Արձակի փորձեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՁԱԿԻ ՓՈՐՁԵՐ [1]

ՄԵՌԱԾ ԵՂԲԱՅՐՍ

Ա.

Ժամերէ ի վեր կ՚անձրեւէ։ Երբ աշուն է, երբ այսպէս մինակ կը մնամ տունի մը մէջ, ու տրտմութիւնը միակ ընկերը կ՚ըլլայ սրտիս, երբ երկինքը այսպէս ծանրօրէն կը հիւանդանայ, անձրեւին յոգնաբեկ երաժշտութիւնը կը սկսի հեծեծել երդիքիս վրայ, կարելի չէ որ հոգիիս մէջ չիջնեն հին օրերու մշուշոտ յիշատակներ, եւ ճակատս ձեռքերուս մէջ չառնեմ՝ գուրգուրանքով ու կարօտով նայելու համար հեռացած, մոխրագոյն դէմքերու։

Ոչինչ աւելի քաղցր է, դառնօրէն քաղցր, քան այս մռայլ երազանքը։ Եւ ահաւասիկ, սեղանս քաշեցի պատուհանի մը քով, ու նայուածքիս առջեւ է հիմա ծովը՝ մռայլ, մեղմօրէն ալեկոծ ծովը։ Գլուխս թեւիս վրայ հանգչեցուցած, կը յամառիմ մեռած եղբօրս պատկերին։ Հաւանաբար, մինչեւ մայրամուտ պիտի չդադրի անձրեւը հեծեծելէ այս ծերունի երդիքին վրայ, ու մինչեւ մայրամուտ նայուածքս պիտի չբաժնուի այս ծովէն եւ այս պատկերէն։

Պաղլար-Պաշիի գերեզմանատունը թաղուած է ան։ Հսկայ ծառի մը ստուերին տակ, քովէ քով շարք մը հողակոյտեր կան, բոլորն ալ անշիրիմ, անշուք, անծաղիկ։ Անոնցմէ մէկը անորն է, հէք Վահագնինը։ Մայրս պզտիկ սեւ խաչ մը դնել տուած էր վրան, որ անցեալ ձմեռ, փոթորկոտ գիշեր մը կը տապալի եւ գերեզմանատան մէջ տուն տեղ եղած թուրք զինուորներուն կերակուրի կաթսային տակ կը մտնէ իբրեւ վառելափայտ։ Երկար ատեն անձկութեան մատնուեցաւ մայրս, վախնալով թէ ուրիշ մեռել մը կը թաղեն եղբօրս վրայ։ ասոր համար էր որ յաճախակի յարդարել տրուեցաւ հողակոյտը, քանի մը նարկիզ ու մեխակ անկուեցան ու մեռելօրհնէքի ատեն աւելի դրամ գրուեցաւ քահանային ու գերեզմանապահին ձեռքը։ Երկուքն ալ խոստացան խնայել մեր մեռելին։

Զմայլելի տղայ մըն էր եղբայրս։ Եթէ մարդիկը դասակարգել պէտք ըլլայ. այդ դասակարգումը պէտք է ընել իրենց հոգիներուն եւ ո՛չ թէ քսակներուն համեմատ։ Այսպէս, ազնուական հոգիներ ու գռեհիկ հոգիներ կան։ Եղբայրս առաջիններուն կը պատկանէր։ Հպարտ, ըմբոստ, զայրացկոտ ու քաղցըր, մեղրի պէս քաղցր։ Սուտը եւ կեղծիքը սիրող մէկը չէր կրնար իր բարեկամը ըլլալ։ Յեղափոխական քլիւպի մը մէջ, օր մը ապտակած է իր ամէնէն մտերիմ ընկերներէն մէկը, տարէց ու լուրջ մարդ մը, որ յանդգնած էր, իրեն հետ վիճաբանած ատեն, գիտակցօրէն զրպարտութիւն մը ընել ամերիկահայ յեղափոխականներու հասցէին։ Այդ մարդը, եղբօրս յուղարկաւորութեան օրը, ծանօթի մը ըսեր է. «Եղբա՛յր, դեռ երեսիս վրայ կը զգամ իր ձեռքին ծանրութիւնը։ Ի՜նչ ապտակ էր... » եւ ամէնէն շատ արցունք թափողներէն մէկը եղեր էր այդ մարդը։

Կրակ կը կտրէր՝ երբ անիրաւ խօսք մը ընէին կամ անիրաւ վարմունքի մը մէջ գտնուէին իրեն, իրեններուն կամ որեւէ հեռաւոր ծանօթի մը հանդէպ։ Տասնըվեց տարեկան էր, երբ հայրս Լոնտոն տարաւ զինք. եւ արդէն իսկ տասնըեօթնին յեղափոխական արձանագրուած էր ու սկսած էր բրոբականտ ընել Լոնտոնի եւ Մանչեսդըրի մէջ գտնուող հայ խոհարարներուն եւ կօշկակարներուն։

