Կարմիր լուրեր բարեկամէս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՐԵՆՑ ԵՐԳԸ

Ու իրենցմէ մին գոչեց, արիւնախում խուժանն այսպէս իր շուրջն հաւաքելով.
Տեսէ՛ք, արդարներու կարաւանին սարսափն է այս ահաւասի՛կ,
Որ ճոխակեաց եւ թշնամի քաղաքներուն կատարներէն է որ կ՚անցնի,
Զօրքերուս զէնքերը կը վառին եւ տօնի ակռաներնին կը կրճտեն.
Ես դիակներ կը ցանեմ ստրկութեան երդիքներուն վրայ,
Իրենց անհաւատի վատութենէն յափշտակած մարմիններս են ասոնք։
Աստուած ըսա՛ւ, որպէսզի անհաւատին հովիտները գերեզմաններու վերածեմ,
Ըսա՛ւ, որպէսզի մանուկները սրածեմ եւ սպիտակ կոյսերը կատաղութեամբս թարշամեմ…։
Եւ ես այս օդերուն մէջ կմախքի եւ կեանքի բախումներ յօրինեցի,
Օդերո՛ւն մէջ մոխիրի եւ թռչող հոգիներու մահապար…
Օդերո՛ւն մէջ արիւնի եւ կռուփներու հարուած…։
Ու ճիչեր բզկտուած իրաններու սրտերէն…
Եւ ճարճատիւն հուրերէս փշրուող ոսկորներու,
Եւ անօգուտ օգնութեան աղաղակ, եւ արցունքի աղբիւրներ…
Եւ օդերուն մէջ, աստղերուն պէս, կտրուած գլուխներ ես սրսկեցի…
Եւ մա՜հ տարածեցի, անծայրածիր մա՜հ, ինչպէս են կարաւաններն սա՛ ամպերուն…։
Ի՞նչ հրամանի է որ դուն կը սպասես, հրամանը քուկդ է,
Զա՛րկ, փշրէ՛ եւ կե՛ր եւ խմէ՛ եւ պարէ՛ եւ արբեցի՛ր…
Եւ հազար անգամ զարկ եւ փշրէ, եթէ բազուկդ խոնջէնք չունի,
Անհաւատին եւ օրերը եւ ոսկիները եւ կիները եւ արեւը մերն են միայն։
Կեանքին գինին եւ երազը եւ անարդար արիւնը մեր սեմերուն առջեւ թո՛ղ թափին։
Ուրիշ մը կ՚ըսէ իր մոլեգին եւ սպառազէն ձիուն.
Արշաւէ՛, կրակէ ձի՛ս, արշաւէ՛ ահեղատրոփ.
Մի՛ խնայեր ո՛չ կուրծքերուն եւ ո՛չ կեանքին,
Պայտերդ շանթերէն են դարբնուեր, երկինքի շանթերէն,
Ուրեմն մխրճէ՛ սմբակներդ ստրուկներու սրտերուն մէջ,
Անոնց ազատութեան պատրանքները ցրուէ քու բոլոր թափովդ,
Եւ թող որ փրփուրները արփիափայլ ագիիդ
Մեր գործած աւերը եւ մոխիրները մեր ետեւէն լուսաւորեն։
Արշաւէ՛, ո՜վ ձիս, արշաւէ՛ անխոնջօրէն եւ սրարշաւ…
Տե՛ս իմ սուրս, տե՛ս սուրս, որ բաշիդ վրան կը շողայ…
Օրհնութեան ապարօշս ես իմ գլխուս փաթթեցի…
Իմ սուրս էր որ սեւ հոգիները հնձելէն…
ճշմարիտներուն համար երկինքներուն ճամբան բացաւ…։
Հրճուէ՛, նժո՛յգս, հրճուէ՛, ահաւասիկ մարմարաթոյր լանջքդ առատ…
Արդարութեամբ թափել տուած արիւնէս իսկ կարմրեցաւ…։
Ուրիշ մը իր շեփորէն իրեններուն կը գոռայ.
Մեզի համար կեանքը՝ անոնց մահը թո՛ղ ըլլայ եւ կեանքն անոնց՝ մեր մահը…
Միակ օրերն են, օրհնեալ օրերն այս՝ միակ օրերը մեզ համար,
Հնչեցուցէ՛ք ձեր փողերուն հրամանն արդար,
Կը տեսնեմ որ ձեր ճակատները կը վառին,
Եւ Տաւրոսի հովիտներն անհաւատին դիակներովը լեցուն,
Ոռոգուելու համար դեռ արիւնի՛, արիւնի՛, արիւններո՛ւ պէտք ունին…։
Ի՜նչ հոգ իշխան, ի՜նչ հոգ մեզի իշխանութիւն,
Օրէնք չի կայ։ Ուժն է միայն ստրուկներուն արքան…
Խմեցէ՛ք սա բաժակէս, թարմագեղ կոյսերուն արիւնն է այս…
Վայրկեանը կը փախչի, արդարութիւնն իր ճանապարհը կը փոխէ…
Խմեցէ՛ք սա բաժակը կոյսի մը գանկէն այս առաւօտ եմ պատրաստած…
Ի՜նչ է ոսկին, ի՜նչ է արծաթն, ի՜նչ է ադամանդն ասոր քով…
Գինիներու սրբազանը լեցուցած եմ այս գանկին մէջ. խմեցէ՛ք այս բաժակէս։
Ես ծռեցայ եւ մեր գիւղին առուակներէն խմեցի զայն անյագուրդ…։

Եւ բարբարոսները՝ սեւ մտքերէն դարերուն ամենազօր եւ չարիքէն կրօնքներու,
Օրերով եւ կատաղութեամբ կոտորեցին, անասնօրէն աւերեցին, արմատներէն հնձեցին…
Մարդերուն կեանքը եւ դաշտերուն բարիքը եւ անմեղութիւնն աշխատանքին…
Ու դեռ իրենց երգը դիակներն իսկ թող հողին մէջը սարսեցնէ՛…
Բայց միայն ողջերն են անշարժ, սա քարերուն հետ միայն մարդերը չեն լար, միայն մարդերն անշարժ են…
Միա՛յն գութը անգութ է, միայն գաղափարը՝ տարակուսանք, միայն հաւատքն է յիմարութի՜ւն…։