ՄՈՒՏՔ
Գրական
այն
ճիգը
զոր
մեր
ժողովուրդը,
երկու
հատուածներով,
(արեւելահայ
եւ
արեւմտահայ),
նոյնաժամանակ
բայց
տարբեր
պայմաններու
հանդէսի
մը
մէջ,
իրագործեց՝
իր
պատմութեան
վերջին
երկու
դարերուն,
(երկրորդը
իր
կէսին
մէջն
է.
առաջինին
կէսը
կրնանք
առանց
անտեղութեան
ընդունիլ
իբր
վերջին
շողարձակումը
տասնըհինգ
դարու
տեւողութեամբ
ուրիշ
ստեղծագործ
ճիգի
մը,
պարզ
բառով՝
հին
մատենագրութեան,
որով
կ՚ունենանք
լման
դար
մը
գրական
գործունէութեան.
)
կուտայ
նիւթը
ներկայ
աշխատասիրութեան,
մասնաւորուած՝
անոր
մէկ
թեւին,
արեւմտահայ
գրողներու
երկունքովը
պսակաւոր:
Կ՚աւելցնեմ
անմիջապէս
որ
այդ
ճիգին
արդիւնք
զոյգ
մեր
գրականութիւնները
մեր
ժողովուրդի
պատմութեան
ազնուագոյն
փաստերը
կը
նկատեմ,
—
դժուար
բացատրուող
բայց
ակնբախ
իրականութիւն
մը
ըլլալէ
չդադրող
հարստութիւնը,
տալով
հանդերձ
պատշաճ
արժեւորում
այդ
ժողովուրդին
իմացական
այլապէս
հպարտ,
աղուոր,
կենդանի
միւս
արտայայտութիւններուն՝
լեզուին,
երաժշտութեան,
ճարտարապետութեան,
շինարար
հռչակուած
տուրքերուն
եւ
ամէնէն
աւելի
իր
հոգեխառնութեան
որ
զինքը
կ՚ընէ
տարբեր,
ինքնատիպ
ու
սխրալի
նոյն
ատեն։
Արեւելահայ
գրականութեան
լիակատար
վերլուծում
մը
ինծի
պիտի
պարտադրէր
իմ
ուժերէս
վեր
աշխատանք
մը:
Այդ
է
պատճառը
որ
սահմանափակեմ
ինքզինքս
ու
ձգեմ
ուրիշներու
այդ
շատ
քաղցր
պարտքին
վճարումը։
Նպատակս
է
ուրեմն,
արեւմտահայ
հատուածով
իրագործուած
գրական
արդիւնքը՝
դարու
մը
կեանքի
բիւրեղացում,
դնել
ընթերցողի
աչքին,
համապատկերի
մը
ձեւով։
Այս
քան
պարզ
թուող
սա
աշխատանքը,
իրականին
մէջ,
պայմանաւոր
է
բազմատեսակ
տագնապներով:
Խառն,
խակ,
շփացուած,
ուրացուած,
իր
ճիշտ
կերպարանքէն
աղճատուած
նոյնիսկ,
զանազան
ճաշակներու,
ազդեցութեանց,
բռնութեանց
նպատակ
դէզ
մը
կայ
իմ
առջեւ
գործերու
եւ
շքահոյլ
մը
անուններու։
Ատոնց
մէջէն
կատարել
արդար
զտումը,
տալ
արժանաւորին
իր
վարձքը,
ու
ապարժէ
արդիւնքն
ալ
թաղել
պատմութեան
փոշիին
տակ,
գործ
մըն
է
որ
կը
պահանջ
է
խանդավառութիւն,
թափանցում,
ու
անաչառ,
կորովի
անկեղծութիւն
մը։
Մեր
տկարութիւնը`
թերեւս
պատճա՛ռ,
որպէսզի
մենք
գուրգուրանք
դողդղագին
մեր
նուազագոյն
արժէքներուն
ալ
վրայ
ու
անոնց
մասին
անգամ
մը
կազմուած
մեր
հիացումները
վերածենք
սրբութեան։
Դպիլ՝
օրինակի
մը
համար,
Ալիշանի
մը
բանաստեղծական
վարկին,
մեզմէ
շատերուն
համար
ազգադաւութեան
մօտեցող
կատարեալ
սրբապղծութիւն
մըն
է,
տակաւին
այսօր,
երբ
հարիւրի
մօտ
տարիներ
կը
ծանրանան
պատուական
աբբային
գործին
վրայ՝
շատոնց
մոխրացած,
իր
ամէնէն
ազնուական
կենսախորշերուն
իսկ
ներսը։
Չեմ
զարմանար,
քանի
որ
վարժութիւնը,
իմացական
անգործութիւնը
հզօր
մղումներով
միայն
կը
պղտորուին
իրենց
պանդոյր
փառքին
մէջ։
Բացէք
ընթացիկ,
նոյնիսկ
որոշ
վարկի
բարձրացած
գրականութեան
պատմութիւններ,
այս
անգամ
օտարներէն:
Ձեր
գտնելիքը
մօտաւոր
վիճակ
մըն
է
անոնցմէ
ալ
ներս:
Ինչ
փոյթ
որ
անգլիացի
մատաղ
երիտասարդի
մը
համար
այսօր
անկարելի
ըլլայ
օրինակի
մը
համար
Պայրընէն
Մանֆրէդը
աւարտել՝
ինչ
փոյթ
որ
հանրահռչակ
գիրք
մը՝
Ֆաուստը,
այսօր
մեզի
թուի
հիմնովին
կեղծ,
կամ
Հիւկօյի
ութսունը
անցնող
բանաստեղծական
հատորները
գրականութեան
դասախօսները
միայն
հետաքրքրեն,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
շատ
քիչ
բան
պատմեն
մարդոց
կեանքէն։
Մարդոց
միջինը
լսած
է
այդ
անուններուն
փառքը
ու
չի
կրնար
մոռնալ։
Նոր
հեղե՜ղ
մը
որ
աւլէր
այդ
պատմութիւնները
իրենց
փոշիներէն։
Կը
հաւատամ
թէ
մօտ
է
այդ
օրը:
Մեր
մէջ,
դժբախտութիւնը
ունի
ուրիշ
երես։
Մենք,
ինչպէս
ըսի
քիչ
վերը,
մեր
գրականութեան՝
աւելի
ճիշտը
մեր
գրողներուն
պաշտամունքը
նոյնացուցած
ենք
ազգասիրութեան
պարտքի
մը՝
հետ:
Չենք
յօժարիր
ընդունիլ
որ
վաւերական
տաղանդը
չի
վախնար
տաքէն
ու
պաղէն
ու
կը
դիմաւորէ
սերունդներուն
արհամարհանքը,
հերիք
է
որ
ըլլայ
օժտուած
այդ
կարծրութեամբ։
Աւելի
քան
ստոյգ
է
որ
հարիւր
տարի
առաջ
ընթերցողը
խանդավառող
քերթուած
մը
հարիւր
տարի
վերջ
չի
կրնար
մեռնիլ,
եթէ
երբեք
իր
մէջը
ունի
կեանքի
յաւիտենական
խմորէն
փշրանք
մը
բան։
«Նորահրաշ
պսակաւոր»ը
զիս
կը
տպաւորէ
երէկ
գրուած
բանաստեղծութիւն
մը
ինչպէս,
հակառակ
անոր
որ
զայն
լեցնող
հոգեխառնութեան
մէկ
որոշ
բաժինը
ինծի
ըլլայ
հիմնովին
օտար,
մինչ
անոր
մէկ
ուրիշ
մասը
կը
պատկանի
իմ
այսօրուան
ապրումներուն։
Կրնաք
վստահ
ըլլալ
որ
«Երգ»
(Յընտրութիւն
Վ.
Հ.
Գէորգեայ
Վարդապետի
Աբբայ
Մխիթարեան
Ուխտին,
Մ.
ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ)
վերնագրուած
ընդարձակ
բանաստեղծութիւնը
ինչ
միապաղաղ
ու
հզօր
հիացում
է
ապրած
իր
ժամանակին։
Բայց
կը
ղրկեմ
ձեզ
Տաղք
եւ
Թատրերգութիւնքին
որպէսզի
համոզուիք
թէ
որ
քան
ընդարձակ
բառակոյտ
մը
կը
պառկի
այդ
էջերուն
մէջ:
Տրտումը
սա
կացութեան
մէջ
կուգայ
անկէ
որ
այդ
քերթուածին
նիւթը
իմ
պատմութիւնն
է,
իմ
պապերուն
վաւերական
փառքն
ու
ողբերգութիւնը,
բայց
վարդեջրուած,
կեղծ,
տաղաչափներու
թրիւքներով
սպառազէն։
Այս
օրինակը
կը
բաւէ
թելադրելու
ամբողջ
վարանքը,
խղճահարութիւնը,
տագնապը
որոնք
գրականութեան
պատմիչը
կը
համակեն
երբ
անիկա
մտնէ
շփումի՝
նման
փորձերու,
փորձանքներու
հետ։
Ընդարձակ
ծիրով
սա
աշխատասիրութեան
մուտքին
աւելորդ
չեն
սա
զգուշաւոր
ճշդումները:
Չեմ
ձեռնարկած
իմ
գործին՝
կաղապարեալ,
կազմ
ու
պատրաստ
կարծիքներ,
հիացումներ,
դատումներ
ու
բաջաղանք
մէկ
ձեռքէն
առնելով
միւսին
անցընելու,
ինչպէս
սովորաբար
կ՚աշխատին
գրականութեան
պատմիչները։
Ի
յառաջագունէ
կը
մերժեմ
ինծի
ամէն
նկատում,
հիացում,
պարսաւի
կիրք։
Գործերուն
հետ
անձնական
շփո՛ւմը։
—
Ահա
թէ
ուր
է
արդարացումը
իմ
աշխատանքին։
Գրականութիւնը
գիտութիւն
մը
չէ:
Զայն
չենք
սորվիր,
կ՚ապրինք:
Վտանգը,
անշուշտ,
միամիտ
չեմ
վարագուրելու,
անձնականին
վստահելով
բաներ
որոնք
անձէն
վեր
են,
առնուազն
ցեղինը։
Բայց
կը
փութամ
յայտնել
միեւնոյն
ատեն
որ
իմ
տպաւորութիւնները,
գործերէն,
չեն
նման
իր
այն
միւսներուն
տպաւորութեանց
որոնք
գիրքերու
յաճախանքը,
դասաւորումը
բաւ
կը
համարեն
դատումի
արտօնութեան
մը։
Վէպ,
թատրոն,
քերթուած,
քրոնիկ,
քննադատական
վերլուծումներ
—
այսինքն
արեւմտահայ
գրականութեան
հիմնաւոր
սեռերը
եւ
փորձեր
եմ,
գալէ
առաջ
անոնց
գնահատման:
Հոս
կը
զատուիմ
ուրեմն
դատողներու
հասարակաց
փաղանգէն
ու
իրենց
կշիռներէն։
Ուրիշ
խնդիր՝
տեսակարար
տարողութի՛ւնը
իմ
տպաւորութեանց:
Կը
վստահիմ
սակայն
անոնց
առնուազն
վաւերական
ապրումներ
ըլլալու
արժէքին,
մանաւանդ
զանոնք
արտայայտելու
մէջ
իմ
կողմէ
խղճմտօրէն
փնտռուած,
պաշտպանուած
անկեղծութեան։
Աւելորդ
չէ
հոս
յիշել
թէ
հազիւ
քանի
մը
հեղինակի
համար
անձնական
շփումը
(գործին
ի
հարկէ)
անկարելի
եղած
է
ինծի
գործադրել։
Անոնք
ալ
Զարթօնքի
սերունդին
այն
դէմքերն
են
որոնց
վաստակը
արձանագրուած
է
առաւելապէս
հանրային,
կրթական,
լեզուական
մարզերու
գլխուն,
Արփիարեան
այդ
սերունդին
շուրջ
իր
թռուցիկ
նօթերուն
մէջ
(Գեղունի,
Բանբեր)
գործադրած
է
կարելի
արդարութիւն,
թերեւս
առանց
ալ
գիտակցելու,
երբ
Ն.
Ռուսինեանի
կենդանագիրը
յօրինելու
համար
սրտագին
նուիրած
է
մեծադիր
չորս
էջեր,
ու
չէ
տառապած
իր
միամտութեան
ալ
որակէն,
նոյն
շարքին,
չորս
հինգ
տող
միայն
շնորհելով…
Պետրոս
Դուրեանին:
Արդ,
Նահապետ
Ռուսինեան
վստահաբար
գիտեմ
թէ
յաջորդ
սերունդին
նկատառմանը
մէջ
պիտի
դադրի
արեւմտահայ
գրականութեան
պատկանելէ,
գտնելու
համար
փառքի
իր
արժանաւոր
պատուանդանը
Հայոց
պատմութեան
մէջ։
Այնպէս
որ
աղբիւրի
անբաւարարութիւնն
է
պատճառ
որպէսզի
Ն.
Զօրայեան,
Ն.
Ռուսինեան,
Ստեփան
Ոսկան,
Խաչատուր
Միսաքեան
մնան
ուրուագրային
վիճակի
մը
մէջ։
Այս
զանցումը
զրկանք
մըն
ալ
չի
կազմեր
արդէն
արեւմտահայ
գրականութեան
յեղաշրջումը
ընդգրկող
ախորժակի
մը
մէջ։
Մարդեր
էին,
իրարու
ժամանակակից,
շատ
մը
կէտերու
մէջ
իրարու
ներհակ
մտայնութիւններով,
նկարագրի
շեշտ
հակադրութիւններով
բայց
ունէին
նոյն
ատեն
հասարակաց
ալ
հակումներ:
Ու
այդ
հակումները
կը
սնանէին
գործօնութեան
ակերէն,
քիչ
անգամ
արուեստին
ջուրերէն։
Այսպէս
պատճառաբանելէ
վերջ
սա
զեղչը,
դիտել
կուտամ
որ
ԿԵԱՆՔԻՆ
ու
անոր
անդրփոխանցումը
(transposition)
կազմող
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
միջեւ
այս
կորուստը
պարտադրեալ
դժբախտութիւն
մըն
է:
Ինչ
համեմատությամբ
որ
իրարմէ
կը
տարբերին
միսերուն
մարմարը
եւ
թուղթը,
նոյն
համեմատութեամբ
իրարմէ
հեռու
բաներ
են
յաճախ
մարդկային
կսկիծ
մը
ու
ասիկա
թուղթին
սեւեռել
յաւակնող
…
քերթուած
մը:
Կը
կրկնեմ
ուրեմն.
Նպատակս
է
դարու
մը
կեանքին
(արուեստի
ելած
իր
կերպարանքին
մէջ)
համապատկերը
դնել
ընթերցողի
աչքին։
Իր
ճիշդ
առումին
մէջ
ներկայ
աշխատանքը
թերեւս
ուղղափառ
պատմութիւնը
չէ
արեւմտահայ
գրականութեան,
ինչպէս
չի
կրնար
ըլլալ
այդ
բանը
ամէն
համապատկեր
որեւէ
մարզի
վրայ՝
ըսել
կ՚ուզեմ՝
հաւատարիմ
անդրադարձ
մը,
մանրամասնութեանց
հարազատ
հանդէսով
այն
իրողութեան
որ
կեանքն
էր
այդ
պատկերներուն
ետին։
Ու
կը
ճշդեմ.