Երբ հայրս կը փորձէ դարձի բերել զինք, սպառնալով նոյնիսկ իր օգնութիւնը զլանալ իրեն՝ եթէ շարունակէ իր յեղափոխական ընթերցումները, անիկա, իբրեւ միակ պատասխան, առաւօտ մը, արշալոյսին, շոգենաւ կը նետուի Լիվըրբուլէն ու ճամբայ կ՚ելլէ դէպի Նիւ Եորք, գրպանը քանի մը չիլին միայն ունենալով։ Ամերիկայի մէջ ապրած իր երկու տարիները, թշուառութեան դէմ մղած իր պայքարներովը եւ օտար երկրի փորձութիւններուն դէմ ցցած իր նկարագրի ուժովը, իր կեանքին ամէնէն հերոսական էջերը կը կազմեն։ Երբ հերոս մը կը մեռնի, անոր հողակոյտին վրայ արձանի կամ խաչի պէս ոչնչութիւններ կանգնելու հարկ չկայ։ Օտար ձեռքերէ շինուած այդ բռնազբօսիկ զարդերը կը տգեղցնեն, կը գռեհկացնեն հերոսին հողակոյտը։ Հերոսը ի՛նք կերտած է իր կոթողը։ Եղբօրս հողակոյտին գեղեցկագոյն յուշարձանը՝ այդ երկու տարիներուն մէջ իր ապրած տառապանքը եւ մղած պայքարն են։ Եւ սակայն, ասիկա խեղճ քահանային ու երանելի գերեզմանափորին աչքին երեւցող յուշարձան մը չըլլալուն, չեմ համարձակիր համոզելու մայրս որ ե՛տ կենայ նոր խաչափայտ մը հաստատել տալու իր մտասեւեռումէն։

Յաճախ կը կարդամ իր օրագրութիւնները։ Ամէն իրիկուն, աշխատանքէ դարձին, յոգնած, քունը աչքին, հինգ տող, տասը տող բան կը գրէ եղեր իր անցուցած օրին վրայ։ Ի՜նչ պարզ են իր բառերը, իր նախադասութիւնները։ Կաթիլ մը քրտինքի պէս ջինջ... ի՜նչ յուզիչ է իր հոգին։ Եղեր են օրեր, երբ անօթի է մնացեր, երբ ստիպուեր է բարակ, մաշած, ամառային բաճկոնակով մը թափառիլ Նիւ Եորքի ցուրտ, մըշուշոտ երկնքին տակ, ծերացած կօշիկներով, հայրենաբաղձութեան մրմոքը սրտին։ Ոչ մէկ բարեկամի մօտեցեր է՝ տոլար մը ուզելու, նոյնիսկ փոխ։ Մենութեան մէջ ապրեր է, իր ցուրտ, գունատ խցիկին մէջ, հեռու քլիւպէն, հեռու մանաւանդ դրամ ունեցող գրպաններէն։ Իր տրտմութիւնը - խորունկ եւ առնական - յանձներ է միայն իր օրատետրին էջերուն, որոնց մէջ կարելի չէ գտնել տող մը, բառ մը, ուր իր հպարտ եւ բուռն նկարագիրը պզտիկ դեդեւում մը ունեցած ըլլայ, պզտիկ զիջում մը ըրած ըլլայ ու դաւած իր սկզբունքներուն։ Միշտ բարձրն է մնացած, նեղութեան ու տառապանքի մէջ ոտք մը աւելի վեր՝ ազնուականութեան աստիճանին վրայ։ Ոչ մէկ գործ արհամարհեր է, ոչ մէկ գործ՝ որ իր ճակտին քրտինքը պահանջէ ու փոխարէն տայ պատուով եւ արժանիքով շահուած հացը կեանքին։

Եղեր է պաշտօնեայ մեծ վաճառատուններու մէջ, լիաթոշակ եւ յարգանքի առարկայ՝ իր աշխատասիրութեան, ճարպիկութեան եւ անսայթաք պատուաւորութեան համար։ Շատ չէ կրցեր մնալ այդպիսի հեշտին մթնոլորտներու մէջ. մեծերու կողմէ անփափկանկատ խօսք մը, արհամարհոտ նայուածք մը, իր եսին ուղղուած վիրաւորանքի ամենատարտամ ակնարկութիւն մը՝ պատճառ եղած են որ այդ տասնութամեայ վէս պատանին իր ծրարը թեւին տակ առնէ եւ իսկոյն իր հաշիւը պահանջէ բադրոնէն։ Ահա իր մէկ օրագիրը. - «Այսօր սաստիկ զայրացայ վերահսկիչին դէմ որ ժպտելով ու դէմքի չար արտայայտութիւնով բան մը կ՚ըսէր պաշտօնեայի մը ականջին ու զիս ցոյց կու տար, մինչ ես, ահագին աշխատութենէ մը վերադարձած, ճակտիս քրտինքը կը սրբէի, սնտուկի մը վրայ նստած։ Այդ մարդը անցեալ օր ալ արհամարհոտ ժպիտ մը ունէր աչքերուն մէջ, երբ շաբաթավարձս կը վճարէր։ Երբ գործըս աւարտեցի, իրիկունը, իր ժպիտէն հազար անգամ աւելի արհամարհական ժպիտով մը գացի իր գրասենեակը... »։

