Առիւծին ժանիքէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Առաջին հարցաքննութիւն

ԱՌԱՋԻՆ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ. Իխթիլաթէն մէնն կամ Ամէն յարաբերութենէ արգիլում ։ Զրկուած ես արտաքին աշխարհի բոլոր յարաբերութիւններէն։ Արգիլուած է քեզի խօսիլ՝ ոչ ոքի հետ, արգիլուած է գրալ դուրսը ո՛չ մէկ անձի, արգիլուած է նշանացի ամէն յարաբերութիւն։

Ոստիկանական հազար աչքեր կը լրտեսեն քեզ գաղտնածածուկ՝ ամէն կողմէ, ամէն անկիւնէ, յայտնի ու թագուն ամէն ծակէ։

Զգուշութի՜ւն։

Յարաբերութեանց այս արգելումը կամ իխթիլաթէն մէնն ը պէտք է տեւէ առ առաւելն 15 օր, բայց որովհետեւ Թուրք ոստիկանութեան կամայականութիւնն ու բռնութիւնները անսահման են, այդ ժամանակամիջոցը կարող է երկարիլ ամիս մը ու դեռ աւելի։

Առաջին գիշերը՝ կուգան քեզ առաջնորդել Գօմիսէրին առջեւ, ուր պիտի տաս առաջին հարցաքննութիւնդ։

Բայց, հարցաքննութեան անցնելէ առաջ՝ հարկ է որ մէկիկ մէկիկ ստորագրես խուզարկութեան միջոցին քովէդ կամ տունէդ ձեռք անցուած թղթեղէններդ։ Եթէ վտանգաւոր բաներ չիկան անոնց մէջ՝ դո՛ւն եղիր պահանջողը՝ որպէսզի անոնց ամէնուն վրայ ստորագրութիւնդ նշանակես հատիկ հատիկ. որովհետեւ, կարող է կառավարական այս կամ այն պաշտօնեան ո՛ եւ է վտանգաւոր թուղթ մը խառնել անոնց մէջ եւ այսպէս անխղճօրէն խաղալ կենքիդ հետ։ Այս կարգի վատանուն դէպքեր՝ բազմաթիւ են թուրք ոստիկանութեանց գիշահոտ տարեգրութեանց մէջ։ Կը պահանջես, ու եթէ մերժուեցար, ետքէն դատարանին առջեւ բողոքելու փաստ մը ունեցած կ’ըլլաս։

Իսկ եթէ թղթեղէններդ կը պարունակեն վտանգաւոր գրութիւններ՝ կարելի եղածին չափ աշխատիր խուսափիլ անոնց վրայ ստորագրութիւն դնելէ. հակառակ պարագային, երբ բռնադատուած ես ստորագրել՝ պէտք է զանոնք չէզոքացնելու, անոնց տէրը չըլլալու միջոցներ խորհիս եւ ստեղծես։

Գօմիսէր պէկը! կը սկսի հարցաքննութեանդ ու փօլիս մըն ալ գրի կ’առնէ։ Նախնական հարցումները հասարակ, սովորական բաներ են. անունդ, մականունդ, տարիքդ, արհեստդ եւ ուսմանդ չափը ու գիտցած լեզուներդ։

Ասոնց մէջէն ամէնէն նշանակելին վերջին կէտն է։

Պէտք է երեւութապէս ձեւանաս միամիտ, որչափ կարելի է քիչ ուսեալ եւ քիչ գիտուն։ Որովհետեւ, յանցանքդ՝ համեմատական է գիտակցութեանդ չափին։

Եղած են անփորձ երիտասարդներ՝ որ շոշոկանքն են ունեցեր յայտնելու ոստիկանութեան թէ իրենք քանի մը լեզու կը կարդան ու կը գրեն, եւն. եւն։ Պատահի որ գիտցած ալ ըլլան, խնդիրն ա՛ն է որ ակադեմական քննութիւն մը անցնելու կոչուած չեն իրենք. հոտ եւ աչքի առջեւ ունենալու են թէ ոստիկանութեան մը հետ է գործերնին։

Տգէտ մը միշտ նուազ պատասխանատու է օրէնքին առջեւ՝ քան ուսեալ մը։ Եւ թրքական հալածանքը ուղղուած է մասնաւորաբար մեր մտաւոր ուժերուն, մեր բարոյական եւ տնտեսական կարողութիւններուն դէմ։ Ուստի, ծածկէ մտաւոր վիճակիդ իսկութիւնը, մի՛ ըսեր թէ քանի մը լեզուէ կը հասկնաս, մի՛ ցոյց տար թէ զարգացած մըն ես։

Տարրական հարցումներուն կը հետեւին աստիճանաբար կարեւորները։ Պատասխաններդ պէտք է ըլլան կարճ, ամփոփ եւ միշտ բացասական։ Կարեւոր եւ անհրաժեշտ է չի խօսիլ երկար բարակ, հեռու մնալ մանրամասնութիւններէ եւ դէպքերու ընդլայնումէն, որովհետեւ շատ անգամ այդ քու երկրորդական ու անկարեւոր սեպած պարագաներուդ պատմութիւնը՝ նոր դուռ կը բանայ յայտնութիւններու, ուրիշ խուզարկութիւններու, ուրիշ հարցաքննութիւններու։ Արդէն հարցաքննիչին նպատակն է միշտ լրացուցիչ տեղեկութիւններ քաղել քեզմէ, որպէսզի անոնց օժանդակութեամբը կարող ըլլայ ինքը նոր հետքեր գտնել ու քու լռած կամ չի յայտնած պարագաներուդ վրայ կողմնակի լուսաբանութիւններ ձեռք բերել։

Կարճ, ամփոփ եւ կտրուկ պատասխաններդ այն առաւելութիւնն ալ ունին՝ որ դիւրաւ կրնան միտքդ պահել զանոնք եւ յիշել հարկ եղած ատենը։ Հարկ եղած ատենը՝ կըսենք, որովհետեւ մէկ, երկու, երեք հարցաքննութիւններով չէ որ պիտի կրնաս ձեռքդ անվնաս դուրս քաշել վագրին կոկորդէն։

Ենթադրենք թէ առաջին հարցաքննութիւնդ շատ յաջող տուիր. ուրացար ամէն ամբաստանութիւն ու մեղադրանք, խօսքերդ կարճ եւ կտրուկ եղան ու այդ օրուան համար Հարցաքննիչը ա՛լ հարցնելիք բան չունի քեզի։

Ըստ օրինի, գրաւոր հարցաքննութեանդ տակ պիտի ստորագրես։ Եթէ թուրքերէն կարդալ գիտես՝ լաւ է որ դուն քու աչքերովդ մէկիկ մէկիկ կարդաս գրագիրին կողմէ արձանագրուած պատասխաններդ. երբ անոնց մէջ գտնես իմաստի չարափոխութիւններ, խեղաթիւրումներ, նպատակաւոր յաւելումներ, եւն. որոնք յաճախադէպ են դիտողութիւն ընելով՝ կը պահանջես անոնց սրբագրութիւնը. իսկ եթէ թուրքերէն կարդալ չես գիտեր՝ Հարցաքննիչին կարդալ կուտաս եւ մտիկ կ’ընես։ Վերջապէս, հարցաքննութիւնդ կը ստորագրես միայն ա՛յն ատեն՝ երբ բոլորովին վստահ ես անոր հարազատութեանը։ Օրէնքին քեզի ընձեռած մէկ բացայայտ իրաւունքն է ասիկա, որմէ պարտաւոր ես օգտուիլ։

Բայց, պատահած է որ, եւ ասիկա ամէնէն սովորական եղանակներէն մէկն է, բռնութեան տակ ստորագրել տան քեզի՝ գրուածը, առանց մտիկ ընելու դիտողութիւններուդ կամ առանց շիտկել ուզելու եղած դիտումնաւոր խեղաթիւրմները։

Այն ատեն մէ՛կ բան կը մնայ միայն քեզի ընել։

Հայերէն ստորագրութեան տակ կամ քովը աննշմարելի տեղ մը՝ բռնադատութեան տակ բառերը գրել հայերէն։

Այս միջոցին դիմած են շատ մը զոհեր՝ երբ գտնուած են անյաղթելի պատահականութեանց դէմ։ Թուրք Հարցաքննիչը՝ գրէթէ միշտ անգիտակ հայերէնի, չէ կրցած նշմարել բռնադատութեան տակ բառերը եւ զանոնք կարծած է ստորագրութեան մէկ մասը։ Ետքէն, այդ բառերը իրենց նպաստաւոր հետեւանքը ունեցած են հրապարակային դատավարութեան միջոցին։ Ատով ամբաստանեալը հաստատեր է թէ իր հարցաքննութիւնները ճնշումի տակ առնուած են. եւ ճնշումի տակ առնուած հարցաքննութիւն մըն ալ օրինական չէ, հետեւաբար ո՛չ ալ վաւերական։