Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ա հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՐՔ ԱՌԱՋԻՆ.
ԸՆԴՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ 

Ա

Տարածուած սովորութիւն է արեւմտահայ գրականութեան համար սկզբնաւորման իբր թուական ընդունիլ ԺԹ րդ դարու ճիշտ կէսը, քանի որ 1852ին կը զուգադիպի Մասիսի հրատարակութիւնը: Թեթեւ զիջում մը, ինծի կ՚ընէ կարելի, այդ սկիզբը ընդունիլ Բազմավէպի հրատարակութիւնը, տաս մը տարի առաջով։ Անշուշտ ընթերցողը միամիտ չէ այնքան, այս զիջումին մէջ գրականութիւն մը սկսելու փառքը, մենաշնորհը ընծայելու Վենետիկան Մխիթարեաններուն, տրուած ըլլալով հզօր փաստը որ այդ հանդէսը, գրական հասկացողութիւն մը` հարիւր տարի վերջն ալ իր հիմնարկումէն, դեռ չէ իրագործած, ծփալով ընդ մէջ աչխարհագրութեան, պատմութեան, հնագիտութեան, թուաբանութեան, տեղագրական պարզուկ, մանր ուսմունք գիտելիքներու, ճաճանչաւոր քերթողութեան, մանկավարժական սնոտիքին, խոհանոցային տարազներու, բարձր բանասիրութեան, կարճ՝ այն բոլոր հազար ու մէկ բարձր ու չնչին ախորժանքներուն որոնք ամէն մխիթարեանի հեշտանքն ու երջանկութիւնը կազմեցին

Վասնզի, ստոյգը ան է որ 1843էն առաջ ալ, ու այդ թուականին շատ մօտիկ, մենք ունինք հանդէսներ, գիրքեր, շքեղ գրաբարով ու պարզուկ աշխարհաբարով, տպուած Վենետիկ՝ որքան Պոլիս, Իզմիր, ու Կալկաթա: Ուրիշ հարց՝ այդ աչ խատանքներուն ներսը գրական յղացքը արդարացնող բանի մը իրականութիւնը։ Այնպէս որ ընթերցողը պարտաւոր է այսօրուան գրական իր հասկացողութիւնը վերապահել խստօրէն, չտառապելու համար այդ հասկացողութեան հետ աղերս չունեցող ու նոյնիսկ զայն հերքող արդիւնքներու փաստէն։ Բազմավէպ կրնայ, խորունկ բնականութեամբ մը, հիւրընկալել քիմիաբանական սիւնակ մը տեղեկութիւն եւ Հ. Ղ. Ալիշանի ադամանդակուռ գրաբարով կերտուած մէկ տխրունին: 1846ին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը իր այնքան խայտաբղետ աշխատանքներու կարգին, լրջութեամբ ու հաւատքով կը նախաձեռնէ հրատարակումը Հայաստան շաբաթաթերթին (որ 1852ին պիտի վերածուի Մասիսին), անոր խմբագրումին պարտքը յանձնելով Աղաթօնի՝ Եւրոպա ուսում ըրած (երկրագործական), իր ժողովուրդին համար տնտեսական, արդիւնաբերական քաղաքականութեան մը բարիքովը խանդավառ, եւ Տէրոյենցի՝ որ միշտ այդ ժողովուրդին բարիքը կ՚ըմբռնէ ազգային աւանդութիւններու, եկեղեցիին, բարքերու ամրաբազուկ պահպանումին մէջ։ Պոլսոյ Բազմավէպն է այդ Հայաստանը ուր կ՚երեւան Ն. Զօրայեանի անդրանիկ յօդուածները երբեմն սեպհական, երբեմն՝ Օ. Բ. (օգնական բանասէր) կեղծ ստորագրութիւններով, ընդհանրապէս դպրոցավարական, տնտեսական հարցերու շուրջ, եւ որուն մէջ գրական հասկացողութիւնը այնքան նախնական է որքան Բազմավէպին մէջ, եթէ նկատի չառնուին, ու ատիկա արդարութեամբ, հոն լոյս տեսնող գրաբար քերթուածները մինչեւ 1860։ 

1851-ին Յովհաննէս Հիսարեան կը հրատարակէ ուրիշ հանդէս մը, Բանասէր որ քայլ մը աւելի է անշուշտ քան յիշուածները, քանի որ անոր խմբագիրը արեւմտահայ առաջին ինքնագիր վէպն է որ կը ստորագրէ Խոսրով եւ Մաքրուհի որակուած (այս վէպը երկրորդ անգամ հրատարակուած է 1903ի Ծաղիկին մէջ)։ Հարկ կա՞յ ըսելու թէ բացի անունէն (վեպ), այդ՝ գրուածքը չի պատկանիր գրականութեան: 1861 ին ունինք, Իզմիր, Ծաղիկ հանդէսը զոր կը հրատարակեն Գր. Չիլինկիրեան եւ Արմենակ Հայկունի: Այս վերջինը կը ստորագրէ Էլիզա անունով երկրորդ ինքնագիր վէպը։ Երկուքն ալ, գէթ իբր ձգտում, գրական գործեր են, աւելի ճիշտ՝ նմոյշները սեռի մը որ ԺԹ րդ դարուն պիտի պարզէր աճման այնքան տարօրինակ հանդէս մը, աշխարհի բոլոր գրականութեանց մէջ։ Երկու այդ վէպերը առնուած են օրուան իրադարձութիւններէն: Հիսարեանի հերոսն ու հերոսուհին քաղուած են faits divers որակուած պատահարներէ: Հայկունի 1854ի ռուս ու թուրք պատերազմէն իր փորձառութիւնները կ՚օգտագործէ սիրային փոքր պատահար մը զարգացնելու, իր կարգին անկարող` դուրս գալով գրական նուաճում մը կատարելու։ Իմ կարծիքով, վրիպանքին պատասխանատու կը մնան Վենետիկը, զայն կապկող Պոլիսը, գրական զգայարանքին ըմբռնելի նախնականը: Աբովեան մը բացի հանճարային իր հանգամանքէն պաշտպանուեցաւ ընդդէմ նման չարիքի մը որ չուներ գոյութիւն Երեւան, ու իր վէպը (Վէրք Հայաստանի) կրելով հանդերձ հետեւանքները վարանքին՝ անծանօթ ջուրերու վրայ նաւորդի հոգեբանութեան, պարզ իր ներքին կենդանութեամբը բաւարարած է ինքզինքը, սկսելու համար արեւելահայ գրականութիւնը եւ Էջմիածինը եւ Կալկաթան անզօր մնացին Քանաքեռցի տէրտէրի տղուն բնական տաղանդին դէմ։ 

Սկզբնական նկարագիրներու սա արտագրումին հետ կ՚այցուիմ յիշատակէն Սրապիոն Հեքիմեանին որ տասնեակներով ողբերգութիւններ տաղաչափած է շքեղ գրաբարով [1] (մէկ հատիկ ալ՝ աշխարհիկ բարբառով), եւ սակայն խորունկ, հերոսական բեկումն է հանդուրժած, ինքզինքը կործանելու, երբ իր ողբերգութիւնները բեմ հանելու համար յօժարած է զանոնք վերածել աշխարհիկ լեզուին, եւ Իտալերէնի։ Աւելի անդին ուրիշ փաստեր՝ գրական ամէն գործի ենթահողը յատկանշող, ժողովուրդ, միջավայր, շրջան, հոգեկան բարեխառնութիւն կ՚իյնան բաւարար վերլուծման, որպէսզի իրաւ տաղանդներու սա վրիպանքը, զառածումը ըլլայ հասկնալի: Ամէն դարու կրկնուած են նման զեղծանումներ՝ աս ու այն անհաւատալի ազդեցութեանց ծնունդ։ ԺԱ. դարուն, քիչ մնաց մեր լեզուն պիտի  կործանէր Գրիգոր Մագիստրոսի մը քմայքներուն երեսէն, եթէ չըլլար կորովի կերպով պաշտպանուած Շնորհալիէն, յիսնամեակ մը վերջը: Արեւմտահայ գրականութիւնն ալ Մանտարիներու սնափառ խաղարկութիւն մը դառնալու վտանգները քանի քանի անգամներ զգաց իր մատաղ օրերուն իսկ, ոչ միայն լեզուական (գրաբարը աշխարհաբարին բռնադրելու կիսադարեան փորձերը), այլ գաղափարագրական մարզերէ։ Եղիա մը ուրե՜ր պիտի առաջնորդէր զայն…: Կը հաւատամ՝ թէ Զարթօնքի Սերունդին աւագ  դէմքերը եթէ երբեք մեր նկատառման մէջ դեռ կը պահեն իրենց որոշ վարկը, ատիկա կուգայ այն ընդհանուր իրողութենէն թէ սերունդի մը իտէալները` թէկուզ մեռած, ապացոյցներ, վկայութիւններ են, շատ թանկ այս անգամ, երբ վրայէ վրայ կ՚աւելնան, կազմելու համար այն շատ ծփուն, բայց շատ ալ իրաւ, անտարազելի իսկութիւնը՝ ցեղի մը հոգին ինչպէս կ՚ըսեն։ 

Բ

Գրականութեանց պատմութիւնները մասնակի ախորժանքով մը կը սիրեն լայննալ, թելադրական ընդհանրացումներու ճամբով, տրուած ժողովուրդի մը հոգեյատակը քարտիuագրելու աշխատանքին, կազմելու համար նկարագիրներու հանդէս մը որ մերձեցումներ արտօնէր իրենց համադրումներուն, հոգին գտնելու իրենց առաջադրութեանց, փառասիրութեանց մէջ մեծ նպաստ մը ճարելով իրենց տեսութիւններուն։ Բացէք ո եւ է դասական գրականութեան պատմութիւն։ Պիտի հանդիպիք այս մեթոտին։ 

Անշուշտ դժուար է, առաջին ակնարկով, այդ շատ սիրուն, յաջող (ingénieux) սեւեռումներուն տարողութիւնը ձգել կասկածի ներքեւ, ու հերքել՝ տրուած գրական վկայութեան մը վրայ կնիքը զայն կտակող ոգիին, անհատ անշուշտ, բայց որ, իր կարգին, խորհրդանիշն է ցեղին: Բայց նոյնքան դժուար՝ այդ կնիքը վերածել անխուսափելի, աննահանջ ստուգութեան մը չափանիշին: Մեր Փաւստոսին մէջ քաղցր հրաշալի մը, թանձր երկնայնութիւն մը, շատ իրաւ մարդեր, մանկական ըսուելու չափ միամիտ երեւակայութիւն մը, հզօր կիրքերու ամբողջ հանդէս մը, մահ ու արիւն ու ասոնց մռայլ յաճախանքը, եւ տակաւին ուրիշ այս գիծէ նրբին ոգեղէն իրականութիւններ, մեզ կը թուին առաւել քան իրաւ, ցեղային, քանի որ այդ գիրքէն հազար հինգ հարիւր  տարի վերջն ալ այդ իրականութիւնները արտահանելի են արեւմտահայ քրոնիկագիրներէն շատ շատին մէջ։ Նոյն թանձր երկայնութիւնը՝ Խրիմեանի մը, Սրուանձտեանցի մը, Թլկատինցիի մը աշխարհիկ մեղքերու մօրուտքին վերեւ, կամարակապ ու սրտայոյզ։ Նոյն իրաւ մարդերը՝ Զօհրապի, Երուխանի, Բաշալեանի, Կամսարականի վէպին մէջ։ Նոյն մանկունակ երեւակայութիւնը` Դուրեանին ու Մեծարենցին մէջ։ Նոյն հզօր կիրքերը՝ Զ. Եսայեանի, Օշականի, Վ. Շուշանեանի, Հրաչ Զարդարեանի աշխարհներուն մէջ։ Բա՜յց: Պիտի ներուի՞ այս հանգիտութիւնները ընդարձակել աւելի քան իրենց տարողութիւնը, ու տարածել զանոնք կարելի ընող բարեխառնութիւնը ցեղին նկարագիրներու հանրական վառարանին։ Ահա խնդրականը՝ արկածախնդրականը նոյնիսկ։ Ինչպէս որ կուշտ եմ իմաստասիրութենէն, մանաւանդ պատմութեան վրայ իր յաւակնութիւնը արժեւորել ձգտող նետողական, յախուռն բարիքներէն, նոյնքան մըն ալ անտարբեր եմ այդ ցեղային որակուած շատ ընդհանուր տարազներուն շատ յոխորտ, պահանջկոտ բարիքներէն։ 

Կայ առջիս հարիւր տարուան վաստակ մը։ Այդ արդիւնքին մէջ ես պիտի ուզէի կանգ առնել միայն ու միայն քանի մը շատ յստակ իրողութեանց փաստին առջեւ, իրողութիւններ՝ որոնք այդ շարժումը շրջանակէին, ոչ աւելի ոչ պակաս, այսինքն ըլլային այդ գրական արդիւնքը կարելի ընծայող ժողովուրդին հարազատ մարմնառութիւնները: Այսպէս, կը յանձնեմ ձեր ուշադրութեան սա նկատումները. այդ արդիւնքը քանի մը կարեւոր կեդրոններու (Պոլիս, Իզմիր, Վենետիկ, Վասպուրական եւ Ծոփաց Աշխարհներ) աշխարհագրական կնիքը կը կրէ: Այդ արդիւնքին մէջ, իմ ժողովուրդին նորագոյն ընկալչութիւնները, ինչպէս իր արեան վաղնջաւոր մղումները, ճակատագրին անողոք մոլեգնութիւնը, ինչպէս զայն դիմաւորելու մեր նոյնքան անողոք կիրքը, ապրելու գերագոյն իր իմաստութիւնը, դարձեալ ներելի հաստատումներ են։ Այդ արդիւնքը ինծի կ՚արտօնէ իմ ժողովուրդի քսան դարերուն մասնակի խռովքները սիրտէ եւ ուղեղէ, աչքէ եւ ականջէ, թռիչքէ եւ կորանքէ առաջացած նորէն լսել յաւակնիլ, Փարպեցին գրեթէ ճանչնալ, ինչպէս եւ Եղիշէն` Սրուանձտեանցի եւ Զապել Եսայեանի մէջ, Նարեկացին` Չրաքեանի եւ Սիամանթոյի մէջ, Շնորհալին՝ Մեծարենցի մէջ։ Այսինքն՝ այս անուններուն բոլորին հետ մեր ներսը արթնցող յոյզերը ընդունիլ հասարակաց ակունքներէ ծորուած, շատ խորունկ, շատ վաղ մթութիւններէ պուտ պուտ վերբերուած: Այս  ամէնը, այո՛: Բայց նոյն ատեն վախը՝ ընդհանրացումներու սոսինձին: Ատոր համար է որ ստիպուած եմ մնալ զուսպ ու գոհանալ քանի մը ընդարձակ ցուցմունքներով։ 

ա) Գաղթային գրականութիւն,

բ) Մեր պատմութեան ընդհանուր թօնալիթէին հետ անոր  հաշտութիւնը։

գ) Մեր ճակատագրէն իր պարզումները,

դ) Մեր նոր պատմութեան կնիքը։ 

Ե) Մեր ցեղային քանի մը հզօր ստորոգելիները երեւակայութիւն, ոգեղէն հարստութիւն, իրապաշտութիւն ու քմայք, ձայնի եւ գոյնի խենդ մեր ախորժակները, մեր մէկէ աւելի միսթիքները (յեղափոխական, հռետորական, գրական, կրօնական), մեր նրբամոլ ճարտարանքները (մեր լեզուին, ասոր քերականական ընկալչութեանց ու յատկանիշներուն հաստատ փաստերը), մեր քաղցրութիւն ու պայծառութիւնները, մեր անյարիր կամեցողութիւնը, մեր տրտմութիւններն ու անկարողութիւնները, շատ ուզելու մեր յիմար յամառութիւնը, մեր վերադարձի հզօր տուրքերը, բանաստեղծի մը բառերով՝ Յարութիւն առնելու մեր ապահով առաքինութիւնը։ Դեռ կարելի է երկարել ցանկը սա սեղմ տարազներուն: Բացէք զանոնք: Դուք պիտի գտնէք ոչ միայն արեւմտահայ գրականութեան ընդերկրեայ ձգտումները, այլ եւ այդ ժողովուրդին հոգիին վրայ ամուր, գրեթէ անվրէպ վկայութիւններ: Ինծի կ՚այցելեն անուններ, միշտ այդ գրականութենէն, որոնք այդ ամէնէն անմասն կը թուին, բայց պատրանքի մը շղարշին մէջէն: Մի մոռնաք որ մեր առաջին երեք սերունդներուն յիսունը անցնող անուններէն քառասունը կրնաք յարգալից բառերով վերածել իրենց իմաստին, պարզ ու մարդկային։ Ամէնուն տրուած չէ ըլլալ խորհրդանշական անձնաւորութիւն: Ամէնէն վիճելի անուններէն մէկն է Թովմաս Թէրզեանը։ Կ՚ընդունիմ: Բայց զայն վտարելէ առաջ այդ գրականութենէն, փորձ մը կը ներուի ինծի անոր դիւանը տեսնել անյարիր շնորհներու հանդէս մը իբրեւ ի՛նչ որ ցեղային էր արդեն, ինչպէս ըսի քիչ վերը։ Չունիմ ժամանակ՝ բանալու մէկիկ մէկիկ այդ տարազները: Բայց որոնք պիտի կազմեն հէնքը իմ վեր լուծումներուն արեւմտահայ գրականութեան ամէն արժանաւոր մշակներուն անձէն ու գործէն

Ուրեմն՝ քիչ ձրի տարազ։ Ուրեմն քիչ իրաւ տարազ։ Արեւմտահայ գրականութիւնը ո՛չ բառակոյտ է, ո՛չ ալ հոսհոսութիւն։ Անիկա իմ ժողովուրդին կեանքն է, իր հայրենիքին անմիջական պաշտպանութենէն, այո՛, զրկուած, բայց այդ դժբախտութիւնը դարմանելու իր ճիգին մէջ յաճախ յաջողած։ Արեւմտահայ գրականութիւնը անդուլ պայքարի շքեղ որքան տրտում փաստ մըն է ընդդէմ աշխարհ մը արգելքներու, եւ այս իսկ հանգամանքով՝ դարձեալ այս ժողովուրդին պատմութեան հարազատ վկայութիւն մը: Անոնք որ զայն կը դատեն պատրաստ հանգանակներով (գլխաւորաբար արեւելահայ հին ու նոր մունետիկները արժէքներու շուկային) իրենց պատրանքները կը ջանան արժեւորել երբ զայն արժեզրկելու իրենց մոլեռանդութեանը մէջ, կ՚արժեզրկեն ցեղային անդրագոյն ալ գեղեցկութիւններ, մասնայատկութիւններ։ Անշուշտ թերութիւնները միշտ կը սկսին առաւելութեանց ձգտումներէ։ Աւելիին փոյթն ու տագնապը յաճախ զսպանակներն են զեղծանումներուն։ Չրաքեանի մը, Եղիայի մը, Մեծարենցի մը քիչ մը շատ ձեւապաշտութիւնը երկինքէն ինկած մոլութիւն մը չէ: Է անիկա մէկ նոր կերպարանքը ձեւի տագնապին որ այս ժողովուրդին ամէնէն հեռու շրջաններուն ալ իրականութիւն էր դարձեալ։ Այո, դասական գրաբարին (Վիէննական առումով) շքեղ յիշատակարանները մեզ կը տպաւորեն բարձրորակ քաղաքակրթութեան մը վրայ իրենց արձանացուցած վճիտ, հաստատ, ներդաշնակ ու արուեստի զգայարանքի մը ամուր կնիքովը պաշտպանուած իրագործումները ինչպէս։ Բայց կարելի՞ է չտպաւորուիլ այլապէս, միւս փաստէն ալ որ Կորիւնի մը գրքոյկն է, դեռ այդ օրերէն իսկ Չրաքեանը թելադրող։ Փարպեցիէն՝ որ պատկանելով հանդերձ Ե րդ դարու հոգեբանութեան, մտայնութեան, կարճ տարազով մը՝ արուեստին, մեր օրերու եռապատկեր արտայայտութեան այնքան յաջող նմոյշներ կը դարբնէ, այնքան պարզուկ, միամակարդակ (uniplan) ոճէն [2] (թարգմանութեանց) բարձրանալով  բազմամակարդակ (սենֆոնիգը՝ ձայներու աշխարհին համար. բոլիբլանը` ձեւերու աշխարհին համար) գրելու կերպի մը, պահելով սկզբնականին քաղցր, առողջ, իրաւ, ամուր բարիքը (դուք ըսէք գեղջուկ խորքը, բայց չվախնալով այդ հաստատ եղանակին քով ի վեր ուրիշներէ ալ՝ ըսել կ՚ուզեմ՝ շատ զարգացած գրականութեանց մօտ միայն հանդիպելի այն նորութիւններէն որոնք աչքի կը զարնեն մէկէ աւելի մտածումներ միակ կաղապարի մը (բառ) վստահելու յաճախանքով մը, ու կը ներկայացնեն միտքի մասնաւոր յօրինուածութիւն մը, համադրականին համար լաւ տրամադրուած, նետելով ածանցումներն ու բարդումները տարօրինակ դիւրութեամբ, բնականութեամբ, այնքան որ մարդ կը փորձուի իմացական սա շնորհները, սա aisanceը՝ մտածումին հետ խաղալու, ձգել կասկածի տակ, իբրեւ օտարամուտ, բռնազբօսեալ աճպարարութիւն մը (տրուած ըլլալով Ե. դարու դպրոցին օտար մշակոյթի արդիւնք ըլլալու պարագան, եթէ երբեք երեւոյթը չկրկնէր ինքզինքը այնքան անգամներ) մինչ պատմութիւնը մեր նկատառումին կը պարտադրէ դարձեալ Օձնեցին, Քռթենաւորը, յունաբան դպրոցը, Խորենացին, Արծրունին, Նարեկացին, Մագիստրոսը, բոլորն ալ ձեւի՝ հզօր տագնապի մը արկածեալները, գրելու արարքը կիրքի, բռնութեան հեշտագին հիւանդութեան մը վերածելու չափ առնուած իրենց դերէն, վտանգելով պարզութեան բարիքը, անգիտելով մթութեան, անհասկնալի մնալու չարիքները, զոհելով յաճախ իմաստն իսկ այդ տարօրինակ յանդգնութեանց թոհուբոհին մէջ, բայց այդքան հեռուներէն ըլլալով յստակ, սրտառուչ ալ վկայութիւններ մեր ժողովուրդին իմացական բազմաuարուած առաքինութեանց, ընկալչութեանց։ Զգոյշ եմ անշուշտ ձրի տարազներէ: Ըսի վերը։ Բայց կը ներեմ ինծի խելքը, արտայայտութեան սա զանցումները հասկնալու իբրեւ տագնապներ զգայնութեան, եւ ոչ թէ անխելքութեան՝ անմշակ իմացականութեան փաստեր իբրեւ դատապարտելու: Քերականութիւնը արժանիք մըն է անշուշտ։ Բայց փոխաբերութեան մը սիրոյն նոր ըլլալն ալ չի դադրիր ուրիշ արժանիք մը ըլլալէ։ Կարելի է երկարել, ու շա՜տ, շարքը սա գիծէն նկատումները, որոնք արեւմտահայ գրականութիւնը կը հաշտեցնեն մեր ժողովուրդին հեռանկեալ շնորհներուն, կ՚ազատագրեն մանաւանդ, արեւելահայ մոգական տարազով մը՝ Ֆրանսիականին վրայ ձեւուած կապկութեան մը նսեմ, ապուշ ճակատագրէն (աւելի անդին ես կը զբաղիմ մանրամասն, այս ամբաստանութեան իրական տարողութեամբը)  ու զայն կ՚ընեն արդար հանդիսարան մը իմ ժողովուրդի ընդունակութեանց։ Չի կրնար այս ժողովուրդը ծնունդ՝ այն քան տարբեր բլաններով հոգեկան ցանցերում, որոնք իր հողերուն, լեռներուն, դաշտերուն, երկինքներուն անդրադարձն են իր արեան անմահ պաստառին վրայ, ինչպէս զայն ծեծող հազարաւոր յոյզերուն խտղտանքը, եթէ կը ներուի, այս փոխաբերութիւնը իր արտայայտութեան մէջ գոհանալ անմիջականով, նախնականով: Ինչե՜ր կան թաղուած խորերը՝ մեր հաւաքական զգայնութեան։ Երեսուն տարի առաջ, Մեհենականները [3] (1914) երբ կ՚առաջարկէին վտարել արեւելահայ ու արեւմտահայ տարազները, ու հրապարակ կը նետէին Հայաստանեայց Գրականութիւն աւելի հանգամանաւոր տարազը, գիտակ էին իրենց ըրածին ամբողջ լրջութեան: Անոնք կ՚ընդզգային թէ այս ժողովուրդին իմացական ճիգը սխալ էր դատել նոր ցուցմունքներով. աւելի սխալ՝ հասկնալ փորձել անոր զգայնութեան փաստերը աս ու ան համալսարանին չէզոք կամ ներքինի ուսումներուն ամբարտաւան պատգամներովը։ Սխալներուն սխալը՝ եւրոպական արժետախտակներու վրայ միամիտ՝ չըսելու համար ապուշ հաւատքը որ 1850ի մեր մարդոց (Թիֆլիս ինչպէս Պոլիս) ինքնագոհացման փաստեր ճարեց զարթօնքը, լուսաւորման պապակը շփոթելով գրական թխումին հետ, բոլորովին տարբեր իրողութի՛ւն, tellurique ու անտարազելի։ (Ահա թէ ինչո՛ւ այդ սերունդը այնքան քիչ ստեղծում ձգած է ցեղային հարստութեան գանձարանին)։ Կը բաւականանամ հոս արձանագրելով իմ հաստատ առաջադրութիւնը արեւմտահայ գրականութիւնը հաշտեցնելու իր դարաւոր պատմութեան հետ. հոն ծնունդ առած գործերուն ու իմ ժողովուրդի հաւաքական զգայնութեան՝ որ չի դադրիր իր արեան սենֆոնիգ կերպարանքը դնելէ անկէ բխող ամէն իրաւ ստեղծումի վրայ, փոյթ չէ թէ Հայաստանի լեռներէն դէպի արեւմուտք տարագրուած ջիղերու սարուած մը ունենայ ինքզինքը կերպադրելու: Ա: ն՝ որ ԺԱ րդ դարուն կը  կոչուի Գր. Մագիստրոս, չի՞ նմանիր արդեօք այն միւսին որ Ի րդ դարուն կը կոչուի Տիրան Չրաքեան: Առաջինը կայսերական դղեակներու վրայ իր տարագրութիւնը (Մագիստրոս իր հօրենական կալուածները լքած է յունաց կայսեր, փոխարէն  առնելով կայսրութեան մէջ ուրիշ հողամասեր) երբ կը ջանայ մոռնալ, կը ստեղծէ արտայայտութեան իր կերպը, այնքան նման Չրաքեանի կերպին որուն նախահայրերը ուրիշ բան չըրին եթէ ոչ քիչ մը շատ ավելի արեւմուտք քաշուիլ։ 

Արեւմտահայ գրականութիւնը (այն ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը զոր ծրագրած եմ գլուխ հանել) իբր յղացք կը մերժէ բոլոր այն անունները եւ գործերը ուր այս ժողովուրդին ո՛չ մէկ ստեղծագործ շնորհը, ո՛չ մէկ տագնապը լրջօրէն չեն ինկած սեւեռման: Բիւզանդ Քէչեան ըսուած մարդը կրնար իր քառասնամեայ վաստակը կատարել թուրքերէնով. այնքան այդ լրագրողը հեռու է իր ժողովուրդէն: Գալուստ Կոստանդեան մը, Ստեփան Ոսկան մը ուրիշ բան չըրին, երբ քանի մը փորձերէ վերջ, լքեցին իրենց ժողովուրդին դատը, մէկը անցնելով յոյներուն, միւսն ալ գաղիացիներուն սպասին: Իմ վերլուծումները, ճակատագրաբար, կ՚ընդգրկեն առաւելապէս այն անձերն ու արդիւնքները որոնք փաստեր աւելցնէին Հայ Հոգիի տարողութեան, եւ ոչ՝ թէ՝ առհասարակ սանկ ու նանկ արժէքներու ըլլային յայտարար։ Ողջմտութիւն, յամառութիւն, յարմարուելու ընդունակութիւն անշուշտ որ առաքինութիւններ են որոնք բաւ են Բիւզանդ Քէչեան մը ոտքի նետելու: Բայց կա՞ն իմ ժողովուրդին միջինը յօրինող տարրերուն մէջ այնպիսիներ որոնց մօտ չըլլային ասոնք հաստատելի: Յետոյ, իմ փոյթը պիտի ըլլայ խնամով կատարել ոչ թէ մեր գրականութեան զտումը ինչպէս կ՚ըսեն։ Ատիկա վեր է որ եւ է քննադատի ուժէն, ու պայմանաւոր է միայն ժամանակով։ Ո՞վ կործանեց մեր 900ի դպրոցը եթէ ոչ ինքը՝ 910ը։ Ու մենք տեսանք որ շքեղ, ամրակառոյց համբաւներ իրենք իրենց նստան իրենց սիւներուն վրայ, իրենց փառքը կրելու անկարող, առանց որ մէկ հատիկ քննադատական յօդուած դպէր անոնց վարկին: Անոնք որ մեր 1900ը կը թափօրէին, չմեռան անշուշտ 1910ին, բայց կը պտտէին առանց շուրջառի, եւ ոչ ոք՝ որ զբաղէր իրենցմով։ Իմ փոյթը պիտի ըլլայ ուրեմն փնտռել ու գտնել անձերու արժանիքին ընդմէջէն մանաւանդ ցեղային արժանիքները, ասիկա՝ ոչ աժան ցեղապաշտութեան մը սիրոյն, այլ դարձեալ արուեստին իսկ հաճեցումին համար։ Որքան ալ լայնենք գնահատման չափերը, չենք կրնար Տիկին Տիւսաբի վէպը, Մամուրեանի քրոնիկները, Ծերենցի պատմական կառոյցները դնել իրենց անձնականով միայն պայմանաւոր առաւելութիւններէն դուրս, ուրիշ խօսքով տարածել այդ գործերը ցեղին ընդհանուր արժանիքներուն թէկուզ փոքր վառարանին։ 

Բայց, ըսել, օրինակի մը համար թէ Պետրոս Դուրեան կը պատկանի այս ժողովուրդին, այնքան արդար հարազատութեամբ մը, որքան՝ Հրանդը, Թլկատինցին կամ Յովհաննէս Թումանեանը, չի նշանակեր բանաստեղծական բացառիկ շնորհներ ազատագրել, ասոնք օգտագործելու մտքով իրենց իմաստուն ու յարգէն վեր բաղադրութեանց մէջ, եւ կամ շողշողուն բայց ոuին բարատոքս մը ճամարտակել, այլ այդ տղուն զգայնութեանը մէջ հաստատել այն տաք, խորունկ, սրտագրաւ թախիծը որ իրական է մեր ժողովուրդին՝ գրեթէ բոլոր դարերուն համար: Այդ կսկիծն է որ ես ապրեր եմ Եղիշէին, Օձնեցիին, Կոմիտասին (կաթողիկոս), Ղեւոնդ Երէցին (պատմիչը), Խորենացիին, Արծրունիին, Նարեկացիին, Շնորհալիին, Լաստիվերտցիին… Դարանաղցիին, Դաւրիժեցիին, մանաւանդ մեր աշուղներուն այնքան աղեխարշ լացերուն ընդմէջէն։ Մեր արեան մշուշն է կարծես այդ մելամաղձութիւնը: Պետրոս Դուրեանի շեշտին մէջ զգալ տրոփը գլխագրուած Զրկանքին, զգալ է դարձեալ անտարազելի միւս իրողութիւնը որ մեր բաժինն է կարծես աշխարհի երեսին, գրուած՝ ճակատագրին մատուըներովը, մի հարցնէք մեր ո՞ր մեղքերուն ի քաւութիւն: Խորհած ունի՞ք թէ ինչպէս ապրեր են ձեր նախնիքները, իրենց առաքինութեանց, շնորհներուն, արժանիքներուն ընդարձակ բանակներուն հակառակ… Եթէ ասիկա իրաւ է ձեր ժողովուրդին համար, իրաւ է դարձեալ տաղանդներուն համար։ Ըսել նոյն ատեն թէ Տիրան Չրաքեան կը պատկանի այս ժողովուրդին, կը նշանակէ այդ Պոլսեցիին խորունկ հետաքրքրութիւնները՝ ձայնէ, գոյնէ, ձեւէ, հաշտեցնել դարերու վրայով մեզի երբեք չպակսող խենդերուն (նոյն բաներէն) մէկ ու նոյն տագնապանքին հետ։ Վերը խօսած եմ այդ մասին։ Բայց մերժել Ռ. Որբերեանը, Ռ. Պէրպէրեանը, Մ. Մամուրեանը այդ գրականութեան իրաւ ու արդար փառքերուն հանդէսէն, կը նշանակէ արժեզրկել թեթեւ շնորհներ միայն, մէկուն մօտ քաղցրահնչութեան զգայարանք մը, միւսին մօտ հաստատ մտածողութեան մը նախատարր իրականութիւնը, երրորդին համար աշխատանքի տենդ մը, բոլորն ալ քիչ շատ հասարակաց յատկանիշներ, անշուշտ ուժ, անշուշտ արժանիք, բայց որոնց աղերսը այնքան քիչ է երբեմն արուեստին հետ։ 

Կ՚ընդունիմ որ ինծի հետ չէ ժամանակը։ Դեռ լէգէոն են անոնք որոնք երկինք երկիր իրար պիտի խառնէին նման վանտալութիւններու, ազգուրաց առաքելութիւններու դերը դիւցազներգօրէն պոռալով տանիքներու վրայէն: Այս քապալէն դիւրին  է մասամբ չազդուիլ։ Բայց կայ միւս կողմէն դատողին ալ խղճմտանքը։ Մեր ամէնէն ընդարձակ շարժումը՝ ռոմանթիզմը, դեռ կէս դարով իսկ չէ զատուած մեզմէ։ Ու ժամանակին փաստը գործերու վերջնական, տեսակարար արժէքին տեսակէտէն, դժուար կը հերքուի։ Կ՚ընդունիմ որ Ալիշանի մը քերթողական զգայարանքը այսօր դիմաւորուի որոշ վերապահութեամբ մը, բայց մարդիկ կենան այդ անունին խորհրդանշական գեղեցկութեան դիմաց նոյն պատկառանքով, նոյն երախտագէտ զգացումներով, որոնք հասարակաց էին մեր բոլոր մտածողներուն, գրիչ շարժողներուն համար 1880ին։ Ահա իրողութիւն մը։ Յետո՞յ։ Բայց կան ուրիշներ եւս։ 1870ին, 1880ին, նոյնիսկ 1890ին մարդիկ նոյն հմայքով կ՚արտաբերէին Վանեցի վարդապետի մը անունը։ Հայրիկը (Խրիմեան) ազգային գերազանց խորհրդանշանն էր ԺԹ րդ դարու երկրորդ կեսին: 1940ին այդ մարդը կը դատեն աւելի իրաւ ու արդար չափերով։ Գրականութեան պատմիչ մը թող ճաթեցնէ իր գլուխը հասկանալու համար թէ ո՞ր հրաշքին միջամտութեամբն է որ լոյս տեսնելու, իսկ անարժան հատոր մը, օրինակ՝ Մարգարիտ Արքայութեան Երկնիցը արժանանայ չորս տպագրութեան, ժողովուրդի մը մէջ որ իր գիրքերը իրենց փոշիներուն տակ թաղելը ազգային նկարագրի կը թուի վերածած ըլլալ։ Ասոնք ալ ուրիշ տարօրինակութիւններ

Գ

Արեւմտահայ գրականութեան սկզբնածագ շրջանը՝ դժուար սեւեռելի որքան գրականէն դուրս` պայմաններով շահեկան, կ՚ըլլայ քիչ մը աւելի պարզ եթէ երբեք զայն կերպադրող քանի մը հիմնական հանգամանքները իյնան արագ, ամփոփ, բայց բաւարար վերլուծման։ Ասիկա չի նշանակեր իրողութիւնները օգտագործել ի հաշիւ կանխամտածեալ տեսութիւններու: Փաստ է որ 1850էն առաջ մենք գիրք ու թերթ ունէինք։ Փաստ է որ 1850 էն յետոյ ու շատ՝ աւելի մօտ ժամանակներու վրայ մենք տեսնենք արդիւնքները, հիմնովին իրար հակասող, հերքելու աստիճան արուեստին` մեծ օրէնքներէն մէկը որ միութիւնն է, տակաւին Արիստոտէլի օրերէն։ Ինչո՞ւ, գրեթէ քանի մը տարիներու միայն տարբերութեամբ իրար յաջորդող քերթուածաշարքեր՝ նոյն հեղինակէն, ըլլան այդքան իրարու հակադիր, մեզի թելադրելով նսեմ, խորապէս տրտում նկատողութիւններ։ Ով  որ կարդայ Տխրունին (Նուագք, Ալիշան), պիտի տառապի անշուշտ ոչ միայն այդ քերթուածներուն ծանրատաղտուկ չափէն, այլ զանոնք ներշնչող վիճակներուն այս աստիճան գրականացումէն, աւելի գէշ բայց ճիշտ բառով մը՝ հռետորայնացումէն։ Բայց սխալ չէ ենթադրել որ Լուսնկայն Գերեզմանաց Հայոցն ալ գրուած ըլլայ նոյն թուականներուն։ Այս քերթուածին սիրտ հասնող պարզութիւնը լեզուին հրաշքը չէ միայն որ կը հայթայթէ։ Լեզուն երբե՛ ք՝ կախարդական բանաձեւը, նման հրաշքներ բացատրել յաւակնող։ Յետին Հառաչքին . Պեշիկթաշլեան) ոչ նուազ խնամեալ, գրել է շողշողուն գրաբարը անկարող է մնացած այդ բանաստեղծութեան գրական արժէքը կործանելու: Արեւմտահայ գրականութիւնը իր երեք շրջաններուն մէջ ալ կը պարզէ նման երեւոյթներ:

Որքան ալ կրկնեմ, ինծի այնպէս կը թուի որ քիչ է դարձեալ: Այն մայր մտահոգութիւնը որ ինծի թելադրած է ներկայ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը, գտնելն է գրական յղացքը, գրական հարազատ զգայարանքը ու ասոնցմով բեղմնաւորուած աշխատանքները, որոնք կազմած են հիմնանիւթերը իմ վաստակին։ Գիտեմ որ մեր օրերուն գրական կեանքը այլապէս մաս ունի ժողովուրդի մը համայնական ապրումներուն մէջ։ Անցած են դարերը, ուր արուեստագէտները, ու իրենցմով նուաճուած զգացումները աւելի շատ անձնական տրամադրութիւնները կ՚արտաբերէին, ու կը վկայէին ներքին, անհատական տագնապներ: Այսօր ամէնէն եսակեդրոն գրողն իսկ դեմպին մէջն է իր ժամանակին: Բայց սկսող գրականութիւնները այն խառնակ դաշտը կը ներկայացնեն ուր, ամէնէն շատ արուեստին հետ տարտամ աղերսով գործեր՝ փաստեր՝ պատրանքներ կը ստեղծեն արթուն դատողներուն մտքին մէջ անգամ: Այդ վախն է որ զիս կը մղէ խնամքով զգուշանալ գրացուցակներում կամ բանասիրական ամփոփոյքներու եւ պատմական յիշատակարաններու վրայէն (որպիսիներն են Վահան Զարդարեանի եւ Հ. Գալեմքէրեանի հրատարակութիւնները, Յիշատակարան, Պատմութիւն հայ Լրագրութեան) կատարել տպաւորող բայց կեանքի չվերածուող անուններու [4]  փոխադրումներ: Ոչ ալ տպագրականին պատմութիւնը ջանամ համառօտակի թելադրել, աս ու ան հատորին ցանկը օգտագործելով

