ՅԱՂԹԱՆԱԿ
ՄԸ
—
Քաղաքին
մուտքն
այս
առաւօտ
պէտք
է
բանալ,
Պատուարներն
ու
պատնէշներն
ե՛տ
շրջելով,
Պէտք
է
բոլոր
սգաւորներն,
այրիներն
ու
որբերն
արտասուաթոր
Մեր
սէրերուն
եւ
սուրերուն
ապաստանին…
Պէտք
է
քալել
դեռ
գիւղէ
գիւղ,
փլատակէ
փլատակ
Ու
եղբայրական
ձեռքերով՝
ժպիտներով
յուսատու,
Ի
մի
խմբել
անօգնական
գիւղացիներն
ցաւակոծ,
Կռուի
կոչել
եւ
հաւատքի
մը
զօրութեամբը
զրահել
զանոնք.
Կեանքը
սիրելն
արդէն
յաղթանակին
միակ
քայլն
է։
Բոլոր
անոնք,
որոնք
չունին
շէկ
կտոր
մը
երկաթի,
Կամ
բազուկներ
բարկաշարժ
կատաղութեամբ
զարնելու,
Թո՛ղ
խումբ
առ
խումբ
մեր
սեմերէն
ներս
մտնեն…
Չոք—Մարզուանն
հարուստ
է
կրակներով
եւ
կտրիճով…
Պատուարներն
ու
պատնէշներն
ե՛տ
շրջեցէ՛ք…
Ահաւասիկ
փախստականներն
մահատեսիլ՝
կը
հասնին…
Ա՜հ,
ի՜նչ
աղիողորմ
ու
ցաւագին
կարաւան,
Մարմիններ
կան,
որ
թեւ
չունին…
Եւ
իրաններ,
առանց
ծունկի,
փորի
վրայ
զարհուրանքով
մը
կը
սողան…
Եւ
ջախջախուած
ծնօտներով
ծերունիներ,
«օգնութի՜ւն
մեզ»
կ՚աղաղակեն,
Անտիրական
հարիւր
գիւղէ
տեսէք՝
ինչպէ՜ս
մեզ
կը
հասնին…
Տեսէ՜ք
հարսներն
ու
կոյսերը
հպումներէ
ամօթահար…
Տեսէ՛ք
մայրերն,
որոնց
անքայլ
որդիներն
մատղաշ՝
Սուրի
դժխեմ
հարուածներով
իրենց
ծունկին
վրան
իսկ
Կացիններով
կոտորուեցան…
Բոլորդ
մէկ
ներս
մտէք,
դեռ
թշնամին
չի
հասած,
Բայց
արցունքներն
այս
օրերուն
համար
չեն…
Պէտք
է
զինուիք
ամէն
բանով,
կայծքարերով
կամ
բահերով.
Գերանդին
ալ,
բրիչն
ալ
եւ
երկար
կոթն
արօրին
Կրնան
զմեզ
յաղթանակին
մօտեցնել։
Ես
չեմ
ուզեր
լացի
ձայներ
հոս
իմանալ,
Յուսահատներն
թո՛ղ
հանդարտին
եւ
համբոյրնե՜ր
խիզախներուն…
Բաւակա՛ն
է
որչափ
որ
մուրացիկներու
նման,
Այս
բոլորին
առջեւը,
ձեռքերնիս
բաց,
ծնրադիր
Պաղատեցանք,
սիրտ
կոծեցինք
մեր
աչքերը
փորելէն…։
Ինչ
որ
տեսանք
այս
օրերս,
դարերն
իսկ
չեն
տեսած,
Եւ
ո՛չ
ալ
իսկ
պատմութիւնն
հին
բարբարոս
օրերու
Դեռ
չէ
կրցեր
արիւնծարաւ
այս
ահաւոր
մարդկութեան
Ճակտին
վրայ
ու
հոգւոյն
մէջ
Այսչափ
արի՜ւն,
այսչափ
ոսկո՜ր
հեղեղել…
Մեր
վճիռը
վճիռ
է.
եղբայրութեան
մեր
կոչերը
սրտառատ
Թշնամիներն
քրքիջներով
ընդունեցին…։
Այսուհետեւ,
հաւատացէ՛ք.
մեր
վճիռը
վճիռ
է.
Երկու
հարիւր
երիտասարդ
ձեր
վշտերովն
սպառազէն,
Ձեր
բոլորին
ճակատագիրը
մահէն
ի
կեա՜նք
պիտի
ուղղեն,
Չոք—Մարզուանն
եօթն
օրէ
ի
վեր
շարունակ
Առանց
ջուրի
սեւ
ծարաւէ
մը
կը
ծիւրէր…
Աղբիւրները
ափերնուս
մէջ
Հայ
արիւնը
հոսեցուցին.
