Քնարախաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅՆ ՕՐԵՐՈՒՆ
(ԽՈՐՀՈՒՐԴ)

(Գաւիթ մը, մայր եկեղեցիի։ Ժողովուրդ, խումբ–խումբ։ Կան նաեւ առանձին մարդեր: Ոմանք՝ աղօթող։ Ուրիշներ՝ պատկեր դիտելով)։

ԵՐԿԱԹԱԳՈՐԾԸ

(Երէցի մը):

Ըսիր, տէր Հայր, արդէն կու գա՞ն։

ԵՐԷՑԸ

Հիմա, հիմա, վարպետ Աւագ:
Լուր է հասեր Բարձր Բերդէն։

ՋՈՒԼՀԱԿԸ

Ու կը բերեն...

ԵՐԷՑԸ

Աստուածաշունչն Հայաստանեայց…

ՀԻՒՍՆԸ

Մեր գիրերո՞վ…

ԵՐԷՑԸ

Մեր գիրերով, ու մեր լեզուով,
Երկնապարգեւ մեր հնչումով,
Գիրք ծննդոց, Հնգամատեան,
Թագաւորաց, Սաղմոսարան,
Քառահատոր Աւետարան,
Գործերը սուրբ Առաքելոց
Ու մեծ թուղթերն ալ Պաւղոսի...
Բոլորն այնքան աղուոր դարձած,
Այնքան անուշ կաղապարուած
Լեզուովն հայոց աստուածախօս...

ԵՐԿԱԹԱԳՈՐԾԸ

Դուն տեսե՞ր ես։

ԵՐԷՑԸ

Ա՛ռ քեզի խօսք։
Որ չտեսնեմ՝ ինչպէ՞ս ըսեմ
Քեզ անուններն այդ գիրքերուն,
Տեսեր, պարգեր, լացով թրջեր
Կողքն ալ ոսկի Սուրբ Մատեանին,
Մեռնիմ ահեղ իր անունին։

(Կը խաչակնքէ)։

ՋՈՒԼՀԱԿԸ

Մեռնինք ահեղ իր անունին։

(Կը խաչակնքէ)։

ՀԻՒՍՆԸ

Վարդապե՞տը։

ԵՐԷՑԸ

Ան ալ, ա՛ն ալ...

ՋՈՒԼՀԱԿԸ

Սո՛ւրբ է, կ՚ըսեն։

ԵՐԷՑԸ

Սուրբերու սո՛ւրբ։
Հրեշտակներ չորս կողմը ժուռ
Կու գան անոր։

ԵՐԿԱԹԱԳՈՐԾԸ

Դուն տեսե՞ր ես...

ԵՐԷՑԸ

Ա՛ռ քեզի խօսք։
Որ չտեսնեմ՝ ինչպէ՞ս կ՝ըսեմ…
Հետն եմ եղեր տարիներով…

ՋՈՒԼՀԱԿԸ

Կ՚ըսեն՝ ինքը Տէրն է տուեր
Գիրին տախտակն՝ ինչպէս երբեմն
Սինա լերան մեծ Մովսէսին...

ԵՐԷՑԸ

Ջուլհակ, ջուլհակ, մեր վարդապետ
Բերան բերնի, ես եմ լսեր,
Կը խօսի ցած Աստուծոյ հետ։

ՋՈՒԼՀԱԿԸ

Մեռնինք անոր սուրբ բերանին...

ԵՐԷՑԸ

Կու գայ հիմա, դուն կը տեսնես
Աչքին մէկուն, աջ աչքին մէջ,
Ինչպէս ոսպի հատիկ մը մեծ,
Լոյսը կ՚այրի...
Այդ լոյսը մեղմ, այդ լոյսն անմեռ
Աչքէն փրթեր է Աստուծոյ
Ու ինկեր հոն,
Մեծ վարդապետն երբ արցունքով
Անկէ կ՚ուզէր գիրերը մեր։
Հէ՛յ, դուք խեղճեր, դուք չէք լսեր
Ինչ ըսել է Աստուած տեսնել...
Մեռնիմ ահին ու անունին
Երկնահանգոյն վարդապետին։

ԵՐԿԱԹԱԳՈՐԾԸ

Ի՛նքն է մինակ, որ մեզ կու գայ։

ԵՐԷՑԸ

Հետն են անոր վերծանողներ...

ԵՐԿԱԹԱԳՈՐԾԸ

Ո՞վ ըսիր, ո՞վ...

ԵՐԷՑԸ

Հաստ է գլուխդ ափերուդ պէս,
Վարպետ Աւագ:
Չնեղանաս։ Վերծանողներ, նո՞ր կ՚իմանաս։
Հետն են անոր թարգմանիչներ,
Հայրապետին թոռը Վարդան...

ՍԵՊՈՒՀ ՄԸ

(Որ լուռ կը հետեւէր)։

Ի՞նչ է գործը Մամիկոնին
Մէջն աշխարհին սա մեր Սիւնեաց։

ԵՐԷՑԸ

Կնքահայրն է ան Սուրբ Գիրքին,
Կամքովը Հօրն ու մեծ պապուն՝
Հայաստանեայց Հայրապետին։

ՋՈՒԼՀԱԿԸ

Ի՞նչ կնքահայր…

ԵՐԷՑԸ

Ինչ կնքահա՞յր։ Սո՛ւրբ կնքահայր,
Ջուլհակ Արտաշ։ Ի՞մն է մեղքը, որ չգիտնաս,
Թէ կարգ, պաշտօն կը կատարուի
Վրան Գիրքին,
Եկեղեցու մեր առաջին
Աստուածաշունչ Մեծ Մատեանին։
Գրուած գիրով Լուսաւորչին...
Դէ՛, իմացիր։
Սիւնեաց իշխանն է հոգացեր
Ծախքերն անոր։
Քսան գրիչ,
Ճի՛շդ վեց ամիս,
Գիշեր-ցերեկ
Լոյսն են թափեր իրենց աչքին,
Հնարքն անճառ իրենց մասին,
Վրան անուշ, երկնայարդար
Մեծ Մատեանին։
Ու կնքահա՛յր,
Մամիկոնեան այդ պատանին։

ԺԱՄԿՈՉԸ

(Դուրսէն)։

Կուգա՞ն... կու գա՞ն...

(Նոյն ատեն չերեւցող զանգակ մը կը հնչէ հատ–հատ, միջոց տալով, որ լայնօրէն գործադրուի թնդիւնին թրթռումը։ Առաջաբեմին կ՚ուրուանայ աբեղայի մը հասակը, բարձր)։

ՋՈՒԼՀԱԿԸ

Ղեւոնդն է մեր...

ԵՐԿԱԹԱԳՈՐԾԸ

Ան է, Արտաշ, ի՛նչ ալ մեծցեր։
Աստուած պահէ աչք ու չարէն։

ՋՈՒԼՀԱԿԸ

Մեռնի մայրիկն իր արեւուն,
Ինչ ալ վայլեր սեւն հասակին։

ՀԻՒՍՆԸ

Ի՛նք չի խօսիր։

ԵՐԷՑԸ

Կարգաւորը շատ չի խօսիր։
Կեցի՛ր, շունչ մը առնէ գոնէ։

ՍԱՐԿԱՒԱԳԸ

(Ներս խուժելով, ուժգին, շարժուկոտոր)։

Վարդապե՜տը,
Վարդապե՜տը, վարդապե՛տը։

(Շունչ կ՚առնէ)։

Հետն է, կու գան վերծանողներն,
Կորիւնը մեծ՝ Սքանչելին,
Յովսէփը հեզ,
Ու Տարօնցին,
Ան՝ որ Մուշէ ունի անուն.
Ազնըւաչուի թոռն ալ կրակի
Հայաստանեայց Հայրապետին…