Արեւմտահայ աշխարհաբարով որքան ալ աղճատ ու տկար ըլլայ անոր պատկերը [5] մեզի հասած գործերը բանով  մը, կողմով մը միայն նոր կը թուին մեզի, մեր հին մատենագրութեան հիմնովին անծանօթ։ Ատիկա աշխարհիկ, աւելի ճիշտը տնտեսական–գիտական հետաքրքրութեան աւելնալն է ընթացիկ ախորժակներուն վրայ։ Եթէ ստոյգ է որ գրիչ բռնողներու ստուար մեծամասնութիւնը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ԺԸ րդ դարու մտայնութեան գլխաւորաբար Վենետիկեան հրատարակութիւններով կազմաւորուած ու կը գործածէ քիչ շատ յաւակնութիւն հոտող գործերու մէջ (կրօնական, աստուածաբանական, պատմական գիրքեր, մեծ մասով թարգմանութիւն) ԺԸ րդ դարու անգոյն՝ գրաբարը, նոյնքան ստոյգ է որ աւելի համեստ, աւելի օգտապաշտ նպատակներու համար ուրիշ խմբակ մը, կամ նոյնիսկ պաշտօնական, տիտղոսաւոր գրագէտներ (Ալիշանի Յուշիկները, Նուագքներէն Հայրունին) պիտի տկարանան շրջանի խօսուած բարբառը ընտրելու, ու պիտի տան այս կերպով արեւմտահայ գրականութեան առաջին գրաւոր արդիւնք ները։ Այդ խմբակը որ աւելի յետոյ պիտի դառնար Զարթօնքի Սերունդ անունին տակ ծանօթ փաղանգը, իր անդրանիկ կազմութիւնը (բացառեցէք Ոսկանը, Զօրայեանը, Ռուսինեանը, Մամուրեանը) ստացած ըլլալով ԺԹ րդ դարու աւանդութեանց տարփանքովը լեցուած մարդոց միջոցով, պիտի պարզ է, ժամանակին հետ այս անդրանիկ մղումին ու եւրոպական յաւելումին իրարու անհայտ ազդեցութիւններուն կնիքը, ամէնէն շատ լեզուին ու երկրորդաբար գրական յղացքին վրայ, մանրամասնութիւն՝ որ բաւարար յստակութեամբ կը բացատրէ թէ ինչո՞ւ լեզուական հարց մը կը քաշքշուի մինչեւ 1890 արեւմտահայ մամուլին մէջ. ինչո՛ւ՝ մանաւանդ վաւերական տաղանդներ, քանի մը իրաւ ու ինքնատիպ բախումներու հետ կը ցուցադրեն գրական յղացքը հերքող տկարութիւններ

Ատեն է որ իյնան վերլուծման, այն երկու հիմնական ազդակները (Վենետիկ եւ 1848ի Եւրոպան, որոնք երեւան կուգան կանխող դարու կէսերուն ու կը թելադրեն ոչ միայն մտայնութիւնները, այլ եւ գրական գործերը, փոխադարձաբար իրարու վրայ պահելով սեղմ ճնշում մը։ Եւրոպա իր բժշկական ուսումը ըրած Յովսէփ Շիշմանեան մը, Պոլիս դարձին պիտի չվարանի իր արհեստը զոհելու այն սրբազան մղումին որ իր մէջ արիւն էր եղած Վենետիկէն։

Այն հիմնական ազդակներուն արտահանումին կ՚աւելցնեմ երրորդ մը. ատիկա՝ մինչեւ 1850 ամբողջ հայ ժողովուրդին մէջ կերպարանք ունեցող դժուար տարազելի հասկացողութիւնն է չեմ ըսեր գրականութեան, այլ իմաստի կրթանքին, ընդհանուր տեսակէտէ մը առնուած։ Դեռ այդ թուականին կատարուած չէ դժբախտ հերձուածը արեւելահայ եւ արեւմտահայ բարբառներուն միջեւ: 1850ին Մոսկուա, Կալկաթա, Պոլիս, Տփխիս, Վենետիկ տպուած գործեր երբ չեն պատկանիր բարձր սեռերու, այսինքն՝ քերթողութեան, աստուածաբանութեան իրարու դիւրաւ վերածելի լեզու մը կը գործած են։ Հարցուցէք սակայն ի՞նչ էր գրական յղացքը Տերոյենցի (1801-1888), Գրիգոր  Պատուելիի (Փէշտիմալճեան) (1773–1837), Գեորգ Դպիրի (1737–1812), Յովհան Վանանդեցիի (1772-1840), Ալամդարեանցի (1796 1834), Մեսրոպ Թաղիադեանցի (1803-1858), Խաչատուր Միսաքեանի (1815–1891) գործերուն ներսը, դուք պիտի այցուիք իրարու անյարիր, չըսելու համար ներհակ մտածումներէ: Փորձեցէք նոյն հարցումը մեր Ռոմանթիկներուն, Իրապաշտներուն վրայ, ձեր միտքին ներկայացածը առնուազն ինքն իր մէջ ամբողջ պատկեր մըն է, հաշտ՝ հեղինակներուն ինչպէս շրջանին։ Ու ահա աւելի տարօրինակը. Ե. դարուն, ԺԲ. դարուն մեր գրագէտները անշուշտ որոշ չափով կարդացած էին դասական գրականութիւնները: Մագիստրոս Պղատոն է թարգմանած… գրելու համար այնքան յիմար, անպայծառ ոճով մը։ Ո՞ր գրական յղացքին [6] կը հպատակին մեր հին գրականութեան ամէնէն իրաւ իրագործումներն իսկ։ Այսօր, քիչիկ մը ճիգով, ճարտարանքով, կը ստիպենք մեր մտածումը` բանաստեղծական թէքնիկ մը գտնել Աղօթամատեանին (Նարեկացի), երբ իրողութիւնը հիմնովին հեռու է գրականէն: Այս հարցումները զիս կ՚ընեն զգոյշ ոչ թէ պատասխանէ, այլ ենթադրութենէ իսկ։ Այս ժողովուրդը 1850էն առաջ երբեք չէ մտածած գրական յղացքներու ցուցմունքին տակ գործեր ստեղծելու։ Ու դասական ու նոր ժամանակներու գրականութեանց մէջ ընթացիկ տիպարներ գրագէտներէ մեզի համար կը նշանակեն ուրիշ իրականութիւն։ Կարդացէք Թաղիադեանցի մը կենսագրութիւնը ու կարդացէք մանաւանդ գործերը։ Ի վերջոյ վարժապետի մը գրչին տակ մենք բնական կը գտնենք Առաջնորդ Մանկանց մը, Պատմութիւն Հին Հնդկաստանի մը (Հնդկաստան անցած է 1825ին), Ճառ Օրիորդաց Դաստիարակութեան մը (աղջիկներու համար վարժարան է հաստատած)։ Բայց ո՞ր հասարակութեան կարիքներուն համար գրեց Վարդգէսի վէպը (Կալ կաթա, 1846), Վէպ Վարսենկանը (Կալկաթա, 1847), մանաւանդ Սօս եւ Սոնդիպին (Կալկաթա, 1847) որ ԺԹ րդ դարու առաջին կեսին շատ մշակուած սեռի մը (poèmeը օտարներուն) մեր մէջ ընտելացումն է անշուշտ [7]: Տեղը չէ հոս այդ վէպերուն, պօէմաներուն գեղարուեստական տարողութեամբը զբաղելու: Մեր նոր գրականութիւնը անշուշտ չի կրնար ուրանալ 1850 էն առաջ աշխատաւորները [8], եթէ երբեք անոնց գործերովը չզբաղի ալ

Ուրեմն, Արեւմտահայ գրականութեան հասկացողութիւնը ընելու համար աւելի մատչելի, ատեն է որ զբաղիմ քանի մը ուրիշ տիրական փաստերով, որոնք դար մը հեռուէն ա՛լ գտած են իրենց ծանրութիւնը, կշիռը: Ատոնցմէ ոմանք, ինչպէս մինչեւ Բազմավէպի հրատարակումը, աշխարհաբարին հերձուածը, գրական հասկացողութիւնը անցողակի յիշուեցան արդէն։ Կը մնայ այդ ուրուագիծներուն ամբողջ թելադրանքը հաւաքել քանի մը խիտ էջերու վրայ, մտնելու համար Զարթօնքի սերունդին յօրինումին

Կարճ ու կտրո՛ւկ` գրաբարով իրագործուած ու գրական յղացքէ մը բոլորովին անմասն այն աշխատութեանց վրայ, որոնք մինչեւ 1850 մեր իմացական ճիգը կը համադրեն: Ոչ ոք մեղադրեցէք։ 1846ին Հայաստանը խմբագրել յանձն առնող գիտունը՝ Գ. Աղաթօն, այս անժառանգութեան մէջ (գրական յղացքէն) հաւասար կուգայ իր ընկերոջը, Տէրոյենցի, ու քիչ մը աւելի վերջ՝ ուրիշ անունով (Մասիս) այդ թերթը սանկ քառորդ դարէն աւելի վարող Կ. Իւթիւճեանի որ առաջիններէն կը տարբերի թերեւս աւելի ճկուն, գործնական շնորհներով, թերթը ապրեցնելու իր մտահոգութիւններուն մէջ աւելի իրատես, աւելի հասկցող, քանի որ վեպը գիտէ շահագործել, զանգուածները իրեն կապուած պահելու համար

Պատմական, կրօնական, բարոյախօսական, գիտական, տնտեսական, մանկավարժական, դպրոցական բազմազանակ ձեռնարկներ, նոյնիսկ տիտղոսաւոր գրողներու ստորագրութեամբ, իրենք իրենց համար այլապէս շահեկան, զիս կը ձգեն անտարբեր։ Բայց գրականութիւն մը Արամազդի ուղեղէն չի բխիր: Մի մոռնաք ասիկա։ Ու ատոր համար է որ կը ներեմ ինծի սանկ` արագ ակնարկի մը մէջ տեսնել համայնապատկերը որ մեր ժողովուրդինն էր կանխող դարու կէսերուն

 

Դ

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿ. Թէ՛ Վենետիկ, թէ՛ Իզմիր` հակառակ իրենց շատ որոշ գրական արդիւնքներուն, դուրս կը մնան իմ հետաքրքրութենէն։ Գրականութեան մը ենթահողը միշտ ժողովուրդ մըն է: Վենետիկը՝ վանք մը, Իզմիր վաճառանոց մը։ Մեր ժողովուրդը Պոլսոյ մէջ է որ առնուազն իբրեւ բանակ ու ցեղային համադրական որակ՝ կը գտնէ իր նորագոյն լիութիւնը, Մշակոյթ մը ստեղծելու ընդունակ ազդակներու հանդէսով մը։ Դուք գիտէք թէ ԺԹ րդ դարու կէսին մենք հոն ունինք հարիւր հազարը անցնող թիւ մը, ուր մեր պատմական հայրենիքին խուլ, խորունկ, անթեղեալ ձգտումները կը շարունակեն ապրիլ նախ իրենք իրենց համար, ու նոյն ատեն այն հաւաքականին համար որ այդ տարօրինակ քաղաքին կաղապարն է, մեր գործօնութիւնները կազմակերպող։ Խառնուրդ, ուրեմն։ Որ, մէկէ աւելի դարերու անընդմէջ հոսումովն է գոյաւորուած, թուրք կայսրութեան գոլոր ներքնամասերէն դէպի Երջանկութեան Դուռը՝ ինչ պէս կը սիրեն անուանել իրենց Մայրաքաղաքը, սդեփներէն յաղթական Եւրոպա խուժող, իրենց սկզբնական թափը կորսնցուցած բայց այդ կորուստին չհաշտուող թուրքերը։ Պոլիսը չէ անշուշտ Պաղտատ մը, Գահիրէ մը, Քորտովա մը, Կրընատա մը. բայց աւելին է մեզ համար, քանի որ մեր հայրենիքին ամէն անկիւններէն հոն է որ խուլ, թերեւս դարաւոր ձգողութեամբ մը կը քաշուին մեր ժողովուրդին ոչ միայն կենսունակ տարրերը (այսինքն անոնք՝ որոնք տասը դար առաջ սպարապետներ, կեսարներ, Վասիլոսներ պիտի տային Բիւզանդիոնի Գահին, եւ որոնք տասը դար վերջը տուին այդ կերպարանքներուն աւելի կամ նուազ փայլուն ստուերները ամիրաներու, աւելի յետոյ էֆենտիներու, պէյերու, նոյն իսկ փաշաներու շքախումբովը). այլ այդ բացառիկ տարրերը կորուստէ փրկող, զանոնք արգասաւորող, մշտաւորող անհրաժեշտ միւս խմորը, զանգուածը, ա՛ն՝ որ թիւի, բարքերու, հաւատալիքներու եւ հոգեկան շատ ամրակազմ կաղապարներու շնորհիւ պիտի գիտնայ հակազդել սպաննող մշակոյթներու դանդաղ բայց անվրէպ թոյնին, ու պիտի ըլլայ այդ բոլոր տարրերուն միախառնումովը նոր իսկութեամբ նոր մարմին մը, նոր ժողովուրդ մը: Էջեր քիչ կուգան Պոլիս հաստատուած նոր այդ հայութեան ամէնէն աւագ նկարագիրներն իսկ արտահանելու։ Քաղաքական պատմութիւն մը այդ ջանքին մէջ պիտի հասնէր համադրական շքեղ արդիւնքներու։ Իմ մաuիս պարտաւոր եմ զգոյշ ըլլալ: Բաւ է ինծի դիտել տալ որ գրականութեան մը կարելիութեան համար էական քանի մը հանգամանքներ ոչ միայն գոյութիւն են առած (դրամ, luxeի պահանջ, արտաքին յարաբերութեանց ընդարձակում, ցեղային բնազդներու հակազդեցութիւններ, ուրիշ բարձր մշակոյթներ, խմորներ [որոնցմէ ոմանք դուրսէն, ոմանք հայրենիքէն, Վենետիկ, Երուսաղէմ, Էջմիածին ուր, մեր միտքին ծիրանաւորները կը զբաղին երբեմն գիրով ալ], մանաւանդ տպագրութիւն, նոր ժամանակներու ճնշում), այլ եւ այդ Պոլսէն դուրս, Կալկաթա ու Վենետիկ, ծնունդ են տուած գրական որոշ իրագործումներու: Հզօր է Վենետիկի տաղաչափներուն հմայքը։ Կը կարդացուին կրնաք երեւակայել ինչ հեշտանքով՝ Տեսարան Հայկայ, Արամայ եւ Արայի, Արփիական Հայաստանի, Ոսկի Դար Հայաստանի քերթուածները Միրզա (Յովհան) Վանանդեցիի (1772-1840), այսինքն, մեր պատմութեան գրական օգտագործումին առաջին փորձերը, դեռ այդ պատմութեան միսթիքին բոլորանուէր մարդոց ներսը արթնցնելով հեռաւոր կարօտը, հիւանդութեան մը չափ տրտմանուշ խռովքները որոնք մեր աշուղ կաթողիկոսներուն, գրիչ բռնելու ընդունակ կրօնաւորներուն ու ժողովրդական երգիչներուն մօտ թելադրած են մանաւանդ տաղաչափեալ, միամիտ բայց արտայայտիչ յօրինումներ։ Քիչեր միտքէ կ՚անցնեն կարեւորութիւնը զոր պատմող քերթողութիւնը ունէր այդ օրերուն, հին գուսաներգութիւնները յիշեցնող, գործ՝ ժողովրդական երգիչներու, նախնական գործիքներու վրայ, իր բառերուն թեւերը արձակող ու ձայնին այլապէս սրտառուչ նպաստովը կրկնապէս՝ ազդեցիկ, շարժելով մարդոց հոգիները, արցունք հանելով, թափանցիկ միջնորմներուն ետին՝ ոգումին ու նուագին հեշտագին հետեւող կոզալներուն աչքերէն: Յիշեցէք Սայեաթ–Նովան ու պիտի անդրադառնաք իսկոյն թէ այդ դարերուն գրականութիւնը ունէր իրեն յատուկ ճամբաներ, ամբոխներուն հասնելու։ Ուրեմն իր մշակուած դասակարգին (եկեղեցական, ուսուցիչ, ամիրա եւ այլն) եւ ժողովրդական բանաստեղծներուն միջոցով գրական որոշ զգայարանք մը իրականութիւն էր դեռ կանխող դարու սկիզբները։ Աւելցուցէք կրօնական առաջին տագնապները, գլխաւորաբար կաթոլիկ քարոզչութեան թափանցումը, իր օգտագործած միջոցները, իր տարածած ընթերցումները, ստեղծած հակամարտութիւնները ու միտքերու փոխանակման ձեւով թելադրած փոխ–ազդեցութիւնները։ Աւելցուցէք Կիրքը (գլխագրեցէք) զոր մեր ժողովուրդը կը դնէ, առանց գիտնալու, իր հացի հարցէն դուրս ուրիշ կարգէ բոլոր հարցերու հասկացողութեան եւ լուծումին մէջ. պարզ իրողութիւնները (մեռելի մը թաղումը, նահատակի մը սրբացումը, ազգային զգացման, արձակուած արհամարհանք մը) տանելով հսկայ խռովքներու: Կազմաւորման իր processusին մէջ գտնուող ամէն ընկերութեան նման 1800ի այդ հայութիւնը (Պոլսա-) նոյն ատեն կրկէս է (հոգեպէս) ծանր բախումներու: Քմայքներու սպասարկել չի նշանակեր մեր ժողովուրդին իմացական անկախութեան ձգտումները, որոնումները, հերձուածները (ամէն դարու կան անոնք։ Օձնեցին . դար) յատուկ հալածանք կը յայտարարէ աղանդաւորներուն դէմ) մաս ընդունիլ անոր հոգեխառնութեան: Ան որ, շահու եւ դիրքի ակնկալութիւններէ հեռու, այդ 1800ի դռներուն, կը փնտռէ իր եկեղեցին անդին կարելի ուրիշ փրկութեան դրութիւններ, յիմար մը չէ: Ու այդ մարդիկը իրաւ մարդեր են երբեմն։ Ազգին խղճմտանքին մէջ իր աանդութեանց կշիռին համազօր է՝ հասկնալու, ապահովութեան դարաւոր պահանջը։ Ասկէ՝ տռաման պարզ ու բարդ հոգիներուն։ Մեզի հասած ցանցառ վկայութիւններ (մէկն է ասոնցմէ ԺԷ րդ դարէն Երեմիայի Օրագրութիւնը. մէկ ուրիշն է Աւետիս Պէրպէրեանի Պատմութիւնը) բաւ են հարեւանցի մեզ թելադրելու հոգեկազմը այդ ժողովուրդին որ նախնական ապահովութեան մը բարիքին մէջէն իսկոյն կը գտնէ իր բնազդներուն դարաւոր սիսթեմը, այն չարաղէտ անկախութիւնը որ իր նախարարութիւններուն կերպարանքովը ապրեցաւ հայերէ բնակուած հողերուն վրայ: Նոյն անխելք կոյր սաստկութիւնը, հակամարտութիւնը, յամառութիւնը, երբ կարիք կայ խելք, տրամաբանութիւն գործ ածելու: Իրարու կը յաջորդեն պատրիարքներ, իշխանութիւններ գլխու պտոյտ տուող արագութեամբ, անխելքութեամբ: Զանազան աստղերու տակ ծնած բախտեր կ՚ելլեն ու կ՚իջնեն, պարզելով անտարազելի հանդէսները մարդկեղէն կարելի փոքրութեանց, սողոսկումներուն եւ վսեմ ազնուութիւններուն։ Ամիրան, այսօր անիմաստ բառ, հարիւր տարի առաջ արքայական հարստութիւններու մանրանկար խորհրդանիշ մըն էր մեր մէջ։ Պէտք պիտի ըլլար այդ ընկերութիւնը կազմող կարեւոր տարրերը հոս յիշել առանձին առանձին, մեր մտքին մէջ իրագործելու համար անոր հարազատ կերպարանքը: Ատիկա դուրս է այս աշխատութեան սահմաններէն։ 

Բա է կեդրոնանալ այդ ընկերութեան.

ա) Էատարրին, որ բախտի հասած վարդապետութեան մը (բնական ընտրութիւնը՝ Հ. Սբէնսըր) ապացուցումն է կարծես, երբ հազար, ու մէկ արգելքներու ընդդէմ, մայր հայրենիքէն հազարաւոր մղոններով հեռու քաղաքի մը մէջ միջոցը կը գտնէ ինքզինքը համադրելու, ու կուտայ նոր ու միջին տիպարը մեր ժողովուրդին համադրական շնորհներուն ինչպէս մեղքերուն։ ԴԷմք, լեզու, հոգեխառնութիւն, ամէնէն խիտ տարազները հոգեղէն իրականութեանց դուք դժուարութիւն չունիք տարրալուծելու միջին Պոլսահայերուն յատկանիշներուն առջեւ։ 

բ) Հոգեբանութեան, որ հակառակ յաւակնոտ տարազ մը թուելուն, պարզ խտացումն է մեր հայրենիքին անջատուն հոգիներուն (ծնունդ թերեւս իր աշխարհագրական պայմաններուն ու պատմութեան կարգադրութեանց) առաջին անգամ հրաշքով մը իրագործած հաւասարակշռութեան [9], ուր անշուշտ չէին կրնար  լռել մութ ձայները (ոչ մէկ շրջան մեր միջին կիրքերը, զմեզ կործանող հակամարտութիւնները այնքան լայն ասպարէզ չեն գտած որքան այն երեք չորս դարերուն, որոնք կը շրջանակեն Պոլսոյ հայութեան պատմութիւնը, տարօրինակ կերպով մը նախաթուրք` Բիւզանդիոնը յիշեցնող բայց նոյն ատեն վկայութիւն ալ բերող հիմնական մեր շնորհներէն, շինելու, կեանքը հագնելու, ուրիշներու վրայ զայն արդիւնաւորելու, ինքնանալու, իր պապերուն արեւելուելու, յարմարելու, տեւելու տիրական կշռոյթները)։ Խոշոր խռովքներու արձակարան մըն է այդ հոգին, տարօրէն առաձիգ, իր զսպանակները կոտրտելու չափ երբեմն ինք իր մէջ խորասոյզ, երբեմն ինքզինքը սանձազերծ ըրած։ Մի ըսէք թէ  այս սեւեռումները շատ բարակէն կը մանեն, առնուազն խնդրական կը մնան ու կը տառապին իրաւ, հաստատ ապրումներ տարազելու համար: Անոնք են այդ ժողովուրդին հոգիին իրական լարերը սակայն։ Ու մեր գրողներու շեշտ անհատականութիւնը չի հերքեր հաւասարակշռութիւնը որ մշակոյթ մը` յատկանշող տարազ մըն է նոյն ատեն: Արփիար Արփիարեան գրագէտ մըն է անշուշտ, ու ըստ սահմանի՝ անջրպետով բաժնուած այդ հոգեբանութենէն (անդունդը ընդմէջ գրողին եւ հասարակութեան՝ փոքր համայնքներու մօտ, աւելի քան իրաւ է սակայն, բայց իր ամէնէն նուրբ, եւրոպական սրամտութեամբ տոգորուն էջերուն վրայ անգամ սպրիկ Պոլսեցին, թափանցող, ու խելացի արհեստաւորը, յեղյեղուկ, ճկուն, գործնական միջինն է իր պապերուն:

գ) Ռոմանթիզմին, որ ծնունդի պատգամ մը չէ անշուշտ, ոչ ալ ձրի վերագրում մը։ Անիկա կ՚որակէ այդ ժողովուրդին ամբողջ պատմութիւնը, կ՚ընէ բացատրելի այդ պատմութեան բոլոր վերիվարումները, անոր լքում է եւ սլացք է հաւասարապէս տառապող դարերը, եւ է նոյն ատեն անոր առօրեայ ապրումներուն պարտադիր շրջանակ մը: Ըսել թէ անիկա օգտակար, անհրաժեշտ ալ պատրանք մըն է, կը նշանակէ մեր ժողովուրդին հաստատ պաշտպանութիւնները (հողէ, երկինքէ, հոգիէ, արիւնէ) ըլլալ ձեռքէ հանած, սպառած։ Պոլսոյ մէջ իրարու յաջորդող կայսրութիւններ կիրքի ռոմանթիզմին ապացուցումը կ՚ընեն անշուշտ: Բայց հոգիի, միտքի, զգայնութեան ռոմանթիզմ մը մեր գրողներուն կէսը կ՚իյնայ այս սահմաններէն ներս դժուար չէ հաստատել ցեղէ ցեղ։ Ինծի տրուած է ողողուիլ այդ ռոմանթիզմով, թուրք գրողներու (1850էն ասդին) ամէնէն խորունկ ու իրաւ քերթուածներուն մէջ, ոչ` գրքունակ, գիտուն տաղաչափութեանց ճամբով, այլ հարազատ խառնուածքէ բխած զեղումներուն քովն ի վեր, ուր մեր գրականութեան շատ մտերիմ պոլսական ապրումները (Դուրեան, Պէշիկթաշլեան, Թէրզեան, Աճէմեան, Չերազ, Պէրպէրեան, աւելի վերջը՝ Տիկին Եսայեան, Սիպիլ) ես կը հաստատէի նոյն խռովիչ յոյզերու, սրտագրաւ զգացումներու, թախիծի եւ տրտում սիրազգածութեանց հանդէսի մը մէջ։ Էքրէմ պէյի մը (Րիւճայզատէ) քերթուածները եւ Տիկին Եսայեանի մը Սիլիհտարի Պարտէզները ոչ միայն իբր ռոմանթիզմ հաշտ են իրարու, այլեւ այդ «գեղազուարճ » ափունքներն ի վար ճերմակ պալատներու, զմրուխտ զառիթափերու եւ լեղակ սաւաններու թելադրած պատկերապաշտ նրբութիւնները, Չրաքեանի մը բուանթէյյիզմը (ձեւէ եւ գոյնէ), Թէքէեանի մը ներքին հեշտախտաւոր անուշութիւնները այդ Պոլիսին ուղղակի ձայներն են մեր նոր հոգիին խորերը իբր ակունքներ բացուած։ Մեղադրել Արեւմտահայ Գրականութիւնը այդ ռոմանթիզմին համար, կը նշանակէ այս ամէնէն ոչինչ հասկցած ըլլալ։ Սքանչելի բնանկարի մը ծոցէն քաղած է իր զգայնութեան ամբողջ սարուածը Յովհաննէս Թումանեան, Արեւելահայ մեծագոյն բանաստեղծը, Տէրեանին հետ հասնելու համար ամէնէն հասարակ նկարչութեան: Լոռին՝ Պոլիսը չէր ի վերջոյ։ Ու գաղտնիք չէ որ մեր ամէնէն փնտռուած բանաստեղծները Դուրեան, Պէշիկթաշլեան, Թէքէեան, նոյնիսկ Մեծարենց գոյնի եւ զգացման սա ռոմանթիզմն է որ կը սպասարկեն, անշուշտ առանց ուզելու, գիտնալու նոյն իսկ, զի ատոր մէջն է որ յօրինուեր է իրենց հոգին, ու հոգին այս ժողովուրդին։ Չեմ լայննար այդ ռոմանթիզմը պաշտպանելու, Պոլսոյ վրայով, մեր մշակոյթին ինկած միւս արտայայտութեանց մէջ ալ: Վանի մէջ իր հասակը, լիութիւնը գտած բարբառ մը բոլորովին տարբեր նկարագիրներ պիտի պարզ էր: Կարինէն գալիք մորթի, մարմնի, ձեւի դրութիւն մը պիտի տպաւորէր տարբեր ազդակներու իբր հանդէս մը: Մեր իմացականութեան կեդրոնը փոխադրեցէք Պոլիսէն ուրիշ վայր մը, դուք պիտի ունենայիք ուրիշ պատմութիւն մը։ 

դ) Նրբութեան, որ իրականութիւն է այդ քաղաքէն մեր իրագործած մշակութային ամէն կերպարանքներու վրայ: Իր նախատարրը ամբողջութեամբ մեր հայրենիքէն քաղած մեր ժողովրդական երաժշտութիւնը (հակառակ որ անոր աստուածային կազմակերպիչը պատահական անցորդ մը ըլլար այդ քաղաքէն) Պոլսոյ մէջ միայն գտաւ իր կատարելատիպ գեղեցկութիւնը, իրաւ արուեստին անհերքելի կնիքը։ Ով որ ապրեր է Կոմիտասի համերգները, Պոլիս, չի կրնար հաշտուիլ երաժշտութեան հրաշքին, այդ քաղաքէն դուրս։ Ինծի տրուած է տաժանագին դառնութիւնը այդ փորձին։ Մի արհամարհէք հողը, ջուրը, օդը, ցեղի մը աներեւոյթ ծորումները որոնք մէկուն մէջ աչք են, միւսին մէջ փող, երրորդի մը մէջ սիրտ ու քերթուած կամ մեր երգերուն շարպաթը: Լեռնական ու հաստ տարրէն մեր ժողովուրդը այս տարազները ոչ միայն չի մերժեր, այլեւ կը փառաւորուի անոնցմով, իր հայրենի հողերուն վրայ այդ Պոլիսը ստեղծած է կարելի խառնուրդը նուրբին, ազնիւին, թանկին, խորունկին, որոշ չափով ամուրին, պարզ վերադիրներ ասոնք, բայց որոնք մոգական լոյսով մը բարձր իրականութիւններ կը դառնան երբ գործածուին, օրինակի մը համար որակելու արեւմտահայ աշխարհաբարը, քնարական իրաւ ստեղծումները, մեր վէպին քանի մը յաջողուածքները, մեր միջին առաքինութիւնները՝ պատիւէ, սիրտէ, լրջութենէ, հաւատքէ, խանդավառութենէ մեր զգացած իրաւ հեշտանքները։ Երկար է այս թուումը ու կը յորդի ընդհանրութեանց արտօնած շրջանակէն: Կուգամ աւելի հաստ, շօշափելի իրականութեանց որոնք սակայն շեշտօրէն կը մնան ենթակայ գրական ստեղծումի մը, ընդհանուր արդիւնքներ հետապնդող տարտամ ազդակներու կշիռին։ Այդպէս է որ կրօնական պառակտումները, իրենց բոլոր զարհուրանքին հետ, պատճառներ են որպէսզի զգալու, մտածելու նոր կերպեր հանդուրժուին։ Թէ՛ կաթոլիկութիւնը, թէ՛ աւելի վերջ բողոքականութիւնը զուտ մոլեռանդական, ու եսապաշտ complexe-ներու արտայայտութիւններ չեն միայն, այլեւ գրգիռ՝ որպէսզի ընդունուին աւելի բարձրաստիճան մշակոյթներու եթէ ոչ կնիքները, գէթ թելադրանքները։ Աս ու այն ձեւով իր նիւթականը միջակէն վեր բարձրացնելու յաջողած ընտանիք մը այդ յարաբերական դիւրակեցութիւնը, չըսելու համար հարստութիւնը պահպանելու, ապահովելու սիրոյն, պիտի յօժարի իր տղոցը դաստիարակութիւնը պատշաճեցնել շրջանին տիրական օտար ազդեցութիւններուն, տարբերելով հիներէն, Ամիրաներէն, որոնք նոյն այդ պայմանները պիտի պատշաճեցնեն թուրքերու մտայնութեան եւ Գաղտնիք չէ որ ԺԹ րդ դարու սկիզբները եւրոպական կրթութիւնը մուտք ունէր ֆրանսական, իտալական, հոս այս բառերը հեռու են այժմու՝ քաղաքական, մշակութային տարողութենէն, ու կը թելադրեն պարզ՝ կրօնականը ազդեցութիւններու ենթակայ՝ տուներէ ներս։ Լըվանթենը արդէն գոյութիւն ունէր, ինչպէս լատինը՝ այսօր Պաղեստինի մէջ, թէ՛ իբր մտայնութիւն, թէ՛ իբր հաւաքական արտայայտութիւն։ Ամիրաներէն քիչ չեն անոնք որ այդ պահպանակները (soսpape) մտածեցին օգտագործել աշխարհի մը մէջ ուր հարիւրներու (ընտանիքներ ու ասոնց յարաբերեալները) ինչքը, գոյութիւնը, կախուած էին աս ու ան եպարքոսին բախտէն որ իր կարգին սուլթաններու քմայքին կը մնար ենթակայ (ամէն եպարքոս, հագնելէ առաջ պաշտօնին խիլան, իր ծոցին գրուած ունէր իր կտակը ): Աւելցուցէք Մխիթարեանները, պապական բրոբականտան, առեւտրական շահախնդիր ճկունութիւնները մերիններուն, ցեղային ալ անյարիր նկարագիրը ոչ նոյնքան իրաւ է որքան ապառաժէ 

 

աւելի հաստատ միւս յամառութիւնը դարձեալ այդ յատկանիշներէն ոմանց։ Դուք կ՚ունենանք 1830-40ի Պոլիսէն իրաւ մտապատկերներ: Յետոյ կան քանի մը դարու վրայ քիչ շատ ամրութիւն, նկարագիր ստացող խաւեր: Արհեստավորները, սեղանաւորները (այս դասակարգն է որ մնայուն պիտի սնուցանէ ամիրայութիւնը), կրօնաւորները, պատուելիները, վաճառականները իրենց հողերէն անդր-տնկուած բոյսերուն տարօրինակ կենսունակութեամբը (երբ հողը սիրէ զանոնք)։ Ու պետական սպասին մէջ մասնաւորուած մարդոց ուրիշ դասակարգեր։ Կան որ բանակի կարիքներուն հայթայթիչներ պիտի գիտնան մնալ որդւոց որդի։ Աս մէկը պիտի շինէ թնդանօթները, ան միւսը՝ նաւերը, երրորդ մը` դրամները պիտի տպէ։ Չորորդ մը՝ զգեստները։ Հինգերորդ մը` վառօդը…։ Ու ասոնց կարգին նաեւ աւելի բարձրորակ մարդերու փաղանգը, տպագրիչն ու ճարտարապետը, նկարիչն ու երաժիշտը: Ճարտարապետութեան մէջ այդ մարդոց հրաշքները մինչեւ այսօր այդ Պոլիսին ամէնէն նուրբ արտադրութիւնները կը կազմեն։ Այս թուումներուն միտք բանի՞ն, շատ պարզ սա իրողութիւնը որ Արեւմտահայ Գրականութեան նախասկիզբի պայմանները կը զուգադիպին Պոլիս կազմաւորուած հայ համայնքին սա պայմաններուն։ Ու այս ուրուապատկերը կը ստանայ աւելի թանձրութիւն երբ լրացնէք զայն մեր գաղթականութեան ալ անհրաժեշտ նպաստներով որոնք ամէնէն աւելի երկու ճամբով շարունակած են կենսաւորել այդ համայնքին մարմինն ու հոգին հաւասարապէս։ Գաւառներէն կենդանի միuի ձեւով նոր տարրերուն շարունակական պատուաստն է հինին վրայ։ Հարիւր տարին բաւ է որպէսզի արիւնը ծերանայ ու մեռնի, քաղաքներու մէջ։ Այս բնախօսական դատապարտութիւնը մերինները անզօր հռչակած են գիւղէն նոր փոխադրում ներով։ Աւելի յատկանշականը ան որ, գաւառներէն Պոլիս գաղթը բացառիկ ալ հանդէս մըն է: Ակնէն բոպիկ հասնողը պիտի պատսպարուի երկրացիներու անքոյթ ապաստարանին մէջ որ թաղ մըն է այդ Պոլիսէն ու կրցածին չափ, իր ներքին ապրումներուն մէջ կը պահպանէ հեռու հայրենիքին կնիքը ուտեստ, հագուստ, բարբառ, բարք, բոլորին համար ալ մոլեռանդ բծախնդրութիւն մը, տիրական, սանկ կէս դար մը մինչեւ։ 1850ին այդ համայնքի մանրանկար հայութիւնն էր կայսրութեան գաւառներուն: Արեան վրայ գործադրուած սա բարերար պատուաստին կ՚աւելցնեմ տարողութիւնն ալ իմացականին, այս անգամ հեռաւոր, շատ օտար գաղութներէ, գիրքի, դրամի բարերարութեան ձեւերուն տակ: Աս մէկը Հնդկաստանէն, ան միւսը Իտալիայէն, երրորդ մը Մոսկուայէն պիտի սիրեն իրենց սիրելի հայրենակիցներուն (Պոլսոյ մէջ իսկ այդ ծագումները կը պահեն իրենց խռովիչ ձգողութիւնը) հասցնել իրենց բարիքները: Այնպէս որ հիմնական այս ցուցմունքներուն իմաստը կ՚ըլլայ աւելի պարզ երբ տեսնեք այդ ընկերութեան վրայ ժամանակին ալ, կնիքը: Այդ ժամանակը ԺԹ րդ դարու առաջին կէսին կը զուգադիպի ու կը ներկայացնէ այլապէս տիրական ազդեցութիւն մը։ Ատեն է որ անցնիմ այդ ազդակին արտահանումին ու տեսնեմ Պոլսահայութեան քաղաքական պատկերը, 1830ի ու աւելի վերջի տասնամեակներուն։ 

