Արեւելահայ բանասիրութիւնը եւ Էջմիածին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՊԱՏՄԻՉԸ ՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ

Պարտաւոր եմ իմ վերնագիրին յանդգնութիւնը, յաւակնութիւնը մեղմել Գ. Յովսէփեանին իսկ բառերովը որոնք զմայլելի պարկեշտութեամբ մը, գիտակցութեամբ մը կը մնան աւելի ասդին քան համադրութեանց արտօնած արձակութիւնները:

Խօսեցայ Խաղբակեանք էն, հոն մուտք ունեցող իրաւ մատենագիրներուն առիթով։ Ու հազիւ թելադրեցի թէ այդ մեծածաւալ գործին տիրական նկարագիրը կերպընկալ արուեստի յիշատակարաններուն մեզի մատուցումով էր պայմանաւոր: Գիտենք որ մանրանկարչութեան անտիպ աշխատասիրութիւնը նոյն ոգիով մատուցումներու հանդէս մըն է։ Կարդացէք նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ հայ արուեստի եւ մշակոյթի պատմութեան ընդհանուր վերնագրին տակ լոյս տեսած սա գործերը։

ՊՐԱԿ ԱՌԱՋԻՆ 1. Վախթանգ որդի Ումեկայ, 2. Իգնատիոս մանրանկարիչ եւ Շոթոռկանց տոհմը, 3. Հաղբատի դպրոցի մի գլուխ գործոց (Գետաշէնի Աւետարանը):

ՊՐԱԿ ԵՐԿՐՈՐԴ 1. Կոստանդին Ա. կաթողիկոս, 2. Մի ձեռագիր աւետարան, 3. Դարձեալ Իգնատիոս Հոռոմոսցի մանրանկարիչի մասին:

ՊՐԱԿ ԵՐՐՈՐԴ 1. Պտղեվանքը եւ գմբէթաւորումը հայ տաճարների, 2. Գերեզմանական կոթողներ եւ նրանց հնագիտական արժեքը հայ արուեստի պատմութեան համար:

Այս վերջին պրակի յառաջաբանին մէջ Գ. Յովսէփեան կը գրէ:

«Մամուլի տակ է Դ. պրակը, իսկ Ե. ը պատրաստում է»:

1944ին, նա յայտարարութի՜ւնը: Դ. պրակը չեմ տեսած, ու մտամոլոր կը հետեւիմ Ե. պրակին ճակատագրին։ Գաղափարներու զուգորդութեամբ, Խաղբակեանք էն վերջ`

ա) Օրպէլեանք,

բ) Վաչուտեանք,

գ) Զաքարեանք

անուններուն մէջ վարշամակուած խորհրդաւոր ուսումնասիրութիւններ որոնց խռովքը տրտում ու տառապագին ցաւի մը կը փոխուի իմ մէջ, Խաղբակեանք ին փաստէն յօրինուած։

Ով որ այցելած է Վեհափառին ու կախած յոգնած նայուածք մը անոր դարաններուն հասակկին, որոնց իւրաքանչիւր խորշին աչքին մէջ այս անունները մսաւորող նախանիւթերը, մեծ պահարաններու մէջ կը քնանան, սպասելով յարութեան կոչին, ալ չի կրնար մոռնալ գանձին հարստութեան չափով, հաւաքողին անհուն աշխատանքը։

«Կը յաջողուի՞ մեզ ամբողջական դարձնել գործը, Աստուծոյ կամքն է, մեր կեանքի տեւողութեան եւ գիտական աշխատանքներով զբաղուելու յարմարութիւններից կախուած բայց աշխատում ենք այդ ծրագրով» (ՊՐԱԿ Գ. յառաջաբան, 1944, Ն. Եորք)։ 

Այդ թուականէն ասդին գրական–գիտական սա «աշխատանքների» վրայ աւելցուցած է Գ. Յովսէփեան

ա) Կաթողիկոսութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ,

բ) Անթիլիասի Դպրեվանքը,

գ) Կազմակերպութիւնը հրատարակելի գործերուն ։ Տուած եմ, նամակէ մը առնելով, մինչեւ 1952 տարին հասնող աշխատանքներու կարգացոյց մը, Մարդը գլուխին մէջ:

Այս ամէնուն միտք բանի՞ն.

Ան որ Գ. Յովսէփեսն չարաչար կը վարուի իր հարստութեան հետ:

* * *

Պարտքը կը զգամ ընթերցողին մտքին մէջ նորոգելու իմ՝ փորձին տարողութիւնը որ չի կրնար ծաւալիլ ընդգրկելու համար հայ մշակոյթին տիրական համայնքապատկերը, ինձմէ, ինչպէս նիւթէն բխող պայմաններու իբրեւ հետեւանք: Գրական վերլուծումը, երբ իր կալուածէն դուրս գետիններու վրայ կը փորձուի, յաճախ բառ մատուցանելու մարզանք մը կը դառնայ, նոյնիսկ ամենէն հանգամանաւոր, «պատրաստուած» տեսաբանի մը գրչին տակ: Ծանօթ էք թերեւս հիմնական մէկ պահանջիս որ գրական քննադատութիւնը կը տեսակաւորէ, զայն ենթարկելով բարքերու թափանցումին (այսինքն անոր մերժելով ինքն իրմով գոյ գեղագիտութեան մը օրէնքներէն ղեկավարում մը) կամ պատմութիւն ընելու պարտքին: Այս տեսակէտէն քննադատը որ վէպ մը չէ կարող լաստակերտել, պարկեշտ բան մը կ՚ընէ… լռելով վէպի մը մասին։

Ու ասիկա այսպէս միւս սեռերուն ալ համար: Ասոր զեղծանումը մենք կը հաստատենք հայ ճարտարապետութեան վրայ ծնունդ առած գրական լայն շահասիրութեամբ: Այս տողերուն հեղինակը ոչ հնագէտ մըն է, ոչ բանասէր մը, ոչ ալ ճարտարապետ մը։ Գրականութեան պատմիչի իր դերը կը հաւատայ թէ կարող է արժեցնել գրական գործերու վրայ: Գ. Յովսէփեանին գործը առաւելազանց աստիճանով մը պատմա–գիտական, հնագիտական, անոր մատչելի է ուրեմն իր այն մասերով ուր կան գրական կենդանագիրներ, մեր ժողովուրդին համայնապատկերը թելադրող իրացումներ:

Երկրորդաբար կայ հայ մշակոյթի եւ արուեստի պատմութիւն ինքնին քիչ մը խոշոր տարազին տակ, այսօրուան մեր գտածին, դրածին նկարագիրը: Աչքէ անցուցէք Գ. Յովսէփեանի գործերուն ցուցակը: Ձեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն անուններ որոնք առաջին անգամ ըլլալով գրեթէ կը մատուցուին մեզի, տոհմերէ, գործերէ, անձերէ։ Յետոյ ուրիշ ալ նկատողութիւն։ Այդ գործերը կերպընկալ արուեստի իրագործումներուն շարքին մէջ կը մտնեն։ Տաճար մը, ոգի, խորհուրդ, գեղեցկութիւն եւ յոյզ ըլլալէ առաջ նիւթեղէն մըն է, որոշ կերպարանքներու հանդէս մը, ու իբր այս մեզ կը դնէ պարտքերու դիմաց։ Առնուազն ընդարձակ աշխարհ մը կայ անոր ետին, ժամանակին մէջ հետզհետէ կերպափոխուող: Այդ ֆազ երուն իւրաքանչիւրին կը պատասխանէ մասնաւորուած զգալու դրութիւն մը, նոր բառով մը մշակոյթ մը: Բայց տիրականը այդ դրութեանց մէջ պայմանաւոր է քարին վրայ գործադրուած աշխատանքով մը: Ձեռագիր մը տաճար մըն է, աւելի պզտիկ չափու վրայ: Մանրանկար մը` աշխարհ մը: Ու շարունակելով մտածումը կը գտնէք որ Սասանեան կերպասի կտոր մը, ոսկերչական արուեստէն առարկայ մը, կարասիններէն, տէքօրաթիֆ իրագործումներէն իսկ նմոյշներ մշակոյթէ պահեր են, աւերակները կանգուն կամ կործան խաչքարերը, գերեզմանական կոթողները, բոլորը, իրենց կարգին, անշուշտ ունին արուեստին հետ յարաբերանք: Միւս կողմէն դիւցազնավէպ մը, քնարական քերթուած մը, բերնէ բերան մեզի հասած մեղեդի մը, քանդակներ, նկար մը այդ յարաբերանքը կը հաստատեն աւելի յստակ թելադրանքներով (չեմ գործածեր օրէնք բառը որ արուեստին մէջ բռնազբօս բան մը կը ստեղծէ)։

Ահա թէ ուրկէ՝ իմ դժուարութիւնը,

Այս ամէնը համադրելու, այս ամենէն հայ արուեստի եւ մշակոյթի հոլովոյթ մը մտատեսելու: Աւելին։ Կրնայ ըլլալ որ վաթսունէ աւելի տարիներ նման նիւթերու վրայ իր սիրտը պարպող, միտքը մարզող աշխատաւորը, Գ. Յովսէփեան, որեւէ երկրորդէ մը աւելի ուժով մտատեսութեամբ մը ըրայ ապրած այդ մշակոյթին հրապոյրը, հզօր ձգողութիւնը։ Բայց այդ ամէնը, դուրսէն մարդու մը համար կը դառնայ մռայլ ճնշում մը: Մտքին ճիգը [1], անոնց մէջ նոյնութիւններ, կանոններու ուրուագիծ մը ճշդելու, կը վերածուի ամուլ ցաւի մը, ինչպէս կը զգանք երբեմն մթին անտառէ մը ներս, կամ՝ հերձափշուր մարմարաստանի դիմաց, կուշտին, անհեթեթին, խորապէս տգեղին ու անասնականին նոյնքան յայտարար տեսարանէ մը ձեր մէջ արթնցող արդար զգայութիւնները առաջնորդելու համար ուրիշներու որոնք մերն էին, են, այս անգամ՝ այդ փայտէն ու այդ քարէն բխած բայց հանճարին միջամտութեամբը հսկայական յիշատակարաններու, շլացուցիչ սպարանքներու գեղագիտական խռովքին փոխակերպուած, հիմնովին մեր միտքէն ու ջիղերէն փարատելով անտառներուն մռայլանքը եւ քարհանքին դեռատեսիլ ծամածռութիւնները, վայրագութիւնը:

Արուեստներու պատմիչ, գերագոյն հեշտանքը պիտի ըլլար խորանալ Գ. Յովսէփեանով մթերուած նախանիւթէն ներս, ճշդել անոնց վրայ փորձուած աշխատանքին կշիռը: Տեղը եկած է յայտնելու որ այդ աշխատանքներէն ոմանք կատարուած են օտար լեզուներով (Գերմաներէն եւ Ռուսերէն) [2] ու կը պատկանին բարձրորակ մասնագիտութեան մը, չափազանց կարգ, քանի որ պետութիւններու գիտական, պատմագիտական եւ հնագիտական հիմնարկներու պաշտպանութիւնը կը վայելեն: Մատենագիր եւ հնախոյզ: Ինչո՞ւ չէ, երբ գիտենք որ գիրքէն առաջ է գիրը, թուղթէն առաջ՝ քարը։

Բայց ունի գոյութիւն, «այսպէս ասած», պատմութիւն հայ արուեստի եւ մշակոյթի անունով կրթանք մը, իր փաստերը արժեւորած, քաղաքացիութեան իրաւունքին տիրացած։

Թէ այս հարցումին, դժուար է պատասխանը, համակարծիք եմ ձեզի: Բայց կը փորձեմ հարցումը հայոց պատմութեան ալ վրայ: Ու պիտի գտնենք որ հոն ալ դեռ աշխատանքը չէ արդիւնաբերուած:

Նորութի՞ւն,

Հայ մշակոյթին պատմութիւնը ։

Այնքան, որքան է թերեւս քիչիկ մը աւելիով, հայ ազգային, այսինքն քաղաքական պատմութիւնը:

Գաղտնիք չէ որ հայոց պատմութիւնը խանձարուրի մէջ է տակաւին ։ Անցողակի խօսեցայ Խորհրդային Հայաստանի մէջ կատարուած նուաճումներէն (Մանանդեան, Ադոնց, նորագույն դպրոցը որ հիները շարունակելու արարքը չէ վերածած տրտմութեան, ինչպէս կը պատահի յաճախ մանաւանդ գրական գետնի վրայ ուր նորերուն առաջին փառասիրութիւնն է հիները կործանել), պատմական ու լեզուաբանական, բանասիրական աշխատանքներու մէջ: Մեթոտի փոփոխութի՞ւն մը,  

այնքան դարձեալ, որքան կայ ասիկա արեւելահայ բանասիրական դպրոցին ընդհանուր ուղղութեան մէջ։

1700էն ասդին մեջ մտաւորականութիւնը այսօրուան իր իմաստէն աւելի ընդարձակ առումով առաւելագոյն իր ճիգը գործածեց ազգային զարթօնքին որ քսաներորդ դարում կշռոյթով քիչ մը տժգոյն, բայց երկու դար առաջ ընդարձակ, տարօրէն լեցուն յղացք մըն էր: Կ՚անցնիմ ։ Զարթօնքին շուրջ մեր կազմած սա մտապատկերը, այդ դարուն, հարկադրաբար քիչ, չըսելու համար հազիւ տեղ մը կրնար տալ հայ մշակոյթ տարազով ընդգրկելի այնքան հարուստ, բայց այնքան ալ քիչ բացուած արարքներու, իրագործումներու, սեւեռումներու (արդէն 1900էն առաջ բառն իսկ հանդիպելի չէ, այդ մշակոյթին կեդրոններուն մէջ)։ Զարթօնքին բոլոր բանուորները, գիտակցաբար թէ ոչ, հարցը չի փոխուիր, իրենց ուժերուն լաւագոյնը յատկացուցած էին հետազօտելու հայոց լեզուին պատմական հարազատութիւնը, կենսաբանութիւնը, աւելի թեթեւ կիրքերով մօտենալով հայոց պատմութեան, աշխարհագրութեան, հնախօսութեան պարզ պրոցէս ին: Հսկայական ճարտարապետը Ալիշան շատ լրջութեամբ, խանդավառութեամբ իր աչքին լոյսը պիտի չխնայէ իր պատմական կառոյgներուն ու Հայապատում ին մէջ միայն, չկամ, այսին ք ն ոչ տիրական մղումով մը, հայոց պատմիչներուն վրայ պիտի ընէ կենսագրական ամփոփոյքներ, երբ ոչ ոք իրմէ աւելի հանգամանաւոր կը ներկայանար հայոց գրականութիւնը պատմելու: Հայ մշակոյթին հանդէպ այլամերժութեան մoտեցնող կեցուած ք ը գուցէ պատճառ որպէսզի անոր մտայղացքը շատ ուշ թանձրանայ։ Գ. Յովսէփեան 1880ին զայն գտաւ ազգագրական հետաքրքրութիւններու ձեւին տակ: Իր Փշրանքները, Սասմայ ծռերը ատոր փաստը կուտան։ Բանասէրներէն ու պատմիչները, մինչեւ 1900 անշուշտ ըրին արդիւնաւոր աշխատանք։ Ասիկա արժեզրկել կամ ուրանալ թէ՛ չտեսութիւն, թէ՛ սրբապղծութիւն: Բայց թող նե րուի ինձի միւս կողմէն անվերապահ ցաւ ալ յայտնելու, այդ ճիգէն ներս հիմնական պակասի մը, ԱՐՈՒԵՍՏԻ զգայարանքին ։ [3]

