն
խելքին:
Շրջանն
է
պէյերու,
փաշաներու,
ազնուաշուք
էֆէնտիներու,
որոնք
այդ
նորոգումի
ջանքին
մէջ
կը
դնեն
իրենց
ցեղին
յատուկ
վայելչութիւն,
ճկունութիւն։
Երբ
1878-ին
Համիտ
Բ.
կը
գահակալէր,
պատրաստ
էին,
պետական,
վարչական,
տնտեսական,
կրթական
մեծ
գատրօները։
Թուրքերը
զանոնք
պիտի
առնէին
քիչ
քիչ
ետ,
քրիստոնեաներէն:
Գր.
Օտեան
եւ
իր
ընկերները
այդ
սպասարկութեան
մէջ
պարկեշտ
էին
խորապէս՝
61
րդ
յօդուածէն
առաջ
մեր
աւագանին
կը
հաւատար
թուրք
կայսրութեան,
անոր
մէջ
մեր
ժողովուրդին
համեմատական
ապահովութեան,
չունենալով
վախերուն
վախը՝
ձուլման
վտանգը,
կրօնական
խտիրով
մը
հեռացած
անմիջականէն:
Թուրքերը
սակայն
կասկածներ
ունէին
այդ
կայսրութեան
կարելիութենէն:
Այդ
կասկածն
էր
որ
այնքան
արագ
աւլեց
ԺԹ.
դարու
երրորդ
քառորդին
բարենորոգչական
ամբողջ
արդիւնքը։
1880էն
ասդին
նախարարութեանց
ոգին
տաճկցաւ,
ձեւը
պահելով
հանդերձ:
Անկէ
առաջ
օսմանին
կայսրութիւնը
կենդանի
յղացք
մըն
էր
թուրք
հայրենասէրներու
մտքին
մէջ։
1930-ին,
թուրքերը
կը
հայհոյէին
ո՛չ
միայն
կայսրութեան,
այլեւ
անոր
դարաւոր
անունին,
Օսմանին,
իրենց
երկիրը
թրքացնելու
իրենց
ճիգին
մէջ
շատ
առաջ
երթալով։
Չեմ
պատմեր
Օտեանի
պետական
գործունէութիւնը։
Բաւ
է
հոս
արձանագրել
որ
անոր
անձնաւորութեան
վարկին
ու
հեղինակութեան
կշիռին
մէջ
մեծ
տեղ
մը
կը
գրաւեն
անոր
պաշտօնները։
Սիրելին
է
իրարու
յաջորդող
եպարքոսներու:
Սերվիչէնին,
Ռուսինեանին
հետ
անիկա
այդ
բարձր
պալատականներուն
մօտ
կը
ներկայացնէ
արեւմտեան
միտքը,
վարչական
մտածողութիւնը,
արդիացումին
անհրաժեշտ
գործելակերպը։
Սիրելին
ու
խորհրդատուն
է
Միտհատ
փաշայի
որ
խմբագրած
է
թուրքերուն
անդրանիկ
Քանունը
Էսասին
(1876),
սահմանադրութիւնը։
Համիտի
պետական
հարուածով
գործադրութենէ
արգիլուած
այդ
օրէնքներու
խմբագրումը
պիտի
արժէր
գլուխը
զիրենք
մտածողներուն:
Օտեան,
1880-ին,
կը
զգայ
իր
գլխուն
ալ
վտանգուիլը
եւ
կ՚անցնի
Եւրոպա,
ուր
կը
մնայ
մինչեւ
իր
մահը,
մերժելով
Պոլիս
դառնալու
հրաւէրները,
կատարուած
Համիտի
գործակալներուն
կողմէ։
Իմաստուն
մարդ
մըն
էր
ու
մանաւանդ
չափազանց
ռոմանթիկ,
հաշտուիլ
կարենալու
համար
ապրելու
ձեւի
մը
ուր
մտքին
ու
լեզուին
անկախութիւնները
կը
խղդուէին
ամէնէն
առաջ։
Կա՞ր
այս
մարդուն
մէջ
իր
ասպարէզին
անհրաժեշտ
յատկութիւններու
գումար
մը։
Դիւանագէտին
վերլուծումը
ուրիշ
աշխատութեան
մը
մէջ
ներելի,
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին
համար
զառածում
մը
կը
նկատեմ։
Լեզունե՞ր։—
Ունէր
ֆրանսերէնը։
Յարաբերութիւննե՞ր։—
Ունէր
եպարքոսները՝
օտարներէն,
մերիններէն՝
ազգին
բարձրագոյն
խաւերը։
Թափանցողութի՞ւն՝
որ
կը
հանդերձէ
վարիչները,
օրէնսդիրները,
մեծ
հաստատութեանց
հաստիչները։—
Գէթ
իր
երկու
ձեռնարկները՝
երկուքն
ալ
ժողովուրդներու
համար
օրէնքներ
խմբագրելը,
պսակուեցան
արդիւնքով:
Բայց
ասոնք
խոշոր
գիծերը
միայն
կուտան
տիպարին:
1870-ին
դիւանագէտը
բացառիկ
արարած
մըն
է,
խորունկ
հաշիւներու,
խնամուած
նենգութեան,
ծածկամտութեան
առաքեալ
մը:
Որ
չի
խօսիր
բայց
կը
լսէ
իր
rayon-ին
ինկող
ամէն
շշուկ:
Որուն
ձեռքը
կ՚երկարի
քիչ
մը
ամէն
ուղղութեամբ,
չքաշուելով
կեղտէն,
աղբէն
ու
մեղքէն:
Որ
պարտաոր
է
սուտը
հագնիլ
վայելչութեամբ,
կողոպտել,
այսինքն
ատոր
միջոցները
արդարացնել,
ազնուազգի
նրբութիւններով,
ու
յաջողցնել
ապօրինի
կամ
օրինաւոր
ձեռնարկներ:
Ասոնք
ալ
տիպարին
լռելեայն
առաքինութիւններէն
մէկ
քանին։
Պատմութիւնը
Օտեանին
համար
չունի
այս
կարգի
վերագրումներ,
տիտղոսներ։
Այն
ատե՞ն:
Ո՞վ
է
այս
հայու
կտորը
որ
առանց
բարձր
ուսում
մըն
ալ
ունենալու,
կը
թափանցէ
կայսրութեան
մը
բարձրագոյն
շրջանակներուն։
Հարցումին
հետ,
ինքնաբերաբար
մտքիս
կը
ներկայանան
ԺԹ.
դարու
պետական,
զինուորական
մեծ
դէմքերը,
ոմանք
Մեծ
կայսրութիւններ
վարելու
բացառիկ
ընկալչութեամբ
(Մելիքոֆ),
ուրիշներ՝
յետանկեալ
երկիրներ
արդիացնելու
ճարտարութեամբ
(Նուպար),
որոնք
իրենց
տեղը
չմոռցան
անշուշտ,
բայց
եղան
իրենց
հայրագրուած
երկիրներունը,
առաւելազանց
աստիճանով
մը։
Եւ
անո՛նք
դարձեալ՝
որ
Օսմ.
կայսրութեան
մէջ,
ամիրաներու
սերունդին
շիջումէն
վերջ,
արդի
ըմբռնումով
պետական
մարդոց
փաղանգ
մը
կազմելու
չափ
բազմաթիւ
եղան:
Գր.
Օտեան,
իր
իսկ
նկարագրին
գինովը
արկածախնդիր
մը
իբրեւ
չզարկաւ
բախտին
ու
գործողութեան
մեծ,
վտանգաւոր
դռները:
Մէկն
էր
որ
ներսէն
կը
կշռէր
իր
դերը:
Իր
հակումները
հայեցողական,
ստեղծագործական,
չըսելու
համար
գրական
տիպարի
մը
հակումները
մնացին
գրեթէ
կեանքին
մինչեւ
վերջը։
Կը
սիրէր
ատենաբանելը,
այո՛,
բայց
կը
սիրէր
զայն
իրեն
յատուկ
շրջանակի
մը
մէջ։
Կը
սիրէր
մտածել
ժողովուրդներու
բարիքը,
այսինքն
ամբողջ
մարդկութեան
երջանկացումը:
Ատ
է
թերեւս
պատճառ
որ
չըլլայ
անցած
խորհրդականի,
յարաբերութեանց
մարդու
դերերէն
անդին։
Անհուն
էր
իր
հեղինակութիւնը
իր
շրջանի
թուրք
պետական
մարդոց
վրայ։
Բայց
մտքէն
չանցուց
այդ
հեղինակութիւնը
արժեւորել
ուրիշ
ալ
արարքներու
վրայ:
Նախարարութիւն
մը,
գէթ
Միտհատ
փաշայի
կարճառօտ
դահլիճին
մէջ,
ո՛չ
անկարելի,
ոչ
ալ
մեծ
փառք
մը
պիտի
կազմէր
անոր
արժանիքներուն
համար։
Աւելի
առաջ
ու
աւելի
վերջ
երբ
սուլթանները
եւրոպական
դահլիճներուն
հետ
կարգադրելիք
բարդ
հարցերու
կծիկը
ունին
առջեւնին
եւ
կամ՝
աս
ու
ան
վսեմաշուք
հիւրը
հաճեցնելու
նոր
քաղաքագիտութիւնը
կ՚ուզեն
առանց
թրքվարի
քաղաքավարութեան
գործադրել,
պիտի
չթերանան
անոր
ընդունակութիւնները
շահարկելու:
Ֆրանսայի
պետական
մարդոց
մտերմութիւնը
կը
վայելէ
անիկա:
Ու
ասիկա
ձրի
չենք
շահիր։
Օտեանի
վրայ
քաղաքական
մարդու
սա
շնորհները
երբ
այսքան
արագ
կ՚առնեմ
նկատի,
տիպարային
կողմերու
արտահանումէն
աւելի,
այդ
շնորհներուն
ցոլքը
հետամուտ
եմ
երեւան
բերելու
իր
գրական
վաստակին
վրայ:
Բարձր
էջեր
չեն
անշուշտ
իր
Բարիզ
եւ
Լոնտոնը,
Կամպէթթան,
բայց
հաւասար
են
գէթ,
այդ
սեռին
մէջ
որ
եւ
է
պետական
քրոնիկագրի
մը
իրագործումներուն՝
այս
անգամ
օտարներէն:
Անշուշտ
գրագէտը
քիչ
մը
շատ
է
այդ
քրօնիկներուն
մէջ,
բայց
ատիկա
դարուն
ճաշակին
կը
մնայ
պարտական։
Իր
աստուածը
—
այդ
գրական
ճաշակին
մէջ
—
Լամարթի՛նը՝
որմէ
բանաստեղծը
երկար
ատեն
տառապեցաւ,
քաղաքական
անձնաւորութեան
մը
դերովը։
Ոչ
մի
այն
1848-ին
այս
քերթողը
վարեց
Ֆրանսայի
ճակատագիրը,
այլ
գրեց
քաղաքական
ալ
պատմութիւն,
ու
մի
մոռնաք,
նոյնիսկ
թուրքերուն
պատմութիւնը,
որ
անշուշտ
փորձիչ
է
բաւական
որ
եւ
է
բանաստեղծի
երեւակայութիւնը
բռնագրաւելու
աստիճան,
պայմանաւ
սակայն
որ
պաշտօնական
պատմիչի
դեր
մը
չըլլայ
իրեն
պարտադրուածը։
Օտեան,
երկրին
արտաքին
քաղաքականութեան
մէջ
սիրեց
գործել,
առանց
երեւալու։
Իր
ժողովուրդին
ներքին
քաղաքականութեան
համար
ալ
ասոր
մօտիկ
եղանակ
մը
գործածեց:
Միտհատ
փաշայի
հետ
իր
Ռուսճուգ
գործակցութիւնը,
խորունկ
գիծերով,
մնաց
իր
ներսը։
Բայց
1868-ին
երբ
Ազգային
Սահմանադրութիւնը
կառավարութեան
կողմէ
կախակայուած
է
ու
ներքին
խլրտումներ
ծայր
կուտան,
Օտեան
որ
դարձած
է,
կը
միջամտէ
ու
կառավարութեան
մօտ
աւելի
արդար
տրամադրութիւններ
ստեղծելով,
կը
յաջողի
ետ
բերել
այդ
կախարդական
օրինագիրքը։
Իր
ժողովրդականութիւնը,
որ
կարօտ
չէր
նման
ծառայութիւններով
կշռուելու,
կը
գլէ
կանցնի
այդ
սահմանները։
Ու
մինչեւ
իր
տարագրութիւնը,
աւելի
քան
տասը
տարի,
միշտ
քիչ
երեւալով,
անիկա
կը
վարէ
ազգային
ժողովը,
ազգային
հարցը,
կ՚առնէ
պատասխանատու
քայլեր
(կ՚ըսեն
թէ
մեծ
է
իր
դերը
61
րդ
յօդուածի
խմբագրումին
մէջ),
գերազանց
հայրենասէրի
իր
հակումներուն
ունկնդիր
եւ
անձնատուր։
Շքեղ
գործունէութիւն
մը`
ամբողջ
այդ
տասնամեակը,
ամէնէն
փորձանուտ
օրերում,
երբ
թուրքերու
կայսրութեան
ներսը
հսկայ
խմորումներ,
իսկապէս
արդար
ցանկութիւններ
եւ
ամենաստորին,
առհաւական
կիրքեր
գուպարի
են
ելած
իրարու
հետ,
ու
մեր
մէջ
ալ
խօսքին,
ճառին,
երեսփոխանութեան
խենդութիւնը
կը
ճարակի
ահաւոր,
անծակ
երջանկութեամբ
մը։
Դարն
է
ճպուռներու,
վարժապետներու,
անձնախնդիր
կիրքերու
ասպետներուն,
դաւադիրներուն
ու
գործելու
մարմաջին
մէջ
ամէն
ինչ
կոտրող-թափողներուն:
Գտնել
միջին
գիծը
ուր
կարենային
իրարու
հանդիպիլ,
եթէ
ոչ
միանալ,
գէթ
իրար
չչէզոքացնել
այդ
ասպետներուն
յիմարութիւնները,
ճամարտակութիւնները,
հանճարային
արարք
մըն
է:
Օտեան
գրեթէ
միշտ
յաջողած
է
այդ
անդրանիկ
Հայ
Խորհրդարանին
արտակեդրոն
ցանկութիւնները,
ծիծաղելի
իսկութիւնները
վերածել
նուազագոյն
չարիքին։
Դէմ
է
Նար-Պէյին
որ
այն
ատեն
մեծագոյն
ուժն
է
եկեղեցականութեան,
ու
կը
տապալէ
անոր
փառասիրութիւնը,
պատրիարքական
գահին
համար։
Դէմ
է
գրական–վարժապետական
խմբակին
որ
միշտ
տառը
կը
հասկնայ,
ոգին
զոհելու
գինով։
Դէմ
է
ազնուաշուքներուն
որոնց
համար
Ազգային
Ժողովոյ
մէջ
պաշտօն
մը
luxe-էն
անդին
չանցնիր
եւ
կամ՝
անցած
պարագային,
կ՚ընէ
ասիկա
խոշոր
կորուստներու
գինով։
Սերվիչէն
1866-ին,
Երեսփոխանական
Ժողովոյ
մէջ
յուզուած
կիրքերը
մեղմելու
համար,
կը
գործածէ
իր
ազդեցութիւնը,
պետական
միջոցներով,
կախակայել
տալով
Սահմանադրութեան
գործադրութիւնը:
Երկու
ամսուան
դադարը,
վերաքննութեան
պատրուակին
տակ,
կը
վերածուի
երկու
տարի։
Սահմանադրութիւնը
կրնայ
բնաւ
չվերադառնալ
ազգին։
Սերվիչէն
անցած
էր
սահմանէն։
Օտեան
կը
գտնէ
կերպը
հաճեցնելու
պետական
շրջանակները։
Սահմանադրութիւնը
կը
դառնայ
ազգին:
Օտեանի
աստուածացումն
էր:
Կը
գրեմ
այս
ամէնը,
ազգային
պատմութեան
մէջ
ոտնձգութեան
վախէ
մը
զերծ
ոգիով։
Օտեան
ազգայինով
խանդավառ
ռոմանթիկ
գործող
մը
չէ
սակայն,
ինչպէս
պիտի
թելադրէին
իրմէն
մեզի
եկած
գրական
պատառիկները։
Զգօն,
խոհեմ,
շրջահայեաց,
գործնապաշտ
կ՚որակէին
մեր
պապերը
գործունէութիւնը
այն
պատրիարքներուն,
եպիսկոպոսներուն,
առաջնորդներուն,
կաթողիկոսներուն
որոնք
եղանակը
գտած
էին
իրենց
խնամքին
յանձնուած
թշուառ
բազմութիւններուն
գլուխէն
փորձանքը,
զարհուրանքը
հեռացնելու։
Նոր
դարու
մը,
այդ
փորձանքները
ունէին
անշուշտ
գոյութիւն։
Օտեան
չտեսաւ
մեր
վերջին
կործանման
նախանշանները:
1890-ին
իր
ողջութիւնը՝
պիտի
կրնա՞ր
բան
մը
փոխել
մեր
ճակատագրէն։
Կը
կասկածիմ։
Քաղաքական
մարդոց
դժբախտութիւնն
է
ժամանակին
մէջ
միայն
պայմանաւորուիլ:
Ինքն
է
որ
կը
գրէ
Կամպէթթային
համար
«Ասկէ
մինչեւ
տարի
մը
առաջ
ամենայն
ինչ
էր
Կամպէթթա
Ֆրանսայի
մէջ,
ասկէ
ամիս
մը
առաջ
գրել
է
ոչինչ
էր»
(Կռիզէլ)։
Ու
վստահ
եմ,
որ
իր
Ֆրանսա
փախուստէն
յետոյ
գրուած
այս
քրօնիկին
մէջ
որ
լոյս
տեսաւ
Մասիս
թերթին
մէջ,
Վահրամ
կեղծ
անունով
(Օտեան
ստորագրած
է
երբեմն
Սիսակ
ալ),
այս
տողերուն
հետ
անիկա
թափած
էր
իր
արցունքը՝
սեպհական,
այնքան
ահաւոր
ստուգութեամբ
մը
զայն
թելադրող
իր
էջին
վրայ:
Գրիգոր
Օտեան,
իր
գործօնութեան
ամէնէն
տաք
շրջանին
պիտի
արգիլուի
իր
ժողովուրդին
մէջ
մնալէ:
Ուրիշ
պաշտօնատարի
մը
համար
սա
տրակոնական
արգելքը
թերեւս
պիտի
չունենար
եղերական
այն
արդիւնքը
զոր
կը
հաստատենք
այնքան
անհերքելի
կերպով
մը
Օտեանին
վրայ:
Իր
յանցանքը՝
իր
գլուխն
էր
անշուշտ,
ու
անիկա
գիտէր
թէ
մեծ
մեղքեր
մենք
կը
ներենք,
բայց
շատ
քիչ
անգամ
պիտի
ներենք
ուրիշի
մը
միտքին
գերազանցութիւնը։
1878-ի
Օսմանեան
Սահմանադրութիւնը
տապալող
դաւադիր
վեհապետը,
ամէնէն
առաջ
ջանքն
էր
վատնած
այդ
սահմանադրութեան
հեղինակները
տարտղնելու:
Միտհատ
փաշա
Պաղտատ
կ՚աքսորուի
…
իբրեւ
կուսակալ
ու
կը
մահացուի։
Ուրիշներ
կ՚արժանանան
նոյն
բախտին։
Գէորգ
Սամանճեան,
կերպը
կը
գտնէ,
գաղտագողի,
Օտեանը
Պոլսէն
Ֆրանսիա
փախցնելու:
Կը
յիշեմ
հոս
Տանթոնին
խօսքը
որ
պատասխան
մըն
է
զինքը
փախուստով
կիյյեօթինէն
ազատելու
խորհուրդ
մատուցանողներուն
«-
Կարելի՞
է
հայրենիքն
ալ
փախցնել
հետս»
Օտեանին՝
հայրենիքը
Պոլիսը
չէր
անշուշտ:
Բայց
այդ
Պոլիսը
կազմեր
էր
անոր
հոգիին
ամբողջ
զօրութիւնը։
Հոն
անիկա
կը
ձգէր
կայսրութիւն
մը
զոր
կը
սիրէր,
ժողովուրդ
մը
որուն
բոլորանուէր
պաշտամունքը
կը
կազմէր
իր
գերագոյն
զբաղանքը:
Առանց
ազգային
մարմիններու,
Ազգային
Խորհրդարանին,
ազգային
գրականութեան
Օտեանին
համար
ապրիլ
մը
շատ
ալ
դիւրաւ
ըմբռնելի
չէ:
Ամէն
կեդրոնական
անձնաւորութեանց
տկարութիւնն
է
ասիկա։
Իր
տարագրութեան
Բարի՜զը։
Յուզիչ
է
որքան
տրտում:
Առջի
տարիներուն
անոր
զբաղանքը
հաւանաբար
կազմեցին
մշակոյթի
այդ
մեծ
ոստանին
բիւրաւոր
գեղեցկութիւններուն
վայելումը,
աչքէ,
ականջէ,
միտքէ
ստացուելիք
տպաւորութիւններու
քաղցր
համանուագը
որ
արթուն
ու
տրտում
իմացականութիւնները
կը
պարուրէ։
Չեմ
խորանար,
քանի
որ
տուեալները
քիչ
են:
Իր
հոգին
հոն
շփումի
եկած
է
սակայն
նոր
ապրումներու
հետ,
գլխաւորաբար
գրական
հեշտութիւններու
ակօսներէն։
Հրանդ
Ասատուր
որ
այցելած
է
անոր
1882-ին,
կը
խօսի
իր
բնակած
վիլլայէն,
անոր
պարտէզէն,
զայն
շրջապատող
մարդոց
խումբէն:
Տարագիր,
դէպի
յիսուն
առագաստ
բացած,
անսփոփ
ու
անսրբագրելի
կերպով
թախծահար
այդ
մարդը
կը
պահէր
այդ
Բարիզին
փոքր
շրջանակին
մէջ
այն
հրապոյրը,
պատկառանքը,
շուքը
որոնց
համախառնուրդ
գումարը
կը
կազմէր
Պոլիս
իր
անձնաւորութիւնը,
պետական
դիւաններու,
դահլիճներու
մթնոլորտին,
ինչպէս
ազգային
իշխանութեանց
պաշտօնարաններուն
ներսը:
Կը
սիրէին
զինքը
օտարները,
քաշուելով
իր
հմայքէն,
ինչպէս
իր
արտակարգ
անուշութենէն։
Բարիզի
նախարարական
կայքերուն
մէջ,
խորհրդարանական
վիճաբանութեանց
առջեւ,
Գրիգոր
Օտեան
ապահովաբար
կը
տառապէր
տառապանքը
շղթայուած
Պրոմեթէոսին։
Զինքը
կը
յարգէին
օտար
քաղաքագէտները,
այս
անգամ
անպաշտօն,
այսինքն
իրաւ
յարգանքով։
Ի՜նչ
հարկ
այս
վերլուծումներուն։
Այդ
վիլլային
մէջն
է
որ
Օտեան
քիչ
քիչ
պիտի
նուաճուի
իր
հիւանդութենէն։
Բայց
այդ
նուաճումին
քովն
ի
վեր
պատմութիւնը
արձանագրած
է
հովուերգութիւն
մը,
գրել
է
տրամայի
մը
տրտմութեամբը։
Հրանդ
Ասատուր
տեսած
է
Մայրան,
ամերիկացի
աղջիկը,
ապահովաբար
հիւանդ,
թերեւս
«բարակ»ով,
որուն
թղթակցութիւնը
ըլլալով
հանդերձ
խռովիչ,
Օտեանի
հետ,
իր
մեկնումէն
վերջ
Ամերիկա,
կը
պարզէ
սիրտի
որոշ
տագնապ
մը:
Ի՞նչ
մարդկային
է
սակայն
սա
պատմութիւնը:
Տարիք,
վիճակ,
հոգեկան
յօրինուածութիւն,
արիւն,
բոլորը
կը
միաբանին
որպէսզի
այս
հոգիները
իրարու
համար
չըլան
գրուած։
Բայց
ճակատագիրը
կ՚ուզէ
իր
ուզած
կերպով։
Երուանդ
Օտեան
հրատարակած
է
այդ
թղթակցութենէն
մաս
մը
բան
(Մասիս,
1893)
ուր
դժուար
չէ
կարդալ
Օտեանին
զգացումներուն
հարազատ
տարողութիւնը։
Իր
երիտասարդութեան
մէջ
անգամ
պարտուած,
Գրիգոր
Օտեան
ի՜նչ
հոգեխառնութեամբ
ընդունած
է
այդ
տրտում,
սլացիկ,
քիչիկ
մը
վեհ
(եւ
հաւանաբար
ցուրտ)
աղջկան
ընտանութիւնը։
Իր
նամակները,
հայրակա՛ն,
պարզ։
Աղջկան
պատասխանին
աւելի
արձակ,
աւելի
թելադրական։
Ազատ
էք
հովուերգութիւնը
զարգացնելու։
Բաւ
է
ինծի
հոս
յիշել
աղջկան
նամակներէն
հատուածիկ
մը
ուր
անիկա
կը
խոստովանի
թէ
կ՚ուզէ
Օտեանը
բայց
ոչ
քովը:
Կը
մտածէ
վրան
բայց
չի
գիտեր
ինչու:
Երջանիկ
է
սակայն
իր
վրայ
մտածել
կրնալուն
ու
ասիկա
այսչա՛
փ։
Ամերիկացի
աղջկան
եւ
հայ
մեծ
մարդուն
միջեւ
սա
դրուագը
դրուագէ
մը
աւելին
է:
Անոր
նուիրած
ալ
է
ամէնէն
երկար
ոտանաւորը։
Յետո՞յ։
Աւաղ,
հիւանդութի՛ւնը:
Օր
օրի
անիկա
պիտի
տկարանայ
Պոլսէն,
զինքը
խնամելու
համար,
քոյրը
Եւփիմէ
Օտեան.
(իր
կարգին
մեր
գրականութեան
մէջ
քաղցրիկ
վաստակաւոր
մը,
իր
թարգմանութիւններով)
կը
հասնի
Բարիզ։
Վերջին
տարին
անոր
մարմինը
ուռած
է,
արգիլելով
իրեն
նստիլ,
պառկիլ,
քնանալ:
Ոտքի,
առաւօտէն
մինչեւ
իրկուն,
իր
պատուհանին
առջեւ
ծալած
իր
ձեռքերուն
վրայ
գլուխը
դրած,
դիտելով
դուրսը,
վանդակի
թռչունները:
Այդպէս
պիտի
փակէ,
քիչիկ
մը
հանգչելու
համար,
իր
աչքերը
իբր
քուն:
Կը
ծակծկեն
իր
մարմինը,
ջուրը
առնելու
համար։
Ու
այդ
ծակերն
ալ
պիտի
գոցուին
գերեզմանին
հողովը,
տեղն
է
կրկնել՝
«դամբանին
մրուրովը»։
Մեր
ամէնէն
նախանձելի
մարդը
գրուած
էր
որ
տառապէր,
իր
փառքին
դափնիներուն
ալ
ներքեւ։
Խօսքը
կուտամ
իրեն։
«Ահա
իմ
վիճակս։
Ջուրերու,
ջղջղանքի
մէջ
կ՚ապրիմ,
գիշեր
ու
ցերեկ,
զզուանք,
գանելանք:
Դուրսի
ուռեցքներս
շատ
իջած
են,
իսկ
այտումն
ներքին
գործարանաց
կարծեմ
թէ
նոյն
առջի
վիճակին
մէջ:
Կը
հեւամ,
կը
թասամ։
Չեմ
հազար
գրեթէ
բնաւ,
զի
չեմ
մսիր
մէկ
ու
կես
տարի
է
տանը
մէջ
փակուած
եմ
եւ
լման
վեց
ամիս
է
եւ
ոչ
մէկ
անգամ
սենեակիս
դռնէն
դուրս
ոտք
կոխած,
ի՞նչպէս
մսիմ։
Ու
հիմա
քսան
օրէ
ի
վեր
կրնամ
երբեմն
նստիլ,
երբեմն
պառկիլ,
այլ
հեղձումներս
ալ
չեն
դադրած։
Եւ
այս
այսպէս
եմ,
մէկ
ու
կես
տարիէ
ի
վեր,
ի
բաց
առեալ
տագնապի
ժամերը
որոնց
վերջինը
սաստկագոյնն
եղաւ:
Իսկ
թէ
ինչպէս
կը
համբերեմ,
կը
տոկամ,
այդ
մասին
մեծ
admirateur
մը
ունիմ,
բժիշկը,
j'étais
malheureux,
j'étais
navré
et
je
vous
admirais
de
supporter
tout
cela
sans
vous
plaindre,
կ՚ըսէր
երէկ:
Ամէնուն
կը
գովէ
զիս»:
Կարճ
այս
տողերուն
մէջ`
հատոր
մը
լեցնելու
բաւող
տառապանք։
Անոնք
որ
ուսումնասիրած
են
սիրտի
հիւանդութիւնները,
կը
մտապատկերէն,
առանց
ճիգի,
երկար
հոգեւարքը
որ
տարի
կը
տեւէ,
մահէն
առաջ
մեռցնելով
մանաւանդ
հոգին։
Օտեան
ինքզինքը
պատուհանէն
վար
չէ
նետած,
ապահովաբար
իր
հաւատքէն
սրտապնդուած։
Իրաւ,
նուրբ,
ազնուական
այդ
քրիստոնեան,
այդ
հայը,
նահատակի
իր
մահիճին
եզրին,
ինչե՞ր
ունեցաւ,
վերջին
իր
րոպէներուն,
աշխարհին
պատմելիք
կամ
իր
Աստուծուն
տանելիք։
Կան
բաներ
որոնք
լաւ
կ՚ընենք
չհարցնել,
նոյնիսկ
մեր
առանձնութեան։
…
Ու,
վարագոյրը։
Գրիգոր
Օտեան
մեր
գրականութեան
ձգած
է
ատենաբանութիւններ,
դամբանականներ,
քրօնիկներ,
տպաւորապաշտ
էջեր,
օրագրի
փշրանքներ,
յառաջաբաններու
մէջ
գրական-քննադատական
նշմարներ,
քանի
մը
քերթուած:
Ասոնցմէ
դուրս
ունի
նամակներ,
ոմանք
լոյս
տեսած,
ուրիշներ
անտիպ:
Ընտանեկան
օրագիրի
մը
յիշատակութիւնն
ալ,
անտիպ,
մաս
կը
կազմէ
իր
գրական
վաստակին։
Մ.
Կազմարարեան
անունով
մարդ
մը
կրցածին
չափ
հաւաքած
է
ասոնցմէ,
ու
հրատարակած
երկու
գրքոյկներու
մէջ։
Հրանդ,
առաջին
գիրքին
սկիզբը
գրած
է
լրագրական
բնոյթով
բայց
բաւական
կենսատարր
պարունակող
երկու
յօդուածներ։
Աճառեան
իր
Պատմութիւն
Հայ
Նոր
Գրականութեան
հատորին
մէջ
նուիրած
է
անոր
սովորական
տասնեակ
մը
էջեր։
Չեմ
գործեր
սրբապղծութիւնը
հոս
յիշելու
Հ.