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ. Որ իր կարգին կը մնայ ենթակայ, որոշ չափերով, թուրք կայսրութեան մէջ մուտ գործող քաղաքական, ընկերային մէկ քանի նոր ազդակներու: Ո՛չ հանգիտութիւն, ոչ ալ բարատոքս՝ իմ կողմէն այդ վիճակը ընդարձակել, հասնելու համար վերանորոգչական ոգիին արմատներուն իսկ, որոնք Պոլիս գալէ առաջ, արեւմուտքի ժողովուրդները արդէն կ՚ընեն տրամադիր նոր կարգերու ընկալչութեան։ Վերի բարակրաֆին մէջ մեծ գիծերով ես աչքէ անցուցի հայ համայնքին մասնայատուկ կարգ մը իրողութիւնները։ Հոս կը յիշեմ բախտորոշ թուական մը, մեր գրականութեան սկզբնաւորման շատ մօտիկ, ատիկա 1839ն է, այսինքն` Թանզիմաթի հրատարակութեան անմոռանալի տարին։ Ընդարձակ այդ արարքին (acte) ամբողջ տարողութիւնը դուրս եմ սեւեռելու յաւակնութենէ, մը։ Ոչ ալ այդ յայտարարութիւնը կ՚ենթարկեմ ժխտական կամ դրական վերլուծումի: Կը գոհանամ յիշատակելով միայն այն քանի մը տարրական սկզբունքները որոնք դարերով աստուածպետական բռնութեան մը տակ ապրող ժողովուրդներու արտաքին ու ներքին կեանքին մէջ կանչուած են որոշ դեր մը, փոփոխութիւններ իրագործելու։ ԺԹ րդ դարու մուտքին, ամենախիստ միջնադարը խորհրդանշող այդ կայսրութեան վարչական մեքենան եթէ ոչ հոգին՝ գէթ թուղթի վրայ, կ՚արդիանար։ Թուրք տիրապետութեան մեծ նկարագիրները որոնք տառացի կրկնութիւնն էին, քիչ մը աւելի չարափոխուած նոյնիսկ՝ արաբ տիրապետութեան, ճնշումին կ՚ենթարկուէին ֆրանսական կրկնակի յեղափոխութիւններով (1789, 1830) ձեռք ձգուած մարդկային սկզբունքներուն: Հիմա, ընկերային եւ քաղաքական հսկայ վերի վարումներու վարժուած ու պատրաստուած մեր միտքը հակամէտ է այդ ամէնուն իմաստը թեթեւ դատելու: Բայց այդպէս ընելով  այդ միտքը կը թուի մոռցած ըլլալ միակտուր գերութիւնը որ մեր ժողովուրդինն էր Թանզիմաթէն առաջ։ Քաղաքական պատմութեան մը ամէնէն սրտայոյզ գլուխը պիտի կազմէր, թէկուզ ամփոփ, այն պատկերը զոր իբր կեանք պարտաւոր եղան ապրիլ մեր հայրերը նսեմ այդ դարերուն…։ Թանզիմաթը կը խոստանար հպատակներու հաւասարութիւն երկրի մը մէջ ուր աղօթող միւսլիւմանի մը մօտէն անցնիլ մը արդար պատուհասումով այդ անհաւատը կրնար մահուան առաջնորդել։ Կը պարտադրէր դատարաններու անկախութիւնը միշտ երկրի մը մէջ ուր, արդարութեան անունով, անիրաւուածները չունէին արտօնութիւն դատարան իսկ դիմել կարենալու։ Կը ջնջէր Քրիստոնէութիւնն ու Իսլամութիւնը իրարու հակադրող խտիրը։ Կ՚ըլլար յանձնառու ընդարձակ այդ կայսրութիւնը կազմող, այլազան ցեղերու խառնուրդ հասարակութեան մը բոլոր տարրերուն կրօնքէ, ներքին ինքնօրէնութենէ ազատութիւնը պարզելու: Թուրքերը, գէթ այդ թուականներու մեծ եպարքոսները՝ կը հաւատային uանկ 50–60 միլիոնը անցնող, ու տասնէ աւելի հնադարեան կազմակերպութիւններով ցեղերէ բաղկացող կայսրութիւն մը առնուազն քաղաքական գեղեցիկ յաջողուածք մըն էր, ինչ պէս կը տեսնէին ատիկա իրենց դրացի ռուսին, իրենց բարեկամ անգլիացիին կողմէ իրագործուած։ Օսմանեան կայսրութիւնը երկու դար Եւրոպայի մղձաւանջը ըլլալէ եւ ուրիշ երկու դար ալ անոր ցանկութիւններուն նիւթ դառնալէ վերջ, ԺԹ րդ ին կը սնուցանէ պատրանքը միաձոյլ պետութեան մը վերածուելու: Թուղթերէն ու խօսքերէն դէպի իրականացում դիւրին չէ ճամբան։ Եթէ 1839ի արարքով հանդիսաւոր այդ խոստումները չիրագործեցին իրենք զիրենք, բայց ըրին աւելի բան մը որքան սպասելի [10] էր: Առանց մունետիկի, ձայնասփիւռի, պետական վարդապետութեանց տեսաբանները, պարզ բարեկամեցողութեան մը շնորհիւ, թուրք կայսրութեան մայրաքաղաքէն առնուազն վերջ գտան դարեր տեւող անժուժելի սեղմումներ հագուստ-կապուստէ։ Ջնջուեցան մարդկային արժանապատուութիւնը կործանող արգելքները որոնք հպատակներուն (թուրքերը կ՚ըսեն րայա որ կը նշանակէ արածուելիք ոչխար) կեանքը, դեռ 1840ին, կ՚ընեն միջնադարեան ողբերգութիւն: Անտեղի է մի առ մի թուել այդ արարքին հետեւանքները: Արեւմտահայ գրականութեան պատմիչը կ՚արձանագրէ թանկագին փաստը, սակայն, որուն համեմատ երկար լուծի տակ գրեթէ անբանացած քրիստոնեայ հասարակութիւններ մէկէնիմէկ տէր դարձան իրենց գլուխներուն։ Այդ հասարակութիւնները ի վիճակի էին ընկերութեան (société) վերածուելու: Թանզիմաթէն օգտուող տարրերուն մէջ հայ ժողովուրդը պիտի ըլլար ամէնէն իմաստունը ու ամէնէն ձեռներէցը։ Թուրքերու հետ դարաւոր կենակցութիւն մը գլխաւոր ազդակն է այս արդիւնքին։ Մեր պատմութեան ամէնէն տարօրինակ, անբացատրելի քնութիւններէն մէկը՝ մեր ժողովուրդին թաքուն իմաստութիւնն է, չըսելու համար բնազդը, որ բախտորոշ րոպէներու վարած է զինքը, անոր առնել տալով պատասխանատու քայլեր. Չեմ իջներ մինչեւ Ե. դար։ Բայց կը կենամ քիչիկ մը ութերորդ, իններորդ, տասներորդ ու երկու տասաներորդ դարերու համապատկերին առջեւ, ուր մենք անհասկնալի քաղաքականութիւնն ենք որդեգրեր մեր խորապէս ատած ժողովուրդին, ժողովուրդներուն լուծը կրելու քան մեզի կրօնակից ու դրացի յոյնին։ Արաբներուն հետ լեզու մը գտնելը որքան ալ դժուար, է առնուազն աւելի պարկեշտ քան վստահիլը քրիստոնեայ յոյնին։ Աւելի վերջը, ԺԴ. եւ ԺԵ. դարերուն մենք եղել ենք նորէն թուրքերուն հետ։ Այս փաստերը սոփեստօրէն մի օգտագործէք հիմա, ինչպէս ուզեցին ընել թուրքերը 1922էն վերջ, մեր ժողովուրդը իրենցմէ հատուած դաւանելու չափ: Իրականութիւնը այն էր որ բարբարոսութեան, ահաւոր զրկանքներուն հակառակ՝ որոնք չպակսեցան մեր գլխէն, թուրքին բովանդակ տիրապետման շրջանին, մեր ժողովուրդը չարհամարհեց թուրքը թերեւս այն քիչիկ մը անկեղծութեան, խօսքին հանդէպ հաւատարմութեան գինով, ու թերեւս քիչիկ մը անկեղծութեան, պարկեշտութեան փաստերուն համար իսկ որոնք երբեմն կը դիտուին նախնական, նոր ժողովուրդներու մօտ (որոնցմէ էր թուրքը): Մենք Բիւզանդիոնի նենգութիւնը այնքան խորունկ ատած ենք որ, այդ քաղաքին հիմնում են մինչեւ կործանումը, մեր բոլոր բարեկամեցողութեանը հակառակ, միջոց մը չենք գտած իրականութիւնը տեսնելու, հասկնալու…: Թուրքերը մեր արդէն իսկ ջնջուած անկախութիւնը նոր է որ կը ձգտին արժեւորել, մեր երեսին տալով մեր վրիպանքը երբեք ազատ ապրած ըլլալու։ Քանի մը հարիւր տարի առաջ, անոնք մեզի ընկեր են մեր ատելութեան մէջ ընդդէմ յոյնին զոր աւելի քան կ՚արհամարհեն։ Ահա թե ինչու մեր ժողովուրդը, առաջին իսկ նպաստաւոր առիթը կը փութայ շահագործել, անշուշտ ոչ թէ թուրքերուն լայնամտութեամբը, գէթ մեղմ հանդուրժողութեամբը [11]: Այդ թուականներուն մենք հեռու ենք անկախութեան երազէն թէեւ կ՚ընդզգանք զայն շատ աղօտակի։ Թուրքերը կը կարծեն իմաստասիրական ընդունակութիւններ արժեւորել, գէթ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած իրենց եպարքոսներուն ուղեղովը, քաղաքական մեր շիջած բնազդները հիմնովին չորցնել, երբ կը քաջալերեն մեր տնտեսական ընդունակութիւնները, մեր առեւտուրի յանդգնութիւնները, դասական ճկունութիւնը, առիթներ շահագործելու մեր պապենական խելքը, ու լայն կը բանան նորոգուելու վրայ թափ առնող իրենց վարչական հաստատութեանց դռները եւ Թուրք եպարքոսներուն համար, իրենց երկրին արեւմտացումին ռահայորդներն են հայերը, որոնք կը խօսին իրենց լեզուն, իրենց ամէնէն զտարիւն, բարբառային նրբութեանցը մէջ, իւրացնելով ոչ միայն շեշտը, այլ եւ գոյնը, ժողովուրդ մը ամէնէն աւելի ինքզինքը` ընող ազդակին՝ լեզուին։ Յետոյ կայ մեր ալ խորունկ ընդունակութիւնը, արեւմտեան մշակոյթին սպասարկելու մեր ձեւը, որ մեր պատմութեան մէջ այնքան տրտում ակօսի մը կերպարանքովը կ՚երկննայ ու կ՚երկննայ, դարէ դար։ Այսպէս, մինչ թուրքերը իրենց բանակները կը ջանան կազմակերպել, նորոգել, արդիական պատերազմին ատակ ընծայելու համար զանոնք, ու այդ ճիգին մէջ սպառելով իրենց կենսունակութիւնը ամբողջովին, մեր ժողովուրդը սկիզբ կուտայ լուռ իր ճակատամարտին, ասիկա՝ ամէն ճակատներու վրայ։ Թանզիմաթէն քառորդ դար չանցած, մեր ժողովուրդը գրաւած է, կայսրութեան բոլոր կարեւոր կեդրոններուն մէջ, ո՛չ միայն արհեստներու մարզը այլեւ առեւտուրը, փոքրաքանակն ու մեծաքանակը: Քիչ շատ աչքի ինկող քաղաքներու մէջ շուկան ամբողջութեամբ ինկած է չորպաճիներուն (ապուր ուտող, որ կը փոխաբերէ ով գիտէ բարքի ինչ հեռաւոր տրտմութիւն: Յիսուն տարի առաջ այդպէս անուանուած թուրք մը պարտաւոր էր իրեն հասցուած այդ նախատինքը քաւել տալ յանդգնողին) տիրապետութեան ներքեւ: Կը հագուինք մեր ուզածին պէս։ Կարմիր կօշիկ, սուր կրելու իրաւունք, ձի նստիլ, առանց սաւանի կիներու երեւումը` փողոց, ճամբան կրնալ շարունակելը` չազդուելով հեռուէն գալիք թուրքի մը կօշիկները սրբելու պարտադիր սարսափէն, ներկուած տուներ բնակիլ, զանգակներ կախել մեր ժամերին, սեպհական խանութ ունենալ, բոլոր այս տարրական իրողութիւնները հարիւր տարի առաջ ահագին տարողութեամբ արարքներ էին: Ազատագրութեան սա թափը բարձր շրջանակներու մէջ կը պարզէ ուրիշ պատկեր: Ամիրայութիւնը եղանակ մըն էր՝ մեր ժողովուրդը կառավարելու չափ, թուրքին հետ լեզու գտնելու: Անոնց շրջափոխութիւնը երեւան եկած նոր եղանակը` մեր թափանցումին իրաւութիւնն է պետական գատրօներէ ներս: Բացի զինուորականէն միւս շրջանակները, մանաւանդ ելմտականն ու բժշկականը, հաճոյքով կը բացուին մերիններուն: Մեր իմացական ընտրանին 1850ի դռներուն, է նոյն ատեն պետական պաշտօնեայ, նոյնիսկ պաշտօնատար։ Այսօր այնքան դժուարահասկնալի սա փաստը, ծառայելու՝ օգուտով, հաւատարմութեամբ թուրքին ու կայուն հաւասարապէս, տիրական է իր ամբողջ պայծառութեամբ այդ օրերու Պոլիսին մէջ, ուր, ամիրաներուն յաջորդ, այս անգամ ժողովրդավար սկզբունքներով խանդավառ ուրիշ սերունդ մը, միջոցը գտած է ցեղային նկարագիրը եւ աւանդութիւնները յարմարցնելու [12] նոր պայմաններով իրեն մատուցուած վիճակներուն: Առեւտուրով, արհեստներու գործադրութեան մէջ հետապնդուած նորութիւններով, պետական գործառնութիւններով հարստացած վաճառականներու զաւակները (իրենց քով ունենալով ուսումնատենչ բայց աղքատիկ տղաք) կ՚ընեն եւրոպական ուսում, արեւմտեան համալսարաններու մէջ (գլխաւորաբար Բարիզ), կը վերադառնան Պոլիս, իրենց առածը արժեւորելու, սպասարկելու հաստատ տրամադրութեամբ։ Հարկ կա՞յ ընդգծելու ընդարձակ տարողութիւնը սա փաստին. մեր գրական չորս սերունդներուն ամէնէն համատարրն է անիկա, ամէնէն պատրաստուածը, նուիրուածը. մեծը նոյն ատեն. բայց որմէ Արեւմտահայ Գրականութիւնը չէ ժառանգած համապատասխան արդիւնք, թերեւս այն գլխաւոր, այսօր միայն յստակ զգալի ազդակին իսկ պատճառով որ այդ սերունդին գործօնութեան շեշտը կը դնէ ընկերային, բարենորոգչական, օգտապաշտ ախորժակներու վրայ, եւ ոչ թէ ազատ, անշահախնդիր ստեղծումին։ Ամէնն ալ գործեցին, իրենց անհատական նախաձեռնութեանց ձայնովը բայց երբեք մտքէ չանցուցին խցել իրենց ականջները իրենց շրջապատի հազար ու մէկ կարիքներուն: Չրաքեան մը 1860ին, անհեթեթ ըլլալուն չափ յիմարական է: Յետոյ չմոռնալ զանգուածը վարող թաքուն ալ պահանջները։ Մեր իմացականութիւնը մեր պատմութեան մէջ մենք միշտ գործածել ենք մեր աւելի դրական կարիքներուն։ Առանց Պերկսոն կարդացած  ըլլալու, մեր պապերը համոզուած են որ իմացականութիւնը կենդանիին նիւթական կարիքները դիմաւորող դրութիւն մըն է մեր մէջ։ Մինչեւ այսօր մեր դպրոցները, գէթ մեր հայրերուն ներքին համոզմանը խորը, հացի համար կը գործեն (ուրիշ խնդիր որ մեր կրթութիւնը, մեր վարժապետներուն խնամարկութեան տակ, դարձել է բոլորովին հակոտնեան իրմէ սպասուածին, հրապարակ նետելով գրական հետաքրքրութիւններով ոգեւորուած սերունդ մը։ 1885ին, 1910ին Պարտիզակ ըսուած գիւղին մէջ հարիւր երիտասարդէն յիսունը գրագէտ էր…): Այն ահագին տագնապը որ Զարթօնքի Սերունդին բոլոր աշխատաւորները կը համախմբէ, կը կեդրոնէ, ազգային գիտակցութեան պարտադիր մշակումը չէ մեր զանգուածներուն ներսը, այլ՝ դպրոցներու ցանցի մը տարածումը բոլոր հայաբնակ վայրերու մէջ։ Ու դպրոցը հոս հոմանիշ է Վարդանէն առաջ հացին, գրաբարէն առաջ թուաբանութեան։ Բոլորն ալ կը մտածեն մեր ժողովուրդին իմացական ուժը գործածել շուկայի տիրապետումին։ Արդիւնքը չէր կրնար հերքել այս լայն գաղափարագրութիւնը:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ. Զոր յստակ ըմբռնելու համար կը բաժնեմ մէկէ աւելի ստորավիճակներու: Զիս շահագրգռողը այս վիճակով մեր գրականութեան գալիք փաստերուն տարողութիւնն է անշուշտ: Մայրաքաղաքին մէջ այդ վիճակը չեմ մանրամասներ քանի որ վերի բարակրաֆներուն մէջ կատարուած են մերձեցումներ: Ամիրայութիւն, պետական պաշտօնատարութիւն, նոր բառով մը էֆէնտիութիւն, առեւտրական նոր ազնուականութիւն, արհեստաւորներով զարգացած բարեկեցութիւն մեզի անծանօթ տարազներ չեն: Ու գիտենք նաեւ որ գրականութեան մը կարելիութեան համար մշակներուն չափ անհրաժեշտ է, անդաստանը, այսինքն այն տարրը որ կ՚ընդունի արուեստի գործերը։ Պոլսէն դուրս, քանի մը կեդրոն վաճառաստաններու մէջ, բոլորն ալ պոլսամերձ, Իզմիր, Պրուսա, Էտիրնէ, մանրանկար ընկերութիւն մը` բայց որ աւելի հարազատ է խորքի պահանջին: Չեմ կրնար մոռնալ առաջաւոր միւս կեդրոնները, մասնաւորաբար Կեսարիան որ դեռ 1850ին կը զգայ տնտեսականին կիրքն ու կշիռը։ Նոր կարգերու սա արշալոյսին, Անատոլուի բոլոր կարեւոր քաղաքներուն մէջ մենք կը հիմնենք առեւտուրը, կը պարտադրենք մեր արհեստները։ Այնպէս որ դպրոցներէն առաջ ու անոնց հետ մեր քաղքենի դասակարգը արդէն կը սիրէ եթէ ոչ՝ կարդալ, գէթ ազգային աւանդութեան մը հպատակ՝  գիրքերը քաջալերել: Մի տարուիք մտածելու այս ամէնուն բարատոքսալ տարողութեան։ Գրականութիւնը միշտ զգայուն է հանդեպ տնտեսականին։ Յետոյ, ուրիշ ալ փաստեր: Կրօնական պրոպականտ, կաթոլիկ եւ բողոքական խողովակներէ, որ կը թափանցէ, կը սպրդի ներքին կիրքերէ փորուած (miné) մեր ընկերութեան խաւերէն, կը լարէ մեզ իրարու դէմ ու պատճառ կ՚ըլլայ նորանոր բախումներու մեր ուժերէն։ Ըսել թէ մեր արդի գրականութիւնը իր ծանր մեղքերէն ոմանք, օրինակի համար հռետորութիւնը, օդայնութիւնը, գրաբարով նանրամտելու ախորժակները մեծ չափով պարտական է կաթոլիկութեան, կը նշանակէ, կաթողիկէ հայ հոգեւորականութեան Վենետիկ ստացած կրթութիւնը գործածութեան մէջ տեսնել Պոլիս, ուր Բագրատունի մը, միայն մեծահարուստ տան մը մէջ երէց չէ, այլ եւ փառք մը: Ըսել թէ Ալիշան խորունկ ազդեցութիւն մը ունեցած է մեր գրականութեան վրայ, կը նշանակէ ճշդել տարողութիւնը կրօնական առաքելութեան։ Նոյն ձեւով 1830ին իսկ Իզմիր հաստատուած բողոքականութիւնը, ամերիկեան ապահով, գործնապաշտ իր ոգին պիտի արձակէ դէպի մայրաքաղաք ու շրջամերձ վայրեր։ Մի ըսէք թէ ի՞նչ է աղերսը սա «հոգեւոր» որակուած գործօնութեանց՝ մեր տնտեսականին հետ։ Առանց Կարլ Մարքսով երդում ընելու, պարզ. պարկեշտութեան մը գինով, պարտաւոր ենք հաստատել որ այդ նորօրեայ զարտուղումներուն խորը գրեթե միշտ «դեղին տենդ»ն է որ կը մնայ ծուարած։ Դեղին այդ պրոպականտն է որ Աստուծոյ չորագոյն հողերուն վրայ իսկ (այդ տեսակէտով ամէնէն անժառանգն է Պաղեստինը եւ ուր ոսկին կարողացած է լատին ժողովուրդ մը ստեղծել, անհասկնալի` առաջին ակնարկով, քանի որ նման ժողովուրդ մը շատ շատ Իտալիա ըմբռնելի իրողութիւն մըն էր բայց իրականութիւն է այսօր Սուրբ Երկրին մէջ, ) ծնունդ է տուած ժողովուրդներում Եօթը զաւկըներով անտուն, անօթի գաղթական հայը նոր չէ որ ափ կ՚առնէ գթութեան դռները, ու նոր չէ որ առանց զաւակի բայց փառքի անօթի ուրիշ թշուառական մը, կամ իր հասարակութեան աս ու ան օրէնքէն նեղուող ունայնամիտ մը պիտի անցնի գլուխը իր եկեղեցին կործանելու պաշտօն ունեցող առաքելութեանց, ու պիտի որսայ իր ձուկերը, ջուրերը պղտորելէ վերջը։ Եթէ կաթոլիկութիւնը ծաւալ գտաւ բարձր խաւերու մէջ, բողոքականութիւնը նախասիրեց մեր ներքին կիրքերով յարախռով խաւերը օգտագործել, կռնակը տուած հսկայ ընկերութիւններու, հայթայթելով՝ գործ, ուսում, դրամ  ու դիրք, մարդերու՝ որոնք իրեն բնիկ ընկերութեան մէջ գիտութեան սերմերու ընդունարան միայն կարող էին հանդիսանալ։ Դիտել կուտամ որ կրօնականին հագցուած սա պատմուճանը տնտեսական է դարձեալ, բայց հետեւանքին մէջ` նպաստ մը մեր գիրին, եթէ ոչ գրականութեան։ Եթէ Վենետիկը, այսինքն կաթոլիկութիւնը մեր լեզուին (աշխարհաբար) բնականոն զարգացումը, երկար ատեն՝ աւելի քան կես դար, պահեց իր սպաննող ազդեցութեան տակ, բողոքականութիւնը իր գործնական ոգիովը, իր միջնաբերդէն, ձեռնարկները վարեց օրինակելի թափանցամտութեամբ մը։ Ամէն միսիոնարի կաշիին տակ Լուտերի մը փառասիրութիւնը կ՚ապրի։ «Շտեմարան Պիտանի գիտելեաց»ը միայն ամսաթերթ մը չէ (Իզմիր, 1834-1854. յետոյ՝ Պոլիս՝ Աւետաբեր. աւելի յետոյ Նիւ-Եորք՝ Հայաստանի Կոչնակ անուններով), այլ եւ ոգի մը: Թարգմանուած Կտակարանները, անստորագիր պարսաւները (pamphlet) միայն լեզուական յուզումներ չեն արծարծեր, այլ եւ կ՚անդրադառնան մեր հասարակութեան խարիսխներուն իսկ ամրութեան։ 1800ին իր հոգեկան միութեան մէջ պղտորուած մեր ժողովուրդը (կաթոլիկութիւն, ամիրայութիւն, պատրիարքարանի բախումները) 1850ին անշուշտ խաղաղութիւնը` հեռու է գտած ըլլալէ: Բայց գիրքը այլեւս պետք մըն է. իրաւ է թէ շատ զանազանակ ձեւերու վրայ ու չափերով։ Մեր ընկերութիւնը չէ հասունցած անշուշտ գրականութիւն մը կերպադրելու ծանր պատասխանատուութեան, բայց անոր մէջ կերպարանք առած են զայն թելադրող ազդակներ։ Ատոնցմէ ամէնէն իրականը տնտեսական թոյլատու կացութիւնն է։ Թերթ մը, գիրք մը գնելու արարքները դար մը առաջ փաստեր են, կենդանի խօսքին համար ժամուն բեմէն զատ ուրիշ միջոց չունեցող մարդոց հոգեբանութենէն

ԳՐԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ. Ըսի վերերը, չափազանց շահեկան նիւթ մըն է մինչեւ 1850 ու 1860 մեր գրական հասկացողութեան` մանրակրկիտ, վերլուծումը։ Ըսի նոյն ատեն իմ անբաւականութիւնը նման ձեռնարկի մը համար (ուժէ, նախանիւթէ, ժամանակէ անբաւարարութիւններ)։ Այնպէս որ ստիպուած եմ գրեթէ գոհանալ ցարդ ըսուած ընդհանրութիւններով։ Յաւելումները կը հպատակին այլեւս զուտ գրական զգայարանքին ու իր արտայայտութեանց իմաստին։ Թէ յղացքը (գրական), թէ՛ ասոր ծնունդը՝ գործերը, դարձեալ կը կրեն բոլոր ծագումներու, սկիզբներու հասարակաց յայտարարներ։ Մեր գրականութիւնը չէր կրնար բացառութիւն կազմել, մանաւանդ որ ժամանակը (ըսել  կ՚ուզեմ արագութեան, փոխադրութեան, շփումներու, իրարմէ ազդուելու, հասուննալու, նմանելու արարքներուն համար անհրաժեշտ տեւողութեան տիրական նշանակութի՛ւնը։ Երկու դար չըսելու համար չորս դար խուլ, մռայլ աշխատանքի պէտք ունեցաւ ֆրանսական գրականութիւնը գոնէ Մօնթէնեըի մը կարելի ընելու համար: Բայց ԺԹ րդ դարը մի շփոթ էք ԺԳ. ԺԴ. դարերուն հետ, այլապէս հզօր ազդակ մըն էր արդէն։ Այդ է պատճառը որ գրականութեան պատմիչը այդ շրջանները տեսնելու մէջ զգայ վարանքներ, հաստատէ հակասութիւններ տպաւորութենէ, մտադրութենէ, մանաւանդ արժէքները գնահատելու պարտքէն: Ու դարձեալ այդ է պատճառը որպէսզի անիկա ըլլայ ստիպուած գործերը, ինչպէս գրական զգայարանքը հասկնալ փորձելու մէկէ աւելի կերպարանքներու, մէկէ աւելի թելադրանքներու տակ: 1850ին Բարիզը, մանաւանդ Վենետիկը տիրական կեդրոններն են արեւմտահայ գրական յղացքը կազմաւորող։ 1880ին՝ այդ դերը անցած է անժառանգ Պոլիսին ու քիչիկ մըն ալ անիմաստ Թիֆլիսին։ 1900ին մեր գրականութեան մէջ Խարբերդը, Վանէն ետքը (1870) այդ կարգի դերի մը մէջ սխալ չէ կասկածիլ: Եւ որովհետեւ Արեւմտահայ գրականութիւնը հայրենազուրկ հոգեբանութեան մը ծնունդն է նոյն ատեն ինչ որ կը նշանակէ՝ գրականութիւն մը բոլորովին անպաշտպան, բոլորովին ենթակայ պատահական ամէն ազդակներու վատ ու բարի կնիքներուն անհրաժեշտ է որ վերլուծուին, բաւարար պայծառութեամբ, անոր բաղադրիչները՝ գէթ հաշտեցնելու համար այդ գրականութեան այնքան խայտաճամուկ փառքերը, մեղքերը ցեղին ընդհանուր խառնուածքին: Ո՞ր հրաշքին գինն են Նար-Պէյը, Թէրզեանը… Չրաքեանը: Հարցուցէք ու կեցէք։ 

 

ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ.

Արեւմտահայ գրականութիւնը ենթարկուած է 

ա) Մխիթարեան յղացքին, որ, քաղցր ու որոշ բարիք, մէկ, նոյնիսկ մէկ ու կէս դար, դարձեալ որոշ ու բացարձակ չարիք մըն է ուրիշ բայց աւելի բախտորոշ կէս դարու մը վրայ, Արեւմտահայ Գրականութիւնը հիւծող: Այս նկատումներուն մէջ ես չեմ ծանրանար լեզուականին վրայ միայն։ Ու պարտաւոր եմ յայտարարել որ իմ ծրագրէն դուրս է կշիռի զարնել նպաստը, բարիքը զոր մեծ Սեբաստացիին Միաբանութիւնը բերած է մեր հասարակութեան բազմատեսակ կարիքներու գոհացումին: Ատիկա հատորներու վայել վաստակ մըն է ինքնին։ Մխիթարեանները  իրենք լաւ պիտի ընէին մտածել այդ բարերարութեան [13] ու սրբագրէին անպատասխանատու մարդոց (իրենցմէ) միջոցով իրենց իսկ ստեղծած չարիքը։ 1905ին պէտք չէ գրուէին Հ. Սարգիսեանի (որուն պէնէտիկդէնի համբերատարութիւնը չի կրնար արդարացնել դատողի միամտութիւնը) եւ Հ. Ս. Երեմեանի (որուն անհուն շատաբանութիւնը հաւասար կուգայ խելքէ հիմնական անժառանգութեան) գիրքերուն նման անիմաստ գործեր (կ՚ակնարկեմ՝ 200ամեակի Յոբելինական Հատորին եւ Գրագէտ Հայեր շարքին), որոնք տարօրինակ արած ոներու տպաւորութիւնը կը թողուն, առաջինը՝ երկրաբանական դարերու այլուրութեամբ մը ներկայէն, երկրորդը՝ աւելի հին, քաոսային բաներու նման կ՚ապշեցնեն ընթերցողը: Արեւմտահայ գրականութեան պատմիչները միւս կողմէն պէտք է ազատագրուին այդ Միաբանութեան դերին վրայ (միշտ մեր գրականութեան uպաuին մէջ) կանխակալ, կաղապարեալ, աւանդութեամբ պղնձակուռ, չքնաղ ալ կարծիքներէ։ Ու չմոռնալ որ անարդարութիւն է Բագրատունին դատել, ծիրենեփառ, Եզակի Քերթողի վարկը այդ իսկ չարի քին համար գլխիվար տապալել, ինչպէս Ալիշանին մէջ գտնել յամառիլ բոլոր ժամանակներու հզօրագոյն քերթողներէն մէկը։ Իմ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը առանձին ու բաւարար ընդարձակութեամբ  գլուխ է նուիրած Ալիշանին, անշուշտ այդ անունին զուգորդ հիացական հոգեբանութենէն բոլորովին ազատ հոգեբանութեամբ մը, քանի որ պատուական աբբային գրական մեծ վաստակին մէջ Արեւմտահայ բարբառին մօտիկ լեզուով մը իրագործուած թէ եւ քիչ բայց բաւարար մասեր կան մեր գրականութեան պատկանող։ Յետոյ՝ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը ունի Նար-Պէյը, որմէ հատոր մը առնուազն (Ստուերք հայկականք) կը պատկանի դարձեալ Արեւմտահայ Գրականութեան: Բայց հակառակ իմ բոլոր բարեկամեցողութեանս, ինծի համար անհնար է եղած արժեւորել Հ. Եդ. Հիւրմիւզը որուն ներդաշնակ գրաբարին հմայքը ոչ միայն իր օրերը, այլեւ իրմէ վերջ, իր աշակերտներուն միջոցով մեր ռոմանթիկ քերթողութեան անդրանիկ արշալոյսը մինչեւ, մնացած է տիրական։ Զանց ըրած եմ զբաղիլ այդ բանաստեղծով, փորձելէ վերջ անկէ որ եւ է քերթուած վերածել արեւմտահայ աշխարհաբարին։ Բուրաստան Վրուրի Որմզդանայ (անունը՝ Հիւրմիւզին ինքնագիր բանաստեղծութեանց հատորին) ունի ներդաշնակ լեզու, ներդաշնակ բառեր, հեզասահ նախադասութիւններ, անուշիկ ու տափակուկ կենսաշերտեր, այն անտանելի տաղաչափութեան ամբողջ ոսկեփոշի սնոտիքը որ արեւմտահայ քերթողներու ամբողջ սերունդ մը ժամավաճառ է ըրած սանկ ու նանկ, անուշիկ ու նօնօշիկ մանկաբանութիւններու քերթումին: Պէշիկթաշլեանի տաղարանին երեք չորորդը գրուած է այդ դժբախտ ազդեցութեան ներքեւ ու չի պատկանիշ, «նովին իսկ մեղօք», Արեւմտահայ գրականութեան։ Նոյնիսկ մեր ամէնէն մեծատաղանդ քերթողը` Պ. Դուրեան, չէ կրցած ինքզինքը ազատագրել այդ չարաղէտ ախորժակներէն, ու գրած է հինգ տասը հատ միջակ, նոյնիսկ ատկէ վար ոտանաւորներ, աս ու ան պարագաներուն թելադրանքը «քերթողաբար» երգելով…

Ահա թէ` ինչ կուգայ Հիւրմիւզի ոտանաւորէն.  

…Դրախտին աստուածատունկ վայրն ու վկան ես դուն յաւերժ,
Պատկերն անոր աղօտակի վերբերելով իսկ քու վրայ։
Քու արօտներ կ՚ոսկեզօծեն ատամները քու հօտերուն.
Ոսկեգիսակ կը պճնուին բլուրներուդ խաղները քու։
Մասիսներդ պռստելով յօնքերն իրենց, ըսպառնագին,
Կը սաստեն հովն հիւսիւսային.
Քու մարգերուդ՝ յաւետազուարճ զեփիւռն է միշտ գեղապարիկ։
Երջանիկ հայկազն մանուկ, սիրո երկիր քու հայրենի:
Կոյր ընդերքին մէջ լեռներու խորասուզուած հեղձամղձուկ` 
Պիտի պեղեն հոն տարածուած ոսկին մատներն ուրիշներուն.
Այլուր արեան վտակներով պիտի մարգերը ներկուին,
Նիզակախուռն վաշտեր դառցեն ծածանելով տխրատեսիլ։
Դուն ծաղկեցուր զուարճալից քու հովտակները (երջանիկ)
Աղբիւրն արծաթ պարտեզներիդ քալէ՜ վէտ վէտ գեղաճեմող։
Երջանիկ հայկազն մանուկ մըշակի հողըդ հայրենի.,
Անկե շինուած` արարչակերտ՝ նախաստեղծին մարմինը (կոյս)
Առաւ դրոշմն անմահութեան փչումովն իսկ աստուածաշունչ:
Հոն, կերպարանքը երբ փայլեց նախամօրը մեր բոլորին՝
Ամօթահար եղան ծաղկունք, իրենք իրենց մէջ կործանած…

 

Կուտամ գրաբարն ալ

 

Դրախտին աստուածատունկ գոս դու յաւերժ վայր եւ վըկայ,
Ըզնորին ընդ աղօտ վերբերելով ի քեզ պատկեր.
Զանդէոց քոց զատամունս ոսկեզօծեն արօտք քոյին,
Ոսկեգիսակ պըճնին ի բլուրըս քո խաշինք ճարակաւորք։
Շարժեալ Մասեաց քոց ըզյօնս ըսպառնալից սաստեն հիւսսոյ,
Եւ ի մարգըս քո զեփիւռք յաւետազուարճք գեղապարին:
Երջանիկ մանկտի հայկազն ըզհայրենիդ սիրես զերկիր.
Ի կոյր ընդերըս լերանց խորասուզեալ հեղձամըղձուկ,
Պաղեսցեն այլք հետազօտ զոսկին ի յալս անդ դարանեալ.
Ի բոսոր վըտակս արեան այլուր զարօտըս ներկեսցեն
Նիզակախուռըն վառօք ընդ դաշտըս ծածանեալ տըխրատեսիլ,
Իսկ դու զհովիտըս քոյին զըւարճալիցըս ծաղկեցո.
Արծաթաղբերք ի դրախտըս քո գնասցեն վէտ վէտ գեղաճեմեալ։
Երջանիկ մանկտի հայկազն ըզհայրենիդ մըշակեա հող.
Անտի նախաստեղծիկն հասցեալ իրան արարչակերտ,
Ընկալաւ զանմահութեան դրոշմ ի փըչումն աստուածաշունչ,
Եւ նախամօրն համայնից այն ինչ փայլեալ անդ կերպարան,
Զամօթի հարան ծաղկունք՝ յանձն ըզկորանս յայնժամ առեալ։ 

(Երգ Երկրորդ. 32–339, Բուրաստանք)

 

Կ՚ընդունիմ որ գրաբարին քաղցր, դաշնաթաւալ վայելչութիւնը ենթարկուած է աշխարհաբար յեղուղին մէջ որոշ նուաղման։ Միւս կողմէն ստիպուած եմ յայտնել նոյն ատեն որ այդ կորուստը գինն է թարգմանողին անդաշն ոճին: Բայց ատկէ աւելի տխուր՝ միւս վկայութիւնը. ի՞նչ է մեզի տրուածը այդ մեծաշունչ քսանի մօտ տողերուն մէջ (չմոռնալ որ  քերթուածին չորս երգերն ալ, ուրեմն 1750 տողերը, պիտի պատմեն այդ երկրին փաունան, փլորան, աշխարհագրական օրինուածքը, շատ քիչ չափով մարդերը) եթէ ոչ` հեքիաթի մը… շուք է 

Հիմա, նոյն դպրոցէն, բայց այս անգամ իրաւ բանաստեղծի մը բերանով։ 

 

Լեռնե՜ր, լեռնե՜ր հայրենի, անմահական դըշխոներ՝ 
Որոնց արփին կը դնէ թագ, ու մըշուշն ալ պատմուճան.
Լեռներ սառէ ծոցերով, գըլուխներով ձիւնահեր՝ 
Զոր կ՚օծանէ լուսընկան:
Ձեր ճակատները կոյս են լոկ Աստուծմէ համբուրուած,
Թըխակարկառ ուսերնիդ կը լուայ կապոյտն երկընքին.
Վիհերու մէջ, ուր լիճեր կը քընանան մենակեաց
Աստղերը սոսկ կը ծաղկին:
Քարայրներէն՝ որոնց մէջ հովը գայլի պէս կ՚ոռնայ՝
Գետեր բըխած, գարնան դէմ կը գահվիժին փըրփրահեր,
Ու կ՚երթան ձեր ոտքերուն սըփռել գորգեր միշտ ծաղկեայ՝ 
Ուր կը նըստին հովիւներ:
Կը սողայ շանթն օձի պէս ձեր գըլխուն շուրջ կրանիտէ,
Որմէ բռընկած կը մըխան եղեւիներն օրերով.
Արծիւն այդտեղ աստղերին միայն իր կուտը կ՚ուտէ
Կը խըմէ ջուրն ամպէն զով։…

(Ցեղին Սիրտը, Հայրենի Լեռներ. Դ. Վարուժան) 

