Բ.
ՄԱՐԴԸ
ԵՒ
ԳՈՐԾԸ
Եթէ
գործ
մը
արժեւորելու
համար
դատողին
տրամադրելի
են
մէկէ
աւելի
եղանակներ,
մարդ
մը
ապրեցելուն
սահմանափակ
են
տեսակները։
Գ.
Յովսէփեան
Խորէն
Նարպէյ
մը
չէ,
որպէսզի
իր
առիթով
մտածեմ
արդիացած
vie։
romancée–ներուն:
Անիկա
չէ
նոյն
ատեն
մեր
օրերուն
քանի
մը
վանքերէն
ներս
ինքզինքը
նորոգած
վանականի
բացարձակ
տիպարը,
որմէ
նմոյշներ
կրնաք
ընդունիլ
Ալիշանը,
քիչ
մը
Այտնեանը,
աւելի
քիչ
չափով
Եղիշէ
Դուրեանը։
Գ.
Յովսէփեան
այն
շատ
քիչ
մարդերէն
մէկն
է
որ՝
իր
վրայ
միացուցած
ապրեցաւ
մեր
իւմանիզմին
տիրական
յատկանիշներէն
մէկ
քանին,
ինչպէս
մեր
հոգեւորականութեան
հիմնական
քանի
մը
կիրքերը։
Սպասը
մեր
մշակոյթին,
արուեստներու
ուղիով։
Սպասը
մեր
Եկեղեցիին,
պարտականութեան
ճամբովը:
Այս
հաւաստումը
բա՞ւ,
որպէսզի
ձեր
մտքին
յօրինուի
տիպարը
որ
կը
տարբերի
մեր
մէջ
դար
մը
առաջով
դասական
յղացքէն
հոգեւորականին,
ու
նոյն
ատեն
1850էն
ասդին
մէկէ
աւելի
պատկառելի
նմոյշներու
վրայ
ինքզինքը
կերպադրած
միւս
մարդը
ներկայանայ
ձեզի,
ա՛ն,
որուն
օրերը
բաշխուեցան
գիրին
եւ
խօսքին,
ուսուցումին
եւ
ժողովուրդ
հովուելու
պարտքերուն
վրայ:
–
Կենթադրեմ։
Մշակոյթի
քիչ
մը
դժուարահաճ
պատմիչ
մը
թերեւս
Գ.
Յովսէփեանը
ունէր
առիթ,
ԺԹ.
դարու
մեր
բանասիրութիւնը,
հոգեւորականութիւնը
ձգելու
սպառիչ
վերլուծումի
մը։
Իմ
քիչ
միջոցները
օրէ
ինչպէս
նախանիւթէ:
Այս
գիտակցութիւնը
իմ
տողերը
կ՚ընէ
ժլատ
ու
իմ
փառասիրութիւնը
կը
պահէ
իմ
ոյժերուն
համեմատութեան։
*
*
*
ԺԹ.
դարու
մեր
իւմանիստները
նախընտրաբար
կուգան
մեր
հոգեւոր
սպասին
փաղանգներէն:
Չեմ
բացուիր
պատճառներու
արտահանումին։
Ստոյգը
ան
է
որ
արեւմտահայերու
մէջ
մատի
վրայ
համրելու
չափ
քիչ
են
անունները
իւմանիստ
կրթանքին
նուիրուածներուն:
Արեւելահայերը
այդ
գետինին
վրայ
կը
գերազանցեն
հոգեւորականները:
1850ի
շքեղ
փաղանգը,
եկեղեցականներէ
գլխաւորուած,
1880ինը
արդէն
լայն
չափով
մը
բացուած
է
աշխարհական
տարրին:
Նիւթէս
դուրս
է
այդ
մարդերը
տեսակաւորել։
Այս
փորձը
(essais)
նուիրուած
է
յապաղած
իւմանիստի
մը
որ
հոգեւորական
մըն
է:
1880ին,
այսինքն
երբ
Գարեգին
Յովսէփեան
պատանիին
կը
բացուին
գիտակցութեան
անդրանիկ
ակունքները,
արեւելահայ
բանասիրութիւնը
կը
թուի
հիւսիսէն
դէպի
հարաւ
փոխադրած
ըլլալ
իր
ծանրութեան
կեդրոնը։
Մոսկուայի
տեղ
Թիֆլիսը:
Լազարեանի
տեղ՝
Գէորգեանը:
Էջմիածնի
շուրջ
կեդրոնացած
այդ
եկեղեցականութեան
վարչական
ախորժակները
անշուշտ
ինձմէ
կ՚առնեն
յիշատակութիւն,
քանի
որ
կը
նշանակեն
ոյժերու
ծանր
գործածութիւն։
Գ.
Յովսէփեանի
առիթով
ես
կը
բացուիմ
քիչ
մը
աւելի,
իր
տեղին։
Հոս
կը
գոհանամ
դիտել
տալով
որ
ճեմարանական
որակուած
սերունդին
մէջ,
հոգեւորական
սպասին
մասնաւորում
մը
նոյն
ատեն
կը
տագնապի
տագնապը
համալսարանական
զարգացման։
Պոլիս
երբ
իր
կղերականները
կ՚ուզէ
ժողովուրդի
միջին
խաւերէն,
Էջմիածին
ուսանող
ամէն
սարկաւագ
Եւրոպա
կ՚երազէ։
Ուրեմն
բարձրագոյն
ուսումի,
ասոր
տագնապը,
տարփանքը
կը
կազմեն
ապագայ
հոգեւորականին
աւագ
մտահոգութիւնը,
հոն:
Դարձեալ
այդ
երիտասարդները
տոգորուած
են
բուռն
ուրիշ
տարփանքով
մը,
–
ասիկա
իրենց
մշակոյթին
ճանաչողութիւնը,
վերագիւտը,
որոնք
մարմին
կը
դառնան
իւմունիստական
շատ
շեշտ՝
հետաքրքրութեան
մը
մէջ:
Կ՚ուզէ՞ք
տակաւին:
Կուտամ՝
ուրիշ
մըն
ալ,
որ
թէեւ
Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ
ընդհանուր
աւանդութեանց,
ոգիին
բխումն
է,
անշուշտ,
բայց
գոյնն
է
առած
աւելի
ընդարձակ
ապրումներու,
այդ
օրերուն
համար
հասարակաց
ամբողջ
Ռուս
կայսրութեան
ներսը,
առաջաւոր
երիտասարդը
իրեն
պաշտող
ունեցող։
Ասիկա
հանրածանօթ
ժողովրդապաշտութիւն
է,
զոր
վերլուծել
դարձեալ
դուրս
է
իմ
ծրագրէն:
Սա
քանի
մը
ցուցմունքները՝
կ՚արթնցնե՞ն
ընթերցողի
մտքին
ուրիշ
ալ
բաներ,
այս
անգամ
արեւմտահայ
բարձրաստիճան
եկեղեցականութեան
իրագործումները
նկատի
առնել
ուզող,
բանասիրականին
մէջ։
Ստոյգը
սա
է
որ
արեւմտեան
Հայաստանը
օսմանցիներու
վարչութեան
տակ,
իր
բոլոր
ուժերը
յատկացուցված
է
աւելի
կենսական
տագնապներու
բարձումին։
1870ին
արդէն
Վենետիկն
ու
Վիեննան
իրենց
մենատիրութիւնը
փառապսակ
կը
պարտադրեն
Զարթօնքի
սերունդին
ուրիշ
շատ
ընդարձակ
գործօնութիւնը
պատրուակ
առնելով։
Այս
հրաշալի
մարդոց
որքան
շատ
էին
ընելիքները։
Յետոյ
թուրք
կայսրութեան
եւ
անկէ
նոր
բաժնուած
պալքանեան
իշխանութեանց
հողերուն
երեսն
ցրիւ
մեր
ժողովուրդը,
գոյութեան
իր
պայքարին
մէջ
ստիպուած
է
ինքզինքը
ամբողջութեամբ
նուիրել
գրեթէ
նիւթական
պահպանութեան:
Այս
պայքարին
գերագոյն
գործաւորները
մեր
բարձրաստիճան
եկեղեցականութիւն
է
որ
պիտի
հայթայթէ։
Իր
լաւագույն
ուժերը
ուրեմն
կրթական,
վարչական,
գրեթէ
քաղաքական
դերերու
համար
պիտի
ըլլան
օգտագործելի:
Առաջնորդական
պաշտօններու
ցանցը,
թեմերու
կազմակերպումի,
եկեղեցիներու
եւ
ազգապատկան
հողերու,
կալուածներու,
գումարներու
հոգն
ու
խնամքը
մանր,
սպառիչ
աշխատանքով
են
պայմանաւոր,
որ
իր
արտաքնապէս
աննշան
թուող
տարողութիւնը
թերեւս
պիտի
գտնէ
կրկնուած
ներքին,
անհատական
ալ
անընդունակութիւններով:
Չեմ
ուզեր
որ
պզտիկ
տեսնէք
մեծ
ջանքերը:
Չեմ
ալ
ուզեր
որ
ընդհանրացման
դիւրին
ախորժակով
մը
կառչիք
Գ.
Սրուանձտեանցով
կատարուածին:
Գարեգին
Յովսէփեան
անխառն
գիտունի
մը
ծանր
արժանիքները
միշտ
խառնուած
պահեց
բազմազբաղ
հոգեւորականի
մը
պարտականութեանց
զգացումին,
ճնշումին,
ինչպէս
էր
արդէն
պարագան
Սրուանձտեանցին
որ
բացառութեան
մը
փառքը
կը
խորհրդանշէ
գրեթէ
վարչական
հոգերով
ծանրաբեռն
եկեղեցական
մեր
գործիչներու
հոյլին
մէջ:
Կան
մէկէ
աւելի
անուններ
որոնք
անցած
են,
փառքով
եւ
գեղեցկութեամբ,
մեր
եկեղեցական
պատմութեան,
ինչպէս
կը
պատկանին
մեր
մշակոյթին
պատմութիւն:
Մի
չափազանցէք:
Այսինքն
Օրմանեանի
գործը
մի
մեծցնէք
աւելի
անդին
քան
իր
տարողութիւնը:
Բայց
մի
մոռնաք
Բաբգէն
Կիւլէսէրեանը
որմէ
մեր
իւմանիզմը
առնուազն
ունի
անտիպ
«
վիթխարի
»
(բառը
Գարեգին
Յովսէփեանինն
է
նամակի
մը
մէջէն)
գործեր,
Անկիւրիոյ
եւ
Կ.
Պոլսոյ
ձեռագիրներու
ցուցակները
հազարաւոր
էջերու
հասնող
(հոս
կը
յիշեմ
դարձեալ
Թորգոմ
Գուշակեանի
Սեբաստիոյ
շրջանի
ձեռագիրներէն
կազմուած
ցուցակը):
Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան
պատմութիւնը,
իբր
նախանիւթ
առնուազն
գերազանց
է
ներկայացուցած
անտիպ
մթերքին
գինովը,
որեւէ
Վենետիկցի
ընդօրինակողի
մը
հաւաքումներէն։
Յարգանքի
արժանի
այս
մարդերը,
սա
կալուածին
վրայ,
մօտիկն
են
Գ.
Յովսէփեանի
հոգեվիճակին:
Արեւմտահայ
բարձրաստիճան
եկեղեցականութիւնը
ուրեմն
օտար
չէ
եղած
իւմանիզմին
։
Խրիմեան
իր
հանդէսներով
(
Արծուի
ները`
Վասպուրական
եւ
Տարօն
)
առնուազն
հայրն
է
Սրուանձտեանցին:
Եթէ
աւելի
ուշ
անոր
ուժերը
պիտի
գտնենք
բաշխուած
տարբեր
մարզերու
վրայ,
մի
մեղադրէք
իր
յիշատակը,
խորհեցէք
կարիքին
ստիպողութեան
։
Եղիշէ
Դուրեանին,
բացառիկ
որքան
հարազատ
բանասիրական
խառնուածք,
իր
կեանքը
պիտի
յատկացնէ
այդ
խառնուածքը
պաշարող,
պտղաբերումը
արգիլող
ազդակներուն
դէմ
պայքարելու,
պայքար
մը
ուրկէ
քիչ
անգամ
յաղթական
դուրս
է
ելած
արեւմտահայ
եկեղեցականութեան
բարձրագոյն
իմացականութիւններէն
մէկը,
ինքը,
Եղիշէ
Դուրեանը:
Պատկերը
տարբեր
էր
արեւելեան
Հայաստանի
մէջ։
Ամէնէն
առաջ
հոն
կը
պակսէին
այն
ծանր
ազդակները
որոնք
եկեղեցականին
ուժերը
կը
պահանջեն
իրենց
հաշւոյն
։
Ասկէ
տրամադրելի
դաշտ
մը,
իմացական
աւելի
անձնակեդրոն,
հեռահայեաց
գործունէութիւն
մը։
Քսանը
մտնող
ամէն
երիտասարդի
համար
որ
իմացական
ախորժակներ
կը
զգար
իր
ներսը,
բարձրագույն
կրթութիւնը,
հետեւակ
բառով
մը
համալսարանը
կը
կազմէր
գերագոյն
ցանկութիւնը:
Հոն
նորընծայ
կամ
չափու
հասած
եկեղեցականը
հոգեւոր
իր
պարտքերէն
իրեն
աւելցած
ժամանակը
ստիպուած
չէր
վատնելու
առաջնորդական,
կրթական,
յարաբերական
բազամատեսակ
զբաղումներու
մէջ:
Տակաւին,
հոն,
հաւատքի,
այսինքն
ներքին
կենսունակութեան
մը
tօp-plein–ը՝
անընդհատ
եւ
կը
բախէր
ռուս
ընկերութիւնը
խորունկներէն
եւ
յուզող
ծանր
գաղափարաբանութեանց,
իրենց
հակամարտութիւններովը
աւելի
ընդքարշող։
Մարքսիզմ
ու
Թոլսթոյիզմ,
ասոնք
եւ
հակադրութիւններ
չեն,
1880ին,
եւ
այլ
օրուան
հզօրագոյն
կիրքերը:
Ու
Տայսթոյովսքի
մինակ
ոճիրին
տեսաբանը
չէ,
այլ
աշխարհը
փրկելու
համար
նոր
Քրիստոս
մը
ուզող
մարգարէ
մը:
Այսպէսով
է
որ
ծանր
բռնակալութեանց
ներսը,
ինքն
իր
վրայ
եփող
թշուառութիւնը
ամոքելու
պատրուակին
տակ,
այդ
թշուառութեան
վրայ
մոլեռանդօրէն
շահարկող:
Մինչ
հոն,
ումէն
երիտասարդ,
ո՛ր
դաւանանքին,
ազգութեան
ալ
պատկանի,
(երեք
քառորդ
դարու
մէջ
քառորդ
միլիոն
համալսարանական
երիտասարդներ
դէպի
ժողովուրդը
բնաբանով
իջան
պայքարին
կրկէսը
ու
պատմութեան
հզօրագոյն
բռնապետութենէն
կազմակերպուած
անողոք
կռիւի
մը
մէջ
մեռան
ոստիկան-զինուորներու
մոյկերուն
տակ),
այս
ազդեցութիւններու
մէջ,
ինքնաբերաբար
կը
դառնայ
թեկնածու
մը
Եղիայի
մաշկեակին։
Գարեգին
Յովսէփեան
պատանին
այս
հիմնական
խռովքներուն
վրայ
ունէր
նաեւ
ելցնելիք
իրը,
սեպհականը,
ազգայինը
։
Նորազարթ
մեր
ազգայնականութիւնը։
1880ին
կը
մտնէր
ծանր
փորձութեանց
արձակարանը:
Ցանցառ
են
Դ.
Յովսէփեանի
յիշատակները
երկրորդ
մանկութենէն,
ոսկի
պատանութենէն,
յիշատակներ
այնքան
թանգ
ու
արտայայտիչ`
մեծ
գործիչները,
գրողները,
մարդերը
տեսակաւորելու
տեսակէտէն
դիտուած:
Հոս
ու
հոն
ցրիւ
տեղեկութիւններ։
Որոնցմէ
մէկը
իր
գիւղէ
մը
գալը,
ինքն
իր
մէջ
ոչ
այնքան
մեծ
փաստ
մը
քանի
որ
իրողութիւնը,
մեր
բոլոր
մեծ
մարդոց
գիւղէն
գալուն,
արդէն
ընդհանրացած
բան
մըն
է:
Անոնք
որ
կ՚ուզեն
աւելի
ընտանիին
մանրամասնութիւնները,
նրան
դիմել
Ամերիկա
տպուած
գրքոյկին,
յոբելեալին
առիթով։
Թուական
մըն
է
անոր
Գէորգեան
Ճեմարան
մուտքը,
1882,
որ
քաղցր
վարագոյր
մը
կը
յետէ
անոր
նախակրթութեան
տռամային
վրայ
ուր
Մանդինեան
(Սեդրակ)
ու
Աղայեան
(Ղազարոս)
հզoր
անուն
կ՚երեւին։
Տեղը
շատ
քիչ
ինծի,
վերլուծելու
1880ի
Էջմիածինը
իբր
հոգեյատակ,
բարեխառնութիւն,
մթնոլորտ:
Հատոր
մը
քիչ
պիտի
գար
այդ
պարտքին
լրիւ
վճարումին,
ոչ
անշուշտ
տափակ
պատմական
մեթոտով,
այլ
կեանքին
հարազատ
վերարտադրութեամբը.
կը
գոհանամ
դիտել
տալով
որ
համահայութիւնը
տոգորուած
է,
այդ
օրերուն,
հզօրագոյն
զգացումովը,
–
հայրենիք
եւ
ազատագրութեան
ճակատագրական
հուրքովը:
Բացէք
տարազը,
ո՜վ
սփիւռքի
բոլիթիքոսներ,
ու
պիտի
ահաբեկիք
թէ
ի՛նչպէս
կրցեր
է
այդ
սերունդը
դիմաւորել
այդքան
ընդարձակ
ապրումներու
գրոհը,
իր
պատառ
մը
հոգիին
վրայ:
Աւելի
փնտռողը
ազատ
է
դիմելու
պատմութեան:
Այդ
համայնականէն
իմ
առանձնացնել
ուզածը
հոգեվիճակն
է,
–
պատանիին
որ,
այդ
կիրքին
մէջ,
այդ
պայքարին
համար,
իրեն
ներկայացող
ճամբաներէն
ամէնէն
նուազ
հրապուրիչը,
չըսելու
համար
նսեմը
պիտի
ընտրէ
իբր
կեանքի
գերագոյն
յարացոյց:
Սքեմը,
մեր
մէջ,
իբր
ասպարէզ,
տրտմութեանց
հանդէսէ
մը
չի
բացուիր
մեզի,
ինչպէս
է
պարագան
շատ
յաճախ
արեւմտեան
ժողովուրդներու
մէջ,
ուր
ծանր
պատրանքի
մը
բեկումը,
կորուստ
մը,
շատ
շատ
կործանած
հպարտութիւններ
ազդակ
կը
դառնան
որպէսզի
երիտասարդ
մը
մտնէ
անոր
տակ,
եթէ
երբեք
մատաղութեան
օրերուն
ճռզումի
մը
գինը
չէ։
Գ.
Յովսէփեանին
ընտրած
ճամբան
ոչ
վարդեր
ունէր,
ոչ
ալ
մեծ,
արդիւնաբեր
արտերու
կը
բացուէր։
Ընդարձակ
առաջադրութեանց
հանգոյցներ
են
գրեթե
բոլոր
կոչումնաւոր
երիտասարդները։
Յետոյ
ճակատագրակա՞ն,
արդեօք,
այն
իրողութիւն
ալ
ըստ
որուն
իր
դասերուն
մէջ
տարիներով
առաջնութիւնը
շահող
ուսանողներ
կեանքի
մէջ
չեն
անցնիր
միջակութենէւ
անդին։
Գ.
Յովսէփեան
արի
ուսանող
մըն
է,
անհուն
ծարաւով
մը
գիտնալու:
Ան
Ճեմարանի
սեղաններուն
վրայ
այրումը
կ՚այրի
հայրենիքին
ճանաչումին
որ
երբեմն
հզօր
է
այն,
որքան
երիտասարդութեան
հզօրագոյն
կիրքը:
Սուտ
չէ
արեւելահայ
երգը
որուն
մէջ
երիտասարդը
կը
մերժէ
կինը,
զի
կը
սիրէ
հայրենիքը:
Գ.
Յովսէփեան
մեր
երակներուն
սրբազան
տռաման
ունի
իրեն
ներնչարան:
Արդեօք
կը
տանի՞ք
իր
ծանրակուռ
իմաստին
այն
այցը
զոր
ան,
ուսանող
ընկերներու
խումբով
մը,
ըրած
է
Բագրատունիներու
արքայական
ոստանին,
ուր
մեր
քրոնիկները
խօսած
են
մեր
մշակոյթին
մեծ
հէքիաթէն։
Միւս
կողմէն
ստոյգ
է
որ
մեր
մշակոյթին
նոր
մեծ
բանուորներուն
ճակատագիրը
հոն
է
որ
յօրինած
է
ինքզինքը:
Առանց
անոր
այդ
խուլ,
խորունկ
հմայքին
դժուար
է
հասկնալ
Թորամանեանը։
1850ի
մարդոց
անհուն
ըղձաւորութիւնը
հայրենիքին
կերպարանքներէն
(Ջալալեան,
Բարխուդարեան
եւայլն.
)
տարբեր
դերէ
մը
չի
զարգանար:
Յովսէփեան
Գարեգինը
Անիի
ճամբով
Դամասկոս
կը
հասնէր:
Քսանէն
հազիւ
դուրս,
1888
ին
(ծնած
է
1867ին)
այդ
Սարկաւագը
Անիի
մէջ
կը
ստանար
իր
անդրանիկ,
անդարձ
ձեռնադրութիւնը,
հաւանաբար
մեր
մեծ
հայրապետներէն
մէկուն
շուքովը
որ
իջած
կրնար
ըլլալ
անոր
յոգնած
քունը
լուսաւորելու
եւ
լսելու
ալ
չմարուելիք
պատգամը
զոր
այնքան
գեղեցիկ
գիտեն
արտասանել
մեծ
մեռելները՝
–
Մեր
ճամբով,
երիտասարդ,
մեր
ճամբով
։
Ասիկա
ոչ
հէքիաթ
է,
ոչ
ենթադրութիւն։
Գարեգին
Կաթողիկոս,
այսօր
երբ
կը
խօսի
մեր
մեծ
մեռելներէն,
կը
զգաս
որ
այդ
մարդերը
բառեր
չեն
իր
բերանէն։
Անոնք
իր
մտքին
մէջ
կանգուն
հսկաներ
են։
Անոնցմէ
բան
մը
բերել
լուրջ
իններուն,
կը
նշանակէ
այդ
մարդերը
վերածել
իր
կիրքերուն:
Իր
essai–ն
չի
կրնար
կենսագրական
գիծերու
վրայ
տարածուիլ:
Կ՚ըսեմ
այսքանն
ալ
որպէս
զի
համոզուիք
որ
Գ.