Արուեստը, սակայն, սա տողերուն վրայ, ծեքծեքուն ու արհամարհելի մենաշնորհը չէ կարգ մը իմաստի ճարտարապետներուն ։ Չեմ ալ ակնարկներ նոր աղաւաղուած միւս թելադրանքին որ դժբախդութիւնը պիտի կազմէր արեւմտահայ նորասկիզբ գրականութեան, Վենետիկին գէշ ճաշակովը պատուաստուած պոլսեցիներուն անդրանիկ գրական սերունդին ։ Արուեստը խորունկ, պարզազոյն իրականութիւնն է, անկշռելի, անտարազելի ապրումներու։ Մշակո՞յթը: Բաղդաւոր, աւելի յաւակնոտ այս բառն ալ Գ. Յովսէփեան հետը չէր բերած անշուշտ Գերմանիայէն ուր զառածումը ահաւոր էր անոր վարկին ։ Կը զգուշանում պատմական շրջափոխութենէն ։ Հիմայ աւելի մեղմած են տարազին ետին մթերեալ թելադրանքներուն արժէքը, յարգը։ Գումար մըն է մշակոյթը ու իբր այդ իր միութիւններուն կը մնայ ինքզինքը պարտական ։ Ու կոտորակներն ալ կրնան միաւոր կազմել: Հայ մշակոյթի միութիւններէն ոմանց տիրական մասնագէտն է Գ. Յովսէփեան: Զինքը գերազանցող չունիինք մէկէ աւելի կալուածներու վրայ (դուք գիտէք որոնք)։ Անիկա Տաշեանին համապատիւ երախտիքէ, ձեռագիրներու, յիշատակարաններու, նա խանիւթերու իբրեւ հաւաքիչ, դասաւորիչ, յարդարիչ: Իրմով կը սկսի երրորդական նկատուած տուներու, տոհմերու մենագրական վերարտադրումը, խստապահանջ կերպով մը արքայական եղանակի մը մէջէն որուն արդար է մեթոտ բառը գործածել։ Չեմ ի վիճակի, վճռապէս կշիռը գործադրելու ամբարուած նախանիւթին (քանի որ Յովսէփեանի գործին կէսէն աւելին չեն իջած հրապարակ), բայց տպուածին համար որակէ ու քանակէ բազմազանութիւն, նորութիւն առաւել քան տպաւորիչ կը հանդիսանան: Տակաւին ունիմ խօսելիք

հիմնական ձգտումէն որ մարդու կեանքը կը տեսակաւորէ: Ու Յովսէփեան այդ հիմնականը տարազած է

պատմութիւն հայ մշակոյթի եւ արուեստի արտաքնապէս խոշոր, բայց ներքնապէս արդար յորջորջումով մը։

Մեր, այսինքն պարզ մահկանացուներուս հասկացողութեամբը, այն ձգտումը արտայայտութեան հետազօտումն է հայ ստեղծագործ ոգուն: Ու տարակոյսը, որ չ՚ուշանար երբ դէպքերը, մանաւանդ մեջ ազգային պատմութիւնը դնենք քննութեան սեղանին:

Հայ մշակո՞յթը: Օն, անդր ։ Ու իր պատմութի՞ւնը: Ու ասոնցմէ անդին հայ ստեղծագործ ոգուն համադրո՞ւմը ։

Մի աճապարէք: Ձեզի ըսուած է որ Գ. Յովսէփեա ն առարկայօրէն գործող, հաստատ գետնի վրայ յառաջացող, առանց ապացոյցի այսինքն նիւթեղէն վկայութեան իրողութիւնները չընդունող աշխատաւոր մըն էր, այսինքն ամէն արկածախնդրութեան հանդէպ ինքզինքը պաշտպանել ուզող մէկը: Ուշագրաւ է որ տեսութեան, վարկածին, անդրիրական հետեւութիւններուն նշմարները չափազանց քիչ ըլլան իր կառոյցներուն մէջ։ Գ. Յովսէփեան այս կերպ իմացական ախորժակներ երբեք չէ պարզած ոչ առնշուշտ միայն անոր համար որ ին ք զինքը գերմանական պատրաստութեամբ գիտուն մը կը դաւանի, այլ նիւթեղէին անբաւ առատութենէն ալ հաւանաբար զգաստութեան կանչուած ։ Ինչ կարիք ենթադրութեան, երեւակայութեան, յերիւրանքի կամ նորոգ յօրինման նոյնիսկ, երբ համոզուած է որ իր նման տասը մարդոց ութսուն տարիներն իսկ քիչ կուգան մեր պապերուն մեզի ձգածը ցուցակագրելո՜ւ ։ Կը հասկնա՞ք այս փաստը ։ Միւս կողմէն Գ. Յովսէփեան, իր մատներուն ապահովութեան չափովը, գիտէր հայոց պատմութեան տպուած մասը, այսինքն մեր բոլոր մատենագիրներէն հրատարակուածը ու ձեռագիր հայ մթերքին մէջ ինք կը ճանչնայ գրեթէ բոլոր հայ ձեռագիրները երեւցած մեծ ու պզտիկ, մէկ անգամ՝ միայն յիշուած բոլոր անունները։ Կը մտածեմ Ալիշանին, իր յիշողութիւնը մօտեցնելու համար կշիռի։ Մխիթարեան Վարդապետը կը շարունակուի Էջմիածնական վարդապետին մէջ, կրթանքներու ու կարողութեանց մերձաւոր հանգիտութեամբ մը։ Գիտէք թէ հայագիտութեան, Գ. Յովսէփեանին տարազովը` հայրենագիտութեան մէջ աստիճանները տարբերացման՝ որն ի նպաստ կը խօսին: Ահա թէ ինչու չեմ վարանիր ծանր յուզումով դիմաւորել Յովսէփեանի եռանդը որ վատնուած է այդ հայրենիքին գիտական գիտութեան, եթէ չէք նեղուիր բառէն: Հայոց գրաւոր արտայայտութիւնը չունի անոր համար ոչ մէկ անայց կողմ, անկիւն նոյնիսկ: Ու հայոց աշխարհին ամենէն բանաստեղծական մէկ մասը անոր կողմէ ենթարկված է մանրամաղ, ամբողջական սպառիչ ուսումնասիրութեան մը, ամբողջութեամբ մը տրամադրելի միջոցներու, մատ, ոտք, աչք, հոգի, գործիք (նկարելու): Անցեալին եւ ներկային սա մշտական փոխանցելիութիւնը, ուսումնասիրութեան մէջ հիմնական ծրագրին ներկայութիւնը փոխադարձ պաշտպանութիւն մը կ՚ընծայեն: Այս պաշտպանութիւնը գիտութեան, փաստին, տօքիւմենտին ապահովութեամբը միայն չ՚երաշխաւորուիր ։ Անիկա մանաւանդ կը սնանի ներքին սրտառուչ հուրքէն ։ Ալիշանի պատկառոտ հիացումը, Սրուանձտեանցի փղձկուն տարփանքը այդ հայրենիքէն՝ Յովսէփեանին մէջ կը ստանան ցանկալի դաշնութիւն մը, ընտանութիւն մը, պարզ ու քաղցր հպարտութիւն մը, մեր օրերու մեր նահանջէն, սուգէն, կորուստներէն մեզ ազատագրել ձգտող: Յետո՞յ: Այս ինքն յաւակնութիւննե՞րը՝ այս ամ էնուն վարդապետական, գեղագիտական, պատմա–իմաստասիրական զրահանքներ ճարելու, որպէսզի պատրանքներ ստեղծէ մտածողի, դիտաբանի։

Ոչ իսկ փշրանք մը:

Մեր պապերուն գովքն իսկ անիկա վերածած է հանդարտ, տրտում երախտագիտութեան մը: Ու մեծ բան է ասիկա: Մեր օրերուն, շատ քիչերու պիտի ներէինք սա յաւակնութիւնները, հայոց մշակոյթը եւրոպական տեսութիւններու մեթոտով համադրելու: Գ. Յովսէփեան, իր անհուն աշխատանքին գոհացած [4] է տալով պարզագոյն տարազը՝

Նիւթեր հայ արուեստի եւ մշակոյթի պատմութեան, զմայլելի համեստութեամբ մը, պէտք է կրկնել։

Շատ ու շատ՝ վիթխարի աշխատաւորը, սա պարկեշտութեան մղող պատճառները: Չեմ բացուիր: Կը կենամ ասմենէն կարեւորին առջեւ,

Գ. Յովսէփեանին իմացական կազմութիւնը իրեն ծանրութեան կեդրոն ունէր, ունեցաւ գիտական, ամեն բան ճանչնալու, ամեն բան սորվելու իր ախորժակը որմէ եթէ չոր հաւաքիչ մը, ստերջ, ինքնուբաւ բանասէր մը չաճեցաւ մեր գլխուն, այս բարիքը շնորհն էր այդ միտքին միւս մասերուն, ասոնց յօրինուածութեան ։ Գիտո՞ւն մը: Անտարակոյս: Գրագէ՞տ մը: Ատոր ալ կան վկայաթուղթերը որոնց կը մօտենում քիչ անդին ։

Հիմա, ունեցէք սա ցուցակը, մեծածաւալ անոր գործէն առնուած, ընտրովի,

1. Սասմայ Ծռեր,

2. Փշրանքներ (ժողովրդական բանահիւսութիւնից)

3. Ռոստոմ Զալ,

4. Ձագավանից ժողովը,

5. Խոսրովիկ Թարգմանիչ,

6. Ստեփանոս Սիւնեցու «ՄԵԿՆՈՒԹԻԻՆ ՉՈՐԻՑ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՑ» (անտիպ)

7. Մեծոփեցի, Օրմանեան, Նահապետեան, Դաւիթ Հարքացի եւ Պիտոյից գիրք, Ս. Էջմիածնի պատկերագրութիւնը Սիմէոն Կաթողիկոսի ժամանակ, պատմութիւն Յովհաննու Մայրագոմեցու, Էջմիածնի մեծ խորանի ասեղնագործ վարագոյրը, Սասանեան կերպասի կտոր, Եղիշէ Թադէոսեանի էթիւտների ցուցահանդէս, Ագապի հաստատութիւնը Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ, Հին հայոց դրամներ, Հայկական ձեռագիրներու ցուցակին ատլասը (Ստրիչկովսքի), այսինքն բոլոր կարեւոր հանդէսներու մէջ լոյս տեսած գրութիւններէն ընտրուածներ որոնցմէ ոմանք այս տարի հատոր կազմեցին Դէպի Լոյս եւ Կեանք վերնագիրին տակ։

8. Մխիթար Սասնեցի, Մխիթար Այրիվանեցի,

9. Հայ մանրանկարչութեան լիակատար քարտէզ (անտիպ),

10. Հայ ձեռագրաց յիշատակարաններ (հինգ հատոր, անտիպ)

11. Նիւթեր հայ մշակոյթի եւ արուեստի պատմութեան (եռահատոր)

12. Խաղբակեանք (եռահատոր)

13. Ազիզբեկեանք

14. Զ. դարու հայ արուեստի լուսաբանութիւնը . պրակը՝ Նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ )

15. Արագածի կատարին, կյանքիս ամենին դժբախտ օրը,

16. Հաւուց Թառու Ամենափրկիչը

Ու հարցուցէք դուք ձեզ

Ո՞ւր է այս ամէնը իրարու ընծայող միութեան գիծը:

Այս հարցականին բազմաթիւ են ազդակները, հետեւանքները: Ամենէն առաջ սա զանազանութիւնը արդար հեղինակ մըն է քեզ կասկածի մղող: Կասկած` բանասէրէն ու ասոր զուգորդ ամուլ հաւաքապաշտէն ։ Կասկած՝ ամեն բանի հետամուտ որով՝ ծանծաղ շատաբան մունետիկէն ։ Կասկած նոյնիսկ շառլաթանէն, չգիտցածէն խօսողէն, նետող–բռնողէն։

Ուրախ եմ ու հպարտ ըսելու համար որ ձեր կասկածները, թերեւս արդար, ձեր ներսը, դառնագոյն փորձառութիւններով գոյացած, անհարկի, անիմաստ են Գ. Յովսէփեանի գործին դիմաց որուն միակ մեղքը թերեւս իր չափազանց նորութիւնն է, հնագիտական, պատմագիտական, գեղարուեստական գետիններու վրայ ու կ՚արդացուիլը ՝ տպաւորապատ էջերու վրայ: Այսքան հմտութիւն ոչ մէկ տեղ կը վերածուի բետան հետաքրքրութեան, աւելորդ բանավէճի, արկածային փչողաբանութեան: ։

Կանխող գլուխին մէջ, ԽԱՂԲԱԿԵԱՆՔ, Գ. Յովսէփեանի ամենէն խնամեալ ու ամբողջական աշխատասիրութիւնը, ու իբր այդ, առ այժմ իր գլուխ–գործոցը (քանի որ լոյս չտեսած գիրքերու փառք մը չես կրնար ապառիկ չարձանագրել), փորձը ըրած եմ Գ. Յովսէփեանի եթէ ոչ մեթոտը վերլուծելու, գէթ թելադրելու այն տիրական գիծը օրով կը յատկանշուին իր անունը կրող բոլոր երկասիրութիւնները։ Անհուն բաւիղին մէջէն, Արիանի թելին նման անցնող միտքի ուղղութիւն մը, որ մեր անհանգիստ, շուարուն հետաքրքրութիւնը կը պաշտպանէ զառածումէ ։ Հարստութեան, յորդութեան զգայութիւնները իրենց կարգին կը դառնան անվտանգ, քանի որ հռետորական, արկածախնդրական ոչ մէկ փափաք հատորները կ՚ուռեցնէ ։ Այնքան շատ, այնքան տարբեր տարրերէ, այնքան հեռու շրջաններէ կտոր կտոր ճարուած սա խճանկարային (Mosaique) արդիւնքը քաջալերիչ չէ անշուշտ, ոչ ալ նուաճող, ինչպէս կ՚ըլլան մեծ արուեստի որմանկարները, լիալիր նկարները: Բայց չի դադրիր դարէ մը, ոգիէ մը խօսելէ, նոյնիսկ վկայելէ ։ Մանրանկար մը երբեմն, յուզիչ է, թելադրիչ է լման պալատի թեւ մը ներկող նկարի աստիճան, մանաւանդ երբ առնէք նկատի ընկալուչ մտքի տրամադրութիւնները: Այս մէկը պիտի խանդավառուի խոշորով, պոռոտով, մեծղիով ։ Ան միւսը՝ սուրբով, թեթեւով, վտիտով ։

Վերի ցուցակով նուաճուած նիւթին, ձգտուած ձգտումներուն, վատնուած սիրտին բաժինները առանձին առանձին վերլուծել

կը նշանակէ հայ պատմութիւնը, արուեստը, հոգեբանութիւնը, ամբողջական զգայութիւնը, միտքն ու սիրտը բերել քննութեան լոյսին: Ինչ որ արեւելահայ Զարթօնքին մեծ գործաւորները նկրտեցան իրագործել, Գ. Յովսէփեան ընդունեց իբր հանգանակ ու ... աւելցուց ԻՐԸ ։ Անոր պատկանածը դժբախտաբար յստակ կերպով շրջագծերի իրականութիւն մը չէ։ Չէր կրնար ըլլալ: Բայց է թանկագին, թերեւս աւելիով իսկ, որ քան մեծ այդ դպրոցին իրագործումները եղան դարու մը հասակով։ Ես չունիմ ժամանակ, ու ձեռնհասութիւնն ալ, այդ աւելին բացատրելու համար կշիռի զարնելու ուրիշներէ կատարուածը: Ու ներեցէք ինձի որ մնամ զգոյշ, վերի ամփոփ ցուցակէն այն միութիւններուն վրայ ուր Գ. Յովսէփեան, իրմով առաջին անգամ սեւեռուած փշրանքներուն տեղեկաբերն է դարձած, վատնելէ վերջ, որոնք գտնելու համար ծանր, սպաննող սպառում հայոց պատմութեան հնախօսութեան, կերպընկալ արուեստի այնքան բազմազան, ընդարձակ հարցերը լուսաւորել ձգտող հարցերը: Ոչ ոքի մօտ, մեր բանասէրներէն՝ արուեստի նիւթերու շուրջ սա յուզիչ տագնապը ։ Համաձայն էք ինծի: Բայց դարձեալ ոչ ոքի մօտ, մեր բանասէրներէն տաքուկ, սրտամօտ հաւատաւորութիւն մը այդ արուեստին արժէքէն, մանաւանդ դերէն ։ Գերութեան շրջանի բանուորներուն նկարագիրը կ՚ըլլայ աւելորդ, նոյնիսկ խորանարդեալ հպարտութիւն ։ Գ. Յովսէփեան մեր նախնիքը գոհացնելու համար չէր որ ձեռնարկեց իր գործին (Ալիշան)։ Ոչ ալ Րաֆֆիին նման ունէր աւելի արդիական, ծանր մտահոգութիւններ, մեր ներկայ տագնապանքը դիմաւորել ձգտող։ Գիտուն մըն էր, բայց ոչ աստեղային։ Իւմանիստ մըն էր, բայց ոչ անցելապաշտ: Գրագէտ մըն էր, բաւյց ոչ սնապարծ փառասէր մը, կամ կատաղի մարգարէ, գալիքներով խենդեցած ։ Այս վերագրումները կը դադրին գրական այսինքն ճարուած ըլլալէ, երբ անդրադառնաք անոր օրերուն ։ Գտաք զայն վաթսունէ աւելի տարիներու վրայ, եկեղեցականի իր կոչումին հաւատարիմ: Գտաք զայն հոն ուր ամենէն աւելի դժուար կ՚երեւան մեր եկեղեցականները երբ մասնաւոր կիրքով մը չեն մղուած այդ տեղուանքը (Սրուանձտեանց): Ու կ՚ունենանք տարօրինակը: Այսինքն գործը որ կը խօսի բարձրագոյն հետաքրքրութեանց ինչպէս նախնական հոգիներուն: Իրերանցիկ, անձնանալէ, խորանալէ աւելի լացող, ընդհանրացող սա եղանակին (գրելու) բարիքը թերեւս նուազ կիրքով մը գնահատուի մասնագիտացած գիտունէն կամ պատմիչէն, ու չհասնի միջին ընթերցողին որ առաստութեան դիմաց շատ շուտ յոգնող արարած [5] մըն է, մանաւանդ երբ այդ առատութիւնը նիւթեղէնին գետինէն կը ճարուի, գործօնութեան քիչ բաժինով մը։

