ՄԱՏԹԷՈՍ
ԶԱՐԻՖԵԱՆԻ
ԿՏԱԿԸ
(ՕՐ.
Վ.
-Ի
ԱԼՊՈՄԷՆ)
Եթէ
մեռնիմ,
օտար
աստղերու
տակ,
հեռուն,
այն
ատեն՝
քանի
մը
արցունք
բաւ
է
ինծի.
բայց
եթէ
հողակոյտս
մօտ
ըլլայ
քեզի,
կ՚ուզեմ
որ,
ամէն
գարունի,
գող-գող
լելակ
բերես
ինծի.
շատ
կը
սիրեմ
ես
այդ
ծաղիկը...
Լելակի
գոյն
ունէին
աչքերը
այն
երկու
աղջիկներուն
որ
սիրեցին
զիս
ու
տառապեցան,
եւ
որոնց
սիրոյն
արժէքը
շա՜տ
ուշ
գնահատեցի
ես,
գնահատեցի
միայն
այն
ատեն՝
երբ
մէկ
ոտքս
գերեզման
իջած
էր
արդէն։
Արցո՜ւնք
կամ
լելակ.
չմոռնաս։