Յովսէփեան
ուսանողը
մեր
օրերու
բարձրագոյն
ուսման
սպասարկու
տղոց
չի
նմանիր:
Ու
ասոր
Գերմանիան
դարձեալ
տարբեր
է
մեր,
այսինքն
արեւմտահայերուս
յղացքներէն։
Այդ
Գերմանիան
չէ
որ
անշուշտ
ստեղծեց
Կոմիտասը:
Բայց
առանց
այդ
Գերմանիային
Կոմիտաս
դժուար
թէ
ըլլար
ան
զոր
եղաւ:
Պարագան
նոյնութեամբ
կը
կրկնեմ
Գ.
Յովսէփեանին
համար:
Գերմանիան
անոր
չտուաւ
անշուշտ
իր
անհուն
հայրենասիրութիւնը,
բայց
տուաւ
այդ
հայրենասիրութիւնը
կազմակերպուած
իմաստութեան
մը
վերածելու
համար
ընդունակ
մեթոտ
մը,
իմացական
ապպարատ
մը,
գործածելու
համար
արեւելահայ
տարազ
մը,
իր
նախասիրանքը,
կոչումը
պաշտելու
(բառը
կը
գործածեմ
հին
առումով)
մէջ
գերմանական
աշխոյժ
ու
լրջութիւն
նոյն
ատեն։
Տարօրինակ
է
որ
արեւմտահայ
ընտրանին
այլ
Գերմանիայէն
մեզի
բերէր
անկանգնելի
pédatisme–ը,
որ
հմտութիւն
է
առանց
ստեղծագործութեան
խմորին։
Վստահաբար
գիտեմ
որ
Գերմանիա
ուսած
արեւմտահայ
երիտասարդ
մտաւորականները
շատ
շատ
գէշ
վարժապետներ
միայն
կրցան
ըլլալ:
Միւս
կողմէն
կը
կրկնեմ,
առանց
այդ
Գերմանիային
Կոմիտասը,
Գարեգինը
պիտի
չյաջողէին
իրենց
տաղանդը
այդ
քան
տիրաբար,
արդիւնառատ
շահաբերել:
Մեր
շնորհները
կամքի,
մեթոտի
այս
հակակշռող
մարզանքներով
է
որ
իրենց
լրումը
կը
գտնեն:
Կը
կրկնեմ,
–
իմ
ծրագրէն
դուրս
կ՚իյնայ
կենսագրումը,
որպէսզի
հետեւիմ
գերմանական
համալսարաններուն
մէջ
Գ.
Յովսէփեանի
տարիներուն:
Զիս
կը
շահագրգռէ
գերման
բանասիրութեան
մէջ,
այդ
օրերուն,
հայոց
լեզուին
ու
պատմութեան
շուրջ
ըստ
բաւականին
զօրաւոր
հետաքրքրութիւն
մը
–
Դեպի
Արեւելք
կայսերապաշտութեան
թերեւս
խուլ
մղումին
տակ։
Հայու
դառնութիւն
մի՛
տեսնէք
սա
վերագրումին
ետին:
Թուրքը
այդ
դերին
համար
տակաւին
շահագործելի
ապրանք
մը
չէր,
ու
գերման
զօրավարներու
փառքը
դեռ
չի
սկսած,
արեւելքին
համար:
Իրականութիւն
է
որ
Գերման
բարձր
մտաւորականութիւնն
ալ
կ՚անգիտանայ
Նիչէն։
Ու
Պիզմարք
քաղաքական
զգայարանքէն
դուրս
գեղջուկ
ազնուական
մըն
է
որ
կրցած
է
պարծենալ
կեանքին
մէջ
գիրք
մը
բացած
կարդացած
չըլլալու
գերմարդութեամբ:
Գ.
Յովսէփեան
կը
գտնէ
այդ
Գերմանիոյ
մէջ
իրեն
անհրաժեշտը
–
աշխատանքի
մեթոտ
մը,
իր
ասպարէզին
վրայ
maîtrise
մը
մանաւանդ
պատմաբանասիրական
հարցերուն
հուրքը։
Դարձին՝
աբեղայ
(1897):
Ուսուցիչ
աստուածաբանութեան
ու
հայոց
մատենագրութեան,
–
երկուքն
ալ
կէս
դար
առաջ
ծանր
հմայքով
ուսումներ:
Առաջինը
կը
գոհանամ՝
յիշատակելով։
Երկրորդ
իր
համար
ունէ՞ր
սա
նորընծան
անհրաժեշտ
ձեռնհասութիւնը
զոր
յիսուն
տարի
վերջ
նոյն
իսկ
դժուարաւ
կը
զիջինք
վաթսունէ
աւելի
տարիներ
հայոց
պատմութեան,
գրականութեան,
անգիր
աւանդութեան
վրայ
ինքզինքը
սպառած
հզօր
աշխատաւոր
Մ.
Աբեղեանին։
Գիտենք
թէ
որքան
ուշ
համարձակեցաւ
պատկառելի
գիտնականը
իր
Հայոց
Գրականութեան
Պատմութիւնը
հրատարակելու:
Ու
մեր
հրապարակին
վրայ
Ալիշանի
Հայապատումը,
Զարպհանելեանը
ունէին
գոյութիւն։
Գ.
Յովսէփեան
մատենագրական
դասերու
յիշատակութիւն
չունի,
տպագրութեան
համար
մասնակի
յարդարումով
մը:
Այս
պարագան
կ՚առնեմ
նկատի
մասնաւոր
ուշադրութեամբ
մը:
Հայ
մշակոյթի
ամէնէն
ճոխ
միութիւններէն
մէկուն
–
գրականութեան
պատմութեան
համար
–
երիտասարդ
համալսարանականի
մը
հայեացքները
արժանի
էին
լայն
հետաքրքրութեան:
Իր
շատ
տարածուն
գրական
գործունէութեան
ընթացքին,
Գ.
Յովսէփեան
Հաղբատեանքի
մէջ
կը
զբաղի
մատենագիր
դէմքի
մը,
մատենագրական
գործի
մը
սպառիչ
ուսումնասիրութեամբը
(Եսայի
Նչեցի),
աս
ալ
շեշտօրէն
պատմա–գիտական
ախորժակի
մը
ընդմէջէն:
Եթէ
երբեք
հայոց
մատենագրութեան
հանդէպ
իր
կիրքը
կը
մնայ
չափաւոր,
բայց
իր
անդամքին
յանձնուած
ուսանողութեան
մէջ
հայրենագիտութեան
կիրքը
վառելու
իր
անսահման
նուիրումը
լայնօրէն
կը
դիմաւորէ
սա
մեղմութեան
հաւանական
հակազդեցութիւնները:
Ուսուցիչը
իր
կիրքովը,
նորութեամբը
կը
բանայ
տղոց
հոգիին
վրայ
իր
ակօսները։
Երեւակայեցէք
զինքը
ուսանողներու
խումբի
մը
հետ
լեռնէ
լեռ,
հայոց
աշխարհին
ամէնէն
նկարագեղ
ու
պատմական
յուշերով
ծանրաբեռն
բարձունքներուն
վրայ:
Ասիկա
երեւակայելի
երանութիւնն
է
խանդավառ
ուսուցիչին
որուն
ներսը,
միայն
հայրենասէր
գիտունը
չէ
որ
կ՚աճի,
այլ
եւ
աշխարհախոյզի
մը
ուրուականը։
1898ին
երեսնամենի,
կրակուբոց
այս
բանասէրը
–
ներեցէք
սա
հակադրութիւններուն
–
իր
տղոցը
հոգիին
պատերը
քակելու
վրայ,
հոն
դիզելու
համար
հսկայ
դասերը
հայոց
անմահ
աւերակներուն
(Գ.
Յովսէփեան.
այլ
արշաւէն
պիտի
հանէր
տարօրինակ,
կատարեալ
գործ
մը,
ուր
հայ
պատմութիւնը,
մանրանկարչութիւնը,
բանասիրութիւնը,
գրականութիւնը
կը
միանան,
իրագործելու
համար
բացառիկ
յաջողուածք
մը,
Հաղբատեանք
ը)
ու
անոնց
իմաստը
իր
կենսագործող
հաղորդութիւն
քանդակելու
անոնց
սրբութիւն
սրբութեանցին:
Բայց
ահա
աւելին։
1925ին,
այսինքն
վաթսունամենի
բարձրանա՜լ
Արագածի
կատարը։
Չեմ
լայննար:
Այնքան
կրակ
էր,
այնքան
յօժար՝
այս
մարդու
հոգին,
որ
մարմինը
չունէր
իրաւունք
իր
մասին
մտածելու:
Ու
աւելիէն
աւելին:
1915ի
կաթողիկոսական,
ընտրութեան
համար
եկեղեցական
համագումարին
մասնակցող
Դերենիկ
Վարդապետ
(հիմա
Եպիսկոպոս)
կը
պատմէ
թէ
ինչպէս
ութսունամենի,
Վեհափառը
Գեղարդի
վանքին
ժայռերուն
վրայ
կ՚արկածախնդրէր՝
երիտասարդ
եկեղեցականները
եւ
աշխարհականները
զարմանքի
մատնող
չարքաշութեամբ
մը,
անվախութեամբ
մը:
Ասոնք
դիւրաւ
կարդացուելիք
մանրագիծեր
չեն
մարդոց
կեանքէն
երբ
գիտենք
թէ
եպիսկոպոսներուն,
կաթողիկոսներուն
մարմինները
որքան
կ՚ախորժին
ծանրութենէն։
Այս
ինքնարձակումը,
իր
գործին
ինքզինքը
լման
պարպելը,
Ճեմարանի
նման
բարձրագոյն
վարժարանի
մը
ուսանողական
ամէնազդի
կարիքներուն՝
ինքնին
պիտի
սպառէր
ամէնէն
հարուստ
ջղային
դրութիւնը
իսկ:
Էջմիածնական
սովորութիւններուն
կարգէն՝
աբեղաները
շրջանի
գիւղերը
ղրկել,
հոգեւոր
բանին
մարզանքը
ընելու,
ինչպէս
ժողովուրդի
հետ
վարմունքին
օրէնքները
իւրացնելու:
Ու
անոնք
որ
անձնապէս
շփուած
են
Գ.
Յովսէփեան
խօսողին,
դիւրաւ
պիտի
հասկնան
սպառման
ծայրագոյն
աստիճանը,
երբ
մէկը
կը
խօսի
ժամերով,
բայց
կը
խօսի
լեզուէն
դուրս,
վեր
ուժերու
շնորհիւ:
Ծանր
հիւանդութիւն
մը,
neurasthenie–ն,
զինքը
կը
զարնէ
գետին։
Էջմիածինէն
Թիֆլիս,
հանգչելու,
դարմանուելու,
առաջնորդական
փոխանորդի
պաշտօնով
մըն
ալ
վարշամակուա՜ծ:
1900
թուականին,
Թիֆլիսը
կեդրոնն
է
արեւելահայ
մտաւորականութեան,
այսինքն
սկսող
առեւտրական
suprématie–ն
(նաւթային
ճարտարարուեստի
մէջ
մերիններուն
իշխանական
բաժինները)
իրապէս
պաշտպանող
իմացական
հասարակշռութիւնը
դարձած
է
իրականութիւն:
Կազմուած
է
մշակոյթ
մը
պայմանող
բարեխառնութիւն։
Մեր
նոր
մշակոյթին
ամէնէն
փայլուն
շրջան
է
անիկա:
Գ.
Յովսէփեան
այդ
օրերու
գրական
փաղանգը
(Աղայեան,
Թումանեան,
Շիրվանզադէ,
Մուրացան,
Աղբալեան,
յիշելու
համար
քանի
մը
անուն)
իր
շուրջը
կրցած
է
համախմբել:
Կեդրոնական
անձնաւորութեան
մը
յատուկ
սա
դերը
պիտի
ուզէի
որ
տեսնէիք
իր
իսկական
իմաստին
մէջ։
Ասիկա
տաղանդէն
վեր
արժանիք
մըն
է:
Եթէ
հարազատ
եկեղեցականը
համայնական
զգացումներու
վառարան
մըն
է,
հարազատ
գիտունը
ի
պաշտօնէ,
ի
բնաւորութենէ՝
մենացող
մը,
աշտարակի
իշխան
մըն
է:
Գ.
Յովսէփեան
եղած
է
երկու
վիճակներն
ալ
նոյն
հարազատութեամբ:
Իր
հուրքը
զոր
կը
ջանամ՝
մտապատկերել
իր
բովանդակ
շքողանքին
մէջ
կէս
դար
առաջ,
ալեւոյթին
իսկ
բոցավառ
ապրող
սա
մարդէն
(ունիմ
հոգիիս
դէմ
անկեզ
մորենիի
մը
նման
Կոմիտասին
երիտասարդութիւնը),
իր
հայրենասիրութիւնը,
1900ին
արիւն
ու
կրակ,
մարդկային
գերագոյն
տռաման
ամէն
հայ
երիտասարդի
ներսը,
բարձր,
մշակուած,
արձակ
իր
իմացականութիւնը,
մանաւանդ
համով
մարդու
(դուք
բացէք
սա
պարզ
բառերուն
ետին
ծածկուած
աշխարհ
մը
ապրում),
իր
վարկը
այդ
համախմբումները
կ՚ընեն
իմացական,
հայրենասիրական,
ստեղծագործական
խորունկ
վայելքներու
հանդէսներ։
Գ.
Յովսէփեանի
աճը
եթէ
մինչեւ
այսօր
պահած
է
հրապոյր,
ոճն
է
սա
մարդուն,
այսինքն`
երբեք
չոր
գիտունի
մը,
հանդարտ
արձանագրողի
մը
անհրապույր
գործիքը,
չէզոք
ու
անկնիք:
Անձնականութեան
շատ
զօրաւոր
հրապոյր
մը
այդ
փաղանգը
պահած
է
իր
շուրջը
փոխադարձ
ճառագայթումներով։
Ով
գիտէ
ինչ
անուշ,
անմոռանալի
ապրումներ
կապուած
են
սա
տարիներուն,
սա
մարդերուն,
սա
հոգեբանութեան։
Մինակ
մտածել
ընդհանուր
խռովքին,
որ
իմ
պատանութիւնն
է
ասդին,
կը
խորացնէ
իմ
մէջ
1900
գրական
սերունդին
տարողութիւնը
Թիֆլիս:
Խորունկ
խռովքի
օրեր
էին.
համիտեան
փողոտուներուն
յաջորդ
ձարական
բռնութիւնները
Հայաստանեայց
եկեղեցւոյ
դարաւոր
հարստութեանց,
կալուածներուն
վրայ
ձեռք
դնելու:
Աւելցուցէք
ռուսական
մեծ
յեղափոխութեան
յուզումները։
Խոհեր,
նախանձախնդրութիւնը,
կիրքը,
բոլոր
մարդերու
վրայ:
Գարեգին
Վրդ.
կը
փոխադրուի
Երեւան
թեմական
դպրոցի
տեսչութեան
(1901):
Երեք
տարի՜:
Դուք
կը
զարմանաք
թերեւս
իմ
զարմացականին։
Բայց
Երեւանի
մէջ
դպրոցի
մը
տեսչութեան
վրայ
երեք
տարին
առասպելական
թիւ
էր
այն
ատեն,
այնքան
աթոռները
վտանգներով
շրջապատուած,
այնքան
անձերու
մէջ
կիրքը
տիրական,
այնքան
գործերը
տեսնելու
եղանակը
այդ
երիտասարդութեան
մէջ
արմատական
կը
մնային։
Գ.
Յովսէփեան
իր
stageը
կ՚ընէ
լրջութեամբ,
գեղեցկութեամբ
նոյնիսկ,
հրուիրուելու
համար...
Ճեմարանի
տեսչութիւն:
Երիտասարդ
համալսարանականը
իր
ասպարէզին
անդրանիկ
գագաթումը
կ՚արձանագրէր
իր
կեանքին
տարեգրութեանց:
Ընթերցողը
աւելի
լուսաբանելու
համար
կը
ղրկեմ
Շիրվանզադէի
Արսեն
Դիմաքսեան
վէպին
ուր
այդ
օրերու
հոգեխառնութիւնը
կ՚երեւայ
իր
բովանդակ
խռովիչ
հրապոյրներուն
մէջ,
երբ
խռովայոյզ
այդ
մտաւորականութեան
ուրուարեալ
պատկերը
քիչ
քիչ
կ՚իյնայ
սեւեռման։
Լէօն՝
ուրիշ
վկայութիւն:
Ես
կ՚արձանագրեմ
փաստը,
առանց
զարմանքի:
Եկեղեցին
ու
դպրոցը,
այս
դարու
սկիզբին
մեր
գերագոյն
մտահոգութիւնը,
փառախնդրութիւնը,
ինչպէս
կիրքին
թիրախները
կազմեցին։
Ամէն
մարդ
խօսք
ունի
վարդապետէն
ու
վարժապետէն,
եպիսկոպոսէն
ու
գրողէն։
Հիմա
կուսակցական
ակումբներ
ու
թերթերու
շուրջ
մեր
կռիւները
մոռցնել
տուած
են
այդ
հեշտանքները:
1906
ին
Արարատի
խմբագրապէս:
Չեմ
լայննար:
Կը
գոհանամ
դիտել
տալով
հայոց
կաթողիկոսութեան
պաշտօնաթերթը,
հայագիտական
իր
մասերուն
մէջ,
առնուազն
հաւասար
է
Բազմավէպին
ու
Հ.
Ամսօրեային,
որոնք
եւրոպական
կեդրոններու,
մանաւանդ
անկախ
իմացականութեանց
մօտիկ
ըլլալու
իրենց
բարիքները
չունին
իրաւունք
աճեցնելու,
գերազանցութեան
հարցեր
արծարծելով։
Ռուսիոյ
Սինոդը
երբ
այս
դարու
սկիզբները
կը
բանադրեր
Լ.
Թոլսթոն,
իր
իմաստութենէն
աւելի
իր
ուժին,
բռնութեան
տուած
կ՚ըլլար
փաստը:
Ու
Էջմիածինը
պրոկուրոր
ին
աչքին
տակը
տառապող
հաստատութիւն
մըն
էր,
այսինք
ամէնէն
աւելի
անկախութեան
անկարող
մարմին
մը։
Այս
պայմաններուն
տակ
Արարատը
կատարած
է
պարկեշտ
իր
բաժինը
եւրոպական
ոստաններու
մարդոց
չափ
ու
տեղագրական,
ազգագրական
հարցերու
մէջ
ալ
գերազանց
համեմատութիւններով:
Գարեգին
Վրդ.
ամսաթերթը
պահած
է
իր
գտած
բարձրութեան
վրայ:
Հոն
իր
յօդուածները,
ինչպէս
ընկերներունը
հայոց
բանասիրութեան
ինքնին
առատ
մթերքին
վրայ
թանկագին
յաւելումներ
են։
Վանահայր՝
մեք
ամէնէն
անուշիկ
մէկ
վանքին
(Սուրբ
Հռիփսիմէ):
Իզմիրլեանի
օրով
(1910)
խորհրդականը`
կաթողիկոսութեան։
Զգօն,
բայց
աննկատ,
երբ
պարտքը
կը
կանչէ
զինք։
Սիրտ
կ՚ուզեմ
ես,
Սիպիրը
աչք
առած,
մտնել
գիւղերու
մէջ,
խօսիլ,
պոռալ,
համոզել,
դաւանափոխ
գիւղացիները
դարձնելու
համար
հայրենի
եկեղեցիին։
Ձարերու
քաղաքականութեան
շիլ
զէնքերէն
մէկն
էր
կրօնափոխութեան
սադրանքներով
Հայաստանեայց
Եկեղեցիին
տիրական
ուժը
բեկանել:
Գարեգին
Վրդ.
ի
դերեւ
կը
հանէ
այդ
շիլ
հաշիւները,
ու
սրտագին
տաքութեամբ
մը
կը
գտնէ
գիւղացիներու
սիրտը
որոնք
կը
դառնան
մայրենի
եկեղեցին
ծոցը։
Այս
զբաղանքներուն
հետ
ու
մէջէն
սկիզբ
է
առնէ
մասնագէտ
խուզարկուն:
Այս
ալ
կիրքի
մը
երեւ՞սը:
–
Թերեւս։
Յատկանշականն
ան
է
որ
Գ.
Յովսէփեանի
ցանկութիւնները
սահման
չեն
ճանչնար։
Այս
մղումներուն
տակ
ան,
այդ
թուականներուն
(1910)
մասնակցած
է
զուտ
հնագիտական
աշխատանքներու
։
1911
ին,
նոյն
կիրքէն
բռնավար
անիկա
անցած
է
Երուսաղէմ,
միշտ
նկարելով
աւերակներու
բեկորները,
օրինակելով
գրադարաններու
ձեռագիրներէն
ցեցակեր
յիշատակարանները։
Ս.
Յակոբայ
ձեռագրաց
մատենադարանը
զայն
հիացմունքէ
հիացմունք
նետող
գեղեցկութեամբ
ու
ճոխութեամբ
մանրանկարներու
ընտրելագոյն
համախմբումը
կ՚իրագործէր։
Արքայական
անուններով
սուրբ
գիրքեր,
որոնց
զարդարումը
բարձրագոյն
արուեստին
կնիքէն
զատ՝
բարիքով
էր
բախտաւոր
արքունի
դէմքեր
ալ
բերելու,
դարերու
խորքէն
մեր
աչքերուն:
Կեռան
թագուհի
ի
անուան
աւետարանը
գլուխ–գործոց
մըն
է
ոչ
միայն
գրչութեան,
այլ
եւ
կը
բովանդակէ
Կիլիկեան
արքունիքէն
անգնահատելի
նշխարներ
տարազի,
դէմքի
կերպարանքներով։
Իզմիրլեանի
մահը
կաթողիկոսական
տագնապ
մը
կը
ստեղծէ
Էջմիածին:
Գ.
Յովսէփեան
Լուսաւորչի
գահուն
երբ
թեկնածու
կ՚առաջարկէ
Օրմանեանը,
ուսանողական
երախտագիտութեան
մը
փաստը
չի
բերեր։
Այլ
առթիւ
իր
հրատարակած
գրքոյկը
իր
խառնուածքէն
ալ
ունէր
լայն
վկայութիւններ։
Օրմանեան
հայութեան
երկրորդ
կրօնական
աթոռը
–
Պոլիսը
հակառակ
կաթողիկոսական
գահ
մը
չըլլալուն,
հայութեան
հոծ
մէկ
համախմբումին
իբր
գերագոյն
կեդրոնը,
կ՚արժէր
աւելին
քան
Սիսը,
Աղթամարը,
այդ
օրերուն
–
վարեր
էր
վտանգայոյզ
շրջանի
մը,
երեւան
բերելով
վարչական
ընդարձակ
շնորհներ,
ինչպէս
արեւմտացած
իմացականութիւն։–
Ասոնք
ալ
հոս
կը
յիշուին
պատմութեան
ծառայելէ
աւելի
Գ.
Յովսէփեանի
մտքին
տարողութիւնը
ճշդելու
առաջադրութեամբ:
Պերլին,
1914ին,
տպագրելու
իր
Հայ
Մանրանկարչութեան
Քարտեզը:
Սրտին
խօսող
գերագոյն
իր
ձեռնարկներէն
մէկը:
Թիւ
1
համաշխարհիկ
պատերազմը
կը
կործանէ
ձեռնարկը։
Գ.