(Ընդհատուած)

 

Բ

... Քովս նստած, աչքերը ուրախութեամբ լեցուն, երջանկութեան երազները կ՚ընէր... ։

Այնքան ուժեղ սեղմեր էի զինք կուրծքիս՝ որ չէր տեսներ մելամաղձութիւնս։ Չտեսաւ իսկ թէ պզտիկ արցունքներ կային աչքերուս մէջ, մինչ կը համբուրէի զինք իմ յուսահատութեանս ամբողջ թափովը։

Քովը նստած, թեւիս մէկը վզին շուրջ, հանդարտօրէն կը ծխէի եւ կ՚երեւակայէի շարքը շիրիմներու։ Հիգ-վեց գերեզմաններ են, առանց քարի, քանի մը անփայլ ծաղիկներով։ Անոնցմէ մէկը իմ մեծ եղբօրս է։ Հոյակապ տղայ մըն էր, ոսկի սրտով ու պրոնզէ նկարագրով։ Առանց սիրոյ մեռած է։ Ոչ մէկ կանացի ձեռք գգուած է անոր տժգոյն ու բարձր ճակատը։ Ի՜նչ մելամաղձոտ դարձած էր իր մահէն քանի մը շաբաթ առաջ։

Զատկի արձակուրդը վերջացած էր։ Պիտի մեկնէի վարժարան՝ քանի մը ամիսներ ետք միայն վերադառնալու համար։ Երբեք պիտի չմոռնամ նայուածքը որ իր մեծ տրտում աչքերը ունէին՝ երբ գացի հրաժեշտ առնելու իրմէ։ Իր ոսկրուտեւ լայն ձեռքով սեղմեց ձեռքս (համբոյրը չէր սիրեր) եւ իր քիչմը թաւ ձայնով ըսաւ. - «Լաւ խնամք տար ինքզինքիդ, եւ երբ վերադարձիդ մեռած ըլլամ, մի՛ մոռնար քու կարգիդ ամէն երեկոյ ջրելու այս մեխակները եւ սարտենիաները պարտէզին... »։ Նայուածքը մեղմացաւ եւ աւելի տրտում դարձաւ. եւ որովհետեւ ե՛տ մղել կ՚ուզէր մտածում մը կամ իղձ մը, կըրկնեց. «Մի՛ մոռնար, հէ՞... »։

Ու ձգեց գնաց պարտէզին կողմէն, իր յեղափոխական ընկերներուն քով երթալու համար։

Նախ քարացայ. բայց յանկարծ աչքերս լեցուեցան տաք արցունքներով, ու ետեւէն վազեցի՝ կեցնելու համար, բառ մը ըսելու համար։ Կ՚ուզէի ըսել թէ կը սիրէի զինք, թէ՝ ի՛նքն ալ պէտք չէր որ զիս մոռնար... բայց այնքա՜ն արագ կը քալէր իր երկար եւ նիհար սրունքերով... ։

Խոհանոցին մէկ պատուհանէն տեսայ իր աջ թեւը որ դուռը կը գոցէր ետեւէն. եւ այդ եղաւ իմ վերջին պատկերս իրմէ... ։

Հէ՜ք եղբայր։ Ինը տարիէ ի վեր ան հոն է, այդ հին գերեզմաններուն միջեւ։ Մայրս սեւ խաչ մը դնել տուած է եւ մեխակներ... սարտենիաներ... ։

ԱՌԱՋԻՆ ՍԷՐՍ

1.