պէտք չկայ կուլ տուած ըլլալու գրաբարին բոլոր փափկութիւնները, մերժելու համար Հիւրմիւզի աշխարհաբար յեղուածին այն հաստատ արժանիքը որ լեզուով միայն չէ պայմանաւոր, այլ այն աւելի բանով որ խորքն է, նիւթի մը բարիքը: Անշուշտ երկու քերթողներէն սա մէջբերումները հաւասարապէս կը տառապին այն տարտամով, ընդհանուրով որ տեսակ մը մշուշ է իրականութեան ուսերուն փռուած, զայն բանաստեղծականին համար շուրջառող։ Բայց Հիւրմիւզի համար դժբախտութիւնը՝ նիւթին մանկայնացումն է, հասարակացումը: Վարուժանի լեռներն ալ կը մնան օդակառոյց, բայց առնուազն լեռներ են, տեսնուած ցարդ անսովոր գոյներու, գիծերու, կարկառներու համանուագի մը ընդմէջէն: Ու Հարց։ ո՞ր ժողովուրդի կը պատկանի Բուրաստանք Վրուրի Որմզդանայն։ Ու մտքիս վրայ կը բռնանայ անբանաստեղծ ԺԸ րդ դարը, գաղիացի, անգլիացի, գերման իր քերթողներու (Տը Լիլ, Բօբ, Տրայտըն, Լէսինկ) շքախումբով, որոնց համար յղկուն բայց ոuին կամ բարոյակուռ, սիրուն բայց անժուռ կամ անմեղ տաղերը կը կազմեն տաղաչափական ճարտարանքին հսկայ փաստերը։ Ու մենք գիտենք որ Մխիթարեանները տակաւին 1940ին ալ չեն մտած 1840ին իսկ մէջը, ի քերթողութեան անշուշտ։ Փորձ մը Բուրաստանքը արդի աշխարհաբարով վերկենցաղելու, անշուշտ դատապարտելի չէ ի յառաջագունէ։ Կը հաւատամ թէ քաղցրութեան, ներդաշնակութեան հզօր զգայարանքով մը օժտուած տաղաչափ մը այդ գիրքէն կրնայ հանել բնագիրը կրկնող ներդաշնակ, քաղցր քերթուած մը։ Բայց ի՛նչ որ անկարող է եղած Ծփանքները . Որբերեան) փրկելու, պիտի ծանրանար նոյն անողոք խստութեամբ նաեւ աշխարհաբար Բուրաստանքի մը վրայ: Այն ատեն կը ներկայանայ անխուսափելի տարակոյսը, այս անգամ քերթողին խորքն իսկ վտանգի ենթարկող Տաղաչափութի՞ւն: Ինչ որ ալ ըլլայ աստիճանը սա տարակոյսին, կայ փաստը Հիւրմիւզի հմայքին որ Վենետիկէն Պոլիս կէս դարու հասակով իրական էր: Վարուժան սրտառուչ բառեր ունէր անոր տողին անուշութիւնը փառաբանող։ Հիւրմիւզի վրայ սա նկատումները այլապէս ալ ունին տարողութիւն քանի որ կը հաւատամ՝ դարձեալ թէ Պէշիկթաշլեանի, Թէրզեանի, Նար-Պէյի, Սէթեանի, Պէրպէրեանի, նոյնիսկ Ալիշանի իբրեւ քերթող պարզած վրիպանքներուն խորը կայ ու կը մնայ այդ տարաբախտ պատրանքին ազդեցութիւնը ներդաշնակ ոտանաւորին փառքը: Արեւելահայերը մեզմէ կանուխ անդրադարձան ատոր, բայց իրենց կարգին իյնալու համար հակադիր պատրանքին, որ հաստ ու պարզ նիւթին ֆէթիշն էր այս անգամ, հասարակ քարոզ տաղաչափեալ։ Տեղն է մերժելու փցուն տարազը կեղծ-դասականութեան, գործածելու համար իրաւ բառը, բանաստեղծական անբաւարարութիւնը որ կը բացատրէ թէ ինչու երկու հարիւր տարի Մխիթարեաններու դպրոցէն մեզի չէ եկած հարազատ բանաստեղծ մը: Ու այս հաւաստումին իսկոյն կը հետեւի միւս տագնապը՝ եզակի քերթողին ոսկեպաճոյճ փառքը փորձի ենթարկող։ Հասկցաք անշուշտ որ հարցը կը վերաբերի Բագրատունիին։ Ու բառէ առաջ` փո՛ րձը՝ այդ մարդէն քանի մը էջ վերածելու արդի աշխարհաբարին։ 

Հայկանոյշ (Հայկի աղջիկը որուն խօսնայրն է Հրանդը) պատերազմի ատեն գերի է ինկած Բէլեաններուն ձեռքը ու արգելարանին մէջ «արմուկը ծունկին», «ձեռքն ալ ծնօտին»

« նստած կ՚ողբար արտouրալից
Սուգն հասցուցած իր հօրն ու մօր, Թորգոմական մեծ բանակին,
Ու Հըրանդին իր սիրելի, զոր չէր գիտեր ինչ էր եղած.
Լոյսի լիճէն շիթ պղպըջակ կը թափթըփեր մարգարտահատ.
«Կը շընչե՞ս դեռ սիւքը կեանքին, թէ ոչ ինկար կոյսին սիրոյն,
Ո՜հ մահ նախանձելի քան սա թշուառ կեանքն իմ վարան,
Զի չեմ գիտեր թե ինչ անցքեր պիտի անցնին իմ վրայէս։
Այլ մեռած թե կենդանի, վստահ եղիր ո՜վ իմս Հրանդ,
Մըտադիւր զիս պիտի տամ մահուան գիրկին քան թշնամուդ»:
Այն ատեն մարդիկ գալով աղջիկն առած կը տանէին,
Կոյսը կուգար արիաբար ու կը կենար ահեղ բեմին
Պակշոտեալին լիրբ, բարկացայտ աչուըներուն դէմ յանդիման:

(Հայկ Դ--ա-, Դրուագ ԺԵ. 246-257) 

Ու բնագիրը։

Արմուկն ի ծունկ` ձեռն ի ծնօտ նըստեալ ողբայր արտouրալից
Զոր հօրն եւ մօր հասոյց սուգ, զոր Թորգոմեան գընդին մեծի,
Եւ Հրանտայ իւր սիրելւոյն, զոր ոչ գիտեր թէ զի՛ եղեւ.
Շիթք ի լըճաց լուսոյն պըղպջակք թօթափէին մարգըրտահատք.
«Շընչիցե՞ս, ասէ, կենաց սիք, թե անկար ի սէր կուսիդ.
Ո՛վ մահ նախանձելի քան զվարանաց կեանս իմ թըշուառ,
Որ չգիտեմ զինչ եւս ընդ իս անցանիցեն անցք յառաջոյ։
Այլ մեռեալ թէ կենդանի` անշուշտ լեր ո՛վ իմս Հրանտ,
Մըտադիւր տաց զանձն ի գիրկըս սեաւ մահուն քան յոսոխիդ»:
- Անդր յայնժամ հասեալ արանցն` առեալ զաղջիկըն տանէին.
Գայր կոյսն արիաբար, ահեղ բեմին կայր առաջի,
Յանդիման բարկացայտ լկտի աչաց պակշոտելոյն։ 

 

Կուտամ ուրիշ դրուագների կտորներ, առանց բնագրին, վասնզի իմ նպատակը գրաբարէ աշխարհաբար յեղումի նմոյշներ դնել չէ ձեր առջին, այլ էջեր ուր ձեզի ըլլար կարելի բանաստեղծի մը շունչը, զգայնութիւնը, կրակն ու քնքշանքը, թափն ու զօրութիւնը զգալ Դիւցազներգութեան մէջ լեզուին նպաստը չորորդական կը մնայ: Հոն մեզ վարողը սաստկութիւնն է պատկերացման, բռնութիւնը՝ յոյզերուն, խոյանքը երեւակայութեան, գուպարը մեծ բախումներուն եւ ոչ թէ քնարերգականին փափկութիւնը, քնքշութիւնը, տարտամ քաղցրութիւնը։ Բագրատունիին ոճը թարգմանելի է առանց տոյժի, ամէն անգամ որ քերականական խրթին օրէնքներու նուաճումն ալ երկրորդաբար չունի իրեն փառասիրութիւն Հիւրմիւզի քնարական տողերը այլապէս դժուար կը փոխադրուին նոյնիսկ աշխարհաբարի, հակառակ իրենց դիւրին, բնական պարզութեան: Շարունակելով վերի տեսարանը, ընտրովի կուտամ հատուածներ: ԲԷլն է խօսողը Հայկանոյշին

 

« ………………. թեեւ քեզի համար, կ՚ըսէ,
Մեծ յանցանք էր նկատ առնել չարահընար մեզմէ փախուստդ.
…Արդ ըստ դուն ինծի թե ո՞րն ընտրեցիր քու սրտին մէջ
«Զմեզ թե Հրանդը»։ «Հայրն իմ, կ՚ըսէ կոյսն, ընտրեցի։
…Ի՞նչ՝ միտքն անոր. ես պատրաստ անոր կամքին, բոլորովին.
Եթէ ան` Սերն Աստըծուն, իր պատիւին, գրոհի փառքին`
Անփոխանորդ [14] ու անարատ իմ կուսութեանս (բոլորը մէկ)
Մոռցաւ գութն իր աղջըկան, ես ալ անձն իմ կը մոռնամ հոս։

կը հետեւի խօսակցութիւնը ընդմէջ գերի աղջկան եւ բռնակալին. նիւթ՝ աղջիկին հրաւիրուիլը՝ Բելին հարսնանալու որպէսզի ըլլայ անիկա «տիեզերաց տիկինը»

պաշտուիլ չորս ծագերէն
Ու լուսնի պէս, արփիափայլ փոխան ոսկի արեւին.
Բոլոր ծովերն ու ցամաքներ, կըղզիները ազգաց ազգաց
Թե մերձաւոր, թե հեռաւոր, տեսնել ոտքիդ խոնարհամած։
…Եղիր ուշիմ, դատէ յստակ, պիտի շահիս երեքն ալ դուն
Կորսընցընես եւ կամ զանոնք, քու անձդ ու հայրդ ու քու  աշխարհ:

Յետոյ կ՚ընէ երդում իր «արեւին» ու «անկէ իր թագին ինկող նշոյլին» վրայ որ ատելութեան պիտի փոխէ աղջկան հօր մասին ունեցած սէրը, ինք որ խնայելով չէ իջած գլխովը գուպարին մէջ։

 

«Մեծագոյն իմ զօրութեամբ ու տիտանեան բարձըր բազկով
Հօրըդ կեանքին խնայելու պատուէր տալով իմ զօրքերուն.
Կը վկայեն ատոր այստեղ ու հեռաւոր զօրապետներ.
Պիտի զարնեմ Թորգոմեան տունդ այնուհետեւ ես անողորմ,
Ըսկըսելով հպարտացած քու ծնողքիդ իսկ բանակին.
Պիտի կտրէ սուրս այս արեւն քու աչքերիդ. սատկեցընէ
Ճէտերն ամբողջ Թորգոմական որդիներին սերմանուած… 

 

Ու աղջիկը

 

Այրասիրտ եւ իմաստուն` այսպէս դարձուած [15] մը կը կշռէր.
«- Ընտրեցի ես մահն, ստոյգ։ Իսկ փրկութիւնն հօրս, աշխարհին
Երկնաւոր վըրեժխնդրին հզօր աջին ես կը ձգեմ,
Հաստ աղեղին ու բազուկին ու գրկալիր իր կորովին:
Գազաններու սէրն իսկ քէնով, մռմռումով է թաթախուն.
Բռնաւորներն երբ իմացան, սիրել կրցան:
Բա չէր քեզի առագաստիդ, աթոռիդ զիս հրավիրել
Աղջիկն Հայկայ ու Թորգոմայ, Նոյ սրբազան նահապետին.
…Պիտի տեսնես թէ գեղանի աղջիկ չունի միայն Թորգոմ
Այլ քաջարի, կռուի, արեան մէջ մըկըրտուած ալ աղջիկներ:
Ով չի՛ գիտեր արհամարհել մահն՝ ան սերմէն չէ Թորգոմին.
Քաւ լիցի մեզ ելլել յարկին նըւիրական մեր հայրերուն
Երկնաւոր օրհնութենէն եւ մտնել տունն ամպարիշտին…։ 

 

Մոլեգնած Բէլը կ՚ըսէ թէ Հրանդն է որ աղջկան սրտին մէջ որբացած այդ բաջաղանքը զրուցել կուտայ

 

«Եւ սակայն», ակնարկ կ՚ընէր բերել առջին այն պատանին:
«Սակայն ի՞նչ, կրկնեց աղջիկն. Հրանդն ինկաւ հոն կռուին
Երանի, բիւր երանի՜, անմահացաւ ինծի համար. մէջ
Չի կորսըւած, կարծածիդ պէս. ինձ է պահուած Հօրը ծոցին»։
Ու գեղանի կոյսին անուն ու մեծամեծ աչուըներէն
Կը լողային արցունք առատ, փափուկ այտէն ալ ցոլացիկ՝
Առաքինի սըրտին եռանդն, գեղն առաւել փայլեցնելով.
«Երանելի դուն կ՚ըլլայիր, կրկնեց գոռոզը զայրագին,
Եթէ Հրանդն ըլլար սատկած: Պիտի ցոյց տան զայն աստուածներ.
Պիտի տեսնես թէ բառիս մէջ կենդանի եւ Հրանդը քու,
Ճնճուղի պէս զոր թէ ճընշես պիտի մեռնի առուգիդ (ափ) մէջ
Խօսքին վրայ, մտցուցին ներս երիտասարդը կապկըպուած.
Աչքը երկու սիրողներուն սեւեռապինդ իրար վրայ,
Աչքը աչքին, սիրտը սրտին (առանց բառի) ու խանդակաթ

 

Ու այսպէս այս տեսարանը կը շարունակուի։ Բագրատունին դժուարութիւն չի զգար այս կարգի թատերական յարդարանքներէ քանի որ… պաշտպանուած է դիւցազներգականին հրաշալիէն ու իր ալ անսպառ Բանէն։ Ան չայցուին շատ, զուր խօսքին տագնապէն, հերիք է որ իր բառերը հնչեն ամուր ձայնեղ ու արդար (լեզուական օրէնքներու հանդէպ)։ Մնացեալը, այսինքն ամէն ինչ գրեթէ որ մարդկային տռաման կ՚ընէ իրաւ, ապրուած ու ատով նաեւ հաղորդական, դուրս է իր կասկածէն անգամ։ Կուտամ քանի մը տող եւս: Աղջիկն է ըսողը 

 

Մեռնինք, ոհ, կ՚ըսէ աղջիկն, մեռնինք, մեռնինք, արիութեամբ
Հոն, Երկնային երանութեանց, սոսկապանին մէջ Դրախտին,
Առագաստին, գրգարանին, անմահական հարսնարանին՝
Մէջ պսակուի մեր սրտին կապն, մեր գրգապինդ տարփանքը
Այսպէս ըսին Երկուքն անոնք ու կուլային փղձկագին: [սուրբ»։

 

(Հայկ Դիւցազն, Դրուագ ԺԵ. 300էն սկսեալ) 

 

Ի՛նչ որ ըսի Հիւրմիւզի աշխարհաբար յեղումին համար, չափով մը կրնայ ըլլալ ճիշտ նաեւ վերի յեղումներուն համար, այս անգամ ալ թերեւս ուժգնութեան, հռետորութեան, կորովի պահանջներուն տեսակէտէն։ Բայց հարցը ուրիշ տեղ է։ Բուրաստանքը պարագայական, առնուազն ոչ-քնարական քերթուած մըն է, կանխող դարու կէսերուն միայն որոշ, սեղմ շրջանակէ մը ներս հանդուրժելի շահեկանութեամբ մը։ «Հայկ Դիւցազն»ը գրուած է «քառսուն դարերու լռութեան վրեժը լուծելու» վսեմ առաջադրութեամբ։ Այսինքն՝ իմ ժողովուրդիս պակսող դիւցազներգութեան մը ճարտարապետումը։ «Օ՜ն անդր», պիտի ըսէինք բոլորս, Վենետիկցիներուն նախասիրած մէկ բացագանչութիւնը արժեւորելով։ Ես չէ որ պիտի մերժէի իրաւունքը եւ դարերու վրէժը լուծելու եւ յաւակնութեան։ Ատկէ աւելի ոչ ինչ կայ սրբազան որ եւ է հայ գրողի հոգիին խորը։ Ու չեմ մերժած այդ յաւակնութիւնը Ալիշանին, Նար-Պէյին, Լեւոն Սեղբոսեանին, Արշակ Չօպանեանին, Դանիէլ Վարուժանին, Ռ. Որբերեանին, Սիամանթոյին, Կոստան Զարեանին, Յովհաննէս Թումանեանին եւ մեր ժողովուրդին, որ հեղինակն է Սասունցի Դաւթին։ Այս անուններուն բոլորին ալ ես կը մերժեմ յաջողութեան ոչ թէ փառքը այլ երջանկութիւնը, զայն գտնելով միայն ու միայն ժողովրդական յեղումին, Սասունցի Դաւիթին, որ հակառակ աշխարհ մը տկարութիւններուն, մեղքերուն դարձեալ մինակն է այս խումբին մէջ: Ու ահա նորութիւնը թերեւս։ Այս խումբէն ամէնէն անժառանգը կը նկատեմ նահապետը կարաւանին՝ Բագրատունին, որ առնուազն մշակուած իմացականութիւն մըն էր, ու իբր այդ, պարտքին տակը` հասկանալու տարրական ճշմարտութիւնը մը, դիւցազներգականին զգայարանքէն իր հիմնական  զուրկ ծնած ըլլալը: Ու կը մերժեմ Հայկ Դիւցազնին այդ գետինին վրայ ոչ իսկ նախնական յարմարութիւն մը: Ու իր առիթով ու իրեն համար, դարձեալ կը մերժեմ այդ յարմարութիւնը դարերով նուիրագործուած փառքերէն ազգերու գրականութեանց, Ենէականին, Երուսաղէմ Ազատեալին, Կատաղի Ռոլանին, Դրախտ Կորուսեալին, Հանրիատին, բոլորն ալ սենեակի գրագէտներու խելապատակէն ծնած ու գրական: Իլիական, Ոդեսիական, Ռոլանի Երգը, Նիպէլունկըն, Uակաները, Սասունց Դաւիթ` ժողովրդական յօրինումներ են, ըսել կ՚ուզեմ ծնունդ ոչ-սենեկապան գրողներու: Շահնամէ, Կիւլիստան, Ընձենաւոր՝ խառնածիններ: Ռամայանա, Մահապարաթա՝ մեր, ըսել կ՚ուզեմ՝ պատմական զգայարանքներէն այլեւս անզգալի ըլլալու աստիճան հեռացած, մեզ օտար թուող բայց իրենց օրին խորապէս ժողովրդական յօրինումներ են, ու իբր այդ՝ վկայութիւններ։ Բագրատունին ոչ միայն կը ճանչնայ մեր քաղաքակրթութեան պարծանքները նկատուող առաջին շարքէն բոլոր գործերը, այլեւ ունի դժբախտութիւնը Իլիականէն զատ (nրուն թարգմանութիւնը փառք մըն է ու փաստ մը նոյն ատեն թէ որչափով սպաննել ուզենք յաջող ծնած արուեստի գործ մը դարձեալ կը մնանք անզօր մեր վանտալութեան մէջ) մեր լեզուին բերելու Դրախտ Կորուսեալը, շքեղ բառակոյտ մը, թերեւս միակ պատասխանատուն Հայկ Դիւցազնի վրիպանքին: Կը հրաժարիմ հոս մանրամասն փաստերու կուտակումէն։ Իլիականը, իր հայերէնին մէջ անգամ մեզ կը տպաւորէ. նշան՝ թէ ունի իր ներսը կեանքի խորագոյն տարրեր։ Նոյնն է պարագան Ծննդոց Գիրքին, որմէ Նահապետներու մասը (Աբրահամ, Եսաւ, Յակոբ, Յովսէփ) անմահ պատմումի դեռ չգերազանցուած նմոյշներ կը մնան, ժուժկալ ու ամբողջ, հրաշալիին մէջ թեւաւոր բայց պահելով իրաւ կապը աշխարհին ծանրութեան, ձգողութեան: Սենեկապան մեծ գրագէտներու Վիրգիլիոսէն մինչեւ Միլտոն ու Վոլթէռ ու Ֆիրդուսի յօրինումները եկած է ատենը որ վերածուին իրենց հարազատ տարողութեան: Ի՛նչ որ Հայկ Դիւցազնը կ՚ընէ այնքան բռնազբօս, կեղծ, սուտ՝ նոյնութեամբ իրական է անշուշտ Դրախտ Կորուսեալին մէջ։ Ու Անգլիացի մեծ բանաստեղծին շքեղ երեւակայութիւնն ու լեզուական հզօր շնորհները ոչ մէկ անպատեհութեամբ մերձաւոր աղերսներ ունին Բագրատունի անունին տակ մեր մտապատկերած գրական կարողութեանց հետ։ Այս կարճ խօսքերէն վերջ որոնք Հայկ Դիւցազնը իբր խորք կը ձգտին արժեւորել ինչպէս շքեղ որքան անհասկանալի վրիպանք մը, կը ծանրանամ անոր հեղինակին այլապէս պատասխանատու հանգամանքին։ Բագրատունին Թաղիադեանցի նման թափառական վարժապետ մը չէ, մշտազբաղ, տեղ մը դադարի անկարող, որովհետեւ հազար ու մէկ չարքերէ հալածուած, աճապարագին ընթերցումներով իր միտքն իսկ կազմելու ատեն եւ միջոց չվայելող, այլ՝ հաստատ կրթութիւն մը, լայն մարզանքներու, մանաւանդ ազնուական պալատներու մէջ ալ աւելի լայն ժամանակներու հրամայող երջանիկ, Պարթեւեանին բառովը` գերերջանիկ երէց մըն է, որ մտքի իր շնորհները խնամած է կարելի բարիքներուն մշտական աղբիւրներովը, ու կը ճանչնայ, իր վէպը գրելու ատեն, բոլոր դասական գլուխ-գործոցները, ոչ` արագ, հապճեպ, թեթեւակի ընթերցումներով այլ այն խորացմամբ պայմանաւոր վերծանումով որ կրօնական կրթութեան տիրական նկարագիրն էր՝ անցնող ու աւելի անդի դարերուն. քիչ բայց խոր: Անշուշտ կարդացած էր օտարներուն հետ Վարդգէսի վէպը, Վարսենկան Վէպը, Սօս եւ Սօնդիպին։ Կարդացած է Վանանդեցիի Արփիական Հայաստանի, Տեսարան Հայկայ, Արամայ եւ Արայի, Ոսկի Դար Հայաստանի անորակելի բայց 1830-40ի շրջաններուն համար այնքան նոր, տարօրինակ պոէմաները, Հայկ Դիւցազնի ծանօթութեանց մէջ յիշատակուած Շաթոպրիանը, իր Génie du Christianisme գործին փառքին ընդմէջէն: Այս ծանօթութիւններուն ու յիշատակութեանց թելադրանքը ա՛ն` որ Վէրք Հայաստանի մը յղանալուն եւ գործադրելուն չի նմանիր Հայկ Դիւցազն երկնելը (այդ թուականներուն սիրուն փառասիրութիւն մըն էր հրդեհներ ողբալը որոնք տուներուն հետ կ՚այրէին անշուշտ մեծափառ գիրքեր ալ: Բագրատունին 1830ի Բերայի հրդեհին ողջակէզ է տուած Հայկ Դիւցազնի սկզբնական յեղումը, որպէսզի աւելի վերջը թախանձուած, աղաչուած, պաղատուած՝ նորէն գրէ այս անգամ յիշողութեա՜մբ` իր դիւցազներգութիւնը, որ, համաձայն իր հիացողներուն, վերջին կերպարանքին տակ, կը գլէ կ՚անցնի առջի բխումը: Ի՞նչ կարիք աւելորդ չարութեան, չարամտութեան։ Գրողի բնազդով մը դժուարութեան մէջ չեմ հասկնալու Բագրատունիի վարանքը, Հայկ Դիւցազնը մամուլին յանձնելու: Բայց ամէն աբբայ, երբ մեղաւոր է մեղքերուն ամէնէն անմեղովը, գրելու, քերթելու մեղքովը, կը մնայ շատ զաղփաղփուն, տկար արարած մը, կնիկներու փառասիրութեամբ մը։ Վերցուցէք Բուրաստանքի (1851) եւ Նուուագքի (1855) փառքերը, դուք պիտի չունենայիք 1858ի հերոսական արարքը, Հայկ Դիւցազնը մամուլին յանձնելու: Աս ալ իմ չարութիւնը։ Ձեզի անծանօթ են այսօր մեզի անըմբռնելի տագնապները, որոնք դժոխքի  վերածած ըլլալու էին կանխող դարու կէսերուն Ս. Ղազարու խաղաղիկ մենաստանին սրբասուն խցիկները ուր վարդապետներ իրենց երկու ականջները ստիպուած էին քառապատկելու, որպէսզի բռնեն թափառական շշուկները իրարու աշխատանքներուն շուրջ։ Օ՜ երիցս երանեալ մանկամտութիւնը հայոց մեծ դիւցազներգակին որ իր քերթուածին, քերթուածներուն սեւած գրութիւններէն իսկ կը սարսափի, ուրիշներու ձեռքն անցնելու, որ իր գործը ձգած, կը տառապի Հիւրմիւզին գրելիքէն, գրածէն ու ասոր հետեւող հաւանական ալ փառքէն, կանխագի՜ն, ինչպէս կ՚ըսեն։ Ասոնք անլուրջ մանրամասնութիւններ չեն, այլ հոգեվիճակի փաստեր)։ Բագրատունին որ բարիքն էր շահած Իլիականին շքեղ փառքին, որ եւ է մէկէ աւելի ի վիճակի էր զգալու Հայկ Դիւցազնին անբուժելի խօթութիւնը: Բայց պետք է կարճ ըլլալ: Իմ նպատակը քննադատել չէ այդ քերթուածը, որուն դատապարտութիւնը արդէն ծնունդէն քսան մը տարի վերջ վճռուած էր, անվերադարձ: Ըսեր եմ քանի մը անգամներ, պիտի ըսեմ տակաւին. հայոց գրականութիւնը մեկ է։ Ու այս առաջին իսկ կշիռովը՝ Հայկ Դիւցազնը, Բուրաստանքը, Նուագքը կը մտնեն մեր գրականութեան սրբարանը։ Մեղադրել զանոնք իրենց լեզուին մեղքերովը, կը նշանակէ ուրանալ արուեստը։ Կը յիշեմ կարծիք մը, Խորհրդային Հայաստանի «գրականագէտներէն» հրապարակ դրուած, որուն համեմատ, Հայկ Դիւցազնը վերածուած արդի բարբառներէն մէկուն (Արեւելահայ կամ Արեւմտահայ) պիտի կրնար կենալ ոտքի: Հոս մեծ է, չըսելու համար վճռական՝ իմ տարակոյսը։ Կ՚ըսեմ՝ տարակոյս, վասնզի այդ փորձը՝ Ալիշանի Տէրունիին կամ Հայրունիին վրայ գործադրուած, նոյն իսկ լորձնաշուրթն հիացուած այն քերթուածին վրայ ուր կը նկարագրուի Դրախտին մէջ Հայր Աստուծոյ կնքահայրութեամբ Ադամին եւ Եւային հարսանիքը, ձախողանք մըն է բացարձակ: Կրնաք այդ ձախողանքին պատասխանատու նկատել թարգմանողը: Նոյն իսկ այն պարագային երբ իսկապէս ճարտար, բանաստեղծ ծնած վաւերական արհեստաւոր մը ոտանաւորի, ստանձնէր այդ տառապագին հերոսութիւնը, Հայկ Դիւցազնը մեր նոր բարբառներէն մէկին վերածելու, այդ աշխատաւորը ճակատագրուած է տրտում կորանքի։ Լըքոնդ տը Լիլ փառքի կոթող մը ըրած է Իլիականին ֆրանսերէն յեղումը (նոյնն էր պարագան Բագրատունիին համար, նոյն գիրքէն), բայց մտքէն չէ անցուցած փորձը կրկնել Ենէականին, վասնզի գիտէր անիկա։ Քերթուածին (Հայկ Դիւցազն) յեղումը մեր բարբառներէն մէկուն վերի ենթադրութիւնը ընդունելով ապահով կարողութիւն (ծնունդով բանաստեղծի բախտ մը) թերեւս պիտի արժէր մեզի հատուածական մասեր, uանկ քառորդ էջը չանցնող, ասոնք ալ պակասաւոր դարձեալ, քանի որ ներշնչումին ամէնէն իրաւ րոպէն Բագրատունիի մօտ հակակշռուած է միշտ քերականէն (զուր տեղը չէ որ մեր կեանքը կը վատնենք քերականութիւններ յօրինելու։ Անիկա իր իմացական գործունէութիւնը սկսած է… ֆրանսերէն քերականութիւն մը հրատարակելով։ Ու պզտիկ չէր իր փառասիրութիւնը Տարերքէն, մանաւանդ՝ Ի պէտս զարգացելոցէն), որ չի կրնար չմիջամտել ու այդ րոպէին սեւեռումը վերածել ամէնէն առաջ՝ քերականական օրէնքի մը ճարտար կիրարկումին : Հայկ Դիւցազնի քսան հազարը անցնող տողերէն մէկ երկու հազարը, երջանիկ փոխադրութեամբ մը մեր նոր բարբառներէն մէկուն թերեւս հանդուրժուին, այսինքն արժեն այնքան որքան կ՚արժեւորենք այսօր ամէնէն քիչ բանաստեղծ Պէրպէրեանին տողերը, նրբամաղ (լեզուական տեսակէտէ) Սէթեանին հիագանչութիւնները: Բայց ոչ ոք մտքէ կ՚անցնէ այսօր այդ անուններով, մանաւանդ անոնց քերթուածներովը փառաւորուիլ։ 1905ին դեռ Մխիթարեաններուն համար Բագրատունին եզակի քերթողն էր, չմոռնալ ասիկա։ Մնացեալ հազարաւոր, բիւրաւոր տողերը հիմնովին դուրս կը մնան ոչ միայն մեր զգայնութենէն, այլ պարզագոյն, պարզունակ իսկ արուեստէն։ Գիտեմ որ Մխիթարեանները, պահպանողականները, տաղաչափները պիտի փութան հաւար փրցնել, առանց անդրադառնալու, որ այս տողերուն հեղինակը իր վճռական դատապարտութիւնը չէ խնայած ամէնէն փառաւոր յիշատակարաններուն, մեծագոյն գրականութեանց մէջ դարերու խունկովը սրբացած: Տուի անունները Դրախտ Կորուսեալին, Երուսաղէմ Ազատեալին, Հանրիատին, ու Ենէականին, բոլորն ալ աւելի քան հինցած, հեռու, բոլորովին պաղած ու օտար մեզի: Զուր տեղը չէ տարազը որ կը տրուի Վիրգիլիոսի բերանը Բագրատունիին ստուերը ընդունելու ատեն, Պառնասոսի բարձունքներէն

 

«Զկես փառաց իմ կապտեցեր… »

 

ու նոյն քերթուածին վախճանին կը փռուի յաղթական տողը 

 

«Գահ Արսենի ի Պինդոս, ընծայեցաւ ի Վիրգիլէ»։

Մ. Պեշիկթաշլեան (Տաղք եւ Թատր. Վիրգիլ առ Պառնասեայ 
Առ Բագրատունին Մեծ) 

Այս ամէնը բա՞ւ՝ բացատրելու համար լայն, գրեթէ կործանարար վրիպանքը Արեւմտահայ ամէնէն օժտուած բանաստեղծներէն մէկուն, որ չես գիտեր որ հրաշքին միջամտութեամբը դարձեալ ձգած է մեզի տասնեակ մը գոհար քերթուածներ, թերեւս Բագրատունիին ի հեճուկս: Եզակի քերթող մը պարտքին տակն էր ոչ թէ յիսնամեակ մը, գէթ քանի մը դար արհամարհելու: Սասունցի Դաւիթը իր բոլոր մանկամտութեանը հակառակ, կը կարդացուի այսօր գրուածի պէս: 1858ին, շեփորով, ովսաննայով, յաղթերգութեամբ մեր աշխարհը իր մուտքը ընող Հայկ Դիւցազնը, դեռ քսանամենի, թանգարան էր առաջնորդուած: Իրապաշտները սրբապիղծներ չէին անշուշտ։ Բայց Արփիարեան, հակառակ Մխիթարեաններու համար զգացած արդար ու խորունկ համակրանքին, արդէն կ՚ընդզգայ՝ այդ գիրքէն՝ մոմիան: Անշուշտ այս ամէնը կը պատկանի գրականութեան պատմութեանց տրտմութիւններուն: Եթէ 1885ին՝ այս ամէնը իրաւ էին մեր գրական խղճմտանքին միջին ողջմտութեան, դարձեալ այդ ամէնը եղերապէս սրբապղծութիւն մը կը նկատուէին գրողներու այն խումբին կողմէ որոնց զգայնութիւնը ճարուած էր Մխիթարեաններու յաճախանքին մէջ: Անոնք որ մտիկ են ըրած լուսահոգի Յովհաննէս Սէթեանը երբ կը բացատրէր Բագրատունին, չեն կրնար մոռնալ այդ պատուական տաղաչափին խորունկ յուզումը։ Խօսեցայ որ 1900ին Պարտիզակցիները ինչ պատկառագին հեշտանքով կ՚արտասանէին Բուրաստանքը՝ Եղիշէ Դուրեան վարդապետով մտած այդ գեղացի վարժապետներուն հոգիին ներսը: Յետոյ, ինծի համար, այդ գիրքը, մանաւանդ անոր հեղինակին նախաւոր քերթուածները ամէնէն չարաղէտ ազդեցութիւնը գործած են Արեւմտահայ քերթողութեան վրայ։ Ալիշան մը գինն է իր կորանքին մէջ, այդ հիացումին: Թէրզեան մը` ուրիշ զոհ։ Սէթեան մը՝ ուրիշ։ Պէրպէրեան մը ուրիշ։ Մանաւանդ Նար-Պէյ մը՝ ուրիշ։ Յետոյ, այդ տրտում աղէտը քաշքշուած է տակաւին Իրապաշտներէն ալ ասդին: Ծփանքները իբրեւ ոգի կը պատկանի այդ գիրքին վարկով երդում ընող վիճակի մը: Կը յիշեմ, դառնութեամբ, Հրաւիրակները, այնքան գործնական, սրատես, իրատես մեր մէկ գործիչէն (Խրիմեան) որ զմայլելի միամտութեամբ մը 1850ին իսկ չի վախնար կեղծ սեռի մը սպասարկելէ, անշուշտ իր շուրջի ոգեւորութենէն առնուած ու տարուած։ Երբ Ալիշանով, Մ. Պէշիկթաշլեանով, Թէրզեանով ու Նար-Պէյով մեզի հասած քերթողական դիւաններուն վրայ մեր դատաստանը ընենք, առանց նախապաշարումի, պիտի տառապինք այդ դիւաններուն մէջ մեզի օտար տարրին տիրական մթերքովը։ Այդ անունները աժան հերոսութեամբ մը չենք կրնար վտարել Արեւմտահայ գրականութենէն։ Ըսի անգամ մը թէ ի՜նչ էր տարողութիւնը կեղծ տարազին կեղծ-դասական զոր Արեւելահայ տիրացուները (դատելու արարքը անոնց մօտ քիչ անգամ ուրիշ բան եղաւ) թուքոտ հաստատումներով գործածեցին, կշռելու համար գրական արդիւնքներ որոնց մէկ ու հիմնական էր մեղքը. չպատկանիլը արուեստին։ Մխիթարեան յղացքը, իր մեծ բաղադրիչներուն մէջ այսպէս քիչ մը աւելի հանգամանաւոր կերպով վերլուծման ենթարկել, սա տողերուն վրայ, անշուշտ չի նշանակեր Մխիթարեան գրական գործունէութիւնը զարնել չափերու։ Ատկէ անդին կը նայիմ: Իմ տագնապն է տագնապը հասկնալու թէ ո՛ր աղէտին գինովը մեր վաւերական արուեստագէտները (մեր Մեծ ու Կրտսեր Ռոմանթիկները, բոլորն ալ խառնուած էին բարիքովը պաշտպանուած) զառածեցան, ու 1850էն ասդին, երբ մեր իրաւունքն էր այդ մարդոց անձը, ձայնը, խառնուածքը բիւրեղակերպ ունենալ մեր հետ, ըլլան ձգած մեզի սուտ, յաճախ կեղծ, առնուազն մեր հոգիին քիչ հաղորդ դիւաններ: Ի՞նչ էին զգայնութիւնը, երազանքը, ապրումները այն տաղանդաւոր հիւանդին որ կախարդի մը պէս անցաւ այդ Պոլիսին մէջէն. շփուեցաւ անոր թաքուն ու յայտ գեղեցկութիւններուն ու ատոնց քով ի վեր՝ նաեւ իր հազարաւոր եղբայրներուն, այդպէս պարզ ու իրաւ, այդ ոստանին մռայլ գռիհներուն կամ արքենի պողոտաներու եզրին, հեռաւոր հայրենիքին ու եղերական պատմութեան խուլ պատգամներովը ծեծուած ու դատապարտուած կրելու անարգ շղթաները իր մտածումին ու հոգիին անցուած…: Իր ողորմելի Թատրոնները . Պէշիկթաշլեան) չեն պատկանիր այդ ժողովուրդին։ Իր այնքան փնտռուած, տարփագին գեղգեղուած երգերը հազիւ թէ, իրենց քանի մը հատին թեւերովը դպրոցական հանդէսներու տափակութիւնը կը պատռեն ու կ՚անցնին, բայց չեն յաջողիր գալ մեզի…։ Ո՞վ՝ հեղինակը այս սրբապիղծ կորանքին…։ Անոնք որ 1950-1980ին, հանդարտութեամբ պիտի թղթատեն չեմ ըսեր կարդան, քանի որ նման հերոսութիւն մը այսօր իսկ շատ քիչերու վիճակուած ճշմարիտ հերոսութիւն մը կը նշանակէ հազարի հասնող էջերը Թովմաս Թէրզեանի դիւանին, պիտի տառապին ոչ այն խաղաղ, սկեպտիկ տառապանքը զոր պարտաւոր են իրենց ներել մատենագրութեանց երկրախոյզները, երբ, հին տաղարաններում անհատնում ոտանաւորները սանկ, կը քրքրեն, գտնելու յոյսով բառերու դէզին տակ պուտ մը կրակը իրաւ յուզումին, կեանքին, ու վարժուած անխուսափելի յուսախաբութեանց, պիտի դնեն մէկդի գրքոյկը, բայց պիտի մնան երազուն, բռնանալով իրենց մտքին վրայ, տեսնել կրնալու համար մարդ մը, այդ անունին տակ, որ ապրեր էր Մ. Պէշիկթաշլեանին պէս, տառապեր մարդոց իրաւ ցաւերէն մէկ քանին, անցեր խռովքներէ, այս ամէնուն փշրանքները հողին մէջ տարտղնուած զանակներու նման թելադրելով բայց անկարող իր անձը ազատագրելու գրական սնոտիքէն, որ անբանաստեղծ մարդոց կրթանքն է մեր ընկալուչ պատանութեան վրայ անջինջ կերպով կնքուած: Ինչո՞ւ մենք այսօր չըլլայինք հպարտ իր դիւանով ուր հարիւրամ մը առաջուան մեր հոգիին երեսները կրնային ըլլալ «քանդակուած», գործածելու համար խոշոր բայց արդար տարազ մը: Ո՞վ կործանեց Թէրզեանը։ Ու այս մեղադրանքի շարանը՝ այսպէս գրեթէ բոլոր Ռոմանթիկներուն համար: Մխիթարեաններու վանքը իր բոլոր իրաւունքին մէջն էր իր վանական ապրումներուն հետ քիչ շատ հաշտ քերթողական յղացքներ կենագործելու: Ալիշանին ես կուտամ մղոններով երկարուն ազատութիւն իր Մաղթունիին մէջ Առ Յիսուս վերտառուած երկոտասանիկներով քերթուածներում, բայց կը տառապիմ որ պատուական Աբբան իր այդ բառամոլութիւնը, քերթուած լաստակերտելու դիւրութիւնը, առանց ապրումի, անցած ըլլալու սեղանին առջեւ, գրիչը թուղթէն թռցնելու մոլութիւնը կտակէ՝ պարտադիր ու անողոք, իր շունչէն ազդուելու ընդունակ մատաղութիւններուն: Մխիթարեան յղացքը այս չարիքը մեր գրականութեան վրայ մասնաւորած է քնարերգականին մէջ: Դարձեալ նոյն չարիքը մեր Թատրոնին վրայ ստիպուած ենք մատնանիշ ընել, քանի որ Թէրզեան, Հէքիմեան, Թղլեան, Պէշիկթաշլեան հոն վարժուած են այդ աժան, աճպարար կառոյցներուն փառասիրութեան։ Դարձեալ մեր պատմութիւնը տառապած է այդ ազդեցութեամբ։ Ի՞նչ մնաց սակայն անդին: Ինչպէս կը տեսնուի, կարծուածէն շատ աւելի է այդ ազդեցութիւնը: Եթէ երբեք Արեւմտահայ գրականութիւնը չէ կործանած այդ ազդեցութեան վատառողջ ճնշումին տակ, ատիկա արդիւնքն է ուրիշ ազդակները, հակազդեցութիւններու, ներքին որքան արտաքին: Մտքի առջեւ ունեցէք միւս տիրական փաստն ալ, Խաչատուր Միսաքեան անունով մարդ մը, Պոլիս, խոր իր հիացումին մէջն իսկ Բագրատունիին, պիտի գտնէ կերպը Արեւմտահայ գրական յղացքը ոչ թէ լիակատար  հանգամանքներով իրագործելու, այլ այդ յղացքը ազատագրելու Մխիթարեաններուն հմայքէն: Անիկա չունէր ո՛չ պատրաստութիւնը, ո՛չ տաղանդը, ո՛չ միջոցները Վենետիկի աբբաներուն։ Բայց 1860ին (Սոֆիան կ՚ենթադրեմ այդ թուականներու ծնունդ) կը գրէ լեզուով մը, ոգւով մը որոնք 1880ը կը թելադրեն արդէն: Ձեւի եւ խորքի սա խոր, տիրական ազդեցութիւնը Մխիթարի դպրոցին, Իրապաշտներուն շատ կորովի հակազդեցութեան դիմաց, քիչ քիչ պիտի ընկրկի։ Իրաւ է որ 1890ին Ալիշանի յոբելեանը համազգային տարողութեամբ վկայութիւն մըն էր, բայց գրականէն դուրս մղումներու ծնունդ։ Այդ թուականին, մեր երիտասարդութեան ընտրանին, այն հատուածը որ գրողներու դասակարգը կը հանդերձէ, պատուական Մխիթարեանին պաշտամունքը կը պաշտէր ազգային, հայրենասիրական պատկառանքով բայց հեռու էր անոր գրականութիւնը ոչ թէ ճանչնալէ այլ կարդալէ։ Բանաստեղծ Ալիշան մը գիրքերու խոստովանութիւն մըն էր բայց երբեք իրականութիւն մը` այսինքն պահը անդրադարձող կենդանի խորհրդանշան մը։ Իմ ծրագրէն դուրս է Վենետիկէն, մանաւանդ Վիէննայէն մեզի հասած շատ օգտակար ուրիշ գործերու գնահատումը ընել: Ատիկա, ըսի վերերը, իրենք՝ Մխիթարեանները ի վիճակի են կատարելու ձեռնհասoրէն: Մեր պատմութեան, լեզուին, բանասիրութեան շուրջ այդ դերը Մխիթարեաններուն, անշուշտ իմ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐի ընթացքին մէկէ աւելի առիթներով պիտի իյնայ վերլուծման։ Մեր պատմութեան շուրջ Մխիթարեան մտայղացքին նեղութիւնը, մասնագիտական չորութիւնը, զուտ բանասիրական այլամերժ ախորժանքները պիտի դրուին սեղանի, Ալիշանի, Ծերենցի, Եղիշէ Դուրեանի առիթներով։ Կը փակեմ այս բարակրաֆը ազդեցութեանց, առանց տրտմութեան ու յաւակնութեան։ Ալիշանի դպրոցին ուշացող աշակերտ մը Հ. Յովհան, մեր գրականութեան մէջ անունի մը փառքին հասնելու համար պէտք ունի բազմաթիւ տասնամերու: Այդ դպրոցէն ուրիշ մը, Ահարոն, փոխանակ անհատանալու տակաւ կը դառնայ բառաչափութեան հեշտանքներուն, կրկնելով քիչ փոփոխութեամբ այն տարօրինակ իմացական պատկերը որ տիրական է մեր մտքին մէջ ամէն Մխիթարեան ճաճանչաւէտ քերթողի համար: Պատերազմէն (1914) ասդին իրմէ մեզի հասած հատորները Մագաղաթներ, Պոհեմականք ոչ միայն չեն աճեցներ այդ անուշիկ. յաւէտ մանուկ զգայնութեան կշիռը մեր նկատառման մէջ, այլեւ կը վառեն, արմատէն սարսելու աստիճան, այն շատ իրաւ համակրութեան որ այս  դարու սկիզբներուն իր ոտանաւորը ունէր մեր վրայ, գլխաւորաբար լեզուական յորդ շնորհներով պայմանաւոր։ Ահարոն այն մոլորեալն է հիմա որ ոչինչ է հասկցած ահաւոր աղէտէն։ Ու հակառակ անոր որ իր զգայնութիւնը դառնագին հարուածներ է ստացած Արեւմտեան ոստաններու մրուրէն ու տրտմութիւններէն, մենք չունինք իրմէ այդ ամէնուն շուրջը հարազատ վկայութիւն։ Մխիթարեաններուն մեղքը չէ անշուշտ որպէսզի մեր լեզուին գեղեցիկ բառերով, գէշ, առառաւելն միջակ քերթուածներ յօրինենք: Բայց Մխիթարեաններունն է մեղքը Վարուժանի գործին մէջ տակաւ զգալի նուաղումներուն, բոլորն ալ բառական հռետորութեամբ սաղմնաւոր