Յովսէփեան
ձեռագիրը
Պերլին
ձգած
կը
դառնայ
Էջմիածին
(աւելի
անդին`
ոդիսականը
այդ
ձեռագրին),
կտրելով
լման
Անատոլուն,
սրբազան
իր
առաքելութեան
հեւթին
մէջ,
այցելելով
ճամբու
վրայ
բոլոր
կարեւոր
կեդրոնները
ուր
ձեռագիր,
յիշատակարան,
խաչքար
ու
արձանագրութիւն
կրնային
ապրած
ըլլալ,
գերեզմանատուներէ,
ժամերէ,
վանքերէ։
1917ին
կը
փակուի
Ճեմարանը
որուն
տեսուչն
էր
կրկին։
Ու
առաջին
մեծ
պատերազմին
զուգորդ
ահաւոր
պայմանները
իր
ժողովուրդին,
մասնաւորաբար
Էջմիածինին:
Նուիրակ
է
Ռուսաստանի
թեւերուն,
հանգանակելու
համար
Մայր
Աթոռի
անուն
բաւական
ծանր
գումար
մը։
Եպիսկոպոս՝
1917։
1918–19–20
տարիները
չեն
պատմուիր,
այնքան
ամէն
բան
դուրս
է
կեանքին
հնարաւորութիւններէն:
Ռուսերուն
պատերազմէն
դուրս
նետուիլը,
1918ի
անկախութիւնը,
1920ի
կռիւները։
Ասոնք
ոչ
թիւ
ենն,
ոչ
ալ
յիշատակ։
Գ.
Յովսէփեան
Սարտարապատի
կռիւներուն
մէջ
կը
տեսնուի
բանակի
առաջին
գիծերուն:
Ոչ
րոմանթիզմ
է
ասիկա,
ոչ
ալ
արկածախնդրութիւն։
Անիկա
կը
գործէր
Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ
գերագոյն
անուններուն
ցուցմունքովը:
Կ՚ըսեն
թէ
խօսած
է
զինուորներուն
հին
հերոսներուն
լեզուովը,
կիրքովը,
կարողութեամբը:
Մարդիկ
նոր
այս
կեցուածքը
կը
նմանցնեն
Ղեւոնդներու,
Սահակներու,
Յովսէփներու,
Ե.
դարու
անմահ
փաղանգին
սրբազան
միաւորներէն։
Գ.
Յովսէփեան
չէ
սիրած
ցոյցը։
Լուրջ
էր
ու
կը
խորհիմ
թէ
պատերազմի
առաջին
գիծերուն
վրայ
խօսքը,
այնքան
մահուան
սպառնալիք
են
տակ,
ոչ
ճառ
է
ոչ
ալ
գրականութիւն:
Մեծ
մարդերը
միայն
գիտեն
թէ
ինչո՛ւ
կ՚երթան
մեռնելու
ու
չեն
մեծատիր:
Հոս
կը
յիշեմ՝
իր
մէկ
յօդուածը,
Պայքար
(1943)
հանդէսին
մէջ.
–
«
Կեանքիս
ամենադժբախտ
օրը
եւ
երջանկութեանս
րոպեն
»:
Կարսի
աղէտէն
թելադրուած։
Գ.
Յովսէփեան
գրականութեամբ
զառածող
մէկը
չէ
եղած:
Բայց
մէկէ
աւելի
անգամներ
զգացական
ծանր
պահերէ
դղրդուած
եւ
գիրի
է
առած
իր
ապրումները:
«
Լուսաւորչի
կանթեղին
ի
գիւտ
»
Արագած
իր
վերելքը
մէկն
է
անոնցմէ։
Կարսը
գրկող
թուրք
բանակին
զօրավարին
ներկայանալը
ու
իր
ժողովուրդին
կեանքը
մուրալու
իր
ողբերգութիւնը
զինքը
ըրած
են
յուզիչ
ու
սրտառուչ։
Խորհրդային
Հայաստանը,
1921ին,
զայն
կը
կանչէ
Գիտութեան
Ինստիտուտի
անդամակցութեան:
Բանբեր
որ
կաճառին
օրկանն
է,
իրմէ
կը
պարունակէ
երեք
յօդուածներ։
Յետոյ
1924ին
կրկին
հանգանակութիւն:
Ու
վարչական
ամենածանր
պաշտօններ:
1934ին
հայրապետական
նուիրակ
համայն
սփիւռքին,
Մայր
Տաճարի
նորոգութեան
համար
հանգանակելով
35,
000
տոլար:
Գ.
Յովսէփեան
հանրութեան
կոպէկին
հանդէպ
ունէր
ամենախորունկ
յարգանք։
1936ին
Ամերիկա։
1938ին
Առաջնորդ
Հիւսիսային
Ամերիկայի
մեծ
Թեմին
1943ին
Կաթողիկոս
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ:
Այսպէս
տողերու,
կէս
տողերու
վերածուած
սա
տարիներուն
ներսը
որքան
ծանր
ապրումներ։
Ասոնք
պարզելը
գնացքը
պիտի
զառածէր
գուցէ
դէպի
հասարակ
աժան
կենսագրումը։
Ու
գիտէք
թէ
խաղաղ,
լայնաթաւալ,
ուղղափառ
կենսագրութեան
մը
չեն
ձգտիր
իմ
էջերը:
Գիտէ՞ք
սակայն
թէ
մարդոց
արարքները,
գործօնութեան
մեծ
կտորները
ամէնէն
ապերախտ
մասերն
են
անոնց
ամբողջութեան։
Ու
այն
ուժերը
որոնք
մեզ
կ՚ուզեն
իրենց
սպասին,
նոյնն
են
մեր
իմացական
աշխատանքներու
առանձնարանին,
ինչպէս
հանրային
պարտքերու
կրկէսին:
Այսինքն
մէկը
կը
զրկենք,
միւսը
իրագործելու
համար։
Մեր
գրողնե՛րը,
մեր
կրօնուորնե՛րը:
Գ.
Յովսէփեան
այն
քիչերէն
է
որոնք
յաջողած
են
պահպանել
հասարակշռութիւնը,
ալ
մի
հարցնէք,
ի՛նչ
գնով։
Նայեցէք
ուշադրութեամբ
աշխարհներուն,
որոնք
անոր
օրերը
սպառեցին
իրենց
վրայ։
Որքան
խռովք,
որքան
կարիք,
որքան
աւերակ
ու
արցունք:
Այս
գետինին
ալ
վրայ
Գ.
Յովսէփեան
կը
կրկնէ
ճակատագիրը
մեր
եկեղեցիին
մեծ
հայրապետներուն,
որոնք
իրենց
ժողովուրդը
կը
հովուեն,
իրենք
ալ
չեն
հասկանար
ի՛նչպէս,
Չարիքին
ահաւոր
ու
անհամար
բանակներէն
առաթուր…։
Գ.
Յովսէփեան
շատ
քիչ
պիտի
ունենայ
բաղդատաբար
խաղաղ
տարիներ։
Անոր
Գերմանիան,
ուսանողութենէն
վերջ,
շատ
կարճ
է
կեանքի
մը
կերպարանք
ճարելու
համար
մեր
մէկ
շրջանէն:
Անոր
նուիրակութիւնը
(1934)
այրած
էր
սրտին
վրայ
որոշ
սփոփանքով
մը
թերեւս,
քանի
որ
կ՚անցնէր
երկիրներէ,
ուր
իր
ժողովուրդը
յաջողեր
էր
ինքզինքը
ազատագրել
1915-20ի
մղձանջային
զարհուրանքէն,
գտեր
որոշ
դիմագիծ,
կազմակերպեր
եկեղեցի,
դպրոց,
մամուլ
եւ
ազգային
կեանք:
Անոր
Ամերիկան
(1936)
ուրիշ
ողբերգութիւն:
Ան
եթէ
վրիպեցաւ
ամերիկեան
ծանր
հերձուածը
անհետելու
մէջ,
վարձատրուեցու
ժողովուրդը
մահու
ատելութեամբ
իրարու
դէմ
լարող
հատուածները
կանչել
մեղմութիւն։
Ամերիկայի
իր
առաջնորդութիւնը
(1938–43)
եթէ
չէ
խաղաղ
բարգաւաճման
շրջան
մը,
չէ
նոյն
ատեն,
եղբայրասպան
բախումներու
կրկես
մը:
Իր
անձին
հմայքը
հեղինակն
էր
սա
մեղմացման:
Նուիրակութիւն։
Հանգանակութիւն։
Քարոզութիւն:
Ջարդի
ուրուական
ու
մղձավանջ։
Եղբայրասպան
կիրքերու
կիկլոն։
Սփիւռք։
Ահա
մեծ
պիտակներ,
եթէ
ուզէինք
սա
մարդուն
վերջին
երեսուն
տարիներուն
համար
վերնագիրներ
միայն
գործածել:
Ու
կուգամ
հիմնականին
–
ի՛նչպէս,
դժոխային
սա
պայմաններուն,
իրարմէ՝
բուռն
ստիպողական
սա
կարիքներուն
սլաքին
տակ,
սա
մարդը
գտած
է
անհրաժեշտ
ժամանակը,
իր
միւս
այնքան
ապերախտ,
բազմապահանջ
ու
ճիշդ
վերադիրով
մը՝
կլանող
աշխատանքին,
որ
բանասիրական
զբաղումներ
՝
պիտակով
կը
մատուցուի
ձեր
ընկալչութեւան։
Աւելո՞րդ,
արդեօք,
հոս
յիշատակելը
որ
երբեմն
թուականէ
մը
թիւ
մը,
բառէ
մը
գիր
մը,
պատկերէ
մը
ցեցի
մը
ատամին
սղոցուքը
կը
ստեղծեն
օրեր,
շաբաթներ
գրաւող
փնտռտուք,
տեղափոխում։
Աւելո՞րդ,
դարձեալ,
հոս
խօսիլ`
նախանիւթէն
վերջ
շէնքին
կառուցումին։
Գ.
Յովսէփեան
1900ին
ունէր
իր
մանրանկարներուն
հաւաքածոն։
Կէս
դար
է
անցեր,
հաւաքածոն
աճեր,
աճեր,
աճեր
է,
այնքան
որ
այլեւս
հատորներէն
կը
յորդի:
Ու
երբ
ուզէք
տեղեկանալ
այս
յապաղումին
պատճառներուն,
պարզ
է
իր
պատասխանը
–
Միշտ
նոր
բան,
էլի:
Ու
այդ
նոր
բա՜նը
որ
կրնայ
գալ
աշխարհի
որեւէ
անկիւնէն,
ուր
բախտը
ցրուած
է
մեր
կենդանի
մարմինները:
Դուք
հազիւ
կը
կասկածիք
թէ
միջին
դարերուն
մեր
սրբութիւնները
–
Սուրբ
Մատեաներ,
սուրբ
անօթներ,
բեհեզ
ու
սպաս
–
կը
հալածէին
կրկնապատիկ
խստութեամբ:
Սիսէն
կողոպտուած
սկիհներ
կը
վաճառուէին
Գահիրէ:
Ու
Լամբրոնացիին
պատարագամատոյցին
ձեռագիրը
գերութենէ
դարձած
սիրելի
մըն
էր:
Հեղինակը
զայն
–
մէկ
հատիկ
օրինակ
–
ապրուած
տեսաւ
Թիւրքմէներէն:
Կ՚երեւակայէ՞ք
սուգը
սրբազան
հեղինակին:
Տարիներ
վերջ,
բարեպաշտի
մը
դրամովը
աւազակներէն
գնուած
մատեանին
դա՜րձը
հեղինակին։
–
Ի՛նչպէս
կրցած
է,
կեանքի
սա
թոհուբոհին
մէջ
–
իր
Կարսը
Լամբրոնացիին
Մարաշը
կը
կրկնէ
–
սա
մարդը
կերտել
մշակութային
իր
գեղեցիկ
վաստակը։
Ահա
հիմնականը,
ու
այս
հրաշալին՝
եթէ
հինցած
չէք
գտներ
բառը:
Այսքան
մը
տարեթիւ,
կեանքի
գիծ
ու
կողմեր,
զբաղանքի
յիշատակութի՛ւն,
–
որպէսզի
Գ.
Յովսէփեանի
անունով
մեզի
հասած
գիտական
գործին
տայինք
արժան
լրջութիւն:
Գիտեմ
թէ
ազգային
պատմութիւնը
մեծ
հեշտանքով
պիտի
ենթարկէր
Գ.
Յովսէփեանի
գործունէութիւնը
սպառիչ
վերլուծման
մը,
քանի
որ
անոր
դարու
հասակին
մերձեցող
օրերուն
մեծ
մասին՝
աչքերը
բացուեցան
այդ
պատմութեան
իրարմէ
ահաւոր
աղէտներուն:
Մշակոյթի,
գրականութեանց
պատմիչ
մը,
արդիւնքներու
միայն
պատասխանատու,
կը
զբաղի
վեր
մանրամասնութիւններով,
կենցաղական
գիծերէ,
այնքան
միայն
որքան
անհրաժեշտ
կը
նկատէ,
գրական
վաստակին
կշիռը,
յաւելումին
քանակն
ու
որակը
աւելի
հպարտութեամբ,
առաւել
արդարութեամբ
իրագործել
կարենալու
համար:
Ասկից
զատ
կաց
ուրիշ
ալ
նկատում:
Վերի
թուականները,
պաշտօնարկութիւնները,
ազգային
պատմութեան
դիւանները
լեցնելու
չեն
սահմանուած։
Անոնք
տակաւին
կը
պատմեն
ուրիշ
ալ
բաներ։
Բարդեցէք
ատոնց
վրայ
գրական
վաստակին
ալ
մթերքը
որպէսզի
ձեր
մտքին
պարզուի
իրաւ
մարդը,
իրաւ
աշխատաւորը,
իր
գիտունը:
Ու
ասոնց
վրայէն
–
բացառիկը,
քանի
որ
որքան
շատ
է
թիւը
արժէքով
մարդոց
որոնք
թեմ
մը
կառավարեցին
ու
անցան
պատմութեան,
գիրքեր
գրեցին
ու
արժանացան
ազգային
փառքի։
Հարցուցէք
հիմա
զոյգ
ճակատով
տարուած
սա
հսկայական
աշխատանքին
կշիռը՝
ձեր
խղճմտանքին:
Մեր
գործօնութիւնը
մեզի
հետ,
երբեմն
մեզմէ
առաջ,
ծիրանիով
կամ
քուրջով
կ՚իջնէ
գերեզման:
Մեր
իմացական
գործօնութիւնները
պիտի
շարունակեն
բարերարել
մեզմէ
վերջ
մեր
եղբայրները:
Որքան
խիտ՝
ըլլան
այդ
գործօնութեան
վկայութիւնները,
այսինքն
որքան
շատ
աշխատանք
ըլլանք
խտացուցած
մեր
ձեռնարկներուն
մէջ,
այնքան
էլ
պիտի
պաղին,
սպառին
զանոնք
ուրիշներուն
տանող
ճառագայթումը,
հուրքը։
Աս
է
ահա
չափանիշը
միշտ
խորհրդանշական
անձնաւորութեանց
արժեւորման։
Գ.
Յովսէփեան
բարիքի
ասպետ
մըն
է,
ու
աշխատանքի
է
խորհրդանշան
մը։
*
*
*
Այս
տողերը
թուղթին
կ՚իյնան
Գ.
Յովսէփեանի
ութսունամեակին
առիթով։
Սովորական
ընթերցողը
կը
դժուարի
հետեւիլ
տարիներու
սա
գումարին,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
պիտի
սիրէ՝
տեսակ
մը
ներողամիտ,
չըսելու
համար
արգահատագին
զիջում,
համոզուած
ըլլալով
որ
ձմեռէն
ալ
անդին
են
այդ
տարիները
ուր
եթէ
մեզի
խնայուած
են
չգոցուող
անկողինները,
չշարժող
ոտքերուն,
ձեռքերուն
նահատակութիւնը,
չբացուող
աչքերուն
ու
չգործող
մտքին
տռաման,
անպայմանօրէն
մեզի
դարանակալ
ունինք
ծանր
հիւանդութիւնները
որոնք
շաբաթուան
քանի
մը
օրերը
միայն
կը
շնորհեն
մեզ:
Մենք`
մեր
հիւանդապահները։
Ու
ամէնէն
շատ
մեր
յիշատակներուն
հիւրընկալները,
զանոնք
գնդասեղելու
հաճոյքը
դնելով
աշխարհ
մը
զիջումով,
այցելուներու,
քարտուղարներու:
Ասիկա
ձեր
գիտցածն
է:
–
Տեսայ
զինքը
տակաւին
երէկ,
այսինքն
ութսունէն
ներս,
իր
աշխատանքի
սեղանին,
տեղն
է
ըսել՝
կաթողիկոսական
ծաւալով
ու
համապատասխան
գեղօրներով
ծանրաբեռն:
Մանր,
երբեք
փայլատ
անոր
աչքերը,
կարծես
հպատակելու
համար
անոր
ճակատագրին
որ
անոր
սահմանած
ըլլալ
կը
թուի
ձեռագրի
մը,
որմանկարի
մը,
մանրանկարի
մը,
խաչքարի
մը`
մօտ,
պզտիկ,
սուր
հորիզոնները,
կը
պահէ
իր
անաղարտ
իրենց
թափանցում
իր
բովանդակ
ուժը,
սլաքները։
Չգրեցի
սլաքը,
դիմադրելու
յօժար՝
մաքրապաշտներու
խծբծանքը:
Աչքը
քանի՜
սլաք
կրնայ
ունենալ։
Բայց
մարդեր
կան
որ
մէկ
աչքէ
ներս
կը
դնեն
շատ
մը
նայուածքներ,
առանց
ուզելու
կամ
որոշապէս
դիտելու
թէ
ի՛նչ
կ՚ընեն,
այլ
պարզ
իրենց
պատրաստութեան,
երբեմն
պարտականութեան
թելադրանքովը:
Անժուժելի
նայուածքները
իրաւ
են
բռնաւորներէ,
մարդասպաններէ։
Շատ
նայուածքներն
ալ
իրաւ
կ՚ըլլան
շատ
մարդէն
։
Ով
որ,
անոր
սեղանի
կուշտին՝
կը
մօտենայ
Գ.
Յովսէփեանին,
հաւանաբար
ամենէն
առաջ
ձեռագիրէ
մը
էջ
մըն
է,
կամ
որմանկարէ
մը
փշրանք
մը,
կամ
մանրանկարէ
մը
ցոլք
մը,
այնքան
ամէն
բան
ու
մարդ,
ժամանակին
մէջ
ու
հետ
այդ
ուրուային
թելադրանքներով
կը
մատուցուի
անոր
ընկալչութեան։
Այսպէս
է
որ,
նման
սեղաններու
խորքէն,
Պատրիարքները
այցելուները
կը
դիտեն
յաճախ
նեղսիրտ,
անհանգիստ,
լռին
վարժութեանց
արդիւնք
վախերէ
յաճախուած,
նպաստ,
պաշտպանութիւն
վճարելու
նախապատրաստութեամբ:
Ազգին
պետին
կը
դիմեն
ազգին
կարօտեալները:
Դուրեան
Սրբազեան
կը
տառապէր
գողցուելիք
ժամանակին
ի
հաշիւ։
Թորգոմ
Սրբազան
աս
ու
ան
մտաւորականը
տպաւորելու
հոգին
մէջ
որոշ
անձուկ
մը
կը
պարզէր։
Գարեգին
Կաթողիկոս
բաղկատարած
կը
դիմաւորէ
այցելուն,
կանխաւ
համոզուած
ըլլալով
որ
մարդիկ
իրեն
կը
մօտենան,
իր
սեպհական
աշխարհին
համար:
Այսպէս,
երբ
նախապաշարուած
էիք
քննճող
–
ազօթեմին
այդ
թմբիրը
կը
հեղինակէ
եօթանասունին
դռներէն
–
մարդու
մը
պատկերէն,
յանկարծ
կ՚ողողուիք
քաղցր,
դառն
ոգեւորութեամբ
մը:
Գարեգին
Յովսէփեան
հազիւ
պիտի
յիշէ
թէ
Հայաստանեայց
Եկեղեցիին
նուիրապետական
գերագոյն
աթոռներէն
մէկուն
գահակալն
է
այդ
պահուն,
այլ
վարդապետը,
ուսուցիչը,
գործիչը
պիտի
պարտադրեն
իր
անձին
այդ
րոպէին՝
իրենց
վաղաւոր
կնիքը։
Ձեզ
ընդունողը
կաթողիկոսը
չէ:
Հարցո՛ւմ
մը,
անո՛ւն
մը,
թիւ
մը,
թուական
մը,
որոնք
աչքով
կը
լսուին։
Կատարուած
է
կախարդական
décharge-ը։
Արձակուածը
Գարեգին
Յովսէփեանին
վաթսուն
տարիներն
են,
բոլորովին
թարմ,
իրաւ,
երբ
մէկիկ
մէկիկ
լեցուեցան
կեանքին
գետովը
ու
անցան
անոր
հոգիին
գլանին
(rouleau):
Արձակուածը
այդ
տարիներէն
տիրական
յոյզերն
են
որոնք
յիշատակի
հանդարտութեան
իսկ
չեն
արժանացած
ու
կը
տպաւորեն
որպէս
թէ
երէկ
ըլլային
իրենց
զիրենք
նետած
անոր
զգայնութեան
էջերուն:
Այդ
ընտանութիւնը,
կեանքի
անմիջականութիւնը,
ներկայէն
հեռաւորութիւնը,
մանաւանդ
անցեալ
ըլլալու
անատակութիւնը
պատճառներ
որպէսզի
չմտածէք
ութսունամեակին,
կաթողիկոսին,
ծանր
պատասխանատուութեանց
տրտում
ճնշումին
երբ
կը
միջամտէք,
ձեր
պզտիկ
հետաքրքրութիւններովը
այնքան
սեղմ
այդ
տեւողութենէն
ներս
անոր
պաշտօնական
զբաղմունքներուն:
Ան,
ինքը՝
հեղինակը
սա
փոփոխման:
Քակուած
է
rouleau-ն։
Բառերու
հեղեղն
է:
Բայց
ի՜նչ
տառապագին
հեղեղ
է
ասիկա,
տաք,
իր
պղտորութեանը
հակառակ
իր
գնացքին
մէջ
ապահով
ու
յստակ։
Ու
այդ
հեղեղը
կազմուած
է
բառեր,
որոնք
մեր
մշակոյթին
սրտագին
գովքը
կը
թանձրացնեն,
ու
չեն
նմանիր
1900ի
մարդոց
ազգային
պատմութեամբ
ընդելոյզ
տարփողին,
երբ
մեր
պատանութեան
համար
կը
շինէինք
մեր
երազներուն
բեհեզը,
այդ
պատմութեան
ամէնէն
սրտառուչ
դրուագները
վարշամակելու
եւ
մեր
հոգիին
տունը
յանձնելու…։
Գ.
Յովսէփեան
քիչ
ծանօթ,
հազիւ
լսուած
անունդներ
կը
գործածէ
նոյն
փառասիրանքը
հարթեցնելու
համար
մեզմէ
ներս։
Այդ
անունները
մեր
քաջայաղթ
զօրավարներէն
կամ
սրբազնասուրբ
Հայրապետներէն
չեն
զատուած։
Տակաւին։
Անոր
անունները
պատմական
դերերով,
ռազմաճակատներու
վրայ
դափնեպսակ
յոյզերով
ալ
չեն
մատուցուիր:
Թէեւ
կուգան
անոնք
մեր
պատմութեան
օրային
մէջէն,
բայց
չեն
կրկներ
մեզածանօթ
առաքինութիւններ,
պսակ
ու
արիութիւն:
Անոնք
գիրի,
հսկարի,
տաճարի,
յիշատակարաններու,
վանքերու
քիչ
լսուած
անուններով
լուսապսակ`
կը
գործեն
հայ
մշակոյթին
օրէնքներուն
հպատակ։
Ու
մշակոյթը,
դարձեալ,
չափազանցութեան
տարուած
պատկեր
մը
չէ
իր
բերանէն:
Կը
զգաս
որ
Հայաստանեայց
Եկեղեցւոյ
դարաւոր
աւիշը,
այս
մարդուն
մէջէն,
կեանքի
կերպարանքներ
կը
հագնի
մեր
պատմիչներէն
տարբեր
ձեւերով:
Այս
գործողութիւնը,
որով
շուքերը
կը
գունաւորուին,
կեանքին
շապիկները
հագնելու,
գործողութիւնն
է
անցեալը
կեանքի
փոխակերպելու,
թէկուզ
ճիղճ,
ոչ
շքեղ,
բայց
ի
վերջոյ
պաշտպանուած
գերագոյն
բարիքով
մը,
կեանքին
բարիքովը:
Տասը
էջ
դիւցազներգութիւն,
ամէնէն
շքեղ
բառերով
գործադրուած,
թերեւս
պիտի
գային
անբաւական
մեր
զօրավարները
կեանքի
թափելու,
երբ
ի
փորձառութենէ
գիտենք
որ
զրահապատ
ասպետ
մը,
քարի
մը
երեսին
իր
ձին
վազեցնելու
ատենը
սառած,
այնքան
դիւրաւ
մեզ
կ՚ընէ
վերահասու
կեանքին
հրաշքին։
Անցեալը
իբրեւ
կեանք
տեսնելու
սա
սրբազան
առաջադրութիւնը,
զոր
ընդզգացած
էի
արեւելահայ
բանասիրութեան
բոլոր,
իրաւ,
մեծ
գործերուն
մէջ,
ու
զայն
գործադրելու
կամքը՝
հսկայ
տարբերութիւն
մը
ինչպէս,
կը
տեղադրուին
իմ
ներսը,
երբ
կը
մօտենամ
արեւմտահայ
բանասիրական
մեծ
վարպետներուն
մեթոտներուն:
Այս
դպրոցին
ամէն
իրաւ,
թափանցուն
ու
իմաստուն
դէմքերէն
մէկն
էր
Եղիշէ
Պատրիարք
Դուրեանը
որուն
կէս
դար
առաջ
հետեւեր
էի
դասերուն։
Կը
խօսէր
հանդարտ,
կը
գծէր
մեղմ,
կը
վախնար
տքնալէն
ու
անցեալը
վերբերելու
արարքը
կը
փաթթէր
թեթեւ
սրամտութեան
մը
դալկութիւններով:
Կը
զգայի
որ
չէր
հաւատար
ի
պաշտօնէ
իր
պաշտպանած
փառքերուն
ու
ատիկա
տառապանք
էր
իմ
պատանութիւնը
սարսող:
Կուտայի
իրաւունք՝
իրեն,
իր
Հայկին
տժգունութիւնը,
քիչը,
տարտամը
երբ
կը
պայծառացնէր,
բայց
չէի
ներեր
որ
կործանուած
հսկային
ցաւը
չգնէր
ուրիշ
սփոփանքներով։
Մէնակ
մեր
հսկաները
չէին
այդ
աղօտացման
ճակատագիրը
կրկնողները։
Ու
իմ
գեղջուկ
ապահովութեան
դէմ
իր
սփինքսեան
ժպի՜տը
զոր
իմ
հասուն
տարիները
միայն
հասկցան
ու
ներեցին:
Արմաշէն
իմ
հեռանալուն
մէջ
պզտիկ
չէր
բաժինը
սա
հիասթափումին:
Հիմա,
ալիքով
ծանրաբեռն,
չեմ
դատապարտեր
իմ
մեծ
ուսուgչին
սա
հանդարտ
սկեպտութիւնը,
երբ
կը
կենամ
ութսունամենի
բանուորի
մը
երիտասարդական
խանդին
դիմաց:
Գ.
Յովսէփեան
չեմ
գիտեր
թէ
ի՛նչպէս
կ՚արժեւորէ
հայոց
պատմութեան
արշալոյսը։
Բայց
Գ.
Յովսէփեան
մարդ
է
որեւէ
կասկածէ
զերծ,
երբ
կը
խօսի
այն
բոլոր
հարցերուն
մասին
որոնք
ինկած
են
իր
քննութեան:
Այս
ապահովութիւնը
գինն
է
իր
գիտական
–
ի՜նչ
հպարտութեամբ
կը
գործածէ
սա
պիտակը,
իր
աշխատանքի
եղանակը
որոշելու
համար
գրքունակ
մեթոտէ,
–
պատրաստութեան,
ներելի
բոլոր
միջոցները
իր
տրամադրութեան
տակ
ունենալու:
Աւելի՛ն:
Երբ
Դուրեան
Սրբազան
գոյութիւն
առած
բայց
հսկայական
համեմատութիւններու
իր
հասնելովը
ինքզինքը
վտանգած
փառք
մը
մեղմելու,
պարկեշտացնելու,
պարզելու
լուռ
փափաքով
մը
կը
տառապէր,
յանգելու
համար
պատրանաթափ
խաղաղութեան
մը,
Գարեգին
Յովսէփեան
կը
փորձէ
հասնիլ
խանդավառութեան
բարձր
չափերու,
իր
գտած
փշրանքը
աճեցնելով,
խորանարդելով,
անոր
ներսը
կարելի
կեանքին
կտորիկը
փոխակերպելով
մշակութային
բարձրորակ
վկայութեան
մը:
Մարդերու
յօրինում
մը
լաւ
կ՚ընէ
բաղդատութեան
դիմելու
համար
զգոյշ
մնալէ:
Գրագէտի
եղանակ,
զուգակշիւը
յաճախ
կը
սխալի
չնմանելով
գիտունի
եղանակին
որ
գտածը
արժեւորելուն
մէջ
միայն
գիտէ
տառապիլ:
Դժուար
կը
կարդանք
Խաղբակեանքը,
գիտնական
մեթոտին
առարկելի
գլուխ–գործոցը։
Չեմ
օգտագործեր
Գ.
Յովսէփեանի
խոստովանութիւնը
որով
անիկա
գիտութեան
ծառայելու
առաջադրութեամբ,
կը
յայտարարէր
չկարդացուիլը
աչք
առած
ըլլալ
։
Ընթերցողը
բերելու
համար
աւելի
հաշտ
զգացումներու,
կը
մեծցնեմ
փաստը
Խաղբակեանքի
նորութեան,
քանի
որ
հեղինակը
գրեթէ
ոչինչէն
է
ստեղծած
այդ
փառաւոր
գործը:
Ու
նորութեան
արժէքը
իր
դժբախտութեամբ
է
պայմանաւոր:
Նոր
հեղինակները
հանդուրժելի
կ՚ըլլան,
երբ
ժամանակը
միջամտէ
մեղմելու
համար
առանց
գործին
սրութիւնները:
Բայց,
նոյնքան
դժուարութեամը,
չկամութեամբ
կը
կարդանք
Դուրեան
Պատրիարքի
Ազգային
Պատմութիւնը,
ոչ
անշուշտ
միայն
անոր
համար
որ
դպրոցական
կարիքներու
կարկինով
ձեւակերպուած
է
գործը,
այլ
թերեւս
աւելի
այն
պատճառէն,
որ
Դուրեան
Սրբազան
ուզած
է
ճիշդ,
չըսելու
համար
քիչ,
այսինքն
գրքունակ
տեսնել
իր
նիւթը:
Հայոց
պատմութիւնը
որքան
դասական
կաղապարներ
էր
գործածեր
մինչեւ
1900:
Արդ
ճիշդ
այդ
1900ին,
դիւանը,
անցեալը
կարդալու
նոր
եղանակներ
եկան
մեզի
ըսելու
որ
ինչ
որ
Բագրատունիք
քիչ
մը
նսեմ
անուանակոչութեան
ետեւ
մենք
մինչեւ
այդ
թուականը
յաւակնած
էինք
տեսած,
գտած
ըլլալ,
շուքն
իսկ
չէր
այդ
բառին
ընդգրկած
մթին
գեղեցկութեան
եւ
եղերական
մեծութեան։
Չամչեանին
կաղապարնե՜րը։
Ազգերը
պիտակաւորել
ճակատամարտներու
–
դաշտերուն
բախտովը,
արգասիք
է
հազարաւոր
տարիներու
վարժութեան
ու
այսօր
ինկած
կշիռէ:
Փոխուածը
այնքան
իրաւ
է
ու
խորունկ
որ
ամերիկեան
համալսարաններու
հաստ,
հաստատ
արշաւախումբը,
աւերակները
գրոհելու,
դարձած
է
տիրական
տակտիկա,
գործածելու
համար
պատերազմական
գործողութեանց
տարազ
մը։
Հետեւանքը՝
գիւտն
էր
հսկայական
քաղաքակրթութեանց:
Մեր
երկիրը
նման
մեթոտէ
մը
որքան
ունէր
շահելիք:
Փորձը
գործադրուեցաւ
երկու
գրոհներով։
Իմ
նիւթէն
դուրս
է
Նախահայաստանը,
իր
կարգին
խանդավառիչ
արշաւանք
մը։
Իմ
նիւթին
մօտ,
մեր
միջնադարը,
զոր
ռուս,
գերման
դպրոցները
ենթարկեցին
արդիական
քննութեան։
Արդիւնքը
ա՛ն
որ
մենք
կը
ճանչնանք
յստակ
ըսուելու
չափ
պայծառ
contours–ներով
Բագրատունիները,
որոնց
աշխարհը
կ՚իյնար
ռուսական
հետազօտութեանց
ծիրէն
ներս:
Արդիւնքը
ա՛ն
որ
Ռուբինեանները
կ՚անձնական
քիչ
քիչ,
թէեւ
ոչ
առաջիններուն
համեմատութեամբը,
թուրքերու
ներկայութենէն
նեղուած
ու
իրենց
խորհուրդը
հողերուն
ծոցին
թաղուած
պահելով:
Արդիւնքը
ան
որ
բրուտի
մը
ձեռքէն
սափոր
մը
ու
մեծ
նախարարի
մը
զինուորական
տաղանդէն
յայտարար
յաղթական
ճակատամարտ
մը
իրար
չեն
արժեր
անշուշտ,
այսօր
մեր
նկատառման
մէջ,
բայց
կը
պատկանին
նույն
սեռէ
իրողութիւններու,
իրարու
առաջնորդող,
իրար
ամբողջացնող:
Տակաւին։
Հիմա
մագաղաթի
վրայ
յաղթանակներու
պատճէնները
–
ներեցէք
մատենագրական
սա
բառին
–
մեզ
նուազ
կը
խանդավառեն
քան
աւերաստանի
մը
ընդերքէն
առարկայի
բեկոր
մը,
քարի
ականջ
մը:
Գ.
Յովսէփեան,
սա
արժեւորման
մէջ
կը
համաձուլէ
իր
մեթոտէն
գերմանական
եւ
ռուսական
եղանակները։
Խօսեցայ
թէ
որքան
շատ
ուզած
էր
իր
մարմինէն,
հայրենիքին
կենդանի
երակները
հասկանալու,
նկարելու,
կորուստէ
փրկելու
արարքները
մատչելի
պահելու
ատեն
իր
ուժերուն:
Ալ
այսքան
կիրքով
գործադրուած
աշխատանքէ
մը
մնացածը,
իր
ժողովուրդին
ուրիշ,
այս
անգամ
եղերօրէն
հզօր
պահանջները
դիմաւորելու,
–
կենսագրական
հետաքրքրութիւն
մը
չէ
դժբախտաբար
որպէսզի
արտօնէի
ինքզինքս
անցնելու
գործին:
Գ.
Յովսէփեանին
ուսուցչական,
տեսչական,
նուիրակային
առաքելութիւնները
իրենց
կարգին
երբ
իյնան
լայն
քննութեան,
երեւան
պիտի
գայ
մտաւորականին
համար
հանրային
մարդը:
Անիկա
իր
ժողովուրդին
տռաման
չափած
է
անշուշտ
երբ
կ՚երթար
ոտքը
իյնալու
թուրք
յաղթական
զօրավարին։
Ասիկա
ապրած
է
հայ
ալ
տռաման,
երկու
երկիրը
վերաշինելու
արարքին
ոչ
միայն
բաժնեկից,
այլեւ
խորունկ
բեկումովը
առանձնութեան,
լքումին։
Անոր
սքանչելի
հարստութիւնը
հոգեղէն
տարրէ՝
զինքը
ազատած
է
սակայն
անգործութեան
ժանգէն։
Խորհրդային
Հայաստանի
իր
սպասը
գիտական
իր
պաշարին
օգտագործումովը
չէ
պայմանաւոր։
Գրեցի
թէ
գիտական
Ինստիտուտի
անդամ
էր:
Բայց
նոր
կը
գրեմ՝
որ
Խաղբակեանք
աշխատասիրութեան
անդրանիկ
հատորը
տպուած
է
Վաղարշապատ,
Խորհրդային
Հայաստանի
մամուլով:
Ու
անոր
Ամերիկան
որ
իր
կարգին
խորունկ
ողբերգութիւն
մը
ինչպէս
սկսած,
տակաւ
պիտի
մեղմանայ
իր
ազդեցութեան
թափանցումովը
իրարու
դէմ
ճակատած
զանգուածներուն,
երբ
պիտի
յաջողի
բախումները
առանձնացնել
ու
վիշտէն
ուղեկորոյս
եղբայրները
պահել
զգաստութեան
hունին:
Իր
վրիպանքը`
հերձուածը
ընդմիշտ
դառնալու,
թերեւս
պայմանաւոր
էր
գերազանց
ազդակներու
ճակատագրականութեամբը:
Չմիացան
պառակտուած
եղբայրները,
բայց
իրարու
հանդէպ
մահացու
իրենց
ատելութեանց
սկզբնական
ու
ափն
ալ
չաճեցուցին։
Երբեմն
չարիքին
կասումը
հոմանիշ
է
բարիքին։
Իր
Հայրապետութիւնը
«
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ
»
նուիրական
Աթոռիս...
տարիքի
մը
ուր
մենք
աթոռները
կը
վերածենք
ննջջարաններու,
մրափաստանի,
իր
կարգին
պայծառ
գրաւական`
Գ.
Յովսէփեանի
անսպառ
կենսամթերքէն,
սակաւ
կը
գտնէ
իր
իմաստին
լիութիւնը։
Անթիլիասը,
այսօր,
սփիւռքի
հոգիէն
ներս
խորհրդանշանական
գեղեցկութիւն
է:
Ու
կը
հաւատամ
թէ
իր
կիրքը,
թափը,
յամառութիւնը
հետզհետէ
պիտի
կազմակերպուին
որպէսզի
իր
աւարտին
հասցնէ
իր
ԳՈՐԾԸ
որ
իր
կարգին,
աւելի
յորդ,
աւելի
բազմերես,
կեանքն
իսկ
ընդհանող
կիրքով
մը,
էլի
կը
շարունակէ
վառ
պահել
անոր
ոչ
միայն
միտքի
բջիջներուն,
այլեւ
մարմնի
յօդուածներուն,
գործարաններուն
ահաւոր
իր
ձգողութիւնը,
արգիլելու
համար
ասոնց
տարիքին,
աշխատանքէն
անխուսափելի
սպառանքը։
Եթէ
մարդկային
մարմինը
կը
բխի
ամէն
րոպէ,
oրէնք
մը
կայ
այդ
բուխքը
իր
ճակատագրական
կէտին
վրայ
հարուածող:
Ու
բոլոր
օրէնքներ
կ՚արժեն
իրենց
բացառումներովը:
Ունինք
օրինակներ
աշխատաւորներէ,
որոնց
մարմինը
զիրենք
կը
վառէ,
կը
սպառէ,
իր
հաշւոյն
գործածելով
հոգիին
զօրութիւնները։
Խորհեցէք
վաղամեռ
արուեստագէտներուն:
Միւս
կողմէն
նոյնքան
իրաւ
են
այն
մարդերն
ալ
որոնք
կը
պաշտպանուին
իրենց
հոգիէն,
իրենց
մարմնեղէին
մատնութիւնը
հակակշռող
տարրեր
ճարելով
նոյնիսկ
մատնութիւնը
կերպարանող
հիւանդութիւններէն:
Կ՚ըսեն
թէ
մահը,
այս
կիրքէն
խանդաղատած,
երբեմն
կը
զիջի
իր
որսը,
իր
գործին
աւարտը
մինչեւ:
Մարսել
Բրուստ
մէկն
էր
այս
բախտաւորեալներէն:
Մահը
սպասցուց,
քանի
մը
տարի,
մինչեւ
որ
լրացուց
իր
կոթողական
ձեռնարկը։
*
*
*
Գո՛րծը։
–
Գ.
Յովսէփեան
ութսունամեայ
պսակաւորին,
այս
անգամ
ինքը
իր
ճակատագրովը,
այս
ինքն
հայ
եկեղեցական
բանուորի
առօրեայ
կարիքներէն,
հայ
հովուապետի
սրտաճմլիկ
պարտքերէն
վեր
ու
դուրս։
Կայ
անիկա,
նոյնքան
շքեղ
որքան
եղեր
էր
մարդը:
Գրականութեան
պատմիչները
կ՚ախորժին
երբեմն
հակադրելու,
երբեմն
համադրելու
մարդու
մը
կեանքը,
գործը,
գրական
էֆէկտ
ներու
հետամուտ:
Եղանակը,
որքան
ալ
հաճելի,
նոյնիսկ
հրահանգիչ,
Գ.
Յովսէփեանի
համար
պիտի
չունենար
համոզիչ
եզրակացութիւններ։
Ի
վերջոյ
բան
մը
միայն
ստոյգ
է,
ատ
ալ
–
Գարեգին
Յովսէփեանի
հիմնական
մտահոգութիւնը,
սարկաւագութենէն
մինչեւ
Կաթողիկոսութիւն։
Այդ
մտահոգութիւնը
կերպարանքն
է
առած
հայ
մշակոյթին
պատմութեան
որ
կրօնական
տարազ
մը
չէ
ապահովաբար,
այդ
մարդուն
հոգետունին։
Իր
յօդուածները,
որոնք
խմբուեցան
այս
տարի
Դեպի
Լոյս
եւ
Կեանք
անունին
տակ,
կը
պատկանին
պարտականութեան
զգացումի
մը
ու
չեն
բաւեր
անոր
գործին
զանգուածէն
ներս
թելադրել
նույնիսկ
բարոյախօսական
երակ
մը:
Գարեգին
Յովսէփեան
աշխատեցաւ,
բառ
մը
որ
բանալի
մըն
է։
Բայց
եթէ
այս
մարդուն
կեանքը
հոսեցաւ
քանի
մը
լայն
ակօսներով,
տպաւորիչ
Միութեան
զգացում
մը
թելադրելով
–
միշտ
եկեղեցական
է
այդ
զգացումի
յօրինողը,
որ
այդ
ակօսներուն
միացման
կէտը
կը
գումարէ
իր
ժողովուրդին
uպաuին
վրայ
–
այս
մարդուն
գործը
կը
ցնցէ
պարզեցման
նման
մեթոտ
ու
միջոց:
Կ՚ընդունիմ
որ
Ալիշանին
նման
քերթուածաշարք
չըլլայ
ձգած:
Բայց
կը
տառապիմ
իրարու
հաշտ
ընծայելու
Գրչութիւնն
ու
Խաղբակեանքը,
գործեր
ասոնք
որոնք
կը
մեկնին
գրեթէ
հակամարտ
հոգեդրութիւններէ։
Իր
սկզբնական
յղացման
մէջ
Գրչութիւնը
դասագիրք
մըն
է,
մի
մոռնաք:
Խաղբակեանքը
՝
հայ
արուեստին
եւ
մշակոյթին
համար
նախանիւթ։
–
Ներկայ
փորձի
մուտքին,
այդ
գործը
պիտակող
առանձնացուցիչներ,
վերադիրներ
գործածեցի։
Թերեւս
ընթերցողը
նկատեց
որ,
անոնք,
իրենց
կարգին
քիչ
մը
շատ
կը
բացուէին
իրարմէ,
նոյնիսկ
իրար
մոռցնելու
վտանգով։
Բանահաք
մը
եւ
մշակոյթի
պատմիչ
մը,
առանց
դժուարութեան,
նեղութեան,
քով
քովի
չեն
ապրիր:
Բայց
ահա
ուրիշ
անուն:
Գարեգին
Յովսէփեանի
կաղապարէն,
միտքի
ինչպէս
մարմինի
ցուցմունքներուն
տակ,
աշխատաւոր
մըն
էր
Ալիշան։
Գրականութեան
պատմիչը
կը
նեղուի
անշուշտ,
բայց
չի
տառապիր
երբ
պատուական
աբբային
խառնակ
վաստակը
հրաւիրուի
ըստ
պատշաճի
դասաւորելու։
Ալիշան
երիտասարդական,
գրական
մեղքերու
–
եթէ
բառը
կը
հանդուրժէք
–
իր
տուրքը
լայնօրէն
վճարելէ
վերջ
(իր
քերթուածները,
բանաստեղծական
արձակները,
գրաբար
ու
աշխարհաբար,
բարոյական
իր
խորհրդածութիւնները,
որոշ
ալ
վիպային
ժամավաճառութիւնները,
Հովիւք
Մասեաց
ը,
նմոյշ
մը
յիշելու
համար),
երբ
կը
դառնայ
իր
հարազատ
կաղապարին,
այսինքն՝
հաւաքիչին,
քննողին,
պատմողին,
սա
զանազանութեան
մէջն
իսկ
կ՚իրագործէ
միութիւնը
իր
տաղանդին։
Յուշիկները
պատմում
են
ու
կը
պատկանին
հայոց
գրականութեան։
Գ.
Յովսէփեանին
գրիչէն
մեզի
հասածը
դժուա՛ր՝
որոշ
տեսակաւորման
մը
տակ
զետեղելու:
Այս
վրիպանքը
ծնունդը
չէ
միայն
իմ
անբաւարարութեան:
Կրնամ
արդարացումը
փորձել
այդ
արդիւնքին
իրարու
գրեթէ
հակադիր
–
երբեմն
–
կերպարանքը
խոշորցնելով։
Ի
վերջոյ
գրականութեան
պատմիչ
մը
պարտքին
տակը
չէ
զուտ
գիտական
կրթանք
մը
համարուող
մանրանկարչ
ական
հարցերու
շուրջ
տիրական
հմտութեան
մը:
Քանի
մը
կեանք
անբաւական
կուգան
մեր
ձեռագիրները
միայն
ըստ
արժանաոյն
տեսնելու,
վայելելու,
արժեւորելու։
Պարզ
են
իմ
խօսքերը:
Միւս
կողմէն,
Գ.
