Թարգմանութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԱՐՉԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Ի ըսկզբանէ Աստուած ստեղծեց
Արեւն ու աստղերը փոքրիկ ու մեծ.
Ասոր վրայ դեռ շինեց եզն ու կով
Անշուշտ ճակատին տաք-տաք քրտինքով ։

Յետոյ գազաններ վայրի, խելայեղ.
Առիւծներ իրենց ճիրանով ահեղ.
Ասոնց պատկերին վրայ ահաւոր,
Ստեղծեց յետոյ կատուներ աղուոր ։

Ու անապատը լեցնելու համար
Վերջէն ստեղծեց մարդերն անհամար,
Մարդուն պատկերին վրայ պատուական,
Կապիկներ շինեց հետաքրքրական ։

1909