Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԵՐԹՈՂ

Օ՜հ, ինչո՞ւ ըսի. «Ալ քերթող չեմ ես»։
Ի՜նչ դառն հայհոյանք։ Երբ վինի մը պէս
Սիրտիս վրայ կը զգամ գլուխդ ոսկեգէս,
Երբ երջանկութեան տա՛ղըդ ինձ կ՚երգես,
Օ՛հ, ես քերթող եմ. քընարի մը պէս
Հրճուանքէդ մատիս տակ կը նըւագես,
Շրթունքըդ կ՚այրի համբոյր-կըրակէս,
Ու կը գինովնամ ձայնէդ հըրակէզ…
Քերթո՛ղ եմ, աղուո՛ր, զայն կը պարտիմ քեզ։