Արեւելահայ բանասիրութիւնը եւ Էջմիածին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե. ՀԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Սովորամտութիւն մը թերեւս ախորժէր, վախճանական փառասիրութեամբ մը, վերլուծական գնացքով այսինքն՝ հաստատ դէպքերուն, վկայութեանց տոտիկներով, եւ անդադար ստուգումին, հակափորձին ճնշումին տակ զարգացած աշխատանք մը որպիսին կը նկատեմ ներկայ փորձը փակել շարքով մը սանկ ծանր բռնուած, մեծագին, «ուզուած» ձեւով մը սպաւորիչ էջերու, հոգ չէ թէ ասոնք ցանկ քիչ մը ուռած թուէին։ Օտար բառով՝ անֆազի շեշտով մըն ալ արձակէին իրենցմէ

մեծ մեծ կտրելու (ժողովուրդը կ՚ըսէ՝ ջարդելու), ծանր, փայլուն խոստումներու, գուշակութեանց հեղեղի մը վրայ, շլացիկ երազներէ, մտատեսութիւններէ, գունագեղ, պատգամախօս երեւակայութենէ պաշտպանուած, ու հարկադրաբար քիչ ապահովիչ։ Սա գործողութիւնը, հարազատ յորջորջումով` համադրականին համար սա թելադրանքը, պիտի կրնար իրենց լեզուն գրելու ընդունակ եւ քիչիկ մըն ալ պատկեր կերտելու շնորհներով օժտուած բայց տկլոր ու բնիկ ուղեղները առաջնորդել ծանր համբաւի, ինչպէս է իրականութիւնը արդէն Սփիւռքին բոլոր կարեւոր կեդրոններուն մէջ երբ թերթերուն, նոյնիսկ թերթուկներու մէջ, խորհրդածելու պատրուակին տակ կը բանաստեղծեն ու փափաքներ առաջարկելու տրամադրութիւն մը կը վերածեն պատգամախօսական կշռոյթներու: Կէս դար առաջ նման ոսին փառասիրանք մըն է հայոց մշակոյթը, հիմա՝ մարդկութեան մշակոյթը ։ Ինձի կը պակսի սիրտ քիչ մը աժան սա հպարտութիւնները վերլուծելու:

Կ՚ընդունիմ որ համադրութիւնները կը բարերարեն երբեմն մեր յոգնութիւնը, թափառումները, վատնումը, զանոնք գնելով քանի մը պայծառ, տիրական, խիտ, արտայայտիչ պատկերանքներու փառքով ու փաստովը։ Բայց նոյն պարզութեամբ կ՚առաջարկեմ՝ որ ընդունիք վտանգն ալ երբեմն անդարման առածումին։ Գիտական տարողութեամբ գործադրութեան մը վրայ, համադրութիւն մը շատ դիւրութեամբ պիտի կրնար բառի, բառահանդեսի վերածուիլ: Գ. Յովսէփեանի արգասիքը, այլամերժօրէն վերլուծական մեթոտի [1] ծնունդ, այլապէս բարձր միջամտութեամբ մը զիս կ՚արգիլէ արկածախնդրութենէ երբ այնքան պայծառ է մանաւանդ իրողութիւնը որուն համեմատ այլ գործին կտիկ կտիկ յառաջացող, միչեւ ստուգող, միշտ կասկածները կշռող բանուորը երբեք չըլլայ մտածած թերեւս սիրելի, հրապուրիչ բայց անպայման վտանգներով լեցուն այդ յանդգնութեան։

Իմ փորձին սա վերջին գլուխը, իր քիչ մը յաւակնոտ խորագիրովը ուրեմն, չի ծառայեր աւելորդ պատրանքներ սնուցանելու: Անիկա ինքնայարդար, թերեւս անվնաս ալ հետեւանք մըն է ծանր, անհանգիստ, շփոթ ձգող զգացումներու որոնք Գ. Յովսէփեանէն նուաճուած շատ տարածուն արդիւնքին մէջ քանի մը polict de fc pyre կը ջանան հաստատել եւ կը ձգտին, հաւանաբար հակակշռել աղօտը, անորոշը, հեռաւորութեան ու մեծութեան մէջ hարկադրաբար իր առանձնակին, մասնակին կորսնցուցած կերպարանքէն սռաջացող անհանգստութիւնը: Այս պահանջը՝ յստակին, մօտին, մասնակիին, դուք միայն մեծ խուզարկութեանց ընթացքին չէք հաստատեր ձեր մէջ։ Հարիւրաւոր մանրանկարներու նկարագրութիւնը, ինքնին դժնդակ ծանրութիւն մը, ձեր յիշողութիւնը կը դնէ տառապագին զգայութիւններու ներքեւ, մանաւանդ երբ օրէնքներու, համադրական պատկերներու հետամուտ ոգիով մը կը բանաք այդ էջերը, ու չէք մտածեր զանոնք լեցնողին մտահոգութեանց: Աւագ, աննահանջ, սկզբնական եւ սրբազան պարտքը՝ փրկութիւնն է յիշատակարանին, փշրանք թէ պալատ ի փառք, չի փոխուիր տագնապը։ Գ. Յովսէփեան, ըսի առաջները, գիտակից է իր մեթոտին ստեղծելիք յոգնութեան։ Բայց ձեզի հաճելի ըլլալու համար անիկա պիտի չգործեր սրբապղծութիւնը վաւերագիրը համառօտելու, վաւերագիրը՝ որ կրնայ փճանալ, մինչեւ անոր fac–sixmiléն կը դիմանայ։ Այսպէսով է որ բնագիր ու ծանօթութիւն, հազարաւոր ձեռագիրներէ ձեզի կ՚առթեն վախ, յոգնութիւն բայց խորունկ ալ վստահութիւն, իր գործին հետ:

Համագրումի փորձ մը պիտի հեշտագին արժեւորէր պատեհութիւնը, Գ. Յովսէփեանի վաթսուն տարիներն առանձնացնել, Գաղիացիք կ՚ըսեն illustrer ընել, քանի մը շատ ընդհանուր, տիրական կտաւներ որոնք, խտութեան լեզւով մը պատմէին երազներէն սա մարդուն, այնքան միակտուր խանդով մը հալածուած իր մտատիպարներէն, իր ժողովուրդը, ասոր ճակատագիրը, ասոր շնորհներուն հակառակ՝ ողբերգութիւնը հասկանալու կիրքը ազատագրելով հայրենասիրական հասարակաց բաթեթիքեն (Սրուանձտեանցը, Ալիշանը բերէք սա վերագրումին լոյսին) ու ճամբայ հարթելով դէպի աւելի բարձրորակ ապրումներ, մարդ կենդանիին ազնուագոյն յոյզերը թարգմանող: Ի՛նչ որ իր սերունդէն թեւ մը կարծեց գործադրած ըլլալ մեր արուեստին փառքին տարփողովը: Ու ուրիշ թեւ մը մեր մարտական ապրումներուն վրայ հաւատաց վստահիլ սրբագրութիւնը մեր ճակատագրին։ Արեւելահայերը կ՚ախորժին նման զգայութիւններ իւտոպիա անուանել, մանաւանդ այսօր, մեր մտահոգութեանց սլաքը բացառաբար ուղղելով տնտեսական մարզերուն։ Մեծ, խոր, ազնուացնող ապրումներուն պարտադրուած եւ նուազումը, չըսելու համար բռնաշապիկը զիս չի վախցներ: Լաւ իմացեք, ինչ որ քաղաքակրթութիւն կը կոչէք, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ նման ապրումներու շղթան, հոգիին բջիջներովը կազմուած, ժողովուրդէ ժողովուրդ, ու դարէ դար։ Մտածեցէք շրջաններուն երբ նոյն յոյզը կը վառէր միլիոններու սիրտերը, լատին, հելլէն, քրիստոնեայ առաջ էին մշակոյթներուն օրերուն,

Այդ երազները, անոնց վրայ անսասան հաւատքը, անոնց համար մեռնելու պարզուկ հերոսութիւնը հարիւրաւոր անգամներ մենք կը գտնենք արձանագիր հաստատուած մեր տարեգրութեանց ներսը: Ու այդ ամէնը իրենց ժամանակներուն յատուկ կերպարանքներով այս անգամ՝ Գ. Յովսէփեանի սամբողջական գործին բոլոր մեծ ու պզտիկ միաւորներուն գումարը ունին գոյութիւն, այսիքն ինկած են, սեւեռման, իրաւ եթէ ցրիւ, զիրար կրկնելով, բայց կրկնելով նոյն ատեն կեանքը: Յուզիչ է լսել անոր բերանէն, իր գործերուն սեւ թելադրանքին խիտ տարազները

հայ գրչագրութիւնը պատմութիւնն է հայ միտքին աննուաղ վերելքին,

հայ մանրանկարը հայ հոգին մարմնառութիւնն է, դարերու երկայնքով,

հայ յիշատակարանները (ձեռագիրներէ) կը խտացնեն տարօրինակ ընդարձակութեամբ ապրումներ,

հայ ձեռագիրը դարերու ապրումներ է պատսպարած իր ամէն մէկ բառին,

հայ ձեռարուեստի առարկաներուն մէջ կ՚ապրին ոչ միայն մեր պապերուն նիւթեղէն հոգին, այլեւ անոնց գեղարուեստական խռովքները, անոնց կիրքերը:

Այս տարազները, սա ցամաքութենէն երբ փոխադրուին մտատեսական կենդանութեան, կը թելադրեն մեզի քանի մը հազար տարիներու ոչ միայն նիւթեղէն պատմութիւնը, այլեւ մեր Ժողովուրդին իսկ լինելութեան խորհուրդը: Ահա թէ ինչու ներկայ փորձին սա գլուխը, իր խորագիրը կը համարձակի պաշտպանել… ձեր չքմեղանքը ուզելով։ Կը ցաւիմ որ սա գործողութիւնը, այսքան ընդարձակ ու այսքան ցրիւ վաստակ մը համադրելու, ըլլայ ինկած այդ խորագիրին տակ։ Տակաւին։ Ինծ կը ներեմ յիշեցնել ալ որ համադրութիւնը, երբեմն կը դառնայ պարտադրանք նոյնիսկ, բարձրանալու համար տարրերէն, իմաստին, իմաստէն` խորհուրդին: Այսօր նորոյթէ ինկած, իմացական սա գործողութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է սակայն երբ մտածէք թէ անցեալին վրայ ամէն աշխատանք կը կրկնէ ճակատագիրը մեռելին որմէ ափ մը փոշի, հողին տակ կամ սափորին մէջ ստիպուած է խօսիլ էն քիչը կէս դար ապրումէ։

* * *

Գ. Յովսէփեան ծանր իր երկասիրութիւնները կը սիրէ բանալ հիմնական, ընդարձակ, չընելու համար համապարփակ գաղափարով մը

որուն խտութիւնը համեմատական է սակայն խորհուրդէ թելադրանքէ իր հարստութեան։ Այդ գաղափարը ոչ փայլակնային ցոլք, ոչ ալ գլխու պտոյտ պատճառող խորութիւն մը կը փառասիրէ, բայց է տպաւորիչ իր պարզութեան, խռովիչ՝ իր անդրադարձումներուն մէջ, ճիշդ ինչպէս կը տրուի մեզի ըլլալ հաղորդ նման ապրումներու ամէն անգամ որ աւերակէ մը, պեղում մը մեր զգայութեան կ՚ընծայէ երբեմն փշրանք մը անունի, երբեմն տող մը մտածումի, մեզ երազանքի, յուզումի, կոծկոծուն անդրադարձումներու առաջնորդող, ամէն մէկ նշանի, գիրի գիծին ետին տեսնելու աստիճան ճօճումները, փոթորկումները վաղնջաւոր քաղաքակրթութեանց։ Ամէն հնագիտական առարկայ խտութեան սա անբացատրելի ծորումներով է որ կը զանազանուի իր նմանէն, առօրեայ գործածութեան մէջ այնքան հասարակ, բայց գերեզմանէ մը հանուելով կարծես ստիպուած ըլլայ իր ստացումները պատմել: Ուր կը տարբերի ճերմակ ածուխը ադամանդը ճերմակ ապակիէն։… Տարբեր չէ զգալու սա եղանակը, մեր օրերուն, օրինակ՝ օրէնքներու տարազներուն դիմաց։ Օրինագիրքէ մը, յօդուած մը, համարով մը տրուած, այսինքն առանձնացած,

  յաճախ կարճ հիւսք մըն է քանի մը նախադասութիւններու, երբեմն՝ առանձին ալ նախադասութիւն մը։ Բայց անոր ետին։ Արտասանեցէք՝  

սպաննողը կը պատժուի մահուամբ

նախադասութիւնը որպէսզի համոզուիք ահաւոր ընդարձակութեանը թելադրուածին

Գ. Յովսէփեան, որեւէ գործ իրմէ լեցնելու կանչուած այդ համապարփակ գաղափարը կը ստորաբաժնէ, քիչ մը աւելի լուսաւորելու, բնորոշելու համար շատ շատ էջի մը հասակով, կը սահի շատ արագ, այդ գաղափարէն սպասելի արտահանելի բարիքներուն ուրուային հանդէսէն ու կ՚անցնի իր գործին

այսինքն շատ յաճախ իրարմէ հիմնովին տարբեր պայմաններէ բխող բայց արտաքնապէս իրարու նման իրողութիւններու հանդէսին: Իր մենամոլութիւնը՝ իրողութիւնը, factը, փաստը, տoգիւմենտը:

Երբեմն տարիներ կը ձգուին սա հանդէսին զանազան տեսարաններուն ընդմէջ։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ Մանրանկարչութեան անդրանիկ նմոյշներուն հաւաքման եւ անոր հանրահանդէս ալպոմ՝, քարտէզ մատուցման մէջտեղ կէս դար ու աւելին կ՚անջրպետուին: Իրողութիւնները, երբեմն կը դրուին պահ, դարակներու բանտին մէջ կարծես աւելի բիւրեղանալու համար։ Իր մեթոտին հիմնական մէկ առածը

երբեք չաճապարել։ Այսինքն իրողութիւնը չնկատել ինքնաբաւ, վասնզի անհուն են ծածկուած գանձերը եւ ոչ ոք յուuահատելու ունի իրաւունք նորին երեւումէն։ Ըսի թէ Քարտէզ հայ մանրանկարչութեան գործը կէս դարէ աւելի է որ կը սպասէ, նշան թէ հիմնական, համապարփակ գաղափարը այդ աշխատասիրութիւնը թելադրող պարկեշտ է ու պարզ։ Փառք, շահու ակնկալութիւն, նոյնիսկ գիտունի նախանձախնդրութիւն անբաւական` կը մնան զինքը զիջումի մղելու: Ու ինչպէս որ օրէնսդիրը իր նախադասութիւնը կամ ասոնց հանգոյցը կազմելու ատեն յաճախուած է շատ արձակ կեանքէն, Գ. Յովսէփեանն ալ, իր գործի մուտքին, սկզբնական այդ էջը դնելէ վերջ, կը պատրաստուի անոր ապացուցումը գործադրելու հարիւրաւոր էջերու վրայ, հանդարտ, հարստութեամբ հասարակշիռ, բայց մանաւանդ առցանց աճապարանքի, անշեղ ու անողոք պայծոռամտութեան մը մէջ, տառ առ տառ քակելով, այդ էջով մատուցուած հունձքին բովանդակ առատութիւնը հեշտագին պարտադրելով մեզի, այս անգամ հարիւրաւոր էջերէ յորդող հեղեղի մը նման, իրողութիւններ, իրողութիւններ, իրողութիւններ, բոլորն ալ մնրոկրկիտ զննութեան, ստուգումին հովէ, անցած, ստուգումի loupէն վկայափառ, գիտունը յատկանշող խստապահանջ խղճահարութեան ալ սարսուռովը տաքցած, ըսել կուգայ:

Նման մեթոտով մը զարգացող սա աշխատանքին մէջ առարկայական տուեալներու, գործիքներու դերը հասկանալի որ ըլլայ գերակշիռ: Ընդօրինակութիւնը, դժնդակ որքան զուր վատնում ուժի եւ ժամանակի մեթոտին սկզբնական յօդուածներէն մէկն է։ Յարակից դժբախտութիւնը ընդօրինակելիին յաճախ ողբերգական թերութեանց, դժուար մատչելիութեան: Խորհիլ որ քարերու, մագաղաթներու, փայտի եւ կտաւի երեսներուն վրայ գիրը չի կրնար հանդարտ նշան մը մնալ: Այս պզտիկ մանրամասնութիւնները պիտի բաւէին պարզելու անհուն սպառումը բոլոր հնութեամբ զբաղողներուն: Լուսանկարը որ անհրաժեշտ լրացուցիչն է ընդօրինակութեան։ Աստիճան մը առաջ՝ գունանկարը: Այս ապահովութեան միջոցներու կշի՞ռը հոս: Ա՛ն որ որոնք բոլորը պիտի գործածուին շատ շուտ կէս էջ լեցնելու նսեմ փառքին սպասին։ Գ. Յովսէփեան օգտագործած է այս ամէնքը իրեն յատուկ լրջութեամբ, կորովով, յամառութեամբ, յոգնավաստակ գործարաններով բայց անխոնջ հաւատքով։ Ու այս բոլորով պաշտպանուած, աշխատութեան սա եղանակը կը վերածուի կեանքը որ հոս կը նշանակէ անհունը անցեալին, մեռելներուն ու իրենց հետքերուն վերակազմելու էապէս ստեղծագործ արարքին, այսինքն՝

արեւելահայ բանասիրութեան մայր արժանիքին, առաքինութեան որ հմտութիւնը ախորժած է օգտագործել կեանքի գիւտին ի խնդիր:

Այս պարզ նախադասութիւնը իբրեւ անդունդ կը ձգուի [2] ընդմէջ Էջմիածնական եւ Մխիթարեան իւմանիստ կրթանքներուն, մեթոտի հարցին մէջ անշուշտ: Զանազան առիթներ օգտագործեր եմ այս տարբերութիւնը բացատրելու, արդիւնքին հսկայական հակադրութիւններովը, երկու կրթաքներէն: Մխիթարեւանները երբ այս էապէս բարեացակամ, միայն հայ ժողովուրդին բարիքը հետապնդող, յամառութեամբ պահանջող խաչակրութիւնը կը վերածեն իմ գրականութեան ընդհանուր ճակատագրին, զիս չեն կրնար զարմացնել:

Գ. Յովսէփեանի թեքնիքին լրիւ գործադրութիւնն է անշուշտ Խաղբակեանքը որուն սկզբնական էջը կը համադրէ ամբողջ գործը, եռահատոր քառածալ կառոյց։ Եթէ ուզենք քիչ մըն ալ սեղմել մեր վերլուծումը, սկզբնական այդ էջէն առնելու համար ընդհանրական, գործը իրենց վրայ կրող պատգամակերպ հաւաստումներ, պիտի գտնենք որ հարիւրաւր էջերը կառոյցին ուրիշ բան չեն եթէ ոչ ապացուցումը պարզագոյն վարկածներու, չըսելու համար օրէնքներու: Սխա՞լ արդեօք, յայտարարել որ

ԽԱՂԲԱԿԵԱՆՔԸ մանրակրկիտ, խղճամիտ, սպառիչ պատկերացում մըն է, մտատեսօրէն յղացուած բայց առարկայօրէն գործադրուած, հայոց պատմութեան գրեթէ խաւարակուռ մէկ շրջանէն, անտիպ բայց անվրէպ տարրերու (ձեռագիր, քար, եւայլն) հանդէպ տիրական փոյթով մը, ու պատկերացումէն վեր ալ պայծառ առաջադրութեամբ մը, հայ արուեստին շուրջ մասնաւորումով։ Երեք հատորները գրեթէ ուրիշ բան չեն եթէ ոչ այսպէս խտացուած քանի մը տողանոց ծրագրի մը, իդէալի մը կեանքի վերածուիլը: Ահա ճակատագիր մը ու ահա կենսագործում մը: Ու սա հանգամանքը նոյնութեամբ գոյ բոլոր միւս հատորներուն ալ ներսը։ Անշուշտ, սա համադրումը պիտի ստանար աւելի պայծառութիւն, թելադրականութիւն եթէ կարողանայինք կրկնել եղանակին վրայ հարցումը, Յիշատակարաններուն, Գրչագրութեան, Մանրանկարչութեան անտիպ հատորներուն ալ վրայ։ Ո՞ր հիմնական գաղափարը իր վրայ կը կրէ սա շէնքերը։ Հարցուցէք [3] եւ տրտմութեամբ սպասեցէք։

Յետոյ, ներեցէք ինծի որ անգամ մըն ալ յիշեցնեմ ձեզ ի մասնուոր պարագայ մը: Գ. Յովսէփեանին հիմնական փառասիրանքն է իր աշխատանքին նկարագիրը զանազանուած տեսնել մեր բանասիրական ընթացիկ թեքնիքին մէջ։ Ատիկա Իր յամառ պահանջն է,

գիտականին ։

Պէտք է լսել իր բերանէն բառը։ Կ՚ըսէ ու չի կշտանար, գուցէ հալածուած վախէն որ ծնունդ է իր մէջ մեթոտին կեղծիքովը գործուած չարիքին։ Որքան լայն է եղած սա զեղծանումը: Որքան յաճախադեպ է հանդիպել մարդոց, երբեմն բանգէտ երբեմն բոպիկ որոնք իրենց լսած բաներէն կը խօսին այնքան վստահութեամբ, պաշտպանութեանը մէջ գրական պատմուճանին եւ կամ իրենց տափակ, հասարակ հաւաքումները հակ հակ կը դիզեն մեր առջին, սպասելով որ այդ ոսկեճամուկ հանդերձանքին տակ պահուըտած անվաւերը, պատահականը, կամ հակերու խորը թխմուած քրձեղէնը, կոտորուանքը արժեւորենք բեհեզին գինովը։ Ու անմիջապէս մտաբերել

Լուրջ, ժպտագին, արդարօրէն եւ հարազատօրէն, գիտական իրաւութիւնը Գ. Յովսէփեանի թեքնիքին:

Նոր չէ որ գիտութիւնները չեն ախորժիր խոյանքէ։ Անոնց սպասարկուները, բանւորները ամէն բանէ առաջ կասկածաւոր մարդեր են, շատ բուռն փափաքէն գերեվար՝ հաստատ ստուգութեան: Անոնցն է վախը գտնուածին վաւերագրական արժէքէն, դանդաղանքը, աջ ու ձախ խուզարկումը, փնտռտուքին հնհնուքը՝ այդ գտնուածը վճռապէս արժեւորելու, դասաւորելու արարքներուն մէջ, ետ–դարձները՝ բացարձակ ապահովութեան, ստուգութեան սոսգնապով մը իրենցմէ իրենց պարտադրուած, երբեմն սրտառուչ կործանումներ ու տրտում, արգահատելի վերսկսումներ: Առանց իմաստասիրական տարազներու, կրնանք թերեւս ընդունիլ որ մտատեսումը կ՚արժէ յաճախ կեանքին, այսինքն ապրումին հաւասար, քանի որ դիտուած է որ երբեմն ան յաջողած է գիտունները մղել, փշրանքի մը համար, ովկէանոսներն իսկ կտրելու կամ 4–5000 մէթր բարձրութեամբ ցցուածքներ վերելակելու:

Գերմանակա՜ն,

պիտի աճապարէր գուցէ բացագանչել մէկը, դատապարտութեան շեշտ մըն ալ ձայնին մէջ, մեր ոտը արժեզրկելէն աւելի՝ ստերջ հմտութեան չարիքէն արդարօրէն տառապող ու համադրամոլ, երբ գիտէր թէ սա ունայն ախորժակը չըսելու համար սնափառանքը հասարակ բանգիտութեան ամուլ ապարդիւնութեան կը վերածէր այնքան ծանր զոհողութեամբ կատարուած վաստակներ, մեր բանասիրութեան արեւմտեան դպրոցը պահելէ վերջ հետեւակ եւ անհորիզոն զգուշուորութեան մը մէջ ու քայլ մըն ալ չառաջացնելով մեր ժողովուրդին գիւտը: Ստիպուած եմ մտածումներս թանձրացնել օրինակներով։ 1850ին Ալիշան սրբապղծութիւն պիտի նկատէր մեր քերթուածներուն (սրբազան քերթողութիւնը Շարակնոցին) մէջ ուղղափառ աղօթքէն դուրս ուրիշ ապրումներու ալ մտածել։ Գ. Յովսէփեան 1900ին երբ կը հաւաքէր անգիր բանահիւսութեան փշուրները, կը հաւատար թէ կը ծառայէր հայոց սրբազան բանաստեղծութեան պայծառագին ըմբռնելիութեան, քանի որ շարական եւ անտունի բխումներ էին նոյն ու մէկ ակէն։ 1850ին Գարագաշ–Գաթըրճեան ելոյթը ոսկեդարեան հայերէնին մէկ կերպարանքը պարզաբանող 1900ին երբ կը գտնենք դիմաւորուած հայ գրչագրութեան պարզուկ բայց անհունօրէն աւելի թելադրական յղացքով, կը մղուինք մտածելու երկու դպրոցներուն ոչ թէ ժամանակին, այլ հոգիին մէջ իրարմէ հեռու վիճակներու զանազանութեան: Մի մոռնաք, ներկայ փորձը կը մեկնէր արեւելահայ բանասիրութիւնը հանգամանելու աշխատանքէ մը: Մխիթարեանները կը հաւաքէին, կը ճշդէին, կը դասաւորէին։ Արեւելահայերը այդ ամէնը չմերժելով, կ՚աելցնէին` կեանքն ալ: Ու թերեւս Մխիթարեան զեղծանումներուն վախէր մղուած էր որ Գ. Յովսէփեան ջանաց իրողութիւնները իբր վկայութիւն օգտագործել, անոնց շուրջը բացատրողական ելոյթներէ զգուշանալով, բայց յամառօրէն զանոնք ուղղելով մէկ ու հաստատ նպատակի մը ապացուցումին։– Պատմութիւնն էր ասիկա, կամ ասոր համար՝ նիւթեղէն հայթայթանք,

հայ արուեստին եւ մշակոյթին մարմնառութեան, որ աւելի քայլ [4] մըն էր անշուշտ քան Մխիթարեան գաղափարաբանութիւնը:

Ըսի թէ Գ. Յովսէփեան չափազանց զգուշաւոր է ամէն շեղումէ, զեղումէ, արկածախնդրութենէ: Զինքը խարդավառած են միայն ու միայն իրողութիւնները եւ ասոնց թանձրացեալ հետքերը, մեծ մասը առաջին անգամ իրմով ինկած սեւեռման: Կ՚առնեմ իր ամէնէն յանդուգն, նոյն իսկ վտանգաւոր նկատելի մէկ խորագիրը

Գլաձորայ համալսարանը (ԽԱՂԲԱԿԵԱՆՔ) որ առաջին մերձեցումով կը թուի առնուազն անտեղի (Համալսարա՜ն մը ԺԴ. դարուն, ան ալ վանքի մը մէջ)։ Բայց երբ անտիպ փաստերը դէզ դէզ կը մատուցուին ձեր նկատառումին, մարդերը կը յօրինուին իրենց խորագոյն իրականութեան, իմաստին բովանդակ տռամայով, իրողութիւնները կը լուսաւորուին պայծառ մտածումին մէջ տիրական առաջադրութեան, այսինքն մեր թափանձումին մէջ կ՚անձնանան շէնքերը, իշխանները, ժողովուրդը, կը հիւսուի կտաւը ժամանակին, կը թանձրանան ազդակները, այնպէս ինչպէս գործեր էին շրջանին, այն ատեն ձեզմէ չի կրնար չգալ արդար զիջումը։ Ի՞նչ է այսօր համալսարանը, եթէ ոչ ընտրանիին իմացական կազմաւորման վառարանը, գործարանը։ Ու Գլաձորոյ դպրոցը ուրիշ բան չէ եղած։ Եսայի Նչեցին, Յ. Գառնեցին, ԺԴ. դարուն ուրիշ բան չըրին եթէ ոչ հարիւրաւոր աշակերտներ զինել, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պաշտպանութիւնը անոնց նշանաբան տալ եւ այս առաքելութիւնը, այդ աշխատաւորներու միջոցով տարածելով հազարներու եւ բիւրերու։ Գլաձորոյ դպրոցը թերեւս աւելի էր քան այսօրուան համալսարանին յղացքը:

Բ.

Գ. Յովսէփեանի անձը կը պատկաի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութեան որ իր առքը յաջողած է պահել մինչեւ նորագոյն օրեր, մեր ժողովուրդին ընտրելագոյն ուժերը իր սպասին օգտագործելու, թերեւս խուլ մղումներուն մէջ կրօնականէն վեր, առնուազն տարբեր ազդմունքներու: Միայն սուրբեր, նահատակներ, հայրապետներ չեն դրած անոր տարեգրութեանց մեր այնքան արիւնոտ, մռայլ դարերը: Երբ այնքան հատուկոտոր, նսեմակուռ ու տրտում են մեր աշխարհիկ ազդակները արքաներ, իշխաններ, զօրավարներ, ու այնքան ալ անկշիռ հայոց մշակոյթը ներկայացնելու աշխատանքի մը մէջ, մեր հոգեւորականները շատ դիւրութեամբ կը յորդին կրօնականին սահմանները, տարածուելու համար դէպի գործօնութիւններ որոնք բաւ էին լեցնելու կեանքերը իրենց ժողովուրդին համար նուիրուած մարտիկներու: Այդ եկեղեցիին տարեգրութեանց մէջն են ազգային, ընկերական, չըսելու համար նոյնիսկ քաղաքական մեր բրոդակոնիստները: Այս տողերը կարդացողներէն ոչ ոք պիտի վարանէր դարաւոր գործօնութեան սա եռանդը իր բոլոր թափին մէջ ի զօրու ընդունելու Գ. Յովսէփեանի ութսուն տարիներու երկայնքին։ Իր կենսագրութիւնը արիւնոտ բայց պայծառ սրտառուչ վկայութիւն մըն է, վկայաբանութեան մը չափ յուզիչ: Ազգին խորագոյն բեկումները, իր բառովը « ողբերգութիւնը » չեն խնայուած իրեն։ Մօտէն, իր մորթին վրայ ճանչցած է մարզերը զգետնով, յուսահատները վերածող ամենէն ծանր տռամաները, անողոք որքան անխուսափելի, պատերազմը, ջարդը, գերութիւը, իր մեծ կարգակիցներուն համազօր աստիճանով դժոխքը հոգեւոր պետին հոգիին, երբ մեր կաթողիկոսները, եպիսկոպոսները, խոնարհ բայց արիարանց երէցները մահուան կը քալեն, քաղցր ու խաղաղ, թշնամիին սուրին յանձնելու իրենց սրբազան գլուխները: Կեցուցէք պահ մը ընթերցումը ու դրէք ձեր միտքի դաշտին վարդապետը մեր պատմութեան վերջին մեծ տռամային զանազան տեսարաններուն, Էջմիածնէն մինչեւ Ռոստով ու Մոսկուա, հաւաքելու համար ցրիւ իր եղբայրներուն սիրտն ու բուխքը ու տեսէք զայն սփիւռքէ սփիւռք, իրարու հանդէպ թշնամիի կատաղութեամբ լարուած իր զաւակներուն տառապանքին մէջ շուար, անկարող, իր անհուն բարութենէն դուրս ոչ մէկ միջոց ունեցող…։ Գ. Յովսէփեանի անձին վրայ լայն խօսք, համադրական իսկ թելադրանք կը նկատէմ՝ քիչ մը հեռու՝ գրականութեան պատմիչի իմ դերէն, այդ պարտքը կտակելով վերջնորդներու, ինծի պէս մնայուն արժէքներու խուզարկուներ որոնք պիտի վարձատրուէին ծանր, լեցուն, աւարտած կենդանագիր մը գծելու իրենց առաջադրութեան մէջ, պարզ միջոցներով նոյնիսկ, այնքան հարուստ է կեանքին ատաղձը, արդինքին մթերքն ու որակը գիտական ինչպէս կրօնական մարդերուն վրայ: Ծփուն, տխրահաղորդ, փորձ անոր զգայնութիւնը, ցեղային միջինի մը յայտարար, պահուած է անաղարտ դառնութեանց բոլոր տարափին տակ, որոնք հոգիին վրայ թթուններու դերը կը կատարեն երբեմն, ուտելով ասոր թարմութիւնը, շաղը, մեզ ընելով մեզմէ իսկ յափրացած յոռետեսներ: Գիտունի իր ծանրակշիռ կիրքը ուրիշ ազդակ որպէսզի հանրային սպասէն խնայէր իր օրը: Գարեգին Սրբազան կը զգայ երիտասարդի մը մատաղութեամբը եւ կը գործէ գեղացի երէցի մը բացմտութեամբը: Դիմեցէք իրեն, ձեր ցաւերուն բեռներովը ու պիտի գտնէք իր աջը ձեր ուսին։ Դիմեցէք իրեն ձեր հանդէսներուն, ձեռնարկներուն վրայ հովուապետական իր շուքը ուզելու, պիտի չմերժուիք:

Այս ամէնը կրնային չըսուիլ, այսինքն իմ հասողութենէն դուրս եկեղեցական խորունկ անձնաւորութիւն մը վերլուծել: Բայց կայ իմ ձեռնհասութեան մատչելի միւս մասը այս մարդուն, ու ասիկա՝

իր գործը:

Այդ բառին տակ կը խմբեմ իր արդիւնքը որուն ընդարձակութիւնը, բազմազանութիւնը, նորութիւնը, մանաւանդ գործաւորէն վերջ ձգելիք հետքը, անդրադարձումները հազիւ թէ գտած են իրենց ծանր կշիռը, ոչ թէ արժանաւոր, տուրքին համազօր գնահատման կերպարանքներով իր ստեղծած խանդավառութիւնը կը բխի թերեւս անձին իսկ զեղումներէն այլ չեն պաշտպանուած գործաւորը բաւարարող գերագոյն, գոհունակութեամբ: Մտածեցէք ու չէք կրնար ինձի մերժել իմ սա տողերուն դառնութիւնը որքան իրաւութիւնը, գրեթէ քսանամենի սկսուած գործ մը դեռ չէ արժանացած լոյսին, ութսունէն վերջ նոյնիսկ։ Ու ամէն չարքաշ, ինքնասոյզ աշխատաւոր առնուազն պիտի տառապի իր աշխատանքին իսկ հաշւոյն։ Իրաւ թէ Ազգը, Հայրենիքին ինչպէս Սփիւռքի մէջ այդ գնահատումը կերպարանող բազմաթիւ արտայայտութիւններ ունեցաւ։ Ըսի թէ անոր անձին շուրջ ստեղծուած խանդավառութիւնը լայն չափով մը կը սնանի եկեղեցականի անոր սպասէն: Միւս կողմէ, Սփիւռքը այնպէս մը դասաւորած է մշակոյթին պայմանները որ մասնագիտական անոր գործին մէկ կարեւոր մասը՝ հասկացող մարդոց շատ փոքր թիւի մը հասնի։ 1900ին բանասիրական, արուեստագիտական գործեր զանգուածներուն չէին իջներ անշուշտ, բայց ունէր գոյութիւն դասակարգը որ կը զբաղէր անոնցմով, կը կարդար, չնմանելով մեր օրերու զանգուածներուն ու կարդացողներուն որոնց հետաքրքրութիւնը լրագիրը հազիւ կը ծածկէ: Սա անծանօթութիւնը, Գաղիացիք պիտի ըսէին obscuritéն, չեմ վերլուծեր։ Գարեգին Յովսէփեան տառապած բայց չէ վախցած անկէ։ Մէջտեղն է ապացոյցը իր անտիպներուն, որոնք եթէ հէքիաթհ հով մը կը բերեց իր լիագումար արդիւնքին, միւս կողմէն կը միջամտեն համադրումը դժուարելու աստիճան։ Կայ տակաւին ուրիշ ալ պարագայ. Էջմիածնականները զգաստ կը վարուին ցոյց, օտար բառով մը րէքլամին հետ: Միջազգային հնագիտական ակադեմիաներու փնտռուած անդամ մը ինչպէս է Գ. Յովսէփեան պիտի չզիջանէր անշուշտ իր երկասիրութիւնները tanner` ընող միջոցներու գործածութեան։ Յետոյ, գիտուն մը, սա մարզին վրայ, կ՚արժէ աւելի քան գրողը, իր որոշ հանդարտութեամբ:

Այս տողերուն ետին զգալի՞ արդեօք վարանքը որ կը սպառնայ համադրողին, քանի որ համադրումը միայն հականիշը չէ վերլուծումին այլ է, նոյն ատեն, ինքնաբաւ գործողութիւն մը երբ կը գործադրուի իր ամէն կողմերուն մէջ խորաչափեալ համբաւներու վրայ: Ձեզ անակնկալի՞ կը բերեմ՝ երբ յայտարարեմ որ դեպքերը համադրելի չեն իրենք իրենց հաշւոյն, նոյնիսկ երբ կը խմբուին մերձաւոր հանգիտութիւններով։ Դէպքերը իրարու անվերածելի միւթիւններ են, դրութիւններ: Համադրելին՝ անոնց ետին, ներսը գործող ազդմունքները այսինքն՝ ոգին։ Բացէք վարկածը ու պիտի գտնէք որ խորունկը թաղուած հոգեվիճակ մը յաճախ կը հագնի զարմանազան կերպարանքներ, այսինքն գումարն է իրարմէ տարբեր իրողութիւններու: Դրէք օրինակի համար, ձեր նկատառման, համադրական մտածում մը։

Դասական անմիութիւնը ձեր ժողովուրդին

եւ փորձեցէք հասկնալ իրողութեանց լեզուն։ Դժուար պիտի չըլլայ հաշտուիլ մտածումին մանաւանդ հետեւանքներուն որոնք արձանագրուած են մեր պատմութեան դիւաններուն, կը դիտեն այսօր ալ, երբեմն՝ պալատական էնթրիկներով, նախարարական դաւերով, մատնութիւններով, աւելի յաճախ եղբայրասպան փողոտումներով, քսան դարերէ ի վեր, էլի այսօր իրենց կատաղութիւնը, խժդժութիւնը պահող կռիւներով։… Կը համադրենք ոչ թէ նիւթերը, արդիւնքները, այսինքն ասոնց մարմնեղէն կերպարանքները, այլ ասոնք յօրինող տագնապները, սերունդներու զգայնութեան եւ  մտածողութեան անջատ վկայութիւնները: Միւս կողմէ համադրողը կը տառապի արդիւնքին ալ իւրայատուկ նկարագրէն։ Գ։ Յովսէփեանէն առաջ խորհեցէք Հ. Ղ. Ալիշանին, ջանալով ասոր աւելի մեծատարած գործը, համբաւը կերպարանել համադրական տախտակներու վրայ: Ձեր ընելիքը ուրիշ բան չի կրնար ըլալ եթէ ոչ այդ գործէն խմբել տեսակներ, իւրաքանչիւրին ճակտին անուանական վերադիր մը միայն տեղաւորելով քանի որ, օրինակ, Սիսուան ը, խորքին մէջ է պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, վէպ ու բանաստեղծութիւնն, գիտութեան, պարկեշտ հաւաքման շեշտ զգայութիւն մը արթնցնելով հանդերձ: Ինքը այդ գործին հերոսական ճարտարապետն ու գործաւորը, փակելու ատեն իր աչքերը, գանկը՝ սա մեր փառքերուն, այցուա՞ծ էր մտատեսօրէն տագնապով որ իբր հաշուէփակ, լսած ենք թէ կը ներկայանայ մարդոց կշիռին, գերագոյն րոպէին...: Այսինքն, պատուական պենետիկտէնը վերջին ժամ մը իբրեւ ապրեցա՞ւ իր անդարման ցաւը երբ կը տեսնէր մտադրածին եւ գործադրածին միջեւ բացուածքն անկամրջելի: Այս հարցումը անոր համար, վասնզի, երբ, գործ էր, արդիւնքէն ձերբազատ ոգիով մը, ու կը կենանք իր անուան դէմ, աշխատաւորի, հաւատացողի, իր ժողովուրդով խանդավառ բանւորի իր դէմքը այնքան արժանաւոր կը դասենք գեղեցիկ ու սրտառուչ լուսապսակին որով սովոր ենք յարգել սուրբերը, նահատակները, ինչ ու չենք կրնար զմեզ մեղադրել մեր անտարբերութեան համար, անոր արդիւնքին աղօտանքէն ծնունդ առած եւ հետզհետէ անծածկելի դարձող…։ Չեմ խորացներ վերլուծումը հասնելու համար մինչեւ մթին, տրտում ծալքերը սա տռամային, քիչ մը մեծ բանւորներուն մօտ գուցէ ճակատագրական ու մեր կործանումը տրամադրող, մեր վերջին ժամերուն, երբ այնքան զոհողութիւններու գինով ու այնքան խաղաղ լրջութեամբ ընդառաջուած զրկանքներու հեղեղին, իսկ մէջ թաւալգլոր, չէինք բաժնուած՝ մեր արժէքին, դերին ապահովութենէն ու ահա կը գտնենք որ

վրիպած ենք: Այսինքն՝ այդ ամէնը մեր գործը մեզմէ առաջ մեռած տեսնելու սուգն ալ ստիպուած ենք բարդելու մեր ցաւին։ Վենետիկի անձանձիր, խորահաւատ հաւաքողը ի՜նչ դառնութեամբ արդեօք եղաւ հանդիսատես իր անտիպներու կարաւանին որ կը բացուէր իր նուաղուն նայուածքին դիմաց ու կը բրգանար ամբաւութեան շրթներուն մինչ ինք, իր մարմինը կը փոքրանային իր հոգեվարքի մահիճին։ Դիտե՞ց զայն եղերական լեռան մը նման զոր դիզեր էր կարկառ առ կարկառ, փշուր փշուր, վաթսուն ու աւելի տարիներով, այնքան հպարտ՝ ըրածովը ու ասոր... բարիքո՜վը իր ժողովուրդին ...: Հարցումը դարձեալ անոր համար, վասնզի հակառակ արդիւնքին զանազանութեան, Ալիշան մարդն էր եղած մէկ կիրքի,

տարփանքը հայոց հայրենիքին, պատմութեան:

Ու հանգիտօրէն

Տարփանքը Գ . Յովսէփեանին:

Պատասխանը աւելի տռամաթիք, քանի որ բանի, ձեւի, այսինքն զգայարանական ապրումներու կիրք մը ըլլալէ առաջ ինչպիսին է Ալիշանինը զգացումէն վեր վիճակ մըն է որ կ՚իշխէ Գ. Յովսէփեանի մօտ։ Ու յիշեցէք, անիկա գիտուն մըն է, իր յայտարարութեան ու մեր հաւաստումին համաձայն: Ու նման ամէն գիտունի մօտ դիտուածին, մէկ կերպարանքի տակ խմբուած են լեգէոնները անոր կիրքերուն,

տարփանքը անխառն [5] գիտութեան:

Այս տողերը փորձ մը մի նկատէք դժուարութեան մը շուրջը դառնալու, գործածելու համար գաղիական բացատրութիւն մը: Անոնք կը դրուին այդ դժուարութիւնն իսկ թելադրելու մտածումով միայն, քանի որ Գ. Յովսէփեանէն հաւաքուած factերը իրենց իմաստը ունին իրենց համար պաշտպան: Անոնք միջատներ հաւաքողի հոգեբանութեան մը ծնունդը չէին կրնար ըլլալ երբ անխառն գիտութեան կիրքին ետին չկարենայինք զգալ սերունդի մը լման փոյթը, տագնապանքը, ժողովուրդի մը հոգիին արուեստի լաւագոյն տարազ մը կայ այս երկու բառերուն ներսը գտնելու այսօր պայծառ, բայց կէս դար առաջ շատ աղօտ մտատեսութիւնը, ալ յատկանշական դարձած բառերով, իր հատորներէն կարեւորագոյնները ճակատազարդող

Նիւթեր հայ արուեստի եւ մշակոյթի պատմութեան,

տարազ՝ որ անոր, հատորներուն ճակտին բազմելէ առաջ, ապրեր է մռայլամած արեւի մը նման. խորունկները անոր զգացական դրութեան, հրդեհելով անոր երիտասարդութեան թէք զօրութիւնները, ասոնք խորանարդելով, առնելու համար իրենցմէ զիրենք զանցող իսկ արդիւնքներ, տաքցնելով մշտարծարծ անոր կորովը, այնքան եղերափառ պատմութեան մը աղէտները դիմաւորելու համար, դարմանելով սպառումի, տարիքին աւերանքը, մարմինին նահանջները, գործարաններուն անբաւարարութիւնը, երբեմն նոյնիսկ դաւաճանութիւնը (յարգեցէք, աստիճան մը աւելիով այս հերոսները որոնք` հիմնական զգայարանքներէ մատնուած, կրնան գործադրել իրենք զիրենք, կամքի անհուն լարումով մը, ասոնց, զգայարանքներուն պակասը անզգալի դարձնելով) եւ պահելով մշտական ծաղկումի, երիտասարդութեան մէջ մեր` հոգին որ հեղինակն է ոչ միայն մեր գործին այլեւ մեր մարմինին:

Չեմ՝ ետ դառնար, ձեզ զբաղեցնելու համար կախարդական տարազին Նիւթեր հայ արուեստի եւ մշակոյթի պատմութեան ընդարձակ թելադրանքներով, որոնք ձեր ընկալչութեան մատուցուեցան կանխող էջերում: Հայ արուեստը, մշակոյթը երկինքէն պատրաստ չինկան։ Անոնք, մարդկային ամէն ստեղծագործութեանց նման սկսած են ապրելով, այսինքն եղեր են իրենց հաշուոյն, յետոյ դառնալու համար պատմութիւն ։ Ու դարձեալ չեմ դառնար ետ, այդ պատմութենէն մեր գիտցած քիչովը զբաղելու: Հայոց պատմութիւնը նոր կը սկսի գիրի անցնելու: Եթէ սա վերջին քառորդ դարու ընթացքին, մեր պատմութենէն ներս հաստատ տարրեր ունեցան մուտք, այդ յաւելումը չէր կրնար առանց անդրադարձի աննշմար թողուլ մեր հաւաքական մշակոյթին հասկացողութիւնը: Ուշագրաւ է որ քաղաքական հանգանակներու բիրտ տարբերութիւնը կը մեղմանայ երբ աշխատաւորը` որ զանոնք կը գործածէ, յաջողած է ժամանակը արժեւորել ` ըսել կ՚ուզեմ՝ զայն տեսնել այնպէս ինչպէս անիկա մատուցուած էր սերունդներու զգայնութիւնից, հագնելու համար ասոնց խուսափուկ հակազդեցութեանց շաղ ու շղարշը, վառն ու ադամանդը, արուեստի գործերուն ձեւական կերպարանքը: Հայոց մշակոյթը նոյնն է մարքսիստ Մանանդեանին եւ ոգեպաշտ Գ. Յովսէփեանին համար, այդ հասկացողութեան ընդմէջէն։ Ու այդ մշակոյթին, այս անգամ աստիճան մը աւելի տարածելով մտածումը, այդ քաղաքակրթութեան տիրական գիծերուն ուրուային հէնքը, ոստայնը իրականութիւն է այսօր: Խորհրդային Հայաստանի բանուորները, աշխատանքի աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ, կը սկսին գիծերէն բարձրանալ ձեւերուն ։ Գ. Յովսէփեան, այդ աշխատանքին համար նիւթեր հաւաքելու իր կէս դարը անուանած է նախապատրաստութիւն, անշուշտ իր մտքին իբրեւ շքեղ կառոյց ամբարձիկ հայ քաղաքակրթութեան պատմութեան, որ, պէտք է կրկնել, անդադար, մերն է այսինք, մեր ապրուներուն համադրական բիւրեղացումը, եւ ոչ թէ փառամոլութեան հանդիսարան մը։

Ըսի թէ անաւարտ էր, այսինքն անբաւարար, Գ։ Յովսէփեանի տպեալ գործին մթերքը, մեզ թելադրելու համար հայ քաղաքակրթութեան շեման ։ Չեմ գիտեր որքան պիտի ըլլար ճիչդ, մէկ մարդէ այսքան շատ պահանջելը։ Արուեստի հարցերուն մէջ գուշակութիւն, ենթադրութիւն կը դառնան, սերունդ մը վերջ, ծիծաղելի: Այսօր, մեր բանասիրութեան լիագումար վաստակը Արեւմուտքն ու Արեւելքը նկատի ունիմք մեզ չ՚արտօներ հայ արուեստին սկզբնական, անյեղլի ու անկապտելի օրէնքները տախտակելու։ [6] Ու այդ կանխահաս փառասիրանքը դատապարտողներէն մէկն է ինքը, Գ. Յովսէփեան, մեր արժէքներուն հանդէպ իր խանդավառութինը երբ կը պահէ պատշաճին, իրաւին, արդարին սահմաններուն: Անցողակի մօտեցայ իր բացարձակ անմասնութեան, շքեղ անտարբերութեան վրայ, գրական, գեղագիտական, պատմա–իմաստասիրական որակուած աժան ռազմախաղերէն, այնքան ընթացիկ, հաստատ մտածողութիւնը այնքան մօտիկէն կեղծող: Միւս կողմէն քիչ` թիւը անոնց որ գիտնան թէ ինչ քաղցր բարիք մըն է սա մարդուն գործը հայ հոգի ըսուած խորհրդաւոր անծանօթին ճանաչողութեան ճամբուն վրայ։ Իր տուիքերը որոնք ձեռագրային տողերով կը յատուին մեր գիտակցութեան, օր, աղօթք, պատարագի յիշատակութիւն գնելու այնքան սրտառուչ աղերսանքներով աս ու ան մեղաւորին, տրուպին, պատժապարտին բերանէն, պատառներ են այդ հայ հոգիէն։ Իր վկայութիւնները մարմին կը դառնան շատ մօտէն սեղմուած փաuտերով: Հոն ուր առիթը կը բռնանայ ընդհանրացման, Գ. Յովսէփեան կը մնայ պարկեշտ, գիտունի իր առաքելութեան հպատակ, ինքզինքը միշտ զերծ պահելու ֆանթազիայէն, նետող–բռնող երազապաշտութէնէն։ Անոր գործին հետ մեր մտերմացումը մեզ կը բերէ անմիջական որքան հեռահաս անդրադարձուներ, մեզ տալով ապահովութիւն մեզմէ, մեր արարքներուն գումարովը մեզ ընելով հաճ, նոյնիսկ հպարտ, ու մեր համեստութիւնը կը վերածէ ցեղային խառնուածքի, այն մինչեւ մեր օրը չհասկցուած ոգեկան կերպարանքին որով մեր ցեղը պաշտպանել է իր գոյութիւնը, հազարամեայ մեր Սփիւռքին մէջ, գրեթէ միշտ փնտռուած, յաճախ սիրուած, երբեմն միայն անբաղձալի: Հայուն սա համեստութիւնը մեր գրողներուն ու գիտուններուն վրայ, մի շփոթէք ստորադասութեան complexէ բխումի մը հետ։ Որքան ընդարձակ են թելադրանդները երբեմն մէկ հատիկ բառի:

Գ. Յովսէփեանի գործին քիչ մը աւելի ընտելացումը կը փարատէ գունագեղ մշուշները յերիւրանքին, ստերջ ու նեղիչ յաւակնութիւն, պոչաւոր սխալերուն դառնութիւնը, մանուանդ ու մանաւանդ մեծատարած պատրանքը, հանգամանաւոր, շքեղ հայ արուեստի մը որուն փառքովը ծիրանաւոր, 1900ին պատգամ կը կարդայինք աշխարհին։ Այս ամէնը, այսօր գրեթէ անկարելի:

Բայց մեր սիրոյն, արդար ինքնաբաւութեան մէջ, մեր հարազա՛տը, իր անուշութի՛ւնը։ 1900ին թերեւս անհրաժեշտ սա րոմանթիզմը յիսուն տարի վերջ զգաստութեան գեղեցիկ դասի մը երբ փոխուած կը գտնենք (Սիրարփի Տէր Ներսէսեանի հատորը, Հայկական արուեստը եւ բիւզանդական կայսրութիւն, 1947), մոռնալու չենք որ այդ դասը սկսած է, ամբաւ նախանիւթ իր տրամադրութեան տակ ունեցող ու գերմանական իր կրթութենէն չզառածող կաթողիկոսը։ Իմ բոլոր ջանքերը զինքը համադրական քանի մը լայն ցուցմունքներու մղելու, հայ արուեստին ընդհանուր նկարագիրներէն, բախեցան կանոնաւոր վրիպանքի: Հայ արուեստի նկարագիրներու աժան պազա՜րը քծծինքող էր իր մօտ։ Յանուն նոր եւ ինքնատիպ ֆրազներու փառքին, անիկա չըրաւ զիջումքը ու գոհացաւ գտածին կանխիկ արժէքովը։ Թէ այսպէս զարգացած հոգեվիճակ մը մօտիկն է առնուազն ժխտապաշտութեան, դուրս չէ կարելիութենէ։ Նման հոգեխառնութիւն մը բացառութիւն ալ չէ Սփիւռքի առաջամարտիկ մտաւորականներէն ոմանց գործերուն մէջ երբ անհատական, այսինքն առաւելապէս մեզմով պայմանաւոր տրտմութիւնները, օտար միջավայրերէ, մշակոյթէ, հոգեխառնութենէ մեզի անդրադարձ անխուսափելի դառնութիւնները կը դիմաւորենք, մեզ կանխողներէն, մեր պապերէն բարկութեամբ հաշիւ պահանջելով։ Մեր ստեղծագործ աւելին վատնումը, սպառումը, յաճախ օտարին մարմնեղէն անդաստանին, կամ անպէտ, յիմար ներքին տագնապներու մրսումին։ Խորհեցէք հայ գրագէտին որ բարձր մշակոյթներու ոuտաններուն մէջ ստիպուած է իր ցամաք հացը ճարելու, բանուորի սեւ կեանքի մը ներսէն, հանդուրժելով իրեններուն ուրացումը, օտարին գիրքերը օտարին գիրերովը շարելու եւ զայրագին մտածելու իր ժողովուրդին որուն անբաւանութիւնը, անընկալչութիւնը, ապարուեստութիւնը կը խորանարդէ, իր զրկանքին եղովը: Այս բոլորը իրա՜ւ, ահաւոր իրաւութեամբ: Երբ Սփիւռքի գրողը փղշտացի մը չէ ծնած, ճակատագրուած է Պրոմէթէոս մը ապրելու: Ու Կովկաս լեռները հիմա մայրաքաղաքներու պուլվարները իջած են…։ Ու տակաւին իրաւ, բարձր բայց օտար մշակոյթին առքը, փառքը՝ ուրիշ տագնապ։ Այս ամենը տեսնելուս եւ կշռելուս է որ շատ չեմ խռովիր երբ Սփիւռքին տղաքը տաղանդաւորները անշուշտ կը յարձակին մեր ժողովուրդին վրայ, սլաքուած մեր ողբերգութեան անդարման բնութենէն ու նիզակուած մեր փղշտացիութենէն, այնքան իրաւ, մեր գլխուն, այնքան ալ Սադուկեցի, երբ մեզի հիմնովին անծանօթ հարցերու վրայ կը տեղանք մեր վճիռները, լուտանքն ու ահաւոր ինքնաբաւութիւնը: Հայ համեստութի՜ւնը որ Սփիւռքի սա խառնարանի մէջ ահա կ՚անհետի, նոյնիսկ մեր ուրացումներէն աւելի վտանգաւոր մեր հիացումներով: Ուրիշ առիթով թերեւս վերլուծեմ օրինակ, այդ համեստութիւնը վիրաւորող յոխորտանքը մեր դիւցազնավէպէն ( Սասմանց Տուն ), իր հայեցի համին բայց ասկէ դուրս անծածկելի միջակութեան կրկնակ երեսներով։ Մեր դիւցազնավեպին մէջ տեսնել արժէքներ, Սփիւռքին առաջամարտիկ պլազէ, ձանձրախտահար գրողը, բանւորը պշուցման մղող, մանկամտութիւն մըն է, այնքան տխրօրէն յիշեցնող 1870ի մեր րոմանթիզմը։ Այս առաւելազանցութիւնը թերեւս պատճառ որպէսզի մերժուին նոր իրական շնորհներ: Ու իրական գործողութիւններն ալ զիրար կը դնեն: Մեր դժբախտութիւնը այնպէս է կարգադրած որ մեր իրագործումները կշռուին մեզմէ դուրս, այս ինքն օտարին նժարներովը, Սասմանց Տուն ը համեմատուի առնուազն Արքայամատենին: Ու այս բաջաղանքը հերքելն իսկ բաջաղանք։ Մեր սխալը՝ այդ իրագործումները մեր շուկայէն դուրս ծախսելու մեր աճապարանքը, շատատեսութիւն է գուցէ։ Սասմանց Տունը հայ ժողովուրդն է։ Կասկածէ դուրս է ասիկա։ Ու անոր վրիպանքը՝ փաստն է առնուազն այն գեղեցիկ, սրտառուչ իրականութեան, որ անուն ունի հայոց պատմութիւն, իր կարգին աշխարհի ամենէն դժուար ըմբռնելի վրիպանքներէն մէկը, այնքան առատաշնորհ ժողովուրդի մը դարերէն։ Ու հոս է ահա բարիքը Գ. Յովսէփեանին։ Կարդալ անոր գործը, այդ ձախողանքը կը նշանակէ բերել մեր պայմաններուն սանդուխին: Բայց եղէք պարկեշտ, նոյն ատեն, ձեր գրածը պարտ ու պատշաճ արժեւորելու: Ինչ չափով որ անլռելի էին Սասմանց Տուն ին միջակութիւնը, մեծ արուեստին պահանջներուն դիմաց անբաւարարութիւնը, նոյն չափով անլռելի են անոր հարազատութիւնը, հայեցիութիւնը, մեզայատուկ համը որոնք երբեք արհամարհելի շնորհներ չեն, երբ նկատի առնուին դիւցազնավէպին ծնունդին ու կեանքին պայմանները: Ձեզ զարմացնելու չունիմ նպատակ երբ յայտարարեմ որ յօրինեալ դիւցազներգութեան համար ( Ենէական, Դրախտ կորուսեալ, Երուսաղէմ ազատեալ, եթէ կ՚ուզէք քանի մը անուն) Գիրի գիւտէն վերջ հայոց պատմութեան որեւէ դար անընդունակ կը մնայ, ինչպէս եղեր էր հելլէն պատմութիւնը Մարական պատերազմներէն վերջ: Այս անընդունակութիւնը մի վերագրէք ոգիի պակասին մեր ժողովուրդը իր բոլոր դարերը ապրած է գրեթէ դիւցազներգական ոգիով մը, ինչպէս կը վկայեն բազմաթիւ փորձեր մեր զոյգ նոր գրականութեանց մէջ Վարուժանէն մինչեւ Չարենց այլ քաղաքական պայմաններու այն յարդարանքին պատճառով որ մեր բոլոր ստեղծագործութիւնները կ՚ականահարէ, տնակէն պալատը, գեղջուկ երգէն մինչեւ մեր մեծ պոէմաները, մեր արուեստագէտներուն մերժելով ազատութեան մէջ իրենք զիրենք իրագործելու բախտը, տարրական իսկ պատեհութիւնը: Սաղմոսները կարելի եղաւ երբ Դաւիթ մը կար գոնէ անոնցմէ, կարեւոր մասը կուգայ բանաստեղծ Մարգարէէն այսինքն թագաւորի նման բան մը որ աւազներէն ու գերեստանէն ճողոպրած բարբարոսներուն գլուխը անցած, բանակներու պատրանքին մէջ, կը քալէր դէպի յարձակում, պարելով, նուագելով յաղթանակին ներչնչումները: Եհովային մտածելէ առաջ արդար եղէք մեղսակուռ եւ ցանկախորով բախտախնդիրը տեսնելու այդ սաղմոսներուն ետին։ Յոբը ՝ ուրիշ իմաստութիւնն, այսինքն գործ մը ուր տառապանքին ու երազին զոյդ ակօսներէն մեր ողորմելի փոքրութիւնը, մեր բախտը մեզ պիտի քշէ, ճիշդ ինչպէս ապրեր էր ընտրեալ ժողովուրդը իր մեղքերն ու երազները շալկած ու չունենալով… Աւետեաց երկիր մը նոյնիսկ հասցէ։ Դառնալով մեզի, դժուարութիւն չեմ զգար մեզ խանդավառող քիչը, այդ Սասմանց Տուն ին մէջ զետեղելու իր հարազատ յարգաստիճանին։ Անարդարութիւն, չտեսութիւն անշուշտ այդ քիչը կործանել, իր այդ մեղքին համար, ինչպէս միամտութիւն, չըսելու համար անխելքութիւն՝ այդ քիչը ջոջաւորել, անոր հագցնելով ազգերու մեծ իրագործումներուն պատմուճանները, զինանշանները։ Ու միամտութենէն ալ անդին ուրիշ վիճակ մեղքի, մոռնալ հիմնականը, յօրինումն իսկ այդ հէքիաթին։ Մեր ժողովուրդը յօրինած է շատ հաւանաբար Սասնայ քարայր–բնակարաններուն մէջ իր ծուռերուն հեքիաթը, պէտք չի կայ պոռալու, համաձայն իր հոգեկան կերպարանքին որ ոչ պալատական գուսաններունն էր Պարսկաստանին, ոչ ալ արեւոտ Ելլադայի խաղ ու խնդումէ զատ ապրումի ձեւը կռիւի մէջ միայն կեդրոնացնող բանաստեղծ–ասպետներուն, այէտներուն: Այդ հոգիի դրութենէն, մտքի մակարդակէն՝ օտար մեծ դիւցազներգութեանց յատուկ կատարելատիպ կաղապարներ սպասել առնուազն տմարդութիւն: Ու նոյն գիծով որքան խեղճուկ միամտութիւն` նման պայմաններու ծնունդ ապրումներ, այսօր առաջարկել մեր հիացման երբ կշռած ենք բոլոր ժողովուրդներու այդ գիծէ իրագործումները, Ֆոլք–լօրն անգամ՝ նկատի առնուած։ Մեր ժողովուրդը մեր ժողովուրդն է ու մերն է անոր արուեստը, այնպէս, այն հարազատութեամբ, այն անկատարութեամբ, ինչպէս կը գտնենք զայն, ինկած կերպարանքներու, մեր ստեղծումին բազմատեսակ մարզերուն վրայ։ Տարօրէն շահեկան սա հարցին ետին մի կարծէք որ աժան գրական վերլուծում մը կը փորձեմ: Ինձի համար յստակ է որ Սասմանց Տուն ը շերտ առ շերտ կը կրկնէ մեր բոլոր ստեղծումներուն տկարութիւնները երբ զայն ուզենք հանել միջազգային մեծութեանց ցուցահանդէսին: Տրտում է որ անով զբաղողները (որոնցմէ մէկը ինքը՝ Գ. Յովսէփեանն է, Սրուանձտեանցէն վերջ, հաւաքման խանդը պահող սակոյն իր խառնուածքին հիմնական զսպանակներուն ներքեւ եւ չմտածելով երբեք զայն հակադրել օրինակ նոյնիսկ Նիպելունկըններուն որոնց փառքը դեռ կը վառէր իր այնքան սիրած Գերմանիային մէջ, հզօր ու հանճարային արուեստագէտներէ իսկ պաշտպանուած) անոր մէջ տեսնեն ծանր, շքեղ գլուխ–գործոց մը երբ իրականին մէջ անիկա բոլորովին տարբեր բան մըն է։ Ըսի թէ ուր էր անոր արժէքը: Բայց այս անցողակի նշմարանքը չեմ նկատեր աւելորդ։ Զայն ինձի թելադրողը գրեթէ նոյն զգացումն է որ Գ. Յովսէփեանին վաթսուն տարիները ղեկավարած է։ Քանի քանի անգամներ իմ էջերուն վրայ եկաւ հիմնական մտածումը որ արուեստի անոր հասկացողութեան բանալին իսկ կուտայ։ Անիկա, իր հաւաքումները խանդաղատօրէն սիրած է, բայց լաւ իմացէք, մտքէն չէ անցուցած զանոնք ազգերու արուեստներուն պորսան հանելու: Անոնք մեր պայմաններուն անողոք որոշադրականութեան կը մնան ենթակայ ու մեզի համար ոչ միայն թանկագին այլեւ սիրելի: Գ. Յովսէփեանի եւ իրեն պէս պարկեշտ աշխատաւորներուն հաւատքը իրենց ժողովուրդէն վերածուելու չեն Իւտոպիային ։ Կը կրկնեմ իմ գոհունակութիւնը մեծ ա յս բանւորին պարկեշտութենէն։ Ան պատանութեան խանդով մօտեցաւ հէքիաթին հզօր հրապոյրին, բայց պահեց անոր հանդէպ յստակ կշիռը իր միտքին։

Եթէ երբեք Գ. Յովսէփեանի գործէն մեր ժողովուրդին համայնական շնորհները, նոր բառ մը տիրական նկարագիրները չեն առանձնանար ծանր, նուաճող ու այս իսկ «մեղքերով» խնդրական յստակութեամբ մը, փաստը մի տարածէք, մինչ եւ ունայնամտութիւնը, սնոպութիւնը այդ նկարագիրները անգոյ, առնուազն աղկաղկ, յերիւրածոյ յայտարարելու: Չեմ ակնարկեր Սփիւռքէն տառապող գրողներէն ոմանց մօտ պարզուած դառնագին ուրացումներուն ուր մեր ժողովուրդը լման կ՚անկարգուի, առանց այլեւայլի: Չեմ ակնարկներ ուրիշներու, այս անգամ բարձր իմացականութեան փաստով հովանաւոր, որոնք իրենց ժողովուրդին ըրածը թերեւս աճապարանքով կ՚արժեզրկեն, բայց կը մնան արուեստի կրկներեւոյթներէ պարտուած (անոնցմէ մէկը, Գերման երաժշտութեան թեքնիքին տիրացած, կը մերժէր Կոմիտասը մեծ երաժիշտ ընդունիլ)։ Կ՚ակնարկեմ միջին մարդերու, բոլորն ալ մշակոյթներու մէջ իրենց կրթութիւնն ու արուեստի զգայարանքները իւրակերպած, որոնք այն ժողովուրդին բոլոր արժէքները կը տեսնեն այդ օտարին իսկ ճնշումին ընդմէջէն: Անոնք արդեն չեն խօսիր մեր լեզուն։ Անոնք կը զգուշանան նոյնիսկ իրենց արեան վկայութիւններէն։ Ու իրենց զարգացումը կը տարածեն ցաագար հանդէսներու: Տեսեր եմ՝ քիչ մը ամէն տեղ անոնցմէ։ Բայց այդ բոլոր դասալքումները կը բացատրեմ մեր թերութիւններէն դուրս, ճակատագրական ազդակներով։ Սփիւռքը: Ստոյգ է որ իրարու յաջորդող իր հատորներուն մէջ Գ. Յովսէփեան զարմանալի կերպով իրար յիշեցնող զգայութիւններ, հոգեվիճակներ, հոգիի նկարներ ու կտորներ կը բերէ, անձանձիր փոյթով, բոլորը հաւաքած իրերամերձ շրջաններէ (Ժ–Ժ. դարերը)։ Ըսի թէ մարդիկ, այդ հատորներուն մէջ, կը գրեն, կը նկարեն, կը շինեն, կը դրուագեն, կը ճարտարապետեն, կը նուիրեն, կը գնեն գրեթէ նոյն ապրումներու հանդէսի մը մէջէն։ Ասիկա գնելն է հոգին ։ Այս ամէնը, վերջ ի վերջոյ, համադրական թելադրանքներու հետ շփոթելի, ինքզինքը պարտադրող նկարագիր մը կը դառնայ: Գ. Յովսէփեանի ձեռագրային արտագրումներուն մէջ, ամէն յիշատակարան գորովագին բառեր ունի վանքէն որուն շուքին մարմին է դարձած սրբազան մատեանը, ա՛ն, որ իբրեւ անսպառ մանանայ պիտի սնուցանէ հոգին զինքը բոլոր ձեռնողներուն, Ուսուցչին որ էն քիչը «տիեզերալոյս» է կամ «եռամեծ», Նկարnղին, Կազմողին ։ Իր փրկութեան խորանն է այդ կախարդական տապանակը: Լա՛ւ: Ամէն խռովք որ, Գ. Յովսէփեանի կայագրածներէն « ողորմիս »ը կը պաղատի իր առջեւէն անցնողէն։ Լա՛ւ: Ամէն տաճար, իր ողջ մնացած մասերէն, անցորդ ը կը հրաւիրէ լռելեայն, վերի կեանքին, վարինէն աւելի իրաւ անշուշտ, երբ պատարագի, հոգոցի, յիշատակի օրերը կը զարնէ գինի ու կը դառնայ հոգիի պաշար։ Լաւ: Եւ որքան շատ արձանագրութիւնները որոնք հոգին, այսինքն ասոր հանգիստը ապահովելու պարտքը կը գերադասեն քան բոլոր երկրային վայելքները, փառքերը ( Խաղբակեանքի վրայ իր պսակաւոր տեղեկագրին մէջ Ն. Ադոնց այդ գիրերով յաջողած է միջնադարեան մեր դրամագիտութեան արժէքները ճշդել, ողջունցնել գիները)։ Ասոնք ամէնքը լաւ: Հիմա կ՚ուզեմ՝ որ անցնիք ասոնցմէ անդին: Այսինքն գործածեցէք սա հաւաքումներու (factերու) աւելի բարձր եզրակացութիւններու ի խնդիր, այս անգամ factերուն իսկ խորհուրդին ։ Այս գործողութիւնը ձեզ պիտի դնէր այլապէս տպաւորիչ պատկերներու հանդէպ,

դուք պիտի ունենայիք, Գ. Յովսէփեանի վաստակին շնորհիւ, երեք չորս հարիւր տարիներու հասակով կեանքը, անշուշտ շեմական վիճակով, ժողովուրդի մը որ մոռցած է գրեթէ իր աչքերուն, գլխուն, հոգուն վրայ տիրակալ դժոխքը (հազիւ քանի մը ակնարկութիւն դառն ժամանակներէ ) խորհելու համար իր մեռելներուն: Հիմա է որ մենք փոքրութիւնը մեծցուցինք մեռելները նախատելու աստիճան: Վերածեցէք, յիշատակարաններէն թանձրացող սա պատկերը գաղափարի։ Ձեր առջեւ պարզուողը ձեր ժողովուրդն է գրեթէ, այս անգամ՝ քիչ մը իր բոլոր դարերուն վրայ, որ ապրեցաւ

մեռնելու անուշութիւնը, անմահութիւնը գնելու համար: Որքան ընդարձակ տարազ, սա պտլիկ նախադասութիւնը, ոգուն լոյսին մէջէն մեր պատմութեան հսկայ հակասութիւնները կ՚ըլլան հասկանալի, տեսանելի։ Ալ մի նանրամտիք սա հաւատքը դատափետելու, մեր թշուառութիւնը գին յայտարարելու անոր։ Ողբը, անէծքը, հայհոյանքը կը զարնեն զիրենք արձակող բերանները։ Տեսէք մեր ներկան, այսինքն ձեր բոլոր ուժերը մի խնայէք զայն բարւոքելու, բայց մեր անցեալը մի ներկէք մեր ներկայով։ Հակառակն էր որ պիտի ըլլար փափաքելի, սիրելի։ Հեռու ինձմէ միամտութիւնը անցեալին դառնալու՝ զայն ապրելու համար։ Բայց ներկան հասկանալու մեր պարտքին վրայ չեմ կրնար մերժել մեր անցեալին, լոյսը, կշիռը։ Ու մի տաք միւս կողմէն հաւարի, երբ այդ անցեալէն կը գտնէք այդքան տարբեր, քիչ` ձեւը սպասածէն։ Յիշատակարաններու ապրումները ձեր անցեալը չեն: Անոնք անկէ կտորներ են միայն: Գոցեցէք Խաղբակեանք ը, ուշադիր կարդալէ վերջ անշուշտ, ու ջանացէք ոչ թէ վերակազմել այնքան ընդարձակ կեանքէն այնքան յատկանշական վկայութեանց խորհուրդը, այլ մէկ բլանի բերել, այդ գործին հարիւրաւոր էջերէն ներս թուումը անցած հազարաւոր մարդերը, ասոնց հիմնական կիրքերը, տագնապանքը, հոգն ու ցաւերը, երազանքն ու հոգեղէն սլացքը: Այն ատեն, առանց որ ատոր ըլլայիք մտածած, պիտի գտնէք որ այդ բոլորին համագումար հանդէս է որ կը կազմէր ձեր ժողովուրդը, յստակ ու իրաւ, օր մը ապրուած կեանքին անփոխարինելի, անվերածելի գոլորշիով ու հոգեղէն ջերմանքէն դեռ չպաղած իր ազդմունքներով։ Գիրքէ մը սպասելի ամենէն ազնուական բարիքն է ահա ասիկա, եւ իմ չափերով՝ հաւասար արուեստի բարձրագոյն իրագործումներէն, [7] մեզի հասնելիք խռովքին, վայելքին, խորհուրդին։ Հիմա, կը խնդրեմ որ սա փորձը գործադրէք Սիսուան ին վրայ, հասարակաց գնահատման մէջ գլուխ-գործոցը Ալիշանի պատմա–հնաբանական վաստակին, նոյնքան պատկառոտ ընթերցումէ մը վերջ, բայց նոյն առաջադրութեամբ, այսինքն ջանալով կեանքին վերակերպել մեծղի հատորով ձեզի մատուցած թղթեղէնին խորհուրդը, իբր հանդէս մը ամէնէն առաջ մարդերու, ասոնց հոգիներուն զանազան կերպարանքներուն, եւայլն... ։ Ի հարկէ ձեր հոգետունին մոնկոլներ կամ հնդիկներ պիտի չբուսնին։ Ու ձեր զգայնութեամբ սեւեռուածը՝

պիտի աշխատի ինքզինքը կերպադրել որքան որ կը զօրէ հատորին ոգեկոչման ուժը այդ բանը իրագործելու: Այն ատեն, պիտի

նշմարէք որ այդ հսկայ կառույցէն ձեր մէջ ինկած պատկերներուն, ապրումներուն փշրանքները կը մնան փշրանք, կը պահեն իրենց ցրիւ նկարագիրները, ու չեն կրկներ ամբողջական այն հանդէսը որ յստակ է ու իրաւ Խաղբակեանք ով։ Կ՚ընդունիմ՝ որ Գ. Յովսէփեան բանաստեղծական ոգեկոչումին հանդէպ ըլլայ ոչ միայն անտարբեր, այլեւ անտրամադիր, այսինքն իր առանձնացուցած factերը, մարդերը, նշխարները չնկատէ առիթ իր կարգին հայրենասիրական զեղումի։ Բայց պատկերացման վրայ ներկը, մշուշը, զարդեղէնը կը պաղին զարմանալի արագութեամբ, Սիսուան ը կը դժուարինք հանդուրժել։ Ոչ գէշ գրաբարը, ոչ ալ ժամանակին խաւը կը մնան հեղինակները սա տհաճութեան, հմտութիւն, խղճմտանք, հաւաքման մէջ ամբողջական պարկեշտութեան հաւասարը ընդունելով երկու հեղինակներուն ալ վրայ։ Տեսակ մը հնամենի համ, հով, տեսակ մը աժան կամ ճախրասլաց հայրենասիրական րոմանթիզմ որոնք կը կատարեն սա չարիքը կեանքը իրենց ենթարկելու, կեանքէն աւելի «աղւոր», «խնամուած», «բանաստեղծացած» ու մեզի բերելու մեր ժողովուրդին ամենէն կսկծագին, մեզամօտ, թշուառ ինչպէս հերոսական թագաւորութեան կսկծագին տռաման: կեանքին անմիջականութենէն, իրաւութենէն, համէն սա նիհարութիւնը (Մխիթարեան մտատեսութեան հասարակաց բարեխառնութիւնն է հեղինակը սա վիճակին ուր կեանքը նիւթէ կեանքէն դուրս յօրինումներու, օդակառոյց ու քմածին, տեսէք այս դատապարտութեան տակ Մխիթարեան ամբողջ բանաստեղծութիւնը, նոյնիսկ պատուական Յուշիկները, գրուսծ շատ հաւանաբար մարդերէն դուրս հոգեխառնութեանց յագեցումին) անշուշտ չ՚աղարտեր կեանքին հիմնական զգայարանքը ամբողջովին, ինչպէս է պարագան, օրինակ, Հայկ Դիւցազն ին, բայց կ՚ընէ այնպէս մը որ էջերը թելադրեն տարբեր բաներ, դուրս՝ մեր ոչ թէ ընդոծին, այլ առօրեայ զգայութիւններէն, ճիշդ ու ճիշդ հակառակը մեր փափաքին: Սիսուան ին հերոսները մեր օրերուն հետ ոչ մէկ կապ կը պարզեն։ Խաղբակեանք ը հերոս չունի: Հոն մարդերը, ապրումները մոզայիգներ կը յիշեցնեն, բայց բախտովը իրաւ խեցիին։ Սիսուան ին հոգեղէն տարողութիւնը հարազատ է մեր պատմիչներով մեզի հասածին, այսինքն: միօրինակ, վկայաբանական, ողբերգական ու հաւատքին մշուշներովը պարածածուկ, զգացում որ մեր պատմութեամբ զբաղող բոլոր մատենագիրները կը տպաւորէ նոյնօրինակ, ու թերեւս է պատասխանատու գլխաւոր ազդակը որ մինչեւ այսօր չըլլայ գտնուած հարազատ հայ ժողովուրդը արեւմտեան [8] մեր դպրոցով, մինչ գիտէք թէ արեւելեան մեր բանասէրները այդ ուղղութեամբ եղած են աւելի բախտաւոր: Այդ մասին արդեն այս փորձին մէջ դուք ունիք լայն լուսաբանութիւն։ Հայ ժողովուրդի գիւտը հակազդեցութեան արարք մը չէր ոչ Վենետիկցիներուն ոչ ալ Պոլսեցիներուն ապազգային, բանավար, կամ միամտօրէն անցելապաշտ ըմբռնողութեանց դէմ։ Ու չէր անիկա թթու ազգայնամոլութեամբ տոգորուն քաղաքական արկածախնդրութիւն մը: Անիկա մեր անցեալին արդար վերբերումն էր, թերեւս խորունկ կարօտէ մղում մը, մեր ճակատագիրը հասկնալու [9]: Ահա զանազանում մը, տարբերացում մը որոնց ապացուցումը չեմ փորձեր: Գ. Յովսէփեանէն հետազօտուած, վերծանուած, յուզիչ խանդաղատանքով մը սեւեռուած տպուածը ինչպէս տպագրութեան համար արդարուածը նիւթեղէնը մեզի համար ընդմիշտ շահուած, անկորուստ, մանաւանդ մեր օրերու մտահոգութեանց բաւարարութիւն բերող յաջողուածք մըն է, կարելի մտատեսութիւն մը մեր ժողովուրդին, աւելի յաւակնոտ տարազով

հայ զգայնութեան [10] քանի մը պարզ բայց անվերածելի ձեւառութիւնները թելադրող:

Ես մենաշնորհներու դրութիւն մը մերժեր եմ մեր գրական հասարակապետութեան մէջ եւ կեանքը նման է Աստուծոյ արեւին, բաշխելի բոլորին: Գ. Յովսէփեանին չենք զիջիր նման շնորհներ։ Անորը չէ անշուշտ առաջնութիւնը մտատեսելու խորունկ իրականութիւնը հայ արուեստին եւ մշակոյթին որոնք չէին կրնար չըլլալ, ոչ ալ՝ անոր մեզայատուկ արժէքով այլամերժօրէն խանդավառ ըլլալու, այդ արուեստին կշիռը, անոր իրութիւնը, անկէ մեզի հասելիք հոգեկան կորովէն տարողութիւնը մեզի պոռացած ըլլալու: Հայ արուեստը մեր զոյգ նոր գրականութիւններուն թելադրիչ ազդակն էր, աւելի կամ նուազ գիտակցութեամբ դիմաւորուած։

Բայց Գ. Յովսէփեանը առաջին աշխատաւորն է մեր մէջ որ այդ արուեստին այնքան խուսափուկ, դժուար սեւեռելի մասնայատկութիւններուն մտատեսութիւնը չըլլայ վերածած բաջաղանքի ու իր ամբողջ ուժը յատկացուցած է այդ մասնայատկութեանց ընդունարան, պահարան նիւթեղէնը տարփագին զգուցումներով լման վաթսուն ու տուելի տարիներ ամէն տեղ հետազօտելու, գտնելու, հաւաքելու: Այս արժանիք մը, պարզ բայց իրաւէն ալ իրաւ։

Անորն է դարձեալ մտահոգութիւնը մեզ պաշտպանելու սպառնացող կրկնակ վտանգներու դէմ

վտանգեն զմեզ գերգնահատելու

վտանգէն մեզ ստորգնահատելու

որոնք հաւասարապէս կախ են մեր ժողովուրդին ընտրանիին վրայ։

Ձեր պապերուն արդոր, ինքնագոհ ձեռքերովը այնքան պարզ կարիքներու եւ այնքան գործնական հաւատալիքներու արտայայտութիւն մը իբրեւ բարձրացող ժամանակէն բզկտուած բայց չկործանած կոթողները, անուշիկ ճամբաներու խաչաձեւումին իրենց թեւերը տրտմօրէն պարզող խաչքարերը, դամբարաններու աւերակները ընդելուզող մարմարեղէնին փշրանքները, եւ ծանր, մեծահռչակ ոստաններու աւերատանին վրայ էլի ոտքի պատերը կոթողիկէներուն, խարխուլ գմբէթները օր մը գոհարակուռ մեր տաճարներուն Գ. Յովսէփեանի հաւաքումներուն մէջ չեն ինկած, օր մը միջազգային փառքի շուկաներուն երեսին աճուրդի դրուելու: Գ. Յովսէփեան, այդ շուկաներուն մէջ մէկէ աւելի անգամներ իր ժողովուրդին իրագործումներէն խօսած է անշուշտ, բայց չէ վաճառած։ Ահա գերգնահատման վտանգին դիմաց պաշտպանութիւն մը։

Ձեր պապերէն ձեզի հասած փշրանքները, միշտ Գ. Յովսէփեանի փոյթովը, դադրած են ըլլալէ աժան բանաստեղծութեան հասարակ տեղիք թեմաներ, ինչպէս ազատագրուած են տգեղ անտարբերութեան, չըսելու համար արհամարհանքին թիրախը կազմելէ ամէն անգամ որ օտար արուեստներու ընտելացած մեր իմաստունները կը զիջին խօսիլ անոնցմէ։ Ձեր պապերուն արուեստը իրաւ էր, երբ կ՚ապրէին անոր բանւորները։ Իրաւ են անոնց փշուրները ձեզի համար որ ձեր բոլոր գիտութեան, վարկին հակառակ փշուրներն էք ձեր պապերուն: Ձեր պապերուն միամիտ, մանկունակ, անուշակ երազանքները մագաղաթի մը վրայ ասղանկար արձանագրող պատկերները, Գ. Յովսէփեանի Քարտէզին մէջ անշուշտ չեն փշուիր դէպի անֆազը Արեւմուտքը ափիբերան ձգելու հետամուտ որով եւ անպարկեշտ փառասիրութեան մը, բայց չեն ալ հասարակ խազմզում։ Իր բոլոր հաւաքումները Գ. Յովսէփեան ըրած է շատ պարզ առաջադրութիւններով

Մեր պապերուն հրիտակները փրկել կորուստէ,

Մեր պապերուն իրագործումները հաշտեցնել անոնց ճակատագրին,

Մեր ներկան կանչել չափի եւ զգաստութեան,

Մեր ներկան ոգեղինել մեր պապերով։

Գ. Յովսէփեան, շքեղ համեստութեամբ մը, իր գրածները պահեց նոյնիսկ իրեներուն շուկան վաճառքի հանելէ: Ութսունէն վերէ ան, երբ այս տողերը կը գրուին։ Ու անոր հաւատքը, իր հաւաքումներուն վրայ երբեք չէ թուլցած։ Իր ըրածէն իր զգաստութիւնը, արժեւորման մէջ իր ժուժկալութիւնը, «յամենայնի» իր արմատական համեստութիւնը, գրական նկարագիրներ, ազատ գործածելու, կշռելու ձեր ուզած մարզերուն վրայ: Եթէ րոմանթիզմը, մեր ծայրայեղութիւնները կը մնանք գուցէ պարտական մեր արեան, իրականութեան ամուր զգայարանքն ալ որ մեր ժողովուրդինն քիչ անգամ պակսեցաւ ու եղաւ հզօրագոյն ազդակը անոր բազմադարեան Սփիւռքը կարելի քիչ տոյժով քալեցնելու, ուրիշներէ փոխ չենք առած։ Ան ալ կուգայ հաւանաբար արեան նոյն դրութենէն։ Անարդարանալի թեթեւամտութիւն՝ առաջին ազդակը իր աղուոր կշիռովը մեր պատմութեան հոլովոյթին վրայ, հերքել աշխատիլ, քանի որ ան մշտապէս իրաւ է մեր բոլոր դարերուն, ու իրաւ է այսօր ալ սոյն խորութեամբ: Ու իրաւ է դարձեալ երկրորդ ազդակը, տեւողութեան նոյն չափերուն վրայ, էլի մինչեւ այսօր։

Գ. Յովսէփեանին խառնուածքը պայմանաւոր էր կրակով, առաւելազանցութեամբ աշխատանքէ, յոյսէ, զոհողութենէ։ Անոր իմացականութիւնն ալ կնիքին տակն է իրականութեան զգայարանքին: Ու այս հաւաստումը մենաշնորհ մը չէ հոս: Նայեցէք ձեր չորս դին ու պիտի գտնէք ձեր ընտրանիին ընդդիմակաց ճակատումները հասկանալու ձեր դժուարութիւնը ձեզի ներելու: Ու նայեցէք ձեր պատմութեան, քիչ մը աւելի ուշադիր ու լուրջ, կենալու համար մտամոլոր, բեկ, տրտում՝ ձեր ժողովուրդին, մռայլ խորհուրդին դիմաց, դուք ձեզ բացատրելու համար, երբ կը տառապիք, հանգոյցները անոր շնորհներուն որոնք դարերու պողոտաներուն միշտ կարապետեցին մեր մեծ դժբախտութիւնները հէքիաթին կրակէ սիւնին նման։ Ու պարտք է մեզի որքան հաճոյք հպարտանալ մեր ժողովուրդով։ Այս տողին ետին է որ կը տեղաւորուին Գ. Յովսէփեանի հարիւրաւոր մեծ ու փոքր գործերը։ Իր ժողովուրդով ամբարհաւաճելը սոփեստութիւն։ Գ. Յովսէփեան տող մը չէ ստորագրած այդ մեղքով մեղաւոր։ Յետո՞յ:

Կայ, աւաղ, մեր օրերուն, ամյնա՜լը մեր ժողովուրդէն։ Ասոր չունիմ որակում։

Գ.

Կ՚ընդունիմ որ կարող էջերը չեն ներկայացներ Գ. Յովսէփեանի վաստակին լման կշիռը: Ասիկա գործադրելի աշխատանք մըն է յաջորդ սերունդին, երբ անտիպները լոյսին գան ու հայ արուեստը ըլլայ գտած իր ուրուագիծը: Իր սերունդին մէջ, հսկաներու սերունդ մը, իր տեղը այժմ էլ որոշ է սակայն: Արեւելահայ բանասէրներու մեծ դպրոցը առաւել քան երբեք կը մնայ պատնէշին վրայ, Խորհրդային Հայաստանի մէջ ու կը պահէ իր լիառատ արժանաւորութիւնը Սփիւռքին ալ քաւարաններուն։ Հսկաները համեստ մեծութիւններ են երբեմն, թերեւս իրենց սեպհական ծանրութենէն նուաճուծ, հակած դէպի խոնարհութիւնը հողին։

Գարեգին Յովսէփեանը մէ՞կը անոնցմէ,

դուք ունիք պատասխանը այս հարցումին, եթէ երբեք անհրաժեշտ է որ ամէն վերլուծում յանգի համադրական տարազի մը, երբեմն` բառի մը։

 

ՎԵՐՋ

 

 

 

 

 

 

 



[1]        Ստիպուած եմ ձեր ուշադիր նկատառումին յանձնել սա մեթոտին հանդէպ Գ. Յովսէվեանի պարկեշտութիւնը, անսայթաք հաւատարմութիւնը, շրջաւնի, երբ, կանխող դարու վերջին եւ սկսողին առաջին քառորդներուն մեր իւմանիզմը ծանր հեշտանքով մը ինքզինքը նետեց աւելորդ, նոյնիսկ վտանգաւոր յանդգնութիւններու: Շրջանն էր մեծ մտատեսութեանց, ենթադրութեանց, մղձաւանջային արկածախնդրութեանց, մեր ըրած խորանարդող եւ այս գործողութիւնը անցեալէն տարածելու ատեն ներկայի կարիքներէն ազգային դատին համար աժան եւ միամիտ պրոպականտա զմեզ բաւարարելով նոյնիսկ չտեսութեամբ։ Երէկ հասարակ հասարակութիւն մը կը վարանէինք նոյնիսկ ազգ բառը գործածելու, գոհանալով communauter այսօր ստեղծագործ մեծ ժողովուրդ, ախոյեան արեւմուտքի մեծագոյն իրագործումներուն։ Ինչեր, ինչեր չպոռացին հայոց մեծափառ մշակոյթէն մարդեր որոնք այդ մշակոյթէն լսովի, հոս ու հոն կորած փշրանքներ միայն ճանչցեր էին եւ չէին կասկածէր անհեթեթութենէն, դեռ լոյսին չինկած պատմութեան մը –– հայոց պատմութիւնը նոր գրուիլ կը սկսի, ըսեր եմ այնքան, անգամներ վաւերագրութեանց վրայ մշակոյթ ճարտարապետելու։ Պէտք է քալել սակայն։ Եղէք գոհ որ Գերմանիայէն գալուն հակառակ, Գ. Յովսէփեան չէ փորձուած խայծէն, հրապոյրէն քմածին տեսութեանց, մանաւանդ հեշտալուր համադրութեանց։ Այդ մարզին վրայ, պատանիէն մինչեւ ալեւորը, կայ միակտուր պարկեշտութիւն մը, զինքը պաշտպանող։ Երբ ուրիշներ, թող ներուի ինծի հոս խնայել նոյնիսկ արժանաւոր անուններ, բայց զառածումի մէջ նոյնքան խորագնաց ինքնատիպ բաներ ըսելու, ուշադրութիւն կապտելու իրենց մարմաջին մէջ չկասկածեցան իսկ թէ բառ կ՚աղային ու տեսութիւն կը ծամէին, Գ. Յովսէփեան, պարկեշտ ու խորահաւատ, կը հաւաքէր, առքին մէջը օր մը կարելի մեծ կառոյցին։ Եւրոպական համբաւի հասած Ստրիչիկովսքիին խանդոտ խոյանքները, առաջին հոգեվիճակէն իբր նմոյշ յիշելու ատեն, ինքզինքս կը զգամ յաճախանքին մէջը քանի մը հիմնական դրութեանց, զգայնութենէ, մտածողութենէ որոնք ժամանակին հետ կը հասունան, կը մեռնին բայց իրենց փոշիներուն խորը կը պահեն զարկեր, ձայներ, լոյսեր: Խորհեցէք Ալիշանին, այսինքն իր անունով կնքուած վաստակին ու պիտի գտնէք անոնցմէ, այդ զարկերէն, զանակներէն, անշուշտ փոշեծածուկ, եւ դադրած ապրելէ, չըսելու համար նոյնիսկ մեռած: Ժամանակը չէ միայն հեղինակը սա դժնդակ կորանքին։ Լեւոն Մեծագործ մը ( ՍԻՍՈՒԱՆ ) չապրիր, այսինքն դադրած է մեզ խանդավառելէ ոչ անշուշտ ժամանակէն իր վրայ թանձրացած խաւին պատճառով, այլ իր յօրինման մէջ մուտք ունեցող խանդին, հռետորութեան ցնդումովը։ Հիմա կը նետեմ ձեր երեւակայութիւնը հազարաւոր տարիներ ետ։ Աննիբաղ մը ( Տիտոս Լիվիոս կամ Պլուտարքոս ) փշրանք իսկ չէ կորսնցուցած իր շահեկանութենէն։ Կրցի՞ արդեօք ինքզինքս բացատրել։ Տակաւին, Ալիշանի մեծղի հաւաքումներէն չէ որ պիտի դուրս գայ հայոց պատմութիւն մը։ Ու պարտաւոր եմ ըսել այդ հայոց պատմութիւնը արտօնուած չենք հանելու, օրինակ՝ Խաղբակեանք էն։ Բայց կարդացէք Շիրակը ( Ալիշան ) եւ կարդացէք Խաղբակեանք ը։ Առաջինէն ձեր առածը այսօր գիտութեան վերածուած բաներուն չորութեամբը կը տառապի։ Երկրորդէն ձեր առածը յստակ, անջինջ պատկերացում մըն է, Ժամանակէն ազատագրաւած։ Ու տարօրինակ ըլլայ հոս հաստատել որ Գ. Յովսէփեանի գործին ընտանի դառնալէ վերջ, մեր պատմութեան ամենէն մութ, անկշիռ նկատուած մէկ դարաշրջանը Ժ ԺԵ. մեր մտքին մէջ հագնի պայծառութիւն, լիութիւն, այնքան բացարձակ որ, աւելի փառաբանուած շրջաններէ մեր մտապատկերումները աղոտանան ինքնաբերաբար: Ի վերջոյ Սիսուան ը ծանր մենագրութիւն մըն է։ Աւելցուցէք ասոր փաստին Շնորհալի եւ պարագայ իւր ը։ Գումարէն ձեր մտքին պիտի մնան գրոհներ, աւերակներ, մարդեր բայց երբեք կեանքը, այսինքն պարզ ու իրաւ ապրումը զոր ձեռագիրը, մանրանկարը կը թելադրեն, ամենէն մեծաթռիչ երեւակայութիւնն իսկ զգետնելով։ Ու Ժ ԺԵ. դարերէն, Գ. Յովսէփեանի, խեղճ ու պատառ միջոցներով ճարած ու իր ընդարձակ գործին մէջ տարտղնած ուրուագիծները, կենդանագիրները, հոգեխառնութեանց տ o գիւմէնտներ, յաճախ տողիկով մը սեւեռուած, ձեզ կը գրաւեն ոչ միայն իրենց մարդկայնական հարազատութեամբը, այլեւ նորութեամբը, քանի որ անկէ առաջ չէին ինկած գոյութեան բեմին։ Այսօր հայոց պատմութեան ընդհանրական չէնքին համար վճռական են սակայն այդ տարրերը: Ահա բարիքը վերլուծական մեթոտին: Գ. Յովսէփեան կը հաւատար

          ա )– մը անգիր, այսինքն ժովովուրդի շրթներուն ապրող արժէքներուն,

          բ )– մեր տպեալ ու անտիպ ( ձեռագիր ) արժէքներուն

          գ )– մեր աւերակներուն, որմանկարներուն, մանրանկարներուն, խաչքարերուն, առաւել կամ պակաս կանգուն յիշատակարաններուն, ա u ոնց վրայ կնճիռ կնճիռ փորուած արձանագրութիւններուն, ձեռարուեստի բոլոր նմոյշներուն ( մետաղ, կաշի, կերպաս, ոսկոր ) խորունկ արժէքներուն, բոլորը իրենք իրենց համար թանկ ու սխրալի, բայց նոյն ատեն իրենցմէ վեր արդիւնքներու համար այնքան արդիւնքով օգտագործելի։ Այդ արդիւնքը, իրեն սիրելի տարազով մը կը յորջորջուի « Պ ատմութիւն հայ արուեստի եւ մշակոյթին »: Այսքան պա՞րզ՝ թերեւս տարուիք մտածելու տարողութիւնը հայ մշակոյթին: Հանդարտութեամբ կը դիմաւորեմ ձեր դժնդակ զգացումը, տարակուսանքը, հաւաքման աշխատանք մը մշակութային համադրութեան, փառքի բարձրացուցած ըլլալուս։ Կը հրաւիրեմ ձեզ առաւել զգաստութեան պարզումի սա փորձը տեսնել է իրմէն դուրս ։ Սխա՞լ արդեօք, ընդունիլ որ ի վերջոյ արուեստները ըլլալէ առաջ տնկարաններ համադրական ելոյթներու, սրտագին զեղումներու, խօլաբուսային ենթադրութեանց այսօրուան իմաստասիրութինները պատմութեան, լեզուներու, բարքերու, օրէնքներու եւ կրօնքներու, գործողութեանց հրիտակներ են, ծանր, դաժան ճիգերու ծնունդ, գլուխ հանուած երկարատեւ վարանքներով, եւ իրենց կեանքը կազմակերպած տոտիկ տոտիկ: Վերլուծական մեթոտը թէեւ յոգնեցուցիչ, Գաղիացիք կ՚ըսեն terne, բարիքը կ՚ըն է առնուազն նախանիթը կորուստէ փրկելու: Որքան սխալ հասկցան ու գրեցին մարդիկ պատմութիւնը, օրինակ, աւելի քան քսան դարեր։ Ուժով այդ միտքերը դէպքերը դատեցին, չափեցին համաձայն իրենց միտքին ուժին։ ԺԹ. րդ դարուն այդ վճիռները ու այդ չափերը հանուեցան պազար ու վտարուեցան։ Որքան շատ, մանաւանդ ծանր՝ փոխուածը: Ու վաղը, դար մը վերջը, այդ պատմութեան, արուեստներու, իմաստասիրութեանց շուրջ մեր լաստակերտած այս օրուան շքեղ տեսութիւններուն անխուսափելի ճակատագիրը: Ապահովաբար կրկնութիւնը հիները զարնող ճակատագրին։ Որքան շատ՝ մեր վկայութիւնները այդ ամենէն։ Խորհեցէք միայն պատմութեան դաշտին երեսին ժամանակին մղեղով թաղուածին, Պօսիւէէն մինչեւ Հանրի Պրիմոն, այդ դաշտին կանգնած, պաշտուած, ի վերջոյ թաղուած ու այսօր փոշի իսկ չեղող մեծահռչակ տեսութիւններէն ձեր զգացածը իմաստնօրէն օգտագործելու որպէսզի համոզուիք թէ որքան քիչ գիտական էր նետել բռնել, օրէնքներ պատգամել, իմաստասիրութիւններ լաստակերտել հոն ուր իրականը եւ յաւիտենականը կեանքն է միայն, այսինքն՝ մեր բոլոր օրէնքները, գիտութեան յաւակնոտ տարազները, իմաստութիւնը հերքող, զգետնող հեղեղը իրողութիւններու, առանց որեւէ խելքի, կամքի, նախագիտութենէ նուաճելի ըլլալու, եւ առանց որեւէ յստակ նպատակի մը ինքզինքը առաջնորդելու արտօնուած ըլլալու։ Վենետիկէն Էջմիածին, անցնելով անշուշտ Վիեննայէն, որ դեպքին (fait) տարփաւորը ըլլալու իր իմաստութիւնը վտանգած է դժբախտաբար, զանցելով ասոր, միշտ դէպքին տակ կարելի կեանքին անհրաժեշտ վերագիւտը։ Արեւելահայ բանասէրներուն գրեթէ բոլորին համար ալ հասարակաց սա բարեխառնութինը դէպքն ու ասոր ոգին, զոյգ առնելու, Գ . Յովսէփեանին չէր կրնար պակսիլ։ Ու անհուն մթերքէն անոր ամբարած դէպքերուն չէ՞ր կարելի պատասխան մը կորզել ճակատագրական, անխուսափելի հարցականին։

          բայց որո՞նք՝ հայ արուեստին եւ մշակոյթին տիրական նկարագիրները,

          հարցուցէք.

          Գ. Յովսէփեան զմայլելի պարզութեամբ ու պարկեշտութեամբ թերեւս ձեզի դարձնէր մեր հարցումը ըսելով

          ի՞նչ կարիք մեծ բառերու։

          Արուեստը կեանքէն կուգայ, կրկնելով անոր բոլոր ծփանքներն ու երանգաւորումները: Չէք կրնար համաձայն չըլլալ: Տեւողութեան մշտանորոգ կտաւի վրայ կը գծուին, կը մաշին, կը պատռին, իբրեւ փոշի հովին կ՚անցնին բոլոր հպարտ, կոկողավիզ, փարթամ ճաշակները։ Այնքան շատ է պատմութեան գերեզմանին ` այս ամէնուն ապացուցումը։ Գ. Յովսէփեանին առաջադրութիւններէն մէկն էր առանձնացումներ ընել Ժ ԺԵ դարերու միջոցէն։ Ըրած է այդ աշխատութիւնը շքեղ հաւատարմութեամբ մը, օրինակ ծառայելու աստիճան ու քիչ շրջաններու վրայ ուրիշ աշխատաւորներու։ Հայ աւերակի մը լուսանկարներուն վրայէն հայ ճարտարապետութեան օրէնքներ բանաձեւելը առնուազը պիտի ըլլար տառապագին սնամտութիւն մը իրմէն վերջ:

[2]        Մի վերագրէք ինծի միամտութիւնը կամայական բաժանումին անհեթեթութիւնը անգիտելու: Արեւի պէս պայծառ է որ մէկ է հայ բանասիրութիւնը զոր աւելորդ է հոս անգամ մըն ալ սա սահմանել փորձել: Բայց նոյնքան անհերքելի միւս իրողութիւնն ալ որ մշակման եղանակները կը մասնաւորէ այդ կրթանքին: Ուրիշ գրութեան մը մէջ ( Արեւելահայ բանասիրութիւնը եւ Էջմիածին, Սիոն 1947, Մարտ ) ես զբաղեր եմ հարցին էութեամբը։ Հոս իմ թելադրել ուզածը այդ մեթոտներուն տարբերութեանց անդրադարձն է կրթանքին իսկ ճակատագրին վրայ: Արեւելահայ դպրոցը տուաւ իր ուղղութեան պտուղները պատկառելի գործէրու շարքի մը մէջ, սանկ դարու մը վրայ երկարաձգւող։ 1950 ին Երեւան, այսինքն այժմու արեւելահայ բանասիրութեան ոստանը, գիտէ մեր պատմութենէն շատ աւելի բան որքան չեն իսկ երեւակայեր Վենետիկն ու Վիեննան։ Պատմութեան օրինակը կարող եմ տարածել բուն իսկ հարցին որ գիւտն է հայ ժողովուրդին: Դերենիկ Եպիսկոպոս որ Ղեւոնդ պատմիչի ներածութիւնը ( գրուած է Կ. Եզեանցի կողմէ ) փոխադրած է անգլերէնի, կը խօսի խոր հետաքրքրութենէն որ այդ 60-70 էջնոց ամփոփ գրուածքը արթնցուցեր է ամերիկեան բանասիրական բարձրագոյն շրջանակներուն մէջ։ Սա շեշտը, Եզեանցի փորձէն, ես հաստատած եմ արդէն արեւելեան դպրոցին բոլոր ներկայացուցիչներու ալ վրայ։ Ու այդ շեշտը նրբին, տաք միաւորումն է հմտութեան ու կեանքի ։ Գ. Յովսէփեանի մօտ այս իրողութիւնը շեշտ չէ այլեւս, այլ ամբողջական մթնոլորտ։ Ըսել կ՚ուզեմ հայ ժողովուրդին գիւտը մենք չենք կրնար վստահել մարդերու որոնց մտահոգութեան մէջ այդ սրբազան տագնապը չի գործեր, չոր, ստերջ, նարկիսացող հոգեբանութեան մը մէջ աճելու տեղ ճռզող։ Ասոնք յանդուգն, սրբապիղծ ուրացումներ չեն, այլ արտայայտութիւնը ցաւին որ իմն է եղեր կէս դարու ընթացքին, իմ ժողովուրդի գիւտին ընդունակ մարդոց զառածումը իսկ այդ պարտքէն: Գաղտնիք չէ որ Վիեննացիները գրելը կ՚արհամարհեն, բայց իրենց գործին անբաւարարութիւնը չեն կասկածիր որ ծնունդն է այդ արհամարհանքին: Ու հոս գրելը չի նշանակեր նախադասութիւնները խնամել, ոսկեզօծել, այլ անոնց ետին վառել իրաւ կրակը ապրուած կեանքին: Լաւ իմացէք, Գ. Յովսէփեան իր ամէն մէկ բառը ապրած է քանի մը պատիկ ուժգնութեամբ:

[3]        Իր հարցումին պատասխան մը, Գ. Յովսէփեանին իսկ կողմէ, որոշ իր յայտնութեան համար արժանի կը նկատեմ հոս նշուելու։ Անշուշտ պիտի զարմանաք որ ` իր սրտին գերագոյն համակրանքը, ձայները ` իր մէջ պահող գործ մը, գործերը մարդ ենթարկէ այնքան դժնդակ զրկանքի մը։ Բաներ մը գիտէք Մանրանկարչութեան տռամային շուրջը։ Միւս երկուքին համար ահա իր բացատրականները։ Ձեռագրաց Յիշատակարանները հազարբջիջեան հսկայական ձեռնարկներ են որոնց մամուլով ազատագրութիւնը պայմանաւոր է նիւթական շատ մեծ միջոցներով: Բայց կայ աւելին։ Վաղ երիտասարդութենէն սկսուած եւ խոր ալեւոյթին մէջ շարունակող սա աշխատասիրութիւնը՝ պայմանաւոր է մանաւանդ խմբագրական ծանր խղճահարութեամբ մը։ Մեր Սփիւռքին նման ճակատագիր մըն ալ զարկած է մեր ձեռագիրները, որոնցմէ ոմանք երեսուն տարի առաջ Պոլիս տեսնուած, կ՚իյնան Գ. Յովսէփեանին աչքերուն... Ամերիկա, ի՞նչպէս, որո՞նց միջոցով. հարկ է լռել: Մեր գիրքերուն սա տարտղնումին հետեւանքը ան կ՚ըլլայ որ Գ. Յովսէփեան ամէն տարի նոր նոր յաւելումներու, ճշդուքներու առջեւ կը գտնէ ինքզինքը։ Ձեռագրաց յիշատակարանները կեանքի տախտակներ են, երբեմն դարերով իրարմէ, եռացած արեան դրութիւններ, արարքներ իրարու ընծայող։ Նոյն անունը, զանազան շրջաններէ հասած մէկէ աւելի տախտակներու վրայ, ինքնին կը ստեղծէ մթին խորհուրդ մը։ Ամբողջականին տենչովը տառապող բանւորը այս նկատումներով է որ ... յետաձգած է այդ գործին տպագրութիւնը: Գրչութեան արուեստը Հայոց պատմութիւնն է Գ. Յովսէփեանի արժեւորման մէջ։ Ու այդ պատմութիւնը այնքան տարբեր է այսօր 1909 ի անոր գտածէն։ Յետոյ, երբեք հիմնական գործերն ալ անցեալով հանգամանուած են: Ու այդ անցեալին ծալքերը որքան քիչ բացուած են այսօր։

[4]        Հոս տեղն է զբաղելու, ոչ անշուշտ հակադրութիւն մը շահագործելու նպատակով, դժուար ըմբռնելի ոչ իր շրջափոխութեան շաւղէն, այլ մեր օրերուն իր պարզած ապայժմէութեան պատճառով այն եղանակով որով աշխատեցաւ մեր իւմանիզմը լման երկու դար: Դուրս են նկատառումէս բանաստեղծական ամուլ վաստակը ( որ այդ աբբաներուն դիւաններն են առյաւէտ մեռած, խոնարհագոյն անուններէն մինչեւ բարձրագոյն տիտղոսներով պաշտպանուածները ), բարոյախօսական շատաբանութիւնները թարգմանածոյ կամ ինքնագիր, ու ԺԹ. րդ դարու գիտական հասարակ տեղիքը, Մխիթարեան մեքենայէն լոյս տեսած գործերով մեզի մատուցուած։ Կը կենամ այդ կրթանքին ամենէն հիմնական մէկ ստորաբաժանումին առջեւ: Կարո՞ղ էք առանձնացնել այն այերական, նորոգող գաղափար տարազը որուն ետին, o րինակ, զիջէինք յաջող, ճիշդ, արդար ընդունիլ կատարուածը, միշտ պատմութեան այնքան արգասաբեր գետինին վրայ, բազմերախտ Չամչեանն իսկ օրերէն ասդին։ Ձեր փաստարկութիւնները կատարուածը պաշտպաննող ( դարերը, պատմական զգայարանքին տարրական հանգամանքի մեջ ու օտարներուն մօտ, մեր ընկալչութեան աստիճանները, եւայլն ) մի ճօճէք իմ պահանջին դէմ։ Իմ դիտողութիւնը կ՚երթայ Մխիթարեան պատմական զգայարանքին դերակատար իսկ կշիռին որ կը պահէ տրտում նոյնոյնութիւն մը, երկու դարերու անջրպետի մը վրայէն։ Չամչեանի եւ Օրմանեանի եռահատոր ձեռնարկները ( Պատմութիւն հայոց եւ Ազգապատում իրար կը կրկնեն վհատեցուցիչ միօրինակութեամբ մը, գաղափարային տարողութեան տեսակէտէն նկատի առնուած։ 1780 ին, հայոց պատմութիւնը այսինքն զայն գրելը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ ժամանակագրական որոշ յաջորդութեան մը կերպարանքին տակ զետեղել մեր պատմիչներուն այնքան ընդարձակ էջերը, մինչ հայոց հարազատ պատմութիւնը կը մնար անայց, այսինքն մեր պատմութեան իրական կերպարանքը թաղուած էր այդ թղթեղէնին ներքեւ: Պատմութիւնը հին ըմբռնումով մը գրականութեան կը պատկանէր, ինչ որ համազօր է գրագէտի մը անհրաժեշտութեան ամէն ձեռնարկի ետին ուր իրողութիւնը երեւան հանելէ վերջ, զայն կենսագործելու այլապէս ստեղծագործական զօրութիւնը կը մնար տիրական ազդակ։ ( Հատոր մը անբաւական պիտի գար սպառելու սա վարկածին հետեւանքները, երբ արդի պահանջներն ալ բերենք վերլուծումի սեղանին, պատմութիւնը գիտութիւն յայտարարող, անոր մերժելով ստեղծումի ամէն շնորհ ու դէպքերու հարազատ պատկերացումը առաջադրելով իբր գերագոյն հետապնդում ): Ու հանգիտօրէն, ինչ որ հայոց գրականութեան պատմութիւն կ՚անուանենք այսօր, 1900 ին ուրիշ բան չէ եթէ ոչ վերը պարզուած եղանակով դասաւորուած ազգային պատմութեան դէմքերէն գրիչ բռնողները ստուարագոյն թիւով եկեղեցականներ այս անգամ, քանի որ գրողները կուգային, մեր ինչպէս օտարներու մօտ, այդ դասակարգէն կենսագրել, յայսմաւուրքեան մատուցումով, որուն ընկերային գրական երկերուն անունները, ասոնց ` պարունակութեան ամփոփոյքը, մեծատարած բղաւանք, աժան, ապսպրուած, անխուսափելի ներբողներ կամ նոյնքան նեղմիտ, նեղսիրտ մեղադրանք, մանաւանդ բնագիրներէ ծանր զառածում, էջերով մէջբերումի կերպարանքով երբ պատմիչներու տուածը կը փռենք հայ գրականութեան պատմութեան կառոյցները աճեցնելով, առանց պուտ մը իրաւ, թափանցուն մտածումի, գրողը վերակազմելու պարտքը զգալու նոյնիսկ, ու տակաւին, իբր թէ չըլլային սա զեղծանումները բաւ, անկէ ներս կը պարպենք սանկ հարիւրամեայ շինուազըրին որուն անունն է համեմատական լեզուաբանութիւն, բանասիրական հետաքրքրութիւններ, բնագիրներու վաւերականութեան շուրջ թեր ու դէմ ընդարձակ լեզուագարութիւն, ( մինակ Խորենացի մը բազմաթիւ հատորներու նիւթ է հայթայթած, բոլորն ալ աս ու ան բառը, աս ու ան թուականը կամ դէպքը զննող, բայց բուն հարցի Խորենացիին գրական տարողութենէն թշուառամտօրէն հեռու, օտար ) ։ Կ՚ուզեմ որ մարդիկ նենգամիտ կամ անգիտակից խեղաթիւրումով մը չդիմաւորէին սա տառապագին պահանջները, գլխաւորաբար հայոց գրականութեան պատմութեան կլօպալ ըմբռնումին շուրջը։ Իմ գրական դատաստանները այսպէս գունաւորուած, ի յառաջագունէ մերժուած, այս ու այն հաշիւին, մտադրութեանց ներքեւ կը ստանան իրենց իրականութեան հիմնովին ներհակ նկարագիր։ Իմ կողմէ պատրուա՞կ, մթութիւն, երկդիմութիւն, տարտամութիւն այս ամէնուն համար։ Չեմ կարծեր։ Չարիքին հեղինակը մեր ներսը կը բնակի եւ ոչ թէ մեզի մատուցուածիին տակ։ Ընթերցողը, պարզը, ինչպէս մասնագիտացածը, հաւասարապէս կը տառապին ժամանակին տառապանքը, որ նուէրն է աճապարանքին, ինքնին այն քան քի՛չ, ուրիշ բազմատեսակ զբաղումներու բաշխելի, անոնցմով գրաւուած պարապո՛յ, ժամերուն։ Ասկէ՝ վազելու, թռչելու նոյնիսկ ստիպողութիւն մը որմէ հետեւութիւն՝ մեզի մատուցուածին սահիլը մեր ուշադրութենէն, առանց թափանցուելու ու այս անաւարտ զգայութիւնը դատաստանի վերածելու: Բացի այս հիմնական զառածումէն կան ուրիշներ ալ, ծնունդ այս անգամ մեր խորագոյն անձնաւորութեան մթին ցուցմունքներուն որպէսզի մեզի քիչ ծանօթ, նոյնիսկ անծանօթ իրողութիւններ մենք գունաւորենք այդ անձնաւորութեան ծորումներով եւ առանց կարդացա՛ծ իսկ ըլլալու տայինք այս ու այն գործը, մարդը, անոնց հանդէս մեր զգացական տրամադրութիւնը ունենալով ելակէտ։ Աւելի յստակութեան համար, կը բանամ սա մտածողութեան ներքին ծալքը՝ Հայոց գրականութեան պատմութեան հանգամանաւոր պատմիչներուն թիւը, մինակ երկու սերունդի վրայ, կ՚անցնի երկվեցեակը, բոլորն ալ, իրենց օրերուն ու իրենց շրջանակներուն վրայ տիրական ճառագայթումով։ Հեռու ինձմէ սոփեստութիւնը արհամարհելու Զարպհանելեանը, Զամինեանը կամ... Եղիշէ Դուրեանը քանի որ խոր է իմ համոզումը թէ անոնք պարկեշտ աշխատաւորներ են ( կը լռեմ անասելի անուններէ որոնք, մեր զոյգ նոր գրականութեանց մէջ նոյն կրթանքին սպասարկեցին ու իբր այդ դատապարտուած են իրենց մեղքերը քաւելու, եթէ երբեք գրուած է որ գրականութեան պատմիչները, « նովին իսկ մեղօք » պիտի նետուին գեհենին կրակներուն ), բայց կը տառապիմ գրականութեան պատմութիւնը ըմբռնելու եւ գործադրելու իրենց եղանակներէն։ Ու քիչ տեղ մը, հաւանաբար անդրադառնամ հարցին համապատասխան լայնքով ծաւալի մը վրայ։ Հոս քանի մը թելադրանքներ միայն։ Եթէ, երկու սերունդի աշխատաւորներուն մէջ կային Զարպհանելեաններ եւ այլն, կան նաեւ Մ. Աբեղեան, Ն. Աղբալեանը, ինչպէս Գարագաշին ետեւէն կան Ադոնցն ու Մանանդեանը։ Նորոգ վախճանած արեւելահայ երկու հռչակաւոր պատմիչներուն ( գրականութեան ) կշիռը ուրիշ տեղ թերեւս գործածեմ, առանց ազդուելու հրապարակին դատաստաններէն։ Կը գոհանամ հոս արձանագրելով հիմնական քանի մը նկատողութիւններ։ Ազգային պատմութիւնը, ատաղձը հայոց գրականութեան, չի կրնար պատմութիւնը ըլլալ այդ գրականութեան ալ ( կը հրաժարիմ մտածումին պարզումէն, անոր համար որ էջերով ապացուցում է հարկաւոր գրականութեան եւ պատմութեան աղերսները հաստատելէ վերջ անոնց հակագրութիւնները լուսաւորելու: Գրականութեան պատմութիւնը մարդերով է անշուշտ պայմանաւոր, բայց անոնց նիւթեղէն իրականութենէն բաւական վերապրումներով: Գրագէտը օրուան շառլաթանը, ծափահարուած տեսաբանը կամ անիծակուռ մահապարտը չէ գրական գապալին ասպետներուն։ Կրնայ իր օրը տալ։ Բայց իր օրէն վեր, դէպի առաջ, եւ իր օրէն վար դէպի ետ իր մտատեսումներով, սեւեռումներով է որ կ՚արժեւորէ իր գործը։ Պիտի կարդանք այսօր Պ. Դուրեանց զոր իր ժամանակը մահուան թափօրին մէջ միայն գտաւ, անշուշտ առանց ճանչնալու, դէպի վեր իր նայուածքին, սեւեռումին սրբազան պատգամին մէջ ու պիտի չկարդանք ժամանակակից Ալիշանը ( բանաստեղծը, Նար - Պէյը, Թէրզեանը որոնք « լցեալ փառօք » կը հետեւէին անշուշտ Իւսկիւտարցի տղուն, դագաղին ) ։ Երկու դար գրական յեղաշրջում շատ քիչ բան էր փոխած մեր ըմբռնողութեան մէջ։ Գ. Յովսէփեան, այդպէս կարծրացած գրականութեան նեղ տարազը համարձակած է ընդայնել, գործածելով հայ արուեստ եւ մշակոյթ աւել ի պատասխանատու տարազը։ Ու սրտառուչ է հոս ալ իր համեստութիւնը։ Իր սերունդը երբ տարազը աճեցուց առաջին գործին նման, անկէ առնելու համար ֆանթասթիք հպարտութիւններ, ինքը մնաց գիտնականի զգաստութեան մէջ։ Հպարտ էր իր ժողովուրդին շնորհներու խորհուրդին բայց կը պահէր զայն իր կարելիութեան rayon ներուն ( տարօրէն ուշագրաւ է որ եկեղեցականի իր գործօնութիւնն ալ ըլլայ ներշնչուած նոյն մտատեսումէն, այնքան որ իր սերունդին տեղը ցանկութիւններուն դէմ իր զգաստութիւնը, էլի մինչեւ այսօր, կը թուի հակադրութիւն, առնուազն է անհասկնալի ) ։ Անշուշտ հայ գրականութեան պատմութեան յղացքը չէ նորոգուած Գ. Յովսէփեանի գործին մէջ: Բայց չէ մնացած յայսմաւուրքեան իր ծանծաղութեան մէջն ալ։ Ստիպուած եմ տալ օրինակներ։ Կայ Ազգապատումը: Կենալու է անշուշտ անկէ առաջ կամ անկէ վերջ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պատմութիւն մը, առանձին երես մը իւմանիստ կրթանքէն, համազօր գրեթէ անոր զոր գործադրած են Ադոնցը, Մանանդեանը հայոց պատմութեան համար, որ միշտ այդ համատարած իւմանիստ կրթանքէն երես մըն է ըլլալու: Արդ, արեւելահայ հեղինակներուն իրագործումները ժամանակին մէջ 10–20 տարի ուշ տեղի ունեցած ըլլալնուն չեն պարտին իրենց յաջողուածքը, ոչ ալ Օրմանեանի կառոյցին վրիպանքը արդիւնք է տեւողութեան մէջ յապաղման մը։ Ադոնցն ու Մանանդեանը իրենց աշխատանքը գործադրած են բոլորովին տարբեր հանգանակներու սպասարկու, բոլորովին տարբեր միջոցներ գործածելով։ Օրմանեան կը շարունակէ Չամչեանը, Ալիշանը եւ ուրիշ քիչ բան կը փառասիրէ։ Իր դերը հաւաքումն է, երբեք՝ ապրումը, դէպքերը ազատագրելը, նոր տեսնելը։ Մի զարմանաք որ հին դէպքերը կ՚առաջարկեմ նոր տեսնուելու անհեթեթութեան մը։ Նայեցէք ձեր շուրջը։ Ու ձեր աչքերուն տակ կատարուած դէպքերուն զգեցած արմատապէս հակամարտ կերպարանքները փորձեցէք ճիշդ տեսնել։ Մարդիկ ձեր իսկ ձեռքերով կատարուածը, ձեր աչքերուն առջեւ, երբ այսքան դիւրութ եամբ կ՚այլափոխեն, ալ ինչու տարօրինակ թուի սա գործողութիւնը անցեալին վրայ: Ահա թէ ուր է նոր տեսնելու պարտադրանքը: Աւելի՛ն։ Տեսնել արդար: Տեսնել կենդանի ։ Ու Ազգապատում ը կը կրկնէ իր գրածը։ Ըսել թէ, այս գետինն վրայ վրիպանք է Ազգապատում ը, չի նշանակեր այդ շատ օգտակար, բայց հանրացման համար (vulgarisation) միայն գիրի ինկած այդ աշխատանքը արժեզրկել, այլ պահանջել մեթոտը որ, պարկեշտ, խղճամիտ, զգոյշ, արդարախոյզ ու կենսապաշտ, պիտի գործածուի տասնըհինգ դարու կեանքով մը թանձրացած, աղաւաղուած, շփացուած կամ ուրացուած ծանր հոգեկան գործօնութիւն մը ճիշդ տեսնելու, ճիշդ ներկայացնելու պարտքի մը հպատակ մանաւանդ։ Ահա դժուարութիւնը: Ու երբ կը կրկնեմ իմ հիմնական առարկութիւնը թէ Հայա u տանեայց Եկեղեցւոյ պատմութիւնը հայոց պատմութիւնը չէ ( Օրմանեան տարբեր մտադրութիւն չի ունեցած, ձեռնարկին վերնագիրն իսկ կը վկայէ ատկէ ), նորոգած կ՚ըլլամ իմ պահանջը մեր գիտցածը, ելածին պէս մեզի հրամցնելուն անտեղութեան բարձումին։ Կ՚ընդունիմ որ պատմութիւնները չըլլան սանձարձակ ստեղծում, բայց ըլլալու ալ չեն պաղած ու վերստին քիչիկ մը տաքցուած, համեմուած կերակուրներ: Ասոնք ըսել, թուղթի վրայ, ստեղծել է անհանգստութիւն ընթերցողին վրայ որ միշտ արագ կը կարդայ։ Ասկէ ահա շրջումներ, սխալ հասկացողութիւն, հակասութեանց առասպելը։ Աւելին։ Ասկէ՝ իր ժողովուրդին վաստակը արհամարհողի ձրի քղամիթ եւ որ ի կարգին։ Գրեցէք, բայց նորը գրեցէք։ Գրեցէք, բայց աւելցուցէք, ոչ թէ տպուած թուղթ, այլ այն ապրումները որոնք ձեր ներսը, մեր ժողովուրդին անցեալին մէջ կը գտնէք ձեզի համար առաջին անգամ։ Ու մի յարձակիք անոնց վրայ որոնք ձեզ ձեզի կ՚ուզեն օգտակար դարձնել։ Չեմ հեռացած իմ նիւթէն: Պարզ մարդոց մօտ սա զառածանքը զիս չի զարմացներ, քանի որ անհետեւանք է մնալու։ Անոնց ուսին չէ որ կը ծանրանայ պատասխանատուութիւնը Հայոց մշակոյթին սպասին։ Բայց պարագան կը փոխուի երբ նորին հետամուտ մը հերձուածող յայտարարելէ վերջ, զայն հալածելու պատրուակին տակ, ուղղափառները, խելամուտները կը յաւականին հինը, ծանօթը, մաշածը, հազար անգամ տափակցածը մեզի մատուցանել ու տալ հաւաքի, այդ գործողութիւնը պղտոր պղտոր պաշտպանելու համար։ Սա խաչակրութեան արդիւնքը այն կ՚ըլլայ որ մեր ինքնին դժուար նորոգող, քիչ ընկալուչ չըսելու համար անընկալուչ հասարակութեան մէջ պատրանքները ոչ միայն յաւերժանան, այլեւ աճին, պարարտանան, արգիլելով իրականութեան ապրումը։ Թող գործադրէին մարդիկ, 1910 էն ասդին մեր պահանջները գոնէ գրականութեան պատմութեան վրայ, մենք այսօր կ՚ունենայինք առնուազն հարազատ պատկերը այն բոլոր տագնապներուն որոնք հարիւրի մօտ տարիներ արեւմտահայ գրականութիւնը պահեցին իրենց անդոհին մէջ։ Գրականութեան պատմութիւն մը հոգիին պատմութիւնն է ( Գ. Յովսէփեան այս փոյթը մասնաւորած է, գիտէք, որոշ շչրջաններու ), ու ասիկա յայտարարելը՝ ծառայել այս գրականութեան:

[5]        Ընթերցողը կը հրաւիրեմ անհրաժեշտ անդրադարձի, այսինքն յիշելու Գ. Յովսէփեան անձնաւորութեան առաջին երեսը, եկեղեցականի իր գործօնութիւնը, միս մինակը բաւ քանի մը կեանք լեցնելու: Կը հետեւի թէ այդ մարդէն ստանձնուած ամէն աշխատանք սպաս մըն է հանրային բարիք նպատակ ունեցող որով եւ շեշտօրէն զգացական։ Բայց ո՞վ օրէնքներ բանաձեւեց մեր գործօնութիւնները այլամերժ գօտիներու մէջ եւ առանձնացնելու համար վերածնունդի մեծ իւմանիստները կը ծառայէին անշուշտ գիտութեան, արուեստին եւ իրենց ժամանակակիցներուն երբ կեանքին առօրեայ գործառնութիւններէն կը պահէին զերծ իրենց գերագոյն կիրքերը, աս ու ան կրթանքին աշխատելով։ Գ. Յովսէփեանի մօտ բաժանումը ընդունելէ վերջ, կը կենանք իմացական իր վաստակին անխառն միութեան առջեւ լայն համակրանքով, հիացման հասնող, վասնզի այդ այլազան վաստակին մէջ է տիրական ներշնչարանը։ Անիկա իր բոլոր գիրքերուն համար մեկնակէտ է ունեցած հայ ժողովուրդի ստեղծագործութեանց մասնաւորումը, այդ արդիւնքին դիմաց մեր ընկալչութեան աստիճաններէն առանց ազդուելու: Գիտունը մէկն է որ կ՚աշխատի իրմէն վեր արդիւնքներու հետամուտ Գ. Յովսէփեան բոլորէն աւելի տեղեակ է իր գործին անկատարութեան, հայ համադրական մշակոյթը արտօնող տուիքներէ պակասին։ Բայց իր խօսքն է « կ՚անենք որքան կրնանք » ։ Այսինքն ամէն ճամբայ բացողի հոգեբանութեամբ՝ Գ. Յովսէփեանէն մեռնուած բարքերը այնքան ընդարձակ են որ սերունդ մը լման անբաւական պիտի գար տրամադրելին հաւաքելու, կորուստէ փրկելու։ Ուրախ ենք ըսելու արտօնուած ըլլալնուս որ անխառն գիտունի իր կորովը, առանձին ըրած է այնքան որքան մարդոց խումբեր պիտի մնային անբաւական։ Վերցուցէք իր գործը, նոր հայագիտութենէն, այն ատեն պիտի զգայիք՝ հսկայ արժէքը անով իրագործուածին:

[6]        Այս ուղղութեամբ փորձերը ոչ միայն կանխահաս ու ապարդիւն են, այլեւ վնասակար։ Ի սկզբանէ է պատմութիւնը, այսինքն ապրումին լրիւ պարզումը, այսինքն իրողութեանց վերայէն մշուշին փարատումը։ Ապա կուգայ արուեստը, այսինքն այդ ապրումին բիւրեղացումները, որոնք չէին կրնար կանխել: Ահա թէ ո՛ւր է վճիռը չգրուած, կամ գրուելու նոր սկսող Հայոց պատմութեան տռամային. Չեմ դատապարտեր անշուշտ, միակտուր, կատարուած փորձերը, բայց չեմ ալ վարանիր ըսելու պատրանքներուն անխուսափելի գրոհէն, ծածկելու աստիճան իրական աշխատանքին անդաստանները։ Խառն է ցարդ, այդ ուղղութեամբ կատարուած ամէն աշխատանք, արուեստին հաւասար, ասոր օտար տարրերով։ Նոյնիսկ ամենէն ձեռնհասին ( Թորամանեանի գործը ) ճշդումները մեր մէջ կը վերածուին եթէ ոչ անվստահ յերիւրանքին, գէթ կը զգենուն անվստահելիութիւն։ Խօսեցայ 1947 ին լոյս տեսած հատորներու, ձեռնարկներու մէջ հայ ճարտարապետութեան շուրջ նորանորոգ վարկածներէն։ Ասոնք իբր հաւատոյ հանգանակներ չեմ առաջարկեր անշուշտ ձեր պաշտամունքին: Կրնան ըլլալ խնդրական, եղջերուաքաղային նոյնիսկ: Բայց կ՚ընեն բարիքը կանխող շքեղ, ինքնավստահ, ինքնաբաւ մեծամտութիւնն ալ սարսելու եւ մեզ կանչելու զգաստութեան որ պարտուողապաշտութիւն չի նշանակեր, մեզ մեր փառքերէն մերկացնելու ապազնիւ համեստութիւն մը ինչպէս։ Կեանքը երբ ձեր շուրջը ենթակայ կը գտնէք այնքան աղաւաղումներու, անցեալին մէջ ալ կրնար նիւթ չդառնալ խեղաթիւրուած կերպարանքներու։ Կա՞յ ուղիղը, այսինքն միջինը: Չի կրնար չկենալ: Արդի գիտուններու փաղանգը, մեր հայրենիքին մէջ, յաջողած է քանի մը մշուշներ փարատել աշխատանքի անդաստաններէն։ 1900 ի րոմանթիզմը լքուած է, գուցէ անվերադարձ, աշխարհին իր գերագոյն նուաճումներէն մէկ քանին ճարտարապետութեան մէջ պարգեւած ըլլալէ Հայոց ճարտարապետական գեղեցիկ յաջողուածքները, զիջելով նոյնիսկ՝ հրաշալիքները, կը մնան Հայոց արուեստին կոթողները: Ոչ ոք որ գործեր սրբապղծութիւնը ատոնց հպարտութիւնը մերժելու մեր նսեմութեան։ Գ. Յովսէփեան այս մարզին վրայ ալ մարմնացումն է հայ համեստութեան որ ցեղային խորքերէ ճարտարապետուած պատգամ մը ինչպէս լեցուցած է մեր ընտրանիին մեկ կարեւոր հատուածը։ Խորենացին, Փարպեցին յիռել, հոս, կը նշանակէ արութեան շատ գործերով զօրանալ, « փոքր ածուն » աճեցնող։ Առարկել այս հաստատումին, չի նշանակեր ձգտումին անհրաժեշտ հրաշքը փոքրել։ Անոնք որ մեր անցեալին, անըմբռնելի դժոխքին մէջ միջոցը գտան մեր տաճարները, մեր մանրանկարները, մեր մարդերը, սուրբերն ու զորավարները, նահատակներն ու շինողները անպակած ընելու, հաւանաբար չէին մտածեր արուեստի, կենսապաշտ բնազդներէ փառասիրութեանց։ Կը կանչեմ բոլոր կառուցանողների պարկեշտութեան ու իքզինքս կը զգամ շատ մօտիկը իմ պապերուն։ Թող ուսումնասիրութիւնները, հաւաքումները, պեղումներէն կորզումները հասնին անհրաժեշտ մթերքին հայ քաղքակրթութեան յղացքը իբրեւ շէնք արտօնող, այն ատեն սիրելի պիտի ըլլար սպասել մարդուն, որ այդ նախանիւթը պիտի օգտագործէր այդ շէնքին ամբարձումին, անշուշտ նոյն հարուածով ալ քանի մը տախտակի վրայ այդ քաղաքակրթութեան օրէնքներուն սեւեռումին։ Մինչեւ այդ ցանկալի օրը մեր գրողներէն, մտածողներէն, որակեալ աշխատաւորներէն, գիտուններէն հրապարակ նետուած տեսութիւնները մեր ինքնասիրութիւնը գգուող ու մեզ այդպէս հպարտ հանդերձելու ձգտող, կը նկատեմ նախամարզանք, մերժելով անոնց հաստատ հիմք։ Չեմ դատապարտեր գրական սա գիտութիւնը մերիններուն, յաճախանքին մէջը այլապէս շքեղ օրինակներու, նոյն այդ մարզանքներէն, քանի որ քառորդ դարը բաւ է եղած առագաստները ամփոփելու այդ յաւակնութիւններէն։ Վստահ եմ, որ հեռու չէ օրն ալ երբ նման յօրինումներ պիտի չմերժեն խառնրդային (melanges philosophiques et littéraires) իրենց փառքը, այսինքն պիտի ընդունդին իրենց ըրածին հարազատ տարողութիւնը։ 1885 ին Գաղիացիք, քիչիկ մըն ալ Գերմանները այդ խառնուրդին մէջ դրին ծայրագոյն փառասիրութիւններ։ Շրջանն էր խորհողներու, այսինքն մարդոց որոնք միտքը կը գործածէին ամէն երեւոյթ բացատրելու ու իրենց ըրածը հարկադրաբար կը գունաւորէին: Իմաստասիրութիւնը կը գրոհէր բոլոր կրթանքներու ասպարէզներուն։ Վերերը ըսի տեղ մը թէ կային պատմութեան եւայլն իմաստասիրութիւնները, այնքան յաւակնոտ իբրեւ տիտղոս ու այնքան ոսին իբրեւ հարազատ մտածողութիւն։ 1950 էն չեմ կարծեր որ հանդուրժուին բղաւանքները, գիտական որքան իմաստասիրական։

[7]        Թերեւս աւելորդ չէ հոս յիշեցնել որ արեւմտահայ գրականութեան Համապատկերին մէջ իմ գնահատումը խորունկ կապերով է կապուած սա տեսութեան մէջ գործող գրագէտներուն։ Այո, գէշ գրուած գործ մըն է Թլկատինցիին վաստակը: Բայց միս մինակը կը հակակշռէ բոլոր գումարը դէպի իրապաշտներ անունով ծանօթ խմբակէն մեզի հասածը, բացառելով անշուշտ Յ. Պարոնեանին այլապէս անգերազանցելի ժառանգութիւնը, այս անգամ թերեւս ցարդ ծանօթ հայ գրականութենէն, կեանքը, ամենէն առաջ։ Ու յետոյ անոր պատմուճանները: Եթէ ասիկա ճիշդ է արդի գրականութեան մը վրայ, առաւել քան ճիշդ պիտի ըլլայ անցեալ գրականութեանց համար մանաւանդ, որոնցմէ կը պակսին արտաքին շնորհները, գործերը պաշտպանող ձեւին զարդեղէնը: Ու կեանքը, նոյնիսկ առանց գրականութեան, Յիշեցէք խորունկ, խանդաղատագին հետաքրքրութիւնը, դարերէն յառնող ամէն նշխարի որ պուտիկ մը բան ըլլար խտացուցած էր կոշտ կեղեւանքին տակ, նայուածքին՝ որ յիմար աչքէ մը, աւելի անհեթեթ ճակտի մը տակ պատմէր հազար տարի մեզ կանխող մենագարի մը խժդուժ անդրհայեցութենէն քիչիկ մը բա՜ն: Հնագիտութիւնը, ինքնին գիտութիւն, այդ այլանդակութիւնը գումարել չի փառասիրեր, այլ անոնց ետեւէն վերակազմել, հնադարեան չափով այդ ձեւերուն մէջէն մեզ խօսիլ փորձող մարդկութիւնը գտնել, գիտնալ:

[8]        Այս գործի ընթացքին արեւմտեան բանասիրութիւն յղացքին մէջ գրած եմ եւրոպական ալ։ Զանազանութիւն մը անհրաժեշտ է սակայն Վենետիկին, Վիեննային որ կուգայ գերմաններէն: Այսոր Վենետիկը անուն մըն է, անցեալին փառքովը պսակաւոր ( յարգանք իրենց կատարածին ), բայց կը նմանի, հանգչած հրաբուխի մը: Կէս դարէ ասդին անիկա կը պարզէ աճումէ դադար մը։ Ոչ ողբ, ոչ ալ նախատինք։ Վիեննան որդեգրած է գերման հմտութիւնը, սպառիչ, ահաւոր, բայց քիչ անգամ բախտաւոր: Ու չմոռնալ գերման հակազդեցութիւնն ալ 1830 ի իմաստասիրական յաւակնութեանց, 1900 ին, երբ պատմական մեծ է պրոցները ( Ռանքէ, Մոմսըն, Հեռպարտ ) հակեցան, հմտական, ստոյգին, հակակշռելին: Գերման հայագիտութիւնը մտահոգ չէր հայ կեանքին զգայարանքովը, թերեւս ազդեցութեան տակ գերման կայսերապաշտութեան որ ժողովուրդներու ներկան կործանելու խուլ արարքը կը կարծէր գնել անոնց անցեալը ուսումնասիրելով ու կը տարբերէր ռուսերէն որոնք անցեալն ու ներկան նոյն բլանին պահեցին, իրենց կայսրութիւնը կազմող ցեղերու գիտական, ազգագրական շատ լուրջ ուսումնասիրութիւններով։ Գերման հայագէտ դպրոցը հազիւ թէ կը հետաքրքրուի հայոց պատմութեան տագնապներով։ Ու անոնցմէ սորված, անոնց ժառանգորդ Վիեննան, իր Մխիթարեաններով այդ հետաքրքրութիւնը, առանց ուզելու եւ գիտնալու թերեւս վերածած է լուրջ, խոր բայց կեանքէ զուրկ մենագրութեանց հանդէսի մը։ Ազգային Մատենադարան անունին տակ հրապարակ հանուած 100 է աւելի հատորներուն ուշադիր ընթերցումը մեր պատմութեան վրայ մեր ծարաւը անատակ է յագեցնելու: Աս է ահա Գերման մեթոտին բարիքը որ չարիք է մեր կշիռին մէջ։ Հայոց պատմութիւնը մեզի համար հետաքրքրութիւն չէ, այլ անհուն, արիւնոտ մղձաւանջ։ Սփիւռքը, իր ընտրանիով, այդ մղձաւանջը փրկակերպել կարծեց երբ արուեստի ծանր ձեւեր փորձեց։ Էականին մէջ հայ արուեստին եւ մշակոյթին պատմութիւնը սկսած է գերագոյն տագնապը կազմել հաւաքական հայ ժողովուրդին: Մենք գիտնալուն հետ ապրիլ կ՚ուզենք: Գերմանները մեր պատմութիւնը ապրելու անհեթեթութիւնը, իրենց հաշւոյն, չէին կրնար գործածել։ Զանոնք օրինակող Վիեննացիները կը մեղադրեմ այդ ապրումէն իրենց դժգոհութեամբը։ Ֆրանսական, անգլիական, իտալական հետաքրքրութիւնները քիչ մը աւելի մօտիկն են մեր պատմական զգայարանքին։ Պատմութինը ֆրանսացիներուն համար կեանքի հանդիսարան մըն է: Ողբացեալ Ադոնցի Ազգային Պատմութեան յառաջաբանը ստորագրող Ռընէ Կրուսէ կը պաշտպանէ տեսակէտը որուն համար կը պայքարիմ քառորդ դարէ ի վեր վիեննական դպրոցին դէմ։ Այս պայքարին տրտմութիւնները՝ իրենց։ Շահողը հայոց պատմութիւնը պիտի ըլլար եթէ բան մը փոխուէր այդ վարդապետներուն միտքին մէջ, որոնց աշխատասիրութեան վրայ իմ հիացումը չեմ սակարկեր, բայց որոնց վրիպանքը՝ հայ հոգիին գիւտէն, բացարձակ է։

[9]        Կը մտածեմ օտարներուն որոնց մօտ հայրենիքներու, ժողովուրդի հոգիներուն գիւտը դարաւոր երկունքներ կը ներկայացնեն։ 1860 ին էր որ ֆրանսացիները մտածեցին գտնել հարազատ Ֆրանսան որ կար անշուշտ Ե. դարէն սկսեալ բայց որուն կերպարանքը, սկզբնատիպ ու իրաւ, ապաստան էր գտած արուեստի գործերուն մանրանկար, գաւառաբարբառ, ճարտարապետական կառոյցներ, ձեռարուեստի վերագործումներ, գիր ու վկայութիւն՝ թաղուած դիւանատանց թղթեղէնին տակ։ Միշլէն, այդ դիւաններու փոշիին տակ փտելու մօտ ձեռագիրներու արձանագրութիւններէն, դատական ատենագրութիւններէն գտաւ ֆրանսացիներուն Միջին Դարը: Անգլիացիք՝ աւելի կանուխ։ Ռուսերը՝ 1815 էն ասդին։ Գերմանները՝ Կէօթէով։ Եւ սակայն անհեթեթութիւն՝ ընդունիլ, որ այս երկիրները, այսինքն ասոնց պատմութիւնը չունէր գոյութիւն։ Աւելի պարկեշտ պիտի ըլլար ընդունիլ այդ պատմութիւններուն գոյութիւնը ճիշդ այնպէս, ինչպէս կար, կ՚ապրէր նոյնիսկ հայոց պատմութիւը, Չամչեանէն մինչեւ Մատաթիա Գարագաշ կամ Ալիշանի, Օրմանեանի Համապատումները, այսինքն կառոյցներ, ուր ատաղձը կուգար մեր պատմիչներուն էջերուն իրարու ագուցումովը (ajustement), հաստատելու կամ հերքելու համար այս ու այն կանխակալ կարծիքներ:

[10]      Տարազը, Հայ զգայնութիւն, մի խոշտանգէք, անկէ բռնելի ստանալու համար համապարփակ, ուղղափառ, մանաւանդ մեր կորանքները կամ հպարտութիւնները հանգամանող, մասնորոշող տուիքներ, որոնք մեր ժողովուրդին թերութիւնները կամ շնորհները անվերածելի կաղապարներու մէջ քարայրէն ու դառնային խորհրդանիշ։ Հոգին փորձանոթներու մէջ բանտարկելուն պիտի նմանէր նման կարգէ անհեթեթութիւն մը։ Ու ասիկա, պէտք է ընդունիլ բոլոր ժողովուրդներուն համար ալ։ Բայց նոյնքան ապիմաստութիւն այդ զգայնութիւնը յայտարարել բանդագուշանք, առնուազն վերացեալ, անհաստատել մտայղացք։ Զգայնութիւնը առանձին տարազ մըն է, կ՚ընդունիմ, անոր ետեւէն որքան դիւրին ճամբան՝ սովորական ընդհանրացումներուն։ Զգոյշ էի իմաստասիրական յաւակնոտ յօրինումներէն: Կը գոհանամ դիտել տալով որ կեանքը առնելու եւ տալու, մարդերը ընդունելու կամ մերժելու, աշխարհը այսինքն իր լաւն ու վատը փառասիրելու կամ ուրանալու արարքները, տեւողութեան մէջ, չեն կրնար չստանալ հասարակաց կողմեր, մեծ բառով մը՝ նկարագիրներ: Բայց ինչ աճպարարութիւն, ինչ չարաշահութիւն՝ այդ կողմերուն արժեւորման ատեն, պարզ ինչպէս բարդ ժողովուրդներու մօտ։ Պատմութիւնն ի վար, այդ կողմերուն զննութիւնը գերմանները հռչակեցին պատմութեան իմաստասիրութիւն։ Ու զառածումը դէպի ստորոգումները մեծ ու պզտին ցեղերու, մեզի արժող հարիւրամեայ նոր փողոտում մը, հզօրագոյն զէնքերով։ Մենք, աւելի համեստ, այդ կողմերը զգայնութեան կը հաւատանք գտած ըլլալ մեր հողերուն երեսին, մեր յուզող ապրումներուն գոլին մէջ հասունցած դրութեամբ մը ջիղերու: Ու ասիկա հռետորեալ թեմա մը չէ բարեբախտաբար։ Հարկին տակն էք իրողութիւններ հասկնալու, պիտակելու։ Կուտամ ձեզի երեւոյթներ, եղելութիւններ, իրարմէ մէկուկէս հազարամեակով բաժնուած բայց մէկ ու նոյն խորքով։ Գտէք բառ մը որուն տակ դնէիք հոգին Ե. դարու մեր նահատակ հոգեւորականութեան ու ան միւսներուն որոնք քսաներորդ դարու առաջին քառորդի մէջտեղուանքը, իրենք զիրենք ողջ ողջ թաղեցին ։ Ահա պատմութեան մէջ, աւելի կամ նուազ պայծառութեամբ պարզուող հոգեհանդէս մը: Փոխադրեցէք ձեր դիտողութեան սլաքը ուրիշ մարզի, օրինակ՝ Փարպեցիով սեւեռուած Վահան Մամիկոնեանի, պարտիզանական կռիւներուն եւ այն միւսներուն որոնք Ի. դարուն մղուեցան նոյն լեռներուն վրայ, այս անգամ մեր յեղափոխական խումբերուն կողմէ: Տասնըհինգ դարը թշնամիին տեսակը, զէնքերուն որակը միայն փոխած է, անկշիռ մնալով ոգիին վրայ: Մամիկոնեան Վահանին ալ արարքները կը զետեղուին ափ մը կորիւններու արիութեան վահանին ինչպէս ափ մը կռուող մարդոց սիրագին զոհողութիւնները, այս դարու սկիզբին, նոյն այդ լեռներու խորքերուն, կատարներուն: Երկու հոգեբանութիւններն ալ կռիւը կը բանան հզօր կայսրութեանց դէմ։ Այս արարքները չի բաւեր հաստատել կամ ոսկեզօծել: Այս գիծէ իրագործումները որքան առատ, մեր ժողովուրդի խոնարհագոյն խաւերէն ալ արտահանելի: Արդեօք յաւակնութի՞ւն, նման արտայայտութիւններ մաս ընդունիլ

          հայ զգայնութեան, որ իմաստասիրական տարազ մը չէ այ, այլ պատմութեամբ ապացուցուած վիճակներէն մէկուն համար պարզ հասարակ յայտարար մը։