Կարմիր լուրեր բարեկամէս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԱՉԸ

Քստմնելի դրուագ մը եւս… բայց ձեռքերս կը դողդոջեն…
Աչքերուս չափ սարսափ տեսած այս խեղճ ձեռքերս կը դողդոջեն…
Բայց ներէ՛ ինձ այսօր ալ, հին յոյսերու բարեկա՛մս մտերիմ,
Ներէ՛ ինծի, որ նորէն գամ ձեր թախիծը խռովել,
Անգամ մը եւս կ՚ուզեմ հայելին ըլլալ հայ արիւնին.
Քու առջեւդ զետեղուած եւ որբ ցեղիս եւ դաւաճան մարդկութեան,
Զարհուրանքներ արտացոլող հայելին բանալ ձեր առջեւ,
Թէեւ ձեռքերս սարսռան, չորցած ճիւղի մը նման…։

Եկեղեցւոյ բակին մէջն էր։
Մայր մը իրեն միակ զաւկին ի խնդիր, կոտորածի, կատաղութեան այս օրերուն,
Հեծեծելով՝ ինքն իր ձեռքով իր ծամերը կը փետտէր…։
Բայց ո՞վ էր որ պիտի լսեր այս հէք կնոջ աղերսանքին,
Ամէն հոգի իր վէրքն ունէր…։ Ամէն մայր իր մեռելին քով՝
Կտաւի մը կտորէն, ասեղն անգամ մը իր արցունքը սրբելով,
Կտաւի մը կտորէն, իրեններէն մէկուն համար սեւ պատանք մը կը կարէր…։
Ու խելացնոր այս խեղճ կինը բոլոր սրտերը գոց գտաւ,
Ժամուն մէջը, գետին ինկած, եղունգներովը չոր քարերը ճանկռտելէն,
Իր Աստուծոյն կ՚աղաղակէր. «Որդիս կ՚ուզեմ կամ մահս, որդիս կ՚ուզեմ կամ մահս»։
Մոմեր վառեց, խունկեր ծխեց եւ ակռաներ կրճտելով,
Իր զաւակը պահանջեց աղօթատան խուլ գմբէթէն…
Իր Աստուծմէն յոյսը կտրեց եւ մտածեց թշնամիէն պաղատիլ զայն…
Գնաց անոնց ոտքերն ինկաւ ես սուրերնին համբուրեց…
Իր զաւակը կը պաղատէր, իր աչքերուն, իր հոգիի՜ն փոխարէն…

Եկեղեցւոյ բակին մէջն արիւնկզակ խաժամուժ մը խռնուած էր,
Կողոպուտէ, կոտորածէ, աւերներէ ետ դարձող,
Եւ այրիներու, մեռելներու եւ որբերու վրանին տակ, բորենիի պէս շրջելով,
Եկած էին զոհերուն քով իրենց սուրերն սրբելու…

Քու զաւա՛կդ, ըսին մօրը, ատկեց դիւրին ի՞նչ բան կայ…
Այն չէ՞ միթէ քու որդիդ բարձրահասակ եւ հրաչուի…
Որ երեկուան կռիւին մէջ ձեզ պաշտպանել փորձելէ ետք,
Ուզեց անցնիլ ուրիշ գիւղեր, ուրիշ վայրեր փրկելու…
Քու զաւակդ եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, առաւօտէն մինչեւ հիմա,
Իր զէնքերուն զօրութեանը եւ քեզ համար դեռ կ՚աղօթէ,
Անհոգ եղիր… հիմա կարգը իրեն եկաւ, ինքն ալ այսօր կ՚ազատի։

Բոլորը մէկ շուրջանակի հաւաքուեցան իրենց վճիռը տալու…
Խուլ մրմունջներ, ձեռքի շարժում, սպառնալիք, զէնքերու ձայն,
Յետո քրքիջ մը այս բոլորէն, ագռաւներու մահագուշակ կռիչին պէս,
Ծափերու հետ նոր որոշումը կատաղութեամբ ողջունեցին…
Եւ խեղճ մօրն եկան ըսին գետնէն բարեւ մը տալով անոր.

Շապիկդ հանէ՛ եւ մեզ տուր ու դուն այստեղ սպասէ՛,
Բաճկոնակդ կամ շապիկդ շուտ մը հանէ՛ եւ մեզ տուր…
Եկեղեցւոյ բակին մէջն այս, ծաղիկներ կան վրան բանուած…
......................................................................................................
Պահ մը յետոյ, բարբարոսները, գաւիթէն դուրս խուժելով,
Արիւնթաթաւ շապիկն եկան մօրը ցոյց տալու…։
Ըսէ՛, այս չէ՞ քու շապիկդ, միայն իր գոյնն է փոխած…
Ճանչցա՞ր հոտէն, ի՞նչ մայր ես դո՛ւն, գոնէ անգամ մը հոտոտէ զայն.
Մի՛ բարկանար, սուրբ խորանին վրան էր որ քու զաւակդ զոհեցինք…
Ճրագներ կային հոն վառուած եւ սփռոցներ սպիտակ…
Հիմա խաչդ պիտի գծենք… բեւեռները հո՛ս բերէք.
Ո՞ւր են մուրճերը, շտապեցէ՛ք, որ շապիկը չի չորնայ…
Ամբոխէն մին երգ մ՚երգելով, աթոռի մը վրայ ոտքի,
Աղօթատան պատին վրայ, ցնորակոծ մօրը առջեւ,
Զաւկին արեամբը թաթաւուն այդ շապիկովն քստմնելի,
Ծափերու մէջ բարձրացաւ Մեղաւոր Խաչը նկարելու…
Վրաններուն տակ դողահար, թշուառները բոլորը մէկ
Սկսան իրենց ձեռքերովն, առանց ձայնի, իրենց աչքերը փակել…
Երբ անդին մէկը, ցուցամատը գծուած խաչին ուղղելով, մօրը կ՚ըսէր.
Ծունկի եկո՛ւ եւ աղօթէ՛, ծունկի եկո՛ւ անմիջապէս.
Քրիստոսին ի՞նչպէս ըրիք, ասկեց աւելի մեծ սրբութի՞ւն,
Ծունկի եկո՛ւ, յիմար կի՛ն, ծունկի եկո՛ւ զաւկիդ առջեւ եւ աղօթէ՛.
Այս բեւեռներն ու մուրճերը քեզ համար են.
Մենք պատրաստ ենք քեզ խաչելու… հաւատք ունի՞ս դուն յարութեան…
Իսկ եթէ ո՛չ, ծունկի ինկիր զաւկիդ առջեւ եւ աղօթէ, յիմար կի՛ն…