Արձակի փորձեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐՁԱԿ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐ
... ԻՆ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ)

ԾՈՎԱՓԻՆ

Արշալոյսին առաջին ցոլքերուն հետ՝ գացեր էինք մեր սովորական ժայռին։ Հիմա ստուերը կ՚իյնար ծովուն վրայ, թեթեւ հով մը կ՚ուռեցնէր առագաստը նաւակի մը որ մեր առջեւէն կ՚անցնէր։ Ծեր ձկնորսը կ՚երգէր։

Շուտով գիշեր պիտի ըլլար։

Ի՞նչ էինք ըրած հոն, արշալոյսի առաջին ժամերէն ի վեր։

Ան նայեր էր ծովուն։ Ես ունկնդրեր էի իր հոգւոյն... ։ Երկու անդունդներ... ։

Յաւիտենականութիւնն իսկ պիտի չբաւեր մեզի... ։

ՑԱՅԳԱՅԻՆ ԵՐԱԶԱՆՔ

Այն ժամուն, երբ գիշերը կ՚իջնէ իմ անգոյն ապակիներուս, երբ վերջին թռչունը կը լռէ սա ծերացած ձիթենիին ճիւղերուն մէջ, այդ ժամուն ես կը դադրիմ ծխելէ իմ հին բազկաթոռիս խորը։ Ձեռքերս կը լքեն ճակատս, եւ թախծոտ՝ իմ ետեւէս կը փակեմ դուռը...

Ո՞ւր կ՚երթամ։ - Չե՛մ գիտեր։

Պարուրուած մռայլ անդորրութեամբ մը, յամրօրէն կը քալեմ դեպի հեռաւոր տժգունութիւնները, ուր կը յուսամ գտնել բարեգութ քարեր, հանգչեցնելու համար գլուխս։

Բարձրաճակատ կը քալեմ կէս ժամու չափ՝ այս վայրի ստուերներուն մէջէն, եւ հոգիս կը լեցուի դիակներու խաղաղութեամբ։

Մեծ, շփոթ աչքեր կը բանամ, որոնք սակայն նայուածք չունին, որովհետեւ, մտածումիմ պարապին մէջ կը տիրէ լռութիւնը աստղերուն։

Ձեռքերս սառած են։

Դիակներու նոյն անդորրով կը դառնամ սենեակս, ճակատս կը դնեմ սառած ապակիներուն, բայց չե՜մ լար... ։

ՀԻՒԱՆԴԱԳԻՆ ՆԱԽԱԶԳԱՑՈՒՄ

Տատրակ մը կը լողայ ծովուն վրայ, ծովուն՝ որ կը թուի մեռած հոգի մը ըլլալ... ։

Պատուհանիս առջեւ նստած՝ կը նայիմ այդ ճերմակ թռչունին ու կը դիտեմ ծովը անալիք... ։

Տրտմօրէն կ՚երազեմ իմ դժբախտ սիրականիս...

Սա թռչունին նման, ան կը լողայ հոգւոյս մեջ, եւ հոգիս մեռած ծով մըն է անհուն... ։

Օր մը, ճերմակ տատրակը իր գլուխը պիտի մխրճէ ծովուն մեջ եւ ա՛լ վեր պիտի չառնէ զայն, այս կապոյտ ջուրը պիտի սպաննէ խեղճը։

Կը սոսկամ, երբ կը մտածեմ որ թերեւս այդպէս պիտի ըլլայ, նաեւ, իմ հէ՜ք սիրականիս համար... ։

ՄՂՁԱՒԱՆՋ

Այդ օրը ծովը ա՛յնքան թափանցիկ էր որ մտածել կու տար անդորր հոգիներու... ։

Ի՜նչ քաղցր պէտք է ըլլալ անդորրութիւնը հոգւոյն, ուր զըղջումի մը ստուերը չէ ինկած երբեք, եւ որ կը լողայ եթերէն իջնող լոյսերուն մէջ... ։

Այն որ այդ տեսակ հոգի մը ունի՝ Հրեշտակ կ՚անուանուի... ։

Այդ օրը՝ վշտալի հոգիներ ունէինք. ծանր թեւերով կը ճնշեր մեզ ստուերը, կը ժպտէի այդ բեռան տակ, որովհետեւ կը սիրեմ նաեւ տարօրինակ տառապանքը ստուերին։ Բայց կը մեղքնայի որ այնքան տժգոյն էր սիրականս... ։

Երբ վայրի բլուրէն իջանք ու հասանք ծովափ, ան ձեռքը դրաւ ուսիս ու պաղատեցաւ որ ազատեմ զինք այդ տրտմութենէն ... ։ Ըսաւ՝

- Կը սառեցնէ՜ հոգիս...

Փայփայեցի այդ պզտիկ ձեռքը եւ պատասխանեցի՝

- Դիտե՛նք թէ ինչպէս կը քնանայ ծովը... ։

(ԱՆԹԻԿՈՆԻ)

ԴԷՊԻ ՄԵԾ ԱՆՏԱՌԸ

Կը քալէինք կողք կողքի, առանց խօսելու, երկու քենոտ պըզտիկներու նման։

Ճամբան հետզհետէ կ՚երկարէր։ Դեպի մեծ անտառը տանող ճամբան... ։

Բայց հակառակ որ երկար ժամանակէ ի վեր կը քալէինք, դեռ չէին երեւեր հսկայ կաղնիները։

Քալելով հանդերձ, ըսի իրեն, քիչ մը մը հեգնոտ եւ դիմաց նայելով.

- Ո՞ւր կ՚ուզէիր ըլլալ այս պահուն. ահա իրիկնամուտ ե արդէն։

Ան ալ, առանց նայելու ինծի, եւ միշտ քալելով. ըսաւ մեղմաձայն.

-Ամենէն բարձր լերան մը կատարը, բացի քեզմէ՝ ամէ՛ն ուրիշ բան տեսնելու համար... ։

Ու կանգ առաւ յանկարծ, իր թեւերով փարեցաւ վիզիս եւ համբուրեց՝ ա՛յնքան տարօրինակ որ կարծես թէ ա՛լ պիտի մեռնէր։

Այդ երեկոյ, ա՛լ չկրցանք հասնիլ մինչեւ մեծ անտառը... ։

ԱՆԲԱՑԱՏՐԵԼԻ ՍԷՐ

Երկար ժամանակէ կ՚ունկնդրէի իրեն, առանց բառ մը հասկընալու ըսածներէն։

Անկարելի բան մը խնդրողի երեւոյթը ուներ։ Խորունկ անձկութեան ծալքեր բերանը։ Բայց չէի կարող նայուածքս հեռացնել իր ճերմակ վիզէն, ուրկէ պզտիկ սարսուռներ կ՚անցնէին։

Այնքան տգե՜ղ էր ան։

Ու ես կը պաշտէի զինք իր տգեղութեանը եւ տրտմութեանը համար։

ԳԳՈՒԱՆՔ

Երբ լռեց, դեմքը կապուտցաւ. ճիգ կ՚ընէր չլալու համար։

Այնքան հպարտ էր։

Կը նայէի իմ ամենէն քաղցր նայուածքովս ու դառն բառեր կը մրմնջէի իրեն...

Այն ժամանակ, դէմքը առաւ ձեռքերուն մէջ ու տղեկի մը պէս հեծկլտաց։ Հիւանդ էր...

Պզտիկ անտառի մը մէջ էինք, քանի մը ծեր բարտիներու ստուերին։ Ի՜նչ դեղին էին տերեւները որ կը թափէին մեր ուսերուն...

ԵՐԲ ԶԻՍ Կ՚ԱՏԷ

Երկար ատեն դիտեցի տառապիլը։ Կը սիրէր զիս՝ առանց յոյսի, սիրտը լեցուած մեծ տրտմութիւնով։ Մտիկ կ՚ընէր դառն խօսքերուս եւ կարծես կ՚օրհնէր զիս... ։

Երկար ատեն դիտեցի տառապիլը։ Կ՚ատէի այդ տգեղ գութը իր հոգւոյն՝ երբ ինծի կ՚երկարէր զայն, չորցած ծաղկի մը պէս եւ առանց բանաստեղծութեան։

Ան տժգունեցաւ՝ վարդի մը նման սպիտակ...

Երեկոյ մը, երբ նստած էինք քովէ քով, նայուածքս տրտում՝ դատարկին յառած, յանկարծ ան մեծ ատելութիւն մը զգաց ինծի դէմ։ Նայեցաւ մինչեւ խորերը հոգիիս եւ հպարտութենէն դողդոջուն՝ ըսաւ.

- Արժանի չե՛ս ինծի։ Այս երեկոյ միայն կը հասկնամ թէ ինչո՛ւ չես կրնար սիրել անմեղութիւնը հոգիիս։ Գնա՜։ Մի՛ կորուստի մատներ զիս։ Այս աչքերը ա՛լ պիտի չվառին ցանկութիւնովը քեզ տեսնելու...

Ծովուն մօտն էինք։ Ինձ կը թուեր թէ իր անձը կու գար փոթորկոտ խորունկներէն ծովուն։

Խենթ թեւերով փարեցայ իրեն ու նուաղուն համբուրեցի աչքերը որ ա՛լ պիտի չվառէին ցանկութիւնովը ինձ տեսնելու... ։

Զինք տարի ամայի բլուրին՝ ուր գիշերը գեղեցիկ էր, բայց, ափսո՜ս, ա՛լ չէր կրնար զիս սիրել... ։

Ու գլուխս ծունկին՝ ես լացի երկա՜ր երկա՜ր... ։

ԱՆՎԵՐՆԱԳԻՐ

Այս իրիկուն նայուծքս ճառագայթի մը ամբծութիւնը ունի, իմ սիրականս։

Հիւանդ լուսնի գիշերները չունին այնքան անդորրութիւն, որքան հոգիս՝ այս իրիկուն...

Ի՜նչ երգեր կ՚իմանամ հեռու հեռու ծովերէ...

Եւ ի՜նչ սէրէր կ՚երազեմ, գլուխս այս քարին...

Ահ, սիրականս, եթէ գայիր այս իրիկուն, հաւատա՛, աստղ կ՚ըլլայի ես...