Առաջին սէրս կը պարտիմ թռուցիկի մը պոչին։ Տասը-տասներկու տարեկան եղած ատեններս՝ համբաւաւոր թռուցիկ թռցնող մըն էի։ Անկէ ի վեր ոչ մէկ բանի մէջ նոյնքան տաղանդ ցոյց տուած եմ։ Տղաքը կը դողային իմ թռուցիկներէս։ Միշտ ամէնէն մեծը, ամէնէն հաստատունը, ամէնէն գեղեցիկը կ՚ըլլար իմ թռուցիկս, միշտ ամէնէն աւելի առասան կ՚ունենայի ես։

Երբ իմ թռուցիկս օդը ելլէր, միւս բոլոր թռուցիկները վար կ՚իջնէին կամ կը հեռանային իմինիս սահմաններէն։ Երբեմն կը պատահէր որ ուրիշ փողոցի մը մէջ բնակող քանի մը տղաք դաւ մը նիւթէին ինծի դէմ։ Իրենց առասանները կը միացնէին, զօրաւոր փայտերով թռուցիկ մը կը շինէին, կը թռցնէին զայն ու յաղթական կը մտնէին մեր փողոցը, մենամարտի հրաւիրելով իմ հէք թռուցիկս։ Այդմենամարտը «խըռմալա» կը կոչէինք մենք։ Թռուցիկի բոլոր տղաքը կը վազէին հետաքրքիր, ահագին, աղմուկով։ Երկու խումբ կը կազմուէր, անոնցը եւ իմինս։ Ու պայքարը կը սկսէր։ Իւրաքանչիւր կողմ իր տրամադրելի ամբողջ ճարտարութիւնը ի յայտ կը բերէր, լուրջ ու մտախոհ երեւոյթով, վտանգի մէջ գտնուող մարդոց նման։ Խեղճ թռուցիկները երկար ատեն կը չարչարուէին, օդին մէջ հազար յիմարական շարժումներ կ՚ընէին, մերթ իրարու մօտենալով, մերթ հեռանալով իրարմէ, կռիւի բռնուած աքաղաղներու պէս։ Յաղթանակը իմ կողմս կը մնար միշտ։ Հակառակորդ կողմին թռուցիկը, բզիկ-բզիկ եղած, իր պոչը կորսնցուցած, օդին մէջ ինքն իր վրայ դառնալով վար կ՚իյնար։ Եկուորները իրենց առասանը կը փաթթէին ու կը նահանջէին դէպի իրենց փողոցը։

Օր մը, սակայն, բախտը չժպտեցաւ ինծի։ Ահագին թռուցիկ մը շինած էի, պզտիկ պզտիկ բիւրաւոր թուղթեր հաւաքած ու իրար փակցուցած, գոյներու ներդաշնակութեան օրէնքին համաձայն՝ զոր խիստ լաւ ուսումնասիրած էի։

Առաւօտուն կանուխ, հիանալի հովով մը զայն թռցուցեր էի մեր դիմացի դաշտէն։ Ամբողջ առասանս տրամադրեր էի շքեղ թռուցիկիս, որ կապոյտ երկնքին մէջ հազիւ տեսանելի բան մը դարձեր էր։ Յետոյ մեր պարտէզը գացեր, խոշոր սալորենիի մկ կապեր էի ծայրը, փողոց երթալ եւ անոր ձգած տպաւորութիւնը ստուգելու համար։ Ամբողջ օրը սա տեսակ խօսակցութիւններ լսեր էի։

-Գրիգոր, աս ուշուրման անո՛րն է կինե։

-Սա Մատթէոսի՞նը...

-Հապա որու՞նը, ծօ...

-Ասչափ հով կայ տէ՝ կինե մոմի պէս կեցեր է։ Աս տըղուն պէս ուշուրմա շինող չկայ։

Ու ես գոհ ու հպարտ ժպտեր էի, բոլորովին մոռցած թէ վերջին փայտը ողորկած միջոցիս ճկոյթ մատս կտրած ու բաւական արիւն կորսնցուցած էի։

Յանկարծ, մեր կռնակի թաղէն, սոնքալով բարձրացաւ թռուցիկ մը որ բաւական վարպետ ձեռքէ մը կառավարուած կը թուէր։ Վերջը իմացայ թէ սովորական հակառակորդներէս մէկուն տունը հիւր եկած տղայ մըն է եղեր։ Երբ իրեն պատմեր են գործած հրաշալիքներս, տղոցը ըսեր է... «Անգամ մըն ալ ե՛ս չափուիմ հետը»։

Միջոց մը, երբ թռուցիկները իրարու մօտեցած էին, տեսայ թէ իմ առասանս անորինին տակէն անցած էր. եթէ այդ վայրկեանին իմ թռուցիկս աւելի հեռու չգտնուէր, անվիճելի էր յաղթանակս. ուստի սկսայ բազուկներուս ամբողջ ուժովը քաշել առասանս։ Ան չքաշեց։ Յանկարծ թռուցիկս հակեցաւ, եւ իր շքեղ պոչը առկախուեցաւ հակառակորդիս առասանէն։ Սարսափած դադրեցայ քաշելէ։ Այն ատեն, հակառակորդս սկսաւ քաշել իր թռուցիկը որ օդին մէջ կը բարձրանար յաղթական, իմինիս վրայ հաստատելով իր տիրապետութիւնը։ Այնքան ուժով կը քաշէր որ վերջապէս յաջողեցաւ թռուցիկս անջատել իր պոչէն։ Առաջինը խելակորոյս սկսաւ թաւալիլ ինքն իր վրայ, իսկ երկրորդը՝ շնորհալի նազանքներով վար իջնել։

Մեծ ճիգերով յաջողեցայ վիրաւոր թռուցիկս պարտէզ իջեցնել։ Յետոյ գացի պոչս փնտռելու։ Պարտէզին դուռէն դուրս ելայ. բարեբախտաբար, տղաքը այդ փողոցին մէջ չէին։ Սկսայ անդին ասդին վազել։

-Տղա՛յ, տղա՛յ...

Ետեւ դարձայ։ Ինծի տարեկից աղջիկ մը, իրենց դրանը առջեւ կեցած կ՚ըսէր.

-Հոն ինկաւ, հո՛ն, սա կանանչ ներկով տունին պարտէզ. նա՛, ծառի մը վրայ է, նայէ...

Իր ցուցուցած կողմ նայեցայ. տեսայ պոչը՝ որ ճիւղէ մը կախուած կը տարուբերէր հովէն։ Իսկոյն վազեցի, ոստումով մը անցայ պատէն, ծառին վրայ ելայ եւ առանց ամենափոքր վնաս մը հասցնելու ազատեցի պոչը։ Զայն վզիս շուրջը անցուցած կը վերադառնայի, երբ, նոյն տունին առջեւէն անցած ատենս, ան հարցուց.

-Գտա՞ր։ - Ուրախ կը ժպտէր։

-Այո՛, - պատասխանեցի, ես ալ ժպտելով իրեն. - ձեզի կը պարտիմ։ - Եւ անցայ։

Երբ իմ պարտէզս հասայ, պոչս հոն ձգեցի ու շիտակ սենեակս ելայ։ Շաբաթ իրիկուն էր։ Մայրիկիս ըսի թէ եկեղեցի պիտի երթայի, ու նոր, ճերմակ հագուստներս հագայ - կարճ տաբատ մը եւ կապոյտ օձնքով մարեն մը, նաեւ դեղին կօշիկներս՝ մէկ քովէն կոճակներով -, զորս միայն կիրակի օրերը արտօնուած էի հագնիլ։ Յետոյ, հայելիին առջեւ գացի, մազերսխնամքով խոզանակեցի։ Երկայն եւ գանգուր գեղեցիկ մազեր ունէի։ Գլուխս անցուցի, քիչ մը ծուռ, նաւաստիի կլոր գլխարկս՝ ուսէս վար զոյգ մը ժապաւէններով։ Կէս ժամ ետք, ձեռքերս գրպաններուս խորը մխրճած, անոնց փողոցէն կ՚անցնէի կրկին, թռուցիկին պարտութիւնը բոլորովին մոռցած։

Դուռը գոց էր։ Չհամարձակեցայ պատուհաններուն նայիլ։ Հաւանաբար, արդուզարդս գոց դրան եւ կամ գոց պատուհաններուն կողմէ միայն տեսնուեցաւ։

Գիշերուան ճաշէն յետոյ, րոպէ մը խոյս տուի ու դարձեալ անցայ նոյն փողոցէն։ Նորէն ամայութիւն։

Այն գիշեր, մինչեւ առաւօտ, այդ աղջիկը երազներուս խառնուեցաւ։ Թռուցիկի հսկայ պայքարներու կը բռնուէի ու միշտ, հեւասպառ վազած միջոցիս, անոր կը հանդիպէի։ Նոյն քաղցր ժպիտով ինծի ցոյց կու տար կորսուած թռուցիկներս։ Միջոց մը, վարդենիի մը փուշերէն թռուցիկ մը ազատած միջոց մը, վարդենիի մը փուշերէն թռուցիկ մը ազատած միջոցիս, չեմ գիտեր ինչու, ինքն ալ հակեցաւ թուփին վրայ, եւ իր այդ մօտիկութիւնը այնքան շփոթ ու անճարակութիւն տուաւ մատերուս, որ հէք թռուցիկը կտոր կտոր եղաւ, ու ես մեծ ցաւով մը արթնցայ քունէս։

Յաջորդ տարին, պատահեցաւ որ անիկա ալ իմ գացած վարժարանս գար, Ս. Խաչ։ Օր մը, պատահմամբ իմացայ իր անունը, երբ ընկերուհիները զինք կը կանչէին։

 

2

Մեր դասարանապետ ուսուցիչը, որ միշտ իր ակնոցին համար յարմար տեղ մը չէր գտներ քիթին վրայ, ու խօսած ատենը երկու մատովը վեր վար կը շարժէր զայն, լուրջ հանդիսաւորութիւնով մը ըրաւ հրաշալի ծանուցում մը.

-Տղաք, վաղը առտու Պէյքոզ պիտի երթանք. քովի դպրոցիններն ալ պիտի գան։ Կանուխ եկէք... ։

«Քովի դպրոցինները» - մեր ուսուցիչը երբեք չէր արտասաներ «աղջիկ» բառը - աղջիկներն էին... ԳՈՀԱՐԸ... ։

Գիշերը յոյսով լեցուն պառկեցայ, բայց առաւօտուն, չեմ գիտեր ինչո՛ւ, տարտամ յուսաբեկութիւն մը կար սրտիս մէջ։ Երկար ատեն չուզեցի անկողինէս ելլել։ «Ինչ հարկ», կը խորհէի ու աչքերս կը գոցէի։ Յանկարծ, հիւրանոցի պատի ժամացոյցը ժամը եօթը զարկաւ։ Միւսի Յովակիմեանը ըսեր էր թէ ժամը եօթնուկէսին ճամբայ պիտի ելլէինք։ Ակնթարթի մը մէջ՝ ամէն վարանում, ամէն շփոթութիւն անհետ եղաւ։ Անկողինէս ցատկեցի եւ հայելիիս առջեւ անցայ։

Երբ դպրոց հասայ, տեսայ թէ տղաքը երկաթէ մեծ դուռէն դուրս կ՚ելլէին։ Նախ պզտիկները եկան. յետոյ, երբ մեր դասարանի տղաքը երեւցան, գացի անոնց մէջ խառնուեցայ։ Ճամբան, մանաւանդ շոգենաւին մէջ, շատ տխուր էի։ Ընկերներս ծրագիրներ կը պատրաստէին օրուան խաղերուն համար։ Անոնց մէջ էի ես ալ. ու նոյնիսկ ատեն ատեն ինծի ուղղուած հարցումի մը կը պատասխանէի, անձնական կարծիքս յայտնելով խաղի մը զանազան նրբութիւններուն մասին, նոյնիսկ ժպտելով ու խնդալով եղած կատակներուն ու դպրոցականի սրաբանութիւններուն։ Եւ սակայն՝ տարօրինակ, անբացատրելի թախիծ մը կար հոգիիս մէջ, որ տեսակ մը ծանրութիւն ու մտախոհ երեւոյթ կու տար անշուշտ դէմքիս ։ Ունէի ճիշդ այն հոգեկան վիճակը զոր տասներկու տարեկան աղեկ մը կ՚ունենայ՝ իր դպրոցականի գրասեղանին վրայ հակած, երբ իր մայրը ծանրօրէն հիւանդ է, եւ իրիկուն մը իմացած է՝ մեղմօրէն անոր դրան մօտենալով՝ ներսէն ցած ձայնով ըսուած խօսք մը. -«Յոյս չկայ»։

Երկար ատենէ ի վեր, այդ երկու բառերը անդադար կ՚առկախուէին իմ բոլոր մտածումներէս։ Նայուածքս ուրիշ բան չէր ըսեր, դասերուս մէջ ունեցած յանկարծական կասումըս ուրիշ բան չէր ըսեր, բայց մանաւանդ՝ տարտամ, անպատմելի մելամաղձութիւնս։ «Յոյս չկայ... »։

Վերջապէս հասանք Պէյքոզի անծայրածիր դաշտերը։ Դպրոցական խումբը, որուն մէջ քանի մը ժամէ ի վեր սկսեր էր յայտնուիլ տեսակ մը խուլ, զսպուած ըմբոստութիւն՝ կարգապահական սովորական օրէնքներուն դէմ, ակնթարթի մը մէջ ցրուեցաւ ահագին դաշտին խորը, ամէն ուղղութեամբ։

Շուրջս նայեցայ։ Ինձմէ զատ ոչ մէկ տղայ կար։ Աղջիկներուն խումբը յամր յամր կը յառաջանար։ Անոնց քովէն կը քալէր ուսուցչական խումբը։ Ամօթէս շրթունքներս խածի ու վազելով գացի կորսուեցայ մերիններուն մէջ։

Եւ սակայն, ոչ մէկ խաղի մասնակցեցայ։ Դաշտը հասնելնուն պէս, տղաքը, դեռ շունչ չառած, սկսան «գերի» մը կազմակերպել։ Զիս ալ ընտրեցին, առանց կարեւորութիւն տալու մերժումի համար ըսած խօսքերուս։ Ամէնէն առաջ ընտրուողներէն եղայ, տրուած ըլլալով վազելու մէջ ունեցած համբաւս։ Բարեբախտաբար, սակայն, խաղը սկսելուն պէս քիթս արիւնիլ սկսաւ, ու կրցայ առանց ծաղրուելու խաղէն քաշուիլ։ Գացի ծառի մը տակ նստայ ու խաղը դիտեցի։ Որոշած էի բնաւ չնայիլ աղջիկներուն կողմը, այնպէս որ՝ չէի գիտեր նոյնիսկ թէ անոնք ո՛ւր էին կանգ առեր եւ ի՛նչ կ՚ընէին այդ պահուն։

Կէս օրուան ճաշէն յետոյ, քանի մը տղաք օրիժինալ գաղափար մը ունեցան։ Ճամբուն եզերքի աղբիւրին քով բազմաթիւ էշեր կեցած էին, որոնք սովորութիւն ունէին այդ դաշտը եկողները  իրենց կռնակն առնել ու պտտցնել։

Յանկարծ բոլոր բերաններէն հիացումի աղաղակ մը բարձրացաւ. երեք տղայք, երեք էշերու վրայ հեծած, մեծ ճամբուն վրայէն կ՚արշաւէին։ Իսկոյն, կարեւոր հոսանք մը յառաջ եկաւ դէպի էշերը։ Դրամ ունեցող տղաքը կը վազէին ու ճամբայ կ՚ելլէին դէպի երեք նախակարապետներու հետքերը։ Շատ չանցած՝ աղջիկներուն խումբն ալ վարակուեցաւ այդ հոսանքէն ։ Այդ տարիքի երկու սեռէ դպրոցականներու միջեւ, տեսակ մը ընդհանուր եւ խիստ տարտամ զգացում գոյութիւն ունի միշտ։ Երկու կողմէն ալ անձկութեամբ կը տենչան որեւէ առիթի որ զիրենք իրարու մօտեցնէ ու կարենան ո՛չ թէ իրարու հետ խօսիլ - այդ անկարելի բան մը կը թուի -, բայց իրարու նայիլ մօտէն։

Այդ առիթը ստեղծած էին էշերը։ (Ատոր համար է որ՝ մինչեւ հիմա տեսակ մը գորով պահած եմ էշերուն հանդէպ)։

Վայրկեան մը, ուրախութեամբ լեցուած, ես ալ քայլերս ուղղեցի դէպի աղբիւրը, բայց ճամբան յանկարծ յիշեցի թէ, ուշ մնացածի աճապարանքիս մէջ, մոռցած էի դրամ առնել մօրմէս։ Յուսահատութիւնով՝ ձեռքս գրպանս տարի. վերադարձի տոմսակին համար հարկ եղած դրամէն զատ քսան փարա միայն ունէի։ Մինչդեռ, իշապանները կէս ժամուան համար երեք ղրուշ կը պահանջէին։ Ետ չդարձայ, բայց դադրեցայ աղբիւրին ուղղութեամբ յառաջանալէ։ Քայլերս ուղղեցի դէպի աջ երեւցող մեծ քար մը եւ հոն նստայ, տխրութիւնը դէմքիս։ Փայտ մը առի գետնէն եւ սկսայ զմելիովս տաշել զայն, իբրեւ թէ կարեւոր մտադրութիւնով մը, որպէսզի էշով զուարճացողներուն առջեւ - որոնք մօտէն կ՚անցնէին -ծիծաղելի չըլլայի. բայց միշտ մէկ աչքս անոնց կը հետեւէր, մանաւանդ երբ գեղեցիկ հատ մը անցնէր։

Ու յանկարծ... Գոհարը։

Մոխրագոյն իշու մը վրայ նստած, քանի մը ընկերուհիներու առջեւէն կու գար ան։ Իսկոյն յօնքերս պռստեցի եւ սկսայ աւելի մեծ խնամքով տաշել փայտս։ Աղմուկով ու կատակներով անցան մօտէս։ Երբ քիչ մը հեռացան, գլուխս վեր առի. ճիշտ նոյն վայրկեանին տեսայ թէ Գոհարը, միւսներէն ետ մնացած, գլուխը դարձուց եւ ակնարկ մը նետեց դէպի իմ կողմս։ Աներեւակայելի էր յուզումս. աչքերս արցունքով կը լեցուէին։ Նայուածքս վար չառի, ու քանի մը երկվայրկեան տեւեց հոգեկան այդ հաղորդակցութիւնը։ Ան ալ տխուր էր... տարօրինակ բան... ։

 

*

Վերադարձէն ժամ մը առաջ, երբ աննպատակ կը քալէի՝ երազանքի անձնատուր, տեսայ թէ սրճարանին շուրջը ահագին խումբ մը կազմուեր էր։ Բոլոր տղաքը, բոլոր աղջիկները, նոյնիսկ էշ նստողները, դէպի այդ կեդրոնական խումբը կը շտապէին։ Ես ալ գացի։ Ամէն ոք, պզտիկ պնակ մը ձեռքը, պաղպաղակ կը ճաշակէր։ Մարմինիս վրայ զգացի ցուրտ բան մը, որուն պատճառը պաղպաղակին տեսքը չէր, այլ... պիւաճէս։ Պաղպաղակ լեցնող Ալպանացին համաչափ կը լեցնէր պնակները, եւ իւրաքանչիւր տղայ մէկ դահեկան կը վճարէր։ Բոլոր գրպաններս հետազօտեցի, գիւտ մը ընելու յոյսով, բայց ի զուր։ Հեռանա՞լ խումբէն՝ առանց բան կ կերած ըլլալու. տակէ աւելի ծիծաղելի չէի կրնար ըլլալ։ Ինծի այնպէս կու գար թէ բոլորը, մասնաւորաբար աղջիկները, մանաւանդ ԱՆ՝ մէկ աչքով ինծի կը նայէին։ Քաջութիւնս ժողվեցի եւ քսաննոցս երկարելով մարդուն ըսի որ այդչափ միայն կ՚ուզէի ուտել։ Յետոյ մեկուսի տեղ մը գացի։

Դեռ երկու գդալ չէի առած, երբ մեղմ ձայն մը հնչեց քովէս։ Վեր առի գլուխս ու մնացի ապշած։ Ձախ ձեռքովս պնակը բռնած, իսկ աջով՝ զգալը պաղպաղակին խորը մխրճած, տխմարի արտայայտութիւնով մը կեցած անոր կը նայէի, առանց գիտնալու ընելիքս։ Ժպտելու ձեւէն յայտնի էր թէ բան մը ըսած էր ինծի ու պատասխանի կը սպասէր։

Ձայնէս սարսափելով հարցուցի.

-Կը ներէք, ի՞նչ ըսիք։

-Ոչինչ, - ժպտեցաւ ան։ - Բան մը չըսի։ Ինչու՞ չէք ուտեր ձեր պաղպաղակը։

Յոգնակի կը խօսէր ան, իսկ իմ հոգիս տակաւ կը լուսաւորուէր։

-Անհանգիստ եմ. կը խորհիմ թէ անխոհեմութիւն պիտի ըլլայ ամբողջը ուտել - ըսի թոթովելով։

-Իրաւ՝ գունատած էք, երանի թէ պտոյտի չգայիք։

-Բայց...

Չկրցայ աւարտել. նոյնիսկ մտածումս կեցուցի, վախնալով թէ իր սեւ աչքերը կարող էին մտքիս մէջ թափանցել։ Պնակս շրջեցի անփոյթ շարժումով մը եւ գացի զայն Ալպանացիին յանձնելու։ Երբ վերադարձայ, ան հեռացեր էր։

Վերադարձին, սարսափելի իրարանցումու ժխոր եղաւ շոգենաւին մէջ։ Հրեայ դպրոցականներու խումբ մը, որ դիմացի եզերքը պտոյտի գացեր էր, միեւնոյն շոգենաւով կը վերադառնար։ Մեծ ճիգով կրցանք ներս մտնել։ Բոլոր հանգըստաւէտ տեղերը նախապէս անոնց կողմէ գրաւուած էին, անանկ որ մենք ստիպուեցանք ասդին անդին ցրուիլ։ Ոտքի վրայ, կարգապահութիւնբառը բոլորովին մոռցուած էր աշակերտներուն կողմէ։ Խեղճ Պրն. Յովակիմեանը իզուր ճիգեր կ՚ըներ, կաս կարմիր եղած, առանց կարենալ ձգելու իր ակնոցին վրայ ունեցած մենամոլութիւնը։ Աղջիկ մանչ իրարու խառնուած էին, անվերջանալի յորձանք մը ստեղծելով դէպի առաջ ու դէպի ետ։

Մեքենաներու սրահին քով տեղ մը կեցած էի ես ու մեքենաներու շարժումը դիտելով անդադար կը մտածէի. - «Որչափ ծիծաղելի էր դիրքս քիչ առաջ»։

Վայրկեան մը՝ մեքենաներուն եւ աշակերտներուն ժխորը տեսակ մը թմրութեան մէջ ձգեց զիս։

(Ընդհատուած)



[1]            Զարիֆեանի նամակներուն մէջ կը հանդիպինք ակնարկութիւններու՝ «ՀՈԳԻՆԵՐ» խորագիրով վէպի մը մասին, ուր, ըստ երեւոյթին, բանաստեղծը ծրագրած էր տալ իր կեանքը։ Մեզի հասած իր թուղթերուն էջ կը գտնուի համառօտ մէկ յատակագիծը այդ ինքնակենսագրավէպին, բայց ո՛չ մէկ էջ՝ որ ներկայացնէր մշակուած մաս մը անկէ։ Կան սակայն՝ անջատ եւ անաւարտ կարգ մը էջեր, որոնք թերեւս մաս պիտի կազմէին ծրագրուած այդ վէպի ատաղձին։ Այստեղ կու տանք անոնցմէ երկու փունջ, որոնք վկայութիւններ կը բովանդակեն իր հոգեկան աշխարէն։ - ԽՄԲ։