—
Պէտք,
չէ
շփոթել
գրականութեան
պատմութիւնը,
ասոր
համապատկերը,
այն
միւս՝
դուրսէն
բոլորովին
նման
թուող
բայց
ներքնապէս
հիմնովին
տարբեր
գիտութեան
հետ
զոր
կ՚անուանենք
մատենագրութիւն:
Այս
վերջինը
գիրքերու
գիտութիւն
մըն
է
եթէ
կը
ներուի
այս
բացատրութիւնը։
Անիկա
ուրիշ
բան
չէ
եթէ
ոչ,
կարելի
մանրամասնութեամբ,
ստուգութեամբ
որեւ
է
լեզուով
լոյս
տեսած
բոլոր
գործերուն
տեսակ
մը
հաւատարիմ,
քիչ
ընդհատով
անուանացանկը։
Այսպէս
է
որ
մտապատկերուած
է
անիկա
մերիններուն
մօտ,
մանաւանդ
մեր
հին
գրականութեան
մթերքին
դիմաց։
Ու
մեր
նոր
մատենագրութիւնները
տեսակ
մը
կրկնութիւնն
են
էին
այդ
յղացքին:
Բայց
եւրոպացիք
այդ
աշխատանքին
համար
ունին
արդար
բառը՝
bibliographie։
Ուրիշ
է
histoire
littéraireը։
Հասկնալի
է
որ
յաջորդող
էջերը,
գիրքերը,
հատորները,
ներկայ
ընդարձակ
աշխատասիրութեան
ընթացքին,
չունենան
նման
առաջադրութիւն
մը,
նախ
հիմնական
իսկ
մտայղացքէն
ղեկավարուած՝
որ
կը
ձգտի
հմտութենէն
անդիին՝
անշուշտ
առանց
զայն
արհամարհելու,
բայց
անկէ
ձերբազատ
մնալու
հաստատ
փառասիրութեան
մը,
հասնելու
համար
կեանքին
վերարտադրումին
որ
կանխող
դարուն
կէսերէն
ասդին
նորոգված
է,
այնքան
բարեբաստ
արդիւնքներով,
բոլոր
պատմող
կրթանքները
եւ
որուն
սկզբնական
փորձերը
հազիւ
մուտք
ունին
արեւմտահայ
մանաւանդ
գրական
վերկառուցումներու
մէջ։
Երկրորդաբար,
այս
աշխատանքը
դարձեալ
կը
մնայ
ենթակայ
նիւթական
կարելիութեանց
ճնշումի
մը:
Ոչ
ոքի
համար
գաղտնիք
է
որ
արեւմտահայ
գրականութեան
առաջին
շրջանին
յատկանշական
էջերը
կը
քնանան
հանդէսներու,
օրաթերթերու
հաւաքածոներուն
ծոցը։
Երուսաղէմի
Մատենադարանին
մեծագոյն
դժբախտութիւնն
է
այդ
կողմէն
ահաւոր
կերպով
պակասաւոր
ըլլալը:
Կը
հետեւի
թէ
հմտականին
ձգտումը
անիրագործելի
աշխատանք
մը
պիտի
պարտադրէր
ինծի։
Վիէննա,
Վենետիկ,
հայ
ներկայ
իրականութեան
մէջ
այն
բացառիկ
կայքերը
կը
կազմեն
ուր
խնամքով
ամփոփուած
են
արեւմտահայ
լեզուով
լոյս
տեսած
գրեթե
բոլոր
գիրքերը,
պարբերական
հրատարակութիւնները,
հարիւր
տարուայ
ընթացքով։
Երկու
հաստատութիւններն
ալ
(Մխիթարեան)
կատարած
են
արեւմտահայ
գրականութեան
հոլովոյթը
պատկերել
ջանացող
աշխատասիրութիւններ.
գլխաւորաբար
Վենետիկը՝
որ
իր
մէկ
միաբանին
գրիչովը
Զարթօնքի
սերունդին
եւ
Ռոմանթիկներուն
վրայ
ծաւալով
պատկառելի
բայց
որակով
անտարազելի
գիրքեր
չէ
վախցած
լոյս
ընծայելէ:
Խորունկ
ցաւ
է
ինծի
որ
այսքան
նպաստաւոր
պայմանների
պաշտպանուած
այդ
ընդարձակ
վաստակը
(Հ.
Ս.
ԵՐԵՄԵԱՆԻ
Գրագէտ
Հայեր
շարքը)
ըլլայ
այդքան
անիմաստ
թղթավաճառութիւն։
Բազմավէպի
դժբախտ
խմբագիրը
կարելի
ընող
մտայնութի՞ւնը:
—
Հոս
է
արդէն
ողբերգութիւնը,
քանի
որ
Վենետիկէն
դուրս,
այդ
գրականութեան
իրաւապէս
տէր
ու
տիրական
Պոլիսը
իր
կարգին՝
չէ
տառապած,
այդ
հարիւրամեայ
ճիգը
լրջութեամբ,
արժանաւորութեամբ,
քիչ
շատ
խելքով
համադրել
[1]
ձգտող
փառասիրութեամբ
մը:
Ներկայ
աշխատասիրութիւնը
փորձ
մըն
է
այդ
պակասը
դիմաւորելու:
Այս
յայտարարութեանց
զսպանակը
ան
է
որ
իմ
աշխատասիրութեան
մէջ
իմ
ուշադրութիւնը
կեդրոնացած
է
քանի
մը
հիմնական
(ինծի
համար)
նկատուած
ուղղութիւններու
վրայ:
Մատենագիտութիւնը
(որմէ
գեղեցիկ
նմոյշ
մըն
է
Հ.
Ա.
Ղազիկեանի
ընդարձակ
հաւաքումը,
դժբախտաբար
կէս
մնացած)
ամէնուն
մատչելի
զբաղանք
մը,
նոյնիսկ
արդար
փառասիրութիւն
մը
երբ
կը
նկատեմ,
չեմ
նանրամտիր
իմ
ընելիքը
ոսկեզօծելու։
Ուրիշ
բան
է
գրականութիւնը,
արարքը՝
ի՛նքը,
ուրիշ՝
այդ
արարքին
շուրջ
վիճակագրական,
հմտական
թէ
կուզ
որոշ
ճաշակով
պաշտպանուած
կառուցում
մը։
Պատկառելի
բանասէր
մը
(Հ.
Աճառեան)
իմաստասիրական
որոշ
ալ
ախորժակներու
իր
երեւան
բերած
փաստերովը,
հակառակ
պրպտման,
անտիպին
հանդէպ
իր
շեշտ,
ջերմ
սիրոյն,
անբաւական
է
դուրս
եկած
գրական
իրողութիւնը
նուաճելու,
անոր
հասնելու
որոշ
իր
ցանկութիւնը
ազատագրած
չըլլալով
հրապարակին
պահանջներէն։
Այս
դարուն
սկիզբը,
անկէ
առաջ,
տակաւին
անոր
կէսերուն,
գրականութեան
պատմութիւնը
արեւելահայերուն
համար
ուրիշ
բան
չէ
եթէ
ոչ
գիրքերուն
պարունակութիւնը
համառօտել,
անոնց
հեղինակները
կենսագրել:
Ուրիշ
օրինակ
մը
հակառակ
եզրէն,
ուր
գրական
թափանցումը
կը
մնայ
տիրական
բայց
չի
պաշտպանուիր
իմաստին
ճնշումովը,
ես
կուտամ
խառն
աշխատող
Արշակ
Չօպանեանը
որ
մենագրութիւններու
վրայ
սիրած
է
դնել
շեշտը՝
արեւմտահայ
գրական
վաստակը
երբ
կը
դատէ,
անտեսելու
չափ
մթին
զարկը
որ
ժողովուրդի
մը
հոգին
էր
երբ
կ՚ապրէր
անիկա,
ու
այդ
հոգիին
վկայութիւնը
իբրեւ՝
կ՚ապրի
իրմէն
վերջ,
իր
հետ
աղերս
պարզող
բաներուն
ներսը,
գիրք,
տաճար,
երգ,
գոյն,
—
ինչ
որ
կ՚ախորժինք
մշակոյթ
անուանել։
Կա՞յ,
ուրիշ
կերպ
մը
որ
արտօնէր
համադրողը,
գտնելու՝
գիրքերու
եւ
կամ
ուրիշ
նախանիւթերու
ճամբով,
հոգեկան
տարողութիւնը
տրուած
ժողովուրդի
մը։
Պատասխանը,
առջի
բերան
դիւրին,
բայց
հեռու
է
այդքան
պարզ
ըլլալէ։
Գիրքերը
դատողները,
համադրական
փորձերու
ճարտարապետները,
յաճախ
գրադարանի
առնէտներ
կամ
ընդհանուր
տեսութեանց
օդաճեմ
ասպետներ
են։
Մտադրած
եմ
հմտութիւն
չհոտիլ,
ինչպէս՝
աւելորդ,
կասկածելի
ընդհանրացումներու
լպրծուն
հմայքը
հարուածել,
ամէն
անգամ
որ
գործեր,
անուններ,
վիճակներ
զիս
մօտիկը
դնեն
ամէն
քննադատի
համար
այդքան
հաճելի,
բայց
այնքան
ալ
վտանգալից
առիթներու,
—
լքելու
իրողութեանց
դաշտը
ու
…
զառածելու:
Հիմնական
այն
ուղղութիւնները
որոնց
մտադիր
հետեւող
մը
սիրած
եմ
ըլլալ,
իմ
ձեռնարկի
ընթացքին,
վերածելի
են
սա
տեսակ
քանի
մը
ինքնին
պարզ
տարազներու,
իրենց
կարգին
բաւական
հաստ
ու
հաստատ,
գրեթէ
ամէն
շրջանի
վրայ
գործադրելի
ըլլալու
հանգամանքներով
ալ
այլապէս
բարերար:
Այսպէս
զիս
կը
հետաքրքրեն.
—
ա)
ԳՈՐԾԵՐԸ
անշուշտ,
ու
ամէնէն
առաջ.
առաջ
նոյնիսկ
քան
զիրենք
երկնողները
որոնք
աւելի
կորստական
կաւէ
յօրինուած,
կ՚ապականին
յաճախ
իրենց
արդիւնքներուն
հետ
խոտոր
համեմատող
արագութեամբ
մը։
Գործեր
բայց
վճռական
տարողութեամբ,
արժէքով՝
հոգ
չէ
թէ
համբաւէն
չփացուած,
գերցած,
անճանաչելի
ըլլալու
չափ
այլանդակուած
եւ
կամ
հակառակէն՝
բախտէն
լքուած,
ուրացուած,
մոռցուելու,
մեռնելու
աստիճան։
Այս
քմայքները
բան
չեն
փոխեր
իմ
հետաքրքրութենէն,
հերիք
է
որ
անոնց
մէջ
մեր
հաւաքական
զգայնութեան,
ցեղային
ապրումներուն
մէկ
սարուածը
(թէկուզ
հատուածական),
մեր
միտքին
մէկ
քանդակը,
մեր
երեւակայելու
ուժին
ու
մեր
անդրադարձելու
շնորհներուն,
աւելի
պարզ
բանաձեւով՝
մեր
արուեստի
զգայարանքին
կնիքն
ու
փաստերը,
մեր
պատմութեամբ
յօրինուած
կեանքէն
մեր
ներսը
իբրեւ
հոգեղէն
մարմին
մեր
մէկ
յատկանշական
հայեացքը
(աշխարհա),
մեր
խառնուածքը
ըլլան
սեւեռուած։
Այդ
գործերը,
խղդուած
իսկ
ըլլան
ահաւոր
խառնակոյտովը
գրական
սնոտիքին,
նանրամտութեան,
իմ
մէջ
ունին
անառարկելի
արժէք։
Այսպէս,
ամէնուն
հիացումը,
հետաքրքրութիւնը,
առնուազն
համակրութիւնը
շահած
գործեր
են,
օրինակի
համար,
Միամիտի
մը
Արկածները՝
որուն
մէջ
սակայն
իմ
ժողովուրդին
ոչ
մէկ
ընդունակութիւնը
զիս
չի
մղեր
զիջումի.
Կիլիկյան
Արհաւիրքը՝
որ
զարհուրագին
վիճակներու
հանդէս
մը
ըլլալուն
հակառակ,
հազիւ
ինքզինքը
կ՚ազատագրէ
սարսափի
սեռին
նոյնքան
զարհուրագին
սնոտիքէն:
բ)
ԴԷՄՔԵՐ,
հասկնալի՝
գրողներու,
դարձեալ
վճռական
կնիքով.
աւելորդ
է
ըսել՝
վաւերական
տաղանդով։
Որոնց
հայեցի
հարազատութիւնը
ինքնին
գրաւական
մը
պիտի
կազմէր
եթէ
ոչ
հիմնական
գէթ
մասնակի
անբաւարարութեան
մը
գրականին
մէջ։
Դժուար
է
արդարօրէն
արժեւորել
Գ.
Սրուանձտեանցի
դէմքը,
տրուած
ըլլալով
բազմերախտ
եկեղեցականին
բազմազանակ
հետաքրքրութիւնները,
բայց
նոյնքան
դժուար՝
ուրանալ
անոր
խորունկ,
հարազատ
զգայնութիւնը,
մինչ
աւելի
կոկ,
ներդաշնակ,
գրականին
մէջ
ներկուռ
վայելչութեան
տիրացած
Թովմաս
Թէրզեանին
համար
վճիռ
մը,
որքան
ալ
անգութ,
կրնայ
արձակուիլ,
ընդդէմ
ընկալեալ,
զինանիշով
պսակաւոր
մագաղաթեայ
վկայութեանց
դրուատանքի
պատկառանքին։
Իրենց
լիութեան
ամբողջ
գեղեցկութիւնը
բանալու
չհասած,
չըսելու
համար
իրենց
մատաղունակ
շրջանին
իսկ
ճակատագրէն
խղդուած
իրաւ
պատկերը
Վահան
Մանուէլեանի
մը,
սրտառուչ
ուրուանկարը
Շաքարեանի
մը,
հալումաշ
բայց
անաւարտ
կիսադէմքը
Օհան
Կարօյի
մը,
իրաւունքն
ունին
փառքի
եթէ
ոչ
պսակներուն,
գոնէ
պատուանդանին
ուր
իրենց
անդրիները
ահա
կէս
դար
է՝
խարսխուած
կը
պահեն
Թովմաս
Թէրզեան,
Մկրտիչ
Աճէմեան,
Մինաս
Չերազ,
Նար-Պէյ,
Ռէթէոս
Պէրպէրեան,
բոլորն
ալ
հեղինակներ
որոնց
խեթիւ
չէ
հայած
բախտերուն
ամէնէն
անհեթեթը՝
գրականութեան
բախտը։
գ)
ՄՏԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ,
որոնք
գրական
գործերու
մէջ
բիւրեղանալէ
առաջ
ապրեր
են
իրենց
խուլ,
անթեղեալ,
չըսելու
համար
աստեղային,
միգամածային
դրութիւնները,
քալեր՝
իրենց
թաւալումները
կեանքին
մեծ
զարկերուն
ներքեւ,
պեղեր՝
զանգուածներուն
անյարիր
զգայութիւններուն
մթին
բաւիղները,
ստեղծեր
բռնկումներ,
փլուզումներ,
ժայթքումներ,
աղէտներ
ու
հարստութիւններ,
ու
կերպով
մը
յարդարեր
են,
իր
մեծ
գիծերուն
իմաստին
մէջ,
ճակատագիրը
մեր
ժողովուրդին:
Եղիշէն
վկայութիւնն
է
մտայնութեան
մը,
այն
տարողութեամբ
զոր
կը
պահէ
իր
մէջ
քսաներորդ
դարու
գիրք
մը՝
տիկին
Եսայեանի
Աւերակներու
մէջը,
մէկ
ու
նոյն
հոգիէն
փրթած,
հակառակ
այսքան
դարերով
անջրպետուած,
այլակերպուած
ըլլալուն։
Ան
որ
ուշադիր,
երազուն,
տրտում
բայց
իմաստուն
պարկեշտութեամբ
մը
թափառեր
է
այս
ժողովուրդին
գիրքերուն,
դարէ
դար,
չի
կրնար
չայցուիլ
ակնբախ,
իրենք
իրենց
համար
հետեւողական,
գրեթէ
անխուսափելի
մտածական,
զգացական
կարգ
մը
կերպերէ,
կերպարանքներէ։
Այսօր,
այնքան
դառն
փորձերու
գինով
կրնանք
դատել
Ե.
դարու
մեր
շարժումը
պարսիկ
կայսրութեան
դէմ.
ատոր
մէջ
ոչ
միայն
խելք
մը,
բարիք
մը,
նպատակ
մը
չգտնելնուս,
այլ
այն
ահաւոր
փաստին
իսկ
սիրոյն
որ
մեր
ճակատագիրն
է,
յաճախ
մեր
մատուըներով,
յիմարութեամբը
ճարտարապետուած։
Ե.
