ԽԵՂԴԱՄԱՀ
Ու
գետնափոր
նկուղին
մէջ
քառասուն
անձ՝
Արջառներու
սարսափահար
հօտի
մը
պէս,
Որ
աւազահողմին
հարուածներէն
կը
հալածուի,
Մահուան
դիմաց
դողահար
եւ
մէկզմէկ
ջախջախելով,
Չորս
պատերուն
մէջը
խաւարչտին՝
խռնուեցանք…։
Ապառաժի
լռութիւն
մը
իր
սարսափովը
կը
ծանրանար,
Շշուկ
չի
կար,
շնչող
չի
կար,
շրթունքները
փակ
էին,
Եւ
ամէնուս
նայուածքները
քստմնելի
եւ
դիւային,
Մէկզմէկու
վրայ
յառած՝
մէկզմէկու
մահ
կ՚ուզէին…։
Արեւծագէ
մը
մինչ
արեւծագըն
յաջորդ,
Այսպէս
անձայն
եւ
անօթի,
գերեզմանի
քարերուն
պէս՝
Մենք
մեր
մարմնոյն
վրայ,
մեր
սարսափն
երկաթեցինք…
Ու
մեր
թաքուն
կատաղանքն
եւ
կարօտը
կոտորելու
մտածումով՝
Մեզմէ
շատերն
սկսան
մոլեգնօրէն
իրենց
մատները
կրծոտե՜լ…
Եւ
ապառաժեայ
լռութիւնը
անհունին
պէս
մեր
աչքերուն
կ՚երկարէր…։
Բայց
արեւին
տակ՝
հազարաւոր
անասնադէմ
բարբարոսներ՝
Բերրի
դաշտերն
ու
գիւղերն
աւերելէ
դեռ
չի
յոգնած,
Մեր
թաքստոցը
փնտռելով՝
մեր
մահը
դեռ
կ՚ուզէին…։
Եւ
գետնափորի
մութերուն
մէջը
մահացնոր
Մենք
սարսափո՛վ,
սարսափո՛վ,
սարսափո՛վ
է
որ
լսեցինք
Հրազէնի,
նիզակներու,
սուիններու
եւ
սուրերու
Կայծակնապար
շառաչիւնն,
որ
արեւին
տակ
կը
վառէր…
Ու
դիակնե՜ր,
դիակնե՜ր
մեր
նկուղին
երդիքներուն
վրայ,
Արմատախիլ
ծառերու
պէս,
սրսփանքով
վար
կ՚իյնային,
Հոգեվարքի
հռնդիւններ՝
մերթ
ամեհի
եւ
մերթ
խուլ՝
Պատերէն
ներս,
նկուղին
մէջ
կու
գային
մեզ
ցնորել։
Եւ
հողապատ
ձեղունէն,
որ
մեր
վրան
դագաղի
մը
պէս
կը
փակուէր,
Վերը
հոսող
տաք
արիւնը
յորդառատ՝
ծակտիքներէն
վար
սուզուելով…
Սկսաւ
ալ
կաթի՛լ
կաթի՛լ
մեր
դէմքերուն
վրան
ծորիլ…։
Բայց
նորածին
մը
նորէն
սուր
ճիչով
մը
սկսաւ
լալ.
Մեր
դաւաճանն
անտարակոյս
այդ
անմեղը
պիտի
ըլլար.
Որոշման
մը,
եղեռնի
մը,
ոճիրի
մը
յոյսը
միայն
կար
մեզի,
Երբ
իր
մայրն
հեծեծանքով
մը,
ալ
վերջապէս
փսփսաց.
—
Աստուած
մեզի
թո՛ղ
գթայ,
ստինքներս
պարապ
են.
Ա՛լ
կաթիլ
մը
կաթ
չունիմ.
մինչեւ
արիւնս
ծծել
տուի…։
Ա՛լ
կաթիլ
մը
կաթ
չունիմ,
ինչ
որ
կ՚ուզէք,
վճռեցէ՛ք…
—
Պէտք
է
խեղդե՛լ,
—
ըսաւ
մէկը
իր
բազուկն
բարկութեամբ
մը
երկարելով։
—
Պէտք
է
խեղդե՛լ…—
փսփսացինք
քառասուն
անձ
նոյն
ատեն…
—
Նախ
եւ
առաջ
զիս
խեղդեցէք
եւ
յետոյ
իմ
զաւակս…
—
Ձայնը
առին,
տանիքն
արդէն
բրիչներով
կը
փորեն…
—
Բոլորս
մէկ
մատնուեցանք,
արդէն
տանիքը
կը
փորեն…
—
Արդէն
հողը
վար
կը
թափի,
լոյսն
արդէն
կ՚երեւայ…
—
Կը
պաղատի՜մ,
խեղդեցէ՛ք
զիս.
ահաւասիկ
իմ
կոկորդս
եւ
կոկորդն
իմ
զաւակիս…
Ու
հայ
մայրն
իր
վզին
հետ
զաւկին
վիզը
մութին
մէջէն
մեզ
երկարեց…
Խաւարին
մէջ
երկու
բազուկ
օձերու
պէս
գալարուելէն,
Մանկան
վիզը
գտնելով՝
ահեղութեամբ
մը
զայն
սեղմեցին…։
Լռութիւնն
այս
անգամ
նկուղին
մէջ
մրրիկ
մ՚էր։
Ես
րոպէ
մը
կարծեցի,
որ
բոլորս
մէկ
արժանապէս
մահացանք…։
Պահ
մը
յետոյ
խաբուած
մարդու
հայհուչներով
տղմաթաթաւ,
Զգացինք,
որ
արիւնախում
խուժանը
յուսահատած
կը
հեռանար…։
Փրկութի՞ւն
էր
մեզի
համար։
Ստրուկները
կը
փրկուի՞ն։
Այսպէ՞ս
պէտք
է
փրկուիլ….
։
Ու
ամէն
օր
այդ
խեղճ
կինը
կիսամերկ՝
ճամբաներուն
վրայ
կեցած,
Անծանօթի՛ն,
անցորդի՛ն,
թշնամիի՛ն
եւ
օտարի՛ն
—Քղանցքներուն
փաթթուելով
խենթի
մը
պէս
կ՚աղաղակէ.
—
Սա՛
ձեռքերս
կը
տեսնէ՞ք,
կտեսնէ՞ք
սա
ձեռքերս,
Ես
էի
որ
ասոնցմով,
նկուղին
մէջ,
իմ
նորածինս
խեղդեցի…
Հաւատացէ՛ք,
ես
էի
որ
զայն
խեդդեցի,
ի՜նչ
անարդար
մարդեր
էք,
Դուք
ալ
գոնէ
զի՛ս
խեղդեցէք,
իմ
ձեռքերս
անզօր
են.
Ես
էի
որ
նորածինս
նկուղին
մէջ
բոլոր
ուժովս
խեղդեցի…
Սիրտ
չունի՞ք
դուք,
խեդդեցէ՛ք
զիս,
իմ
ձեռքերս
ա՛լ
ուժ
չունին…։