ՆՄՈՒՇ
ԴԱՍ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆԻ
ՀԱՄԱՐ
ԱՌԱՋԻՆ
ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Ենթադրենք
որ
ներկայացուած
են
արդէն
1885–1915
երեսնամեակի
ընկերամշակութային
յատկանիշները
եւ
ուսումնասիրուած՝
Արփիարեանն
ու
Զօհրապը
եւ
նկատի
ունենանք
Լեւոն
Բաշալեանի
«Նոր
Զգեստը»
իբրեւ
նիւթ:
Առաջին
հանդիպումին
նախ
կը
խօսուի
Բաշալեան
մարդու
մասին
եւ
գործի
ամբողջութեան։
Շեշտը
կը
դրուի
հեղինակի
կանխահաս
տաղանդին
եւ
ասուպային
ներկայութեան
վրայ
մեր
գրական
անդաստանին
մէջ։
Ապա
կը
կարդացուի
«Նոր
Զգեստը»,
նախընտրաբար
բազմաձայն
ընթերցումով։
Յետոյ
տեղի
կ՚ունենայ
հաւաքական
քննարկումը՝
յատուկ
շեշտով
հետեւյալ
4
մարզերուն
վրայ։
•
Ժողովրդային
լեզուի
յատկանիշները
եւ
թրքաբանութիւններու
առկայութիւնը։
•
Գրութեան
թատերական
յատկանիշները
եւ
ողբերգութեան
մը
ընթացքը
յիշեցնող
կառոյցը։
•
Իրապաշտութեան
արտայայտութիւնը՝
նիւթի
ընտրութեան,
միջավայրի
ներկայացումին
եւ
անձերու
կերպարումին
մէջ:
•
Պատմուածքի
եւ
պատկերի
տարբերութիւնները
եւ
«Նոր
Զգեստ»ի
պատմուածքային
իւրայատկութիւնը։
Պահը
կ՚աւարտի
Սեդրաքի
հիւանդութեան
տեսարանի
մանրամասն
պատրաստութեան
պատուէրով։
ՆՈՐ
ԶԳԵՍՏԸ
Եւ
իրիկուն
մը,
Յակոբճան
աղան
տուն
կը
դառնար
խնդումերես ,
թեւին
տակ
մեծկակ
կապոց
մը,
զոր
բոլոր
հոգւովը
կը
սեղմէր։
Երբոր
տանը
դրան
առջեւ
հասաւ,
կը
մտածէր
վայրկեան
մը
ետքը
տեղի
ունենալիք
տեսարանին
վրայ։
Սեդրաք
դուռը
պիտի
բանար,
կապոցը
ձեռքէն
առնել
պիտի
ուզէր ,
բայց
ինք
չպիտի
տար՝
ի՛նչ
ըլլալը
պիտի
հարցնէր,
բայց
ինք
պիտի
պատասխանէր
թէ
իրեն
կէօրէ
բան
չէ։
Յետոյ
սենեակը
պիտի
երթային,
եւ
հոն ,
անտարբերութեամբ,
տղուն
պիտի
ըսէր
որ
առնէ
բանայ
կապոցը,
եւ
այն
ատեն...
Դուռը
զարկաւ
տիրաբար։
Կը
սպասէր
որ,
ամէն
իրիկուան
պէս,
Սեդրաքը
անմիջապէս
դուռը
բանար
եւ
իր
ձեռքին
նայէր։
Քիչ
մը
ատեն
անցաւ,
եւ
որովհետեւ
բացող
չկար,
նորէն
զարկաւ,
այս
անգամ
ուժգնակի...