դարուն
թերեւս
լեռնախորշի
մատուռին
մէջ
իր
Աստուածը
պաշտող
վանական
մը
միայն
կը
մտածէր
այդ
պայքարին
մէջ
երկնայինին
նպաստին։
Ամբողջ
երկիրը
գիտէր
սակայն
թէ
ինչ
կ՚արժէին
արքայից
արքային
բանակները,
բայց
ուրիշ
բան
չըրաւ
քան
ինչ
որ
իրեն
կը
թելադրէր
իր
արեան
մութ
ձայնը։
Ամէն
փաստ
հերքում
մըն
էր
այդ
մտայնութեան,
ի
յառաջագունէ
դատապարտուած
աղէտի։
Բայց
ուրի՞շ
կերպ
ըրինք
վեցերորդ
դարուն,
եօթներորդին,
ութերորդին,
իններորդին,
…
քսաներորդին:
Ահա
թէ
ինչ
կը
նշանակէ
մտայնութիւնը:
Ով
որ
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
վարդապետներու,
վարժապետներու,
վանականներու
խնամարկութեամբ
սնած
հռետորութիւն,
բառամոլութիւն,
սեթեւեթ,
հոսհոսութիւն,
պոլսեցիութիւն
միայն
կը
յաւակնի
տեսնել
(ուրիշ
բան
չըրաւ
արեւելահայ
քննադատութիւնը,
աչուըները
բացած
օրէն
մինչեւ
հիմա),
իր
անհասկացողութիւնը,
անբաւարարութիւնը
կ՚ըլլայ
ապացուցած
իր
պապերուն
պատգամներէն։
Նոր
տարազներ,
իմաստասիրական
կասկածելի
postulatներ
չեմ
առաջարկեր
դատելու
համար
արեւմտահայ
գրականութիւնը:
Բայց
կը
մերժեմ
աժան,
արագ,
հաստ,
տափակ
ընդհանրացումներուն
ալ
պորտաբոյծ
արհամարհանքը:
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
մտայնութեանց
շատ
սրտառուչ
հանդէս
մըն
է
ամէն
լուրջ
պրպտողի:
Մտայնութիւններ
են՝
1.
Զարթօնքի
սերունդին
բոլոր
առաջադրութիւնները,
2.
սահմանադրական
պայքարները,
3.
Մխիթարեան
ազգայնականութիւնը,
4.
Իրապաշտներու
գրական
կեցուածքը,
5.
յեղափոխական
հռետորութիւնը,
6.
ժողովրդապաշտ
ձգտումները
մեր
մեծ
գրողներուն,
7,
արուեստի
հզօր
հակումներու
հեշտանքը
մեր
Արուեստագէտ
սերունդին,
անոր
նրբահիւն
ձգտումները,
8.
գաւառիկ
գրականութիւնը
փառաբանող
իմացական
ճակատումը,
9.
հայ
հոգին
ազատագրելու
աւելի
ձախ
որոնումները,
—
բոլորը
այս
ու
այն
կերպով
հաստատելի՝
այս
ժողովուրդին
բազմադարեան
գրական
ոգորումներուն
մէջ,
երբեմն
ոգիով
ինքզինքը
յայտնաբերող,
երբեմն
ձեւով,
երբեմն
լեզուական
մտահոգութիւններով,
երբեմն
աշխարհին
ընդլայնումովը:
դ)
ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ
ԲԱՐԵԽԱՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ,
աւելի
մեզամօտ,
աւելի
իրաւ,
զգալի,
սեւեռելի,
քան
կանխող
երեք
բարակրաֆներուն
մէջ
վերլուծուած
իրողութիւնները,
—
քանի
որ
գործերը
ատոնցմէ
վկայութիւններ
են
առաւելապէս,
դէմքերը՝
յաճախ
անվաւեր
(շփացուած,
ուրացուած
ըլլալուն),
մտայնութիւնները՝
իրենց
ծփուն,
միգամածային
կեդրոնախոյս
հակումներուն
մեզի
թելադրած
անորոշութեանց
պատճառներով՝
նուազ
յատկանշող:
Դժուար
է
ազատագրել
Մ.
Պէշիկթաշլեանի
Երգերուն
մէկ
մեծ
մասը,
Ազգային
երգարաններու
մէջ
մոխրացած
բառերուն
այսօրուան
տիրական
վրիպանքը,
մեր
Ռոմանթիկ
թատրոնին
սպառսպուռ
կորանքը:
Բայց
որո՞ւ
համար
կասկածելի՝
չըսելու
համար
անդիմամարտ
ստուգութիւն
չէ
նոյն
ատեն
այն
միւս
իրականութիւնը,
որ
բոլոր
այդ
գործերուն
հոգեյատակը
կը
կազմէր
կանխող
դարու
կէսերուն։
Անոնք
որ
1860ին
կամ
աւելի
վերջերը,
հանդիսավայրերում,
դպրոցներու,
արձակ
խաղավայրերու
մէջ
խելագարային
տենդով
մը՝
պոռացին
պոռպռացին,
ծափեցին
ու
եօթը
երկինքները
մինչեւ
հասցնել
ուզեցին
իրենց
խռովքը,
հրայրքը,
հաւատքն
ու
ակնկալութիւնները,
այսօր
այնքան
ծիծաղելի,
անկարելի
թուող
երգերուն
թեւերովը
—
(«Իմ
սիրելի
զաւակունքս»,
«Բա՛մ
Փորոտան»,
«Արիք
Հայկազունք»,
«Հայրենեաց
սիրով»,
«Հայ
ապրիմք
եղբարք»,
յիշելու
համար
ամէնէն
փարթամ
փառքերը
այդ
բարեխառնութեան)
—
ապահովաբար
կտրուկ
կամ
երկարաձիգ
յիմարներ
չէին,
այդպէս
պարպելու
համար
իրենց
կոկորդներէն
ինչ
որ
հոգիին
ներքնատունը
կը
գոյաւորուի
դարերու
ծորումներով,
այլ
վկայները,
հերարձակ
ու
հպարտ
որքան
խռովիչ՝
հոգեկան
շրջանի
մը:
Ու
մի
կարծէք
թէ
այդ
գիծէ
խռովքները
սանկ
դանդաղ
ծփանքներու
կշռոյթովը
կուգան
ու
կ՚երթան։
Իր
հարիւր
տարիներու
կեանքին
մէջ,
գրեթէ
տասը
տարին
հեղ
մը,
չըսելու
համար
ամէն
հնգամեակի,
արեւմտահայ
գրականութիւնը
ապրած
է
իրարմէ
հզօր,
իրարմէ
գերազանց
սարսուռներ,
—
ըսել
կ՚ուզեմ
իմ
ժողովուրդին
կեանքը
անցած
է
տագնապանքէ
տագնապանք,
բոլորն
ալ
աւելի
կամ
նուազ
ուժգնութեամբ
իրենց
արձագանգը
ունեցող՝
գրողներու
հոգիին
խորը:
Այսօր
դժուար
է
ձեզի
համար
մտապատկերել
անդոհը
որ
1880ի
մարդոց
էութիւնն
է
պարաւանդած։
Ազգը
կը
գիտակցի
իր
բնաջնջումը
սարքող,
զայն
սառնութեամբ
հետապնդող
քաղաքականութեան
զոր
որդեգրած
են
թուրքերը
մեր
հայրենիքը
մեր
բազուկներէն
ու
կրունկէն
կորզելու,
ու
կը
ստեղծեն
հողային
հարցը,
իր
անխուսափելի
հակադարձովը`
մեր
գեղերուն
վրայ,
—
պանդխտութիւնը
դէպի
Պոլիս,
այսինքն
այդ
հողերուն
առանց
պաշտպանի
լքուիլը
թշնամիին
ախորժակներուն։
Ու
երեւան
կուգայ
Հրանդը,
որ,
պաշտօնական
արտայայտիչը
տագնապին,
իր
Պանդուխտներու
Կեանքէն
քրօնիկներով,
է
նոյն
ատեն
ամբողջ
արեւմտահայ
միտքին,
մտաւորականութեան
խորհրդանիշ
բերանը.
վասնզի
1884ին
տպուած
Թորոս
Աղբար
յուշագրութեան
սկիզբը
Սրուանձտեանց
վարդապետ
իր
առաքելութեան
(Ուղեւորութիւն
ի
հայրենիս)
բուն
իմաստը
մեզի
կը
պարզէ…
յորդորելով
ժողովուրդը
որ
վստահի
Օսմանեան
բարեխնամ
կառավարութեան
ու
չգաղթէ:
Ի՛նչ
խուճապ
է
հոգին
Արփիարի
սերունդին,
երբ
կ՚իջնէ
կրկէս
վտարելու
հայոց
երկինքէն
լուսինն
ու
զեփիւռը,
սոխակն
ու
վերջալոյսը,
հեշտանքն
ու
Մայիսը
որպէսզի
հոն
ուրուանան
ցաւերը
միլիոններուն,
ձգուած՝
թուրքին,
հայ-թուրքին,
էֆէնտիին
ու
քիւրտին
ճիրաններուն
….
Ինչպէս
կը
տեսնէք,
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
ոչ
միայն
իրաւ
գործերը,
այլ
նոյն՝
իսկ
օդային
հանգանակները,
գրական
դպրոցները
այդ
ապրումներուն
շուրջը,
վրան,
տիրական
վկայութիւններ
են,
հերիք
է
որ
անոնց
մօտեցողը
գիտակցի
իր
ըրածին,
տեսնէ
այդ
շարժումները
ոչ
իբրեւ
հոսհոսներու
ռազմախաղ,
այլ
արժեւորէ
զանոնք
իրենց
վաւերական
կենսանիւթին
մէջ,
այսինքն՝
միշտ
ու
միշտ
ապրումները
իր
Ժողովուրդին,
անոր
ալեկոծեալ
կեանքին
ամէնէն
քաղցր,
սիրտ
առնող,
լացնելու
չափ
իրաւ
բիւրեղացումները։
Այն
ատեն
կրնան
այդ
դատողին
համար
ներկայանալ
շատ
մը
տրտմութիւններ
երբ
անիկա
չգտնէ
իր
ուզածը
սերունդէ
մը
իրեն
ժառանգ
ինկած
մթերքին
ծոցը:
Ինչո՞ւ
այնքան
քիչ`
իրաւին
բաժինը,
Խրիմեանի
մը
ընդարձակ
վաստակին
մէջ։
Ինչո՞ւ
այնքան
մօտիկը
մնայ
Սրուանձտեանց
վարդապետը
այս
ժողովուրդի
հոգեկան
հարստութեան
գանձարանին
ու
գոհանայ
փշրանքներով
երբ
այնքան
դիւրին
էր
իրեն
համար
լման
գանձը
գտնել,
դասաւորել
ու
փրկել
կորուստէ…
Ինչո՞ւ
մեր
ժողովուրդին
ցաւը
մեր
գրականութենէն
ներս
առնելու
առաջադրութեամբ
ճամբայ
ինկած
սերունդը
—
Իրապաշտները
-
այդքան
քիչ
բան
է
կրցած
ազատել
այդ
ժողովուրդին
ապրումներէն…
Ասոնք,
կը
հաստատեմ,
տրտմառիթ
հարցումներ
են։
Ու
կայ
տակաւին
միւսը.
–
ինչո՞ւ
Մշոյ
Գեղամը,
Վանի
Չիթունին,
Խարբերդի
Զարդարեանը,
Կարինի
դպրոցը
ըլլան
այդքան
անհանճար,
իրենց
ժողովուրդին
հարազատ
ապրումները
այդ
թեթեւ,
անբաւարար
մշակումով
մը
սեւեռելու
գոհանալով
երբ
ամեն
պատեհութիւն
ունէին
հայ
հարազատ
գրականութիւն
մը
ճարտարապետելու:
Ահա
իրարմէ
տրտում,
խռովայոյզ
տագնապներ
որոնք
կը
պաշարեն
զիս,
երբ
կը
մտնեմ
իմ
գործէն
ներս։
Բայց
խելք
մը
կայ,
միջին
ողջմտութիւն
մը
որ
կը
միջամտէ
կարելի
ամոքումը
բերելու:
Ատով
ես
ինծի
կ՚արտօնեմ
պահ
մը
ներելի
անտարբերութիւն
մը
հանդէպ
այդ
ժառանգութեան
գեղարուեստական
արժէքին
բայց
չեմ
կրնար
ինքզինքս
անպարտ
զգալ,
առնուազն
փղշտացիօրէն
սուտ,
կեղծ,
պատեհապաշտ՝
եթէ
երբեք
այդ
ժառանգութեան
յատակը
կազմող
հոգեղէն
բարեխառնութիւնը
ձգեմ
ծաղրի,
արհամարհանքի
տակ,
ինչպէս՝
չի
վախնար
ընելէ
այսօր,
Խորհրդային
Հայաստանի
պաշտօնական
քննադատութիւնը,
կամ
արեւմուտքի
ոստաններուն
մէջ
իր
միտքը
կազմած
(գլխաւորաբար
Բարիզ)
այն
երիտասարդութիւնը
որ
չամչնար
յայտնել
է
իր
ցաւը
հայը
չկրնալ
սիրելուն
(Շահան
Շահնուր):
Իր
ժողովուրդը
չկրնալ
սիրող
արուեստագէտը:
Բայց
ասոնք
աւելի
են
քան
տրտմութիւնը,
հոգեկան
պոռնկութիւնը։
Գրականութիւնը
թերեւս
ներուի
ազատագրել
բարոյականէն,
ան
ալ
որոշ
բարոյականէ
մը։
Բայց
զայն
անջատել
արիւնէն,
—
ահա
անմարդկայինը:
Աս
ալ
բարեխառնութիւն
մը,
իր
կարգին,
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
այսպէս
իրարմէ
խռովիչ
պատգամներու
հանդէս
մըն
է,
բարեխառնութիւններու
մրցարան
մը։
Գտնել
այդ
բարեխառնութեանց
յայտ
ու
ծածուկ
բաղադրիչները,
շարժումներու
սիրտը,
գործերուն
յատակը,
դէմքերուն
աճպարարութեանց
ու
մտայնութեանց
թոհ
ու
բոհին
ետին,
գիտեմ
որ
կ՚ընդարձակէ
այս
աշխատանքին
ծիրը։
Բայց
աւելի
պարկեշտ
է
առատութեան
մէջ
տկարանալ
քան
սովի
լլկանքին։
ե)
ԳԱՂԱՓԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ,
որոնք,
հակառակ
իրենցմէ
անբաժան
աղմուկին,
շանթաժին,
վերիվարումներուն
(ուրացում,
նոր
կուռքերու
ամբարձում,
նոր
տախտակներու
մոլեռանդութիւնը,
քաոսը
որ
կը
հետեւի
ամէն
հզօր
դղրդումներու)
դարձեալ
աւելի
արտայայտիչ
են
քան
գիրքերու
յաճախանքին
մէջ
իւրացուած
վարժութիւնները
ու
ասոնց
արդիւնք
անկնիք,
խելօք,
տափակ
գործերը:
Զարթօնքի
սերունդը
չունեցաւ
գրական
բեմ
մը,
բայց
իր
իտէալները
պաշտպանեց
խորհրդարաննական
ատենաբանութեանց
լրջութեամբը։
Մինաս
Չերազի
ճառերը,
Պէրպէրեանի
ճաճանչաւէտ
բանախօսութիւնները՝
սանկ
1875ի
դռներուն,
Եղիայի
նշուլումները,
որոնումները
իրաւ
է
թէ
անխառն
կերպով
չեն
պատկանիր
գրականութեան,
բայց
ունեցած
են
մեծ
տարողութիւն
այդ
գրականութեան
յեղաշրջումին
մէջ։
Մօտ
քսան
տարի
(1870-1890)
արեւմտահայ
գրականութիւնը
չէ
տուած
ցեղային
արժէքով
(խորքէ
ինչպէս
ձեւէ)
գործերի
ազդեցութեանը
տակ
Եղիա-Չերազ-Պէրպէրեան
գաղափարագրութեանց,
նոր
բառով
մը՝
էսթեթիքային։
Ամբողջ
դպրոցի
մը
լրջութիւնը
ունին
Իրապաշտներու