 

Արեւմւոահայ Գրականութիւնը ենթարկուած է 

բ) Արեւմտեան ազդեցութեան, զոր մտովի կը հակադրեմ Արեւելեանին հետ, այնքան տիրական՝ մեր հին գրականութեան ամբողջ հասակին ու Արեւելահայ Գրականութեան ալ կիսադարեան հոլովոյթին համար (յետ-Հոկտեմբերեան [1917] Արեւելահայ Գրականութիւնը կը հպատակի ուրիշ լոզունկներու: Այդ մասին աւելի ուշ)։ Արեւմտեան այդ ազդեցութիւնը մարդիկ սովոր են մասնաւորել Ֆրանսականին վրայ։ Մեր քննադատներուն համար ընթացիկ բեմ մըն էր այդ մասին վիճարկել, փաստաբանել ու պատգամախօսել։ Կը յիշեմ, առաջին մեծ պատերազմը կանխող քանի մը տարիներուն, Արեւելահայ գրականագետները [16], վիպող ինչպէս դատող, հերոսական գիւտը ըրած ըլլալ կը կարծէին, այդ շրջաններուն այնքան տիրական բառամոլութիւնը, զարդապաշտութիւնը, նրբամաղումները (Արուեստագէտ Սերունդին մեղքերը ատոնք, որոնք պիտի իյնան վերլուծում, իրենց տեղը) վերագրելու Ֆրանսիական (իրենցն է բառը) ազդեցութեան, առանց կասկածելու որ Նոր Ժամանակներու (Վերածնունդէն ասդին)  եւրոպական գրականութեանց մէջ, ֆրանսականը, արդար իրաւունքով մը, կը նկատուէր ու էր ամէնէն պարկեշտ ներկայացուցիչը ժուժկալութեան, պարզութեան, տրամաբանական հաստատ առաքինութեանց, տարազներ որոնք այդ գրականութիւնը կ՚ընեն դասական, պարկեշտ, մարդկային: Հարց կուտամ սակայն, Արեւելահայերը իրենց շատ սիրած պարզութիւնը, ժողովրդապաշտ ընտանութիւնը, մանաւանդ հասկնալի մնալու համար իրենց հեշտագին զիջումը գետնաքարշ տափակութեան, ձեւի հարցերուն շուրջ՝ ուրկէ՞ սորվեցան, իրենք որ իրենց մտային պատրաստութիւնը ընել սիրեցին գերմաններուն մօտ, այսինքն այն գրականութեան մէջ որ մինչեւ այսօր չէ լուծած արտայայտութեան իսկ իր տագնապները, ըլլալով եւրոպական գրականութեանց մէջ այն մէկ հատիկը ուր լեզուին վրայ շահադիտութիւն մը առաջին պայմանն է վարկի, արժէքի…: Օ՜ այդ շնորհունակ պատգամախօսները որոնք Իսահակեանն ու Նիցչէն համեմատութեան եզրեր կ՚առնէին, առանց վախենալու կամ կարմրելու, ու սիմվոլիզմով (symbolisme) կը լուծէին Սիամանթօն, Մեծարենցը իրենց ամէնէն պարզ զգայնութեանց իսկ համար։… Արեւմտահայ գրականութեան վրայ ֆրանսական ազդեցութիւնը մտքէս չանցնիր հերքելու ճիգ մը փորձել: Բայց չեմ այն մարդոց հետ որոնք կը կարծեն մեծ բաներ ըսած ըլլալ երբ իրենց կարճառօտ որքան կարճատես ակնոցներով կը տեսնեն գրական միջին տարազներ մեր աս ու ան գրողին գործին ներսը: Այսպէս Դուրեանի մը ռոմանթիզմը, Պէշիկթաշլեանի կամ Նար-Պէյի կեղծ-դասականութի՜ւնը, Զօհրապի մը իրապաշտութիւնը կամ Սիամանթոյի մը խորհրդապաշտութիւնը պատրաստ պիտակներու կը վերածուին որպէսզի բացատրուին իրենց համար շատ անսովոր բարեխառնութիւններ: Շահազիզ մը, Գամառ-Քաթիպա մը, Յովհաննէս Յովհաննէսեան մը, Աւետիս Իսահակեան մը վաւերական քերթողներ են այդ մարդոց համար, թերեւս այն գլխաւոր պատճառով որ չեն դարպասած ֆրանսացի քերթողներուն: Իրականութիւնը հեռու է սակայն այդ պարզութենէն։ Արեւմտահայ գրականութեան մեծ վարպետները ամէնէն աւելի հեստերն են ֆրանսական ազդեցութեան մը դէմ։ Ո՛չ մէկ նշան՝ այդ կերպ ազդեցութեան մը, օրինակ՝ Պետրոս Դուրեանի մը վրայ որուն քերթողութիւնը ոչ մէկ ժամանակի, դպրոցի կը պատկանի, քանի որ թէքնիկն է որ կուտայ ազդեցութեանց մարմին մը, ու Դուրեանին ամէնէն նիհար երակը իր անբաւարարութիւնն է ոտանաւորի արհեստէն։ Մարդիկ պիտի ներեն  պահ մը մեծ այդ վարպետներէն մէկը ընդունիլ Տիրան Չրաքեանը որուն ձեւը հայհոյութիւն մըն է ֆրանսական գրականութեան դարաւոր յղացքին դէմ [17] ։ Ստիպուած ենք այդ վարպետներէն մէկ ուրիշը ընդունիլ Տիկին Եսայեանը որ նոյն իսկ այդ քաղաքակրթութեան ոստանէն ու անոր ամէնէն առաջաւոր կարգերու բարքէն վերցուցած իր մէկ վէպին մէջ (Սպասման Սրահին մէջ) կը գրէ մեր Իրապաշտներէն շատ սիրուած, անսեթեւեթ, գրեթէ հայեցի տարազով մը, իր թափթփուածութեան մէջ Թլկատինցին յիշեցնող, բայց անոր պէս կեանքի յորդ մթերքով մը։ Կարելի էր շարքը երկարել այս մերձեցումներուն: Կը գոհանամ ամէնէն կասկածելիին՝ Մեծարենցին վրայ կեդրոնացնելով ամբաստանութիւնը, հասնելու համար քննադատներէն  հազիւ ընդզգացուած շքեղ սա իրականութեան, որուն համեմատ՝ հարազատ տաղանդը միշտ դուրս է ազդուելու տկարութենէն: Մեծարենցի հետ ոտանաւոր թխողներու ամբողջ բանակ մը հանդուրժեց Արեւմտահայ գրականութիւնը, 1900էն վերջ, որոնց անուններն իսկ տրտմութիւն, չըսելու համար մեղք մը պիտի նշանակէին սա տողերուն վրայ: Ու ճիշտ ասոնց մէջ է որ մարդիկ կրնան արդարացի փնտռտուք մը փորձել կրաւորականութեան: Այնպէս որ Արեւմտահայ գրականութեան բոլոր յաջողուածքները, այդ իսկ հանգամանքով, վեր կը մնան օտար ազդեցութենէ։ Ուրիշ կերպ ալ չէր կրնար ըլլալ արդէն: Գրականութիւնը ծնունդի, արեան երեւոյթ է, ըսեր եմ այնքան անգամներ: Զայն փոխանակելը` արկածախնդրութիւն։ Մենք ունինք ատոր ալ փաստերը, տրտմօրէն համոզիչ։ Կա՛մ հիմնովին անտաղանդ մարդեր են Մամուրեան, Սրբուհի Տիւսաբ, Յովսէփ Շիշմանեան որոնցմէ մեր ժառանգած վէպերը այդ փոխադրումներն են առանց այլեւայլի, կամ ամէն ազդեցութիւն այդպէս վիժուքներու կը վերածուի: Խորքի immunitéն այդպէս ստորագրելէ յետոյ, կը դառնամ ձեւին, ըսելէ վերջ թէ սովորական մարդերու վրայով գրական ազդեցութիւններու փաստը ոչ ինչ կ՚ապացուցանէ: Ձեւը լեզուն է անշուշտ։ Ըսել նոյն ատեն որ մեր աշխարհաբարը ենթարկուած է ֆրանսական ազդեցութեան, ճշմարտութեան տարր մը աճեցնել է իր պարունակէն անդին: Տեղն է որ զատուին երկու իրարու մօտ բայց բոլորովին տարբեր յղացքներ: Անոնցմէ մէկը լեզուն է, բայց ան զոր առօրեայ խօսակցութիւնը, դպրոցները, մամուլը, թատրոնները կը լծակեն ու կը նետեն հասարակաց վայելումին: Ասիկա գրականութեան հետ հազիւ թէ աղերս մը ունենար: Կ՚ընդունիմ թէ այս կերպ հասկցուած գործիքի մը վրայ ազդեցութիւնները միշտ կը մնան հասկնալի: Այդ տեսութեամբ ֆրանսականը ունեցած է որոշ դեր մեր գրականութեան գործիքին վրայ: Միւս երեսը յղացքին այդ լեզուին ներքին, անտարազելի ճարտարապետութիւնն է, այն շատ դժուար առանձնացուելիք իրողութիւնը որուն համեմատ նախադասութեան մը մէջ բառերու յարդարանքը, շարքը հազարամեայ թելադրանքներու կնիքը կը փաստեն: Ու գրական գործերը միշտ այս աշխարհէն կ՚առնեն իրենց ոճը: Այդ երեսին համար խօսիլ ազդեցութիւններէ, չհասկնալ է մարդկային հոգին։ Այնպէս որ Արեւմտահայ գրականութեան համար մեղադրանքի գերագոյն փաստը ինքնին կը վերածուի անկնիք ամբաստանութեան մը: Խորքի սա պաշտպանութիւնը անշուշտ այն 

ատեն լրջութիւն մը կը զգենու, եթէ երբեք ժողովուրդ մը ունի շնորհը զայն կերպադրելու։ Ստեղծում մըն է լեզուն բայց ոչ գրականութիւն մը, գործիք մը, քաղաքակրթական նշանակ մը, կարգ մը իրաւ տուրքերու յայտարար հանդիսարան մը, բայց երբեք՝ այդ գրականութիւնը [18], երբեք՝ այդ քաղաքակրթութիւնը, երբեք` այդ տուրքերուն լիութեան հանդիսարանը, քանի որ դարէ դար անիկա պարտաւոր է հպատակիլ շողարձակումներու, նուաղումներու փոփոխ բախտին։ Լեզուով գրական նութիւն մը որակաւորելու միամտութիւնը միայն մեկնաբաններու մենաշնորհը չէ, այլ բոլոր անոնց որոնք կուսուցանեն: Դեռ լէգէոն են անոնք որոնք կը հաւատան թէ կանոնաւոր քերականութիւն մը, հմտական առատ փաստեր, նոյնիսկ մտքի որոշ բացութիւն առաջնակարգ ազդակներ կը կազմեն գրագետը կերպադրող։ Բացէք 1880ի թերթերը, հանդէսները ու կեցէք քիչիկ մը տրտում գովեստին ու փառքին դիմաց որոնց ծանրութեան տակ իրենց ոսկեդարը կը չքազարդեն մեր վարժապետ գրողները, սկսելով Եղիայէն մինչեւ Պէրպէրեաններն ու Օրմանեանները, Գուրգէնն ու Թովմաս Թէրզեանը, Սէթեանը, Եղիշէ Վարդապետ Դուրեանը: Որ եւ է բան գրելը եւ գրականութիւնը  այնքան տարբեր՝ իրենց խորագոյն էութեանը մէջ, մեզի համար, մօտ կէս դար, դարձան իրարու հոմանիչ, համասեռ փառքեր: Այնքան յատկանշական է փաստը որուն համեմատ Պ. Դուրեանի ոտանաւորները խմբողները, հաւաքածոյի մի ծածքին տակ, պարտքն են զգացած այդ փունջը քննութենէն անցընելու այդ օրերու բազմահռչակ վարժապետի մը։ Մխիթարի դպրոցին հիմնարկումէն ասդին հազարները կ՚անցնի թիւը գրաբար քերթուածներուն որոնք առնուազն կանոնաւոր արտայայտութիւններ էին, քիչ անգամ լեզուին դէմ ամբարիշտ թերացումներով։ Ու այդ ուխտէն զտարիւն քերական մը՝ Մատաթիա Գարագաշ, Եզնիկի համաձայնութեամբ պիտի թարգմանէ Հռակինոսը . Ռասին), հպարտ ու յաղթական, առանց կասկածելու արարքին առնուազն ապաբարոյութենէն. Մաղաքիա Վարդապետ Օրմանեան պիտի է չվախնայ, նոյն այդ լեզուով բառ չափելու փառքէն: 1900ին մարդիկ տակաւին կը տառապէին այդ վարժութիւններուն մեղքովը երբ Տիգրան Եէլքէնճեան անունով ոսկերիչի մը ոսկեդարեան գրաբարով թարգմանութիւնները օրհնաբանելու համար քիչ կը գտնէին մեր լեզուին գովական տարազները: 1500ի մեր ձեռագիրները, նոյնիսկ ԺԷ րդ դարու մեր տաղերը, քերթուածները որոնք պատրաստ գործիքը կը կիրարկեն գրաբարին, իրենց անհուն շատաբանութեանց դէզերովը, խորունկ յուսաբեկութիւն մը կը ներշնչեն այսօր մեզի, մեր ժողովուրդին այնքան իրաւ, պարզ շնորհներէն (ստեղծելու արարքին մէջ), իրենց բերած այնքան իրաւ, շքեղ հակափաստովը (որ հասարակ տաղաչափութիւնն է, ասոր մոլութիւնը, դեռ Ե. դարէն, մեր նշանաւոր հայրապետները [19] զուարճութեան առաջնորդող մինչեւ քսաներորդ դար, ուր Լուսաւորչի Աթոռին մէկ գահակալը . Խրիմեան), այս դարուն սկիզբը ոտանաւոր պատմումներ կ՚ընէ համբուրելի անծակ միամտութեամբ մը, անգէտութեամբ մը բանաստեղծութենէն), ու կը հերքեն գրեթէ մեր հպարտութիւնը միշտ այդ ժողովուրդին յորդ շնորհներէն, որոնցմով անիկա, այդ դարերէն քիչ վերջը, կերպը գտած է մեր նոր զոյգ գրականու թիւնները հոյակերտելու, միշտ մեր ուժերու ծիրին մէջ, իր բնազդներուն ցուցմունքովը, ընդդէմ աշխարհ մը արգելքնե րու։ Այս մասին այսքան։ Ֆրանսական ազդեցութիւնը, հեռու՝ ըլլալէ ստրկօրէն կրուած՝ անիմաստ լուծ մը մեր իմացական յօրինուածութեան վրայ, խորքի, ոգիի, ձգտումներու ներդաշ նակ կնիք մըն է, անխուսափելի, ու ատով դարձեալ մարդկան յին, քանի որ մեր օրերուն ինչպէս հինգերորդ դարուն միշտ կան յառաջամարտ ու վերջամնաց ժողովուրդներ: Ե. դարուն մենք  յոյներուն Աղեքսանդրիան ու Աթէնքը մաշեցուցինք մեր Թարգմանիչներուն ուսումնատենչ, ծարաւ հոգիներովը. ԺԹ րդ ին՝ Բարիզը ունեցանք մեզի ընծայարան մէկ ու նոյն ձգտումներով։ Եզնիկ մը իր լեզուական կատարելութեան մէջ անշուշտ այնքան բան կը պարտի սակայն այդ Պոլիսին որքան Բարիզ իր ուսումը ըրած Թովմաս Թէրզեանը այդ Բարիզին, այսինքն գրեթէ ոչինչ, եթէ երբեք նկատի առնենք երկուքին ալ խորագոյն ձգտումները: Եզնիկ՝ վարդապետ մըն էր ու իր փաստերը կը փնտռէր. Թէրզեան՝ վարժապետ մը, ու հետամուտ էր իր դափնինեուն: Այսքան: Մենք փոխադրեցինք Պոլիս, Եղիւսեան դաշտերու (Բարիզի Շան–զ-Էլիզէն) շէնշող, պայծառ, ռոմանթիկ խանդավառութիւնը, մանաւանդ այդ դաշտերուն վրայ, կանխող դարու կէսերուն թրթռացող մտայնութիւնները, մարդկային բարձրագոյն առաքինութեանց հանդէպ ընդառաջող հոգեբանութիւն մը, գաղղիական արժէքներու զuintessence-ը, առանց անդրադառնալու որ մեր Պոլիսը հազիւ թէ նախասենեակը կը կազմէր նոր ժամանակներու… Մեր քաղաքական ողբերգութիւնը ծնունդն է այս միամտութեան։ Մենք արձագանգի մը պէս կրկնեցինք մեր բեմերէն, դպրոցներէն, մամուլէն ինչ որ լսեր էինք, կարդացեր էինք, ապրեր էինք այդ դաշտերուն (միշտ՝ Եղիւսեան) մէջ : Այս ամէնը, անշուշտ, չէ որ կը կազմեն գրականութեան մը հոգին։ Այս ամէնը բոցի մը պէս, հրթիռի մը պէս կուգան ու կ՚անցնին: Ամբողջ երկու չըսելու համար երեք սերունդ, այդ փոխադրումներուն միայն իր մեղքերը կը մնայ պարտական այսօր, իսկ իր արժէքները յօրինած է ցեղին խոր, հեռաւոր գործարաններին, այն խառնարանէն որ հաւաքական աւազանն է մեր քանի մը հազարամերով վազող արեան բոլոր թրթռումներուն: Թէ Զարթօնքի սերունդին գրական վրիպանքը այս տեսութեամբ միայն կ՚արդարանալ, ինծի համար դուրս է կասկած է։ Անոր իտէալներուն ամբողջ տարիքը կուգայ դուրսէն ու կը պահէ այդ եկամուտի նկարագիրները, հակառակ անոր որ այդ իտէալներուն անընտել մարզ մը չէր այս ժողովուրդին հոգին։ Աւելի յետոյ, 1900ի դռներուն, ֆրանսական ազդեցութիւնը տիրական եղաւ մանաւանդ մեր Իրապաշտներուն իմացականութեան վրայ: Ասոնք այդ ազդեցութիւնը՝ հազիւ թէ կ՚ընեն զգալի իրենց ստեղծագործութիւնը կեդրոնացուցած ըլլալով իր ժողովուրդին մանաւանդ ներկային: Ըսել թէ Զոհրապ կը մնայ հպատակ Մոբասանեան թէքնիկին, կը նշանակէ ըսել թէ կեանքին դէմ կենալու կերպերը իրարու նման են երկու  գրողներուն ալ մօտը։ Կ՚ըլլամ կարճ սակայն, հաստատելու համար որ Արեւմտահայ գրականութեան խորքին վրայ ֆրանսական ազդեցութիւն մը գրեթէ ձրի տարազ մըն է երբ զայն ուզենք սահմանել մեր իմացական ու զգացական ռոմանթիզմին, մեր խանդին ու հրայրքին, մեզի շատ սիրելի քանի մը կիրքերու վրայ, հայրենասիրութիւն, արդարութեան ծարաւ, պաշտամունք, համամարդկային երազներ, բոլորն ալ աս ու ան չափով հասկնալի, իրաւ, փաստուած` մեր պատմութեան քառուղիներուն։ Դարձեալ անիրաւ տարազ մըն է այդ ազդեցութիւնը, մեր Ռոմանթիկներուն ձեւը երբ ուզենք տեսնել անոր ետին, տակը։ Միայն Պէշիկթաշլեան բանաստեղծը չէ որ թեթեւ տաղերու մէջ պիտի ախորժի սպառել է իր այնքան իրաւ, մելանուշ զգայնութեան տուրքն ու տրտմութիւնները։ Նոյնը ըրած էր, անոր տղայութեանը, ֆրանսական ամէնէն սիրուած բանաստեղծը՝ Պէռանժէն, որուն երգերը թափանցած են խոնարհագոյն գիւղերէն ալ ներս: Արեւմտահայ գրականութեան մեղքերը ես կը դիզեմ իր մշակներուն անսահման խանդավառութեան, անոնց կեանքը տրորող հազար ու մէկ անձուկներու, անոնց ժողովուրդին խորունկ գերութեան, որոնք առանձին առանձին արդէն բաւ էին կործանելու ամէնէն առոյգ ծնած գրական ընդունակութիւնները անգամ։ Ո՞րը անոնցմէ ունեցաւ առնուազն հանգիստ քանի մը տարի՝ ստեղծելու համար այնքան անհրաժեշտ: Ո՞րը անոնցմէ իր երազները չեղաւ ստիպուած մատաղ մատաղ ծալլել թաղելու: Ո՞րը ապրեցաւ առանց ահի, այպի, թէկուզ պարզագոյն ապրումները մարդոց միջինին: Այս տողերուն հեղինակը ունի իր ետին աւելի քան կէս դար՝ գիտակցուած ապրումի։ Ու չի յիշեր օրը ուրկէ չըլլար անցած առնուազն Թուրքին գարշանքը: Այս հոգեյատակէն սխալ չըլլար վերբերել մեր գրականութեան անբաւարարութիւնները նոյն իսկ այն տեսակ սեռերու մէջ որոնք անհատին ուժերով կը թուին պայմանաւոր. ինչպէս է քնարերգութիւնը։ Դարձեալ այդ ազդակներուն կրնանք վերագրել տկարութեան քիչ մը շատ ընդհանուր երեւոյթները, որոնք մեր՝ Արեւմտահայ վէպը կ՚ընեն անաւարտ ձեռնարկ, երբ ամբողջ ժողովուրդի մը լայնատարր կեանքը կը փռուէր մեր գրողներու հոգեւոր աչքերուն դիմաց, այնքան անկոխ, գրեթէ կոյս, չըսելու համար խոպան, ահա քանի մը հազար տարիներէ ի վեր։ Յետոյ միշտ յիշել թէ Արեւմտահայ գրականութեան սկզբնածագ շրջանը ուղղակի կրունկին տակն է վանականներու կամ ասոնց ոգիովը սնած վարժապետներու: Ալ ի՞նչ հարկ՝ Պէրպէրեան մը բացատրելու համար կոչում ընել ֆրանսիացիներուն։ Գրական ազդեցութիւններուն ամէնէն իրաւը մենք կրած ենք չորորդ ու աւելի կանխող դարերուն: Հազիւ հազ լեզուաբաններ կը կասկածին այդ ազդեցութեանց ահաւոր լայնքէն: Աunրիները տուած են մեզի մէկ կարեւոր մասը մեր կրօնական termeերուն: Պարսիկներէն առած ենք զինուորական, վարչական բառերը գրեթէ ամբողջովին։ Եզնիկ կարդացող մը եթէ մագիստտրոս մը չէ լեզուաբանական, ստուգաբանական մարզերու վրայ, մտքէն իսկ չանցներ թ է այդ շքեղ շէնքը թէ՛ իբր իմաստ, թէ՝ իբր ատաղձ կուգայ հիմնովին օտարներէ։ Բայց անոր ոճը մերն է: Ու ատիկա կը փոխարինէ բոլոր հետեւակ տրտմութիւններուն կորանքը մեր մէջ։ 

 

Արեւմտահայ գրականութիւնը ենթարկուած է 

գ) Թուրքին, որ ահաւոր որքան անհերքելի ազդակ է ահա, մեր ժողովուրդին ոչ միայն հոգին այլ եւ իմացականութիւնը, փորձառական խելքը, ըսել կ՚ուզեմ բարոյականին ըմբռնողութիւնը դարերով իր թանձրութեան, զարհուրանքին տակ զգետ նուած պահող։ Գրականութիւն մը ժողովուրդ մըն է։ Որքան կրկնեմ՝ քիչ է նորէն: Ու ժողովուրդը թուղթի մէջ սեւ գիրերու մրջնացում մը ըլլալէ առաջ՝ ընդարձակ իրականութիւն, իր հողերուն վրայ, իր երկինքին տակ, քով ի վեր ուրիշ ժողովուրդներու, կրելով զանոնք կամ տիրելով անոնց։ Զուր տեղը չէ որ աւելի քան տասը դար մեր հողերուն վրայ մեր պապերը ապրեցան անապրելին։ Ու Թուրքը ամէնէն տիրական սարսափն է մեր հոգիին։ Ու ահա տարօրինակը. այդ սարսափը գրեթէ անզգալի է Արեւմտահայ գրականութեան ո՛չ ձեւին ո՛չ ալ խորքին վրայ, մանաւանդ 95ի չարագուշակ դէպքերէն առաջ։ Երանելի շրջան՝ Արեւմտահայ գրականութեան անդրանիկ քառորդ դարը, ուր մենք մեր` անցեալին գինով տարփողները կամ մեր Պոլիսին` անուշիկ զեփիւռները ունինք մեզի ներշնչարան երբ մեր ներքին անիշխանութեան մեր մէջ յառաջացուցած քաոսը չունինք կարգաւորելու: Թուրքը մեր նոր գրականութեան մէջ նիւթ պիտի ըլլար 1920էն վերջ միայն (1910ի մեր յարաբերական ազատութիւնը մենք գործ ածեցինք միջազգային գաղափարագրութիւններ երգելու եւ մոռցանք թէ մեր զոհերուն արիւնը դեռ թաց էր ոչ միայն մեր հողերուն այլ եւ մեր հոգիներուն երեսին): Ինչո՞ւ այս անբնականութիւնը եւ Ազգային զգացումներու ծիրանի մշուշին մէջէն, մեզի անհրաժեշտ մեր  պատրանքներուն դրութիւնը յօրինելու ատեն պահ մը հասկնալի, այս բացակայութիւնը մեր արիւնն իսկ հրդեհող տագնապին թերեւս գրականօրէն ըմբռնելի, բայց կենսաբանօրէն (biologiquement) ահաւոր բարատոքս մըն է, ահաւոր հակադրութիւն մը նոյնիսկ: Որքան կրկնեմ՝ քիչ է. Գրականութիւն մը արեան երեւոյթ է, միտք, խելք, ոճ, արուեստ ըլլալէ առաջ։ Ու այն հողերուն վրայ ուր մեր ժողովուրդը թափեր է քրտինք ու սերմ, թաղեր է մեռել՝ ու հոգի բուսցուցեր, այդ հողերուն վրայ անիկա կեանքին այդ հիմնական արարքները գործադրեր է Թուրքին հետ, մէջ, քով: Հիմա չեմ լայննար թուրք հոգեբանութեան վրայ հաստատելի ուրիշ կողմերու արտահանումին վաչկատուն, գաղթական, վայրագ, գիշատիչ, նախնական, յաղթական, խուժանայոյզ, ամբողջովին կիրք ու արիւն ժողովուրդի մը նկարագրէն։ Այս տողերը կարդացողներէն շատ շատին համար ասոնք բառեր են դժբախտաբար ու քիչիկ մըն ալ անհասկնալի։ 1918ին երբ գլուխս ազատելու համար, գերման սպայի տարազով փախուստ տուի Պոլիսէն, անցնելով Պուլկարիա, այդ դժնդակ խելամտումը ունեցայ Պուլկար երիտասարդ սպայի մը հոգիին առջեւ: Զիս ձերբակալող, զարգացած, քանի մը լեզու խօսող ու շատ բարեկիրթ երիտասարդը չէր ըմբռներ թէ ի՞նչպէս ինծի պէս առնուազն գրող երիտասարդ մը, ըլլար ստիպուած Թուրքէն փախչելու։ Մեր խօսակցութեան իբր արձանագրիչ քարտուղար ծերունի Պուլկար մը վարժապետ ասիկա միջամտեց այնքան յուզիչ կորովով մը որ իմ աչքերը թրջեցան։ Անիկա ապրեր էր թուրքը, ու կը ցաւէր Գերմանիա ըրած սպային անհասկացողութեանը վրայ: Ու ասիկա այսպէս է մեր երիտասարդ մտաւորականութեան ալ համար։ Բայց այս շեղումէն դառնալով, երբ կը շարունակեմ իմ մտածումներու շարքը դասաւորել, կը կենամ 1870ի մարդոց հոգեբանութեան։ Մեր գրականութիւնը Պոլսոյ մէջ է որ կը գտնէ իր սնունդը բացառաբար մինչեւ 1890ի օրերը: Արդ, ով որ կը կարդայ Թրքուհին . Դուրեան), Հանըմը . Թեքհեան), Փիատէն . Թաթուլ), ըսել կ՚ուզեմ՝ այդ քերթուածներուն հոգին իսկ կազմող անտարազելի ապրումներուն ամենախոր թելադրութեանցը ըլլալու համար հաղորդ, եթէ չէ կրած Թուրքը իր ջիղերու սարուածին վրայ, այդ քերթուածներուն ետին պիտի կասկածի՝ շատ շատ, քաղցր, խուսափուկ, նրբին տեսիլքներ, անոնցմէ որոնք հրաշագեղ այդ ափերուն վրայ կը բուսնին ոսկի Գայըգէ մը, մարմար դարպասներու վրայ կոխելու տեղ թրթռալով, կամ՝ մթին փողոցի մը  ամայքներու երեսին, ցածուկ դռնէ մը յորդող կախարդանք՝ երբեմն աչք ու երբեմն երես միայն, բայց այնքան իրաւ որ իրենց այդ կերպարանքը ա՛լ պիտի չելլէ հոգիիդ ալպոմէն: Օտար արուեստագէտներ տուած են այդ զգայութիւններու մօտ յուզումներ այդ քաղաքէն բայց չեն տուած ինչ որ մերինները առած, ապրած են անկէ, իրաւ, մարմար սարսուռը որ մարմին մըն էր, նաւակի մը խորը ընկողմանած, կառքի մը դանդաղ օրօրին անձնատուր, եւ կամ նոճիի մը ներքեւ լալու ատեն իր աչքին ուլունքները արցունքին մէջ լողացնելով։ Ու աւելին։ Իմ քսանամենի օրերում, այդ զգայութիւններուն դառն տագնապին մէջ, կեանքը կրելու անկարող, յոգնած, ես անցեր եմ անդին պաշտօնական թուրքերէնէն, որ ամէնէն տրտում գերութիւնն էր մտքին հարկադրուած, իրենց՝ Թուրքերուն իսկ երիտասարդութեան, փնտռելու համար Թուրք հոգին իր իսկ գրականութեան ու ամէնէն շատ բանաստեղծութեան [20] մէջ։ Ու իմ գտածը բոլորովին տարբեր բան մըն էր, չարաչար հերքող իմ ակնկալութիւնները։ Թուրքերուն, ռոմանթիկները (Էքրեմ, Ապտիւլ Հագ Համիտ, Թէվֆիգ-Ֆիքրէթ, յիշելու համար ամէնէն յատկանշականներէն քանի մը անունների կերպով մը կը կրկնեն մերինները մանաւանդ Դուրեանն ու Պէշիկթաշլեանը, ասոնց մեղքերուն մեծ մասերովը մեղաւոր, բայց թելադրելով նոյն տրտմանուշ զգայութիւնները: Թէ Արեւմտահայ գրականութիւնը հիմնովին կ՚անգիտանայ այս ամէնէն որ եւ է հետք իր ճարտարապետութեան վրայ, աւելի քան իրականութիւն է անշուշտ: Բայց թէ անիկա չառաւ գնացքը Վենետիկցի աբբաներուն ճաշակին կամ Թիֆլիսի ժողովրդապաշտ գիտուններուն կողմէ որդեգրուած ուղղութեան այս պարագան արդիւնքն է հաւանաբար Պոլիսին: Հեռու ինձմէ նանրամտութիւնը՝ Արեւմտահայ գրական ճիգը արժեզրկելու, անոր սկզբնական շրջանին մէջ պարզուած անխուսափելի տկարութեանց, նուաղումներուն պատկերը աճեցնելով, ինչպէս կը սիրեն ընել նորերը, Արեւելահայերը, ոչ ալ փառաւորուիլ այն տղայական փառքը որով իր ժամանակը զեղծանեցաւ իրաւ գեղեցկութիւններ իրենց տարողութենէն անդին ճառագայթման ենթարկելով, գտնելով օրինակի մը համար Թովմաս Թէրզեանի մէջ մեծատարած, ազնուական, շքեղ քերթող մը, Պէշիկթաշլեանին խորհրդաւոր անձնաւորութեան եղերաբախտ հմայքը տարածելով անկէ ստորագրուած հասարակ տեղիքներու վրայ (իր երգերուն ստուար մասը)։ Այս կարգէ զեղծանումներ ամէն ժամանակներու համար ալ են։ Միւս կողմէն հեռու ինձմէ սոփեստութիւնը՝ բառամարտ, զարդախաղ, կեղծ-դասականութիւն, ցուցամոլ հռետորութիւն որակել ինչ որ այդ Պոլիսին վրայով ինկաւ Հայ Հոգիին հաւաքական կերպարանքին ներսը, մանաւանդ երբ մէկը փորձէ դառնալ այդ Հոգիին ամբողջական թելադրանքներուն, եւ ուզէ հասկնալ թէ արեան որ երակներէն լոյսին եկան Արեւմտահայ ամէնէն ազնուական բխումները, իր ամէնէն փարթամ քերթողներուն, վիպողներուն մեզի կտակած անմահ գեղեցկութեանց մէջէն…։ Երբեմն մտածեր եմ պատկերին որ այդ գրականութեանը պիտի ըլլար, եթէ երբեք իր մշակման կեդրոնները ըլլային Հայկական Բարձրաւանդակը՝ իր Կարինով, լեռնահանգոյց Վասպուրականը՝ իր Վանով, եւ կամ քաղցրաջերմ աշխարհը Ծոփաց՝ իր Խարբերդով: Դուք մի տարուիք որ այդ վայրերէն մեզի եկած գրական արդիւնքը արդէն ունի կերպարանք մը, մեզի հաստատ ընդհանրացումներ արտօնող, ընդհանրացումներ որոնք քիչիկ մը աժան տուրքերու, շատ շատ սեղմ շնորհներու կապուած կը մնան ձեր մտքին մէջ։ Այդ տեղերէն մեզի հասնող գրական արդիւնքները հազիւ թէ կը պահեն իրենց անփոխարինելի գոյնը, երբ կը հանէին իրենց բնիկ բարքերէն ու կը փոխադրուին հազարաւոր մղոնով հեռու տարավայրեր։ Զիջումով մը պիտի փորձուիմ ենթադրել պահ մը թէ Վանի մէջ բարգաւաճող գրականութիւն մը պիտի գտնէր թերեւս այն ոգին որ Պապ եւ Թոռնիկ հատորիկին մթնոլորտը կու տայ, բայց աւելի ազատագրուած, աւելի յղկուն ու թանձրատիպ ա՛ն՝ որուն մտածել կը մղուինք օրինակի մը համար Վանէն ազատագրուած Վրթանես Փափազեանի մը մեզի ձգած վէպերուն մէջ բայց պիտի չհասնէր այն հոծ ու քաղցր յուզումին որ Շաքարեանի մը պատառիկները կ՚ընէ այնքան իրաւ, ապրուած ու գեղեցիկ: Տիգրան Ամիրճանեան մը անշուշտ իբր խորք աւելի կ՚արժէ քան Մկրտիչ Աճէմեան մը: Բայց ոչ մէկ հաստատ փաստ մեզ կ՚ապահովէ թէ Վարուժան մը կրնար բխումի գալ Վանայ ծովուն ալքերէն: Միշտ նոյն զիջումով պիտի ընդունիմ Ծոփքը ընդարձակ գրական շարժման մը կեդրոն։ Կ՚ունենայինք, նման պարագայի մը, ինչ որ ատկէ մեզի հասած գրողներուն մօտ թանկ է ինծի հարազատութիւն, իրաւութիւն, հայեցիութիւն, բայց երբեք՝ ան միւսները որոնք Արեւմտահայ Գրականութեան ամէնէն ազնուական անունները, փառքերը, փաստերը եղան, ստեղծումի մէկէ աւելի երեսներու, մարզերու վրայ: Հազարներ կան, աշխարհի չորս ծագերուն ոտանաւոր թափողներ ինչպէս Սիպիլն է կամ Տիրան Չրաքեանը, կամ Միքայէլ Կիւրճեանը, բայց դուք հազիւ թէ կը հանդիպիք  Պ. Դուրեանի մը, Մեծարենցի մը, այսինքն այս տղոց ամէնէն անփոխարինելի մասերուն որոնք Պոլսոյ արեւին, ջուրին ու լեռներուն կը պարտին թերեւս այն սրսփուն, սխրագին, սիրտ առնող համը, արոմը որոնք թելիւրիք կը թուին, չհերքելով հանդերձ ցեղին արեան ընդարձակ ենթաշխարհը բայց կը կերպարանեն նոյն ատեն այդ ցեղին, ուրիշ ալ ընկալչութիւնները, շնորհները։ Ինչպէս կը տեսնէք, ազդեցութիւններու հարցը իմ մէջ ընդարձակ ապրումներու թելադրանք մըն է: Ու կը հաւատամ թէ այդպէս է նաեւ ամէն իրաւ դատողի, պարկեշտ համադրողի համար: Չուրանալ անխուսափելին, ճակատագրականը հողն ու ջուրը ուր կ՚աճին ոչ միայն սերմերը այլ եւ միտքին ալ հունտերը: Չուրանալ լոյսն ու արեւը որոնք կը բաշխուին մեզմէ վեր օրէնքներով: Բայց զգուշանալ քանի մը տժգոյն թէ եւ գեղանի տունկերու հանդէս մը Ֆլորայի մը վերածելէ: Բայց զգուշանալ քանի մը խօլաբոյսերուն յիմարութիւնը դատապարտութեան իբր տախտակ կախելէ ճիտին խորհրդաւոր անձնաւորութեանց որոնք այնքան շատ են այդ գրականութեան մէջ: Ֆրանսական գրականութենէն ամէնէն շատ ազդուողը մեր մէջ Արշակ Չօպանեանն է, որուն գործին ստեղծական մասը այնքան քիչ եղաւ սակայն, բայց որուն գործը ամբողջ սերունդ մը դաստիարակեց։ Ֆրանսական ազդեցութիւնը առաջին մեծ պատերազմէն վերջն էր որ վնասեց մեզի. ու ասիկա հակառակ շատ իրաւ, շատ շքեղ տաղանդներու: Արդէն Տիկին Եսայեանի վէպին մէկ կարեւոր մասը կը կրէր այդ ազդեցութիւնը։ Բարիզեան տղոց մշակած վէպը լեզուովը միայն կը պատկանի մեր ժողովուրդին։ Հոգին նահանջած է անոնց բոլորէն: Հեռացէք ձեր դարէն ու եղէք հարիւր տարի մը աւելի ետ, ԻԱ. դարու կէսերուն, նետելու համար նայուածք մը Արեւմտահայ գրական ճիգին վրայ (ենթադրելով որ մինչեւ այդ թուականները բախտը զայն պիտի պաշտպանէր անժուժելի վտանգներու դէմ)։ Այն ատեն դատող մը պիտի ըլլար աւելի արդար, մանաւանդ սա ազդեցութեանց հաշւոյն, ու աւելի իմաստուն, վասն զի այդ դատողին համար պարկեշտութիւնը (իմացական) պարտք պիտի դնէր հասկնալու բաներ որոնք կ՚անցնէին իր փորձառութիւնները։ Քրիստոսի երկու հազար թուականին Բարիզ կամ Պոսթոն լոյս տեսած վէպ մը, գրուած նոյն իսկ ամէնէն շքեղ հայերէնով, պիտի նմանէր Բարիզի մէջ լատիներէն հրատարակուած վէպի մը, Քրիստոսի 1700 թուականին, ու պիտի արհամարհէր անշուշտ գրահմուտներու բոլոր ճարտարութիւնները որոնցմով աս  մարդիկը ուզէին Հռովմեական ոգիին վերազարթումը գտնել այդ վէպին մէջ…, ըլլալուն՝ բոլորովին տարբեր բան մը այդ քննադատներուն ենթադրածէն։ 

Կ՚ընդունիմ որ տաք-գլուխ, աս ու ան յաւակնութիւններով կրկնաւոր, նոյն իսկ յաճախ պարկեշտ մտածողներ, մեր օրերուն, իրենց հողերէն տարագիր ու իրենց հոգիին բռնադրուած բոշայութենէն գրգռուած, աս ու այն տպաւորութեանց տակ, իրաւ իրենց վիշտը պահ մը հասկնալու իրենց տագնապէն բռնավար, արհամարհանքով, չըսելու համար զայրոյթով, նետեն իրենց ձեռքէն «սնոտիքը» որ Արեւմտահայ հայրենասիրական, պատմամոլ, ուռուցիկ եւ հիմնովին կեղծ, հռետորեալ Բանաստեղծութիւնն [21] էր մինչեւ Իրապաշտները ու տակաւին քիչիկ մըն ալ ասդին: Բայց այդ տրտում կորանքին պատասխանատու է հեղինակները նկատել Հիւկոն, մանաւանդ Լամառթինը (ինչպէս չէ վարանած, շատ մեծ գիւտ մը արժեւորող միամիտի մը խանդովը, ընել այդ անիմաստ իմաստութիւնը Եր. Շահազիզ, Նար-Պէյի ռոմանթիզմը բացատրելու, դատապարտելու խաչակրական հերոսութեանը մէջ ինչպէս հեշտագին հպարտութեամբ մը կ՚ընեն միշտ Արեւելահայ բոլոր վարժապետ-դատողները երբ յանուն աս ու ան հանգանակներու՝ առաւելապէս քաղաքա-ընկերաբանական, կը փորձուին զբաղիլ Արեւմտահայ գրականութեամբ անոր մեղքերը խոշորացոյցի ենթարկելու նսեմ հաճոյքին մէջ դնելով այնքան տափակ, ապայժմէ կամ ցնորական իմաստութիւն, իմաստակութիւն, օրինակի մը համար՝ Պ. Դուրեանի կսկիծը հանելով այդ տղուն տնտեսականէն, ինչպէս կ՚ընեն միշտ, այդ գրականութեան արժանիքները կործանելու ատեն, հասնելով այնքան անգութ վճիռներու, օրինակի մը համար Յ. Պարոնեանին միայն վերածելու չափ այդ գրականութեան ամբողջ տարողութիւնը։ Խելքի, խանդի, տխմարութեան ու ապերախտութեան սա փաստերը պետական պաշտպանութեանն ալ բարիքը ունին իրենց կռնակին։) պիտի նշանակէր, հետեւելով ընդհանրացման նոյն կերպերուն, Արեւելահայ Գրականութեան շատ ընդարձակ, շատ սխրագին իմաստն ու փառքը, ցեղադրում գեղեցկութեանց այնքան թանկ փաստերը զամբիւղի դատապարտել որովհետեւ այդ գրականութեան մէջ մեծահամբաւ արժանիք մըն էր իր ատենին Գամառ–Քաթիպան, իր բանաստեղծութիւններով։ Ծիծաղելի պիտի չըլլա՞ր այս հասարակ տաղաչափութեան կշիռը խորանարդել ու նոյն արարքով տապալել ամբողջ Արեւելահայ Գրականութիւնը: Ուրիշ հատորի մը մէջ (Զուգակշիռ Արեւմտահայ եւ Արեւելահայ Գրականութեանց) ես աւելի հանգամանօրէն զբաղեր եմ երկու գրականութեանց փոխ-յարաբերութիւններով, հոս առանձին ընդլայնելու համար Արեւելահայ ազդեցութիւնն ալ 1860ի մեր ձգտումներուն կազմաւորման տեսակէտէն։ Նօթի ձեւին տակ Ընծայարանի մէջ . Յակոբեանց Վանք) կատարուած այդ աշխատանքը յոյս չունիմ կարգաւորել հրատարակութեան մը վերածելու: Իր այդ ձեւին մէջ հատորը կը պարունակէ` հիմնական եզրակացութիւնները մեր ժողովուրդի մօտ հարիւր տարուան ճիգին, գրականութեան մարզին վրայ, երկու հատուածներուն ալ բաժինովը։ 

 

***

Արեւմտահայ Գրականութիւնը վերը աչքէ անցած մայր, տիրական ազդեցութիւններէ դուրս ունեցա՞ծ է ուրիշ ալ պարտքեր, - խնդիր մըն ալ աս է ինքնին, բայց ոչ այնքան ընդարձակ որքան կանխողները։ Եղան դատողներ որոնք այդ գրականութեան շրջափոխութեան մէջ տեսնել ուզեցին անգլիական, գերմանական ազդեցութիւններ: Պատրանք մըն ալ հոս ունի անշուշտ գոյութիւն բայց շատ աւելի տրտում։ Ի վերջոյ գրականութեան համար Բարիզ ուսում առած, պատրաստուած, այդ հանդերձումը տարիներով արժեւորած գրող մը երբ կը թարգմանէ քառորդ հարիւրը անցնող վէպեր մեր լեզուին ու կը ստեղծէ ճաշակ մը, պատասխանատուութեան զգացումով մը պարտաւոր է տոգորուիլ իր կարգին, ինքնագիր գործի մը առջին, ու չգրել Անգլիական Նամականի անունին տակ ծանօթ եղջերուաքաղը։ Մ. Մամուրեանի սա վրիպանքը շատ շատ իր շրջանին փառքը կը կազմէր ու անոր համբաւին լուսապսակը: Բայց 1900ին ու անկէ ասդին ոչ ոք մտքէն անցուց Լեւոն Սեղբոսեանի մը վէպերուն տափակ, ջուրոտ լաւատեսութիւնը, օգտապաշտութիւնը, քարոզ նաւավարելու խանդը ու մանաւանդ վարժապետական թշուառութիւնը նկատի առնել լրջութեամբ, ու այդ խօսքերու աղմուկ թէքնիկը Արեւմտահայ վէպին մէջ արմատացնելու ճիգ մը հանդուրժել։ Անշուշտ շատ շնորհալիօրէն ողորմելի Քասիմը մեծ վիպասան դաւանողներ եւ նոյնքան երանելի Սմբատ Բիւրատը դիւցազնօրէն կարդացողներ անմասն էին գրական թշուառութենէն որ միջին ճաշակն է միջին ընթերցողներուն: Բայց պետք չէ մոռնալ ուրիշ ալ բաներ։ Լեւոն Սեղբոսեան որ գերման համալսարաններուն ամէնէն իրաւ նուէրն էր Արեւմտահայ գրականութեան, արժեցուց իր ճակատագիրը լուսանցքի մարդ մը մնալու: Չմոռնալ նաեւ սա փոքր ալ մանրամասնութիւնը անոր քնարական երգերը առաջ են այդ Գերմանիայէն, ու անոր Լերան աղջիկը Զուիցերիա գրուած է, այսինքն Գերմանիոյ ամառանոցը: Լուսանցքի մարդ, նոյն իսկ ու մանաւանդ իր թատրերգութիւններով (ինք պիտի ախորժէր Թատերակէն) հակառակ անոր որ ասոնք իբր յղացք ու գործադրութիւն (գէթ անոնց մէջ ամէնէն աւելի հռչակի հասածները, ինչպիսին է այնքան անհասկանալի կերպով մը Հին Աստուածները ու ներկայացման բախտը չդիմաւորած Շղթայուածները, գրուած հաւանաբար Ոստայնանկները-ին թելադրանքին ընդմէջէն, նոր կարգերու գաղափարագրութիամբ մըն ալ համեմուած) կուգան անշուշտ այդ Գերմանիայէն։ Վերը յիշուած խաղերուն մէջ Ֆաուսթէն մինչեւ Ջրասոյզ Զանգը-ին թատերական մանր ճարտարանքները գերմանական ազդեցութիւն մը չեն պարտադրեր անշուշտ մեր թատրոնին: Մեթոտով, յամառութեամբ, վարժապետի մը լրջութեամբ հետապնդուած սա գրական գնացքը Լեւոն Սեղբոսեանին, ոչ առաջինն էր ոչ ալ վերջինը, գերման ոգին (գրական) մեզի փոխադրել ուզող ձեռնարկներու։ 90ական թուականներու նորութիւններէն էր, Եւրոպայի (ըսել կ՚ուզեմ՝ Ֆրանսայի) ու մեր մէջ, հեշտագին յոյսերով հաւատք ունենալ գերման ոգիին վրայ որ իր կշիռը տուած էր այնքան փայլուն եղանակով մը Uըտանի  մէջ (1870 Սեպտ. ) ու. Վակներէն վերջ աշխարհին տուած էր Պիզմարգի հետ Քոխը, թելադրելով գերմարդերու միթը Նիցչէէն մինչ եւ մեր օրերը…: Մաքրապաշտները յանձին Արփիարեանի կը հաւատային Արծրունիի, իր կարգին՝ գերմանութեան առաքեալ մը Արեւելահայոց մէջ, այնքան որ Արշակ Չօպանեան՝ այդ օրերու մեծ գրական տրիբունը, իր Ծաղիկ (1895) հանդէսին մէջ լայն էջեր չվարանեցաւ նուիրելու Հիւսիսի Գրականութիւններուն, առանց կասկածելու որ այդ գրականութիւններուն ամէնէն ուժովին մէջ է որ իրենց ուսումը ըրած էին Արեւելահայ գրագէտներուն ամէնէն յաւակնոտները, մեզի շատ ծանօթ իրենց յաւակնոտ վրիպանքներովը, գրական սեռերը ծաղրանկարային չափերով իրենց հրապարակը փոխադրելով…: Շատ լուրջ մարդ մը, աս ալ վարժապետ, բայց Գերմանիա չըրած՝ Ռ. Պէրպէրեան, թարգմանեց Ուլանդ, Կէօթէ, ու այս վերջինին Հէրման եւ Տորոթոն, բնագրին մէջ իսկ անընթեռնլի, իսկ թարգմանութեան մէջ անտանելի պոէման։ Ու վերջացնելու համար կը յիշեմ Միքայէլ Շամտանճեանը որ աւելի քան քառորդ դար իբրեւ մասնագէտ-հոգեբան–քննադատ գերման ապրանքներու (միշտ գրական), այդ ոգիին տարփողը սիրեց ընել դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար, միշտ առանց հետքի։ Արեւմտահայ գրականութիւնը գերմանականին միայն մեղքեր մնաց պարտական: Մեր ոչ մէկ քնարերգակը կրցաւ հասկնալ Հայնէն որուն լեզուն թռչուններն իսկ կարող են հասկնալ սակայն: Հոս չեմ կրնար լայննալ, այդ ազդեցութիւնը աւելի հանգամանաւոր տեսնելու համար Արեւելահայ Գրականութեան մէջ ուր հսկայ, մահացու կերպարանքներ առաւ ան: Նիցչէն ու Վրթանես Փափազեանը կամ Աւետիս Իսահակեանը զուգակշռել հոն, գինն էր այդ յիմար ազդեցութեան։ 

Կը մնայ քանի մը խօսք ընել անգլիականին` ալ մասին։ Մուտքի սա ընդհանրութեանց մէջ այսպէս թելադրուած սա նկատողութիւնները ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐի ընթացքին պիտի ստանան որոշ կշիռ, թանձրութիւն, շարժումները, դպրոցներու յատկանշումներուն առիթով, մասնաւորապէս այն հեղինակներուն հետ ինչպէս են Լեւոն Սեղբոսեան գերմանականին, Ռ. Որբերեան՝ անգլիականին համար: Այս վերջինը արտադրած է մէկէ աւելի տրտմութիւններ, մեր գրական ընդհանուր լեղաշրջումին մէջ յստակօրէն զգալի։ Այդ ազդեցութեան սկիզբն է բարբարոս գիրք մը Աշխարհաբար Աստուածաշունչը որ կանխող դարու կէսերէն իսկ ծաւալում ունեցաւ մեր տուներէն ներս, դառնալով ընթերցումի գերազանց մատեան մը, իր ներքին արժանիքներէն բոլորովին անկախ առաւելութիւնով մը, իր ձիութեամբը որ այդ օրերուն շքեղ առաքինութիւն մըն էր: Լեզուական դեր մը անշուշտ սրբապղծութիւն պիտի ըլլար ենթադրել Իզմիրէն իր assautն սկսող այդ շարժումին վերագրել։ Բայց ստոյգ էր աւելի հաստատ բան մը ատիկա ալ՝ անգլիական քաղաքականութեան յարատեւ աճումն ու ընդարձակումը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Ու այդ քաղաքականութեան ամէնէն մարմնացեալ խորհրդանշանը, բամպակի վրայ առուտուրը որուն մէջ փորձագէտի հմտութիւն ունին մերինները։ 1880ին Մանչեսթրը խորհրդանշան մըն էր հայ դրամի ազնուականութեան: 1860ին մենք սորված ենք այդ  քաղաքին թելադրանքները: Գրիգոր Օտեան իր մէկ քրօնիկին մէջ (Բարիզ եւ Լոնտոն) երբ իր հիացումը կը տարազէ « աշխարհի վրայ կէտ մը միայն» եղող այդ քաղաքին մասին «որ սակայն աշխարհը կը կառավարէ», սրամիտ, արթուն, խելացի քաղաքական նկատողութիւններու կը սիրէ ընթացք տալ, չմտածելով գրականին։ Մ. Մամուրեան որ վաթսունական թուականներուն ըրած է այդ Անգլիան, քառակուսած է իր մեղքը անկարող գրագէտի, այդ այցելութենէն հանելու համար անկարելի գործ մը, Անգլիական Նամականին որ չէր գիտեր թէ ո՛ր ժողովուրդին ոգիէն է թելադրուած, այնքան սուտ է հոն հայը, ու անկարելի՝ անգլիացին։ Ոչ մէկ հեղինակ եկած է մեզի Անգլիայէն, նոյն իսկ աւելի վերջը, այսինքն 1900էն ալ վերջը։ Ընդհակառակը: Հոն կորսնցուցինք մեծ արժէք տաղանդ մը` Ալեքսանդր Շաքլեանը։ Եւ սակայն անկլօ-սաքսոնները, ըսել կ՚ուզեմ՝ Անգլիան եւ Ամերիկան, իրենց միսիոնարական շատ ամուր կազմակերպութիւնները գործի են կանչած, մեր ժողովուրդին… երկինք մը գոնէ ապահովելու, երբ այնքան դիւրին էր անոր երկիր մը ճարելը։ Կրօնական այդ առաքելութիւնները՝ կաթոլիկ թէ բողոքական [22], Արեւելքին ըրին կարելի չարիքը, ասոր  հոգին շահագործելով։ Ու կը ծանրանամ ուրիշ փաստի մը, այս անգամ կրօնականէն անդին տարողութեամբ մը։ Ատիկա Պոլսոյ մէջ շքեղ միջնաբերդն է, հանրածանօթ Ռոպերդ-Գոլէճ անունով, որուն մեծատարած փառքը չէ որ կ՚ուրանամ թող հոգին լուսաւորէ Տէր այդ միլիոնատէրին բայց չմոռնայ անկէ պահանջելու, դատաստանին օրը, հաշիւ իր դրամով գործուած չարիքներուն, քանի որ այդ անունով կանգնած հաստատութիւնը Արեւելքը ապաuերելէ զատ քիչ բան ըրաւ այլ մեր գրականութեան վրայ անուղղակի ի գործ դրած չարաղէտ ազդեցութիւնը կը ջանամ հասկնալ: Ոչ ոքի գաղտնիք է որ 1876էն առաջ (այս թուականը այդ գոլէճին հաստատումինն է Պոլսոյ գեղածիծաղ ափունքներուն), Արեւմտահայ գրականութիւնը գեղեցկութիւն մըն է, վարկ մը, նոյնիսկ փառք մը: Մեր աւագանին չարհամարհեր մտքի մշակը, հերիք է որ քիչիկ մը ընթացիկ առաքինութիւններ պաշտպանեն անոր տաղանդը (դուք մի չափազանցէք Դուրեանին ողբերգութիւնը, զայն վերածելու  համար ընկերային պայմաններու հրամայականի մը։ Նման տղոց ճակատագիրն էր եւ է միշտ այդ ողբերգութիւնը: Աշխարհի բոլոր ոսկիները անկարող պիտի ըլլային այդ արեան թշուառութիւնները ամոքելու: Բայց տարէք իր բուն իմաստին միւս ալ գեղեցկութիւնը որ Մ. Պէշիկթաշլեանին՝ ընծայուած շքեղ յարգանքը եղաւ)։ 1876էն ետքը, միշտ այդ չարաշուք ուսումով, մեր առեւտրականներու, ունեւորներու, աւագանիին միտքը տարուեցաւ հանրային սպասէն ձեռնթափ ըլլալու քաղաքականութեան մը, եթէ երբեք այդ սպասը կրօնականէն տարբեր նպատակներ ունենար: Մեր հարուստներուն տղաքը, մեր մտքին ամէնէն ընդունակ տարրերը կորզուեցան մեզմէ, շատ շատ՝ պատուելիներու, տրտմունակ, բրածոյ բրօֆէսէօրներու փաղանգ մը պարգեւելու համար մեզի երբ կարօտ էինք այնքան իրաւ ուժերու: Ու փաստերուն փաստը։ Մեր գրականութիւնը, իր սպասին համար, եղաւ ստիպուած գոհանալու անհատական խեղճ ու պատառ ձեռնարկներէ (Շահնազարեան, Պէրպէրեան, Մեզպուրեան վարժարանները, աւելի ուշ՝ Կեդրոնականը) դուրս եկած կամ պարզագոյն նախակրթութիւնն իսկ չունեցող տղոց ուժերուն, մինչ ամէն տարի տասնեակներով առեւտրականներ կը հանդերձուէին միշտ այդ գոլէճին մէջ պանքաներու, դիւանագիտական ասպարէզներու, միջազգային մեծ ընկերակցութիւններու գործածութեանց, մեր հասարակութեան լաւագոյն ուժերը այս կերպով մեզմէ գողնալով։ Ոչ մէկ անուն որ մեզի ըլլար եկած այդ իմաստի վառարանէն: Լրագրական յօդուածներու եւ կամ կրօնական խեղճ ու պատառ փշրանքներու տակ իրենց ստորագրութիւններով հպարտացող յիմարներուն չարիքը ուրիշ: Ու վճռական է ասիկա։ Պոլսէն դուրս, ամերիկեան այդ ոգիին չարիքը ուրիշ թշուառութիւն: Տարսոն, Եփրատ գոլէճները [23] նոյն մտայնութեան միւս մարմնառութիւններն են, իմացական ու կրթական շատ խնամուած գործունէութեամբ մը անշուշտ բայց որոնց դերը գրեթէ կը կրկնէ Ռոպերդ Գոլէճի առաքելութիւնը, կամ՝ Ամերիկա խողովակելով ամբողջ ազնուական արիւնը մեր ժողովուրդին, կամ զայն լճացման դատապարտելով աւելի քան ամուլ փառասիրութեանց մէջ։ Պատուելիներու աւելի կամ նուազ վաւերական (լուս իջնէ Պարթեւեանի հողքին) հօ՜տ մը, որուն նախանձախնդրութիւնը կայանար Մայրենի Եկեղեցին ծիծաղելի ընծայելու ստորին չարափառութեան մէջ, եւ կամ հալածէր հայ դպրոցը։ Ինծի այնպէս կու գայ թէ այդ գոլէճներուն ներսը խմորուած սա ոգին ունեցաւ անակնկալ արդիւնքը… Թլկատինցի մը յօրինելու, այդ մարդուն մէջ սրելով, արդար ցասման մը իբր հակազդեցութիւն, խորունկ կիրքեր, զայն մղելու չափ իր ուժերէն անհունապէս վեր առաջադրութեանց: Հրաշք մըն է Թլկատինցի նախակրթարանը այդ փառաշուք գոլէճներու շուքէն խղդուած է հրաշք մըն է նոյն ատեն գեղացի վարժապետին զմայլելի հայրենասիրութիւնը։ Ամերիկեան ձեւապաշտութեան դէմ Խարբերդցի գրողներուն մէջ մինչեւ այսօր զգալի զօրաւոր ու դառն կեցուածքը պարտաւոր եմ արձանագրել: Ուրիշ խնդիր՝ այդ գրողներու խումբով մեր գրականութեան մէջ սեւեռման ինկած տախտակներու արժէքը

Ե

Ազդեցութիւններու նուիրուած սա գլուխները իմ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին տարրերը կը պարունակեն առանձին հատորէ մը։ Ատիկա կ՚ընեն, ինձմէ վերջ, ուրիշներ: Պայծառ են ինծի համար ազդակները, աւելի պարզ՝ ասոնց տարողութիւնը: Հարիւրամեայ իր կեանքին մէջ Արեւմտահայ գրականութիւնը հարկադրաբար շփումի կը մտնէր օտարներու հետ, ոմանց քով իր միտքին հանդերձումը հետապնդելով, ուրիշներէ՝ իր հոգին ազատագրելու ճիգին մէջ զգետնուելով, բայց միշտ անսալով իր խուլ բնազդներուն։ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին մարմինն ի վար, ինծի պիտի ներկայանան բազմաթիւ առիթներ, Արեւմտահայ գրականութեան վրայ սուտ ու փուտին, կեղծին ու պօռոտին բարազիտները խնամքով փրցնելու, նետելու, առանց որ եւ է նկատառման, նուիրագործուած բոլոր հռչակներէն հիմնովին անկախ նախանձախնդրութեամբ մը, ու գտնելու Արեւմտահայ գրական արդիւնքին մէջ հարազատը, հայեցին, մարդկայինը, մնայունը, ինչ փոյթ որ քիչ` իբր քանակ: Ինծի համար յաջողակ հատոր մը Թլկատինցիէ անհուն կարեւորութիւն ունի, իմ ժողովուրդիս հոգիին թափանցումին տեսակէտէն, քան ամբողջ երկու հարիւր տարուան բանաստեղծութեանց լեռնակոյտը Մխիթարեան դպրոցին մէջն ըլլալով, անհուն Ալիշաններուն ու Եզակի Բագրատունիներուն բառակոյտ յիշատակարանները։ Ասկէ ոչ ոք, բայց մանաւանդ գալիք սերունդները չունին տառապելիք։ Իմ կարգիս ես քաւեր եմ մեղքը այդ դպրոցին: Ինչ տառապանք է մատենագրութեան ուսուցչի մը համար կենալ դարու մը առաջ, նոյնիսկ ամէնէն շքեղներին, ինչպէս են մեր Ե. եւ ԺԲ. դարերը, սրբազան սարսուռովը քու ժողովուրդիդ հոգիին հետ շփումի մտնելու, տեսնելու քու պապերը, քեզի պէս յիմարներ մեծ մասով, պարեգօտի մը մէջ սանձած իրենց հզօր առնութիւնները, աւելի անկաշկանդ սպասարկելու համար միտքին, ոգիին, երազին, ու այդ պէս հանդերձուելէ վերջ, գտնել միայն ու միայն հասարակ տեղիք, մեկնողական բաջաղանք, աղօթքներու անհատնում, միօրինակ տեղատարափ, բոլորն ալ վաղածանօթ, ու զայրանալ ահաւոր պակասէն որով այդ փառքի շրջանները կը մնան խարանահար. պակասէն՝ իմ ժողովուրդին, անոր պարզագոյն իսկ ապրումներուն: Ասիկա ես տառապեր եմ գալիք սերունդներուն հաշւոյն։ Ու պէտք է խոստովանիլ հոս որ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին հիմնական ազդակներէն մէկն ալ աս է եղած իմ մէջ, երբ կործանած սիրտով մը ես ինծի ներեցի սա ճշմարիտ արկածախնդրութիւնը։ 

Մեր հրապարակային փառքերուն այսպէս երբ հաշուեյարդարը կը ձեռնարկեմ, արդար է որ մնամ այցուած, պատկառանքին իսկ մէջը իրական, զգաստ, համեստ ուրիշ ալ մտածումի մը: Ատիկա մերժումն է այն շատ կարելի տօնքիշօթութեան որ ամէն ատենի համար ալ ի զօրու է մեր մէջ։ Ըսել թէ Արեւմտահայ Գրականութիւնը այսինքն՝ անոր լաւագոյն, հարազատ մասը մեր ստեղծումն է միայն, կը նշանակէ Արեւելահայ պարզապաշտութիւնը կրկնել: Նոյնիսկ այն պարագային երբ այդ գրականութիւնը մշակման կեդրոն Պոլսոյ տեղ Կարինը ըլլար ունեցած, դարձեալ դժուար էր զայն ազատագրել ժամանակին կնիքէն։ ԺԹ րդ դարը խորտակման, ճամբաներու, թափանցումներու դարն էր, ու կղզիացեալ գրականութիւն մը, այնպէս ինչպէս ներուէր մեզի երեւակայել Կիլիկիա (ԺԲ. դարուն), չի կրնար մտապատկերուիլ այսօր: Իրենց շրջանին յատուկ, զայն կնքաւորող բոլոր մեծ հետաքրքրութիւնները, տագնապները, սարսուռները այցելած են մեծ մասը մեր գրողներուն: Ինչպէս որ Նալպանտեան մը հաղորդ է անհուն Ռուսաստանը յուզող  ազատատենչ մտածումներուն, մնալով այս ամէնուն հետ դարձեալ զաւակ մը իր ժողովուրդին, նոյնպէս ձեւով մը գէթ, դժուար չէ հաշտեցնել իր ժողովուրդին կարգ մը ապրումներուն հետ Ստեփան Ոսկան մը որ եթէ երբեք դաւեց իր կոչումին, տրամադրելով իր հասուն տարիքը ուրիշներու, բայց իր առջի երիտասարդութեան մէջ իմացական իր ոդիսականը, իր պայքարող խառնուածքին տարօրինակ յիշատակը կտակեց մեզի. բաներ՝ որոնք երբեմն պակսող գիրքերը կրնան փոխարինել: Ուրեմն Արեւմտահայ գրականութիւնը օտար ազդեցութիւնները չէ կրած ստրկական համակերպութեամբ մը։ Անիկա շատ աւելի անկախ է նոյնիսկ խորքին մէջ քան Ե. դարը, քան ԺԲ. դարը մեր մատենագրութեան։ Բոլոր դուրսէն տարրերը, անիկա գիտցած է օգտագործել, իրեն յատուկ իւրացման չափերովը, զանոնք հալեցուցած անճանաչելի ընելու աստիճան։ Անշուշտ, Լամառթինի Լճակը կարդացած էր խորունկ յուզումով մեր Պետրոս Դուրեանը, իրեն Լճակը գրելէն առաջ։ Անշուշտ այս տղուն զգայնութեան մէջ կան տարրեր որոնք կը թելադրեն Առաջին Մտածողութիւններ (Լամառթին) քերթուածաշարքէն որոշ հոգեվիճակներ: Բայց երբ ուզենք ուրուային այս տպաւորութիւնները քիչ մը աւելի թանձրացնել, կերպարանք մը պարտադրել անոնց, պիտի տառապինք մեր դժուարութիւններէն։ Երկու Լճակները իրարմէ կը տարբերին ոչ միայն երկու մարդերու, թէկուզ՝ բանաստեղծներու տարբերութիւն մը, այլ նոյնիսկ ժողովուրդներու տարբերութիւն մը: Չեմ վերլուծեր Լամառթինին Լճակը, հազար անգամ անցած այդ փորձէն։ Բայց մեր Լճակը մեր իսկ քերթուածն է, տարօրէն տրտում, իրաւ, անխնամ, պակասաւոր բայց զմայլելի շողիւններով, զգացման խորունկ պրկումներով ու այն անտարազելի քաղցրութեամբ որ այս ժողովուրդին արեան շուքն է, խուլ, ըսեր եմ տեղ մը։ Նոյնիսկ ուղղակի փոխադրումները [24] մենք կը փոխակերպենք: Աննման  նմանողութեան առասպելը վարժապետներու տարազ մըն է, արդարացնելու համար իրենցմէ անհասկնալի տարօրինակութիւններ, երբ բարքերու շրջումով գրականութիւն ընելը, եսին ցուցադրումին հոմանիշ կը դառնայ է Միջակներուն, անտաղանդներուն մօտ, ազդեցութեան հարց մը դարձեալ անտեղի է յուզել, քանի որ մարդ իրեն յարգովը (բառը հասկցէք ոսկերչական իմաստով) կը թարգմանէ: Այս տողերը գրուելէն յիսուն տարի վերջը ոչ ոք մտքէն պիտի անցընէ ո՛չ միայն կարդալ, այլ իբր գրական գործ մը գոյութիւնն իսկ ընդունիլ Անգլիական Նամականիին կամ Մայտային, ինչպէս է արդեն իրականութիւնը այս գործերէն հազիւ քսան կամ երեսուն տարի կանուխ լոյս տեսած Հիսարեանի Խոսրով եւ Մաքրուհի։ Վէպին (կրնաք այս անունին աւելցնել նոյն հեղինակէն Նեռն կամ կատարած Աշխարհին, Հայկունիի Էլիզան): Ըսել թէ Վերջին Բաժակը (Տիկին Զապել Եսայեան) վիպակին մէջ զօրաւոր կերպով մը զգալի են շեշտը, շունչը, եղանակը ֆրանսական տպաւորապաշտ հոգեբան վերլուծասէր  դպրոցին, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ կասկածիլ, աւելի յետոյ համոզուիլ այն կենսագրական իրողութեան, որուն համեմատ Տիկին Եսայեան իր կեանքին մէջ ապրած է այնպիսի շրջաններ որոնք արժանի էին այդ ձեւով վերլուծուելու եւ լոյսին իյնալու: Ինչ որ գործ մը կը զատէ արձագանգի մը ճակատագրէն, զայն ընելու համար իրաւ, ու ատով զերծ՝ մեր մեղադրանքներէն, ատիկա ոչ իր գրական թէքնիկին կատարելութիւնն է, ոչ ալ լեզուն, ոչ ալ գրական ծաղիկներուն առատութիւնը այդ գործին վրայ, այլ ան պարզուկ փաստը վկայութիւն մը ըլլալու իրաւ ապրումներու: Ու կնոջ մը սիրտը Վոսփորի կամ Սէնի ափերուն իրար հերքող տրոփիւններ չունի, իր ներքին տիեզերքին յայտարար: Բայց գիտենք ամէնքս ալ՝ այդ տրոփիւնը նոյնը չէ: Այս օրինակները բաւ կը նկատեմ փակելու համար ազդեցութեանց առասպելը

Զ

Այս ամէնը ըսի, ունենալով մտքիս մէջ պայծառ տեսութիւնը (intuition) այն ամբողջ գեղեցկութիւններուն որոնք քիչ անգամ անխառն, միակտուր, անառարկելի, ինչպէս են իբրեւ քերթուած՝ Պ. Դուրեանի, Մեծարենցի, Վարուժանի, Պէշիկթաշլեանի քանի մը գոհարներուն մէջ, Իրապաշտներու քրօնիկներուն եւ վիպակներուն մէջ, կամ Չրաքեանի, Տիկին Եսայեանի տպաւորապաշտ էջերուն մէջ, կարօտ չեն որ եւ է գրական պատրաստութեան, իւրացուելու համար ուղղակի հաղորդումով մը, թափանցումով մը: Այս անուններուն հետ ազդեցութիւններու հարց մը առնուազն տղայամտութիւն պիտի նշանակէր նոյնիսկ այն պարագային երբ Պ. Դուրեան մը ծիծաղելի մէկէ աւելի քերթուածներով չըլլար աւարտած իր մեծ բանաստեղծի այնքան աղուոր գործին ամրութիւնը (Խրիմեանի ուղղուած տաղերը օրինակի համար)։ Բացի Հայնէէն, ԺԹ րդ դարու ամենազգի մեծ ռոմանթիկ բանաստեղծներու մեզի ձգած գոհարները ցեղային փոքր շողիւններով միայն կը զատուին Պ. Դուրեանի անմահ քերթուածներուն փառքէն: Մտածել իր մասին օտար ազդեցութեանց, առնուազն փոքրոգութիւն է։ Բայց այդ ազդեցութիւնը անծածկելի՝ Նար–Պէյին, Սիպիլին, Աճէմեանին (յիշելու համար քանի մը անուն) գործերուն ներսը, փաստ մըն է դարձեալ ոչ թէ Հայ Գրականութեան օտարները կապկելու, կրելու տկարակազմութեան, այլ այդ անունները անձնապէս ու առանձնապէս հարուածող բնախօսական խօթութեան: Աշխարհի բոլոր զարգացումը, զարդարանքը անբաւական պիտի գային անկանգնելի խառնուածքներ քերթողական իրաւ հուրքով մը օժտելու: Ատեն է որ ազատագրուի Արեւմտահայ գրականութիւնը իր վրայ բարդուած բոլոր անմիտ որքան անիրաւ մեղադրանքներէն, մանաւանդ սուտ փառքին յիմար դափնիներէն: Ատեն է որ յանուն աս ու ան նախապաշարումներու մենք չը յամառինք Ալիշանի մէջ շքեղ, Բագրատունիի մէջ եզակի քերթողներ փառաբանել, երբ այդ անուններուն մեզի կտակած ոտանաւորները այնքան դպրոցունակ յօրինումներ են յաճախ: Այս առաջադրութեամբ է որ ձեռնարկած եմ ներկայ աշխատանքին: Կ՚ուրանամ, անշուշտ առանց նզովելու, բոլոր կեղծ փառքերը՝ մեր գրականութեան, ամէնէն առաջ այդ գրականութեան հանդէպ իմ ունեցած մոլեռանդ պաշտամունքիս սիրոյն, ու երկրորդաբար՝ արդարութեան մը համար որ զգացում մըն է ամէն գրական աշխատաւորին ներսը, երբ ճանչնալէ ետքը աշխարհքին չարն ու բարին (ինչպէս կը պատկերէ ժողովուրդը լայն, վերջնական փորձառութիւնները կեանքէն) հին ու նոր ժամանակներու բոլոր գրականութեանց ամէնէն բազմադրուատ գլուխգործոցներուն վրայ, կը տառապի մէկ ու նոյն տառապանքովը համաշխարհիկ սուտին, բոլոր վարժապետներուն, քննադատներուն, մեկնողներուն դարաւոր ճիգովը, հնարքներովը յօրինուած ու կարծրացած, ոսկոր դարձած։ Յիշեցէք՝ ամէնէն մեծ անունները ամէնէն մեծ գրականութիւններուն: Հոն են անոնք, դարերու դափնիներով որոնց դպիլը դեռ սրբապղծութիւն մը կը նկատուի: Ըսի բաւական առաջները թէ Անգլիացիք, արեւելքի թերեւս արեւմուտքի մէջ, իրենց գրականութեան հանդէպ գերագոյն չարիքը կը գործեն երբ 16-17 տարեկան տղոց տարի մը ամբողջ Դրախտ Կորուսեալ մը կամ Յուլիոս Կեսար մը կը վերլուծեն, սպաննելով մատաղատի այդ իմացականութիւններուն մէջ կարելի, առնուազն հաւանական ծիլը գեղարուեստական յուզումին։ Մեզի համար տարբեր չէր պարագան 1900ին, երբ Հայ Գրականութիւնը Հիւրմիւզի, Ալիշանի ոտանաւորներուն վերածած էին մեր ուսուցիչները։ Թանկագին խառնուածք մը, բանաստեղծ նոյն իսկ, Եղիշէ Դուրեան, որուն տարի մը աշակերտած եմ, Արմաշ, խորունկ արհամարհանքով մը կը մերժէր Արեւմտահայ գրականութեան մը գեղեցկութիւնը, իր վարած վանքին մէջ այդ գրականութեան ուսումը, ճանաչումը անկարելի նկատելով, ու հայերէնի դասը հասկնալով Վենետիկեան ռոմանթիկ գրաբար քերթողներուն աշխարհաբարի վերածում մը, քերականական կանոններու պրպտումով եւ քերականական ու տրամաբանական կրկնակ լուծումներուն անհուն ու անդարման ձանձրոյթովը։

Արեւմտահայ գրականութիւնը ունի իր մահացու մեղքերը։ Իմ առաջադրութիւնս է այդ մեղքերը քաւել տալ, առանց ազդուելու աս ու ան հրամայականներէն։ Ասոնցմէ ամէնէն մեծերէն նկատուող` ազդեցութեան տակ յօրինուած մը ըլլալու մեղքը, տեսաք թէ ինչ եզրակացութիւններու տարաւ զիս։ Կայ տակաւին անոր վիզին նետուած ուրիշ մեղադրանք մը ատիկա՝ իր ապազգայնութիւնը: Հոս ընթացք չեմ տար այդ ամբաստանութիւնը չքացնող մտածումներու, չըսելու համար տոգիւմենտներու շարանքին: ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը հայեցիութեան գիւտը ունի իրեն զսպանակ, դէզին մէջը այն հարիւրաւոր հատորներուն որոնք արեւմտահայ բարբառով լոյս են տեսած։ Ինչպէս  քիչ էր քանակը մեր իրաւ, ինքնատիպ, ուրիշներու ոչինչ պարտական քերթուածներուն բայց բաւ մեզի համար իրենց որակին փառքով ու գինովը, նոյնպէս քիչ է քանակը այդ հայեցիին՝ գիրքերու դէզին մէջ, որոնք արեւմտահայ բարբառով լոյս են տեսած։ Բայց այդ քիչը բաւ նորէն որպէսզի ես ըլլամ խանդավառ, զայն ներկայացնելու համար հիացումին ու պաշտումին բոլոր այն տղոց որոնք մանաւանդ Սփիւռքի ապաuերող, կործանող ազդեցութիւններուն տակ օրէ օր կը հեռանան, կ՚ուծանան իրենց ժողովուրդին հոգեդրութենէն, ու գրականութիւնը կը ձգտին հասկնալ իբր զուարճութիւն, շատաբանութիւն, համբաւ։ Այդ գինով է որ Սարոյեան մը հայ գրականութեան (Սփիւռքի) վրայ դէմք մը կը դառնայ երբ ինքնատիպ խաղարկութիւն մըն է միայն իր վիպային գործը, հեռու՝ գրական խոր խառնուածքի մը պաշտպանութենէն։ 

Բայց Արեւմտահայ Գրականութիւնը միայն մեղքեր չունի, խորանարդուած կամ քղամիթներու նման բռնի իր ուսերուն նետուած։ Մեղքերը հասարակաց ապրանքներ են, ու անոնց արժէքին վրայ լայննալ, զառածիլ՝ իմացական անիմաստ բարոյախօսութիւն։ Երբ արեւելահայերը մատի կը փաթթեն զանոնք, առնուազն կեղծաւորներ են եթէ ոչ ծիծաղելի փարիսեցիներ։ Մեր մեղքերը՝ լէգէոն: Ինչո՞ւ չէ։ Իրե՞նցը: Բայց բանակ, բանակ, բանակ: Ամէնէն մեծատաղանդ դէմքն իսկ անոնց մէջ ծանրաբեռն է ահաւոր ինչպէս անխուսափելի հասարակ տեղի քով։ Չեմ գիտեր, երբ ռատիօերգակ սերունդը անցնի, իր տեղը տալով մնայուն արժէքներու խուզարկու ուրիշի մը, ի՞նչ տառապանքով անայց գերեզմանումին պիտի առաջնորդէ արեւելահայ քնարերգութեան բոլոր, գրեթէ բոլոր փառքերը, յիշատակարանները որոնք խունկով ու մոմով փառաբանուեցան մինչեւ 1917ը: Արեւմտահայ գրականութիւնը, մեղքերուն հետ քով քովի, նոյն բնականութեամբ, ունի պարզ, իրաւ, երբեմն մեծ ալ առաքինութիւններ, արժանիքներ, գեղեցկութիւն նոյն իսկ, որոնց պակասը պակաս մը պիտի նշանակէր հայ հոգիի յղացքին ներսը: Անունները աւելորդ են: ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին մէջ լայն ու լայն պիտի տրամադրուին ձեզի այդ երեսները։ Բայց վերցուցէք ամբողջ արեւելահայ քնարերգութիւնը, դուք հազիւ թէ պիտի ցաւիք Թումանեանի մը, Տէրեանի մը քանի մը յաջողակ քերթուածներուն կարօտէն: Ի՞նչ է արեւելահայ թատրոնը եթէ ոչ տիալօկէ վէպ։ Ու ասիկա այսպէս գրական միւս սեռերուն համար (արեւելահայ վէպը յարգանքի արժանի ժառանգութիւն մըն է)։ Անշուշտ, աշխարհին մէջ ի՛նչ բան է անխառն որպէսզի ըլլան ասիկա Արեւմտահայ գրականութեան ալ գեղեցկութիւնները: Ասոնք միշտ ալ քով քովի են ապրեր հասարակին, տժգոյնին, բռնազբօսեալին, Ֆէզանտէին (ինչպէս կ՚ըսեն իրաւամբ Գաղիացիք), մութին, չըսելու համար սուտին, կեղծին հետ։ Դուք ատիկա կը զգաք արդէն մեր բոլոր մեծ անուններու գործին մէջ, խորունկ ցաւով անշուշտ: Բայց պէտք չունիք ատոր համար աւաղելու, ջարդուկոտոր գալու։ Այս է ճակատագիրը ուրիշ գրականութեանց մեծագոյն անուններուն ալ՝ Վիգթորեան շրջանի պսակաւոր քերթողէն՝ Թենիսըն, գիտէ՞ք թէ ինչ քիչ է թիւը անխառն քերթուածներուն, այսօր կարդացուելու արժանի: Ու խորհիլ՝ այս մարդուն մէկ քերթուածը, 1870ին, անգլիական թերթերը ձեռք է ձեռք կը խլէին 100000 տոլար վճարելով…։ Գրական ճաշակը, ինչպէս բոլոր ճաշակները ուրիշ բան չեն եթէ ոչ այս կարգի այլանդակութեանց օրինականացումը, ժամանակի մը համար անշուշտ: Ատոր համար է որ իմ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը փոյթ չէ ըրած օգտուիլ մեր մէջ ընդհանրացած գրական որ եւ է ճաշակի եզրակացութիւններէն, հիացումներէն կամ քմայքներէն։ 1900ին Արշակ Չօպանեան, կուսակցական կիրքերու ծնունդ անիրաւութեամբ մը, անգթութեամբ մը երբ հռօ մը կ՚որակէ Հրանդը (որմէ իր Ծաղիկին մէջ ունէր զմայլելի էջեր պատուասիրած եթէ կը ներուի այսպէս ըսել) մէկ փաստը կուտայ այդ նորոյթին։ Իմ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը մնացած է ինք իրեն հետ, հարազատ իր տպաւորութիւններուն

Կրնայ առարկուիլ որ հարիւր տարուայ գրական բազմապիսակ որքան ընդարձակ արդիւնք մը դատելու, կշռելու, գնահատելու արարքները ծանր գան մարդու մը ջիղերուն։ Ճաշակի վրայ կառոյցները երբ կը դատապարտեմ ուրիշներու քով, չե՞մ ենթարկել իմ ալ աշխատութիւնը նոյն մեղադրանքին, քանի որ անձնական ամէն կեցուածք անձնական է ի վերջոյ, ու ատով՝ անվստահելի։ Կ՚ընդունիմ որ գրականութեան ընդհանուր պատմութիւնը կարելի եղածին չափ առարկայական տուեալներու պարտաւոր է առաջնութիւն ընծայել: Բայց այսկերպ ըմբռնում մը տարօրէն մօտ է մատենագրութեան որուն սահմանը տուած եմ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐի մուտքին: Ըսած եմ նաեւ որ իմ գործը գրական գործ մըն է, գիտունի մը փառասիրած հաստատ հմտութեան պազարը ըլլալու փոխան։ Յետոյ ունիմ գերազանց մեղմացուցիչ դեպք յանցանաց մը, գործածելու համար նուիրականացած բացատրութիւն մը: Արեւմտահայ գրականութեան հարիւրամեայ ապրումներուն հիմնական գումարը ես իմ հաշուոյս առած եմ իմ ջիղերուն ճամբովը: 1895ը գիտակցութեան անդրանիկ շրջանն է իմ մտքին համար։ Բայց իմ գիւղին մէջ, այդ թուականին, 1860ի հոգեբանութիւն մը, հիմա կը զգամ, հասարակաց  էր Բագրատունի լուծել տուող, Հայկ Դիւցազնը գոց ընել պարտադրող մեր վարժապետէն մինչեւ կորաքամակ ծերունին, ժամու բակին, արիշին շուքովը երբ իր գաւազանը կը զարնէր սալաքարերուն ու 20–30 տարի առաջուան երգերը (ազգայինները) տէրտէրին հետ կ՚երգէր, ատենը տեղ մը անկճիկ տալով դուրսի ձիու սմբակներուն, թուրք ոստիկաններու կողմէ սրարշաւ ձգուած, փնտռելու յեղափոխականները…: Այդ ապրումները այսօր կը նոյնացնեմ Զարթօնքի Սերունդի ապրումներուն հետ, ու կը հաւատամ թէ Ստեփաննոս Փափազեան 1866ին, Մինաս Չերազ 1869ին երբ կ՚ատենաբանէին Ազգային Սահմանադրութեան տարեդարձներուն առիթով բազմախուռն ժողովուրդներու, առջեւ, կը թրթռային իմ սարսուռներով, միշտ այդ 1895ի մօտերուն, այս անգամ ջարդին ուրուականովը անըմբռնելի մղձաւանջի մը վերածուած…: 1900ին, Արմաշ ես ճանչցայ Իրապաշտները, սկսող միւս Սերունդը (Արուեստագէտ), ապրեցայ իմ Սերունդին բոլոր զարհուրանքները եւ կը շարունակեմ ապրիլ Սփիւռքի նսեմաuտանը։ Այնպէս որ իմ ամբողջ գործին մէջ չի կայ էջ մը որուն ետին իմ սիրտը անկաժէ չըլլայ: ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին ապրումները Չինացի տղու մը ապրումները չեն։ Անոնք իմն են, եղեր են, արեան ճամբով։ Յետոյ, ըսեր եմ այս գործի մուտքին, թէ իմ դատած բոլոր արդիւնքները ինծի համար աւելի են քան գումար մը ծանօթութեանց: Փորձեր եմ զանոնք երեւան բերող բոլոր ձեռնարկները: Ու եթէ երբեք իմ տպաւորութիւնը, Ալիշանի մը գործէն, այս ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին մէջ օրինակի մը համար, նկատուի շատ անձնական ու ատով անվստահելի, այդ պարագան անկարող է փոխելու Ալիշանի քերթողութեան նկարագիրը կամ զայն չի դարձներ իր նախաւոր փառքին: 1901ին, տասնըութամեայ պատանի, ես, դէմ երթալով պատուական Աբբային մահուան առիթով համազգային սուգին մէջ, գրականին բաժինին, իմ վրայ հրաւիրեցի Եղիշէ Դուրեանի զայրոյթը: 1939ին Դուրեանի աշակերտին Թորգոմ Գուշակեանի հետ իմ վէճը թարմ է մտքիս մէջ, միշտ այդ գրական արժէքին շուրջը:

Այս հատորին աշխատաւորը ոչ փառամոլ յիմար մըն է, ոչ ալ սողոսկուն նախանձորդ մը: Անիկա արդար, ամուր, իրաւ փողարն է իր ժողովուրդին արդար, ամուր, իրաւ փառքերուն: Անիկա ոչ մէկ ակնկալութեամբ ապրեր է Պ. Դուրեանին հանճարին գովքէն, ոչ ալ ճանչցած՝ Թլկատինցին, որպէսզի անոր անունով հասած գործին մէջ մեծաղաղակ հռչակէ իր գտած գեղեցկութիւնը

Իմ Սերունդին բաժինը այս է ահա Արեւմտահայ Գրականութեան փառքին։ Յաջորդ սերունդին կը մնայ իմ զիջումները սրբագրել։ 



[1]       Իր կարգին շատ շահեկան աշխատանք մըն է լիակատար հատոր մը, որ զբաղէր Սրապիոն Թղլեանի, Սրապիոն Հեքիմեանի, ինչպէս Թաղիադեանցի, Ալամդարեանցի, Վանանդեցիի ու մանաւանդ Բագրատունիի, Հիւրմիւզի, Ալիշանի, Խրիմեանի, Խ. Միսաքեանի գրաբար ստեղծագործութիւններով, դիւցազներգութիւն, քնարական քերթուածներ, վէպ, ողբերգութիւն: Այսօր, այդ պարտքէն խուսափելու համար ունինք պատրաստ վճիռներ՝ կեղծ-դասական, ռոմանթիկ, յաճախակի գործածուած այդ ստեղծումներու հասցէին. վճիռներ՝ որոնց վերաքննութեան ժամը շատոնց է հնչած, քանի որ սանկ յիսուն մը տարի վերջը մարդիկ նոյն տարազները պիտի չվարանին գործածել արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն մեծահամբաւ փառքերուն Վարուժանին ու Չրաքեանին գործերը երբ պիտի ջանան կարդալ ու պիտի արգիլուին ատկէ, իրենց համար յաւէտ մեռած գրելու ձեւերէն իրենց զգացած դառնութեան պատճառով։ Ի՞նչն էր այդ գրաբարով ստեղծող մարդոց մէջ արուեստի զգայարանքը, ի՞նչ կը հասկնային այդ մարդերը գրականութիւն յղացքէն: Ո՞ր իրաւունքով մեր ամէնէն մեծ բանաստեղծը՝ Պետրոս Դուրեան, պիտի յանդգնէր գէթ արձակ ողբերգութիւններ թխմելու, երբ առնուազն իր հանճարէն պիտի ըլլար, պարտաւոր էր ըլլալ պաշտպանուած, ըսել կ՚ուզեմ՝ այդ հանճարէն փշրանք մը պիտի իյնար անկէ յօրինուած թատրերգութիւններուն մէջ։ Ու տարօրինակութիւնը մասամբ կը լուսաբանուի երբ աչքի առջեւ բերենք Ալիշանի մը, Հէքիմեանի մը, Բագրատունիի մը սխրալի փառքերը, վարկերը: Ուրիշ խօսքով երբ ընենք թափանցումը գրական բարեխառնութեան, ԺԹրդ դարու կէսերուն: Դիւրին է վճիռը բայց ոչ արդար։ Յետոյ անհրաժե՛շտ ալ՝ այդ թափանցումը, աւելի վերջի երեւոյթները հասկնալու: Գրականութիւն մը Արամազդի ուղեղէն կազմ ու պատրաստ չի բխիր, գործածելու համար մաշած բայց արդար շրջաբանութիւն մը։ Անիկա առնուազն գումարն է սերունդներու խանդավառ, չարչարագին, յամառ վաստակներուն։ Ու մտիկ ըրէք դեռ ուրիշ տարօրինակութիւններ։— . Հէքիմեան՝ ուժով, կազմակերպուած, ինքզինքը պարտադրելու բոլոր հնարաւորութիւններով օժտուած (նիւթական, ընկերային, իմացական պայմանները այս մարդուն զայն կ՚ընեն անկախ մտաւորականը, բարձրաթռիչ ու ազնուական գրագէտը որ գիտնալով հանդերձ իր դատին դժուարութիւնը եթէ ոչ անկարելիութիւնը, կը շարունակէ ստեղծել Պոլսոյ մէջ բաներ որոնք Վենետիկի վանքին մէջ ըմբռնելի, սիրելի էին, բայց հեռու՝ օտա՜ր՝ ցնորական՝ Վոսփորի ափերուն, այս անգամ այս ափունքը տեսնելով առանց ռոմանթիզմի, այլ իբրեւ շատ իրաւ հանդիսարան մը իր ժողովուրդին առօրեայ ապրումներուն), պիտի գրաւէ արեւմտահայ թատրոնին առաջին շրջանը, գործելով՝ մինչեւ լոյս տեսնալը Դուրեանի առաջին քերթուածներուն, այսինքն 1866, ու պիտի քաշուի աշխարհին՝ բեմէն երբ լոյս կը տեսնէ Աղջկան մը Սիրտը վէպը (1891-92), այսինքն լայնօրէն հաղորդ ըլլալէ ետք արեւմտահայ գրականութեան երկու հզօր հոսանքներուն բոլոր տագնապներուն, բայց պիտի չձգէ այդ գրականութեան մէկ հատիկ իսկ անառարկելի արժէքով հրիտակ: Տխո՞ւր՝ սա հաստատուն մը։ Բայց կը շարունակեմ. Հայկ Դիւցազնը, իր կարգին, արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն մատաղ օրերուն (այդ գիրքը լոյս է տեսած 1858ին) պատրաստ, հոյակերտուած ու դիւցազներգուած փառք մըն է, Աստուած միայն գիտէ՝ ո՛ր ժողովուրդին համար: Դժուար չէ այդ կոթողը ոտքի նետող փառասիրութիւնը հասկնալ (Վենետիկ, գրաբար, դասական գրականութեանց յաճախանք, տաղաչափութեան ոսկեդար եւայլն) բայց դժուար՝ հաշտուիլ խելքի, թափանցումի սա նուաղման, չըսելու համար բացարձակ պակասին՝ բանաստեղծութեան զգայարանքով այնքան քիչ օժտուած սա աբբային քով, որպէսզի ներէր այդ մարդը իրեն, բառերով կեանք նուաճելու սա հսկայ արկածախնդրութիւնը, երբ գիտէր միւս կողմէն թէ արուեստի գործը կեանքով միայն կ՚ազատի, ոչ թէ ածականով, քերականական օրէնքներով, մակբայներով ու կուռ գրաբարով: Յետոյ, աշխարհ ճանչցող, խորունկ ապրումներ է անցած, խելացի, առնուազն Պոլսեցի (ըսել կ՚ուզեմ իր զգայութիւններուն շաղը թարմ պահած երիտասարդ), ուրիշ մարդ մը, 1865 ին պիտի թարգմանէ Լամարթինի Les Harmoniesն ոսկեճամուկ ու դարձեալ ադամանդակուռ գրաբարով, 1868ին, գեղազուարճ ափունքներէն (Վոսփորի) իր բացակայունթիւնը գրական թեմայի վերածելու իր նանրամտութիւնը պիտի պարպէ Քնար Պանդխտին անունով դիւանի մը մէջ, մեզի տալով տրտում վկայութիւնը թէ ի՛նչպէս, մեր ամէնէն իրաւ ապրումները, խաթարուն, տգեղ ու ճիւաղային կը դառնան, երբ աս ու ան կերպով բռնանանք անոնց վրայ: Խորէն Նար-Պէյ սիրային դիւան մըն ալ հրատարակած ունի՝ Վարդենիք (1863), միշտ այդ գրաբարով: Այս տեղեկութիւնները, սա էջերուն վրայ, հմտութեան փաստեր չկարծէք երբեք: Անոնք կը ջանան թելադրել գրական յղացքը որ արեւմտահայ գրականութեան հոգեշատակը կը կազմէ, իր սաղմնաւորման օրերուն իսկ։ Ու կը ճշդեմ իմ նկատումս: Լեզուն, կեղծ-դասականութիւնը (ճիւաղ բառը՝ զոր ֆրանսացիներէն փոխ առնելով բռնաշապիկի մը պէս հագցուցին մեր գլխուն՝ իմաստակ դատողները արեւելահայ քննադատութեան, առանց խորհելու որ դասականութիւնը դիմակ չէ որ կեղծը ունենար) չեն հեղինակը սա հասարակաց վրիպանքին։ Ալիշանի՝ Նուագք քերթուածաշարքը մեղաւոր չէ գրաբար տաղաչափուած ըլլալուն, այլ սկզբնական եւ մահացու մեղքը ունի… բանաստեղծութիւն չըլլալուն։ Ու չեմ խանդավառ դարձեալ Խրիմեանի Հրաւիրակներով, այսինքն մատի չեմ փաթթեր անոնց գրաբար գրուելուն մեղքը (այդ գիրքէն կէս դար վերջը գրուած Ծփանքները . Որբերեան), ժամանակին մէջ պիտի սառի, ոսկրանայ ճիշտ ու ճիշտ մէկ ու նոյն մեղքին՝ բանաստեղծութիւն չըլլալու մեղքին համար)։ Բոլոր այն իրողութիւնները զիս կը մղեն դնելու՝ յստակ ու վերջնական, հարցումը. ի՞նչ գրական–գաղափարագրական սկզբունքներու, չըսելու համար հանգանակներու կը սպասարկէր սերունդը որ 1848ի ուսանողութեան կը պատկանէր (Հէքիմեան, Թղլեան, Շիշմանեան, Թէրզեան, Աճէմեան, Նար-Պէյ, Պէշիկթաշլեան, Մամուրեան)։ Ու անմիջապէս կ՚աւելցնեմ, ինչո՞ւ նոյն այդ խումբին Ժամանակակից բայց անոր կողմէ որդեգրուած գրական ուղղութեան լրջօրէն հակադրուող գաղափարագրութիւն մը նշանաբան պիտի ունենար իրեն ուրիշ փաղանգ մը, անոր պէս Եւրոպա ըրած, կ՚ակնարկեմ Զօրայեանի, Ռուսինեանի, մանաւանդ Ստեփան Ոսկանի: Ո՞ւր դնել Իւթիւճեանը որ իր կարգին աշակերտն է անզետեղելի Միսաքեանին։ Ի°նչպէս հասկնալ Գր. Օտեանը: Այս անգամ՝ իրենց գրական զգայարանքներուն տեսակարար կշիռովը։ Ասոնցմէ` Միսաքեան, Բագրատունիին հետ գրաբար ոչ միայն կը թղթակցի, այլ անոր քերթուածները կշռելու չափ հմտութիւն է պարզած։ Ասոնցմէ՝ Օտեան, իր քնքուշ արձակը կարծես ճարած է հիացումին մէջը Ալիշանեան դպրոցին: Ահա փաստեր, իրողութիւններ: Կը կրկնեմ. մեր գրականութեան այս շրջանը վերակազմել, կը նշանակէ շիջած հոգեխառնութիւն մը կեանքին դարձնել: Ի՞նչպէս չցաւիլ որ այդ հրաշքը իրագործելու ընդունակ պայմանները չեն օգտագործուած անոնցմէ որոնք պահակներն էին այդ թանգարանին, Վենետիկի ճիգը . Ս. Երեմեանի բաջաղանքը՝ Գրագէտ Հայեր շարքը) տրտում բայց քաւելի վրիպանք մըն է։ Պիտի գա՞յ վերջապէս երիտասարդ Մխիթարեան մը որ մտնէր այդ թանգարանը ու մաքրէր մոռացումին փոշին մեծ մեռելներու յիշատակէն։

[2]       Բոլոր սկսող, միջին ու դասական գրականութիւնները, ինչպէս արուեստի միւս ձեւերը, շատ ուշ պիտի յանդգնին բազմամակարդակ (գէշ է բառը, գիտեմ, բայց չունիմ ժամանակ յարմարագոյնը փնտռելու) արտայայտութեան։ Մեր ճարտարապետութեան սկզբնական շրջանները գեղեցիկ նմոյշներ են այդ ոճէն, մինչ` Ժ րդ դարէն վերջ, մանաւանդ Անիի կարգ մը ներքինները (intérieur) տաճարներէ՝ քանի մը պատիկ զգայութիւններու շարադրումներ են։ Ռոման եկեղեցիները՝ բաղդատուած գոթականներուն, կը թուին միամակարդակ։ Սաղմոսներու թարգմանութիւնը մեր մէջ միամակարդակ արտայայտութիւն մըն է, մինչդեռ Կորիւնի վերագրուած Մակաբայեցւոց գիրքը արդէն երկմակարդակ արտայայտութեան տարրեր կը պարունակէ։ Միամակարդակ ոճեր են՝ նորերուն մէջ, Պէշիկթաշլեանի, Պէրպէրեանի, Բաշալեանի, Արփիարեանի ոճերը։ Բազմամակարդակ՝ Եղիայի, Չրաքեանի ոճերը։

[3]       Խմբակը՝ որ հրապարակ իջաւ Մեհեան հանդէսով ու դրա մէկէ աւելի բարդ հարցեր, մեր գրական խղճմտանքը խռովող . Վարուժան, Կ. Զարեան, Գ. Բարսեղեան, Ահարոն Տատուրեան եւ այս տողերուն հեղինակը)։

[4]       Կ՚ընեմ զիջում մը այդ մասին, սակայն դիմելով Հրանդ Ասատուրի որ իր Դիմաստուերներ (1921) հատորին յառաջաբանին մէջ շատ ամփոփ, ձեւով մը կը պատկերէ մեր լեզուով լոյս տեսած բոլոր կարեւոր աշխատասիրութիւնները: Ըստ այդ ցուցակին ունինք. (կը զանցեմ ԺԹ րդ դարը կանխող ձեռնարկներ։)

         1. Հ. Ղուկաս Ինճիճեանի Տարեգրութիւններ ը (1800-1807), Եղանակ Բիւզանդեան ները (1804-1820), Դարապատում ները (1824-1828) որոնցմէ իմ տեսածները՝ Դարապատում ները որ եւ է կապ, աղերս չունին գրականութեան հետ (ութը հատոր)։

         2. Հ. Յովհաննէս Զօհրապի Պատմութիւն Աստուածաշունչ Գրոg ը, Նոր Կտակարան ը

         3. Հ. Մկրտիչ Աւգերեանի Առձեռն Բառգիրք էն դուրս Բանաստեղծութիւն չորս ետքիններուն վրայ ոտանաւոր գիրքը (1810)։ 

         4. Դիտակ Բիւզանդեան ը (1812-1816) զոր կը հրատարակեն յաջորդաբար Հ. Գ. Գապարաճեան, Հ. Մատաթիա Փիւսկիւլէճեան եւ Հ. Մ. Ջախջախեան։ 

         5. Հ. Մինաս Բժշկեանի Ռոպէնսոն ը, Եզովբոսի Առակներ ը (1818-20)։ 

         6. Հ. Մ. Այտընեանի Քննական քերականութիւն ը (1866)։ 

         7. Գ. Փէշտիմալճեան Պատուելիի Կրթութիւն Քաղաքավարութեան ը (1829)։ 

         8. Միքայէլ ՌԷստէնի Ջերմեր ը եւ Բժշկարան ը (1840էն առաջ)

         9. Սենեքերիմ Տէր Մինասեանի Ճամբորդութիւն ը (Անատոլու, 1839ի Եղանակ օրացոյցին մէջ տպուած)

         10. Անդրէաս Փափազեանի Աստուածաշունչ ը (1845-1848 Իզմիր):

         11. Յ. Տէրոյենցի Բասքալայ Խորհրդածութիւնք ը (1844)։

         12. Յակոբ Կրճիկեանի Մետաքսաբանութիւն ը (1845)։

         13. ՍԷրվիչէնի Մանկատածութիւն ը։ 

         Այս քանի մը ցուցմունքներուն հետապնդած գաղափարը (լեզուականէն անկախաբար) ընտելացնելն է ընթերցողը այն հիմնական հասկացողութեան որ մինչեւ Բազմավէպի հրատարակութիւնը կը կազմէ հոգեյատակը մեր ժողովուրդի ընտրանիին (աշխատողները) եւ զանգուածին որ կանչուած է կարդալու այդ արդիւնքները։ Չեմ զբաղիր լրագրութեամբ որուն մանրամասն պատմականը փորձուած է քանի մը անգամ։ Հազիւ հետաքրքրուած եմ տպագրութեան պատմութեամբ որ բանասիրական իսկ չէ, այլ տարբեր հետաքրքրութեան մը փաստը: Ու անմիջապէս վկայութիւնը. այնքան անպատրաստ գետնի վրայ՝ Մասիսէն 15–20 տարի վերջ՝ Դուրեանի եւ Պէշիկթաշլեանի տաղե՛րը, Ռուսինեանի թարգմանութիւննե՛րը։ Պէտք չէ մոռնալ որ այս արագ շրջափոխութիւնը կը թելադրէ տարօրինակ մերձեցում մը Ե. դարու մեր գրական շարժումին, գիրերու գիւտով սկիզբ առած, որ քառորդ դարու մէջ կը գտնէ  իր լիութիւնը։

[5]       Կուտամ նմոյշ մը Գրիգոր Աղաթօնի մէկ նամակէն, գրուած Բարիզէն 1842ին՝ «Ես շատ հանգիստ եմ բազմերախտ Աղայիս սայիէն (ստորագծումները մերն են), որուն պարտականութիւնս (Երախտագիտութիւն ըսել կ՚ուզէ) անբաւ է ազնիւ եղբայրս, գիտեմ ուսման ի՞նչ տէրէճէ ջանք ունենալը, կը համարձակիմ այսօր ժամանակիդ ինչպէս խուլանմիշ ըլլալդ հասկցնելու, այսինքն ի՞նչ գիտութեան որ պարապիս առանց մաթեմաթիքայի չըլլալը յայտնի է, անոր համար կ՚աղաչեմ գաղղիերէն թուաբանութիւն սորվելու սկսիս, բայց թէորիներովը, փորձերով, այնուհետեւ ալճեպրա, իլլէ երկրաչափութիւն։ Ջանք ըրէք հոդ վարժապետ մը գտէք անոնք սորվելու, զէրէ, ժամանակին ինչ գիտութեան սկսելու ըլլաս ասոնք պէտք են, քեզ նայիմ սիրելի եղբայրս»։

         Ահա ուրիշ մը Յ. Կրճիկեանի Մետաքսաբանութիւն ին յառաջաբանէն։ «1843 թուականին, օդափոխութեան պատճառաւ Պրուսա գացի հոն տեսայ գեղեցիկ դաշտեր, կանանչազարդ լեռներ, ու առողջարար ջուրեր, արգաւանդ հողեր, ուստի շատ ուրախացայ։ Բայց առաւել եւս ուրախացայ, երբ տեսայ այն ազնիւ ծառը, թթենին, որ Եւրոպայի մէջ այնչափ ազգաց անբաւ հարստութեան պատճառ կ՚ըլլայ»: (Երկու կտորներն ալ քաղուած են Վ. Զարդարեանի Յիշատակարանէն) Այս երկու նմոյշներուն հեղինակները այդ օրերու մեծագոյն անձ նաւորութիւններն են մինչեւ պետական բարձրագոյն պաշտօններու առաջնորդող արժանիքներով։ Գրիգոր Աղաթօն թուրքերու կայսրութեան անդրանիկ քրիստոնեայ նախարարն է ԺԹ րդ դարուն, Եւրոպական համբաւի հասած դիւանագէտ մը։ Յակոբ Կրճիկեան՝ Սահմանադրականներուն իմաստուն մենտորը, որ գիտցած է պետական ամէնէն բարձր (թուրք) մարդոց համակրութիւնը իր մասին՝ օգտագործել ի նպաստ լուսաւորութեան դատին։ Կուտամ նմոյշ մըն ալ Չամուրճեան պատուելիի աշխարհաբարէն « Տասնեւութերորդ դարուն մէջ՝ Ինկիլթէռա եւ ՆԷմցեստան եւ Ֆրանսա էզ մը փիլիսոփաներ ելան՝ որ որպէս թէ ամէն բանին քննութիւնը լմնցուցած ըլլալով՝ սկսան այն քննել որ մարդկային ընկերութիւնը ի՛նչ պարագաներով հաստատուած կրնայ ըլլալ, եւ ըսին որ մարդոց առաջին վիճակը վայրենութիւնը եւ բարբարոսութիւնն է, ետքը բարբարոսութեան վիճակէն ձանձրանալով՝ շուտ մը մէկտեղ եկան, ընկերական կեանք մը հնարեցին, իրենք իրենց օրէնքներ դրին, գլխաւոր իշխաններ եւ թագաւորներ հաստատեցին, ընկերական կապը չի քակելու պայման եւ դաշինք դրին, եւ ասով ընկերական կեանքը հաստատուեցաւ (ՃԱՌ՝ Առաջին մարդոց կրթութեան վրայ, Քաղաքավարութիւն Ճորայի թարգմանութեան կցուած, 1842)։ Իրարմէ տարբեր մտայնությամբ մարդերու ձեռքը սա գործիքը (աշխարհաբարը) քառորդ դար չանցած պիտի գտնէր գրական հարազատ նկարագիր մը։ Գր։ Օտեան արդէն մեզի կը պատկանի։

[6]       Տարազը յստակ է շատ, մերժելով իրեն օտար ամէն անդրադարձ, մանաւանդ մեր մէջ սիրելի երանգ՝ քանի որ մեր նոր գրականութիւնն անգամ ստիպուած է այդ տարազին հիմնովին հակընդդէմ իմացական գործունէութիւններ գրագէտի պատմուճանով հովանաւորել. գործերը Ալիշանի, Խրիմեանի օրինակի համար:

[7]       Ինծի կը ներուի մտածել Լեւոնի վիշտը պօէմային որ լոյս տեսաւ Մոսկուա, 1865ին։ Հետաքրքրական՝ իր ենթատիտղոսը՝ Ժամանակակից վէպք։ Բայց Սմբատ Շահազիզ գրագէտի դասական բոլոր հանգամանքները լիուլի կը համախմբէ իր տիպարին ներսը, տառապելով հանդերձ հիմնականին նուաղումովը (կ՚ակնարկեմ՝ տաղանդին): Աւելին՝ կը գրէ Ժողովուրդի մը համար, առնուազն ուսանողութեան, որ արդէն հեռաւոր հիւսիսի ոստանները կը պտտցնէ իր ծարաւը լոյսէ, իմաստէ։ Ըսել կ՚ուզեմ 1850էն ասդին է որ մեր մէջ (երկու հատուածներն ալ ունիմ նկատի) կերպարանք կ՚առնէ գրական յղացք մը, ու անոր սպասարկու գրագէտին տիպարը, բոլորովին տարբեր՝ անկէ որ ի զօրու էր դարերով։

[8]       Ի՜նչ հետաքրքրական կարաւան մըն է ԺԸ-եւ ԺԹ. դարերու (այս վերջինին առաջին կէսը) գիտնականներուն, պատուելիներուն, դպիրներուն անուանացանկը։ Մոռցէք պահ մը ներկային բոլոր աղբիւրները որոնք քիչ շատ կը բացատրեն գրողներու կազմաւորումը: Այդ հին օրերուն, աշուղները յիշեցնող պարզութեամբ մը մարդեր են այդ գիտնականները, մատաղատի ու անհանդարտ, որոնք տեղէ տեղ պիտի վազեն քիչ մը աւելի «պաշար» ամբարելու: Յաճախ մինակնին, գլուխնին քարէ քար զարնելով պիտի սորվին կէս երկվեցեակ լեզուներ։ Տէրոյենց մը, առանց դպրոց մը տեսած ըլլալու, իր ժամանակին աստուածաբանական ամբողջ հմտութիւնը ոչ միայն կուլ պիտի տայ, այլ եւ օտար լեզուներու թարգմանչութեան պաշտօններ պիտի կատարէ Սպարապետութեան մօտ, ու ժամանակ պիտի ճարէ իր հարիւր յիսուն հատորները հեղինակելու ինքնագիր թէ թարգմանածոյ: Նոյնն է պարագան Գէորգ դպիրին, պատուելի Փէշտիմալճեանին, Խաչատուր Միսաքեանին որոնք ուսուցիչ, գրող, հեղինակ ըլլալու համար չեն անցած ոչ մէկ կրթանքէ, ու իրենց յօրինումը իրագործած՝ իրենցմով։ Մեր նոր գրականութեան մուտքին այս անուններուն արձագանգը զգալ անոնց մօտ որոնք կը կոչուին Խրիմեան, Հրանդ, Թլկատինցի, Զարդարեան ոչ միայն անտեղի չէ, այլ թերեւս արդարութեան հաւաստիք մը։ Ինչ փոյթ որ մամուլ, կրթական կազմակերպուած կեանք մը դիւրութիւններ հայթայթեն: Դուք գիտէք հարկաւ որ քանի մը հազարը կ՚անցնէր թիւը վերի անուններուն ժամանակակից վարժապետներուն։ Գրագէտը՝ ուրիշ յղացքի մք գինն է անպայման։

[9]       Երբեմն մտածեր եմ մեր քաղաքակրթութեան համապատկերներուն, Վաղարշապատ, Դուին, Անի, Սիս ոստանաքաղաքներուն մէջ ինքզինքը ոճի հանած: Կան տարրեր մեզի հասած։ Բայց չէ հասած հոգին իսկ այդ քաղաքներուն։ Ի՞նչ էր միջին հոգեխառնութիւնը այդ քաղաքները լեցնող մարդոց, անոնց ճաշակները, անոնց լեզուն, արուեստի զգայարանքները, անոնց ապրումին առօրեայ հաճոյքներուն, վիշտերուն հանրահանդէսը։ Ի՞նչ էր միջին գոյնը անոնց մորթերուն։ Ի՞նչ` մոյնքին երանգայնութիւնը։ Ինծի պատահած է այս հարցումներուն տրտում տագնապները ապրած ըլլալ, այդ Պոլիսին մէջ, երբ յոգնած, մտամոլոր կը թափառէի հայերէ բնակուած անոր թաղերն ի վեր, բաց պատուհանէ մը ցաթած հասուն աղջկան մը դիմագիծէն անդին, գտնելու ջանադիր հաւանական Կարինը, Վասպուրականը, Ծոփքը, Ակնը, Փոքր Հայքը, նոյնիսկ Կիլիկիան, քանի որ այդ դեղձան ու բաց գրաւչութեամբ թաւիչը այտերուն կերպաս մըն էր, հիւսուած այդ աղջկանը պապերուն արեան բաւիղներուն ծոցը, շատ շատ հեռու տեղերէ եւ դարերէ։ Խանութի մը մէջ իր ուրագը զարնող պատանին՝ ուրիշ վկայութիւն Շաբաթ գիշերները ցաւագար իր մարմինը հազիւ ժամ քաշկռտող աւերակոյտ պառաւը՝ ուրիշ հող, միշտ այդ հեռու հայրենիքէն, որուն սպասո՛ղ՝ գերեզմանը…. Ու պանդուխտները։ Ու գազան վաճառականները։ Ու գիշախանձ քահանաները։ Ու յիմար գրողները: Ու սրտառուչ մանուկները…Կեա՜նք։ Ով քեզ չափեր է այսպէս յիմար։ Պոլիսը այս է ահա իմ ջիղերուն ընկալչութեանը խորը։ Ու անոր գրականութիւնը որ հարկադրաբար պիտի անդրադարձէր այդ ամէնը, աւելի՝ հանդէսն ալ ժամանակին, ուրիշ ժողովուրդներու քով ի վեր իր տեղը ճարելու հարկԷն խթանուած, խորունկ գերութեան մը բազմասարիք արգելքներուն ընդդէմ։ Ահա թէ ինչո՞ւ մեր նոր գրականութիւնները ես փորձուեր եմ այնքան թանկ արժեւորել։ Պատմութիւնը մեռելագրութիւն է միայն երբ չի ծառայեր մեզ քիչ մը աւելի ճանաչող ընելու։ Ո՞ւր է, երբ ելլէք փնտռելու, հոգին այն քանի մը հազար տարիներուն որոնք անցեր են մեր գլխին վրայէն։ Յիչուած ոստաններուն մէջ կեանքը ի՛նչ տեմպ, արիւնը՝ ի՛նչ ձայն, սիրտը՝ ինչ կրակ կը թելադրէին իմ մեծ, դժբախտ, բայց սխրալի կերպով իրաւ նախնիքներում, այս անգամ ոչ Հայկէն, Արամէն, Վարդանէն, Տիգրանէն միայն պատմող, այլ այն անանուն զանգուածէն որ ժողովրդի միջինն էր, է: 200 տարի վերջը Պետրոս Դուրեան մը ո՛ր ժողովուրդին ձայնը պիտի խորհրդանշէ…։

[10]     Մեր օրերու ամբողջապաշտ պետական վարդապետութեանց մենաշնորհն է ուրանալ օրէնքներուն, թուղթերուն, խօսքերուն որ եւ է հեղինակութիւն, ժողովուրդների բարեփոխելու փորձերուն մէջ, առանց անդրադառնալու այն մեծ իրողութեան որ կոկորդներու կայսրութիւններ, 1920էն ասդին, ոչ միայն հնարաւոր դարձան, այլ եւ եղան յաւակնոտ միտքին բոլոր նուաճումները բարձրաճաշակ ուրանալու: Լրագրող մը, իր կոկորդով, օգնութեամբը ձայնասփիւռին, իտալական կայսրութիւն մը լաստակերտեց։ Շոգենաներու ներկող մը, իր կոկորդով, միշտ ձայնասփիւռին նպաստովը, երեւան բերաւ երրորդ Րայխը, պատճառ դառնալով նոյն ատեն մարդկութեան գերագոյն աղէտներէն մէկուն։ Առանց կոկորդի, այսինքն խօսքի, այս հրաշքները հրաշքներ կը մնան։

[11] Այu ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐի ընթացքին ինծի պիտի տրուի պատեհութիւն մեր պատմութեան ամէնէն եղերական սա տագնապին, հայ-թուրք problèmeին հետ զբաղելու, ընթացիկ տեսակէտներէն տարբեր տրամադրութիւններով։ Նախ պետք է գիտնանք որ մեր գրականութիւնը իր խորքին մէկ ընդարձակ բաժինը պարտական է թուրք զուլումին՝ մեր գլխուն։ Մեր աշխարհայեացքին մէջ թուրքին տիրապետութեան առաջացուցած ծանր ուղղութիւնները՝ ուրիշ տագնապ՝ Սիամանթոն՝ թուրքէն կուգայ գրեթէ ամբողջութեամբ։ Մեր ռոմանթիզմին լայն վրիպանքը (թատերական եւ բանաստեղծական մարզերու վրայ) բացատրելի է Թուրքերուն ներկայութեամբը ոչ միայն մեր աշխատանքին գինը առնելու ձեւով, այլ մեր հոգիին մէջ ալ, հոն դնելով անջնջելի խարանը մեր տրտմութիւններուն, մեր կորանքին։ Ամբողջ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ մեր ժողովուրդի իրական կեանքին տարտամ բաժինը ու ասոր իբր դարման առաջարկուած հակազդեցութիւնը (գաւառական գրականութիւն), առանց թուրքին, անիմաստ իրողութիւններ են։ Թուրքէն կուգայ՝ ըսել կ՚ուզեմ անոր հարկադրած գրաքննութենէն, մեր ամէնէն մեծատաղանդ մարդոց ձեռքով (Արուեստագէտ Սերունդին) մշակուած գրականութեան ապազգային իր կերպարանքը: Թուրքէն՝ մեր օդապաշտութիւնը, լուսնապաշտութիւնը, զեփիւռ, ժանեակ արածելու նանրանքը, քանի որ բուն, իրաւ, խորունկ կեանքը մեզի համար արգիլուած գօտի է յայտարարուեր։ Խորքի սա ազդեցութիւնները կ՚ընդարձակուին, Արեւմտահայ գրականութիւնը գերիի հոգեբանութեան մը ծնունդ ընդունելու աստիճան։ Ֆրանսական ազդեցութիւնը մեր վէպին կորանքը մի այն արժեց մեզի: Սեւ լերին մարդը, Անգլիական նամականին, Մայտան, Արաքսիան, Սիրանոյշը, Աղջկան մը սիրտը-ին կէսը գինն են՝ իրենց անկանգնելի վրիպանքին մէջ, այդ ազդեցութեան։ Աւելի անդին, աւելի լայն մանրամասնում:

[12]     Սրտառուչ փաստ մըն է հետեւեալ անէքդոտը. Գրիգոր Օտեան, պետութեան կողմէ բարձրագոյն շնորհի մը արժանացած, երբ զարդարուն ձիու մը վրայ իր հօրը բակը կ՚ուղղուի, այս պատուական հայրը մատովը ցոյց կուտայ թաղին եկեղեցիին դուռը։ Օտեան կ՚իջնէ ձիէն, կը մտնէ ժամ, կը դնէ գլուխը հողին՝ Աստուծոյ տունին մէջ, ու կը վճարէ իր պապերուն պարտքը։ Յետոյ կը բարձրանայ իր ձիուն քամակը, ու հայրը այն ատեն, դրան առջեւ, զինքը կ՚առնէ վար երիվարէն։ Նորոգուած պետութեան մը աւագ պաշտօնատարը իր հայութիւնը ոչ միայն չէր ամչնար պահելէ, այլեւ զայն ցոյցի կը հանէր ամէնէն հրապարակային յոյզերու մէջ։

[13]     Մարդ կը ցաւի որ Մխիթարայ Ուխտին հիմնարկութեան երկհարիւրամեայ յոբելեանին առիթով, անոր գրական գործունէութեան եւ գործիչներուն նուիրուած հսկայ ձեռնարկ մը այնքան հիմնովին անգիտանայ արդի դատումին, թափանցումին դերը։ Հ. Բ. Սարգիսեան չանդրադառնար որ 1905ին իր հրատարակած հատորը իբրեւ ոգի, արժեկշիռ, մանաւանդ արտայայտութիւն առնուազն կես դարով ետ է իր ժամանակէն, Բագրատունին 1850ին միայն նման կրկներեւոյթի մը տպաւորութիւնը կը թողու։ Չի ներուիր երազներու, բանդագուշանքներու վրայ յամառիլ, ու մնալ իր ժամանակէն այդքան հեռու, անմասն։ 400 մեծադիր էջերու ընթերցումը ոչինչով կը լուսաւորէ մեր մտքին մեծ պարապը այն երկու դարերէն որոնց գէթ վերջին կէսը այնքան լայն արձագանգներով խռովեց ամբողջ հայութեան հոգին։ Վանականներու լեզուական խաղարկութեանց վրայ մանուկի իր հիացումներուն հաւատարիմ այդ դատողը չէ իսկ կասկածած թէ այդ վանքի դիւաններուն խորը ինչ թանկ փաստեր կ՚ապրին, որոնք լաւագոյն հոգածութեամբ երբ բերուէին մեր հետաքըրքրութեան, մենք կունենայինք մեր նորագոյն պատմութեան վրայ շատ աւելի պայծառ, իրաւ հասկացողութիւն մը։ Քանի մը լուսանկարներ, անոնք ալ այնքան ծանօթ։ Խեղճ Վենետիկը։ Բայց ո՞վ չի գիտեր որ այդ կղզին մեր ամէնէն ամուր թանգարանն էր, փորձանքներէ այնքան լաւ պաշտպանուած։ Բագրատունին եզական քերթող արժեւորելու համար գրուած այդ հատորը կ՚իյնայ մեր ձեռքէն նոյնիսկ մեր բոլոր բարեկամեցողութեանը հակառակ։

[14] (Անփոխանորդ = անփոփոխելի)։

[15] Replique.

[16]     Թէեւ բարբարոս բայց պարկեշտ է բառը երբ բաղդատուի Արեւմտահայ յաճախուած տարազներուն՝ յոխորտ բայց այնքան ալ ոսին, քանի որ կը ծածկէին այնքան երանելի անիմաստութիւններ։ Գրական քննադատը մէկն էր անոնցմէ։ Գեղեցկագէտ քննադատը՝ ուրիշ մը։ Այսինքն վկայութիւններ որոնց տարողութիւնը դառն հակասութիւն մը կը պարզէր այդ մարդերով մեզի մատուցուած հասարակ լրագրութեան։ Նոր չէ որ մեր գրողները ընկերաբաններ են, առնվազն մեր ժողովուրդին գլխուն պատգամներ որոտացող: Մեր հարիւրաւոր թերթերը ամէն օր խմբագրական կ՚աղան։ Ու գեղեցկագէտ քննադատը ա՛ն՝ որ գիրքի մը մասին երկու սիւնակ հասարակ խօսքի դիւրութիւնն էր վաստկեր։

[17]     Մարսէլ Բրուստի փառքէն վերջ ֆրանսիացիները ծանր յարձակումներով կարծես ցեղային վրէժ մը փորձեցին լուծել A la Recherche du Temps Perduին հեղինակէն, անոր նախադասութեան օրկանական անսովորութիւնները վերածելով իրենց իմաստէն անդին տարողութեան մը, ու խորքին այնքան հարուստ, այնքան նոր կենսամթերքը արժեզրկեցին անխելք անգթութիւնով մը։ Բրուստի արժէքը անշուշտ իր վէպին աշխարհին խորութեան ու լայնքին մէջ է որ կ՚իրանայ։ Չրաքեան 1900ին չէր կրնար ճանչնալ այդ շատ զարտուղի գրագէտը (գէթ այսպէս կը վկայեն զինքը մօտէն ճանչցող գրագէտները): Արդ, իրողութիւն է որ Ինտրայի Ներաշխարհը գրուած է Բրուստի թէքնիկով։ Անոր մէջ անհեթեթ է փնտռել ու գտնել ֆրանսական ազդեցութիւն։ Յետոյ, մեր բոլոր զարտուղի գրողներուն համար մենք կ՚ախորժինք այդպէս նախատիպարներ յօրինելէ։ Ատիկա մեր հին մատենագրութեան մէջ կերպը կ՚առնէ տեսակ մը խաչակրութեան։ Արեւելահայերը 1900էն վերջ, իրենց մեղադրանքները աւելի ընդարձակեցին, ձեւէն անցնելով անդին, խառնուելու չափ խորքին. Շիրվանզատկի համար Դանիէլ Վարուժան գռեհիկ պոռնկագիր մըն է։ Անլուրջ հետաքրքրութիւն մըն է, իմ կարծիքով, յետ–Հոկտեմբերեան քննադատութեան կողմէ, Եղիայի, Մեծարենցի, Արեւմտահայ քերթողներու հասցէին համակրանքի շարժում մը, տեսակ մը հակազդեցութիւն՝ նիւթի տագնապի մը ենթակայ սերունդի մը համար, որ իր քանի մը ճչան նշանաբանները սպառելէ վերջ (խորհրդահայ բանաստեղծներու կապարճին աղքատախնամ պարունակութիւնը) բնազդաբար ուրիշ բաներու, առնուազն նորութեան, թէկուզ Սիպիլի զարդամոլութեան կարօտը ունեցաւ, հասկնալի հոգեբանութեամբ մը։ Չրաքեանի վարկը ուրիշ տրտմութիւն, միշտ Արեւելահայ դատողներու գրիչին կամ խօսքին մէջ։ Ֆրանսական ազդեցութիւնը, ինչպէս որ եւ Է ազդեցութիւն, ինքզինքը կ՚իրագործէ միջակ ուղեղներու վրայ միայն։ Ըսել թէ Սիամանթօ կը բխի ֆրանսացի սէնպոլիսդներէն, կը նշանակէ շատ պարզ իրողութիւն մը բացատրել, անոր տողին նկարագիրը, ասոր պատմական ծագումը, որմէ դուրս արդէն ոչինչ կայ Եարճանեանի մօտ սէնպոլիսդ իրաւ, ծանր տագնապանքը թելադրող։

[18]     Առանձին տրտմութիւն մը՝ պարտքին տակն ըլլալ հզօր սրբագրումներու, ու ըսել անսովոր բաներ գէթ մեզի համար վիրաւորելով ամրախարիսխ միամտութիւններ: ՌԷմի տը Կուրմոն սրբապիղծ մը նկատուեցաւ վասնզի լատին գրականութեան այլապէս իրաւ, լատին, գէթ աւելի մարդկային արժէքները գտնել կը յաւակնէր անկման շրջանի , եւ Գ. դարերու գրողները) արձակին ու քիչ մըն ալ ոտանաւորին մէջ։ Իր փաստե՞րը։ Բայց գործե՜րը, որոնք մինակնին կը վկայեն զարգացած, խորացած, առնուազն իմաստնացած մարդկութենէ մը երբ գրագէտը երկար մաշումներէ զգաստացած հոգիներու տագնապը կը հաճի տեսնել վերջապէս, ու իր տեսածները կ՚ըսէ առանց աս ու ան իշխանաւորին սաստէն կամ քաջալերէն ազդուելու։ Վիրգիլիոս, Որատիոս, Ովիդիոս շքեղ անուններ են, շքեղ դարու մը քաղաքական փառքերովը լուսապսակուած: Բայց որքան քիչ` մարդկայինին, իրաւին բաժինը այդ քերթողութեան ներսը։ Հարցը կը փոխադրեմ մեր մատենագրութեան ու կը կենամ անոր ոսկեդարուն որ մեզի տուած է չորսը հինգը չանցնող ազգային գործեր։ Ասոնցմէ Ագաթանգեղոսը, Գլակը, Փաւստոս ը խմբագրուած են, ամենայն հաւանականութեամբ, չորորդ դարուն։ Ասոնցմէ Փարպեցին, Վարք Մեսրոպայն (Կորիւն) եւ Եղիշէն ինչպէս Մանդակունի ի աղօթքներն ու ճառերը կը կազմեն Ոսկեդար որակուած շրջանի մը ժառանգութիւնները։ Ու ստիպուած ենք դասական, ոսկեդարային առաքինութեանց ամբողջ հանդէս մը լաստակերտել, որպեսզի այս ժողովուրդին իմացական գերագոյն ճիգը ըստ պատշաճի արժեւորենք, առանց անդրադառնալու որ այդ ճիգը գրական չէ, երբեք։ Շարժումին վարիչները երբեք չեն այցուած գրական տագնապէ: Իրենց համար տիրականը՝ կրօնականն է։ Ու եթէ մօտ կրթանքներ են երկուքն ալ քանի որ հոգիին լաւագոյն տարրերով են պայմանաւոր չեն երբեք նոյն բաները: Գրականութեան մը համար դասական շրջաններ գտնելը մեկնաբանները, քննադատներու սիրական պատրանքներէն մէկն է։ Ու Մխիթարեանները ամէնէն առաջ մեկնողներ են: Ինծի համար անհնար է Հայ Գրականութեան համար ոսկեդար ընդունիլ շրջան մը ուր այդքան քիչ է ինքնաստեղծ մթերքին բաժինը: Ու մանաւանդ մարդոց վերագրել իրենց մտքէն երբեք չանցածը՝ Թէ մեր լեզուն (գրաբարը) այդ շրջանին միայն մեզի կը պարզէ կարելի կանոնաւորութիւն, կորով, արդարութիւն, չի նշանակեր թէ այդ իսկ փառքով անիկա արտօնուած է գրաւել տեղը գրականութեան։ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ Տիկին Սիպիլի ոտանաւորը, իբր լեզու, յաղթանակ մըն է բայց իբր բանաստեղծութիւն՝ անորակելի թշուառութիւն։ Բագրատունիի գրաբարը ուրիշ հրաշալիք, բայց իբր գրականութիւն դարձեալ անորակելի թշուառութիւն մը։ Այս երկու օրինակները բա՞ւ՝ որպէսզի ոսկեդարու հէքիաթ մը ինքնին վերածուի իր հէքիաթային տարողութեան։ Գրականութիւն մը, ամէն բանէ առաջ, ժողովուրդ մըն է։ Ու ժողովուրդի մը մէջ, շատ մը տուրքերու կարգին խօսքին ալ շնորհքը ունի գոյութիւն։ Թող ըլլային գրուած, այդ Ե. դարուն, գործեր որոնք Է. էն մինչեւ ԺԲ. դար Հայ Գրականութեան պահեստը կը կազմեն, այնքան խեղճ, թշուառ՝ իբրեւ արտայայտութիւն, բայց որոնց ետին ինծի կը տրուի գտնել իմ ժողովուրդին սրտազարկը. այն ատեն ես պիտի չվարանէի այդ դարը որակել իսկապէս ոսկի ալ, ադամանդ ալ եթէ կ՚ուզէք։ Այս հարցը ինքնին առանձին նիւթ մըն է՝ այստեսակ ծանօթութեան մը մէջ՝ ինքզինքը շատ նեղ զգացող։

[19] Պէտք է կարդացած ըլլալ առնուազն Ներսէս Շնորհալիի Յիսուս Որդին համոզուելու համար այդ ողբերգութեան անհերքելի ստուգութեան, գրչին տակ մարդու մը որ իրաւ, չըսելու համար մեծատաղանդ բանաստեղծ մըն է նոյն ատեն: Ու թղթատե՞լ Մխիթարի դպրոցին արշիւներուն մէջ քնացող բիւրաւոր քերթուածները՝ ուսանողներու, ուսուցիչներու խօլ, յուզիչ եռանդին արդիւնք, ու խորհիլ անոնց որոնք, իրաւ, օժտուած գրողներ (օրինակ Եղիշէ Դուրեան), աս ու ան թելադրանքներու անձնատուր, բազմութիւնները հաճեցուցին ու երգեցին, տաղ ու տող չափեցին ու քերթողի իրենց պսակը չաճեցան խորունկ հիասթափումներու գինով։ Պատմած եմ թէ ինչպէս Համբարձում Երամեան ուսուցիչը հերոսաբար իր Յուշերը խմբագրած էր Ապողոնի բարբառով ու կը պաշտպանէր իր այդ արարքը Գր. Մագիստրոսի մը կիրքովը, երբ այս երանելի իշխանը Հագարացի բանաստեղծի մը հետ մրցումի մը սիրոյն, կերպը գտած էր, չո՛րս օրուան մէջ երկու կտակարանները խտացնելու՝ հազար չափուած տողերում պարունակին, հիացնելով անշուշտ այդ Հագարացին որ այդ գինով պիտի դառնար քրիստոնէութեան լոյսին: Մագիստրոս եւ Երամեան իրարմէ հեռու են հազարի մօտ տարիներով, բայց երկւորեակներ կը թուին ինծի, իրենց մտքովը:

[20]     Թուրք բանաստեղծութեան համար սա հետաքրքրութիւնը հիմա կրնամ դատել քննադատական ախորժակներէ հեռու հակում մըն էր իմ մէջ, քանի որ կրօնա-բարոյական ոտանաւորը որմէ կ՚ախորժին միայն բռնակալութիւնները, ես կ՚ատէի մերիններուն իսկ մօտը։ Անոնց սիրային ոտանաւորը դարձեալ փարթամ բառակոյտ մըն էր, դասական մշակոյթի այսինքն՝ արաբերէն-պարսկերէն տաղաչափութեան հեշտանքին սպասարկուներուն, պաշտօնական, պսակաւոր քերթողներու վէզներու անսպառ օրէնքներուն մէջ շղթայուած։ Բայց խենդն էի Ժողովրդական սիրային երգերուն, այնքան իրաւ, տաք, երբ հոս ու հոն թափուած երիտասարդ արիւններուն հոգին էր որ կ՚ելլէր թռիչքի, բերնէ բերան, պատմելու համար մարդոց ամէնէն հարազատ ցաւը, սիրու ցաւը, նոյն ասեն մարդոց գերագոյն քաղցրութիւնը սա աշխարհի երեսին։ Թուրք բանաստեղծութեան համար իմ սա տկարութիւնը արեան երեւոյթ է անշուշտ։ Իմ ծննդավայր քաղաքը, Բիւթանիոյ Պրուսան, այսքան հեռուէն թերեւս քիչ մը վսեմացած (Ֆրէօտեան առումով) երբ կը փռուի հիմա իմ հոգեդաշտին, տարօրինակ հանդիսարան մըն է, արդար գրգարան մը, ինչպէս պիտի ուզէր պատկերել Ալիշան, ուր սակայն դրախտին հարսանիքին տեղը իշխէին ուրիշ, այս անգամ իրաւ ապրումները անյագուրդ երիտասարդին որ օրերով կրնար թափառիլ կայքէ կայք, ձեւէ ձեւ, գտնելու համար ակերը իր սարսուռներուն, բայց իրմէն դուրս, ուրիշ անդունդներու ներսը… Բացառիկ համայնապատկե՜ր, գետնէն ու բարձրէն, ջուրէն ու կանանչին ծովէն, բայց մանաւանդ մարդկայինին հանքերէն կին, աղջիկ, տղայ, մայը, իշխանուհի ու ահաւոր թրքութիւնը կարդացողներուն (Թուրք հօճաները)։ Ու շէնք, պարտէզ, պալատներ, հիւղակը՝ ասոնց շուքերուն, մզկիթ ու դամբարան, հսկայական յիշատակարան աղօթատեղիները սուլթաններուն, իւրաքանչիւրը իր պատմութեան ահը վարշամակած, մահուան դաշտեր, դաշտիկներ, խորտիկներ՝ երբեմն լման հովիտներ խորշոմող, երբեմն տուներու հանգոյցին խորը ընդելոյզ, բնկան, ընտանիք, երկու նոճիի կերոններովը հսկուած կամ հորիզոնը ընդարձակ սուգի մը մէջ պատանող՝ սեւ թաւիշովը մեռելներուն… Տեղերը հոգի մը ունին: Քանի քանիներ ըսած են ատիկա մեր անընկալ ջիղերուն: Բայց կուգայ օրը երբ կը հասկնանք` իմ ծննդավայր քաղաքը մեծ ծով մըն էր մարդկային կիրքին, հիւանդներու հանդիսարան մը: Գարնան վերջերուն ան ի՜նչ սրտառուչ տրտմութիւն էր թափառիլ ջերմուկներու պարտէզներուն ուր բանաստեղծին երգած թաւուտները կը նմանէին ֆանթասթիք թաղարներու, իրենց ծոցին պարման աղջնակը, ամբողջ աչք ու գանգուր, դեղին, դեղին, դեղի՛ն բայց այնքան յուզիչ, մահուան հետ դէմ դէմի, մօրկանը կուշտին որ շքեղ շէնք մըն էր միսի, խաղալով պզտիկի մը մազերուն հետ, գլխի մը վրայ ուր կաղապարը կար մահուան արուեստին… Ան ի՞նչ իրաւ բան էր վարը, իր հողին վրայ իր ձայնը արձակած բայց կանանչով անտեսանելի ծերուկի մը երգը որ կը պոռար, կը պոռար կեանքին սուտը, մինչ տաք ջուրերուն գոլորշին, արեւէն բոց առած, կը թռէր՝ ձայնը գահաւորելով…

[21]     1943ին մարդեր եղան որ Դ. Վարուժանի Դիակի Սայլը քերթուածը ջանացին խեցեվճռի ենթարկել, անոր պարունակութիւնը, այսպէս ըսուած գրական եթէ ոչ սալոնական ճաշակի դէմ մեղք մը յայտարարելով, դասագիրքի մը մէջ. իբր թէ դասագիրք մը ժողովուրդի մը չպատկանէր այլ հանդիսարան մը ըլլար աս ու ան նանրամիտներուն իրենք զիրենք ցուցնելու: 1943 ին այդ մարդերը դեռ չեն համարձակիր այդ նիւթերուն խորքին վրայ իսկ ուղղել իրենց յարձակումը, անշուշտ քիչիկ մը ամչնալնուն, ինչպէս հաւանաբար ուրուային զգայութիւններով իրենց մէկ փոքրիկ, շատ խեղճ մասը այդ նիւթերուն կապուած կասկածելուն։ Դեռ կան ուրիշներ, լէգէոն ասոնք, որոնք 1920ին, արդէն դատապարտած էին Արեւմտահայ գրականութեան ամէնէն հզօր այդ լարը, շովինիստական, կեղծ, տափակ վերադիրներուն տակ խղդելով զայն, առանց մտածելու որ Արուեստագէտ Սերունդը այդ զգացումէն հաներ էր ամէնէն մեծվայելուչ քերթուածները երբեւիցէ գրուած Հայկին լեզուովը: Նոյն իսկ անկանգնելի նկատուած հայրենասիրական երգերը եօթանասուն, ութսուն տարի առաջ այդ օրէն, ապրումներ էին, բոլորին հասողութեանը մէջ իրենց ուժը բիւրապատկած։ Մենք հիմա, աժան հերոսութեամբ մը երբ կ՚ուրանանք այդ ապրումները, կա՛մ տալթօնականներ (իմացականութիւնն ալ աչք մըն է ու ենթակայ հիւանդութեանց) ենք, կա՛մ խաբեբաներ:

[22]     Ընդարձակ ողբերգութիւն մըն է, Արեւմտեան իմացականութիւնը հիմնովին արժեզրկող, սա կրօնական գործունէութիւնը, զոր Արեւմտեան ազգերը փորձեցին հեռու եւ մօտ Արեւելքներուն մէջ։ Զիս չի շահագրգռեր թիւը չինացիներուն եւ հնդիկներուն (երկու անհուն զանգուածներուն համար ալ քանի մը միլիոնը չանցնող) որոնք այդ զոհողութիւններով, ուրացան իրենց հայրերուն կրօնքները եւ մկրտուեցան։ Բայց փաստ է որ Ամերիկեան Պորտը, Թուրքիոյ մէջ գործի սկսելէն ասդին, այսինքն սանկ երեք քառորդ դարու մէջ, միլիառներու փոխարէն մէկ հատիկ քուրդ մը չյաջողեցաւ Քրիստոսի փարախին առաջնորդել (միշտ նկատի չունիմ լըվանթէնները, հայերը, յոյները, արաբները որոնց համար կրօնափոխութիւնը պիզնէս մըն էր, վրէժխնդրական սնափառութիւն մը, կամ խելագարութիւն)։ Եւրոպական եւ ամերիկեան այդ միշըններու կրթական առաքելութիւնը կը նկատեմ սակայն գերագոյն չարիքը՝ ոչ թէ զանոնք՝ այդ ուսումները ընդունողներուն, այլ աւելի մատուցանողներուն։ Անգլիացիները իրենց երկրին դիրտն է որ այդ առաքելութեանց ձեւով շահագործել կը փորձեն Արեւելքի մէջ։ Ու չկայ աւելի նողկալի, տարօրէն չարաշուք հոգեբանութիւն մը քան ան որուն սէնպոլն են մասէօռները, մօնբէրները, բազմատեսակ միսսները երբ կը սորվեցնեն Արեւելքի տղոց իրենց երկիրներուն համար այլեւս արգիլուած ուսումներ… Ասկէ կէս դար առաջ Արեւմտահայ գրագէտ մը` Թլկատին ցի, անմահ էջի մը վրայ սեւեռած է մէկ տախտակը այդ մշակոյթին։ Քոյր Էմէլէն միայն գրական գոհար մը չէ, այլ է նշանատախտակ մը: Պաղեստին, ուր կը գրուին սա տողերը, անգլիական հոգածութեան, հոգատարութեան բարիքները ահաւոր արդարութեամբ մը փոխակերպած է աննահանջ չարիքի, զանգուածներու հոգիէն ներս, վասն զի անգլիացիներու հաստատած դպրոցներուն մէջ գործող միտքերը ահաւոր անգթութիւններ են իբրեւ իմացականութիւն, իրենց երկրին անարժան, ու անկանգնելի կերպով յիմար։ Դուրս չեմ զգար ինքզինքս, այս նկատողութիւնները ընդունելով ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին մէջ։ Արեւմտահայ գրականութիւնը իմ ժողովուրդին գրականութիւնն է, ու Արեւմտեան միտքին լաւագոյն ապրումներուն հետ (որոնք անոր զաւակներուն ամէնէն ազնուականներունը եղան) գործ ունեցան դարձեալ զանգուածները, միշտ մռայլ բայց դանդաղ հակազդողներ։ 1860ին, 80ին, 95ին, 915ին մեր ժողովուրդը աչքերը յառած էր այդ Արեւմուտքին, անկէ մատնուելու համար չարաչար։ Ուրիշներէն օգնութիւն մուրալու թշուառութիւնը չէ որ հոս ունիմ նկատի, այլ ինքնաբերաբար մեզի օգնութեան եկողներուն մօտ հոգեկան փտախտը:

[23]     Գաղափարներու զուգորդութեամբ մը կը գրեմ անունը Սանասարեանին որ մեր գրականութեան համար ամուլ անուն մը կը նշանակէ (մեր իմացական միւս գործունէութեան վրայ իր դերը՝ պայծառ, դուրս է նկատառումէս) ու զիս կը մղէ գերման ռէալշուլէներուն մեղքը տեսնելու այս արդիւնքին մէջ։ Այդ վարժարանին սպայակոյտը թող ըլլար առած իր ուսումը Գերմանիայէն դուրս, մենք, ապահով եմ, կ՚ունենայինք, առնուազն Սրուանձտեանցի շքեղ երազին իրագործումը, այսինքն՝ Հայ Հայրենիքին ամբողջական ուսումնասիրութիւնը եւ ոչ թէ ճղակտոր ուսուցիչներու թէկուզ հերոսական փաղանգը: Այնքան բախտորոշ է պարագաներուն դերը երբեմն։

[24]     Զարթօնքի սերունդին համար գրական նանրամիտ փառասիրութիւն մը չէ հիմնական ազդակ մը զանոնք գրելու մղելու, ինչպես է այնքան յաճախ պարագան Արուեստագէտ Սերունդի թէկուզ բարձրագոյն դէմքերուն համար, ու ինչպես է գրեթէ առանց բացառութեան, այսօր, Սփիւռքի գրողներուն շրջուած փառասիրութիւնը որ զանոնք ինքնատիպ ըլլալու կը հարկադրէ, եսամոլ ու նարկիuական շատ հզօր ախորժակներով։ Այսօր մարդիկ կը գրեն ամէնէն շատ իրենց անձին համար, քանի որ չկայ ատկէ դուրս զիրենք խանդավառող հոգեկանութիւն: 1860ին մարդիկ իրենց անձը ունէին անշուշտ բայց զայն առանձնացնելը, զայն պաշտելը չանցուցին մտքերնուն, պարզ այն աւագ պատճառով որ մօտիկն էին իրենց պապերուն որոնց ազնուագոյն առաքինութիւնն է եղած իրար հոգալ (ոչ անշուշտ բարձր խաւերու նախարարութեանց հաւանաբար օտարամուտ եսապաշտութեան հանրածանօթ վճիռը հերքելու զօրութիւն ունին սա բառերը հոս, այլ արտայայտել՝ մեր ժողովուրդը ապրեցնող ընկերային համերաշխութեան մութ փաստը, որուն համեմատ մեր գեղերը կը հասնէին հիւանդին, անկարին, հարուածեալին, չունեցողին, ահաւոր վտանգներու շրջաններն անգամ հանդուրժելու զանոնք կարող ընելով)։ Ամիսներով մեր տունը, իմ մանկութեան, խմորի տաշտը սարդերու բոյն է ելած, բայց մենք անօթի չմնացինք։ Դառնալով 1860ի մարդոց հոգեբանութեան, արդար է, այս վիճակը պարզաբանել հոս, ու տալ կշիռը այդ համալսարանական ուղեղներու ծանրութեան: Ոչ մէկ փոքր սնափառութիւն՝ երբ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան մը Քաջորդւոյն թաղումը (որ Հայ Քաջորդի ընդհանուր վերնագրին տակ խմբած է մէկէ աւելի քերթուածներ, առանց թարգմանութիւն ծանօթութեան) քերթուածին ստորոտը կը զանցէ փոխադրութեան հասցէն, վասնզի կայ անոր մտքին համար իր անձէն շատ վերհսկայ խանդավառութիւն։ Այդ թուականներուն (1862) Զէյթունի ապստամբութեան խելացնոր փառքը կ՚ապրին բանաստեղծն ու քարափի Մշեցի բեռնակիրը հաւասար առքով, ու կրթուած երիտասարդ մը չայցուիր իսկ ուրիշին ապրանքը իւրացնելու առնուազն անպարկեշտութեան խայթէն։ Ու ատիկա իրական է գրեթէ այդ սերունդի բոլոր ներկայացուցիչներուն։ Անոնք հեղինակելը չէին արժեւորեր մեր օրերու կշիռներով։ Գոհ էի, երբ իրենց ժողովուրդին հոգին յուզող գեղեցկութիւններ կարող ըլլային անոր մատուցանելու: Մնացեալը զիրենք կը ձգէր անտարբեր: Ն. Ռուսինեան՝ հաստատ, գրապաշտ, օգտապաշտ բժիշկ մը, երբ թուրք սպարապետի մը հետ (Սատրազամ Ֆուատ Փաշա) կ՚անցնի Կիլիկիոյ դռներէն, կը թարգմանէ ֆրանսացի այսօր հիմնովին մոռցուած բանաստեղծի մը Ma Normandieն, զայն վերնագրելով Կիլիկիա, երբեք չայցուիր թարգմանօրէնը կցելէ, վասնզի թարգմանութիւն մը չէր որ կատարած էր, այլ բնագիրը հարիւր անգամ գերազանցող գեղեցկութեամբ (որ յարաբերական տարազ մըն է ոչ միայն մարդոց զգայարանքներուն այլ անոնց միտքին ալ համար) իրաւ քերթուած մը ստեղծած։ Բժիշկ Վ. Թորգոմեան սխալի մէջ չէ երբ այդ քերթուածը ինքնագիր կը յայտարարէ Հ. Ամսօրեայի մէջ Ռուսինեանի վրայ իր ընդարձակ ուսումնասիրութեան ընթացքին: Պէշիկթաշլեանի մօտ նոյն քերթուածին Մինչդեռ յուսով խայտայ բնութիւն վերտառութիւնը՝ թարգմանօրէն, պատահական խղճահարութիւն իսկ չէ։ Արդարեւ այդ սերունդին համար այսօրուան դիւրազգածութիւնները ոչ միայն անգոյ կրնան նկատուիլ, այլեւ նոյնիսկ ամօթալի։ Ի՞նչ հերոսական պարզմտութիւն՝ երբ փափուկ, ջախջախուած, նրբահիւս ջիղերով տղաք, առանց տարակոյսի կ՚անցնին իրենց աշխատանքի սեղաններուն ու կը գրեն, կը գրեն, կը գրեն, ահաւոր տարապարտակին կործանարար ծանրութիւնն իսկ չզգալով իրենց դատապարտեալ մարմիններուն վրայ, որպէսզի հայոց խեղճ ու պատառ դերասանները, բոլորն ալ իրենց պէս նոյն առքէն վարակուած, այդ գրուած խօսքերը փոխադրեն զիրենք լսելու փութացող հարիւրաւորներու հոգիներէն ներս…։ Քանի մը տարիներու ընթացքին, Պ. Դուրեան բանաստեղծը տասնէն աւելի ողբերգութիւններ յօրինած է: Ու չեմ ենթադրեր որ գրական իր զգայարանքը այդ ամէնուն սնոտիքը չըլլար կշռած։ Նոյնն է պարագան Մ. Պէշիկթաշլեանին, Աւելի՛ն։ Երկուքն ալ ոչ միայն գրած են (թարգմանելը ուրիշ բան չէ արդէն, այլեւ իրենց հիւծած թոքերը դատապարտած են բեմին փոշիներուն ու դերասանական բլաւումներուն, միշտ իրենց ժողովուրդի սիրոյն: