ՊԱՏԿԵՐ
ԱՌԱՋԻՆ
(Նոյն
դղեակին
հրապարակը:
Հեռուէ
հեռու
խմբաւոր
բազմութիւն։
Կեդրոնը՝
աղբիւր,
որուն
շրջանակին
կը
բացուին
նեղ
ճամբաներ։
Անոնց
մուտքին,
նիզակաւոր
եւ
սակրաւոր
զինուորներ:
Քիչ
մը
աւելի
մօտ՝
աղբիւրի
չորս
բացուածքներուն
վրայ
չորս
գահերը,
ուր
բազմած
են
ՊԱՏԻՆ,
ԿՈԶՊԱՏԻՆ,
ՍԻՒՏԻՆ,
ՉԱՐԽԱՏԻՆ։
Ձենով
Օհանը,
ձեռքերը
ծոցին՝
անոնց
առջեւ
պարկերու
վրայ
նստած:
Խորքէն,
ճամբաներէն
կ՚երեւին
յառաջացող
խումբեր։
Մանուկներ
են,
որոնք
կը
քաշուին
զինուորներէն
դէպի
հրապարակ։
Անոնց
կը
հետեւին
մայրեր,
նիզակի
հասողութեամբ
հեռու
թափօրէն։
Լաց՝
մանուկներու
եւ
մայրերու)։
ՍԻՒՏԻ
(Մանուկներու
խումբերը
կանգ
կ՚առնեն
Սիւտիի
առջեւ։
Զանոնք
վարող
տասնապետին).
Լաւ
զատեցի՞ր,
լաւ
չափեցի՞ր,
Կա՞ն
տակաւին։
ՏԱՍՆԱՊԵՏԸ
Հինգն
են
վերջին,
իշխան
Սիւտի,
Լրացած
է
թիւը
քառսուն
Եօթնամենի
մանուկներուն։
Մէկիկ—մէկիկ
մերկացուցի,
Ու
քննեցի։
Երկաթի
պէս
ունին
ոլոք։
ՄԱՅՐ
ՄԸ
(Մօտենալով
Սիւտիին).
Քառսուն
ցերեկ,
քառսուն
գիշեր,
Խածնէ
հոգին,
արիւն
փսխէ
Ու
չսատկի։
Այսպէս
ըրէ
ինձմէ
բարեւ
Դուն
Մելիքին,
Իշխան
Սիւտի։
Մէկ
հատիկս
էր՝
տանը
ճըրագ։
Որո՞ւն
պատմեմ
ցաւն
իմ
անհուն,
Դուն
դատաւոր,
Մարութայ
սուրբ
Աստուածածին,
Օրրանի
մէջ
սատկի
տղան
Ատ
Մելիքին։
ՍԻՒՏԻ
Զինուոր,
կոտրէ՛
կզակը
լիրբ
Սա
քաւթառին։
ՏԱՍՆԱՊԵՏԸ
(Առանց
շարժելու)։
Չափ
դիր,
կնիկ,
քու
շրթերուն,
Քաշուէ
մէկդի,
ո՞ւր
է
էրիկդ,
Ա՛ն
թող
խօսի
եթէ
կրնայ։
(Կը
հրէ
մէկդի
կինը)։
Իշխան
Սիւտի,
Հրամանն
է
մեր
մեծերուն,
—
Կը
խնայուին
Ծեր
ու
պառաւ,
Կին
ու
մանուկ։
ՍԻՒՏԻ
Քեզ
կը
բաշխեմ
արիւնն
անոր,
Քաջ
իմ
զինուոր։
Թէ
չէ՝
արդէն
դդումի
պէս
Ինկած
կ՚ըլլար
գլուխն
անոր
Իր
ուսերէն։
Մեզմէ
աղէկ
իրենք
գիտեն,
Գիտնալու
են
Գինը
իրենց
գլուխներուն։
Վա՜յ
պարտեալին։
ՏԱՍՆԱՊԵՏԸ
Արեւն
անոր
վրան
կնոջ
ու
զաւակին,
Իշխան
Սիտի,
Մայր
է,
Աստուած
միայն
կրնայ
Հասնիլ
ցաւին
Այդ
կնիկին։
(Մանուկները
կը
հրուին
դուռնէն
ներս,
որ
կը
փակուի։
Ուրիշ
բացուածքէ
մը
նոր
խումբ
մը
զինուորներու,
որոնք
աղջիկ
մը
կը
քաշկռտեն)։
ՉԱՐԽԱՏԻՆ
Իմ
տասնապետ,
վազէ
շուտով,
Աղջիկներ
են։
Մսրայ
Մելիքի
շքեղ
պալատին
Համար
պատրաստուած։
(Զինուորներու
թափօրը
կը
յառաջանայ:
Աղջըկան
լացը,
պոռչտուքը,
ծեծկւուքը,
անկարող
են
փոխելու
իր
ճակատագիրը։
Զինուորները
զայն
կը
հրին
դուռնէ
մը
ներս,
որ
կը
գոցուի)։
ԶԻՆՈՒՈՐԸ
Ի՜նչ
նեղութիւն,
ի՜նչ
չարչարանք
Արժեց
մեզի,
Մեծ
Չարխատի,
Քածն
այս
լկտի.
(Կը
սրբէ
մատէն
վազող
արիւնը)։
Մատս
փրթեր
պիտի
կէսէն
Պառաւ
անոր
մօրն
ատամէն։
ՉԱՐԽԱՏԻՆ
Կոտրեցի՞ր
քիթն
ու
բերանն
Անօրէնին։
Հանէիր
թող
փարթը
փորէն
Ու
նետէիր
մեր
շուներուն։
(Հաւաքուողներուն)
Է՜յ
դուք,
շունի
ու
մողէսի
Ցած
ծնունդներ։
Մոռցա՞ք
գինը
ձեր
գլուխին։
(Թուղթ
մը
հանելով
ծոցէն) .
Հոս
գրուած
է
գինը
գլխուդ,
Ձէնով
Օհան,
Տակը
նշանն
է
մեծ
մատիդ
(Թուղթը
երկարելով)։
Կարդա՛,
Կոզպատի,
Որ
լաւ
հասկնան։
ԿՈԶՊԱՏԻՆ
(Թուղթը
կարդալով):
Ու
ամէն
տարի
Սասնայ
քաղաքէն
Քառսուն
կարճ
կնիկ,
Որ
երկանք
աղան,
Քառսուն
ալ
երկայն,
Որ
ուղտեր
բառնան,
Քառսուն
թարմ
աղջիկ,
Ու
քառսուն
մանուկ,
Ու
լիտր
քառասուն
Կլորիկ
ոսկի.
—
Այսպէս
է
գրուած
Մէջը
այս
թուղթին։
Աջ
ձեռքին
մատն
ալ
Ձէնով
Օհանին։
Սասնայ
կնիքով
Ու
կնիքովը
Ապու
Հուրիին։
ՉԱՐԽԱՏԻՆ
Տուր
հիմա
թուղթը։
(Կ՚առնէ):
Հասկցա՞ք
հիմա,
Ստորին
գինը
ձեր
գլուխներուն։
Աստուած
մէկ
օրն
ընէ
հազար
Մեր
Մելիքին։
Գիտցած
ըլլաք,
երբ
հաղորդեմ
Ձեր
կիներուն
կողմէ
այսպէս
Մեզի
հասած
արգելքները,
Վաղը,
բանակն
առջին
ձգած՝
Կու
գայ
Սասուն,
Փշուր–փշուր
սարերը
կաղայ
ալիւր՝
Ու
պարկ
ըրած
ձեր
քամակին՝
Ձեր
բոլորդ
ալ
առօք–փառօք
Հա՜
կը
քշէ
հողը
Մսրայ։
Հէ՛մ
վալլահբի,
հէ՛մ
պիլլահի։
ՊԱՏԻՆ
Ձենով
Օհան,
աղուէս
աղուս,
Պոչդ
ծռած
Պարկին
վրայ
Ի՞նչ
ես
նստեր։
Ըրէ
շուտ
լուր,
Բերուին
պակաս
պարկերն
ոսկի։
Երեք
օր
է
կը
խաղցնես
Սիւտին,
Չարխատին,
Պատին,
Կոզպատին։
Աստուած
վկայ,
Մսրայ
Մելիք
Ողջ–ողջ
կ՚առնէ
այդ
քու
կաշին
Ոսկորներէդ,
Երբ
իմանայ,
Թէ
նեղութիւն
Իր
զօրքերուն
Կը
նիւթես
դուն։
ՁԷՆՈՎ
ՕՀԱՆ
Մարդ
եմ
ղրկեր,
կը
հասնի
շուտ,
Պարկը
պակաս
ոսկիներուն։
Մենք
ուրացող
դեռ
չենք
եղած
Տուրքերը
մեր։
ՊԱՏԻՆ
Շատ
կը
խօսիս,
ո՞ւր
է
չափը։
ՁԷՆՈՎ
ՕՀԱՆ
Մէջը
պարկին,
որ
պիտի
գայ։
Մինակ
ըսէք
զինուորներուն՝
Չընեն
չարիք
ժողովուրդին:
ԿՈԶՊԱՏԻՆ
Երես
ունիս
դեռ
խօսելու։
Կնիկներն
ես
ձգած
մէջտեղ,
Գազաններուն
պէս
անօթի
Մատը
կ՚ուտեն
զինուորներուն։
Սասունցինե՛ր,
Լսեցէք
պինդ,
Ու
պահեցէք
ձեր
մտքին
մէջ
Սա
օրը
միշտ,
—
Չլրացած
եօթը
տարին
Եղէք
վստահ,
նորէն
կու
գան
Հրամանով
մեր
Մելիքին,
Սիւտին,
Չարխատին,
Պատին,
Կոզպատին։
Ու
կը
տանին՝
ինչպէս
այսօր,
Մսրայ
Մելիքին,
Քառսուն
կարճ
կնիկ,
Քառսուն
ալ
երկայն,
Քառսուն
թարմ
աղջիկ,
Քառասուն
մանուկ,
Ու
լիտր
քառսուն
կլորիկ
ոսկի։
(Հեռուէն
գիւղացիներ,
որոնցմէ
մէկը
պարկին
տակ
կքած)։
Դէ՛,
պարկը
հասաւ,
Շուտ
անցէք
առաջ,
Մսրայ
զինուորներ,
Չափելու
ոսկին։
(Պարկը
կը
դրուի
Ձենով
Օհանին
առջեւ)։
ՁԷՆՈՎ
ՕՀԱՆ
(կը
հանէ
գրիւը
պարկէն.
յետոյ՝
անգիտակցաբար
խաչակնքելով)։
Եա,
սուրբ
Տիրամայրը։
ՊԱՏԻՆ
(Գաւազանով
կը
զարնէ
ձեռքին)։
Արգիլուած
է
նշանն
այդ
սուտ։
Հրաման
է։
Մսրայ
Մելիք
Կը
կոտրէ
ուսդ
կռնակէդ
Ներկայութեան
իր
երբ
ընես
Նշանն
այդ
սուտ։
Արդա՞ր
է
չափդ,
աղուէս
Օհան։
(Կը
չափէ
գրիւին
տրամագիծն
ու
բարձրութիւնը)։
Մեծ
կտորը
քու
մարմինէն
Վալլա՛հ,
պիլլա՛հ,
գիտցած
ըլլաս՝
Ականջներդ
են,
որ
կը
մնան
Եթէ
խարդախ
չափ
ես
ճարած։
Հարամ
չ՚ուտեր
Մսրայ
Մելիք։
Եօթը
տարուան
խարճը
պիտի
Ողջ
վճարուի
լուսնէն
առաջ։
Թէ
ոչ՝
կու
գայ
Մելիքն
անձամբ
Կը
հաւաքէ
ու
կը
ջարդէ
Գլուխները
ձեր
բոլորին։
Հէ՛մ
վալահի,
հէ՛մ
պիլահի։
(Խոր
լռութիւն։
Բեմի
խորքին
կ՚երեւին
Սասունցի
Դաւիթ,
Քեռի
Թորոս,
Պարոն
Աստղեկ
ու
պառաւը)։
ԴԱՒԻԹ
Ի՞նչ
կայ
այստեղ,
Գործն
ի՞նչ
բոլոր
այս
մարդերուն
Սասնայ
քաղաք։
Ա՛յ
Հօրեղբայր,
Ձէնով
Օհան,
Ինչո՞ւ
ծուռ
ճիտ
աղաչաւոր
Նստեր
այդպէս
ոսկու
պարկին։
ՁԷՆՈՎ
ՕՀԱՆ
Տուրքն
է
երկրին,
տղաս,
Դաւիթ,
Եկեր
տանին
պիտի
այսօր
Մսրայ
քաղաք։
Զօրքն
ալ՝
բանակը
Մելիքին։
Ծուռ
է
ճիտը
յաղթուողին,
պարտուողին:
ԴԱՒԻԹ
Ինչո՞ւ,
որո՞ւ
ունինք
մենք
պարտք։
ՊԱՏԻՆ
Լեռնէն
իջած
ա՞րջ
ես,
թէ
մարդու
որդի,
Որ
չես
գիտեր
այդչափ
պարզ
բան։
Չե՞ս
լսած
դուն
անունն
հզօր
Մեր
Մելիքին,
Ինչո՞ւդ
է
պէտք,
որ
խառնուիս
Այս
գործերուն։
Գնա՛
աղուէս,
գայլ
որսալու։
ՁԷՆՈՎ
ՕՀԱՆ՝
Մ
ի
բարկանար,
մի
բարկանար,
Ան
տղայ
է,
հասակէն
մե՛ծ,
Տարիքով
քի՛չ։
ՉԱՐԽԱՏԻՆ
Պարտքն
է
երկրին
եօթը
տարուան
Ողջ
վճարուի,
լուսնէն
առաջ։
Չափէ,
զինուոր,
պարկը
ոսկի։
Նայելու
տեղ
այդպէս
պաղած
Իր
երեսին։
ԴԱՒԻԹ
(Հանդարտ
ձեռքը
երկարելով
կ՚առնէ
չափը)։
Չափն
ինձ
է
պէտք.
իմ
Հօր
ոսկին
Ինծի
կ՚իյնայ
չափել
ձեզի։
(Չափը
կ՚անցընէ
Պատիին
գլուխը)։
Այսպէս
ամբողջ
թող
կշտանան
Բերանները
ձեր
անօթի։
Ժողովուրդի
արդար
հացին
կողոպուտով
Ճակտէդ
ինկա՞ւ,
պուտ
մը
քրտինք
Ատ
պարկերով
ոսկուն
վրայ,
Որ
նստեր
ես
չափել
տալու։
(Կը
զարնէ
քամակին
ու
գահէն
վար
գլորելով):
Հիմա
ժողված
մարդերը
ձեր
Իշխան,
զինուոր,
ծառայ,
գերի,
Լուսնէն
առաջ
Դուք
կը
դառնաք
երկիրը
ձեր,
Բարեւ
կ՚ընէք
ձեր
Մելիքին,
Թէ
կայ
Սասուն
մարդ
մը,
ԴԱՒԻԹ,
Քեռի
Թորոս,
Պարոն
Աստղեկ։
ՔԵՌԻ
ԹՈՐՈՍ
Փաթթե՞մ
առջեւդ
վոհմակը
պիղծ
Գազաններուն:
ԴԱՒԻԹ
(Ձեռքովը
հանդարտութեան
հրաւէր)։
Դուք
կը
դառնաք
երկիրը
ձեր
Այս
րոպէին։
Թէ
չէ՝
ոսպի
ու
բակլայի
Պէս
ես
կաղամ
կողերը
ձեր
Ու
գլուխներ
Ճմուռ–ճմուռ…
Քեռի
Թորոս...
(Յարձակման
նշան)։
ՔԵՌԻ
ԹՈՐՈՍ
Ճմուռ–ճմուռ
կողերը
ձեր
Ու
գլուխներ…
(Կը
խաղցնէ
բարտին։
Չարխատին,
Կոզպատին,
Սիւտին
կը
փախչին
լեղապատառ։
Պատին,
գլուխը
գրիւէն
հանելու
անկարող՝
կը
թաւալի
գլոր-գլոր:
Զինուորները
փախած
են։
Ժողովուրդը
կը
խուժէ։
Դուռները
կը
խորտակուին,
դուրս
կ՚ելլեն
կիներ,
մանուկներ։
Ողջագուրումի
տեսարան)։
ՄԱՅՐԸ
(Իր
աղջիկը
համբուրելով)
Սուրդ
կտրուկ,
Առիւծ
Դաւիթ.
Օրդ
հազարով
բաշխէ
քեզի
Մարութայ
սուրբ
Աստուածածին։
ԴԱՒԻԹ
(Հանելով
Պատիին
գլուխէն
գրիւը
ու
նետելով
օդը)։
Այսպէս
փշուր
կ՚ըլլան
ահա
Ձեր
գլուխներ.
Կու
գաք
երբոր
դուք
Սասուն,
Քանի
ողջ
են
այս
լեռներուն
Դաւիթ,
Թորոս,
Պարոն
Աստղեկ։
Կռնա՛կդ,
շո՛ւտ...
ՁԷՆՈՎ
ՕՀԱՆ
Լաւ
բան
չըրիր,
տղաս
Դաւիթ,
Վաղն
սպասէ
դուն
բանակին
Մսրայ
Մելիքին։
ԴԱՒԻԹ
Դուն,
Հօրեղբայր,
Ինչո՞ւ
չըսիր
առաջ
ինծի.
Որբ-որբ
ձգեր
զիս
փողոցներ՝
Իմ
հօր
ոսկին
Ուրիշներուն
դուն
կը
ղրկես։
Ո՞ւր
է
մեր
տան
հրեղէն
ձին,
Ո՞ւր
է
իմ
հօր
Թուր–Կայծակին,
Ոսկի
գօտին
Կուրծքէն
կախ
խաչ
պատարագին։
ՁԷՆՈՎ
ՕՀԱՆ
Կարկի
բերանն
այս
պառաւին,
Որ
խառնակեր
է
քու
հոգին։
Քու
հայր
մեռաւ.
իջնէ
հոգին
Լոյս
երկնքէն.
Խռովեցաւ
Աստուած
մեզմէ.
Մսրայ
Մելիք
եկաւ
աւրեց
Սասնայ
երկիր։
Հիմա
տուրքի
կապուած,
գերի,
Խեղճեր
ենք
մենք…
Ի՞նչ
պատասխան
ունիք
տալիք
Իր
բանակին:
Թիւ
կայ
ծովու
աւազներուն,
Երկնի
աստղին,
Բայց
ոչ՝
Մսրայ
զինուորներուն։
ԴԱՒԻԹ
Մսրայ
Մելիք
մնայ
իր
տեղ,
Գործն
ինչ
անոր
Սասնայ
երկիր։
Ալ
ինչ
աղջիկ,
ալ
ինչ
մանչուկ,
Երկար
կնիկ
ու
կարճ
կնիկ։
Կտոր-կտոր
գլխուն
անոր
Մենք
կը
մանրենք:
Փոշի
ըրած
բանակն
իր
մեծ՝
Կու
տանք
հովին։
Քեռի
Թորոս,
Պարոն
Աստղեկ,
Քաջ
զինուորները
Սասունի։
ԽՄԲԵՐԳԸ
(Դանդաղ
ոլորտներով,
բեմին
երկու
կիսաղեղ
ները
կը
գրաւուին)։
Ապրի
Դաւիթ,
Թորոս,
Աստղեկ,
Սեւ
չտեսնեն
օրերն
անոնց։
Հաւատարիմ
մեր
պապերուն՝
Ըլլան
վահան
ժողովուրդին։
Ահը
անոնց
հասնի
հեռուն
Մսրայ
քաղաք։
Սասունն
ամբողջ
իրենց
շուքին
Հպարտ,
ազատ
ու
երջանիկ։
(ՎԱՐԱԳՈՅՐ)