բանավիճական,
կիսով
քննադատական
ելոյթները
զիրենք
մօտէն
կանխող,
գրեթէ
խղդող
սուտ
ու
փուտ
ճաշակին
դէմ
որ
գրականութիւնը
ճիղճ
իրերու,
յիմար
խոյանքներու,
քաղցրանուագ
մեղեդայնութեանց
սպասին
է
ենթարկած:
Ուրի՛շ
ելոյթ՝
տիկին
Տիւսաբի
վէպը,
որ
հակառակ
գրական
խոշոր
fiasco
մը
ըլլալուն,
կազմակերպուած
մտածողութեան
մը
թելադրանքը
չի
դադրիր
արթընցնելէ,
երբ
դատուի
պատշաճ
հեռաւորութենէ։
Նոյն
իսկ
այսօր
այնքան
անիմաստ
ու
անխելք
թուող
գրաբար
-
աշխարհաբար
վէճը
իր
կարգին
փաստ
մըն
է
ծանր,
խուլ,
խօլ
կիրքերու։
Գաւառական
գրականութիւն
քիչիկ
մը
գեղջուկ
տարազին
ետին
սիրելի
է
ինծի
տեսնել
դարձեալ
ծանրակշիռ
իրողութիւններ։
Մեհենականներու
ելոյթը
հայ
հոգին
գտնելու՝
ուրիշ
գաղափարագրութիւն։
Քանի
քանի
անգամներ
նորոգուած
է
մեր
գաղափարագրութիւնը,
դարու
մը
ընթացքին,
անշուշտ
գրական
ստեղծումին
իբրեւ
ծնունդ
ու
ծնուցիչ
նոյն
ատեն,
զ)
ՎԻՃԱԿՆԵՐ,
որոնք
այս
ժողովուրդին
կեանքին
վրայ
բացուած
լուսառատ,
արիւնոտ,
թուխպ
կամ
մեռելական
համապատկերներ
են,
գրողը
ինչպէս
հասարակ
զանգուածը
միանգամայն
իր
առքին,
տեսիլքին,
ճնշումին
ու
կիրքին
մէջը
ընդքարշող։
Միայն
սահմանադրութեան
տարեդարձի
հանդէսները
հսկայական
պատկերներ
կը
թելադրեն
ինծի,
միշտ
իմ
ժողովուրդէն։
Կրնա՞ք
իր
ամբողջ
եղերական
ծանրութեանը
մէջ
ապրիլ
ինչ
որ
1895ի
ջարդերը
դիզեցին
մեր
հոգիին
ջիղերուն,
մեր
մտքին
հպարտութիւններուն,
մեր
հաւատքին
ընդերքներուն:
Ու
Կիլիկեան
եղեռնը։
Ու
1915ը:
Ու
Լոզանի՝
դաշնագիրը:
Բոլոր
այս
ապրումները,
լման
ցեղը
խենդեցնող
ուժգնութեամբ,
արձագանգած
են
անտարակոյս
գրողներու
հոգետունը
մինչեւ։
Ահա
թէ
ինչու
արեւմտահայ
գրականութիւնը
ըլլալով
հանդերձ
ծնունդը
մէկ
ու
նոյն
ժողովուրդի,
մէկ
ու
նոյն
շրջանի,
այնքան
տարբեր
կերպարանք
մը
պարզէ
արեւելահայ
գրականութեան
մեզի
ընտանի
տեսիլքէն
եւ
ըլլայ
ինքիր
մէջ
ողբերգութիւն
մը։
Կրնաք
առարկել
որ
գրական
գործը
ինքնագլուխ,
ինքնատիպ
մնալու
գինով
է
որ
ինքզինքը
կ՚ազատագրէ
իր
ժամանակէն:
Ձեզի
հետ
եմ
երբ
ժամանակ
բառին
տարողութեանը
շուրջ
համաձայն
գտնուինք։
Ժամանակը
ընդհանուր
ապրումներուն
գումարն
է,
կաղապարը:
Ատկէ
զարտուղումը
կը
նշանակէ
ինծի
համար
գտնել
այդ
գումարին,
այդ
կաղապարին
այն
մասերը,
երեսները
որոնք
ուրիշներէ
չեն
սեւեռուած։
Այդպէսով
է
որ
Աւերակներու
մէջը
կ՚արժեւորուի
այնքան
թանկ
ու
իրաւ
չափերով
երբ
կը
բռնուի
մօտիկը
Կիլիկեան
Արհաւիրքըին,
երկուքն
ալ
մէկ
ու
նոյն
վիճակներու
անդրադարձ:
Ատ
է
պատճառը,
որ
Սիլիհտարի
Պարտէզները
այնքան
սուղ
կշռեն
իմ
նժարին
մէջ
ո՛րքան
ատիկա
չի
կրնար
ընել
այնքան
փքուած,
փառաբանուած
Ներաշխարհը,
երկուքն
ալ
նոյն
հոգեվիճակէն
բխող
տպաւորութեանց
պատկերներ,
բայց
որոնցմէ
առաջինին
մէջ
ամբողջ
շրջան
մը
բիւրեղատիպ
կը
պառկի,
որոնցմէ
երկրորդին
մէջ
զմայլելի
արուեստագէտ
մը
ինքն
իր
գլ
խուն
մանր
ասեղնագործութիւններու
վրայ
հազիւ
քանի
մը
պուտ
գոյն
կը
յաջողի
կորզել
ցեղային
հոգիին
միջինէն։
Ուրեմն.
—
Գործեր,
դէմքեր,
մտայնութիւններ,
բարեխառնութիւններ,
գաղափարագրութիւններ,
վիճակներ,
կարճ՝
ամէն
տագնապները,
երազանքը,
կսկիծները,
քաղցրութիւնները,
ձգտումները,
խոյանքները,
կիրքն
ու
խանդը,
տրտմութիւններն
ու
լքումները,
որոնք
գրական
կերպարանքներու
տակ
կը
սեւեռեն
իրենք
զիրենք
սերունդի
մը
տեւողութեան
մէջ,
կը
կերպադրեն
շրջանը,
ու
ցեղային
գիծերու
վրայէն
նոր
լոյս
մը,
նոր
խորութեան
ակօս
մը
կ՚ապահովեն
—
կը
կազմեն
իմ
աւագ
մտահոգութիւնները:
Ինչպէս
կը
թելադրեն
արագ
սա
տողերը,
նման
ձգտումներով
ու
ծրագրով
հետապնդուած
աշխատանք
մը,
պէտք
է
որ
նկատի
ունենայ
առաւելապէս
այս
պայմանները
համախմբող
գործեր
ու
անձնաւորութիւններ
ու
մանաւանդ
շրջանային
հոգեխառնութիւն։
Հասկնալի՞՝
այս
խոստովանութենէն
յետոյ,
որ
ըլլամ
կարճ՝
հեղինակներու
կենսագրութեան
շուրջ,
բայց
կարելի
ջանքը
չխնայեմ
սեւեռելու
համար
հեղինակին
մէջէն,
ետեւէն,
մարդը
որ
միշտ
արժանի
է
խորունկ
ուշադրութեան
(ո՞ր
հայը
ապրել
է
մարդու
պէս
որպէսզի
անոր
վրայ
մեզի
չըլլար
ան
կարելի
արտամարդկային
ճնշումներուն
ամբողջ
դատակնիքը
ճանչնալ։
Մի
մոռնաք
թուրքը,
այսինքն
մեր
գերութիւնը։
Մի
մոռնաք
հայը,
այսինքն
այդ
թուրքին
յօրինումը
եղող
հոգեկան
որոշ
բաժին
մը
որ
կը
բացատրէ
մեր
անհուն,
ահաւոր
հակասութիւնները,
անկումները:
Բայց
մի
մոռնաք
մանաւանդ
հայը
որ
վեր
է
թուրքէն
ինչպէս
թուրքէն
յօրինուած
հայէն,
ու
աւելի։
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
նրբամոլութիւն
է
ֆրանսական
ազդեցութիւնը
ընդարձակել
իր
ճիշտ
իմաստէն
անդին
[ատիկա
միայն
այսօրուան
Բարիզի
տղոց
գրականութեան
մէջ
է
որ
նկարագիր
է
ստացած]
ու
աժան
ընդհանրացումներ
բանաձեւել:
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
խորունկ
ազդեցութեան
տակն
է
թուրքին,
որ
ազդած
է
մանաւանդ
իր
ստեղծած
չարիքովը
մեր
հոգիներուն
վրայ)։
Հասկնալի՞՝
որ
չվերլուծեմ,
դասական
մեթոտին
համեմատ,
հեղինակներու
բոլոր
գործերը,
անոնց
ամփոփումը
քանի
մը
էջի
վրայ
չմատուցանեմ
պանդոյրներու
վայելումին,
չփառաւորուիմ
թուականներու
ճշդումին
այնքան
լո՜ւրջ,
այնքան
փառաւոր
սնոտիքին
անձնատուր,
չգովեմ
կամ
չպարսաւեմ
պատրաստ
օրէնքներով,
գոհացում
ճարելու
համար
այս
ու
այն
նախապաշարումներու
ասպետներուն։
Ու
ծանրանամ
այն
գործերուն,
դէմքերուն,
երեւոյթներուն
վրայ
ուր՝
այս
ժողովուրդին
մէկ
արժանիքը,
մէկ
թերութիւնը,
մէկ
առաքինութիւնը
ըլլայ
տեղաւորուած,
սեւեռուած,
կենդանի
կերպով,
ինքզինքը
նկատառման
պարտադրող:
Ահա
թէ
ինչո՛ւ
չյարգեմ
պատկերացման,
անդրադարձումի,
թուումի
եւ
առաքումի
աւանդական
կարգերը,
բաժանումները,
համախըմբումներու
ա՛լ
կաղապար
դարձած
կերպարանքները
ու
շինեմ
ինծի
յատուկ
գատրoներ,
հոն
զետեղելու
համար
ամէն
ինչ
որ
որոշ
չափով
հարազատ
է
իմ
ծրագրած
համապատկերին,
առնուազն
անոր
լիութեան
նպաստ
մը
կրնայ
հայթայթել,
թէկուզ
թերի,
անբաւարար։
Թող
չըսեն
ինծի
թէ
պարտքեր
ունիս
պարկեշտութեան,
հաւատարմութեան։
ԹԷ
գրականութեան
պատմութիւնը
չի
դադրիր
պատմութիւն
մը
ըլլալէ
եւ
ըստ
այնմ
կը
պահանջէ
իր
մշակման
օրէնքներուն
հանդէպ
յարգանք:
Այդ
ամէնը
անո՛նց
համար,
որոնք
բանասիրական
փառասիրութեան
կը
մնան
ենթակայ:
Իմ
փառասիրութիւնը
գիւտն
է
իմ
ժողովուրդին,
հայ
հոգիին։
Ու
ասիկա,
տակաւին
Մեհեանի
(1914)
օրերէն:
Հետեւաբար
կը
ներեմ
ինծի
լայն,
կարեւոր
շեղումներ։
Յետոյ,
խոշոր
պատրանք
մը
կը
միջամտէ
անցեալը
խտացնել
յաւակնող
ամէն
ձեռնարկի
շուրջը,
ըլլա՛յ
գործադրող,
ըլլայ
մանաւանդ
զայն
ընդունելու
կանչուած
միտքերուն
համար:
Ատիկա
ընթերցողին
սպասում
է
սանկ
կոկիկցած,
չափ
ու
ձեւի
մտած
կերպարանքի
մը
ներքեւ
այն
ամէնուն
որոնք
որեւէ
շրջանի
ամէնէն
ընթացիկ
խռովքները,
ապրումները
իբրեւ,
ունեցան
իրենց
գլիշէները։
Յայտարարել
մէկուն
թէ
Թովմաս
Թէրզեան
բանաստեղծը
հազիւ
թէ
կը
պատկանի
արեւմտահայ
գրականութեան,
ստեղծել
է
անոր
մէջ
խորունկ
յեղաշրջում,
քանի
որ
այդ
մէկը
սանկ
կէս
դարէ
ի
վեր
վարժուած
էր
այդ
անունին
հետ
իր
մտքին
մէջ
յառնումը
հաստատելու
այլապէս
պերճ,
փարթամ
արժանիքներու։
Չէ՞
որ
ազնուական,
բարձրաթռիչ,
հեզասահ
ու
գերազանցապէս
բանաստեղծ
արուեստագէտի
մը
որակականները
կրկնուեր
էին
քանի
մը
սերունդի
մունետիկներու
բերնով։
Հասկցնել
այդ
մէկուն
թէ
այդ
ամէնը
հազիւ
թէ
աղերս
մը
ունին
այդ
պարկեշտ,
քիչ
անգամ,
շատ
քիչ
անգամ
իրաւ
տաղաչափին
ներքին՝
տեսակարար
արժէքին
հետ,
պիտի
նշանակէր
մանրամասն
վերլուծման
մը
տաժանքը
յանձն
առնել:
Այդ
գինով
միայն
մենք
պիտի
հրաժարէինք
մեր
գլիշէներէն։
Միւս
կողմէն
հասկցնել
դարձեալ
այդ
ընթերցողին
թէ
քերթուածներ
կան
որոնց
համադրած
խռովքները
երբ
բացուին
բաւարար
չափով,
ինք
պիտի
ունենայ
իր
առջեւ
կենդանի
հայոց
պատմութիւնը,
գրեթէ
ամբողջ,
—
գործողութիւն
մըն
է
որ
կը
դիմաւորուի
խորունկ
սկեպտիկութեամբ,
չըսելու
համար
արհամարհանքով։
Հոս
կը
յիշեմ
այդ
կարգի
փորձառութիւն
մը։
—
1921ին
թէ
22ին,
Կեդրոնական
Վարժարանի
մէջ
(Պոլիս)
կը
վերլուծէի
դասարանի
մը
առջեւ
«Յարութեան
շունչն
է
ահա»
քերթուածը։
Թէքէեանի
խծբծողները,
զչարողները,
կերպը
գտած
էին
դասը
ունկնդրել
արտօնուելու։
Չհարցուցի
հիւրերուն
իրենց
դիտաւորութիւններէն
(թերթի
մը
խմբագիրն
ու
կուսակցութեան
մը
վարիչ
դէմքերն
էին
իմ
պատուական
այցելուները)
ու
շարունակեցի
բանալ։
Առաջին
երկու
քառեակը
ինձմէ
առած
էր
դասապահը։
Վրայէ
վրայ
երեք
պահ
յատկացուցինք
քերթուածին
թափանցումին,
իմ
հիւրերը
վերջին
անգամ
մեկնեցան
անասելի
տպաւորութեանց
տակ։
Իրենց
խոստովանութիւնն
էր
—
«Բայց
ատիկա
Թէքէեան
չէ»։
Ու
չէին
գիտեր
թէ
հայոց
պատմութիւնն
էր
որ
կը
մատուցուէր
դասարանին:
Հազիւ
թէ
խօսք
անցնէր
հեղինակին
արժանիքներէն,
ուժն
ու
տաղանդէն
որոնք
ամէնէն
լռելի
տարրերն
են
արդէն
գրական
պատմութեան
մէջ
•
Այս
օրինակը
համոզի՞չ
բաւական
Ամէն
ընթերցող
երբեք
քաջութիւն
պիտի
չզգայ
իր
մէջ,
մտածելու
թէ
այն
քսան
երեսուն
ոտանաւորները
որոնց
մէջ
պատանութեան
երեք
չորս
տարիներու
կրակներն
ու
սարսուռները
կը
քնանան
երբ
կը
կարդայ
Պետրոս
Դուրեանի
Դիւանը
(Տաղք
եւ
Թատրերգութիւնք)
ո՜ր
աստիճան
ընդարձակ
յոյզերու,
արցունքներու,
երազանքի,
բիւրական
զգայութիւններու
գինն
էին,
գրուելէ
առաջ։
Մէկ
քերթուած,
այդ
պատանիէն,
երկու
տարուան
հազ
ու
արիւն,
տասը
տարուան
կարօտ
ու
պապակ,
թերեւս
մեր
ժողովուրդին
ալքերէն
յառնող
տասը
ու
աւելի
դարերու
եղերական
հանդէս
մըն
է
իրարմէ
նուրբ,
խորունկ,
այրող
զգացումներու:
Գրականութեան
պատմիչը,
ամէն
մէկ
արժանաւոր
հեղինակի
հետ
ստիպուած
է
այս
ապրումները
ապրիլ
իր
կարգին
ու
…
թուղթին
յանձնել,
աւա՜ղ,
ոչ
իսկ
մոխիրը
այդ
կրակներուն։
Ահա
թէ
ինչու
գրականութեան
ամէն
պատմութիւն
միշտ
անկատար
մնալու
է
սահմանուած։
Դժուար
չէ
այս
հաստատումին
հետեւանքը.