(Կը մտնէ Սիւնեաց նախարարը, սեպուհներ, երկու պատանի։ Շքախումբին կեդրոնը՝ վարդապետը)։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Ապրի Հազար,
Եռամեծար
Մեր վարդապետ:
Կեցցէ՛, կեցցէ՛, ապրի հազար՝
Բազմահանճար մեր վարդապետ։

ՈՒՐԻՇ ԽՈՒՄԲ ՄԸ

Ապրի բարով, հազար ամով
Տունը Սիւնեաց։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

(Հանդարտ ու խոր)։

Ողջո՜յն՝ Սիւնեաց
Քաջաբազուկ,
Կորովատէգ,
Հաւատախոր ժողովուրդին։

(Կը լռէ. գլխով շարժում աբեղաներուն, որոնք կը բաշխուին աջ ու ձախ, տող կազմելով. թափօր, կեդրոնին՝ վարդապետը, քովիկն ունենալով Մամիկոնեան Եւ Սիւնի պատանիները։ Թափօրը կանգ կ՚առնէ գաւթի այն պատին, որ եկեղեցիին նաւը կը զատէ գաւիթէն)։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Ծունկի՛.

(կը ծնրադրէ։ Բոլորը կը հետեւին, յետոյ՝ բազկատարած)

Որդիք, որ ծնանին, յարիցեն եւ պատմեսցին զայս որդւոց իւրեանց, զի դիցեն առ Աստուած զյոյսս իւրեանց եւ մի մոռասցեն ըզգործս Աստուծոյ…
Զպատուիրանս նորա խնդրելով խնդրեսցեն եւ մի եղիցին որպէս եւ Հարքն իւրեանց։

(Կ՚ելլէ ոտքի: Կը հետեւին միւսները)։

Չըլլան իրենց հայրերուն պէս։
Այսպէս պատգամ կու տայ մեզի
Աստուածը մեր՝
Բերանովը սաղմոսերգուին։
Սիւնեաց իշխան, եւ աւագներ,
Դուք, ժողովուրդ Հայոց բոլոր,
Լաւ իմացէք։
Չըլլան իրենց հայրերուն պէս իր
Զաւակները ձեր ամէնուն. ...

ՍԻՒՆԵԱՑ ԻՇԽԱՆ

Բայց ի՞նչ է մեղքը Հայրերուն։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Մեղքը՝ Աստուած քիչ սիրելուն։
Զի կը սիրենք ինչ որ գիտենք։
Ասկէ առաջ, պարզ ասիկա։
Բայց ասկէ վե՞րջ։
Այսպէս ըսի ես ամէնուն
Ուր որ տարի Մատեանը սուրբ։
Ու կը բերեմ ձեր բոլորին
Յոյսն ու խոստում, խանդն ու կրակ
Մեր մեծամեծ իշխաններուն,
Ձեզ կը բերեմ, Սիւնեաց իշխան եւ ժողովուրդ,
Նախարարներ եւ սեպուհներ,
Եպիսկոպոս ու երէցներ,
Սարկաւագներ ու դպիրներ,
Ողջոյնն անուշ,
Մեծ տոհմերուն մեր աշխարհին
Մամիկոնեանց, Խորխոռունեաց,
Տունին բարի Կամսարական։
Արծրունեաց, Բագրատունեաց
Ու Ռշտունեաց,
Մեծ ու պզտիկ, առաքինի,
Քաջահաւատ իշխաններուն։
Ու կը բերեմ։
Ողջոյնն հզօր ու ոստանիկ
Արշակունի մեծ արքային…
Ու կը բերեմ՝ Ամենահաս մաղթանքը սուրբ
Եւ օրհնութիւնն
Հայոց Հանուրց աստուածարեալ
Հայրապետին։

ՍԻՒՆԵԱՑ ԻՇԽԱՆ

Իջնէ մաղթանքն անոր՝ ինչպէս
Ցօղը բարի՜
Վրան դալար, վրան ծարաւ
Նորահաւատ
Մեր սիրտերուն։

ԿՈՐԻՒՆ

Իջնէ մաղթանքն անոր՝ ինչպէս
Սուրբ մանանան
Վրան հերկին ու ծաղիկին,
Վրան ժայռին ու պարտէզին,
Մեղքին աղով հրատոչոր
Հայ սիրտերուն անդաստանին։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Թող գայ անուշ, թող գայ բարով
Ու հեղեղով
Իր օրհնութիւն։
Մեզ շղարշէ, պատմուճանէ։
Ու սիւնն ինչպէս հին բոցեղէն,
Ինչպէս անձրեւն երկնի լոյսին,
Կանգնէ խորանն անքանդելի
Սուրբ Հաւատքին՝
Խորը տղմուտ, խորը խաւար՝
Թշուառական մեր սրտերուն։

ՄՈՒՇԷ

Հասնի մեզի, հասնի մեզի,
Աջն իր ահեղ, ամենակալ.
Աջն իր անսուտ, նման սուրին
Զուարթունին,
Վրան համայն Հայոց երկրին
Սահմաններուն։
Կանգնի այդպէս, երկինքէն կախ
Չորս ծագերէն հորիզոնին
Հայոց երկրին.
Աջն իր այդպէս Թուր–Կայծակի,
Արեւելքէն դէպ՝ Արեւմուտք
Ու Հարաւէն դէպի Հիւսիս։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Աջն իր ահեղ, մնայ վահան
Վրան համայն Հայոց երկրին,
Բարի խօսքովն ու մաղթանքով
Բազմաչարչար մեծ Վկային՝
Հաւատոյ հօր Լուսաւորչին։

ՍԱՐԿԱՒԱԳԸ

(Ուժգին ու երգեցիկ)։

Ճամբա՜յ, ճամբա՜յ...
Բացէ՛ք ճամբայ
Տապանակին Հայոց Ուխտին։

(Կ՚երեւին երկու սարկաւագներ, սկուտեղի մէջ կրելով ոսկեզօծ մեծ Աստուածաշունչ մը)։

(Միաձայն, բայց զանազանելի)

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Մատեանն ահա՜...

ՀԻՒՍՆԸ

Մատեա՜նը

ՋՈՒԼՀԱԿԸ

Մատեանը

| ՄԻՒՍՆԵՐԸ

…եանը

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Մատեանը սուրբ
Հագած լեզուն մեր ամէնուն։

(Ժողովուրդը հիացիկ, հետաքրքիր՝ կը ջանայ բոլորել սարկաւագները)։

ՋՈՒԼՀԱԿԸ

(Ծռելով վրան)

Այս որքան մեծ...

ԵՐԿԱԹԱԳՈՐԾԸ

Ամբողջ ոսկի…

ՀԻՒՍՆԸ

Մէջ ու դուրսով։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Սա ապաւէն, սա տապանակ…

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Զէն ու ասպար,
Ընդդէմ բոլոր երեւելի, աներեւոյթ
Մեր թշնամեաց:
Ընդդէմ պարսկին,
Ասորիին, ու բարբարոս հիւսիսներուն,
Ու դրուժան արեւմտեան
Դրացիին...

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Պիտի իջնէ պատգամն անոր
Մեր բեմերէն,
Արձագանգէ կամարներէն
Մեր բիւրաւոր,
Դէպի փապարն ու անդունդներ
Մարդու որդւոց
Մութ սրտերուն..

ՂԵՒՈՆԴ

Օտարին խուժ, օտարին պիղծ
Ու ծեքծեքուն,
Խեցբեկագոյն՝
Գիրերուն տեղ

ՄՈՒՇԷ

Պիտի կարդան զայն ասպետներ, Երբ գրոհի ժամը հնչէ՝ Մեր աշխարհին չորս ծագերէն։ Պիտի լսեն տղաքն հուժկու Ժողովուրդին Ձայնին անոր, Եւ զգենուն խօսքերն անոր, Ինչպէս զրահ Անքակտելի, Ինչպէս գօտի, Վրան արեան Հեղեղներու, ••

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

(Առնելով եւ բարձրացնելով.

Սա մեզ ասպար աստուածառաք,
Սա մեզ դրօշ յաղթանակի՝
Ընդդէմ երկրի ու երկընքի
Բազմահազար ոսոխներուն։
Ո՛վ կը դնէ սիրտն իր վրան,
Դրած կ՚ըլլայ
Առջեւն ոսկի,
Անճառելի
Աթոռին Սուրբ
Երրորդութեան:

(Վար առնելով).

38

Առա՛ջ, երկու դուք պատանիք,
Ծանըր դրէք առջեւն ահեղ,
Ամենազօր Հայ Մատեանին։

(Երկու պատանիները ծունկի)։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

(Գիրքը մօտեցնելով Վասակ Սիւնիին)

Հօրդ անունով դու ստացո՛ղ
Սուրբ Մատեանին, Վասակ Սիւնի՛.
Պարտքն ալ կ՚առնես մատաղ վըզիդ
Պատկառ կենալ քու մեծ ուխտիդ.
Հաւատարիմ հօրդ հաւատքին...

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Հաւատարիմ հօրն հաւատքին,
Չարին բոլոր ուժերուն դէմ։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Տէրը մնալ այս Մատեանին,
Գլխուդ գնով,
Ու աւելի։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Տէ՛րն անսասան հօրն հաւատքին
Ու Մատեանին,
Գնովն անգին
Արիւններուն մեր բոլորին՝
Չարին անարգ,
Չարին դաժան
Գունդերուն դէմ
Աշխարհախումբ։

ՎԱՐԴ Ա ՊԵՏԸ

Լսէ, լսէ, խորո՛ւնկ լսէ
Ձայնն ամէնուն, ո՜վ պատանի,
Դիր անսասան պատգամն անոնց
Խորը սրտիդ.
Գիտցիր վստահ, թէ չի մեռնիր
Բառ աշխարհէն.
Ոչ ալ մէկ յովտն կրնայ փոխուիլ
Սուրբ Մատեանին։
Մե՛նք կը լինենք սիրտերը մեր,
Լըսէ, զաւակ, լըսէ ուշով,
Զի վարդապետն ահա կ՚օրհնէ
Մատաղ տունկը քու հասակիդ
Աղբիւր դառնայ խօսքն Աստուծոյ
Մէջ քու սրտին, Վասակ Սիւնի՛...:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Աղբիւր դառնայ ու ծով դառնայ
Խօսքն Աստուծոյ
Սիրտերուն մէջ մեր բոլորին։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Պողովատիկ Թուր–Կայծակի
Դառնայ մէջքիդ Յոյսն Աստուծոյ
Ու Իր Գիրքին,
Վասա՛կ Սիւնի։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Թուր-Կայծակի, Գաբրիէլի՝
Դառնայ մէջքին մեր բոլորին,
Յոյսն Աստուծոյ
Ու Իր Գիրքին,
Ո՛վ կը դընէ սիրտը վրան
Սրբազնասուրբ այս Մատեանին,
Ան կ՚ունենայ կողքին, անտես
Բանակները երկնից զօրքին։
Զի աջն անոր փառաւորեալ է զօրութեամբ։
Զի աջն անոր միշտ խորտակեց,
Կը խորտակէ նոյնպէս այսօր,
Մեր թշնամին…
Աջ քո, Տէ՜ր, փառաւորեալ է զօրութեամբ.
Աջ քո, Տէ՜ր, խորտակեաց զթշնամիս։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Լաւ իմացիր, Վասակ Սիւնի՛,
Ո՛վ ուրանայ խօսքն Աստուծոյ,
Գահի, վախու, փառքի համար,
Տկարանայ կապէն ուխտին,
Որդերն ուտեն մարմինն անոր
Նախ քան իջնելն
Ի ծոցն երկրին, ..

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Ո՛վ ուրանայ խօսքն Աստուծոյ,
Տկարանայ կապէն ուխտին,
Ուտե՛ն որդերն մարմինն անոր
Սղոց-սղոց։
Ցամքի՛՝ ինչպէս կայծակնահար
Հսկայ կաղնին՝
Հասակն անոր իր արմատէն,
Փշուր-փշուր ալիւր դառնայ
Շէնքը անոր ոսկորներուն,
Պատառ-պատառ՝
Կտրտուած՝ ինչպէս ծրար ճճիներու՝
Թափի՛ն գետին՝
Հանգոյցները իր աղիքին,
Ո՛վ ուրանայ խօսքը Գրքին,
Հաւատքն անմահ՝ Լուսաւորչին։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

(Սիւնիին)։

Ելիր ոտքի։

(Սիւնին կ՚ելլէ, դողահար ու տժգոյն)։

(Երկուքին)։

Համբուրեցէք զոյգ բերանով…
Ու Սուրբ կողքին վրայ Գրքին,
Թող միանան ձեր շրթներով:
Սրտերն հզօր ձեր հայրերուն։
Ո՛վ կը դաւէ այս համբոյրին,
Գեհենապարտ գրուի հոգին
Ցըկատարածըն աշխարհի։

(Կը համբուրէ Մամիկոնեան պատանին)։

ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆ

Գրուի Հոգին
Սեւ գեհենին
Ո՛վ կը դաւէ սա համբոյրին
Տրուած մարմնին
Մեր Աստուծոյն…

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Սիւնեաց իշխան եւ սեպուհներ
Ու սիրելի իմ ժողովուրդ,

(Կը կենայ, աչքերը մանրացած են քիչ մը)։

Եկած է պահն, որ իմանաք
Պատգամն անճառ,
Երկնայարդար
Մեծ խորհուրդին,
Զոր Տէրն հանուրց իրագործեց
Կաւէն տկար մեր մատներուն,
Ստեղծելով Երկն այս անհուն...

(Կը կենայ)։

Ես տարիներ, երկրէ երկիր
Քարշ եմ տուեր մարմինն այս խեղճ
Ու հարցուցեր.
Ես տարիներ, զարկեր գետնին
Ճակատն այս փուճ ու փնտըռեր
Գիրը հայուն... ։
Ես տարիներ չեմ մտեր քուն…

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Պատմէ, պատմէ, մեծ վարդապետ։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Չէ, չեն կրնար հող շրթունքներ
Պատմել կրակն Անոր ձայնին
Ու բառի մէջ վարշամակել`
Անբաւութիւնն Անոր լոյսին։
Պուտ մը միայն, հայ ժողովուրդ,
Ես քաղեր եմ այդ անբաւէն.
Եղէք վստահ, պուտն այդ պիտի
Լիացընէ սիրտերն հանուր
Հայոց ազգին.
Զի պուտովն այդ կը բաշխուի
Սիրտն իր անբաւ
Դէպի կամ մեր սիրտերուն։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Դէպի կաւը մեր սիրտերուն։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

(Կիսով վերացած, մարմինը հանդերձելով, հետզհետէ մտնելու համար ծանր կշռոյթի մէջ, որ աղօթքին ու յափշտակութեան թելադրանքը պիտի հեղու քիչ-քիչ, հասնելու համար անդիմադրելի ներշնչումին)։

Ինծի՛… ինծի՜…
Բացէք ինծի,
Դուռներն ամբողջ,
Ալքն ու խորշեր,
Նուրբ ու մթին շաւիղները
Հոգիներուն
Ձեր ամէնուն,
Ինծի՛... ինծի՜...

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Հողին պէս հեզ, հողին պէս դաշն
Մեր հերկերուն՝
Ծոցին պէս պարզ, ծոցին պէս կոյս
Մեր լիճերուն.
Ինչպէս բաժակն երկնակնիք
Ծաղկըներուն.
Ու ոսկեզարդ՝ ինչպէս օրրանն
Մանկիկներուն.
Մեծ վարդապետ, բա՛ց են շունչիդ,
Ծարա՜ւ` խօսքիդ,
Ակօսները մեր սիրտերուն։
Թափէ Լոյսին, վեհ իմաստին
Սերմերն ոսկի,
Գրուան–գրուան ու ոչ բուռ-բուռ
Ընդերքն ի խոր,
Մեր բանաւոր անդաստանին։
Ու ցնցուղով ու ողկոյզով
Տեղա՛ բարիք, տեղա՛ ոսկի
Ու մարգարիտ,
Իմաստութիւն, զգաստութիւն,
Ու սրբութիւն.
Երկինքը բեր փշուր–փշուր
Տընկէ տունին մեր ամէնուն
Հոգիներուն։
Ըրէ գանկերն այս գառներուն
Կանթեղ վառեալ, ջինջ աշտանակ՝
Անժուժելի,
Անճառելի
Ծո՜վ իր լոյսին...

Ու ցնցուղով ու ողկոյզով
Բաշխէ ձայնիդ համբոյրը լոյս
Ալքերն ի վար մեր սիրտերուն։

Ծծեն այդ շաղն ու զարդարուին
Ծերն ու տղան.
Հագնին այդ շաղն զերդ պատմուճան
Հարսներ քաղցըր, մայրերն անուշ
Հայոց երկրին։

Հագնին այդ լոյսն ու հայանան,
Արտն ու անտառ,
Լեռն ու բլուր, գեղն ու աղբիւր,
Հողը խորունկ։
Գիւղն ու քաղաք, Հիւղն ու պալատ
Հագնին հոգին քու մեծ Գրքին,
Եռամեծար, ո՜վ վարդապետ։

Բաց են խօսքիդ, բաց են շունչիդ.
Բաց՝ պատգամիդ
Ակօսները մեր սիրտերուն։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

(Յուզումով).

Կու գամ, քայլ-քայլ չափելէ վերջ
Գաւառները Հայոց երկրին,
Ամէնուրեք գտեր եմ ես,
Սրտերն ամէն այսպես պատրաստ,
Ծարաւահի՜ւծ՝ լոյսի սերմին։
Ամէնուրեք ջահը հսկայ մեր հաւատքին
Կ՚այրի պայծառ, կ՚այրի քաղցրիկ
Կախ կամարէն տաճարներուն։
Հովտէ հովիտ ու լեռնէ լեռ
Զանգն ու կոչնակ օրը հինգ հեղ,
Օրը եօթն հեղ,
Կ՚երգեն քնքուշ, կ՚երգեն անուշ
Փառքն անսահման
Մեր Աստուծուն։
Հայ է դարձեր երկիրն Հայոց,
Երկինքն Հայոց.
Աստուած իջեր Իր աթոռին
Զարկեր մուրճովն իրեն ոսկի
Ու այդ զարկէն՝
Կամար–կամար
Փրթեր տաճարն Էջմիածնի։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Մեռնի Անոր ոսկի ուռին
Ողջ ժողովուրդն
Հայոց երկրին։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Ամէն քաղաք հինգով, տասնով
Գմբէթ–գմբէթ է ամբարձեր
Իր տաճարներ.
Ամէն աւան, ուխտատեղի
Ունի մատուռն իր անուշիկ,
Բուսած ծոցէն մեր ծառերուն,
Նման տուփի մը գոհարի։

 

Ո՛վ կը տեսնէ աղեղն աղուոր
Շողակաթին,
Վկայարանն Հռիփսիմէին,
Գայանէին,
Լերան ոտքին, Մօրի ափին
Այդպէս քնքուշ, այդպէս նազուկ,
Ու պարմանի,
Ան չի մոռնար սերմը կարմիր
Նետուած դաշտերն Հայաստանին,
Բուռովը մեծ Լուսաւորչին։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Մեռնի անոր ոսկի Աջին
Սուրբ գեղարդին,
Ողջ ժողովուրդն
Հայոց երկրին։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Ամէնուրեք երամ-երամ
Ժիր դպիրներ,
Աբեղաներ մատաղատի,
Կորովամիտ վերծանողներ, քահանաներ
Կ՚ընեն սպասն հաւատեռանդ
Սուրբ Մատեանին։

 

Նախ քան վախճանն այս տարիին
Հայոց երկրին,
Հազար ու բիւր խորաններէն
Հայ բարբառով, Հայ զգեստով
Պիտի հոսի Բանն Աստուծոյ
Արգասաբեր ու օրհնաբեր
Տարափն ինչպէս
Հուր անձրեւի,
Որ այրուին, ու մաքրօրէն
Կենագործուին, ոսկիանան, բիւրեղանան
Սուրբ քուրայէն իր հաւատքին
Սրտերը կաւ
Հայաստանեայց ժողովուրդին։

 

Ու այս այսպէս. ու վաղն այսպէս։
Ու գալ տարի,
Ու գալ դարուն
Ու դարերուն, որ պիտի գան
Մինչեւ դրունքն յաւիտենից։

 

Լերան գլխուն՝ տաճարն արթուն,
Լերան ոտքին՝ կաթողիկէն.
Ու գաւառներն ալ եզրերուն՝
Մատեանն այս մեծ՝
Մեզ պահպանակ։
Կ՚ապրի ընդմիշտ Հայը բարի
Քանի հնչէ այս Գիրքն անմահ՝
Ականջներուն մեր թոռներուն։
Լա՛ւ իմացէք։
Թող գան ցաւեր ու բռնութիւն,
Մահ տարաժամ ու կոտորած,
Թող գան խուժեր ու հզօրներ
Շղթայ զարնել մեր ձեռքերուն,
Քանի ազատ ունինք մենք հոս

(Կուրծքը ցուցնելով)

Կաթողիկէն մեր սիրտերուն,
Քանի կանգուն ունինք մենք հոն
Տաճարները մեր հայրերուն...
Լա՛ւ իմացեք, քանի կան բաց
Երկու բերան,
Կան երկու աչք,
Որոնք իյնան
Սա էջերուն
Չէ՛, չի՛ մեռնիր ազգը հայուն...

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Ապրի անմեռ ազգը Հայուն։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Սիւնեաց իշխան, Մատեանն ահա
Յանձնէ ձեռքովդ տանդ երէցին՝
Գրաւական յաւիտեանին…

(Մատեանը կու տայ Սիւնեաց իշխանին, որ զայն համբուրելէ յետոյ կը դնէ մեղմ Ղեւոնդին ձեռքը)։

ՂԵՒՈՆԴ

Օրհնեալ եկեալ անուամբ տեառն
Օրհնութիւն ի բարձունս։

ՋՈՒԼՀԱԿԸ

Օրհնեալ է Աստուած։

ԵՐԿԱԹԱԳՈՐԾԸ

Գովեալ է Աստուած։

ՀԻՒՍՆԸ

Փառաւորեալ է Աստուած։

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ

Մեռնի փառքին
Ու անունին
Ողջ ժողովուրդն
Հայոց երկրին։

ՎԱՐԴԱՊԵՏԸ

Թող օրհնուի ու պահպանուի
Հողը Հայոց, սիրտը Հայոց
Այս մեծ օրէն
Մինչ կատարածըն
Աշխարհի։

 

(ՎԱՐԱԳՈՅՐ)