Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ա հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՏԷՐՈՅԵՆՑ
(ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՏՈՒԵԼԻ ՉԱՄՈՒՐՃԵԱՆ) 

Դժուար է Տէրոյենցը չանուանել շրջանի մը մէջ ուր այս պատուելիին դէմքը ոչ միայն տիրական, այլեւ համադրական, խորհրդանշանական տարողութիւն մը կը պարզէ: Անիկա միս մինակը կը ներկայացնէ ԺԹ րդ դարու առաջին կեսին ամբողջ մտայնութիւնը, տեսակ մը կեդրոնական աւազան ուր ըլլային ամբարուած մեր ԺԸ րդ դարու բոլոր ցանկութիւնները, վըստահութիւնները, ապրումի այն տախտակները, որոնց վրայ մեր հոգեւորականութիւնը, աւագանին, ամիրայութիւնը, մեր այդ օրերուն յարդարանքը եղող մտաւորականութիւնը դրած է իր վճռական կնիքը։ Ի՜նչ ընդարձակ մարդ: Ի՞նչ անհուն առաջադրութիւններ: Ի՞նչ ալ՝ իր ժողովուրդին ամէնէն գաղտ տուրքերուն կողմէ ամրապէս պաշտպանուած տիպար մըն է այդ պատուելին [1] ։ Իր հարիւր յիսունը անցնող մեծ ու պզտիկ, ինքնագիր թէ թարգմանածոյ, գրաբար թէ աշխարհաբար, տպեալ թէ անտիպ հատորներով, Չամուրճեան պատուելին տիտանեան աշխատաւոր մըն է։ Գրագէ՞տ է Ահա ողբերգութիւնը։ Իրեն ժամանակակից անուններ Գեորգ Դպիր, Պատուելի Փեշտիտմալճեան, Ալամդարեանց, Յովհան Միրզա Վանանդեցի, Մեսրոպ Թաղիադեանց, Գամառ-Քաթիպա իրենց կարգին մեզի ձգած են գործեր որոնց հանգամանքները տեսակ մը խառնուրդ են գրականին, կրօնականին, լեզուականին, պատմականին, ճիշտ այն տարողութեամբ որ նկարագիր է վանականներու ձեռքով մշակուած գրական գործունէութեանց մէջ։ Ամէնքս ալ ստիպուած ենք ընդունիլ որ լման մէկ ու կէս դար Պոլիսը իր իմացական առաջնորդները սիրեց ընտրել Վենետիկէն: Տէրոյենց արդէն «աշխարհիկ վանական մըն է» ինչպէս կը պատկերէ զայն Յ. Գ. Մրմրեան: Իր մեղքը թէ առաքինութիւնը՝ գրած չըլլալն է քերթողօրէն (բառը գործածելով հին առումով) եւ մեզի բեռ ձգած չըլլալը՝ ապահովաբար, չափուած բառերու աւելի կամ նուազ շփացուած, ովսանայուած սնոտիքը որ ուսուցողական, դիւցազներգական բանաստեղծութիւնն է այդ դպրոցին, այսօր հիմնովին մոխրացած: Տէրոյենց ոտանաւոր չէ ճամարտակած ու ասիկա թերեւս իր առաջին արժանիքն է երբ իր շուրջը ոչ ոք ինքզինքը յաջողած է զերծ պահել այդ սոսինձէն: Անշուշտ բարատոքսին կուտաք իր պատշաճ իմաստը: Տէրոյենց մինակ Վենետիկի աժան բարոյախօս կամ դիւցազներգակ, վարժապետ քերթողութեան հանդէպ իր հեստ կեցուածքովը չէ որ կը գրաւէ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐին մէջ սա էջերը։ Հաւաքեցէք ու վրայէ վրայ դիզեցէք Ալիշանի մը վաստակը ու փորձեցէք գտնել անոր պատկառանքէն, առաջադրումին մեծութենէն, կիրքին յորդութենէն տարբեր, այս անգամ զուտ գրական արժանիքները: Անշուշտ որ քանի մը քերթուած, մէկ երկու պատմում պիտի գրաւեն ձեր ուշադրութիւնը, ինչպէս սիրտը։ Բայց մնացեա՞լը։ 1850ին իր լրումը աւարտած միտքին համար օրուան ամէնէն տիրական կիրքը կրօնական հետաքրքրութիւնն էր: Ամբողջ ազգը իր հոգեւորականներով, ամիրաներով, հարուստներով, մանաւանդ միջին, արհեստաւոր դասակարգովը կ՚ապրէր, իրենց յետին սաստկութեան եւ յոյզին մէջ, իր կրօնական վէճերը, պայքարները: Տէրոյենց ուրիշ բան չըրաւ եթէ ոչ ղեկավարել այդ գիրքը, անոր մէջ դնել բանականութեան, աւանդութեան կարծեցեալ կշիռը, բարիքը, ու «ըստ կարեաց», ինչպէս սովորութիւն էր այն ատեն գրել, հեղինակեց իր հատորները, առանց գրական տարրական յաւակնութեան: (Զինքը կը նմանցնեն Նալեան պատրիարքին որ իր մտադրութեանց գիծովը անշուշտ կը մօտենայ պատուելիին բայց հեռու է Պրուսացին իսկապէս համայնագիտական կարողութիւններէն)։ Բայց հետաքրքրական չէ՞ վաստակները որոնք մէկ ժամանակի մէջ են կատարուած դատել իրենք իրենց հետ: Կ՚ընեմ այդ փորձն ալ ու կը գումարեմ Ռուսինեանի մը, Զօրայեանի մը, նոյնիսկ Ոսկանի մը մեզի ձգած գործերը: Գտա՞ծս: Բայց նոյն թուղթի դէզը, աւելի նուազ ծաւալով, խորքի տարբեր հետաքրքրութիւններէ ծնունդ առած, մնալով սակայն յատկանշական հանգիտութեան մը մէջ, իբր արդիւնք՝ Տէրոյենցի բուրգին: 1850ին ոչ ոք, բացի Վենետիկի տաղաչափներէն, որ մտած էր գրականին, աւելի յաւակնոտ բառով մը՝ գրականութեան։ Թերեւս զառածիլ է այդ մարդերուն ըրածը որակել հատորային լրագրութիւն: Բայց ուրիշ ի՞նչ  անուն տալ այն մտայնութեան որ կը պարզուի Ռուսինեանի մը գործունէութեան մէջ երբ իր սքանչելի թարգմանութիւններուն մէջ (քերթուածներ) այնքան իրաւ փաստը գրական հասկացողութեան մը չի զարգանար, չ՚արդիւնաւորուիր, ու կը մեռնի տարեցուցային փառասիրութեանց ծոցը։ Նոյն է պարագան Զօրայեանին, աս ալ եւրոպական, եւրոպացած միտք մը, անպայման Բարիզի գրական ժահրովը թունաւորուած, բայց որուն իմացական շնորհները հրապարակագրական կերպարանքով մը երեւան պիտի գան։ Ուրեմն, 1850ին, Տէրոյենցի ամէնէն տիրական օրերուն, շրջանը կը հետապնդէ գործնապաշտ ուղղութիւն, եթէ նկատի չառնենք այն սկսող զառածումը որ Վենետիկէն պիտի փոխադրուի Պոլիս, թերեւս քիչ մը աւելի անդիները, մինչեւ Իզմիր, Կովկաս, Կալկաթա ալ, ըսել կ՚ուզեմ գրաբարի պաշտամունքովը գահաւորակուած խանդավառ տաղաչափութիւնը որ ամբողջ սերունդի մը համար պիտի դառնայ օրակարգ, պիտի սպաննէ ինքնեկ, իրաւ խառնուածքները մեր Կրտսեր Ռոմանթիկներուն

Բացէք Արեւմտահայ գրականութեան շուրջ պատմական, քննադատական որ եւ է ձեռնարկ։ Ամէնուն մէջն ալ դուք պիտի հաստատէք ընդարձակ էջեր, գլուխներ Զարթօնքի Սերունդի բոլոր դէմքերուն ալ համար, ձախ թէ աջ։ Խղճամիտ աշխատող մը որ գրական զգայարանքէն զուրկ է դժբախտաբար՝ Հրաչեայ Աճառեան, 1906ին, Էջմիածնայ տպարանէն կը հրատարակէ Պատմութիւն Հայոց Նոր Գրականութեան, հատորը։ Այդ հատորին կէսը նուիրուած է Մխիթարեան գրականութեան։ Չունիմ առարկութիւն։ Մէկ ուրիշ մասը Ոչ-Մխիթարեան գրողներու (Գէորգ դպիր, Սերովբե Պատկանեան, Գրիգոր պատուելի Փէթտիմալճեան, Յովհան Միրզա Վանանդեցի, Ալամդարեանց, Մ. Թաղիադեանց, Ս. Հէքիմեան ) կենսագրական հետաքրքիր նշմարներով, գործերու դասական մատուցումով։ Դարձեալ բարիք մը, այս մոռցուած դէմքերուն շուրջը սա լոյսի ծուէնները: Իր հատորին երկրորդ կէսը անիկա կը նուիրէ Արեւմտահայ գրականութեան (Ռուսինեան, Պէշիկթաշլեան, Դուրեան, Ծերենց, Օտեան), նոյն մեթոտով, այսինքն կենսագրում ու մատուցում: Արդ, իբրեւ տիպար, իբրեւ աշխատաւոր, իբրեւ արդիւնաբերող միտք Տէրոյենց