—
ԶԵՂՉ:
Կարելի
չափով
հաւատարիմ
կենալու
համար
իմ
ծրագրին,
իրաւ
գործելի
արդիւնքներու
սիրոյն
ես
ստիպուած
եմ
անտեսել,
այսինքն
ուրիշներու
նկատառմանը
ձգել
շատ
ու
շատ
բաներ։
Կեանքը
նուաճել
չի
նմանիր
շուքի
վրայ
աշխատելու
անծակ
երանութեան:
Ու
որքան
շա՜տ
են
այդ
երանելիները
որոնք
կը
հաւատան
թէ
մատենագրութեան
պատմութիւն
կը
գրեն
վասնզի
գիտեն
մեր
բոլոր
հեղինակներուն
ծննդեան,
մկրտութեան,
ամուսնութեան,
մահուան
թուականները,
անոնց
գործերուն
տպագրութեան
վայրերը,
անոնց
վրայ
հոս
ու
հոն
ինկած
յիշատակութիւնները:
Քանի
մը
տարի
առաջ
բախտը
տրուեցաւ
մեզի,
նման
ողբերգութիւն
մը
հանդուրժելու:
Պատուական՝
մատենագրութեան
մասնագէտ
մը,
նիւթ
ունէր
մեզի
բերելու
մեր
միջնադարեան
աշխարհիկ
գրականութեան,
ուրիշ
խօսքով
աշուղներուն
գործին
վրայ
քանի
մը
տիրական
հաստատումներ:
Չեմ
կրնար
մոռնալ
տագնապը
(զոր
կը
բաժնէր
ամբողջ
սրահը)
ժամը
անցնող
թուումէ
մը
յառաջացած,
թուում,
մեր
գիրքերուն
մէջ
յիշատակուած
անուանի
կամ
համեստ
բոլոր
աշուղներուն։
Դարէ
դար,
իրենց
ծննդեան
ու
մահուան
թուականներով
լուսապսակ։
Ու
անուններու
այդ
խաժամուժէն
ոչ
իսկ
մէկ
հատիկ
ապրող
կայծ
որ
դպէր
մեր
հոգիներուն։
Ասիկա
սպաննելն
էր
մեր
աշուղներուն
սխրալի
բանաստեղծութիւնը:
Ու
այս
սրբապղծութեան
հեղինակը
համալսարանական
մըն
էր,
ազգին
մէջ
ահաւոր
հռչակի
հասած
իբր
մատենագրութեան
մասնագէտ
(դէպքը
տեղի
կունենար
Երուսաղէմի
Սրբոց
Յակոբեանց
Կիւլպէնկեան
Մատենադարանին
մէջ)։
…
Ահա
թէ
ինչու
կը
կենամ
ամէնէն
վճռական
անուններու
ու
ամէնէն
հզօր
ու
կարկառուն
իրողութեանց
առջեւ
միայն։
Իր
Անգլիական
գրականութեան
Պատմութիւն
գործին
հինգերորդ
հատորը,
ԻԲՈԼԻԹ
ԹԷՆ,
նուիրած
է
…
հինգ
հեղինակներու
միայն:
Ու
մենք
գիտենք
թէ
տասնըիններորդ
դարուն
այդ
գրականութիւնը
առնուազն
տաղանդաւոր
յիսուն
գրագէտ,
ու
միջակ
տաղանդով
ալ
թերեւս
հինգ
հարիւր
գրչի
վաստակաւոր
կը
համրէր
իր
տարեգրութեանց
մէջ։
Անխուսափելի
այդ
զեղչով
ստեղծուելիք
անպատեհութիւնը
սիրայօժար
ես
նախամեծար
կը
համարիմ,
քան
բարիքը
ճշգրտութեան,
պատմական
հարազատութեան,
մատենագրական
հաստատ,
անհերքելի
թուումներուն։
Չեմ
ուրանար
այդ
բարիքին
ալ
տարողութիւնը
որ
կը
հաւատամ,
մատչելի
է
սակայն
ամէն
յամառ,
գործ
աշխատողի,
պրպտումէ,
թիւէ,
վկայութենէ
կամ
առնողի,
ու
այն
բոլոր
միտքերուն
որոնք
հաճոյք
կը
զգան
թիւերուն
ապահովութեանը
փաստէն
ու
արժէքէն:
Իր
շրջափոխութեան
ու
հասակին
մէջ
այսպէս
նկատի
առնուած,
մանաւանդ
իմ
ժողովուրդի
հոգեդաշտէն
իմ
վերբերելիք
պարզ,
խորունկ,
իրաւ
առաջադրութեանց
սիրոյն,
ես
կը
վերածեմ
արեւմտահայ
գրական
վաստակը
չորս
գլխաւոր
շրջանակներու,
—
հարիւրամեայ
համապատկերը
այն
իրողութեան
որ
անուն
ունի
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Մտքէս
անցաւ
իմ
աշխատասիրութիւնը
նուիրել
անոր
հարիւրամեակին։
Բայց
հերետիկոսները
լաւ
կ՚ընեն
հեռու
կենալով
հասարակաց
հարկինքներէն։
Մենաւոր,
հերձուածող
իր
մէկ
զաւկին,
մէկ
մշակին
վկայութիւնն
է
ուրեմն
այս
գործը:
Իմ
Համապատկերը,
ինչպէս
ըսի,
եւ'
ընդգրկէ
հետեւեալ
չորս
մեծ
բաժանումները.
ա)
ԶԱՐԹՕՆՔԻ
ՍԵՐՈՒՆԴ
ԵՒ
ՌՈՄԱՆԹԻԿՆԵՐ։
Շրջանը
ներկայացնող
հատորը
կամ
հատորները
կը
պարունակեն
արեւմտահայ
գրականութեան
նախածագ,
սկզբնական
օրերը:
Հասկանալի
է,
որ
այդ
ժամանակամիջոցը
ուրուագրային
[2]
կերպարանքի
մը
տակ
միայն
մուտք
ունենալ
գործէն
ներս։
Այդ
գրականութեան
առաջին
աշխատաւորները,
որոնք
հազիւ
թէ
կը
մտածեն
գրելու
փառասիրութեան,
գրական
սնոտիքին
ու
այս
անտարբերութեամբ
ալ
կը
հաւատան
ու
կը
գրեն։
Այդ
շրջանին
կը
պատկանի
համապատկերը
սերունդին
որ
տուաւ
մեզի
Ազգային
Սահմանադրութիւնը,
մեր
Մամուլը,
կազմակերպեց՝
իր
հասողութեան
ծիրին
մէջ,
մեր
դպրոցները,
ազգային
վարչական
մեքենան,
կարծեց
հիմը
ըլլալ
դրած
գրական
քանի
մը
սեռերու,
վճռաբար
թեր
կեցաւ
աշխարհաբարին,
ու
տուաւ՝
իր
ընկերային
անթուելի
բարիքներու
շարքին,
մեր
հոգիին
քանի
մը
քաղցրագոյն
ձայները,
մեր
մտքին
քանի
մը
սրտառուչ
կայծերը
եւ
գետին
պատրաստեց
մեր
պատմութեան
հզօրագոյն
սարսուռին
[3]:
Մեր
մեծագոյն
քերթողը՝
Պետրոս
Դուրեան,
ամբողջովին
կ՚իյնայ
այդ
սերունդին
գօտիին
(zone)։
բ)
ԻՐԱՊԱՇՏՆԵՐ։
Որոնք
առաջին
անգամ
կ՚երեւին
1880ի
շրջաններուն,
վարանոտ,
վախկոտ,
աննպատակ,
բայց
Մասիսը
ձեռք
անցընելով
եւ
Արեւելքը
հիմնելով
տակաւ
կը
զգենուն
իրենց
լիութիւնը,
համատրոփ
ու
համակամ
աշխատանքի
սրտառուչ
պատկերի
մը
մէջ,
համախմբելով
իրենց
ուժերը,
մէկ
ու
նոյն
սպասին,
—
գրականութիւնը
ժողովուրդին
դարձնելու
գեղեցիկ
մտադրութիւններով.
կը
տապալեն
իր
մեծ
կախարդներուն
մահովը
իր
իմաստէն
ալ
դադրած
մեր
Ռոմանթիզմը
ու
անոր
խորթ
զաւակը
նկատուող
եսապաշտիկ,
եսակեդրոն
անորակելի
այն
գրականութիւնը
որուն
քրմապետը
կը
հանդիսանայ
Եղիա,
կը
կործանեն
գրաբարը
իրենց
գրքունակ
ախորժակներուն
պատուանդան
ծառայեցնող
դպրոցին
յաւակնութիւնները,
միանգամ
ընդմիշտ
ազատագրելով
աշխարհաբարը,
կը
հիմնեն
մեր
վէպը,
մեր
քննադատութիւնը,
իր
փառքին
կ՚առաջնորդեն
մեր
պատմուածքը,
կը
ժողովրդականացնեն
մեր
օրագրութիւնը,
մանաւանդ
անոր
խորքին
տարողութիւնը
ու
ձեւին
(լեզուին)
կաղապարումը.
ամէն
ճակատի
վրայ,
կ՚ընդարձակեն
գրականութեան
զգայարանքը.
ձեռք
կը
փորձեն
երկարել
արեւելահայ
գրականութեան,
եւ
կը
ձգեն
յաջորդներուն՝
նոյնատարր
ու
նոյնամէտ
սերունդի
մը
գեղեցիկ
պատկերը։
Անոնք
են
դարձեալ
որ
մեր
մէջ
կուտան
առաջին
անգամ
կազմակերպուած,
իր
ըրածին
գիտակցող
գրական
փաղանգը,
դպրոցը
[4],
իրենցմէ
վերջ
ա՛լ
չերեւցող:
գ)
ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ
ՍԵՐՈՒՆԴ.
որուն
ծագումը
կրնանք
իջեցնել
մինչեւ
առաջին
ջարդերը
ու
քիչ
մըն
ալ
վար,
տակաւին
(Յովհաննէս
Յարութիւնեան,
Ռուբէն
Զարդարեան,
Ռուբէն
Որբերեան,
Եղիշէ
Դուրեան
կ՚երեւին
իննսունական
թուականներուն),
բայց
որուն
զարգացումը,
լիալիր
փթթումը
կը
զուգադիպին
1895-1915ի
քսանամեակին։
Այսպէս
տիտղոսեցի
այդ
մարդերը
որոնք
հասարակաց
ունին
գրուածքի
(écriture)
պաշտամունքը,
արտայայտութիւնը
խնամելու
հզօր
կամք
մը,
ուրիշ
խօսքով
ոճին
հրայրքը,
—
պարագայ՝
որուն
հանդէպ
անտարբեր
էին
Իրապաշտները.
զոր
սխալ,
յիմար
սեթեւեթի՝
վերածած
էին
եսապաշտները
(Եղիայի
դպրոցը):
ու
աստուածացուցած՝
Ռոմանթիկները։
Աւելորդ
չէ
հոս
ընդգծել
որ
այդ
սերունդն
ալ
համատարր
դպրոցի
մը
կերպարանքը
չի
պարզեր
հեռուէն
դիտողի
մը։
Երուանդ
Օտեան,
Երուխան,
Թլկատենցի,
զօրաւոր,
շեշտուած
ախորժակները
կը
պահեն
իրապաշտ
պարզութեան։
Տիկին
Եսայեան
անտարբեր
է,
իր
լաւ
երակին
մէջ,
արտայայտութեան
հարցերուն
հանդէպ,
գէշ
երակին
մէջ
պատկանելով
հանդերձ
Սիպիլին
սեթեւեթին,
արձակ
քերթուածներու
բառակոյտին
հմայքին.
Տիրան
Չրաքեան
կ՚ուրանայ
խորքը
ու
կ՚ապաստանի
ձեւին
կարելի
խնամքին։
Մեծարենց
ու
Թէքէեան,
Պարթեւեան
ու
Զարդարեան
փոխն
ի
փոխ
կը
նուաճուին
ձեւէն
ու
խորքէն։
Բայց
ինչպէս
դիտել
տուի,
հասարակա՛ց՝
բոլորին
համար
ալ
գրեթէ,
գրական
խնամքին
մտահոգութիւնը։
Յետոյ
բացի
Պարթեւնեանի
խորքի
ռոմանթիզմէն
ու
Զարդարեանի
ձեւի
ռոմանթիզմէն,
միւսները
պարկեշտ
աշխատանքը
նախասիրած
են
իրենց
գործին
յատակ
ընծայելու:
Սովորութիւն
է
այդ
սերունդին
համար
յանգումի
թուական
նկատել
Ապրիլ
24ի
(1915)
եղեռնը
ուր
այդ
սերունդը
սպառսպուռ
ջնջուեցաւ
գրեթԷ
(մազապուր
ազատողները
շատ
փոքր
թիւ
մը
միայն)։
Միւս
կողմէն
տրտում
է,
ինծի՜,
հոս,
ստիպուած
ըլլալս
յայտարարելու
որ
արեւմտահայ
գրականութիւնը
–
այսինքն
մեր
ժողովուրդի
կէսին
հոգեկան
կնիքովը
ամրօրէն
կնքուած
ստեղծագործութիւն
մը
—
իր
աւարտը
գտած
է
արդէն
անոր
մշակներուն
զանգուածովի
փողոցումովը
ու
զայն
կարելի
ընող
հոգեղէն
իրականութեան՝
ժողովուրդին
շիջումովը:
Պատերազմէն
վերջ
հասակ
առնող
գրականութիւնը
հազիւ
թէ
անունով
միայն
կը
մնայ
հաւատարիմ՝
յղացքին,
տրուած
ըլլալով
այն
տխուր
փաստը
թէ
ցանցառ
վերապրողները
անընդունակ
եղան
յարմարելու
նոր
պայմաններում:
Նոր
ծլող
տաղանդները,
իրենց
կարգին,
շատ
քիչ
բացառութեամբ
մը,
ենթարկուեցան
այն
հողերուն
ուրկէ
կ՚առնէին
իրենց
սնունդը,
Եւրոպական,
Ափրիկեան,
Ամերիկեան
ոստաններու
մէջ,
իրենց
գործիքը
միայն
զիջելով
պահել,
իրենց
ապրումները
սեւեռելու
աշխատանքին
համար,
ու
ասկէ
դուրս՝
փոքրութիւններով,
փոքրոգութիւններով
միայն
յիշելով
իրենց
ցեղը,
անոր
խոր
իմաստը,
իրենց
վայրավատին
կենցաղին
պատասխանատուներ
փնտռելով
ու
գտնելով
ահաւոր
անսրբութեամբ։
Այն
շատ
քիչերը
որոնք
կապ
մը
պահեցին
այդ
ցեղին
ընդհանուր
զգայութեանց
մթերքին
հետ,
իրենց
կարգին
զիս
կը
ստիպեն
որ
բացուի
ուրիշ
բաժանում
մըն
ալ։
դ)
ՆՈՐԱԳՈՅՆ
ԿԱՄ
ՍՓԻՒՌՔԻ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ.
1919էն
ասդին,
նոր
ճակատագիր
մը
ընդգրկող։
Սխալ
չըլլար
զայն
անուանել
տիասֆբորայի
գրականութիւն,
քանի
որ,
հետեւելով
մեր
մնացորդացի
տարտղնումին
աշխարհի
չորս
ծագերուն,
պարտքին
տակն
է
անիկա
յարմարելու
աւելի
քան
դժնդակ,
զարհուրելի
պայմաններու,
լոկ
ինքզինքը
կանգուն
պահել
կարենալու
համար:
Կարճ,
շատ
կարճ
շրջանի
մը
մէջ,
մօտաւորապէս
երեք
տարի
(1919-1922)
անիկա
մշակուելով
Պոլիս,
կը
փորձէ
վերանորոգել
ցանկութիւններն
ու
ճիգերը
նահատակներուն,
աւելի
քան
յուսալից,
կորովի,
մոլեռանդ,
բայց
դարձեալ
հալածուելով
քաղաքական
անողոք
հարկերէ,
կ՚ենթարկուի
մեր
ժողովուրդի
բախտին,
ցիրուցանումին:
Ու
մենք
կը
տեսնենք
արեւմտահայ
բարբառով
մշակուած
գրականութիւն
մը,
այդ
թուականէն
ասդին,
Բարիզ,
Եգիպտոս,
Սուրիա,
Պաղեստին
ու
գլխաւորաբար
Նոր
աշխարհը,
կեդրոններ
ասոնք
ուր
այդ
գրականութիւնը
դեռ
կը
յամառի
ապրիլ
միս
մինակը,
գրեթէ
թողլքուած
իր
բոլոր
սուրբերէն,
ընդդէմ
աշխարհ
մը
արգելքներու,
ներսէն
ու
դուրսէն,
քանի
մը
նուիրեալներու,
խենդերու
բուռն,
սրտաշարժ
հերոսութեամբը:
Խայտաբղետ
կարաւա՜նը՝
ուր
եօթանասնամենի
աղեբեկ
ու
կործանուած
մարդեր,
իրենց
երիտասարդութեան
դրօշները,
բզիկ
բզիկ,
ուսամբարձ
կը
քալեն՝
անմօրուս,
ըրածնին
չճանչցող
տղոց
առջեւէն,
կուլ
տալով
իրենց
արցունքները՝
իրենց
ծիծաղելին
փրկելու
վսեմ
պարզութեամբ
մը…
Ահա,
մեծ
իր
գիծերուն
ու
կարկառին
մէջ
այն
համապատկերը
որուն
իրագործումը
պիտի
դառնան
հետագայ
հատորները,
վերը
պարզուած
ծրագրին
համաձայն:
Միանգամընդմիշտ
կը
յայտարարեմ
թէ
այս
գործը
ոչ
յայսմաւուրք
մըն
է
հեղինակներուն
վարքն
ու
բարքը
կենսագրող,
ոչ
ալ
բառարան
մը`
յատուկ
անուններու,
գիրքերու
տիտղոսները,
հրատարակման
թուականները
համառօտակի
ցուցակագրող։
Անիկա
ապրումներու
հանդէս
մըն
է,
հեղինակէ
հեղինակ
անձնացող
բայց
խորքին
մէջ
մէկ
ու
նոյն
զգայնութեան
մը
—
իմ
ժողովուրդի
մէկ
թեւին
զգայնութեան։
Մի
վախնաք
որ
միօրինակ
վերլուծումներու
շարան
մը
կը
խոստանամ
ձեզի։
Մեր
գրականութիւնը
կազմող
անձնաւորութիւնները
օժտուած
են
կեանքէն
պարտադիր
զանազանութեամբ
մը,
ու
այդ
անձնաւորութեանց
գործը
անօթն
է
ուր
կաղապարի
ինկած
է
անոնց
հոգին։
Այնպէս
որ,
ժամանակէն
պաշտպանուած
(մէկ
դարը
քիչ,
փոքր
տեւողութիւն
է
երբեմն
հոգիները
պաղեցնել
կարենալու
համար
իրարմէ),
այս
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը
չի
վախնար
ինքզինքը
հերքելու,
աղաւաղուելու
վտանգէն
ալ։
Աւելորդ,
կը
նկատեմ
հոս
ընթացք
տալ
ուրիշ
ալ
մանրամասնութիւններու՝
մեթոտը,
մշակման
դրութիւնը,
արդիւնքները,
տեսակարար
կշռի
զարնող
միջոցները
պարզաբանող,
բոլորն
ալ
հանդիպելի՝
գործին
մարմինն
ի
վար:
Ի
յառաջագունէ,
կ՚ենթադրեմ
որ
այս
հատորները
ձեռք
առնող
մը
կը
ճանչնայ
արեւմտահայ
գրական
վաստակը
իր
ամբողջութեամբ,
ասոր
վրայ
կազմած
ալ
է
իր
դատաստանը
անձնական
կամ
միջնորդովի
վկայութիւններով,
ունի
արեւելահայ
գրականութեան
ձգտումներուն
մասին
որոշ
ընտանութիւն,
ու
մեր
օրերու
օտար
գրականութեանց
վրայ
ալ
քանի
մը՝
հաստատ,
լայն
նշմարանքներ։
Այս
տողերը
կարող
են
թելադրել
գրողները,
որոնք
իրենց
բաժինները
կը
հալածեն
նման
աշխատանքներու
մէջ
(իմ
գիրքին
ընդհանուր
տարողութիւնը
կը
հասնի
մինչեւ
1915,
ու
իբր
այդ
զգուշաւոր
կ՚ընէ
սփիւռքի
քանի
մը
հարիւրը
անցնող
գրական
մշակները,
բայց
առաւելապէս
ուղղուած
են
այն
հասարակութեան
որ
հազիւ
թէ
կ՚այցուի
գրելու
փառասիրութենէն,
ունենալով
զօրաւոր
համակրութիւն
մը
իր
ժողովուրդին
իմացական
ճիգին,
արժէքներուն,
իր
մշակոյթին:
Սփիւռքի
մէջ
մենք
գիտենք
թէ
որքան
մեծ
է
թիւը
այն
մարդիկներուն
որոնք
ի
վիճակի
են
եղած
համեստ
մատենադարան
մը
կազմելու,
օտար
ընտրելագոյն
հատորներու
կողքին
հայ
լեզուով
ալ
բախտաւոր
գիրքեր
հիւրընկալող:
Հերոսական
է՝
այս
ընտրանիէն
դուրս,
կեցուածքը
պարզ
մարդոց
դարձեալ,
որոնք
կարելի
ըրին
օրինակի
մը
համար,
Ամերիկայի
մէջ,
Հայրենիք
հանդէսին
հրաշքը,
ջախջախիչ
մեծամասնութեամբ
մը
բանուորներէ
գոյաւոր
ընթերցողներու
բանակ՝
մը
հանդերձելով։
Ուրիշ
խնդիր՝
այդ
գրականութեան
ներքին,
տեսակարար
տարողութիւնը:
Փաստը
չի
դադրիր
փաստ
ըլլալէ:
Սփիւռքի
պայմաններու
ծնունդ,
ներկայ
աշխատանքը
իր
տեղը
կ՚ուզէ
այդ
մատենադարաններէն
ու
այդ
սիրտերէն
ներս։
*
*
*
Նկատի
ունենալով
այն
իրողութիւնը
որ
նման
մտահոգութիւններու
սպասարկու
աշխատանք
մը
չէր
կրնար
յամենալ,
թափառիլ
մանրամասնութեանց
շուրջ
(ինչպէս
չէր
կրնար
զուարճութիւն,
հաճելի
մարսողութեան
էրզաց
մը
ճարել
իմացական
ծոյլերուն,
հեշտախոյզներուն՝
գործերուն
ընթերցումէն
խուսափող,
ու
անոնց
միջուկը
պատրաստ
դեղահատներու
նման
ճաշակելու
ակնկալու),
համոզիչ
ըլլալու
համար՝
վիճարկել,
փաստեր
կուտակել,
տրամաբանել
ու
խօսակցութեան
թօնի
մը
մէջէն
տարտղնել
կարելի
շահեկանութիւնը
դէպի
թուլացում,
թափում
(ընթերցումը
յաճախ
ուրիշ
քիչ
բան
է
մեզմէ
շատերուն
համար),
զգոյշ
եմ
եղած
լայն
մէջբերումներէ,
ուրիշներու
կողմէ
կատարուած
վկայունթեանց
շահագործումէն:
Կը
զգամ
անպատեհութիւնը
պատգամաշեշտ,
մարգարէաշունչ
գրելու
կերպի
մը։
Բայց
գիտեմ
որ
սիրոյ,
կիրքի
կենդանակերպէն
հասնող
գործեր,
այդ
իսկ
հանգամանքով
կը
ներուին,
հերիք
է
որ
չնետեն-չբռնեն
երանելի
անպատասխանատուութեամբ
մը
որ
բոլոր
մարգարէները
կը
վիրաւորէ,
կազմելէ
ետք
անոնց
ուժն
ու
հմայքը:
Եթէ
երբեք,
տեղ
տեղ,
դուք
կը
գտնէք
մէջբերումներ,
անշուշտ՝
չափաւոր,
ատիկա
արդիւնքն
է
յստակութեան,
պայծառութեան
պահանջի
մը։
Տիրան
Չրաքեանը
հեղինակ
մըն
է
որ
իր
Ներաշխարհը
ստիպուած
եղաւ
լուսաբանել
գիրքին
ծաւալին
հասնող
բացատրականով
մը։
Միւս
կողմէն
պղտոր,
իր
դիրտերէն
իսկ
ծանրաբեռն
իր
ոճը
ուրիշ
մշո՛ւշ՝
թափանցումը
խանգարող:
Նման
պարագայի
մը,
մէջ
բերումը
ոչ
միայն
անհրաժեշտ
լուսաբանութիւնն
է,
այլեւ
միակ
կարելի
եղանակը
որպէսզի
ընթերցողը
ունենայ
աչքին
առջեւ
հեղինակին
մերկութիւնը
[5]:
Յետոյ,
հեղինակի
հեղինակ,
մանաւանդ
նոյն
դպրոցին
ու
ժամանակին
պատկանող,
երբեմն
հոգեշատակի,
ձգտումներու
ու
նոյնիսկ
թէքնիկի
հանգիտութիւններ
բացառութիւն
չեն
անշուշտ։
Այսպիսի
զոյգեր
են
Պէշիկթաշլեան
եւ
Դուրեան,
Վարուժան
եւ
Սիամանթօ։
Չըրի
մէջբերումներ
Վարուժանէն,
զայն
վաւերական
վարպետը
ընդունելով
պատկերի
եւ
բանի
հռետորութեանց։
Բայց
մեծ
կղերիկոս
մը
ըլլալու
հարկ
չի
կայ
ըմբռնելու
համար
թէ
տարազը
նոյնութեամբ
կը
պատշաճի
նաեւ
Սիամանթոյի։
Օրինակը,
օրինակները
միայն
կրնային
այդ
երկու
հռետորութեանց
ընդմէջ
տեսանելի,
շօշափելի
ընել
միտքին
համար
տիրական
զանազանութիւնը
զուտ
բառական
եւ
խառնուածքի
ծնունդ
հռետորութիւններուն։
Ահա
թէ
ինչու
Սիամանթոյէն
պիտի
գտնէք
բաւարար
մէջբերումներ:
Այս
բացատրութիւնները
բա՞ւ,
անցնելու
համար
ուրիշներու:
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը
կազմող
մենագրութիւններէն,
—
ա)
Միսաք
Մեծարենցը
լոյս
է
տեսած
Հայրենիք
հանդէսին
մէջ
1924ին,
ուրեմն
քսան
տարի
առաջ
ներկայ
աշխատանքէն։
Գրական
ու
սումնասիրութիւն
մըն
է
անիկա,
մանրամաղ
վերլուծումով
մը
զարգացող։
Զայն
կրկին
ձեռք
առնել,
համադրական
tenue
մը
տալու
նպատակով,
պիտի
նշանակէր
չարաչար
վարուիլ
իմ
արդէն
սպառած
ուժին
հետ:
Ատ
է
պատճառը,
որ
այդ
մենագրութեան
մէջ
դուք
կը
հանդիպիք
առատ
փաստի,
ապացուցումի,
ինչպէս
կ՚ըսեն։
բ)
Վահան
Թէքէեանը
գրուած
է
1934ին,
ուրեմն
տասը
տարի
առաջ,
մեր
բանաստեղծութիւնը
շահագրգռող
հարցերու
իբր
հանդէս
ու
նոյն
ատեն
մեր
հոգիին
մէկ
պատմութիւնը
խորհրդանշող
վկայութիւն,
որ
դարձեալ
գրական
ուսումնասիրութիւն
մըն
է,
Միսաք
Մեծարենցի
թէքնիկով։
Աւագ
պատճառը
որ
զայն
այդ
կերպարանքին
տակ
ներս
կ՚առնէ,
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐէն,
հարկ
չի
կայ
կրկնելու,
նոյնն
է
միշտ։
գ)
Ռուբէն
Զարդարեանը,
լոյս
տեսած՝
1925–26
Հայրենիք
հանդէսին
մէջ,
դարձեալ,
մենագրութիւն
մը
իր
կարգին։
դ)
Տիրան
Չրաքեանը,
ընդհանուր
կաղապարին
մէջ
քիչ
մը
կը
զատուի
միւսներուն
ճարտարապետութենէն,
վասնզի
սկսուած
է
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐի
յղացումէն
առաջ։
Յետոյ,
Չրաքեան
տակաւին
չէ
պաղած:
Ասիկա
կը
նշանակէ
թէ
իր
գրականութեան
յարուցած
հարցերը
մաս
կը
կազմեն
օրուան
հետաքրքրութեանց,
գէթ
անոնց
համար
որոնք
գրագէտին
մտերիմները
եղան,
եւ
կամ
անոր
համբաւին
դրօշակիրները,
եւ
կամ
նորէն,
այս
ու
այն
նկատումներով,
աս
ու
ան
փոքրելու,
ստուերելու
թաքուն
հաշիւներով
կը
խօսին
ու
կը
փառաբանեն
իր
հէքիաթը,
հազիւ
հազ
համարձակելով
կամ
հանդուրժելով
քանի
մը
գլուխ
բան
կարդալ
Ներաշխարհէն։
ե)
Թէեւ
կաղապարները
պատրաստ
են
յետ-պատերազմեան
սերունդին
վրայ
կատարուելիք
աշխատանքին,
իբր
շարունակութիւնը
երեք
սերունդներու
նուիրուած
սա
վկայութեան,
բայց
կը
տարակուսիմ
թէ
ինծի
պիտի
տրուի
ժամանակ
այդ
կաղապարները
վերածելու
գործի:
Համաստեղ,
Զարեան,
Շահան
Շահնուր,
Հրաչ
Զարդարեան,
Նարդունի,
Փայլակ
Միքայէլեան
անունները,
այդ
սերունդին
աւագ
ներկայացուցիչներն
են։
Ասոնցմէ
Զարեան
ու
Համաստեղ
ինկած
են
բաւարար
վերլուծման.
գտած՝
դէմքի
մը
շնորհը,
դպրոցական
աշխատութեան
մը
մէջ
որ
ձեռագիր
կը
գործածուի
Ժառանգաւորացէն
ներս:
Այդ
երկու
կտորները
կրնան
կցուիլ
այս
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին,
իբր
լրացուցիչ։
Յաւելուածական
այդ
հատորին
մուտք
կրնայ
ծառայել
բաժինը
այն
համապատկերին
որ
«Հայ
Գրականութիւն»
գիրքին
մէջ
յետ-պատերազմեան
գրողների
ընտրեալ
կտորները
կը
նախաբանէ
ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
տիտղոսին
ներքեւ:
Ժամանակով
իրարմէ
հեռու,
գործադրութեան
թէքնիկով
բաւական
տարբերութիւններ
հաստատող
վկայութիւնները,
որոնք
կը
կազմեն
սա
երկար
ու
ընդարձակ
շարքը,
ոչ
այլայլում
են,
ոչ
ալ
նուաղում
կամ
զանցում։
Բոլոր
գրողներու
խորքին,
դատողութեան,
արժէքին
շուրջը
իմ
կշիռը
կը
մնայ
հաւատարիմ
իր
հիմնական
չափերուն։
Երեսուն
տարի
առաջուան
գնահատանքը
կը
պահէ
իր
ուժը՝
էականին
մէջ,
ժամանակին
հետ
խորացման
ու
արձակութեան
նորոգումներով։
Ի՛նչ
որ
գրեր
եմ
Հին
Աստուածներ
տռամային
վրայ,
օրինակի
համար,
Մեհեան
(1914)
հանդէսին
մէջ,
կը
պահէ
իր
էական
սկզբունքները
նաեւ
այն
աշխատանքին
ներսը
որ
Լեւոն
Սեղբոսեանին
է
նուիրուած,
ներկայ
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐ
ին
շարքին։
Իմ
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐԸ,
կը
կրկնեմ
անգամ
մըն
ալ,
վկայութիւն
մըն
է։
Պատերազմէն
յետոյ,
մեր
երիտասարդութիւնը՝
հասկնալի
տագնապներու
ենթակայ,
ամէնէն
առաջ
ուրացաւ
իր
երեք
երէց
սերունդներուն
ժառանգութիւնը։
Չհարցուց
թէ
ի՞նչ
էր
շահը
այդ
ապերախտութեան:
Միւս
կողմէն
երէցներէն
վերապրողները
իրենց
լքումը
կրելու
հերոսութիւնը
չհամարձակեցան
իրենց
արժէքները
սա
կոտորածէն
ազատելու
այլապէս
դժուար
հերոսութեան։
Տարիքը
իր
օրէնքները
ունի։
Ամէնէն
կորովին,
Պ.