Յովսէփեան
հայոց
«բանաւոր
անդաստանէն»
ներս
իր
մուտքը
ըրած
է
հասկաքաղի
մը
համեստուկ
մախաղով,
յիսունէ
աւելի
տարիներ
առաջ։
1918ին
կամ
1950ին
անիկա
հանդերձուած
է
Հայ
Մանրանկարչութեան
Ընդարձակ
Քարտեզը,
կէս
դարու
վրայ
երկարող
սրբագրումներէ,
յաւելումներէ,
լրացումներէ
վերջ,
մամուլին
յանձնելու:
1892ին
կը
բացուի
տպագիր
վաստակին
շարքը
Սասմայ
Ծռերով,
Սրուանձտեանցով
սեւեռուած
ու
այնքան
մեծ
բախտի
մը
հասած
այդ
ժողովրդական
վէպին
երկու
փոփոխակով,
Մոկաց
եւ
Ապարանի
բարբառներով։
Մի՛
աճապարէք:
Սասմա
Ծռերը,
այսօր
այնքան
ծանր
համբաւի
տակ,
վաթսուն
տարի
առաջ,
Սարկաւագ
Գ.
Յովսէփեանի
հոգիին
վրայ
ունէր
նոյն
հմայքը,
նոյն
կսկծագին
խորհուրդն
ու
գեղեցկութիւնը
որքան
այս
բառերը
իրաւ
են
այսօր,
երբ
գործածուին
Գարեգին
կաթողիկոսին
հոգեվիճակը
պատկերելու,
երբ
կը
պատրաստուի
իր
կեանքին
տիրական
կիրքը
կազմող,
իր
Քարտեզ
Հայ
Մանրանկարչութիւնը
հրատարակելու:
Փոխարինեցէ
ք
այս
հատորներու
շարքը
այն
միւսով
որ
անուն
ունի
Յիշատակարաններ
Հայ
Ձեռագրաց.
աս
ալ
անտիպ
մթերք
մը,
քանի
մը
հազար
էջերու
վրայ
կամար
արձակող:
Ու
հսկայական
այս
զոյգ
աշխատասիրութիւնները
ոչ
հայկազեան
ոտքով
քերթուածաշարք
են,
ոչ
ալ
ճապաղեալ
պատմութիւն
հայոց,
ոսկեպաճոյճ
ոճով
մը
գրուած...:
Ու
կուգամ
հիմնականին,
–
թէ՛
Քարտեզը,
թէ
Յիշատակարանները
հաւաքչական
հոգեբանութեամբ
հասկնալի,
կը
զատուին
անկէ
զիրենք
թելադրող
ոգիին
իսկ
վկայութեամբը:
Գարեգին
Յովսէփեան
վաթսունէ
աւելի
տարիներ
է
յատկացուցած
այդ
աշխատանքին,
անշուշտ
հպատակելով
իր
հոգիին
հզօրագոյն
ձայնին,
այս
անգամ
մեր
բոլորին
մէջ
տիրական,
անվերածելի,
մեր
օրերը,
անունը,
յիշատակը,
պատմութեան
մէջ
մեր
տեղը
վճռող։
Անոր
հոգիին
գերագոյն
ձա՞յնը։
–
Պատմութիւն
հայ
մշակոյթին
։
Անշուշտ
բարի
կ՚ըլլաք
պատմութիւնն
ու
մշակոյթը
առանձին
առանձին
արժեւորելու
ձեր
մտքին
մէջ։
Ու
այդ
մշակոյթէն
փշրանքներ
են
գիրի
ինկած
կամ
ժողովուրդին
ձայնին
մէջ
թրթռացող
բոլոր
–
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ,
այսինքն
Գ.
Յովսէփեանին
ոչ
միայն
պաշտօնական
քարոզներուն,
հանգամանաւոր
գրուածներուն,
այլեւ
առտնին,
առօրեայ
խօսակցութեան
մէջ
ամէնէն
աւելի
յաճախած
բառը:
Ու
լրացուցիչ
մանրամասնութիւն.
–
Այդ
տարազին
տակ
Գ.
Յովսէփեան
խտացուցած
է
իր
կեանքին
գերագոյն
իմաստը,
իր
ամբողջական
կիրքը,
գաղիացիներուն
passion–ը:
Իր
սերունդին
մեծ
ցանկութիւններուն
մէջ,
սա
պաշտամունքը
հայ
ստեղծագործութեան,
իբր
միստիք
առնուազն
հաւասար
կուգայ
այն
ծանր
առաջադրութեանց
որոնք
1880ի
մարդերը
նետեցին
գործօնութեան
դաշտերը,
հայութեան
երկու
մեծ
հատուածներէն
ներս:
Անո՛նք
որ
հայրենիքին
ազատագրութեան
երազը
դրօշաբարձ՝
քալեցին
պարտքի
ճամբով։
Ու
անո՛նք
որ
հայրենիքին
գիւտը
–
իր
արուեստին
ու
հոգեդրութեան
խորագոյն
իրականութեանցը
ետին
–
իրագործելու
համար
ինկան
աշխատանքի։
Գ.
Յովսէփեան,
վերջիններէն,
որդեգրեց
փառասիրութիւն
մը,
ընդարձակ
հմտութեան
մը,
հայ
արուեստին
ձեւական
form
բոլոր
կերպարանքներին,
–
համարում
մը
որ
ընդրկէր
խոնարհագոյն
ձեւերը
մանաւանդ,
–
գիրը,
իր
շրջափոխութիւններով
այնքան
պերճ
խօսող
մեր
հոգիին
յարբերանքներէն,
–
գիծը
որ
գիրին
ընդարձակումն
է,
արձակումը,
ըսելու
համար
աւելի
ծանր,
ընդարձակ,
երկարող
ապրումներ,
–
գոյնը
որ
արիւնն
էր
մեր
մ
իտքին,
ցանցերը
լեցնող,
–
մագաղաթը,
կերպասները,
մետաղները,
իրենց
վրայ
ընդունած
իմաստին
կնիքներովը:
Բոլորը,
աւելի
բարձր
համադրումի
մը
մէջ
–
պատմութիւնը
հայոց
մշակոյթին
։
*
*
*
Վերը
ունինք
երկու
թուական,
1892
եւ
1948–50,
թէեւ
1889ին
Սարկաւագ
Գարեգինը
Էջմիածնայ
պաշտօնաթերթին
մէջ
ընդունելի
կրցած
է
ընել
իր
ստորագրութիւնը:
Տարածքը,
սա
զոյգ
թուականներուն
ընդմէջ,
անոր
հոգեւորականի
բազմազան
զբաղումները
պիտի
բաւէին
փառքով
եւ
օգուտով
լեցնելու:
Ընթերցողը
կ՚ուզեմ
որ
այս
անգամ
այդ
բացը
ծածկէ
գրական
վաստակին
արդիւնքներովը,
ու
ատիկա
ըրած
ատեն
մտածէ
արդիւնքին
ծաւալին,
լայնօրէն
գիտական
նկարագրով
մը:
Ընթերցողը
կը
յիշէ
թէ
զինքը
հետաքրքրել
փորձած
եմ
հարազատ
բանասէրը
չարչրկող
տագնապներով։
Գ.
Յովսէփեանի
աշխարհը,
շեշտ
մասնաւորման
մը
մէջ,
կը
պարզէ
ժամանակը
անխնայ
ուտող
ախորժանք
մը։
Հազարէ
աւելի
տարիներու
վրայ
երկարող
գիրերու
լաբիւրընթոս
մըն
է
յաճախ
մեր
ձեռագիր
անուանածը։
Երկու
հազար
տարիներու
մօտեցող
աւերակներու
աւերածն
է
մեր
հնագիտական
որակած
նախանիւթը:
Ու
իրարմէ
մեծ
տարբերութիւններ
միայն
նկարագիր
ունեցող
նկարներէ
կը
գոյանայ
մանրանկարչական
ամէն
քարտէզ։
Երբեմն
բառ
մը
ճիշդ
կարդալու
արարքը
կառավարական
թղթածրարներու
կարեւորութեամբ
թղթեղէն
կը
սպառէ։
Ու
գիտուն
բանասէրը
իր
գտածին
չափ
գտնել
չկրցածովը
կը
տառապի։
–
Երկու
թուականներու
բացուածքին
մէջ
տեղաւորեցէք
ուրեմն,
ա)
–
իր
տպեալները,
մեծն
ալ,
փոքրն
ալ,
որոնց
թիւը
30ը
կ՚անցնի։
բ)
–
իր
անտիպները,
որոնց
թիւէն,
ծաւալէն
խօսիլ
մը
տեսակ
մը
վախով
կը
համակէ
հարցապնդողէն
աւելի
հեղինակը:
Գ.
Յովսէփեան,
գիտուն
մը,
պիտի
վարանի
էջերով
խօսելէ,
քանի
որ
երբեմն
էջ
մը
նիւթ
անոր
արժած
է
ամիսներու
աշխատանք:
Կը
հասկնամ:
Գ.
Յովսէփեան,
մշակոյթի
պատմիչ
մը,
դարձեալ
չախորժիր
հատորներով
պատասխանելէ,
օրինակ՝
երբ
հարցը
դրուի
հատորներու
թիւին,
հայ
մանրանկարչութեան
կարելի
նիւթերէն։
Ու
ասիկա
ունի
մասնակի
ալ
նշանակութիւնը
երբ
գիտենք
որ
կէս
դարէ
աւելի
տեւողութեան
մը
վրայ,
անիկա
իր
մատներովը
մէկիկ
մէկիկ
կազմած
է
անոր
բաղադրիչ
տախտակները,
լուսանկարները,
պատմաբանութիւնը,
մեկնութիւնները,
շէնքը:
Իմաստը
սա
փաստին.
–
Ան՝
որ
գիտունը
կրկնապէս
կը
տառապի,
չնմանելով
գրողին:
Այս
վերջինը
կը
զգայ
բաարարութիւն,
երբ
իր
ընտրած
աշխատանքի
կալուածէն
յաջողած
է
առանձնացնել
համադրական
կերպարանք
մը:
Պակասները
կը
նմանին
շուքերու
որոնք
հեռուէն
չեն
զգալի։
Գիտունը
գերին
է
նիւթին,
ֆիշին
(fiche),
քանի
որ
հողերուն
ծածկածը
դուրս
է
մեր
նախահաշիւէն:
Տարիներ
կը
հաւաքենք,
կը
շինենք,
կը
հաւատանք
վերջնական
արդիւնքներու`
մեր
աշխատանքին
ու
ահա
նոր
աւերակէ
մը
բուսնող
թիւ
մը,
անուն
մը,
գիր
մը
կուգան
մեզի
ըսելու
իրենց
սառն
դատավճիռը
մեր
չարաչար
սխալանքէն,
կորանքէն։
Ի՞նչ
անհուն
գերեզմանոցներ
են
ձեռագիրներու
մատենադարանները
որոնց
պեղումը
մեր
մէջ
հազիւ
թէ
սկսած
է։
Գ.
Յովսէփեան
անունով
մեզի
հասած
ու
մեզի
խոստացուած
գործը
ներկայացնելու
արարք
մը
բացառիկ
կերպեր
կը
պարտադրէ
ինձի
պէս
քիչ
մը
ոչ-ուղղափառ
աշխատաւորի
մը:
Գիտութիւն,
բանասիրութիւն,
պատմութիւն,
արուեստ,
մշակոյթ
–
մինակ
վերացեալ
գոյականներ
չեն,
այլ
որեւէ
տրուած
շրջանէ
մը,
որեւէ
ժողովուրդի
մը
իրագործումները
պիտակող
ընդարձակ
թելադրանք:
Ձեռնհասութեան
տագնապ
մը
անխուսափելի:
Բայց
ո՛չ
աննուաճելի
է,
քանի
որ
ներկայ
փորձը
չի
յաւակնիր
ուղղափառական
ախորժակներ:
Ըսի՞
ձեզի
թէ
այս
տողերը
կը
բխին
աւելի
համեստ
փառասիրութենէ
մը,
մարդերու
հանդես
մը
գործադրելէ,
որոնք
գրադարաններուն
կամ
ամբոխներուն
կնիքը
չտառապէին,
ըլլային
իրաւ
մարդեր,
գործի
կրկէսին
վրայ
ու
ըլլային
նոր
մարդեր
միտքի
մարզերուն
վրայ։
Չէք
կրնար
Գ.
Յովսէփեանը
դուրս
առնել
այս
սահմանին
պարտադրանքէն:
Այս
հաստատումէն
յետոյ
իմ
որոշումը
–
շեղելու
գործ
մը
ներկայացնելու
ընկալեալ
եղանակէն
որ
գործի
մը
համադրումը
կը
կատարէ
օգտուելով
տպեալէն։
Այդ
կշիռը
–
կարծես
համադրութիւնը
յաւակնութիւն
պիտի
հոտէր
–
ես
կը
սկսիմ
անտիպով
։
Փակագիծ
մը.
–
իմ
տեղեկութիւններս
սա
անտիպին
տարողութեան,
մթերքին,
խորհուրդին
մասին,
կուգան
առաջին
աղբիւրէ,
Վեհափառ
հեղինակէն։
Ու
երկրորդ
փակագիծ
մը.
Գ.
Յովսէփեան
իր
գործին
վրայ
–
տպեալն
ու
անտիպը
մուտք
ունին
հոս
–
խօսիլը
կը
նկատէ
անարգասիք
ետ-դարձ,
չըսելու
համար
աւելորդ,
մասնձրացուցիչ
տեղ-քայլ։
Յամեցում,
առնուազն
դաժան
տարապարհակ
մը
զինքը
իր
ընելիքէն
հեռացնող
մը։
Սա՝
իր
ընդհանրութեանը
մէջ։
Կայ
տակաւին
այդ
խօսքէն
ուրիշ
ալ
մանրամասնութիւն։
Տպուածին
համար
իր
դժկամութիւնը,
զգուշաւոր
խուսափանքը
խորանարդուած
չափերով
կը
գնուին
անտիպին
վրայ
իր
բացառիկ
զեղումովը։
Իր
յորդութի՜ւնը
որ
վարակիչ,
ցաւագին,
սրառուչ
կը
դառնայ,
տեսակ
մը
վախով
ալ
ամպհովանուած,
երբ
իր
ձեռքերը
քաշելով
դէպի
կուրծքը,
կարծես
իր
գոյութեան,
կարելիութեան
բնական
սահմանին,
տարիքէն
ճարտարապեւտուած՝
սա
նահանջը
ապրելով
համեմատական
ուժգնութեամբ
մը
քիչ
առաջուան
խոյանքին.
–
պիտի
կարողանա՞մ,
կը
հարցնէ
իրեն,
ինչպէս
խօսակցին:
Ահա
տռամա
մը:
Այն
ատեն
աչքերը
կը
փայլին
աւելի
մութ.
մինչ
իր
մարմինը
կը
հագնի
խորհրդաւոր
կառոյցը
իր
պարզած
տեսութեան,
թելադրել
ձգած
աշխարհին,
ձեռքով,
ոտքով,
իրանով,
բառով,
ամբողջական
մասնակցութեամբը,
քիչ
քիչ
սպառած,
մինչեւ
որ
դառնայ
կատարեալ
մատնութիւնը
կոկորդին՝
–
մի
քիչ
ջուր
…
–
Պաղատանքի
մը
պէս։
Ո՜ր
կոկորդը
պիտի
դիմանար
ժամու
մը
վրայ
երկարող
սա
գրոհին,
զոր
կը
կատարէ
սա
մարդուն
հոգին
սա
ութսուն
տարեկան
մարմինին
վրայ։
Ուղիղ
տառապանք
մը
մտիկ
ընողին,
որքան
իրեն,
երբ
իր
միջոցներուն
անբաւականութիւնը
կշռած
է
այնքան
անգամներ,
բեմերէ,
հանդիսութիւններէ,
նուաղող
ձայնը
պաշտպանել
փորձելով
խաչով,
գաւազանով,
առնուազն
ձեռքերով։
Գիտնալու
էք
որ
անիկա
իր
ձայնը
կը
գործածէ
ուրիշ
օրկաններու
ալ
հաշւոյն։
Որ
միտքը,
իրար
հալածող
պատկերներուն,
գաղափարներուն
գրոհը
պարտաւոր
է
դիմաւորել,
իր
կարգին,
սրտի
նման
որ
տարիքով
բարդուած
արգելքները
յաղթահարելու
համար
ստիպված
է
աշխատելու
բարձր
ճնշումի
տակ:
Հոգիին
ու
նիւթին
սա
ճակատումը,
ըսի,
կ՚ազդէ
հանդիսականին
վրայ,
հարազատ
տռամայի
մը
նման,
մանաւանդ
երբ
կը
խորհիս
ուրիշներու
որոնք
իրենց
տարիքին
թարմութիւնը,
միջոցներուն
առատութիւնը,
խելքին
ու
պատրաստութեան
aisance–ը
կ՚օգտագործեն
գիրք
մը
անգամ
բանալ
մերժելու:
Որ
անտիպներուն
համար
զինքը
խօսեցնելու
սա
դառնութիւնը
թող
ներէ
ինծի:
Գ.
Յովսէփեան
տպագրութեան
համար
պատրաստ
ունի՝
Ա)
–
Ձեռագրաց
Յիշատակարաններ,
անհուն
մթերք՝
հայոց
անցեալէն
փրցուած։
Բ)
–
Քարտէզ
Հայ
Մանրանկարչութեան,
որ
կ՚ենթադրեմ
թէ
իր
անունը
դարերու
յարգանքին,
հիացմունքին
յանձնող
շքեղ
յիշատակարան
մըն
է,
իր
իսկ
գոյութեան
հիմնական
վկայութիւնը,
այս
ժողովուրդին
պատկանելու
իր
պարտքէն,
զայն
սիրելու
իր
կիրքէն
բարձրացած։
Գ)
–
Օրբելեանց
տունը
զոր
սեւագրած
է
ամբողջութեամբ
եւ
որմէ
ՏԱՐՍԱՅԻՃ
ՕՐԲԷԼԵԱՆ
եւ
Մինա
Խաթունի
սերունդը
մենագրութիւնը
առանձին
պրակով
Անթիլիասի
տպարանէն
լոյս
է
տեսած
1947ին
վերջերը:
Դ)
–
Ուրիշ
ալ
տուներ,
Վաչուտեանց,
Զաքարեանց:
Այս
վերջին
տունին
համար
Գ.
Յովսէփեան
ունի
իր
նկատողութիւնը։
«Զաքարեանց
տան
մասին
իբրեւ
ամբողջութիւն
այլեւս
չենք
կարող
գրել,
որովհետեւ
ձեռքի
տակ
չունեինք
մեր
հաւաքած
նիւթերի
ամբողջութիւնը,
բայց
նրանց
մասին
գրել
ենք
մասամբ
մեր
Խաղբակեանք
Ա
հատորին
մէջ,
պիտի
գրենք
Օրբէլեանց
եւ
Վաչուտեաններին
նուիրուած
հատորների
մէջ։
Օրբելեանքը
յոյս
ունիմ
1948ին
հրատարակուած
տեսնել»,
–
կը
գրէ
ինծի
անձնական
նամակի
մը
մէջ:
Ե)
–
Գրչութեան
Արուեստը,
որմէ
հատուածներ
լոյս
են
տեսած
Արտաւազդ
Սրբազանի
Տաթեւ
ին
եւ
Պայքար
ի
(Ամերիկա)
բացառիկին
մէջ,
բայց
որուն
ամբողջութիւնը
կարօտ
է
«մի
քանի
լրացումների»՝
իր
բառերով։
Ծանօթութիւն.
Վեհափառին
մասնաւոր
գուրգուրանքը
վայելող
սա
աշխատանքը
տեսակ
մը
խորհրդանշանական
տարողութիւն
ալ
ունի:
Երիտասարդութեան
օրերուն
Գարեգ
ին
Վարդապետ
այս
նիւթը
դասախօսած
է,
ուշագրաւ
ծրագիրով
մը
կազմելէ
վերջ
նիւթին
statut–ն,
ինչպէս
կըսեն:
Կուտամ
այդ
ծրագրին
հիմնական
գիծերը,
չմոռնալով
իջեցնել
որ
անիկա
գործադրուած
է
ժողովրդային
դասախօսութեանց
մէջ,
Ճեմարան
(1910),
աւելի
յետոյ
Խորհրդային
Հայաստանի
Համալսարանին
մէջ,
ուր
իրեն
տրամադրուած
էր
հայ
արուեստի
պատմութեան
աթոռը:
«ԳՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԸ
ՀԱՅՈ8
ՄԷՋ»
«Հնագրութեան
սահմանը
որպէս
գիտութիւն.
նորա
վիճակը
մեր
մէջ։
Հնագրութիւնը
կարեւոր
օժանդակ
հայ
քաղաքակրթութեան
եւ
ներքին
կեանքի
ուսումնասիրութեան:
Նիւթ.
Պապիրուսի
գործածութիւն
Հայոց
մէջ:
Մագաղաթ
եւ
նորա
պատրաստութեան
եղանակը.
դեղատոմս
մագաղաթի
պատրաստութեան.
Հայ
մագաղաթագործներ:
Ներմուծութիւն:
Մագաղաթի
տեսակները:
Թուղթ
՝
հնագոյն
գործածութիւնը
մեր
մէջ:
Նոր
կարծիքներ
հնագոյն
«թղթերի»
մասին։
Թղթի
կեդրոններ
եւ
տեսակներ.
կոկել
եւ
ոսլայել։
Գրիչների
գանգատ:
Թանաքի
եւ
գրչի
պատրաստութիւն։
Խրատներ
եւ
դեղատոմսեր
զանազան
թանաքների
պատրաստութեան
մասին։
Մանրանկարչական
թանաք
եւ
ոսկի:
Գրչի
տեսակներ
եւ
պահարան։
Գրիչ
կտրելու
եղանակներ:
Վրձին։
Գրելու
գործողութիւն.
Գրելու
ձեւը
(մանրանկարչական
պատկերներ):
Օրինակներ:
Ուղղել
կամ
սրբագրել.
գիտնական
կամ
համեմատական
բնագիր
կէտադրութիւն
եւ
առոգանութեան
նշաններ:
Գրիչների
յիշատակարաններ
թանգագին
տեղեկութիւններով:
Հումոր
ձեռագիրների
լուսանցքներում։
Ձեռագիրներ
գրելու
ժամանակի
տեւողութիւնը։
Գանգատ
դժուարութիւնների
մասին։
Մի
քանի
աշխատաւորներ:
Վարձատրութիւն:
Կազմ
եւ
պահպանութիւն.
Տետրակ.
կապել
եւ
կազմել:
Նշանաւոր
կազմարարներ
եւ
հնագոյն,
գեղարուեստական
կազմել։
Ձեռագրի
պահպանութեան
միջոցներ
եւ
խրատներ.
անէծք
եւ
օրհնութիւն:
«Գիրք
փակեալք
կուռք
են»։
Դասասաց
վարդապետերին
եւ
դպրոցներին
(դասատուն)
արգելք
չպէտք
է
դնել:
Մովսէս
Երզնկացու
կարծիքը։
Մատենադարաններ.
«Արկեղք
գրոց»:
Բագրատունեաց
արքայական
մատենադարան.
Տաթեւի
կամ
Սիւնեաց,
Տիգրան
Պահլաւունու
մատենադարան:
Ռուրինեաց
արքայական.
Վանական
մատենադարաններ
արեւելքում
եւ
արեւմուտքում։
Անհատական
մատենադարաններ
եւ
«գրասէրներ»։
Ստացողներ
եւ
հովանաւորողներ.
Ձեռագիր
գրելու
շարժառիթներ.
կրօնական
զգացմունք
եւ
բարեգործութիւն.
նուէրներ
վանքերին
կամ
անհատներին.
դպրոցական
նպատակ
եւ
անձնական
վայելք:
Արձանագրութիւնների
եւ
յիշատակարանների
մէջ
տեղեկութիւններ:
Նոր
պատուէր.
գնել
(գրքի
վաճառք)
եւ
գերութիւնից
ազատել։
Հայ
իշխանների
դերը
Թաթարաց
արշաւանքների
ժամանակ։
Վանական
վարդապետի
դէպքը
եւ
անթիւ
յիշատակութիւններ
յետագայում։
Հայ
գրչութեան
նշանաւոր
հովանաւորներ.
Եկեղեցական
կանոն.
Հռոմկլայի
հայրապետանոցը։
Կոստանդին
կաթուղիկոս.
Լամբրոնացիք:
Լեւոն
Գ.
գրասէր
եւ
իւր
թագուհին։
Արքայեղբայրները:
Հեթում
Բ.:
Գրչութեան
դպրոցներ.
Գրչութեան
ուսուցիչներ։
Վանգոյի
դպրոց
Կամսարականաց
եւ
Բագրատունեաց
շրջանում։
Տաթեւի
դպրոց
Ժ.
դարում
եւ
յետոյ:
Անի:
ԺԳ.
դարու
վերածնութիւն
եւ
արեւելեան
վանքեր:
Գրչութեան
ոսկեդարը
Կիլիկիայում
եւ
Հռոմկլայի,
Սկեւռայի,
Դրազարկի
(Սիս,
Ակներ–Գռներ
եւլն)
դպրոցները:
Սկեւռայի
դպրոցի
նշանաւոր
ներկայացուցիչները։
Գէորգ
Սկեւռացի,
Գէորգ
Լամբրոնացի,
Ստեփանոս
Գոյներիցանց
«անհաս
գրիչ
»,
Մովսէս
Երզնկացի,
Մարտիրոս
վարդապետ
եւ
այլք:
Հռոմկլայի
եւ
Դրազարկի
դպրոցի
ներկայացուցիչներ։
Թորոս
Ռոսլին,
Աւետիք
գրիչ,
Թորոս
փիլիսոփայ
Դրազարկի
եւայլք:
Յովհաննէս
արքայեղբայր
եւ
նորա
դպրոցի
գրիչներ:
Կոստանդին
«անհաս
գրիչ»:
Գրչութիւն
եւ
մանրանկարչութիւն։
Շքեղ
հրատարակութիւններ,
ոսկեգիր
երեսներով,
մանրանկարներով
եւ
զարդագրերով։
ԺԴ–ԺԵ.
դարու
վարդապետարանները՝
Գլաձոր,
Տաթեւ,
Մեծոփայ
վանք
որպէս
գրչութեան
կեդրոններ
եւ
«առկայծեալ
պատրոյգներ»:
ԺԷ.
դարու
վերածնութիւն.
Էջմիածնի,
Բաղէշի
(Խիզան),
Ամիդի,
Ջուղայի
դպրոցներ:
Գաղթավայրեր
Խրիմ
եւ
Պոլիս:
Հայ
գրի
զարգացման
աստիճաններն
ու
տեսակները.
Ձեռագիրների
կորուստ.
արձանագրութիւնների
արժէքը
հնագրական
տեսակէտով.
հնագույն
նմուշներ:
Թուականով
հնագոյն
ձեռագիրը։
Ժ.
դարու
ձեռագիրներ:
Գրի
տեսակներն
ու
նրանց
ծագման
խնդիրը:
Երկաթգրի,
բոլորգրի,
նոտրգրի
եւ
շեղագրի
տիրապետութեան
եւ
տեւողութեան
շրջանները:
Երկաթագրի
եւ
բոլորգրի
պէսպիսութիւններ.
խոշոր,
միջին
եւ
փոքր
երկաթագիր,
արեւելեան
եւ
Կիլիկեան
բոլորգիր։
Բոլորգրի
տիրապետութեան
պատճառները:
Զարդագրութիւն
եւ
նորա
զարգացման
աստիճանները:
Վերջաբան։
»
«Դասախօս՝
ԳԱՐԵԳԻՆ
ՎԱՐԴԱՊԵՏ»
Առաջին
մերձեցումով
մը
սա
երկու
էջ
ծրագիրը
ոչ
միայն
«կարեւոր
օժանդակ
մըն
է
հայ
քաղաքակրթութեան
եւ
ներքին
կեանքի
ուսումնասիրութեան»,
այլ
ծրագիրն
է
Գ.
Յովսէփեանի
կիսադարեան
վաստակին։
Ինչ
որ
երիտասարդութեան
թափին
մէջ
անիկա
առաջադրած
է
իր
օրերուն
իբր
գաղափարական,
–
հայ
մշակոյթին
գիւտը,
–
այս
թղթիկով
կը
դառնայ
անոր
կեանքին
գերագոյն
տասնաբանեան:
Իր
միւս
բոլոր
աշխատանքներուն
մէջ,
անիկա
քիչ
բան
է
փոխած
սա
առաջադրութեանց
էութենէն:
Ու
գիտունի
պարկեշտութեամբ,
բայց
գիտունէն
վեր,
անդին,
ստեղծողի
մտատեսութեամբ
անիկա
հայոց
«
ներքին
կեանքն
ու
քաղաքակրթութիւնը
»
հալածած
է
անխոնջ
կորովով
եւ
հաւատքով։
Զինքը
ըսի
թէ
դժուար
էր
խօսեցնել
իր
գործերուն
վրայ։
Գրչութեան
արուեստը
հայոց
մեջ
երկը
կը
կազմէ
բացառութիւն:
Անոր
մասին
արտայայտուիլը
ապրումէն
անդին
իրողութիւն
մըն
է,
ինչպէս
դիտեցի:
Գիտունը,
սա
զեղումին
մէջ,
անոր
խօսքին
անհրաժեշտ
ծանրութիւնը
տալու
դերով
մը
չի
գոհանար,
այլ
ծանր
ստեղծումին,
նոր
գուշակուած,
ընդզգացուած
փառքին,
ու
գեղեցկութեան
լայն
ջերմութեամբը
կը
կերպարանափոխուի:
Առնուազն
տասնըհինգ
դար,
որմէ
մեր
գիտցածը
այնքան
քիչ
է
որքան
անփառունակ,
սա
ստեղծումին
շառայլին
մէջ
կը
դառնան
իրականութիւն,
հարազատ,
հայ
կեանքը
լման
թելադրելու
շնորհով
եւ
ուժով:
Ու
կը
զգաս
որ
քու
ժողովուրդը
ուրիշ
համադրութիւն
մըն
էր,
ուրիշ
հանդէս
մը,
դարերու
քառուղիներուն,
այսօրուան
տառապանեքին
սլաքներուն
տակ,
բայց
երբեք
նկուն,
միշտ
ստեղծագործ
։
Զ)
–
Բազմաթիւ
փորձեր
(essais)
պատմական,
հնագիտական,
բանասիրական,
մատենագրական
յոգնատեսակ
հարցերու
շուրջ:
Է)
–
Հուանաբար
նաեւ
իմ
կողմէ
մոռցուածներ:
Կը
գրեմ
այսպէս,
վասնզի
իր
խօսքը,
տարօրէն
յորդ,
կ՚անցնի
նիւթէ
նիւթ
հեղեղին
արագութեամբը,
քու
մէջդ
առաջ
բերելով
խտութենէ,
կուտակումէ
բխող
տեսակ
մը
տրտում
մթութեան
զգացում,
երբ
դէմքը,
տարիքը,
մանաւանդ
ալեւոյթը
ծանր
իրենց
շուքերը
կը
յօրինեն
պատմումին
հետ
զուգահեռաբար
աճելով։
Տակաւի՜ն։
Կայ
ի
մէջ
խոր
ալ
բեկումը
գործին
մեծութեան
եւ
գործաւորին
տարիքի,
ուժէ
նուազման
անխուսափելի
հակադրութեամբը
ծնունդ
առնող:
Սա
զբաղանքներէն
իւրաքանչիւրը,
ինք
իր
մէջ,
կ՚անցնի
անդին
քան
մէկ
երկու
երիտասարդի
տարիներուն
պտղաբերումը,
առանց
չափազանցութեան,
քանի
որ
ամէնէն
առաջ
այդ
գործերը
պայմանաւոր
են
նիւթական
ճիգով,
ըսել
կ՚ուզեմ
պրպտումով,
հաւաքումով,
դասաւորումով
եւ
կազմումով,
իմացականէն
դուրս։
Տրտմութեան
սա
զգացումը
չեմ
խորոցներ,
եղերականէն
իմ
ունեցած
յափրանքէն
գուցէ
պաշտպանուած:
Համոզուած
եմ
որ
հսկայական
թանգարանին
մէջ
(հայոց
մշակոյթէն),
որ
անոր
գլուխն
է,
դուրսէն
որեւէ
աչք
կամ
ձեռք
պիտի
բախէր
առնուազն
կորանքի:
Միւս
կողմէ,
նոյնքան
խոր
է
իմ
համոզումը,
որ
այդ
թանգարանին
վաւերական
արժէքը
գրեթէ
կը
վրիպի
մեր
ժամանակին
ամբողջական
գնահատումէ։
Գ.
Յովսէփեանի
անձով
ծաւալուն
համակրանքը,
հիացումները
անբաւական
են
դուրս
եկած
անոր
գործը
ազատագրելու,
այսինքն
հանրութեան
սեպհականութիւնը
դարձելու:
Ի՞րն
է
մեղքը
թէ
մերը,
երբ
նոր
ժամերը
կը
վատնուին
եկեղեցական
սպասին,
մեծ
գաղութի
մը
վարչական
հազարումէկ
իրադարձութեանց
մէջ,
մանուանդ
երբ
այդ
գաղութը
կը
գտնենք
խորունկ
հերձուածներով,
գաղափարաբանութիւններով
կոտորակուած,
նոյն
ժողովուրդին
զաւակները
իրարու
դէմ
ճակատող,
մահացու
հակառակորդներու
հոգեվիճակով,
մինչ
այնքան
անհրաժեշտ
էր
տարագրութեան
մէջ,
տառապանքին
ինչպէս
յոյսին
մէջ
միութիւնը,
մէկութիւնը:
Գ.
Յովսէփեան
հովուապետ
մըն
է:
Բայց
ինձի
կը
նկատեմ
պարտք
յայտարարել
թէ
ատկէ
առաջ
մշակոյթի
մեծ,
անփոխարինելի
բանուոր
մը:
Ու
ինձմէ
վեր,
այս
անգամ
ազգային
՝
պա՛րտքը,
սա
գանկին
տակ
մթերուած
անգնահատելի
գանձը,
հարստութիւնը
կորուստէ
փրկելու:
Իր
կամքը,
իր
եռանդը,
իր
աշխատանքի
կարելիութիւնները
մարդկային
են
ի
վերջոյ,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
ենթակայ
իրենցմէ
վեր
ազդակներու:
Մեր
կամքը,
մեր
հաւատքը,
աշխատանք
մը
բեղմնաւորելու
մեր
հնարաւորութիւնները
առնուազն
կը
վայելել
հաւաքականին
պաշտպանութիւնը:
Յետոյ,
գրեթէ
գացած
են
անվերադարձ
շրջանները,
ուր
անհատը
կը
դիմակալէր
արգելքները
եւ
կը
յաղթահարէր
փառքը:
Մեր
ծանօթութեանց
սփիւռը
այնքան
լայնցած
է,
որ
անհատները
ալ
անբաւական
են
հոն
համադրումներ
իսկ
իրագործելու:
Ու
իմ
մտքին
կը
ներկայանան
բազմաթիւ
իրագործումներ,
եւրոպական
մշակոյթի
մեծ
ոստաններուն
մէջ,
խնամքին
տակը
փորձ,
լեցուն,
լայն
պետի
մը
որ
մտատեսութիւն
ունի
վաստակին
ու
շէնքին
ուրուանկարը
կ՚ապրի,
բայց
իր
միջոցներով
ոչ
բաւական
կուգայ
մտատեսուածը
արարքի
փոխակերպելու:
Քսաներորդ
դարուն՝
պատմութիւնները
(ազգային,
գրական–քաղաքակրթական),
այլեւս
կը
գրուին
խումբերու
միջոցով,
միշտ
պետի
մը
ընդհանուր
ուղղութեանց
ընդմէջէն:
Մեր
մէջ,
հայ
արուեստի
եւ
մշակոյթի
վերաբերեալ
հարցերուն
վրայ
ո՛չ
ոք`
որ
վայելէր
անվիճելի
հեղինակութիւն
եւ
ասով
նոյնքան
անվիճելի
իրաւունք
սա
հսկայ
ձեռնարկը
(որուն
նիւթեղէնը
կը
մնայ
ամբողջութեամբ
հաւաքուած,
գրեթէ
դասաւորուած)
արարքի
փոխելու,
հայ
արուեստին
եւ
մշակոյթին
ցարդ
պարզած
կերպարանքներէն
արտահանելի,
ու
մատչելի՝
մեր
զաւկըներուն
սիրոյն
եւ
հիացման։
Համալսարաններ,
ակադեմիաներ,
մշակութային
ընկերակցութիւններ
օտարներու
մօտ
կը
կատարեն
սա
պարտքը:
Խորհրդային
Հայաստանի
մէջ
եւրոպական
սա
շարժումը
կը
գործէ
արդէն:
Սփիւռքը,
դառնութեամբ
կը
հաստատեմ,
տակաւին
չէ
իսկ
զգացած
նման
պարտքի
մը
անհրաժեշտութիւնը:
Ու
նոյնքան
դառնութի՜ւն՝
երբ
կը
մտածեմ
որ
Աստուծմէ
իրեն
շնորհուելիք
քանի
մը
հնգամեայ
բլաններու
կը
վստահի
իր
գործին
ազատագրումը:
Ընթերցողը
թող
չառարկէ
որ
չարաչար
կը
վարուիմ
իր
ժամանակին
հետ,
զուտ
անձնական
սա
ապրումներուն
տեղ
բանալով,
ինչպէս
լոյս
չտեսած
աշխատասիրութիւններու
վրայ
զբաղեցնելով
իր
հետաքրքրութիւնը։
Բայց
մեր
ժողովուրդը
ոչինչ
կը
շահի
ակադեմական
փառասիրութիւններէն։
Իմ
ակնարկութիւնը
յստակ
է։
Քառորդ
դար
առաջ
մեր
բանասիրութիւնը
amateur-ի
զբաղում
մըն
էր,
վանական
մենաշնորհով
մը։
Այսօր
անիկա
մեր
գերագոյն
մտահոգութիւնն
է։
Քառորդ
դար
առաջ
բանասիրական
ամէն
երկ
մեկենասի
մը
կը
մնար
կարօտ,
կեանքին
բերուելու
համար։
Այսօր
փոխուած
է
պատկերը։
Գարեգին
Յովսէփեան,
այն
պարագային
իսկ
երբ
կը
յաջողի
իր
բոլոր
աշխատութիւնները
աւարտել,
պիտի
մնայ
զրկուած
զանոնք
լոյսին
հանելու
գէթ ...
uփոփանքէն:
–
Որ
ունի
ականջս
լսելոյ,
լուիցէ։
Մութ,
վախկոտ
պարտքեր
որոնց
ծանրութիւնը
ժամանակին
մէջ
չի
կրնար
թեթեւալ:
Գ.
Յովսէփեանի
անտիպներուն
հետ
իմ
հետսքրքրութիւնը,
այս
պարտքէն
վեր
ալ
զգացումներով
կը
պաշտպանուի
սակայն։
Ամէնէն
առաջ,
ուրախ
եմ
ըսել
կրնալու
որ
անոնք
զուտ
գրական
երկունք
մը
չեն,
որով
եւ
զերծ
անձնականին
ենթակայ
մնալու
հարկադրանքէն։
Ի
վերջոյ
վէպ
մը,
անձով
մը
պայմանաւոր,
ուրիշի
մը
անցնելու
պարագային,
հրաշք
մը
պիտի
ըլլար
եթէ
չտառապէր։
Հնագիտական,
պատմական,
բանասիրական,
հաւաքչական
աշխատասիրութիւնները
մասով
մը
արդէն
հանրութեան
կը
պատկանին,
այսինքն
անոր
պաշտպանութենէն,
միշտ
կը
շահին։
Յետոյ
գիտենք
որ
աւարտածը
դժուար
ածական
մըն
է
նման
երկերու
համար
գործածուած:
Տակաւին,
ութսունը,
միտքի
բանուորի
մը
վրայ,
տարիքէն
շատ
վեր,
շատ
անդին
պատգամ
մըն
է:
Մի
կարծէք
որ
սա
նկատողութիւնները
կ՚իյնան
սա
տողերուն
վրայ,
առանց
տառապանքի
կամ
դառնութեան։
Մահուան
վրայ
մտածել
մը`
տկարութիւն
անշուշտ,
բայց
զայն
ուրանալն
ալ,
այսինքն
մոռնալը՝
ուրիշ
տկարութիւն։
Դ։
Յովսէփեան
սա
պարզ
ճշմարտութիւնները
ընդունելու
համար
խաղաղութեամբը
չի
թուիր
համակերպիլ
ոչ
մէկ
զիջումի,
–
գէթ
աս
է
իմ
տպաւորութիւնը
երբ
կը
խօսի
երիտասարդի
մը
կորովովը,
վստահութեամբը
իր
ընելիքէն,
մոռանալու
ըրածը
։
Իր
նախանիւթերը,
իրենց
մէկ
կարեւոր
մասին
մէջ,
չեն
առանձնացած
սակայն,
այսինքն
չեն
զետեղուած
կաղապարներու
մէջ,
որոնք
օգտագործումը
դիւրացնէին:
Ուրիշ
մաս
մը
գտած
է
երեսներու
ինքնութիւն։
Անթիլիաս
տեսայ
իր
դարաններուն
աչքերը,
լիքը,
ծանր
բեռ,
ուռեցք:
Ամէն
մէկ
աչք
այդ
հասակագեղ
դարաններէն
–
աչքերուն
գումարը
կ՚անցնէր
յիսունը
–
իմ
վրայ
ըրաւ
տպուորութիւնը
տեսակ
մը
«
տապան
հանգստեան
»ի,
սրբազան
բաներէ,
շրջանէ
մը,
սեռէ
մը,
խաղաղած
ու
թանձրացած
ապրումներէ,
մագաղաթի,
նկարի,
գիրի
կերպարանքներով։
Լուսանկար
մը,
ձեռագիր
մը,
նօթ
մը,
թիւ
ու
թուական,
գիրի
փշրանքներ,
ծանօթութիւն,
վկայութիւն,
տեղեկագիր
ու
հարիւրաւոր
կորիզները
որոնք
ամէն
հնագէտի
երջանկութիւնը
կը
պայմանեն,
փոխարինելու
աստիճան
ահաւոր
զրկանքներ:
Տպուած,
անտիպ,
ամբողջ,
թերի,
–
բոլորը`
գորշ
ծրարներու
ներսը,
սպասելով
կեանքի
իրենց
հերթին։
Ըսի
թէ
շեղումներու
մարդն
եմ:
Կ՚ընեմ՝
Գ.
Յովսէփեանի
անտիպներն
ամփոփ
մատուցում
մը,
առանց
յաւակնութեան,
առանց
դատումի:
ա)
–
Ձեռագրաց
Յիշատակարաններ:
Իր
ու
քարտուղարին
մերձաւոր
նախահաշիւը
այդ
գործին
կուտայ
ծաւալ
մը,
քառածալ
երեքէ
աւելի
հատորներու,
այսինքն
1500-2000
էջ,
Օրմանեան
Սրբազանին
Ազգապատում
ը
յիշեցնող:
Ձեռագիրներու
մէջ
որոշ
փորձառութիւն
ամբարած
Պրն.
Սիմոն
Սիմոնեան
կը
բարձրացնէ
հատորներուն
թիւը
առնուազն
հինգի։
Ամբողջովին
ի
լինելութեան
(en
devenir),
այս
հսկայականը
երկը
հաւաքածոյ
մը
չէ
մեր
հազարաւոր
ձեռագիրներու
յիշատակարաններէն,
ընկալեալ
հասկացողութեամբ
մը։
Պրն.
Սիմոնեան
ճշդեց
որ
ամէն
յիշատակարանի
կ՚ընկերանան
անսպառ
նօթեր,
վերյիշումներ,
առաքումներ,
բոլորը
Վեհափառին
մտքին
մէջ
շքեղ
համադրումէ
մը
կամ
համադրումի
մը
փաստեր
առ
բերող:
Տաշեանի
Ցուցակը
փառք
մը
ու
յաղթանակ
մը
երբ
կ՚արժեւորենք,
ի
յառաջագունէ
կ՚ապահովենք
բոլոր
ցուցակներուն
փառքն
ու
յաղթանակը:
Չեմ
յանդգնիր
իմ
մտածումը
ամբողջութեամբ
նետելու
թուղթին:
Ու
իմ
վարանքը՝
վարանքն
է
մարդուն
որ
ամէն
վկայութենէ
հաստատ
կամքն
ունի
միշտ
վկայողին,
ասկէ`
իր
պայմաններուն,
ասոնցմէ՝
իր
ժողովուրդին,
ասկէ՝
իր
մշակոյթին
բարձրանալու:
Չեմ
տեսած
Գ.
Յովսէփեանի
Ցուցակը:
Տաշեանին
աշխատանքը
պատկառելի
իբր
թեքնիք,
ծաւալ,
Վիեննական
ամէն
ձեռնարկի
նման,
ինքնաբաւ
է
ու
ինքնակեդրոն:
Այսքանէն
անդին,
այսինքն
պարզելէ
վերջ
իմ
զգուշաւորութիւնը
ինձ
չի
անծանօթ
աշխատանքի
մը
անդրագոյն
ձգտումները
արժեւորելու,
կ՚անցնիմ
նիւթական
քանի
մը
մանրամասնութեանց:
Նախ՝
կազմողին
անհաւասարելի
ձեռնհասութիւնը
որ
մինակ
աշխատանքի
ուժ
չի
նշանակեր,
կը
նշանակէ
նաեւ
աղբիւրներու
դիպողութիւն,
առատութիւն։
Գ.