այդ անուններուն բոլորին ալ հաւասար կու գայ իմ նկատառմանը մէջ, որ առաւել քան երբեք ստիպուած է մնալ գրական, քանի որ, բացառելով քանի մը իրաւ քերթուածներու անունները, միւսներուն բոլորին համար ալ, այսօր մէկ ու անվերջ  դարձ է վճիռը։ Հինցած են բոլորն ալ: Այն ատե՞ն։ Եթէ Տէրոյենցի հատորները, գրականութեան համար, չունէին հանգամանք ու հետեւաբար դուրս էին անոր պարունակէն, ո՞ր հրաշքին գինովը Ալիշանի քերթողական վաստակը նոյն իսկ, կ՚որակուէր թանկարժէք ժառանգութիւն, երբ աւելի քան ստոյգ է որ Նուագք քերթուածաշարքին մէջ քանի մը հատը չանցնիր թիւը այսօր կարդացուելու արժանի քերթուածներուն, ինչպէս չեն կարդացուիր Տէրոյենցի տպուած թերթերն ու հատորները։ Մէկը չափուած խօսքերու տարափով մը կ՚ըլլայ վաստակաւոր, մեծ, անհուն բանաստեղծ, միւսը նոյնքան իրենց ժամանակին կարդացուած, հետքեր ստեղծած հանդէսներովը, հատորներովը կը դատապարտուի վճռական մոռացումին։ Անշուշտ պատուելիին մեղքը արձակ գրելուն մէջ չենք փնտռեր: 1910ին Տիրան Չրաքեան, հեշտագին, «անհունն Ալիշան» գրած ատենը, նկատի ունէր պատուական Աբբային վաստակին ընդարձակութիւնը, առաւել՝ այն վարկը որ կը պաշտպանէր այդ գործը, առաւել՝ ուրիշ ալ տրտմութիւններ։ Չեմ գիտեր, կը տառապէ՞ր այն վճռական անբանաստեղծութենէն որ Մխիթարեան բոլոր տաղաչափները կը զատորոշէ մեր միտքին միւս աշխատաւորներէն։ Կ՚աւելցնեմ անմիջապէս որ անհուն կոչուելու արժանի վաստակ, իրաւունքով այս անգամ, ես կը դատեմ պատուելիին գործը: Ուրիշ հարց՝ այդ գործէն կենդանիին բաժինը, ինչպէս կայ այդ տագնապը Ալիշանի գործին համար ալ։ Ամէնէն աւելի սիրտով, հմտութեամբ, նոյնիսկ սրբութեամբ գրուած հատոր մը, Շնորհալի եւ պարագայ իւր (Ալիշան) այսօր չի խօսիր միջին ընթերցողի մը որ կանխապատրաստուած ալ ըլլար հին գեղեցկութիւններ սիրելու: Շնորհալին մեր ամէնէն առինքնող, տիպարային, շքեղ հայրապետներէն մէկն է։ Անոր վրայ հատոր մը առնուազն պիտի վայելէր տիպարին պաշտպանութիւնը։ Ալիշանի գիրքը կ՚իյնայ մեր ձեռքէն, վասնզի գրականութեան չի պատկանիր, ինչպէս Տէրոյենցի որ եւ է հատորը կ՚իյնայ մեր ձեռքէն մէկ ու նոյն տեղքին համար, ինչպէս գրականութեան չեն պատկանիր Զարթօնքի Սերունդին գրեթէ բոլոր գործերը ու կ՚իյնան մեր ձեռքէն: Կը մնայ բարիքը որ Ալիշանով կամ Տէրոյենցով մեր հասարակութիւնը վայելեց, իրենց օրերուն։ Արդ, հոդ ալ երկու դէմքերը հաւասար կուգան։ Լման կէս դար Տէրոյենց անվիճելի պատգամախօսն է պահպանողական ոգիին: Դուք գիտնալու էք որ կրօնական իրողութիւնը ինչ աստիճան բարձր, միակ կարելի բարեխառնութիւնն էր մեր հասարակութեան համար, իր բոլոր մարդկային փառասիրութեանց մէջ վիրաւորուած, չունենալով իր իմացականութիւնը արժեւորելու ուրիշ գետին ու պատեհութիւն, ու ամրախարիսխ հաւաքելով ինքզինքը, իր վանքերուն ու ժամերուն վսեմացուած խորհուրդին ծոցը: Արեւելքի մէջ տակաւին այսօր ալ հանդիպել են այդ գիծէ հասարակութիւններ որոնց համար կրօնականը, անոր ծիրին ինկող եղելութիւնները գերագոյն վայելքն ու տագնապանքը կը կազմեն աշխարհի երեսին։ Պաղեստին՝ եղող մը դժուարութիւն պիտի չունենար այս կարգի զգայութիւններ ստանալու, երբ կ՚այցելէ Սրբատեղիները ուր աւել մը զարնելու անփառունակ արարքը կրնայ խոշոր կիրքեր շղթայազերծել ու ժողովուրդներ հանել ժողովուրդներու դէմ, զիրար կոտորելու մէջ անհուն վայրագութիւն դնող։ Տէրոյենցի օրերուն Կաթոլիկութիւն, մանաւանդ Բողոքականութիւն ոչ միայն կիրքեր են այլ եւ կարելի քաղաքականութիւն, որուն կարօտովը տառապած են, դարէ դար, այս ժողովուրդին բոլոր ձեռներեց անձնաւորութիւնները: Տէրոյենց բերանն է պատրիարքներուն, մեծազօր ամիրաներուն, կատաղի, խորունկ քահանաներուն ու մանաւանդ միջին դասակարգին, երբ կը պաշտպանէ Հայաստանեայց Եկեղեցին աջին ու ձախին դէմ: Անիկա մարդն է, որ պարտաւոր է ըմբերանել պապական նուիրակը, բողոքական աստուածաբան միսիոնարը, Բարիզէն նոր դարձող մեր մտաւորականներուն ձախ պատգամները: Դաւանաբանական բոլոր կնճիռներուն մէջ ու ինչ շատ, ճիղճ բայց վտանգաւոր են անոնք պատուելին ազգին ձայնն է որ կը մարմնաւորէ։ Զայն սիրած են այդ առաքինութեանց համար: Կարդացած են իր գիրքերը վասնզի անոնք Հայաստանեայց Եկեղեցիին ջատագովականը ընել նոյն չափ, ընդհանուր եկեղեցւոյ, քրիստոնէական եկեղեցւոյ գերագոյն հրամայականներն ալ կը փառաբանէին։ Ես հոս կը խօսիմ իբրեւ մէկը որ ծնած է պատուելիին քաղաքը: 1900էն իմ ընկալուչ պատանութեանս շրջանին, ես ունեցած եմ մէկ քանին իմ խորագոյն ապրումներէս: Ասոնցմէ մէկն էր իմ զարմանքը, կիրակի առտուներուն երբ այդ քաղաքին ամբողջ բնակչութիւնը կը փութար ժամ: Ասիկա իր խորհրդանշական իմաստին կը բարձրանայ երբ աւելցնեմ որ շարժելու հազիւ կարող ծերերէն մինչեւ թաւշային իր մորթին մէջ կաթէ մարմինը յորդելէ դժուարաւ արգիլող պարման աղջիկը, այդ արարքը կը կատարէին ամենախոր կրօնայոյզ հոգիով։ Ու ժամուն մէջ շապիկ հագնելու փառքը՝ ամէնէն նախանձելին։ Ամէն տունի մէջ թրքաբառ Սուրբ Գիրքը՝ գահոյքի վրայ: Ամէն հարուստ աղա, իր  ճաղատ գլուխը ժամուն խսիրին քսքսելու դիրքին մէջ աւելի քան իրաւ, համեստ, խոր։ Պատուելիին պատանութեանը՝ սանկ երեք քառորդ դար առաջ իմ օրերէն, այդ ամենը անշուշտ շատ աւելի լուրջ, ծանր իրաւութեամբ մը։ Պոլիս ուրիշ բան չըրաւ այդ մարդը եթէ ոչ իր այդ ապրումները նուիրագործել, դարուն տակաւ ամբարշտացող հակումներուն դէմ։ Ու գրագէտը իր ժողովուրդին ոչ աքլորն է, ո՛չ ալ սիրամարգը։ Տէրոյենց այս ապրումներուն մէջէն է որ իր գործը երկնած, հասունցուցած, աւարտած է, վստահ` անոր բարիքէն: Ու այդ գործը, իր ակնկալած բարիքովը կարդացած են թերեւս աւելի թիւով մարդեր, որ քան չէ եղած հաւանաբար բախտը Ուղղախօսութիւն, Նկարագիր ազգային դաստիարակութեան, նոյնիսկ Նուագք քերթուածաշարքին: Իմ տողերուն նպատակը պարզ է սակայն: Անոնք չեն ձգտիր գրական արժանիքներով պսակազարդել գործ մը որուն ստեղծիչը զերծ էր, տակաւին պատանութենէն, գրական ամէն յաւակնութենէ, ինչպէս այդ յաւակնութեամբ ուրիշներ սկսած են ու աւարտած ալ իրենց վաստակը։ 1922ին հրատարակուած հատորի մը մէջ, (Դիմաստուերներ) Հրանդ Ասատուր որ իմաստուն, գաղիացիք կ՚ըսեն docte մարդ մըն է, Մամուրեանի Հայկական Նամականիին մէջ կը գտնէր Արեւմտահայ գրականութեան կոթողներէն մէկը։ Շատ յարգելի այդ բանասէր–կենսագրողին մտքին մէջ ամենայն հաւանականութեամբ, Մամուրեանի հատորին վաւերագրական, ժամանակի մը վրայ վկայաբերուած արժանիքներ կը մնան թելադիր այդ գնահատականին, քանի որ ոճը, գրելու արարքը այնքան տժգոյն, անբաւարար կը թուին մեզի այսօր այդ հատորէն ներս, որքան անբաւարար է պատուելիին ոճը, գրելու ճարտարանքը իր հանդէսներուն (Երեւակ, Զօհալ), մանաւանդ Իրաւախոհներուն մէջ։ Եւ սակայն այդ գրքոյկները կը պատմեն շատ աւելի բան այդ օրերու մեր մտայնութենէն: Թերեւս չէք գիտեր որ այդ տետրակները հրատարակուեցան ի պաշտպանութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, ընդդէմ Վիէննական վարդապետի մը որ հերոսական յարձակումը կ՚ընէր իր պապերուն եկեղեցիին վրայ, անոր ուրանալով առնուազն քրիստոնէական ուղղափառութիւն։ Ու հիմա ձեր միտքը ենթարկեցէք ճիգի, իր բոլոր ծանրութեան մէջ ըմբռնելու համար տագնապը որուն բարձումը ունէին նկատի այդ տետրակները: Գրողներու ո՛չ ինքնատպութիւնը, ոչ ալ ստեղծագործ ուժը հոս կրնան փոխարինել պարզ արարքը, ամբողջ խռովեալ համայնք մը ոգեւորելու, կատարուած անարդարութեան, փոքրութեան մը դէմ ցասումնահար մարդոց ճարելու համար անհրաժեշտ խաղաղեցումը։ 

Պատուելին գրագէտ մը չէ, ինչպէս չեն այդ գրագէտը Զարթօնքի Սերունդին բազմաթիւ անունները երբ ուզենք այդ անուններէն իջնել գործերու։ Բայց աշխատաւոր մըն է, համահաւասար կիրքով, միջոցներով ու իր հասկցած եղանակով՝ իր ժողովուրդին կարիքները դիմաւորող, ինչպէս են նոյն այդ աշխատաւորը Ռուսինեան մը, Զօրայեան մը եւ այլն: Յետոյ ՀԱՄԱՊԱՏԿԵՐը իր կարգին ընդունած է տրտում զիջումը ընել այդ անունները իրենք իրենց տեսնելու, անկախաբար՝ իրենցմէ մեզի եկած գործերուն կշիռէն: Ըստ այսմ, ինծի կը մնայ գծել իր կենդանագիրը արագ, խոշոր գիծերու վրայով։ Կանխող էջերուն մէջ յիշուեցան իրմէն մէկէ աւելի հանգամանքներ։ Ահա ուրիշ կողմեր: Անիկա մարդն է որ իր գրիչին ու խօսքին հմայքովը պատկառ է կացուցած մեծամեծները, ճարելով մեր մէջ այնքան հազուադէպ վարկը միտքի աշխատաւորին։ Իրմէն առաջ տիպարը տրտում է ու դուրս մեր նկատառումէն: Իրմէն վերջ ունինք Պարոնեանը որմէ կը վախնան բայց զոր գիտեն անօթի ապրեցնել։ Մամուրեանի մը, Պէրպէրեանի մը վարկերը չեն անցնիր ազգային Վարչական Մարմիններու շրջանակները: Պատուելին իսկապէս ժողովրդական գրողն է, գէթ 1850էն առաջ ու բաւական մը վերջը։ Գիտէ ու կրնայ իր ամէնէն նուիրական սրբութեան վրայ անդադար տեղացող հարուածները դիմաւորել եթէ ոչ հաւասար զէնքերով (իր դարուն Աստուածաբանութիւնը շատ հնոտի կազմակերպութիւն մը կը թուէր՝ Ս. Թովմաս Ագուինացիին փառքէն առաջ, ԺԹ րդ դարու վերջին քառորդին եւ Ի րդ դարու սկիզբները կաթոլիկ մտածողութիւնը եթէ կը ներուի նման տարազ մը իմացական ուրիշ արդի դրութիւններու վարկին բարձրացնող։ La sommeը ոչ միայն կաթոլիկ դպրոցներուն մէջ իմաստասիրութեան լիակատար ընթացք մը կը ճարէր 1900ին, այլեւ բաւական խորք ունէր, իր մէջէն ծնունդ տալու համար գրական լուրջ շարժումներու, գործերու), գէթ տիրական անարդարութեանց դէմ իր ժողովուրդին ցասումը, խռովքը կերպադրող ողջմտութեամբ մը: Ըսի՞ թէ անոր կը դիմէին կրօնական մարմինները երբ կարիք