Սիմոն
Երեմեանին
բաջաղանքը։
Այս
վաստակը
արժեւորել
կարելի
արդարութեամբ,
անաչառութեամբ,
անկասկած՝
դժուար
պարտականութիւն
մըն
է։
Որքան
սրտայոյզ
է,
գրողին
ինչպէս
կարդացողին
համար
անոր
կեանքին
յեռումը,
նոյնքան
տառապագին
զգացումներու
մէջ
կը
գտնէ
ինքզինքը
մէկը
երբ
այսքան
ճոխ
այդ
ապրումներէն
մեզի
մնացածը
կը
չափէ,
առանց
նախապաշարումի:
Իր
վաստակէն,
ուղղակի
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
շահագրգռող
էջերը
թէեւ
ոչ
առատ,
բայց
կը
նկատեմ
բաւ,
որպէս
զի
արագ
ու
ամփոփ
վերլուծումի
մը
մէջ
կատարուի
անոնց
հանդէպ
արդարութիւն:
ա)
—
Իր
քրօնիկները։
Ասոնցմէ
անոնք
որ
Պոլիսը
ունին
միջավայր
ու
օրուան
հարցերը
(Սահմանադրութեան
վերաքննութիւն,
պատրիարքական
ընտրութիւն,
լրագրական
յարձակումներու
պատասխան)
իբր
նախանիւթ,
չեն
պատկանիր
գրականութեան:
Անոնց
մէջ
Օտեան
կ՚երեւայ
քաղաքական
մարդու
մը
կիրքերովը,
ազգայինճիի
մը
խանդովը
տարուած։
Կը
գրէ,
առանց
մտածելու
գրածին,
քանի
որ
այդ
կտորներուն
մէջ
իր
հետապնդածը
իր
ճշմարտութիւնն
է։
Յետոյ
քիչ
մը
տարօրինակ
է
որ
ամբողջ
քաղցրութիւն
ապրած
այս
մարդը,
այդ
հակաճառութեանց
մէջ
իրեն
կը
ներէ
արտայայտութեան
կերպեր
որոնք
կանաչ
են
քիչ
մը,
վիրաւորիչ,
ուրիշ
Օտեան
մը
ուրուագրելու
աստիճան։
Կ՚արձանագրեմ
փաստը
ու
կը
ջանամ
հասկնալ
այդ
օրերու
հոգեբանութիւնը։
Քաղաքական
կիրքը,
թէ
եւ
ծիծաղելի,
բայց
գերագոյն
բռնութիւններու
կ՚առաջնորդէ
մեզ,
շատ
շատ
անգամներ:
Հանդարտութեան
պահուն
դուք
դժուար
կ՚ըմբռնէք
ուրիշը
խօսքով
իսկ
վիրաւորելու
արարքը,
բայց
այդ
կիրքին
մէջ
չէք
անդրադառնար
որ
ձեզի
կը
ներէք
ամէնէն
վայրագ
մղումները:
Ահա
թե
ինչու
գերագոյն
անգթութիւնները,
վայրենութիւնները
մենք
կը
հաստատենք
քաղաքական
հալածանքներու
մէջ։
Քաղաքացիական
կռիւը
ամէնէն
մահացուն
է։
Օտեանը
լաւ
կ՚ընեմ
այդ
քրօնիկներէն
դուրս
հանելով,
տեսնելու
համար
այն
միւսներուն
մէջ,
ընդհանրապէս
Պոլսէն
հեռու
տեղերէ
թելադրուած,
որոնք
թէ
իբր
մտածում,
ապրում
ու
գործադրում
գրական
էջեր
կը
մնան։
Ասոնցմէ
են
Վահրամ
ստորագրութեամբ
Բարիզէն
Պոլիս
ղրկուածները։
Օտեան,
այդ
տարագրութեան
Բարիզը
վայլեցուցած
է
իր
սգաւոր
ու
վիրահար
հոգեբանութեան:
Զատիկը,
Բարիզ
եւ
Լոնտոնը,
Միտք
եւ
Հոգին,
Աղօթքը,
Վիսպատը
կը
պատկանին
գրական
քրօնիկներուն:
Ասոնց
մէջ
Օտեան
նախաճաշակը
կուտայ
Իրապաշտներու
կողմէ
գրականութեան
բարձրացած
այդ
համեստուկ
սեռէն
(քրօնիկ)
քանի
մը
իրական
յաջողուածքներու:
Ասոնցմէ
Զատիկը,
Աղօթքը
Օտեանի
հոգիին
խորագոյն
ակունքէն
փրթած
գեղեցկութիւններ
են,
առանց
յաւակնութեան
ալ
գրի
առնուած։
Իր
պապերուն
ու
անդրանիկ
պատանութեան
վերջամնաց
բայց
ատով
աւելի
հարազատ
արտայայտութիւնները։
Ո՛չ
հանդարտ,
ճարտար
յօրինուածքը
Արփիարեանի
քրօնիկին,
ոչ
ալ
թոյլ,
բայց
ներքին
ջերմութեամբ
մը
թրթռուն
անկեղծ
խոստովանանքը
Եղիային։
Կը
զգաս
որ
կեանքը
թիզ
առ
թիզ
չափած,
շատ
վերերը
սաւառնած
ու
գետին
ինկած
բարձր
հոգի
մըն
է
իր
ապրումները
այդ
կաղապարներուն
յանձնողը,
բանաստեղծութեամբ,
յուզումով,
քաղցրութեամբ
համակ
բաբախումն
ու
իրա՜ւ:
Այդ
քրօնիկներուն
մէջ
հայու
հոգի
մը
զգալը
ներելի
հպարտութիւն
մըն
է,
անոնց
գրուելէն
յիսուն-վաթսուն
տարի
վերջն
ալ
ինքզինքը
հարկադրող։
Միւսները՝
Բարիզ
եւ
Լոնտոն,
Միտք
եւ
Հոգի,
Կռիզել,
Մահ
Վ.
Հիւկոյի,
Լամարթին,
Վիսպատ
եւ
հաւանաբար
տակաւին
քանի
մը
ուրիշներ
զորս
տեսնելու
պատեհութիւնը
չեմ
ունեցած,
Օտեանին
սեպհական
կնիքովը
գրութիւններ
են,
իրենց
նմանը
—
ոչ
անշուշտ
իբրեւ
գրական
գեղեցկութիւն,
այլ
իբրեւ
իւրայատուկ
յօրինուածութիւն
–
չունեցող
Արեւմտահայ
Գրականութեան
մէջ։
Հոն
մեր
գտածը
գրագէտ
մըն
ալ
չէ,
երբ
այս
բառին
տակ
դուք
ուզէք
տեսնել
գրելու
արուեստին
մէջ
մասնագիտացած
գործաւորը:
Մա՛
րդ
մը,
—
ու
հարկ
չի
կայ
շեշտելու՝
ինչ
մարդ
—
իր
հիւանդ
հոգին
ու
մարմինը
կը
պտտցընէ
օտար
մշակոյթներու,
կայքերու,
տեսարաններուն
ներսը։
Տարիքին
լիութիւնը,
հոգեկան
յարդարանքը,
արեւելքը
որ
անոր
ոսկորներուն
բաւիղները
կը
բնակի,
կարօտը՝
կեանքին
քաղցրագոյն
համերէն,
զրկանքը՝
որ
հարկադրուեցաւ
անոր
մտքին,
զգայարանքներուն,
շէնշող
քաղաքը,
աւելի
շէնշող
անոր
մարդերը,
իմացական
իր
անյագուրդ
փառասիրութիւնները
—
բոլորը
կը
միանան
որպէսզի
Օտեանի
Բարիզը
ըլլայ
եղերական
բան
մը,
մեր
գրողներէն
քիչին
վիճակուած։
Մօտեցուցէք
ասոր,
Պարթեւեանի
խուլ,
կրքոտ,
գրեթէ
անասնական
Բարիզը
ու
դուք
պիտի
զգաք
թէ
ինչ
անդունդներ
կը
պառկին
երկու
գրողներուն
բարեխառնութեանցը
ընդմէջ։
Այս
է
պատճառը
թերեւս
այդ
քրօնիկներուն
գրեթէ
անիրական
մթնոլորտին,
անիրապաշտ
հովին,
նոյն
ատեն
անոնց
տարողութեան
տեսակին:
Լման
Բարիզ
մը,
լման
Լոնտոն
մը
չեն
գար
մեզի
այդ
քրօնիկներէն,
կ՚ընդունիմ։
Բայց
եկածին
վճռական,
ցայտուն
նկարագիրը
մեզ
կ՚երաշխաւորէ
դիտողութեան
շատ
սուր
շնորհներ:
Յայտնի
է
որ
6
-7
տարիներու
ընթացքին,
Գրիգոր
Օտեան
վստահած
է
միայն
ներշնչման
պահերու,
միտքի
այդ
մեծ
ոստանին
համար
իրական
անշուշտ։
Ծանրանալ
այդ
քրօնիկներուն
ներքին
արժէքին,
պիտի
նշանակէր
դիւրաբեկ
ապակիէ
քանակէ
մը
սիւնի
մը
տոկունութիւնը
պահանջել,
ինչպէս՝
թերեւս
հակասել
ալ
սեռին
նկարագրին
որ
օրուանը,
պահինը
ունի
առաւելակշիռ
ձեւով
մը
նկատի։
Ծանրանալ
այդ
քրօնիկներուն
մէջ
անոր
զգայնութեան,
խառնուածքին,
իմացականութեան
փաստերուն,
պիտի
նշանակէր
մարդը
վերստին
յօրինել:
Անոնց
մէջն
է
Օտեանին
հոգին,
պարզ,
թեւարձակ,
քաղցր
ու
հաղորդական,
մոռցնելու
չափ
ուրիշ
հանգամանքներ
որոնք
քրօնիկ
մը
կը
հանդերձեն,
օրինակ՝
Արփիարեանի
մօտ։
Այդ
հոգին
մէկէ
աւելի
կտորներուն
ներքին
ձայնն
է,
ուր
զանակներ,
քուղեր
ունենային
աւելի
հեռու,
մութ,
խորունկ
ուրիշ
ալ
հծծիւններ։
Ով
որ,
առանց
նախապաշարման,
ուշադրութեամբ
կը
կարդայ
Զատիկը,
չի
կրնար
չայցուիլ
հեռու,
բարակ
սօսաւիւններէ,
պապերուն
ճամբովը
զաւկըներուն
արեան
մէջ
անձրեւուած։
Կուգան
քեզի
օրեր,
ուր
տղայ
էիր,
հայ
էիր,
ու
կ՚ապրէիր
ինչ
որ
քու
նախնիքդ
ապրեր
էին
սանկ
աւելի
քան
հազար
տարիներ:
Ով
որ,
միշտ
պարզ
ու
վստահ
զիջումով
մը,
կ՚աւարտէ
Աղօթքը,
չի
կրնար
չյիշել
օրերը,
պահերը
որոնց
մէջ
մեզի
տրուած
է
իրաւ
հաղորդակցութիւնը
զգալ
երկինքին
ու
երկրին,
առանց
մեծ
հաւատքի
ըմբռնելի
այն
ոգեղինացումը
որուն
խելամտումը
կ՚ընենք
մեծ
խռովքներէ
առաջ
կամ
մեծ
արցունքներէ
վերջ։
Աղօթելը
բանաստեղծել
է:
Ու
Գրիգոր
Օտեան
իբր
բանաստեղծ
ապրած
է,
փառքին
ինչպէս
կորանքին
մէջը։
Այդ
քրօնիկներուն
մէջն
է
մանաւանդ
Օտեանի
իմացականութիւնը,
պայծառ,
հաստատ
տուեալներու
հետամուտ,
քաղաքական
իրադարձութիւններու
դասերովը
զգօնացած։
Տարողութի՞ւնը
այդ
մտքին:
—
Ապահովաբար
ամէնէն
ընդարձակներէն,
քաղաքականին
համար
մասնաւոր
ալ
առաձգութեամբ
օժտուած։
Ու
մանաւանդ
անոնց
մէջն
է
անոր
խառնուածքը,
ազնուական
սիրտը,
մարդկայինին
խորունկ
հասկացողութեամբ
մը,
համակրանքով
մը
թրթռագին,
երա՛նգ՝
որով
կը
զանազանուին
արեւելքի
վերլուծողները
արեւմուտքի
բութ,
շեշտ
ընդհանրացնողներէն։
Զուր
տեղը
չէ
իր
հիացումը
ամէնէն,
հաղորդական
քերթողներուն
վրայ։
Իր
Վիսպատը
գրեթէ
քերթուած
մըն
է,
հաւանաբար
վոսփորեան
տեսիլներու
յաճախանքը
իր
կարօտակէզ
հոգիին
վերեւ
սաւառնաթեւ
ու
թրթռուն:
Մեր
ռոմանթիկներուն
համար
այդ
արտաքին
աշխարհէն
ապրումները
գրական
ըլլալնուն
չափ,
ներքին
ալ
հաղորդումներ
են:
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
Իրապաշտները
այդ
Պոլիսը
պիտի
ընեն
աւելի
իրաւ,
իրական,
բայց
պիտի
կորսնցնեն
անոր
անթարգմանելի,
անփոխարինելի
հրապոյրը
ուր
փրփուրը,
թաւիշը,
դալուկը
աղջիկներուն
ու
դեղձը
կիներուն
կը
խառնուին
իրարու:
Յիշեցէք
Դուրեանը,
Պէշիկթաշլեանը։
Առանց
պոլսական
այդ
զգայնութեան,
ասոր
թափանցումին՝
դժուար
է
արդար
ըլլալ
այդ
երկու
բանաստեղծներուն
հանդէպ:
Լուսահոգի
Ադոնցը
երբ
չի
հասկնար
Պէշիկթաշլեանը,
ոչ
անիրաւ
է
ոչ
ալ
անխելք,
այլ
աղքատ՝
այն
ապրումներէն
որոնք
մեր
զգայարանքներով
են
պայմանաւոր:
Գրական
գոհարնե՞ր՝
—
այդ
քրօնիկները,
ինչպէս
ճամարտակօրէն
մարդիկ
սանկ
կէս
դար
մը
յորջորջեցին
զանոնք։
Երբե՛ք։
Քրօնիկի
մը
կատարելութիւնն
իսկ
չի
փրկեր
զանոնք,
մինչեւ
որ
Արփիարի
ըրածին
նման,
անոր
շարքը,
յաջորդական
կերպարանքները,
ժամանակին
մէջ
ստանան
միութիւն,
նկարագիր,
ու
պարզեն,
այդ
իսկ
բարիքով,
առաքինութիւններ,
այս
անգամ
վերգրականէն,
օրէն։
Օրուան
կեանքը
(Արփիար
Արփիարեան),
քանի
մը
հատի
մէջ,
չէր
կրնար
բարձրանալ
այն
իմաստին
զոր
այժմ
ունի
մեր
գրականութեան
մէջ,
երեսուն
ու
աւելի
տարիներու
վրայ
երկարաձգուող
պատկերացում
մը
իբրեւ:
Յետոյ,
լրագրողը
Օտեանի
մէջ
մնացած
է
շատ
նախնական։
Միշտ
մտածում
մը
ձերբակալելու
հետամուտ,
Օտեան
չէ
մտահոգուած
ձեւին
վայելչութեամբը։
Իրաւ
է
որ
չենք
անդրադառնար
ասոր
թերութիւններուն,
այն
աւագ
պատճառով
որ
ծանր
ապրումներ
միշտ
յատակը
կուտան
հատուածին,
բայց
նոյնքան
իրաւ
է
որ
չենք
ալ
կշտանար
վասնզի
բոլոր
իրողութիւնները,
քանի
մը
սիւնակի
վերածելու
տագնապը
կը
միջամտէ
անդադար,
վարելով
գրողին
ներշնչումը։
Առանց
գրական
գոհարներ
ըլլալու,
Օտեանի
քրօնիկները
հաճելի,
սիրուն,
երբեմն
տաք
կտորներ
են,
գրուած
մանաւանդ
առանց
յաւակնութեան,
հոծ
զգայութիւններու
իբրեւ
արձագանգ,
մարդու
մը
կողմէ
որ
կը
վազէր
իր
ողբերգութեան,
առանձին,
յուսակորոյս,
մոլորեալ,
բայց
հաւատքովը
ջանալով
այդ
տրամադրութիւնները
այլափոխելու:
Իր
մեծ
հոգիին
հեղումովը
բաբախուն՝
այդ
կտորները
այն
ատեն
ըրին
արիւնոտ
տպաւորութիւն
մը
երբ
լոյս
կը
տեսնէին։
Ժամանակը
չորցուց
արիւնը:
Բայց
հետքը
ապրեցաւ:
Օտեանի
ստեղծագործութեան
ամէնէն
լուրջ,
մասէն
բաժնուելու
ատեն
չեմ
կրնար
ընթացք
չտալ
մէկէ
աւելի
հակամարտ
մտածումներու:
Ատոնցմէ
առաջինն
է
քանակի
հարցը.
Ով
է
մեր
գրողներուն
մէջ
այն
անունը
որ
ունենայ
Օտեանին
փորձառութիւնները,
դիտողութեանց
մթերքը,
շփումներու
ընդարձակ
բարիքը
քանի
մը
հատ
իրարու
հակադիր
քաղաքակրթութիւններէ։
Անիկա
ապրեցաւ
Թուրքը,
անոր
ամէնէն
յատկանշական
շրջանին
երբ
այդ
ժողովուրդը
—
գէթ
իր
բարձրագոյն
խաւերուն
մէջ
–
մորթ,
չըսելու
համար
հոգի
կը
փոխէր:
Անոր
բարեկամները,
թուրք
աւագանիէն,
հաւանաբար
մարդեր
էին
որոնք
իրենց
թրքութիւնը
այսօրուան
սպայութեան
նման
աստուածացնել
մտքէ
չանցուցին:
Ատկէ
չամչցան
անշուշտ,
բայց
ատով
հպարտանալը,
ատով
աշխարհին
նիզակ
ճօճելու
ռոմանթիզ
մը
չներեցին
իրենց։
Ժողովուրդներու
հոգին
իր
պարզագոյն
ձեւերը
կը
գտնէ
երբեմն
այդպէս
հզօր
վերիվարումներու
processusին
ընդմէջէն:
Այն
խումբը
որ
Սուլթան
Ազիզը
ոսկի
վանդակի
մը
մէջ
նետեց,
անոր
երկարելով
ոսկի
մկրատը
որպէս
զի
իր
երակները
կտրէր
գահազուրկ
կայսրը,
անշուշտ
կը
տարբերէր
միւսներէն,
սանկ
յիսուն
մը,
հարիւր
մը
տարի
առաջ,
երբ
ճաղատ
—
որովհետեւ
ածիլուած
—
ու
բաց
գլուխով,
մինչեւ
ակռաները
զինուած
խուժան
մը
կուգար
արքունիք,
ձողերու
գլխուն
ճօճելով
կառափները
յօշոտուած
փաշաներուն,
եպարքոսներուն,
եւ
պահանջելով
նուիրական
գլուխն
ալ
Մարգարէին
շուքին
ու
յաջորդին
…
եւ
Օսմանին
գահին
պատմութիւնը
այս
կարգէ
ոճիրներու
մէջ
առաջնութիւնը
հազիւ
թէ
կը
զիջի
կեսարներու
Հռովմին
եւ
Վասիլոսներու
Բիւզանդիոնին:
Օտեան
եղա՞ծ
է
այդ
խումբին
հետ,
մէջ։
Գաղտնիք։
Բայց
Օտեան
թուրքը
ճանչցած
է
ահաւոր
խորութեամբ
մը:
Իր
քրօնիկը
այդ
մասին
խլուրդի
մը
չափ
լուռ
է
դժբախտաբար։
Դարձեալ,
Օտեան
լայն
շփումներ
է
ունեցած
արեւմուտքի
բարքերուն,
առնուազն
դիւանագիտական
շրջանակներուն
հետ:
Ոչ
մէկ
քաղաքական
մարդու
կենդանագիր
(եթ
է
չհաշուենք
Կամպէթթան,
Կռիզելին
մէջ,
ու
քանի
մը
ուրուագիծ
իսկ
չեղող
անգլիացիներ
Բարիզ
եւ
Լոնտոնին
մէջ),
ոչ
իսկ
կիներու
թերաստուերներ,
այնքան
շահեկան,
դիւանագիտական
ասպարէզներու
վրայ
իրենց
խորունկ
նշանակութեամբը։
Ի՞նչ
անուն
տալ
այն
վերապահութեան
որ
զինքը
կը
կաշկանդէ
երբ
պիտի
խօսի
ամերիկացի
աղջկան
մը
վրայ
(սահմանուած
մասը
կազմելու
Աբբա
Քօնսթանթէնի
յառաջաբանին
բայց
վերցուած),
այս
անգամ
խոր
ծանօթութեան,
երկար
մտերմութեան,
թերեւս
սիրտի
ալ
ձայներու
բարիքներովը
նպաստաւորուած,
ու
մեզի
կը
ձգէ
սովորական
երկու
էջ.
անէքդոտին
խօսք
միայն:
Օտեանի
քրօնիկները
կը
տառապին
դարձեալ
հայեցիութեան
անդարման
պակասով
մը։
Հազիւ
Զատիկը
մեզի
կ՚ընդզգացնէ
այդ
անկորնչական
իսկութենէն
պզտիկ
մը
բան:
Իր
Պէշիկթաշլեանին,
Պէրպէրեանին,
Եղիային
եւ
ուրիշներու
ուղղած
նամակները,
թեւաւոր
ու
հասցէ
ունեցող
քրօնիկներ
ասոնք,
աւելի
տարտամ
ու
քիչ
բան
կ՚ըսեն
մեզի
քան
իր
թռուցիկ
նօթերը
Լամարթինի,
Հիւկոյի
վրայ։
Եւ
որովհետեւ
գրական
շատ
ինքնատիպ,
շատ
յաջող
ձեւ
մըն
ալ
չի
պաշտպաներ
խորքի
սա
թերացումները,
մենք
կը՝
տառապինք
որակէն
ալ:
Օտեանի
քրօնիկները
անբաւական
են
այսօր
անկէ
գրագէտի
դէմք
մը
պարտադրելու
մեզի:
Չեմ
ըսեր
թէ
հանդիպող
հրապարակագիր
մը
պիտի
կրնար
ստորագրել
Միտք
եւ
Հոգի
քրօնիկը։
Բայց
կ՚ըսեմ
որ
ամէն
գրիչ
բռնող
եւ
խելք
ունեցող
ու
մանաւանդ
ապրած
մարդ
ի
վիճակի
էր
նման
արարքի
մը
հեղինակը
դառնալու:
բ)
—
Իր
նախաբանները,
որոնցմէ
մէկը
Ռուսինեանի
Դասագիրք
Փիլիսոփայութեանը
բացող,
ուշագրաւ
է
անտարակոյս։
Կը
յիշեմ
Աբբա
Քօնսթանթէնի
յառաջաբանն
ալ։
Մնացեալները
աւուր
պատշաճի
խօսքեր
են,
հիացումներու,
աղաչանքներու
փոխվճար
(Եղիայի,
Ալ.
Փանոսեանի
եւայլն
ուղղուած
դրուատալից
խօսքեր:
Չեմ
զբաղիր
ասոնց
վարկաբեկիչ
իմաստով
ալ)։
Ռուսինեանի
յառաջաբանը
Օտեան
գրած
է
1879-ին։
Կատարուած
է
թրքական
սահմանադրութիւնը
կործանող
պետական
հարուածը,
քշուած
են
հրապարակէն
թուրք
աւագանիէն
բոլոր
ազատական
իր
թուրք
բարեկամները։
Համիտը
հիմերը
կը
նետէ
իր
բռնակալութեան։
Գոյութիւն
ունի
61
րդ
յօդուածը,
ու
թուրքերուն
մտքին
մէջ
տիրական
կերպով
մարմին
է
դարձած
մեր
ժողովուրդին
հանդէպ
կասկածը,
անվստահութիւնը։
Չեն
գործեր
կանոնաւոր
կերպով
ազգային
մարմինները:
Քուրդերու
կողմէ
արեւելեան
սահմաններուն
վրայ
կայսրութեան
(1878-ի
պատերազմը
ռուս–թուրքի
գործադրուած
ահաւոր
սպանդը
թուրքերը
ոչ
միայն
կ՚իւրացնեն,
կ՚արդարացնեն,
այլ
կ՚որդեգրեն,
առանց
այլեւայլի,
պալքանցիներուն
դասը
չմոռնալ՝
ուխտելով։
Վարժապետեան
կը
վարէ
Պոլսոյ
պատրիարքութիւնը
բայց
ազգին
աւագանին
մտահոգ
է
թրքութեան
ներսը
արթնցած
զգացումներէն,
մեզի
հանդէպ:
Ու
նահա՜նջ։
Օտեան
հոգեբանական
այդ
տրամադրութեանց
մէջ
գրի
է
առած
այդ
յառաջաբանը։
Լիութեան
մէջն
է
իր
մտքին։
Կը
տառապի
ցաւը
իր
ժողովուրդին,
որ
այնքան
քաղցր
երազանքով
մը
հետեւեր
էր
ռուս
բանակներու
յաղթանակին:
Պերլինի
Վեհաժողովէն
դարձողները
ողբասացներ
էին:
Ու
Օտեան,
բոլորէն
աւելի
կը
զգար
այդ
արարքին
ամբողջ
տարողութիւնը։
Ն.
Ռուսինեանը
իրեն
համար
պատեհութիւն
մըն
է,
իր
սերունդին
հաւատոյ
մասունքը
խմբագրելու:
Արդարեւ,
ճարտարութեամբ
մը
որուն
երկրորդ
օրինակը
չենք
գտներ
Օտեանէ
ստորագրուած
որեւէ
էջի
մէջ,
անիկա
պիտի
տայ
այդ
սերունդին
ամբողջական
կերպարանքը,
զայն
կանխող
բարեխառնութիւնը,
մանաւանդ
այն
միւս
բարեխառնութիւնը
որ
իրեն
էր,
իրենցն
էր
սանկ
10-15
տարի,
վաղամեռ
Ն.
Պալեանին
հետ
Ազգային
Սահմանադրութեան
երկունքի
օրէն
մինչեւ
անոր
ծնունդին,
աճման
առաջին
շրջանը
լեցնող
միջոցը,
ուր
ամէն
րոպէ
հարուածը
կը
պտտէր
իրենց
գլխուն
ու
վտանգը
իր
ցանցերը
կը
լարէր,
ներսէն
ու
դուրսէն:
Ռուսինեանի
առիթով
ես
փորձեցի
այս
տագնապանքը
տեսնել
կեսարացի
բժիշկին
հոգեբանութեանը
մէջ։
Օտեան
իր
բարեկամին
վրայ
իր
վերլուծումներուն
մէջ
—
ուրիշ
բան
չէ
նախաբանը
Փիլիսոփայութեան
Դասագիրքին
—
այդ
տագնապը
կը
պատկերէ,
իրեն
յատուկ
ժուժկալ
եւ
զգոյշ
ճարտարութեամբ
մը:
Ուրեմն
գիրք
մը
նախաբանել
Օտեանի
համար
առիթ
մըն
է
կեանքը
հասկանալու
եւ
այդ
հասկացողութիւնը
ընդհանրացնելու:
Արդարեւ,
ի՜նչ
արագ
բայց
վստահ
հպումներով
անիկա
1848-ի
ֆրանսական
հոգեբանութիւնը
կը
յաջողի
խտացնել
քանի
մը
էջի
վրայ,
լայն
գաղափարներ
գործածելու,
անոնց
հետ
իյնալ
ելլելու
արարքը
վերածելով
լրջութեան,
պատկառոտ
յարգանքի,
երբ
այդ
հերոսութիւնը
իրեն
ժամանակակիցներէն
շատ
շատին
համար
փառասիրութիւն
մըն
էր
եթէ
ոչ
սնափառութիւն
մը։
Եղիա
պիտի
խաղալ
գաղափարներու
հետ
անորակելի
անպատասխանատուութեամբ
մը։
Մամուրեան
անոնց
վրայ
պիտի
շահադիտէ
իր
վարկը,
թերթը
հիմնաւորելու,
Պէրպէրեան՝
իր
վարժարանը
եւ
ուսուցումին
եղանակը
պիտի
ջանայ
ոսկեզօծել:
Օտեանն
է
որ
գաղափարները
—
օտարներու
ապրանք
ու
օտարներու
համար
—
զգուշաւոր
ու
զգաստ
գործածութեան
մը
մէջ
կը
դնէ
իրենց
ճշմարիտ
դերին:
1848-ի
սկզբունքները
գործադրելի՞
էին
արեւելքի
ամէնէն
յիմար
ոստանին
մէջ,
մանաւանդ
այդ
ոստանին
ընդերքին
թաղուած,
կորսուած
ոչխարներու
հօտի
մը`
վրայ
որ
իր
ժողովուրդն
էր
1850-ին։
Գործադրելի՞
էին
անոնք
թուրքերուն
իսկ
շրջանակէն
ներս։
Օտեան
օրէնսդիր
մը՝
չէ՝
Ռուսինեանին
պէս,
թուղթի,
ասոր
վրայ
խազխզուած
նշաններով
խանդավառ
տեսարան
մը։
Հոս
է
արդէն
իր
նկարագրին,
խառնուածքին,
իմացականութեան
ամէնէն
ինքնայատուկ
կողմը։
Անիկա
մարդերու
լայն
ճանաչող
մը,
կարելիութեան,
յարաբերականութեան
զգայարանքով
առատապէս
ու
որակյալ
եղանակով
մը
օժտուած
արեւելքցի
մըն
է
ու
կը
հասկնայ
թէ
որ
քան
դժուար
կը
փոխուին
մեր
մէջ
նախապաշարումները,
անգամ
մը
ստացուած
թերութիւնները,
աւանդութեան
յօրինած
խելքի
դրութիւնները:
Կը
Մեղադրէ
Ռուսինեանը.
1.
—
Անոր
լեզուական
բարեկարգութեան
ծրագիրներուն
համար,
առանց
անդրադառնալու
որ
ատոնք
իր
խորհուրդին,
հաւանութեան
արժանացած
իրողութիւններ
էին։
Ինք
ալ
ատեն
մը
գրած
էր
Ուղղախօսութեան
սկզբունքներով։
Իր
դատաստանները
լեզու
ըսուած
երեւոյթին
վրայ
1860-ի
բանասիրական
դպրոցին
(արեւմտեան
Եւրոպա)
տեսակէտները
կը
պարզեն։
Թէ
լեզուն
անձնական
ճիգէն
զերծ
է
միշտ,
ինքզինքը
կը
շինէ,
օրէնքները
կ՚իւրացնէ
իրեն
յատուկ
տրամաբանութեամբ
մը,
—
գաղափարներ
են
որոնք
այդ
օրերուն
անհերքելի
ճշմարութիւններ
կը
թուէին։
Եւ
որովհետեւ
Ռուսինեանի
բարենորոգչական
ձեռնարկը
ամէնէն
աւելի
կը
շօշափէր
ուղղագրական
դրութիւնը,
կը
հասկցուի
թէ
որքան
խախուտ,
անապահով
էին
այդ
տուեալները,
Ռուսինեանը
պաշտօնապէս
կործանելէ
վերջ,
անոր
յիշատակն
ալ
հարուածել
շարունակելու:
Ըստ
իր
տեսութեան՝
լեզուի
մը
ուղղագրական
տարիքը
խորհրդաւոր,
եթէ
ոչ
անբացատրելի
հրաշքներէն
մէկն
էր,
գրեթէ
յայտնութենական
տարողութեամբ։
Ու
1860-ին
ոչ
ոք՝
որ
յանդգնէր
ֆրանսական
ուղղագրութեան
յիմարութիւնները
կասկածիլ,
ուր
մնաց՝
դարման
առաջարկել։
Փորձը
ցոյց
տուաւ
որ
հարիւրաւոր
խենդութիւններ
այդ
լեզուին
ուղղագրական,
համաձայնական
օրէնքներէն
բարեփոխուեցան,
մաքրագործուեցան
առանց
որ
ֆրանսերէնը
տկարանար
կամ
մեռնէր։
Աւելին,
1900-ին
ոչ
ոք՝
որ
մտքէն
իսկ
անցընէր
թէ,
քսան
տարի
վերջ,
ձեռնարկու
թուրք
մը,
միս
մինակը
պիտի
յաջողէր
թուրքերէնէն
վտարել
ոչ
միայն
օտար
տարրերը
(արաբ,
պարսիկ
բառակոյտը),
այդ
լեզուներուն
յատուկ
համաձայնական
նրբութիւնները,
այլեւ
պիտի
ընէր
անկարելին,
—
գիրն
իսկ
փոխելով
եւրոպականով։
Մէկ
հարուածով
հինգ
հարիւր
տարուան
աւանդութեամբ,
սնապաշտութեամբ,
մեծամտութեամբ
ազգային
ամէնէն
բարձր
խորհրդանշանը
նկատուող
փառքը
վերածել
մոխիրի։
Այդ
հարուածէն
դուրս
եկած
թուրքերէնը
պարզ
գործիք
մըն
է,
այնքան
ընտել,
մօտիկ
որ
տղան
չունի
ոչ
մէկ
հեստութիւն,
ոչ
միայն
զայն
սորվելու
—
պէտք
ալ
չունի
այդ
յիմարութեան
քանի
որ
իր
բերնովը
գիտէ
արդէն
—
այլեւ
գործածելու:
Արեւմտեան
լեզուաբանութեան
նրբանուրբ
օրէնքները,
եզրակացութիւնները,
հաւատոյ
հանգանակները
ամառուան
ամպերու
նման
անհետացան։
Ռուսինեանի
օրէնքները`
լեզուին
վրայ,
կրնայի՞ն
տեղ
մը
ունենալ։
Կը
կասկածիմ,
ոչ
թէ
Օտեանէն
բանաձեւուած
տեսութեանց
հիմովը,
այլ
մեր
յիմարութեան,
շատ-գիտցուկութեան,
անիշխանութեան
օրէնքներուն
ճնշումովը:
Հրեաները
գի՜ր
ու
լեզու
ստեղծեցին
Պաղեստինի
մէջ,
քանի
մը
յամառ,
խենդ
փառասիրութեանց
շնորհիւ:
Մօտ
է
օրը
երբ
ֆրանսերէնը
կը
մաքրուի
իր
սնոտիքէն
որուն
վրայ
կը
դողդղային
մեծ
արքաներն
ու
մեծ
գրագէտները
կանխող
դարերուն։
Կը
հաւատամ
որ
հեռու
չէ
օրը
երբ
դարձեալ
զօրաւոր
ձեռք
մը
կը
միջամտէ
մեր
ալ
լեզուին,
մանաւանդ
անոր
ուղղագրական
յիմարութիւններուն
եւ
կը
լուծէ
տագնապը,
թերեւս
աղեքսանդրեան
միջոցով
մը:
Օտեան
մարգարէ
մը
չէր:
Թուրքերուն
լեզուական
բարենորոգումը
գուշակելու
չափ։
2.
—
Բացի
Ուղղախօսութենէն
Ռուսինեան
կը
մեղադրուի,
Օտեանի
վերլուծումին
մէջ,
իր
օրէնքներուն
համար
ալ:
Հոս
ալ
անպաշտպանելի
է
իր
դատը։
Այդ
օրէնքներուն
խմբագրումը
եթէ
Ռուսինեանին
գործը
կը
նկատենք,
բայց
վստահաբար
գիտենք
որ
անոնց
յղացումը
մեծ
չափով
կը
պատկանի
Օտեանին,
Պալեանին։
Այն
ատե՞ն։
Եթէ
երբեք
1860–70-ի
շրջանին
մեր
ազգային
գործերը
չառին
իտէալ
գնացքը
որուն
հաւատքը
ունէին
Սահմանադրութեան
հեղինակները,
զառածումին
եւ
թերացումներուն
պատասխանատուն
Սահմանադրութիւնը
չէր,
այլ
մեր
իսկ
մտայնութիւնը։
Ազգային
Սահմանադրութիւնը
օրէնքներ
կ՚առաջարկէր,
արդար
եւ
տրամաբանական,
այնպիսի
մարդոց
որոնք
դարերով
ապրեր
էին
ապօրինութիւն,
անխելքութիւն,
բռնութեան
տակ
միայն
ընդունելու
կարող
որ
եւ
է
թելադրանք,
ան
ալ
օտարէն։
Ազգային
խորունկ
թերութիւնը
—
իրար
չհանդուրժելու
—
հեղինակն
էր
մեր
գործերուն
վատ
ընթանալուն
եւ
ոչ
թէ
զանոնք
կանոնաւորել
ձգտող
օրէնքներուն:
Ռուսինեան
մեղադրելի
է
երբ
կը
հաւատայ
թէ
ազգին
գործերը,
ղեկավարուելու
համար,
կարօտ
են
դրամի:
Այդ
դրամը
մենք
պիտի
հայթայթենք,
յօժարակամ,
ինքնամատոյց,
առանց
որ
ուզուի՜
անիկա։
Այս
եղջերուաքաղի
մօտեցող
մտածումը
նոյնիսկ,
իր
տարօրինակութեան
մէջ,
հաւասար
է
սակայն
Ազգային
Սահմանադրութեան
միւս
հիմնական
տրամադրութիւններուն:
1840ին
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
աթոռը
բարձրացող
եպիսկոպոս
մը
չէր
կրնար
մտքին
մէջ
տեղ
տալ
սա
գաղափարին
որ
ազգին
եկամուտները
իրը
չէին,
այլ
ազգինը
ու
անոնց
գործածութեան
վրայ
հսկողութիւն
մը,
աշխարհականներու
կողմէ
աներեւակայելի
յիմարութիւն։
Բայց
1869-ին
այդ
գահը
բարձրացող
եպիսկոպոսը
(Խրիմեան)
երդումով
ուխտեց
հնազանդիլ
այդ
հսկողութեան
(ուրիշ
խնդիր՝
ատիկա
ընելու
իր
անկարողութիւնը)։
Այս
քանի
մը
նկատումներէն
դուրս
դասագիրքին
յառաջաբանը
խորունկ
էջ
մըն
է
մանաւանդ
ինքնավերլուծման։
Յուզիչ
են
Օտեանի
հոգեկան
տառապանքները։
Իր
վախերուն
ստուերը
տեսակ
մը
եղերական
բան
ալ
կ՚աւելցնէ
պատկերին
մելամաղձոտ
իրականութեան։
Իր
բարեկամը
յօրինելու
ատեն,
Օտեան,
առանց
անդրադառնալու,
զայն
բաշխած
է,
բաժնած
է
հաւաքական
այն
հոգեբանութեան
որուն
ընդ
մէջէն
է
որ
արդէն
արժէք
ու
թանձրութիւն
կը
ստանան
մարդոց
արարքները։
Կէս
դարէ
աւելի
ժամանակ
է
անցել
այդ
էջերուն
վրայէն:
Անոնց
հինցած
մասերէն
իսկ
սակայն,
այսօր
կրնանք
օգուտով
խօսիլ։
Այս
բարակրաֆի
մուտքին
ես
ըսի
որ
այդ
յառաջաբանը
Օտեանի
իմացականութեան,
գրական
ըմբռնողութեան
ամէնէն
հարազատ
հանդիսարանն
էր:
Այսինքն՝
Արեւմտահայ
Գրականութեան
այն
յատկանշական
անկիւնը
ուր
մեզի
կը
տրուի
շատ
ստոյգ
կերպով
մը
ճանաչումն
ընել
այդ
գրականութիւնը
ընող
սերունդին
հաատոյ
հանգանակին։
Հոն,
Կիզօ
կը
նկատուի
իմաստասէր,
Թիէռ՝
մեծ,
շատ
մեծ
գրագէտ:
Քէնէ,
Պէրանժէ
մեծ
միտքեր։
Բոլոր
այս
անունները
հազիւ
թէ
յիշատակութիւն
իսկ
ունենան
այսօր
ֆրանսական
գրականութեան
պատմութեան
մէջ։
Կան
տակաւին
Բուզէնը,
Միշլէն,
որոնցմէ
առաջինը
իր
ահաւոր
համբաւին
մեղքը
կը
քալէ
իր
գռեհկացուցած
(գեղեցիկը,
ճշմարիտը,
բարին)
տարազէն
մինչեւ
այսօր
ինքզինքը
ազատագրած
չըլլալուն։
Օտեան,
Պէրպէրեանէն
առաջ,
հեշտագին,
կը
զառածի
այդ
բառերուն
սնոտիքովը։
Ասոնք
այսօր
սրբագրուած
յիմարութիւններ
են։
Աւելին,
Օտեան
կը
հաւատայ
որ
Հիւկօ,
իր
Քրոմուէլի
յառաջաբանով
կը
յեղաշրջէ
ֆրանսական
թատրերգութիւնը,
եւ
իր
խաղերովը,
որոնք
Քօռնելն
ու
Ռասինը
կ՚արժեն,
իւրաքանչիւրը,
ֆրանսացիներուն
հանճարը
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
կ՚անմահացնէ։
Այսօր
գիտենք
որ
Հիւկօ,
թատրոնէն
այնքան
կը
հասկնար
որքան
իր
դռնապանը:
Բոլոր
այս
տրտմութիւնները
Օտեանի
գրչին
տակ,
սեպհականութիւնն
են
1860-ի
մեր
մտաւորականներուն։
Ու
մօտիկն
եմ,
այս
տողերը
գրած
պահուս,
հասկնալու
գրեթէ,
ինչո՞ւ
մեր
ռոմանթիզմը
մեզի
չէ
ձգած
գործեր
որոնք
արժանի
ըլլային
շրջանի
հոգիին։
Շրջանի
հոգին,
այս
ժողովուրդի
տարեգրութեանց
մէջ
մէկն
էր
ամէնէն
յուզիչներէն,
վսեմներէն։
Ամբողջ
ազգ
մը
կ՚արթննայ
բազմադարեան
մահանըման
թմբիրի
մը,
կը
գտնի
ապրումին
անմահ
զարկը
դարձեալ,
ու
կը
նետուի
կրկես,
թարմ,
աղուոր,
յանդուգն
ու
աւելի
քան
երիտասարդ։
Այսինքն՝
մեր
տնտեսականին
բարգաւաճումը,
մեր
միտքին
արեւմտացումը,
մեր
կարելի
լեզուն,
մեր
իբրեւ
ժողովուրդ
կազմակերպումը։
Ո՞վ
կործանեց
այս
սքանչելի
բխումը:
Պատասխանը
պատրաստ
է.
—
ինքը`
շարժումը:
Ահա
մեր
յիմարութեան
չափանիշը:
Այդ
խոշոր
իրողութիւնները
կործանած
մեծ
լեռներու
կը
նմանին
ժողովուրդներու
կեանքին
մէջ։
Ժամեր,
օրեր,
ամիսներ
մշուշը,
փոշին,
ամպ
կապած,
կ՚առնեն
կը
կենան,
ծածկելու
համար
իրողութեան
բուն
իմաստը։
Կէս
դարը
անբաւական
է
երբեմն
այդ
մառախուղը
փարատելու:
Դատապարտել
Ռուսինեանը
ֆրանսացիներուն
տրամաբանութիւնը
օգտագործելով
(Օտեան
ուրիշ
բան
չէ
ըրած),
կը
նշանակէ
մշուշը
դատել:
Կուգայ
սերունդը,
երբ
ժամանակը
ըրած
է
իր
սրբագրութինը։
Կը
տեսնէ
աւերակը։
Կը
սկսի
իր
պեղումները
եւ
կը
հասնի
հիմունքին
ու
կը
գտնէ
իրականութիւնը։
Իմ
մասիս,
կը
յայտարարեմ
որ
անկարող
եմ
նման
հերոսութեան
մը:
Բայց
Օտեանի
գրական
գաղափարներուն
իսկական
մթերքը
եւ
յատկանշական
տարողութիւնը
մենք
կը
գտնենք
Աբբա
Քօնսթանթէնի
յառաջաբանին
մէջ,
նամակի
մը
ձեւով,
ուղղուած
քրոջը,
որ
թարգմանողն
էր
այդ
վէպին։
Հալէվիի
գործը
1870
ական
թուականներու
ճաշակն
ու
նորոյթը
արտայայտող
միջակ,
չըսելու
համար
անկէ
ալ
վար
վէպ
մըն
է,
ճիշտ
ու
ճիշտ
Ֆ.
Ֆէօյիէի
Աղքատ
Երիտասարդի
մը
Պատմութիւնը
աշխատասիրութեան
սեռէն
ու
կաղապարէն։
Ինծի
անծանօթ
է
Աբբա
Քօնսթանթէնի
բախտը
ֆրանսական
վէպին
մէջ,
բայց
աւելի
քան
ծանօթ՝
Ֆէօյիէի
գործին
առասպելական
բախտը
(1858)
որ
քառորդ
յետոյ
պիտի
վերածուի
«տափակ»
տապանագիրի
մը,
ինչ
պէս
կ՚որակեն
զայն
գրականութեան
պատմիչները:
Օտեան
ի՞նչ
է
գտած
այդ
Աբբա
Քօնսթանթէնին
մէջ,
իր
ներբողը
հիւսելու
համար
այդքան
զեղուն
քնարականութեամբ
մը։
Ո՛չ
բարքերու
խղճամիտ
ուսումնասիրութիւն,
ո՛չ
տիպարներու
պարկեշտ
յօրինում,
ո՛չ
ալ
դէպքերու
ճշմարտանման
ագոյց։
Միակ
առաւելութիւնը՝
մթնոլորտին
տարօրէն
հաշտ
ըլլալն
էր
Օտեանի
խառնուածքին
որ,
անկարող
Ռաֆայէլը
(երկու
անգամ
ձեռնարկած
է
թարգմանել
ու
չէ
աւարտած)
իր
ժամանակին
բերելու,
պիտի
խանդավառի
այդ
վէպին
աշխարհը,
ասոր
աղօտ
թելադրանքները
պարունակող,
մօտիկ,
խնամի
գործերով։
Աբբա
Քօնսթանթէնը
կը
դասուի
մեր
ռոմանթիկ
թարգմանութեանց
շարքին,
ու
կը
խորհիմ
թէ
1890էն
առաջ
մեր
մէջ
թերթօններով
մուտք
ըրած
սանթիմանթալ
վէպին
հայացումը
ըլլալէ
զատ,
ուրիշ
արժանիք
մը
չունի:
Օտեանի
դատաստանները
շատ
դիւրաւ
կը
փոխակերպուին
Օտեանի
զգայնութեան
փաստերուն:
Նոյն
փափկութիւնը
(délicatesse),
նոյն
անիրականութիւնը,
նոյն
պարզութիւնը
որ
խորունկ
պարկեշտութեամբ
մը
(հոգիի
ու
մտքի)
ըլլար
պաշտպանուած,
այդ
վէպէն
յառնող
յատկանշական
ցուցմունքներ,
կը
պատկանին
նեարդ
առ
նեարդ
նաեւ
Գր.
Օտեանին։
Կիներու
վրայ
իր
դատաստանները,
կիներէ
խուսափող
մարդու
անհասկացողութեան,
անբաւարարութեան
մեղքն
ալ
ունին։
Օտեան
քրօնիկ
մըն
է
որ
կը
գրէ
այդ
թարգմանութեան
իբր
նախամուտ։
Ու
մտածման
սա
զուգորդութեամբ,
հոս
ինծի
կ՚այցելեն
իր
Լամարթինը,
Վ.
Հիւկոն,
Միտք
եւ
Հոգի
քրօնիկները։
Գրական
ամբողջ
պաշարը
անիկա
գործածած
է
այդ
կտորներուն
մէջ։
Տխուր
որքան
անտեղի՝
քննադատական
էջերու
քննադատութիւնը
ընել:
Կը
բաւականանամ
միայն
իր
հիացումները
վերածելով
իրենց
ժամանակին,
իբր
հասարակաց
զգայնութեան
մը
հաղորդ
իրողութիւններ։
Իր
սրտմտութիւնն
ալ
իրապաշտ
վեպին
դէմ
տարբեր
աղբիւր
մը
չունի:
Զօլան
ծաղրելը,
անարգելը
1880-ին
ոչ
միայն
մտքի
բարձրութեան
փաստ
մըն
էր,
այլեւ
ազնուականութեան
տիտղոս
մը։
Վ.
Հիւկոն
աստուածացնելն
ալ
բարքի
ուրիշ
վկայութիւն։
Արդ,
ժամանակը
որ
միշտ
չի
քնանար,
իր
ճիշտ
չափին
տարաւ
երկու
հեղինակներուն
վիպական
տաղանդը։
Զոլայի
վէպը
ֆրանսական
գրականութեան
մէջ
իրողութիւն
մըն
է,
անխորտակելի
վկայութիւն
մը,
ինչպէս
Պալզագինը,
Բրուստինը:
Հիւկոյի
վէպը
հակառակ
իր
լաւ
մասիկներուն`
թերթօն
մը,
ոչ
աւելի
ոչ
պակա։
Օտեանին
ո՛չ
գնահատանքը,
ո՛չ
ալ
հիացումը
Հայ
Գրականութեան
մէջ
դեր
[2]
մը
ունեցան,
հայ
վէպը
ստեղծելու
համար:
Ընդհակառակն։
Թերեւս
քաջալերեցին
ալ
Տիւսաբները,
Ծերենցները:
գ)
—
Դամբանականները
որոնք
իբրեւ
խօսք
անշուշտ
չէին
կրնար
զիս
մղել
զիջումի,
եթէ
երբեք
1860-ի
մարդոց
ըմբռնողութեան,
աշխարհայեացքէն
ինչպէս
անոնց
գրական
զգայարանքէն,
ճաշակներէն,
լեզուէն
չունենային
լայն
վկայութիւններ։
Խաչատուր
Պարտիզպան,
Նիկողոս
Պալեան,
Բարունակ
Պէյ
Ֆէրահեան,
Գ.
Աղաթօն
վերնագիրներու
տակ
Օտեան
գրած
ու
խօսած
է
իր
լաւագոյն
արձակները։
Աւելցուցէք
Ողբ
ի
վերայ
բարեկամինը,
գրուած
Բարիզէն,
Տքթ.
Քեաթիպեանի
եղերական
մահուան
առիթով,
ու
դուք
կ՚ունենաք
Օտեանի
ամբողջ
վաստակը
մեռելներէ:
Այս
գրուածքներէն
առաջին
երկուքը
յիշատակի
յօդուածներ
են,
այսինքն
դագաղի
մը
գլխուն
չեն
խօսուած,
այլ
կսկիծին
մէջը
թարմ
հողակոյտին,
օրեր,
ամիսներ
վերջը
երբ
գրիչը
կ՚առնենք
ու
մեր
շատ
սիրելի
յիշատակները
կը
քրքրենք,
ոգեկոչելով
շիջած
կեանքը,
ասոր
խուլ
ու
խորունկ
յուզումները։
Միւս
երկուքը
դագաղի
վրայ
արտասանուած
են։
Ողբը
արձակ
քերթուած
մըն
է։
Անտեղի
է
խօսիլ
այդ
մարդոց
վրայ
հանգամանօրէն։
Բաւ
է
դիտել
տալ
որ
անոնք
Օտեանի
սերունդին
ամէնէն
մաքուր,
գեղեցիկ,
ամուր
աշխատաւորներն
են,
փառքերը
նոյնիսկ,
եթէ
լայնէք
քիչ
մը
ձեր
չափը:
Անոնցմէ
առաջինը
ուսուցիչ
մըն
է,
գիտուն
մը,
գրասէր
մը,
բայց
ատոնցմէ
աւելի
գործնապաշտ
հաւատաւոր
մը,
իր
ժողովուրդին
յարութեան
գործաւորներէն
մէկը։
Երկրորդը
մեծ
արուեստագէտ
մըն
է,
նոյն
ատեն
մեծ
սիրտ
մը։
Միւս
երկուքը
իրեն
պէս
պետական
պաշտօնատարներ:
Քեաթիպեան
ուղղակի
աւանդութիւն
մըն
է,
հայ
բժշկական
տարեգրութեանց
մէջ
անմահ
յարգանքի
մը
արժանաւորութեամբը,
ինչպէս
իր
սերունդին
մեծ
ուժերէն
մէկը։
Օտեան
ճառախօս
մը
չէ,
ասիկա
պարտաւոր
ենք
ընդունիլ,
—
ըսել
կ՚ուզեմ
չէ
այն
մարդը,
որ
խնամքով
ըլլայ
ուսումնասիրած
խօսքի
արուեստը,
արհեստը՝
աւելի
ճիշտ
ըլլալու
համար,
ու
գրական
շնորհներով,
թերեւս
բեմական
ալ
առաքինութիւններով
ու
տուրքերով`
դիմագրաւէ
մեռելներու
վրայ
խօսքին
կեղծիքն
ու
զօրաւոր,
անկեղծ
գեղեցկութիւնները:
Անիկա
իր
խառնուածքին
մէջ
իսկ
կ՚ապրի
իր
candeurը,
զգուշաւոր,
աղմուկէ
փախչող
մարդու
complexeով
մը
պայմանաւոր:
Ատ
է
պատճառը
որ
Պալեանի
եւ
Պարտիզպանի
վրայ
իր
գրածները
ըլլան
նախնական
essaisներ,
քիչ
մը
ընդարձակ
բռնուած
քրօնիկներ,
համակ
լրագրական
բայց
տակաւին
չափանցած,
խմբագրականին
մեղքերէն
անմասն:
Օտեան
անյաջող
է,
մարդեր
յօրինելու
արուեստին
համար
անհրաժեշտ
խղճմտանքը,
համբերանքը
չունենալուն։
Մէկն
է
անիկա
որ
իր
տիպարը
չի
տեսներ,
իր
մասերուն,
երեսներուն
համեմատական
յարաբերութեանցը
մէջ,
այլ
միակտուր,
ամբողջական
տեսութիւնով
մը
զայն
կ՚ապրի,
նուաճուած,
տարուած
իր
ըսելիքէն
աւելի
չըսուածին
հուրքէն,
հմայքէն։
Այդ
երկուքը,
մանաւանդ
Ն.
Պալեանը,
իրենց
համար
ոչ
միայն
գրուածք
մը,
գիրք
մըն
է,
այլ
թերեւս
ամբողջ
պատմութիւն
մը։
Ու
առանց
անդրադառնալու
սա
հարստութեան
վտանգին,
—
մեր
նիւթերը
երբեմն
վտանգաւոր
են
մեր
յօրինումին՝
ճիշտ
այս
պատճառով
—
անիկա
կը
ձեռնարկէ
մեզի
իր
տիպարին
ներկայացումը,
միշտ
պղտորուած՝
տեսիլքին
շքեղ
արժանիքներէն:
Շատ
լոյսը
նոր
չէ
որ
կը
շլացնէ:
Ու
մենք
կ՚ունենանք
կցկտուր
պատառիկներ,
սրտառուչ,
իրաւ
անշուշտ,
բայց
խառնիխուռն:
Կարգաւորման
սա
թերին
այդ
սրտէ
եկած
խօսքերը
կը
վտանգէ
ուրիշ
ալ
անբաւարարութեամբ
մը։
Օտեան
միշտ
թաքուն
փառասիրութիւնն
է
սնուցած,
իր
սերունդին
ուղեղը,
մտածողը,
խորհրդատուն
ըլլալու
(մի
մոռնաք
իր
պետական
պաշտօնը
որ
խորհրդականինն
է)
ու
ի
պաշտօնի
պարտաւոր
կը
զգայ
ինքզինքը
խորհրդածելու
…
մահուան
վրայ:
Աւելորդ
է
այս
զառածումը
իջեցնել
մահաբարբառ
սեռին
իսկ
օրէնքներուն։
Հասարակ
տեղիքը
որքան
ալ
իրաւ,
միշտ
հասարակ
տեղիք
է:
Անկէ
խուսափելու
համար,
մեզի
կը
մնայ
մեր
կապը
ընդմիշտ
կտրել
անոր
հետ։
Այսօր
մեզի
համար
լաւ
է
որ
իրաւ
ապրումներու
այդ
մթերքը,
այդ
էջերուն
մէջ
քովքովի
կենան
ամէնէն
հասարակ
մտածումներուն
հետ։
Յետոյ,
եթէ
չուզենք
արժեւորել
սա
հասարակութիւնը,
իր
կարգին
իբր
ժամանակի
նշան
մը,
սերունդի
մը
իմացական
ախորժակներէն
փաստ
մը,
պարտաւոր
ենք
մեր
դժգոհութիւնը
բանաձեւել
ճպուռներու
սեռին
վրայ,
այսինքն
խօսքի
արհեստին
վրայ
որ
մանաւանդ
Զարթօնքի
Մշակներուն
գերագոյն
վայելքը
կը
կազմէր։
Ո՞վ,
այդ
գրոց-բրոց
մարդոց
մէջէն
ա՛ն՝
որ
խօսքին
փառասիրութիւնը
չըլլայ
ցուցադրած։
Թէ՛
Պալեանի,
թէ
Պարտիզպանի
վրայ
Օտեան
հազիւ
թէ
կը
յաջողի
կարկառի
հանել
քանի
մը
տիրական
գիծեր,
առաքինութիւններ,
որոնք
ժամանակին
անկարող
եղան
դիմանալու:
Ո՞ւր
է
Գրիգոր
Օտեանին
ընդոծին
պերճախօսութեան
վարկը,
խելքին
փաստը,
գրականին
մէջ
իր
վայելչութիւնը,
—
իր
ժամանակէն
իրեն
լայն
լայն
շնորհուած
բարեմասնութիւններ:
Այս
ամենը
նոյնիսկ
ուրուային
չեն
երեւար
այդ
գրուածքներուն
մէջ։
Իրաւ
է
թէ
առաջին
երկուքը
կը
զուգադիպին
անոր
անփորձ
երիտասարդութեան
(Պարտիզպանինը
1856,
Պալեանինը
1858,
այսինքն
երբ
Օտեան
դեռ
քսանըհինգն
ալ
չէ
գտած)։
Իրաւ
է
թէ
մեռելներու
վրայ
գրելը
մարդոց
միտքէն
անգամ
չ՚անցնիր
տակաւին։
Բայց
միւսները
կը
վերաբերին
անոր
հասունութեան
շրջանին։
Անոնց
մէջ
խուսափուած
են
լեզուական
անփութութիւններու
տկարութիւնները
(առաջին
երկուքին
մէջ
այնքան
ակնբախ),
բայց
չեն
պահուած
միւս
արժանիքները։
Գ.
Աղաթօն
մեծ
մարդ
մըն
է,
հսկայ
մը
իր
սերունդին
մէջ,
կայսրութեան
մը
ընդարձակ
գործառնութիւնները
տիրակալօրէն
վարող,
նոյն
ատեն
իր
ժողովուրդին
սպասին
մէջ
այդ
բարձր
խելքը
օգտագործել
փափաքող:
Ուրիշ
գեղեցկութիւն՝
Ֆէրուխանը։
Անոնց
դագաղին
առջեւ,
ուր
հաւաքուած
ալ
են
Պոլսոյ
բոլոր
ազգերէն
ամէնէն
ընտիր
անձնաւորութիւնները,
(թաղումներու
հանդիսաւորութիւնը
ազգային
մենաշնորհ
մը
դժուար
չէ
նկատել)
ու
պատկառանքին
մէջն
իսկ
հանգչողին
որ
գրեթէ
միշտ
ոչինչէն
մեկնած
տղեկ
մըն
է,
ու
իր
ժամանակին
բոլոր
փառքերը
նուաճած
է
արի,
աննահանջ
կրունկներովը
քալելով
պարտքին
ու
փառքին
ճամբաներէն,
Գր.
Օտեան
չէ
գտած
իրաւ,
խորունկ
քանի
մը
ապրումներ,
որոնց
վերլուծումը
բառերով
չըլլար
պայմանաւոր,
այլ
կեանքն
իսկ
դառնար,
մատուցուած
հոդ
խմբուած
մարդոց
ընկալչութեան,
պարզ,
իրաւ,
հաղորդական
ու
անառարկելի:
Գրիգոր
Օտեանի
յուզումը,
կանացի
զգայնութիւնը,
ներքին
ամօթխածութիւնը,
շուքի
սիրահար
խառնուածքը
զինքը
անյարմար
կ՚ընեն
նման
տեղերու:
Օտեանի
այդ
չորս
«գոհարները»
կը
վերածուին,
այս
իսկ
թելադրանքներով,
իրենց
իսկական
արժէքին
որ
գոհարեղէն
չէ
այս
անգամ,
այլ
իրաւ
խօսք,
որ
դարձեալ
կշիռ
մը
ունի։
Չեմ
բաղդատեր
զանոնք
Պէրպէրեաններու,
Եղիաներու
խօսած
մեռելական
ճառերուն
որոնց
մէջ
իշխողը
գրական
է
դժբախտաբար,
այսինքն
ամէնէն
անճահ
եղանակը
մարդերը
ներկայացնելու
դագաղին
խորքէն։
Ողբ
ի
վերայ
բարեկամինը
ունի
սրտագին
շեշտ
մը,
տեղ-տեղ
յուզումի
վերածնուող։
Բայց
չի
դադրիր
սեռին
մեղքերը
այդքան
անփառունակ
կերպով
պատկերելու
չարիքէն
նուաճուած
մնալէ։
Կը
կարդաս
այդ
կշռաւոր
տողերը,
կը
սիրես
անոնց
լեզուն
(միւսներուն,
մանաւանդ
առաջին
երկուքին
լեզուական
անկատարութիւնը,
թէեւ
ժամանակի
կնիք,
բայց
դարձեալ
բաւական
ծանր
կը
կշռէ
մեր
տպաւորութեան
վրայ),
դաշնաթաւալ
պատկերները,
զգացումներուն
յորդ
ու
իրաւ
հանդէսը,
բայց
կը
տառապիս
բառերու
այդ
կառաշարային
աղմուկէն
քիչ
քիչ,
ու
կը
փնտռես
մարդը,
անոնց
տակ,
ներսը:
Ու
այդ
մարդը
մի
պահ
կը
խուսափի:
Ասիկա
անոր
համար
որ
Օտեան
վրիպած
բանաստեղծ
մը
իբրեւ,
պիտի
տառապի,
իր
անձէն
դուրս,
ուրիշներու
հետ
երբ
հարկադրուի
պարկեշտ
ըլլալու:
Դամբանականներուն
մէջ
յաջողակ
մասերը
անոնք
են
դարձեալ
ուր
իր
անձին
չեմ
ըսեր
ցուցադրումը,
բայց
այդ
անձը
պարզութեամբ
հանդես
բերելու
առիթ
մը
կը
ներկայանայ։
Օտեան
պարկեշտ
է
սակայն,
ինքզինքը
պարտակելէ
աւելի
աստիճանով
մը:
Չերազ
մը
այդ
դամբանականները
պիտի
վերածէր
«գրական
փորձերու»
նախաբանին։
դ)
—
Ատենաբանութիւններ,
որոնք
դարձեալ
գրականունթեան
չեն
պատկանիր,
ըստ
սեռի,
ինչպէս
ուրիշ
մասնաւոր
հանգամանքով
մըն
ալ:
Անոնք
ամփոփուա՛ծ
են
հաւանաբար,
ու
դիւանադպիրին
ոճին
կնիքը
կը
կրեն:
Չեն
հերքեր
անշուշտ
Օտեանը,
բայց
չեն
ալ
նկատուիր
անոր
բանին
հարազատ
պատկերը:
Ինծի
չի
ներուիր
զբաղիլ
այդ
խօսքերը
մատուցանելու
արարքով
որ
սակայն
տիրականն
է
խօսելու
արուեստին
մէջ։
Կազմարարեան
որ
Ատենագրութիւնք
Ազգային
Ժողովոյ
ընդարձակ
հաւաքածոյէն
հանած
է
Օտեանին
բերնէն
ելած
բոլոր
խօսքերը,
գործած
է
ահաւոր
անպատասխանատուութեամբ
մը։
Իր
այդպէս
կազմած
հատորիկին
հարիւր
յիսուն
էջերը
ոչ
միայն
չեն
ծառայեր
Օտեանի
դէմքին
յօրինման,
այլ
կ՚ընեն
չարաշուք
աշխատանքն
ալ
զայն
նսեմացնելու,
գրեթէ
սպաննելու:
Մարդ
ատոնք
կարդալէ
յետոյ
չի
կրնար
չհարցնել
—
ա՞ս
է
Օտեան
ըսուած
ատենախօսը։
Ո՛չ
մէկ
հիմնական
հարցի
մէջ
մեզի
կը
տրուի
անոր
թափանցող
իմացականութեան
հետ
շփումի
մտնել:
Զգալի
է
անոնց
մէջ
տրամաբանելու
որոշ
դիւրութիւն,
վայելչութիւն:
Դարձեալ
խորունկ
իր
լրջութիւնը,
հայրենասիրութիւնը,
աշխարհ
ճանչնալու
aisance
մը,
արտայայտութեան
անխնամութեան
իսկ
կը
յաղթեն
երբեմն:
Բայց
ոչինչ`
որ
արդարացնէր
մեծ,
ազդեցիկ
տրիբունի
մը
վարկը,
—
ինչ
որ
պատմութիւնը
երբեք
կասկածի
տակ
չէ
ձգած։
Յետոյ
Կազմարարեանի
հաւաքումը
կ՚ընէ
ուրիշ
ալ
չարիք
մը:
Անիկա
չի
տար
réplique-ները
եւ
մենք
կը
նեղուինք
որ
մեր
սպասածին
ներհակ
խօսող
մը
կ՚ուրուանայ
երբեմն,
այդ
տողերուն
ընդմէջէն,
նեղսիրտ,
քաշքշող,
կրքոտ
ու
խիստ
ատենաբան
մը։
Ենթադրելի
է
որ
այդ
զգայութիւնները
մենք
կ՚առնենք
հարազատ
իրականութենէն։
Ով
գիտէ
ինչ
յամառութիւններ,
յանձնապաստանութիւններ
կ՚աճէին
Ազգային
Ժողովի
անդաստանին
մէջ,
աշխարհի
ամէնէն
անուշ
մարդն
իսկ
այդպէս
թթուեցնող։
ե)
—
Նամակներ,
օրագրի
փշրանքներ,
թարգմանութիւններ:
Օտեանի
նամակները
իր
անունին
անարժան
խօսքեր
են,
աւուր
պատշաճի,
անկնիք
ու
հասարակ
ալ
յաճախ։
Ոչինչ՝
այդ
նշխարներէն
որ
ծառայէր,
օգուտով,
առնուազն
իր
ճանաչումին,
ուր
մնաց
շրջապատին
վրայ
բարիքով
լոյս
սփռելու
մեր
սպասումին:
Ալ
չեմ
հարցներ
ինչո՞ւն։
Ուրիշ
տառապանք՝
անոնց
մէջ
զգալի
տրտմութիւններուն
ալ
շուքը,
—
գովեստ,
շփացում,
ինքնապարզում,
բոլորն
ալ
անոր
ծփուն
անձնաւորութեանը
կնիքով։
Չեմ
երթար
առաջ,
այդ
շատ
յատկանշական
փշրանքները
օգտագործել
այդ
անձնաւորութեան
վերջնական
պատկերը
կազմելու
արարքի
համար։
Քաղաքավարութիւն,
ձեւակերպական
տարազներ,
հիացումի
փոխարեն
շփացումի
պարտք,
ընթացիկ
զգացումներ։
Ասոնք
անշուշտ
անխուսափելի
դժբախտութիւններ
են
երբ
մենք
կը
գրենք
հեռուէ
հեռու
ոչ
թէ
կեղծ,
նենգ
հաշիւներով,
այլ
մեր
վարկը,
դիրքը
միշտ
առաջին
գիծի
պահելով։
Անտանելի
ծով
մը
կայ,
գռեհկութիւն
մը
նոյն
իսկ,
Ռուսճուգէն
Ռուսինեանի
գրուած
նամակին
մէջ
(զոր
տուած
է
Տքթ.
Թորգոմեան
Ռուսինեանի
վրայ
իր
ուսումնասիրութեան
մէջ)։
Քրոջը,
մօրը
ուղղուած
նամակներուն
թերեւս
պարտադիր
տափակութիւնը
ծանր
կը
դատեմ
հոս։
Բայց
գիտեմ
որ
ինք
զինքը
խնայելու
իր
հիմնական
ախորժակը
այլապէս
կ՚անդրադառնայ
այն
էջերուն
որոնք
բացառաբար
այդ
անձով
կը
սնանին։
Նեղիչ
է,
ըսի
անգամ
մը,
կարդալ
Պէշիկթաշլեանի
ուղղուած
նամակը,
վասնզի
հասարակ
զգացումներու
եւ
հասարակ
մըտածումներու
հանդէս
մըն
է:
Այս
տողերուն
հետ
անշուշտ
չեմ
ոգեկոչեր
Դուրեանի
նամակները։
Բայց
իմ
արդար
սպասումին
մէջն
եմ,
երբ,
բարձրագոյն
մարդ
մը
բարձրահամբաւ
բանաստեղծի
մը
հետ
դէմդէմի
գտնելուս
առիթը
վերածեմ
բացառիկ
իմացական
վայելքի
մը։
Ամէն
մարդ
Օտեան
մը
չէր,
ո՛չ
ալ
Մ.
Պէշիկթաշլեան
մը։
Կարդացեք
այդ
նամակը
ու
գտէք
այդ
երկուքին
հոգիէն
ինչ
որ
մեր
իրաւունքն
էր
ակնկալել,
այսինքն
քանի
մը
մեծ,
իրաւ,
հզօր
զգացումներ,
քանի
մը
հեռահաս,
խոր
մտածումներ
եւ
ոչ
թէ
հասարակ
խօսքերու
թոյլ
հանդէս
մը։
Երուանդ
Օտեանի
ուղղուած
նամակներէն
ոմանք
ունին
որոշ
հրապոյր:
Նամակները
Օտեանին
պարտքին
կողմը
կ՚արձանագրեմ
ու
կ՚անցնիմ
իր
օրագիրներուն,
մէկէ
աւելի։
Հրանդ,
իր
յառաջաբանին
մէջ,
ընտանեկան
գաղտնիքներէ
կը
խօսի,
օրագրի
մը
ակնարկելով
ու
այդ
անտիպ
տետրակէն
փշրանքներ
մըն
ալ
մատուցանելով։
Դուրս
է
այդ
ընտանեկան
յիշատակարանը
մեր
դատումէն։
Ունինք
Ռուսճուգէն
իր
օրագիրը։
Աս
ալ
իր
կարգին
գրականութիւնը
ոչինչով
հետաքրքրող
ռոմանթիկ
զգայութիւններու,
զգացումներու
տողանց
մը։
Չեմ
ծանրանար՝
Օտեանին
համար
իմ
տածած
յարգանքէս
ազդուած։
Երուանդ
Օտեան
Մայրայի
հետ
թղթակցութիւն
մըն
ալ
յիշած
է
Մասիսին
մէջ։
Դարձեալ
անկշիռ
խօսքերու
հանդէս:
Ասոնք
կը
գրեմ
անշուշտ
տառապանքով,
վասնզի
կը
հաւատամ՝
թէ
իրենք
զիրենք
գրական
գործերու
մէջ
չկերպադրած
մարդեր,
իրենց
ոչ-պաշտօնական
շեղումներուն
մէջ
բարձրօրէն
շահեկան
են,
իրենց
անձնաւորութեան
հետ
ուղիղ
համեմատութեամբ
մը։
Օտեան
աւելի
էր
քան
համբաւ
մը։
Անկէ
մեզի
հասած
ամէն
նշխարի
մէջ
մենք
կը
սպասէինք
այդ
համբաւին
արդարացումը,
եւ
ոչ
թէ
սանկ
ու
նանկ
պատառիկներ:
Մեր
Գրականութիւնը
սխալ
է
ըմբռնած
օրագրի
մը
իմաստը:
Անկանգնելի
տափակութեանց
հանդէս
մըն
է,
գէթ
իր
լոյս
տեսած
մաuիկներէն
դատելով՝
Տիկին
Տիւսաբի
օրագիրը
(Թէոդիկ
թարգմանաբար`
տուած
է
քիչ
մը
բան
ֆրանսերէն
բռնուած
այդ
մեծահամբաւ
հասարակութենէն),
զիս
խորապէս
տառապեցնող,
վասնզի
Օտեանին
նման,
ան
ալ
կը
պատկանի
մեր
ընկերութեան
բարձրագոյն
խաւերուն
ու
իբր
այդ
indiqué
մէկն
էր
այդ
ընկերութեան
ներքին,
վաւերական
ապրումներէն
մեզի
կտակելու
անփոխարինելի
վկայութիւններ։
Ի
վերջոյ,
ապագան
իր
իրաւունքին
մէջն
է
միշտ,
երբ
կը
հետաքրքրուի
մարդերու
ամէնէն
խուլ,
հեռու
աշխարհին
անձուկներովը։
1870-ին,
Գրիգոր
Օտեան
շքեղ
երիտասարդ
մըն
էր,
Օր.
Սրբուհի
Վահանեան
նոյնքան
շքեղ
երիտասարդուհի
մը։
Պոլսոյ
մէջ
քիչ
հայերու
վիճակուած
պատեհութիւններով
ալ
այլապէս
բախտաւորուած։
Տիկին
Տիւսաբ
յիմարներ
միայն
դրած
է
իր
վէպերուն
մէջ,
սուտ
ու
փուտ
յոյզեր,
բոլորն
ալ
իր
ապրումներուն
բիւրեղացումը
իբրեւ,
քանի
որ
արուեստագէտը,
մանաւանդ
երբ
տառապի
բնածնունդ
ծուլութեամբ
մը,
անգործօնութեամբ
մը,
միշտ
պիտի
շահագործէ
սեպհական
մթերքը
զգայութիւններու:
Գրիգոր
Օտեան
վէպի
չէ
մտածած։
Չարիք
մը
անշուշտ:
Բայց
ապրած
է
1870-ի
մարդոց
ամբողջ
խանդովը,
հոծութեամբը։
Իր
օրագիրները
հիմնովին
կ՚անգիտանան
սակայն
զանոնք։
Աւելորդ
է
այս
դատախազականը
երկարել:
Իմ
ցաւս
է
որ
այսքանն
ալ
չեմ
կրցած
հոս
լռելէ։
Օտեանի
թարգմանութիւնները
(Ռաֆայէլը
երկու
անգամ,
թէեւ
չէ
հրատարակած։
Չեմ
գիտեր
գոյութիւն
ունի՞
ձեռագիրը։
Նմոյշ
մը
ատկէ
տուած
է
Երուանդ
Օտեան,
Մասիսին
մէջ
1893)
ժամանցներ
են
եւ
ոչ
թէ
գրական
կիրք,
կամ
պահանջ։
Չունին
Պէշիկթաշլեանի
մօտ
ներելի,
արդարանալի
հանգամանքներն
ալ։
Յետոյ,
յատկանշական
իրողութիւն,
անոնք
ընտրուած
են
Լամարթինէ,
Հիւկոյէ։
Քաղաքական
մարդու
մատենադարանը
կը
խորհիմ
թէ
բանաստեղծներէ
աւելի
ուրիշ
իրաւ
մտածողներու
ժամադրավայր
մը
պարտաւոր
էր
հանդիսանալ:
Ու
կուգամ
Օտեանի
վրիպանքը
բացատրող
հիմնական
փաստին.
—
Գրիգոր
Օտեան
բանաստեղծ
մըն
է
որ
ապրած
է
իբր
քաղաքական
գործիչ
մը։
Այսինքն
չէ
կրցած
ըլլալ
ո՛չ
մին
եւ
ոչ
միւսը։
Իր
ժամանակը
իրեն
յատուկ
շռայլութեամբ
մը
երկու
կրթանքներն
ալ
վայլեցուց
իրեն
ու
երկուքին
մէջ
ալ
տուաւ
անոր
առաջնակարգ
արժանաւորութիւններ:
Քաղաքական
գործիչը
կը
մնայ
ենթակայ
եթէ
ոչ
սրբագրումներու,
գէթ
յաւելումներու,
ամբողջացումներու:
Ի՛նչ
որ
առանց
տարակոյսի
կրնանք
հաւատալ
իր
մօտ
իբր
իրականութիւն,
ան
ալ
հմայք
(charme)
ունեցող
անձնաւորութեան
մը
օրինակն
է։
Դարձեալ
կը
հաւատանք
որ
խորապէս
պարկեշտ,
իրաւ
հայ
մըն
էր,
ու
թուրքերու
ծառայութիւնը
կրցաւ
վերածել
քաղաքական
ուղեգիծի
մը
պարտքին:
Ըսել
թէ
անիկա
դէմ
էր
յեղափոխական,
բուռն
միջոցներու,
կը
նշանակէ
ընդունիլ
անոր
մօտ
առհասական
եթէ
ոչ
իմաստութիւն,
գէթ
թելադրանք։
Ըսել
թէ
անիկա
կը
վստահէր
թուրք
կայսրութեան
ապագային,
կը
նշանակէ
իր
ռոմանթիզմը
ոսկեզօծել։
Ինք
ամէնուն
չափ
ու
աւելի
պատճառ
ունեցաւ
իր
հաւատքին
հերքումէն
գոյաւոր
ցաւը
ապրելու:
Օտեանին
մօտ
քաղաքական
մարդու
վերլուծումը
կը
նշանակէ
սեղանի
վրայ
դնել
հայ
եւ
թուրք
յարաբերութեանց
ողբերգութիւնը։
Այդ
ողբերգութեան
վերջին
վարագոյրը
իր
տակ
կը
ծածկէ
մեր
միտքերը
զանցող
անմարդկութիւններ:
Բայց
1915էն
առաջ,
առաջ
նոյնիսկ
1895էն,
մեր
պապերը
այդ
ողբերգութիւնը
հաշտեցուցած
էին
իրենց
ճակատագրին։
Արթնցնել
այս
ժողովուրդը,
անոր
ներշնչելով
ժամանակակից
մշակոյթին
կարգ
մը
գեղեցկութիւնները,
հրաշքները,
բայց
անկարող
ըլլալ
բարեփոխելու
անոր
շրջապատը,
կեանքին
պայմանները,
ուրիշ
բան
չէ
եթէ
ոչ
տառապանքներուն
գերագոյնը
հանդերձել։
Մեր
ամիրաները,
մեծ
հոգեւորականները
այդ
տառապանքը
գիտէին
մարսել,
մեր
պատմութեան
մեծ
դեղթափները`
օգուտով
գործածելով։
Օտեանի
Սահմանադրութեան
սկզբունքներով
աճած
երիտասարդը
չէր
կրնար
հանդուրժել։
Ու
ահա
տռամա՛ն,
իր
բոլոր
զարհուրագին
պատկերաշարքով
որուն
վերջինը
Սփիւռքն
է,
իմ
աչքերուս։
Ո՞վ
մեղադրել,
Օտեա՞նը,
իր
ընկերնե՞րը,
իրենց
օրէնքնե՞րը։
Այդ
ամէնէն
անմասն,
բոպիկ
ժողովուրդներ,
մեզի
բախտակից,
գերեկից,
այսօր
գեղեցիկ
միութիւններ
են,
ազգերու
ընտանիքին
մէջ։
Մեր
ժողովուրդին
կէսէն
աւելին
ջնջուած
է,
ամէնէն
անարգ
եղանակներով։
Այս
քիչ
մը
լայն
բռնուած
վերլուծումը
ատեն
է
որ
յանգի
իր
վախճանին:
Չեմ
զղջար
կամ
ցածր
մեր
գրականութեան
մէջ
շատ
սակաւաթիւ
էջերով
իր
անունը
հազիւ
պահել
կրցող
դեմքի
մը
նուիրուած
սա
կենդանագրին
համար:
Գր.
Օտեան
շփացուած,
ձեւազեղծուած
դէմք
մըն
է:
Այս
մասին
տակաւ
կ՚ընդհանրանայ
հասարակաց
դատաստանում
մը։
Բայց
իր
իմաստը՝
ամբողջ
աւանդութիւն
մը։
Հետաքրքիր
խուզարկու
մը,
իր
առիթով
մօտիկն
է
գրեթէ
նուաճելու
մեր
պատմութեան
ամէնէն
դժնդակ,
ինչպէս
լուսաւոր
մէկ
շրջանը։
Ան
որ
օր
մը
այս
ժողովուրդին
պատմութիւնը
պիտի
գրէ,
գէթ
նոր
ժամանակներու
(այսինքն
Պոլսոյ
առումէն
սկսող
շրջանէն
ասդին)
պարագրկումը
փորձած
ատեն
պիտի՝
չունենայ
դժուարութիւն։
Միշտ
նոյն
խումբն
է
մարդոց,
անտէրունջ
ու
տառապող,
Մերձաւոր
Արեւելքի
քառուղիներուն,
ձգուած
բոլոր
չարիքներու
ժանիքին,
բայց
ներքին
խոր
վստահութեամբ
մը
չմոռնալով
երբեք
կեանքին,
ապրելուն
գիտութիւնը,
այնքան
բազմաձեւ
խելամտումներով
ինքզինքը
պարտադրած
իր
միջին
խղճմտանքին:
Այո՛,
թուրքէն
բանաձեւուած
հօտն
է
(ոչխարներու)
անիկա,
ինչպէս
յոյնէն
ու
արաբէն
արհամարհուած
ու
դաւաճանուած
գերիներու
ամբոխը։
Բայց,
ատոնցմէ
դուրս,
ինքն
է
դարձեալ,
դարէ
դար,
ինքզինքը
հաշտեցնող
իր
օրերուն
խուլ,
անողոք
պատգամներուն
հետ,
պատմիչին
պարզելու
չափ`
անընդմէջ
շարանը
իր
վրայ
խուժող
եղելութիւնններ
իւրակերպելու:
Մենք
ունեինք
այդ
վկայութիւնները,
Լաստիվերտցիէն
մինչեւ
Դարանաղցին,
մինչեւ
Երեմիա
Չէլէպին
ու
տասնըութերորդ
դարու
քրօնիկագիրները։
Նոյն
այդ
պատմիչը
ինքզինքը
պիտի
զգայ
սակայն
երկրակորոյս
(dépaysé)
երբ
հասնի,
միամիտ
ու
հաստատ,
1850-ին։
Այդ
թուականէն
ասդին
իր
գտածը,
այդ
ժողովուրդէն
ոչ
միայն
նորօրինակ,
այլ
եւ
հիմնովին
հակասական
իսկ
պիտի
թուի
իր
դատաստանումին
առջեւ:
Չեմ
լայննար։
Հասկնալու
իր
ճիգին
մէջ
պատմիչը
կըրնայ
նուաղիլ,
չհասնիլ
արտաքին
դժուարութիւններէն
անդին
մնայուն
յատակին
որ
մեր
հոգին
է
միշտ,
ուր
որ
ալ
ըլլանք։
Մենք
շքեղ
վերածնունդ
մը
ապրեցանք
ԺԳ.
եւ
ԺԴ.
դարերուն,
Տաւրոսի
ստորոտը,
շինարար
տուրքերու
զուգորդելով
առնական
ուժ
եւ
գեղեցկութեան
զգացողութիւն:
ԺԹ.
դարուն,
այդ
կորիւններուն
ճետէն
ուրիշներ,
այս
անգամ
աւելի
արեւմուտք
ու
աւելի
հիւսիս,
նոյն
տուրքերով`
որոնց
վրայ
աւելնային
նոր
ժամանակներու
պահանջածներն
ալ:
Անշուշտ
որ
այդ
ԺԹ.
