Քնարախաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՇՈՒՆՉՈՎ
(ՕՐՀՆԱՍԱՑՈՒԹԻՒՆ)

ՄԵՆԱՍՈՂ

Ալէլուիա, Ալէլուիա.
Անո՜ր, որ տէրն է ամէնուն։

ԽՈՒՄԲ

Ալէլուիա, Ալէլուիա.
Անո՜ր, որ տէրն է ջուրերուն,
Հաստիչը մեծ՝ անձեռագործ տաճարներուն
Մարդոց սրտին.
Ու գահակա՜լն՝ անհունափառ,
Ադամանդուած երկինքներուն՝
Ալէլուիա…

ՄԵՆԱՍՈՂ

Աչքը որուն՝ արեւ բարի՝
Հայաստանեայց մեր աշխարհին։

ԽՈՒՄԲ

Զի այց ըրաւ ան մեզ կրկին,
Գահէն ոսկի՝
Աղբերելով շողն իր մտքին
Ընդերքն ի վար խոր խաւարին
Մեր սրտերուն եւ ուղեղին։
Բարձէն լքուած, բարձէն տխուր
Հայաստանեայց հին աշխարհին
Ան ծաղկեցուց
Անգին ծաղիկն իմաստութեան,
Մատեանն՝ ալ հա՜յ,
Նախաբարբառ սուրբ իր շունչին։
Մատեանն ալ հա՜յ, Մատեանն համակ
Դաշնակութիւն,
Ու քաղցրութիւն,
Ու սրբութիւն։

ԿԱՊԱՐՃԱԿԻՐ

(Ներս մտնելով եւ մատովի ցոյց տալով մութին մէջ տարտամ ձեւեր)։

Երամն ահա,
Ազնուական քերթողներուն,
Գալար–գալար մագաղաթներն իրենց ձեռքին։

ՄԵՆԵՐԳՈՂ

Դուք դպիրներ, դուք քերթողներ,
Հին մեր ցեղին նոր բարունա՜կ.
Առա՛ջ, առա՛ջ։

(Դպիրները զոյգ-զոյգ կը քալեն դէպի բեմ, բաշխուելով աջ ու ձախ եւ կը կազմեն կոր գիծը)։

ՄԵՆԵՐԳՈՂ

Բոլո՛ր, բոլո՛ր։

(Դպիրները կը կազմեն աղեղ մը)։

Բացուին ազատ, բացուին հպարտ
Դրօշները մագաղաթին։

(Դպիրները կը ձգեն մագաղաթները, որոնք ճրագալոյցի կարդացուող գիրքերուն նման զարդարուն են, բոլորն ալ գրուած մեծատառ, մեսրոպեան երկաթագիրով)։

ԽՈՒՄԲ

Բացուին հպա՛ րտ երեսները մագաղաթին
Ու խայտ իյնայ դէմքին, սրտին ծերունափառ Հայրապետին,
Հայոց մեծաց աստուածարեալ առաջնորդին։

ՄԵՆԵՐԳՈՂ

Ու իջեայ լոյս,
Ու իջեայ խինդ
Խորն հոգիին
Աստուածարեալ վարդապետին,
Գրին գտիչ, կաղապարիչ մեծ Մաշտոցին։

ԽՈՒՄԲ

Բացուին ազատ ու ներդաշնակ
Կապերը բիրտ լեզուներուն,
Խուժ բարբառէն ասորիին
Ու Հելլէնին։
Բացուին անուշ ձեր լեզուներ՝
Ըսել մեզի, պատմել մեզի,
Աղբերապէս հոսել մեզի,
Առուակները անմահ Բանին։

ԴՊԻՐՆԵՐ

Ալէլուիա, Ալէլուիա…
«ՃԱՆԱՉԵԼ ԶԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԶԽՐԱՏ»,
«ԻՄԱՆԱԼ ԶԲԱՆՍ ՀԱՆՃԱՐՈՅ»...

ԽՈՒՄԲ

Իմաստութիւնը Աստուծոյ,
Մարդոց սրտէն, մտքէն անդի՜ն։
Այնպէս՝ ինչպէս ինք կը տեսնէ
Իր անմատոյց, ջի՛նջ խորքերէն
Անդունդները անոնց սրտին.
Ու կը լարէ
Քայլերն անոնց։
Իմաստութիւնն անմահ Բանին,
Որ կը բերէ փունջերը խաժ բարիքներուն
Վրայ երկրին Հայաստանեայց։
Պողոտայէն արեան կարմիր
Գերդաստանէն արքայասպան՝
Սահմանելու մեզ հայրապետ՝
Լուսաւորիչ տեղն իր պապուն...
Թող փառքն անոր պատմեն ոսկի
Լեզուները սա գիրերուն,
Յաւիտեանէ մինչ յաւիտեան։