կար դաւանաբանական թուղթ մը խմբագրելու, համալսարան աւարտած մարդոց կողմէ հրատարակուող վարկաբեկիչ (իր եկեղեցիին) տետրակներ, յօդուածներ հերքելու։ Ամենագէտ մարդն է ան։ Խօսած է տասնէն աւելի լեզուներ, մեր մէջ նմանը չունեցող այս մարզանքներուն համար: Ճիշտ է որ եւրոպական խմորով բանասէր մը, գիտուն մը, առնուազն աստուածաբան մը չի կայ իր տիպարին մէջ։ Ճիշտ է որ բոլոր ինքնուսներուն մոլեռանդութիւնը, հայեացքի նեղութիւնը, հորիզոնի մասնակիութիւնը արգիլած են իր իմացականութիւնը էր կարելի աճումէն, շողարձակումէն։ Ու, աւաղ, ճիշտ է նաեւ նոյն չափով որ մեր մէջ շատ դիտուած բայց իր ճշմարիտ իմաստին չվերածուած սոփեստութիւնը զայն ալ վարակուած է, ինչպէս վարկած է առհասարակ ամբողջ հայ մտաւորականութիւնը, կերպով մը անշուշտ օգտակար արդիւնքներով բայց զառածած է՝ զանոնք իրաւ, բարձր, լայնադատ հայեացքէն որ կատարեալ իմաստունինն է, բոլոր ժամանակներու համար։ Պատուելին նեղմիտ է, կրքոտ, փոքր հարցերու համար հոգի հատցնող, ձեւապաշտ, տառախնդիր, հաւկիթին մէջ մազ փնտռող կ՚ըսէ մեր ժողովուրդը: Բայց այդ օրերուն ո՞վ չէ ատոնք ամէնը միասին ու քիչ մըն ալ աւելին: Իր լայնածաւալ պայքարները իր ժամանակին ամէնէն մեծ հարցերուն շուրջը, զինքը գրաւած են շատ աւելի ամրութեամբ որքան չի ներուիր վաւերական իմաստունի մը։ Մոնթէսքիոյ թարգմանող մը փաստը կուտայ ԺԸ րդ դարու մտայնութեան մը որ, իր արտաքին հանդարտութեան հակառակ, խորունկ խռովքներու հանդէս մըն է ամբողջ Եւրոպայի համար (Հանրագիտականները, Ռուսոյ, Վոլթէռ ու դէպի յեղափոխութիւն մեծ հոսանքները տառապող մարդոց)։ Բասգալ թարգմանող մը կուտայ ուրիշ փաստ` ուրիշ մտայնութենէ մը։ Բայց հարկ կա՞յ, դիտել տալու որ երկու թարգմանութիւնները կուգան հիմնովին հակադիր հոգեխառնութիւններէ։ Տէրոյենց զոհն է ահա այս հակասութիւններուն որոնք ժամանակինն ըլլալու չափով, են ծնունդը իր իսկ խառնուած էին, բուռն, բռնակալ, քաղցր, միամիտ, խորագէտ, գործնապաշտ, նուիրուող տալու համար քանի մը որակիչներ որոնք ակնբախ կերպով մը կը թուին իրար հերքել, բայց այդ մարդուն ապրումները կը տարազեն կարելի հարազատութեամբ։ Խոնարհ է անիկա, իր Աստուծոյն ամէնէն սիրելի առաքինութեան մը հպատակ անշուշտ ու ներող։ Բայց ամբողջ խուլ ամբարտաւանութիւն է նոյն ատեն երբ` եօթանասնական թուականներուն, խելքը փչած օրը կը մտնէ վարժարան մը, քննութեան կ՚ենթարկէ տղոց դասագիրքերը անոնց մէջ ուղղափառութիւնը վիրաւորող, նոր գաղափարներ հոտող տողեր որսալու, զանոնք գիրքէն աւրելու եւ իր վաւերացումը բոլոր դասագիրքերուն պարտադիր յայտարարելու աստիճան կը խենդանայ։ Քիչ չէ բառը: Մեր օրերուն անհանդիպելի են ա՛լ այն աշխարհականները որոնք ժամուն մէջ կը  սրբագրէին քահանաներուն ընթերցման սխալները, կամ մոռցուած սաղմոս մը, աղօթք մը, եւ կամ աւուր չպատկանող շարականի մը դէմ ճիշտին անունը բարձրաձայն կը բարբառէին: Այս արարքները հերոսութիւն որքան հոգեկան պարկեշտութիւն կը նշանակէին այն ատեն: Պատուելին, իր անկման օրերուն իսկ, չէ վախցած չափուելէ, այդ գետինին վրայ, մեծագոյն վտանգներու հետ: Բերայի եկեղեցիներուն աւագերէցները կաթողիկոսի ուժ ունէին այդ օրերուն: Ու կրնային դուրսէն եղած ամէն միջամտութիւն արարողութեան գնացքին վրայ, վեհափառօրէն սաստել: Փոյթ չեն Տէրոյենցին այդ ցասումնակոծ վեհափառութեանց պոռթկումները: Ատեաններու մէջ (Թաղային Խորհրդարան, պատրիարքական դահլիճ, ամիրաներու ապարանքներ, դպրոցներու սրահներ) անիկա արի, անընկճելի տրիբունն է Հայաստանեայց Եկեղեցիին: Ըսի անգամ մը։ Իր տրամաբանութեան եթէ խարիսխները կը թուին մեզի այսօր խախուտ, առնուազն անբաւարար, բայց շէնքը, յօրինուած մը կը տպաւորէ: Գիտեր բոլոր հարցերը, իրենց ամենայետին մանրամասնութեանց մէջ, երբ կը խառնուէր անոնց յորձանքներուն

Տէրոյենցի անկումը արդիւնք է Զարթօնքի սերունդի ձախ թեւին դէմ իր կեցուածքին։ Կատաղի կիրքերով կրկէս է նետուած Բարիզեան ոգիին ընդդէմ։ Իր պաշտպանները որոնց մէջէն պէտք է հոս յիշել Կարապետ Ամիրան (որ իրեն ցկեանս ռոճիկ ալ յատկացուցած է որպէսզի թարգմանէ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն մը), կը յոգնին այս պայքարներէն բայց մանաւանդ այս մարդուն ահաւոր ընդարձակութենէն։ Եկեղեցականները՝ կը նախանձին իրեն, մանաւանդ Վենետիկէն դարձողները: Գրողները չեն հասկնար այս ապառաժ իմաստութիւնը: Նոր կազմուող երիտասարդութիւնը, ան որ մեր թատրոնը, մամուլը, դպրոցները, գրականութիւնը ունի իր խնամքներուն ու սիրոյն դրօշակ՝ իրենց եռանդին մէջ կը բախին այս մարդուն որ միս մինակը ոգի մը, կուսակցութիւն մը, հնութիւնը կը խորհրդանշէ։ Անոր վրայ յարձակում մը նախապէս հերոսութեան արարք մըն է։ Աւելի յետոյ լուսաւորեալ միտքի փաստ մը: Չէ պաշտպանուած դարձեալ Զարթօնքի սերունդին աջ թեւէն ուր déiste Օտեան մը ու իրապէս Հայ Եկեղեցւոյ ծնունդ կղերականներ անտարբեր են Պատուելիին (մոլ)եռանդութեան, անշուշտ սերունդին ընդհանուր բարեխառնութեան հաւատարիմ մնալու նախանձախնդրութեամբ: Հալածած են զինքը բոլոր գրիչ շարժողները, Բարիզէն դարձած, թէ Պոլսէն հասած։ Անոր դէմ սա խաչակրութիւնը աւելի է քան տրտմութիւնը զոր կը զգանք արժանիքի մը ուրացումին կամ քանդումին պատկերին առջեւ։ Ի՞նչ էր ըրած այս մարդը այսքան դառնացնելու համար իր ժամանակը: Իր Հայաստանը (1846 –1852) այդ Պոլիսին առաջին լուրջ լրագիրն է, ընդմէջ օրաթերթին ու հանդէսին։ Իր լեզուն, միշտ այդ թուականներուն, առնուազն բարիքն ունի իր հետը ոսկեճամուկ ու ոսկեճաճանչ գրաբարէն զերծ ըլլալու եւ հասնելու միջին ընթերցողին, ուղղակի, առանց անոր դոյզն ճիգ մը արժելու: Իր ուզածները, ըսածները, հրապարակին ամէնէն հրատապ իրողութիւններն են։ Չէ շողոմած։ Չէ քծնած։ ՉԷ ստորնացած։ Իր փառքին վրայ ալ հազիւ թէ քանի մը անգամ շահարկած է: Եւ սակայն արդարութեան, ազատամտութեան անունով հրապարակ իջած երիտասարդութիւնը կ՚ատէ զինքը։ Եկեղեցին զայն կը գործածէ իբր պարսատիկ հոսկէ հոնկէ ծագած թշնամիներուն դէմ։ Տարիքէն կոխուած, իր հմտութիւնը, ողջմտութիւնը, պարկեշտութիւնը կը կրէ բեռան մը պէս։ Իր, հաւատքը, Եկեղեցւոյ հանդէպ կիրքէ մը աւելի իր տածած պաշտամունքը, իր ուրացուած բայց անկորնչելի հեղինակութիւնը պատճառնե՞ր՝ որպէսզի Մամուլ, Եկեղեցի, ազգային իշխանութիւն, իրենց պայքարներէն վերջը (Սահմանադրականներու եւ Խաւարեալներու բախումին մէջ անիկա խղճի խորունկ խաղաղութեամբ պաշտպան է կեցած հին կարգին կողմնակիցներուն: Իր ընթերցումները, վարած կեանքը, իր իսկ խառնուածքը չէին կրնար զինքը մղել նորութիւններուն կողմը, ուր առնուազն կրօնական զգայնութիւնը իր գաղջութեամբը իրեն կը թուէր կասկածելի։ Մի զարմանաք որ ինչո՞ւ այսքան լայնածաւալ իմացականութիւն մը տեղ չի տար արդիական սկզբունքներու: Շատ քիչ է թիւը միտքի հերոսներուն, այսինքն այն մարդոց որոնք այնքան տաժանքով իրենց ստացած իմաստութիւնը յօժարէին զոհել, դուրսէն, արագ ճարուած նոր գաղափարագրութեանց) զայն նետէին մէկդի, իբր աւելորդ, առնուազն վնասարար յիշատակ մը։ Խրիմեան որ Վանեցիի հաստատ միջոցներով իր ոտքը կ՚ամրացնէ Պոլիս, դէպի պատրիարքութիւն իր ճամբան պիտի յարդարէ պատուելիին ռազմավարութեամբը, - խօսք, պրօշիւր, քարոզ, ատենաբանութիւն, երեւալով հոն ուր ամբոխ կայ: Որքան քիչ է իր կշիռը իբր Հայ Եկեղեցւոյ պաշտօնատար, պատուելիին ծանրածանր լիութեան դիմաց ամէն բանի մէջ։ Եւ սակայն մարդիկ պիտի չզանազանեն լեցունն ու դատարկը, հերիք է որ իրենց մատուցուին առիթներ պզտիկ շփոթումներու  որպէսզի հասարակ քարոզիչ մը քաջ աստուածաբան հռչակուի: Ազգային շրջանակներէ վտարուած, պատուելին պիտի ապրի կատարեալ քամին ալ դառնութիւնը: Նոր ուսուցչութիւնը (Մամուրեան, Չերազ, Եղիա, Գուրգէն, Պէրպէրեան, Գարագաշ) իր կարգին, հերոսութիւնը կը սիրէ՝ ինկածը անգամ մըն ալ փոշիացնելու: Մամուլը իրենց ձեռքը ունեցող այդ վարժապետները, կարծես պարտականութիւն կը զգան հարուածները անպակաս ընելու՝ իր մտքին կորովէն պարպուած ուսուցիչը պահելու համար իր կործանումին մէջ։ 1870ին կարելի է ըսել թէ ոչ ոք որ կարդար զայն։ Եւ սակայն անիկա գիտէր աւելի քան բոլորը մէկ զինքը հալածողներու խմբակին։ Սահմանադրականներու յաղթանակը պատուելիին թաղումը պիտի ըլլար։ Մահն ալ դաշնակցած ըլլալ կը թուի իր հակառակորդներուն հետ, զայն մոռնալով տասնամ մը եւս ու աւելի: Մինչեւ 1888, իր մեռնելուն թուականը, անիկա պիտի ապրի անդրջրհեղեղեան կենդանիի մը այլուրութեամբը, օտարութեամբը եւ իրեն հրաժեշտ են տուած մեր միտքը հպարտ, աղուոր ընող բոլոր շնորհները։ Կը մնայ սակայն հաւատարիմ իր հաւատքը՝ վսեմ ու գեղեցիկ, որ այդ կործանումը, ողջ մեռելը կը պսակազարդէ։ Պատուելին պիտի անցնի մեր աշխարհէն, սկսելու համար միւսը, նման բոլոր վեհափառութեանց որոնք չեն կրնար մոռնալ այդ վեհափառութիւնը

Իր կենսագիրը՝ Յ. Գ. Մրմրեան, հոգեպէս ու մարմնապէս նման յօրինուածութեամբ մարդ մը, անոր յիշատակին նուիրուած հատորի մը մէջ, գրեթէ յաջողած է նուաճել տիպարին սա արտակարգ, խռովիչ, եղերական գեղեցկութիւնը



[1]       Գ. Մրմրեան, այդ մարդուն ու իր շրջանին ունի նուիրած բազմաթիւ հատորներ, հատորիկներ: Նոյնիսկ այն պարագային ուր իր չափերը կը թուին անբաւարար, իր հաւաքած նախանիւթը ես կը նկատեմ բարիք մը, մեր անցեալին վրայ գործադրուած, մօտիկը դրուելու չափ միւս վաստակին զոր Գ. Սրուանձտեանց իրագործեց աւելի դժուար նուաճելի գետինների ու մեզի ձգեց թանկ իր գանձը։ Փափաքողները Տէրոյենցը աւելի հանգամանօրէն ճանչնալու կընան դիմել Մրմրեանի հատորին։