Եւ
նարնջենիի
դաշտերէն,
կայծակներուն
պէս
փախչող,
Առուակներուն
ադամանդեայ
ուղղութիւնն
Թշնամիներն
դէպ
արեւելք
դարձուցին…։
Բայց
կռիւով
մը
մենք
խլեցինք
վերջապէս
գետի
մը
վազքէն
յորդառատ՝
Առու
մը
ջուր,
որուն
վրայ
հազարաւոր
պապակածներ,
Իրենց
գլուխը
հակած,
տեսէ՛ք
ինչպէ՜ս
անկեց
կ՚ըմպեն…։
Եօ՛թն
օր
է
որ
սա՛
ծառերուն
տերեւները
ծծելէն,
Մեր
լզուները
քիմքերնուս
հետ
արիւնեցան…
Եօ՛թն
օր
է
որ
չոր
հացի
տեղ
մոխրէն
շաղուած
խմոր
կերանք,
Եօ՛թն
օր
է
որ
արշալոյսէն
մինչ
իրիկուն
եւ
վերջալոյսէն
առաւօտ,
Պատնէշներուն
վրայ
ոտքի՝
չորս
կողմերէն
թշնամիներն
ե՛տ
մղեցինք,
Որովհետեւ
եւ
ո՛չ
մէկ
կոչ
եղբայրութեան,
ո՛չ
մէկ
հրաւէր
զինադուլի
Դեռ
չի
կրցան
այս
դժբախտներուն
երկաթ
մրրիկը
կասցենել…։
Ու
մարմինը
հաշտութեան
պատգամատար
մեր
ռազմիկին,
Դաշոյններով,
կատաղութեամբ
խոցոտուած
Ու
խաղաղութեան
իր
ճերմակ
դրօշն
իբրեւ
պատանք,
Առաւօտ
մը
իբր
ընծայ,
ետ
ղրկեցին…։
Եօ՛թն
օր
է
որ
մոլեգնօրէն
գրոհ
կու
տան
մեր
վրայ
Ու
միմիայն
անգիտակից
եւ
ողբալի
զոհեր
տալով
կը
նահանջեն…
Բայց
ի՞նչ
է
կամքը
եւ
կորովը
այդ
վատոգի
ոհմակին,
Որ
Գաղափարի
եւ
Գեղեցկութեան
համար
չէ՛
որ
կը
շարժի,
Այս
երկբայելի
եւ
չի
հասկցուած
կրօնքներու
ժանտին
համար
կը
մռնչէ
Կամ
գողութեան,
կողոպուտի
եւ
աւերի
իր
վաղանցուկ
յոյսերուն…։
Բոլո՛ր
պղինձն,
բոլո՛ր
կապարն,
բոլո՛ր
թիթեղն
եւ
արոյրն
այս
քաղաքին
Հնոցներու
մէջ
հրավառ,
մեր
կիներն
քաջարի,
գնդակներու,
սուիններու
վերածեցին։
Ամէն
ոք
իր
զէնքերն
կրակի
պէս
թո՛ղ
ձեռքն
առնէ,
Ահաւասիկ
որ
ծովուն
պէս
դէպի
զմեզ
կ՚ալեծփին,
Մեր
րոպէները
դարեր
կ՚արժեն,
դարեր
կ՚արժեն։
Կրակեցէ՛ք,
կրակեցէ՛ք,
հեռուներէն
Յոյսը
մեզի
կը
նայի…
Ինչպէս
ըսին.
այս
առաւօտ
իրենց
թիւն
է
յիսուն
հազար…
Պատնէշները
բարձրացէ՛ք
եւ
հարաւէն
եւ
հիւսիսէն,
Տարերային
տարափներով
կրակեցէ՛ք
անխնայ,
այլեւս
մեր
խիղճն
հանդարտ
է.
Մեր
հոգիներն
ըմբոստ՝
մեր
հայրենիքն
հողակոյտ,
մեր
ապագան
աղիտաւոր,
Այլ
ցեցե՛րն
են
եւ
ցեխակոյտն
այսչափ
ատեն
մեր
երազած
Եղբայրութեան…։
Ապարօշի՜ն
ուղղեցէ՛ք,
այն
որ
ձեռքը
դրօշ
մ՚ունի
եւ
ձիու
մը
վրայ
բազմած,
Քարոզներովն
իր
կարմիր՝
խեղճ
խուժանը
խենթեցուց…։
Ապարօշի՜ն,
ապարօշի՜ն…
ահաւասի՛կ
որ
ուղեղն
իր
ուսին
վրայ
կը
հոսի.
Դրօշին
հետ
իր
դիակն
երիվարէն
վար
ինկաւ…
Կրակեցէ՛ք,
որ
խեղճ
խուժանը
նահանջէ,
կրակեցէ՛ք
մինչեւ
որ
Ծովուն
վրայ
քնացող
ռազմանաւերն
օտար
Արդարութեան
անդնդախոր
իրենց
քունէն
թերեւս
րոպէ
մը
արթննան…։
Կրակեցէ՛ք,
իրենց
խուճապն
սկսաւ,
դիակները
կոխոտելով
կը
փախչին…
Կրակեցէ՛ք,
կրակեցէ՛ք…
բայց…
բայց…
ես
արդէն
կը
մեռնիմ…
Ես
իմ
սրտէս
զարնուեցայ…
իմ
մարմինս
ձեզի
պատնէշ…
Յաղթանակը
մեզի
է,
կրակեցէ՛ք,
Աստեղաբիբ
Եղբայրնե՛ր…։
19Օ9