ՄԵՆԵՐԳՈՂ

Զի միտքն է գոյ, վրան արագ հեղեղներուն
Ու մարդկեղէն խօլ փառքերուն։

ԽՈՒՄԲ

Զի միտքը կայ, անմահ ու պերճ,
Հարստութիւն ու մեծ համբաւ,
Պալատ, ոսկի ու գաւառներ,
Արքայութիւնն իսկ երկրաւոր,
Երբ կը փակչին տապաստ հողին:
Միտքը կանգուն՝
Վրան թշուառ մեր փառքերուն,
Կրակէ սիւն, որուն լոյսին
Պիտի նային,
Հազար ամէ մինչ հազար ամ,
Աչքերը քաղցր մեր զարմերուն,
Չվախնալու փոթորիկէն ու գուպարէն
Աշխարհային խուժ յոյզերուն,
Մնալ յառած կայծ պատգամին, որ կ՚արձակուի
Մագաղաթին երեսներէն։

 

ԿԱՊԱՐՃԱԿԻՐ

(Մատովը ցոյց տալով):

Մատեանն ստեղ։

ՄԱՏԵՆԱԿԻՐ

(Ոսկեհիւս պաստառի մը մէջ մեծ Աւետարանը կը բերէ դանդաղ)։

Աստուածաշունչ Հայաստանեայցս...

ՄԵՆԵՐԳՈՂ

Ծունկի, ծունկի, ինկէք ծունկի
Առջին ոսկի,
Առջին հոգի
Մեծ Մատեանին։

ԽՈՒՄԲ

Ծունկի առջեւն անոր՝ որուն
Առջեւ գան դեռ պիտի ծունկի,
Ազգերը մօտ, ազգերն հեռու
Արեւմուտքին ու Հիւսիսին։

(Բոլորը կ՚իյնան ծունկի. խաչակնքում, բուրվառ ու լռութիւն)։

ՄԵՆԵՐԳՈՂ

Թող օրհնուին մատները ձեր,
Հողէն հանող անմահ հոգին։

ԽՈՒՄ Բ

Թող օրհնուին մատներն անոնց,
Որոնք գոյնէն ու գրիչէն, մշտամշո՜ւշ,
Ու անձանձիր ու աննուաղ՝ հոծ երկունքէն,
Տարին դրին տարիներուն,
Ու մարդկօրէն ըրին ամենն,
Որպէսզի մեծ մութին խորէն,
Չգիտութեան սանդարմետէն
Բերեն լոյսին սա փառքն անշէջ,
Գիրքերուն Գիրքն,
Աստուածախօս Մատեանն ահեղ։
Թող օրհնուին, բիւր օրհնուին
Աչքերն հզօր, աչքերը սուրբ
Անոնց՝ որոնք
Եղան լարուած, քունն հալածող,
Հանգիստէն վեր
Ու կեանքէն դուրս ու չճանչցան գուլը սրտին
Մինչեւ բերին
Սա սրբազան կաթողիկէն
Իր աւարտին,
Թող օրհնուին խոնարհ դպիրն ու շինական
Պարզ քերթողներ,
Որոնք գառնուկն ու իր մորթին
Ըրին խորան աստուածեղէն անմահ Բանին։
Թող օրհնուին հեռուներէն խուրձ-խուրձ եղէգ
Մեզ բերողներն,
Ու օրհնուին հզօրամիտ,
Խորաթափանց վերծանողներ,
Վարդապետներ ու երէցներ,
Ու թարգմաններ,
Բոլորն ալ բիւր, բիւր բարիքով
Յիշուին առաջն ամենակալ ու անվախճան
Թագաւորին։
Փա՜ռք ու պարծանք ձեզ առաջին
Մշակներուն
Հայաստանեայց սուրբ բարբառին։

ՕՐՀՆՈՂ

(Մատեանը առնելով).

Յանուն Հանուրց ինքնակալին
Հօրն Սրբոյ,
Յանուն անհուն սիրոյ խորան
Սրբոյ Որդւոյն,
Յանուն անճառ իմաստութեան անհունաստեղծ
Աշտանակին
Սրբոյ Հոգւոյն,
Թող օրհնուի աշխարհ Հայոց
Ու թագաւորն իր իմաստուն.

ԽՈՒՄԲ

Ու թագաւորն իր իմաստուն,
Որ իր սուրին ու բանակին,
Ու թափն հուժկու, կրակն ազնիւ
Ազնուական իր հաւատքին
Դրաւ սպաս
Այս մեծ գործին,
Այս սուրբ գործին,
Ահեղ գործին պսակումին...
Ողջո՜յն, արքայ Վռամշապուհ,
Անունդ ոսկի,
Ոսկի Գիրքին հետ թող յիշուի
Յաւիտենէ մինչ յաւիտեան
Հո՛ն՝ ուր երկու Հայ պատանի
Պիտի խօսին լեզուովը մեր,
Լեզուովն անուշ, աստուածարեալ
Հայաստանեայց սուրբ աշխարհին,
Ցը կատարածըն աշխարհի։

ՕՐՀՆՈՂ

Թող օրհնուի ու պահպանուի
Տեղին իջման երկնից լոյսին,
Մնայ անմեռ Աթոռն Հայոց
Օծուած արեամբ Լուսաւորչին։

ԽՈՒՄԲ

Մնայ անմահ, մնայ կանգուն ու փառաշուք
Աթոռը Մայր
Արարատին,
Ու դարէ դար աշտարակէ
Թող անսասան
Մատեանը սուրբ՝
Նման Հսկայ Արարատին,
Երկնի վրայ ձեւուած անհուն
Անձեռագործ կաթողիկէ՜։
Ու սփռէ լոյս, սփռէ բարիք, ու սփոփանք։
Ու թող դառնան աչքերը մեր,
Որդիներուն ու թոռներուն`
Դէպի խորանն այս լուսեղէն
Ու հաղորդուին ու զօրանան,
Պայծառանան ու քաղցրանան
Որդւոց որդի, քանի շնչէ բարբառն անուշ,
Բարբառն ոսկի,
Հայաստանեայց մեր աշխարհին,
Քանի բեմէն տաճարներուն
Հոսի աղբիւրն այս հաւատքին։
Ի՜նչ փոյթ արիւնն ու աւերած,
Ի՜նչ փոյթ փառքերն ալ աշխարհիկ,
Քանի լսուի Հայոց երկրին՝
Միլիոնաւոր զաւկըներուն բերաններէն
Խօսքն Աստուծոյ, գրուած այսպէս,
Այսպէս անուշ ու սրտառուչ,
Մենք չենք մնար զուրկ իր Աջէն։

ՕՐՀՆՈՂ

Թող օրհնուի ու պահպանուի
Արեւելեան կողմն աշխարհի,
Ազգերն հեռու, հարիւր, Հազար
Լեցուին լոյսովն այս սուրբ Գիրքին,
Ու հաշտուին՝
Սիրոյ ծովուն մէջ այս Գիրքին։

ԽՈՒՄԲ

Թող սաւառնի խօսքն Աստուծոյ
Մինչեւ ծագերն Արեւելքին,
Ու կատարուի պատգամն ահեղ՝
«Գայլք եւ գառինք
Ի միասին
Ճարակեսցին»…
Թագաւորէ սէրն անոնց մէջ,
Ու պաշտուի Բանն Աստուծոյ
Իր սրբասուրբ մեծ Մատեանէն։

ՕՐՀՆՈՂԸ

Թող օրհնուին ու պահպանուին
Արեւմուտքը, մինչեւ Մեծ ծով,
Հիւսիսը ցուրտ, մինչեւ Ծովը սառոյցներուն,
Հարաւն յուռթի՝
Մինչ տափաստանն կնդրուկներուն
Եւ արմաւին։

ԽՈՒՄԲ

Թող ծաւալի, աղբերանայ ու ծով դառնայ
Խորհուրդն անճառ մեծ Մատեանին
Գիրքերու գիրք, Աստուծոյ շունչ
Չարեաց վահան մեծ Մատեանին.
Արեւելքէն մինչ Արեւմուտք,
Ու Հիւսիսէն դէպի Հարաւ,
Ու խորշերէն ու ծագերէն
Ազգ եւ ազինք եւ ժողովուրդը
Լեցուին հուրովն կենագործող մեր Հաւատքին։
Ու ցաւերու, ստուերները, ու գարշութեանց,
Անգթութեան ու արիւնի,
Կոտորածի ու աւերման
Սա Հովիտէն,
Աշխարհ՝ որուն կու տան անուն,
Ազգ եւ ազինք եւ ժողովուրդք,
Սկիզբ ընեն անճառելի ու անվախճան,
Լոյսով սարուած, հոգւով հիւսուած
Ու քաղցրութեամբ մթնոլորտուած,
Ամբողջ վայելք, դաշնակութիւն,
Ամբողջ աղօթք, երանութիւն
Մեզ կոճակող, մեզ ողողող
Մեր միւս կեանքին,
Անճառելի ու անվախճան
Երկնից կեանքին,
Նշանովը Սուրբ Մատեանին։
Ալէլուիա, ալէլուիա
Բարձունքներուն եւ խորքերուն
Տաղաւարող մեր Աստուծուն,
Անոր շունչին՝
Ալէլուիա, ալէլուիա։

ՄԵՆԵՐԳՈՂ

Ովսաննա՜,
Հայոց մեծաց Հայրապետին.
Կաղապարիչ մեծ Մաշտոցին,
Ասպետներուն, երէցներուն,
Վերծանողին, վարդապետին,
Գառան մորթին քերթողներուն,
Եղէք, թանաք շինողներուն,
Գրիչներուն,
Ու կազմողին։

ԽՈՒՄԲ

Ովսաննա՜, ովսաննա՜
Հայաստանեայց ժողովուրդին,
Որ զինաւոր անմեռ զէնքով՝
Պիտի քալէ ճակատագրին
Խորախորհուրդ ճամբաներէն,
Մինչեւ հասնի օրը վերջին,
Դիմաւորել թափօրն ահեղ,
Ահեղ օրուան Դատաստանին,
Հայ բարբառով ըսել երկնից.
«Հասած ենք, Տէ՜ր, օթեւանիդ... »
Ալէլուիա, ալէլուիա։

 

(ՎԱՐԱԳՈՅՐ)