Է՜հ,
եթէ
ներսէն
գիտնային
որ
հետը
ի՜նչ
կը
բերէր։
Վերջապէս
Էլպիս
հանըմը
դուռը
բացաւ։
Երկաթագործն
անմիջապէս
նշմարեց
որ
կոտրածութիւն
մը
կար
դէմքին
վրայ,
երեսները
կախ,
շարժուածքը
դանդաղ։
Էլպիս
հանըմ
մեքենաբար
ամուսնոյն
ձեռքէն
առնել
ուզեց
կապոցը,
մինչ
երկաթագործը,
սիրտն
արդէն
անձկութեամբ
պաշարուած,
հարցուց
մտատանջութեամբ։
—
Ո՞ւր
է
Սեդրաքը ,
տե՞ղ
խրկեր
էս։
—
Չէ ,
ներսն
է,
պատասխանեց
կինը
կցկտուր
կերպով.
ցnրեկին
քիչ
մը
քիթը
կախ
եկաւ
դպրոցէն.
Հիմակ
կրակներուն
մէջն
է:
պան
մը
չէ,
տող
մ՚ելլար,
քէսկին
նէվազիլ
ըլլալու
է։
Երկաթագործը,
կապոցն
ի
ձեռին,
հապճեպով
սենեակը
մտաւ։
Բազմոցին
վրայ,
Սեդրաք
պառկեր
էր,
վերմակ
մը
վրան։
Դրանը
բացուածքէն,
արթնցաւ,
յոգնած
աչքերը
Հօրը
վրայ
պտտցուց
եւ
նորէն
փակեց։
—
Օղլո՜ւմ,
ի՞նչ
ունիս,
հիւա՞նդ
էս ,
մէկ
տե՞ղդ
կը
ցաւի
կոր։
Եւ
որովհետեւ
տղան
չէր
պատասխաներ.
—
Հայտէ
էլիր
նստէ՛
նայիմ,
իմին
քա՛ջ
զաւակս,
իմին
ասլա՜ն
զաւակս։
Նայէ
քեզի
ի՛նչ
բերի։
Եւ
արտօրանքով
կապոցը
քակելով,
վերարկուի
մը,
բաճկոնակի
մը
եւ
տաբատի
մը
ծայրերէն
բռնած՝
օդին
մէջ
երերցուց
ուրախութեամբ։
Սեդրաք
աչուըները
բացած
էր
արդէն։
Իր
մարած
նայուածքին
մէջ
անսահման
հրճուանքի
նշոյլ
մը
ցոլաց,
այլ
քիչ
յետոյ
աչուըները
նորէն
փակեց։
Այն
ատեն
երկաթագործն
հագուստները
բազմոցին
մէկ
անկիւնը
նետեց,
տղուն
մօտեցաւ,
ձեռքը
անոր
ճակտին
վրայ
դրաւ,
եւ
մարմնոյն
հրատապ
տաքութենէն
վախցած,
դարձաւ
կնոջը,
որ
սենեակէն
ներս
մտած
էր,
Էլպի՛ս,
ըսաւ,
ասիկա
անանկ
նէվազիլի
պլան
չէ։
Աճապա
էրթամ
էզաճին
կանչե՞մ։
—
Կեցիր
նայինք
մինչեւ
վաղն
առտու
ինտո'ր
կ՚ըլլայ,
անկէ
ետքը
պան
մը
կ՚ընենք։
Հակադրաբար
նախակրթարանի
եւ
միջնակարգի
մէջ
որդեգրուած
սովորութեան՝
ուսուցիչը
շատ
բացատրութիւն
չի
տար
երկրորդականի
մէջ:
Լաւագոյն
պարագային
կը
թարգմանէ
թուրքերէն
բառերը՝
կէօրէ,
քէսկին
նէվազիլ,
եւլն.
եւ
կը
պատասխանէ
աշակերտներու
հաւանական
հարցումներուն։
Այս
վերջինները
ի
վիճակի
պէտք
է
ըլլան,
այս
մակարդակին,
մինակին
հասկանալու
եւ
մեկնաբանելու
«Նոր
Զգեստ»ի
պէս
գրութիւն
մը:
Հարցարանը,
որ
կը
պատրաստուի
գրութեան
հետ,
նոյն
օրը
կամ
օր
մը
ետք,
կրնայ
անդրադառնալ
միաժամանակ
լեզուական
եւ
գրական
մանրամասնութիւններու։
Օրինակ
այսպէս.
ՀԱՐՑԱՐԱՆ
1.
ԼԵԶՈՒԱԿԱՆ—ՔԵՐԱԿԱՆԱԿԱՆ
•
Այս
կտորին
մէջ
ըսելաձեւեր
կան,
որ
ճիշդ
չեն
նկատուիր
այսօր.
«չպիտի
տար»,
«տեսարանին
վրայ»,
«քիչ
յետոյ»։
Ի՞նչպէս
պէտք
է
սրբագրել
զանոնք։
•
Ուրի՛շ
ձեւով
ըսէ.
«կոտրածութիւն
մը
կար
դէմքին
վրայ»,
«կրակներուն
մէջն
է»,
«քիթը
կախ
եկաւ
դպրոցէն»։
«Կրակ»
եւ
«քիթ»
բառերով
կազմուած
ասոյթնե՛ր
գտիր
եւ
տո՛ւր
անոնց
իմաստը:
•
Հետեւեալ
երկու
նախադասութիւններուն
մէջ
գործածուած
բայերը
ի՞նչ
ժամանակ
կը
ցուցնեն
եւ
մասնաւոր
ի՞նչ
երանգ
ունին .
«Յակոբճան
աղան
տուն
կը
դառնար»,
«Սեդրաք
դուռը
պիտի
բանար»։
•
Ըսէ
տեսակը
եւ
պաշտօնը
«խնդումերես»,
«ուժգնակի»
եւ
«մտատանջութեամբ»
բառերուն։
Նախադասութեան
մէջ
անոնց
ունեցած
դերերը
ինչո՞վ
նման
են
իրարու։
•
Վե՛ր
առ
պոլսական
հայավարին
յատուկ
բոլոր
ըսելաձեւերն
ու
գրելաձեւերը:
Գրաբար
եւ
բարբառային
հազուագիւտ
տարրեր
ալ
կան.
նշէ՛
զանոնք։
•
Քանի
մը
բառով
գնահատէ՛
Բաշալյանի
հեղինակային
լեզուն,
ինչպէս
նաեւ
իր
հերոսներուն
գործածած
լեզուն:
2.
ԳՐԱԿԱՆ–ՄԵԿՆԱԲԱՆԱԿԱՆ
•
Ի՞նչ
է
տեղը
այս
հատուածին
պատմուածքի
գործողութեան
զարգացական
ընթացքին
մէջ:
Այդ
տեղը
ճշդելու
տեսակէտէ
ի՞նչ
դեր
կը
խաղան
առաջին
բառը՝
«եւ»
ու
վերջաւորութեան
Էլպիս
հանըմին
արտասանած
նախադասութիւնը:
•
Հեղինակը
ի՞նչպէս
կը
ցուցնէ
որ
Սեդրաքին
վիճակը
ծանր
է։
•
Որո՞նք
են
թատրոն
յիշեցնող
տարրերը
այս
հատուածին։
•
Ցո՛յց
տուր
որ
Բաշալեան
ճշգրիտ
նկարագրութեան
եւ
խիտ
պատումի
վարպետ
մըն
է։
•
Յակոբճան
աղայի
կերպարը
կը
գծուի
իր
մտածումներով,
խօսքերով,
շարժումներով։
Մէկտեղէ
այս
մանրամասնութիւնները
եւ
անոնց
վրայ
հիմնուելով
կազմԷ
անոր
կենդանագիրը։
•
Նո՛յնը
ըրէ
Էլպիս
հանրմին
համար:
•
Իրապաշտութիւնը
իրականութեան
հարազատ
նկարումը
չէ
միայն,
անոր
քննադատութիւնն
է
նաեւ:
Քննադատական
ի՞նչ
միտում
կ՚արտայայտուի
հոս
եւ
ի՞նչպէս։
Այս
հարցումներուն
մէկ
մասը
կը
պատրաստուի
գրաւոր,
միւս
մասը
կը
ծառայէ
բերանացի
պատրաստութեան
ուղղութիւն
տալու:
Համադրական
տարողութիւն
ունեցող
հարցումներն
են
որ
գրաւոր
պատասխանի
կ՚արժանանան:
Դասի
ստացումը
ուսուցիչին
կողմէ
այս
հարցարանի
պատասխաններուն
հաւաքական
քննարկումը
եւ
սրբագրութիւնն
է
փաստօրէն:
Այս
աշխատանքը
կը
կատարուի
երեք
աշակերտներու
բազմաձայն
ընթերցումէն
ետք:
Քննարկում
եւ
սրբագրութիւն
տեղի
կ՚ունենան
արդէն
ծանօթ
մօտեցումով։
ԵՐՐՈՐԴ
ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Ընդհանրացումի
այս
հանգրուանը
կրնայ
յատկացուիլ
ընթերցումներու
եւ
զեկուցումներու:
Կը
կարդացուին
իրապաշտ
այլ
գրութիւններ՝
հայ,
ֆրանսացի
եւ
ռուս
հեղինակներէ,
որոնց
արուեստը
կը
համեմատուի
«Նոր
Զգեստ»ի
արուեստին՝
Բաշալեանի`
իւրայատկութիւնը
վեր
հանելու
նպատակով։
Կը
ներկայացուին
նաեւ
զեկուցումներ,
որոնք
կը
լրացնեն
Բաշալեանի
դիմագծումը։
Կարելի
է
նաեւ
կարդալ
իր
մասին
գրուած
արժեւորումներ
եւ
քննարկել
զանոնք՝
թեր
ու
դէմ
կարծիքներու
արտայայտութեամբ:
Վերջապես
կարելի
է
ներկայացումի
վերածել
կտորը։
Այս
ամենուն
կ՚ընկերանայ
կամ
կը
հետեւի
շարադրական
աշխատանքը,
որ
կրնայ
հետեւեալ
ձեւերով
դրսեւորուիլ։
1.
Ամփոփում
«Նոր
Զգեստ»ի։
2.
Մէկ
արարնոց
եւ
քանի
մը
տեսարաննոց
թատերախաղի
վերածում
պատմուածքի։
3.
Համադրական
վերլուծում։
4.
Գրական
շարադրութիւն
իրապաշտ
Բաշալեանի
մասին՝
հիմնուելով
«Նոր
Զգեստ»ի
տուեալներուն
վրայ։
Շարադրութիւնը
փոխարինող
այս
աշխատութիւններու
սրբագրութիւնը
եւ
գնահատումը
կը
կատարուին
ծանօթ
կերպերու
գործադրութեամբ:
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Հայերէնի
եւ
Հայ
Գրականութեան
դասաւանդումի
կերպին
նուիրուած
այս
շարադրանքի
վերջաւորութեան
օգտակար
է
անգամ
մը
եւս
հրաւիրել
ուսուցիչներուն
ուշադրութիւնը
կարեւոր
կէտի
մը
վրայ,
որ
շեշտուած
է
նախորդ
էջերուն
մէջ:
Գիրք
մը,
դպրոցական
ձեռնարկ
մը
յատկապէս,
կրաւորական
մօտեցումով
օգտագործելի
միջոց
մը
չէ
դասաւանդութեան,
ստեղծագործ
աշխատանքի
մեկնակէտ
մըն
է
պարզապէս։
Այս
ուղեցոյցին
բնոյթն
ու
ճակատագիրն
ալ
նոյնն
են։
Ան
ուղեցոյց
է
միայն,
այսինքն
համադրական
առաջարկ
մը
գործելաձեւի,
հրաւէր
մը
անձնական
եւ
ստեղծագործ
մօտեցումի։
Այս
իրողութիւնը
կը
շեշտէն
բոլոր
«օրինակի
համար»ները,
«կարելի
է»ները
եւլն.:
Պէտք
չէ
որ
թութակային
կրկնութեան
առիթի
մը
վերածուի
ան։
Ոչինչ
կրնայ
փոխարինել
կենդանի
դերը
ուսուցիչին
եւ
գործօն
մասնակցութիւնը
աշակերտներուն։