դարու
կէսին
ապրող
պատմիչը,
որուն
զգայնութիւնն
ու
հոգին
ըլլային
կազմուած
առաջին
յիսնամեակին
այդ
դարուն,
պիտի
ձգէ
ձեռքէն
գրիչը,
դէպքերու
շարայարումը
ընելու
տակաւ
անընդունակ
զգալուն
ինքզինքը:
Ու
պիտի
հարցնէ
ինքնիրեն
թէ
1860-ի
պերճ,
փարթամ,
գեղանի
ու
անճանաչելի
տարազներու
տակ
իր
աչքերուն
առջեւ
դարձող,
դարձդարձող
տիկինները,
շքեղ
էֆէնտիները,
պէյերը,
փաշաները
թոռնե՞րն
են
իրեն
ծանօթ
ոչխարահօտին:
Գրիգոր
Օտեան,
այդ
երկու
սերունդներու
իրարու
հանդիպման
կամ
իրարմէ
բաժանման
կէտին
ամէնէն
առեղծուածային
տիպարը
պիտի
ըլլար,
առանց
տարակոյսի,
այդ
պատմողին
համար։
Ի՜նչ
իրարմէ
տարբեր
հարցեր
կը
դրուին
սեղանի,
այդ
մարդուն
առիթով,
բացի
գրականներէն,
որոնց
վերլուծումը
կատարուեցաւ
կանխող
էջերուն։
Ատոնցմէ
ամէնէն
խռովիչը
հայ
թուրք
յարաբերութեանց
problèmeն
է,
ապահովաբար։
Ատոնցմէ
ոչ
նուազ
ուշագրաւը՝
մեր
ժողովուրդին
ընդունակութիւնը՝
պետական,
վարչական
պաշտօնագործութեան։
Ատոնցմէ
ուրիշ
մըն
է
խորունկ
հմայքը,
պարկեշտ,
առաքինի
զգայնութեան,
խառնուածքին
իրականութիւնը,
միշտ
գերիներու
այդ
դարաւոր
նախիրին
մէջ։
Բանալ
զանոնք,
անշուշտ
որ
ինծի
շատ
սիրելի
եւ
ընթերցողին
ալ
թերեւս
հաճելի
աշխատանք
մըն
է։
Բայց
ինծի
չէ
ներուած
այս
ամէնուն
հասնելու
բախտը:
Մեր
պետական,
գրական
անձնաւորութիւններէն
ոչ
մէկը՝
որ
այդ
Գրիգոր
Օտեան
կոչուած
վրիպած
գրագէտին
ու
նոյնքան
վրիպած
քաղաքագէտին
աստիճանովը
պարզէր
համադրողին
համար
դառն,
սուղ,
խորունկ,
հեռահայեաց
թելադրանքներ։
Այս
արժեւորումը
ոչինչով
է
կամայական։
Իմ
տողերը
կուգան
իմ
ամէնէն
անկեղծ
համոզումներէն:
Կա՞յ
կարիք,
այս
ամէնէն
վերջ,
համադրական
լայն
պատկերացման
մը
մէջ
գծելու
իր
տիպարը,
քիչիկ
մը
խոշորցուած,
ինչպէս
կ՚ըսեն:
Չեմ
կարծեր։
Մենագրութեան
մը
արժանի
մարդ
մըն
է
ան:
Ուրիշ
սերունդ
մը,
կը
հաւատամ,
պիտի
ընէ
այդ
զոհողութիւնը,
վերակազմելու
համար,
իր
բոլոր
խռովիչ
ազդմունքներուն
մէջ
այդ
մարդուն
ու
ընկերներուն
դերը,
մանաւանդ
վերակոչելու
ապրումներում
այն
գումարը
որոնց
ճանաչումը,
թէեւ
աղօտած,
ժամանակին
ընդմէջէն,
պիտի
ըլլայ
բաւական
տաք,
ջերմացնելու
համար
մեզմէ
վերջ
գալիքներուն
blasé
կամ
խանդավառ
փնտռտուքները,
մեր
անցեալէն։
Կը
փակեմ
այս
էջերը,
խորունկ
բեկումով
մը,
այս
անգամ
Օտեանին
ինչպէս
ինձմէ
վեր
ազդակներու
արգասիք։
Այսքան
խելք,
խանդ,
աշխատանք,
հաւատաւորութիւն,
այսքան
շնորհ,
ազնուազգի
տուրքեր,
ճկունութիւն,
պարկեշտութիւն,
կեանքէ,
արուեստէ,
գեղեցկութենէ,
ոգեղէն
ու
մարմնեղէն
վայելչութիւններէ
ընկալչութիւն,
կ՚անցնին
անշուշտ
սոսկական
անհատի
մը
ընդունակութեանց
գումարը,
տարածուելու
համար
մէկ
մարդու
մէջ
այս
ամէնը
դնող
ու
ծնող
ժողովուրդին։
Ու
վստահաբար
կը
գրեմ
որ
չեմ
զառածիր։
Այնքան
ակնբախ
է
այս
ամէնուն
սպասող
վախճանական
ճակատագիր
մը,
Օտեանէն
ինչպէս
իր
ժողովուրդէն:
Ու
կ՚աւելցնեմ.
չխենդենալու
համար
պարտաւոր
ենք
դիմել
այդ
անհրաժեշտ
ընդհանրացման:
Այս
ամէնը
աւերածի,
կոտորածի,
մոխիրի
ու
արեան
վերածող,
փոխակերպող
ո՞ւժը։
Անշուշտ։
Զարկաւ
այդ
թաթը
շքեղ
գրագէտը
ու
տապալեց։
Նոյն
թաթը
զարկաւ
դարձեալ
այն
շքեղ
երեւոյթը
որ
մեր
ժողովուրդն
էր
քսաներորդ
դարու
առաջին
տասնամեակին։
Խորհած
ունի՞ք
թէ
ի՞նչ
կը
մնայ
այդ
գեղեցիկ,
փարթամ,
հրեշտակային
Պոլիսէն,
ըսել
կ՚ուզեմ
անոր
հայութենէն:
Երկոքին
համար
ալ
տիրակա՜ն
նոյն
ճակատագիրը:
Մեր
գրականութիւնը
մեր
ժողովուրդն
է
ամէն
բանէ
առաջ։
Ահա
թե
ինչու
անոր
բոլորանուէր
սպասարկու,
վաւերական
տաղանդ
մը
այնքան
քիչ
բան
կրցած
է
ձգել
այդ
ժողովուրդի
սրբութեանց
թանգարանին։
Իր
յիշատակին
հետ
անկարելի
է
չտրտմիլ։
Իր
գործին
առջեւ
դարձեալ
անկարելի
է
չցաւիլ։
Բայց
իր
ճակատագրին
հետ
չհաշտուիլ
մը
—
որ
համազօր
է
անոր
գրականութիւնը
արժեզրկե
լու
—
մեղանչել
պիտի
նշանակէր
Հոգւոյն
Սրբոյ
դէմ
որ
հոս
իմացականութիւնն
է,
առանց
վերադիրի։
*
*
*
Ահա
սերունդը։
Թերեւս
ընթերցողը,
իր
տպաւորութեանց
վերադարձ
մը
երբ
փորձէ,
պիտի
տառապի
անբաւարարութեան,
սակաւութեան
շատ
յայտնի
զգացումով
մը։
Այդ
վիճակին
դէմ
կանխահոգութիւն
մըն
էր
ներկայ
հատորին
մուտքի
յայտարարութիւնը
որուն
համեմատ
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը
կը
ձգտէր
աւելի
անդին
քան
հմտութիւնը։
Ու
կը
հրաւիրուիք
մտածել
գիրքերուն
փոխարէն
մարդոց
իրաւ
ապրումներուն
վրայ
նմանօրինակ
գործողութիւն
մը:
Վերածեցէք
իր
բաղադրիչներուն
Նահապետ
Ռուսինեանի
մը
կենդանագիրը,
օրինակի
համար:
Իրաւ
ըլլալ,
կը
նշանակէ
այդ
բաղադրիչներէն
իւրաքանչիւրը
վերակազմել
ձեր
հաշւոյն։
Ու
գրականութեան
պատմիչը
նիւթական
անկարողութեան
առջեւն
է
իր
վրայ
խուժող
կեանքի
հեղեղը
խողովակելու:
Գիրքերու
անուններ,
կեանքի
թուականներ
արհամարհելի
չեն,
բայց
որքան
քիչ`
իրենց
կշիռը,
երբ
բռնուին
բուն
իսկ
կեանքին
հոսանքին
դիմաց։
Վէ՞պ՝
Արեւմտահայ
գրականութիւնը։
Դուք
գտէք
բառը:
Կը
փակեմ
հատորը
ձեր
ուշադրութեան
յանձնելով
ա)
Գործերուն
քիչ
թիւը.
բ)
Անոնց
հազիւ
գրական
նկարագիրը։
գ)
Գործաւորներուն
սրտառուչ
մեծութիւնը.
դ)
Իրագործումներուն
այսօր
պարզ
բայց
իրենց
օրին
ահաւոր
բարդ
հանգամանքները,
ե)
Վաստակին
երախտիք
թելադրող
մեծութիւնը:
Մարդեր
էին,
իրենցմէ
աւելի,
բայց
մանաւանդ
մեզմէ
քանի
մը
պատիկ
աւելի:
Տառապեցան
իրենց
կիրքերուն,
սնափառութիւններուն,
իրաւ
ցաւերուն,
մեծ
երազներուն
փոփոխակ
սլաքներուն
ներքեւ:
Իրենց
գործին
գրական
տարողութիւնը
մի
փաթթէք
մատի:
Գրականութեան
սկզբնական
շրջաններուն
նկարագիրն
է
սա
ընդհանրականութիւնը։
Մի
չափէք
զանոնք,
իրենց
յաջորդներուն
արդիւնքին
գագաթէն։
Ժամանակին
մէջ
անոնցմէ
աւելի
վար,
տեսողական
գիտութեան
(optique)
օրէնքներով,
կը
թուին
աւելի
տարտամ,
քիչ,
պզտիկ։
Զիրենք
սիրելու
համար,
ըստ
արժանւոյն
գնահատելու
համար,
իջէք
իրենց
օրերուն։
Այն
ատեն
պիտի
համակուիք
տրտում
լրջութեամբ
մը,
երբ
նայիք
ձեր
շուրջը
ուր
մարդիկ
կը
գրեն
զիրար
անպատուելու,
անորակելի
նանրամտութեամբ։
Ըսի՞
թէ
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը
ծնունդ
էր
Սփիւռքի
հոգեբանութեան
մը:
Կը
մատուցանեմ
իր
հասարակութեան,
ուրեմն,
ձեռնարկին
առաջին
հատորը,
նկուն
որքան
յուսաւէտ
հոգիով
մը։
Հայ
Գրականութիւնը
վեր
է,
մեծ
է
իր
հատուածներէն
(Արեւմտահայ
Գրականութիւնը,
հարկ
կա՞յ
յիշեցնելու,
հատուած
մըն
է
անկէ)
ու
իբր
այդ
այս
ժողովուրդին
հայրենական
ամէնէն
անկորուստ
ժառանգութիւնը։
Կը
մատուցանեմ,
այս
առաջին
հատորը,
դարձեալ,
ուրիշ
զգացումէ
մը
խռոված։
Հոն
տիրական
բարեխառնութիւնը՝
փառաւորումն
է
իմ
ժողովուրդի
արժէքներուն։
Ու
այս
աշխարհին
մէջ
ո՞րն
է
արժէքը
ուր
չըլլային
խառնուած
սակաւարժէն,
ապարժէն,
վաւերական
արժանիքին։
Եղէք
անկեղծ
ձեր
տպաւորութեանց
հետ
ու
այն
պարագային
որ
ասոնք
ձեզ
նեղեն
այս
կամ
այն
փառքին
սուտին
դիմաց,
մի
յամառիք
այդ
զգացումին
համար
ամչնալու:
Արեւմտահայ
գրականութեան
սկզբնական
շրջանը
ստեղծումի
շրջան
մը
չէր
կրնար
ըլլալ,
մեր
պայմաններուն
մէջ:
Անիկա
եղաւ
սկսելու
խանդ
մը,
մոլուցք
մը։
Զարթօնքի
մարդերը
գործօնութեան
առաքեալներ
իբրեւ
երբ
կ՚արժեւորէք,
ըրած
կ՚ըլլաք
սրտագին
հասկացողութիւնը
իրենց
մեծութեան,
գեղեցկութեան:
Յաջորդ
հատորները
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին
ձեզի
պիտի
բերեն
ձեր
ժողովուրդին
ապրումները,
աս
ու
ան
գրողին
ընդմէջէն:
Մի
մտահոգուիք
գրող
մը
իր
գործերուն
անուններովը,
պարունակութեամբը
ճանչնալու
փափաքով:
Որքան
ալ
մանրակրկիտ,
որ
եւ
է
մատենագիտութիւն,
բառարան
մը
կ՚ըլլայ
այդ
ոգիով
խմբագրուած։
Գրողներուն
կեանքն
ալ
ենթակայ
է
այս
աղաւաղման։
Համակերպիլ
անխուսափելիին
որ
հոս
կը
նշանակէ
գոհանալ
կեանքին
խոշոր
թելադրանքներովը:
Եթէ
դուք,
այս
հատորին
մէջ
Օտեանին
նուիրուած
բաժինը
ձեր
աննախապաշար
ընկալչութեամբը
դիմաւորեցիք,
ատիկա
բաւ
է
որ
հատորին
վրայ
վատնուած
աշխատանքը,
սիրտը,
կիրքը,
յուզումները
ներեք
աշխատաւորին
որ
իր
կարգին
այդ
ամէնը
ապրած
է
իր
տողերէն
առաջ,
իր
տողերուն
վրայ,
ու
կը
հաւատայ
թէ
կ՚ապրի
երբ
այդ
տողերը
իրմէն
կ՚անցնին…
ուրիշներուն:
Ցտեսութիւն:
ՎԵՐՋ
ԱՌԱՋԻՆ
ՀԱՏՈՐԻՆ
[1]
Կը
կենամ
երեւոյթին
առջեւ.
Չերազ,
Եղիա,
Օտեանի
նման
կանխահաս
տաղանդներ,
վարած
են
հանրային
կարծիքը,
գրական
ճաշակը,
դժուար
բացատրելի
հեղինակութեամբ
մը:
Երեքն
ալ
այդ
կանխահասութիւնը
վճարած
են
բաւական
սուղ։
Եղիայէն
հատոր
մը
ապրում։
Չերազէն՝
քանի
մը
վիպակ։
Օտեանէն՝
քանի
մը
քրօնիկ:
Մեր
գրականութեան
բախտն
էր
կարծես
իր
հարազատ
տաղանդները
բռնավաստակի
մղել
ուրիշ
մարզերու
համար։
[2]
Տրտմութիւն
է,
բայց
պարտք
նոյն
ատեն
խօսիլ
Օտեանի
միւս
գնահատականներէն,
օրուան
նոր
դէմքերու
գործերուն
վրայ։
Զայրոյթի
մօտ
զգացումով
մը
անկարելի
է
չհամակուիլ
երբ
մարդ
կը
կարդայ
Բիւզանդ
Քէչեանի
ուղղուած
չորս
Էջ
գովասանքը,
գրչին
տակ
մարդու
մը
որուն
հանդէպ
համոզումը
ունինք
առնուազն
հոսհոսութենէ
զերծ,
անշահախնդիր
անձնաւորութեան
մը։
Սխա՞լ
կը
տեսնէր,
թէ
ներողամիտ
աչքով
կը
կարդար։
Որն
ալ
ըլլայ
զինքը
զառածողը,
մենք
երբեք
չենք
ներեր
որ
ճշմարիտ
գրագէտը
այդչափով
տկարանայ
հասարակ
լրագրողի
մը
դէմքը
ճիշտ
չկշռելու
աստիճան։
Եղիային,
Պէրպէրեանին,
Ալ.
Փանոսեանին,
Ռապիւսօնին,
Լամարթինին,
Միսաքեանին
ուղղուած
նամակները
գրական
էջեր
չեն
անշուշտ,
բայց
նամակ
ալ
չեն։
Հոս
է
որ
կը
խօսիմ
անոնց
վրայ:
Իր
հիմնական
բարութիւնն
էր
հեղինակը
այս
թուլութիւններուն,
թէ
իր
իմացական
անբաւարարութիւնը
գրական
իրողութեան
հանդէպ:
Օտեան
շատ
սիրուն,
spontané
էջեր
ունի
Պէշիկթաշլեանին,
Մայրային,
քրոջը,
եղբայրներուն,
մօրը,
մանաւանդ
եղբօրորդին
(ապագայ
Երուանդ
Օտեանը)
ուղղուած,
նամակներու
ձեւով։
Ասոնք
իր
գրականութեան
վրայ
ո՛չ
բեռ
են,
ո՛չ
արատ,
ոչ
ալ
պսակ:
Իր
մասին
թեթեւ,
հաճելի
վկայութիւններ
են
անոնք։
Պէշիկթաշլեանին
ուղղուած
նամակը
գրեթէ
կը
վիրաւորէ
սակայն
իր
վարկը,
տրուած
ըլլալով
իր
ու
բանաստեղծին
մտերմութեանց
աստիճանը։
Տքթ.
Թորգոմեան,
Ռուսինեանի
վրայ
ուսումնասիրութեան
մէջ
Օտեանէն
ունի
բաւական
երկար
նամակներ,
դարձեալ
անբաւարար
թէ՛
իբր
ձեւ,
թէ
իբր
խորք։
Մեծ
մարդերուն
մօտ
սա
նուաճումները
սակայն
պետք
չէ
խոշորցնել:
Օտեան
իր
նամակները
չէր
սահմանած
տպագրութեան,
ու
ատկէ՝
անոնց
անխնամութիւնը:
Չեմ
գիտեր՝
հակառակ
պարագան
բան
մը
պիտի
փոխէ՞ր
անոնց
ճակատագրէն։