Յովսէփեան
մարդն
է
մեր
մէջ
որ
ամէնէն
աւելի
շատ
ձեռագիր
է
տեսած
։
Ու
գիրքերը,
մարդ
ձեռագիրները,
ունեն
իրենց
ոգին
։
Հայոց
աշխարհէն
լեռնսոյզ
մատուռի
մը
մէկ
նկուղին
ապաստանած
մագաղաթեայ
կառոյց
մը
այդ
լեռներուն,
անոնց
բացուող
խռովքներուն
անդրադարձ
ապրումները
չի
կրնար
արձանագրած
չըլլալ:
Ու
հանգիտօրէն
Վիեննան
չի
կրնար
փոխանորդել
Մայր
Աթոռը
իբր
ձեռագրատուն:
Էջմիածինը
իբր
կրօնական
կեդրոն
արժեւորելը
որքան
ալ
ինկած
ըլլայ
իր
նորութենէն,
իրողութիւն
է
որ
հայ
հոգիին
առանցքը
անկէ
կ՚անցնի։
Ան
կեդրոնն
է
մեր
հոգեղէն
Համայնական
հարստութեան։
Մայր
Աթոռէն
իր
տեսած
ձեռագիրները,
մանրանկարները,
եթէ
իբր
զարդարան.
ք,
գործադրում,
վկայութիւն
կը
տառապին
որոշ
անբաւարարութեամբ,
պատասխանատուն
ճակատագիրն
է
հաւանաբար:
Խորհեցէք
դարերուն,
երբ
ձեռագիրը
շարժական
գանձ
մըն
էր
ու
Էջմիածինը
եկող
գացող
բոլոր
արշաւանքներուն
առջեւ
անպաշտպան:
Ո՜վ
գիտէ
ինչ
բռնութիւններ,
ինչ
ախորժակներ
հարուածեցին
զանոնք,
ձեռագիրները:
Ամէն
ձեռագիր
որ
այսօր
եւրոպական
ոստանի
մը
մէջ
կը
պատմէ
մեր
մշակոյթէն,
ունի
իր
սրտառուչ
ոդիսականը:
Ոսկեղէն
սպասը
տաճարին
քանի
անգամ
ենթարկուած
է
կողոպուտի,
դարերու
ընթացքին։
Աթոռին
փոխադրութիւնները,
վերիվայրումները,
թշնամիներուն
գրոհները
ձեզի
կը
ձգեմ
արժեւորել:
Հակառակ
այդ
ամէնուն
Մայր
Աթոռը
կը
պահէ
գերազանցութիւն
մը
մեր
միւս
կեդրոններուն
վրայ:
Զանազանութիւն,
առատութիւն,
մանաւանդ
շրջանային,
տեղական
ապրումներէ
իբրեւ
վկայութիւն՝
անոնք
անմրցելի
են։
1911ին,
այդ
ամէնը
իր
մտքին
մէջ
ամբարած,
ելած
է
հասկաքաղի
Գ.
Յովսէփեան։
Պոլիսը,
իր
ճոխ
մատենադարանով
անոր
տուած
է
մասնաւորաբար
16
րդ,
17րդ
դարերու
ձեռագիրներէն
առատ
հունձք:
Գիտունը
առնշուշտ
միտքի
յօրինուածքէ
մը
կուգայ
բայց
պայմանաւոր
է
իր
աճման,
լրացման
մեծ
ընդունակութիւններով։
Պոլսէն
Երուսաղէմ,
այսինքն
հայ
ձեռագիրներուն,
մանրանկարներուն
դասական,
կախարդական
դրախտը։
Քանի
անգամ
լալագին
յուզումով
անիկա
Ս.
Յակոբայ
այդ
հրաշալիքները
սեղմած
է
սրտին։
1947ին
տեսայ
զինքը
մանուկի
մը
չափ
խանդավառ
երբ
շքեղ
աստուածաչունչի
մը
նկարները
կը
կարծէր
վերլուծել,
իրականին
մէջ
իր
ապրումներուն
խորութեանը
կ՚ուզէր
բարձրացնել
«Երախանները»
(կրօնական
իմաստով)
ու
կը
տառապէր
իր
սիրոյն
սաստկութենէն։
Փարթամ
ու
առատ
մարմիններով
գեղանի
այդ
ձեռագիրները
որոնց
էջերուն
իշխաններու,
սրբուհիներու,
թագուհիններու
արցունքներն
են
ինկեր,
իրենց
համար
տարփագին
զգայութիւններ
էին
գրեթէ:
Այս
ընկալչութիւնը,
քառասուն
տարի
առաջ,
կը
պահէր
իր
սրութիւնը
անշուշտ,
զգայնութեան
համապատասխան
օրենքներով։
Նիւթ:
Զարդեղէն։
Ոճ։
Ճաշակ:
Վայելչութիւն
որոնք
բառեր
կը
թուին
քեզի,
բայց
ձեռագիրներու
փոշեստանին
մէջ
թափառողին
համար
կը
կազմեն
ապրումներուն
հզօրագոյնները:
Վիեննա:
Գերմանիա։
Եւրոպական
մեծ
այդ
ոստաններուն
մէջ
անոր
որոնումները
–
զգացական
ըսուելու
չափ
իրաւ
–
պիտի
կազմեն
նոր
զգայնութիւնը,
կերպով
մը
տարբեր
հնագէտէն
որ
մենամոլ
մըն
է
գրեթէ.
հաւաքողէն
որ
կրնայ
ցաւագար
մը
ըլլալ:
Ասդին
անդին,
բոլոր
հնարաւոր
միջոցներով
սա
հաւաքումները
–
անոր
արտը,
այգին,
անդաստանը:
Մոռնալու
ալ
չէք
անոր
ճամփորդութիւնները,
արեւելքէն
արեւմուտք
նուիրակութիւնները,
որոնք
Մայր
Աթոռին
կարիքները
ունին
զսպանակ
բայց
կը
ծառայեն
անոր
գերագոյն
կիրքը
սնուցանելու,
ձեռագրէ,
մանրանկարէ
իր
անսահման
պապակին
յագեցումը:
Ու
ահաւոր
սա
կիրքը,
հերոսական
պատմուճանի
մը
նման,
ոչ
թէ
ուսերուն,
այլ
լման
հոգիին
երեսին։
Ամէն
քաղաք,
ամէն
կայան,
ամէն
ապարանք`
անոր
համար
առիթ
սակ
փնտռելու
արխիվան
։
Վիեննան
հատուած
մըն
է
այս
անդաստանէն:
Հիմա
որ
ունիք
լայնքը
այդ
աշխատանքի
աշխարհինն,
դժուարութեան
մէջ
չէք
ամրագրուածին
արժէքը
ճիշդ
գնահատելու:
Ձեռագրաց
Յիշատակարանները
արուեստի
աշխատանք
մը
չէ
(ասոր
համար
Գ.
Յովսէփեան
ունի
Քարտէզ
Հայ
Մանրանկարչութեանը
)
ու
ես
միամիտ
մը
չեմ
հաւաքում
մը
ոսկեզօծելու
իբր
ստեղծագործութիւն:
Բայց
կայ
ձեզմէ
ու
ինձմէ
դուրս
ուրիշ
իրականութիւն
մը։
Ըսի
թէ
ամենէն
շատ
ձեռագիր
տեսած
արարածն
էր:
Մօտեցայ
իր
ահաւոր
յիշողութեան:
Թելադրեցի
իր
զգայնութեան
մեծ
օրէնքներէն
մէկ
քանին:
Անիկա
իր
նիւթերը
կ՚ապրի,
նիւթեղէն
մանրամասնութիւններով:
Կը
ծանրանում
այս
վերջին
թելադրանքին։
Անոր
հաւաքումները
կեանքի
վերածուած
տախտակներ
են,
որ
ուղեղէն
ներս,
թուղթի
վերայ
նշաններու
հանդէս
մը
ըլլալէ
վերջ։
Ու
հիմնական։
Իր
Յիշատակարաններ
էն
իր
հաւատքը
չի
գար
հնագէտի
մը
հասկանալի
հոգեբանութենէն։
Անոր
մոլութիւնն
է,
այդ
էջերէն
այդ
տողերուն
արանքին
սպրդած
անուններէն,
faitերէն,
թէ
իրէն
ու
շաղփաղփանքէն
բարձրանալ
պատմութեան։
Համաձայն
էք,
անշուշտ:
Ուրիշ
բան
չըրին
Վենետիկն
ու
Վիեննան:
Բայց
պզտիկ
մանրամասնութիւն
մը:
Այդ
պատմութիւնը,
Տաշեանի
համար
Հայոց
Պատմութիւն,
թերեւս
Յովսէփեանին
համար
նախապէս
է
Պատմութիւն
Հայ
Արուեստի,
մշակոյթին,
ապա,
թերեւս,
եթէ
կը
պնդէք,
Պատմութիւն
Հայոց:
Այս
աննշան
թուող
մանրամասնութիւնն
է
ահա
որ
կը
զարգանայ,
դառնալու
համար
որոշիչ,
որոշադրիչ
հանգամանք:
Իր
կեանքը
լիացնող,
իր
փառասիրութիւնը
սնուցանող
երեք
իր
մեծ
ձեռնարկները
սկզբնաբար
կը
հպատակին
իմացական
սա
բարեխառնութեան։
Պատանին
որ
ժողովրդական
երգերէ
փշրանքներ,
բարքերէ
տախտակներ
կը
հաւաքէր
կանխող
դարու
վերջերուն
եւ
ալեւորը
որ
ներկայ
դարու
կէսերուն,
կորաքամակ,
ձեռագիրներու
վրայ
կը
փնտռէ
յատկանշական
գիծերը
գիրերուն,
նկարներուն,
նույնիսկ
մագաղաթին,
մէկ
ու
նոյն
մարդն
է
իմ
նկատառմանս
մէջ։
Գերման
կրթութեան
բարի՞ք,
թէ
պատմական
զգայարանք
են
արեւելահայ
մտաւորականութեան
մէջ
իւրակերպած
մէկ
ցուցմունքը,
սա
հաստատումը
ընել
արտօնող:
Վէճը
աւելորդ
է
աշխատանքի
ճամբուն:
Իրողութիւնը
այն
է
որ
Գ.
Յովսէփեան
հաւատարիմ
է
արեւելահայ
աւանդութեան
որ
իրեն
հետազօտութեանց
առաջնորդող
գաղափարը
ստորադասած
է
կեանքին
սպասին
։
Նոյն
այդ
գերման
կրթանքը
Վիեննայի
Մխիթարեան
հայրերը
քիչ
մը
շատ
մասնաւորած
է
անշուշտ,
որոնք
կեանքին
տեղ
հմտութիւնը
կը
նախասիրեն:
Իրողութիւն
է
որ
Գ.
Յովսէփեան
նախանիւթը
պիտի
սպառէ
կեանքին
սպասին,
ու,
կը
հասկցուի
անշուշտ,
սկզբնապէս
ալ
այդ
կեանքի
գիւտին
որմէ
ուրիշ
կերպարանք`
բայց
աւելի
ընդարձակ՝
գիւտը
հայ
հոգիին
(մէկուկէս
սերունդ
խանդավառ
օրակարգ
մըն
էր
այս
կարճուկ
տարազը
1895էն
մինչեւ
1915),
ասկէ,
բարձրանալու
հայ
համապարփակ
մշակոյթին:
Այս
փշրանքներն
են
որ
ստիպուած
ենք
որսալու
ձեռագիրներու
այդ
յիշատակարաններէն:
Դեռ
լոյս
չտեսած
գիրքի
մը
վրայ
աւելի
խօսիլ
թերեւս
դատապարտելի:
Բայց
պարզել
քանի
մը
կերպարանքներ
ակնկալութիւններէ,
կարելիութիւններէ,
չեմ
կարծեր
որ
քրէական
մեղք
մը
իբրեւ
ընդունուի:
Շատ
են
անցեալին
իջնելու
ճամբաները,
համաձայն
եմ
մէկ
պայմանով,
–
կեանքին
պողոտայովը։
Կեա՛նքը,
ոչ
անշուշտ
զայն
ընդօրինակելու
համար,
ինչպէս
կը
բարբառին
երբեմն
յապաղած
մարգարէներ,
այլ
այն
պարզ
զգացումով
որ
մեզ
կը
կապէ
մեր
անմիջական
շրջապատին,
մեր
տունին,
քաղաքին,
երկրին
։
Բ)
–
Գունատիպ
Քարտէզ
Հայ
Մանրանկարչութեան
։
Հէքիաթն
իսկ՝
Գ.
Յովսէփեանին
որ
անոր
վրայ
վատնած
է
իր
կէս
դարը:
Ասոր
վրայ
իր
վստահութիւնը
թերեւս
հեղինակած
է
իրմէն
չփառասիրուած
արդիւնքներ,
քանի
որ
ընկալեալ
կարծիքէն
վեր
բան
մըն
է
տպաւորիչ
տարազներու
միջոցով
թելադրել
գուցէ
պատրանքներ,
այնքան
առատ
ու
թերուս
ալ
անհրաժեշտ։
Եթէ
սրտազեղ
հպարտանք
մըն
էր
իր
զգացումը
Ձեռագրաց
Յիշատակարաններ
էն,
Քարտէզը
այդ
հպարտութեան
պիտի
բերէ
աւելի
մը:
Ի
վերջոյ,
մարդէ
մը
մի
մոռնաք
իր
տիրական
գիծը։
Վաթսուն
տարի
աշխատեցաւ
Ալիշան,
Հայոց
աշխարհին
ու
Հայոց
Պատմութեան
այլամերժ
պաշտամունքէն
հիպնոսացած։
Իր
գործը
այդ
սիրոյն
արտայայտութիւնն
էր:
Վաթսուն
տարի
Գ.
Յովսէփեան
կը
կատարէ
նման
աշխատանք,
նոյն
կարողութեամբ
ու
կիրքով։
Ու
իր
տիրական
գիծը՝
պաշտամունքը
հայ
մշակոյթին,
հայ
ստեղծագործութեան
։
Ու
կը
խորհիմք
թէ
ինծի
հետ
էք
ընդունելու
որ
տարազը
աւելի
ընդարձակ
է
հոս:
Ալիշան
հաւաքեց։
Գ.
Յովսէփեան
ըրաւ
զիջումը
բանասիրականին,
որ
հայ
մշակոյթին
բարձրանալու
ամենէն
պարզ
ու
քիչ
զառածուն
ճամբաներէս
մէկն
է
որ
կը
մնայ
տակաւին:
Անոր
համար
ամէն
յիշատակարան
կեանքէն
մնացած
նախանիւթ
մըն
է
իր
մասնիկներուն
ներսը
անաղարտ
պահող
ամբողջութեանը
կարելիութիւնները:
Այս
ոգիով`
խաչքար
մը,
կոշտ
նշանագրերով
խազխզուած
քարի
երես
մը
կեանքի
մը
կուգան,
առնուազն
այնքան
իրաւ
որքան
է
այդ
կեանքը,
տրուած
զգայարանքներուն...:
Անցէք
սա
մտածումէն
քայլ
մըն
ալ
անդին։
Ունեցէք
ձեր
աչ
քերուն
տակ
գունազարդ
աւետարան
մը,
անոր
ներսը
բանակը
մանր
նկարներուն,
անոր
կողքին՝
ոսկին
ու
արծաթը,
անոր
շէնքին՝
մեղաւոր
«կազմողը»,
ստացողը,
նուիրողը…:
Արդէն
իսկ
այս
ամէնուն
անդրադարձ
մը
այլեւս
գիտնալով
չէ
պայմանաւոր:
Մշակոյթն
է
հեղինակը
սա
իրերայաջորդ
ու
իրերահաղորդու
ապրումներուն,
թելադրանքներուն:
Չեմ
բանար
փակագիծ,
հայ
մշակոյթ
յղացքը
մանրամասն
վերլուծելու
կամ՝
անոր
իրագործած
արդիւնքները
համադրական
տախտակներու
վրայ
սեւեռելու:
Այդ
ամենը
կանխահաս,
պարզ
այն
պատճառով
որ
մեր
մտածողները
հազիւ
թէ
եւ
անդրադառնան
մշակոյթներուն
հիմնականին
որ
առանց
վերադիրի
պատմութիւնն
է,
այսինքն
ժողովուրդի
մը
ապրումները,
ասոնց
կերպարանքները
թուղթի
կամ
ձայնի,
գոյնի
կամ
քարի
վրայ
եւ
ոչ
թէ
գեղագիտական
օրէնքներու
ապացուցարան
մը:
Ըսեր
եմ,
այնքան
անգամներ
թէ
Հայոց
Պատմութիւնը
մեծագույն
անծանօթ
է
մեր
իմացական
հետաքրքրութիւններէն։
Անիկա
չէ
գրուած:
Այս
դարուն
սկիզբը
այս
բարատոքսը
քաղաքացիութիւնն
իրաւունք
ստացաւ
թէեւ,
բայց
կը
պահէր
դիպային
(episodine)
իր
նկարագիրը։
1900ին
Հայոց
Պատմութեան
իմաստի
դէպքերու
եւ
անձնաւորութեանց
հարազատ
ու
մերկ
հանդէսը
կը
փառասիրէր:
Մշակոյթը,
իբր
ոլորտ,
ջերմութիւն
եւ
լոյս,
այդ
պատմութեան
մասին
դեռ
չէր
իսկ
կասկածուած։
Գ.
Յովսէփեանին,
այսինքն
արեւելահայ
բանասիրութեան
սրբազան
արժէքներէն՝
մեր
պատմութեան
մէջ
տեղ
բանալ
մեր
մշակոյթին։
Ուրիշ
խօսքով՝
մեր
մշակույթը
հասկանալու
արարքն
ազատագրել
տեսութենէն,
համալսարանական
ընդհանրութիւններէն,
ու
գործադրել
պատմութեան
գետինին
վրայ,
պատմութեան
քայլերով,
չափերով։
Ահա
արդիւնառատ
շեղումը:
Որ
կէս
դարու
կեանքով
մը
նոյնիսկ
դեռ
այնքան
հեռու
կը
մնայ
իր
առաջադրութենէն,
–
գիւտը
հայ
հոգիին,
հայ
մշակոյթէն
լուսաւորուած։
Զգաստութեան
հրաւէր
մը
չէ
որ
կը
ջանամ
թելադրել:
Համոզուած
եմ
որ
մեր
պատմութեան
քիչ
ծանօթ
իրաւ
մտածող
մը
շատ
ուշ
պիտի
գայ
ետ
իր
պատրանքէն,
զիջում
ընելու
համար
նիւթին
ու
իր
փաստերուն:
Ինձի
կը
մնայ
բաժնել
Գ.
Յովսէփեանի
առաջադրութեանց
կարելի
բարիքներուն
վրայ
իր
վստահութիւնը,
ու
տեսնել
իր
գործը,
առանց
ծանր
յաւակնութեանց,
գեղագիտական
տոկմաներու
թերեւս,
աւելորդ
ալ
luxe-
ին։
Այնպէս
ինչպէս
կայ
այդ
գեղեցկութեան
զգացողութիւնը,
իրմէ
վերլուծուած
մանրանկարներու
մեծ
տարածքը
ի
վար:
Վիճակ
մըն
է
իր
մօտ
որ
աւելի
է
գրականէն:
Ըսի՞
թէ
յուզիչ
էր
զինքը
խօսեցնել
Հայոց
ստեղծագործական
արդիւնքներէն։
Բայց
սխրագին
տառապանք
մըն
է
զինքը
մտիկ
ընել
հայ
մանրանկարներէն,
որոնք
շատոնց
կորսնցուցած
են
իրենց
նկարային
իրականութիւնը,
դառնալու
համար
հարազատ
ապրումներ:
Զուտ
պատմա–բանասիրական
աշխատանքներէն
զատ,
իր
յօդուածները,
ուսումնասիրութիւնները,
ծաւալուն
ձեռնարկները,
իրեն
համար
առիթներ
որպէսզի
մեզի
մատուցուին
նմոյշներ,
առատ
առատ,
զանազան
դարերու,
զանազան
դպրոցներէն
առանձնացուած
նկարներու:
Չեմ
զբաղիր
տարբերութեամբը
նկարին
եւ
…
լուսանկարին,
արուեստի
գետինին
վրայ:
Ու
հանգիտօրէն
չեմ
տեսութիւն
լաստակերտեր
հարազատ
մանրանկարին
եւ
անոր
լուսանկար
արտահանումին
ընդմէջ
յարաբերութեանց
արդարութենէն:
Մեծ
կղերիկոս
մը
ըլլալու
պէտք
չկայ
զգալու
համար,
մագաղաթի
մը
վրայ,
իր
պզտիկ
մարմնիկը
տաքուկ
գոյներու
ծիածանի
մը
վստահած
մէկ
պատկերին
ու
անոր
զուտ
գծաւորումը
եղող
լուսանկարին
ընդմէջ
մեծատարած
տարբերութիւնը։
Ու
աշխարհի
բոլոր
ածականները
անհատական
պիտի
գային
գունաւոր
մանրանկարի
մը
ակնախտեղ
անուշութիւնը
…
նկարագրելու:
Ահա
դժբախտութիւնը,
գէթ
Գ.
Յովսէփեանի
պարագային,
որ
Քարտեզ
ը
տպագրութեան
մերժելու
իրողութիւնը
կը
ջանայ
բացատրել:
Ինծի
ցոյց
տուաւ
Ամերիկա
իրագործուած
գունաւոր
մանրանկարներու
լուսանկարներ
որոնք
բնականին
մեծ
թելադրանքները
թէեւ
չեն
ազատագրեր,
բայց
փորագրութիւն
ալ
չեն
դնէր
մեր
նայուածքին։
Թէ
այդպէս
գունանկարուած
նմոյշներով
կարելիութիւն
կա՞յ,
հայ
մշակոյթի
մը
քանի
մը
թելադրանքներուն
բարձրանալու,
–
իրողութիւն
մըն
է
որուն
հաւատքը
անսասան
է
Գ.
Յովսէփեանի
ներսը:
Իր
երկրորդ
ապահովութիւնը՝
թիւն
է,
իր
քարտեզը
այսպէս
տպաւորիչ
ընծայող:
Սիրարփի
Տ.
Ներսէսեան,
ինը
ձեռագիրներէ
(
եօթը`
չորս
աւետարաններ,
մէկ
Ս.
Գիրք
եւ
մէկ
մաշտոց)
արտահանուած
մանրանկարներու
վրայով
կազմած
է
հատոր
մը
որուն
արժէքը
արեւմտեան
մեծ
հասկացողներու
գրիչովը
դուք
կը
գտնէք
պարզած
գրքին
սկիզբը
(Manscrits
arméniens
illustrès):
Մեթոտիկ
բայց
պարկեշտ,
այսինքն
անյաւակնոտ
այդ
աշխատասիրութիւնը
հոս
կը
յիշատակեմ,
թելադրելու
համար
հարստութիւնը
քանակին,
որ
Քարտեզն
է
Հայ
Մանրանկարչութեան:
Գ.
Յովսէփեան
կը
խօսի
հարիւրաւոր
ձեռագիրներ,
որոնց
մօտ
Վենետիկի
Մխիթարեանն
հայրերէն
օր.
Տ.
Ներսէսեանին
բարեհաճօրէն
տրամադրուած
ինը
ձեռագիրները
անշուշտ
չեն
անշքանար,
բայց
որոց
կշիռը
ինքնաբերաբար
կ՚ընդարձակուի,
քանի
որ
այդ
հարիւրաւորները
մեզի
կուգան
Ժ.
էն
մինչ
եւ
ԺԸ.
դար,
այսինքն
մշակոյթ
մը
իր
լայնքին
ու
երկայնքին
ընդգրկել
արտօնող
տեւողութեան
մը
մէջէն:
Գ.
Յովսէփեան
կը
խօսի
ձեռագիրներէ,
որոնք
առանձին
առանձին
դարեր
կը
խտացնեն։
Իւրաքանչիւրին
մէջ
յատկանշական,
լման
էջը
գրաւող
մեծադիր
նկարներէն
դուրս,
լուսանցքներուն
նստող
հարիւրաւոր
մանրադիր
պատկերներ,
ժողովուրդին
բոլոր
խաւերէն,
կեանքին
ծանր,
սրտայոյզ,
իրաւ
տագնապները
հանդիսող:
Քանակը
այս
տեսակէտէն,
կը
դառնայ
կարեւոր
ազդակ։
Գ.
Յովսէփեանի
մանրանկարները
որակով
ալ
կը
մնան
տարօրէն,
ուշագրաւ:
Չեմ
կրկներ
իր
մեթոտը,
բառերով
ներկայացնելու
բաներ
որոնք
աչքի
մէկ
սեւեռումով
եւ
իւրացուին
մէկ
անգամէն
ու
միանգամընդմիշտ,
լաւագոյն
եղանակով։
Մի
կարծէք
թէ
երկու
մեծ
այս
ձեռնարկները
կ՚սպառեն
անտիպին
տռաման,
կիրքին
մեծ
prodigue–ներուն
մօտ
դիտուած
է
որ
հարստութիւնը
տարածուի
անոնց
ամէն
բաներուն
վրայ:
Գ.
Յովսէփեան
կ՚աշխատէր
24
ժամուան
3/4
ը:
Ըսի
ասիկա:
Բայց
չ՚ըսի
թէ
մնացել
1/4ը
ինչ
բանի
կը
գործածէր։
Դուք
տուէք
այդ
միջոցին
համար
ձեր
սիրած
անունը:
Պարզ
է
ինծի
համար
որ
անոր
քունն
ու
արթունն
իրար
կ՚արժեն։
Հսկայական
այդ
վաստակը
ուրիշ
կերպով
չէր
արդէն
նուաճելի:
Այդ
է
պատճառը
որ
Ալիշան
տպուածին
մօտիկ
չափով
անտիպ
է
ձգած:
Այդ
է
պատճառը
որ
Գ.
Յովսէփեան
բազմաթիւ
գործեր
սկսած,
մասամբ
զարգացուցած,
բայց
չըլլայ
աւարտած։
Ու
երբ
կատարուի
խելամտումը
թէ
այդ
աշխատանքները
այլամերժօրէն
մասնագիտական
նկարագիր
ունին,
կը
հասկցուի
թէ
ինչու
այդքան
շատ
ըլլայ
անաւարտին
քանակը։
Գ.
Յովսէփեանի
երկասիրութիւնները
ծանրօրէն
կը
մնան
ենթակայ
արտաքին
ազդակներու:
Աւերակներու,
հին
ձեռագիրներու
ճակատագի՜րը:
Երբ
այցելեք
իրեն,
իր
դարաններուն
տրտում,
Գաղիացիք
կ՚ըսեն,
austère
խորհուրդին
մէջ
կը
զգաք
որ
անհուն
այդ
մթերքը,
պուտ
պուտ
հաւաքուած,
ինքնին
իր
տռաման
կը
պարտադրէ
ձեզի։
Ձեր
ներսը
կը
բացուի
նուրբ
ցաւը
իր
գործի
ճամբուն
իյնալու
սահմանված
կռուողին
ու
կը
հեռանաք
խորհելով
մարդ
ըսուած
կենդանիին
անդարման
խեղճութեան:
Անտիպի
տռաման
այսքան
մը
թելադրելն
ալ
շատ
մի
տեսնէք
…:
Երբ
մեր
նայուածքը
դարձնենք
տպեալին,
իրմէ,
կը
համակուինք
դարձեալ
ծանր
տրտմութեամբ
մը:
Ատիկս
կը
բխի
վաստակին
ընդարձակ
զանազանութենէն։
Ստոյգ
է
որ
Գ.
Յովսէփեան
Մխիթարեան
մը
չէ,
այսինքն
շարժուն
համայնքագիտարան
մը
իբրեւ
չէ
սիրած
ապրիլ:
Իր
գործին
մէջ
կայ
ներքին
միութիւն
մը
որով
կը
զատուի
անիկա
օրինակի
մը
համար
մեծ
արտադրող
Հ.
Ս.
Երեմեանէ
մը,
դարվինակութեան
վրայ
հատորէ
մը
մինչեւ
ողբերգական
քերթուածը
միջոց
մը
լեցնող:
Բայց
այդ
միութեան
իսկ
ստեղծումն
է
իր
գործը
դասաւորել
կրնալու
դժուարութիւն
մը։
_
Գ.
Յովսէփեան
տպագրած
է
ա)
–
Ազգագրական
տարողութեամբ
գործեր.
–
Սասմայ
Ծռեր
(1892),
Փշրանքներ
Ժողովրդական
բանահիւսութիւնից
(1892),
Ռոստոմ-Զալ,
վէպը
եւ
ասոր
ուսումնասիրութիւնը
(1901-1904)։
բ)
–
Մատենագրական
Ուսումնասիրութիւններ.
–
Մխիթար
Սասնեցի
(1899),
Խոսրովիկ
Թարգմանիչ
(1903),
Թովմա
Մեծոփեցու
կեանքը
(1914),
Մխիթար
Այրիվանեցի
(1931),
որոնք
առանձին
հատորներով
ալ
լոյս
են
տեսած,
հանդէսներէն
արտատպուելով։
Ոսկեբերան
էն,
Կիւրեղ
Ալեքսանդրացի
էն,
Որոգինես
էն`
գործեր,
որոնց
սկզբնական
բնագիրերը
այսօր
կորսուած
կը
համարուին,
բայց
պահուած
են
հայ
թարգմանութիւնները,
ձեռագիր
անշուշտ:
Ս.
Սիւնեցիի
Մեկնութիւն
չորից
աւետարանաց
ը,
եւ
Գ.
Մագիստրոսի
թուղթերը
այս
տեսակի
աշխատանքներ
են,
տպագրութեան
համար
պատրաստ։
Անահիտ
ի,
Արարատ
ի,
Հանդէս
Ամսօրեայ
ի,
Շողակաթ
ի,
Լումայ
ի,
Տարազ
ի,
Հովիտ
ի,
Սիոն
ի,
Նոր–Գիր
ի,
Պայքար
ի,
Հայաստանեայց
Եկեղեցի
ի,
Հասկ
ի
նման
հանդէսներու
մէջ,
յիշելու
համար
կարեւորները,
մատենագրական
հարցերում,
մատենագիրներու
գիրքերու
վրայ
տիրապէս
գրուած
ուրիշ
աշխատասիրութիւններ:
գ)
–
Պատմական
ուսումնասիրութիւններ.
–
Եռահատոր
մեծադիր
(քառածալ)
Խաղբակեանք
կամ
Պռոշեանք
գործը,
Հաւուց
Թառի
Ամենափրկիչը,
Ազիզբեկեանք,
«
Ձագավանից
Ժողովը
»,
Արագածի
գագաթին
։
դ)
–
Պատմական
–
Հնագիտական
Ուսումնասիրութիւններ.
–
Գրչութեան
Արուեստը
հին
Հայոց
մեջ,
Խոտակերաց
Ս.
Նշան,
Հայ
Ճարտարապետութիւնը
Ստրիչիկովքսու
նոր
աշխատութեամբ,
Մի
էջ
Հայ
Արուեստի
եւ
Մշակոյթի
Պատմութիւնից
։
Երեք
շարք`
Նիւթեր
եւ
Ուսումնասիրութիւններ
Հայ
Արուեստի
եւ
Մշակոյթի
Պատմութեան,
առանձին
պրակներով
ա)
–
Վախթանգ
որդի
Ումեկայ,
Իգնատիոս
նկարիչ
եւ
Շոթոռկանց
տոհմը,
Հաղբատի
դպրոցի
մի
գլուխ
գործոց
(Գետաշենի
Աւետարանը)
։
բ)
–
Կոստանդին
Ա.
կաթողիկոս,
Մի
ձեռագիր
Աւետարան,
Դարձեալ
Իգնատիոս
Հոռոմոսցի
մանրանկարիչի
մասին
։
գ)
–
Պտղեվանքը
եւ
Գմբեթաւորումը
Հայ
Տաճարների,
Գերեզմանական
կոթողներ
եւ
նրանց
հնագիտական
արժեքը
Հայ
Արուեստի
Պատմութեան
համար:
ե)
–
Տպաւորապաշտ
էջեր.
–
Արագածի
կատարին
ի
խնդիր
Լուսաւորչի
Կանթեղին:
Կեանքիս
ամենադժբախտ
օրը
եւ
երջանկութեանս
րոպէն
։
զ)
–
Կրօնական,
բարոյախօսական,
ազգային
–
պատմական
էջեր,
Սարկաւագութենէն
մինչեւ
կաթողիկոսութիւնը։
Դեպի
Լոյս
եւ
Կեանք
հատորին
մէջ
խմբուած
քարոզներ
եւ
յօդուածներ:
է)
–
Ու
անտարազելի
ուրիշ
շատ
մը
գրուածքներ,
ներածութիւն,
փշրանք,
յուշ:
Այսպէս
ստորաբաշխուած,
սա
վաստակը
զինքը
պայմանող
վատնումէն
վեր
թելադրանքներ
ունի
բոլոր
անոնց
համար
որ
չարհամարհելով
հանդերձ
ծաւալը,
նկատի
կ՚առնեն
գինը
արդիւնքին։
Մատենադարանի
հեշտանքներուն
անձնատուր
մէկը,
տարիներով
կրնայ
դիմանալ
խորշերուն
ծոցը
թաղուած
ձեռագիրները
նօթագրելու,
արտահանելու,
լուսանկարելու
նոյնիսկ։
Ինչ
հարկ
անունի:
Բայց
նոյն
գիծը
չունի
աւերակի
մը
առջեւ,
կամարի
մը
երկու
ոտքերէն
կախ
մարմարի
մը
երեսէն
բզկտուած
քանի
մը
տողերը
կարդալու,
արտագրելու,
նօթագրելու
նոյնիսկ
նիւթական
աշխատանքը
որմէ
անդին
կը
սկսի
իրական
տագնապը
այդ
գիրերէն
մշակոյթի
պատմութեան
մը
բարձրանալու:
Գ.
Յովսէփեանի
վաստակին
կէսը
այսպէսով,
իյնալով
սա
կրթանքի
ծիրին,
կ՚անցնի
մեզի
ծանօթ
բանասիրականը:
Այդ
վաստակին
մէջ
կան
զուտ
գիտականը,
այսինքն
աւագ
ու
կրտսեր
արուեստները
յընդհանուրն
շահագրգրող
մեծատարած
աշխատասիրութիւններ
(
Քարտէզները,
ոսկերչութեան,
գրչութեան,
կերպասներու
վրայ
կատարուած
մանրազնին
վերլուծումներ)։
Զուտ
մատենագրականը
ուր
մեր
մատենագիրները
հասկանալու,
արժեւորելու
արարքները
մնալով
հանդերձ
բանասիրականին
գոյին
մէջ,
կը
պաշտպանուին
արուեստի
որոշ
լոյսերով։
Զուտ
պատմականը,
այնքան
արագ
ինքզինքը
զատող
մեր
վարժութիւններէն,
յայսմաւուրքեան
կամ
դատախազական
բաջաղանքէն:
Զուտ
հնագիտականը
ուր
ասպարէզէն
երկար
փորձառութիւն
էր
անհրաժեշտ
զատելու
համար
քարերուն
ոճերը,
դարերը,
ոգիները։
Այս
կրթանքներուն
իւրաքանչիւրը
ինծի
հետ
պիտի
ընդունիք
որ
պայմանաւոր
է
մասնագիտական,
թեքնիկ
ձեռնհասութեամբ:
Հաւաքումն
ալ
գիտութիւն
մըն
է։
Որքան
ուրախ
եմ,
ըսել
կրնալու
համար
աւելին
ալ
–
որ
այդ
ամէնուն
մէջ
նորութիւնն
է,
անձնական
բաժին
մը,
հաւաքական
սա
հարստութեան։
Այդ
նորութեան,
նորոգման
բախտը,
շնորհը
կը
կազմէ
թերեւս
մեր
աշխատանքին
ամենէն
ապերախտ,
բայց
ամենէն
անմեռ
մասը։
*
*
*
Իմ
փորձը,
մարդ
մը
եւ
գործ
մը
հրամադրելու,
սա
ընդարձակութեան
մանաւանդ
զանազանութեան
դիմաց,
ի
հարկէ
կ՚ենթարկուի
որոշ
դժուարութեան,
երբեմն
նոյնիսկ
անկարողութեան:
Ի
պաշտօնէ
ճարտարապետ
մը
միայն,
իմ
կարծիքով,
արտօնուած
է
խօսելու
հայկական
ճարտարապետութեան
նուաճումներէն:
Գրական
վերլուծում
մը
քարէ
գիրքերուն
վրայ՝
գուցէ
անլրջութիւն։
Գ.
Յովսէփեանի
համագումար
վաստակէն
կան
բաժիններ
որոնք
կը
յորդին
իմ
ձեռնհասութենէն.
ըսի
ասիկա։
Աւելին:
Այդ
բաժիններէն
շատեր
սկսումներ
են:
Այսինքն
նիւթեր՝
որոնց
վրայ
ոչինչ
գիտենք
իրմէն
առաջ։
Այսօր
ալ
մեր
գիտնալ
կարծածը
այնքան
նախնական
է,
չըսելու
համար
անբաւական:
Յետոյ,
անցեալները
յաճախ
սխալ,
նոյնիսկ
գէշ
կը
նուաճուին։
Դար
մը
աշխատանք,
այդ
անցեալը
նուաճելու,
Վենետիկեան
հայրերուն
անհուն
կորովին
իսկ
ընդմէջէն,
մեր
անցեալը
ոչ
միայն
չբերաւ
մեզի,
այլեւ
զայն
այլափոխեց։
Կ՚ակնարկեմ
Հայոց
պատմութիւն
անունով
ծանօթ
սրբազան
աշխատանքին,
սրբազնասուրբ
աբբաններու
խորահաւատ
կիրքովը
գործադրուած։
Այրարատը
(Ալիշան)
շատուց
մտած
է
թանգարան:
Կէս
դար
է
կը
զբաղինք
մեր
մանրանկարներով:
1917ին
Սիրարփի
Տէր
Ներսէսեանի
հատորը
մեր
գիտցածը,
գիտնալ
կարծածն
ալ
կը
քանդէ:
Այդ
վաստակէն
ուրիշ
նոյնքան
լայն
բաժիններ
կան,
սակայն
որոնք
կրկնադարեան
մշակմամբ
մը
մեր
ընկալչութեանը
մատուցուած
աշխատանքով
են
պաշտպանուած։
Ատոնցմէ
մեր
պատմութիւնը,
մեր
մատենագրութիւնը,
մեր
արուեստին
քանի
մը
հիմնական
կերպառութիւնները
հասկանալի
է
որ
իմ
մէջ
ունենային
լայն
անդրադարձումներ,
քանի
որ
այս
կրթանքներուն
գործադրումը
պայմանաւոր
չէ
թեքնիք
պատրաստութեամբ:
Թովմա
Մեծոփեցի
մը
մարդ
մըն
է
Հայոց
Պատմութենէն,
մատենագիր
մը
Հայոց
գրականութենէն:
Ու
սա
կրկնակ
հանգամանքներով
մատչելի
մեր,
միջին
մարդերուս
հետաքրքրութեան
ու
սիրոյն։
Այս
բաժիններուն
մէջ
ուր
գիտունն
ու
գրողը,
հաւաքողն
ու
ճարտարապետողը
հարազատ
են
իրարու,
այսինքն
չեն
հերքեր
զիրար,
ինչպէս
կը
հերքէին
զիրար
սա
մարդերը
Վենետիկեան
դպրոցին
մէջ,
Գ.
Յովսէփեանի
անունովը
քննութեան
սեղանին
կը
բերուին
իրարմէ
բարդ
հարցեր:
Ոմանք՝
կանխող
դարու
մեր
բանասիրութեան
ծանր
տագնապները
կը
շարունակեն
կամ՝
կը
նորոգեն:
Ուրիշներ՝
բոլորովին
նոր,
չըսելու
համար
իրմով
իրենց
երեւումը
ըրած,
քաղաքացիութեան
իրաւունքը
շահած
հարցեր,
որոնց
մերձեցումը,
վերլուծումը
կը
մնան
կարօտ
մասնագիտական
պատրաստութեան։
Յետո՜յ:
Իմ
աշխատանքն
ալ
միւս
կողմէ,
կը
մնայ
հպատակ
իմ
ալ
ուժերուն,
մեծ
բառով
մը`
ձեռնհասութեան
որմէ
աելորդ
էր
խօսիլ,
եթէ
երբեք
նախասիրանքն
ալ
չըլլար
միջամուխ:
Գ.
Յովսէփեանի
վաստակին
մէջ
զիս
խանդավառող
մէկէ
աւելի
են
յաջողուանքները,
ինչպէս
իրական
եւ
ուրիշ
յաջողուանքներ
որոնց
հանդէպ
իմ
կշիռը
պիտի
ըլլար
անձնուէր:
Ի
վերջոյ
Հայոց
ճարտարապետութիւնը,
խորքին
մէջ
հրաշալիք
իբր
նիւթ,
գործականին
վրայ
իբր
անմատոյց
աշխարհ
մըն
է:
Հոն,
ուր
իմ
ուժերը,
նախասիրութիւնը
կը
նկատեմ՝
բաւարար,
իմ
նպատակն
է
ընել
արդար
կշիռը
Գ.
Յովսէփեանով
մեզի
եկածին,
հաւաքուածէն
ինչպէս
նոր
մտատեսուածէն։
Հոն,
ուր
մասնագիտութիւնը
անհրաժեշտ
պարտադրանք
մըն
է,
իմ
վերլուծումը
կը
մնայ
զգաստ,
զգոյշ,
առնուազն
խնդրական
եզրակացութիւններու
անընտել։
Բայց
որոշ
ախորժով
մը,
միշտ
այն
ընդհանուր
իր
համար
որով
արուեստի
մասնական
իրագործումները
իրարու
կը
մատուցուին։
Ինչ
որ
ալ
ըսենք,
նկարէ
մը
մեջ
յուզողը
գոյնը
չէ,
ոչ
ալ
գիծը,
այլ
անբացատրելի
այն
բանը
որ
վեր
է
գոյնէն
ու
գիծէ,
որ
հոգին
է,
այս
անգամ՝
մետաղին,
կտաւին,
մագաղաթին,
քարին
ալ
վրայ։
Այս
ճամբով
Գ.
Յովսէփեանին
գործը,
իր
ընդհանրութեան
մէջ
արուեստի
յոյզերու
հետամուտ,
ինքնաբերաբար
հայ
արուեստէն
արտայայտութիւն
մը
կը
դառնայ:
Ու
Հայ
արուեստը
ապրում
մըն
է
որ
իրաւ
է,
Սասունցի
զառաւի
մը
կամ
Եւրոպա
ըրած
երկչուհիի
մը
շրթերուն:
Գ.
Յովսէփեանի
գործէն
կան
սակայն
բաժիններ
որոնք
բացառիկ
շահեկանութեամբ
մը
կը
գրաւեց
զիս,
ա)
–
Մատենագրականը,
զոր
ուրախ
եմ
կարենալ
արժեւորելու
ցարդ
այս
տարազին
մէջ
անծանօթ
ընդարձակութեամբ
մը։
Գաղտնիք
չէ
թէ
ինչ
տափակութիւն,
յայսմաւուրք,
ֆիշ
ու
առաքում
կը
նշանակէ
այդ
բառը
մեր
մատենագրական
աշխատանքի
բանուորներուն
մեծ
մասին
համար:
բ)
–
Պատմականը
որուն
հանդէպ
երկու
դարէ
ի
վեր
զեղծում,
զեղծանում,
զարածում
չիկայ
որ
նետած
չըլլանք
մեր
միամտութեան,
խանդավառութեան
կամ՝
փէտանթիզմին:
Մի
մոռնանք
որ
Գ.
Յովսէփեան
արեւելահայ
դպրոցի
գործաւոր
մըն
էր,
ու
այս
օրուան
պատմութիւնը,
Խորհրդային
Հայաստանի
մէջ
միայն
իրաւութիւն
մը
չէ,
այլեւ
գեղեցկութիւն
մը,
երբ
անոր
մօտեցողը
իսկապէս
ազատագրուած
միտք
մըն
է
(Ադոնց,
Մանուէլեան,
եւյլն
):
դ)
–
Բանասիրականը
որ
դարձեալ
իր
իմաստէն
պարպուած
ու
ամէն
պատուելի,
տիրացուի,
գրոց-բրոցի
յագեցում
տոող
ներքինի
կրթանք
մը
ինչպէս,
եթէ
այսօր
ինկած
է
արժեզրկման,
Գ.
Յովսէփեանի
մէջ
կը
պահէ
նորութեան,
իրաւութեան
շեշտ
արժանիքներ։
Այս
երեք
հիմնական
շահագրգռութիւնները
մատչելի
են,
իմ
կարծիքով,
մեր
միջին
ընթերցողին:
Հնագիտականը,
զուտ
գիտականը,
մանր
արուեստների
իրագործումները
(մանրանկար,
զարդանկար,
ոսկերչութիւն,
կտաւի
վրայ
գործեր),
ճարտարապետականը
կը
պահանջեն
աւելի
մասնաւորուած
միտքի
գրութիւն,
ինչպէս
թեքնիք
պատրաստութիւն։
Յովսէփեանի
մասնայատուկ
արժանիքը,
անշուշտ,
այսպէս
տեսակաւորուած
սա
նիւթերու
մշակումը
իրագործել
մէկ
մեթոդով
։
Ոգի,
գաղափարաբանութիւն,
լեզու,
ձգտում
կը
պահեն
սա
նիւթէն
պարտադիր
համերաշխութիւնը։
Արուեստին
յաւիտենական
միութեան
անդրադարձը
կազմող
սա
մասնայատկութիւնը
այս
մարդուն
որ
գործին
ետին
ունի
իրեն
յատուկ
ալ
տարազ
մը,
այնքան
յաճախ
անոր
էջերէ
ինքզինքը
պարտադրող:
Ալիշանի
շքեղ
տեղագրութիւնները
եթէ
պէտք
ըլլար
մէկ
երկու
բառի
մէջ
խտացնել,
պիտի
չսխալէինք
այդ
բառը
ընտրել
հայոց
պատմութիւն,
հայոց
աշխարհ
տարազներէն,
ըսի
անգամ
մը։
Գ.
Յովսէփեանին
առաջարկելի
նման
տարազ՝
–
պատմութիւն
հայոց
մշակոյթին,
իր
իսկ
բառերովը՝
–
ՀԱՅ
ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ
ՈԳՈՒՆ: