Հայերէնի եւ հայ գրականութեան դասաւանդումի կերպ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՄՈՒՇ ԴԱՍԱՇԱՐ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ՀԱՄԱՐ 

ԲԱՑԱՏՐՈՒԱԾ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ 

Արեւելահայերէն բնագիրներու օգտագործումը նախատեսուած ըլլալով միջնակարգի մէջ՝ նկատի ունենանք համեմատաբար դիւրին քերթուած մը Վահան Տէրեանէն։ Ան կրնայ լեզուական բացատրութեան եւ գրական վերլուծումի նիւթ ըլլալ միջնակարգի առաջին երկու դասարաններէն մէկուն մէջ։ 

* * *

 

Կարծես թէ դարձել եմ ես տուն
Բոլորն առաջուանն է կրկին,
Կրկին դու հին տեղն ես նստում ,
Շարժում ես իլիկը մեր հին։
Մանում ես ու հեքիաթ ես ասում
Մանում ես անվերջ ու արագ։
Սիրում եմ պարզկայ քո լեզուն,
Ձեռներըդ մաշուած ու բարակ։
Նայում եմ մինչեւ որ անզօր
Գլուխըս ծնկիդ է թեքւում,
Նորից ես մանուկ եմ այսօր,
Դրախտ է նորից իմ հոգում ։
Արեւը հանգչում է հեռւում ,
Գետից բարձրանում է մշուշ,
Հեքիաթըդ անվերջ օրօրում,
Իլիկըդ խօսում է անուշ

 

Դասի բացատրութիւնն ու ստացումը բնականօրէն երկու պահ կ՚առնեն։ Կարելի է նաեւ նախատեսել երրորդ պահ մը յարակից աշխատանքներու համար:

Ուսուցիչը առաջին հանդիպումի սկիզբը կը յատկացնէ ընդհանուր ծանօթութիւններու՝ բանաստեղծին, անոր քերթողութեան եւ յատկապէս այս քերթուածին մասին։ Կը հարցնէ, օրինակ, թէ ո՛վ ի՛նչ կարդացած է Տէրեանէն, ի՞նչ գիտէ անոր մասին առհասարակ եւ խօսիլ կու տայ ծանօթութիւն ունեցողները: Յետոյ կը համադրէ ըսուածները եւ անոնց վրայ կ՚աւելցնէ իր ըսելիքը։

Հարկ չկայ երկար ու մանրամասն կենսագրութեան, ոչ ալ գործի բնոյթին ու արժէքին մասին հմտալից ծանօթութիւններու: Պէտք է յիշուին եւ օգտագործուին այն տա՛րրերը, որոնք կտորի ըմբռնումին ու մեկնաբանութեան կրնան ծառայել։ 

Կարեւոր է, օրինակ, ծանրանալ Տէրեանի ծննդավայրի բնութեան վրայ եւ բանաստեղծի հոգեկան կապին՝ իր բնակավայրին հետ: Կարեւոր է նաեւ այն իրողութիւնը որ Տէրեան կանուխէն բաժնուած է ընտանիքէն եւ ապրած հեռաւոր քաղաքներու մէջ՝ Մոսկուա եւ Սանքթ Փեթերսպուրկ։ 

Դասարանի մակարդակէն կախում ունի ծանրացումը բանաստեղծութեան խորհրդապաշտ բնոյթին վրայ։ Եթէ աշակերտները գրական ընդհանուր զարգացում ունին բաւարար չափով՝ կարելի է խօսիլ կյանքի այն ըմբռնումին մասին, որմէ կը թելադրուի խորհրդապաշտ վարդապետութիւնը, այլապէս կարելի է պարզապէս յիշատակել, առ ի գիտութիւն, բանաստեղծին յարումը խորհրդապաշտութեան եւ շեշտել միայն երաժշտականութեան կարեւորութիւնը խորհրդապաշտ բանաստեղծներուն համար, հետեւաբար եւ իրեն։

Հակիրճ այս մուտքէն ետք ուսուցիչը կը կարդայ կամ արտայայտիչ ընթերցում ունեցող աշակերտի մը կարդալ կու տայ քերթուածը, որպէսզի ընդհանուր տպաւորութիւն մը ստացուի անկէ։ Այս տպաւորութեան մասին կը խօսուի քանի մը վայրկեան, ապա կը սկսի մանրամասն աշխատանքը

Աշակերտները ուշադիր ընթերցումի կ՚ենթարկեն քերթուածը եւ վեր կ՚առնեն անծանօթ բառերը։ Ուսուցիչը կը բացատրէ անոնցմէ քանի մը հատը, օրինակ «մանել» եւ «թեքուիլ» բայերը, եւ կը թելադրէ որ մնացածի ըմբռնումը կատարուի բառարանի օգնութեամբ։ Բայց ընդհանուր իմաստի ընկալումը կ՚ապահովէ անպայման:

Յետոյ աշակերտներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ արեւելահայերէնի ձեւերուն վրայ՝ բացատրելով, օրինակ, ներկայի եւ յարակատարի գործածութիւնը եւ համեմատելով զայն արեւմտահայերէնի հետ:

Ապա կը սկսի քերթուածի հաւաքական մեկնաբանութիւնը՝ հարց-պատասխանի եւ զրոյցի ձեւին տակ։ Կը յստակացուի՝ ո՛վ է «ես» ըսողը, ո՛վ է «դուն»ը, քերթուածը իրականութի՞ւն մը կը նկարագրէ, թէ՞ մտային ու ենթադրական վերադարձ մը հայրենի տուն։ Կը խօսուի բանաստեղծութեան մէջ արտայայտուած զգացումներու եւ զգայութիւններու մասին եւ հոն տիրող մթնոլորտին։

Յետոյ կը քննուի բանաստեղծութեան տաղաչափական համակարգը։ Տուներու արտաքնապէս բաժնուած չըլլալը, վանկերու թիւը իւրաքանչիւր տողի մէջ, յանգաւորումը եւլն : Անշուշտ մասնագիտական աշխատանք չէ սպասուածը: Կը բաւէ որ աշակերտները գիտնան՝ ի՛նչ է տունը, ինչպէս կը ճշդեն տողին չափը, յանգերը ի՛նչպէս կը կապուին իրարու:

Այսքանը բաւարար է արդէն տնային աշխատանքի անցնելու համար. քերթուածը քիչ թէ շատ ծանօթ է իր լեզուական ու գեղարուեստական յատկանիշներով, կարելի է աւելի խոր քննութեաեն ենթարկել զայն գրաւոր հարցումներու միջոցով։ Ասոնք կրնան կրկնել ու բիւրեղացնել դասարանային մեկնաբանութեան ժամանակ դրուած հարցերը կամ բոլորովին նոր ուրիշներ առաջադրել։ 

Կարելի է, օրինակ, սա ձեւի հարցումներ տալ

Բանաստեղծը եռաստղ մը դրած է վերնագիրին տեղը։ Դուք ի՞նչ վերնագիր կ՚առաջարկես

Ի՞նչ զգացումէ մղուած է բանաստեղծը, երբ կ՚ոգեկոչէ անցեալը։

Ո՞վ եւ ի՞նչ են այս ոգեկոչումին առարկաները։

Բանաստեղծը դուրսէ՞ն կը ներկայացնէ զանոնք, թէ՞ ինքն ալ մաս կը կազմէ ոգեկոչուած աշխարհին։ 

Կարելի է յաջորդական երկու կենդանի պատկերներու ձեւով տեսնել այս աշխարհը։ Որո՞նք։ 

Ի՞նչ տպաւորութիւն կը գործէ Տէրեանի վրայ դէպի մանկութիւն այս վերադարձը, ի՞նչ զգացում կ՚արթնցնէ իր մէջ։

Ի՞նչ տպաւորութիւն կը կրենք մե՛նք այս քերթուածին ծանօթանալով։ Ի՞նչ դեր կը խաղայ երաժշտութիւնը այս տպաւորութեան ստեղծումին մէջ։

 

Յաջորդ հանգրուանին աշակերտները կը կարդան ու կը մեկնաբանեն բանաստեղծութիւնը մաս առ մաս։ Ապա դասարանային սրբագրութեան կ՚ենթարկեն գրաւոր հարցումները։ Ուսուցիչը արդէն բացատրուած ձեւով կը ստուգէ սրբագրութիւնները։ 

Այս աշխատանքը մէկ պահ կ՚առնէ տրամաբանօրէն։ Անոր կրնայ յաջորդել երրորդ պահ մը, յաջորդ օրը օրինակ, համապատասխան պատրաստութենէ ետք։ 

Ուսուցիչը բոլոր աշակերտներուն գոց սորվիլ կու տայ բանաստեղծութիւնը եւ քանի մը կամաւորներու կը բաժնէ հնարաւոր հետեւեալ աշխատանքները

Քերթուածէն ներշնչուած նկար մը գծել։ 

Ծանօթութիւններ հաւաքել Տէրեանի մասին եւ ուրիշ քերթուածներ բերել դասարան՝ անոնց հետ կարենալ համեմատելու համար այս մէկը

Տեղեկութիւններ հաւաքել խորհրդապաշտ դպրոցի մասին եւ խորհրդապաշտ բանաստեղծներէ կտորներ գտնել։

Այս երրորդ պահը առիթ մը կ՚ըլլայ գեղարուեստական խորացումը եւ ընդհանրացումի։ Քանի մը հոգի կ՚արտասանէ, պատրաստութիւն տեսնողները կը ներկայացնեն իրենց կատարած աշխատանքին արդիւնքը եւ  խօսակցութիւն կ՚ըլլայ այս բոլորի մասին: Պահը աւելի տպաւորիչ կը դառնայ, եթէ իբրեւ խորքի երաժշտութիւն ունկնդրուի դասական մեղմ կտոր մը, ջութակի քոնչերթոյի մը մէկ մասը, օրինակ։

Կարելի է նաեւ արտասանութեան մրցում մը կազմակերպել կամաւորներու միջեւ։ Դատակազմը կրնայ կազմուած ըլլալ մրցումին չմասնակցող երկու աշակերտներէ, իրենց ընկերներուն կողմէ ընտրուած, եւ ուսուցիչէն: Մրցումը շահողին արտասանութիւնը կարելի է ձայնագրել յատուկ ձայներիզի մը վրայ, որ դասարանային նման իրագործումներու արձանագրութեան կը ծառայէ։ 

ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ 

Այս դասը յարմար է արեւելահայերէնի կարգ մը իւրայատկութիւնները բացատրելու եւ բայական 2 ժամանակներում գործածութիւնը ուսումնասիրելու։

Ընթերցանութեան ժամանակ արեւելահայերէնին ակնարկութիւն եղած ըլլալով՝ քերականութեան դասին շեշտը կրնայ դրուիլ ներկայ եւ յարակատար ժամանակներու կազմութեան վրայ

«ում» վերջաւորութիւն ներկայի պարագային,

«ել» վերջաւորութիւն փոխանակ «եր»ի յարակատարի մէջ,

Էական բայի ներկայի գործածութիւն երկու ժամանակներուն ալ։ 

Այս մանրամասնութիւնները վեր կ՚առնուին հաւաքական աշխատանքով, այսինքն հարց–պատասխանով։ Ուսուցիչը կը սրբագրէ ու կը լրացնէ աշակերտներու դիտողութիւնները, ապա բոլորը մէկ կը ձեւաւորեն զանոնք սահմանում–կանոնի ձեւ ունեցող նախադասութիւններու մէջ: Անոնք կը գրուին գրատախտակին վրայ եւ տետրակներուն մէջ: Կը ստացուին, օրինակ, սա ձեւի նախադասութիւններ.

 

Արեւելահայերէնի մէջ սահմանականի ներկան «ում» վերջաւորութիւնը կ՚ունենայ եւ կ՚ընկերանայ էական բային։

Արեւելահայերէնի մէջ յարակատարը կը կազմուի, արեւմտահայերէնի մէջ եղածին պէս, անցեալ դերբայի եւ էական բայի ներկայ ժամանակի կցումով։ Բայց անցեալ դերբայը «եր» վերջաւորութիւն չունենար , այլ՝ «ել»։ 

Արեւելահայերէնի մէջ յաճախ բայական ձեւերու շրջում կ՚ունենանք. օրինակ՝ «ես նստում»։ 

 

Ապա, հաւաքական աշխատանքի միեւնոյն մօտեցումով, կ՚ուսումնասիրուին՝ ներկայի եւ յարակատարի նմուշներ, իրենց իւրայատուկ արժէքներով։ Կարելի է օրինակները քաղել առաջին չորս տողերէն, որոնք փաստօրէն տուն մը կը կազմեն, բայց անջատուած չեն շարունակութենէն: Հոն ունինք երեք ներկայ եւ մէկ յարակատար. «է», «ես նստում», «շարժում ես», «դարձել եմ»

Կարելի է սկսիլ երկուքի ժամանակային ընդհանուր իմաստէն, կազմութենէն եւ իրարու հետ ունեցած յարաբերութենէն։ 

Շեշտը նախ կը դրուի անոնց հիմնական տարբերութեան վրայ. ներկան ներկայ ժամանակի մէջ կատարուող գործողութիւն մը կը ցուցնէ, մինչ յարակատարը՝ անցեալի մէջ կատարուած գործողութիւն մը կամ գոյութիւն ունեցած վիճակ մը։ Բայց յարակատարի կազմութիւնը օժանդակ բայի ներկային հետ կը յուշէ կապ մը անցեալին եւ ներկային միջեւ։ Աշակերտները իրենք ալ կրնան անդրադառնալ այս իրողութեան եւ անկէ հանել տրամաբանական եզրակացութիւն մը։ Ան կը հիմնուի տուեալ օրինակին վրայ եւ կրնայ տուն տալ սա տեսակի սահմանումի մը

 

  Յարակատարը կը ցուցնէ անցեալի գործողութիւն մը կամ վիճակ մը, որուն ազդեցութիւնը կ՚երկարաձգուի ներկայի մէջ։

 

Ներկայի ուսումնասիրութեան համար կրնանք նկատի ունենալ հետեւեալ նախադասութիւնները

Բոլորն առաջուանն է կրկին։

Կրկին դու հին տեղն ես նստում ։ 

 

«Կրկին» բառի գործածութիւնը ինքնին կը յուշէ որ այս ներկան պահային անմիջական ներկան չէ, կրկնողական, տեւողական, սովորութենական երանգ մը ունի, որ կարելի է գտնել այլ օրինակներու մէջ ալ։ Ուսուցիչը շեշտը կը դնէ այս իւրայատկութեան վրայ եւ կը թելադրէ որ աշակերտները կազմեն ներկայով նախադասութիւններ, որոնց մէջ սովորութենական այս երանգը արտայայտուի։ 

Ապա, դասարանի կարողութեան համաձայն, կը խօսի ու խօսիլ կու տայ ներկայի այլ արժէքներուն մասին։ Ի՞նչպէս ներկան անմիջական ապագայ կրնայ ցուցնել «հիմա կու գամ» հրամայական երանգ ունենալ «կու գա՛ս» պատմողական—նկարագրական արժէք ունենալ եւ գործածուիլ անցեալ վիճակ մը կամ գործողութիւն մը կենդանի ձեւով ներկայացնելու համար  «Ս. Մեսրոպ կ՚երթայ Սամոսատ» եւլն.:

Այս ամէնն ալ կը յանգի սահմանումի մը՝ օրինակներու թւումով։` 

 

Ներկան միայն ներկայի մէջ իրագործուող գործողութիւն մը կամ գոյութիւն ունեցող վիճակ մը չի ցուցներ, կրնայ նաեւ արտայայտել հրահանգ մը, ապագային կամ անցեալին վերաբերող իրողութիւն մը, ինչպէս կը տեսնենք հետեւեալ օրինակներուն մէջ։

 

Կը հետեւի ցանկը օրինակներուն եւ անոնց մէջ ներկայով արտայայտուած երանգներուն։

Այս ամէնը մօտաւորապէս մէկ պահ կ՚առնէ։ Մնացած ժամանակին մէջ կը տրուին հրահանգներ եւ կը բացատրուի զանոնք կատարելու ձեւը

Առաջին հրահանգ մը կրնայ վերաբերիլ Տէրեանի քերթուածին մէջ գործածուած այլ բայերու երանգային արժէքի ճշդումին։ Երկրորդով մը կրնան պահանջուիլ անձնական օրինակներ կամ նախորդ դասերէն քաղուած նմուշներ։

Յաջորդ պահը կը յատկացուի դասի ստացումին եւ հրահանգներու սրբագրութեան՝ արդէն ծանօթ գործ ընթացով։ 

Պարզ է որ քերականութեան դասը կրնայ հիմնուիլ  դասագիրքի մը գործածութեան վրայ: Անհրաժեշտ է միայն այս դասագիրքը օգտագործել ոչ թէ թութակային կրկնումով ու մեքենական մօտեցումով, այլ ստեղծագործ ոգիով եւ պայմաններուն յարմարելու դիտումով։ Դասագիրքը ոչ անհպելի Սուրբ Գիրք է, ոչ ալ անփոփոխելի սահմանադրական օրէնք: Գործնական միջոց մըն է պարզապէս ուսուցիչին եւ աշակերտներուն աշխատանքը դիւրացնելու կոչուած։ 

ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ 

Տէրեանի բանաստեղծութիւնը յարմար առիթ կը ստեղծէ ինքնաթելադրութեան։ 

Կարելի է նաեւ անկէ ներշնչուած հատուած մը կազմել թելադրութեան համար: Այս հատուածը կրնայ կարճ ըլլալ, եթէ միայն քերթուածը նկատի ունենանք: Բայց կրնանք զայն ուռճացնել օգտագործելով կենսագրական տուեալներ, որոնք կը տեղաւորեն կտորը բանաստեղծի կեանքին կամ ստեղծագործութեան մէջ։ Նման միջոցառում մը կը նպաստէ նաեւ Տէրեանին վերաբերող կարեւոր մանրամասնութիւններու հիմնաւոր սեւեռումին:

Հնարաւոր է, օրինակ, այս տեսակի ընդլայնում մը կատարել

 

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆ ԵՒ ԻՐ ՔԵՐԹՈՒԱԾԸ

Վահան Տէրեան կանուխէն բաժնուած է իր ընտանիքէն, հեռացած է ծննդավայրէն եւ գացած՝ Մոսկուա։

Երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք՝ ան համալսարանական կրթութիւն ստացած է Մոսկուայի եւ Սանքթ Փեթերսպուրկի համալսարաններուն մէջ։

Ընտանեսէր եւ բնութենասէր մարդ՝ ան կարօտով յիշած է միշտ ընտանեկան խաղաղ մթնոլորտը եւ ծննդավայրի գեղեցիկ բնութիւնը։ 

Մեր ուսումնասիրած քերթուածին մէջ Տէրեան կ՚երազէ  թէ վերադարձած է տուն, ուր ամէն բան առաջուան պէս է։ Ան կ՚երեւակայէ որ մայրը հին տեղը նստած է մանելով կը զբաղի եւ հեքիաթ կը պատմէ։ Ինք կը նայի մօրը, կը նկատէ որ անոր շարժումները արագ են ձեռքերը՝ մաշած։ Ինքզինք մանուկ կը զգայ եւ երջանկութեամբ կը լեզուի։

Ընտանեկան մթնոլորտի ոգեկոչումը կը կապուի բնութեան նկարագրութեան։ Իրիկնային խաղաղ պահ է արեւը մար կը մտնէ եւ մշուշ կը բարձրանայ գետէն։ 

Ամբողջ Տէրեանը այս քերթուածին մէջ է. իր զգայուն հոգիով, տան եւ ծննդավայրին հանդէպ սէրով, խորհրդապաշտ արուեստով։ 

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ

1. ԸՄԲՌՆՈՒՄԻ 

  Ի՞նչ կը նշանակեն «ընտանեսէր» եւ «բնութենասէր» բառերը: Ի՞նչպէս կազմուած են անոնք։ 

Հոմանի՛շ մը գտիր «ոգեկոչում» բառին։ 

«Ձեռներդ մաշուած» բառակապակցութեան մէջ ի՞նչ տարբերութիւն կը տեսնես արեւմտահայերէն համապատասխան ձեւէն:

 

2. ՔԵՐԱԿԱՆԱԿԱՆ 

Որո՞նք են բայական ժամանակները, որ գործածուած են հոս։ 

Վե՛ր առ ներկայ ժամանակի երկու բայ եւ բացատրէ անոնց ժամանակային երանգը

Վե՛ր առ բութի երկու գործածութիւն եւ բացատրէ՛ այդ գործածութիւնը

 

3. ԳՐԱԲԱՆԱԿԱՆ

Քերթուածին մէջ «ձեռներըդ», «իլիկըդ» ինչո՞ւ «ը»ով գրուած են։ 

Ինչո՞վ կ՚արտայայտուի խորհրդապաշտութիւնը Տէրեանի քերթուածին մէջ։ 

 

Ուղղագրութեան եւ հարցումներու պատրաստութիւնն ու սրբագրութիւնը կը կատարուին ծանօթ եղանակով։ 

կրնար տեսնել դասարանի մէջ, ժամանակի սղութեան պատճառով։ 

Կարելի է ներկայացուցչական հեղինակներ ու գործեր ընտրել, տեղաւորել զանոնք իրենց ժամանակին ու միջավայրին մէջ եւ ուսումնասիրել՝ ամբողջութիւն ներկայացնող կտորի մը ընդմէջէն. բանաստեղծութեան մը, պատմուածքի մը, վէպի մը մէկ գլուխին, եւլն.: Մտահան չընելով բնաւ որ բնագի՛րն է հիմնականը, ոչ՝ գրապատմական ու կենսագրական մանրամասնութիւնները, որոնք ունին յարաբերաբար երկրորդական կարեւորութիւն։ 

Գրականութեան այս ծանօթութեան կ՚ընկերանայ գրաբանական ծանօթութիւնը: Ժամանակաշրջաններու եւ երկերու քննութեան առիթով կ՚ուսումնասիրուին գրական դպրոցները, գրական սեռերը, պատկերաւոր արտայայտութեան կերպերը: Ոչ սպառիչ ձեւով, այլ նախնական գիտելիքներու գումար մը փոխանցելու մտահոգութեամբ։

Պէտք չկայ լրիւ ցանկեր եւ անթերի տախտակներ գոց սորվիլ տալու։ Կը բաւէ որ աշակերտները հասկնան բնոյթը, գիտնան արտայայտութեան կերպերը այս կամ այն դպրոցին պատկանող գործերուն եւ գտնեն զանոնք տուեալ գրութեան մը մէջ: Կամ ընդհանուր ձեւով ծանօթ ըլլան գրական երեք սեռերուն եւ անոնց ենթասեռերուն ու կարենան անոնց յատկանիշները վեր առնել բնագիրներուն մէջ։ Նոյնպէս գիտնան զանազանել գրական պատկեր մը, ոճային յատկանիշ մը ուրիշներէ եւ մեկնաբանել անոնց գործածութիւնը:

Ի՞ՆՉՊԷՍ ԴԱՍԱՒԱՆԴԵԼ 

Դասաւանդումի կերպը կը հետեւի եռաբաժին գործընթացի մը։ 

Նախ կը տրուի ընդհանուր բայց հակիրճ տեսութիւն մը ժամանակաշրջանին եւ անոր ընկերա–մշակութային յատկանիշներուն մասին, ապա նոյնքան ընդհանուր ակնարկ մը կը նետուի հեղինակի կեանքին եւ գործին ամբողջութեանը վրայ, յետոյ կը կատարուի ուսումնասիրութիւնը ընտրուած կտորին։ 

Այս ուսումնասիրութիւնն ալ տեղի կ՚ունենայ եռահանգրուան աշխատանքով։ 

Առաջին հանդիպումին կը կարդացուի կտորին ամբողջութիւնը եւ կը ճշդուի անոր տեղը գիրքին մէջ։ Կը հետեւի համադրական քննութիւնը գրութեան. սեռը, բնոյթը, կառոյցը, գաղափարախօսական թելադրանքը, եւլն. ։ Յետոյ կ՚որոշուի մանրախոյզ ուսումնասիրութեան ենթարկուելիք հատուածը, որուն լեզուական ու գեղարուեստական ուսումնասիրութիւնը կը պատուիրուի աշակերտներուն՝ յաջորդ հանգրուանին համար։ Այս ամէնը կ՚առնէ մէկ պահ։

Մանրախոյզ աշխատանքը կը կատարուի դասարանին մէջ, մէկ կամ երկու պահէն։ Հատուածը կ՚ենթարկուի լեզուական մեկնաբանութեան, վեր կ՚առնուին հեղինակի լեզուաոճային յատկանիշները, կ՚ուսումնասիրուին նախադասութիւններու կառոյցը, բառերու, ասոյթներու նշանակութիւնը: Այս առիթով կ՚օգտագործուին քերականական եւ ուղղագրական գիտելիքները, որոնց աշակերտները տիրացած են նախակրթարանի եւ միջնակարգի մէջ։ 

Գեղարուեստական մեկնաբանութիւնը կը ծանրանայ պատումի եւ նկարագրութեան կերպերուն վրայ, կերպարաuտեղծումի եւ հոգեբանութեան, պատկերային եւ տաղաչափական համակարգերուն՝ ըստ գրութեան սեռին ու բնոյթին։ Այս ամենէն ետք կը շեշտուին հեղինակի ուրոյն արժանիքները՝ վեր առնուած բնագիրէն եւ մեկնաբանուած Ենթակայական մօտեցումով։ 

Յաջորդ հանգրուանը ընդհանրացումինն է։ Ուսումնասիրուած կտորը կը համեմատուի այլ հեղինակներու գործերուն հետ, վիճաբանական ասուլիս կը կազմակերպուի կամ զեկուցական հանդիպում, շարժանկարային կամ հեռատեսիլային երիզ կ՚ակնդրուի, ձայնագրութիւն կ՚ունկնդրուի, եթէ նման հնարաւորութիւններ կան, կենդանի հանդիպումներ կը կազմակերպուին ժամանակակից գրողներու հետ, եթէ կարելի է։ 

Աշակերտներու անձնական աշխատանքը կը ձեւաւորուի գրականութեան տետրակներուն մէջ: Անոնք կը դառնան տեսակ մը անձնական դասագիրքեր, ուր յաջորդաբար տեղ կը գտնեն ժամանակաշրջանին վերաբերող ամփոփումներ, համադրական քննութիւնը խտացնող զեկուցումներ, մանրախոյս ուսումնասիրութեան արդիւնքները սեւեռող մեկնաբանական հարցում—պատասխաններ։ 

Ասոնց վրայ կրնան աւելնալ կտորի մը համադրական վերլուծումը կամ կարծիքի մը, հաստատումի մը վրայ հիմնուած գրական մեկնաբանութիւնը, որոնք միջնակարգի շարադրութեան տեղը կը բռնեն։ Անշուշտ կարելի է նաեւ սովորական շարադրութիւններ գրել տալ ներշնչուելով բնագիրէն, մինչեւ իսկ քերականական եւ ուղղագրական վարժութիւններ ընել, եթէ դասարանին  մակարդակը կը պահանջէ։ 

Շարադրական վերլուծումը նկատի կ՚ունենայ բնագիրի կառոյցը, հոն տեղ գտած բնաբանները եւ անոնց արտայայտութիւնը՝ առանց տարուելու խորք–ձեւ աւանդական ըմբռնումներէն, գրողի եւ գրութեան իւրայատկութիւնը եւլն. ։ Այս ամէնը՝ համադիր գրութեան մը ձեւին տակ, որ բնականաբար կ՚ունենայ մուտք ու եզրակացութիւն, զարգացական ընդլայնում։ 

Գրական մեկնաբանութիւնը նոյնպէս կ՚ունենայ կառուցային այս յատկանիշը եւ վերլուծական բնույթը, բայց կը ստանայ աւելի ընդհանուր նկարագիր: Կրնայ մեկնիլ կարծիքէ մը եւ անոր հաւաստիութիւնը հաստատել կամ մերժել, կրնայ նաեւ վերաբերիլ տուեալ հեղինակի մը կամ անոր մէկ գրութեան այս կամ այն երեսին եւ համադրական տեսակէտ ձեւակերպել:

Երկու պարագաներուն ալ պէտք է յարգուին աշակերտին ճաշակը եւ մեկնաբանական ազատութիւնը, պայմանով որ այս վերջինը կամայական չըլլայ եւ անոր արդիւնքը եղող անձնական կարծիքները հիմնաւորուած ըլլան առարկայական տուեալներով։