Դ.
ՊԱՏՄԻՉԸ
ՀԱՅ
ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ
ԵՒ
ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ
Պարտաւոր
եմ
իմ
վերնագիրին
յանդգնութիւնը,
յաւակնութիւնը
մեղմել
Գ.
Յովսէփեանին
իսկ
բառերովը
որոնք
զմայլելի
պարկեշտութեամբ
մը,
գիտակցութեամբ
մը
կը
մնան
աւելի
ասդին
քան
համադրութեանց
արտօնած
արձակութիւնները:
Խօսեցայ
Խաղբակեանք
էն,
հոն
մուտք
ունեցող
իրաւ
մատենագիրներուն
առիթով։
Ու
հազիւ
թելադրեցի
թէ
այդ
մեծածաւալ
գործին
տիրական
նկարագիրը
կերպընկալ
արուեստի
յիշատակարաններուն
մեզի
մատուցումով
էր
պայմանաւոր:
Գիտենք
որ
մանրանկարչութեան
անտիպ
աշխատասիրութիւնը
նոյն
ոգիով
մատուցումներու
հանդէս
մըն
է։
Կարդացէք
նիւթեր
եւ
ուսումնասիրութիւններ
հայ
արուեստի
եւ
մշակոյթի
պատմութեան
ընդհանուր
վերնագրին
տակ
լոյս
տեսած
սա
գործերը։
ՊՐԱԿ
ԱՌԱՋԻՆ
–
1.
–
Վախթանգ
որդի
Ումեկայ,
2.
–
Իգնատիոս
մանրանկարիչ
եւ
Շոթոռկանց
տոհմը,
3.
–
Հաղբատի
դպրոցի
մի
գլուխ
գործոց
(Գետաշէնի
Աւետարանը):
ՊՐԱԿ
ԵՐԿՐՈՐԴ
–
1.
–
Կոստանդին
Ա.
կաթողիկոս,
2.
–
Մի
ձեռագիր
աւետարան,
3.
–
Դարձեալ
Իգնատիոս
Հոռոմոսցի
մանրանկարիչի
մասին:
ՊՐԱԿ
ԵՐՐՈՐԴ
–
1.
–
Պտղեվանքը
եւ
գմբէթաւորումը
հայ
տաճարների,
2.
–
Գերեզմանական
կոթողներ
եւ
նրանց
հնագիտական
արժեքը
հայ
արուեստի
պատմութեան
համար:
Այս
վերջին
պրակի
յառաջաբանին
մէջ
Գ.
Յովսէփեան
կը
գրէ:
…
«Մամուլի
տակ
է
Դ.
պրակը,
իսկ
Ե.
ը
պատրաստում
է»:
1944ին,
նա
յայտարարութի՜ւնը:
Դ.
պրակը
չեմ
տեսած,
ու
մտամոլոր
կը
հետեւիմ
Ե.
պրակին
ճակատագրին։
Գաղափարներու
զուգորդութեամբ,
Խաղբակեանք
էն
վերջ`
ա)
–
Օրպէլեանք,
բ)
–
Վաչուտեանք,
գ)
–
Զաքարեանք
անուններուն
մէջ
վարշամակուած
խորհրդաւոր
ուսումնասիրութիւններ
որոնց
խռովքը
տրտում
ու
տառապագին
ցաւի
մը
կը
փոխուի
իմ
մէջ,
Խաղբակեանք
ին
փաստէն
յօրինուած։
Ով
որ
այցելած
է
Վեհափառին
ու
կախած
յոգնած
նայուածք
մը
անոր
դարաններուն
հասակկին,
որոնց
իւրաքանչիւր
խորշին
–
աչքին
–
մէջ
այս
անունները
մսաւորող
նախանիւթերը,
մեծ
պահարաններու
մէջ
կը
քնանան,
սպասելով
յարութեան
կոչին,
ալ
չի
կրնար
մոռնալ
գանձին
հարստութեան
չափով,
հաւաքողին
անհուն
աշխատանքը։
…
«Կը
յաջողուի՞
մեզ
ամբողջական
դարձնել
գործը,
Աստուծոյ
կամքն
է,
մեր
կեանքի
տեւողութեան
եւ
գիտական
աշխատանքներով
զբաղուելու
յարմարութիւններից
կախուած
բայց
աշխատում
ենք
այդ
ծրագրով»
(ՊՐԱԿ
Գ.
յառաջաբան,
1944,
Ն.
Եորք)։
Այդ
թուականէն
ասդին
գրական–գիտական
սա
«աշխատանքների»
վրայ
աւելցուցած
է
Գ.
Յովսէփեան
ա)
–
Կաթողիկոսութիւն
Մեծի
Տանն
Կիլիկիոյ,
բ)
–
Անթիլիասի
Դպրեվանքը,
գ)
–
Կազմակերպութիւնը
հրատարակելի
գործերուն
։
Տուած
եմ,
նամակէ
մը
առնելով,
մինչեւ
1952
տարին
հասնող
աշխատանքներու
կարգացոյց
մը,
Մարդը
գլուխին
մէջ:
Այս
ամէնուն
միտք
բանի՞ն.
Ան
որ
Գ.
Յովսէփեսն
չարաչար
կը
վարուի
իր
հարստութեան
հետ:
*
*
*
Պարտքը
կը
զգամ
ընթերցողին
մտքին
մէջ
նորոգելու
իմ՝
փորձին
տարողութիւնը
որ
չի
կրնար
ծաւալիլ
ընդգրկելու
համար
հայ
մշակոյթին
տիրական
համայնքապատկերը,
ինձմէ,
ինչպէս
նիւթէն
բխող
պայմաններու
իբրեւ
հետեւանք:
Գրական
վերլուծումը,
երբ
իր
կալուածէն
դուրս
գետիններու
վրայ
կը
փորձուի,
յաճախ
բառ
մատուցանելու
մարզանք
մը
կը
դառնայ,
նոյնիսկ
ամենէն
հանգամանաւոր,
«պատրաստուած»
տեսաբանի
մը
գրչին
տակ:
Ծանօթ
էք
թերեւս
հիմնական
մէկ
պահանջիս
որ
գրական
քննադատութիւնը
կը
տեսակաւորէ,
զայն
ենթարկելով
բարքերու
թափանցումին
(այսինքն
անոր
մերժելով
ինքն
իրմով
գոյ
գեղագիտութեան
մը
օրէնքներէն
ղեկավարում
մը)
կամ
պատմութիւն
ընելու
պարտքին:
Այս
տեսակէտէն
քննադատը
որ
վէպ
մը
չէ
կարող
լաստակերտել,
պարկեշտ
բան
մը
կ՚ընէ…
լռելով
վէպի
մը
մասին։
Ու
ասիկա
այսպէս
միւս
սեռերուն
ալ
համար:
Ասոր
զեղծանումը
մենք
կը
հաստատենք
հայ
ճարտարապետութեան
վրայ
ծնունդ
առած
գրական
լայն
շահասիրութեամբ:
Այս
տողերուն
հեղինակը
ոչ
հնագէտ
մըն
է,
ոչ
բանասէր
մը,
ոչ
ալ
ճարտարապետ
մը։
Գրականութեան
պատմիչի
իր
դերը
կը
հաւատայ
թէ
կարող
է
արժեցնել
գրական
գործերու
վրայ:
Գ.
Յովսէփեանին
գործը
առաւելազանց
աստիճանով
մը
պատմա–գիտական,
հնագիտական,
անոր
մատչելի
է
ուրեմն
իր
այն
մասերով
ուր
կան
գրական
կենդանագիրներ,
մեր
ժողովուրդին
համայնապատկերը
թելադրող
իրացումներ:
Երկրորդաբար
կայ
հայ
մշակոյթի
եւ
արուեստի
պատմութիւն
ինքնին
քիչ
մը
խոշոր
տարազին
տակ,
այսօրուան
մեր
գտածին,
դրածին
նկարագիրը:
Աչքէ
անցուցէք
Գ.
Յովսէփեանի
գործերուն
ցուցակը:
Ձեր
ուշադրութիւնը
կը
գրաւեն
անուններ
որոնք
առաջին
անգամ
ըլլալով
գրեթէ
կը
մատուցուին
մեզի,
տոհմերէ,
գործերէ,
անձերէ։
Յետոյ
ուրիշ
ալ
նկատողութիւն։
–
Այդ
գործերը
կերպընկալ
արուեստի
իրագործումներուն
շարքին
մէջ
կը
մտնեն։
Տաճար
մը,
ոգի,
խորհուրդ,
գեղեցկութիւն
եւ
յոյզ
ըլլալէ
առաջ
նիւթեղէն
մըն
է,
որոշ
կերպարանքներու
հանդէս
մը,
ու
իբր
այս
մեզ
կը
դնէ
պարտքերու
դիմաց։
Առնուազն
ընդարձակ
աշխարհ
մը
կայ
անոր
ետին,
ժամանակին
մէջ
հետզհետէ
կերպափոխուող:
Այդ
ֆազ
երուն
իւրաքանչիւրին
կը
պատասխանէ
մասնաւորուած
զգալու
դրութիւն
մը,
նոր
բառով
մը
մշակոյթ
մը:
Բայց
տիրականը
այդ
դրութեանց
մէջ
պայմանաւոր
է
քարին
վրայ
գործադրուած
աշխատանքով
մը:
Ձեռագիր
մը
տաճար
մըն
է,
աւելի
պզտիկ
չափու
վրայ:
Մանրանկար
մը`
աշխարհ
մը:
Ու
շարունակելով
մտածումը
կը
գտնէք
որ
Սասանեան
կերպասի
կտոր
մը,
ոսկերչական
արուեստէն
առարկայ
մը,
կարասիններէն,
տէքօրաթիֆ
իրագործումներէն
իսկ
նմոյշներ
մշակոյթէ
պահեր
են,
աւերակները
կանգուն
կամ
կործան
խաչքարերը,
գերեզմանական
կոթողները,
բոլորը,
իրենց
կարգին,
անշուշտ
ունին
արուեստին
հետ
յարաբերանք:
Միւս
կողմէն
դիւցազնավէպ
մը,
քնարական
քերթուած
մը,
բերնէ
բերան
մեզի
հասած
մեղեդի
մը,
քանդակներ,
նկար
մը
այդ
յարաբերանքը
կը
հաստատեն
աւելի
յստակ
թելադրանքներով
(չեմ
գործածեր
օրէնք
բառը
որ
արուեստին
մէջ
բռնազբօս
բան
մը
կը
ստեղծէ)։
Ահա
թէ
ուրկէ՝
իմ
դժուարութիւնը,
–
Այս
ամէնը
համադրելու,
այս
ամենէն
հայ
արուեստի
եւ
մշակոյթի
հոլովոյթ
մը
մտատեսելու:
Աւելին։
Կրնայ
ըլլալ
որ
վաթսունէ
աւելի
տարիներ
նման
նիւթերու
վրայ
իր
սիրտը
պարպող,
միտքը
մարզող
աշխատաւորը,
Գ.
Յովսէփեան,
որեւէ
երկրորդէ
մը
աւելի
ուժով
մտատեսութեամբ
մը
ըրայ
ապրած
այդ
մշակոյթին
հրապոյրը,
հզօր
ձգողութիւնը։
Բայց
այդ
ամէնը,
դուրսէն
մարդու
մը
համար
կը
դառնայ
մռայլ
ճնշում
մը:
Մտքին
ճիգը,
անոնց
մէջ
նոյնութիւններ,
կանոններու
ուրուագիծ
մը
ճշդելու,
կը
վերածուի
ամուլ
ցաւի
մը,
ինչպէս
կը
զգանք
երբեմն
մթին
անտառէ
մը
ներս,
կամ՝
հերձափշուր
մարմարաստանի
դիմաց,
կուշտին,
անհեթեթին,
խորապէս
տգեղին
ու
անասնականին
նոյնքան
յայտարար
տեսարանէ
մը
ձեր
մէջ
արթնցող
արդար
զգայութիւնները
առաջնորդելու
համար
ուրիշներու
որոնք
մերն
էին,
են,
այս
անգամ՝
այդ
փայտէն
ու
այդ
քարէն
բխած
բայց
հանճարին
միջամտութեամբը
հսկայական
յիշատակարաններու,
շլացուցիչ
սպարանքներու
գեղագիտական
խռովքին
փոխակերպուած,
հիմնովին
մեր
միտքէն
ու
ջիղերէն
փարատելով
անտառներուն
մռայլանքը
եւ
քարհանքին
դեռատեսիլ
ծամածռութիւնները,
վայրագութիւնը:
Արուեստներու
պատմիչ,
գերագոյն
հեշտանքը
պիտի
ըլլար
խորանալ
Գ.