* * *

Գ. Յովսէփեանի գործին ամենէն նոր, անձնակակնիք, անփոխարինելի մասերը, որոնք համեստուկ տիտղոսով մը պաշտպանուած են Նիւթեր հայ արուեստի եւ մշակոյթի պատմութեան կը նկատեմ դուրս իմ ձեռնհասութենէն։ Ասիկա ոչ համեստութիւն է ոչ ալ անկարողութեան խոստովանութիւն մը, երբ այնքան շատ է թիւը մարդոց որոնք իրենց կալուածէն դուրս բաներու վրայ շահարկումը կը գործադրեն լայն հեշտանքով: Նկարիչ մը, քանդակագործ մը, ճարտարապետ մը հարիւր անգամ աւելի իրաւ են, որը կը խօսին իրենց մասնագիտութենէն քան մեծագոյն մտածողները, հանրահամբաւ գրագէտները նոյն այդ նիւթերուն վրայ մեծատարած աշխատանքներով։ Բայց նոյն ատեն, միութեան այն գիծը զոր փնտռեցի քիչ վերը, արդիւնքէն ընտրուած ցուցակի մը առջեւ, ինքնին բաց պահանջ մըն է մեզի պէս profaneներու կողմէ։ Գ. Յովսէփեանի գործերուն մէջ լիքն են հայ արուեստին բազմաթիւ սեռերը շահագրգռող ափերով նորութիւններ։ Մառի հետ, անիկա յաջողած է չորրորդ դարու յունագիր արձանագրութիւն մը երեւան հանել Տրդատի Թախտ կոչուած տեղէն, որմէ խօսեցայ առաջ ։ Իր մենագրած տոհմերը ստոյգ կորուստին վիհէն վերբերուսծ պայծառ կառույցներ են: Իր սրտազեղ համբերութեամբ մը աւերակներէն հաւաքուած վկայութիւնները միշտ անփոխարինելի։ Այո: Այս ամէնուն տիրական նկարագիրը կը մնայ շեշտօրէն պատմագիտական, հնագիտական, բանասիրական նույն իսկ, որուն վերլուծումը տարօրէն կը բարդացնէր իմ պարզ փորձը: Մշակոյթի պատմիչի՞ մը համար:

Սպասելով որ այդ մշակոյթը իր մեծ կերպարանքները ազատագրէ:

Մինչ այդ, մեր, աւելի իմ ընելիքը հետամուտ ըլլալ ընդհանրութեանց որոնք Գ. Յովսէփեանի գործէն միշտ շեշտօրէն գիտական ըլլային օգտագործելի գիտութենէն վեր ալ փառասիրութեանց: Ըսի թէ հայ արուեստի յղացք մը ի վերջոյ ինքզինքը կը պարտադրէ ձեր մտքի, երբ հարիւրաւոր մանրանկարներու պատկերները կամ բացատրական նկարագրութիւնը աւարտէք այդ վաստակէն ։ Ի վերջոյ Խաղբակեանք ը ոչ միայն շրջան մըն է հայոց պատմութենէն, այլեւ հայ շատ քիչ տեսնուած interier–ներէն, որու ապրումներէն որոշ ալպոմ։ Ի վերջոյ Արագածի կատարին ը ոգեկոչական ծանր տուրքերով ու բախուն դրուագում մըն է։ Ասոնք հաստատ, համոզմամբ ըսուած խօսքեր են: Բայց ասոնցմէ անդէ՞ն ։ Այսինքն հայ մշակոյթին վճռական տեսաբա՞նը:

Թերեւս սա հարցականին պէտքը չի դառնար զգալի, երբ լոյսին գան ծանր, տիրական մեծածալ անտիպները որոնք մեր արուեստն ու պատմութիւնը մօտէն կը շահագրգռեն ։

Թերեւս պիտի հաշտուէիք հեղինակին իսկ առաջադրութեան, չըսելու համար փառասիրութեանն, որ անմիջական փրկութիւնն է կորուստի եզերլը իջած նշխարներուն։

Բայց, ատոնցմէ ալ անդին,

Այսինքն ։ Գ. Յովսէփեանի միջոցներով վերջնականապէս կերպարանուա՞ծը, սեւեռուա՞ծը, այն անփոխարինելի շահը որով անուն մը կը յանձնուի պատմութեան ու կը դիմանայ։

Չտնտնայով վաղը իրագործելի հայ մշակոյթի պատմութեան մը հեռապատկերին համար, երբ ուզենք յստակ կաղապարներ ունենալ տրամադրելիի հանուա՛ծ՝ այդ վաստակէն, մեզի ներկայացող ամենէն ծանր իրողութիւնը հայոց պատմութիւնը ընդարձակելու ճիգն է դէպի հայ մշակոյթը: Ու ասիկա կը նշանակէ հոգեղէնը, հանուած մեծամթերք նախանիւթէն ։

Երբ կ՚ուսումնասիրէք Թորամանեսսնի գործը հայ ճարտարապետութեան վրայ, դուք կը հանդիպիք վիճելի, դուրսէն բռ ն ադիր անխուսափելի մասերու: Բայց երբ հատորը կ՚աւարտէք այ դ քաոսին տեղ ձեր մտքին պայծառակերպ կը պառկի ամբողջին, ամբողջական եւ մտատեսութիւնը, իրաւ է թէ անբաւարար պայծառութեամբ, բայց հայ ճարտարապետութեան ոգիին վրայ հիմնական իւրացումներով։ Մի մոռնաք որ աւերակէ յառնող ամէն կառոյց քիչիկ մը վիրաւոր է հարազատութեան տեսակէտով ։ Կրնանք, առնուազն սխալ հաշուած ըլլալ: Կուտամ ուրիշ օրինակ մը, թերեւս քիչ մը աւելի համոզիչ: Միջնադարէն մեր բանաստեղծութենէն Ա. Չօպանեանի հաւաքումները, մեկնութեան փորձերը, վարկածները ու համադրական փառասիրութիւնները, որքան ալ խնդրական, անբաւարար՝ մանաւանդ պատմական թափանցումի գետինին վրայ, շեմաթիք ձեւով մը դարձեալ կուտան մեզի այդ բանաստեղծութեան զգայութիւնները: Երկու աշխատաւորներուն վաստակը կը նշանակէ թէ յանգած է իր փափաքելի արդիւնքին ։ Երբ կ՚աւարտէ ք Գ. Յովսէփեանի գործին ուսումնասիրութիւնը, ձեր մտքին մէջ տիրական տեսութի՞ւն մը: Ուրիշ խօսքով ճի՞շտ է օրակարգի անցած ասացուածը որուն համեմատ Գ. Յովսէփեանի անունը գօնեքս ձեւով մը կը մնայ կապուած հայ մանրանկարչութեան, հայ արուեստի պատմութեան ծանրածանր յղցաքներում: Ու տարածելով հարցականը աւելի անդին կա՞յ, այդ գործէն արտահանելի առնուազն Թորամանեանի, Չօպանեանի մտատեսութիւններով համադրուիլ փորձուած արուեստի տեսութեանց դրութիւն մը որով գոնէ Ժ. –ԺԵ. դարերու մեր մշակոյթը հագնէր սեպհական կերպարանք: Հարցումին չի յաջորդեր պատասխանը ։ Նիւթը ատաղձն է շէնքին, բայց շէնքը չէ։ Ու ձեր զգայութիւնները, Գ. Յովսէփեանի գործին, երբ կը փորձէք մտածման փոխակերպելու, տարտամ մը կը պաշարէ ձեր միտքը: Ինչո՞ւ:

Թորամանեանի գիրքը կը սնանի զոյգ աղբիւրներէ ։ Ատոնցմէ մէկը իր ուժը կ՚առնէ հայոց պատմութեան ամենէն աւելի վկայութիւններով հարուստ շրջանէ մը։ Մեր քրոնիկներն են այս վկայութիւնները: Երկրորդ աղբիւրը, աւերակներ ՝ աւելի հաւատարիմ, անոր մատուցած է անգնահատելի բարիք։ Յետոյ կայ ճարտարապետական հոգեբանութեամբ մտածող տարրեր, ինչպէս ուրիշներ ուր շինելու արուեստը, գերմաններուն Baukunstը, կը գտնենք այլակերպ, չըսելու համար այլասերած։ Դարը ուր կ՚ապրիք, կը պատկանի այս վերջիններուն ։ Մեր օրերուն չեն պակսիր անշուշտ հսկայական կառոյցներ (հակառակն էր որ պիտի ըլլար ճիշդ), այլ այդ կառոյցներուն հոգին, հիմնովին տարբեր ճարտարապետական զգայութեամբ դարերու հոգիէն։ Թորամանեանի աշխատանքը ուրեմն կը նպաստաւորուի ամենէն քիչ մաշած ապրումներէ։ Աւելորդ է պալատները, Մ ա յր–եկեղեցիները հասկանալ մանաւանդ մեր մէջ, իրենցմէ վեր, դուրս լոյսերու միջոցով ։ Մեր ժողովուրդին նախաւոր երկու կարգերը, իրենց ուժին լիութեան մէջն էր որ ոտքի նետեցին մեր ճարտարապետութեան իրաւ ու մեծ յաջողուածքները, արքունի պալատները, որոնցմէ շատ քիչ բան է ազատած, Եկեղեցիները, որոնք դիմացած են, թերեւս իրենց թիւին շատութեամբը, կամ ծծած հոգեղէնին հարստութեամբը, քանի որ գիտենք որ պալատները կը բարձրանային բռնութեան տակ, եկեղեցիները բոլոր ժողովուրդին սրստագին կորովովը: Թորամանեանը, Անիի վրայ, ունեցաւ արքունիքն ու եկեղեցին, զինքը լուսաւորող, ուղղող: Տակաւի՛ն, այս դարուն առաջին տասնամերուն շրջան կ՚ընէին, այդ նիւթին լուրջ բազմազան հետաքրքրութիւններ, պատրանքներ նոյնիսկ որոնք մեր ճարտարապետութիւնը կը վերածէին clos, ինք իր մէջ կատարեալ ոճի մը, իր օրէնքներով ոչ միայն ինքնատիպ, այլեւ իր ազդեցութիւններովը, ծաւալումով, այլապէս հպարտացնող, Եւրոպային կոթիկ ոճը տուած ըլլալու անփոխարինելի միամտութիւնը ։ Մի արժեզրկէք պատրանքները։ Անոնք օգտակար են յաճախ աւելի քան իրականութիւնը: Այս ամէնը երբ կ՚աւելնան տաղանդին, յամառ, զրկանալից բայց երբեք յուսավրէպ աշխատանքին, մարդու, ոտքով, ուղեղով հաւասարապէս, դուք դժուարութեան մէջ չէ ք հասկնալու համար ոչ միայն համբաւը Թորամանեանին, այլ, իրմով, կ՚ըլլաք վերահասու հայ ճարտարապետութեան հիմնական բխումներուն, անոր ոգեղէնը ոստայնող այն խորհուրդին որ Զուարթնոցը կը զատէ ուրիշ ազգերու սրբավայրերէն, յաճախ այնքան աղքատ այդ ոգեղէնով որ մարդերը պարտաւոր են եղած հաւատ ք ը շահագործելու, այդ անկնիք շէնքերուն ճարելու համար անհրաժեշտը ։ Մերձաւոր է պարագան Միջնադարեան մեջ բանաստեղծութեան որուն մտատեսութիւնը Չօպանեանի աշխատանքներով հագաւ որոշ հաստատութիւն (consistance): 1850ին իրենց սկիզբը ըրած մեծ կրթանքները պատմական, մատենագրական, ազգագրական ուսումները նորոգելու, մանաւանդ` միջնադարեան (médiéval) որակումները, առhասարակ Եւրոպայի առաջնակարգ մասնագէտներու ջանքերով, մեզի բերին աւելի յստակ մտապատկերներ թաղուած այդ շրջաններէն, սանկ հազարամի մը վրայ, հինգին տասնըհինգ դարերու միջոց մը: Ֆրանսական, գերմանական, աւելի յետոյ ամերիկեան դպրոցները որոնք գիտութեան վերջին միջոցներով սպառազէն հիմնովին այլակերպեցին, նորոգեցին մեր գիտցածը: 1900ին բիւզանդագիտութիւնը առանձին մեծ գիտութիւն մըն է։ Չօպանեան այդ մեթոտն էր որ պիտի փորձէր մեր Միջնադարին վրայ: Ասպարէզէն, « հունտէն հասած » բանասէր մը չէր, ինչպէս կ՚ըսեն, Նարեկացին եւ Քուչակը յայտնաբերողը։ Չունէր փաստեր իր պատմական թափանցումին գործարանէն։ Բայց կեանքի սպասաւոր մը ողնուծուծը այս մարդուն օրուան իրադարձութիւններէն էր կազմուած, այդ կեանքը ամէն տեղ գտնելու եւ օգտագործելու իր գրական շնորհները դիմաւորեց կրթանքին միւս պարտքերը: Չօպանեանն ալ կը վայելէր՝ մեծ պաշտպանութիւններ, մեզմէ ինչպէս Եւրոպայէն:

Գ. Յովսէփեա՞ն։

Անիկա գիտուն մըն էր, մոռնալու չէք ասիկա։

Որուն հոգին չէր կրնար հանդարտիլ, չէր կրցած, կիսադարեան պրպտումներուն, պարտադրած վարժութիւններուն հակառակ: Արուեստագէտը մերձաւոր չափերու վրայ իրաւունքներ ու նէր անոր ներսը եւ իր սարկաւագութեան, Հէքիաթներ հաւաքող, ժողովրդական դիւցազնավէպեր գիրի առնող տղան Գերմանիոյ մէջ պահեց մաս մը բան իր եռանդեն, բայց իր գիտուն ի խառնուածքը [6] ամրացուց, ու անոր զգայնութեան պարտադրեց… գերմանական կարգապահութիւն որով մեր երազը կը մնայ դալար, բարձրուղել, բայց կը պահուի, կը պաշտպանուի երազներու յատուկ աւելորդէն, Չրաքեանին բառովը՝ խօլաբոյսէն ազդուելէ:

Անցեր են ժամանակները, մարմնինին ինչպէս հոգիին, կիրքերուն ինչպէս երազներուն վրայէն: Երիտասարդութեան, չափահասութեան խանդն ու կորովը կեանքին տուեր են, անդադար դառն, դժնդակ տուրք մը, ամենէն անգութներէն մէկը զոր պահանջելու մէջ չէ ողոքուած երբեք մեր ճակատագիրը: Հարցուցէք դուք ձեզի թէ ինչպէս անցան ձեր սրտին վրայէն ձեր յիսուն տարիները որպէսզի դնէիք նոյն հարցականը Գ. Յովսէփեան անուն իր տակ համագումար կիրքերուն, երազներուն, բայց պստիկ մը մտամոլոր կանգ առնելով 1900–910ի կատաղի խուզարկութեանց թափին, գրոհին որոնք զինքը, երիտասարդ հոգեւորականը բռնագրաւ կը տանին Երեւանէն Բեթերսպուրկ, Պերլին, նոյնիսկ արեամբ ողողուած Անատոլուն, իր սպասը կատարելու իր ժողովուրդին զոր 1900ի մարդերը կը սիրէին, մանաւանդ արեւմտահայ հատուածին մէջ այնքան սրբազան, անդարման տրտմութեամբ մը…։ Ու կարիք չեմ զգար յիշեցնելու որ 1915ը, ամէն հայու համար, ուր որ ալ ըլլայ, սկիզբն է բոլորովին տարբեր կեանքի մը։ 1917ը՝ ուրիշ։ 1920ը՝ ուրիշ: Մեր պապերը այդքան հակադրութիւններ ապրելու համար դարերու լայնքը ունէին։ Ամէն հայ 1915էն ասդին նոր գումար մըն է զգայութիւններու զորս ուրիշ տեղեր ձգեր եմ վերլուծման։ Հոս, իմ ըսելիքը՝ մեր իմացական յօրինուածքին մէջ, այդ աղէտին երեւան բերած դղրդագին կործանումը, այսինքն մեզ կանգուն պահող հզօրագոյն ազդակներուն վրայ մեր հաւատքին շիջումը, խաւարումը։ Կործանուածը մեր ժողովուրդին կէսը չէր, այլ մանաւանդ հոգեղէն դրութիւնը որ մօտ հարիւր տարի կեդրոնած էր մեր իմացական բոլոր հպարտութիւնները: Չեմ բացուիր, իրենց ահաւոր վէրքին մէջ ձեր առջին փռելու հոգիները գրողներուն, մարտիկներուն, իմաստուններուն ու ասոնց շարքին՝ : բանասէրներուն։ 1920ին այդ ամենէն, այսինքն սա մարդերը խանդավառող կիրքերէն, երազներէն շատ քիչ հետք։ Կ՚անցնիմ, շատ արագ, քաղաքական մեր զգայութիւններուն ալ ճախճախուտէն, մեր արեամբը գոյաւոր ուր կը լողային մեր այնքան, արդար, սրբազան երազներուն դիակները...: Հայու ճակատագիր ըսէք ու ինծի հետ դուք ալ անցէք անդին, այսինքն Սփիւռքին աւելի ահաւոր ճախճախուտքին: Մեր ախորժակնե՜րը իմաստի, միտքի, արուեստի։… Չէինք դատապարտեր անշուշտ հում նիւթը, մանր, չարքաչ հմտութիւնը, ոսկիի կշիռը լեցուն ուղեղին, բայց կը տառապէինք այդ ամէնուն հաշւոյն։ Թերեւս այդ տառապանքն էր որ միջամտեց որպէսզի մասնաւոր շահագրգռութիւն պարզէինք այն կառոյցներուն համար ուր հում նիւթը ըլլար ենթարկուած որոշ փոփոխութիւններու, կարենալ մեզ տպաւորելու նոր կերպարանքներու տակ, մէջէն ինչպէս կաթողիկէի մը ճակտին օր առաջ արձանը որմէ ալ մոռցած ըլլայինք սակայն քարահանքի թշուառ իր կեանքը…: Դուրսի աշխարհին վրայ կատարուած սա կործանո՞ւմը, թէ ներքին տկարութիւն մը, սկզբնական յղացքներու խօթութենէն առաջացած միջամտեցին, ստեղծելու համար ծանր փոփոխութիւնը մեր ճաշակին, որպէսզի Ալիշանի մը կոթողական կառոյցներուն փառքը, ինք իրմէ յոգնած, առանց դուրսէն որեւէ յայտ գրոհի, դալկանայ ու թառամի: Պատուական աբբան կը հաւատար թէ իր ժողովուրդին տուած էր իրեն այնքան անհրաժեշտ հպարտութեան կոթողները: Ու բանից դուրս կուգար որ քառորդ դարը արդէն մարսած էր գործին հոգին, ձգելով կմախքը։ 1950ին հայրենագիտութեան թանգարաններ են անոնք, չըսելու համար գերեզմաններ, անոնք որ 1880ին կեանքի, շքեղ փառքի վկայութիւններ արձանագրուեցան։ Արդ էն քիչը հազար տարիներու խորհուրդ մը կը հաւատար թէ խտացուցած էր Ալիշան, այդ շարքերուն մէջ, որոնք իր լման չափահասութիւնը, ծերութիւնը արժեցին իրեն։ Ու ինծի հետ էք ընդունելու որ խորհուրդները դիւրաւ չեն մեռնիր: Ալիշանեան վաստակին սա ճակատագիրը, իր դասովը, ինչպէս դառնահամ փառքովը իմացական տռամա մըն է, արեան տռամայէ մը աւելի սրտաճմլիկ: 1895ին, Արշակ Չօպանեան, մատ մը պատանի այդ օրերուն, ծանր ծաղրի մը մէջ կ՚ընէր ծիծաղելի պատուական, գերահմուտ աբբային Հայ բուսակը (ԾԱՂԻԿ հանդէս, 1895, Օ. Պիծակեան կեղծանունին տակ), հակառակ անոր որ հայոց լեռներուն, դաշտերուն, ծմակներուն կը դիմանային Ալիշանի նկարագրած ծաղիկներուն ու խոտներուն վաւերականները: Խօսեցայ ձեզի Հին հաւատք հայոց գիրքին ճակատագրէն, աս ալ 1895ին լոյս տեսած։ Կը յիշեցնեմ մեծադիր այսինքն քառածալ Հայապատումին ալ ճակատագիրը, որուն 650 էջնոց պատմիչներէն հաւաքուած բնագիրները կը կանխուին 140 էջնոց ներածականով մը, դուք կը հասկնաք տարողութիւնը այս բառիս երբ ձեզ թելադրեմ որ մեր հին մատենագրութեան ամէնէն ծանր, արժանառատ, ցեղագոյն արդիւնքները կը բովանդակուին հայոց պատմիչներուն գործէն ներս։ Արդ յիշուած երեք հատորները, գին ծանրածանր աշխատանքներու, մեռած են այսօր: Կը դիմանա՞յ, Գ. Յովսէփեանի նոյնքան յոգնավաստակ, նոյնքան մեծ տարած աշխատանքը, չեմ ըսեր՝ վաղուան թէք տղոց (1895ի Չօպանեանին տարիքով) կենսաբաղձ, խորհրդախոյզ, նորապաշտ ու ստուգամոլ գրոհին, երբ ասոնք, հետեւելով դարուն թափին, անցեալները մեռեալ տախտակներու նման, ճանչնալու սովորութեան փոխարէն, 1700էն մինչեւ 1900, բանասիրական կրթանքին գերագոյն փառասիրութիւնը մեր մէջ, ուզեն այդ անցեալները միակտուր, հարթաքանդակին տեղ երեք diversionներով, այսինքն կեանքին բոլոր կլորութիւններովը մատուցուած իրենց վայելումին, սինեմայի քէջ հետզհետէ փորձուածին նման, գրականութեան մէջ համադրական տախտակներու կերպարանքներով, այսինքն ձեւերու տակ որոնք իրարու ըլլային վերածելի, ծանօթութենէն ու թիւէն, փշրանքէն ու վկայութենէ կազմուած, մէկ ակնարկով գտնելով կեանքին լիութիւնը, իրաւութիւնը, դէմպր ը: Այդ տղաքը, տարիքէն բխող անփութութեամբ մը, իրենց յատուկ ալ թեթեւութեամբ արիւնն ալ ծանրութիւն ունի, ըսել կ՚ուզեմ՝ չէ միօրինակ վազող հեղուկը լեռներու աղբիւրին–, ինչպէս մերն էր 1900ին, Ալիշանի վաստակին դէմ, գուցէ չանդրադառնան երկար, տաժանագին, ահաւոր թիապարտութեան որուն գինն է Գ. Յովսէփեանի ամբողջական գործը (անտիպն ալ առնելով անկէ ներս), այնքան խղճամիտ, պարկեշտ, ամէն մէկ տողը ծանր, դժուարորակ վկայութիւններով պաշտպանուած եւ պահանջէին

ա) Անոր տոհմագրութիւնները համադրական կերպարանքներու տակ: Այսինքն՝ ուզէին Խաղբակեանքը, Օրբելեանքը, Վաչուտեանքը, ամբողջ շարքը այնքան մանրակրկիտ խուզարկութիւններով կազմուած, միւս մենագրութիւններուն՝ լրիւ, միսին ու ոսկորին ծանրութեամբք, կենքին գոլովը սանկ գունաւոր, մեր օրերուն մարդերուն ոչ անշուշտ կաղապարէն, բայց իրենց օրերուն բոլոր տռամաթիք ապրումներուն հանդէսին մէջ, իրենց հատուածական, խճանկարային, չափազանց հարազատ բայց նույնքան ալ շեմաթիք, դժուարամատոյց կատարելութեան փոխարէն։ Ասիկա, այդ տղոց հաշւոյն ես ալ պիտի չդադրէի պահանջելէ, խանդավառութեանս մէջը քանի մը իրագործուած նմոյշներուն, մատենագիրներէ ու իշխաններէ։ Արդի գրականութեանց բոլոր վարպետ կենսագրողներէն ոչ ոքէն ետ կը մնայ Գ. Յովսէփեան երբ Գլաձորոյ համալսարանին արի ուսուցիչները, մատենագիրները կը նետէ ոտքի, իրենց բազմազանակ կողմերուն լրիւ մատուցումովը, կամ շքեղ որմնաքանդակի մը նման կը սեւեռէ ձեր սիրոյն ու հիացման մէջ Խաղբակեանք տոհմին վերջին ներկայացուցիչին Օրիին անմոռանալի նկարը: Կեանքին մեջ ու կեանքին պէս: Ոչ վէպ, ոչ ալ շփացուած հերոսապատում։ Այս ինքն շրջանին մարդերը, ոչ միայն իրենց ազգաբանական տախտակներուն հարազատութեանը մէջ, ոչ միայն մագաղաթեայ կամ մարմարեայ վկայութիւններուն անհերքելի ստուգութեամբը, այլեւ լրիւ, ամուր հագած հոգեղէն ու մարմնեղէն այն իրաւութիւնը որ կը զատէ թանգարանեան անզգած արձանները Ակորայի երկոտանիներէն, խեղճ ու պատառ, բայց կենդանի: Փռուէին մեր յագեցումին համար, այնքան տարածուն, էկզօթիք ըսուելու չափ մեզմէ հեռու, նոյնիսկ կարծես երբեք մերը չեղած անուններուն (Պապաք, Պռօշ, Եաչի, Հասան–Ջալալ, Հասան Ամիր, եւլն. ) խտացուցած հայեցի իսկութիւնները, մարդեր անշուշտ ասոնք, մեզի պէս միս ու ոսկոր, օր մը այդ դղեակներուն, տաճարներուն, վանքերուն շուքին, իրենց մարդկեղէն հոգերուն բոլոր բեռները շալկած, իրենց կիներուն, զաւակներուն իշխանագեղ ու նոյնքան արիւնակուռ տռամաներով, կարճ՝ ինչ որ այդ դարերու բոլոր մեր իշխաններուն առաջադրուած կենցաղը իբրեւ օր օրի ազատուեցաւ անոնց զգայարանքներով, ամիսներով ձիերու քամակին, պղինձ ուռներով սաղաւարտած իրենց հոլածական գլուխները, իրենց կուրծքի երեսին երկաթին թերթերը վրայէ վրայ կարած, վազելով, գրոհելով, նահանջելով, արիւնլուայ բայց կատաղի, դէպի յաղթանակ կամ թշնամիին սուրին տակ նահատակ, գրեթէ միշտ մեղքերու ու մահուան խորխորատին վաճառուած։ Թերեւս կը պարզեմ չափազանց երբ կեանքերը այսպէս քանի մը խոշոր կտաւներու կը վերածեմ, բայց դուրս չեմ իրականութենէ։ Թելադրեցի վերերը, թէ Գ. Յովսէփեանէն մասնաւորուած շրջանը մեր պատմութեան ամենէն քիչ լոյս տեսած մասերը կը կազմէր: Ու Ալիշանի (Յուշիկներուն Ալիշանը) եւ Գ. Յովսէփեանի կողմէ այսպէս ուրուանկարուած մարդերը որքան յուզիչ, մեզամերձ պիտի ըլլային, եթէ երբեք «փառապսակ մեր նախնեաց» պատկերներուն տեղ անոնք գային մեզի պարզ ու պարկեշտ իրարութեամբ մը, այնպէս, ինչպէս անցեր էին անոնց վրայէն կեանքին կիկլոնները, զանոնք անդուլ հալածելով, ներսէն ու դուրսէն։ Ներսէն, այսինքն ծանր, հասուն, խորունկ մեղքերէն որոնք մեր օրերուն կեղծիքը, կամ հաստ, տափակ, անկնիք անգթութիւնները յիշեցնելու չէին հաւանաբար, այլ շատ իրաւ, շատ տռամաթիք, երկար պայքարներու հետեւորդ անխուսափելի անկումները, իրենց լման հասակով, լման կշիռով, այնքան որ սովորական աղօթքը, միջոցները կը մնային անբաւական, որպէսզի զանոնք գնելու, արդար Դատաւորը ողոքելու համար այդ մարդերը չքաշուէին իրենց ուզեցած ու չունեցածը վտանգելով ոտքի նետելու յիշատակարաններ, տաճարներ, անշուշտ համաձայն մեղքին ազնուականութեան, մեծութեան, գերագահութեան, կամ գնէին, նուիրանքի համար, իրենց ամենամեղ անձերը, քաւելու նպատակով՝ մեղսաքաւիչ սրբազնասուրբ մատեաններ, ապահովէին իրենց մահէն անդին ալ ողջերուն մաղթանքները, հոգոցները, հոգեհանգիստները, պատարագները իրենց քաւութեան գործը ամուրի կապելով, սակարկէին յիշատակութեան օրերը, սեղանները (պատարագին մատուցման), անգամները ոչ միայն մագաղաթներու պաշտպանութեանը վստահելով այդ մուրհակները, այլեւ մարմարի վրայ յաւերժագիր արձանագրելու, հաստատի կապելով ամէմ մանրամասնութիւն . Ադոնց որ Խաղբակեանքի տեղեկաբերն է [Դուրեան մրցանակին]՝ այդ թիւերէն կը հանէ դրամական դրութիւնը այդ դարերուն) ապահով սպասման մը մէջ վերջինն Դատաստանին։ Այդ դարերուն իշխանները մինակ իրենց կիրքերը չէին դարմաներ կամ անոնց արդիւնքը, մեղքերը գնելու չէին յատկացներ իրենց ուժը, այլեւ կը յանձանձէին իրենց խնամքին ապաստանած հազարաւոր ադամորդիներուն բիւրական կարիքները: Գրչագիրերու յիշատակարաններէն որքան անուն: Ըսի թէ 5000ը կ՚անցնէր Խաղբակեանքի մէջ ինկած անուններուն գումարը։ Խայտաբղետ կարաւանը իշխան–իշխանուհիներուն, քահանայ–երէցկիններուն ու «քուերցն», աբեղայ–օրինակիչներուն, կաթողիկոս–վարդապետներուն, գրող եւ ուսուցանող, նկարազարդող ու կազմիչ, մագաղաթ քերթող եւ թանաք հարող…։

բ) Այս մարդոց ներքին ալ իրականութիւնը, կեանքէն քիչիկ մը վեր, ա՛ն՝ որ ոգի որակումով մը կը զատուի առօրեային հասարակութենէն ու կ՚ըլլայ ստեղծում։ Դուք գիտէք թէ Գ. Յովսէփեանի աշխարհը հայոց պատմութեան որ շրջանին կը պատկանի։ Մթին, գրեթէ անծանօթ այդ աշխարհէն մեզի բերուած ամէն հոսմունք, բիւրեղացում, անձնութիւն, այս անգամ այդ մարդերուն գործէն, ուր պահ էին դրուած, խուսափուկ ու ծուարուն, մօտիկն են արուեստին: Սարսուռը ՝ որ երբ արձակուի այդ աշխարհներէն թունդ է եւ խռովիչ, նոյն իսկ վտանգաւոր, ելեկտրական հոսանքի մը նման։ Քարը, մագաղաթը, կտաւը եւյլն ... այդ սարսուռը կը պահեն իրենց բջիջներուն խորը, սպասելով կախարդական մատիկին որ պիտի կոտրէ գորշ տեւողութիւն եւ մունջ անշարժութեան կնիքը անոնց վրայէն, մեր ընկալչութեան ու սիրոյն բերելու համար անիմանալի ապրումներու հանդէսը, ոչ անարժան մշակոյթ քիչ մը խոշոր տարազին (Յետնորդները, ժառանգորդները գիտեն երբեմն երախտիք վճարել): Այս տողերուն հետ իմ միտքէն չանցած վիպական մեծ օգտագործումներ, անզբաղ կիներու հետաքրքրութեան յագուրդ ճարող, ԺԹ. րդ դարուն այնքան փնտռուած ու փառաբանուած, երբեմն քմայքին, այլանդակին իսկ գինով (րոմանթիք պատմական վէպը, մեր եւ օտարներուն մօտ), երբեմն գիտութեան, զուտ պատմութեան սպասարկու, բայց գրական միջոցներով գոյաւոր: Ու չունիմ նկատի դարձեալ պարագրութեան թացիկ ու յաւակնոտ հեշտանքը, մանր մանր կամ լայն լայն ջարդելու, այսինքն համառօտելու հիներուն ժառանգութիւնը կամ խմբելու մէկ էջի մէջ շատերու վկայութիւնները. երբ մենք կը քաղենք դէպքերը պատմիչներէն անոնց վրայ կը սրսկենք քիչիկ մը վարդիջուր ու կ՚անցնինք պատմաբան։ Բայց զիս չէք կրնար արգիլել խորհելէ 1860 Ֆրանսական Պատմաբան դպրոցին կամ 1900ի Ամերիկեան զօրաւոր թեքնիքին, մանաւանդ խորունկ թաղուած անցեալներու վրայ երբ կը կատարուի աշխատանքը: Ասկէ զատ, գիտեմ որ անցեալէն վերաբերուած ամէն փշրանք փակ դրութիւն մըն է այսօր մեզի անհաղորդ յոյզերու։ Ծանօթ էք ծանր, խորունկ ձգողութեան թանգարաններուն ոգին իսկ թանձրացնող: Բացէք, օրինակի մը համար տողիկը ուր « ամենամեղ », « տրուպ », « գեհենագիր » ընդօրինակող մը, յիշատակարանի մը կողիկին, վախկոտ, նուաստ, արգահատելի, իր աղաչանքը կը մատուցանէ ապառնի ընթերցողին, ձեռագիրը «վայելող»ին, երանի օրերուն, ուր գիրք մը կարդալը արքայութեան մէջ գանձ դիզելուն կը մնար հոմանիշ, անկէ թախանձագին խնդրելով որ չմոռնայ, իր յիշատակին, հիմա կ՚ըսենք` հասցէին փրկարար « ողորմիս »ը, « հոգոց »ը։ Ինքնին աննշան սա մանրամասնութիւնը կը վկայէ սակայն արուեստի համար ապրումներէ, երբ թափանցումը կատարուի պատշաճ լրջութիւնով։ Լման դարեր կը պառկին ձեռագիրներու նկարներուն մէջ։ Անցեալով զբաղումին երանութիւնն ու դժբախտութիւնը:

գ) Այս ամենէն վեր, հայ մշակոյթը, որով տառապիլը, հպարտանալը, ամչնալը հոգեկան տռամաներ, քանի մը սերունդի համար, բայց որուն կերտումը, այսինքն իր հիմնագիծերուն մէջ սեւեռումը հազիւ թէ կը սկսի։ Քիչ անդին քանի մը մանրամասնութիւն:

Այս տողերը, ոչ ոքի ուղղուած, չեն նոյն ատեն հրաւէր։ Տղոց փափաքները գուշակել, կանխել կամ արժեւորել ու արժեզրկելու դեր մը տխուր է սակայն մէկ կողմէ որ իր տղայութիւնն իսկ պիտի չուզէր ծախու հանել, ինքզինքը յարդարելու աւելի ազատութեան մը համար նոր հրամայականներու, որոնց արժանիքները չէ, որ կ՚ուրանամ՝, այլ սպառնալիքը կը ջանամ բերել իր պարզ իմաստին։ Չեմ ալ ուզեր որ Սփիւռքի դառնացած հոգեբանութիւն ալ փորձէնք տեսնել սա թելադրանքներուն ետին։ 1900ին, իմ դառնութիւնը իմ շատ մեծարժէք, գերահմուտ ուսուցչէն, Եղիշէ Եպս. Դուրեանէն, կուգար նոյն հոգեվիճակէն։ Սրբազանը այդ անցյալը, մեր անցե՜ալը, կը մերժէր իր հպարտութիւններէն, իմ նախասիրածներէնէն մասնաւորաբար։ Արեւմտեան բանասիրութեան բոլորանուէր սպասարկու, ան կը մերժէր մեր պատմութեան, ոչ թէ սրտառուչ մեծութիւնը, այլ այդ պատմութեան ետին կարելի մշակոյթի մը միթը, իր սկիզբը ըրած արդէն, Վենետիկէն ու Վիեննայէն շատ ակօսներով, այսինքն լեզուէն ու կրօնքէ տարբեր փառքերու երազելով,

հայ արուեստին, հայ բանաստեղծութեան, բառեր ասոնք որոնք Չօպանեանի մը գրչին տակ կը յաւակնէին Եւրոպան նուաճել։ Սրբազանը որ իր տունին չափ կը ճանչնար մեր հին գրականութեան բոլոր տարածքը ու հոն բարձրացող բոլոր փառքերուն փխրուն, « կաւէ » հիմա կ՚ըսենք, արձաններուն թշուառութիւնը, կը տառապէր, ինծի այնպէս կու գար, անկարող ըլլուն ինքզինքը զետեղել Վիեննացիներուն տափակ սառնութեան կամ Վենետիկցիներուն հերարձակ միամտութեան մէջ։ Ու, հիմա կ՚անդրադառնամ, Սրբազանը կը ճանչնար միջազգային գրականութենց հզօրագոյն փառքերը, շատ   մօտէն, ուղղակի վերծանումով, քանի որ իր մատենադարանին կէսը այդ կարգէն գիրքերու էր յատկացուցած։ Անոր քմծիծա՜ղը հայոց գրականութեան բոլոր կոթողներուն հասցէին, անշուշտ որոշ զգաստութեամբ մը, բայց ինծի համար այնքան պարզ, այնքան իրաւ վրդովիչ, երբ հայ հանճարին սկսած միթը կը դիմաւորէր փաստերու անբաւականութեամբ, այդ միթին քուրմերը ձրի շնորհներու բաշխիչ յայտարարելով։ Տեղ մը պատմեր եմ, ծանր, կործանող իր քաշքշուքն ալ իմ պատանիի յաւակնութիւններէն, փառասիրութենէն: Տասնըեօթը տարեկան պատանի մըն էի ես, իր ոտքերուն գացած Արմաշ, ու իր հարցումին, իմ դիմումիս, իմ պատասխանը՝

Գրելու հայոց գրականութեան պատմութիւնը

անիկա «տժգոյն ժպիտովը» իր եղբօր աւելցուցեր էր ու

Քանի հատո՜ր…

Զգացի որ կը ծաղրեր: Ու ասիկա առաջին իսկ հանդիպումիս:  

Սքանչելի այլ վարդապետը, լայնամիտ ու թափանցող, դեռ չէր մտած մեր բանաստեղծութեան հարազատ խորհուրդին (Դուրեան Սրբազանի այն քերթուածները որոնք կը կանխեն 1900ը, գրքույկ, տաղաչափական օրինաներ են, բոլորով դասարանական ու հիմնովին եւ բանաստեղծ) ու կը նայէր մեր գրականութեան վրայ օտարին մէջ մեծցած seigneurի մը հոգեբանութեամբը։ Իմ քէ՜նը, կորա՜նքը։ Պիտի չներէի իրեն ոչ թէ հեգնանքը զոր ունէի պատճառ արդար աւ կարծելու, այլ իր ան ջերմութիւնը հասարակաց խանդավառութեան դիմաց: Ես մեր իրաւ արժէքներուն, մեր հին մատենագիրներուն գործը ապրեր էի ոչ բանասէրներուն գործիքներովը, այլ մարմինիս վրայ (պատմեր եմ տեղ մը թէ իմ առաջին գրուածքը Վարդանի պատերազմն էր, Եղիշէէն ներշնչուած, բայց անհուն կատաղութեանը մէջ թուրքին որ տուրքի համար իմ չորնալու փռուած զգեստներս առեր տարեր էր ծախելու), այսինքն իմ պապերուս նման: Լման տարին, Սրբազանը պահեց այդ անջերմութիւնը մեր պատմութեան սնոտազարդ. հռետորութենէն հաւանաբար տառապելով, ինչպէս աւելի ետքը, իմ կարգիս, ես պիտի լեցուէի ծանր դառնութեամբ մեր գրական հռետորութիւն հանդէպ։ Լման տարին, (1899–1900) մեր Միջին դարը հրաշքի մը գահաւորակն էր իմ մտքին։ Սրբազանը չէր մերժեր անշուշտ այդ դարերը, բայց կը վերածէր այն օրերու ընթացիկ, ստերջ ճաշակին, լեզուն միայն նկատի ունեցող Վիեննական տափակ ուղղափառութի՜ւնը դասական հայերէնին, ասոր ալ նեղկուկ մէկ շրջանին (Փարպեցին դուրս կը շպրտուէր այդ շրջանէն, որպէսզի տափակ Եզնիկը քանի որ թարգմանութիւն էր, ան ալ վարժապետական, ոգիով յոյն հակաճառողի մը գործէն բարձրացուէր հայ գրականութեա՜ն ոսկի գահին, կամ՝ Ոսկեբերանի թարգմանութիւնները արժեւորուէէին իբր գլուխ–գործոցներ) որով հայ գրականութիւնը լեզու եւ հանդէս մը կ՚ըլլար, զայն տիրապետած ըլլալը` գրագէտի վկայական։ Անկնիք, թշուառ, գրքունակ փառքերը ոսկի, արծաթ դարերուն, ուսաննայուած ու զօրացուած ալ հակադրութիւններովը պղինձ, երկաթի դարերուն, այսինքն այն շրջաններուն ուրկէ եկած են մեզի մեր միջնադարեան բանաստեղծութիւնը, մեր արդիական գիրքերը, որքան որ կը ներուի սա որակականը գործածել, օրինակ Մխիթար Գօշի դատաստանագիրքին կամ Ամիրտօվլաթի բժշկարանին համար:

Դասի մը, ուր մեր միջնադարուն մէկ բանաստեղծը նիւթ էր ոչ թէ քաշքշուքի, այլ «հասարեցման», ինչպէս կ՚ըսէր, իմացական նոր չտեսութիւնը քիչ հանդուրժելով, իմ քիչ մը շատ խանդավառ թափը մեղմելու համար, ժպտագին, հեգնելով բայց խորապէս ալ համակրալից,

Տղաս, յարեց անիկա, իր վերապահումները ամրօրէն զետեղելէ ետք « մեր ցեղին գերագոյն արտայայտութիւնը » յայտարարող Նարեկացիին իրական արժէքին շուրջը, վաղը կը մեծնաս, ու կը մեծնաս մանաւանդ հպարտութիւններէդ, գտնելով մեծ մշակոյթներուն իրական կշիռը մտքիդ թեւերուն, որոնք կը պարտասինն, թերեւս կոտրտին ալ այդ ծանրութեան տակ: Յոգնութիւն առնելու համար, չեմ ուզեր որ ընես ինծի պէս (ետքէն պիտի անդրադառնայի որ քանքարաթագոյց որակականը իր հասցէին թերեւս գինն էր սա յոգնութեան)։ Փնտռէ հանգչելու տեղեր, միջոցներ: Հիմակուընէ գիտցիր սակայն պիտի ամչնաս քուկիններէդ գտնելիք միջոցին ու տեղին համար:

Պատգա՞մ, դառնութի՞ւն, դա՞ս,

ինչ գիտնամ։

Անցեր է գրեթէ կէս դար այդ դասէն։ Հիմա կը խոստովանիմ որ սրբազանը իրաւ կ՚ըսէր, իմ մատ մը տղու ուղեղին մշակոյթներու չուքն իսկ չէր ինկած, մեր Քուչակը, Նարեկացին առանց ծիծաղելի ըլլալու՝ հակադրելու համար մարդկութեան հսկաներուն: Որքան քի՜չ իմ, մեր գիտցածը այդ ամենէն: Բայց դարձեալ կը խոստովանիմ որ Սրբազանը ամբողջը չէր ըսած: Չեմ պատմեր իմ հեռացումը Արմաշէն, թափառական իմ դժոխքը երիտասարդութեան տեղ, իմ անհուն պատրաթափութիւնը: Օտար գրականութիւնները (Սթալտալ, Պալզագ, Ֆլօպէռ, Տայսթայովսքի իմ մտքին անդրանիկ տագնապները կը կազմէն) ինծի տուին հպարտութիւն, մեծութեան շատ յստակ զգայութիւն, մարդ երկոտանիին անասնութիւնները քաւող, գնող, մեծնատարած, խորունկ, իրաւ, սրտառուչ արարքներ խելքէ, քաջութենէ, գոհողութեան ու գեղեցկութեան հանդեսներէն: Ու այս ամէնուն հետ ու քով, նոյնքան մեծատարած, շքեղ գազանութեան կրկէսներ, իմ աչքերուս, սրտիս, ատոնց կորակոր հերքումը փառակերտող, աւելի քան ամպարագիծ հանդէսնե՜րը արեան ու փողոտումի: Քանի քանի անգամներ ստուերը իմ վարպետներուն իջեր է իմ յուսահատութիւնը ամոքելու: Պալզագի մը տռամա՞ն: Տայսթայովսքի՞ն։ Այդ մարդերը ապրեցան, փոխանակ իրենք զիրենք սպաննելու: Ես ալ ապրեցայ, անոնց նմանելո՞ւ թէ աւելի յիմար պատրանքներու շղթայուած։ Ու մօտ է իմ շէնքը, եթէ խոշոր չէք գտներ սա ձեւ արտայայտութիւն մը։ Ստիպուած եմ, յաւիտենութեան սեմէն, խոստովանիլ դարձեալ որ ոչ իմ վարպետներու Եւրոպան, ոչ Նոր Ամերիկան ինծի չտուին յուռութքը, խեղճ ու պատառ, որ զիս մահուան մէջ ալ պիտի պաշտպանէր ու կը պաշտպանէ, մեծ այդ մշակույթներէն լաստակերտ դժոխքին մէջ ու ընդդէմ, իմ կեանքին վերջին քառորդ դարուն։ Ու մեծ բառեր չեմ ըլար գործածած երբ յայտարարեմ՝ որ իմ ժողովուրդը ապրեցաւ առնուազն քսան ու կէս դարերը իր գերութիւնը իմաստութեանը մէջ իր յուռութքներուն, դուք տուէք անոնց անուն, ես կ՚անցնիմք գրելու: Հայոց մշակոյթը, իմ պատանութեան՝ մեր բանաստեղծութիւնը զիս կեանքին հրող հզօրագոյն ազդակը եղաւ: Իմ ալեւոյթին, այդ մշակոյթէն, ոչ թէ կ՚ամչնամ կամ կը խրտչիմ, ինչպէս գուշակել էր յաւակնած իմ մեծ վարժապետը այլ զայն կ՚արժեւորեմ առնուազն հաւասար արեւմտեան մեծ ժողովուրդներու իրագործումներուն, մնալով զօրաւոր խելամտութեան մը մէջ համեմատականութիւն։ Միջոցներու ուսումնասիրութիւնը, եւ այդ ժողովուրդներու պատմութենէն, զիս պիտի արտօնէր ուրիշ ալ հպարտութեան, իմ ժողովուրդին կատարել կրցածէն։ Ո՛վ որ հայ մշակոյթ յղացքը պիտի ուզեր սանկ քիչիկ մը պարզաբանել, այսինքն բառը գործածէր արդարութեամբ, իր պատկան կալուածին համար, չէր կրնար ափիբերան չմնալ իր հաստատումներուն դիմաց։ Բերէք ձեր մտքին այդ մշակոյթը հանգրուանող մեծ թուականները, ու հարցուցէք դուք ձեզի թէ որ հրաշքին միջամտութեամբը կարելի կը դառնան հայոց գրականութեան այլեւս դասականացած մեծ կերպարանքները, երբ մեր քաղաքական կեանքը կը թաւալէր այնքան ալեկոծ գնացքով մը դէպի խորխորատ։ Ու նիւթական սա ահաւոր տագնապը ամբողջովին իրեն գրաւած կը պահէր ցեղին ուժերուն բովանդակ պահեստը։ Կ՚ըսեն թէ 1939–45ի շրջանին թուրքերը ոչ մէկ գիրք են գրած։ Կը հասկնամ: Բայց չեմ հասկնար թէ ինչպէս մինչեւ մեր օրերը յաջողեր է հասնիլ մեր միտքին ստեղծագործ թափը: Ո՞ր դարուն մեզի տրամադրուեցան գրականութիւն ընելու տարրական իսկ պայմանները: Ե. դարո՞ւն։ Ժ. դարո՞ւն։ ԺԲ. դարուն թէ ԺԹ. դարուն: Բացէք թուականները, այսինքն աչքէ անցուցէք քաղաքական դէպքերը ու պիտի համոզուիք թէ այս ժողովուրդին մտքինն տապանը միշտ ալիքներու կատարներէն է վազեր: Եւ սակայն, կայ այսօր հայոց մշակոյթը, ընդդէմ դժպհի բոլոր այս արգելքներուն։ Ու հանգիտօրէն, հարցուցէք դուք ձեզ թէ Գ. Յովսէփեան կրօնաւորը մի մոռնաք որ մեր քաղաքական կեանքին սպասը 1917էն ասդին է որ անցեր է աշխարհականներուն, այնքան չարաղէտ պատահարներէ կրնկատար ինչպէս յաջողած է ճարել, գումարի դնել իր հսկայական մթերքը, երբ այդ նախանիւթին անդաստանը, հայոց աշխարհը կոխան էր թշնամիին ու մեր Սփիւռքը հոգեւարքին կայանը մեր բոլոր երազ ներուն։

Այս տողերը մի գունաւորէք շրջուած րոմանթիզմով մը զոր անոնց հեղինակը փրցուցեր նետեր էր իրմէն, պատանութեանն իսկ դռներուն, պատկերին առջեւ արիւնլուայ, իր ժողովուրդին։ Յետոյ, հարկ կա՞յ յիշելու միւս տրտում ալ թելադրանքը, հպարտութեան վրայ շահարկելու, երբ իմ շուրջը ամէն ինչ փոքրութիւն է ու փոքրոգութիւն, բառեր ասոնք ալ, որոնց մենաշնորհ մը չենք գնած մեր պարտութեանց հաշւոյն, քանի որ տեսանք արինները, վեհերը, վեհանձնիները մեզի չափ անարի, նսեմ, ճիղճ, վտանգի դաշտին վրայ սողալէն: Այս ժողովուրդին մէջ փառքերէ պոռալը, իր կարգին ուրիշ տրտմութիւն, այնքն իրաւ սակայն քանի որ փառքին յղացքն իսկ ըրեր ենք փշուր փշուր, անճանաչելի, ինքզինքը հերքող, ազգովին քնարերգուած երէկուան յուզումները, տուած զոհութիւնները, ազգին հոգիին մէջ գերագահ բազմած սրբութիւնները երբ այսօր նոյն հռետորութեամբ կը յայտարարենք հայրենիքի հանդէպ դաւաճանութիւն բերանովը անոնց որոնք առաջին անգամ պոռացել էին այդ փառքերուն զգլխանքը մեր խաւարամած հոգիներուն։ Ու այս տողերը չեն գրուիր ամօթին համար ալ մեր հպարտութիւնները մարելու, ոչ ալ պատմելու բռնութիւնը, ձգողութիւնը օրակարգներու ուր մարդիկ կը յաւակնին սկսիլ հայոց ժողովուրդը, հայոց պատմութիւնը, որ անշուշտ չի նշանակեր անցեալը մերժել, բայց կը նշանակէ դարաւոր խորհուրդներ ձգել սպունգի շրթներուն։ Այս տողերը կը գրուին, նոյն ատեն, օրէ, թուականէն, քաղաքական հանգանակներէն վեր պարզութեամբ, պարկեշտութեամբ, արիութեամբ

պոռալու` միութիւնը սիրտի, հոգիի, միտքի իմ ժողովուրդին, անոր բոլոր դարերուն ալ համար, մեծին ինչպէս պզտիկին, սեւին ինչպէս ճերմակին, դեղինին ինչպէս կարմիրին։ Բացի փաստէն որ ծանր է ինքնին, բոլոր դարերու վրայ բացուող, այս ժողովուրդին, հոգեկան շնորհներէն, այնքան անուշ, թանկ, տրտում, սրտայոյզ, ստեղծումից բոլոր կալուածներուն երեսին, կայ արեան սրբազան պատգամը զոր մեկնելու, հասկնալու մեր պարտքը կը կատարենք այնքան անօգուտ դառնութեամբ, իրարու մերժելով այդ արեեան իսկ իրաւունքը, հողին նոյնքան սրբազան սփոփանքը, եղջերուն՝ հպարտութիւն, ստեղծումի ասպարէզ, մեռելներու՝ քաղցր խաղաղութիւն։ Արիւն, ստեղծում, սլացք, մեզի մինչեւ աւելի անդին, դէպի բոլոր արիւնները, ստեղծումները։ Ու մի մոռնաք, մինչ միշտ մեր չափով, կը կրկնեմ ու կը կրկնեմ՝

Եւ եղով ։

Աճապարանք, անգիտութիւն, նոյնիսկ տղայական միամտութիւն՝ այդ խորախորհուրդ ալշիմիէն խօսիլ, գրած ըլլալ յայտարարել հոն բաներ որոնք մարդկային յաւիտենական արժէքներու թանգարանին մէջ բացառիկ կայքերու ըլլային սահմանուած։ Որբութի՞ւն, երբ մեր դառնութիւնը մեզ կը զգետնէ, մեր տեսածներուն ետին սեւը գտուելով հերքումն իսկ այս անգամ մարդկութեան հպարտութիւններուն, այնքան ծանր, սուղ գնուած, անասնութեան դարերէն մինչեւ մեր օրերը։ Ու այսքան զոհերէ վերջ ճակատագիր՝ նորէն, որպէսզի դրանք ստիպուած գործադրելու մեր պապերուն հերոսական եղանակները, անցնիլ անդին, այսինքն չտնտնալ անասնութեան, հեշտանքի, միսի, արեան ճենճերին եւ մաշարայական ախտերու դալկութանց, սեւ ու դեղին ոսկիներու եւ անհուն, անխորտակելի կեղծիքի համախառնուրդ

մշակոյթի առջեւէն որ կը պարզուի մեր աչուըներուն։

Լուռ, մռայլ, առանց պատրանքի:

Մեր պապերը ըրին այս ամէնը, իրենց սքանչելի իմաստութեամբը, կառչելով գերագույն իրականութեան, ապրելու իրենց պարտքին։

Այսօր, մենք անոնց զաւակները չենք կրնար օգտագործել անշուշտ այդ սրբազան յուռութքը: Հարիւր տարուան մէջ այդ հերքումը մեզի արժեց մեր ժողովուրդին կէսէն, աւելին բնաջնջումը, մեր թիւէն անդին մեր հողերը ուտելով: Բայց կրնանք մեր ձեւովը մօտենալ աղէտին: Մեր հոգիին ատամներով մեր զայրոյթը աղալը թերեւս տկարացման ազդակ: Մեր զզուանքը այդ նոր մշակոյթէն, իր կարգին թերեւս ուրիշ ազդակ, մեր շրջափոխութիւնը դանդաղեցնող: Բայց մեր վստահութիւնը՝ անյայլայլօրէն, ուր մեր կամ մեզ նման խոնարհ ժողովուրդէ մը, մէկը, ինչ հանճարովը պիտի ստեղծէ միջոցը քաւել տալու մեր բոլոր նուաստութիւնները, զոհերը, մեր յաւիտենական թշնամիէն, ու անոր նոր պաշտպաներուն։ Ինչ ընդարձակ այլասերում՝ որ վարակած է մեր ժամանակներու փարթամ ու երիտասարդ հասարակապետութիւնը Նոր Աշխարհին, իր հանգամանոր ներկայացուցիչներէն մինչեւ անպատասխանատու զանգուածները: Եւրոպան ազատելու համար հսկայական զոհողութեանց, վտանգներու դիմակալ այդ ժողովուրդը որքան շուտ, շատ, չա՜տ գիտէ մոռանալ անմոռանալի բաներ: Այսօրուան « ազնուական », « քաղաքակիրթ », « մեծոգի », « հիւրասէր », « երբեք ջարդարար » յայտարարուած ժողովուրդը երբ նախագահներ, սպարապետներ կը փառաբանեն, հայերը նստեցնելով ոճիրին աթոռին, կամ՝ հզօր կեղծիքով մը կը խաչեն իրենց խղճմտանքը կամ երբեք ձեռք չեն երկարած միսիոնարներու Մորկընթաուներու, Ճէրըրտններու հատորներուն, ուր թուրքին կերպարանքը աւելի քան հարազատ սեւեռուած է այդ բանը ընելու ընդունակ մարդոց կողմէ որոնք տեղին վրայ տեսան սրբազան ժողովուրդը, տարի մը ամբողջ ջարդերու հեշտանքէն գինով ու յիմար: Ժամանակով, դարերով չեն կրնար փոշիանալ այդ վկայութիւնները: Գերման խժդժութիւնները պատճա՞ռ, որպէսզի ոչ թէ մոռցուին, այլ գլխովին այլափոխուին գերազանց խժդժութիւնները Մե՜ծ ժողովուրդին որ ահա կ՚արժանանայ այնքան անակնկալ վարձատրանքի եւ փառքի։ 1915ի աղէտը անով անզուգակշռելի է որ նոր հեղինակները զայն շղթայազերծելուն մէջ կը հաւատային թէ կը ծառայէին իրենց պապերուն աստուածութեանց։ Մարդկութիւնը ծախելը, այսօր դիւրին, վաղը պիտի դառնայ ծախողներուն իսկ գլխուն գինը։ Դուրս չեմ՝ իրականութենէ։ Իմ հոգիին առջին յստակ է մարդը, մարդոց խումբը որոնք գտած են գաղտնիքը այս մարմնական եւ իմացական գազանութիւններուն հաշիւը պահանջելու եւ յարդարելու, միակտուր կործանելով ինչ որ արեւմտյան մշակոյթ ոսկեփոշի պիտակին տակ կը քաշքշուի եւ պատմութեան յանձնելով ամենէն անարգ մարդկութիւնը, ողջ ողջ։ Արդարութիւնը սուր յղացք ինքզինքը հերքելով է որ պիտի գայ: Չի կրնար չգալ: Մարդկութեանն այսօրուան յառաջապահ դրամապետութիւնները, ճաշով, օդանաւով, զրահաւորով եւ կանանչ թուղթի բուրգերով երբ կը յաւակնին թաղել զոհերուն ողբերգութիւնը, գիտե՞ս թէ կը պատրաստեն իրենցը։ Կարմիր մարգարէ մը ըլլալու պէտք չի կայ խօսելու օրէն, ոչ շատ հեռու ուր Ալեքսանդր Պլօքի քերթուածը պիտի դառնայ օրուայ ապրում...: Երէկ Արեւելք–Արեւմուտք ոսին, աժան, տիրացական ճակատախաղ մըն էր էս խաղցուածը: Ներկարար մը քիչ գնաց պիտի կտրէր կորդեան հանգոյցը: Այսօր դեմոկրատ համայնավար հակադրութեան տակ այդ արեւմուտքը կը կրկնէ գերմանական ռազմախաղը, նոյնքան անողոք սինիզմով մը երբ դարերու ամենէն սրբազան իսկութիւններուն կաթիլներովը կազմուած հարազատ մշակոյթը մարդկութեան, հաւասար հացին, հաւասար աշխատանքին, հաւասար վայելքին այնքան: սրտագին երազուած ու աննուաճ մնացած սակարկութեան կը հանեն, եւ օրինակ, քարիւղի համար կը թաղեն աստուածային պարզութեամբ դատեր, որոնցմէ մէկը, մերն է, առանց աւելորդ բառի:

Շեղումներ չեն վերի էջերը։ Մշակո՛յթը՝ մարդուն ամենէն սրբազան հպարտութիւնը: Ու անոր մէկ կերպարանքին, հայկական մշակոյթին բոլորանուէր սպասարկումը իրեն կեանքի իմաստ ու նպատակ ընտրած աշխատաւորի մը գործ էն իմ մէջ առաջացող սա անդրադարձերը կը նկատեմ առնուազն ըսուելու արժանի: Անկլօ–Սաքսոնները մշակոյթի ջարդարարներ չեն անշուշտ։ Ու հեռու ինձմէ սրբապղծութիւնը զանոնք նմանցնելու Մոնկոլներուն որոնց կատաղութիւնը ողջերուն վրայ իսկ չի յագենար, տարածուելու համար մեռելներուն, գերեզմաններուն, տաճարներու, հիմնաքանդ փոշի դարձած, այսօր, անոնցմէ տիրապետուած հողերուն տակն ու վրան։

 


 



[1]        Սիրարփի Տէր Ներսէսեան, Վէնետիկի Մխիթարեան հայրերու ձեռագիրներէն խումբի մը վրայ (ԺԲ-ԺԴ. դարերու պատկանող) գործադրած է մեթոտի նմանող եղանակ մը ուսումնասիրութեան։ Պատմել ձեռագրին կերպարանքը (Թուղթ, գիր, կազմ, կողք, յիշատակարաններ, մեծութիւն, կեանքը), մանրանկարներուն բովանդակութիւնը փոխադրել մեր օրերու թուղթին, այսինքն մանրանկարը նկարագրել, խօսիլ զարդէն, գիծէն, գոյնէն, ոգիէն։ Այս ամէնը ի վերջոյ կը դառնալ յոգնութիւն եթէ ոչ տառապանք։ Այս տառապանքը գինն է միութիւն, օրէնք, մշակոյթ տեսնելու եթէ ոչ փառասիրութեան, գէթ պարկեշտ յաւակնութեան մը։ Արդ արուեստի մեծ ուղղութիւնները, գէթ մեր տեսածէն հետեւցնելով, ամենէն շատ երկու սերունդի վրայ կը կերպարանեն իրենք զիրենք։ Եւ կը փոխուին, միշդ կեանքին նման։ Երեք հարիւր տարիներու վրայ, զանազան միջավայրերէ այդ հաւաքումներուն համար ճարել ուզուած սա նմանութիւնները, աւելի ճիշդ բառով մը հանգիտութիւնն է հեղինակը մեր մտքին սա անհանգստութեան։ Գ. Յովսէփեան մանրանկարներ ուսումնասիրելու իր եղանակը տուած է պատմա–հնագիտական կառոյցներուն մէջ։ Իր յայտարարութիւնը, այս արարքը նկատելու փրկութեան արարք մը միայն, նիւթ՝ ապագայ արուեստի մը պատմութեան, կ՚արժեւորեմ լայն պատրաստամտութեամբ մը։ Անտիպ իր գործը, Հայ մանրանկարչութիւն ը, անշուշտ ունի խօսելիք յաճախուող երեւոյթներէ։ Սիրարփի Տ. Ներսէսեան 1947ին ուրիշ աշխատանքի մը մէջ ( Համառօտ ուսումնասիրութիւն մը հայկական արուեստի եւ քաղաքակրթութեան ) սկիզբը կ՚ընէ այդ մշակոյթին պատմութեան նախափորձերուն: Իմ ձեռնհասութիւնը հոս ալ չի պաշտպաներ զիս:

[2]        Կուտամ ցուցակ մը այդ գործերէն, առնելով մատենագիտական տախտակէն, կցուած Նիւթեր եւ ուսումնասիրութիւններ գործին Բ. պրակին, իբր յաւելուած։

          1. Mosaik mit armenisher Inschriff in norden Jerusalem.

          2. Die Entstehunges geschichfe des Monotheletismu nach ihren Qvellen gepruft und dargestellt.

          3. Poejdka me Jerousalim letom 1911 goda.

          4. Potomstvo Tarsaicai Mina Chatouni.

          5. Obragtchiki armenianskich Zerkownich Wichiwek.

          6. Izwletchennie iz istorii Grigorio Kamachkawo ili Daranagska wo Kasattelno Garni.

          Եւ տակաւին բարձր հնագիտական գիրքերու, գործերու, յիշատակարաններու վրայ տեղեկագիր, յօդուածներ, դատումներ. Ինք ասոնց վերնագիր է տուած մատենախօսութիւն, գրախօսութիւն։ Երբ նկատի ունենանք որ Հաւուց Թառի Ամենափրկիչ իբր տեղեկագիր կարդացուած է Ռուսական հնագիտական ակադեմիայի առաջ, բարձրօրէն գնահատուելով իր բերած յայտնութիւններուն համար, ստիպուած ենք Գ. Յովսէփեանի մէջ եւրոպական կազմով, կարեւորութեամբ եւ հռչակով գիտուն մը ընդունիլ կու տամ նամակէ մը.

          « օտար լեզուներով տպուած աշխատութիւնները մեծ ( Կ՚ակնարկուի ծաւալին - . Օ. )) բաներ չեն, բացառութեամբ երկուսի։ Դոցանից հնագոյնը որ մեր դոկտորական շարա դ րութիւնն է, եկեղեցական դաւանաբանական մի երեւույթի լուսաբանութիւնն է ՄԻ ԿԱՄՔԻ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ յոյն եւ հայ աղբիւրների ուսումնասիրութեամբ։ Երկրորդը Օրբէլեանց տոհմի մի ճիւղի ՏԱՐՍԱՅԻՃ ԵՒ ՄԻՆԱ ԽԱԹՈՒՆԻ ՍԵՐՈՒՆԴԸ, Մեր կողմից բոլորովին նոր յայտնաբերուած շէնքերի եւ արձանագրութիւնների վերայ մի ուսումնասիրութիւն որին հայերէնը այժմ հրատարակում ենք ( Առանձին հատորով լոյս տեսած (1940, Անթիլիանի տպարանէն )) մեր Հայագիտական Տարեգիրք ի մէջ, աւելի հնագիտական պատմական, քան գեղարուեստական մշակութային բնոյթով » (1947 Դեկտ, 21) ։

[3]        Հայ համայնական կեանքին ներկայ կշռոյթը վտանգաւոր ձեւով մը կը թուի հեռու մնալու ստիպուած ըլլալ, աւելի անհրաժեշտ կարիքներու գոհացումին համար: Սփիւռքը աւելորդ է վերլուծել, քանի որ այնքան իրարմէ ծանր հոգեր դրոած են անոր ուսերուն։ Խորհրդային Հայաստանի հզոր թափը, անմիջական կեանքին համար գործածելու մեր բոլոր ուժերը, դարձեալ չ՚իյնար իմ վերլուծման, պարզ այն պատճառով որ անդրադարձումը արդէն կը գործէ եւ մեր անցեալին ուսումնասիրութիւնը, սակաւաթիւ բայց ընտրելագոյն տարրերով կազմուած փաղանգ մը կը խանդավառէ, համապատասխան արդիւնքներով։ Իմ թելադրել ուզածը, օգտագործումն է տակաւ փոշիանալու սահմանուած այն նիւթեղէնին որ իբր յուշ, ձեռագիր, փշրանք, մետաղ, գոյն, կերպաս, զարդեղէն կը մնայ պահուած մեր վանքերուն գլխաւորաբար Վենետիկ, Վիեննայ, Պոլիս թանգարաններէն ներս։ Այդ ամէնուն ետեւէն անշուշտ գերագոյն առաջադրութիւնն էր ըլալու գիւտը այս ժողովուրդին, հոգի ինչպէս մարմին։ Խորհեցէք ԺԸ. դարու մը հասակին, մեր ժողովուրդին պարզած կերպարանքներուն, Սփիւռքը յիշեցնող ընդարձակութեամբ մը տարտղնումին, Ամսթերտամէն մինչեւ Կալկաթ ա, ու ա շխա տեցէք տեսնել եկեղեցականը, վաճառականը, արհեստաւորը, գեղջուկը, ամիրան ու մեր կռիւները: Ինչ տռամա է այդ անհուն քաոսին մէջ ճակատագիրը մարդոց որոնց վիճակուած է մեր պատմութիւնը կերտել, այսինքն արեան գիծը պահպանել։ Զարթօնքի մարդերը, ԺԸ. րդ դարուն որքան գէ շ պայմաններով կը դիմաւորուին: Ու երբ տարածէք մտածման կէտը մինչեւ մեր անկախութեան բարձումը ( ԺԴ. դար ), ու տեսնէք միշտ մեր ժողովուրդը, միշտ նոյն արեան գիծին պահապան, պիտի չայցուիք ահաւոր յուզումէ մը, մեր կեանքը կարելի ընող անբացատրելի ոգիէն բխող։ Հայոց պատմութիւնը քաղաքական պատմութիւն մը չէ գրեթէ ԺԵ. դարէն ասդին: Բայց ճակատագիրը կ՚ուզէ որ հայոց ժողովուրդը այդ դարէն ասդին ստանայ իր ամեն է խորունկ իմաստը, գերութեան մէջ ապրելուն անլուր իմաստութիւնը։ Ո՜վ մեր պապերը, որ ձգեցիք ձեր գեղերը ու անցաք Կալկաթա, պալատներու մէջ գոցելու համար ձեր աչքերը, նման միւսներուն որոնք ջորեպան ծնան բայց Կեսար, Վասիլոս մեռան: Համադրական ամէն տարազ, մեր մերձաւոր դարերէն երբ բացուի, աշխարհ մը կեանքով կ՚ողողէ մեզ:

[4]        Չեմ կրնար սա առիթով չյիշել մանրավէպ մը։ Քառորդ դար առաջ, Պոլիս, նախակրթարանի ուսուցիչ մը, հիմա բրօֆէսէօ r տիտղոսով մը պտտող, Կեդրոնական վարժարանին մէջ վերցուցած էր պատմութիւն հայ քաղաքակրթութեան չողշողուն պիտակին տակ շաբաթական պահ մը դաս, բարձրագոյն կարգերէն մէկուն մէջ։ Առարկեցի տնօրէնին որ այդ նիւ թ ը երեքէն չորս դասախօսութիւն (conference) իսկ չէր կրնար հայթայթել որեւէ պարկեշտ ուսուցչի։ Փորձը հաստատեց իմ ենթադրութիւնը։ Տղաքը լքեցին դասն ու դասարան, ամիսը չլրացած։ Ժողովուրդի մը պատմութիւնը երբ չէ գրուած ի դեռ նոր կը սկսի ատոր գրոիլը, խորհրդային Հայաստանի մէջ անոր քաղաքակրթութեան վրայ բանաստեղծութիւն միայն կրնանք յօրինել։ 1947 ին Սիրարփի Տէր Ներսէսեան, համալսարանական մասնագէտ դասախօս մը, եւրոպական համբաւով, հնութեան բոլոր կարեւոր լեզուները եւ մեր ժամանակներու մեծ մշակոյթներուն ալ լեզուները արմատապէս ունեցող, հայ արուեստի գլխաւոր ճիւղերուն մասին ամփոփ բայց հիմնական էջեր է համախմբած հատորի մը մէջ որուն համագումար 150 էջերէն 50 ը կը խօսին պատմական տեսութենէ մը, կրօնական տագնապէ մը ( Քաղկեդոնի ժողովը եւ իր անդրադարձումները ) ու մնացեալ հարիւրը հայ ճարտարապետութենէն, հայ քանդակագործութենէն, հայ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵՆԷՆ: Ու կը խօսին տառապանքով, այսինքն ծանը դժուարութեամբ, քանի որ այդ նիւթերը պատմութենէն միայն կրնային բղխիլ: Կրցա՞յ արդեօք թելադրել Յովսէփեանի համեստութեան զսպանակը։

[5]        Գ. Յովսէփեան մասնագէտն ու միջինը գոհացնող բազմաթիւ գլուխներ ունի հրատարակուած իր գործերուն մէջ։ Թերթերու մէջ առօրեայ հարցերու շուրջ իր գրութիւնները շատ մոտիկէն կը հետապնդեն անմիջականին բարիքը, խմբագրական որակուելու չափ ընթացիկ ու պարզ ու հաղորդական. Պարսաւն անգամ իր գրչին տակ կը դառնայ համակրելի։ Իր Օրմանեանը կը կարդաք մէկ շունչով, ոչ անոր համար որ կը բաժնէք իր տեսակէտները ( Օրմանեան պարագան դեռ չէ պարզաբանուած, զայն կործանող ու պաշտպանող կողմերուն ներսը կիրքին դեռ հանգչած չըլլալովը հաւանաբար, ինչպէս են ծանր ապրումներ, մեր ժողովուրդի ճակատագրէն 1878 է մինչեւ 1915, շրջա՛ն որուն վրայ դատաստան մը անկարելի կը դառնայ անոր մաս կազմող ամէն բրօթակոնիստի գ ր իչէն ), այլ վարակուած իր ջերմութեան, խառնուածքի յորդ ճառագայթումէն։ Բայց գործերը ուր Գ. Յովսէփեանի գրական նկարագրին սա կողմերը ամենէն յստակ կը պարզեն ու կը պարտադրեն իրենք զիրենք, երկու պրակային տետրակներ են, Արագածի կատարին, եւ Կեանքիս ամենէն դժբախտ o րը ու երջանկութեանս րոպէն անուններուն տակ լոյս տեսած: Դէպի լոյս եւ կեանք հատորին մէջ ալ մէկէ աւելի են այդ շունչով յաջողուած ք ներ ։ Երկու տետրակները շատ յաջող եղանակով մը կը համադրէն պայմանը որով մասնագէտն ու միջին ընթերցողը կը բաւարարուին։ Արագածի կատարին ը վերընծայումն է, քսան տարուան բիւրեղացումէ մը վերջ, այն ապրումներուն որոնք անորն էին եղած, 1925 ին, Հայոց լեռն ե րէն ամենէն գեղանիին վրայ, քանի մը ընկերներով գործադրուած արշաւանքին ատեն։ 1867 ին ծնող Գ. Յովսէփեանը 1925 ին, վաթսունէն մատիկ մը վար է։ Պահեցէք միտք։ Արագածը 13. 600 ոտք բարձրութեամբ ու հայկական պարերու եւ inherent բոլոր կնճիռներով սպառազէն գագաթ մըն է։ Աս ալ պահե g էք միտք, երբ կը կարդաք եւս տողերը: Չծանրաբեռնելու համար սա էջերը, կ՚անցնիմ գրեթէ առանց զբաղելու արշաւանքին նիւթական մանրամասնութիւններովը, թէեւ պիտի ուզէի որ քիչ մը լայնամտութեամբ չըսելու համար հիացումով արժեւորէիք տարիքը, նստակեաց կենցաղի պսակաւոր մը մօտ ( յիշեցի 1945 ին Դերենիկ վարդապետին վկայութիւնը նոյն այդ մարդէն, այս անգամ ութսունէն մատիկ մը վար, որուն համեմատ Գարեգին Կաթողիկոսը Սեւանի ապալեր բարձունքները վերելակելու մէջ երիտասար դն երը կը գերազանց էր ): Չորս հազար մեթրի մօտ բարձրութեամբ գագաթ մը տիրակալել մեր լեզուով կը նշանակէ վտանգի հետ ոչ միայն խաղալ, այլ եւ անոր ասպարէզ կարդալ (defi) ։ Արշաւանքին ոդիսականն ալ, ինքնին շատ հաճելի, կենսախայտ, քիչ կը զբաղեցնէ զիս, քանի որ Վեհափառը կատարած է այդ քաղցր պարտականութիւնը այնքան տաք իրաւութեամբ մը։ Ու ծանօթ էք իմ վերաբերմունքին, ուրիշներու գիրքները պատմելու վերածուած քննադատութեան հանդէպ, չարաշուք կերպով իրաւ՝ արեւելահայ քննադատներուն մօտ, մանաւանդ 1917 էն առաջ։ Ինչ որ, այդ տետրակէն զիս կը մղէ խորհրդածութեան, որոշ ալ երազանքի, ու հաւանաբար ճիշդ է ասիկա ընթերցողներու մեծ թիւի մը համար այդ անփոխարինելի հոգեվիճակն է մարդուն որ մէկէն ի մէկ, կախարդական ըսուելու չափ արագ մտատեսութեան մը մէջ, իր զգացումներուն ամբողջ պարը, իր կիրքերուն թափը, իր գոյութեան, կարելի իմաստը կը գտնէ իր առջին թանձրացած: Անձէ անձ այս թանձրացումը թերեւս կը կազմէ ապրելուն մռայլ գեղեցկութիւնն ալ։ Չեմ վերլուծեր հոգին Գ. Յովսէփեանին, 13. 000 ոտք գագաթի մը վրայ: Զիս առանձնակի շահագրգռողն է գրական տարողութիւնը Արագածի կատարին հատորիկին: Ու գաղափարներու զուգորդութեամբը ունիմ Գ. Սրուանձտեանցը, Բիւրակն էն ( Պինկէօլ ) Իր տպաւորութիւններով: Հայաստանցի վարդապետը իբր կիրք, զգայնութիւն, խառնուածք, մօտիկէն կը յիշեցնէ Գ. Յովսէփեանը ։ Եթէ երբեք նախնական է գրագէտը Վանեցի վարդապետին մօտ, կայ ուլտրա մօտերն, հանճար որակուած միւս գրագէտը, արեւմտահայ գրողներու մեծագոյններէն որ անցած է Տաւրոսը, ու մեզի ձգած իր տպաւորութիւնները: Արագածի կատարին ը հաղորդ է Սրուանձտեանցին ու Չրաքեանին ձգտումներուն, այսինքն՝ հայրենապաշտութեանը Սրուանձտեանցին ու զգայութիւններու ալ ծարաւին որ Չրաքեանին մօտ գրելու արարքը կը կերպադրէ, տեսողականին ծանր չարաշահութեամբը ։ Սրուանձտեանցի Բիւրակն ը ոչ մէկ յագեցում կուտայ մեր օրերու ընթերցողին, այնքան լեռը մեծ էր ու Սրուանձտեանցին էջը ճիղճ: Ոչ մէ կ անձնական, իր իսկ ջիղերու վրայ ստացուած զգայութիւնը, քանի որ Վանեցի վարդապետին համար հայրենիքին արտաքին կերպարանքէն աւելի անոր հոգին, այսինքն անոր ոգեղէն արտայայտութիւնները շէնք, մարդ, տռամա կը կազմէին տիրականը։ Ահա թէ ինչու չէ տեսած Սրուանձտեանց։ Աչքերը բանալու տեղ բերանը կը բանայ ու հայհոյութիւն ու օրհնութիւն, անէծք ու գովասանք կը տեղայ ։ Գծելու, թելադրելու տեղ կը հառաչէ ու կու լայ, ու կը հաւատայ որ կատարած է հայրենասիրական իր պարտքը ։ Չրաքեան որուն տիրական փառասիրութիւնը կը կազմէր գրական նկարչութիւնը, Տաւրոսէն անցքը կ՚օգտագործէ յագուրդ տալու համար նկարչական եւ էսթէթ իր մենամոլութեանց, բարակ մաղելու, բարակ տեսնելու, ուրիշները զարմացնելու արարքներուն վրայ կեդրոնացնելով իր ուշադրութիւնը: Գ. Յովսէփեան ոչ էսթէթ մըն է ոչ ալ ճանապարհորդ մը: Բայց գրել գիտէ, այսինքն իր տպաւորութեանց կը յաջողի տալ անձնական կնիք մը որ կը դիմանայ, բառերը այլակերպելով։ Ու գիտէ տեսնել, այսինքն իր զգացական դրութիւնը ճարած է տեւողութեան մէջ անսպառ կրկնումներով, եւ այնքան որ լեռները անուններ չեն ալ, այլ անոր հոգիին մասերը, անոր յիշատակներուն համարը, ուրիշ խօսքով ինքը՝ լեռը, հայրենիքը: Այսպէս նպաստաւորուած զգացական դրութեամբ մը անիկա դժուարութիւն չունի իրեն այնքան ընտանի կարկառները, խորշերը, փոսերը, ժայռերը քանի մը բառով տեսակաւորելու, առանձնացնելու, այսինքն իր դիտածները պատմութեամբ պաշտպանելու եւ զանոնք ակնթարթի մէջ պատմութեան վերածելու։ Պատմութիւնը, լեզուին նման զուտ արդարութեամբ շարժական, փոխադրելի հայրենիք են որակած, իր կարգին խտանալու, ընդլայնելու կախարդական կարելիութիւններով օժտուած մեր հայրենիքն է դարձեալ։ Ու լեռները այդ պատմութեան յատակին անխորտակելի գետինները, ինչպէս անկէ բխող մեծ մեծ անձնաւորութիւնները: Այդ գործողութեամբ անոնք, մեր պատմութեան « մշուշովը պատմուճանուած », գործածելու համար նուիրական քերթողին ( Վարուժան ) մէկ շ քեղ պատկերը, գրեթէ կը մերկացուին իրենց աշխարհագրական, երկրաբանական կերպարանքներէ, ու կը դառնան հսկայական ձայներ, լուռ բայց անհունօրէն թելադրական։ Արագածի կատարին ը այ ոգեղինացումը չէ կատարած անշուշտ Չրաքեանին պատկերապաշտու թե ամբը, այսինքն նկարչական էֆէկտներու ի խնդիր, –– չարաշահութիւն՝ որ քաղաքացիութեան իրաւունք մըն ալ ունէր ապահոված արեւելահայ ուրիշ գրողներու գրչին տակ ( Դ. Բաշինջաղեան, Ա. Ահարոնեան եւ ազգագրական հաւաքումներու հետամուտները որոնք ճամբան կը կենան բանաստեղծօրէն տալու համար շրջապատը, ինչպէս հիները կ՚ախորժէին պատմութիւնը քերթողաբար գրելէ ) ։ Ինչ ազդակներու ալ ըլար ենթակայ, Գ. Յովսէ փ եան լեռնախոյզ արշաւողի մը ապրումները ոչ բարակցուցած է ոչ ալ հռետորած։ Զգայութիւնները, հատորիկին մէջ, կը պահուին էականին վրայ, այսինքն ոչ գիտունը, ոչ ալ երկրախոյզը կը թելադրեն, գէշ բառով մը « կը հոտին » եւ ոչ ալ գրական զարդամոլը, աճպարարը, պատկերներու վրայ շահադիտողը ( Չրաքեան, Զարեան ) ։ Որքան շատ, մեծ, լայն տեսած է անիկա, « ընդ մէջ երկրի եւ երկնի »: Մովսէսի Սինան, Նիչէի Էնկատինը, Լինչի Արարատը կը գծուին իմ մտքին բայց շուտով կը ջնջուին, այնքան քիչ են արտաքին յաւակնութիւնները Գ . Յովսէփեանին մօտ ու այնքան շատ, իրաւ, ծանր՝ հայը, պարզագոյն իր խորհուրդովը: Որքան հզօր, անդիմադրելի անուններու թելադրանքները, այդ կատարէն դէպի վար որոնք պահուած են սակայն անհրաժեշտ սեղմութեան մը վրայ, չմատնելով գիտունը, ցուցամոլը, յատուկ անուններով զերծ անելու վարժուած մունետիկը: Ոչ մէկ զեղում, այսինքն անունին ետեւէն ողբ ու աշխարանք, եւ կամ աժան հպարտութեան ելույթներ, երբ կը կենանք ժայռերուն դիմաց ու անոնց կարծրութեան վրայ կը փորձենք կոփել մեր ճակատագրին գիծերը, հաւատալով որ իրաւ բաներ կ՚ըսենք երբ մեր ըրածը պատկերի, բառի խաղարկութիւն մըն էր: Ոչ մէկ մանր մաղում, այսինքն գիտական, պատմական մթերքի օգտագործում քանի որ լեռը մեզ արդէն վերցուցեր է անմիջական իրականութենէն ու մեզ դրած է քմայքին սահմաններուն: Ու վերելքին շարժառիթը՝ « Ի խնդիր Լուսաւորչի Կանթեղին », տետրակին ենագրութիւնը, պահուած է զգաստ, երբեք վիրաւորիչ յուզականութեան մէջ, ամրօրէն սանձահարուած։ « Գրական ո՞ր սեռին կը պատկանի սա ձեւը », պիտի հարցնէր պատգամապաշտ քննադատ մը։ Բայց դրէք ճամբու բոլոր սեռերը ու կեցէք իրաւ ապրումին աւագ պայմանին վրայ։ Ու տետրակին մէջ այդ ապրումները ոչ միայն իրաւ են այլ եւ խորունկ, որ ածական մը չէ հոս, այլ գիծը այն զգայութիւններուն որոնց վրայէն մենք կը հաղորդուինք մեր պապերուն։ Կը կարդաս ու հակառակ անոր որ ծանր վարժութիւններ քեզ կը պաշարեն հաստին, տափակին, անկնի ք ին, անանձնականին խորունկ սարսափովը քեզ սպառնալով, տետրակը Գ. Յովսէփեանին քեզ կը նուաճէ, ատեն չձգելով որ անդրադառնաս լեզուին, ոճին, բառերուն: Աս յ արդարանքը, սա ձգողութիւնը թերեւս փորձուիք ականատեսին ջերմութեան ստորադասել։ Բայց պարտաւոր էք մտածել միւս գործերուն ուր նման պայման էլ գոյութիւն չունի։ Ու իրողութիւն է որ ամենէն չոր նիւթն ալ, այդ մարդուն գրչին տակ կը գտնէ քաղցրութիւն մը, ընտանութիւն մը։ Հոս, այսինքն նիւթեղէն գետնի մը վրայ, այսինքն լերան մը գագաթին Գ. Յովսէփեան պաշտպանուած է մեր պատմութեան ամբողջական maitrise ովը։ Վստահ ես թէ այդ բարձունքէն, այդ մարդուն նայուածքը իր խոնարհման իւրաքանչիւր անկիւնին կրնայ դնել սիրական նօթը, գոյնը, շեշտը նոյնիսկ, այնքան անիկա այցորդ ճամբորդողը, նկարի, գիրի եւ ֆիշի սպասարկու հաւաքիչը չէ, հոն, այլ այդ տեղէն դիտուած ամէն անուն ապրեր է, տարիներով, մանկութենէն մինչեւ ալեւոյթ, պուտ պուտ առնելով անոնց հոգեղինէն, յօրինելու համար իրը, պատանին, երիտասարդ, չափահաս ։ Իր կենսագրութեան մէջ դրուագ մը սա կոչումը կը բացատրէ, գիտունի եւ գրողի բարդ կոչում Էջմիածինէն պտոյտով մը այդ վայրերէն, աշակերտութեան շ րջանին եւ իբր մատաղ ուսուցիչ երբ տղաքը կ՚անցնէ հայոց լեռներէն միասին։ Գրական սա յաջողուածքին թանկագին նպաստ մըն է պատմական դաս մը չըլլալն ալ որ բախտ ունէր տարօրէն խիտ ու թելադրական դառնալու: Յ. Գ. Մրմրեան Ծերենց լեռը ( անունին հեգնութեանը կ՚արժէ որ մեռնի ք) ոտատախտակ կ՚ընտրէ պատմութիւն հոլովելու: Արագածը, իրաւ լեռ մը, իր ոտքի աշխարհներէն ինչեր չունէր թելադրելիք։ Կարդացեր եմ նորագոյն Ամերիկացի գրողներ որոնք լրագրական reportageը մօտիկն են գրականութեան վերածելու։ Լինչ, Քէյզերլինկ, Մօրուա, Ժիտ, Օ. Մորան, կ՚այցելեն ինծի բայց կը քաշուին արագ: Արագածի կատարին ը ատոնցմէ ոչ մէկուն կը բաղդատուի ( բաւական խելք ունիք այդ վերագրումը զերծելու գրական կշիռի մը ծանրութենէն ) ։ Հայ գիրք մըն է, քիչ մը ամէն բանով խճողուած, բայց որ իրարու կը դառնային մեր ճակատագիրը, ներկայ (1925) ճնշումները, մեր լաւատեսութիւնը, մանաւանդ լեռան խորհուրդը, մեզղի ներշնչելու համար հէքիաթին ամբողջ սարսուռը, իմաստութիւնը: Այսինքն գիրքն է ան ուր երեւան կուգայ եթէ ոչ ոճի անառարկելի վարպետ մը, այլ առնուազն մարդը որուն տողերէն չենք վախնար որ պիտի մնան բառերու շարոց, առանց ապրումի, եւ ոլուն ապրումներուն աւելորդ, ծանր րոմանթիզմը ( Սրուանձտեանց ) կամ մանրամաղ գունախոյզ Երազանքները ( Չրաքեան ) կամ սրամիտ, ցոլցըլուն պատկերաշող սէնարիոն ( Կ. Զարեան ) պիտի չնեղեն մեր ընթերցումը։ Արագ, հաղորդական, իրաւ։ Դէպքերը, յուշքերը հոն կը հագնին կեանքին անմերժելի իրականութիւնը, նոյնիսկ երբ հազարաւոր տարի վարերէն կը կանչուին ( վասն զի ոգեկոչումը կա՛մ հռետորութիւն է կամ բանաստեղծութիւն։ Արեւելահայերը 1900 ին հիմնական կերպով մը վտարած են Քամար Քաթիպայի, Շահազիզի դպրոցին հռետորութիւնը Ու կեանքով բեռնաւոր էջերը կը դառնան մատներուդ ներքեւ մինչ մտքի առջեւ կտոր կտոր կը բրգանայ հայկական մեծ սարահարթը, ասոր կողերը, փէշերը, ասոնց պատսպարած իմաստի կեդրոններուն մթին հրապոյրովը, առոյգ ու տաք, այնքան տարբեր՝ սա հրապոյրը արեւմտահայ գրականութեան մէջ անընդունելի դարձած 1860 ի հռետորութենէն։ Էջերը կը դառնան ու անոնց հովին մէջէն, ծփանուտ ու ծիրանի՝ կը յառնեն հայոց պատմութեան ոչ միայն շքեղ անունները, այլ եւ հայոց աշխարհին անսասան, դարերը արհամարհող պաշտպան սուրբերը, հայոց լեռները, իբր անուն, իբր յիշատակ, իբր անհուն թելադրանք ու վստահութիւն։ Գ. Յովսէփեան, պատմութեան մարդ, գիտէ ըլլալ նաեւ ներկայի, այսինքն գործողութեան մարդ: Այս վարկածը լուսաւորող առանձին յաջողուածք մըն է Սեւանի վրայ ալեկոծութեան մը դրուագումը, իրաւ, ամփոփ, դասական շրջագիծով, հաղորդական ու ԺԸ. րդ դարու մանրավէպի մը նման թելադրական ու մեր օրերու պատերազմական պատմումի ոճին՝ տարօրէն տռամաթիք ։ Ու դուք թերեւս հազիւ կը կասկածիք պատմումը, այսինքն Գայլին ու Գառնուկին հանրածանօթ առակին յաջողական պատմումը մեզ կը վերածէ մեծագույն գրող մը ։ Պատմումին հետ առերս պարզող բոլոր նիւթերու վրայ սա յաջողուածքը, աստիճանական անշուշտ։ Գրական կենդանագիրները հասկնալի՝ որ այդ յաջողուածքին մէջ գային առաջին գիծի։ Բայց պատմական անձնաւորութեանց կենդանագիրներն ալ կը պահեն որոշ հրապոյր, նոյնիսկ գեղեցկութիւն։ Պռօշեանց տունին վերջին շառաւիղ Իսրայել Օրին տիրական յօրինում մըն է։ Պարագայական Օրմանեանը, այսինքն հրապարակագրական շատ յստակ նպատակներով գրուած pamphlet մը, դէպքերէն քառասուն տարի վերջ, մանաւանդ ասոնց շահեկանութեան h իմնովին շեղելէն վերջ. կը պահէ իր թարմութիւնը, այսինքն գրագէտ մը լրագրողէն, գիրի հասարակ գործաւորէն զատող ամենէն թանկ առաքինութիւնը, քանի որ գրագէտին ճակատագիր կ՚ընդունինք իրմէ վերջ ապրելու իր ընդունակութիւնը։

          Այդ տետրակը, 1920 ի հայ եւ թուրք պատերազմին զուգորդ իրողութիւններ կը բերէ մեր կսկիծին ։ Կարսի անկումին, ջարդին, թուրքին, մեր գերիներուն ու իր ալ գերութեան այլապէս տռամաթիք իրողութեանց խառնուրդ մը։ Հոս Դ. Յովսէփեան ոչ միայն նիւթէն չէ պաշտպանուած, իր պատմելիքը մեծագոյն ամօթներէն մէկն էր մեր տարեգրութեանց այլեւ չարաշուք ազդեցութեան տակն է տռամային։ Գ. Յովսէփեան մարդերը տալու իր եղանակը հոս պահած է անխուսափելի պարտութեան մէջ։ Պատիւ իրեն անշուշտ սա հաւաստումը: Բայց ինքը մէկն էր այդ գերիներէն։ Այսինքն 1915-18 էն վերջ անհուն ախորժակներով անպատիժ արձակուած գազաններու ճիրանին ինկած զոհ մը: Չէք զգար այս եղերականութիւնը, այսինքն Գ. Յովսէփեան չի շահագործեր զայն միշտ էֆէկտի համար: Ասիկա նոր պատիւ մը։ Աւելին, պատերազմական իրադարձութիւնները ինքնին թրթռուն են մեզ յուզող ջղային ծանր հոսումներով ։ Ամենէն հասարակ մարդուն իսկ գրիչին տակ մեծ պատերազմի մը դրուագումը կ՚ըլլայ ուշագրաւ։ Գ. Յովսէփեան կռիւը հազիւ թէ պատմած է։ Ջարդը թելադրած է ու անցած ։ Ժողովուրդը տեսած ու նկարած։ Բայց քանի մը գիծերով նուաճած է թուրքերը, զինւոր, սպայ, հրամանատար։ Աւելին։ Գտած է պահին ալ զուսպ tragique ը.

          Երբ այս հաւաստումներուն աւելցնէք Խոսրովիկի, Մեծոփեցիի, եւայլն, նախամուտ ծառայող էջերը, Այրարատի, Հասկի, Հայաստանեայց Եկեղեցիի, Տարազի, Անահիտին մէջ զանազան մենագրութեան մէջ գործածուած գրելու կերպը, դուք կ՚ունենաք մտատեսութիւնը Գ. Յովսէփեանի ոճին, նոր բառով մը գրուածքին ամուր, պարզ, հաղորդական, անմիջական, իրաւ: Որ կը գրաւէ, առանց նուաճելու, մեզի ձգելով ձեր ուշադրութիւնը, երբեմն նույնիսկ հալածուելու զիջումով մը, յագելու համար իր գերագոյն կիրքին պաշտամունքը,

          Ազատագրումը հայ ոգու ստեղծումին բոլոր նշխարներուն:

[6]        Այս դասաւորումը շրջուած ձեւով մը կը հաստատենք միւս Գարեգինին ( Սրուանձտեանց ) մօտ որ անկարող եղաւ արուեստագէտի իր խառնուածքը ենթարկելու գիտունին եւ այդպէս շրջուած վճարեց իր տուրքը հայոց մշակոյթին, այսինքն գողցաւ, մոռցաւ իր գիտունի պարտքէն շատ բան, ձգելով անշուշտ մեզի շատ թանկ գործ մը, այո՛, բայց որմէ իր գողցածին բաժինը պիտի չուշանաք աւաղելու, երբ միտքի առջեւ բերէք աշխատանքի իր շրջանակին, գէշ բառով մը՝ իր կալին ահաւոր ըն. դարձակութիւնը բաղդատուած ափ մը հողին Գ. Յովսէփեանին։ Արդ Գ. Յովսէփեան մէկ հատորով այնքան բան փրկած է որքան Սրուանձտեանց եօթը հատորով: Հեղինակը այս տարօրինակութեան՝ գրական խառնուածքին տիրակալումը Վանեցի վարդապետի մօտ որ լեցուցած է իր էջերը անձնական ապրումով, Յովսէփեանին այնքան խնամքով զսպուած։