Արշակ
Չօպանեան,
որ
աւելի
քան
կէս
դար
սպասարկեց
արեւմտահայ
գրականութեան,
ու
կը
հասկցուի՝
անոր
պատմութեան
նոյն
ատեն,
երկրորդ
մեծ
պատերազմէն
անմիջապէս
առաջ
ձեռնարկած
էր
իր
գործերուն
ամբողջական
տպագրութեան,
ինչ
որ
անոր
տրամադրելի
ուժերուն
ամբողջական
վատնումը
կը
նշանակէր։
Վահան
Թէքէեան՝
երկրորդ
մեծ
դէմքը՝
մեր
սերունդին
վրայ
արդար
ու
խորունկ
դատաստաններ,
անոնց
հոգեշատակէն
վերբերումներ
ընելու
ընդունակ,
լրագրութեան
թիապարտ
մըն
է
շատոնց,
ու
չունի՝
կարելիութիւն
յիշատակներ
իսկ
պատմելու:
Ուրի՞շ:
Բայց
ոչ
ոք,
քանի
որ
երրորդ
վերապրող
Լեւոն
Սեղբոսեանը,
իր
կարգին,
վարդապետութեան
տաժանքներուն
պարտաւոր
է
աւելցնել
ուրացումին
ու
լքումին
ալ
տրտմութիւնները:
Յամառ,
արի,
տաքէն
ու
պաղէն
չազդուող,
ու
քիչ
չատ
շարժումէն
անձնապէս
մաս
առնող
գեղացի
մը
պէտք
էր
այդ
խաչակրութեան
համար։
Այդ
տխուր
պատիւը
կը
ներեմ
ինծի։
Իմ
սերունդիս
բոլոր
անձնաւորութիւնները
մօտէն
ճանչցած
եմ,
ու
ասիկա
պարզ
բարիք
մը
չէ
որ
եւ
է
մէկու
համար,
երբ
կը
պատրաստուի
պատմութիւն,
պատկեր
(համա)
գրելու։
Իրապաշտներէն
ինծի
հետ
շփում
չի
ունեցած
միայն
Արփիարեանը:
Միւս
յատկանշական
անունները
գիրքերէն
չէ
որ
ազդած
են
իմ
վրայ:
Բոլորին
հետ
ալ
իմ
յարաբերութիւնները
բաւարա՛ր՝
որպէսզի
իմ
տպաւորութիւնները
անձնանային։
Ռոմանթիկներէն
քիչեր
կը
ճանչնամ։
Բայց
արդէն,
անոնց
անձին
ու
գործին
շուրջ,
արեւմտահայ
գրականութիւնը
կը
համրէ
առատ
վկայութիւններ,
պատասխանատու
մարդոց
գրիչով։
Այս
լուսաբանութիւնները
անոր
համար՝
վասնզի
կը
հաւատամ
իմ
աշխատանքին
մէջ
առնուազն
անձնականին
արժէքին։
Մեր
գնահատումները,
դատաստանները
գրական
գործերու
շուրջ
միշտ
կը
մնան
վերաքննելի,
փոփոխելի,
նոյնիսկ
հիմնովին
մերժելի։
Բայց
գրողների
մեր
անձնական
տպաւորութիւնները
ունին
վաւերագրական
տարողութիւն։
Չեմ
գրած,
սա
տողերու
սեւնալու
պահուն,
չորորդ
սերունդին
կշիռը:
Նախ,
թիւին
շատութիւնը
բացառիկ
յոգնութիւն
մըն
է,
ճիգէն
առաջ։
Միւս
կողմէն
գիտեմ
որ
երկու
հարիւրի
մօտ
մեծ
ու
պզտիկ
գրողներ
այս
գործը
ձեռք
առած
միջոցին
ամէնէն
առաջ
իրենց
անունները
պիտի
փնտռեն
անոր
մէջ։
Չեմ
զարմանար։
Բայց
«ի՞նչ
արած»,
կ՚ըսեն
մեր
պատուական
եղբայրները՝
արեւելահայերը։
Անշուշտ
սիրելի
փափաք
մըն
է
ինծի
համար
յետ
պատերազմեան
սերունդին
վրայ
ըսել
իմ
խօսքը,
ու
գտնել
իրաւին,
անկեղծին,
գեղեցիկին
բաժինը
դէզին
տակը
այն
մեծամտութեանց,
սրտառուչ
միամտութեանց,
անծակ
տգիտութեան
կամ
վաւերական
ապրումներուն,
նուաճուած
արժէքներուն,
որոնք
միշտ
կ՚ապրին
քով
քովի,
ամէն
սերունդի
փորձառութեանց
մէջ:
Կը
հաւատամ
թէ
այդ
սերունդն
ալ
ձգած
է՝
ցեղին
հարստութեան
գանձարանին,
մէկէ
աւելի
սրբութիւններ:
Բայց
փափաքին
ու
անոր
իրականացումին
ընդմէջ
անդունդը
անդունդ
է
յաճախ։
Ես
իմ
պարտքս
ըրի
իմ
ու
զիս
կանխող
սերունդներուն
հանդէպ։
Իրենք
երիտասարդ
են։
Ունին
ամէն
պատեհութիւն
իրենց
սերունդը
վկայելու
երբ
այդպիսի
պէտք
մը
զգալի
դառնալ
իրենց։
Գրեթէ
լուռ
անցած
եմ
բոլոր
ոչ-արտայայտիչ
թէկուզ
մեծահամբաւ
անուններուն
վրայէն։
Տաղանդին
չափ՝
դերը,
կատարուած
վաստակին
տարողութիւնը,
իմ
ժողովուրդը
պատկերելու
մասնայատկութիւնները
վարած
են
զիս
իմ
ընտրութեանցս
մէջ։
Այսպէս
1900ը
լեցնող
երկու
անուններ,
մէկը՝
Յովհաննէս
Ասպետ,
միւսը՝
Արտաշէս
Յարութիւնեան,
թերեւս
իրարու
հաւասար
գան
իրենց
տաղանդներուն
տեսակարար
կշռին
մէջ,
որ
իմաստով,
պատմումով
հազիւ
բարի
խառնուած
լրագրականութիւն
մըն
է։
Բայց
զեղչած
եմ
Ասպետը,
այն
պարզ
պատճառով
որ
իր
պատմումը
չի
պատկանիր
մեր
ժողովուրդի
ապրումներուն,
ու
լրագրողի
իր
իմաստութիւնն
ալ
պանդոյրներուն
սնունդն
է
եղած
իր
ատենին,
ճիշդ
ինչպէս
է
պարագան
Բիւզանդ
Քէչեանին
որ
չանցնիր
հայ
գրականութեան
պատմութեան։
Արտաշէս
Յարութիւնեան՝
գէշ
բանաստեղծ,
անբաւարար
դատող,
բայց
մեր
գրականութեան
համար
բազմերախտ
մշակ
մըն
է։
Անկէ՝
իր
դերը։
Նմանապէս
Վահրամ
Թաթուլ
եւ
Վահան
Մալէզեան,
տաղանդի
նոյն
եզրերով
մօտ
են
իրարու:
Բայց
Վահրամ
Թաթուլ
ինքզինքը
զլացած
է
մեր
գրականութեան,
գրած
ըլլալով
հանդերձ
մեր
լեզուին
ամէնէն
նրբին
քանի
մը
քերթուածները:
Վ.
Մալէզեան
իր
տեղը
ունի
շարքին
մէջ
սա
մենագրութիւններուն,
վասնզի
ունի
վկայութիւններ
մեր
գրական
շրջափոխութիւնը
լուսաւորող։
Այս
քանի
մը
օրինակները
կը
բացատրեն
թերեւս
իմ
զանցումներուն
ներքին
զսպանակները:
Մնաց
որ
բոլոր
զանցուողները
չունին
տառապելիք,
քանի
որ
«կուշտ
ու
կուռ»
ապրած
են
իրենց
փառքը
եւ
կար
ժամանակ
երբ
Ենովք
Արմէն
ըսուած
մէկը
Արամազդն
էր
հայ
գրականութեան,
եւ
Հրանդ
Նազարեանց
անունով
ուրիշ
փարթամ
սնոտիք
մը՝
մեծ,
աստեղահեւ
բանաստեղծ:
Բարի
ուրեմն
իրենց
քունը՝
մոխրածածուկ
իրենց
փառքերուն
անկնճիռ,
անայց
խաղաղութեամբ,
ծոցին
մէջը
լայն
մոռացումին,
մռայլութեան
արդար
բաժինին,
որոնցմէ
պահ
մը
զիրենք
անջատեց,
ուրիշ
կայքերու
առաջնորդեց
մեր
յիմարութիւնը։
Փառքն
ալ
բարոյական
մը
ունի
հարկաւ,
ու
պատիժի
սարիք
մը։
Աստուած
ողորմի
անոնց
գլխուն,
դժբախտութեան,
բայց
չփորձուի
յարութիւն
տալ
անոնց
գործին:
Նմանապէս
լուռ
եմ
անցած
մանաւանդ
1900ը
չքազարդող
շատ
մը
փառքերու
վրայէն,
որոնք
մեր
բանասիրութեան,
պատմագրական
ուսումնասիրութեանց
մէջ
աշխատանք
են
վատնած,
բայց
գրագէտ
մը
մնալու
համեստութիւնը
չեն
արժեւորած։
Այս
տողերուն
հետ
ինծի
կ՚այցելէ
ուրուականը
Մատաթիա
Գարագաշի,
որ,
ատեն
մը,
սկսող
մեր
գրականութիւնը
ահաբեկ
պահեց
իր
ոսկեդարեան
գրաբարին
գիւտովն
ու
սպառնալիքովը,
մեր
պատմութեան
երկարեց
շատ
գիտցուկ,
յաւակնոտ
իր
տրամաբանութիւնը,
ու
կարծեց
գտած
ըլլալ
այս
ժողովուրդին
պատմութիւնը։
Թէոդիկի
բոլոր
մեղքերը
անշուշտ
անկարող
պիտի
գային
իր
կնոջ՝
Արշակունիին
անունը
ընկղմելու
մոռացումին
ծոցը,
եթէ
երբեք
ինք՝
Տիկինը,
չըլլար
արհամարհած
գրականութիւնը,
սահմանափակելով
իր
շատ
իրաւ
զգայնութիւնը
լրագրական
սպասի
մը։
Ու
թող
չտառապի
փաղանգը
մեր
կին
գրողներուն
որոնք
ինը
հարիւրէն
վերջ
այնքան
աղմուկով
սիրեցին,
սիրերգեցին
մեր
գրականութիւնը,
ասոր
բառակոյտի
մեղքերը
այնքան
տրտում
յորդումի
հանելով։
Վահան
Մանուէլեան,
Տիգրան
Արփիարեան,
Գալուստ
Անդրէասեան,
Գրիգոր
Շահինեան,
Շաքարեան,
Աղեքսանդր
Շաքլեան,
Գ.
Պէoշկէօթիւրեան,
Գր.
Եսայեան,
Շ.
Միսաքեան,
Ահարոն
դարձեալ
չունին
իրենց
մենագրութիւնները,
հակառակ
վաւերական
իրենց
տաղանդներուն,
տրուած
ըլլալով
իրենց
գործին
անբաւարարութիւնը,
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին
մէջ
իրենցմէ
գալիք
նպաստին
նիհարութիւնը:
Իմ
ուժերուս
սպառումն
է
գլխաւոր
ազդակը
սա
զանցումներուն։
Այնպէս
ինչպէս
կը
ներկայանալ
արեւմտահայ
գրականութեան
սա
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը,
անիկա
ծնունդ
է
պարտքի
զգացման,
երախտիքի
հատուցման
զօրաւոր
պէտքի
մը:
Վերը
խօսեցայ
շարժառիթէն
որ
իմ
տկար
ուսերուն
կը
բարդէր
այս
պարտահատոյց
վաստակը։
Երբեք
մտքէ
չեմ
անցուցած
քրմութիւն,
մոգպետութիւն,
քահանայապետութիւն,
օրէնքներ
ու
տախտակներ
բերողի
ունայնամիտ
մարգարէութիւն։
Ոչ
ալ
իմ
գնահատումներում,
կշիռներուս
ի
պաշտպանութիւն՝
փաստաբանական
կորովի
տիալէկտիք:
Ես
է
որ
վստահ
եմ
դատելու
արարքին
հիմնական
խօթութեան՝
բոլորէն
աւելի:
Գրական
նորոյթը,
ճաշակը,
որ
եւ
գրականութեան
միշտ
մահացու
մեղքերը
կազմեցին։
Անոնք
որ
Նար–Պէյը
աստուածացուցին,
1860ին,
անկեղծ
էին
նախ
իրենք
իրենց
հաշւոյն,
երկրորդաբար
շրջանին
հաշւոյն։
Դատելը
իր
ուժը
կը
քաղէ
դժբախտաբար
այդ
միջակ
տարրէն:
Քննադատութիւնը
շատ
շատ
նպաստ
մը
կրնայ
բերել
մշակոյթի
մը
պատմութեան։
Շատոնց
է
որ
ես
անոր
ուրացած
եմ
որ
եւ
է
դրական
դեր,
գրական
ուղղութիւնները,
պատրանքները
կիրքերը
եւ
յիմարութիւնները
սանձահարող:
Ոչ
մէկ
գրող
կ՚ազդուի
իրեն
ուղղուած
ու
բոլորովին
արդար
թելադրանքներէն:
Ու
բարեբախտաբար
այսպէս
է
կարգը:
Այլապէս
աշխարհ
պիտի
ըլլար
ողողուած
իրարու
նման,
իրար
արժող
բիւրաւոր
փառքերով։
Մի
հարցնէք
ուրեմն
իմ
հերոսութեան
գինը:
Այս
գործին
հեղինակը
քառորդ
դարէ
աւելի
կայ
որ
էնտէքսի
է
ենթարկուած,
Ատ՝
իր
յիմարութիւնը
անշուշտ։
Բայց
կը
խոստովանի
որ
բան
մըն
ալ
չէ
տուժած։
Իր
մօտէն
անցեր
են
դրուատիքը
(շատ
ժլատ)
ու
պարսաւը
(յորդառատ),
բայց
չեն
խորտակած
իր
պարիսպը,
ուրկէ
անիկա
ցաւեր
է
միայն
մարդոց
անսպառ
ու
անծայրածիր
սնապարծութեան
ու
փոքրոգութեան։
Այսչափ։
Կը
յայտարարեմ
որ
իմ
վրայ
գրուած
որ
եւ
է
ուղղակի
էջ՝
(անուղղակիները
միշտ
տեսեր
եմ)
դրուատող
կամ
կործանող,
չեմ
կարդացած։
Ասիկա
արհամարհանքէն
ասդին
առաքինութիւն
մըն
է,
քանի
որ
երկու
պարագային
ալ
բարիք
մըն
է
տուողին
ինչպէս
ընդունողին։
Սիրած
եմ
հետեւիլ
կեանքին
հանդէսին
երբ
անիկա
թուղթերու
պողոտաներով
կը
յառաջանայ
հրապարակի
ասպետներուն,
մունետիկներուն,
փառք
ու
պարսաւ
շահադիտողներուն
ախորժակները
երբեք
չեն
խօսած
ինծի։
Oշական
կը
նկատուի
մութ
գրող
մը,
բարդ
ոճաբան
մը,
բնաւ
գրել
չգիտցող
մը,
ամէնէն
շատ՝
դժուար
կարդացուող
մը։
Չեմ
պաշտպաներ
իմ
ոճը,
զոր
չեմ
փոխած
անշուշտ
ներկայ
գործին
մէջ։
Շապիկ
միայն
կը
փոխեն
մարդիկ,
առանց
տառապանքի։
Հոգ
տարած
եմ
սակայն
որ
ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը
կարդացուի,
եթէ
ոչ
վէպի
մը
պէս,
գէթ
առանց
քիթ
ու
պոչի,
պռկունքի,
ինչպէս
կ՚ըսեն:
Ուրիշ
խօսքով՝
ստիպուած
եմ
եղեր
նիւթին
չորութիւնը,
օդայնութիւնը,
վերացականութիւնը
ամոքելու
համար
կենալ
հիմնական
իրողութեանց
պարունակին,
ինչ
որ
համազօր
կուգայ
տեսութիւններ
չլաստակերտելու:
Կեա՛նքը:
Ամէն
տեղ,
ամէն
առիթով,
նոյն
իսկ
մեռելներու
աշխարհին
մէջ՝
որ
կը
կոչուի
գրականութեան
պատմութիւն։
Ամէն
մէկ
հեղինակ
ինծի
համար
հատոր
մըն
է,
քանի
որ
իր
գործը
համառօտութիւնն
է
արդէն
հազարաւոր
զգայութիւններու,
բոլորն
ալ
բանտուած՝
բառերուն
ծոցը,
բայց
ընդունակ՝
կեանքին
դառնալու:
Ամէն
մէկ
հեղինակ
նոյն
ատեն
հերոս
մըն
է
ընդարձակ
վէպի
մը
որուն
անունն
է
դարձեալ
արեւմտահայ
գրականութիւն։
Դուք
թերեւս
շատ
ալ
յստակ
չտեսնէք
տարբերութիւնը,
որով
կը
զատուի
մեր
գրականութիւնը
ուրիշներէ,
նոյնիսկ
արեւելահայ
գրականութենէն։
Այս
վերջինին
մէջ
գրագէտը
գոնէ
վստահ
էր
թէ
կեանքի
մը
բանուորն
էր,
կեանքի
մը
որուն
բոլոր
լարերը
կը
մնային
իր
հասողութեան։
Արեւմտահայ
գրականութեան
անդրանիկ
գործաւորները
միայն,
մահուան
մղձաւանջէն
զերծ
հոգիներով
աշխատեցան:
Իրապաշտները,
Արուեստագէտները
այսինքն
այդ
գրականութեան
ամէնէն
արժանաւոր
անունները
մէկ
կողմէն
մահուան
դէմ
ճակատեցան,
միւս
կողմէն
կեանքէն
հալածուեցան։
Ու
դուք
գիտէք
անոնց
մեծ
մասին
վախճանը:
Կա՞յ
աւելի
սրտառուչ
վէպ
քան
այն
զոր
մեր
երկու
սերունդները
ապրեցան,
օրինեցին
իրենց
արցունքներովը,
ոռոգեցին
իրենց
արիւնովը:
Ո՞վ
պիտի
գրէր
վէպը
Օշականի
մը:
[1]
Արեւմտահայ
գրականութեան
պատմութեան՝
ձգտումներուն
շուրջը
ինծի
ծանօթ
աշխատանքներն
են.
ա)
Անանուանելի
Պատմութիւն
Հայ
Մատենագրութեան
(Ե.
Վ.
Դուրեան,
1885ի
տպագրութիւն)
այն
մասը,
ուր
կը
խօսուի
աշխարհաբար
գրող
քանի
մը
հեղինակներու
վրայ՝
Դուրեան
Սրբազանի
անունով
իր
մահէն
ետոյ
լոյս
տեսած
հատորը
ուրիշ
ողբերգութիւն։
բ)
Հ.
Աճառեանի
Պատմութիւն
հայ
նոր
գրականութեան,
ուր
Զարթօնքի
սերունդին
քանի
մը
դէմքերուն
շուրջը
անբաւարար
թափանցումով
բայց
հետաքրքրութեան
խօսող
հանգամանքով
էջեր
քով
քովի
կուգան,
գրական
զգայարանքէն
խոշոր
չափով
մը
պակասաւոր
բանասէրի
մը
առնուազն
պարկեշտ
տրամադրութեանց
յայտարար։
Պիտի
չներէինք
որ
հանդիպողը
գրիչ
առնէր
իրեն
օտար
մրցանքներու
սիրոյն
ու
մեզի
տար,
ինչ
որ
Վենետիկ
ու
Վիէննան
ըրին
այնքան
անգամներ,
սանկ
ու
նանկ
գիրքեր:
գ)
Գ.
Օզանեանի
Պ
Պատմութիւն
հայ
գրականութեան
դասագիրքը
որ
մեղքն
ունի
աւելիին
ձգտելու:
դ)
Յովհ.
Գազանճեանի
Պատմութիւն
հայ
գրականութեան
ձեռագիր
երկը
դարձեալ
դպրոցական
կարիքներու
սպասարկու,
(Իզմիրեանց
Գրական
Մրցումին
համար
խմբագրուած
այդ
աշխատանքը,
իբր
շատ
թանկագին
բան
մը,
թռցուած
է
Պոլսեցի
խաչագողներու
կողմէ
քանի
որ
Երուսաղէմ՝
ղրկուած
ուրիշ
շատ
մը
ձեռագիրներուն
մէջ
(նոյն
մրցանքին
ներկայացող
գործերու)
կարելի
չեղաւ
գտնել։
ե)
Վ.
Փափազեանի
Պատմութիւն
հայ
գրականութեան,
դարձեալ
դպրոցունակ
գործին
երկրորդ
մասը
որ
առանձին
ալ
հրատարակուած
է
Պոլիս
եւ
կը
կարծէ
ներկայացնել
արեւմտահայ
ճիգը
մինչեւ
1910։
զ)
Մ.
Յովհաննէսեանի
Պատմութիւն
տասնըիններորդ
Դարու
հայ
գրականութեան,
որ
ո՛չ
բանասիրութիւն
է,
ոչ
ալ
գրականութիւն։
է)
Յ.
Աւագեանի
Գրական
դէմքերը։
ը)
Արփիարեանի
յօդուածները,
արեւմտահայ
գրականութեան
առաջին
մշակներուն
շուրջը
(Գեղունի,
Բանբեր):
թ)
Արշակ
Չօպանեանի
քրօնիկները,
մենագրութիւնները
(Պ.
ԴՈՒՐԵԱՆ,
Մ,
ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ),
ԴԷՄՔԵՐը:
ժ)
Հանդէսներու
մէջ
հարիւրաւոր
թռուցիկ
նօթեր:
ժա)
Հրանդ
Ասատուրի
Դիմաստուէրները։
Ամբողջ
այս
աշխատանքները,
իրենց
տեղը,
պիտի
իյնան
նկատառման։
Հոս
կը
բաւականանամ
դիտել
տալով
որ
անոնք
կը
ձգտին
այլազան
նպատակներու
գոհացումին:
[2]
Համոզուած
եմ,
որ
այդ
շրջանը,
ազգային
ընդհանուր
մշակոյթին
պատմութեան
մէջ,
խղճամիտ,
սիրտցաւ
եւ
իրաւ
պատմիչի
մը
համար
թերեւս
ամէնէն
թելադրական
համադրումները
կարելի
ընծայող
տուեալներ
ունի
իր
ալքերուն
խորը
ծրարուած։
Ի՜նչ
մարդեր
են
այդ
երիտասարդները,
որոնք,
ընդհանրապէս
գաւառէն,
բոպիկ,
կամ՝
Պոլսոյ
թաղերէն
որբ
որբ,
կը
վազեն
արեւմուտք,
ու
լեցուելէ
վերջ
անոր
լոյսով
ու
հուրքովը,
կը
դառնան
իրենց
Ժողովուրդին,
անոր
ճակատագիրը
սրբագրելու
ամենավսեմ՝
առաջադրութիւններով։
Միակ
սա
ստոյգ
հաստատումը,
կ՚ընէ
բոլոր
այդ
մարդերը
հարիւր
անգամ՝
աւելի
մեծ
քան
զիրենք
յաջորդող
յաւակնոտ
գրագէտները:
Բայց,
ինչպէս
ըսի,
իմ
աշխատանքը
արդիւնքներու
վրայ
եւ
միայն
ու
միայն
գրական
արդիւնքներու
վրայ
կը
դնէ
իր
շեշտը։
[3]
Դիտելի
է
որ
սերունդներու
վրայ
սա
բաժանումը
չըլլայ
պայմանաւոր
մաթեմաթիքական
ճշտությամբ
տարիներու
թիւով
մը.
Թովմաս
Թէրզեանի
առաջին
քերթուածները
լոյս
տեսած
են
Բազմավէպի
մէջ
(1855)։
1849ին
Խրիմեան
նոյն
այդ
«Բազմավէպ»ին
մէջ
կը
ստորագրէ
Բագրատունիի
ուղերձը
եւ
1901ին
ալ
Գահիրէ
կ՚արտօնէ
տպագրութիւնը
իր
քերթուածներուն:
Թէրզեան
քսաներորդ
դարուն
ալ
ոտանաւորներ
կը
գրէ։
Միտք
բանին
սա
թուումներուն՝
ան
որ,
Զարթօնքի
սերունդ,
Ռոմանթիկներ,
Դէպի
Իրապաշտները,
Իրապաշտներ,
Արուեստագէտ
սերունդ
յորջորջուած
գրական
կրթանքները
(տիսիբլին)
նոյն
ատեն
իրենք
զիրենք
կը
թելադրեն
երկու
անուններուն
ալ
ընդմէջէն։
Շրջափոխութի՞ւն,
-
Անխուսափելի
անշուշտ։
Ուրիշ
խնդիր՝
երբ
հեղինակը`
ինքն
իրեն
մնայ
հաւատարիմ՝
այդ
բոլոր
փոփոխութեանց
ընթացքին,
ինչպէս
է
պարագան
Թովմաս
Թէրզեանի:
Դարձեալ
ուրիշ
խնդիր
երբ
հեղինակ
մը
կը
սկսի,
կը
զարգանայ,
կը
վերջաւորուի,
քանի
մը
սերունդներու
ընդհանուր
ձգտումներուն
հաղորդ
ու
հարկատու,
թելադրելու
աստիճան
գրեթէ
առանձնանալի
կերպարանքներ։
Այս
իրողութեան
շքեղ
մէկ
օրինակը
կուգայ
օր.
Խանճեանէն
որ
իբր
վաւերական
ռոմանթիկ
պիտի
հեշտագին
բառերով
ողջունէ
Լուսինը
(Ողջոյն
տամ
քեզ,
անհուն
սիրով
ո՜
լուսնեակդ
իմ,
1885),
1890ական
թուականներուն
պիտի
հեղինակէ
Աղջկան
մը
սիրտը
վէպը,
օրիորդ
Ալիս
ծածկանունով,
ու
պիտի
ստորագրէ
պառնասեան
բանաստեղծութեան
նմոյշներ
նկատուող
իր
մէկ
քանի
ոտանաւոր
պատմումները
(Դարավերջիկ
Հիւանդը,
Ժանեակները),
այս
անգամ,
Սիպիլ
գրական
ալ
նուիրականացած
անունով,
ու
1900էն
վերջը
պիտի
շարունակէ
բազմաթիւ
քերթուածներ,
արձակներ
խմբագրել
որոնց
տիրական
գոյնը
կուգայ
Արուեստագէտ
սերունդի
բարեխառնութենէն։
Այս
ցուցմունքներս
զիս
կը
մղեն
իմ
գատրօները
ներկայացնելու
բաւարար
առաձգութեամբ
մը
որպէսզի
ներուի
մեզի
իւրաքանչիւր
հեղինակի
հետ
յարդարել
ակնբախ
հակադրութիւնները:
1883ին,
Զօհրապ
ռոմանթիկ
բանաստեղծ
մըն
է.
1910ին՝
տպաւորապաշտ
մը,
արուեստագէտներու
հանգանակներուն
հաւատարիմ։
[4]
Իմ
աշխատանքիս
մէջ
պարտաւոր
կը
զգամ՝
ինքզինքս,
տեղ
բանալու
Դէպի
Իրապաշտները
վերնագրով
ուրիշ
ալ
խմբակի
մը,
ուր
գլխաւոր
դէմքերն
են
արեւմտահայ
գրականութեան
ամէնէն
ինքնատիպ,
անտարազելի,
անզետեղելի
(գրական
դպրոցի
մը
մէջ
որ
ունենար
իր
հանգանակները)
անունները.
—
Մ.
Մամուրեան,
Ե.
ՏԷմիրճիպաշեան,
շնորհով
մը`
Մինաս
Չերազ,
անհաւասարելին
Պարոնեան
եւ
տակաւին
քանի
մը
ուրիշներ:
Արդարեւ
յիշուած
անուններէն
երկունքը
(Եղիա
եւ
Չերազ)
մեզի
կուգան
բացարձակ
Ռոմանթիզմէն,
կը
սպասարկեն
իրենց
եսին,
ունայնամտութեան,
փառասիրութեան,
նորածագ
տաղանդներու
բոլոր
շքեղութեամբը,
խառնուելով
ամէն
շարժումի,
ոչ
մեկին
մէջ
կանգ
առնելու
նոյնքան
շքեղ
անկարողութեամբ
մը,
կը
տեւեն,
Իրապաշտներու
ահաւոր
անտարբերութեանը
ընդմէջէն,
անբացատրելի
որքան
անօրինակ,
կ՚երկարաձգուին
Արուեստագէտ
սերունդին
բոլոր
տարածութիւններէն
ալ
ներս,
միշտ
անկատար,
միշտ
խռովիչ,
միշտ
անհասկանալի:
Ո՞ւր
դնել
տիկին
Տիւսաբի
վէպը։
Ո՞ւր՝
Եղիշէ
վարդապետ
Դուրեանի
բանաստեղծութիւնը։
Եթէ
երբեք
այդ
խումբին
գրական
մեծ
արդիւնքները
(Մամուրեանի
վէպն
ու
թատրոնները,
Չերազի
Խոհերը,
Պարոնեանի
Թատրոնները)
անկանգնելի
ռոմանթիզմով
մը
կը
մնան
վիրաւոր,
միւս
կողմէն
իր
քրոնիկները
(Մամուրեանի
երկու
Նամականիները՝
Հայկական
ու
Անգլիականը,
Արեւելեան
մամուլի
երեսնամեայ
հաւաքածոն,
Ծերենցի
եւ
Հրաչեայի
քրօնիկները)
չեն
գտած
Իրապաշտներու
քրօնիկին
գեղեցիկ,
զուսպ,
գեղարուեստական
կատարելութիւնը
(Արփիարեան,
Բաշալեան,
Հրանդ)։
Գիտենք
անշուշտ
նաեւ
որ
Յակոբ
Պարոնեան
կը
պատկանի
բոլոր
ժամանակներու:
Այնպէս
որ
գլխաւոր
այս
տաղանդներուն
սա
այլազանութիւնը,
ծրագրէ,
խառնուածքէ,
արդիւնքէ,
կ՚արդարացնէ
իմ՝
բաժանումը`
այդ
անունները
տեղաւորելու
համար
իրենց
յատուկ
շրջանակի
մը
ներսը։
Կը
կրկնեմ.
—
դպրոց
մը
չէ
Դէպի
Իրապաշտները,
այն
գլխաւոր
պատճառով
որ
հաւաքական
յղացք
մը
կը
պակսի
իրեն։
[5]
Այս
եղանակը
չշփոթել
դպրոց
կազմած
միւս
չարաշահութեան
հետ
(մասնաւորաբար
արեւելահայ
քննադատութեան
մէջ
որ
ուրիշներուն
գիրքերը
կը
պատմէ
իր
կարգին)
երբ
հեղինակէ
մը՝
տեղի
անտեղի,
կը
դիզէ
դրուագներ,
կտորներ,
աժան
գաղափար
մը
իբր
թէ
ապացուցանելու
դժուար
փառքին
ի
խնդիր,
Հ.
Ս.
Երեմեան
տուած
է
այդ
չարաշահութեան
ծանր
օրինակները,
իր
հատորները
(Գրագէտ
հայեր)
լեցնելով…
հեղինակներուն
որ
եւ
է
յօդուածներովը,
նոյնիսկ
առանց
աղերսի՝
իր
պաշտպանած
տեսակետին։