Յովսէփեանով
մթերուած
նախանիւթէն
ներս,
ճշդել
անոնց
վրայ
փորձուած
աշխատանքին
կշիռը:
Տեղը
եկած
է
յայտնելու
որ
այդ
աշխատանքներէն
ոմանք
կատարուած
են
օտար
լեզուներով
(Գերմաներէն
եւ
Ռուսերէն)
ու
կը
պատկանին
բարձրորակ
մասնագիտութեան
մը,
չափազանց
կարգ,
քանի
որ
պետութիւններու
գիտական,
պատմագիտական
եւ
հնագիտական
հիմնարկներու
պաշտպանութիւնը
կը
վայելեն:
Մատենագիր
եւ
հնախոյզ:
Ինչո՞ւ
չէ,
երբ
գիտենք
որ
գիրքէն
առաջ
է
գիրը,
թուղթէն
առաջ՝
քարը։
Բայց
ունի
գոյութիւն,
«այսպէս
ասած»,
պատմութիւն
հայ
արուեստի
եւ
մշակոյթի
անունով
կրթանք
մը,
իր
փաստերը
արժեւորած,
քաղաքացիութեան
իրաւունքին
տիրացած։
Թէ
այս
հարցումին,
դժուար
է
պատասխանը,
համակարծիք
եմ
ձեզի:
Բայց
կը
փորձեմ
հարցումը
հայոց
պատմութեան
ալ
վրայ:
Ու
պիտի
գտնենք
որ
հոն
ալ
դեռ
աշխատանքը
չէ
արդիւնաբերուած:
Նորութի՞ւն,
–
Հայ
մշակոյթին
պատմութիւնը
։
Այնքան,
որքան
է
թերեւս
քիչիկ
մը
աւելիով,
հայ
ազգային,
այսինքն
քաղաքական
պատմութիւնը:
Գաղտնիք
չէ
որ
հայոց
պատմութիւնը
խանձարուրի
մէջ
է
տակաւին
։
Անցողակի
խօսեցայ
Խորհրդային
Հայաստանի
մէջ
կատարուած
նուաճումներէն
(Մանանդեան,
Ադոնց,
նորագույն
դպրոցը
որ
հիները
շարունակելու
արարքը
չէ
վերածած
տրտմութեան,
ինչպէս
կը
պատահի
յաճախ
մանաւանդ
գրական
գետնի
վրայ
ուր
նորերուն
առաջին
փառասիրութիւնն
է
հիները
կործանել),
պատմական
ու
լեզուաբանական,
բանասիրական
աշխատանքներու
մէջ:
Մեթոտի
փոփոխութի՞ւն
մը,
–
այնքան
դարձեալ,
որքան
կայ
ասիկա
արեւելահայ
բանասիրական
դպրոցին
ընդհանուր
ուղղութեան
մէջ։
1700էն
ասդին
մեջ
մտաւորականութիւնը
–
այսօրուան
իր
իմաստէն
աւելի
ընդարձակ
առումով
–
առաւելագոյն
իր
ճիգը
գործածեց
ազգային
զարթօնքին
որ
քսաներորդ
դարում
կշռոյթով
քիչ
մը
տժգոյն,
բայց
երկու
դար
առաջ
ընդարձակ,
տարօրէն
լեցուն
յղացք
մըն
էր:
Կ՚անցնիմ
։
Զարթօնքին
շուրջ
մեր
կազմած
սա
մտապատկերը,
այդ
դարուն,
հարկադրաբար
քիչ,
չըսելու
համար
հազիւ
տեղ
մը
կրնար
տալ
հայ
մշակոյթ
տարազով
ընդգրկելի
այնքան
հարուստ,
բայց
այնքան
ալ
քիչ
բացուած
արարքներու,
իրագործումներու,
սեւեռումներու
(արդէն
1900էն
առաջ
բառն
իսկ
հանդիպելի
չէ,
այդ
մշակոյթին
կեդրոններուն
մէջ)։
Զարթօնքին
բոլոր
բանուորները,
գիտակցաբար
թէ
ոչ,
հարցը
չի
փոխուիր,
իրենց
ուժերուն
լաւագոյնը
յատկացուցած
էին
հետազօտելու
հայոց
լեզուին
պատմական
հարազատութիւնը,
կենսաբանութիւնը,
աւելի
թեթեւ
կիրքերով
մօտենալով
հայոց
պատմութեան,
աշխարհագրութեան,
հնախօսութեան
պարզ
պրոցէս
ին:
Հսկայական
ճարտարապետը
Ալիշան
շատ
լրջութեամբ,
խանդավառութեամբ
իր
աչքին
լոյսը
պիտի
չխնայէ
իր
պատմական
կառոյgներուն
ու
Հայապատում
ին
մէջ
միայն,
չկամ,
այսին
ք
ն
ոչ
տիրական
մղումով
մը,
հայոց
պատմիչներուն
վրայ
պիտի
ընէ
կենսագրական
ամփոփոյքներ,
երբ
ոչ
ոք
իրմէ
աւելի
հանգամանաւոր
կը
ներկայանար
հայոց
գրականութիւնը
պատմելու:
Հայ
մշակոյթին
հանդէպ
uա
այլամերժութեան
մoտեցնող
կեցուած
ք
ը
գուցէ
պատճառ
որպէսզի
անոր
մտայղացքը
շատ
ուշ
թանձրանայ։
Գ.
Յովսէփեան
1880ին
զայն
գտաւ
ազգագրական
հետաքրքրութիւններու
ձեւին
տակ:
Իր
Փշրանքները,
Սասմայ
ծռերը
ատոր
փաստը
կուտան։
Բանասէրներէն
ու
պատմիչները,
մինչեւ
1900
անշուշտ
ըրին
արդիւնաւոր
աշխատանք։
Ասիկա
արժեզրկել
կամ
ուրանալ
թէ՛
չտեսութիւն,
թէ՛
սրբապղծութիւն:
Բայց
թող
նե
րուի
ինձի
միւս
կողմէն
անվերապահ
ցաւ
ալ
յայտնելու,
այդ
ճիգէն
ներս
հիմնական
պակասի
մը,
–
ԱՐՈՒԵՍՏԻ
զգայարանքին
։
Արուեստը,
սակայն,
սա
տողերուն
վրայ,
ծեքծեքուն
ու
արհամարհելի
մենաշնորհը
չէ
կարգ
մը
իմաստի
ճարտարապետներուն
։
Չեմ
ալ
ակնարկներ
նոր
աղաւաղուած
միւս
թելադրանքին
որ
դժբախդութիւնը
պիտի
կազմէր
արեւմտահայ
նորասկիզբ
գրականութեան,
Վենետիկին
գէշ
ճաշակովը
պատուաստուած
պոլսեցիներուն
անդրանիկ
գրական
սերունդին
։
Արուեստը
խորունկ,
պարզազոյն
իրականութիւնն
է,
անկշռելի,
անտարազելի
ապրումներու։
Մշակո՞յթը:
Բաղդաւոր,
–
աւելի
յաւակնոտ
այս
բառն
ալ
Գ.
Յովսէփեան
հետը
չէր
բերած
անշուշտ
Գերմանիայէն
ուր
զառածումը
ահաւոր
էր
անոր
վարկին
։
Կը
զգուշանում
պատմական
շրջափոխութենէն
։
Հիմայ
աւելի
մեղմած
են
տարազին
ետին
մթերեալ
թելադրանքներուն
արժէքը,
յարգը։
Գումար
մըն
է
մշակոյթը
ու
իբր
այդ
իր
միութիւններուն
կը
մնայ
ինքզինքը
պարտական
։
Ու
կոտորակներն
ալ
կրնան
միաւոր
կազմել:
Հայ
մշակոյթի
միութիւններէն
ոմանց
տիրական
մասնագէտն
է
Գ.
Յովսէփեան:
Զինքը
գերազանցող
չունիինք
մէկէ
աւելի
կալուածներու
վրայ
(դուք
գիտէք
որոնք)։
Անիկա
Տաշեանին
համապատիւ
երախտիքէ,
ձեռագիրներու,
յիշատակարաններու,
նա
խանիւթերու
իբրեւ
հաւաքիչ,
դասաւորիչ,
յարդարիչ:
Իրմով
կը
սկսի
երրորդական
նկատուած
տուներու,
տոհմերու
մենագրական
վերարտադրումը,
խստապահանջ
կերպով
մը
–
արքայական
եղանակի
մը
մէջէն
որուն
արդար
է
մեթոտ
բառը
գործածել։
Չեմ
ի
վիճակի,
վճռապէս
կշիռը
գործադրելու
ամբարուած
նախանիւթին
(քանի
որ
Յովսէփեանի
գործին
կէսէն
աւելին
չեն
իջած
հրապարակ),
բայց
տպուածին
համար
որակէ
ու
քանակէ
բազմազանութիւն,
նորութիւն
առաւել
քան
տպաւորիչ
կը
հանդիսանան:
Տակաւին
ունիմ
խօսելիք
–
հիմնական
ձգտումէն
որ
մարդու
կեանքը
կը
տեսակաւորէ:
Ու
Յովսէփեան
այդ
հիմնականը
տարազած
է
–
պատմութիւն
հայ
մշակոյթի
եւ
արուեստի
արտաքնապէս
խոշոր,
բայց
ներքնապէս
արդար
յորջորջումով
մը։
Մեր,
այսինքն
պարզ
մահկանացուներուս
հասկացողութեամբը,
այն
ձգտումը
արտայայտութեան
հետազօտումն
է
հայ
ստեղծագործ
ոգուն:
Ու
տարակոյսը,
որ
չ՚ուշանար
երբ
դէպքերը,
մանաւանդ
մեջ
ազգային
պատմութիւնը
դնենք
քննութեան
սեղանին:
Հայ
մշակո՞յթը:
Օն,
անդր
։
Ու
իր
պատմութի՞ւնը:
Ու
ասոնցմէ
անդին
հայ
ստեղծագործ
ոգուն
համադրո՞ւմը
։
Մի
աճապարէք:
Ձեզի
ըսուած
է
որ
Գ.
Յովսէփեա
ն
առարկայօրէն
գործող,
հաստատ
գետնի
վրայ
յառաջացող,
առանց
ապացոյցի
–
այսինքն
նիւթեղէն
վկայութեան
–
իրողութիւնները
չընդունող
աշխատաւոր
մըն
էր,
այսինքն
ամէն
արկածախնդրութեան
հանդէպ
ինքզինքը
պաշտպանել
ուզող
մէկը:
Ուշագրաւ
է
որ
տեսութեան,
վարկածին,
անդրիրական
հետեւութիւններուն
նշմարները
չափազանց
քիչ
ըլլան
իր
կառոյցներուն
մէջ։
Գ.
Յովսէփեան
այս
կերպ
իմացական
ախորժակներ
երբեք
չէ
պարզած
ոչ
առնշուշտ
միայն
անոր
համար
որ
ին
ք
զինքը
գերմանական
պատրաստութեամբ
գիտուն
մը
կը
դաւանի,
այլ
նիւթեղէին
անբաւ
առատութենէն
ալ
հաւանաբար
զգաստութեան
կանչուած
։
Ինչ
կարիք
ենթադրութեան,
երեւակայութեան,
յերիւրանքի
կամ
նորոգ
յօրինման
նոյնիսկ,
երբ
համոզուած
է
որ
իր
նման
տասը
մարդոց
ութսուն
տարիներն
իսկ
քիչ
կուգան
մեր
պապերուն
մեզի
ձգածը
ցուցակագրելո՜ւ
։
Կը
հասկնա՞ք
այս
փաստը
։
Միւս
կողմէն
Գ.
Յովսէփեան,
իր
մատներուն
ապահովութեան
չափովը,
գիտէր
հայոց
պատմութեան
–
տպուած
մասը,
այսինքն
մեր
բոլոր
մատենագիրներէն
հրատարակուածը
–
ու
ձեռագիր
հայ
մթերքին
մէջ
–
ինք
կը
ճանչնայ
գրեթէ
բոլոր
հայ
ձեռագիրները
–
երեւցած
մեծ
ու
պզտիկ,
մէկ
անգամ՝
միայն
յիշուած
բոլոր
անունները։
Կը
մտածեմ
Ալիշանին,
իր
յիշողութիւնը
մօտեցնելու
համար
կշիռի։
Մխիթարեան
Վարդապետը
կը
շարունակուի
Էջմիածնական
վարդապետին
մէջ,
կրթանքներու
ու
կարողութեանց
մերձաւոր
հանգիտութեամբ
մը։
Գիտէք
թէ
հայագիտութեան,
Գ.
Յովսէփեանին
տարազովը`
հայրենագիտութեան
մէջ
աստիճանները
տարբերացման՝
որն
ի
նպաստ
կը
խօսին:
Ահա
թէ
ինչու
չեմ
վարանիր
ծանր
յուզումով
դիմաւորել
Յովսէփեանի
եռանդը
որ
վատնուած
է
այդ
հայրենիքին
գիտական
գիտութեան,
եթէ
չէք
նեղուիր
բառէն:
Հայոց
գրաւոր
արտայայտութիւնը
չունի
անոր
համար
ոչ
մէկ
անայց
կողմ,
անկիւն
նոյնիսկ:
Ու
հայոց
աշխարհին
ամենէն
բանաստեղծական
մէկ
մասը
անոր
կողմէ
ենթարկված
է
մանրամաղ,
ամբողջական
սպառիչ
ուսումնասիրութեան
մը,
ամբողջութեամբ
մը
տրամադրելի
միջոցներու,
մատ,
ոտք,
աչք,
հոգի,
գործիք
(նկարելու):
Անցեալին
եւ
ներկային
սա
մշտական
փոխանցելիութիւնը,
ուսումնասիրութեան
մէջ
հիմնական
ծրագրին
ներկայութիւնը
փոխադարձ
պաշտպանութիւն
մը
կ՚ընծայեն:
Այս
պաշտպանութիւնը
գիտութեան,
փաստին,
տօքիւմենտին
ապահովութեամբը
միայն
չ՚երաշխաւորուիր
։
Անիկա
մանաւանդ
կը
սնանի
ներքին
սրտառուչ
հուրքէն
։
Ալիշանի
պատկառոտ
հիացումը,
Սրուանձտեանցի
փղձկուն
տարփանքը
այդ
հայրենիքէն՝
Յովսէփեանին
մէջ
կը
ստանան
ցանկալի
դաշնութիւն
մը,
ընտանութիւն
մը,
պարզ
ու
քաղցր
հպարտութիւն
մը,
մեր
օրերու
մեր
նահանջէն,
սուգէն,
կորուստներէն
մեզ
ազատագրել
ձգտող:
Յետո՞յ:
Այս
ինքն
յաւակնութիւննե՞րը՝
այս
ամ
էնուն
վարդապետական,
գեղագիտական,
պատմա–իմաստասիրական
զրահանքներ
ճարելու,
որպէսզի
պատրանքներ
ստեղծէ
մտածողի,
դիտաբանի։
–
Ոչ
իսկ
փշրանք
մը:
Մեր
պապերուն
գովքն
իսկ
անիկա
վերածած
է
հանդարտ,
տրտում
երախտագիտութեան
մը:
Ու
մեծ
բան
է
ասիկա:
Մեր
օրերուն,
շատ
քիչերու
պիտի
ներէինք
սա
յաւակնութիւնները,
հայոց
մշակոյթը
եւրոպական
տեսութիւններու
մեթոտով
համադրելու:
Գ.
Յովսէփեան,
իր
անհուն
աշխատանքին
գոհացած
է
տալով
պարզագոյն
տարազը՝
–
Նիւթեր
հայ
արուեստի
եւ
մշակոյթի
պատմութեան,
զմայլելի
համեստութեամբ
մը,
պէտք
է
կրկնել։
–
Շատ
ու
շատ՝
վիթխարի
աշխատաւորը,
սա
պարկեշտութեան
մղող
պատճառները:
Չեմ
բացուիր:
Կը
կենամ
ասմենէն
կարեւորին
առջեւ,
–
Գ.
Յովսէփեանին
իմացական
կազմութիւնը
իրեն
ծանրութեան
կեդրոն
ունէր,
ունեցաւ
գիտական,
ամեն
բան
ճանչնալու,
ամեն
բան
սորվելու
իր
ախորժակը
որմէ
եթէ
չոր
հաւաքիչ
մը,
ստերջ,
ինքնուբաւ
բանասէր
մը
չաճեցաւ
մեր
գլխուն,
այս
բարիքը
շնորհն
էր
այդ
միտքին
միւս
մասերուն,
ասոնց
յօրինուածութեան
։
Գիտո՞ւն
մը:
Անտարակոյս:
Գրագէ՞տ
մը:
–
Ատոր
ալ
կան
վկայաթուղթերը
որոնց
կը
մօտենում
քիչ
անդին
։
Հիմա,
ունեցէք
սա
ցուցակը,
մեծածաւալ
անոր
գործէն
առնուած,
ընտրովի,
1.
–
Սասմայ
Ծռեր,
2.
–
Փշրանքներ
(ժողովրդական
բանահիւսութիւնից)
3.
–
Ռոստոմ
–
Զալ,
4.
–
Ձագավանից
ժողովը,
5.
–
Խոսրովիկ
Թարգմանիչ,
6.
–
Ստեփանոս
Սիւնեցու
«ՄԵԿՆՈՒԹԻԻՆ
ՉՈՐԻՑ
ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՑ»
(անտիպ)
7.
–
Մեծոփեցի,
Օրմանեան,
Նահապետեան,
Դաւիթ
Հարքացի
եւ
Պիտոյից
գիրք,
Ս.
Էջմիածնի
պատկերագրութիւնը
Սիմէոն
Կաթողիկոսի
ժամանակ,
պատմութիւն
Յովհաննու
Մայրագոմեցու,
Էջմիածնի
մեծ
խորանի
ասեղնագործ
վարագոյրը,
Սասանեան
կերպասի
կտոր,
Եղիշէ
Թադէոսեանի
էթիւտների
ցուցահանդէս,
Ագապի
հաստատութիւնը
Հայոց
Եկեղեցւոյ
մէջ,
Հին
հայոց
դրամներ,
Հայկական
ձեռագիրներու
ցուցակին
ատլասը
(Ստրիչկովսքի),
այսինքն
բոլոր
կարեւոր
հանդէսներու
մէջ
լոյս
տեսած
գրութիւններէն
ընտրուածներ
որոնցմէ
ոմանք
այս
տարի
հատոր
կազմեցին
Դէպի
Լոյս
եւ
Կեանք
վերնագիրին
տակ։
8.
–
Մխիթար
Սասնեցի,
Մխիթար
Այրիվանեցի,
9.
–
Հայ
մանրանկարչութեան
լիակատար
քարտէզ
(անտիպ),
10.
–
Հայ
ձեռագրաց
յիշատակարաններ
(հինգ
հատոր,
անտիպ)
11.
–
Նիւթեր
հայ
մշակոյթի
եւ
արուեստի
պատմութեան
(եռահատոր)
12.
–
Խաղբակեանք
(եռահատոր)
13.
–
Ազիզբեկեանք
14.
–
Զ.
դարու
հայ
արուեստի
լուսաբանութիւնը
(Գ.
պրակը՝
Նիւթեր
եւ
ուսումնասիրութիւններ
)
15.
–
Արագածի
կատարին,
կյանքիս
ամենին
դժբախտ
օրը,
16.
–
Հաւուց
Թառու
Ամենափրկիչը
Ու
հարցուցէք
դուք
ձեզ
–
Ո՞ւր
է
այս
ամէնը
իրարու
ընծայող
միութեան
գիծը:
Այս
հարցականին
բազմաթիւ
են
ազդակները,
հետեւանքները:
Ամենէն
առաջ
սա
զանազանութիւնը
արդար
հեղինակ
մըն
է
քեզ
կասկածի
մղող:
Կասկած`
բանասէրէն
ու
ասոր
զուգորդ
ամուլ
հաւաքապաշտէն
։
Կասկած՝
ամեն
բանի
հետամուտ
որով՝
ծանծաղ
շատաբան
մունետիկէն
։
Կասկած
նոյնիսկ
շառլաթանէն,
չգիտցածէն
խօսողէն,
նետող–բռնողէն։
Ուրախ
եմ
ու
հպարտ
ըսելու
համար
որ
ձեր
կասկածները,
թերեւս
արդար,
ձեր
ներսը,
դառնագոյն
փորձառութիւններով
գոյացած,
անհարկի,
անիմաստ
են
Գ.
Յովսէփեանի
գործին
դիմաց
որուն
միակ
մեղքը
թերեւս
իր
չափազանց
նորութիւնն
է,
հնագիտական,
պատմագիտական,
գեղարուեստական
գետիններու
վրայ
ու
կ՚արդացուիլը
՝
տպաւորապատ
էջերու
վրայ:
Այսքան
հմտութիւն
ոչ
մէկ
տեղ
կը
վերածուի
բետան
հետաքրքրութեան,
աւելորդ
բանավէճի,
արկածային
փչողաբանութեան:
։
Կանխող
գլուխին
մէջ,
ԽԱՂԲԱԿԵԱՆՔ,
Գ.
Յովսէփեանի
ամենէն
խնամեալ
ու
ամբողջական
աշխատասիրութիւնը,
ու
իբր
այդ,
առ
այժմ
իր
գլուխ–գործոցը
(քանի
որ
լոյս
չտեսած
գիրքերու
փառք
մը
չես
կրնար
ապառիկ
չարձանագրել),
փորձը
ըրած
եմ
Գ.
Յովսէփեանի
եթէ
ոչ
մեթոտը
վերլուծելու,
գէթ
թելադրելու
այն
տիրական
գիծը
օրով
կը
յատկանշուին
իր
անունը
կրող
բոլոր
երկասիրութիւնները։
Անհուն
բաւիղին
մէջէն,
Արիանի
թելին
նման
անցնող
միտքի
ուղղութիւն
մը,
որ
մեր
անհանգիստ,
շուարուն
հետաքրքրութիւնը
կը
պաշտպանէ
զառածումէ
։
Հարստութեան,
յորդութեան
զգայութիւնները
իրենց
կարգին
կը
դառնան
անվտանգ,
քանի
որ
հռետորական,
արկածախնդրական
ոչ
մէկ
փափաք
հատորները
կ՚ուռեցնէ
։
Այնքան
շատ,
այնքան
տարբեր
տարրերէ,
այնքան
հեռու
շրջաններէ
կտոր
կտոր
ճարուած
սա
խճանկարային
(Mosaique)
արդիւնքը
քաջալերիչ
չէ
անշուշտ,
ոչ
ալ
նուաճող,
ինչպէս
կ՚ըլլան
մեծ
արուեստի
որմանկարները,
լիալիր
նկարները:
Բայց
չի
դադրիր
դարէ
մը,
ոգիէ
մը
խօսելէ,
նոյնիսկ
վկայելէ
։
Մանրանկար
մը
երբեմն,
յուզիչ
է,
թելադրիչ
է
լման
պալատի
թեւ
մը
ներկող
նկարի
աստիճան,
մանաւանդ
երբ
առնէք
նկատի
ընկալուչ
մտքի
տրամադրութիւնները:
Այս
մէկը
պիտի
խանդավառուի
խոշորով,
պոռոտով,
մեծղիով
։
Ան
միւսը՝
սուրբով,
թեթեւով,
վտիտով
։
Վերի
ցուցակով
նուաճուած
նիւթին,
ձգտուած
ձգտումներուն,
վատնուած
սիրտին
բաժինները
առանձին
առանձին
վերլուծել
–
կը
նշանակէ
հայ
պատմութիւնը,
արուեստը,
հոգեբանութիւնը,
ամբողջական
զգայութիւնը,
միտքն
ու
սիրտը
բերել
քննութեան
լոյսին:
Ինչ
որ
արեւելահայ
Զարթօնքին
մեծ
գործաւորները
նկրտեցան
իրագործել,
Գ.
Յովսէփեան
ընդունեց
իբր
հանգանակ
ու ...
աւելցուց
ԻՐԸ
։
Անոր
պատկանածը
դժբախտաբար
յստակ
կերպով
շրջագծերի
իրականութիւն
մը
չէ։
Չէր
կրնար
ըլլալ:
Բայց
է
թանկագին,
թերեւս
աւելիով
իսկ,
որ
քան
մեծ
այդ
դպրոցին
իրագործումները
եղան
դարու
մը
հասակով։
Ես
չունիմ
ժամանակ,
ու
ձեռնհասութիւնն
ալ,
այդ
աւելին
բացատրելու
համար
կշիռի
զարնելու
ուրիշներէ
կատարուածը:
Ու
ներեցէք
ինձի
որ
մնամ
զգոյշ,
վերի
ամփոփ
ցուցակէն
այն
միութիւններուն
վրայ
ուր
Գ.
Յովսէփեան,
իրմով
առաջին
անգամ
սեւեռուած
փշրանքներուն
տեղեկաբերն
է
դարձած,
վատնելէ
վերջ,
որոնք
գտնելու
համար
ծանր,
սպաննող
սպառում
հայոց
պատմութեան
հնախօսութեան,
կերպընկալ
արուեստի
այնքան
բազմազան,
ընդարձակ
հարցերը
լուսաւորել
ձգտող
հարցերը:
Ոչ
ոքի
մօտ,
մեր
բանասէրներէն՝
արուեստի
նիւթերու
շուրջ
սա
յուզիչ
տագնապը
։
Համաձայն
էք
ինծի:
Բայց
դարձեալ
ոչ
ոքի
մօտ,
մեր
բանասէրներէն
տաքուկ,
սրտամօտ
հաւատաւորութիւն
մը
այդ
արուեստին
արժէքէն,
մանաւանդ
դերէն
։
Գերութեան
շրջանի
բանուորներուն
նկարագիրը
կ՚ըլլայ
աւելորդ,
նոյնիսկ
խորանարդեալ
հպարտութիւն
։
Գ.
Յովսէփեան
մեր
նախնիքը
գոհացնելու
համար
չէր
որ
ձեռնարկեց
իր
գործին
(Ալիշան)։
Ոչ
ալ
Րաֆֆիին
նման
ունէր
աւելի
արդիական,
ծանր
մտահոգութիւններ,
մեր
ներկայ
տագնապանքը
դիմաւորել
ձգտող։
Գիտուն
մըն
էր,
բայց
ոչ
աստեղային։
Իւմանիստ
մըն
էր,
բայց
ոչ
անցելապաշտ:
Գրագէտ
մըն
էր,
բաւյց
ոչ
սնապարծ
փառասէր
մը,
կամ
կատաղի
մարգարէ,
գալիքներով
խենդեցած
։
Այս
վերագրումները
կը
դադրին
գրական
այսինքն
ճարուած
ըլլալէ,
երբ
անդրադառնաք
անոր
օրերուն
։
Գտաք
զայն
վաթսունէ
աւելի
տարիներու
վրայ,
եկեղեցականի
իր
կոչումին
հաւատարիմ:
Գտաք
զայն
հոն
ուր
ամենէն
աւելի
դժուար
կ՚երեւան
մեր
եկեղեցականները
երբ
մասնաւոր
կիրքով
մը
չեն
մղուած
այդ
տեղուանքը
(Սրուանձտեանց):
Ու
կ՚ունենանք
տարօրինակը:
Այսինքն
գործը
որ
կը
խօսի
բարձրագոյն
հետաքրքրութեանց
ինչպէս
նախնական
հոգիներուն:
Իրերանցիկ,
անձնանալէ,
խորանալէ
աւելի
լացող,
ընդհանրացող
սա
եղանակին
(գրելու)
բարիքը
թերեւս
նուազ
կիրքով
մը
գնահատուի
մասնագիտացած
գիտունէն
կամ
պատմիչէն,
ու
չհասնի
միջին
ընթերցողին
որ
առաստութեան
դիմաց
շատ
շուտ
յոգնող
արարած
մըն
է,
մանաւանդ
երբ
այդ
առատութիւնը
նիւթեղէնին
գետինէն
կը
ճարուի,
գործօնութեան
քիչ
բաժինով
մը։
*
*
*
Գ.
Յովսէփեանի
գործին
ամենէն
նոր,
անձնակակնիք,
անփոխարինելի
մասերը,
որոնք
համեստուկ
տիտղոսով
մը
պաշտպանուած
են
–
Նիւթեր
հայ
արուեստի
եւ
մշակոյթի
պատմութեան
–
կը
նկատեմ
դուրս
իմ
ձեռնհասութենէն։
Ասիկա
ոչ
համեստութիւն
է
ոչ
ալ
անկարողութեան
խոստովանութիւն
մը,
երբ
այնքան
շատ
է
թիւը
մարդոց
որոնք
իրենց
կալուածէն
դուրս
բաներու
վրայ
շահարկումը
կը
գործադրեն
լայն
հեշտանքով:
Նկարիչ
մը,
քանդակագործ
մը,
ճարտարապետ
մը
հարիւր
անգամ
աւելի
իրաւ
են,
որը
կը
խօսին
իրենց
մասնագիտութենէն
քան
մեծագոյն
մտածողները,
հանրահամբաւ
գրագէտները
նոյն
այդ
նիւթերուն
վրայ
մեծատարած
աշխատանքներով։
Բայց
նոյն
ատեն,
միութեան
այն
գիծը
զոր
փնտռեցի
քիչ
վերը,
արդիւնքէն
ընտրուած
ցուցակի
մը
առջեւ,
ինքնին
բաց
պահանջ
մըն
է
մեզի
պէս
profaneներու
կողմէ։
Գ.
Յովսէփեանի
գործերուն
մէջ
լիքն
են
հայ
արուեստին
բազմաթիւ
սեռերը
շահագրգռող
ափերով
նորութիւններ։
Մառի
հետ,
անիկա
յաջողած
է
չորրորդ
դարու
յունագիր
արձանագրութիւն
մը
երեւան
հանել
Տրդատի
Թախտ
կոչուած
տեղէն,
որմէ
խօսեցայ
առաջ
։
Իր
մենագրած
տոհմերը
ստոյգ
կորուստին
վիհէն
վերբերուսծ
պայծառ
կառույցներ
են:
Իր
սրտազեղ
համբերութեամբ
մը
աւերակներէն
հաւաքուած
վկայութիւնները
միշտ
անփոխարինելի։
Այո:
Այս
ամէնուն
տիրական
նկարագիրը
կը
մնայ
շեշտօրէն
պատմագիտական,
հնագիտական,
բանասիրական
նույն
իսկ,
որուն
վերլուծումը
տարօրէն
կը
բարդացնէր
իմ
պարզ
փորձը:
Մշակոյթի
պատմիչի՞
մը
համար:
–
Սպասելով
որ
այդ
մշակոյթը
իր
մեծ
կերպարանքները
ազատագրէ:
Մինչ
այդ,
մեր,
աւելի
իմ
ընելիքը
հետամուտ
ըլլալ
ընդհանրութեանց
որոնք
Գ.
Յովսէփեանի
գործէն
–
միշտ
շեշտօրէն
գիտական
–
ըլլային
օգտագործելի
գիտութենէն
վեր
ալ
փառասիրութեանց:
Ըսի
թէ
հայ
արուեստի
յղացք
մը
ի
վերջոյ
ինքզինքը
կը
պարտադրէ
ձեր
մտքի,
երբ
հարիւրաւոր
մանրանկարներու
պատկերները
կամ
բացատրական
նկարագրութիւնը
աւարտէք
այդ
վաստակէն
։
Ի
վերջոյ
Խաղբակեանք
ը
ոչ
միայն
շրջան
մըն
է
հայոց
պատմութենէն,
այլեւ
հայ
շատ
քիչ
տեսնուած
interier–ներէն,
որու
ապրումներէն
որոշ
ալպոմ։
Ի
վերջոյ
Արագածի
կատարին
ը
ոգեկոչական
ծանր
տուրքերով
ու
բախուն
դրուագում
մըն
է։
Ասոնք
հաստատ,
համոզմամբ
ըսուած
խօսքեր
են:
Բայց
ասոնցմէ
անդէ՞ն
։
Այսինքն
հայ
մշակոյթին
վճռական
տեսաբա՞նը:
–
Թերեւս
սա
հարցականին
պէտքը
չի
դառնար
զգալի,
երբ
լոյսին
գան
ծանր,
տիրական
մեծածալ
անտիպները
որոնք
մեր
արուեստն
ու
պատմութիւնը
մօտէն
կը
շահագրգռեն
։
–
Թերեւս
պիտի
հաշտուէիք
հեղինակին
իսկ
առաջադրութեան,
չըսելու
համար
փառասիրութեանն,
որ
անմիջական
փրկութիւնն
է
կորուստի
եզերլը
իջած
նշխարներուն։
Բայց,
ատոնցմէ
ալ
անդին,
–
Այսինքն
։
Գ.
Յովսէփեանի
միջոցներով
վերջնականապէս
կերպարանուա՞ծը,
սեւեռուա՞ծը,
այն
անփոխարինելի
շահը
որով
անուն
մը
կը
յանձնուի
պատմութեան
ու
կը
դիմանայ։
Չտնտնայով
վաղը
իրագործելի
հայ
մշակոյթի
պատմութեան
մը
հեռապատկերին
համար,
երբ
ուզենք
յստակ
կաղապարներ
ունենալ
տրամադրելիի
հանուա՛ծ՝
այդ
վաստակէն,
մեզի
ներկայացող
ամենէն
ծանր
իրողութիւնը
հայոց
պատմութիւնը
ընդարձակելու
ճիգն
է
դէպի
հայ
մշակոյթը:
Ու
ասիկա
կը
նշանակէ
հոգեղէնը,
հանուած
մեծամթերք
նախանիւթէն
։
Երբ
կ՚ուսումնասիրէք
Թորամանեսսնի
գործը
հայ
ճարտարապետութեան
վրայ,
դուք
կը
հանդիպիք
վիճելի,
դուրսէն
բռ
ն
ադիր
անխուսափելի
մասերու:
Բայց
երբ
հատորը
կ՚աւարտէք
այ
դ
քաոսին
տեղ
ձեր
մտքին
պայծառակերպ
կը
պառկի
ամբողջին,
ամբողջական
եւ
մտատեսութիւնը,
իրաւ
է
թէ
անբաւարար
պայծառութեամբ,
բայց
հայ
ճարտարապետութեան
ոգիին
վրայ
հիմնական
իւրացումներով։
Մի
մոռնաք
որ
աւերակէ
յառնող
ամէն
կառոյց
քիչիկ
մը
վիրաւոր
է
հարազատութեան
տեսակէտով
։
Կրնանք,
առնուազն
սխալ
հաշուած
ըլլալ:
Կուտամ
ուրիշ
օրինակ
մը,
թերեւս
քիչ
մը
աւելի
համոզիչ:
Միջնադարէն
մեր
բանաստեղծութենէն
Ա.
Չօպանեանի
հաւաքումները,
մեկնութեան
փորձերը,
վարկածները
ու
համադրական
փառասիրութիւնները,
որքան
ալ
խնդրական,
անբաւարար՝
մանաւանդ
պատմական
թափանցումի
գետինին
վրայ,
շեմաթիք
ձեւով
մը
դարձեալ
կուտան
մեզի
այդ
բանաստեղծութեան
զգայութիւնները:
Երկու
աշխատաւորներուն
վաստակը
կը
նշանակէ
թէ
յանգած
է
իր
փափաքելի
արդիւնքին
։
Երբ
կ՚աւարտէ
ք
Գ.
Յովսէփեանի
գործին
ուսումնասիրութիւնը,
ձեր
մտքին
մէջ
տիրական
տեսութի՞ւն
մը:
Ուրիշ
խօսքով
ճի՞շտ
է
օրակարգի
անցած
ասացուածը
որուն
համեմատ
Գ.
Յովսէփեանի
անունը
գօնեքս
ձեւով
մը
կը
մնայ
կապուած
հայ
մանրանկարչութեան,
հայ
արուեստի
պատմութեան
ծանրածանր
յղցաքներում:
Ու
տարածելով
հարցականը
աւելի
անդին
կա՞յ,
այդ
գործէն
արտահանելի
առնուազն
Թորամանեանի,
Չօպանեանի
մտատեսութիւններով
համադրուիլ
փորձուած
արուեստի
տեսութեանց
դրութիւն
մը
որով
գոնէ
Ժ.
–ԺԵ.
դարերու
մեր
մշակոյթը
հագնէր
սեպհական
կերպարանք:
Հարցումին
չի
յաջորդեր
պատասխանը
։
Նիւթը
ատաղձն
է
շէնքին,
բայց
շէնքը
չէ։
Ու
ձեր
զգայութիւնները,
Գ.
Յովսէփեանի
գործին,
երբ
կը
փորձէք
մտածման
փոխակերպելու,
տարտամ
մը
կը
պաշարէ
ձեր
միտքը:
Ինչո՞ւ:
Թորամանեանի
գիրքը
կը
սնանի
զոյգ
աղբիւրներէ
։
Ատոնցմէ
մէկը
իր
ուժը
կ՚առնէ
հայոց
պատմութեան
ամենէն
աւելի
վկայութիւններով
հարուստ
շրջանէ
մը։
Մեր
քրոնիկներն
են
այս
վկայութիւնները:
Երկրորդ
աղբիւրը,
աւերակներ
՝
աւելի
հաւատարիմ,
անոր
մատուցած
է
անգնահատելի
բարիք։
Յետոյ
կայ
ճարտարապետական
հոգեբանութեամբ
մտածող
տարրեր,
ինչպէս
ուրիշներ
ուր
շինելու
արուեստը,
գերմաններուն
Baukunstը,
կը
գտնենք
այլակերպ,
չըսելու
համար
այլասերած։
Դարը
ուր
կ՚ապրիք,
կը
պատկանի
այս
վերջիններուն
։
Մեր
օրերուն
չեն
պակսիր
անշուշտ
հսկայական
կառոյցներ
(հակառակն
էր
որ
պիտի
ըլլար
ճիշդ),
այլ
այդ
կառոյցներուն
հոգին,
հիմնովին
տարբեր
ճարտարապետական
զգայութեամբ
դարերու
հոգիէն։
Թորամանեանի
աշխատանքը
ուրեմն
կը
նպաստաւորուի
ամենէն
քիչ
մաշած
ապրումներէ։
Աւելորդ
է
պալատները,
Մ
ա
յր–եկեղեցիները
հասկանալ
մանաւանդ
մեր
մէջ,
իրենցմէ
վեր,
դուրս
լոյսերու
միջոցով
։
Մեր
ժողովուրդին
նախաւոր
երկու
կարգերը,
իրենց
ուժին
լիութեան
մէջն
էր
որ
ոտքի
նետեցին
մեր
ճարտարապետութեան
իրաւ
ու
մեծ
յաջողուածքները,
–
արքունի
պալատները,
որոնցմէ
շատ
քիչ
բան
է
ազատած,
Եկեղեցիները,
որոնք
դիմացած
են,
թերեւս
իրենց
թիւին
շատութեամբը,
կամ
ծծած
հոգեղէնին
հարստութեամբը,
քանի
որ
գիտենք
որ
պալատները
կը
բարձրանային
բռնութեան
տակ,
եկեղեցիները
բոլոր
ժողովուրդին
սրստագին
կորովովը:
Թորամանեանը,
Անիի
վրայ,
ունեցաւ
արքունիքն
ու
եկեղեցին,
զինքը
լուսաւորող,
ուղղող:
Տակաւի՛ն,
այս
դարուն
առաջին
տասնամերուն
շրջան
կ՚ընէին,
այդ
նիւթին
լուրջ
բազմազան
հետաքրքրութիւններ,
պատրանքներ
նոյնիսկ
որոնք
մեր
ճարտարապետութիւնը
կը
վերածէին
clos,
ինք
իր
մէջ
կատարեալ
ոճի
մը,
իր
օրէնքներով
ոչ
միայն
ինքնատիպ,
այլեւ
իր
ազդեցութիւններովը,
ծաւալումով,
այլապէս
հպարտացնող,
Եւրոպային
կոթիկ
ոճը
տուած
ըլլալու
անփոխարինելի
միամտութիւնը
։
Մի
արժեզրկէք
պատրանքները։
Անոնք
օգտակար
են
յաճախ
աւելի
քան
իրականութիւնը:
Այս
ամէնը
երբ
կ՚աւելնան
տաղանդին,
յամառ,
զրկանալից
բայց
երբեք
յուսավրէպ
աշխատանքին,
մարդու,
ոտքով,
ուղեղով
հաւասարապէս,
դուք
դժուարութեան
մէջ
չէ
ք
հասկնալու
համար
ոչ
միայն
համբաւը
Թորամանեանին,
այլ,
իրմով,
կ՚ըլլաք
վերահասու
հայ
ճարտարապետութեան
հիմնական
բխումներուն,
անոր
ոգեղէնը
ոստայնող
այն
խորհուրդին
որ
Զուարթնոցը
կը
զատէ
ուրիշ
ազգերու
սրբավայրերէն,
յաճախ
այնքան
աղքատ
այդ
ոգեղէնով
որ
մարդերը
պարտաւոր
են
եղած
հաւատ
ք
ը
շահագործելու,
այդ
անկնիք
շէնքերուն
ճարելու
համար
անհրաժեշտը
։
Մերձաւոր
է
պարագան
Միջնադարեան
մեջ
բանաստեղծութեան
որուն
մտատեսութիւնը
Չօպանեանի
աշխատանքներով
հագաւ
որոշ
հաստատութիւն
(consistance):
1850ին
իրենց
սկիզբը
ըրած
մեծ
կրթանքները
պատմական,
մատենագրական,
ազգագրական
ուսումները
նորոգելու,
մանաւանդ`
միջնադարեան
(médiéval)
որակումները,
առhասարակ
Եւրոպայի
առաջնակարգ
մասնագէտներու
ջանքերով,
մեզի
բերին
աւելի
յստակ
մտապատկերներ
թաղուած
այդ
շրջաններէն,
սանկ
հազարամի
մը
վրայ,
հինգին
տասնըհինգ
դարերու
միջոց
մը:
Ֆրանսական,
գերմանական,
աւելի
յետոյ
ամերիկեան
դպրոցները
որոնք
գիտութեան
վերջին
միջոցներով
սպառազէն
հիմնովին
այլակերպեցին,
նորոգեցին
մեր
գիտցածը:
1900ին
բիւզանդագիտութիւնը
առանձին
մեծ
գիտութիւն
մըն
է։
Չօպանեան
այդ
մեթոտն
էր
որ
պիտի
փորձէր
մեր
Միջնադարին
վրայ:
Ասպարէզէն,
«
հունտէն
հասած
»
բանասէր
մը
չէր,
ինչպէս
կ՚ըսեն,
Նարեկացին
եւ
Քուչակը
յայտնաբերողը։
Չունէր
փաստեր
իր
պատմական
թափանցումին
գործարանէն։
Բայց
կեանքի
սպասաւոր
մը
–
ողնուծուծը
այս
մարդուն
օրուան
իրադարձութիւններէն
էր
կազմուած,
–
այդ
կեանքը
ամէն
տեղ
գտնելու
եւ
օգտագործելու
իր
գրական
շնորհները
դիմաւորեց
կրթանքին
միւս
պարտքերը:
Չօպանեանն
ալ
կը
վայելէր՝
մեծ
պաշտպանութիւններ,
մեզմէ
ինչպէս
Եւրոպայէն:
Գ.
Յովսէփեա՞ն։
–
Անիկա
գիտուն
մըն
էր,
մոռնալու
չէք
ասիկա։
Որուն
հոգին
չէր
կրնար
հանդարտիլ,
չէր
կրցած,
կիսադարեան
պրպտումներուն,
պարտադրած
վարժութիւններուն
հակառակ:
Արուեստագէտը
մերձաւոր
չափերու
վրայ
իրաւունքներ
ու
նէր
անոր
ներսը
եւ
իր
սարկաւագութեան,
Հէքիաթներ
հաւաքող,
ժողովրդական
դիւցազնավէպեր
գիրի
առնող
տղան
Գերմանիոյ
մէջ
պահեց
մաս
մը
բան
իր
եռանդեն,
բայց
իր
գիտուն
ի
խառնուածքը
ամրացուց,
ու
անոր
զգայնութեան
պարտադրեց…
գերմանական
կարգապահութիւն
որով
մեր
երազը
կը
մնայ
դալար,
բարձրուղել,
բայց
կը
պահուի,
կը
պաշտպանուի
երազներու
յատուկ
աւելորդէն,
Չրաքեանին
բառովը՝
խօլաբոյսէն
ազդուելէ:
Անցեր
են
ժամանակները,
մարմնինին
ինչպէս
հոգիին,
կիրքերուն
ինչպէս
երազներուն
վրայէն:
Երիտասարդութեան,
չափահասութեան
խանդն
ու
կորովը
կեանքին
տուեր
են,
անդադար
դառն,
դժնդակ
տուրք
մը,
ամենէն
անգութներէն
մէկը
զոր
պահանջելու
մէջ
չէ
ողոքուած
երբեք
մեր
ճակատագիրը:
Հարցուցէք
դուք
ձեզի
թէ
ինչպէս
անցան
ձեր
սրտին
վրայէն
ձեր
յիսուն
տարիները
որպէսզի
դնէիք
նոյն
հարցականը
Գ.
Յովսէփեան
անուն
իր
տակ
համագումար
կիրքերուն,
երազներուն,
բայց
պստիկ
մը
մտամոլոր
կանգ
առնելով
1900–910ի
կատաղի
խուզարկութեանց
թափին,
գրոհին
որոնք
զինքը,
երիտասարդ
հոգեւորականը
բռնագրաւ
կը
տանին
Երեւանէն
Բեթերսպուրկ,
Պերլին,
նոյնիսկ
արեամբ
ողողուած
Անատոլուն,
իր
սպասը
կատարելու
իր
ժողովուրդին
զոր
1900ի
մարդերը
կը
սիրէին,
մանաւանդ
արեւմտահայ
հատուածին
մէջ
այնքան
սրբազան,
անդարման
տրտմութեամբ
մը…։
Ու
կարիք
չեմ
զգար
յիշեցնելու
որ
1915ը,
ամէն
հայու
համար,
ուր
որ
ալ
ըլլայ,
սկիզբն
է
բոլորովին
տարբեր
կեանքի
մը։
1917ը՝
ուրիշ։
1920ը՝
ուրիշ:
Մեր
պապերը
այդքան
հակադրութիւններ
ապրելու
համար
դարերու
լայնքը
ունէին։
Ամէն
հայ
1915էն
ասդին
նոր
գումար
մըն
է
զգայութիւններու
զորս
ուրիշ
տեղեր
ձգեր
եմ
վերլուծման։
Հոս,
իմ
ըսելիքը՝
մեր
իմացական
յօրինուածքին
մէջ,
այդ
աղէտին
երեւան
բերած
դղրդագին
կործանումը,
այսինքն
մեզ
կանգուն
պահող
հզօրագոյն
ազդակներուն
վրայ
մեր
հաւատքին
շիջումը,
խաւարումը։
Կործանուածը
մեր
ժողովուրդին
կէսը
չէր,
այլ
մանաւանդ
հոգեղէն
դրութիւնը
որ
մօտ
հարիւր
տարի
կեդրոնած
էր
մեր
իմացական
բոլոր
հպարտութիւնները:
Չեմ
բացուիր,
իրենց
ահաւոր
վէրքին
մէջ
ձեր
առջին
փռելու
հոգիները
գրողներուն,
մարտիկներուն,
իմաստուններուն
ու
ասոնց
շարքին՝
…:
բանասէրներուն։
1920ին
այդ
ամենէն,
այսինքն
սա
մարդերը
խանդավառող
կիրքերէն,
երազներէն
շատ
քիչ
հետք։
Կ՚անցնիմ,
շատ
արագ,
քաղաքական
մեր
զգայութիւններուն
ալ
ճախճախուտէն,
մեր
արեամբը
գոյաւոր
ուր
կը
լողային
մեր
այնքան,
արդար,
սրբազան
երազներուն
դիակները...:
Հայու
ճակատագիր
ըսէք
ու
ինծի
հետ
դուք
ալ
անցէք
անդին,
այսինքն
Սփիւռքին
աւելի
ահաւոր
ճախճախուտքին:
Մեր
ախորժակնե՜րը
իմաստի,
միտքի,
արուեստի։…
Չէինք
դատապարտեր
անշուշտ
հում
նիւթը,
մանր,
չարքաչ
հմտութիւնը,
ոսկիի
կշիռը
լեցուն
ուղեղին,
բայց
կը
տառապէինք
այդ
ամէնուն
հաշւոյն։
Թերեւս
այդ
տառապանքն
էր
որ
միջամտեց
որպէսզի
մասնաւոր
շահագրգռութիւն
պարզէինք
այն
կառոյցներուն
համար
ուր
հում
նիւթը
ըլլար
ենթարկուած
որոշ
փոփոխութիւններու,
կարենալ
մեզ
տպաւորելու
նոր
կերպարանքներու
տակ,
մէջէն
ինչպէս
կաթողիկէի
մը
ճակտին
օր
առաջ
արձանը
որմէ
ալ
մոռցած
ըլլայինք
սակայն
քարահանքի
թշուառ
իր
կեանքը…:
Դուրսի
աշխարհին
վրայ
կատարուած
սա
կործանո՞ւմը,
թէ
ներքին
տկարութիւն
մը,
–
սկզբնական
յղացքներու
խօթութենէն
առաջացած
–
միջամտեցին,
ստեղծելու
համար
ծանր
փոփոխութիւնը
մեր
ճաշակին,
որպէսզի
Ալիշանի
մը
կոթողական
կառոյցներուն
փառքը,
ինք
իրմէ
յոգնած,
առանց
դուրսէն
որեւէ
յայտ
գրոհի,
դալկանայ
ու
թառամի:
Պատուական
աբբան
կը
հաւատար
թէ
իր
ժողովուրդին
տուած
էր
իրեն
այնքան
անհրաժեշտ
հպարտութեան
կոթողները:
Ու
բանից
դուրս
կուգար
որ
քառորդ
դարը
արդէն
մարսած
էր
գործին
հոգին,
ձգելով
կմախքը։
1950ին
հայրենագիտութեան
թանգարաններ
են
անոնք,
չըսելու
համար
գերեզմաններ,
անոնք
որ
1880ին
կեանքի,
շքեղ
փառքի
վկայութիւններ
արձանագրուեցան։
Արդ
էն
քիչը
հազար
տարիներու
խորհուրդ
մը
կը
հաւատար
թէ
խտացուցած
էր
Ալիշան,
այդ
շարքերուն
մէջ,
որոնք
իր
լման
չափահասութիւնը,
ծերութիւնը
արժեցին
իրեն։
Ու
ինծի
հետ
էք
ընդունելու
որ
խորհուրդները
դիւրաւ
չեն
մեռնիր:
Ալիշանեան
վաստակին
սա
ճակատագիրը,
իր
դասովը,
ինչպէս
դառնահամ
փառքովը
իմացական
տռամա
մըն
է,
արեան
տռամայէ
մը
աւելի
սրտաճմլիկ:
1895ին,
Արշակ
Չօպանեան,
մատ
մը
պատանի
այդ
օրերուն,
ծանր
ծաղրի
մը
մէջ
կ՚ընէր
ծիծաղելի
պատուական,
գերահմուտ
աբբային
Հայ
բուսակը
(ԾԱՂԻԿ
հանդէս,
1895,
Օ.
Պիծակեան
կեղծանունին
տակ),
հակառակ
անոր
որ
հայոց
լեռներուն,
դաշտերուն,
ծմակներուն
կը
դիմանային
Ալիշանի
նկարագրած
ծաղիկներուն
ու
խոտներուն
վաւերականները:
Խօսեցայ
ձեզի
Հին
հաւատք
հայոց
գիրքին
ճակատագրէն,
աս
ալ
1895ին
լոյս
տեսած։
Կը
յիշեցնեմ
մեծադիր
այսինքն
քառածալ
Հայապատումին
ալ
ճակատագիրը,
որուն
650
էջնոց
պատմիչներէն
հաւաքուած
բնագիրները
կը
կանխուին
140
էջնոց
ներածականով
մը,
դուք
կը
հասկնաք
տարողութիւնը
այս
բառիս
երբ
ձեզ
թելադրեմ
որ
մեր
հին
մատենագրութեան
ամէնէն
ծանր,
արժանառատ,
ցեղագոյն
արդիւնքները
կը
բովանդակուին
հայոց
պատմիչներուն
գործէն
ներս։
Արդ
յիշուած
երեք
հատորները,
գին
ծանրածանր
աշխատանքներու,
մեռած
են
այսօր:
Կը
դիմանա՞յ,
Գ.
Յովսէփեանի
նոյնքան
յոգնավաստակ,
նոյնքան
մեծ
տարած
աշխատանքը,
չեմ
ըսեր՝
վաղուան
թէք
տղոց
(1895ի
Չօպանեանին
տարիքով)
կենսաբաղձ,
խորհրդախոյզ,
նորապաշտ
ու
ստուգամոլ
գրոհին,
երբ
ասոնք,
հետեւելով
դարուն
թափին,
անցեալները
մեռեալ
տախտակներու
նման,
ճանչնալու
սովորութեան
փոխարէն,
–
1700էն
մինչեւ
1900,
բանասիրական
կրթանքին
գերագոյն
փառասիրութիւնը
մեր
մէջ,
–
ուզեն
այդ
անցեալները
միակտուր,
հարթաքանդակին
տեղ
երեք
diversionներով,
այսինքն
կեանքին
բոլոր
կլորութիւններովը
մատուցուած
իրենց
վայելումին,
սինեմայի
քէջ
հետզհետէ
փորձուածին
նման,
գրականութեան
մէջ
համադրական
տախտակներու
կերպարանքներով,
այսինքն
ձեւերու
տակ
որոնք
իրարու
ըլլային
վերածելի,
ծանօթութենէն
ու
թիւէն,
փշրանքէն
ու
վկայութենէ
կազմուած,
մէկ
ակնարկով
գտնելով
կեանքին
լիութիւնը,
իրաւութիւնը,
դէմպր
ը:
Այդ
տղաքը,
տարիքէն
բխող
անփութութեամբ
մը,
իրենց
յատուկ
ալ
թեթեւութեամբ
–
արիւնն
ալ
ծանրութիւն
ունի,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
չէ
միօրինակ
վազող
հեղուկը
լեռներու
աղբիւրին–,
ինչպէս
մերն
էր
1900ին,
Ալիշանի
վաստակին
դէմ,
գուցէ
չանդրադառնան
երկար,
տաժանագին,
ահաւոր
թիապարտութեան
որուն
գինն
է
Գ.
Յովսէփեանի
ամբողջական
գործը
(անտիպն
ալ
առնելով
անկէ
ներս),
այնքան
խղճամիտ,
պարկեշտ,
ամէն
մէկ
տողը
ծանր,
դժուարորակ
վկայութիւններով
պաշտպանուած
եւ
պահանջէին
ա)
–
Անոր
տոհմագրութիւնները
համադրական
կերպարանքներու
տակ:
Այսինքն՝
ուզէին
Խաղբակեանքը,
Օրբելեանքը,
Վաչուտեանքը,
ամբողջ
շարքը
այնքան
մանրակրկիտ
խուզարկութիւններով
կազմուած,
միւս
մենագրութիւններուն՝
լրիւ,
միսին
ու
ոսկորին
ծանրութեամբք,
կենքին
գոլովը
սանկ
գունաւոր,
մեր
օրերուն
մարդերուն
ոչ
անշուշտ
կաղապարէն,
բայց
իրենց
օրերուն
բոլոր
տռամաթիք
ապրումներուն
հանդէսին
մէջ,
իրենց
հատուածական,
խճանկարային,
չափազանց
հարազատ
բայց
նույնքան
ալ
շեմաթիք,
դժուարամատոյց
կատարելութեան
փոխարէն։
Ասիկա,
այդ
տղոց
հաշւոյն
ես
ալ
պիտի
չդադրէի
պահանջելէ,
խանդավառութեանս
մէջը
քանի
մը
իրագործուած
նմոյշներուն,
մատենագիրներէ
ու
իշխաններէ։
Արդի
գրականութեանց
բոլոր
վարպետ
կենսագրողներէն
ոչ
ոքէն
ետ
կը
մնայ
Գ.
Յովսէփեան
երբ
Գլաձորոյ
համալսարանին
արի
ուսուցիչները,
մատենագիրները
կը
նետէ
ոտքի,
իրենց
բազմազանակ
կողմերուն
լրիւ
մատուցումովը,
կամ
շքեղ
որմնաքանդակի
մը
նման
կը
սեւեռէ
ձեր
սիրոյն
ու
հիացման
մէջ
Խաղբակեանք
տոհմին
վերջին
ներկայացուցիչին
Օրիին
անմոռանալի
նկարը:
Կեանքին
մեջ
ու
կեանքին
պէս:
Ոչ
վէպ,
ոչ
ալ
շփացուած
հերոսապատում։
Այս
ինքն
շրջանին
մարդերը,
ոչ
միայն
իրենց
ազգաբանական
տախտակներուն
հարազատութեանը
մէջ,
ոչ
միայն
մագաղաթեայ
կամ
մարմարեայ
վկայութիւններուն
անհերքելի
ստուգութեամբը,
այլեւ
լրիւ,
ամուր
հագած
հոգեղէն
ու
մարմնեղէն
այն
իրաւութիւնը
որ
կը
զատէ
թանգարանեան
անզգած
արձանները
Ակորայի
երկոտանիներէն,
խեղճ
ու
պատառ,
բայց
կենդանի:
Փռուէին
մեր
յագեցումին
համար,
այնքան
տարածուն,
էկզօթիք
ըսուելու
չափ
մեզմէ
հեռու,
նոյնիսկ
կարծես
երբեք
մերը
չեղած
անուններուն
(Պապաք,
Պռօշ,
Եաչի,
Հասան–Ջալալ,
Հասան
Ամիր,
եւլն.
)
խտացուցած
հայեցի
իսկութիւնները,
մարդեր
անշուշտ
ասոնք,
մեզի
պէս
միս
ու
ոսկոր,
օր
մը
այդ
դղեակներուն,
տաճարներուն,
վանքերուն
շուքին,
իրենց
մարդկեղէն
հոգերուն
բոլոր
բեռները
շալկած,
իրենց
կիներուն,
զաւակներուն
իշխանագեղ
ու
նոյնքան
արիւնակուռ
տռամաներով,
–
կարճ՝
ինչ
որ
այդ
դարերու
բոլոր
մեր
իշխաններուն
առաջադրուած
կենցաղը
իբրեւ
օր
օրի
ազատուեցաւ
անոնց
զգայարանքներով,
ամիսներով
ձիերու
քամակին,
պղինձ
ուռներով
սաղաւարտած
իրենց
հոլածական
գլուխները,
իրենց
կուրծքի
երեսին
երկաթին
թերթերը
վրայէ
վրայ
կարած,
վազելով,
գրոհելով,
նահանջելով,
արիւնլուայ
բայց
կատաղի,
դէպի
յաղթանակ
կամ
թշնամիին
սուրին
տակ
նահատակ,
գրեթէ
միշտ
մեղքերու
ու
մահուան
խորխորատին
վաճառուած։
Թերեւս
կը
պարզեմ
չափազանց
երբ
կեանքերը
այսպէս
քանի
մը
խոշոր
կտաւներու
կը
վերածեմ,
բայց
դուրս
չեմ
իրականութենէ։
Թելադրեցի
վերերը,
թէ
Գ.
Յովսէփեանէն
մասնաւորուած
շրջանը
մեր
պատմութեան
ամենէն
քիչ
լոյս
տեսած
մասերը
կը
կազմէր:
Ու
Ալիշանի
(Յուշիկներուն
Ալիշանը)
եւ
Գ.
Յովսէփեանի
կողմէ
այսպէս
ուրուանկարուած
մարդերը
որքան
յուզիչ,
մեզամերձ
պիտի
ըլլային,
եթէ
երբեք
«փառապսակ
մեր
նախնեաց»
պատկերներուն
տեղ
անոնք
գային
մեզի
պարզ
ու
պարկեշտ
իրարութեամբ
մը,
այնպէս,
ինչպէս
անցեր
էին
անոնց
վրայէն
կեանքին
կիկլոնները,
զանոնք
անդուլ
հալածելով,
ներսէն
ու
դուրսէն։
Ներսէն,
այսինքն
ծանր,
հասուն,
խորունկ
մեղքերէն
որոնք
մեր
օրերուն
կեղծիքը,
կամ
հաստ,
տափակ,
անկնիք
անգթութիւնները
յիշեցնելու
չէին
հաւանաբար,
այլ
շատ
իրաւ,
շատ
տռամաթիք,
երկար
պայքարներու
հետեւորդ
անխուսափելի
անկումները,
իրենց
լման
հասակով,
լման
կշիռով,
այնքան
որ
սովորական
աղօթքը,
միջոցները
կը
մնային
անբաւական,
որպէսզի
զանոնք
գնելու,
արդար
Դատաւորը
ողոքելու
համար
այդ
մարդերը
չքաշուէին
իրենց
ուզեցած
ու
չունեցածը
վտանգելով
ոտքի
նետելու
յիշատակարաններ,
տաճարներ,
անշուշտ
համաձայն
մեղքին
ազնուականութեան,
մեծութեան,
գերագահութեան,
կամ
գնէին,
նուիրանքի
համար,
իրենց
ամենամեղ
անձերը,
քաւելու
նպատակով՝
մեղսաքաւիչ
սրբազնասուրբ
մատեաններ,
ապահովէին
իրենց
մահէն
անդին
ալ
ողջերուն
մաղթանքները,
հոգոցները,
հոգեհանգիստները,
պատարագները
իրենց
քաւութեան
գործը
ամուրի
կապելով,
սակարկէին
յիշատակութեան
օրերը,
սեղանները
(պատարագին
մատուցման),
անգամները
ոչ
միայն
մագաղաթներու
պաշտպանութեանը
վստահելով
այդ
մուրհակները,
այլեւ
մարմարի
վրայ
յաւերժագիր
արձանագրելու,
հաստատի
կապելով
ամէմ
մանրամասնութիւն
(Ն.
Ադոնց
որ
Խաղբակեանքի
տեղեկաբերն
է
[Դուրեան
մրցանակին]՝
այդ
թիւերէն
կը
հանէ
դրամական
դրութիւնը
այդ
դարերուն)
ապահով
սպասման
մը
մէջ
վերջինն
Դատաստանին։
Այդ
դարերուն
իշխանները
մինակ
իրենց
կիրքերը
չէին
դարմաներ
կամ
անոնց
արդիւնքը,
մեղքերը
գնելու
չէին
յատկացներ
իրենց
ուժը,
այլեւ
կը
յանձանձէին
իրենց
խնամքին
ապաստանած
հազարաւոր
ադամորդիներուն
բիւրական
կարիքները:
Գրչագիրերու
յիշատակարաններէն
որքան
անուն:
Ըսի
թէ
5000ը
կ՚անցնէր
Խաղբակեանքի
մէջ
ինկած
անուններուն
գումարը։
Խայտաբղետ
կարաւանը
իշխան–իշխանուհիներուն,
քահանայ–երէցկիններուն
ու
«քուերցն»,
աբեղայ–օրինակիչներուն,
կաթողիկոս–վարդապետներուն,
գրող
եւ
ուսուցանող,
նկարազարդող
ու
կազմիչ,
մագաղաթ
քերթող
եւ
թանաք
հարող…։
բ)
–
Այս
մարդոց
ներքին
ալ
իրականութիւնը,
կեանքէն
քիչիկ
մը
վեր,
ա՛ն՝
որ
ոգի
որակումով
մը
կը
զատուի
առօրեային
հասարակութենէն
ու
կ՚ըլլայ
ստեղծում։
Դուք
գիտէք
թէ
Գ.
Յովսէփեանի
աշխարհը
հայոց
պատմութեան
որ
շրջանին
կը
պատկանի։
Մթին,
գրեթէ
անծանօթ
այդ
աշխարհէն
մեզի
բերուած
ամէն
հոսմունք,
բիւրեղացում,
անձնութիւն,
այս
անգամ
այդ
մարդերուն
գործէն,
ուր
պահ
էին
դրուած,
խուսափուկ
ու
ծուարուն,
մօտիկն
են
արուեստին:
Սարսուռը
՝
որ
երբ
արձակուի
այդ
աշխարհներէն
թունդ
է
եւ
խռովիչ,
նոյն
իսկ
վտանգաւոր,
ելեկտրական
հոսանքի
մը
նման։
Քարը,
մագաղաթը,
կտաւը
եւյլն ...
այդ
սարսուռը
կը
պահեն
իրենց
բջիջներուն
խորը,
սպասելով
կախարդական
մատիկին
որ
պիտի
կոտրէ
գորշ
տեւողութիւն
եւ
մունջ
անշարժութեան
կնիքը
անոնց
վրայէն,
մեր
ընկալչութեան
ու
սիրոյն
բերելու
համար
անիմանալի
ապրումներու
հանդէսը,
ոչ
անարժան
մշակոյթ
քիչ
մը
խոշոր
տարազին
(Յետնորդները,
ժառանգորդները
գիտեն
երբեմն
երախտիք
վճարել):
Այս
տողերուն
հետ
իմ
միտքէն
չանցած
վիպական
մեծ
օգտագործումներ,
անզբաղ
կիներու
հետաքրքրութեան
յագուրդ
ճարող,
ԺԹ.
րդ
դարուն
այնքան
փնտռուած
ու
փառաբանուած,
երբեմն
քմայքին,
այլանդակին
իսկ
գինով
(րոմանթիք
պատմական
վէպը,
մեր
եւ
օտարներուն
մօտ),
երբեմն
գիտութեան,
զուտ
պատմութեան
սպասարկու,
բայց
գրական
միջոցներով
գոյաւոր:
Ու
չունիմ
նկատի
դարձեալ
պարագրութեան
թացիկ
ու
յաւակնոտ
հեշտանքը,
մանր
մանր
կամ
լայն
լայն
ջարդելու,
այսինքն
համառօտելու
հիներուն
ժառանգութիւնը
կամ
խմբելու
մէկ
էջի
մէջ
շատերու
վկայութիւնները.
երբ
մենք
կը
քաղենք
դէպքերը
պատմիչներէն
անոնց
վրայ
կը
սրսկենք
քիչիկ
մը
վարդիջուր
ու
կ՚անցնինք
պատմաբան։
Բայց
զիս
չէք
կրնար
արգիլել
խորհելէ
1860
Ֆրանսական
Պատմաբան
դպրոցին
կամ
1900ի
Ամերիկեան
զօրաւոր
թեքնիքին,
մանաւանդ
խորունկ
թաղուած
անցեալներու
վրայ
երբ
կը
կատարուի
աշխատանքը:
Ասկէ
զատ,
գիտեմ
որ
անցեալէն
վերաբերուած
ամէն
փշրանք
փակ
դրութիւն
մըն
է
այսօր
մեզի
անհաղորդ
յոյզերու։
Ծանօթ
էք
ծանր,
խորունկ
ձգողութեան
թանգարաններուն
ոգին
իսկ
թանձրացնող:
Բացէք,
օրինակի
մը
համար
տողիկը
ուր
«
ամենամեղ
»,
«
տրուպ
»,
«
գեհենագիր
»
ընդօրինակող
մը,
յիշատակարանի
մը
կողիկին,
վախկոտ,
նուաստ,
արգահատելի,
իր
աղաչանքը
կը
մատուցանէ
ապառնի
ընթերցողին,
ձեռագիրը
«վայելող»ին,
–
երանի
օրերուն,
ուր
գիրք
մը
կարդալը
արքայութեան
մէջ
գանձ
դիզելուն
կը
մնար
հոմանիշ,
–
անկէ
թախանձագին
խնդրելով
որ
չմոռնայ,
իր
յիշատակին,
–
հիմա
կ՚ըսենք`
հասցէին
–
փրկարար
«
ողորմիս
»ը,
«
հոգոց
»ը։
Ինքնին
աննշան
սա
մանրամասնութիւնը
կը
վկայէ
սակայն
արուեստի
համար
ապրումներէ,
երբ
թափանցումը
կատարուի
պատշաճ
լրջութիւնով։
Լման
դարեր
կը
պառկին
ձեռագիրներու
նկարներուն
մէջ։
Անցեալով
զբաղումին
երանութիւնն
ու
դժբախտութիւնը:
գ)
–
Այս
ամենէն
վեր,
հայ
մշակոյթը,
որով
տառապիլը,
հպարտանալը,
ամչնալը
հոգեկան
տռամաներ,
քանի
մը
սերունդի
համար,
բայց
որուն
կերտումը,
այսինքն
իր
հիմնագիծերուն
մէջ
սեւեռումը
հազիւ
թէ
կը
սկսի։
Քիչ
անդին
քանի
մը
մանրամասնութիւն:
Այս
տողերը,
ոչ
ոքի
ուղղուած,
չեն
նոյն
ատեն
հրաւէր։
Տղոց
փափաքները
գուշակել,
կանխել
կամ
արժեւորել
ու
արժեզրկելու
դեր
մը
տխուր
է
սակայն
մէկ
կողմէ
որ
իր
տղայութիւնն
իսկ
պիտի
չուզէր
ծախու
հանել,
ինքզինքը
յարդարելու
աւելի
ազատութեան
մը
համար
նոր
հրամայականներու,
որոնց
արժանիքները
չէ,
որ
կ՚ուրանամ՝,
այլ
սպառնալիքը
կը
ջանամ
բերել
իր
պարզ
իմաստին։
Չեմ
ալ
ուզեր
որ
Սփիւռքի
դառնացած
հոգեբանութիւն
ալ
փորձէնք
տեսնել
սա
թելադրանքներուն
ետին։
1900ին,
իմ
դառնութիւնը
իմ
շատ
մեծարժէք,
գերահմուտ
ուսուցչէն,
Եղիշէ
Եպս.
Դուրեանէն,
կուգար
նոյն
հոգեվիճակէն։
Սրբազանը
այդ
անցյալը,
մեր
անցե՜ալը,
կը
մերժէր
իր
հպարտութիւններէն,
իմ
նախասիրածներէնէն
մասնաւորաբար։
Արեւմտեան
բանասիրութեան
բոլորանուէր
սպասարկու,
ան
կը
մերժէր
մեր
պատմութեան,
ոչ
թէ
սրտառուչ
մեծութիւնը,
այլ
այդ
պատմութեան
ետին
կարելի
մշակոյթի
մը
միթը,
իր
սկիզբը
ըրած
արդէն,
Վենետիկէն
ու
Վիեննայէն
շատ
ակօսներով,
այսինքն
լեզուէն
ու
կրօնքէ
տարբեր
փառքերու
երազելով,
–
հայ
արուեստին,
հայ
բանաստեղծութեան,
բառեր
ասոնք
որոնք
Չօպանեանի
մը
գրչին
տակ
կը
յաւակնէին
Եւրոպան
նուաճել։
Սրբազանը
որ
իր
տունին
չափ
կը
ճանչնար
մեր
հին
գրականութեան
բոլոր
տարածքը
ու
հոն
բարձրացող
բոլոր
փառքերուն
փխրուն,
«
կաւէ
»
հիմա
կ՚ըսենք,
արձաններուն
թշուառութիւնը,
կը
տառապէր,
ինծի
այնպէս
կու
գար,
անկարող
ըլլուն
ինքզինքը
զետեղել
Վիեննացիներուն
տափակ
սառնութեան
կամ
Վենետիկցիներուն
հերարձակ
միամտութեան
մէջ։
Ու,
հիմա
կ՚անդրադառնամ,
Սրբազանը
կը
ճանչնար
միջազգային
գրականութենց
հզօրագոյն
փառքերը,
շատ
մօտէն,
ուղղակի
վերծանումով,
քանի
որ
իր
մատենադարանին
կէսը
այդ
կարգէն
գիրքերու
էր
յատկացուցած։
Անոր
քմծիծա՜ղը
հայոց
գրականութեան
բոլոր
կոթողներուն
հասցէին,
անշուշտ
որոշ
զգաստութեամբ
մը,
բայց
ինծի
համար
այնքան
պարզ,
այնքան
իրաւ
վրդովիչ,
երբ
հայ
հանճարին
սկսած
միթը
կը
դիմաւորէր
փաստերու
անբաւականութեամբ,
այդ
միթին
քուրմերը
ձրի
շնորհներու
բաշխիչ
յայտարարելով։
Տեղ
մը
պատմեր
եմ,
ծանր,
կործանող
իր
քաշքշուքն
ալ
իմ
պատանիի
յաւակնութիւններէն,
փառասիրութենէն:
Տասնըեօթը
տարեկան
պատանի
մըն
էի
ես,
իր
ոտքերուն
գացած
Արմաշ,
ու
իր
հարցումին,
իմ
դիմումիս,
իմ
պատասխանը՝
–
Գրելու
հայոց
գրականութեան
պատմութիւնը
անիկա
«տժգոյն
ժպիտովը»
իր
եղբօր
աւելցուցեր
էր
ու
–
Քանի
հատո՜ր…
Զգացի
որ
կը
ծաղրեր:
Ու
ասիկա
առաջին
իսկ
հանդիպումիս:
Սքանչելի
այլ
վարդապետը,
լայնամիտ
ու
թափանցող,
դեռ
չէր
մտած
մեր
բանաստեղծութեան
հարազատ
խորհուրդին
(Դուրեան
Սրբազանի
այն
քերթուածները
որոնք
կը
կանխեն
1900ը,
գրքույկ,
տաղաչափական
օրինաներ
են,
բոլորով
դասարանական
ու
հիմնովին
եւ
բանաստեղծ)
ու
կը
նայէր
մեր
գրականութեան
վրայ
օտարին
մէջ
մեծցած
seigneurի
մը
հոգեբանութեամբը։
Իմ
քէ՜նը,
կորա՜նքը։
Պիտի
չներէի
իրեն
ոչ
թէ
հեգնանքը
զոր
ունէի
պատճառ
արդար
աւ
կարծելու,
այլ
իր
ան
ջերմութիւնը
հասարակաց
խանդավառութեան
դիմաց:
Ես
մեր
իրաւ
արժէքներուն,
մեր
հին
մատենագիրներուն
գործը
ապրեր
էի
ոչ
բանասէրներուն
գործիքներովը,
այլ
մարմինիս
վրայ
(պատմեր
եմ
տեղ
մը
թէ
իմ
առաջին
գրուածքը
Վարդանի
պատերազմն
էր,
Եղիշէէն
ներշնչուած,
բայց
անհուն
կատաղութեանը
մէջ
թուրքին
որ
տուրքի
համար
իմ
չորնալու
փռուած
զգեստներս
առեր
տարեր
էր
ծախելու),
այսինքն
իմ
պապերուս
նման:
Լման
տարին,
Սրբազանը
պահեց
այդ
անջերմութիւնը
մեր
պատմութեան
սնոտազարդ.
հռետորութենէն
հաւանաբար
տառապելով,
ինչպէս
աւելի
ետքը,
իմ
կարգիս,
ես
պիտի
լեցուէի
ծանր
դառնութեամբ
մեր
գրական
հռետորութիւն
հանդէպ։
Լման
տարին,
(1899–1900)
մեր
Միջին
դարը
հրաշքի
մը
գահաւորակն
էր
իմ
մտքին։
Սրբազանը
չէր
մերժեր
անշուշտ
այդ
դարերը,
բայց
կը
վերածէր
այն
օրերու
ընթացիկ,
ստերջ
ճաշակին,
լեզուն
միայն
նկատի
ունեցող
Վիեննական
տափակ
ուղղափառութի՜ւնը
դասական
հայերէնին,
ասոր
ալ
նեղկուկ
մէկ
շրջանին
(Փարպեցին
դուրս
կը
շպրտուէր
այդ
շրջանէն,
որպէսզի
տափակ
Եզնիկը
–
քանի
որ
թարգմանութիւն
էր,
ան
ալ
վարժապետական,
ոգիով
յոյն
հակաճառողի
մը
գործէն
–
բարձրացուէր
հայ
գրականութեա՜ն
ոսկի
գահին,
կամ՝
Ոսկեբերանի
թարգմանութիւնները
արժեւորուէէին
իբր
գլուխ–գործոցներ)
որով
հայ
գրականութիւնը
լեզու
եւ
հանդէս
մը
կ՚ըլլար,
զայն
տիրապետած
ըլլալը`
գրագէտի
վկայական։
Անկնիք,
թշուառ,
գրքունակ
փառքերը
ոսկի,
արծաթ
դարերուն,
ուսաննայուած
ու
զօրացուած
ալ
հակադրութիւններովը
պղինձ,
երկաթի
դարերուն,
այսինքն
այն
շրջաններուն
ուրկէ
եկած
են
մեզի
մեր
միջնադարեան
բանաստեղծութիւնը,
մեր
արդիական
գիրքերը,
որքան
որ
կը
ներուի
սա
որակականը
գործածել,
օրինակ
Մխիթար
Գօշի
դատաստանագիրքին
կամ
Ամիրտօվլաթի
բժշկարանին
համար:
Դասի
մը,
ուր
մեր
միջնադարուն
մէկ
բանաստեղծը
նիւթ
էր
ոչ
թէ
քաշքշուքի,
այլ
«հասարեցման»,
ինչպէս
կ՚ըսէր,
իմացական
նոր
չտեսութիւնը
քիչ
հանդուրժելով,
իմ
քիչ
մը
շատ
խանդավառ
թափը
մեղմելու
համար,
ժպտագին,
հեգնելով
բայց
խորապէս
ալ
համակրալից,
–
Տղաս,
յարեց
անիկա,
իր
վերապահումները
ամրօրէն
զետեղելէ
ետք
«
մեր
ցեղին
գերագոյն
արտայայտութիւնը
»
յայտարարող
Նարեկացիին
իրական
արժէքին
շուրջը,
վաղը
կը
մեծնաս,
ու
կը
մեծնաս
մանաւանդ
հպարտութիւններէդ,
գտնելով
մեծ
մշակոյթներուն
իրական
կշիռը
մտքիդ
թեւերուն,
որոնք
կը
պարտասինն,
թերեւս
կոտրտին
ալ
այդ
ծանրութեան
տակ:
Յոգնութիւն
առնելու
համար,
չեմ
ուզեր
որ
ընես
ինծի
պէս
(ետքէն
պիտի
անդրադառնայի
որ
քանքարաթագոյց
որակականը
իր
հասցէին
թերեւս
գինն
էր
սա
յոգնութեան)։
Փնտռէ
հանգչելու
տեղեր,
միջոցներ:
Հիմակուընէ
գիտցիր
սակայն
պիտի
ամչնաս
քուկիններէդ
գտնելիք
միջոցին
ու
տեղին
համար:
Պատգա՞մ,
դառնութի՞ւն,
դա՞ս,
–
ինչ
գիտնամ։
Անցեր
է
գրեթէ
կէս
դար
այդ
դասէն։
Հիմա
կը
խոստովանիմ
որ
սրբազանը
իրաւ
կ՚ըսէր,
իմ
մատ
մը
տղու
ուղեղին
մշակոյթներու
չուքն
իսկ
չէր
ինկած,
մեր
Քուչակը,
Նարեկացին
առանց
ծիծաղելի
ըլլալու՝
հակադրելու
համար
մարդկութեան
հսկաներուն:
Որքան
քի՜չ
իմ,
մեր
գիտցածը
այդ
ամենէն:
Բայց
դարձեալ
կը
խոստովանիմ
որ
Սրբազանը
ամբողջը
չէր
ըսած:
Չեմ
պատմեր
իմ
հեռացումը
Արմաշէն,
թափառական
իմ
դժոխքը
երիտասարդութեան
տեղ,
իմ
անհուն
պատրաթափութիւնը:
Օտար
գրականութիւնները
(Սթալտալ,
Պալզագ,
Ֆլօպէռ,
Տայսթայովսքի
իմ
մտքին
անդրանիկ
տագնապները
կը
կազմէն)
ինծի
տուին
հպարտութիւն,
մեծութեան
շատ
յստակ
զգայութիւն,
մարդ
երկոտանիին
անասնութիւնները
քաւող,
գնող,
մեծնատարած,
խորունկ,
իրաւ,
սրտառուչ
արարքներ
խելքէ,
քաջութենէ,
գոհողութեան
ու
գեղեցկութեան
հանդեսներէն:
Ու
այս
ամէնուն
հետ
ու
քով,
նոյնքան
մեծատարած,
շքեղ
գազանութեան
կրկէսներ,
իմ
աչքերուս,
սրտիս,
ատոնց
կորակոր
հերքումը
փառակերտող,
աւելի
քան
ամպարագիծ
հանդէսնե՜րը
արեան
ու
փողոտումի:
Քանի
քանի
անգամներ
ստուերը
իմ
վարպետներուն
իջեր
է
իմ
յուսահատութիւնը
ամոքելու:
Պալզագի
մը
տռամա՞ն:
Տայսթայովսքի՞ն։
Այդ
մարդերը
ապրեցան,
փոխանակ
իրենք
զիրենք
սպաննելու:
Ես
ալ
ապրեցայ,
անոնց
նմանելո՞ւ
թէ
աւելի
յիմար
պատրանքներու
շղթայուած։
Ու
մօտ
է
իմ
շէնքը,
եթէ
խոշոր
չէք
գտներ
սա
ձեւ
արտայայտութիւն
մը։
Ստիպուած
եմ,
յաւիտենութեան
սեմէն,
խոստովանիլ
դարձեալ
որ
ոչ
իմ
վարպետներու
Եւրոպան,
ոչ
Նոր
Ամերիկան
ինծի
չտուին
յուռութքը,
խեղճ
ու
պատառ,
որ
զիս
մահուան
մէջ
ալ
պիտի
պաշտպանէր
ու
կը
պաշտպանէ,
մեծ
այդ
մշակույթներէն
լաստակերտ
դժոխքին
մէջ
ու
ընդդէմ,
իմ
կեանքին
վերջին
քառորդ
դարուն։
Ու
մեծ
բառեր
չեմ
ըլար
գործածած
երբ
յայտարարեմ՝
որ
իմ
ժողովուրդը
ապրեցաւ
առնուազն
քսան
ու
կէս
դարերը
–
իր
գերութիւնը
–
իմաստութեանը
մէջ
իր
յուռութքներուն,
դուք
տուէք
անոնց
անուն,
ես
կ՚անցնիմք
գրելու:
Հայոց
մշակոյթը,
–
իմ
պատանութեան՝
մեր
բանաստեղծութիւնը
–
զիս
կեանքին
հրող
հզօրագոյն
ազդակը
եղաւ:
Իմ
ալեւոյթին,
այդ
մշակոյթէն,
ոչ
թէ
կ՚ամչնամ
կամ
կը
խրտչիմ,
–
ինչպէս
գուշակել
էր
յաւակնած
իմ
մեծ
վարժապետը
–
այլ
զայն
կ՚արժեւորեմ
առնուազն
հաւասար
արեւմտեան
մեծ
ժողովուրդներու
իրագործումներուն,
մնալով
զօրաւոր
խելամտութեան
մը
մէջ
համեմատականութիւն։
Միջոցներու
ուսումնասիրութիւնը,
եւ
այդ
ժողովուրդներու
պատմութենէն,
զիս
պիտի
արտօնէր
ուրիշ
ալ
հպարտութեան,
իմ
ժողովուրդին
կատարել
կրցածէն։
Ո՛վ
որ
հայ
մշակոյթ
յղացքը
պիտի
ուզեր
սանկ
քիչիկ
մը
պարզաբանել,
այսինքն
բառը
գործածէր
արդարութեամբ,
իր
պատկան
կալուածին
համար,
չէր
կրնար
ափիբերան
չմնալ
իր
հաստատումներուն
դիմաց։
Բերէք
ձեր
մտքին
այդ
մշակոյթը
հանգրուանող
մեծ
թուականները,
ու
հարցուցէք
դուք
ձեզի
թէ
որ
հրաշքին
միջամտութեամբը
կարելի
կը
դառնան
հայոց
գրականութեան
այլեւս
դասականացած
մեծ
կերպարանքները,
երբ
մեր
քաղաքական
կեանքը
կը
թաւալէր
այնքան
ալեկոծ
գնացքով
մը
դէպի
խորխորատ։
Ու
նիւթական
սա
ահաւոր
տագնապը
ամբողջովին
իրեն
գրաւած
կը
պահէր
ցեղին
ուժերուն
բովանդակ
պահեստը։
Կ՚ըսեն
թէ
1939–45ի
շրջանին
թուրքերը
ոչ
մէկ
գիրք
են
գրած։
Կը
հասկնամ:
Բայց
չեմ
հասկնար
թէ
ինչպէս
մինչեւ
մեր
օրերը
յաջողեր
է
հասնիլ
մեր
միտքին
ստեղծագործ
թափը:
Ո՞ր
դարուն
մեզի
տրամադրուեցան
գրականութիւն
ընելու
տարրական
իսկ
պայմանները:
Ե.
դարո՞ւն։
Ժ.
դարո՞ւն։
ԺԲ.
դարուն
թէ
ԺԹ.
դարուն:
Բացէք
թուականները,
այսինքն
աչքէ
անցուցէք
քաղաքական
դէպքերը
ու
պիտի
համոզուիք
թէ
այս
ժողովուրդին
մտքինն
տապանը
միշտ
ալիքներու
կատարներէն
է
վազեր:
Եւ
սակայն,
կայ
այսօր
հայոց
մշակոյթը,
ընդդէմ
դժպհի
բոլոր
այս
արգելքներուն։
Ու
հանգիտօրէն,
հարցուցէք
դուք
ձեզ
թէ
Գ.
Յովսէփեան
կրօնաւորը
–
մի
մոռնաք
որ
մեր
քաղաքական
կեանքին
սպասը
1917էն
ասդին
է
որ
անցեր
է
աշխարհականներուն,
–
այնքան
չարաղէտ
պատահարներէ
կրնկատար
ինչպէս
յաջողած
է
ճարել,
գումարի
դնել
իր
հսկայական
մթերքը,
երբ
այդ
նախանիւթին
անդաստանը,
հայոց
աշխարհը
կոխան
էր
թշնամիին
ու
մեր
Սփիւռքը
հոգեւարքին
կայանը
մեր
բոլոր
երազ
ներուն։
Այս
տողերը
մի
գունաւորէք
շրջուած
րոմանթիզմով
մը
զոր
անոնց
հեղինակը
փրցուցեր
նետեր
էր
իրմէն,
պատանութեանն
իսկ
դռներուն,
պատկերին
առջեւ
արիւնլուայ,
իր
ժողովուրդին։
Յետոյ,
հարկ
կա՞յ
յիշելու
միւս
տրտում
ալ
թելադրանքը,
հպարտութեան
վրայ
շահարկելու,
երբ
իմ
շուրջը
ամէն
ինչ
փոքրութիւն
է
ու
փոքրոգութիւն,
բառեր
ասոնք
ալ,
որոնց
մենաշնորհ
մը
չենք
գնած
մեր
պարտութեանց
հաշւոյն,
քանի
որ
տեսանք
արինները,
վեհերը,
վեհանձնիները
մեզի
չափ
անարի,
նսեմ,
ճիղճ,
վտանգի
դաշտին
վրայ
սողալէն:
Այս
ժողովուրդին
մէջ
փառքերէ
պոռալը,
իր
կարգին
ուրիշ
տրտմութիւն,
այնքն
իրաւ
սակայն
քանի
որ
փառքին
յղացքն
իսկ
ըրեր
ենք
փշուր
փշուր,
անճանաչելի,
ինքզինքը
հերքող,
ազգովին
քնարերգուած
երէկուան
յուզումները,
տուած
զոհութիւնները,
ազգին
հոգիին
մէջ
գերագահ
բազմած
սրբութիւնները
երբ
այսօր
նոյն
հռետորութեամբ
կը
յայտարարենք
հայրենիքի
հանդէպ
դաւաճանութիւն
բերանովը
անոնց
որոնք
առաջին
անգամ
պոռացել
էին
այդ
փառքերուն
զգլխանքը
մեր
խաւարամած
հոգիներուն։
Ու
այս
տողերը
չեն
գրուիր
ամօթին
համար
ալ
մեր
հպարտութիւնները
մարելու,
ոչ
ալ
պատմելու
բռնութիւնը,
ձգողութիւնը
օրակարգներու
ուր
մարդիկ
կը
յաւակնին
սկսիլ
հայոց
ժողովուրդը,
հայոց
պատմութիւնը,
որ
անշուշտ
չի
նշանակեր
անցեալը
մերժել,
բայց
կը
նշանակէ
դարաւոր
խորհուրդներ
ձգել
սպունգի
շրթներուն։
Այս
տողերը
կը
գրուին,
նոյն
ատեն,
օրէ,
թուականէն,
քաղաքական
հանգանակներէն
վեր
պարզութեամբ,
պարկեշտութեամբ,
արիութեամբ
–
պոռալու`
միութիւնը
սիրտի,
հոգիի,
միտքի
իմ
ժողովուրդին,
անոր
բոլոր
դարերուն
ալ
համար,
մեծին
ինչպէս
պզտիկին,
սեւին
ինչպէս
ճերմակին,
դեղինին
ինչպէս
կարմիրին։
Բացի
փաստէն
որ
ծանր
է
ինքնին,
բոլոր
դարերու
վրայ
բացուող,
այս
ժողովուրդին,
հոգեկան
շնորհներէն,
այնքան
անուշ,
թանկ,
տրտում,
սրտայոյզ,
ստեղծումից
բոլոր
կալուածներուն
երեսին,
կայ
արեան
սրբազան
պատգամը
զոր
մեկնելու,
հասկնալու
մեր
պարտքը
կը
կատարենք
այնքան
անօգուտ
դառնութեամբ,
իրարու
մերժելով
այդ
արեեան
իսկ
իրաւունքը,
հողին
նոյնքան
սրբազան
սփոփանքը,
եղջերուն՝
հպարտութիւն,
ստեղծումի
ասպարէզ,
մեռելներու՝
քաղցր
խաղաղութիւն։
Արիւն,
ստեղծում,
սլացք,
մեզի
մինչեւ
աւելի
անդին,
դէպի
բոլոր
արիւնները,
ստեղծումները։
Ու
մի
մոռնաք,
մինչ
միշտ
մեր
չափով,
կը
կրկնեմ
ու
կը
կրկնեմ՝
–
Եւ
եղով
։
Աճապարանք,
անգիտութիւն,
նոյնիսկ
տղայական
միամտութիւն՝
այդ
խորախորհուրդ
ալշիմիէն
խօսիլ,
գրած
ըլլալ
յայտարարել
հոն
բաներ
որոնք
մարդկային
յաւիտենական
արժէքներու
թանգարանին
մէջ
բացառիկ
կայքերու
ըլլային
սահմանուած։
Որբութի՞ւն,
երբ
մեր
դառնութիւնը
մեզ
կը
զգետնէ,
մեր
տեսածներուն
ետին
սեւը
գտուելով
հերքումն
իսկ
այս
անգամ
մարդկութեան
հպարտութիւններուն,
այնքան
ծանր,
սուղ
գնուած,
անասնութեան
դարերէն
մինչեւ
մեր
օրերը։
Ու
այսքան
զոհերէ
վերջ
ճակատագիր՝
նորէն,
որպէսզի
դրանք
ստիպուած
գործադրելու
մեր
պապերուն
հերոսական
եղանակները,
–
անցնիլ
անդին,
այսինքն
չտնտնալ
անասնութեան,
հեշտանքի,
միսի,
արեան
ճենճերին
եւ
մաշարայական
ախտերու
դալկութանց,
սեւ
ու
դեղին
ոսկիներու
եւ
անհուն,
անխորտակելի
կեղծիքի
համախառնուրդ
–
մշակոյթի
առջեւէն
որ
կը
պարզուի
մեր
աչուըներուն։
Լուռ,
մռայլ,
առանց
պատրանքի:
Մեր
պապերը
ըրին
այս
ամէնը,
իրենց
սքանչելի
իմաստութեամբը,
կառչելով
գերագույն
իրականութեան,
ապրելու
իրենց
պարտքին։
Այսօր,
մենք
անոնց
զաւակները
չենք
կրնար
օգտագործել
անշուշտ
այդ
սրբազան
յուռութքը:
Հարիւր
տարուան
մէջ
այդ
հերքումը
մեզի
արժեց
մեր
ժողովուրդին
կէսէն,
աւելին
բնաջնջումը,
մեր
թիւէն
անդին
մեր
հողերը
ուտելով:
Բայց
կրնանք
մեր
ձեւովը
մօտենալ
աղէտին:
Մեր
հոգիին
ատամներով
մեր
զայրոյթը
աղալը
թերեւս
տկարացման
ազդակ:
Մեր
զզուանքը
այդ
նոր
մշակոյթէն,
իր
կարգին
թերեւս
ուրիշ
ազդակ,
մեր
շրջափոխութիւնը
դանդաղեցնող:
Բայց
մեր
վստահութիւնը՝
անյայլայլօրէն,
ուր
մեր
կամ
մեզ
նման
խոնարհ
ժողովուրդէ
մը,
մէկը,
ինչ
հանճարովը
պիտի
ստեղծէ
միջոցը
քաւել
տալու
մեր
բոլոր
նուաստութիւնները,
զոհերը,
մեր
յաւիտենական
թշնամիէն,
ու
անոր
նոր
պաշտպաներուն։
Ինչ
ընդարձակ
այլասերում՝
որ
վարակած
է
մեր
ժամանակներու
փարթամ
ու
երիտասարդ
հասարակապետութիւնը
Նոր
Աշխարհին,
իր
հանգամանոր
ներկայացուցիչներէն
մինչեւ
անպատասխանատու
զանգուածները:
Եւրոպան
ազատելու
համար
հսկայական
զոհողութեանց,
վտանգներու
դիմակալ
այդ
ժողովուրդը
որքան
շուտ,
շատ,
չա՜տ
գիտէ
մոռանալ
անմոռանալի
բաներ:
Այսօրուան
«
ազնուական
»,
«
քաղաքակիրթ
»,
«
մեծոգի
»,
«
հիւրասէր
»,
«
երբեք
ջարդարար
»
յայտարարուած
ժողովուրդը
երբ
նախագահներ,
սպարապետներ
կը
փառաբանեն,
հայերը
նստեցնելով
ոճիրին
աթոռին,
կամ՝
հզօր
կեղծիքով
մը
կը
խաչեն
իրենց
խղճմտանքը
կամ
երբեք
ձեռք
չեն
երկարած
միսիոնարներու
Մորկընթաուներու,
Ճէրըրտններու
հատորներուն,
ուր
թուրքին
կերպարանքը
աւելի
քան
հարազատ
սեւեռուած
է
այդ
բանը
ընելու
ընդունակ
մարդոց
կողմէ
որոնք
տեղին
վրայ
տեսան
սրբազան
ժողովուրդը,
տարի
մը
ամբողջ
ջարդերու
հեշտանքէն
գինով
ու
յիմար:
Ժամանակով,
դարերով
չեն
կրնար
փոշիանալ
այդ
վկայութիւնները:
Գերման
խժդժութիւնները
պատճա՞ռ,
որպէսզի
ոչ
թէ
մոռցուին,
այլ
գլխովին
այլափոխուին
գերազանց
խժդժութիւնները
Մե՜ծ
ժողովուրդին
որ
ահա
կ՚արժանանայ
այնքան
անակնկալ
վարձատրանքի
եւ
փառքի։
1915ի
աղէտը
անով
անզուգակշռելի
է
որ
նոր
հեղինակները
զայն
շղթայազերծելուն
մէջ
կը
հաւատային
թէ
կը
ծառայէին
իրենց
պապերուն
աստուածութեանց։
Մարդկութիւնը
ծախելը,
այսօր
դիւրին,
վաղը
պիտի
դառնայ
ծախողներուն
իսկ
գլխուն
գինը։
Դուրս
չեմ՝
իրականութենէ։
Իմ
հոգիին
առջին
յստակ
է
մարդը,
մարդոց
խումբը
որոնք
գտած
են
գաղտնիքը
այս
մարմնական
եւ
իմացական
գազանութիւններուն
հաշիւը
պահանջելու
եւ
յարդարելու,
միակտուր
կործանելով
ինչ
որ
արեւմտյան
մշակոյթ
ոսկեփոշի
պիտակին
տակ
կը
քաշքշուի
եւ
պատմութեան
յանձնելով
ամենէն
անարգ
մարդկութիւնը,
ողջ
ողջ։
Արդարութիւնը
–
սուր
յղացք
–
ինքզինքը
հերքելով
է
որ
պիտի
գայ:
Չի
կրնար
չգալ:
Մարդկութեանն
այսօրուան
յառաջապահ
դրամապետութիւնները,
ճաշով,
օդանաւով,
զրահաւորով
եւ
կանանչ
թուղթի
բուրգերով
երբ
կը
յաւակնին
թաղել
զոհերուն
ողբերգութիւնը,
գիտե՞ս
թէ
կը
պատրաստեն
իրենցը։
Կարմիր
մարգարէ
մը
ըլլալու
պէտք
չի
կայ
խօսելու
օրէն,
ոչ
շատ
հեռու
ուր
Ալեքսանդր
Պլօքի
քերթուածը
պիտի
դառնայ
օրուայ
ապրում...:
Երէկ
Արեւելք–Արեւմուտք
ոսին,
աժան,
տիրացական
ճակատախաղ
մըն
էր
էս
խաղցուածը:
Ներկարար
մը
քիչ
գնաց
պիտի
կտրէր
կորդեան
հանգոյցը:
Այսօր
դեմոկրատ
–
համայնավար
հակադրութեան
տակ
այդ
արեւմուտքը
կը
կրկնէ
գերմանական
ռազմախաղը,
նոյնքան
անողոք
սինիզմով
մը
երբ
դարերու
ամենէն
սրբազան
իսկութիւններուն
կաթիլներովը
կազմուած
հարազատ
մշակոյթը
–
մարդկութեան,
հաւասար
հացին,
հաւասար
աշխատանքին,
հաւասար
վայելքին
այնքան:
սրտագին
երազուած
ու
աննուաճ
մնացած
–
սակարկութեան
կը
հանեն,
եւ
օրինակ,
քարիւղի
համար
կը
թաղեն
աստուածային
պարզութեամբ
դատեր,
որոնցմէ
մէկը,
մերն
է,
առանց
աւելորդ
բառի:
Շեղումներ
չեն
վերի
էջերը։
Մշակո՛յթը՝
մարդուն
ամենէն
սրբազան
հպարտութիւնը:
Ու
անոր
մէկ
կերպարանքին,
հայկական
մշակոյթին
բոլորանուէր
սպասարկումը
իրեն
կեանքի
իմաստ
ու
նպատակ
ընտրած
աշխատաւորի
մը
գործ
էն
իմ
մէջ
առաջացող
սա
անդրադարձերը
կը
նկատեմ
առնուազն
ըսուելու
արժանի:
Անկլօ–Սաքսոնները
մշակոյթի
ջարդարարներ
չեն
անշուշտ։
Ու
հեռու
ինձմէ
սրբապղծութիւնը
զանոնք
նմանցնելու
Մոնկոլներուն
որոնց
կատաղութիւնը
ողջերուն
վրայ
իսկ
չի
յագենար,
տարածուելու
համար
մեռելներուն,
գերեզմաններուն,
տաճարներու,
հիմնաքանդ
փոշի
դարձած,
այսօր,
անոնցմէ
տիրապետուած
հողերուն
տակն
ու
վրան։